Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ «ՏՕՄԻՆՕ»ԻՆ

Մայիս ի 19րդ թիւին մէջ երեւցող Ձեր յօդուածը՝ խորհրդապաշտ կարգ մը բանաստեղծներու մասին՝ իմ և Արտաշէս Յարութիւնեանի կարծիքներուն վրայ, կը պարտաւորէ զիս մէկ երկու խօսք ընել և պզտիկ բացատրութիւն մը տալ հրապարակաւ։

Կ’երեւայ թէ իմ մտածելու եղանակս լաւ չեմ կրցած արտայայտել, քանի որ կը կարծէք թէ ես նոյն խանդավառութիւնը չունիմ Խորհրդապաշտ Դպրոցին համար։ Կրնայ ըլալ որ իմ և Արտաշէս Յարութիւնեանի խանդավառութեան տեսակը տարբեր ըլլայ, մանաւանդ այս ինչ կամ այն ինչ անունին համար, բայց ես չեմ կարծեր թէ հիմնական տարբերութիւններ ըլլան մեր մտածելու եղանակին մէջ։ Այս մասին մասնաւոր արժանապատուութիւն մը կը դնեմ պնդելու, որովհետեւ դիտած և համոզուած եմ որ Արտաշէս Յարութիւնեան զարմանալի սրատեսութիւն մը և թափանցողութեան ճշդութիւն մը ունի ժամանակակից ֆրանսական բանաստեղծութեան վրայ։

Ըսելով թէ Սէնպօլիսմ ի ամէնէն փայլուն շրջանը ըմբոստացում մըն էր իրերու ներկայ վիճակին դէմ, չուզեցի բնաւ գրական այդ մեծ շարժումը տնտեսական հարցի մը անձուկ սահմաններուն մէջ սեղմել միայն, այլ ըսել ուզեցի թէ մտաւորականներու չքաւորութիւնը և անոնցմէ ոմանց խիզախ անձնավստահութիւնը մեծ օժանդակ մը եղաւ գրական այդ շարժումին և թէ անոնք ալ իրենց յեղաշրջութիւնը կատարելէ ետքը դադրեցան նոյն պայքարող, դիմագրաւող և կեանքոտ դերը ունենալէ։ Իմ յօդուածիս նպատակ սէնպօլիսդ ները չըլլալով, իրենց բազմակողմանի շարժումէն յիշատակած էի միայն այն երեւոյթը՝ որ առնչութիւն ունէր ըսելիքներուս հետ։

Մասիս ի 23րդ թիւին մէջ կը գտնեմ նաև սա տողերը. «Որ և է նախասիրուած հեղինակի մը վրայ եղած ուսումնասիրութիւնը մասնակի ըլլալու չէ. նոյն բանը կարելի է ըսել սէմպօլիզմ ի վրայ, որ արդէն Mercureի մէջ փառաբանուած է, ուրիշ հանդէսներու մէջ սաստկապէս քննադատելու համար»։

