Ազգային ջոջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐԱՊԵՏ Հ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Կարապետ Հ. Փանոսեան, խմբագիր֊տնօրէն Մանզումէի Էֆքեար էսե­ֆենկիզ լրագրոյ, տէր֊տնօրէն Ագապեան տեհշեթամիզ վարժարանի, ծնած է Կեսարիա 1836 թուականին: Իւր անհամբեր եւ նեղսիրտ բնաւորութիւնը գիտցողները կրնան գուշակել` թէ ինն ամսուայ մէջ որչափ չարչարած է իւր մայրը, արդեօք քանի քանի անգամներ փախչիլ փորձած է: Եւ արդարեւ ինն ամիս արգանդի մէջ բանտարկուիլը մեծ ժամավաճառութիւն էր Փանոսեանի համար, որ ինը ժամուան մէջ ինը հարիւր փոխառութիւն եւ ինը հազար հայ­հոյութիւն կրնայ ընել: Ուստի բնաւ թերահաւատութիւն ընելու չէք, երբ ըսեմ ձեզ` թէ Փանոսեան մօրն արգանդին մէջ սկսաւ խորհրդածել, թէ ի՛նչ հնար­քով կարելի է որ մարդ մը մօրն արգանդին չհանդիպելով ուղղակի աշ­խարհ գայ: Ասոր վրայ կը խորհէր եւ պատրաստուած էր յօդուած մ՚ալ գրել, երբ մանկաբարձն իրեն իմացուց պայմանաժամին լրանալը:

Փանոսեան աշխարհ գալուն պէս աչերը բացաւ եւ պոռաց. ի՜նչ թանձր տգիտութեան մէջ եմ մնացեր: Բարեկարգութեան եւ ազատութեան ջերմ սիրա­հար ցոյց տուաւ ինքզինքն` ոտներն ու ձեռներն միշտ դուրս հանելով խան­ձարուրէն: Դպրոցասէր ըլլալն ալ հասկցուց իւր մանկական հասակին մէջ: Հազիւ չորս տարեկան կար, խաղի թուղթերէն դպրոցներ կը շինէր, դրացինե­րու տղաներէն դրամ, կարասիք եւ այլն կը ժողվէր ի նպաստ իւր շինած վարժարաններուն եւ գրպանը կը նետէր: Հայրն ու մայրը նկատելով, որ իրենց զաւակն փառաւոր ապագայ մը կը խոստանայ թէպէտեւ վերջէն հասկցուե­ցաւ, որ շատ հաւատք ընծայելու չէ անոր խոստումներուն կ՚որոշեն Կ. Պոլիս ղրկել զինքն, որպէսզի երթայ հոն դաստիարակութիւն առնէ:

1846֊ին Վոսփորէն ներս մտաւ Փանոսեան: Այս թուականին մէկ օրուան մէջ բարեկարգ վարժարան մը գտնելը խիստ դժուար ըլլալով՝ նախնական ուսմունքն առնելու համար ղրկուեցաւ Խասգիւղ հացագործի մը խանութը: Հոն սկսաւ քարոզել հաց առնելու համար խանութն եկող գործաւորներուն եւ ար­հեստաւորներուն, որ իրենց գործերը թողուն եւ մարմնամարզութեամբ պարա­պին, եթէ կ՚ուզեն ազգին ծառայութիւն մատուցանել: Իր քովն աշխատող գոր­ծաւորները կը խրատէր դաշնակ եւ պար սորվիլ: Իւր քարոզներն եւ խրատներն արդիւնք մը չունեցան, եւ երբ օր մը առաջարկեց տիրոջն, որ խանութը փլցու­նեն եւ դպրոց շինեն` տէրը բարկացաւ եւ պաշտօնն առաւ վրայէն:

Քանի մը ժամանակ պարապ մնալէն ետքը, 1851֊ին Պոլսոյ երկրագործա­կան վարժարանն ընդունուեցաւ բարերարի մը միջամտութեամբ: Այս ճիւղին մէջ մեծ յառաջդիմութիւն ըրաւ: Փորձ մը ընելու համար, օր մը հին կօշիկ­ները տանը պարտէզին մէկ անկիւնը տնկեց, առտու երեկոյ ջուր տալ սկսաւ, բայց երբ տեսաւ, որ կօշիկները չեն բուսնիր` անիծեց հողն ու բուսաբանու­թիւնը եւ ազգը մարդ ընելու համար պաշտօն մը փնտռելու ետեւէ եղաւ:

1859֊ին խմբագրութեան ասպարէզը նետուեցաւ Միւնատիի էրճիայաս անուն լրագիրը հրատարակել սկսելով: Ամիրան ու արհեստաւորն, կաթողիկոսն ու փոքրաւորն, հարուստն ու աղքատն ամէնը բաժանորդ էր այս լրա­գրին յարձակումներուն, որոնք արդարացի ըլլալով` լաւ ընդունելութիւն կը գտնէին ժողովուրդէն, որ մինչեւ այն ատեն կը կարծէր, թէ ամիրայի մը թաշ­կինակին դէմ խօսիլը երկնից դէմ ապստամբիլ էր: Այն ատենները Գերագոյն ժողովոյ մէջ անիրաւութիւնն ճշմարտութեան ներկայացուցիչն էր. բռնութիւ­նը գաւազան ի ձեռին կը նախագահէր. արդարութեան աթոռին վրայ ամի­րաներու կամքը բազմած էր. իրաւունքը ֆալախա կ՚անուանուէր եւ Փանոսեան իբրեւ մունետիկ փողոցներու մէջ կը պոռար.

«Հայեր, երէկ հազար տարեկան ճշմարտութիւն մը կորսուեցաւ պատրիարքարանի մէջ»:

Ժողովուրդն այս կեսարացիին ընթացքին հաւնելով` կը քաջալերէր զայն, որուն խմբագրատունն էր այն ատեն Վեզիր խանին մէջի սրճարանը, աթոռն էր տոպրակի մէջ լցուած հարիւր տրամ խոտ, գրասեղանն էր սրճարանապե­տին դռան քով դրուած սնդուկը եւ թաշկինակն էր իւր հագուստին թեւը: Ընթերցասիրութեան նոր վարժուող ժողովրդեան մը քաջալերութիւնն այս աստիճա­նին մէջ կը պահէին զինքը, եւ հարուստներն, որք տաղանդին, ինչպէս կ՚ըսէ Յոբնաղ, գովեստներէն ուրիշ բան չեն տար, միայն կը ծափահարէին Փանոս­եանը: 1853֊ին երբ Զէյթունի կոտորածն սկսաւ, Փանոսեան քաջ ախոյեան հանդիսացաւ այս խնդրոյն մէջ, որ պատճառ եղաւ իւր լրագրին խափան­ման եւ իրեն բանտարկութեանը:

Խափանում, բանտարկութիւն բնաւ նշանակութիւն չունէին իւր առջեւ, մանաւանդ բանտն, որ իրեն համար առանց վարձու սենեակի մը մէջ նստիլ էր: Բանտէն ելնելուն պէս Թափառական Հրեային տաճկերէն թարգմանութեանը ձեռնարկեց: Այս աննման վէպին թարգմանութեամբը մէկ կողմէն նախապա­շարումները կը սպաննէր, միւս կողմէն տաճկերէն լեզուին ջարդ կու տար, եւ ամէն օր սիրտը կը դողար, որ չըլլայ թէ Էոժէն Սիւ ելնէ դատ բանայ իրեն դէմ: Այս ահ ու դողի մէջ անհնար ըլլալով թարգմանութեան շարունակութիւ­նը, կիսատ թողուց զայն, թէպէտեւ բաժանորդներէն ամբողջ բաժանորդագին­ներն առաւ:

1866֊ին յաջողեցաւ արտօնութիւն առնել Մանզումէի էֆքեար անուն լրագրի մը` որուն հրատարակութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակէ: Այս լրա­գրին մէջ սկսաւ շարել իւր կարծիքները մարդերու հասկնալի կերպով. իսկ երբ 1869֊ին Ագապեան վարժարանը բացաւ եւ անոր դէմ դիտողութիւններ տեղի ունեցան, սկսաւ էշերուն խօսիլ: Առաջ իւր յօդուածներուն գլուխը հա­յե՛ր, հայե՛ր, կը գործածէր, վերջէն սկսաւ աւանակներ, էշեր դնել: Ագապ­եան վարժարանի կռուոյն մէջ այնպիսի անդուռն բերանով յարձակուեցաւ իւր մէկ պաշտօնակցին վրայ, որ ստիպուեցաւ դատի հրաւիրուել 1872֊ին: Այս դատն այնքան հետաքրքրութիւն շարժեց, որ Մուսաս Պառնասի գագաթէն իջնալով ներշնչեց ինձի եւ ես երգեցի այն դատը:

Ինչո՞ւ չերգեմ նաեւ այսօր այն պատերազմն դիւցազներու, որք, սագի փետուրով զինուած, վեց ամիս իրարու դէմ կատաղաբար պատերազմեցան եւ դաշտի վրայ հազարաւոր ընթերցողներ վիրաւորելէն ետքը՝ արիւնով ներ­կեցին համեստ դէմքերը: Ըսէ՛ ինձ, ո՞վ Մուսա, ի՞նչպէս եղաւ, որ Օրագիր ոճրագործ բառին վրայ սրտմտելով ասպարէզ կարդաց Մանզումէին, շո՛ւտ ըրէ, եկո՛ւր եւ օգնէ ինձ, որ այս վեցամսեայ պատերազմն արձակ երգով մը կարող ըլլամ երգել:

Այն ինչ վարդամատն Արշալոյս արեգական դռները բանալու համար դարբին փնտռելու իջած էր Հեփեստոսի բնակարանը, Օրագիր յանկարծ արթնցաւ եւ օր մահու եւ կենաց գոչեց այնպիսի սրտառուչ ձայնով, ուսկից շարժեցաւ մահճակալը: Քանի մը վայրկեան ձեռն ի ծնօտ խորհելէն ետքը` դի­մեց զէնքերուն. առաւ զանոնք եւ գրպանին մէջ դնելով՝ արիաբար հեծաւ իւր կօշիկներուն վրայ եւ սկսաւ յառաջանալ դէպի հոն, ուր պիտի սպաննէր թշնամին:

Միւս կողմէն Մանզումէն հապճեպով հագուեցաւ իւր պատերազմական հագուստները, զգեցաւ զրահն` ուսկից արեւուն ճառագայթները չեն կրնար թափանցել, առաւ իւր զէնքերն, որ կը բաղկանային աւանակ, էշ, լիրբ, ոճ­րագործ, անամօթ բառերէ եւ հետեւեալ ատենաբանութիւնն ըրաւ. դողացէք ոտներուս տակ, ո՛վ գուլպաներս: Այս ատենաբանութենէն ետքը վերջին ող­ջոյնը տուաւ իւր սենեակին այնպիսի սրտաճմլիկ խօսքերով, որ լալ սկսան բարձերն ու բազմոցները: Վերջին ողջոյնը տալէն ետքը մտրակեց իւր կօշիկ­ները եւ պատրաստուեցաւ իւր ոսոխին դէմն ելնելու: Հասաւ վերջապէս այն ժամն, որ դէմ առ դէմ պիտի բերէր այս երկու ըմբիշներն, որ իրարու երես տեսնել չէին ուզեր… սոսկալի վայրկեան… մուկ մը ասոնց մէջտեղէն ան­ցաւ. երկու դիւցազները զարհուրեցան, բայց քաջութեամբ ետ ետ քաշուե­ցան: Յառաջ մօտեցիր, գոչեց Մանզումէն, երկու քայլ առնելով դէպի ետ: Այս հրաւէրին վրայ Օրագիր անզգուշութեամբ Մանզումէին ոտքին վրայ կո­խեց, ա՛յ թշուառական, ասանկ կատակ կ՚ըլլա՞յ, պոռաց Մանզումէն: Օրա­գրին վրայ յարձակեցաւ, քաշեց մէջքէն գօտին եւ անանկ հարուած մը տուաւ ոճրագործով, որ վիրաւորեց Օրագրին ականջը: Օրագիրն իւր ուժն ժող­վելով Մանզումէին գլխուն իջեցուց Տրամաբանութեան ահեղ զէնքը: Ամպա­կուտակն Հայր Արամազդ երկնքին բարձրէն սարսափով կը դիտէր այս արիւնալի պատերազմը: Աստուածներէն ոմանք միջամտել կ՚ուզէին, ոմանք չե­զոքութիւնը նախամեծար կը համարէին, ոմանք զրահաւոր ղրկել կ՚որոշէին, ոմանք փոխատւութիւնը դադրեցունել կը փափաքէին. վերջապէս տարաձայնութիւնն այնքան սկսաւ շփոթել աստուածներն, որ աստուածներու Հայրն շանթ ի ձեռին ոտք ելաւ եւ այսպէս խօսեցաւ. «Անմահ մը չկրնար անխտիր մնալ մահկանացուներուն այս խեղճ վիճակին. ուստի, առանց ձեզմէ խոր­հուրդ հարցնելու, որոշեցի Առաքինութիւնը ղրկել, որ երթայ հաշտեցունէ զա­նոնք: Բայց որպէսզի Առաքինութիւնը կարենայ իւր պաշտօնն կատարել, հարկ է, որ կնկան կերպարանքով երեւի անոնց, որովհետեւ կիները իրենց փա­փուկ խօսքերովն կարող են քարէ սրտերն անգամ կակուղցնել»: Աստուածներն թող տուին, որ Արամազդ իւր պատասխանատւութեանը ներքեւ գործէ: Ուստի Առաքինութիւնն յանձն առաւ այս պաշտօնն եւ իսկոյն գեղեցիկ աղջկան մը կերպարանափոխուելով, ժպիտով մը վար իջաւ եւ կանգնեցաւ մեր դիւցազնե­րուն մէջտեղն, որոնց մին բանթալոնը կապելու զբաղած էր եւ միւսը ֆէսն կը մաքրէր: Ո՜վ դիւցազներ, գոչեց Առաքինութիւնը, կը ճանաչէ՞ք զիս, Ամենեւին չեմ ճանչնար զքեզ. պատասխանեց Մանզումէն. բնաւ երբեք, այդ անունով բաժանորդ չունիմ, ըսաւ Օրագիր: Ներեցէ՛ք, մեր կեանքին մէջ բնաւ տեսած չունինք, պատասխանեցին երկուքը միաբերան. Առաքինութիւն է անունս, ըսաւ: Կարգուա՞ծ էք, օրիորդ, հարցուց Օրագիր, որ կը պնդէր` թէ Փանոսեան իրաւունք չունէր վարժարանը պառկելու, քանի ամուրի էր: Մարմ­նամարզութիւն գիտէ՞ք, հարցուց Մանզումէն, որ մարմնամարզութենէն դուրս ամէն բան իբրեւ անօգուտ կը նկատէր: Այս հարցումներուն վրայ Առաքինու­թիւնը ժպտեցաւ եւ կոտրտուելով Մանզումէին գիրկը նետուեցաւ. վերջը եր­կուքը մէկէն գրկելով, կնքել տուաւ պատուաւոր հաշտութիւն մը, որ կէս ժամէն աւելի չտեւեց: Այս վայրկենական հաշտութենէն ետքը Առաքինութիւնը թռաւ ասոնց վրայէն: Երկու բարեկամներն քանի մը վայրկեան ապշած իրա­րու երես նայելէն ետքը բաժնուեցան իրարմէ, իւրաքանչիւրն հետը տանե­լով մէյ մէկ պատուաւոր հաշտութիւն: Արեւն, որ ի նշան տրտմութեան ապա­րանքէն դուրս չէր ելած, այս հաշտութեան վրայ իւր դէմքը ցոյց տուաւ եւ իւր լուսասփիւռ ճառագայթները տարածելով սկսաւ չորցնել երկու դիւցազներու վարտիքներն, որ թրջուած էին… քրտինքով:

Այս կերպով վերջացաւ ահա այն պատուաւոր հաշտութիւնն, որ վերջէն Սամաթիոյ մէջ այնքան յուզում պատճառեց:

Փանոսեան այս պատուաւոր հաշտութեան վրայ չփոխեց լեզուն եւ ամէն անգամ, որ ժողովրդեան խօսելու կ՚ելնէր, միշտ անամօթ, ստախօս, խաբեբայ ածականներէ կ՚առաջնորդուէր: Վարժարաններու վրայ գրած յօդուածներէն աւե­լի ազդեցութիւն ըրաւ այն յօդուածն, որ ճեմիշներու նուիրուած էր: Յիշեալ յօդուածով, որուն վերնագիրն էր մեմշեճէ ըսլահաթ, ո՛չ միայն ազգային, այլ միջազգային ճեմիշներու նկարագրութիւնն ընելով` անոնց բարեկարգութեանը վրայ կը պնդէր, բայց Մալթայէն Պեշիքա բերելու համար զրահաւոր չունենալով իւր առաջարկութիւնն անընդունելի կը մնար: Ազգի մը յառաջադիմութիւ­նը, կ՚ըսէր, ոչ թէ անոր լրագիրներէն, այլ ճեմիշներէն կը ճանչցուի, եւ իբրեւ փաստ Բարիզու ճեմիշները կը ներկայացնէր իւր ընթերցողներուն այնպիսի գեղեցիկ գոյներով, որ մերիններուն արժանապատւութիւնը կը վիրաւորէր: Փանոսեան ամէն բանի մէջ միշտ առաջնութիւն փափաքելով` շատ անգամ սխալ քայլեր առած է, եւ իւր սխալն զգալէն ետքը շարունակած է զայն. թերեւս կար­ծելով` թէ մարդս եթէ յարատեւէ իւր սխալին մէջ, այդ սխալն ուղիղի կը կեր­պարանափոխուի: Սոսկալի յամառ մ՚է իւր սխալին մէջ: Հին իմաստասէրնե­րէն մէկուն հարցուեցաւ օր մը` թէ ի՞նչ պէտք է մէկն գինեմոլութենէ կտրելու համար. գինով մը դրէ՛ք առջին, պատասխանեց իմաստասէրն, որ ուշի ուշով քննէ զայն: Մենք ալ խրատ կու տանք յամառ զաւակ ունեցող հայրերուն, որ գոնէ անգամ մը Փանոսեանը ներկայացնեն իրենց զաւակներուն: Այս յամա­ռութեամբ է, որ երկու տարիէ ի վեր վայրկեան մը չկորսնցնէր դէմ խօսելու այն ամէն որոշումներուն, զորս պատրիարքարանը կ՚ընէ ի դարման իւր ժո­ղովրդեան վէրքերուն: Չխղճար նաեւ վիրաւորելու այն ազնիւ երիտասարդու­թիւնն, որ Հայաստանի մէջ ձրի ուսում ծաւալելու համար անձնանուիրաբար կ՚աշխատի. փոխանակ անոր թերութիւնները ցոյց տալու եւ ուղղութեան հրա­ւիրելու, փայտի կտոր մը կ՚առնէ եւ անոր գլուխը կ՚իջեցունէ: Թէպէտեւ միշտ Արգոս կը ձեւանայ այն թերութիւններուն, որ իրեն չեն դպչիր, սակայն ես լաւ գիտեմ, որ սիրամարգի պոչին վրայ գտնուած աչերուն երկուքն իւր աչերն են. որ չեն տեսներ այն խաբեբայութիւնները եւ թեթեւութիւններն, որ ազգին պատ­ուոյն կը դպչին: Շատ անգամ թագ կը շինէ այնպիսի անձերու, որոնց ես մազերը կը փեթտեմ. եւ երբ ինքն ուրիշներուն շողոքորթ, ստախօս կ՚ըսէ, ես ալ իրաւունք չունի՞մ իրեն հարցնել` թէ բաւական սուր աչեր ունի՞ ուրիշներուն կոյր ըսելու համար: Այսուամենայնիւ պէտք չէ կարծել, թէ իւր յօդուածնե­րուն մէջ ճշմարտութիւն չկայ. սակայն ի՞նչ օգուտ, ճշմարտութենէ աւելի հայհոյութիւն եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն եւ այլն կայ: Իւր թերթին էջերուն մէջ միշտ կիրքն ու դատողութիւնը մենամարտութեան կ՚ելնեն. կիրքը միշտ յաղ­թանակը կը տանի եւ ճշմարտութիւնը կը վիրաւորուի: Չեմ հասկնար իւր ոճը, բայց կը խորհիմ, թէ կարելի չէ՞ միթէ համոզել մէկն, որ երկու անգամ երկու չորս կ՚ընէ, առանց կնքահայրութիւն ընելու եւ աւանակ անունով մկրտելու զայն: Սակայն ես վեր կը դասեմ զինքն միշտ այն քանի մը խմբագիրներէն, որ միշտ երկու անգամ երկուքը հինգ կը ներկայացնեն վսեմափայլ, բարձ­րապատիւ ածականներով, երբ մէկը հաճի կէս կանգուն քազմիր նուիրել իրենց. վասն զի անվայել ոճով պաշտպանուած ճշմարտութիւնը միշտ նախա­պատիւ է բաճկոնի մը զոհուած ճշմարտութենէն:

Միայն խմբագրական ասպարէզին մէջ չէ, որ Փանոսեան ծառայած է ազգին: 1867֊ին Ազգային հիւանդանոցին ցաւալի կացութիւնն նկատողութեան առնելով` ինքզինքը ընտրելի ներկայացուց անոր ոչ իբրեւ խենդ, այլ իբրեւ տնօրէն եւ տնօրէն անուանուեցաւ այդ շէնքին, խոստանալով, որ կարճ ժամա­նակի մէջ պիտի բարեկարգէ խենդերուն վիճակը: Խենդերն անպատմելի ուրա­խութիւն զգացին այս լրոյն վրայ: Փանոսեան տնօրէնութիւնը վրան առնելուն պէս սկսաւ հիւանդանոցին պատերը բարեկարգել փլցունելով զանոնք եւ քա­ղաքակրթութեան պահանջումներուն համաձայն վերստին շինելով: Հիւանդա­նոցը պարտքի տակ ճնշուիլ սկսաւ: Հոգ չէ, կ՚ըսէր Փանոսեան, առանց դրամի բարեկարգութիւն անկարելի է, ժողովուրդը միայն ստակ տալու է եւ ուրիշ բանի բնաւ խառնուելու չէ: Չափէն աւելի կ՚աշխատէր, որ հիւանդներն ու խենդերը աղէկ ուտեն, խմեն եւ պառկին. այս աշխատութիւնն այնքան ար­դիւնաւոր եղաւ, որ շատ մը անգործ մարդեր խենդ ձեւանալով Փրկիչ մտան եւ հոն… պաշտօն վարեցին: Պատրիարքարանն Փրկչին այս կացութիւնը տես­նելով՝ ստիպուեցաւ տնօրէնութիւնն առնել Փանոսեանէն, որ խոշոր գումար մը պարտք թողլով ծառայեց ազգին:

1866֊ի ատեններն էր: Նիկոմիդիոյ կողմերն սովն երեւան ելաւ եւ մեր հարուստներն իրենց ալիւրի շտեմարաններուն եւ ոսկիի սնտուկներուն հար­իւր փականք կախեցին: Կեսարացի խմբագիրն ախոյեան կանգնեցաւ սովին եւ առաւօտէ մինչեւ երեկոյ վաճառականներու եւ արհեստաւորներու խանութնե­րը թափառելով ձեռները բացաւ, ողորմութիւն մուրաց եւ հաւաքած դրամովն ալիւր գնելով ղրկեց սովալլուկ ազգայիններու, որք եթէ Ազգային Ժողովին որոշման սպասէին՝ անդիի աշխարհին մէջ պիտի տեսնէին ալիւրի երեսը:

Որպէսզի աղջիկներն անուս մնալով ազգային դաստիարակութիւնը կաղ չքալէ` 1869֊ին վարժարան մը բացաւ Սամաթիա Ագապեան անունով, որուն մէջ ազատ դաստիարակութիւն պիտի առնէին ազգին աղջիկները: Ժողովուրդն իւր քաջալերութիւնը չէր զլանար, գիրք, գրասեղան, դրամ, դաշնակ, ամէն բան կը նուիրէր իրեն, բայց այսչափ նուէրներով դարձեալ բաւական չըլլալով վարժարանին ծախքերուն հասնիլ, Փանոսեան սկսաւ յառաջադէմ աշակերտ­ներն իւր ծանօթներուն տունը տանելով, երգել եւ պարել տալով` նուէր հաւա­քել: Այս ընթացքն ալ գոհացուցիչ արդիւնք մը չբերաւ եւ Փանոսեան սկսաւ իւր յառաջադէմ աշակերտները Սարըյար տանել, պարտէզի մը մէջ խաղցնել եւ մէկ ոսկի օսմանեան մուտք առնելով Ազգային Սահմանադրութեան տարեդարձը կատարել: Ասով ալ չշատացաւ եւ սկսաւ ամէն տարի մէկ երկու անգամ քոնսեր տալ թատրոններու մէջ: Ժողովուրդն, որ այս տեսակ զարմա­նալի դաստիարակութիւն ո՛չ տեսած ունէր եւ ո՛չ լսած` դիտողութիւններ ըրաւ իրեն: Այս դիտողութիւնները Մանզումէի յատուկ լեզուով հերքուեցան. ժողովուրդը դադրեցուց իւր օգնութիւնները եւ Փանոսեան ստիպուեցաւ մնալ երեք աշակերտով. զորս քոնսերի կը հանէր ամէն անգամ որ ձեռքը գրպանը կը խոթէր եւ դրամ չէր գտներ հոն: Այնչափ շատ գործ ունէր, որ ցերեկը աշ­խատելով չէր կրնար իւր գործերն ի գլուխ հանել, ուստի գիշերներն արթննա­լու համար Արիստոտէլի պէս հնարք մը գտած էր. այնչափ նեղ մահճակալի մը վրայ կը պառկէր, որ դառնալուն պէս գետին կ՚իյնար եւ կ՚արթննար. բայց ետ­քէն հարկ չմնաց նեղ անկողնի մէջ պառկելու, երկու հոգւոյ անկողինի մէջ կը քնանար, բայց գիշերը քանի մը անգամ կ՚արթննար. վասն զի հացագործն, նպարավաճառը եւ մսավաճառը կու գային կ՚արթնցնէին զինքը իրենց առնելիք­ները պահանջելու համար: Փանոսեան անուամբ վարժարան մ՚ալ բացաւ, որ մէկ տարուան մէջ քառասուն անգամ տեղ փոխեց: Այս վարժարանն չկրցաւ յարատեւել, վասն զի խաւարեալ, տգէտ եւ բարբարոս ժողովուրդն արական աշակերտներուն ձայնէն չէր ուզեր զգացուիլ, ուստի երկու տարուան մէջ գոց­ուեցաւ Փանոսեան վարժարանը, քսանի չափ աշակերտ հանելէն ետքը:

Փանոսեան պզտիկ մարդ չէ եւ ազգային ջոջերու մէջ աթոռ ունենալու իրա­ւունք ունի: Մեծ բարեկարգիչ մ՚է, եւ եթէ Պոլսոյ թաղապետութիւնն այսօր իրեն յանձնուի` ամէն փողոցներու մէջ մէյմէկ սքանչելի ճեմիշ կը կառուցանէ եւ փողոցին մէջ միզողներու վրայ տուրք մը սահմանելով, կառավարութեան դրամական տագնապի առաջքը կ՚առնէ: Իւր բառարանին մէջ վհատութիւն չկայ: Յանդուգն ձեռնարկու մ՚է, քսակին մէջ առանց դրամ մ՚ունենալու օդի մէջ շոգեկառք բանեցնելու արտօնութիւնը սիրով կ՚ընդունի, եթէ իրեն առաջարկ­ուի: Յոգնութիւն բնաւ չգիտեր, շաբաթ մը շարունակ կարող է քալել. լեզուն այս մասին ծունկերէն յառաջադէմ է: Սովորութիւն ունի փողոցէն վազելով երթալ այնպէս, որ հետը ծանօթութիւն չունեցողները կը կարծեն, թէ պար­տատէրն ետեւէն կու գայ: Իւր քանի մը պաշտօնակիցներէն շատ աւելի վե­հանձն է, արժանապատւութիւնը միշտ կը պահէ ծոցը, եւ տունէ տուն չպտտիր բաժանորդ գտնելու համար: Փոխառութենէ բնաւ չվախնար եւ երբ ան­կարող գտնուի իւր պարտքը վճարելու՝ բնաւ չկարմրիր. կարմրիլը, կ՚ըսէ, նախապաշարում մ՚է, զոր մեր նախնիք կը գործածէին եւ մենք, տասնիններորդ դարու զաւակներ, պարտաւոր չենք նախնեաց նախապաշարումներուն հետեւիլ: Լուսաւորիչ մ՚է, եւ եթէ լեզուն եւ ընթացքը քիչ մը բարեփոխէ` շատ ծառայու­թիւններ կարող է ընել ազգին, որ դժբախտաբար կաւիճով պատի վրայ կը գրէ լրագրի մը բարիքները եւ օրացոյցի մէջ կ՚արձանագրէ անոր թերութիւն­ները:

Փանոսեան բարեկազմ եւ արագաշարժ մարդ մ՚է: Ունի սեւ աչեր եւ ընքուիներ: Գլուխն ոչ մեծ կը սեպուի եւ ոչ պզտիկ. այդ մեծութեամբ ոչխարի գլուխները երեք ու կէս դահեկանի կրնան գնուիլ այսօր: Լեզուն բաւական մեծ է. բայց դժուարամարս ըլլալուն համար չուտուիր, եւ հետեւապէս բան մը չարժեր այսօր: Իւր դէմքին վրայ գաղափար մը տալու համար կը հարկադրուինք յիշե­ցունել այն մարդն, որ լուր կ՚առնէ, թէ վիճակահանութենէ հարիւր հազար ֆրանք շահած է, եւ երբ այդ գումարը պահանջելու համար իւր բաժնետոմսին թիւը կը ներկայացնէ ընկերութեան, պատասխան կը տրուի իրեն.

—Պարոն, շահող թիւը այդ չէ. լրագիրները սխալ հրատարակած են: