Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Բ

Պետիկ պահ մը լռեց. ընկերները գլուխնին կախ կը մտմտային. Պետիկ քիչ մը ետքը աւելցուց։

Ան գիշերը մեզի ալ անանկ չեղա՞ւ. պարէմ մինչեւ առտու հոս կենանք ըսի բօլիսին, ան ատեն ո՞ւր պիտի երթանք, ֆէնէր չունինք, բան չունինք—   ձեզի բան մը չ՚ըլլար, գացէք ըսաւ. ես գիտէր որ պիտի նորէն բռնուէինք. անանկ ալ եղաւ եա՜, դուռնէն դուրս ելանք չելանք, նորէն դարձուցին մեզի ֆէնէրսիզ ըլլալնուս. մինչեւ առտու մնացինք, միւս օրն ալ երկուքնիս ալ ճէզա տուինք…

Պետիկ ուսերը թօթուեց արհամարհանքով եւ համակերպութեամբ։

  Ատա՜մ ասանկ էկեր է, ասանկ պիտի երթայ գէ՛շ ատենի հասանք, գէ՜շ։

Աւելի գէշը կ՚ըլլայ, ըսաւ շէկահեր եւ խիստ դէմքով երիտասարդ մը, որ իր ընկերներէն աւելի մաքուր հագուած էր եւ մաքուր հայերէն կը խօսէր։

Ծօ՛ Յակոբ ի՛նչ ըսել կուզես հարցուցին միւսները։

Յակոբ նշանակիչ ձեւով մը ձեռքը կուրծքին գրպանը տարաւ, եւ աչքերը բթթեց հաւանութեան նշանով մը։

Նոր բան մը կա՞յ։

Սարսափելի ահռելի բաներ, լռեցէք հիմա։

Եւ մատը բերնին տարաւ։

Րոպէ մը տաժանելի լռութիւն տիրեց, որուն միջոցին խռկալու համաչափ ձայն մը կը լսուէր։

Մեծ տուտուն է, ըսաւ էրա խալֆա, թոթովելով եւ լռութիւնը խանգարելով։

Ի՞նչ մեծ տուտուն, սա աւանակ Մանօլն է։

Մանօլ երեսի վրայ տարածուած կը քնանար, երբեմն քունին մէջ սրունքին մէկը կը թօթուէր ջղային ցնցումով էր, Էրամ անոր ուսէն բռնեց եւ շարժեց. Մանօլ գլուխը վեր բարձրացուց եւ աչքերը կէս մը բաց, շրթունքն ի վար լորձունքը վազելով՝ անորոշ բառեր մռլտաց։

Յետոյ ծանր շարժումով մը գլուխ ձգեց թեւերուն վրայ եւ ջանաց վերստին քնանալ բայց այս անգամ քունը բոլորովին խոյս կուտար իրմէն, եւ արիւնոտ աչքերը բաց՝ որոնք մութին մէջ կարմիր կ՚երեւէին , կը նայէր, կարծես առանց տեսնելու։

Օղիին շիշը պարպուելու վրայ էր, եւ Պետիկ տանսերորդ անգամն ըլլալով կը պատմէր իրեն պատահածը, գինով մարդու յամառութեամբ, եւ այս անգամ կսկսէր խնդալ այլեւս ջղաձղական քրքիչով մը, որուն կլկլացող աղմուկին մէջ բառերը անորոշ կը դառնային եւ անկարելի կ՚ըլլար որոշել  թէ ինքզինքն վրայ կը խնդար թէ՝ բոլորին։

Ըսածնին չ՚գիտեն… ետ ետ գնաց ձեռքերը տոպրակին վրայ դնելուն պէս… հէլպէթ կը վախնայ, ինքն ալ հոգի մը ունի… կռնակդ ա՛ռ, ետեւէս եկու ըսաւ… երկու սահաթ սպասեցի… կինովին մէկն է, անիկա մենք կիտենք, ըսաւ հոնտեղի շաշխընն ալ…

Մանօլ գլուխը բարձրացուց։

Ի՞նչ կայ, ի՚նչ եղաւ, ըսաւ հետաքրքրուած…

Պետիկ որ պահ մը առաջ այնքան շատախօս էր եղած, սկսաւ բառերը հատիկ հատիկ գործածել.. զգուշաւորութեամբ. երկչոտութեամբ ամէն բառը կրկնելոց։

Ի՞նչ պիտի ըլլա, ճանըմ բան չկայ, բան չկայ , դուն քնացիր։

Բայց Մանօլ որ կէս արթուն վիճակին մէջ կռահեր էր թէ բան մը անցած դարձած է, ելաւ կանգնեցաւ եւ խղճալով իր ընկերոջը վրայ, սկսաւ գոչել կէս թրքերէն կէս յունարէն լեզուով.

