Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ԹԵՄԸ 1674-1682 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ

Մատթէոս արքեպիսկոպոս կը վախճանի 14 Յուլիս, 1674-ին եւ թեմը կը շարունակէ կառավարել Հռոմէն ղրկուած «այցելու» ֆրա Պիսկոպոյ, որ 1676-ի Մայիս կամ Յունիս ամիսին կը դառնայ Հռոմ: Շատ հաւանաբար, Պիսկոպոյ Նախիջեւանէն գրած է ՀՍ-ի Ժողովին` տալով իմաստուն խորհուրդներ նկատմամբ Աթոռին յաջորդութեան [1]:

ՀՍ-ի Ժողովը կը սկսի իր քննութիւնը եւ հետապնդումը` անուանելու նոր արքեպիսկոպոսը. եւ որովհետեւ անցեալին Պիրոմալլի Նախիջեւան տարած էր Հայր Սեբաստիանոս Քնապ, որ ներկայիս հովիւն էր Լիվոռնոյի հայերուն, ՀՍ-ի Ժողովը կը դիմէ Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին` հարցնելու անոր կարծիքը: 22 Դեկտեմբեր, 1675-ին, երբ դեռ Պիսկոպոյ Նախիջեւան կը գտնուէր, Հռոմի դոմինիկեանց մեծաւորը գրաւոր կու տայ իր հաճութիւնը նկատմամբ Քնապի` իբր զարգացած եւ եզական յատկութիւններով օժտուած անձ, որ գիտէ նաեւ հայերէն լեզուն: Նոյն մեծաւորը, տեսնելով, որ ՀՍ-ի Ժողովը կը ծրագրէ Քնապի նման օտար մը [ոչ հայ] անուանել արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի, կը թելադրէ Պիսկոպոյի անունը, իսկ իբր հայ` կ’առաջարկէ Նախիջեւանի ներկայ գաւառահայրը` ֆրա Թոմաս Թադումեան, «որ եռանդուն է եւ ունի հարկաւոր գիտութիւն» [2]:

ՀՍ-ի Ժողովը այս պատասխանը ստանալէն քանի մը օր առաջ, 12 Նոյեմբեր, 1675-ի նիստին, շատ հաւանաբար, դոմինիկեանց մեծաւորին հաճութիւնը բերանացի առնելէ յետոյ, Նախիջեւանի թեմին եպիսկոպոս կ’անուանէ ֆրա Թոմաս Թադումեանը [3], ու 25 Յունուար, 1676-ին որոշումը կը ներկայացուի Կղեմէս Ժ պապին` ստանալով անոր հաճութիւնը [4]: 6 Փետրուար, 1676-ին Հռոմի դոմինիկեանց մեծաւորը գրաւոր կերպով կը յայտնէ իր գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը ՀՍ-ի Ժողովի քարտուղար Չէրրիի [5]:

Անկախ այս որոշումէն, Նախիջեւանի մէջ կը գումարուի ժողով 14 ժողովականներով` որոշելու իրենց եպիսկոպոսը: Քուէարկութեան արդիւնքը կ’ըլլայ` չորս քուէ, ի նպաստ տէր Թոմաս Խօշկաշէնցիի, մէկ քուէ` ֆրա Պօղոս Յովհաննիսեանի եւ ինը քուէ` ֆրա Գրիգոր Ծործորեցիի: Ժողովին արդիւնքը կը հաղորդուի Հռոմի 25 Փետրուար, 1676 թուակիր նամակով` խնդրելով, որ հաստատուի իրենց որոշումը, եւ եպիսկոպոս ձեռնադրուի ֆրա Գրիգոր Ծործորեցին: Այս ժողովին կը նախագահէ ֆրա Պիսկոպոյ, որ նոյն նամակին կը ստորագրէ յետ եօթը վանահայրերու եւ եօթը իշխաններու ստորագրութեան [6]: Ի նպաստ ֆրա Գրիգոր Ծործորեցիի, կը գրուի երկրորդ նամակ մը` 27 Մարտ, 1676 թուակիր, իտալերէն լեզուով, ստորագրուած հայ դոմինիկեաններէ, ուղղուած Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրականին, խնդրելով, որ հաճի նորընտիր եպիսկոպոսը ներկայացնել Սուրբ Աթոռին, եւ փութով կատարուի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, եւ դառնայ Նախիջեւան [7]:

Մինչ այս, ֆրա Թոմաս Թադումեանի Նախիջեւանի արքեպիսկոպոս ընտրութեան լուրը եւ Կղեմէս Ժ պապին 27 Ապրիլ, 1676 թուակիր կոնդակը կը հասնին Նախիջեւան 21 Դեկտեմբեր, 1676-ին: Նորընտիր եպիսկոպոսը կ’ուղղուի Պոլիս` ստանալու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը լատին եպիսկոպոսէն ու, տեսնելով, որ սա վերջինս վախճանած է ժանտախտէն, կը շարունակէ ճամբան դէպի Լիվոռնոյ:

ՀՍ-ի 16 Մարտ, 1677 նիստի արձանագրութեան համաձայն` նոյն ժողովին զեկուցուած է Նախիջեւանի ժողովուրդին կողմէ գրուած նամակը, որուն մենք չհանդիպեցանք, ուր կը բողոքեն ֆրա Թոմաս Թադումեանի եպիսկոպոս անուանումին համար, քանի հակառակ է Պօղոս Գ պապին իրենց տուած առանձնաշնորհութեան, որու զօրութեամբ կ’առաջարկեն ֆրա Գրիգոր Ծործորեցին, որ արդէն իսկ հասած է Վենետիկ: Նոյն նիստին կը յիշուի, թէ անցեալին Սուրբ Աթոռը Նախիջեւանի արքեպիսկոպոս անուանած է Պիրոմալլին, առանց հարցնելու Նախիջեւանի հաւատացեալներուն, որուն հետեւանքով յաջորդաբար ստիպուած են փոխել զինքը: Ժողովականներուն որոշումը կ’ըլլայ. «Ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի թող գայ Հռոմ. ֆրա Թոմաս Թադումեանի գրուի, որ սպասէ, ո'չ ձեռնադրուի եւ ո'չ պաշտօն ստանձնէ, մինչեւ նոր կարգադրութիւն» [8]:

Այս շրջանին է, որ Նախիջեւանի մէջ կը պատրաստուի նամակ մը` ուղղուած պապին` պարզելով իրենց դժուարութիւնը ընդունելու ֆրա Թոմաս Թադումեանը իբր եպիսկոպոս, քանի թեմին կարիքները այլազան են, եւ ֆրա Թոմաս անկարող է նման պատասխանատուութիւն ստանձնելու, ուստի «խնդրեմք, զօվ ոք կամի սուրբ հայրապետն` կա'մ հայ, կա'մ տալեան, մեզ մէկ հովիւ առաքի»: Նոյն նամակը ունի երկու բնագիր. առաջինը` 13 Մարտ, 1677 թուակիր` ստորագրուած Ապարաների 56 հաւատացեալներէն, եւ երկրորդը` 26 Մարտ, 1677-ին` ստորագրուած Ջահուկի 52 հաւատացեալներէն [9]:

Ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի հիւանդագին կը հասնի Վենետիկ եւ կ’ընդունի ՀՍ-ի 16 Մարտ, 1677 թուակիր հրաւէրի նամակը. 3 Ապրիլին կը պատասխանէ` ցոյց տալով պատրաստակամութիւն, հազիւ թէ առողջանայ [10]: 24 Ապրիլ, 1677-ին Վենետիկի նուիրակը կը գրէ ՀՍ-ի նախագահ կարդինալ Ալթիէռիի, թէ ֆրա Գրիգոր, «ընտրեալ արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի», ընդունած է հիւանդաց սուրբ խորհուրդը, եւ յոյս չկայ վերագտնելու առողջութիւնը [11]: 1677-ի Յուլիսի երկրորդ կէսին ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի կը վախճանի Վենետիկի մէջ [12]:

1677-ի Սեպտեմբեր ամսուն Լիվոռնոյ կը հասնի ֆրա Թոմաս Թադումեան, ֆրա Պետրոս [13] եւ ֆրա Ստեփան Շիրան Շահապունեցիի հետ [14], ու կը կատարեն քառասնօրեայ արգելափակումը` ճամբանին Հռոմ շարունակելու դիտաւորութեամբ: ՀՍ-ի Ժողովը կը նորոգէ իր հրամանը ֆրա Թոմասի Լիվոռնոյ մնալու` Հռոմ հրաւիրելով ֆրա Ստեփան Շիրան, որ ֆրա Թոմասի հակառակ խումբին ներկայացուցիչն էր [15]:

Ֆրա Թոմաս, մտածելով, որ ֆրա Ստեփան Հռոմի մէջ կրնայ պղտորել միտքերը հակառակ իր եպիսկոպոսութեան, կը գրէ զանազան նամակներ. պապին` 6 Նոյեմբեր, 1677-ին, ՀՍ-ի կարդինալներուն` 1 Նոյեմբեր, 1677-ին եւ ՀՍ-ի քարտուղարին` 8 Նոյեմբեր, 1677-ին [16] ` խնդրելով հրաման ներկայանալու Հռոմ, հակառակ պարագային ղրկուի իրեն ապրելու դրամական միջոց [17]:

Ի նպաստ ֆրա Թոմաս Թադումեանի, Ապարաներէն կը գրուի երկու վկայութիւն, որոնցմէ առաջինը ունի 12 Օգոստոս, 1677 թուականը` 10 կրօնաւոր միաբաններու եւ 160 աշխարհականներու ստորագրութեամբ, թէ` «Այսպէս հաճոյ եղեւ մեզ. ընդրել մէկ մարդ արհիեպիսկոպոս, մեր կամովս ընդրեցաք տէր Թօմաս Դաթումեցին պրօվինչեալն, որ լինիցի առաջնորդ արհիեպիսկոպոս Նախչեւանոյ գաւառիս մերոյ» [18]: Երկրորդ նամակը կը կրէ 21 Սեպտեմբեր, 1677 թուականը` գրուած Ապարաներէն, ստորագրուած 17 միաբաններէ եւ 16 աշխարհականներէ, որոնք, լսելով ֆրա Գրիգոր Ծործորեցիի մահը, բոլորն ալ համաձայն են «տէր Թօմաս Դաթումեցի վարդապետ պրօվինչեալն, զի լինիցի արհիեպիսկոպոս Նախջեւանու» [19]:

Ֆրա Թոմաս Լիվոռնոյ գտնուած շրջանին պատրաստած է ինքնապաշտպանութեան մենագրութիւն մը (անթուական) եւ ղրկած ՀՍ-ի կարդինալներուն: Բովանդակութիւնը հետեւեալն է. «Ֆրա Պօղոս Յովհաննէս-Մկրտիչի, միացած Հայր Ստեփան Շիրանի եւ ուրիշներու, գրեցին Ձեզի իմ դէմս` ըսելով, թէ ոչ ոք զիս արքեպիսկոպոս կ’ուզէ: Սակայն այդ բոլորը սուտ են, որովհետեւ ժողովուրդն է, որ ընտրեց զիս եւ ֆրա Գրիգոր [Ծործորեցին], որպէսզի երթանք պապին, եւ մեր երկուքէն մէկը ընտրուի հովիւ: Անոնք այդպէս գրեցին, որովհետեւ գաւառահայր եղած շրջանիս ժողովի մը ընթացքին ազդարարեցի իրենց` փոխել իրենց գայթակղեցուցիչ կեանքը [fi]: Կ’ըսեն, թէ երեք պատճառի համար անյարմար եմ այս պաշտօնին. 1. այս գործը ինծի համար չէ, 2. խօսիլ չեմ գիտեր, 3. յարգուած չեմ: Այս բոլորը սուտ են, որովհետեւ աստուածաբանութիւն սորված եմ, տասը տարի քարոզած եմ Հայաստանի մէջ [fi], գտնուած եմ Սպանիա, Իտալիա, Լեհաստան` միշտ մուրալով հազարաւոր սկուդ` բերելու իմ ժողովուրդիս [fi]: Թէ խօսիլ չեմ գիտեր` այո, չեմ գիտեր չարախօսել, գիտեմ խօսիլ ազդարարելու համար. անոնք կը վախնան, որ արքեպիսկոպոս ըլլալովս աւելի ազդարարեմ իրենց: Թէ չեմ յարգուած` սխալ է. աստուածային պաշտամունք ընելուս համար յարգուած եմ ժողովուրդէն. բայց թէ չեմ յարգուած իրենցմէ, զիս չի հետաքրքրեր, որովհետեւ կ’աշխատիմ Աստուծոյ փառքին համար [fi]: Պօղոս Գ պապ առանձնաշնորհութիւն մը տուած է, որ ժողովուրդը ընտրէ իր եպիսկոպոսը, սակայն պատմութեան ընթացքին զանազան անգամներ պապերը ուղղակի միջամտած են եւ ընտրութիւնը կատարած, ինչպէս ֆրա Մատթէոս, Պիրոմալլի, որոնք իտալացի ըլլալով` ընտրուեցան. ես հայ ըլլալով` ժողովուրդը ինչո՞ւ պիտի բողոքէ [fi]» [20]:

1677-ի Նոյեմբեր ամսուն, 8-12-ի շրջանին, Հռոմի մէջ կը վախճանի Պիսկոպոյ: ՀՍ-ի 15 Նոյեմբեր, 1677-ի արձանագրութեան համաձայն` Պիսկոպոյ, մեռնելէ առաջ խօսելով այս կարեւոր խնդրին մասին, ի ներկայութեան տէր Բարսեղ Բարսեղեանի եւ ֆրա Նազարիոյի [21], իբր յարմարագոյն անձ եպիսկոպոսութեան, տուած է ֆրա Թոմաս Իսրայէլեանի անունը, ան որ Լիվոռնոյի ազգայիններուն հոգեւոր հովիւ էր Քնապի հետ [22]:

Հոս կը յիշատակուի տէր Բարսեղի անունը, որ իրապէս առանձին գրութեամբ (անթուական) կը վկայէ «այն, ինչ որ լսեցի հանգուցեալ ֆրա Պիսկոպոյէն»: Բովանդակութիւնը հետեւեալն է. «Պիսկոպոյ մեռնելէ առաջ ըսաւ ինծի, եւ ես պարտք կը համարիմ գրել Ձեզի, թէ Նախիջեւանի համար արքեպիսկոպոս ընտրուի Լիվոռնոյի միսիոնար ֆրա Թոմաս Իսրայէլեանը: Պիսկոպոյ կ’ըսէր, թէ հայոց եպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ գիտուն, ջերմեռանդ եւ բարեպաշտ. այս յատկութիւնները կը գտնուին ֆրա Թոմասի մէջ: Իր ըսածը կը հաստատեմ նաեւ ես» [23]: Նոյն այս գրութիւնը տարբեր բառերով շարադրած է նաեւ ֆրա Բարթողիմէոս Նազարիոյ հայ դոմինիկեանը, որ ներկայ գտնուած է այդ խօսակցութեան [24]: ՀՍ-ի դիւանը ունի Պետրոս Պետիկի 6 Մարտ, 1678 թուակիր Վիեննայէն գրած նամակը` ուղղուած ֆրա Թոմաս Իսրայէլեանի, որու կը համոզէ յանձն չառնել այս պատասխանատուութիւնը` իբր անյարմար այդ պաշտօնին [25]:

Մինչ Հռոմ փնտռտուքի մէջ էր, ՀՍ-ի Ժողովը 20 Նոյեմբեր, 1677-ին կը գրէ Լիվոռնոյի միսիոնար Քնապի, որ ներփակ նամակը յանձնէ ֆրա Թոմաս Թադումեանի, որու հրահանգ կը տրուէր ներկայանալ Հռոմ [26]: Բայց որովհետեւ միշտ տարակոյսներ կային Թադումեանի յատկութիւններուն նկատմամբ, կարդինալ Նինի Հռոմի մէջ կը քննէ, եւ կը յայտնուի թեկնածուին անյարմարութիւնը այն պաշտօնին, որուն կոչուած է: Կ’որոշուի գրել Բաբելոնի եպիսկոպոս գերապայծառ Պիքէի, որպէսզի երթայ Նախիջեւան, քննէ տեղւոյն կացութիւնը եւ թելադրէ Սուրբ Ժողովին, թէ հոն ինչ յարմար տարրեր կան այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու [27]: Պիքէի ուղղուած նամակը կը կրէ 17 Յունուար, 1678 թուականը, ուր ՀՍ-ի նախագահ կարդինալ Ալթիէռի կը յայտնէ, թէ Նախիջեւանի ժողովուրդին թեկնածուն` ֆրա Թոմաս Թադումեան, անյարմար նկատուած է Սուրբ Ժողովէն, իսկ պապը կը մտածէ եպիսկոպոս անուանել Լիվոռնոյ պաշտօնավարող երկու դոմինիկեաններէն մէկը` ֆրա Թոմաս Իսրայէլեան կամ ֆրա Սեբաստիանոս Քնապ [28]:

