Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԾՆՈՂԱՑ

Յայտնի է որ ազգի մը բարոյական կեանքը իւր մանկտիներէն կը ծնանի, որ ազգային բուրաստանին շքեղութեան ապագայ յոյսը կպարունակեն. սակայն զանոնք օրինաւորապէս դարմանելու ամենափափուկ պաշտօնը քաջ մշակներու կարօտ է, որք են Ծնողք եւ Դաստիարակներ։ Այժմ դաստիարակաց շատերը քաջակիրթ անձինք են, եւ գիտեն ազգասիրաբար աշխատիլ իրենց նուիրական պատօնին մէջ. բայց ասոնք երկրորդական կը սեպուին, այլ ծնողք են առաջին եւ գլխաւոր մշակներ՝որոց գլխաւորաբար կարօտ է մանկանց օրինաւոր կրթութիւն կամ դաստիարակութիւնը։

Ուստի ցաւալի յիշատակ է որ խիստ հազուագիւտ են նոյն անժխտելի պարտքը եւ իրաւունքը ճանչցող ծնողքներ՝ զի շատերը ոչ իրենց բարձր կոչումն կզգան, եւ ոչ զաւակունք խնամելու պարտ ու պատշաճ օրէնքը, այլ անբանօրէն միայն անոնց անձին վրայ կը հսկեն՝ կենսական մասինանփոյթ գտնուելով։ Տգիտական ախտին մէջ գտնուող ծնողք, մանաւանդ մայրեր՝ ոչ իրենց անձը թշուառացուցած են, այլ իրենց քստմնելի ախտը ընդհանրից տարափոխիկ եւ մահառիթ է։

Ապուշ եւ տգէտ մայրերուն խնամքին յանձնուած մանկունք կենաց առաջին վայրկենէն թշուառութիւն գրկած են, եւ սննդարար կաթին հետ ունին ճաշակել մահաբեր թոյնը, զի իրենց հսկող պահապաններ մտաւոր տեսութենէ կոյր ըլլալով՝ կեանքերնին վտանգներու կենթարկեն, ոգեպահիկ սնունդը ծնողաց ձեռքէն կսպասեն. եթէ անկարող ըլլան նուիրել, անոնց կեանքը աղետից եւ թշուառութեանց յաջորդութիւն կը դառնան, սովամահ կամ կենսապահ ջրոյն կարօտ կը տառապին։ Ոմանք առանց ղեկի նաւերու նման բնութեան բռնաշունջ հողմերու խաղալիք եղած, ոմանք խորհրդականութենէ զուրկ անբաններ դարձած, ոմանք մարդակերպ հրէշներ ընդհանրից վնասակար թոյներ ժայթքող, որք մեծագոյն մասամբ անդաստիարակութեան բերմունք են, եւ մարդկային ընկերութեան մէջ ճարակող ախտեր։

Զի չեն օգներ ազգային բարոյական անդաստանները բարեզարդել արտաքին բազմահմուտ դարմաններ, եթէ երկիրը կոշտացեալ եւ պարարտ զօրութիւն չունի. եթէ տերեւափայլ շառաւիղք առ վայր մի պճնեալ երեւին, անյոյս են արգասաւորութենէ՝ երբ արմատը ապականեալ եւ փտեալ ըլլայ։

Մանկանց դաստիարակներէ ստացած կրթութիւնները չեն կրնար այնչափ արդիւնաւոր ըլլալ՝ եթէ նախակրթութեան սկզբունքներ ծնողաց ընդունած չըլլան. չօգնէր բարոյականութեան մասնաւոր եւ արտաքին դարմանը եթէ անկիրթ ծնողաց անբարոյականութեան թոյնը ծաւալի սրտին մէջ. արտաքին հրահանգներ կը նմանին այն սերմունքներու՝ ոմանք յապառաժի, ոմանք աւազներու, ոմանք ոտից կոխ եղած, եթէ ընդունակութեան նախապատրաստութիւն չունենան։

