Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԼՈՒՆԵՐԸ ԵՒ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ (ՎԷՊ ՊՕԼՍԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)

Ա.

Ամբողջ օրը ձիւնած էր Սթամպօլի վրայ. երկինքը կապարագոյն էր բոլորովին, եւ հազււ թէ վերջալոյսին արենագոյն երիզները արեւմուտքի հորիզոնը կը շամփրէին. ծանր լռութիւն կը տիրէր փողոցներուն մէջ, ուր մրապաղաղ ճերմակութիւնը արուեստակեալ լուսաւորութիւն մը կը ցոլացնէր հակապատկեր կազմելով անաստղ եւ սպառնական ամպերով ծածկուած երկինքին հետ. Գիշերէն ի վեր ձիւնը բարակ փոշիի մը վերածուած էր եւ ցուրտը մեղմացած կը թուէր հարաւային հովէն, որ մռնչելով կ՚անցնէր եւ կը դղրդէր խարխուլ փայտաշէն բնակարանները, երբեմն փողոցներուն մէջ ուշ մնացած անցորդի մը խուլ եւ զգուշաւոր ոտնաձայնը կը լսուէր երկարօրէն։

Բնակարանները մեծ մասամբ մութի մէջ թաղուած էին եւ իւրաքանչիւր տան մէջ հազիւ երկու կամ երեք պատուհան լուսաւորուած էր աղօտ լոյսով մը. մերթ ընդ մերթ այս կամ այն տան վարագոյրներուն վրայ մարդկային ստուեր մը կ՚ուրուագծուէր կ՚երկննար եւ կ՚անհետանար.

Գիշերը յառաջացած էր, բայց Մարտիկ աղայի եազմա ի գործարանին մեծ սրահին մէջ, գործաւորները դեռ հաւաքուած էին օղիի ափսէին շուրջ։ Այդ սրահը միեւնոյն ատեն կը ծառայէր Մարտիկ աղայի ընտանիքին իբր ճաշարան։ Սրահին ճակատը ամբողջովին բռնուած էր երկայն բազմոցով մը, ծածկուած՝ կարմիր երիզաւոր կերպասով. գետինին մէկ մասը փսիաթով ծածկուած էր եւ միւս մասը մերկ էր մնացեր, խոշոր թէզկեահ մը՝ անկիւնը՝ իբր գրասեղան կը ծառայէր այդ պահուն Տիրանին, Մարտիկ աղայի 12-13 տարեկան տղուն, որ առանց գլուխը վեր առնելու իր դասերը պատրաստելու զբաղած էր. Տիրան՝ ուշիմ եւ սեւ աչքերով, խոշոր գլխով եւ կարճ մազերով պատանի մըն էր. իր բարակ վիզը կը կքէր երբեմն մէկ կողմին եւ արտեւանանքը կը ծանրանային աչքերուն վրայ, բայց ամէն անգամուն ընդատ շարժումով մը գլուխը կը ցնցէ. գրիչը կը ձգէր պահ մը սառած մատներուն մէջ տաք շունչ փչելու համար եւ կը վերսկսէր գրելու։ Սրահին մէջտեղը քօքի խոշոր վառարան մը կը ճարճատէր եւ իր կարմրած կողերով հաճելի երեւոյթ մը կ՚ընծայէր դեռ անկիւններուն մէջ ցուրտ մնացած որահին, գործաւորները՝ զանազան տարիքներու պատկանող՝ նստած էին այդ վառարանին շուրջ, մանք ծալլապատիկ եւ ոմանք ալ ծունկերուն վրայ չոքած, իրենց մօտ գրուած էր ցած սեղանի մը վրայ, օղիին ափսէն բեռնաւորուած խոշոր օղիի շիշով մը գաւաթներով, պնակ մը ձիթապտուղով. խաշուած լուբիայով եւ հացի պատառիկներով։

Յոգնած եւ սպառած օրուան խոնջէնքէն այդ երիտասադըները որ  20-30 տարեկան էին, երկար ատեն լուռ մնացած էին, ինքզինքնին առած՝ միմիայն անշարժ կենալու հաճոյքին. իրաւամբ անկարելի էր իրենց բուն տարիքը որոշել այն դանդաղ շարժումներէն, որով երբեմն անոնցմէ մէկը ընդարմացած թեւը կամ ոտքը կ՚երկնցնէր եւ կամ դիրքը կը փոխէր ամէնքն ալ թխացած եւ խորշոմած էին եւ աչքերնուն մէջ անկայուն, անհագիստ եւ միագամայն երկչոտ շեշտ մը կար, եւ ասով արդէն իրարու կը նմանէին, ու այս պարագան իրենց մէջ կարծես կը ստեղծէր տեսակ մը ազգակցութիւն։