Տարիները կը յաջորդեն իրարու. Հռոմ շփոթած` չի գտներ լուծում եւ իր հանդարտ գործելակերպով կը սպասէ, որ ժամանակները լուծեն դժուարութիւնները: Հռոմի այդ դանդաղութիւնը անհնարին կերպով կը տառապեցնէ Նախիջեւանի թեմը` վնասելով հոգիներուն` թէ' կրօնաւորներուն եւ թէ' աշխարհական դասին, որոնք կեանքի դժուարին անկիւնադարձի մը վրայ անհրաժեշտօրէն պէտք ունէին հովիւի` հոգ չէ թէ տկար ու անկատար դէմ դնելու համար թուրքին եւ պարսիկին, որոնք անխնայ կը կեղեքէին անտէր մնացած ժողովուրդը:

Այս սակաւ տողերուն ի նպաստ փաստերը բազմաթիւ են:

Ա. ֆրա Թոմաս Թադումեան, Հռոմի մէջ տեսնելով, որ այնուհետեւ աւելորդ է իր ներկայութիւնը, կը ներկայացնէ աղերսագիր` դառնալու Նախիջեւան, օգտակար ըլլալու իր ժողովուրդին եւ եղբայրակիցներուն` խնդրելով, որ մերժողական պատասխանի պարագային տրուի իրեն ապրելու միջոց [29]: ՀՍ-ի Ժողովը 1 Մարտ, 1678-ի նիստով կ’ընտրէ երկրորդ առաջարկը` սահմանելով ամսական վեց սկուդի թոշակ [30], անշուշտ մտածելով, որ իր ներկայութիւնը Նախիջեւանի մէջ կրնար ստեղծել անհաճոյ դէպքեր:

Այս ժամանակամիջոցին Սուրբ Ժողովին կարգադրութեամբ ֆրա Թոմաս Թադումեան պէտք է ղրկուած ըլլայ Սպանիա, որովհետեւ ունինք Վալէնցայի եպիսկոպոսին (Mons. Gu. Tom. Arciv. ) 6 Ապրիլ, 1678 թուակիրը, որ կ’ըսէ. «Կ’իմացնէք ինծի, թէ Նախիջեւանի համար իբր եպիսկոպոս անյարմար է Հայր Թոմաս Թադումեանը, որովհետեւ զուրկ է պահանջուած յատկութիւններէն. մինչ ես քննեցի զինքը եւ գտայ յարմար ամէն տեսակէտով. սակայն թող ըլլայ ձեր կարգադրութեան համաձայն: Ասով հանդերձ, կը կարծեմ, թէ ֆրա Թոմաս աւելի յարմար ըլլայ Իտալիոյ, քան Սպանիոյ, որովհետեւ գիտէ իտալերէն լեզուն» [31]:

Սպանիայէն դարձին ֆրա Թադումեան կը դիմէ պապին 20 Ապրիլ, 1678-ին` խնդրելով դառնալ Նախիջեւան, «յօգուտ տեղւոյն ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ կրօնաւորներու վարչութեան, որոնք կը գտնուին հերձուածողներու մէջ, առանց առաջնորդի» [32]: Երկու ամիս յետոյ կը կրկնէ նոյն աղերսագիրը` ուղղելով ՀՍ-ի Ժողովին [33], որ աճապարանք չունէր եւ կը սպասէր յարմար ժամանակի առնելու համար իր որոշումը:

Բ. 15 Յունիս, 1676 թուակիր նամակով Նախիջեւանէն ֆրա Անդրէաս եւ ֆրա Դոմինիկոս կը գրեն ուղղակի պապին, թէ Գանձակի մէջ երկու վանք եւ եկեղեցի ու աւելի հեռու ուրիշ վանք մը մահմետականներ գրաւելով` վերածած են ախոռի. թէ նոյն վանքերուն մէջ կան միայն յառաջացած տարիքով երկու կրօնաւորներ, որոնց մահէն ետք թուրքը կրնայ գրաւել, որովհետեւ իրենց եղբայրակիցները չեն ուզեր ստանձնել պատասխանատուութիւն: Լքուած զգալով իրենց ընդհանրական մեծաւորէն` կը գրեն պապին [34]:

Շուրջ երկու տարի յետոյ է, որ նամակը կը զեկուցուի ՀՍ-ի 29 Մարտ, 1678 նիստին, ուր կ’որոշուի դիմել Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին քարոզելու համար անդրագոյն տեղեկութիւններ, եւ, եթէ համաձայն գտնուի, մէկ անգամուան համար տրուի 150 սկուդ վճարելու համար իրենց պարտքը թուրքին [35]:

Գ. 1677-ին Ապարաներէն կ’անցնի Լեհաստանի անուանի Վարդան եպիսկոպոս Յունանեան, որ իր քարոզներով եւ բարի օրինակով կ’առինքնէ ու կը սքանչացնէ թէ' կրօնաւորները եւ թէ' ժողովուրդը, յատկապէս` Թաւրիզի մէջ. «Շատեր փափաքեցան, որ նա հոս մնայ, կը գրեն Ապարաներէն չորս կրօնաւոր` 27 Նոյեմբեր, 1677 թուակիր նամակով, որպէսզի հոս հիմնէ վարժարան մը, սորվեցնէ եւ տարածէ կաթողիկէ հաւատքը. բայց ինքը չ’ուզեր ձեռնարկել, առանց Սուրբ Աթոռին հրամանին. ուստի կը խնդրենք, որ հրաման տայիք, որովհետեւ հոս հաւատքը կը գտնուի խաւարի մէջ»: Այս նամակին ստորագրողներն են` «ֆրա Ազարիա վարդապետ եւ վիքար ջէնէրալ ի գաւառս Նախիջեւանու, Fra Michael de Gio., provinciale in convento Omni Santi, Fra Antonio Nazari, lector, Fra Paulus Batta Avaniensis, lector et socius» [36]:

Դ. Ֆրա Օգոստինոս Բաջենց Վիեննայէն Նախիջեւան մեկնելէ առաջ 20 Ապրիլ, 1678-ին հայերէն լեզուով յատկանշական նամակ մը ուղղած է ՀՍ-ի Ժողովին` ներկայացնելով թեմին յետին կարօտութիւնները, յատկապէս` առաջնորդի պակասին համար, ու չի քաշուիր յանցապարտ նկատել նոյն ինքն Սուրբ Ժողովը, որ կը յետաձգէր հարցերը. «Վեհագոյն Ժողովքն պարտ են հոգալ այն աղքատ փոքր հօտն»: Ապա կը ներկայացնէ ցաւալի էջ մը, թէ ժողովուրդը միշտ աւելի կը ցրուի, քաղաքները կը դատարկանան, եւ օրինակով մը կը բացատրէ կացութիւնը, թէ թռչունը փախչելէ ետք աւելորդ է ձեռք երկարել բռնելու համար. «Ղուշն որ թռչէ` ձեռն մեկնիլ չէ պատշաճ. ժողովուրդն որ ցրուէ` յայնժամ առաջնորդ կամ դէսպան գնալն պատշաճ չէ. ոմանք գիւղք եւ քաղաքք յառաջմէ էին քրիստոնեայք, հիմա ոչ են. երբ առաջնորդն գնասցէ, նման նոցին չտեսցէ» [37]:

Ե. Հռոմէն ոչ մէկ շարժում եւ օգնութիւն տեսնելով` Նախիջեւանի վանականները եւ աշխարհականները 1 Հոկտեմբեր, 1678-ին կը գրեն երկու աղերսագիր-նամակ` մին պապին եւ միւսը` ՀՍ-ի Ժողովին: Նամակներուն կը ստորագրեն 17 վանականներ եւ 15 աշխարհականներ` ըսելով, թէ համաձայն են ֆրա Թոմաս Թադումեանի անձին շուրջ, որ ըլլայ իրենց հովիւ, քանի Պօղոս Գ պապի կոնդակին համաձայն` բաւական է 33 քուէ, որպէսզի վաւեր նկատուի հովիւի մը ընտրութիւնը, մինչ իրենք 33 քուէէ աւելի հաւաքած են, ի նպաստ ֆրա Թոմասի [38]:

Անկախ այս նամակներէն, Նախիջեւանի գաւառահայր ֆրա Ազարիա 7 Հոկտեմբեր, 1678-ին կը գրէ Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին` ներկայացնելով իրենց կացութեան խեղճութիւնը. «Օգտուելով ֆրա Յակինթոս սուրբ Թոմասի Հռոմ ճամբորդութենէն` ահա կը գրեմ` իմացնելով մեր խեղճ վիճակը: Անտէր ենք, եւ թուրքերը կը գրաւեն քրիստոնեաներու ինչքերը, մարդիկ դիւրաւ կ’ուրանան իրենց հաւատքը. ասիկա կը պատահի, որովհետեւ եւրոպացիները մեզ լքեցին […]: Անցեալ տարի մեր ժողովուրդը գրեց, թէ անյարմար է ֆրա Թոմաս Թադումեանը, բայց ահա կայ Քնապը, որ Լիվոռնոյ է: Կրօնաւորական մեր վիճակը խղճալի է, չունինք եկամուտ, ոչ ալ պատարագուց. Եւրոպայէն ոչ մէկ օգնութիւն կը հասնի մեզի: Ներկայիս 3. 000 սկուդ պարտքի տակ ենք, որու կէսն անգամ անկարող ենք վճարել թուրքին: Միաբանները ցրուած են Իտալիա, Թուրքիա, հոս ու հոն. ոմանք կը մտածեն փախչիլ. մեր նախնիքը քրտինքով շինեցին [fi]: Կը լսենք հնդիկ Հայր Յակինթոսէն, թէ Փորթուկալի մէջ բարերար մը մեր գաւառին թողած է 600 աբասի, որ Ձեր մօտ է. կը խնդրենք անտես չընէք մեզ» [39]:

Զ. Վերոյիշեալ նամակները Հռոմ տանողն էր Սպահանէն ֆրա Յակինթոս սուրբ Թոմասի (հաւանաբար վեղարաւոր), որու ուղեկից կը տրուի Ջահուկի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ վանքին մեծաւոր ֆրա Թոմաս Փիրեցի, որու համար գաւառահայր ֆրա Ազարիա 7 Հոկտեմբեր, 1678 թուակիր երկրորդ նամակով կը գրէ Հռոմ իր մեծաւորին, թէ Հռոմ կը ղրկէ «Հայր Թոմաս սուրբ վարդարանի. եթէ Փորթուկալ չղրկուեցաւ մէկը` մեզի ի նպաստ ողորմութիւն հաւաքելու, կրնաս ղրկել զինքը, որ օրինակելի կրօնաւոր է եւ կարող է հանգանակել մեզի համար» [40]:

Յաջորդ տարին ֆրա Թոմաս Փիրեցի Հռոմ է ու աղերսագիր կը ներկայացնէ ՀՍ-ի Ժողովին` խնդրելով յանձնարարական նամակներ, իմացնելով, թէ կրցած է հրաման ստանալ իր ընդհանրական մեծաւորէն, Գերմանիա ու Ֆրանսա շրջելով դրամ հաւաքել Նախիջեւանի համար, որ կը գտնուի ծայր աստիճան կարօտութեան մէջ [41]: Խնդրագիրը կը զեկուցուի ՀՍ-ի 24 Ապրիլ, 1679-ի նիստին եւ կը տրուի մերժողական պատասխան [42]:

Է. Պետրոս Պետիկ, աշակերտ ՀՍ-ի վարժարանին, առանց աւարտելու աստուածաբանութեան ընթացքը, հեռացած էր Հռոմէն: Սակայն, իբր հաւատարիմ հոգի, կրցածին չափ կը նպաստէր անոնց, որոնք նեղութեան մէջ էին, յատկապէս` կրօնական տեսակէտով: 1678-ին նորընտիր Մատթէոս արքեպիսկոպոս Յովհաննէսեանի հետ Լիվոռնոյէն կ’ուղղուի Հայաստան` իր զարգացումով եւ կրթութեամբ գրաւելով շատերու հոգին: Երբ Պիսկոպոյ Նախիջեւան կու գայ ու կը տեսակցի Ջուղայեցի Յակոբ Դ կաթողիկոսի հետ, Պետրոս Պետիկ ներկայ է` իբր թարգման եւ միջնորդ: Եւ ահա կարգ մը հայ դոմինիկեաններ Հռոմէն դարձին կը դիմեն իրեն, Վիեննա` խնդրելով իր օգնութիւնը եւ միջամտութիւնը դուրս գալու համար կեանքի այս անել վիճակէն: Պետրոս Պետիկ 27 Մարտ, 1678 թուակիր նամակով Վիեննայէն հետեւեալը կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին. «Հոս եկան երկու հայ դոմինիկեաններ` նախ Հայր Գրիգոր Մատաթիա եւ ապա ֆրա Բարթողիմէոս Նազարիոյ եւ Օգոստինոս Բաջենց: Ասոնց գալու շարժառիթը իրենց կրած հալածանքն է. շատ մը կաթողիկէներ կ’իսլամանան: Եկողները օգնութիւն կը խնդրեն առաջքն առնելու համար այսքան չարիքի. կ’ուզեն, որ ես գրեմ Սուրբ Ժողովիդ եւ իմացնեմ եղածներուն ծանրութիւնը: Սակայն ոչ թէ միայն ասոնք, այլ Պարսկաստանէն ալ կայ նոյն գանգատը. ինծի գրած է նաեւ ֆրա Ստեփան Վենետկեցին, որու պատասխանեցի, թէ կրցածս պիտի ընեմ այս արքունիքին մէջ եւ Հռոմի դիմացfi Պիսկոպոյի մահէն յետոյ ամէն ինչ մնացած է ինչպէս որ է. մխիթարեցի այդ կրօնաւորները, եւ գրած նամակներովս դարձան իրենց հայրենիքը, որպէսզի իրենց կարգին մխիթարեն խեղճ քրիստոնեաները» [43]:

1676-ին Պետրոս Պիսկոպոյի հետ կը դառնայ Նախիջեւանէն. ինքը կը մտնէ Վիեննայի արքունիքը, իսկ Պիսկոպոյ ճամբան կը շարունակէ Հռոմ ու կը վախճանի 1677-ի Նոյեմբեր ամսուն, առանց կարենալու լրիւ տեղեկութիւն մը տալ Հայաստանի մէջ կատարած առաքելութեան մասին: Այս նպատակով է, որ ՀՍ-ի Ժողովը կարեւոր կը համարի Պետրոս Պետիկ հրաւիրել Հռոմ: Պետրոս` կայսրին յատուկ թոյլտուութեամբ կը կատարէ ՀՍ-ի փափաքը եւ Հռոմ հասնելուն, կը ներկայացնէ 1 Մարտ, 1679 թուակիր ընդարձակ եւ հարուստ տեղեկութիւններով գրութիւն մը Հայաստանի մէջ կատարուած առաքելութեան մասին, որմէ կը քաղենք միայն Նախիջեւանի վերաբերեալ հատուածը [44]:

Պետրոս Պետիկ կ’ընկերանայ Պիսկոպոսի, երբ սա կը ներկայանայ Պարսից Շահին, որ, ազդուած բարի ու ազնուական լատին կրօնաւորէն, որ դեսպանն էր պապին եւ քրիստոնեայ թագաւորներուն, վեհանձն կերպով կը շնորհէ 28. 000 սկուդի հսկայ պարտքը, որ կաթողիկէ հպատակները պէտք էին վճարել արքունի գանձատան: Ներումի վաւերագիրը կը տրուի Պիսկոպոյի, որպէսզի հետը տանի Հռոմ:

Ապա խօսելով ուղղակի Նախիջեւանի մասին` Պետրոս Պետիկ կը յանձնարարէ ՀՍ-ի Ժողովին անմիջական կերպով հասցնել անոր օգնութիւն, որովհետեւ այդ գաւառը վարդ մըն է փուշերու մէջ, գառնուկ մը` գայլերու մէջ, եւ, եթէ ուշանայ օգնութիւնը եւ Սուրբ Ժողովին միջամտութիւնը, տեղւոյն ժողովուրդը շուտով պիտի դառնայ մահմետական: Առաջին` օգնութիւնը պիտի ըլլայ` տալով անոր հովիւ մը` հայ կամ օտար, բաւական է, որ ըլլայ ի վիճակի կառավարելու այդ թշուառ ժողովուրդը: Երկրորդ` անմիջական կերպով պէտք են միջամտել պապն ու քրիստոնեայ թագաւորները, որպէսզի վերանայ պարսկական այն օրէնքը, որու համաձայն` մահմետական դարձող քրիստոնեան կը տիրանայ մինչեւ եօթը սերունդ իր քրիստոնեայ ազգականներուն ինչքերուն: Երրորդ` ջանալ ջերմ պահել յարաբերութիւնը պապին եւ Շահին, ի նպաստ Նախիջեւանի` հետապնդելով քաղաքական նպատակներ, հակառակ թուրքին, որ գլխաւոր թշնամիներէն մէկն է քրիստոնեաներուն: Չորրորդ` հաստատել վարժարան մը Սպահանի մէջ, որու պիտի ուզեն օգնել շատեր իրենց զաւակներուն զարգացումին համար` սորվելու լեզուներ եւ լատիներէն գրականութիւն. սա բարեպատեհ առիթ կրնայ ընծայել, որ եւրոպացիներ Սպահանի մէջ ուզեն սորվիլ արեւելեան լեզուներ, ու այս փոխյարաբերութիւնը նպաստէ կաթողիկէութեան տարածումին:

Պետրոս Պետիկի առաջարկներէն մէկն ալ այն էր, որ Նախիջեւանի թեմը փոխանակ ուղղակի կերպով կախումնաւոր ըլլալու Հռոմի ընդհանրական մեծաւորէն, կապուէր Եւրոպայի որեւէ մէկ նահանգի դոմինիկեան վանքի մը` թէ' ի հոգեւորս եւ թէ' ի մարմնաւորս: Այս առաջարկը ՀՍ-ի Ժողովը կը ներկայացնէ Հռոմի ընդհանրական մեծաւորին [45], որմէ կը ստանայ 20 Մայիս, 1679 թուակիր պատասխան մը, թէ կարելի է Նախիջեւանի գաւառը կախումնաւոր ընել Հռոմի, Լոմպարտիոյ կամ Լեհաստանի դոմինիկեաններէն, եւ յաջորդաբար նոյն նահանգին մեծաւորն է, որ պէտք է ներկայացնէ Նախիջեւանի եպիսկոպոսութեան թեկնածուն [46]: Այս հարցը կը քննուի ՀՍ-ի 1 Հոկտեմբեր, 1680-ի նիստին, եւ լուծումը կը ձգուի Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին [47]:

Ը. Պիրոմալլիի ու Նախիջեւանի կրօնաւորներուն միջեւ ծագած անհամաձայնութիւններուն առիթով Հռոմէն իբր այցելու քննիչ ղրկուեցաւ Padre Antonio Tani, որ Նախիջեւանէն դարձին ենթարկուեցաւ դատաստանի կատարած զեղծումներուն համար: 1679-ին կորսնցուցած ըլլալով դատը` Թանի կը մտածէ դիմել Ֆիրենցէի դուքսին` յորդորելով, որ գրէ Պարսից Շահին, որպէսզի սա բռնութեամբ պահանջէ Նախիջեւանի քրիստոնեաներէն 6. 000 սկուդի գումար մը, որ կը համարէր իրը: Առաքել արքեպիսկոպոս Շոռոթեցի եւ ֆրա Թոմաս Թադումեան միասնաբար աղերսագիր կը ներկայացնեն ՀՍ-ի Ժողովին` խնդրելով, որ միջամտէ եւ արգիլել տայ Թանիի արարքը [48]: ՀՍ-ի Ժողովը 26 Յունիս, 1679-ի նիստով կ’որոշէ գրել թէ' Ֆիրենցէի առաքելական նուիրակին եւ թէ' դոմինիկեանց մեծաւորին, որպէսզի արգելափակեն Թանին, որ չկարենայ դուրս գալ իր գաւառէն [49]: Այս կերպով ծանր վտանգէ մը կ’ազատին Նախիջեւանի կրօնաւորները եւ հաւատացեալները, որոնք արդէն ծանրաբեռնուած էին պարտքերով եւ ուրիշ դժբախտութիւններով:

Թ. Նախիջեւանի մէջ միշտ աւելի հրամայական կը դառնար առաջնորդ եպիսկոպոսի մը ներկայութիւնը: Վանականներէն հինգ գլխաւորներ կը ստորագրեն 11 Յուլիս, 1679 թուակիր նամակ մը` ուղղուած Հռոմի դոմինիկեանց մեծաւորին` ներկայացնելով հետեւեալ կէտերը.

ա. Վանքերը ծանրաբեռնուած են պարտքերով, եւ իրենք ստիպողութենէ մղուած պարտք առած են 1167 լէոնի` 4 առ 100 տոկոսով: Այս կացութենէն դուրս գալու համար երկու միաբան կը ղրկեն Եւրոպա` խնդրելով ընդհանրական մեծաւորէն, որ տայ անոնց հրաման` շրջելու Սպանիա կամ Հնդկաստան, վանքերու եւ եկեղեցիներու վերաշինութեան համար հանգանակելու: Այս քայլը առած են` մղուած ստիպողութենէ, որովհետեւ 4 Յունիս, 1679-ին Պարսկաստանի հողամասին վրայ ահաւոր երկրաշարժ մը կործանած է շատ մը քաղաքներ եւ գիւղեր, «յատկապէս` Երեւանի գլխաւոր բերդին մէջ, ուր մեռան 50. 000 հոգի, եւ դեռ երկիրը կը շարժի»: Այս օրերուն Ապարաների վանքն ու եկեղեցին մասամբ կը կործանին եւ կը դառնան անգործածելի:

բ. Կը ներկայացնեն իրենց դժգոհութիւնը նկատմամբ Վենետիկի դրամատունը պահեստի դրուած գումարին. «Գիտէք, որ մեր գաւառը կ’ապրի Վենետիկի դրամատունը դրուած դրամին շահով, որ 7 առ 100 էր, այժմ վերածուած է 3 առ 100-ի. բայց մենք ոչինչ կը ստանանք, որովհետեւ թափառական կրօնաւորներ կը գանձեն գումարը: Բայց բարեյիշատակ ֆրա Յակոբ Յիսուսի, որ այդ գումարը հաւաքեց` շրջելով Հնդկաստան, դրամատուն դրաւ մեր վանքերուն եւ ո'չ թափառականներուն համար: Ներկայիս վանքերուն վիճակը ծանր է, եւ տուրքերը` երեք անգամ աւելի. կը խնդրենք, որ ոչ ոք այդ դրամին դպչի, առանց մեր եօթը վանահայրերու ստորագրութեան, ինչպէս կարգադրած էր ֆրա Յակոբ»:

գ. Ու վերջապէս, յետ ներկայացնելու իրենց խեղճութիւնը կ’անցնին գլխաւոր նիւթին. «Եղաւ հինգ տարի, որ մնացած ենք առանց գլուխի եւ առաջնորդի. կը սպասենք Ձեր կարգադրութեան. այդ պատճառով ալ չըրինք ընտրութիւններ, ինչպէս սովոր էինք: Ձեր փափաքին համաձայն թող ըլլայ մեր առաջնորդը` իտալացի կամ օտար. մեզի համար լաւ պիտի ըլլայ Հայր Քնապը, որ Լիվոռնոյ է: Բայց չենք ուզեր, որ ձեռնադրուի ֆրա Թոմաս Թադումեանը, որովհետեւ յարմար չէ այս տեղերուն համար: Հերետիկոսներ կրնան դարձի գալ, բայց հոս չունինք դպրոց, ուր սորվեցնենք. եթէ օգնելու ըլլաք, կրնանք բանալ նաեւ վարժարան»:

Այս նամակին ստորագրողներն են`

«Ֆրա Ազարիա վարդապետ եւ վիքար ջէնէրալ.

Fra Michael de Giovensis, Prior.

Ես` ֆրա Պետրոս` մեծաւոր Քռնոյ, որպէս ի վերն.

Ես` տէր Աթանազ` մեծաւոր Ճահկոյ վանից, որպէս ի վերն.