Ծնողք միայն կրնան ըլլալ բարոյականութեան հեղինակ մանկանց, զի անոնց գաղափարը դեռ չընդարձակած հեռաւոր առարկայից վրայ նախնական գաղափարը մօրմէն կընդունին. ինչպէս կակուղ նիւթի վրայ դրոշմած նկարը՝ զի նուրբ ըմբռնումն ենթակային հետ հետզհետէ տարրանալով հաստատ եւ արմատական կըլլայ. անոնց իւր մերձաւոր առարկայն նողաց օրինակը ըլլալով զօրաւոր է քան արտաքին եւ հեռաւոր պատճառներ. խօսքերը ուտ լսելի կըլլան անոնց փափուկ լսելեաց, բարուց նկարագիրը կը դրոշմուի կակուղ ընդունակութեանց վրայ։

Ապա բաղդին յանձնուած է մանկանց երջանկութիւնը՝ զի եթէ ծնողք բարեկիրթ անձինք ըլլան, իրենց բարոյական կեանքը ապահովեալ է. իսկ եթէ անկիրթ եւ մոլի, ապերջանիկ եւ թշուառ են։ Բայց երբեմն որդիք ծնողաց բնութեան հակառակ վարք կունենան, բայց այն տեսակ դէպքեր բացառութիւնք կը սեպուին, եւ ընդհանրութեան վրայ պէտք է խորհրդածել։

Նախ գլխաւոր կանոն է տղայոց բնութեան համեմատ դաստիարակութիւն տալ, եւ հակառակը բնաւին ապարդիւն եւ վնասակար է. բժշկաց ջանքերը անօգուտ եւ կասկածելի են՝ եթէ բնութիւնը չը ճանչնայ եւ ըստ այնմ դարմանէ։ Մայրեր լաւ տեղեակ են որդւոց բնութեան, եւ այս մասին դաստիարակներէ աւելի կրնան յաջող միջոցներ գործածել, եթէ արթնութեամբ դիտեն անոնց բնական յատկութիւնք կամ պակասութիւնքը։

Ծնողական պարտքը չճանչցող տգէտ մայրեր պարտական կըլլան իրենց նուիրական պաշտօնին, զի իրենց պարտքը այնպէս չէ՝ ինչպէս վարձկանը իւր տիրոջ ստացուածոց վրայ հսկելու պարտքը, այլ իբրեւ տէր եւ միանգամայն պահապան են իրենց խնամոց յանձնուած անհատից, եւ սոյն մեծ իրաւունքը ճանչնալով, ոգւով չափ ճգնիլ պարտին որդւոց ապագայն բարեկազմելու։

Կրթութիւնը մի եւ նոյն կանոնով ամեն մանկանց համար արդիւնաւոր չկրար ըլլալ, մինչեւ ամեն մէկուն բնութեան համեմատ կանոն չգործածուին, ինչպէս ամեն արհեստ իր յարմար գործիքներով կը գործածուի, ապա թէ ո՛չ նիւթը կը խանգարի եւ աշխատողին ջանքը արդիւնաւոր չկրնար ըլլալ։

Ոմանք չափազանց խստութիւնը կրթութեան կանոն կը կարծեն, ոմանք բոլորովին անհոգ թոյլտուութիւն կուտան, եւ աւելի անպատեհ է անկանոն սէրը։ Ասոնք յոռի սանձեր են տղայոց՝ որք բնութիւնը ընդվզել կուտան ուղիղ ընթացքէն։ Նուագարանին լարերը երբ ուժգին պրկուին՝ կը պրծին եւ կելլեն շարքէն, իսկ եթէ բոլորովին թոյլ՝ եղանակին քաղցրութիւնը կը կորուսանեն, այլ, քաջ հնչեցնելու համար պէտք է չափաւոր դիրքը պահել։

