Ատանայի եղեռնը. Տեղեկագիր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.
Խռովութեանց պատճառները. Ինչպէ՞ս սկսան եւ իրենց ընթացքը շարունակեցին

Պոլսոյ մէջ Մարտ 31ի հակայեղափոխական շարժումը սկսելուն հետ միասին, միեւնոյն օրուան ցորեկէն վերջ, անմիջապէս որ հեռագիրը արձագանգը տուաւ այն դէպքերուն՝ որոնց մայրաքաղաքը թատր հանդիսացած էր, Ատանայի մէջ խռովութիւնները պայթեցան։

Յաջորդ օրը, չորեքշաբթի, այս խռովութիւնները կը փոխուէին ջարդերու՝ որոնք տեւեցին երեք օր եւ վերջացան Ապրիլ 3ին։

Յետոյ, Րումէլիէն եկած վաշտերուն հասած իրիկունն իսկ (Կիրակի, 12 Ապրիլ), անոնք կը վերսկսէին մինչեւ երեքշաբթի վերջ գտնելով։

Այս անիմաստ մոլեգնութեան իմաստը բաւարար կերպով հասկնալու համար, անհրաժեշտ է քիչ մը յետ երթալ, երթալ նոյն իսկ մինչեւ Սահմանադրութեան վաղորդայնը։

Սահմանադրական վարչութեան վերահաստատումը գէշ կերպով կը պատշաճէր շահերուն այս երեւելիներուն՝ որոնց հին վարչութիւնը ապօրէն հեղինակութիւն մը կ՚ապահովէր։ Ուրեմն ինքնաբերաբար այդ երեւելիները կը սնուցանէին ամենամեծ մախանք մը նոր վարչութեան դէմ, եւ, շատ բնականօրէն, ընդդէմ Հայերուն՝ որոնք պատրաստ էին իրենց արիւնը թափելու՝ այդ Սահմանադրութիւնը պահպանելու համար։ Այսպէս, այդ մարդերը մտածեցին որ՝ նոր րէժիմին դէմ յաջողութեամբ յարձակելու համար նախ պէտք էր Հայերը բնաջնջել։ Ամբոխին տգիտութենէն եւ միամտութենէն օգտուելով, ամէն կողմ Հայերու դէմ տարաձայնեցին զրպարտութիւններ զրպարտութիւններ որոնք ժողովուրդի ամենէն փափուկ զգացումերը վիրաւորելու բնոյթն ունէին։

Ասիկա չէր ամէնը։

Մերթ կ՚ըսուէր թէ Հայերը կը զինուէին իսլամները ջարդելու եւ անոնց կիները առեւանգելու նպատակով. մերթ սուտ զրոյցներ կը հանէին՝ որոնց համեմատ Հայերը իբրեւ թէ մեղանչած ըլլան իսլամական կրօնքին դէմ եւ անարգած՝ բարեպաշտական հաստատութիւնները։

Այսօր ստուգուած է որ իսլամ բնակչութիւնը գրգռելու ձգտող այս սուտերը տարածուած էին ամբողջ Անատօլուի մէջ։ Հին վարչութեան օրով ջարդեր տեսած նահանգներու կարգ մը երեսփոխաններ մեզի կը պատմեն թէ այն ատենուայ կարգախօսը կուգար մայրաքաղաքէն, պաշտօնական զեկոյցի ձեւով, ծանուցանելով հաւանական ժամանումը յեղափոխականներու, որոնք իբրեւ թէ կառավարութեան եւ իսլամական իրաւունքներու վրայ յարձակելու նպատակ ունէին՝ եւ կը յանձնարարէին իսլամ բնակչութիւնը տեղեակ պահել այս իրողութիւններուն։