Ձեր այս տողերէն կարելի է եզրակացնել թէ սէմպօլիսմ ը տպագրական ձեռնարկութեան մը արդիւնքն էր միայն։ Իրականութեան մէջ սակայն, Խորհրդապաշտ Դպրոցը ինքնածին, ինքնայոյզ բուռն գրական շարժում մը եղած է, որմէ դղրդուած է մեծապէս պաշտօնական գրականութիւնը, որուն կենսալիր, վերանորոգող շունչին տակ շատ մը նուիրագործուած համբաւներ թառամած են և մանաւանդ թէ ան մեծ, հիմնական ազդեցութիւն ունեցած է ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհներու գրականութեան վրայ, միեւնոյն ատեն ազդած ըլլալով ամէն կարգի արուաստներու և նոյն իսկ ժամանակակից իմաստասիրական և ընկերական ըմբռնումներուն վրայ։ Իմ տեսութեամբս՝ Մէնտէսի գիրքը անբաւական և միակողմանի է. արդէն Մէնտէս քանի՛ անգամներ հակասական կարծիքներ յայտնած է խորհրդապաշտութեան վրայ։ Գալով Խորհրդապաշտ Դպրոցին զուտ բանաստեղծական և գեղեցկագիտական սահմանումին, Մալարմէի սահմանումը ամէնէն ճիշդը և կատարեալը կարելի է համարել։ Ուրիշ խնդիր է թէ այսօր Խորհրդապաշտ Դպրոցը իր կենսականութիւնը կորսնցուցած է։ Եւ իրաւ, ինչ որ ալ ըսուի, սէմպօլիսմ ը գրական պատմութեան կը պատկանի ալ, անիկա, թէեւ դեռ շատ մօտակայ, անցեալն է։ Այն մէկ քանի մեծ համբաւները որոնք տեւած են, առանձնացած են տարբեր ուղիներու մէջ և իրարմէ հեռացած եւ իրենց համար իսկ առաջին տարիներու հաւաքական գրական ջանքը, յիշատակ մըն է միայն։ Բայց եթէ խորհրդապաշտութիւնը կարելի է անցեալը նկատել, ըսել չէ թէ խորհրդապաշտ վարպետները իրենց կարեւորութիւնը կորսնցուցած են. հակազդեցութեան դիւրին միջոցներուն ապաւինող վաղանցուկ համբաւներ անկարող էին զիրենք նսեմացնելու։ Ֆրանսական բանաստեղծութիւնը ակներեւ փոխանցման շրջանի մը մէջ կը գտնուի, տեսակ մը դադար. ոչ ոքի համար գաղտնիք մը չէ սակայն որ՝ վաղուան բանաստեղծութիւնը ուղղակի արդիւնքը պիտի ըլլայ Խորհրդապաշտ Դպրոցի յեղաշրջման։

Գալով Վէրհարընի, միշտ անպայման հիմացում մը ունեցած եմ իրեն համար և ապահովաբար իրեն տրուած ոսկի շրջանակը շատ չէ բնաւ։ Առանց մասնաւոր բան մը գրած ըլլալու, կը կարծեմ թէ ամէն անգամ որ առիթը ներկայացած է, իմ խորունկ հիացումս յայտնած եմ պելճիքացի մեծ բանաստեղծին նկատմամբ։ Ըսի թէ՝ այս ինչ կամ այն ինչ անունին համար կրնայ ըլլալ որ Արտաշէս Յարութիւնեանի համակրանքը չունենամ։ Այսպէս, ինծի համար Մօռէասի ուշ մնացած Յոյնի սնապարծութիւնները անհանդուրժելի են. ինչ որ ալ կարդամ իրմէ, ականջիս մէջ միշտ պիտի լսեմ ապահովաբար իր անհարկի ինքնագովութիւնները։ Ասիկա ըսել չէ բնականաբար որ Մօռէաս արժանի չէ ճանչցուելու։ Իր վրայ կարծիքները շատ հակասական եղած են, բայց ոչ ոք ուրացած է իր ճշմարիտ բանաստեղծի մեծ յատկութիւնները։

Իսկ symbolisme բառին արտասանութեան համար, ահաւասիկ։ Երբեք յաւակնութիւնը չեմ ունեցած լեզուական նրբութիւններու մէջ վճռական բան մը ըսած ըլլալու և հիմա կ’անդրադառնամ թէ ինչքան իրաւունքունէի, որովհետեւ արդարութիւնը պարտք կը դնէ իմ վրաս խոստովանելու թէ՝ սխալած եմ symbolismeը զ ով գրելով։ Ձեր յօդուածին մէջ կ’ըսէք թէ ֆրանսացիներու հարցուցած էք և հաստատած են ձեր կարծիքը։ Ես ալ նոյն մտածումը ունեցայ և հարցուցի սէնպօլիսթ ներու և անոնցմէ մասնաւորապէս վարպետի մը՝ որուն հմտութիւնը և ձեռնահասութիւնը լեզուական խնդիրներու և մանաւանդ արտասանութեան նրբութիւններու մասին որ և է կասկած չվերցներ։ Արդ, դասականօրէն symbolismeը պէտք է արտասանել ս ով ա՛ս է ճիշդը։ Բայց, մխիթարական կէտ մը կայ ինծի համար. ան ալ ահաւասիկ. զ ով հնչումն ալ շատ ընդհանրացած է և կարելի չէ բոլորովին մեծ սխալ մը նկատել։

Կը յուսամ թէ այս մէկ քանի անկեղծ տողերս կը կարդաք այն ներողամտութեամբ, զոր ինձմէ կը սպասէիք և որուն սակայն ես իմ կարգիս պէտք չունեցայ բնաւ։