Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԵԲԱՍՏԻԱՆՈՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՔՆԱՊ

Սեբաստիանոս Քնապ` դոմինիկեան վանական Վիեննա քաղաքին մէջ, կը մտնէ հայ իրականութեան մէջ Պօղոս Պիրոմալլի արքեպիսկոպոսի միջոցով, որ 1656 Յուլիս ամսուն, Հռոմէն Նախիջեւան ճամբուն վրայ կ’առնէ հետը, իբր վարժապետ Ճահուկի վարժարանի, փոխան Fra Silvestro Bendici-ի, որ թողած Նախիջեւանը կը դառնար Իտալիա: Նախիջեւանի մէջ անցուցած կեանքին մասին չունինք բացայայտ վկայութիւններ, սակայն առհասարակ պէտք է բարի տպաւորութիւն թողած ըլլայ վանականներուն վրայ, հակառակ օտարազգի մը ըլլալուն: Ու երբ կը վախճանի Նախիջեւանի Մատթէոս արքեպիսկոպոս Յովհաննէսեան (14 Յուլիս, 1674), նոյն տարին իսկ ՀՍ-ի Ժողովը կը մտածէ զինքն անուանել արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի եւ տեղեկութիւններ կ’ուզէ իր մասին դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորէն: Այս բոլորը տեսանք նախորդ էջերուն մէջ:

1657-1665 տարիներուն Քնապը կը գտնենք Ապարաներ, երբ Պիրոմալլի հրաժարելով արքեպիսկոպոսական աթոռը կը մնայ թափուր: Նախիջեւանի վանականները 14 Ապրիլ, 1665-ին նամակով մը կը դիմեն Հռոմ իրենց ընդհանրական մեծաւորին, ներկայացնելով իբր յաջորդ Մատթէոս Յովհաննէսեանը: Նամակը գրուած է մաքուր լատիներէնով, շարադրուած հաւանաբար Քնապէն, որ ստորագրողներու մէջ կը գրաւէ երկրորդ անունը` յետ վանահայր Ապարաների «Fra Sebastianus Knab Ord. is Pred. mgr. ac prior conv. Abaranersis» [1]: 1669-ին զինք կը գտնենք Լիվոռնոյ հայազգի դոմինիկեան ֆրա Թոմաս Իսրայէլեանի հետ: Ֆիրենցէի առաքելական նուիրակը գովասանքով կը խօսի Քնապի մասին` երբ կը գրէ 21 Մայիս, 1669-ին. «Pisa գտնուող դոմինիկեանը (իմա' ֆրա Թոմաս Իսրայէլեան) գրաբար չգիտնալով, նուազ օգտակար կ’ըլլայ Լիվոռնոյի հայոց, սակայն գերմանացի դոմինիկեան մը (իմա' Քնապ), որ հոս է եւ երկար տարիներ Հայաստան գտնուած է, վարժ հայոց լեզուին, հակառակը կը վկայէ, ըսելով թէ գրաբարը շատ հեռու չէ աշխարհաբարէն եւ թէ միջակ ծանօթութիւն մը աշխարհաբարին բաւական է սորվեցնելու, քարոզելու եւ խոստովանանք լսելու համար» [2]: 1669-էն մինչեւ Նախիջեւանի արքեպիսկոպոս ընտրուիլը Քնապ եղած է միսիոնար Լիվոռնոյի հայոց:

17 Յունուար, 1678-ին ՀՍ-ի նախագահը հրահանգ ղրկած էր Բաբելոնի եպիսկոպոս Պիքէի անցնիլ Նախիջեւան եւ տեղեկութիւններ հաղորդել Սուրբ Ժողովին անոնց վիճակին մասին, որովհետեւ  անյարմար նկատուած էր Նախիջեւանի ներկայացուցած թեկնածուն` ֆրա Թոմաս Թադումեանը, իբր վիճակաւոր այդ թեմին [3]: Շուրջ չորս տարի յետոյ է, որ ծերունի Պիքէ եպիսկոպոսը կը գործադրէ ստացած հրահանգը եւ 8 Հոկտեմբեր, 1681-ին կ’իմացնէ Ապարաներ հասած ըլլալը, ուր կը նկարագրէ տեղւոյն խեղճութիւնները, կրօնաւորներու դաշտերու մէջ տաժանակիր աշխատանքը տուրքերը հատուցանելու համար եւ, իբր դարման կ’առաջարկէ Հռոմէ Նախիջեւան ղրկել չորս կրօնաւորներ, որպէսզի օգնեն իրեն սորվեցնելու եւ վերականգնելու համար կրօնաւորական կեանքը [4]: Երկու ամիս յետոյ Պիքէ կը հասցնէ երկրորդ նամակ մը, 10 Դեկտեմբեր, 1681 թուակիր, թէ կղերն ու ժողովուրդը հնազանդ են իրեն ամէն տեսակէտով, փափաքելով որ ինք մնայուն կերպով ըլլայ իրենց Առաջնորդ արքեպիսկոպոսը, ինչ որ անհնարին էր, ուստի ընտրական ժողով մը գումարել տալով` միաբերան կ՚ընտրեն Sebastiano Քնապ իբր իրենց արքեպիսկոպոսը [5]:

Պիքէի այս վերջին նամակը կը զեկուցուի ՀՍ-ի 5 Մայիս, 1682-ի նիստին ու ժողովականները գոհ, որ վերջապէս լուծուած էր երկար տարիներու կնճիռը, կ՚որոշեն որ փութով հրահանգ տրուի եւ Քնապ Լիվոռնոյէն գալով ներկայանայ Սուրբ Աթոռին [6]: Մինչ այս Պիքէ կը գրէ նոր նամակ մը 1 Ապրիլ, 1682-ին Ապարաներէն, թէ` Քնապ-ի ընտրութիւնը կատարուած է եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու միաձայնութեամբ եւ որով Քնապ պէտք է փութայ երթալ իր թեմը վեց ընկերակիցներով վերանորոգելու համար կրօնաւորական կեանքը, որ առաջնորդի մը բացակայութեան հետեւանքով` հասած է խեղճութեան [7]: ՀՍ-ի 5 Մայիս, 1682-ի նիստի որոշումէն առաջ, հաւանաբար, դոմինիկեան ընդհանրական մեծաւորը պէտք է այս նիւթին մասին գրած ըլլայ Քնապի, որ 13 Ապրիլ, 1682-ին կը պատասխանէ. «կը փափաքէիք, որ ընդունիմ Նախիջեւանի եպիսկոպոսութիւնը: Առ այժմ ապաքինումի մէջ եմ եւ ես, իբր կրօնաւոր, չունիմ անձնական կամք, բայց եթէ մեծաւորիս կամքը, իսկ նման առաջարկի պատասխանելէ առաջ պիտի փափաքէի խորհրդածել եւ ապա պատասխանել» [8]:

ՀՍ-ի 15 Յունիս, 1682-ի նիստին կ՚որոշուի Քնապի արքեպիսկոպոսութեան անուանումը ներկայացնել պապին [9]:

19 Յունիս, 1682-ին ՀՍ-ի Ժողովը Իննովկենտիոս ԺԱ պապին  կը ներկայացնէ կացութիւնը, ստանալով պապին հաւանութիւնը Քնապի արքեպիսկոպոսութեան համար [10]: Քնապ կը պատրաստուի մեկնելու Նախիջեւան ու խնդրանք կ՚ընէ ստանալու Հռոմ տպագրուած հայերէն գիրքեր միասին տանելու համար [11]. խնդրանքը կը զեկուցուի 15 Յունիս, 1682-ի նիստին եւ կարդինալ Casanate-ի կը յանձնուի կատարել անոր փափաքածը [12]: Քնապի փափաքած գիրքերու ցանկը հետեւեալն է.

Galano: Historiale e controversie      N 20

Imitazione di X. o                                               50

Manuductio                                            50

Flos                                                          50

Commentario Em. i d. card. Lauria

de Fide                                                    4

Liturgia Armena                                                6

Grammatica triplex armena               20

Professio fidei                                       20

Dottrine christiane                               50

Precipua obiectionis p. Justiniani

in Armeno                                              30

Eiysdem latina                                      20

Thriumphus crucis                                20

Gramm. Galani                                     5

Dictionario italiano-turchesco                        3

12 Օգոստոս, 1682-ի նիստին կը զեկուցուի Քնապի խնդրանքներու երկրորդ մասը, այն է` ունենալ եպիսկոպոսական զգեստ մը, ուղեկից քահանայի եւ սպասաւորի համար տարուան մը կանխիկ թոշակ, շարժական խորան, խորհրդատետր, նշխարք շինելու գործիք, սուրբ Միւռոն եւ այլ դիւրութիւններ իր թեմին համար [13]:

12 Հոկտեմբեր, 1682-ին ՀՍ-ի նախագահը պապէն կը խնդրէ եւ կը ստանայ «Քնապ Նախիջեւանի ընտրեալ արքեպիսկոպոսին» համար իշխանութիւն իր թեմին մէջ հռչակելու յոբելեան տարի, ինչպէս նաեւ արտօնութիւն կարենալ ձեռնադրելու քահանաներ կանոնական տարիքը չբոլորած [14]:

17 Յունուար, 1683-ին Քնապ հասած է Վիեննա, ուրկէ կը գրէ խնդրելով 100 սկուդ ճանապարհի ծախսի համար [15]: Քնապի եպիսկոպոսութեան համար տրուած պապական կոնդակը կը կրէ 28 Սեպտեմբեր, 1682 թուականը, մինչ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ստացած է Վիեննա 19 Մարտ, 1683-ին` լատիններու սուրբ Յովսէփի տօնին: Նոյն օրն իսկ գրած է լատիներէն լեզուով նամակ մը` ուղղուած պապին, մանրամասն տալով ձեռնադրութեան արարողութեան նկարագրութիւնն ու առանձին թուղթի վրայ կնիքներով վաւերացուած ձեռնադրութեան վկայականը, որ նոյնպէս կը կրէ 19 Մարտ, 1683 թուականը [16]: 21 Մարտ, 1683-ին շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀՍ-ի քարտուղարին իրեն ղրկուած 100 սկուդին եւ եպիսկոպոսական պալիումին համար ու կը խոստանայ փութով մեկնիլ իր Աթոռը` հազիւ ստանայ պապին եւ կայսրին յանձնարարական նամակները ուղղուած Շահին [17]:

Ալիշան հետեւեալը կը գրէ Քնապի ուղեւորութեան համար. «Յետ երկուց ամաց գրէ ի [25 Ապրիլ, 1686] Սպահանէ ի Հռոմ, ծանուցանելով, զի ի 20 Մարտի նախընթաց  ամին [1685] մատոյց առ Շահն զթուղթս պապին, զկայսեր, զթագաւորին Լեհաց եւ զայլոց եւ ինքն արգելեալ կայր անդ ամիսս 18, օր յօրէ յերկարաձգելով Շահին զգործն, այլ չգոյր ակնկալութիւն նիզակակցութեան նորա, եւ այլն: Չասէ ինչ զիւրոյ գաւառէն ի թղթի աստ, իսկ ի թղթին գրելոյ յԱպարաներոյ ի 24 Օգոստոսի այնր տարւոյ առ գործակալ իւրեանց ի Վենետիկ (Հայր Նեկրի), ծանուցանէ, զի ոչ մատոյց առ Շահն զթուղթ դքսին Վենետկոյ, քանզի փոխանակ Շահ Սիւլէյման անուան նորա, գրեալ էր ի վերայն անուն հօր նորին` Շահ Աբաս [Բ]» [18]:

1683 Մարտ ամսուն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ստանալէ յետոյ յաջորդ ամիսներուն Քնապ պէտք է մեկնած ըլլայ իր թեմը: Ունինք իրմէ առաջին նամակ մը, գրուած Ապարաներէ, որ զեկուցուած է ՀՍ-ի 26 Մարտ, 1686-ի ժողովական նիստին, որու արձանագրութիւններէն գիտենք նամակին պարունակութիւնը [19], իսկ բնագիրը չէ պահուած համապատասխան հատորին մէջ, ուր կայ սա ծանօթագրութիւնը. «Բնագիր օրինակը գերապայծառ քարտուղարին քով մնացած է» [20]: Յիշեալ արձանագրութեան համաձայն Քնապ Վիեննայէն կ՚անցնի Վարշաւիա, ուր կը սպասէ որ իրեն հասնին պապին եւ կայսրին նամակները ուղղուած Շահին: 17 Յունիս, 1684-ին կը մտնէ Շամախիայ, ուր խորհուրդ տուած են իրեն չերթալ իր թեմը, քանի որ վէճի մէջ էին Թավրիզի վէզիրն ու Նախիջեւանի իշխանը, կարգ մը գիւղերու համար, որոնք գրաւած էր վէզիրը, մինչ դոմինիկեան կրօնաւորներ կ՚ուզէին, որ պատկանէին իշխանին: Քնապ կը մտածէ երթալ ուղղակի Շահին, ստանալու համար հրաման` վերաշինելու Ապարաների եկեղեցին, որու համար գերապայծառ Պիքէ ստացած էր գումար մը Ֆրանսիայի թագաւորէն: Քնապի երկու ուղեկիցներէն լեհը կը պատճառէ գայթակղութիւն, իսկ գերմանացին կ՚ուզէ ետ դառնալ:

Քնապ իր հօտին եւ իր թեմին իրապաշտ պատկերը կու տայ 24 Օգոստոս 1684 թուակիր նամակով, գրուած Ապարաներէն, ուր կը տիրէ աղքատութիւն եւ թշուառութիւն, թէ' վանքերուն եւ թէ' ժողովուրդին մէջ, եւ որով կը ստիպուի ճամբայ հանել նոր անուանուած գաւառահայր Պօղոս-Մկրտիչ Ավանէսեան` հանգուցեալ Մատթէոս արքեպիսկոպոս Յովհաննէսեանի եղբօրորդին եւ ապագայ արքեպիսկոպոսը Նախիջեւանի եւ Հայր Յակոբ Սալթաղցի, քրիստոնեայ աշխարհէն հանգանակելու համար իրենց համար: Քնապ կը նկարագրէ, թէ դեռ ոտքի են իրենց տասը եկեղեցիները, բացի Ապարաներէն, որ երկրաշարժէն կործանած է: Վանականներու ընդհանուր թիւը` քառասուներեք, կը գտնէ գոհացուցիչ, սակայն կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը զգալի կերպով նուազած, որոնք ամբողջ գաւառին մէջ մնացած են միայն 4. 000, մինչդեռ թուրքերու թիւը աճած: Ապարաներ, որ տարիներ առաջ ունէր միայն 30 թուրք ընտանիք, [այժմ] հասած էին ութսունի, քանի շատեր կ’ուրանային, ոմանք` տուրքերէ ազատելու, ուրիշներ` աղքատութեան հետեւանքով: Ապարաների վարժարանը, որ նախապէս կ՚ապրէր Վենետիկի դրամագլխի 7 առ հարիւր շահով, շահը 3  առ հարիւր վերածուելով կը դառնայ անբաւարար, մանաւանդ որ չորութիւնը, կարկուտը, տուրքերու ծանրութիւնը անհնարին կը դարձնէին աշակերտներու կանոնաւոր կերպով ուսումի նուիրուիլը: Գանձակն ու Կէծուկ զուրկ են քահանայէ, միայն զատկին կամ տօն օրերու կարելի կ՚ըլլայ պատարագիչ մը ղրկել, ջուրն ալ տուրքի տակ է, իսկ այգիները չեն տար պէտք եղած արդիւնքը, որովհետեւ թագաւորին զինուորները կամայական կերպով կը յափշտակեն քաղաքներն ու գիւղերը:

Քնապ նոյն այս նամակին մէջ կը ծանրանայ յատկապէս Ապարաների վրայ, ուր թուրքերու թիւը բազմանալով, տուրքերը կը ծանրանան քրիստոնեաներուն վրայ, որոնք չդիմանալով կացութեան ոչ միայն կ՚ուրանան` տիրանալու համար քրիստոնեայ ազգականներու ինչքերուն, այլ կը ստիպուին պարտքի դրամ առնել եւ կամ թողուլ քաղաքը ու հեռանալ: Քնապ, հանգուցեալ գերապայծառ Պիքէի նամակէն իմացած ըլլալով թէ Ֆրանսիայի թագաւորը լաւ տրամադրուած է Ապարաների եկեղեցւոյ հանդէպ, նոյն թագաւորին կը ղրկէ Հայր Պօղոս-Մկրտիչը, որպէսզի յանձնարարական մը բերէ թագաւորէն` Շահին: Քնապ կը յուսայ, որ պապն ալ նոյն ցոյցը ընէ ՀՍ-ի միջնորդութեամբ [21]: Քնապ այս նամակով կ՚իջնէ ուրիշ մանրամասնութեան մը. «Սուրբ Աթոռիդ պիտի ներկայանայ Ապարաների կաթողիկէ ընտանիքներէն մէկը, Պետրոս Բազում անունով, որ դժբախտաբար ուրացաւ. այժմ կը զղջայ, ու չկարենալով կրկին քրիստոնեայ դառնալ` կը թողու տուն, ընտանիք ու ստացուածք` կը կատարէ այս ճամբորդութիւնը: Կը խնդրեմ սիրով ընդունիք զինքը: Ինք կը յուսայ անցնիլ Ֆրանսա եւ խնդրել թագաւորէն, որ պատգամաւոր մը ղրկէ Շահին եւ ինք ընկերանայ պատգամաւորին, անոր միջոցով Շահէն ստանալու հրաման, որ թէ ինք եւ թէ ուրիշ ուրացողներ կարենան կրկին քրիստոնեայ դառնալ, ինչպէս որ առաջ էր օրէնքը: Հակառակ պարագային Ֆրանսայի թագաւորէն պիտի խնդրէ գործ մը, քանի որ այլեւս չի կրնար այս կողմերը դառնալ: Դուք իրեն մեծ օգնութիւն ըրած պիտի ըլլաք եթէ հաճիք իրեն համար գրել յանձնարարական մը Ֆրանսայի դեսպանին, որպէսզի Պետրոս դիւրաւ հասնի իր նպատակին»:

Նախիջեւանի թեմին եւ ժողովուրդին կարիքներուն համար Քնապ ճամբորդելով Սպահան ծանօթացած է նոյն ժամանակի անուանի Սահրատեան հայազգի գերդաստանին, որոնք դիմելով ՀՍ-ի Ժողովին, կը խնդրեն հրաման, որ լատին քարոզիչներ, որոնք սորված են հայերէն լեզուն, Սպահանէն անցած ժամանակ կարենան պատարագել հայերէն. «որպէս պատուականայգունեղ տէր Սէպաստիանուս Քանայփ արքէպիսկոպոսն Նախճվանեցի աստ երբեմն առնէ, որ հանդերձ մխիթարութեամբն, որ եղանք, ի լսել եւ ի հասկանալ զխորհուրդս լեզուաւ մերով, եղիցի եւս ազդօղ յանդիմանութիւնն հակառակորդացն, որ է կարծեն եւ ասեն, թէ ֆռանկք յօժար են դարցուցանել եւ ֆռանկ առնել զայլ ազգս վասն սիրոյ ազգին իւրոյ» [22]:

Օտարազգի այս արքեպիսկոպոսին կեանքը Նախիջեւանի մէջ պէտք է բաւական դժուարութիւններու հանդիպած ըլլայ. քանի մը փաստաթուղթեր որ հասած են մեզի` կը հաստատեն մեր ըսածը: Անոնցմէ առաջինը, հռոմաբնակ տէր Բարսեղ Բարսեղեանի 25 Սեպտեմբեր, 1686 թուակիր մենագրութիւնն է, շարադրուած առ ի գիտութիւն  ՀՍ-ի Ժողովին: Գրութեան սկիզբը կու տայ ընդհանուր ծանօթութիւն մը, թէ Նախիջեւանի թեմը անցեալին թէեւ գրած է, սակայն պապին եւ քրիստոնեայ թագաւորներու յանձնարարականներով Շահը զիջող գտնուած է անոնց հանդէպ: Այս պատճառով «հերձուածող հերետիկոս հայեր, մղուած սատանայէ, կը մտածեն զանազան հնարքներու մասին» կաթողիկէ հայերը նեղելու համար: Ապա կ՚անցնի պատմելու, թէ Նախիջեւանի խանը, հայ «հերձուածող եւ հերետիկոս» բարեկամի մը միջոցով, կը չարչարէ կաթողիկէ հայերը: Հայուն անունն է Սաֆրազ, որդի խոճա տէ Ռամիսի: Սաֆրազ, խարդախելով շատ մը ստորագրութիւններ ու ձեւանալով կաթողիկէ, կը դիմէ Ֆրանսայի թագաւորին, խնդրելով, որ յանձնարարական նամակ մը գրէ Պարսից Շահին եւ իր խնամքին յանձնէ Նախիջեւանի կաթողիկէ ժողովուրդը: Տէր Բարսեղ, որ նման պարագաներու գիտէ կերպերը ազդու դարձնել իր գրութիւնը, անդրադարձնել կու տայ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ Սաֆրազի նպատակն է ընկճել կաթողիկէները, մանաւանդ ան «հերետիկոս» է եւ դժուարութիւն չունի տալու կաթողիկէ հաւատոյ դաւանութիւն, թէ Սաֆրազ դիմած է Ռափայէլ Ռուբլիի մը, որ նոյնպէս կաթողիկէ կը ձեւանայ:

Տէր Բարսեղ հետեւեալ կերպով կ՚եզրակացնէ «բայց Եղիազար սուտ կաթողիկոսը, որ հակառակ է Սպահանի, Նախիջեւանի, Թիֆլիսի, Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի կաթողիկէներուն, թուրքերու եւ անհաւատներու ձեռքով չյաջողածը` սատանային միջամտութեամբ կը մտածէ յաջողիլ: Մտածեցին գրել Ֆրանսայի թագաւորին, որ պարսիկներու թագաւորին յանձնարարէ Սաֆրազը, որպէսզի վերջը ինքն իր նպատակներուն հասնի: Անկարելի չէ, որ Եղիազար կաթողիկոսը եւս գրած ըլլայ Ֆրանսայի թագաւորին Սաֆրազի համար, որովհետեւ Սաֆրազ նամակ ունի Եղիազարէն` Ռափայէլ Ռուբլիի, որպէսզի բարեխօսէ թագաւորին մօտ: Հսկելու է, որ Սաֆրազ չհասնի իր նպատակին, մանաւանդ թէ` ստուգուին սխալ կնիքները եւ պատժուի: Եթէ Սաֆրազ կաթողիկէ ըլլար` Քնապ գրած կ՚ըլլար Հռոմ» [23]:

Ֆրանսայի թագաւորի կողմէն ի նպաստ Սաֆրազի գրուած նամակի հետքեր չենք գտներ, ընդհակառակը, ՀՍ-ի Ժողովի միջնորդութեամբ 17 Յունուար, 1687-ին գրած է ի նպաստ Նախիջեւանի կաթողիկէներուն, որպէսզի խաղաղ կեանք մը ապրին Շահին հովանիի ներքեւ (Փարիզի կարդինալը 3 Փետրուար, 1687 թուակիր նամակով ՀՍ-ի Ժողովին ղրկած է Ֆրանսայի թագաւորի` Շահին ուղղուած 3 Յունուար 1687 թուակիր նամակի օրինակը (SC Armeni, vol. 3, f. 493), աւելցնելով թէ` ջանացած են գրել նախորդ տարիներու յանձնարարական գիրերու օրինակին համաձայն, ինչ-որ ժամանակ խլած է իրենցմէ, փնտռելով օրինակները (f. 492): Քնապ 6 Յուլիս, 1688-ին Թավրիզէն կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ ստացած է Ֆրանսայի թագաւորին նամակը, սակայն չէ ներկայացուցած Շահին, սպասելով, որ Եւրոպայէն դառնայ գաւառահայր Պօղոս-Մկրտիչ, հետը բերելով ուրիշ յանձնարարական նամակներ ու յատկապէս դրամ, որպէսզի կարենայ գնել նուէրներ Շահին համար. «որովհետեւ պարապ ձեռքով չէ կարելի ներկայանալ Շահին» [24]: 1 Նոյեմբեր, 1688-ին Քնապ դեռ Թավրիզ է, սպասելով նամակի ու դրամի. «կրօնաւորներս տգէտ են եւ մտքով` անմշակ. երբ իրենց ազդարարեմ` կ՚ըսեն, թէ եպիսկոպոսը չի խառնուիր այս հարցերուն մէջ: Կը խնդրեմ ղրկէիք ինծի յատուկ տիտղոս մը, թէ ունիմ իշխանութիւն իրենց վրայ»: Այս տողերը կը յիշեցնեն Պիրոմալլիի եւ նոյն կրօնաւորներու միջեւ գոյութիւն ունեցող անհամաձայնութեան, որ արքեպիսկոպոսը կը մատնէ գործելու անզօրութեան: Այս դժուարութեան կից ահա երկրորդը. «Ապարաներցի Քուտի (Chudi) որդի Ամիրխան լուր տարածած է, թէ ես իրենց սուրբերէն մէկուն գերեզմանը բացած եւ նշխարները Եւրոպա ղրկած ըլլամ, յետ թէ` քրիստոնեայ իշխաններ այս նպատակին համար զիս հոս ղրկած են: Դարձեալ կը խնդրեմ, որ պապը գրէ Շահին` ըսելով, թէ սուտ են այս լուրերը, որովհետեւ եթէ Շահը հաւատայ սուտերուն, կը սկսի տարակուսիլ քրիստոնեայ իշխաններու գրածներուն վրայ» [25]: Քնապի այս նամակը զեկուցուած է ՀՍ-ի 9 Օգոստոս, 1689-ի նիստին եւ որոշուած է, որ ՀՍ-ի նախագահն  ու քարտուղարը այս նիւթին մասին խօսին պապին հետ:

Քնապ կը վախճանի 8 Սեպտեմբեր, 1690-ին ու ժողովուրդը դարձեալ կը մնայ անտէր, իրենց հարցերով ծանրաբեռնուած: Անոր մահէն անմիջապէս յետոյ Նախիջեւանի քսաներկու աշխարհականներ կը դիմեն ՀՍ-ի Ժողովին, ոչ թէ ի խնդիր յաջորդ արքեպիսկոպոսին, այլ աշխարհական դեսպանի մը, որպէսզի երթայ Նախիջեւան եւ օգնէ իրենց, քանի «եկեղեցականքն ոչ կարեն տաջկի ընդ[դ]իմանալ»: Այս փաստաթուղթը, որ չունի թուական, սակայն ՀՍ-ի քարտուղարութեան կողմէ կը կրէ 21 Մարտ, 1691 թուականը, նշան է, թէ նամակը գրուած է այդ թուականէն առնուազն երեք ամիս առաջ: Իր շահեկանութեան համար հոս կը հրատարակենք նամակը, փակելու համար արդիւնաշատ եւ տառապած Սեբաստանիոս արքեպիսկոպոս Քնապի կենսագրութեան մասին մեր հակիրճ տեսութիւնը.

 

Հովիւ եւ կառաւարօղ ընդհանուր ամենայն քրիստոնէից սրբազան պապին. կարդինալք սրբազան Սուրբ Ժողովին:

Յայտ լիցի տէրութեանցդ, որ Սեփեստիեանոս եպիսկոպոսն եկաւ տեղս, մեր գեղորայսն, այսինքն` Ապարաներ, Խօշկաշէն, Ապրակունիս, Շաբունիս, Ճահուկ, Ղարաղուշ. աւանդէց մի ոմն պարոնի, տեսաւ, որ մենք անկանք ի մէջ նեղութեան, կամեցաւ տալ այլ ոմն պարոնի, դիւանն ղաբուլ չարար, թէ քէ նամակումն այդպիսի դաստուր չկայ, հիմի սաստիկ նեղութեան եւ վիշտի միջումն եմք անհանդուրժելի, ոչ կարեմք տանել, ոմանք ուրանում են, ոմանք` փախստական են. մի ըստ միոչէ ոչ կարեմք ծանուցումն անել թղդով. այս փոքրիկ ժողովուրդս, որ կեամք աստ խնդրեմք սրբազան Սուրբ Ժողովքէն, որ մէկ աշխարհական ոմն էլչինամով ողարկի, որ զմեզ հովուվի: Եկեղեցականքն ոչ կարեն տաջկի ընդիմանալ, անջախ եկեղեցիքն կու կառաւարեն. աշխարհականք տէրութիւն ոչ կարեն անել: Աղի աղերսանօք խնդրեմք սրբազան Սուրբ Ժողովքէն, որպէս յառաջմէ մինչի այսօր խնամօղ էիք վասն սիրոյն Քրիստոսի, հիմի էլ անտես չանէք: Մեր միջումն 9 եկեղեցի կայ, թէ որ հաջոյ թվի տէրութեան ձերում Բ [2] պատրի կապուչին ողարկիք, մէկ եկեղեցումն նստի, մեր նեղութիւնս եւ վիշտս Սուրբ Ժողովքին միշտ ծանուցանի: Եթէ Սուրբ Ժողովքն այս ներքո փոքր ժողովրդեան սուփլիկէն ոչ ընդունի` մեր գեղրանքիս (!) մերձ պատրի կապուչինք կան, ինֆէրմացիօ անել սորանցնէն, զէրայ սոքայ մեր ամենայն որպիսութեան տեղեակ են: Խնդրեմք  սրբազան Սուրբ Ժողովքէն, որ Սեփաստիանոս եպիսկոպոսն վախջանեցաւ. էն նամէքն, որ տանել պիտէր Շահին` ոչ կարաց տանել, մնաց տեղս, էն աշխարհական էլչին, որ կուղարկէք պիտի որ յառաջ գայ գեղրանքս, ամենայն բան իմանայ, ապայ թէ գնայ Շահն: Մեր մեծ սիթամն ու կսկիծն այս է, որ մէկ ջահել բռնութեամբ կամ խափէօք  ուրացանում են, յետոյ ոխջ գեղին դաւիջի էն շինում Բ [2] լօթու [(լօթու)] շահիդութեանովն. ապա տէր չունեմք, որ Շահին իմացնի, թէ որ Շահն իմանայ` ղաբուլ չի անիլ, քնար երկրում եմք, զօռով օղուլ ուշաղէլին քաշում, թուրքացնում, դաւի անել տալիս, գեղրանքն քանդում, թէ որ էտ մէկ ցաւդ բառնվայ մեզնից` մեք դինջ կուլնիմք: Մեք ներքոյ գրեալ ժողովուրդս, որ արզ արարինք Սուրբ Ժողովքին:

 

Փերի որդի Մաթէոսն

Պետրոսի որդի Սօլթանշահ

Իսայվէրդի որդի Մինաս

Ումբերադի որդի Պողոս

Մերիջանի որդի Մուրատ

Աղաբէկի որդի Անդրէաս

Կարապետի որդի Էդկար

Էյվազ

Սարգսի որդի Պողոս

Երիջանի որդի Ովանէս

Եարազիզի որդի Պողոս

Պողոսի որդի Հայրապետ

Աստուածատրի որդի Նազար

Ովանէսի որդի Էյվազ

Ամիրի որդի Գրիգոր

Պալալի որդի Ըսպանշահ

Մուրատչի որդի Պունիաթ

Էյվազի որդի Մխիթար

Ասբանդարի որդի Ուսէփ

Պետրոսի որդի Խաչատուր

Դաւրիշի որդի Ետկան

Պապաջան Խօշնատար [i]:

 

 



[1]           SOCG, vol. 222, f. 245.

[2]           SC Armeni, vol. 1, f. 255.

[3]           SC Armeni, vol. 3, f. 5.

[4]           SOCG, vol. 484, f. 291-6.

[5]           SOCG, vol. 484, f. 122-3.

[6]           Acta, vol. 52, f. 120, n. 21.

[7]           SOCG, vol. 486, f. 21-22.

[8]           SC Armeni, vol. 3, f. 339.

[9]           Acta, vol. 52, f. 156-157, n. 23.

[10]        Udienze, v. 12, f. 141.

[11]        SOCG, vol. 484, f. 223.

[12]        Acta, vol. 52, f. 142, n. 7.

[13]        Acta, vol. 52, f. 196, n. 12.

[14]        Udienze, vol. 2, f. 154.

[15]        SOCG, vol. 486, f. 214. (16 փետրուար, 1683-ի նիստին Քնապի կը տրուի խնդրածը. Acta, vol. 53, f. 36, n. 14. )

[16]        SC Armeni, vol. 3, f. 354, 355.

[17]        SC Armeni, vol. 3, f. 356.

[18]        ԱԼԻՇԱՆ հ. Ղ.. Սիսական, էջ 400-401:

[19]        Acta, vol. 56, f. 73, n. 18.

[20]        SOCG, vol. 495 a, f. 399-400.

[21]        SC Armeni, vol. 3, f. 450+453.

[22]        SOCG, vol. 495, f. 322. Նկատելի է, որ նամակը չունի թուական, բայց որովհետեւ նոյն Սահրատեան եղբայրները 16 նոյեմբեր, 1684-ին ալ գրած են ՀՍ-ի Ժողովին (SOCG, vol. 495a, f. 247), որու կ’ակնարկեն անթուական նամակին սկիզբը «ի կիսամէ յետէ գրեցաք» բացատրութեամբ, ուստի կը ճշտենք թուականը, դնելով «մայիս 1685»:

[23]        SC Armeni, vol. 3, f. 454+459. Սաֆրազի մասին տես ՃԵՄՃԵՄԵԱՆ հ. Ս. Հայ տպագրութիւնը եւ Հռոմը, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1989, էջ 76, 68-169:

[24]        SOCG, vol. 504, f. 364.

[25]        SOCG, vol. 504, f. 195.



[i]             

SC Armeni, vol. 4, f. 119r. Լատին թարգմանութիւնը տես f. 118rv+121r; իսկ հայերէն օրինակին թուղթին վրայ (f. 120) լատիներէն կը վկայեն գրութեան հարազատութեան երկու քաբուչին ֆրանսացիք, այսինքն`

                        fra Georgius Gallus

                         fra Joannes Brassacensis.

                  N. B. Հայերէն ստորագրութիւնները բոլոր նոյն գիրով են: Չունի թուական, սակայն Հռոմի քարտուղարութենէն լատին թարգմանութեան վրայ կայ (f. 121v) 1691, մարտ 10:

                  Անկախ այս հրատարակուած փաստաթուղթէն, 1690-ին Հռոմ եկած է Յովհաննէս Ապարաներցի 16 տարեկան հայազգին, որ թէ' պապին եւ թէ' ՀՍ-ի Ժողովին աղերսագիր ներկայացուցած է (SOCG, vol. 507, f. 56, 57), որոնք զեկուցուած են ՀՍ-ի 9 մայիս, 1690-ի նիստին (Acta, vol. 60, f. 118, n. 19): Յովհաննէս կը ներկայացնէ իր պարագան, թէ ծնողքը ուրանալով քրիստոնէութիւնը, ինք վտանգի ենթարկուած, փախած է քաղաքէն, պահելու իր հաւատքը: Յովհաննէս կը փափաքէր, որ Սուրբ Աթոռը միջամտէ եւ վերանայ այս օրէնքը, որպէսզի ուրացողը տէր չդառնայ քրիստոնեայ ազգականին ինչքերուն, հակառակ պարագային ամէնքը կ'ուրանան, ինչպէս վերջերս պատահած է 4 ընտանիքի` պահելու համար իրենց ինչքերը եւ սա ժանտախտի նման կը տարածուի: Յովհաննէս կը խնդրէ յանձնարարական մը պապէն Շահին գրուած, որպէսզի վերստանայ իր ինչքերը: 11 մայիս, 1690-ին ՀՍ-ի քարտուղարը պապին կը ներկայացնէ այս հարցը, ու պապը հաւան կը գտնուի, որ ոչ միայն իր կողմէ գրուի Շահին, այլ յորդորել Լեհաստանի թագաւորին, որ ինք ալ նոյն իմաստով դիմէ Շահին (Udienze, vol. 2, f. 374): 12 յունիս, 1690-ի նիստին կը զեկուցուի Յովհաննէս Ապարաներցիի խնդրանքը, թէ Պարսկահայաստան դառնալու համար, պատերազմներու պատճառով, չկարենալով Թուրքիայէն անցնիլ, կ'ուզէ Լեհաստանի ճամբով շարունակել ճամբան. առ այս կը խնդրէ յանձնարարական նամակներ եւ ճանապարհի ծախս (Acta, vol 60, f. 136, n. 4):