Ցամաքի ճամբով մեկնած ըլլալով՝ գիշեր մը Գոնիայի մէջ անցուցինք։ Վիլայէթի թահրիրաթ միւտիրին եւ ոստիկան-զօրաց հրամանատարը կայարանը զմեզ դիմաւորած էին՝ վալիին անունով մեզի բարի եկ մաղթելու համար։ Այս էֆէնտիները խօսակցութեան ընթացքին մեզի տեղեկացուցին թէ միեւնոյն օրը այդ քաղաքին մէջ որոշ չափով շարժումի նշաններ կը տեսնուէին, իսլամները շուկայ եկած էին՝ ցգլուխ զինուած, Հայերը ապաստանած էին իրենց տուները եւ կամ իսլամ բարեկամներու մօտ. բարեբախտաբար շուտ գիտցուած էր որ այս շարժումին պատճառը սուտ լուր մըն էր ու այսպէսով խռովութիւններէ խուսափած էին։ Անմիջապէս վալիին մօտ գացինք այս դէպքին նկարագիրը հասկնալու համար։

Ահա՛ թէ ի՛նչ էր խնդիրին էութիւնը։

Նախընթաց օր Պօղ-Քըրի (Գոնիայի գազա) գայմագամէն հեռագիր մը հասած էր որ կը հաղորդէր շրջող զրոյց մը՝ որուն համաձայն 5000 Հայեր գազային մէջ մտած՝ սկսած էին հրդեհել եւ աւերել գիւղերը, եւ թէ իսլամ բնակչութիւնը գերագրգռուելով, րէտիֆներու մթերանոցին մէջ գտնուած զէնքերը աւարի տուած էր։ Հեռագիրը կ՚աւելցնէր թէ, զինուորական ուժի մը չգոյութեան պատճառով, տեղական իշխանութիւնները իսլամ բնակչութիւնը կը ղրկէին շրջակայ գլխաւոր դիրքերուն վրայ՝ մինչեւ որ հասնէին գայմագամին պահանջած օգնութիւնները։

Այս հեռագրին հասնելուն վրայ, րէտիֆներու տեղական վաշտը զէնքի տակ կանչուած եւ հապճեպով ղրկուած էր, հանգստեան կոչուած տարիքոտ սպայի մը հրամատարութեն տակ։ Սակայն վերջ ի վերջոյ հասկցած էին այս 5000 հայերու առասպելին էութիւնը։ Խնդիրը կը յանգէր յիսնակ մը գնչուներու վրայ, որոնք հոնկէ կ՚անցնէին, ինչպէս ամէն տարի սովորաբար։ Ահաւասիկ պատճառը բոլոր այս վլվլուկներուն…։

Գայմագամին հեռագիրը տեղի տուած էր զօրակոչի մը եւ Գոնիայի իսլամներուն միջեւ գրգռութեան մը՝ Հայերուն դէմ։

Բռնապետութեան ուրիշ կուսակիցներ. ինչպէս Հաճընի միւֆթին եւ իր զաւակները Ահմէտ, Ճէվտէթ եւ Իզզէթ էֆէնտիները, հարցաքննիչ-դատաւորի փոխանորդ Սապրի էֆէնտի, եւ Գօզանի (Սիս) նախադատ ատենի անդամ Հիւսէյին էֆէնտի՝ սանձարձակ կերպով դէմ յայտարարուած են Սահմանադրութեան եւ Հաւասարութեան դէմ, եւ բացայայտօրէն ժողովուրդը դրդած են քեաֆիրները սպաննել եւ իրենց ինչքերուն տիրանալ։ Այս դէպքը ապացուցած է Ատանայի պատժական դատարանը գտնուած թռուցիկ-կոչերով։

Հրապարակաւ միեւնոյն ուղղութեամբ պրոպականտ մը եղած է Պաղչէի նախորդ միւտիրին կողմէ։

Բացայայտ է որ այս արուեստական գրգռութիւնները հոս ու հոն տեղի տուած են հայկական ջարդերու սկզբնաւորութեանց։ Օրինակ, Էշճար- Ուշազըի մէջ սպաննուած են Հաճընցի երեք Հայեր. Քարսի ըսուած ուրիշ գիւղի մը մէջ ուրիշ երկու Հայեր սպաննուած են, յետոյ յօշոտուած եւ այրուած։

Այս ոճիրներու հեղինակները առանց այլեւայլի իրենց արարքը խոստովանած են իբր պատճառ ցոյց տալով վերոյիշեալ գրգռութիւնները։ Հակառակ ատոր, ասոնք, հիւանդութեան կեղծ պատրուակին տակ իրականութեան մէջ անոնց փախուստը դիւրացնելու համար Ատանայի հիւանդանոցը փոխադրուած են։