Խստութիւնը անասնական վարժութիւն է հակառակ մարդկային բարուց. քանի որ մարդս խորհրդաւոր էակ է, եւ կրնայ զգալ իր պակասութիւնը, եւ միտը անձին կառավար է։ Տղայն իւր փոքր հասակէն բնականաբար կրնայ ճանչնալ չարը, բարին, այլ բարեաց ընտրութեան մասին դեռ անզօր է առանց հրահանգ ընդունելու, ըստ որում ծնողք խստութեամբ չարեաց հետ բար յատկութիւնները խլելու տեղ՝ պէտք է մտաւոր զօրութիւնը ծաղկեցնել ջանան՝ որով ինքնայօժար կարենան բարին ընտրել։ Եթէ տղայոց բնութիւնը խիստ ալ ըլլայ՝ դարձեալ անկանոն խստութիւնը չկրնան ուղղել. երկաթը շէնքի չգար հարիւրաւոր հարուածներով, եւ չարաչար գործածելով, մինչեւ որ կերպաւորող բովը չը մտնէ։

Ծնողք լաւ գիտնալու են որ տղայոց բնութիւնը ո՞ր կողմին աւելի հակամիտ է. եթէ մեղմ եւ հանդարտ է. անոնց փոքր պակասութեան համար խստութիւն գործածելը յոռի կանոն է, զի երկիւղը կը յաղթահարէ մտաւոր զօրութիւնը, այսպիսեաց պէտք է օրինաւոր ազատութիւն տալ բարեաց յատկութիւնքը ծաղկելու չափ եւ օրինօք խզել պակասութիւնքը։ Շատ մայրեր կան որ մանկանց պակասութիւնը տեսնելով՝ մոլեգին կերպով կը յարձակին վրան, անվայել խօսքերով եւ այլանդակ ձեւերով իբր խելագար կը պատժեն զայն, ոչ թէ անոր պակասութիւնը ուղղելու դիտմամբ, այլ իրենց կիրքը յագեցնելու։ Բարկասիրտ ծնողաց լաւ պատուէր կրնայ ըլլալ իմաստնոյն մէկ խորհրդաւոր խօսքը որ ըսած է իւր աշակերտին մէկ պակասութիւնը տեսնելով, «Կը պատժէի զքեք եթէ բարկացած չըլլայի». նոյն կերպ այլանդակ պատիժէն տղան ի՞նչ կստանայ, այլ միայն կատաղութեան գաղափար, եւ նոյն պատիժէն վախենալով ակամայ կը դադրի, այլ աւելի կը յառաջանայ ծածուկ չարութեանց մէջ։ Զի ճանաչողութիւնը դեռ պակաս է, եւ ուղղութեան շարժիչ պատճառը միայն երկիւղն է, ո՛չ թէ բարիին բաղձանքը։

Անկանոն խստութեան տակ մեծցող տղայք՝ մեղկ վատ, պակասաւոր կըլլան միշտ, եւ գործունէութենէ զուրկ. երեւակայութիւննին կը խանգարի, անտեղի ահեր կը տիրեն վրան, ամեն շարժմանը մէջ բռնութիւնը արգելք կը կարծեն, մտաւոր կարողութիւնները տկարանալով կըլլան անարի, թոյլ, երկչոտ եւայլն։

Ծնողաց խիստ վայելուչ է կատարեալ վարքով որդւոց հեղինակ ըլլալ, անխօս շարժումներով անգամ զսպել անոնց պակասութիւնը, տղայական անպատեհութիւնքը միայն հայեցուածքով մը կշտամբել, եթէ զանոնք իրենց իշխանութենէ ընդվզել տուած չեն. առասպելական խօսքերն՝ զանոնք սաստելու համար գործածելու տեղ՝ պէտք է տալ բարոյական խրատներ, մանկանց քով իրենց պատիւը պահել, «Զի տէրութիւն այլակերպ ծառայութիւն է», եւ գաւազանին ձգած ձեռքը դէպի անոնց ուղղութեան շարժել։ Չենք ուզեր ըսել թէ առանց խստութիւն բանեցնելու ազատութիւն տալ պէտք է տղոց սանձարձակ կիրքերը աճեցընելու, զի անոնց բոլորովին ազատութիւն տալը բարոյական օրինաց դէմ ապստամբեցնել է, այլ ծայրահեղութենէ զգուշանալով, ուղղութեան երեսանակը իրենց ձեռքը ըլլալու է, զի երբ բնութիւնը ընդվզելով խոտորնակ դիմէ, իսկոյն նուաճելով ուղղութեան դարցնել պէտք է, եւ օրինաւոր ընթացից մէջ ազատ թողուլ զանոնք. եւ այս կը պատկանի նաեւ դաստիարակաց։