է՜, դուն ի՞նչ պատասխանեցիր բօլիսին, չ՚ըսի՞ր որ ես ձեր մասխարան չեմ, չ՚ըսի՞ր որ հարցնելիք ունեք նէ վաղը կանչեցէք ըսէ՛ք, մէրքէզ չեմ կրնար գալ, հիմա ուշ է, թրջած են, յոգնած եմ, չըսի՞ր որ ըրածնին էտէպսիզութիւն է, չ՚ըսի՞ր որ…

Մեծ մեծ մի ջարդեր, Մանօլ, մեր տեղը եղիր տէ, հետդ կը խօսիմ։

Հը՛, թող ինծի ընեն անանկ բան մը կը տեսնեն… (ձայնը կամացցուց). անգամ մը…

Սո՛ւս… ըսաւ Էրամ խալֆա պատանին ցուցնելով։

Արդարեւ , Տիրան գրիչը եւ տետրակը ձգեր էր եւ պիշ պիշ կը նայէր գործաւորներուն, իր խելացի եւ կանխահաս տղու նայուածքը լեցուն էր անձկութիւնով եւ մտածումով, եւ գթութիւն ալ կար հոն որ վաղահաս բան մը կուտար իր դէմքին արտայայտութեան երբ Պետիկի վրայ կը դառնային իր աչքերը։

Հայտէ ալ գնա մօրդ քով. ըստ Մանօլ անհանգիստ ըլլալով չպտատասխանեց, չշարժեցաւ տեղէն, միայն իր բազուկները ծալլեց թէզկեահին վրայ եւ գլուխը անոնց վրայ դրաւ պահ մը ետքը աչքերը գոցուած էին։

Հա՛, ի՞նչ կ՚ըսէինք կոր, շարունակեց Մանօլ իր խօսքը, Եըլտըզի դէպքէն ետքն էր, բարեկամ մը սնտուկ մը տինամիդ բերաւ ինծի. ոտքդ պագնեմ Մանօլ, ասիկա դուն կրնաս պահել, ըսաւ առի կնկանս ալ ըսի որ բօդաս է. տեղ մը պահեցինք երկու երեք օրէն, գիշեր մը, թաք , թաք դուռը կը զարնուի, պատուհանէն կը նայի, ի՞նչ տեսնաս, բօլինե՜ր, քէհեա՜ն, մխթարը…

Ի՞նչ կուզէք ըսի։

Բաց դուռը, պոռաց բօլիսներէն մէկը քէըմէ մըն ալ զարնելով։

Ա՜հ տահա իմ տունիս թէքմէ զարնողը չէ ծնած ըսի. դուք իմ տունս չէր կրնար մտնալ. գացէք գանձէլէրիայէն մարդ բերէք ան ատեն դուռը կը բանամ։

Ես ձեզի չըսի՞, կը տրառար մուխթարը. գիտէի քի ասանկ բան մը կար։

Ես Ֆրէնկ եմ, պոռացի , աս ըսելով թուղթս առի, վար իջայ . դուռը բացի կռնակի վրայ, թուղթս ցուցուցի։

Հիմա կրնաք նէ մտէք։

Բօլիսները ի՛նչ ըլլալնին չը գիտցան։

Խօլ եւ յուսահատական քրքիչ մը ծածկեց Մաօլին խօսքերը։

Աֆէրիմ պէ՜, Մանօլ։

Պետիկ դէմքի ծամածռութիւններ կ՚ընէր՝ գրեթէ անգիտակից  երբեմն, նայուածքը սրամտած՝ կ՚երկարէր Մանօլին վրայ որուն խօսքերը կը խարզանէին զինքը իր ստրուկի անկարողութեան մէջ, եւ երբեմն ալ հիացումով եւ ցանկութիւնով կը նայէր անոր, որ սնտուկ մը տինամիթ ունենլաով տունին մէջ, անբռնաբարելի կը մնար։

Սա թուղթդ ցուցուր մէյ մը ըսաւ ինքն ալ իր կարգին ոտքի ելնելով։

Մանօլ գրպանին խորութիւններուն մէջէն ազտոտած պզտիկ քառակուսի թուղթ մը հանեց. որուն ծալքերը մաշած էին, բացաւ զայն եւ տուաւ ընկերոջը. Պետիկ առաւ թուղթը. ձեռքերը կը դողդղային եւ այսպիսի անգիտակից եւ տարտամ շարժումներ ունէին որոնք յատուկ են նորածիններուն, հոգեվարքերուն եւ գինովներուն։ Յետոյ, աչքերը տխրութիւնով ողողուած՝ կարկառեց զայն Մանօլին եւ ըսաւ ձայնով մը, վերառութիւնը ցուցնելով.

