ՀԵՌԱԳԻՐ
ՈՒՂՂՈՒԱԾ
ՎԱՐՉԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
Քաշուած
25
Մայիս
1325
(1909)
թուականին
Մեր
Յանձնաժողովը
ծանօթացաւ
այն
հեռագրին
զոր
Ատանայի
կրօնական
պետերը
Ձեր
վսեմութեան
ուղղած
էին։
Իմ
կարծիքով
ասոնք
կատարելապէս
իրաւունք
ունին։
Արդէն
դժուար
չէր
նախատեսել
թէ
պատերազմական
ատեանը
այս
արդիւնքին
պիտի
յանգէր։
Ահա
թէ
ինչո՛ւ
պարտք
համարած
էի
վճիռներու
գործադրութեան
յետաձգումը
խնդրել։
Այս
խորհուրդը
դժբաղդաբար
նկատողութեան
չէ
առնուած։
Նոյնպէս
Թարսուսէն
քաշած
էի
հեռագիր
մը,
ստորագրուած
նաեւ
Էսատ
Րէուֆ
պէյի
կողմէ,
խնդրելու
համար
որ
անարդարօրէն
բանտարկուած
Հայերու
—
ինչպէս
Քերովբէ
էֆէնտիի
—
քննութիւնը
կարենար
շարունակուիլ՝
առանց
յիշեալները
բանտին
մէջ
վար
դրուելու։
Ձեր
վսեմութիւնը
հրամայած
է
ընթացք
տալ
այս
խնդրանքին,
սակայն
այդ
հրամանը
չէ
գործադրուած.
վասնզի
մինչդեռ
պատերազմական
ատեանի
պարտքն
էր
Պաղտատի
Զատէի,
Պօշնաք
Սալիհի,
Իհսան
Ֆիքրիի
եւ
Ատանայի
անոնց
գործակիցներուն
եւ
Պաղչէի
Սայիտ
աղայի,
հաճի
Խալիլի
եւ
Հասան
աղայի,
ինչպէս
նաեւ
Օսմանիէի
եւ
Իհսանիէի
միեւնոյն
դասակարգի
ջարդարարներուն
քննութիւնները
փութացնել
եւ
անյապաղ
վճիռները
գործադրել,
եւ,
անգամ
մը
կարգը
վերահաստատելէ
վերջ,
պատժական
կամ
քաղաքային
ուրիշ
յանցանքներու
քննութիւնը
թողուլ
սովորական
դատարաններու։
Պատերազմական
Ատեանը,
փոխանակ
այսպէս
վարուելու
—
ինչ
որ
իրեն
համար
պարտականութիւն
մըն
էր
—
երկու
ամսուայ
իր
գումարումներու
ընթացքին
նկրտեցաւ
Հայկական
ապստամբութիւն
մը
երեւան
հանելու։
Իր
բոլոր
գործունէութիւնը
յատկացուց
պատժելու
խեղճ
վերապրողներ
—
որոնց
միակ
ոճիրը
այն
էր
որ
իրենց
կեանքը
պաշտպանած
էին—,
իր
որոշումներուն
մէջ
հիմնուելով
միմիայն
քաղաքային
եւ
զինուորական
պաշտօնեաներու
յայտարարութեանց
եւ
վկայութեանց,
ինչպէս
նաեւ
Պաղտատի
Զատէի
նման
ոճրագործներու.
բոլորը
հեղինակ
եւ
կազմակերպիչ
խռովութեանց։
Վստահելի
աղբիւրէ
մը
տեղեկացած
եմ
որ,
Հաճընի
շրջանակին
մէջ,
մեծ
թիւով
Հայեր
7-8
հոգինոց
խումբերով
շղթայի
զարնուած՝
ամենագէշ
վարմունքներու
զոհուած
են։
Երէկ
ուշ
ժամանակ
հոս
հասայ
եւ
տեղեկացայ
թէ,
հակառակ
Ձերդ
վսեմութեան
հրամանին,
Քերովբէ
էֆէնտին
եւ
իր
դասակարգին
պատկանող
Հայերը
ա՛լ
աւելի
մեծ
խստութիւններու
առարկայ
են,
եւ
թէ
Հայերէն
մաս
մը
գաղթելու
սկսած
է։
Նախորդ
կուսակալ
Ճէվատ
պէյ,
թերթերու
մէջ
հրատարակուած
իր
տեղեկագրով
կը
հաւաստէ
թէ՝
կոտորածը
սկսած
է
զրոյցի
մը
հետեւանքով
—
որուն
ստութիւնը
այլապէս
ծանօթ
է
Ճավիտ
պէյի
—
որուն
համաձայն
իբր
թէ
կին
մը
եւ
քանի
մը
իսլամներ
Հայերու
կողմէ
սպաննուած
են
այգիներուն
մէջ։
Սակայն
դատարանական
թղթերով
եւ
վաւերական
տեղեկութիւններով
վճռականօրէն
հաստատուած
է
թէ՝
ջարդերու
շշուկները
Րամազան
Պայրամիէն
ի
վեր
շրջան
կ՚ընէին։
Ընկերակիցներս
ալ
այս
կէտը
հաստատած
են
իրենց
հեռագիրներուն
մէջ։
Ըստ
իս,
միմիայն
Ճէպէլը-Պէրէքէթի
սանճագին
մէջ,
կոտորուած
Հայերու
թիւը
նուազագոյն
3000ը
կ՚անցնի։
Բացի
Չորք-Մարզուանէն,
ուր
Հայերը
օրինաւոր
դիմադրութիւն
մը
ըրած
են,
բոլոր
գաւառին
մէջ
հայապատկան
միակ
շէնք
իսկ
կանգուն
չի
մնար։
Հետեւաբար
եթէ
պատերազմական
ատեանը՝
աղէտէն
փրկուած
Հայերը
նեղելէ
չարգիլուի,
ներկային
եւ
ապագային
համար
բացած
պիտի
ըլլանք
անբուժելի
վէրքեր։
Պատիւ
ունիմ
վերջին
անգամ
ասիկա
Ձերդ
վսեմութեան
յայտարարելու։