Վարուելու այս եղանակը քաջալերութիւն մըն էր բոլոր եղեռնագործներուն։

Ատանա քաղաքին մէջ, միապետութեան կուսակիցները ամէն յերիւրածոյ միջոցներու դիմեցին՝ իսլամներու կարծիքը Հայերուն դէմ հանելու համար։ Ժողովուրդէն մէկ մասին կ՚ըսէին թէ այգիներուն մէջ Հայ մը մեղապարտ յարաբերութիւններ ունցած էր իսլամ կիներու հետ. թէ այն հայ երիտասարդը, որ իսլամ մը սպաննած եւ ուրիշ մը վիրաւորած էր իր պատիւը պաշտպանելուն համար, Հայ թաղին մէջ պահուած կը մնար. թէ Հայերը մեծ քանակութեամբ զէնքեր գնած էին եւ կը պատրաստուէին յարձակիլ Իսլամներու վրայ։ Աւելի վար խաւերու եւ չարագործութեանց ընդունակ տարրերու կ՚ըսուէր թէ պէտք էր ջարդել քեաֆիրները՝ անոնց ինչքերուն տիրանալու համար. թէ Սահմանադրութիւնը, իսլամին օրէններուն հակառակ հռչակուած էր՝ ապահովելու համար քրիստոնեաներու՝ մասնաւորաբար Հայերու շահերը։

Ջարդերէն քանի մը օր առաջ, Իթիտալ թերթին խմբագրութեան կողմէ կազմակերպուած միթինկի մը մէջ, բոլոր իսլամ դասակարգերը պաշտօնեայ, կրօնական, զինուոր եւ գործաւոր կ՚աշխատին զանգուածային յարձակման մը պատրաստուելու համար։ Վալին կը հաւաստէ որ զէնքերու մթերանոցը կողոպտուեցաւ այս գերագրգռուած ամբոխին կողմէ։ Սակայն տրուած ըլլալով որ մթերանոցը պահպանուած էր պահակախումբի մը կողմէ, եւ թէ այս պահակները, ո՛վ որ ալ ըլլար, առանց դիմադրութեան մտնելու պիտի չթողէին. թէ ապացուցուած չէ որ պահակներուն եւ ժողովուրդին միջեւ բախում մը տեղի ունցած ըլլայ. թէ միեւնոյն բանը պատահած է նահանգին բոլոր այն մասերուն մէջ՝ ուր այս պատճառներով ջարդեր տեղի ունեցած են, կասկած չի թողուր որ զէնքերը բաշխուած են կառավարական հրամանով։

Երկու հայ երեւելիներ սպաննուած են, մին նոյնինքն վալիին աչքին տակ, միւսը այն տեսակ վայրի մը մէջ՝ ուր գացած էր վերջնոյս կողմէ իրեն վստահուած պաշտօն մը կատարելու համար։ Կառավարութիւնը, ոչ միայն ոճրագործները չի ձերբակալեց՝ այլ անոնցմով անգամ չի շահագրգռուեցաւ։ Այս ընթացքը կը ձգտէր ոճրագործները քաջալերելու, զանոնք ամէն տեսակ գրգռութիւններու մղելու եւ հրահրելու անոնց յոռի բնազդները։ Ժամը 4ին բոլոր կառավարական պաշտօնեաները, երեւելիները, ինչպէս նաեւ խուժանը հաւաքուած էին՝ ամէնքը կրելով փաթթոց։ Ասոր վրայ Հայերը, որ առաւօտէն ի վեր իրենց գործերով զբաղած էին, ստիպուած են իրենց վաճառատունները գոցել եւ ապաստանիլ իրենց տուները։ Ասիկա բացարձակապէս անհերքելի ապացոյց մըն էր թէ իրենք չէին կրնար ոչ մէկ յարձակողական միտում ունենալ։