Կարդա՛։

Liberite, Egalite, Fraternite, ըսաւ Մանօլ գէշ արտասանուած ֆրանսերէնով մը, յետոյ թարգմանեց, Ազատութիւն, ՀԱւասարութիւն, Եղբայրութիւն։

Այն ատեն հրաշալի բան մը պատահեցաւ, այդ սպառած, փճացած, ... եւ հլու գործաւորները՝ որոնք կրկնապէս, կորսնցուցած էին կարծես իրենց ապրելու խանդը, գինովութեան եւ  չարաչար, սպաննիչ յոգնութեան պատճառաւ, որոնք տարիներէ ի վեր գրեթէ միմիայն օղիով եւ մէզէով սնած էին եւ կռնակնին կքած էր աշխատութեան եւ բռնութեան կրկնակ լուծին տակ, որոնց անունը կարելի էր ըսել թէ մարդկութեան արձանագրութենէն ջնջուած էր այդ լքուածները եւ ստրուկները, գլուխնին բարձրացուցին եւ սկսան մըմռալ անիմանալի բառեր որոնց անորոշ աղմուկին մէջ այնքան ցաւի վայնասունը կար որքան ըմբոստացումը իրենց անողոք ճակատագրին դէջ, ու մանաւանդ ծարաւը՝ ազատութեան, այսինքն լաւագոյն կեանքին։

Յետոյ, օթափած եւ ամօթահար բարէրացած աղմուկէն լռեցին բայց իրենց աչքերուն մէջ բոցը մնաց ու գինովութիւնը անցաւ գնաց կարծես սեւ ամպի մը պէս։ Այդ երեք բառերը մոգական ազդեցութիւն մը ըրած էին իրենց ազատութեան ծառաւի հոգիներուն վրայ, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան շունչ մը այնքան քաղցր ամէն տառապողներուն—   որ շատ հեռուներէն կուգար անցած էր իրենց կորացած քամակներուն վրայէն եւ սփոփած էր զիրենք պահ մը տարբեր արբեցութեամբ մը, որ մոռցնել կուտար ներկայ ողորմելի կացութիւնը։

Ամենէն առաջ Պետիկ ինքզինքին եկաւ եւ բռունցքը գետին զարնելով սկսայ հայհոյել։

Մենք ալ մարդ տէյի կ՚ապրինք պէ՜, սօխախին շուները մեզմէ աղէկ են…։ Ու գլուխը կը շարժէր մտաբերելով բօլիսին արհամարհական ընթացքը իրեն նկատմամբ—   Հա՛… եթէ ատանկ պզտիկ թուղթ մը ունենար ծողը, ո՞վ երես կ՚ունենար հետը խօսելու։ Ու այդ թուղթը ահագին համեմատութիւններ կ՚առնէր իր արբեցողի անհաւասարակշիչ ուղեղին մէջ ու երբեմն, ո՞վ գիտէ. ի՛նչ մտածումի անսալով յիմարաբար կը խնդար ցնցնելով իր սխեցծ, թշուառ եւ ողորմելի մարմինը։

