Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՈՒՂԵՒՈՐ

Երբ տխրադէմ Հայաստանի վեհ ոգին,
Ցանգ վշտաբեր ծիւրեալ ցաւօք դժուարին.
Ձեռն ի ծնօտ տրտում տխուր սգալով,
Ողբայր հեծէր յուզեալ ամպոց կոծերով։

 

«Ո՞ւպ իմ, գոչէր, գարնան աւորք հեշտալի,
Ո՛ւր վեհ դաշտիս ոսկի բոյսեր գեղանի.
Քաղցրիկ գարուն անհետ եղաւ դարերով,
Ձմեռն անվերջ պատի խաւար ամպերով։

 

Մինչդեռ պանծայր փառք Եդեմիս վեհաշուք,
Սիրոյ բողբոջ անմահութեան հնչէր սուգ.
Մարգարտահեռ բոլորէին ջինջ ցօղեր,
Հայկեան որդւոց անխոնջ քրտանց կայլակներ։

 

Ո՜հ գժտութեան տեղեալ հեղեղն դառնաբար,
Սիրոյ բողբոջ թառամեցան հիգաբար.
Դաշտք եւ արօտք մերկ ի զարդուց չքաբեր,
Վեհ Հայրենին սուգ զգեցեալ անըմբեր։

 

Ահա թափուր լքեաք մնամ փառազիրկ,
Դառնահամբոյր օդոց եղեալ խաղալիկ.
Ձիւն եւ կարկուտ սեւ ամպերէն միշտ կը հոսին,
Սաստիկ շանթեր ահեղաբէկ յարձակին»,

 

Զայս Հայաստան՞ ցանգ կողկողէր լալագին,
Հաս, ուղեւոր ոստ մրտենեաց ի ձեռին.
«Ցնծա՛, գոչէ՛, ո՛վ իմ սիրուն Հայաստան,
Սեւ արտասուք թող քո աչաց հեռանան։

 

Ալ մի հեծէր տխուր զալեած կոծերով,
Քեզ աւետեաց փութամ յողջոյն ցնծալով.
Ահա երկին քեզ կը ծնի նոր օրեր,
Ի բաց մերժեն ձմերային սեւ ամպեր։

 

Թռչնոց երամք հրճու.. ելով քեզ դիմեն,
Խրախաձայն առ քեզ գարուն կաւետեն.
Զի շառաւիղք Հայկեան զարմից գեղանի,
Յեռեալ սիրով տան եդեմիդ հովանի։

 

Հայրենասէր խումբ պատանեաց աքաջազան,
Աջակցելով փութան ցաւոյդ ի դարման.
Անմահաբոյր ծաղկանց քաղեն սուրբ հիւթեր,
Քեզ պատրաստեն քաղցրիկ մեղրի փեթակներ։

 

Ընկերական սէր եւ զոգին գրկելով,
Քաղցեալ սրտիդ կենաց ճաշիկ կազմելով.
Թափուր դաշտերդ փայլին զարդով գեղունակ,
Հնջեն քաղցրիկ սոխակներուդ գեղգեղանք։

 

Նորաբողբոջ սիրոյ ծաղիկք ծածանին,
Դժխեմ գժտից փուշք, եւ տատասկ խաբանին.
Վատ թմրութեան քունը յաչաց կը մերժի,
Ալ հեռանան հոգ եւ վարանք տրտմալի։

 

Ալ թո՛ղ երկինք քեզ ակնարկէ քաղցր աչօք,
Շնորհելով քեզ նոր արեւ գեղաշուք.
Հնչեն զեփիւռք փայլին ցողեր քրտնահոս,
Եւ հայրենեաց սրտին ձօնել կեանք եւ յոյս։

 

Հայկեան դաշտեր պճնին շքով գեղափայլ,
Վեհ Հայաստան առցէ ցաւոյն մխիթար.
Զայս ուղեւորն, ետ աւետիս վեհագոյն,
Եւ Հայաստան սթափեցաւ ի ցաւագոյն։

----------

 

Վսեմախոհ Պարզասէր Հայուհիք,

Մարդոյս իւր ընկերին վշտացը վրայ միայն ցաւիլ կամ կարեկցութիւն զգալը մարդասիրական զգացումն է. սակայն անոր օգնելու միջոցը խորհիլ եւ ջանքեր նուիրելը մեծանձնութիւն կամ վեհ առաքինութիւն է։ Ի՞նչ օգուտ վտանգեալ անձին դէմ ցաւակցութեան լոկ խօսքերով աղաղակ բառնալ՝ առանց օգնութեան ձեռք կարկառելու, ինչպէս շուարեալ կամ մոլորեան անձանց թիւր կացութեան աւա՜ղ կարդալու տեղ՝ շահաւոր է ուղղութեան հրահանգ տալ։

Ժամանակաց մէջ պատահած են ցաւալի դէպքեր որ ընդհանրութեան մեծ հոգ եւ վարանք պատճառած են- բայց նոյն պատահարաց չար հետեւութիւնը զգացող եւ փրկութեան միջնորդող անձինք հազուագիւտ եղած են՝ եւ ընդհանուրին ապահովութեան անձնանուիրութիւն ընծայելով գովելի յիշատակներ կանգնած են, եւ որոնք ընտրեալ մասունք են մարդկային ընկերութեան։

Ուստի մեր սեռն ալ տեսակ մը վտանգեալ է մոլորական ախտով, որուն թշուառ վիճակին չօգնէր յուսահատաբար մորմոքել՝ եթէ մեր անդամակցաց ցաւերը ժրութեամբ չաշխատինք բուժել, այսինքն ուղղութեան կանոններ հաստատել եւ առաջնորդ ըլլալ անոր բարւոքման։

Այժմ խիստ ուրախութեամբ կը լսենք որ մեր մէջ ալ նոյն ընկերասիրական զգացումն կրող անձինք կը գտնուին՝ այն է պարզասիրութեան վսեմ իղձը ունեցող Հայուհիք որ միաբանելով ընկերութեամբ՝ ցանկալի կանոն հաստատած, եւ շատերն ալ կուզեն հաստատել պճնամոլութեան վատ ախտը մեզմէ բուժելով վայելչակերպ պարզութիւն հաստատել։ Կը յուսանք որ իրենց այս գովելի ձեռնարկութիւնը ապարդիւն չը պիտի մնայ՝ քանի որ մեր ուսեալ մասը տգիտութենէ յառաջ եկած պակասութիւնք կզգան, իրաւունք կը ճանչնան եւ բարենպատակ գործերու կուզեն օժանդակել։ Զի ռամիկը կարճ կը դատէ, ներկայն միայն կը խորհի, ինչպէս մեր մեծագոյն մասը՝ որոց աչքը շլացեալ երեւոյթներով պատած է, չեն կրնար ապագան գուշակել եւ ներքին բարիքը զգալ. ըստ որում ուսեալ եւ բարեկիրթ մասին վստահ եմք որ քաջ դատողութեամբ կրնան խորհիլ եւ կարեւոր պիտոյից պաշտպան հանդիսանալ։

Մեր զգալի վիշտերը եթէ նկատողութեան առնենք, կը տեսնենք որ յիմարութեան արդիւնք են կատարեալ կրթութեան դէմ. զի պճնասիրութեան համաճարակ ախտը մեր սեռին մահաբեր կրնայ ըլլալ քանի մը կերպիւ, այսինքն մահացուցիչ կենաց, շահու եւ պատւոյ։ Այս ցնորական մոլեռանդը խիստ յաջողակութեամբ կը յառաջանայ, եւ արգելող մը չկրնար ըլլալ՝ մինչեւ որ ինքնին չսթափինք մեր յիմարական ընթացքէն։ Սոյն դնժնդակ ախտը պէտք չէ աւելորդ խօսքերով բացատրել, քանի որ ապացոյցներ միշտ առաչօք են։ Նորասիրութեան տենչը զմեզ կմախքներ կը դարձնէ, մեր բնական գեղեցկութիւնը զոհելով՝ մարդկութեան սին ստուերներ կը դառնանք. մեր զուարթ եւ հաճոյական ժամերը չնչին աշխատանքներով կը սահին. դիմաց առողջական գոյնը մահագուշակ ծերութեան կը փոխուին՝ որով շատ անձնազոհեր կունենանք. զի մեր մեծագոյն մասը նորաձեւութեան ծախսին կարող չեն, եւ խիստ նեղութեամբ, եւ անձկութեամբ կը տառապին, ըստ որում «անձկութեան սրտի ցեց ոսկերաց է»։ Թողունք ընտանեաց մէջ պատահած անհամաձայնութենէ յառաջ եկած չարիքը՝ խաղաղութիւնը եւ միաբանութիւնը խանգարելու պատճառներ տալով։ Ահա խաղաղ կենաց վնասուն հետ՝ մեր անձին պատիւն ալ կը տուժենք, արտաքին սուտ սեթեւեթ զարդուց վրայ պարծելով՝ ներքին պատիւը կուրանանք. անվայել կերպարանքներով խեղկատակներ դարձած ենք։ Եւրոպացի կանանց օրինակին հետեւիլ կարծելով յոռի ծայրը չեղած ենք, եւ Եւրոպական օրինաց կուրօրէն կը ծառայենք մեր ազատ կարծիքը ուրանալով, նոյն յոռի օրէնքը՝ որ իբր պատուիրակեալ սանձ մեր վիզը դրուած ընդ գարշ կածէ զմեզ բոլոր անձնական բարիքներէ զրկելով։ Անոր պատիր հնարքները միշտ մեր աչքերը կը շլացնեն խաբուսիկ նիւթեր կառաջարկէ կապիկներու առաջ ընկուզ գլորելու պէս, եւ մենք ճարպիկութեամբ յառաջ կը վազենք (մօտայի) առաջին մրցանակը ստանալու, որով խոհականութեան, համեստութեան դէմ վարուելով ծաղու արժանի կըլլանք։ Նաեւ ծախսի անբաւականութիւնը մեր ապագային կը վնասէ, զի ժամանակին անյաջողբերմունքըխիստ շահեցողութեան եւ չափասիրութեան կենթարկէ մարդիկ, այլ մենք ընդհակառակը գործելով մեր վիճակը դառնացնել կը ճգնինք յիմարաբար։ Չանք խորհիր թէ ի՞նչ կը շահինք եւ ի՞նչ կը տուժենք, այլ պատիր համոզմամբ զմեզ խաբելով կոյր զկուրայն ի խորքորատ կը դիմենք։ Մեր թիւր կացութեան եթէ պատգամներ գոռան անօգուտ է, այլ մեր յոյսը միայն կը կայանայ կատարեալ դաստիարակութեան վրայ, որոյ արդիւնքը ներկայի մէջ կ’սկսինք վայելել. ինչպէս այժմեան ընկերասէր խումբերը՝ որ ուղիղ դաստիարակութեան արդեամբ կը ջանան լուսաւորութիւն հաղորդել մոլար գաղափարներու՝ որով մեր ընդհանրութիւնը կրնայ սթափիլ յիմարական վիճակէն ուղղութեան հետեւելու։ Անոնք առաքինասէր Վեստեան կուսին նման հրաւէր կը կարդան երջանկութեան քաջարթուն եւ զգաստամիտ քոյրերու՝ որ շլացուցիչ փառասիրութիւնը հերքելով՝ կատարեալ դաստիարակութիւն եւ բարոյականութիւն կը յարգեն։

Սակայն այս ուրախառիթ զգացմունքնիս փոքր կասկած մը կը վրդովէ, զոր անտեղի գուշակութիւն մը ըլլալ կը յուսանք. այն է պարզասիրական կանոնին ոմանց հաճելի չերեւնալը, այլ չենք յուսար զի այժմ գտնուին շատեր՝ որ տգիտաբար սնափառութեան հետեւելով սոյն գեղեցիկ ձեռնարկութեանը ատեն՝ կամ չընդունին անհիմն պատճառներ տալով. այսինքն «Լուսաւորեալ քաղաքի մէջ սինլքոր կամ կոշտ կերպարանք չենք կրնար ընդունիլ եւ օտար ազգաց ծաղրելի ըլլալ. աշխարհուրաց կրօնուհիներ չենք, երիտասարդական հաճոյքնիս ուրանալ օրէնք չէ եւայլն. եւլն. »։ Այս պատճառները իրաւացի չեն կրնար ըլլալ, այլ իրենց պճնասէր մոլութեան պատրուակ ըլլալը յայտնի է։ Անոնց կը պատասխանենք թէ՝ լաւ գիտնան՝ զի ծայրայեղութիւն երբէք չենք ուզեր յարգել, այլ «Ամեն գործառնութեան միջասահմանն է գովելի». այս մասին կուզենք գաղափար մը տալ բոլորին, նաեւ պարզապէս Ազնուուհեաց ուշադրութիւնը հրաւիրելով։ Յայտնի է որ՝ ընդհանուր սովորութեան դէմ վարուիքը դիւրին չէ, եւ բազմութեան մէջ բացառութիւնը ընտրեի չկրնար ըլլալ, ըստ որում չենք ուզեր ըսել որ՝ աչքի տգեղ երեւնալու կոշտ ձեւ մը ընտրել, կամ ծառայական գծուած զգեստներ հագնիլ, եւ կամ խստակրօն միանձնուհիներու պէս տձեւ վերարկուներով ծածկուիլ եւայլն. այլ պէտք է պարզութեան հետ ազնուակերպ վայելչութիւն մը ընտրել, որ առանց կոշտ եւ անհաճոյ երեւնալու, բազմաց ցանկալի ըլլայ, այն է ջնջելով մեր զգեստուց յոռի մասերը եւ աւելորդ բարդութիւնքը՝ որոնք իմաստակութեան ցոյցերէ զատ՝ երբէք վայելչութիւն չունին։

Սիրելի քոյրերս, ինձ կը թուի թէ մեր հանդերձներու կանոնաւորութիւնը կրնայ ըլլալ միայն մեր գաղափարաց լուսաւորութեան ապացոյցը, զի ըստ մեծի մասին արտաքինը ներքին պատկեր է։ Եթէ կուզենք արանց եւ կանանց մէջ տգիտական խստութիւնն վերնալ, եւ օրինաւոր ազատութիւն ունենալ՝ պէտք է մեր զգեստները անոնց կանոնով գործածել, այսինքն մասամբ մը տարբեր ըլլալ. շէկ կամ փայլուն գոյներ, եւ աւելորդ հտպտանքներ չգործածել։ (Բալթօյի) կամ (Սէթրիյի մօտան) որ բաւական ժամանակ է յարգ գտած է մեր մէջ, խիստ յարմար կը դատուի՞ եթէ առանց կերպ կերպ բարդութիւններու մթագոյն կերպասներէ պարզ շրջազգեստներու հետ գործածուին վայելուչ ձեւերով, շուտիկներու պէս միշտ փոփխութիւն կերալու։ Նաեւ թիկնոցներ կրնան գործածուիլ նոյն պարզ կանոնով, ամեն աստիճանի կերպասեղէն կրնան հագնուիլ՝ միայն թէ ըստ տեղւոյն գործածելով, նոյնպէս հանդիսական օրերունը տարբեր ըլլալով, բայց եկեղեցիի մէջ խիստ պարզ պէտք է գործածուիլ. գլքարկները պէտք է ըլլալ պարզաձեւ եւ մթագոյն, կամ շղարշով մը ամփոփուած, եւ կամ ժապաւէն մը կրելով. թող ներուի փոքր փետուր մը կրել իբրեւ զարդ՝ կամ իբրեւ նշան ընկերութեան։ Նաեւ պէտք է չնչել այն մեծ սրտմաշուքը՝ ներքին սպիտակ շրջազգեստներու, որուն (մօտան) հալածի իւր հեղինակին հետ. զի եթէ լաւ խորհինք, առանց կարեւորութիւն մը ունենալու ծաղու արժան է. անոնք չափէն աւելի սպիտակացնելու համար ի՞նչ սիրտեր կը մաշին, ո՞րչափ ժամեր կը զոհուին, ողորմելի ծառաներ ի՞նչ անարգանք կը կրեն՝ վայրկենի մէջ փողոցի ապականութեան ծառայելու համար. արդեօք բարբարոսութի՞ւն ըսենք այս տեսակ սովորութեանց, թէ խելագարութիւն... ։ Այսպէս բոլոր անպատեհ սովորութիւնք, որ երթալով կը ծանրանան, կատարեալ մտքերու դէմ ըլլալուն պէտք է ջնջել եւ ազնուակերպ միջասահմանութիւնը ընտրել։ Լաւ համոզուելու ենք որ՝ տղայաբար սեթեւթներ, աւելորդ զարդեր, փայլուն տեսակ տասակ գոյները՝ բնաւ զմեզ գեղեցկացնելու չեն օգնէր, այլ ընդհակառակը հակապատկեր կը կազմեն եւ ստորին երեւոյթ մը կուտան. լաւ թո՛ղ գիտնան պճնամոլները եւ լսեն իմաստնոց խօսքը որ գեղեցիկները պարզութեան մէջ գեղեցկագոյն են, եւ տգեղը տգեղագոյն չէ նոյնպէս պարզութեան մէջ։

Ուստի կը պարտիմք ի դիմաց իրաւասէր Հայուհեաց շնորհակալիս նուիրել, բոլոր ազնուախոհ ընկերուհեաց՝ որ իրենց վսեմ զգացմունքը գործադրել կուզեն մեր սեռին ամենակարեւոր պիտոյից համար, ոմանք դաստիարակութեան արդեամբ համապատասխանելով՝ այն է ձեռնարկութեամբ ջանալ տգիտական ախտերը բուժել մեր սեռին եւ ճշմարիտ լուսաւորութիւն հաստատել։

Ողջամիտ քոյրերս, ձեր նպատակը գովելի է, ժրացէք ձեր աշխատութեանց մէջ, գիտնալով որ ժամանակիս ոգին զձեզ պիտի վարձատրէ ձեր ճգնաց արդիւնքները ծաղկեցնելով, դուք Յուդիթներ կրնաք ըլլալ, մեր սեռը կորստական վիճակէն փրկելու քաջ վեհանձնութիւնը ունեցող, նաեւ դիւցազնուհիներ՝ Հայրենեաց եւ Ազգին բարոյապէս նպաստաւորելով, ձեր համեստութիւնը, եւ ժիր ջանքերը իբր սուսեր կրնան մոլութեան որոմները հերքել՝ եւ բարոյականութեան յաղթանակը կանգնել։ Ահա մեր ապագան ի ձեզ կը կայանայ, առաջնորդելով երջանիկ շաւղաց, եւ մեր յաջորդ սերնդոց բարօրութեանը պատճառ դուքմիայն կրնաք հանդիսանալ։