Անատօլուի ջարդերուն ժամանակ, մտքերը խաղաղեցնելու պատրուակին տակ, կը ստիպէին Հայերը որպէսզի տուներէն դուրս ելլեն եւ խանութները վերաբանան. իրականութեան մէջ նպատակնին էր զրկել զանոնք ամէն ինքնապաշտպանական միջոցէ եւ իսլամներու կողմէ անոնց բնաջնջումը դիւրացնել։ Ատանայի վալին դիմած է միեւնոյն միջոցին։ Այնպէս որ ջարդը եւ կողոպուտը մեթոտիկ կերպով սկսուած է խողխողումովը Հայերուն, որոնք վալիին պնդումներուն տեղի տալով, կը գտնուէին փողոցներուն կամ իրենց վաճառատուններուն մէջ։ Յետոյ ամբոխը յարձակած է Հայ թաղին վրայ՝ սպաննելու համար բոլոր անոնք որ տուն ապաստանած կամ հոնկէ բնաւ դուրս չէին ելած։ Այն ատեն է միայն որ Հայերը գտնուելով օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան մը հարկին տակ, զինուած դիմադրութիւն մը ցոյց տուած են, ուրկէց պատահած են երկուստեք կորուստներ։ Սակայն, որովհետեւ ո՛չ մէկ Հայ երբէք չէ յարձակած իսլամ թաղին վրայ, եւ որ բոլոր իսլամ սպաննուածները գտնուած են Հայ թաղին կամ ասոր մօտակայ դիրքերու վրայ, բացարձակօրէն անկարելի է պնդել որ Հայերու ձեռք առած միջոցը պաշտպանողական եւ թուրքերունը յատկապէս պատրաստուած յարձակողական չըլլայ։

Խռովութիւնները այսպէս իրենց ընթացքը շարունակեցին մինչեւ 4 Ապրիլ։

Օսման էֆէնտի անունով իսլամի մը ընտանիքը կը բնակէր Հայոց թաղին մէջ։ Այս ընտանիքը ոչ միայն ոչ ոք չի խորհեցաւ նեղել, այլ ընդհակառակը, ամէն վտանգէ ապահով տեղ մը դրին զայն։ Նմանապէս Հաճընի եւ Չորքմարզուանի (Տէօթ-Եօլ) մէջ գտնուող իսլամ ընտանիքներ, հեռի ամենափոքր մտահոգութեան մը ենթարկուելէ Հայերու կողմէ ամէն կարգի հոգածութեան առարկայ եղան։

Ահաւասիկ դարձեալ նիւթական եւ շօշափելի ապացոյց մը որ Հայերը՝ Իսլամներ կոտորելու վատ մտադրութիւնը չեն ունեցած երբէք։

Կուսակալ Ճէվատ պէյ, Ներքին Գործոց Նախարարութեան ուղղուած տեղեկագրով մը կը պնդէ որ իրեն անկարելի եղած էր կարգը պահպանել զինուորական միակ ջոկատով մը ընդդէմ չարագործներու եւ մարդասպաններու՝ որոնք ոչ մէկ բանի կ՚ուզէին ականջ դնել։

Սակայն Ապրիլ 4ին, Հայոց թաղը բնակող վերոյիշեալ Օսման էֆէնտիի միջոցաւ Հայերը նամակ մը ուղղեցին կառավարութեան, ուր կը կրկնէին այն հաւաստիքը թէ իրենք երբէք գէշ դիտումներ ունեցած չեն։ Արդ, այս գրութենէն անմիջապէս վերջ տրուած կառավարական միակ հրաման մը բաւական եղաւ յարձակումը դադրեցնելու։ Դարձեալ այս պարագան յայտնի փաստ մըն է որ՝ կոտորածները պատրաստուած եւ կազմակերպուած էին տեղական իշխանութեանց գիտակցութեամբ եւ հրամանով։

Ապրիլ 12ին սկսուած ջարդը, ինչպէս Ապրիլ 1ինը, վերագրուած էին ծիծաղելի կերպով յարմար արտառոց պատճառի մը, որպէսզի ատով պատասխանատուութիւնը ձգեն Հայերուն վրայ։

Ճէվատ պէյ, իր տեղեկագրին մէջ, կ՚ուզէ հաւատալ եւ հաւատացնել որ Հայոց թաղէն զինուորական ջոկատներու վրայ կրակուած ըլլալով, վերջինները յարձակած են այդ թաղին վրայ։ Իսկ հրդեհումներու եւ աւարառութիւններու վրայէն լռութեամբ կ՚անցնի։