Ահա անկանոն խստութենէ պակաս վնասակար չէ, մայրերու անհոգ թոյլտուութիւնը, որք զաւակաց ապագային վրայ բոլորովին անփոյթ՝ չեն զգար թէ ի՞նչ կանոն գործածել պէտք է. այնպիսեաց որդիք անթիկունք նաւերու կը նմանին, որք բնական պակասութեանց անսաստ ալիքներու մէջ՝ չունին ապահովութեան միջոց, տակաւին չար եւ բարին ընտրելու անկարող, ծնողաց միջնորդութեան անհրաժեշտ կարօտ են, ուրկէ զուրկ՝ բարոյական կեանքը վտանգի մէջ է։ Նաեւ այս պակասութիւնը ծնողական պարտուց դէմ մեծ անգթութիւն է. միթէ հովիւը արժանի՞ է իւր պաշտօնին՝ երբոր իրեն յանձնուած հօտը անհոգութեամբ գայլերու ճարակ թողելով ցրուէեւ կորուսանէ։ Նոյնպէս այգեգործը անփոյթ ըլլալով իւր պաշտօնին՝ այգւոյն աւերման եւ խանգարման պատճառ ըլլայ։ Միթէ խիստ ցաւալի չէ՞, երբ դեռաբոյս տունկեր ապագայ արդեանց զուրկ՝ տարաժամ կորստեան ենթակայ կըլլան։ Նոյնպէս շատ ապուշ մայրեր չեն զգար, եւ չեն ուզեր նոյն կարեւոր միջոցներու վրայ խորհիլ, չեն ճանչնար նոյն սրբազան պարտքը, թէ ազգային բուրաստանը իրենց ժրաջան աշխատութեաց կարօտ է, բարոյականութեան անթառամելի ծաղկօք չքաւորելու։ Այն տեսակ ծնողք արժանի չեն ծնողական յարգանաց, եւ ապագային չպիտի կարենան վայելել իրենց աշխատութեանց արդիւնքը։ Շատ անգամ յանիրաւի գանգատներ կը նեն իրանց ծանր վիճակէն՝ մինչդեռ մեծագոյն մասամբ տառապանքնին տգիտութեամբ կը ծանրացնեն, որով թէ իրենց եւ թէ զաւակաց վիճակը կը դառնացնեն։