Էրամ խալֆա, կարճահասակ եւ վտիտ մարդ մը, կը խօսէր իր ընկերոջը հետ գործի վրայ. թէեւ հազիւ երեսուն տարեկամ ակռաները թափած էին եւ շրթունքը կը կորոտէին պեխերուն տակ բերնին խորութեան մէջ, այս պատճառաւ թուշը կը ցցուէր ծածկուած՝ կարծր եը սեւ մազերով, որոնք հազիւ երկու շաբաթը անգամ մը կ՚ածիլուէին գինովութենէն պղտօրած աչքերը անկայուն նայուածք մը ունէին, որ քիչ անգամ կանգ կ՚առնէր անձի մը կամ առարկայի մը վրայ մազերը մեծ մասամբ թափած էին եւ դանկը կ՚երեւար ողորկ եւ դեղին. իր խօսակիցը Մանոլ յոյն մօրմէ եւ ֆրէնկ հօրմէ ծնած՝ բարձրահասակ եւ յաղթանդամ երիտասարդ մըն էր. խարտեաշ յօնքեր եւ թարթիչներ կը բարեխառնէին իր աչքերուն չափազանց փայլուն եւ հում կապոյտը որոնց մէջտեղ սեւ կէտեր կ՚ընդլայնուէին եւ կը  կծկուէին յարաշարժ արագութեամբ, եւ տեսնողին անհանգստութիւն կը պատճառէին. թանձր շրթունքներ, տափակ եւ խոշոր քիթ մը կ՚ամբողջացնէին Մանօլի դիմագիծը, Այս մարդը խորհրդաւոր անցեալ մը ունէր եւ իր ետեւէն փսփսալով շատ բան կը պատմէին, բայց ոչ ոք համարձակէր իր երեսին խօսք մը ըսելու, իր խոշոր եւ թանձր մատներով ձեռքերը վախ կը ներշնչէին եւ աչքերուն մէջ կ՚երեւար պղտոր եւ վատառողջ ժառանգականութիւնը իր խառնակ ծնողաց։

Երբ Էրամ խալֆայի եւ Մանօլի խօսքը վերջացաւ, սրահը լուռ մնաց երկար ատեն, միայն հովը կատաղօրէն անցնելով կարծես երբեմն կը կենար իր ընթացքին մէջ. եւ տկարացած ու հլա՝ կը մրմնջէր պատուհաններուն ետեւէն։

Նոյն միջոցին անցնորդի մը ծանր քայլերը լսելէ ե ան փողոցին մէջ. այդ քայլերը հետզհետէ կը մօտենային, երբմն կակուղ՝ ցեխոտ եւ ձիւնին հալած մասերուն, երբեմն կարծր քարերուն վրայ մինչեւ որ հասան դրան սեմին։

Եավրո՜ւմ մրմնչեց ձայն մը։

Ամէնքն ալ ետեւ դարձան, Պառաւն էր. Մարտիկ աղային ծերունի մայրը որ բազմոցին անկիւնը մը մրափէր։ Ինքն իր վրայ կզկտուած. անդամալոյծ , եւ ատենէ մը ի վեր կոյր այս ութսունամեայ պառաւը այլեւս կարծես մարդկային ձեւ չունէր իր հարսնութեան օրէն ի վեր դժբաղդ եղած էր ամուսինին պատճառաւ, որ կոպիտ, խման եւ ցաւագար ըլլալով կեանքը թունաւորած էր եւ իրեն տուած էր  7 աղջիկ եւ երկու մանչ որոնց ութն ալ խեղանդամ կամ հիւանդ մեռած էին մէկիկ մէկիկ. խեղճ կինը ընկճուած էր տառապանքին ներքեւ տարիներ, տարիներ անցեր էին եւ այդ միջոցին տակաւ առ տակաւ ուղեղը տկարացեր էր տեսակ մը ապշութիւն յառաջ բերելով, որուն յոջորդած էին անդամալուծութիւնը եւ կուրութիւնը. «արցունքները զինքը կուրացուցին» կ՚ըսէին դրացիները։ Ընդհանրապէս կը կարծուէր թէ ամէն զգայնութիւն կորսնցուցած է, թէ կենդանի դիակ մըն է այլեւս, որուն բթացած մտքին մէջ մէկ բառ մը մնացած ըլլար. Նունիկ տուաւ երբեմն երբեմն, ըլլայ քունի կամ արթնութեան մէջ կը մրմնջէր։