Սակայն քննութիւնը ցոյց տուաւ որ՝ ո՛չ թէ միայն նիւթապէս անկարելի էր Հայոց թաղէն կրակել զինուորական բանակատեղիին վրայ, այլ նաեւ այն տունը, ուրկէ կը պնդուէր թէ հրացան պարպուած է, իսլամէ մը բնակուած էր։ Խնդիրը կը կայանար ուրեմն կարգ մը իսլամներու խառնակչութեան վրայ, այդպէսով զինուորները Հայոց դէմ գրգռելու համար։

Յարգելի երեսփոխանները անշուշտ կը յիշեն որ Մարտ 31ի շարժման ժամանակ, յետադիմական մը թերեւս Շէյխ Վահտէթի երեսփոխանական ժողովէն հրացան պարպեց Այա-Սօֆիայի հրապարակը բանակած զինուորներու վրայ՝ որոնք փոխադարձեցին։

Այս միջոցը, որուն նպատակն էր երեսփոխաններու կոտորածը առաջացնել ինչպէս կը տեսնուի, ճիշտ ու ճիշտ այն միջոցն է որ գործադրուեցաւ Ատանայի մէջ։ Երկու շարժումներու նմանութիւնը աչքառու է։

Յարգելի ընկերս Եուսուֆ Քէմալ պէյ կը գրէ. «…Թէպէտ հրացան նետուած վայրերու մօտակաները կարգ մը հայոց տուներ կային…»։ Ատով կարծես բոլորովին չի մերժեր այն կարելիութիւնը թէ՝ հրացանաձգութիւնը հայերու կողմէ կատարուած ըլլար։ Սակայն, իմ հասկացողութեամբս, այս մասին ամենափոքր կասկած մը ներելի չէ, նկատելով որ իրենց սեփական թաղէն դուրս բնակող բոլոր հայերը Ապրիլ 4ին սպանուած էին, այնպէս որ 12ին թուական երկրորդ կոտորածին այդ շրջանակներու մէջ ոչ մէկ հայ մնացած էր։ Ուստի, զինուորներու վրայ կատարուած հրացանաձգութիւնը իսլամի մը կողմէ միայն կրնար տեղի ունենալ։

Անկարելի է բաւական ուժգին բացատրութիւններ գտնել՝ նկարագրելու համար սարսափը եւ վայրագութիւնը այս երկրորդ կոտորածին՝ որ տեւած է երկու օր։

Այս սպանդի միջոցին էր որ ողջ ողջ այրած են հիւանդները եւ այն վիրաւորները՝ որոնք հասած էին շրջակայ ագարակներէն եւ գիւղերէն եւ կամ կը գտնուէին դպրոցական շէնքին մէջ։

Ճէվատ պէյ իր տեղեկագրին մէջ աւելորդ համարած է խօսիլ այն սարսափելի մահացումին մասին՝ որուն այդ դժբաղդները ենթարկուեցան բոցերուն մէջ. բառ մը չըսեր փորերնին պատռուած յղի կիներու, խողխողուած մանուկներու եւ ուրիշ հազար տեսակի անանուն վայրագութիւններուն վրայով։ Բայց չէ մոռցած խնամով նօթագրելու որ Հայոց թաղին հրդեհումին միջոցին մեծ քանակութեամբ ռումբեր եւ ուժանակներ պայթած են։ Այս զրպարտութեան լաւագոյն հերքումը կուտայ այն պարագան որ, Հայերը, իրենց ինքնապաշտպանութեան միջոցին, ռումբեր կամ ուժանակներ չեն գործածած։ Իրենց պաշտպանութիւնը կատարած են հասարակ զէնքերով, այնպէս որ բացայայտ է որ եթէ տէր եղած ըլլային նմանօրինակ միջոցներու՝ կրնային զանոնք դիւրութեամբ գործածել եւ անոնց արդիւնքը կարելի էր շատ դիւրութեամբ ճանչնալ։ Նմանօրինակ պայթուցիկներու ամենափոքր մէկ հետքին անգամ չենք պատահած, որպէսզի կարողանայինք անոնց գործածութիւնը ենթադրել, ուստի եւ շատ բնական է թէ ատիկա յայտնի չարախօսութիւն մըն է՝ որուն նպատակն է Հայերու վրայ ձգել դէպքերու պատասխանատուութիւնը։