Ես` տէր Միքայէլ` ընդհանրական քարոզող, մեծաւոր Ապ[ր]ակունոց վանից» [50]:

21 Յունիս, 1679-ին գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ նամակ մը կը գրուի ՀՍ-ի Ժողովին, իբր յանձնարարական գիր երկու միաբաններու` ֆրա Բենեդիկտոս Բազումենցի եւ ֆրա Ստեփան Շիրանի, որոնք կը մեկնին Հռոմ իրենց վանքերուն համար հանգանակելու համար: Նամակին մէջ կը շեշտուի հիմնական գաղափարը. «Տարիները կ’անցնին, եւ մենք մնացած ենք առանց եպիսկոպոսի. փութացուցէք ղրկել մէկը` իտալացի կամ օտար, բաւական է կարենայ գիտնալ կառավարել. սակայն ժողովուրդին եւ կրօնաւորներուն հաճոյ պիտի ըլլայ Հայր Սեբաստիանոս Քնապ, որովհետեւ կը ճանչնայ մեր գաւառը…»: Նամակին կը ստորագրեն, բացի վերոյիշեալներէն, «տէր Մանուէլ` մեծաւոր Շահբունոյ վանից, տէր Պօղոս` մեծաւոր Խօշկայշինոյ վանից» [51]:

Երկու պատուիրակները, առած յիշեալ նամակն ու յանձնարարական գիրը, 1679-ի Յուլիսին կ’ուղղուին Հռոմ: 1680-ի Մարտին կը հասնին Վենետիկ, ուր զոյգ ազգայիններ, ծնունդով Նախիջեւանէն, լսելով իրենց երկրին տխուր կացութիւնը, 26 եւ 27 Ապրիլ, 1680-ին կը գրեն նամակներ` ուղղուած Իննովկենտիոս ԺԱ պապին եւ ՀՍ-ի Ժողովին: Երկու նամակներուն բովանդակութիւնը նոյնն է. այն է` կը խնդրուի, որ վերջապէս, Հռոմ միջամտէ եւ տայ այդ թեմին եպիսկոպոս մը, յանձին Քնապի, որպէսզի աղքատ եւ անտէր մնացած ժողովուրդը չդիմէ յուսահատութեան, քանի զանազան անգամներ գրած են Սուրբ Աթոռին եւ մնացած անպատասխան, եւ ապահով ըլլալու համար, թէ նամակները հասած են Հռոմ, ահա ճամբայ հանած են զոյգ պատգամաւորներ, որոնք անկարող են մտնել Հռոմ, քանի դոմինիկեան մեծաւորը կը մերժէ հրաման, ինք Հռոմի մէջ այս փշոտ հարցին դիմաց չգտնուելու համար: Ուստի կը խնդրեն, որ պապը կամ Սուրբ Ժողովը տայ հրաման, որպէսզի երկու դոմինիկեանները` ֆրա Բենեդիկտոս եւ ֆրա Ստեփան, կարենան ուղղուիլ Հռոմ [52]:

27 Ապրիլ, 1680-ին Վենետիկէն Սուրբ Ժողովին կը գրեն նաեւ Բենեդիկտոս ու Ստեփան` կրկնելով վերոյիշեալ նամակներուն գաղափարները, աւելցնելով, թէ` «Այս երկու ամիս է, քանիցս գրեցինք մեր պատուականագոյն ջէնէրալին, թէ մեզ հրաման առաքէ, որ գանք ի Հռոմ, չկամեցաւ տալ եւ յինքն ոչինչ պատասխան չէ գրում. բայց Թոմաս Թաթումեցի վարդապետն, որ ի Մէնէրվայ է, նայ գրում է մեզ ի կողմանէ ջէնէրալի եւ ի կողմանէ Պրօփականտայ հէտին, թէ` մի՛ գայք, յե՛տ դառէք գնացէք ի ձեր երկիրն […]: Մեք ոչ կարեմք յետ դառնալ, քանզի առ ո՞վ երթանք կամ ումի՞ց ուզենք մեզ հովիւ` ի պատրիարգէն հայո՞ց կամ թէ՞ ի պատրիարգէն հոռոմոց» [53]:

Երկու կրօնաւորները, մտածելով, որ Հռոմէն պատասխանը կրնայ ուշանալ, 4 Մայիս, 1680-ին իտալերէն լեզուով (հայերէն ստորագրութեամբ) դարձեալ կը գրեն Սուրբ Ժողովին` տեղեկացնելով, թէ տասը ամիս առաջ մեկնած են Հայաստանէն` ղրկուած իրենց մեծաւորներէն, որպէսզի հանգանակեն, ի նպաստ իրենց վանքերուն, որ առաջնորդ չունենալով` կը կրէ բարբարոսներու կեղեքումը: Կը գրեն, թէ երեք ամիսէ կը գտնուին Վենետիկ եւ ուղղուած են Հռոմ, կը սպասեն հրամանի` անձամբ բերելու Հռոմ իրենց թեմէն գրուած նամակները, բերանացի ալ ներկայացնելու իրենց անթիւ կարիքները, որոնց ի նպաստ կը փափաքին առնել Հռոմէն յանձնարարական նամակներ` շրջելու Եւրոպա եւ հանգանակելու համար [54]:

Երբ ամիսներ կը սպասեն, եւ Հռոմ կը զլանայ իր պատասխանը, 3 Հոկտեմբեր, 1680-ին «ֆրա Ստէֆան» կը ստիպուի գրել հայերէն լեզուով համառօտ նամակ մը` անգամ մը եւս ներկայացնելու կացութիւնը: Իր նամակին մէջ կը դնէ Նախիջեւանէն բերած նամակները ու կը ղրկէ ՀՍ-ի Ժողովին. հաւանաբար, այս հրահանգը տրուած էր իրենց Հռոմէն [55]:

Ժ. Նախիջեւանի վանականները ու աշխարհական դասը, տեսնելով, որ ոչ մէկ շարժում կայ Հռոմի կողմէ, վերջին փորձ մը եւս կ’ընեն ունենալու իրենց եպիսկոպոս ու, կրկին անգամ հաւաքուելով, կ’ընտրեն իրենց հովիւ` յանձին ֆրա Թոմաս Թադումեանի, հակառակ որ նախապէս չէին համաձայնած անոր շուրջ եւ Հռոմէն խնդրած էին Սեբաստիանոս Քնապը:

Իրենց այս որոշումը երեք զանազան նամակներով, ուղղուած Հռոմի, կը բովանդակեն նոյն նիւթը. այն է` թէ Պօղոս Գ պապի իրենց տուած առանձնաշնորհութեան զօրութեամբ ութը վանահայրեր, ութը կրօնաւորներ եւ ազգէն տասնվեց գլխաւորներ, այն է` երեսուներկու ժողովականներով գումարած են ժողով եւ ընտրած իրենց եպիսկոպոս Թոմաս Թադումեանը: Առաջին նամակին կը ստորագրեն ինը վանահայրեր, որոնց հետ եղած եւ ստորագրած է նաեւ վեղարաւոր ֆրա Ճիուզէփփէ [56]: Երկրորդ նամակին, միշտ 15 Մարտ, 1680 թուականով, կը ստորագրեն, բացի ինը վանահայրերէ, ութը դոմինիկեան կրօնաւորներ եւ տասնվեց աշխարհականներ [57]: Երրորդ նամակը գրուած է իտալերէն` նոյն բովանդակութեամբ, ստորագրուած հայերէն` «ֆրա Ազարիա` պրօվինչիալ եւ պրօֆէսօր» [58]:

Անկախ այս նամակներէն, 20 Մարտ, 1680-ին առանձին նամակ մը Սուրբ Աթոռին կը գրէ Թաւրիզի վեղարաւորներու մեծաւոր ֆրա Ճիուզէփփէ Տի Մարիա, թէ` «Ես ներկայ գտնուեցայ Նախիջեւանի մէջ նոր արքեպիսկոպոսին ընտրական ժողովին, որու մասնակցեցան երեսուներկու ժողովականներ, այսինքն` տասնվեց դոմինիկեաններ, որոնցմէ ութը վանահայր եւ ութը պարզ միաբաններ, ինչպէս նաեւ տասնվեց աշխարհականներ, որոնք միաձայն հաւանութեամբ իրենց արքեպիսկոպոս ընտրեցին ֆրա Թոմաս Թադումեան. իսկ ժողովին կը նախագահէր ֆրա Ազարիա գաւառահայրը. ի հաստատութիւնfi» [59]:

Այս վկայութիւնները, աղաչանքները եւ բացատրականները Հռոմ հասնելուն, պիտի չունենային ոչ մէկ հետեւանք:

ԺԱ. Վեց տարուան ընթացքին (1674-1680) խնդիրները կը հասուննան, եւ կը մտածուի Սեբաստիանոս Քնապի արքեպիսկոպոսութեան մասին: Գուցէ միակ դժգոհն ու չհամակերպողը մնար նախկին անուանեալ արքեպիսկոպոս ֆրա Թոմաս Թադումեան, որ Հռոմ կեցած` կը սպասէր հարցին լուծումին, որու ընթացքը հետեւեալն է:

Երկու ամբողջ տարիներ Հռոմ մնալէ յետոյ ֆրա Թոմաս կը ներկայացնէ նոր աղերսագիր, որ կը զեկուցուի ՀՍ-ի 31 Յուլիս, 1679-ի նիստին: Աղերսագիրը կ’ըսէ. «Երբ Նախիջեւանէն Հռոմ պիտի գայի` Կղեմէս Ժ պապին կոնդակին համաձայն ստանալու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն, Լիվոռնոյի մէջ կարգ մը վաճառականներէ փոխ առի 160 սկուդ. 20 սկուդ` Գրիգոր Գիրակէ, 40 սկուդ` Նուրուէլլիէ, 40` Հայաստանի մէջ Կոզմոս վաճառականէնfi Երկու տարի է, որ կ’ապրիմ ՀՍ-ի թոշակով, իսկ պարտատէրերս կը պահանջեն իրենց իրաւունքը» [60]: Ժողովի ընթացքին աղերսագիրը «կը կարդացուի», առանց դրական պատասխանի [61]:

ՀՍ-ի 15 Յունուար, 1680-ի նիստին կը զեկուցուի ֆրա Թոմասի նոր աղերսագիրը, թէ ինքը 12 Նոյեմբեր, 1675-ին անուանուած է արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի ու կը խնդրէ, որ իրեն յանձնուի պապական կոնդակը, որ ձեռքէն առնուած է, երբ հասած է Լիվոռնոյ [62]:

ՀՍ-ի 2 Սեպտեմբեր, 1680-ի նիստի արձանագրութեան համաձայն` ֆրա Թոմաս Թադումեանէ առնուած է ստորագրութիւն, թէ կը հրաժարի Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսութենէն: Այս առիթով կը տրուի իրեն 400 սկուդ, փոխանակ 600-ի, որ ֆրա Թոմաս խնդրած էր:

Այսպէս կը փակուի երկար ու տառապեցուցիչ անորոշութեան շրջան մը, որուն ընթացքին տուժողը կ’ըլլայ Նախիջեւանի թեմը, որ արդէն հազար նեղութիւններու մէջ հասած էր իր մայրամուտին:



[1]           ՀՍ-ի 15 յունուար, 1678-ի նիստին կ’ակնարկուի Պիսկոպոյի գրած նամակին, սակայն համապատասխան հատորին մէջ (SOCG, vol. 467) չենք գտներ բնագիր նամակը. քարտուղարութեան կողմէ կայ սա նօթագրութիւնը. «Փոխադրուած են 30 յուլիս, 1680-ի նիստին» (Acta, vol. 48, ff. 4-7, n. 2):

[2]           SC Armeni, vol. 2, f. 432.

[3]           Այս ծանօթութիւնը քաղած ենք 16 մայիս, 1677-ի նիստի արձանագրութենէն (Acta, vol. 47, ff. 67-69, n. 17):

[4]           Udienze, vol. 1, f. 229.

[5]           SC Armeni, vol. 2, f. 479. Նոյն շրջանին Հռոմ եկած էր հայ դոմինիկեան մը` ֆրա Պօղոս Յիսուսի (di Combu) անունով, որ միսիոնար էր Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ: Ի միջի այլոց այս միսիոնարը ՀՍ-ի Ժողովին խնդրագիր կը ներկայացնէ ստանալու համար Հռոմ տպագրուած կարգ մը գիրքեր ու այդ առիթով տեղեկութիւն կու տայ իր կատարած առաքելութեան մասին. «Ծրագիր ունիմ երթալու եւ քարոզելու Թուրքիոյ զանազան քաղաքները, մատակարարելու սուրբ խորհուրդները հայ կաթողիկէներու, որոնք կը գտնուին այդ կողմերը վաճառականութեան համար: Եւ որովհետեւ նոյն տեղերը չկան կաթողիկէ քահանաներ, այլ միայն հերձուածողներ, կաթողիկէները կը խոստովանին հերձուածողներու, որոնք կը մերժեն տալ արձակում, եթէ անոնք չխոստանան հնազանդիլ հերձուածող ժողովրդապետերու: Այս կերպով հայերը կը մնան առանց սուրբ խորհուրդներուն եւ առանց խոստովանանքի հինգ, տասը կամ քսան տարիներ» (SOCG, vol. 457, f. 286): Դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորը կը յետաձգէ հայազգի ֆրա Պօղոս Յիսուսի Հռոմէն մեկնիլը, որպէսզի անոր յանձնէ ֆրա Թոմաս Թադումեանի եպիսկոպոս ընտրուած ըլլալու կոնդակը` հասցնելու Նախիջեւան: Ֆրա Պօղոս ՀՍ-ի կը ներկայացնէ նոր աղերսագրիր` խնդրելով 100 սկուդի նպաստ` իբր ճանապարհածախս (SOCG, vol. 459, f. 1): ՀՍ-ի ժողովը 4 մայիս, 1676-ի նիստով կը մերժէ եղած առաջարկը (Acta, vol. 46, f. 88, n. 1):

[6]           SOCG, vol. 480, f. 91.

[7]           SOCG, vol. 480, f. 84. Իտալերէն նամակին ստորագրած են հետեւեալները. «Ես` ֆրա Բէնէթիկտոս, մեծաւոր Ապարաներոյ վանից, որպէս ի վերո[յ]. Ես` ֆրա Միքայէլ, մեծաւոր Ապրակունոց վանից, որ ի վերո[յ]. Ես` ֆրա Պետրոս, մեծաւոր Քռնոյ վանից, որ ի վերո[յ]. Ես` ֆրա Դոմինիկոս, մեծաւոր Ճահկա[յ] վանից, որ ի վերո[յ]. Io fra Stephanus, prior et lector Sciabunensis, ut sub. Ես` ֆրա Դօմինիկոս, մեծաւոր Խօշկա[յ]շինո[յ] վանից: Ես` ֆրա Ազարիա վարդապետ, որ ի վերո[յ]: Io fra Paulo Batta Avanisense, lector primo. Io fra Tomaso Tatumense, maestro e provinciale»:

[8]               Acta, vol. 47, ff. 67-69, n. 17.

[9]           Ապարաների հաւատացեալներու 13 մարտ, 1677 թուակիր նամակը տե'ս SOCG, vol. 480, ff. 102-103, որու երկրորդ օրինակ մը տե'ս SC Armeni, vol. 3, f. 162: Ջահուկի հաւատացեալներու 26 մարտ, 1677 թուակիր նամակը տե'ս SOCG, vol. 480, ff. 100+106:

[10]            SC Armeni, vol. 2, f. 641.

[11]            SC Armeni, vol. 2, f. 648.

[12]            ԱԼԻՇԱՆ հ. Ղ., Սիսական, էջ 400, ծնթ. 2

[13]        Ֆրա Թոմաս Թադումեան 1677-ին Նախիջեւանէն Հռոմ գալուն հետը կը բերէ միաբանակից Հայր Պետրոսը, որ մինչեւ 1692 կը մնայ Իտալիա: Մեծաւորներու կարգադրութեամբ կը տեղաւորուի Լուքքայի դոմինիկեանց San Romano վանքը, որպէսզի կատարելագործէ ուսումները եւ դառնայ Նախիջեւան: Հայր Պետրոս կը հիւանդանայ ու յատկապէս` իր գանգատող նկարագրին համար չի սիրուիր ո'չ վանահայրէն եւ ո'չ վանականներէն: Տարիներու ընթացքին գրած է բազմաթիւ նամակներ ՀՍ-ի Ժողովին, որմէ կը ստանար թոշակ անձնական ծախսերուն համար: Մենք տեսանք իր նամակներէն ինը հատը` բոլորն ալ գրուած գանգատի շեշտով վանքին մեծաւորին դէմ: Նամակներուն թուականներն են` 23, 29 ապրիլ, 1681. 18 յուլիս, 1684. 9 մարտ, 1685. 6 յուլիս, 17 օգոստոս, 13 հոկտեմբեր, 1687. 12 մարտ, 17 յուլիս, 1689 (հմմտ. SC Armeni, vol. 3, ff. 295, 392, 401, 411, 509, 515, 522; vol. 4, ff. 29, 45):

              ՀՍ-ի Ժողովին նիստերուն զանազան անգամներ խօսուած է իր մասին, սակայն 3 փետրուար, 1688-ի նիստին հանգամանօրէն քննուած է իր հարցը (Acta, vol. 58, ff. 53-56, n. 20), եւ այս առիթով ՀՍ-ի կողմէ հաւաքուած են իր մասին բազմաթիւ վկայութիւններ (SOCG, vol. 500, ff. 217-230):

