Ատանայի եղեռնը. Տեղեկագիր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ

Ատանայի եւ իր շրջանակներուն մէջ սպաննուած Հայերու թիւը մօտաւորապէս 21, 000 հոգիի կը հասնի։

Այս թիւը կը բաժնուի հետեւեալ կերպով.

Ատանա եւ շրջակայ ագարակներու մէջ

9780

Թանրը-Վէրտի

1280

Սայ-Կէչիտ

850

Էսէ Հաճիլի

1558

Օսմանիէ

1111

Պօստան-Չիֆթլիք

1277

Քուրտլար

3623

 

-----

 

19, 479

Յոյներ

250

Սուրիացիներ (Սիւրիանի)

850

Քաղդէացիներ (Քիլտանի)

422

 

-----

 

1522

Համագումար

21, 001

Թէպէտեւ Հայ, Հայ-Կաթոլիկ, Բողոքական, Յոյն, Սուրիացի եւ Քաղդէացի Առաջնորդարաններու տուած թիւերը 21, 000ի գումարը կ՚անցնին, սակայն մեր քննութիւնը հաստատեց այս վերջին թիւը։

Անկախաբար այս զոհերէն, զանազան իսլամ ագարակներու մէջ սպաննուած են ուրիշ անձեր՝ որոնց թիւը յայտնի չէ։