Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՆԵՐՈՒՄԸ

Կառավարութիւնը իր կասկածելի զինուորական սպաները, սկսեալ բարձրէն մինչեւ յետինը, հոն կը ղրկէր իբր աքսոր. բնականաբար ատոնց մէջ կը գտնուին ազատամիտ եւ քիչ շատ զարգացած սպաներ. հոն կը ղրկուէին նաեւ Ժէօն Թիւրքեր որոնց հետ տեսնուելու եւ յարաբերութիւն ունենալու պատեհութիւնը եւ առիթը կ’ունենայինք, մանաւանդ մեր դրսի ընկերները որ ազատ էին քաղաքին մէջ ապրելու։

Սարգիս էֆ[էնտի] իբր զինուորական բժիշկ կը գործէր հոն զինուորականութեան մէջ եւ իր պաշտօնը կը շարունակէր։ Աքեայի Լիմանը գտնուող բանտարկեալներս շատ բան կը պարտէինք իրեն. տեղեկագիր մը ղրկեց Պէրութ եւ Պոլիս առաջարկելով Լիմանը նորոգել, կոյուղիներ շինել, որպէս զի ճէմիշներու աղտոտութիւնները ծով թափին որովհետեւ գարշահոտութիւնը կը վնասէ Լիմանի վրայ գտնուող զօրանոցին զօրքերուն առողջութեան։ Տեղեկագիրը ընդունուած եւ գործադրութեան հրամանը եկած էր։ Լիմանը վերէն ի վար ամբողջովին նորոգուեցաւ պատուհանները բացուեցան եւ գետինները սալայատակուեցան. այլեւս գարշահոտութիւնը վերջացած էր Լիմանին մէջէն։

Տօնապետեան Պետրոս յաջողած էր իր ծրագիրը գործադրել. Ժէօն Թիւրք Շէֆիք պէյը հետն առած ու փախած էր Սէսաժըրիի շոգենաւով։

Ընդհ. ներման շշուկներ կը լսուէին, յանկարծ Իզմիրլեան Պատրիարքէն հեռագիր մը առինք որ կ’ըսէր թէ «մօտ օրէն պիտի ազատուինք»։

Շատեր իս յոռետեսութիւնս երեսիս զարնելով կը յանդիմանէին զիս. բայց փոյթս չէր. անշուշտ կուզէի այդ վիճակէս ազատիլ քանի որ տարի էր որ կը տանջուէի. բայց ինչո՞վ մեղաւոր էի քանի որ չէի հաւատար եւ նոյնիսկ սիրտս չէր տրոփեր։ Իրօք երկու օր վերջ ներման պաշտօնական հեռագիրը եկաւ, լսեցի որ ամբողջ բերդարգելները կառավարչութեան դուռը տարած են, ինչպէս նաեւ Լիմանին մէջ գտնուող չորս Մշեցիները, այնպէս որ միայն ես մնացի Լիմանին մէջ։ Անխտիր բոլոր բոլոր բանտարկեալները շուրջս հաւաքուած զիս կը յուսադրէին, բայց ես բնաւ չէի ազդուեր, կարծես սիրտս ապառաժի մը պէս կարծրացած էր։ Մէկ ժամէն վերջ եկան զիս ալ տանելու. բանտարկեալները շուրջս հաւաքուած ձեռքս կը թոթուէին, «անցած ըլլայ» ըսելով։ Ճանբան կարծես կ’երկարէր, եւ կապարի ծանրութեան ներքեւ կը ճնշուէի, որովհետեւ թերահաւատ էի եւ բնաւ յոյս չունէի։