Եավրո՜ւմ…

Ոչ ոք կրնար հասկնալ որ այդ ցաւատանջ պառաւը քնած էր թէ արթուն. իր մարած աչքերուն վրայէն երբեմն արտեւանունքը կը բարձրանային, բայց ատի աւելի մեքենական շարժում մըն էր. ատկէ զատ երբեմն իր խորչոմած եւ մռայլ դէմքին վրայէն անբացատրելի բան մը կ՚անցնէր կարծես անիկա ներքնապէս կը լուսաւորուէր իմացականութեամբ ու ձայնը դառնագին եւ եղերական աղաղակ մը կը դառնար ընդվզումի շարժումով մը որ կը դղրդէր ամբողջ իր ցաւագին էութիւնը։

Եավրո՜ւմ… եավրո՜ւմ

Երբեմն ալ անդադար արցունքը կ՚իջնէր իր երեսին վրայէն. կ՚ողողէր զինքը աղի խոնաւութիւնով մը առանց մրմունջի, առանց հեկեկանքի. լոկ ֆիզիքական եւ անգիտակից վարժութեամբ կը մարծես։

Գործաւորներ լսեցին վարի դրան բացուիլը։

Պետի՛կն է, ըսաւ Միհրան, թուխ մազերով բարձրահասակ երիտասարդ մը հազիւ 20  տարեկան։

Հա՛, Պետիկը, ինչքան ալ ուշ մնաց։

Նոյն միջոցին իսկ դուռը բացուեցաւ եւ ահագին կարմրորակ պարկի մը տակ կրած մարդ մը ներս մտաւ. իր դէմքը չէր երեւար գրեթէ. ֆէսը, մազերը, յօնքերը եւ պեխերը ծածկուած էին ճերմակ ձիւնի փոշիով մը. ոտնամանները վարը ձգած էր եւ գուլպաներով կը քալէր. որոնք խխում եղած էին, ինչպէս բանթալօնին վարի մասը՝ մինչեւ ծունկերը. շնչառութիւնը ծանր էր եւ կը հեւար ու շոգիի ծուէներ քիթէն եւ կիսաբաց բերնէն դուրս կ՚ելէին։

Ո՞ւր էիր ծօ՛, պոռաց գործաւորներուն երեցը՝ Էրամ խալֆա։

     Պետիկ հայհոյութիւններով պատասխանեց. մինչ միեւնոյն ատեն ուսի շարժումով մը եազմաին պարկը կը նետէր գետին. յետոյ դանդաղ շարժումներով ձեռքը գրպանը տարաւ, կարմիր ծալլուած թաշկինակ կը հանեց եւ տարածելով ձեռքին վրայ, մազերը, եւ եսը սրբեց. մինչ միւս ձեռքով ֆէսը կը հանէր եւ կը թօթուուէր գետինը ձգելով ձիւնեղէն փոշի մը յետոյ նոյն յամր շարժումներով վառարանին մօտեցաւ եւ տարածուեցաւ գետինը, դէմքը ծամածռելով ցաւի՝ թէ յոգնութեան արտայայտութիւնով մը։

Քանի մը րոպէ անցաւ այսպէս բացարձակ լռութեան մէջ, որուն միջոցին Պետիկ յօնքերը կը պռստէր, ընդարմացած ձեռքերով տարտամ շարժումներ կ՚ընէր եւ գլուխը կը տատանէր սրտնեղութնէն, երկիւղի եւ երբեմն ալ սարսափի արտայայտութիւնով մը։

Նոյն միջոցին Էրամ խալֆա օղիի գաւաթները լեցուց լռութեամբ։

Պետիկի աչքերը բոցավառեցան եւ երկու գաւաթ օղի խմեց՝ մէկը միւսին վրայէն. յետոյ ձեռքին հակառակ կողմովը պեխերը եւ բերանը սրբելով ձիթապտուղ մը նետեց բերանը։

Ի՞նչ կայ, Պետիկ, կրկնեց Էրամ խալֆան, ի՞նչ ունիս։

Ի՞նչ պիտի ըլլայ, դարձուցին։

     Դարձուցին մի՜…

Այս բառերը միաբերան եւ խուլ ձայնով մը կրկնեցին ամէնքը յետոյ անձկագին իրարու երես նայեցան, անհսահմանելի զգացումով մը որ յոգնութեան եւ տաժանքի հետքերը կ՚անհետացնէր իրենց դէմքերուն վրայէն եւ այդ տխմարացած, ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս փճացած երիտասարդները իրենց վառվռուն տարիքի կորովին կը վերադարձնէր։

Միհրան ոտքի ելած էր արդէն. եւ ջղային գրեթէ դողդողացող սրունքներով կը քալէր սրահին երկայնքին. երբեմն իր անհագիստ եւ շիլ նայուածքը կը սեւեռէր որոշ կէտի մը վրայ եւ այն նայուածքը անողոք, խիստ, գրեթէ սպառնական կը դառնար։ Ասդին գործաւորները օղիի գաւաթները կը պարպէին այլեւս գրեթէ առանց դադարի.. եւ ալքոլին ազդեցութեան տակ խօսքեր, սպառնալիքներ եւ հայհոյութիւններ կ՚արտասանէին իրենց թոյլ եւ դողդոջուն շրթունքներով։ Պետիկ՝ որ մէկէն ի մէկ ցուրտէն փոխադրուած էր այդ տաք մթնոլորտին մէջ օղին գլուխը զարկած էր եւ կը  յաճախակի, դեռ աչքերուն մէջ պահելով տարտամ սարսափի զգացումի մը հետ արդէն տեսակ մը հեգնութիւն։

Դարձուցին եա՜… ծովէն կուգայի կոր, ի՞նչ է ան, պոռաց  ետեւէս մէկը եազմա ին ասպրակը ցուցնելով. ետիս դարձայ քի, բօլիս մըն էր, քովն ալ խաֆիէ մը. եազմա է ըսի, վար գիր նայիմ պօռաց. հոն տեղը քարի մը վրայ դրի. եկան ձեռքով վրայէն նայեցան, նասըլ եազմա՜, սէրթ բաներ էն նէ, ըսաւ բօլիսը ետ ետ երթալով, ծովէն կուգամ կոր լուացուած էն. անկէ ասանկ էն, կուզես նէ բանամ նայէ ըսի, ասոր վրայ բօլիսը տահա ետ գնաց. չէ՛ ճէ ըսաւ, կռնակդ առ եկու. ցո՜ւրտ հովը կը փչէ, մինչեւ մէջքս խխում, Սէլիմիէի մէրքէզ ը գացինք, երկու ժամ սպասէ, մարդ չկայ, ինչ է նէ կանչեցին. հոնտեղի քօմիսէրը ինծի տեսնելուն, ծօ՛ դուն էս, Պետիկ, ըսաւ, ի՞նչ կայ նորէն չ՚իտեմ էֆէնտիմ ըսի, եազմա լուալու գացեր էի, վեր կ՚ելլայի կոր դարձուցին ինծի. հայտէ էլի բանըդ գնա ըսաւ. ինչ է նէ քի ինծի կը ճանչնար. դուրս ելած ատենս ետեւէս եկաւ. իմացայ քի բօլիսին կ՚ըսէր կոր. գինովին մէկն է պէ. մենք անիկա գիտենք, անանկ աղայ չէ։

Քեզի ուրկէ՞ կը ճանչնար, ըսաւ Միհրան՝ իր երկայն սրունքներուն վրայ Պետիկին գլխուն վերեւ կեցած, Պետիկ նախ արհամարհական նայուածք մը ուղղեց իր ընկերոջը, յետոյ աչքին ծայրովը զայն վերէն վար չափելէն ետքը լուռ մնաց պահ մը։

Ինտո՞ր ինծի չճանչնար, ըսաւ դառնալով Էրամ խալֆային աս քանի՝ անգամն է… մէկ գիշեր մը, հա՛ մի՛տքդ է, մէկտեղ էինք, մինչեւ եօթը պահեցին մեզի, ետքն ալ բան չհարցուցած, հայտէ գացէք ըսին։

Ու ձեռքի տարտամ շարժում մը ըրաւ, որուն միջոցին կէս ծաղրական, կէս զարմացական արտայայտում մը կ՚առնէր դէմքը։

Զաթը չեմ հասկնար քի ո՞ր ըրածնին խենդ խենդինէ չէ. նէ բռնելնին շնորհք ունի, նէ ձգելնին. ծօ մի՜տքդ է Գալուստէնց տղան. բռներ դիմաց ան անցուցէր էին. հարը մարը ասդին ինկան, անդին ինկան. պօ՜շ. գիշեր մըն ալ չ՚ըսպասած ատեննին ժամը ութին ձգեր էին. ի՞նչ ընէ զավալլը աղան. կէս գիշերին ո՞ւր երթաք Սթամպօլ մարդ չի ճանչնար բօլիսին ոտքը ինկեր էր քի ասչափ օր պահեցիք, աս գիշեր ալ տեղ մը պարտըկեցէք ինծի…

Չ՚ըլլար, երթաս պիտի ըսինք նէ. պիտի երթաս՝ ըսէր էին. տասը ատըմ չառած նորէն բռներ էին. Ֆէնէրսիզ ի՞նչ կը սլքտայիր կոր հոս տեղուանքը… էֆէնտիմ իշտէ հայտէ՛ թօխաթ մը, հատ մըն ալ… նորէն կը տանին ծակը. ան ատենէն պերի է հոն է տահա։