Գալով այն թնդանօթ կոչուածներուն, որոնք իբրեւ թէ խռովութեանց միջոցին Ատանայի շրջակայքը գտնուած են, ատոնք երկու հատ ջուրի խողովակներ էին՝ փայտով շրջապատուած եւ վառօդով լեցուած։ Նաճար օղլու գիւղին Հայերը զայն պատրաստած էին գործածելու համար՝ չունենալով ուրիշ պաշտպանութեան միջոցներ. ու ասիկա անգամ մը եւս կուգայ ապացուցանելու որ այդ կողմերու Հայերը ապստամբութեան գաղափարներ սնուցանելէ շատ հեռի էին։

Բոլոր այս մանրամասնութիւնները վճռականօրէն կ՚ապացուցանեն իրողութիւն մը. այսինքն այն թէ՝ Ատանայի մէջ կառավարական պաշտօնեաները եւ անոնց արբանեակները կանխահոգ կարգադրութեամբ պատրաստած են այնպիսի պարագաներ, որ իրենց մտածումով՝ իրենց վրայ ինկած պատասխանատուութիւնը պիտի կարենային նուազեցնել այն ջարդերուն մէջ՝ զոր իրենք իսկ ծրագրեցին եւ որոշեցին, գէթ պաշտօնապէս, այդ պատասխանատուութիւնը նետել Հայերուն վրայ։ Այս նպատակին հասնելու եւ Իսլամներու վայրագ մոլեգնութիւնը արդարացնելու համար, դիմեցին ամէն տեսակ սուտերու եւ զինուորներու բանակատեղիին վրայ կրակելու զազրելի միջոցին։

Ճէվատ պէյ կ՚աւելցնէ թէ Հայերը բազմաթիւ զէնքեր գնած են եւ թէ մէկ քանի ամսուան միջոցին Ատանա ներմուծուած են 12, 000 կտոր հրացաններ։

Ճիշտ է որ Հայերը զէնքեր գնած են։ Սակայն ներածուած բոլոր մթերքը Հայերու կողմէ չէ գնուած։ Ընդհակառակը, ինչպէս արդէն ամէն տեղ այո զէնքերուն մեծագոյն մասը առնուած է Իսլամներու կողմէ։

Հոս հարցում մը կը ցցուի։

Հայերը իրաւունք ունի՞ն զէնքեր գնելու։

Իմ կարծիքով, այս խնդիրը գլխաւոր կարեւորութիւն մը ունի Ատանայի դէպքերուն լուծման համար, եւ կ՚արժէ որ ատոր պատասխանենք ամէն բանէ առաջ։

Կը կարծեմ թէ անկարելի է Հայերուն զլանալ բոլոր օսմանցիներուն հասարակաց եղող իրաւունք մը։ Եւ Հայերը նոյն իսկ ամէն ժամանակ եւ միչեւ ցարդ նշաւակ եղած ըլլալով ամէն տեսակ յարձակումներու, կեղեքումներու եւ կոտորածներու, կայսրութեան միւս տարրերէն աւելի իրենց օրինաւոր ինքնապաշտպանութեանը համար զինուելու հարկին տակ կը գտնուին։ Կառավարութիւնը Հայերը այն պարագային միայն պէտք էր արգիլել, երբ առանց բացառութեան բոլոր օսմանցիներու զէնք կրելու արտօնութիւնը վերցնէր եւ զանոնք կատարելապէս զինաթափ ընէր։ Բայց մերժել այս իրաւունքը ցեղի մը՝ որ զէնքին կը դիմէ մի միայն ինքնապաշտպանութեան համար, մինչդեռ զայն կ՚արտօնեն յարձակող տարրերու ինչ որ են նաեւ ներկայ րոպէիս պարզապէս պիտի նշանակէր Իսլամներու կողմէ ոչխարներու պէս բնաջնջման դատապարտել զանոնք։ Ոչ մէկ օսմանցի պիտի ընդունէր այդ կարգի անարդարութիւն մը։