              Լուքքայի վանքէն մեկնելուն, վանահայրն ու վանականները 12 մարտ, 1690-ին հետեւեալը գրած են (հաւանաբար Հռոմ) իրենց ընդհանրական մեծաւորին. «Հայր Պետրոս հայը մեկնեցաւ Թիվոլի` յետ ստանալու զանազան յանձնարարական նամակներ: Նկարագիրը անտանելի, սակայն համբերեցինք իր թերութիւններուն. մեկնելուն, սենեակին բանալին միասին տարաւ` ի նախատինս մեծաւորին: 14 տարի համբերեցինք իր հիւանդութեան եւ ծախսերուն. շարունակ կը ճամբորդէր Փիզա, Լիվոռնոյ, Հռոմ ու կը պարծենար, որ ՀՍ-ի Ժողովի հովանին ունի, որմէ դրամ ալ կ’առնէր, բացի մեր իրեն համար ըրած ծախսերէն: Կը խնդրենք, որ այլեւս հրաման չտրուի դառնալու մեր վանքը մեր վանական խաղաղութիւնը չվրդովելու համար, մանաւանդ որ մեր քով դրուած էր ուսումի համար, ստացաւ կարելին ու աւելիին անկարող է» (SC Armeni, vol. 4, f. 65):

              21 ապրիլ, 1692-ին աղերսագիր ներկայացուցած է դառնալու Նախիջեւան` խնդրելով ճանապարհի ծախսը (SOCG, vol. 512, f. 41; Acta, vol. 62, f. 83, n. 16): Շատ հաւանաբար, նորընտիր Պօղոս արքեպիսկոպոս Յովհաննէսեանի հետ դարձած է Նախիջեւան:

[14]        Այս լուրը Լիվոռնոյէն հաղորդողն է ֆրա Սեբաստիանոս Քնապ 20 սեպտեմբեր, 1677-ին ՀՍ-ի քարտուղար Չէրրիի (SC Armeni, vol. 2, f. 684): ՀՍ-ի Ժողովը, չգիտնալով, թէ ֆրա Թոմաս Թադումեան ինչ ճամբով ուղղուած է Հռոմ, 18 սեպտեմբեր, 1677-ին հրահանգ կու տայ Վենետիկի առաքելական նուիրակին, որ եթէ հոն հանդիպի ֆրա Թոմաս, չթողու յառաջանալ Հռոմ: Նուիրակը 25 սեպտեմբեր, 1677 թուակիրով կը խոստանայ գործադրել հրամանը` միաժամանակ իմացնելով, թէ ցարդ ֆրա Թոմաս չէ հասած Վենետիկ (SC Armeni, vol. 2, f. 690):

[15]        SC Armeni, vol. 2, ff. 698-699.

[16]        SC Armeni, vol. 2, ff. 700-703.

[17]        Ֆրա Թոմաս Թադումեան 13 նոյեմբեր, 1677-ին դարձեալ կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ Պոլսոյ մէջ չկարենալով ընդունիլ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն` չէ մտածած դիմել Հռոմի` խնդրելու հրաման, որ ձեռնադրուի միայն մէկ եպիսկոպոսով. այս առիթով դարձեալ հրաման կը խնդրէ երթալու Հռոմ եւ կամ դրամական օգնութիւն (SC Armeni, vol. 2, f. 708):

[18]        SC Armeni, vol. 2, f. 677.

[19]        SC Armeni, vol. 5, f. 475.

[20]        SC Armeni, vol. 2, ff. 608-610.

[21]        Հոս յիշատակուած Հայր Նազարիոյ, հաւանաբար, ըլլայ ֆրա Բարթողիմէոս Նազարիոյ, որ ունի աղերսագիր մը` գրուած 1676 տարւոյն, ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովին. «Ֆրա Բարթողիմէոս Նազարիոյ հայ, սուրբ Դոմինիկոսի կարգէն, ղրկուած է իր ժողովուրդէն [Նախիջեւան], ինչպէս ուրիշ երկու անգամներ` խօսելու Սուրբ Աթոռին կարեւոր հարցերու մասին: Պօղոս Գ պապի յատուկ կոնդակով նման պարագաներու պէտք է իջեւանինք Հռոմի Մինէրվա վանքը. կը խնդրեմ, որ հսկէք, եւ ուրիշ տեղ չփոխադրուիմ» (SC Armeni, vol. 2, f. 459): ՀՍ-ի 5 յուլիս, 1677-ի նիստին կը զեկուցուի նոյն անձին երկրորդ աղերսագիրը: Ժողովի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «ֆրա Բարթողոմէոս Նազարիոյ հայ դոմինիկեանը կը գրէ, թէ ֆրա Պետրոս Նազարիոյ, որ Հայաստանէն եկած է ընտրեալ արքեպիսկոպոսին հետ (իմա' ֆրա Թոմաս Թադումեան), Փիզայի արքեպիսկոպոսէն կը մերժուի սարկաւագութեան ձեռնադրութիւնը»: Ժողովականները կ’որոշեն. «Կը տրուի հրաման եւ նաեւ բնակութիւն» (Acta, vol. 47, f. 149, n. 32):

[22]        Acta, vol. 47, ff. 272-274, n. 17.

[23]        SC Armeni, vol. 2, f. 612.

[24]        Նոյն տեղը.

[25]        SOCG, vol. 469, f. 68.

[26]        Քնապ 29 նոյեմբեր, 1677-ին կը գրէ ՀՍ-ի, թէ ստացած է 20 նոյեմբեր թուակիրը եւ յանձնած ֆրա Թոմաս Թադումեանի, որ իսկոյն ճամբայ կ’ելլէ դէպի Հռոմ (SC Armeni, vol. 2, f. 722):

[27]        Ասիկա քաղած ենք 20 ապրիլ, 1678 թուակիր մենագրութենէ մը, ուր ամփոփուած է ցարդ մեր գրածները (SC Armeni, vol. 3, f. 33):

[28]        Տեսած ենք նամակին սեւագիր օրինակը (SC Armeni, vol. 3, f. 5):

[29]        SOCG, vol. 468, f. 34.

[30]        Acta, vol. 48, f. 54, n. 11.

[31]        SC Armeni, vol. 3, f. 26.

[32]        SC Armeni, vol. 3, f. 33.

[33]        SC Armeni, vol. 3, f. 35.

[34]        SOCG, vol. 468, ff. 128-129.

[35]        Acta, vol. 48, ff. 71-72, n. 18. Այս որոշումը 13 յունիս, 1678-ին կը ներկայացուի պապին, որ կու տայ իր հաւանութիւնը (Udienze, vol. 1, f. 248):

[36]        SC Armeni, vol. 2, f. 719.

[37]        SC Armeni, vol. 3, f. 36.

[38]        SC Armeni, vol. 3, ff. 103-104.

[39]        SC Armeni, vol. 3, f. 107.

[40]        SC Armeni, vol. 3, f. 108.

[41]        SOCG, vol. 473, f. 17.

[42]        Acta, vol. 49, f. 73, n. 7.

[43]        SC Armeni, vol. 3, f. 14.

[44]        SOCG, vol. 472, ff. 203-206.

[45]        Acta, vol. 50, ff. 65-66, n. 22.

[46]        SOCG, vol. 489, f. 86.

[47]        Acta, vol. 50, f. 307, n. 6.

[48]        SOCG, vol. 474, f. 44.

[49]        Acta, vol. 49, f. 139, n. 19.

[50]        SC Armeni, vol. 4, ff. 78-79.

[51]        SC Armeni, vol. 3, f. 160. Նոյն հատորին մէջ, առանձին թուղթի մը վրայ (f. 159), վերոգրեալ վանահայրերը կը բողոքեն «Raphael վարդապետի» մը մասին, որ կաթողիկէ հաւատացեալներու դրամները առած` փախած է Եւրոպա, ու քրիստոնեաները չկարենալով վճարել թուրքերու` ստիպուած կ՚ուրանան իրենց հաւատքը. կը խնդրեն Սուրբ Աթոռին միջամտութիւնը:

[52]        SC Armeni, vol. 3, ff. 284+245, 252.

[53]        SC Armeni, vol. 3, f. 249.

[54]        SOCG, vol. 443, f. 419.

[55]        SOCG, vol. 480, f. 97.

[56]        SOCG, vol. 443, f. 426.

[57]        SOCG, vol. 443, ff. 431-432.

[58]        SOCG, vol. 443, f. 415.

[59]        SC Armeni, vol. 3, f. 227. Անկարելի չէ, որ ՀՍ-ի 26 նոյեմբեր, 1680-ի արձանագրութիւններուն մէջ եղած ակնարկը ըլլայ այս նամակներուն, որոնք կը նկատուին կեղծ վաւերաթուղթեր, ի նպաստ Թոմաս Թադումեանի (Acta, vol. 50, ff. 275-276):

[60]        SOCG, vol. 474, f. 456.

[61]        Acta, vol. 49, f. 186, n. 33.

[62]        SOCG, vol. 447, f. 30; Acta, vol. 50, f. 5, n. 13.