Բերդարգելները ուրախ զուարթ կառավարչութեան բակը կեցած էին. իրենց հաղորդուած էր պաշտօնապէս թէ ներման արժանանալով ազատ են. անոնց հոն սպասելը հետաքըրքրութիւննին էր։ Որչափ որ անոնց մէջ քանի մը չար հակառակորդներ ունէի, մնացեալները բարեկամներս էին, ուրեմն այս երկու կուսակիցներս կ’սպասէին ինձ նկատմամբ ըլլալիք յայտարարութիւնը լսել, տխուր էր նաեւ Գըլըճեան։ Հազարապետը իմ երթալուս կ’սպասէ եղեր. զիս եւ Գըլըճեանը առնելով ուղղակի կառավարիչին քով տարաւ եւ մեզ ներկայացուց։ Կառավարիչը հեռագիրը կրկին անգամ կարդալէ վերջ ըսաւ ինծի.

Հոգ մի ըներ, ինչպէս միւսներուն, քանի մը օրէն քեզի ալ ներում պիտի գայ, խելօք կեցիր եւ Սուլթանին համար աղօթէ։

Կառավարիչը գրեթէ նոյն խօսքերն ըրաւ նաեւ Գըլըճեանի, ու սենեակէն դուրս ելանք։

Մեր բարեկամներուն վրայ շատ գէշ ազդեց կառավարիչին պաշտօնապէս մեզի ըրած յայտարարութիւնը, անոնցմէ շատերը գրեթէ սկսան լալ։

Ոստիկանները կը պատրաստուէին զիս Լիման տանելու. յանկարծ հազարապետը իր սենեակէն դուրս ելաւ կառավարչատունէն մեկնելու. դիտմամբ քովէս անցաւ եւ աչքի նշանով մը կանչեց զիս։ Դուրս ելլելէ վերջ ոստիկաններուն նշան ըրաւ որ մեզմէ քիչ մը հեռու քալեն։ Նեղ փողոցի մը մէջ դարձանք, եւ հազարապետը ըսաւ ինձ.

Կ’ուզե՞ս ազատուիլ։

Բնականաբար։

Պիտի աշխատիմ քեզի ալ ներում շնորհել տալ քու զգաստանալուդ վկայելով. եթէ այս ձեռնարկս յաջողցնեմ 25 ֆրանս. ոսկի պիտի տաս ինծի։

Ունեցածս ոչինչ է, բայց կարող եմ փոխառութիւն ընելով հազիւ 15 հատի չափ ճարել՝ երբ յաջողիք եւ բանտէն ազատ արձակուիմ վաճառական մը ձեզի պիտի վճարէ 15 ոսկին։

Գնա ուրեմն դրամները պատրաստէ. ես վաղուընէ սկսեալ պիտի դիմեմ ուր որ անկ է, այսինքն Պոլիս եւ Պէյրութ։

Հազարապետին շնորհակալութիւնս յայտնելով քիչ մը անդին մեզի սպասող փոխ-տնօրէնին եւ ոստիկաններուն հետ Լիման եկանք։

Ներման արժանացող բերդարգելները մեկնեցան Աքեայէն։ Իրենց մեկնումը, մանաւանդ խմբակին, իմ եւ Գըլըճեանի վրայ այն բարերար ազդեցութիւնն ընրած էր որ մենք շատ որախ էինք. գոնէ վատ խմբակին մեկնումով անկից վերջը Հայութեան դէմ անպատուաբեր արարքներ տեղի չպիտի ունենային, եւ մենք ալ իրենց բացակայութեան պատճառաւ հանգիս պիտի ըլլայինք։ Մեկնող բերդարգելներէն շատերը լիման եկան ինծի մնաս բարով ըսելու եւ շատեր լալով կը մեկնէին։ Մեկնողներէն Ն. Կ. ալ քովս եկաւ «Մնաս բարով» ըսելու։