Հետեւաբար երբ Հայերուն, ուրիշ տարրերու օրինակին վրայ, զինուած ըլլալը նկատուի խռովութեան կամ ապստամբութեան նշան մը. կարելի չէ ընել այդ՝ առանց արդարութիւնը եւ ողջմտութիւնը բռնաբարելու։ Եւ հարկադրուած ենք ընդունելու որ, Ատանայի դէպքերը այնպէս էին որ Հայերը չէին կրնար չի հպատակիլ՝ իրենց օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան հրամայական պահանջին։

Անկասկած պիտի գայ օր մը՝ ուր սահմանադրական կառավարութիւնը յարգել պիտի տայ իր իշխանութիւնը հանդէպ թալանիչներուն եւ ոճրագործներուն եւ պիտի զինաթափ ընէ բոլոր Օսմանցիները։ Այն ատեն ոչ ոք հարկ պիտի տեսնէ մտածելու ինքնապաշտպանութեան վրայ։ Սակայն համոզուած եմ որ, մինչեւ այդ երջանիկ օրուան ժամանումը, ո՛չ մէկ օրէնք, ո՛չ մէկ խիղճ պիտի կրնար մեղադրել Հայերը՝ իրենց օրինաւոր ինքնապաշտպանութեանը համար։

Այս չէ բոլորը։

Ամբողջ աշխարհ համաձայն է որ բացարձակ միապետութեան մը վերադարձի վտանգները դեռ կատարելապէս հեռացուած չեն։ Հետեւաբար, ամէն օսմանցի, պարտաւոր է արթուն մնալ նման հաւանականութեան մը հանդէպ, եւ հակառակ պարագային, Սահմանադրութիւնը պաշտպանել զէնքով։

Ընդհանուրին ծանօթ է որ երկու հայ կուսակցութիւնները, Դաշնակցութիւն եւ Հնչակ, հաւասար Իթթիհաթ եւ Թէրագգըի, իրենց բոլոր ջանքերը կեդրոնացուցած են այս նուիրական պարտքին կատարման։

Մարտ 31ի պատահարներու ատեն Պոլսոյ մէջ Հայերը պատրաստ էին իրենց կեանքին գինովը պաշտպանելու Սահմանադրութիւնը։ Ատանայի, ինչպէս ամբողջ կայսրութեան մէջ, Հայերու ընթացքը միեւնոյնը եղած է։ Ինչպէս առ ի չգոյէ ապացոյցի կարելի չէ եղած գտնել փաստ մը՝ որ կարենար ենթադրել տալ թէ Հայերը կը սնուցանէին հայրենասիրական զգացումներու հակառակ գաղափար մը, այսինքն անջատողականութիւն. բան մը որ, մանաւանդ հրապարակաւ գնուած զէնքեր՝ չէին կրնար վերագրուիլ յետին նպատակներու։ Եթէ Հայերը Օսմ. [անեան] Հայրենիքին հանդէպ գէշ դիտումներ սնուցած ըլլային, անոնք, Պոլսոյ դէպքերու ընթացքին, չպիտի նուիրուէին այնքան կատարեալ անձնուրացութեամբ եւ վեհանձնութեամբ՝ Սահմանադրութեան պաշտպանութեան եւ կարգի պահպանութեան համար, հակառակ այն մոլեգին վիշտին՝ զոր Ատանայի դէպքերը արթնցուցած էին անոնց սրտին մէջ։

Կը կարծեմ թէ ամէն անկողմնակալ Օսմանցի զայրոյթ պէտք է զգայ Հայերու ցոյց տուած ուղիղ եւ օրինաւոր վարմունքին ի վնաս՝ անոնց հանդէպ նետուած գարշելի զրպարտութիւններէն։

Օսմանիէ, Համիտիէ, Թարսուս, Չորք-Մարզուան, Հաճըն եւ այլուր, դէպքերը պատահած են համեմատութիւնները պահելով միեւնոյն եղանակաւ։ Յերիւրածոյ սուտերը եւ Հայերու վերագրուած արուեստական խռովութիւնները եւ յարձակմանց կեղծ իրարանցումները՝ միեւնոյն վաճառանիշը կրող ապրանքներ էին։