Նաեւ մոլար ծայրահեղութիւն է անկանոն սէրը. շատերը գիտեն որ տղայոց ամեն հաճոյքները եւ պահանջքերը նուիրելը սիրոյ գործ է. չեն գիտեր որ մեղրի տեղ թոյն կուտան անանց, չուզելով զայրացնել եւ զրկել իրենց բաղձանքէն. նաեւ չեն զգար որ ամեն կամակատարութիւնքն ապագայի մէջ մէյմէկ գլխաւոր մոլութիւն կը դառնան, եւ արմատական ըլլալով անբուժելի կըլլան։ Սէրը բնութիւն մը ունի սիրելեաց պակասութիւնը չզգալու կամ ներելու՝ զոր բարոյապէս յարգել պէտք է. բայց ծնողաց սէրը աւելի շլացուցիչ ըլլալով մանկանց պակասութիւնը չեն կրնար գիտել, չեն ուզեր անոնց ապստամբութիւնը զսպել եւ կրթելու մասին նեղել, այլ չափազանց փայփայանքներ կընեն, գլխաւոր պակասութիւնք տղայական բնութիւն կարծելով զանց կառնեն զսպել, չեն գիտեր չար մասը խլել անոնց սրտէն. տղայական վէճերու մէջ միշտ իրենցը պաշտպանելով եւ արդարացնելով՝ ուրիշի տղայք յայտնի կը պարսաւեն եւ յանցանքը այլոց վրայ ձգել կուզեն՝ իրենցը հրեշտակ կարծելով. ասանկով կըլլան տղայք գոռոզ, անզուսպ, ապստամբ, կամապաշտ եւայլն։ Միթէ գանգատելու իրաւունք ունի՞ն այնպէս մայրեր, երբ իրենց որդիք յանդուգն, մոլի ըլլան եւ արհամարհեն զիրենք, քանի որ ազատութեան առիթ իրենք տուած են։ Խիստ ցաւակցութեամբ յիշել արժանի է, զի շատ անգամ երբ կը տեսնենք անբարոյական անձինք՝ այսինքն մոլի ստահակներ, չարագործներ, որք անզուսպ եւ անպատկառ գրեթէ բանականութենէ եւ խորհրդականութենէ զուրկ, բանաւոր գազաններ դարձած են, ընկերականութեան նախատինք եւ ընտանեաց մեծ վիշտ եւ անտանելի ցաւեր են. ասոնք՝ կը համարձակիմ ըսել թէ մեծագոյն մասամբ անկիրթ ծնողաց յոռի վարժութիւններէ յառաջ եկած են. (ասոր հետ բացառութիւնք ալ չեն ժխտուիր). թող գիտնան իրենց պարտքը չճանչցող ապուշ մայրեր. որ ծանր պատասխանատուութեան ենթակայ են, արդարութեան եւ իրաւանց դէմ մեղանչելով. անհոգութեամբ ազգային գանձերը կը վատնեն, ապականեալ արմատներ են ազգին բուրաստանին մէջ՝ որոց շառաւիղները չեն կրնար բարեբեր արդիւնք նուիրել եւ գեղեցիկ չքաւորութիւն ընծայել։ Նոյն անզգայացեալ թշուառները զաւակաց ապագայն չխորհելով եւ ընկերականութեան վնասը չյիշելէ զատ՝ իրենց վերաբերեալ վիշտերը անգամ յիշել կարող չեն. չեն զգար՝ որ մոլի եւ ստահակ որչիք ի՞նչ աստիճան քստմնելի ցաւեր կը պատճառեն նողաց սրտից, որովհետեւ խիստ ծանր է մարդկանց՝ երբ կրած աշխատութեանը արդիւնքէն ի գերեւ ելնէ, դառն է մշակին՝ որ քրտնաթոր աշխատութեանց սերմունքները առանց ծաղկելու, որդերու եւ կարիճներու ճարակ ըլլան. ոչ դոյզն վարանք եւ տրտմութեան առիթ է մարդոց՝ երբ երջանկութեան առիթ է մարդոց՝ երբ երջանկութեան գանձերը անդունդներու մէջ կորսուին եւ չքանան։ Սակայն ծնողաց վիշտերը այնպէս չէ, այլ յուսաբեր երկիրները բարեաց արդիւնքէն զուրկ՝ կեղեքիչ փուշերով կը խայթեն իրենց սիրտերը. դառն թոյներ են անոնց հանապազօրեայ ճաշակը դառնացնելու։ Մոլի եւ չար զաւակունք ճիշդ կը նմանին առասպելեալ հրէշին, որ վայրկեան առ վայրկեան չարութեանց մէջ բքանալով, ծնողքնին կուր կուտան իրենց որկորին. անկէ ո՛չ պակաս աղետալի են այն թշուառ մայրերու վիճակը՝ որ բիւրաւոր տանջանքներով դատապարտեալ կը տանջուին չար ծննդոց ձեռքէն։