Իր մտածումը ինծի հաճելի թուած չէր սկիզբէն. որ թելադրած էր զիս՝ դիմել նշանաւոր Հայ հարուստներու նպաստ խնդրելու համար զոր սիրով եւ յօժարութեամբ պիտի նուիրուէին ինձ նման բանտարկեալի մը, եւ այդպէսով արդէն բացարձակապէս դէմ եղած էի որ առաջարկին, որ պարզ շահագործում մ’էր. ինչ որ երբէք չէի ուզէր ընել։ Ն. Կ. այս մտածումս իբր յանցանք մը երեսիս կը զարնէր թէ այդ թշուառ վիճակիս պատճառը ես ինքս եմ. կը թելադրէր որ, թէեւ ուշ, բայց գոնէ ասկէց վերջ ձեռնարկեմ այդ գումարը ձեռք բերելու։ Կտրուկ կերպով ըսի իրեն.

Նուիրական գործին ձեռնարկած եմ անհատական պարտականութիւնս կատարելու համար, որով հարուստները պարտաւոր չեն ինծի մեծ գումարներ տալու. իսկ գալով այն կէտին թէ կարող եմ դիւրութեամբ այդ գումարները ձեռք բերել որ շահագործեմ եւ բախտախնդրութիւն է, անօթի ալ սատկիմ այդ բանը կարող չեմ ընել եւ ոչ ալ մտքէս անցընել. ահա քեզի վերջին խօսքս։

Դուն որ կ’ուզես միշտ այդ վիճակով ապրիլ եւ հանգիստ կեանք չվարել, ոչինչ ունիմ քեզ ըսելու, ըսաւ ու մեկնեցաւ։

Որչափ որ հազարապետին հետ պայմանաւորուած էի, բայց միեւնոյն ժամանակ իսկոյն դիմեցի Իզմիրլեան Սրբազանին։ Այլեւս հազարապետը նամակներուս կարեւորութիւն չէր տար, որովհետեւ արտօնած էր ինծի ուզածիս պէս թղթակցիլ Պոլիս եւ Պէյրութ որոնց որ պէտք տեսնուէի։ Իզմիրլեան իր վերջին նամակով կը պատուիրէր որ չյուսահատիմ. ինք պիտի աշխատի երկուքս ալ ազատել։

Իզմիրլեանի հրաժարականը վրայ կը հասնի եւ ես ու Գըլըճեան կը մնանք նոյն վիճակին մէջ։

Իզմիրլեան իր քարտուղարներէն մէկուն ըսեր էր.

«Շատ աշխատեցայ, բայց սա Ճանկիւլեանը չկրցի ազատել այդ բանտէն»։

Հրաժարականին առթիւ դեսպանները Իզմիրլեանից ցաւակցութիւն յայտնելու կուգան։ Ֆրանսական դեսպանը ընդհանուր ներման մասին խօսած միջոցին, Իզմիրլեան ցաւ կը յայտնէ որ չէ յաջողած զիս բանտէն ազատէլ։ Դեսպանը կ’ըսէ.

Քանի որ ձեր բարեկամն է, պատուոյ խօսք կուտամ որ առիթը ներկայացած ատեն զինք ազատել պիտի տամ։

Իզմիրլեան շնորհակալութիւն յայտնելէ վերջ կ’ըսէ.

Իմ բարեկամս չէ, այլ իր գործը արդէն ծանօթ է, եւ դեսպանին կը պարզէ թէ ի՛նչ պարագաներու բերմամբ պատապարուած եմ, եւ այդ պատճառաւ աշխատած է զիս ազատել եւ թէ քովս կը գտնուի Գըլըճեանն ալ իբր բերդարգել։ Դեսպանը կրկին կը խոստանայ ազատել։

Վհատած վիճակիս մէջ յանկարծ յիշեցի Օր. Մուհէնտիսեանի ինծի գրածը որ բռնապետ Համիտը ըսած էր թէ «Հոն պիտի մնայ, հոն պիտի մեռնի»։

Քանի որ որ ընդհանուր ներումն ալ անցաւ, պէտք էր ուրիշ միջոցներ փնտռել. բանտին մէջ մեռնիլ այնչափ հաճելի չէր թուեր ինծի։