Օրինակի համար, Ասաֆ պէյ, Ճէպէլի-Պէրէքէթի կառավարիչը, Ապրիլ 2ին հեռագրած է կուսակալութեան եւ Օսմանիէի գայմագամութեան թէ՝ անհիմն է Չորք-Մարզուանի Հայերուն վերագրուած յարձակումը, եւ թէ ընդհակառակը, այս վերջինները օգնութիւն կը խնդրէին։ Միեւնոյն օրը կուսակալութեան կը հեռագրէ նաեւ որ Թաճիրլիի աշիրէթը որ Օսմանիէի մէջ աւերումներու սկսած էր յարձակած էր Չորք-Մարզուանի վրայ։ Օսմանիէէն, Համիտիյէէն, շրջակայ ուրիշ գիւղերէ ստացուած հեռագիրներ կը ծանուցանէին թէ ամէն տեղ՝ Ատանայէն խմբովին հասնող բնիկ կամ եկւոր Իսլամներէն էին որ ոճիրներ կը գործէին եւ հանրային կարգը կը խանգարէին։

Հակառակ ասոր, միեւնոյն Ասաֆ պէյը, Ապրիլ 3ին կը հեռագրէ Ներքին Գործոց Նախարարութեան թէ՝ Հասան-Պէյլիի եւ Զէյթունի ֆէտայիները հաւաքուած են սանճագը քարուքանդ ընելու համար եւ շատ հաւանաբար պիտի գան մինչեւ Ատանա։ Ապրիլ 4ին, հեռագրաւ հրահանգ կ՚ուզէ Նախարարութենէն եւ Կուսակալութենէն՝ Փափազ-Քալէի 400 բանտարկեալները ազատ արձակելու, անոնցմով կազմելու համար վաշտ մը եւ զանոնք զինել հրացաններով եւ ռազմանիւթերով՝ զորս կը պահանջէ Իսկէնտէրունէն։ Իր ծրագիրը կը գործադրէ. կ՚արձակէ բանտարկեալները, կը զինէ եւ զանոնք կը մղէ Հայերուն դէմ։

Ի՞նչպէս բացատրել շարժելու այս եղանակը եւ ինչո՞վ որակել զայն։

Ասաֆ պէյ կ՚ուզէ հաւատացնել որ Համիտիէի կոտորածը սկսած է՝ այդ քաղաքին քահանային կողմէ Արսլան պէյի վրայ պարպուած ատրճանակի հարուածէ մը։ Սակայն ապացուցուած է որ յիշեալ քահանան հողի մը գնման համար վճարած էր 40 ոսկի եւ կառավարատուն գացած էր՝ իր գնած հողին պաշտօնական մուրհակները ստանալու համար։ Ուստի, ողջմտութեան հակառակ է ընդունիլ որ մի միայնակ կառավարատուն եկած անձ մը կարենար մարդասպանութիւն մը գործել, եւ յայտնապէս երեւան կուգայ որ ցոյց տրուած փաստը ամենապարզ սուտ մըն է։

Մնաց որ, Ֆրանսացի մը, M. Sabatier եւ Ապտիւլ Խալիք անունով պարկեշտ միւսլիման մը, վկայած են որ քահանան Իսլամներուն կողմէ սպաննուեցաւ՝ առանց ոչ մէկ պատճառի։

Իմ կարծիքով, Ատանայի դէպքերուն նկարագիրը բաւական չափով կը յայտնուի այն ուրախութիւններէն՝ որոնցմով Հայերու եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ տարրին դէմ տարուած յաղթանակը տօնուեցաւ։ Ապրիլ 12ին, մինչդեռ մէկ կողմէն քանի մը ոստիկան-զինուորներ՝ ջարդերէն վերապրած խեղճ Հայերու խումբ մը քաղաքէն դուրս կը վանէին, ուրիշ ոստիկան-զինուորներ վիլայէթին բոլոր բարձր պաշտօնատարներուն ներկայութեանը. «Կեցցէ՜ Սուլթան Համիտ, անկցի՛ ազատութիւնը» աղաղակներով Սահմանադրութեան վաղորդայնին քաղաքին հրապարակին վրայ կանգնուած յաղթական կամարը կը քանդէին։

Այս միջադէպը շատ յատկանշական է։