Բայց որչափ մեծ եւ սքանչելի փառք է ծնողաց, երբ իրենց սերունդները բարեմասնութեան պէս պէս ընտիր ձիրքերով զարգանան, բարեկրթութեան եւ առաքինութեան յատկութիւնք ստանան, բարի համբաւ ազգին եւ ընտանեաց շուք եւ բերկրանք ընծայեն, երախտագիտական աոգւով ծնողաց յարգ եւ պատիւ նուիրեն, եւ ընկերականութեան օգտական ադամներ ըլլան, որ իրենց ծանր աշխատութիւններու փոխարէն մի միայն վարձ եւ հատուցումն կրնայ համարուիլ։

Ուստի, ո՛վ ծնողքներ, մանաւանդ մայրե՛ր, լաւ գիտցիք որ ձեր պաշտօնը խիստ մեծ եւ նուիրական է, դուք պատասխանատու էք Նախախնամութեան եւ մարդկային ընկերութեան, ձեզ յանձնուած աւանդները մեծ եւ դանկագին են, ազգ մը իւր ապագայն կսպասէ ձեզնէ, երջանկութեան անմահ գանձերուն պահապան եւգործադրիչ ընտրուած էք. սարսափելի ճիր կը համարուի ձեզ՝ եթէ անհոգութեամբ մսխէք եւ ցրուէք զանոնք, ազգային տունը յաւիտեան աղքատ վիճակի ենթարկելու պատճառ ըլլալով։ Դուք մշակուած երկիրներ ըլլալու էք, ուր բարի հունտեր ընդունակ ըլլան եւ բեղմնաւորին բազում արդիւնքներով, նաեւ բեղմնաւոր արմատներ՝ ազգային քմաց քաղցր խեժ եւ պալասան ընծայելու. իբրեւ քաջ մշակներ ջանացէք ձեր որդւոց միտքը լաւ մշակել, բարոյական սերմանց լաւ ընդունակ ընելու։ Առաքինութեան կամ բարոյականութեան կենդանի օրինակ դուք միայն կրնաք ըլլալ զաւակաց, ինչպէս աշակերտ մը իւր սորվելիք արհեստին օրինակը նախ պէտք է տեսնել։ Մարդկանց, մանաւանդ տղայոց միտքը այնչափ չզօրեր վերացական առարկաներու վրայ կայանալ, որչափ անոր ենթակայներուն վրայ. զոր օրինակ, գիտութիւնը ինքնին անորոշ կամ անտեսանելի է՝ եթէ անոր զօրութիւնը գիտուն անձանց վրայ չերեւայ. նոյնպէս խոհեմութիւն, վեհանձնութիւն եւ ամեն բարեմասնութիւներ՝ որոց յատկութիւնը կատարեալ անձանց վրայ կը յայտնուին։

Տղայք բարի ունակութիւն ստանալու համար տեսնելու եւ լսելու կարօտ են. ահա տեսանելի առարկայն ըլլալու է ծնողաց օրինակը, լսելու եւ ըմբռնելու համար կրթութեան կամ վարժութեան դասեր, զոր եթէ արթնութեամբ եւ խնամօք ընծայեն մանկանց, ծնողք լիապէս արդիւնքները կրնան վայելել, արժանաւոր վարձ ընդունիլ եւ ազատ մնալ խղճէ։

Ուստի նոյն քաղցր յոյսը կը նուիրէ օրիորդաց դաստիարակութիւնը, պարգեւելով մեզ ապագայ յոյսեր նախնի վիշտերու դարման. ժրութեամբ ջանալ պէտք է տգիտական ախտը՝ ժառանգական չնել դեռահաս սերնդոց, մերժելով ապականեալ արմատներէ նոյն փափուկ ճիւղերը՝ կրթարաններու մէջ ընտիր դաստիարակներու խնամքներով դարմանել, եւ ազգային բուրաստանը փայլեցնել շքով՝ որ միայն է մխիթարութիւն եւ դարման Ազգին։