Ամբողջ այդ յուզումի պահուն միայն  մէկը իր պաղարիւնը պահած էր. միայն մէկը լռելեայն հետռած էր իր ընկերներու արարքներուն, ատիկա Յակոբն էր, իրաւ է թէ իր շրթունքը երբեմն տժգունած էին յուզմունքէն եւ երբեմն տենդագին կարմրութիւն մը բարձրացած էր մինչեւ իր այտերը, բայց աւելի խելացի եւ նուազ ապականուած, նաեւ աւելի կարող ըլլալով խորհրդակցութեան եւ տրամաբանութեան չէր յափշտակուած իր ընկերներուն պէս ասիկա ըսել չէ որ թուղթը իրեն նախանձը չէր գրգռած, ո՛չ, երբ այդ թուղթի պատառը իր ձեռքը հասած էր , նայած էր երկարօրէն եւ սրտի սուր ցաւով մը խորհած էր մարդկութեան այն երջանիկ հատուածին վրայ որ յանուն այդ նուիրական բառերուն կը կառավարէր, այդ ցաւը զարմանալի խառնուրդ մըն էր ցանկութեան եւ ըմբոստացումի։ Իրենք ալ մարդ չէի՞ն, իրենք ալ երջանիկ . ապահով եւ ազատ ապրելու իրաւունք չունէի՞ն… բայց այս մտածումները շուտով տեղի տուած էին աւելի ընդարձակ եւ ցաւագին զգացումի մը յիշած էր երկու ժամ առաջ ընկերոջ մը տունը, ւրած ընթերցումները եւ այս անգամ ինքզինքմէն ելած, ձայնը խղդուած յուզմունքէն ձեռքի շարժումով մը լռութեան հրաւիրեց ամէնքը։

Էրամ խալֆա միամիտ եւ երկիւղած երեւոյթ մը առաւ եւ սկսաւ անձկանօք սպասել. Մանօլ դեռ իր ըրած խօսքերուն վրայ կը ժպտէր եւ դէմքը հեգնական ու դիւային բան մը ունէր մանաւանդ իր աչքերուն պատճառաւ, որոնք աւելի արիւնոտ եւ  առած, կարծես դուրս պիտի ցայտէին իրենց խորութիւններէն. ՊԵտիկ լռած էր այլեւս եւ միայն երբեմն յօնքերու պռոտումով մը բռունցքը գետնին զարնելու կը ճգնէր, բայց քունէն նոր արթննալի մը պէս ձեռքը թոյլ՝ չէր սեղմուեր եւ կամ հարուածները մինչեւ գետինը չէին հասնէր այն ատեն կը վերցնէր բռունցքը, պահ մը ապշած կը նայէր անոր եւ ո՞վ գիտէ ի՞նչ մտածումի մը հպատակելով հլու եւ համակերպած կը գնէր զայն ծոցին մէջ. Յակոբ լուրջ նայուածք մը ուզեց իր շուրջը եւ մի առ մի աչքէ անցուց իր ընկերները, յետոյ արհամարհական նայուածք մը ուղղեց, որ նախատինք մը պիտի ըլլար եթէ հասկնային ու վայրկեան մը վարանելէ ետքը խօսքը Էրամին ուղղեց։

Ժամը քանի՞ն է, ըսաւ.

Էրամ գրպանի խոշոր ժամացոյցը հանելով նայեցաւ։

Ատեն է, պատասխանեց։

Այն ժամանակ, Յակոբ ներքին գրպանէ մը ծրար մը թերթեր հանեց նամակ մըն ալ հանեց զոր առանձին գրաւ եւ հանդիսաւոր եղանակաւ մը որուն միջոցին ձայնը կը դողդղար եւ շրթունքը կը տժգունէին յուզմունքէն, ըսաւ։

Ահաւասիկ, եղբայրներ, ինչ որ կրցայ բերել այսօր, մեծ մեծ դժբաղդութիւններ կան, ինչպէս միշտ եւ յոյսեր ալ։

Բայց իր անգիտակից ընկերները՝ անկարող՝ դժօաղդութեանց բեռը կրելու եւ կարծես զգուշանալով անոնցմէ, կառչեցան վերջին յուսատու խօսքերուն։

Ի՞նչ յոյս կայ, ըսէ՛, վերինը բան մը պիտի ընէ՞…

Վերինը ըսելով Ռուսիան ակնարկել կ՚ուզէին։

Ոչ ըստ Յակոբ չոր ձայնով մը։

Ինկիլիզէ՞ն է, ի՞նչ է։

Եւ ահաւասիկ սկսելու վրայէր այն այլանդակ խօսակցութիւններէն մէկը, որուն այդ դասակարգի մարդիկը միայն կարող են, իրենց երջանիկ անգիտակցութեամբը եւրոպական քաղաքականութենէն եւ անկէ միայն սպասելով ամէն բան եւ մեծ մեծ գուշակութիւններ ընելով տեղական թերթերէն հնձուած, կտրտուած եւ խեղաթիւրուած քաղաքական լուրերէն։

Ծօ քեզի չ՚ըսի՝ քի զրխլըները եկեր են, գոչեց Պետիկ Էրամին։