Ազգային ջոջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՈՐԷՆ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ

Խորէն եպիսկոպոս, աստուածաբան, կատակերգակ, ազգային երեսփո­խան, բանաստեղծ, 1861֊ին Գալֆայեան, 1870֊ին Նար֊Պեյ, 1879֊ին Լուսին­եան մինչեւ նոր տնօրէնութիւն ծնաւ Կ. Պոլիս Սամաթիոյ թաղին մէջ 1841 թուականին: Ծնած գիշերը երեք տեղ հրդեհ պատահեցաւ. Արնաւուտ֊գեղ, Ախրգաբու եւ Գասըմբաշա:

Խորէն չուշացաւ յայտնել, թէ իւր ծնունդովն բանաստեղծ մ՚ալ աւել­ցաւ ազգին եւ ոչ թէ փորձանք, ինչպէս կը գուշակէին քանի մը հեռատես մար­դեր. վասն զի երբ մանկաբարձն անոր ոտներուն վրայ դիտողութիւն կ՚ընէր, տասնեւվեցոտեան ոտանաւորներն միշտ այսպէս կը վերջանան, պատասխա­նեց երախայ բանաստեղծն, որ ազգային քերթող պիտի յորջորջուէր օր մը մեր ազգային համբակ… սափրիչներէն: Ութ օր վերջը կատարուեցաւ իւր մկրտութեան հանդէսը: Կնքահայրն Ամբակում դրաւ անոր անունը, սակայն երա­խան տուն երթալուն պէս փոխեց զայն ու Խորէն դրաւ:

Նախազգացմամբ գուշակեց կարծես, թէ ձեռք պիտի քաշէր օր մը այս աշխարհիս վաղանցուկ հաճոյքներէն, թէ իւր կեանքն Աստուծոյ ծառայութեան նուիրելով մեծ քաղցրութիւն պիտի զգար: Ուստի, օր մը աչերն վեր առնելով կնկան մը երես չէր նայեր… բազմութեան մէջ, փութանք աւելցնել, թէ մէկէ մը տեսնուելու կասկած կամ երկիւղ չունեցած ատենն ալ չէր նայեր կիներու… եթէ ծեր ըլլային. եւ հետեւապէս, կուսակրօն ըլլալու համար ամէն տրամա­դրութիւն ունէր: Հազիւ չորս տարեկան կար, դրացւոյն տղաներն իւր տու­նը կը հրաւիրէր եւ անոնց հետ կրօնական խաղեր կը խաղար, նման այն խաղերուն, զորս երբեմն խաղալու չմոռնար: Աթոռի մը վրայ բազմելով քա­րոզ խօսելու համար մեծ փափաք ունէր, իսկ երբ այդ աթոռը պատրիարքա­կան ըլլար` հոգին կու տար:

Հայրը տեսնելով, որ տղան վարդապետ ըլլալու սիրով կը տոչորի, ինչ­պէս որ նոյն սիրով կը տոչորին միշտ եօթը տարու տղաներէն ոմանք, որոշեց Վենետիկի վանքը ղրկել զինք. եւ քիչ ատենէն այս որոշումը գործադրեց առա­գաստաւոր նաւու մը յանձնելով իւր զաւակն 1847֊ին:

Երբ Վենետիկ հասաւ Խորէն ու վանահօր ներկայացաւ, վանահայրն, անոր շարժումները դիտելով, յայտնեց թէ անկարելի էր զայն դպրոցի մէջ առնելը. որովհետեւ, աւելցուց, վանքին տրամադրած օրէնքներուն հակառակ էր իգական սեռէն աշակերտ ընդունելը: Մեծ դժուարութիւն կրեցին համոզե­լու համար վանահայրն թէ աղջիկ չէր իրեն ներկայացուողը: Երկրորդ օրը վան­քին դպրոցը ղրկուեցաւ Խորէն, ուր քիչ ժամանակի մէջ հսկայաքայլ յառաջ գնաց այն ամէն գիտութիւններու մէջ, որոնց շնորհիւ մարդս կը յաջողի սի­րելի ընել զինք ռամիկներու: Մեր պաշտօնին հաւատարիմ մնալու համար պարտաւոր ենք հոս յիշել, որ այն ատեն որչափ սրամիտ, նոյնչափ ալ խառ­նակիչ էր Խորէն: Վանահօր ականջներն ա՛լ խուլցած ըլլալով այն տրտունջ­ներէն, զորս Խորէնի դէմ կ՚ընէին իւր դասընկերները, որոշուեցաւ որ ի պա­տիժ իւր անվայել վարքին, վարդապետ ձեռնադրուի: Այս ըլլալու էր խելօք չկեցող աշակերտներուն համար վանքին սահմանած պատիժը:

Վանքին մէջ քանի մը տարիներ վարդապետութիւն ընելէն ետքը, սենեակ մը քաշուելով քարոզ տալու վարժութիւն ընելէն ետքը զգաց թէ վանքը խիստ անձուկ ասպարէզ մ՚էր համեմատօրէն իւր ընդարձակ հմտութիւններուն` որովք օր մը փայլ պիտի առնէր իւր անունն պճնասիրութեան աշխարհին մէջ: Փափաքեցաւ անանկ ընդարձակ ասպարէզ մ՚ընտրել, որուն մէջ կարող ըլլար ընդարձակօրէն ծառայել Աստուծոյ: Այս փափաքն գոհացնելու համար երկու ոտքով ցատկեց, մեր ազգային պատրիարքարանն ինկաւ: Յիշելու բարեբախ­տութիւնը չունինք այն թուականն` ուր Խորէն Էջմիածնայ հպատակեցաւ, սա­կայն լաւ յիշելու դժբախտութիւնն ունինք, թէ այն թուականէն ի վեր է, որ մեր կուսակրօնները ամէն պարզութիւն մէկդի դնելով՝ կիներու պէս հագուիլ, սգուիլ եւ կոտրտուիլ սկսան… աղէկ ծառայութիւն ընելու համար:

Այն ժամանակները մայրաքաղաքիս հարուստներէն ոմանք իրենց ձիերուն ապագայ պատրաստելու նպատակաւ, անոնց համար հոյակապ ախոռներ կառուցանելէն ետքը` իրենց զաւակներուն համար ալ դպրոց մը շինելու գաղա­փարն յղացան. բայց որովհետեւ Կ. Պոլսոյ մէջ դպրոցի յարմար տեղ մը գտնելն անկարելի էր, որոշեցին որ Բարիզի մէջ բանան այս դպրոցն` որուն մէջ պիտի դաստիարակուէին իրենց զաւակներն, եւ թերեւս, իրենց ձիերն ալ, եթէ հոս գործ չունենային: Իրենց այս որոշումին ծնունդ տուին Բարիզի մէջ դպրոց մը շինելով… աւազի վրայ: Այս դպրոցին, որու անուն Հայկազեան, տնօրէններն եղան 1856֊ին հռոմէականութենէ հայոց եկեղեցին դարձած, կամ լաւ եւս, գերութենէ ազատութիւն դարձած երեք վարդապետներն, որոնց յարեցաւ նաեւ վերջէն Խորէն եպիսկոպոս: Յիշեալ տնօրէններն եթէ բան մը չսորվեցուցին աշակերտներուն, որոնք երբ մայրաքաղաքս դարձան բան մը չսորվելէն զատ, հայերէն լեզուն ալ կորուսած էին, գոնէ սա սորվեցուցին ազ­գին թէ` շատ լաւ բան է իրաւունք եւ. պարտք ճանաչելն: Այս սկզբունքը մեզի սորվեցնելէն ետքը մաքուր սրտով, հանդարտ խղճով հարիւր հազար ֆրանկի պարտ թողլով, դպրոցին դռները գոցեցին: Խորէն եպիսկոպոս ամէնէն աւելի օգուտ քաղեց այդ դպրոցէն. մեծ քայլեր առաւ հոն դէպի Պառնասայ գագաթ. հոն կատարելագործեց մուսաներու արուեստը: Սա ինքն է որ, իւր վկայու­թեանը նայելով, երկու ամիս աշխատելէն ետքը հետեւեալ գիւտն ըրաւ.

Զիւր անուան կոչ

Գիտե՞ս ո՜հ, ոչ:

Թէպէտեւ պատմաբաններէն ոմանք Հոմերոսի կ՚ընծայեն այս երեւելի գիւտն, որ ժամանակագրութիւնք երեւելի անցիցին կարգը դրուելու մոռց­ուած է դժբախտաբար, սակայն մենք պնդելով կը պնդենք, որ այս գիւտին փառքը Խորէնի միայն կը պատկանի: Քաջ գիտենք, որ Խորէն եպիսկոպոս այս գիւտն ընելէն անմիջապէս ետքը հեւալով կը վազէ եղբօրը եւ անոր կ՚իմացնէ: Եղբայրն նախ չուզեր հաւատալ. ասանկ գիւտի մը գիւտն ան­հնար կը թուի իրեն, բայց վերջապէս կը համոզուի եւ եղբօրը փաթտուելով, Խորէն, կ՚ըսէ, մեծ ծառայութիւն ըրիր ազգին այդ գիւտովդ. ազգը պար­տաւոր է երախտագէտ մնալ քեզ յամենայն աւուրս կենաց իւրոց: Արդարեւ այդ գիւտը մեր ազգին համար աւելի մեծ նշանակութիւն ունի քան գիւտ նշխարացը, եւ կը զարմանանք թէ ինչու այդ գիւտին օրը կիրակի չեն բռ­ներ… բանաստեղծները:

Հայկազեան դպրոցին փակումէն ետքը Կ. Պոլիս դարձաւ Խորէն: Քանի մը ատեն հոն մնալէն ետքը դասախօսութեան պաշտօնով Թէոդոսիոյ Խալիպ­եան ուսումնարանը մտաւ, ուր առաւօտէ մինչեւ երեկոյ դասախօսութիւն կ՚ընէր խմբագրութեան, պարապելով թերթի մը` որուն անունը կա՛մ Մասեաց աղաւնի կա՛մ Պոլսոյ աղաւնի: Աշակերտներն ալ իրենց վարժապետին յանգ կրելով կը զբաղէին, որպէսզի հայրենասիրական եռանդուն քերթուածներ շինէ ազգին: Չհասկցուեցաւ թէ ո՛ր գիտութեան կամ ուսման մէջ յառաջ գացին յիշեալ վարժարանի աշակերտները, միայն սա յայտնուեցաւ, որ երբ այդ աշակերտներն իրենց քաղաքները վերադարձան, պատուհաններուն առջեւէն չէին հեռանար, փողոցէն անցնող աղջիկներն դիտելու համար: Կը հրաժա­րինք մանրամասնօրէն պատմելէ այն կեանքն, զոր վարեց Խորէն Թէոդոսիոյ մէջ. այո՛, կը հրաժարինք, որովհետեւ դժբախտութիւնն այն եղանակաւ հա­լածեց զինք Թէոդոսիոյ մէջ, ինչ եղանակաւ որ կը հալածէ մէկն իւր սպասա­ւորն, որ տան տիկնոջ աչք կը տնկէ: Կրօնաւոր մը այսչափ հալածուելու չէր… կրօնաւորէ մը: Եւ միթէ հալածումը յաջողեցա՞ւ անոր սկզբունքն փոխելու. բնաւ երբեք. այլ, ընդհակառակն, աւելի եւս քաջալերեց զայն իւր սկզբունքին մէջ: Սկզբունքը, կ՚ըսէ Աղեքսանդր Տիւմայի որդին, բեւեռներու կը նմանին. որչափ զարնես անոնց գլխուն` նոյնչափ աւելի կը հաստատուին:

1864֊ին դարձեալ ստիպուեցաւ Պոլիս դառնալ, ուր քանի մը ամիսէ ետքը Բերայի քարոզչութեան պաշտօնը ձեռք անցուց: Իրեն համար կրնանք ըսել ինչ որ կ՚ըսեն Պղատոնի համար, թէ մեղուները մեղր քսած էին անոր շուրթե­րուն թէպէտեւ ուրիշներն ալ քիչ մը կարմիր քսած էին այնչափ պերճախօս էր: Ժողովուրդը մինչեւ այսօր սիրով մտիկ կ՚ընէ անոր քարոզները մինչեւ վեր­ջը, եւ առանց քրտինք թափելու: Իւր քարոզներն աւելի կը փայլին քան իւր մազերը: Ի՛նչ հարկ կայ երկարելու. կէտեր կան, որոնց մէջ Խորէն տեսականի մարդ է եւ գործնականի չգար. կէտեր ալ կան, որոնց մէջ միայն գործնական է: Դժբախտութիւնն հոն ալ վազեց քանի մը տարիէն, հոն ալ հալածեց զինքը. եւ Խորէն յօժար կամքով հրաժեշտ տուաւ իւր պաշտօնին… երբ թա­ղեցիները վար առին զինքը:

1867֊ին եկեղեցական պատգամաւոր ընտրուելով` Վեհափառ Գեւորգ կա­թողիկոսին յուղարկաւորութեանը գնաց մինչեւ Էջմիածին, ուր եպիսկոպոսու­թեան աստիճան բարձրանալէն ետքը Պոլիս վերադարձաւ եւ Պեշիկթաշի քա­րոզիչ անուանուեցաւ: Յիշեալ թաղին վարժարաններու վերատեսչութիւնն ստանձնելով բարեկարգութեան ձեռք զարկաւ: Աշակերտներուն սիրտն ու միտքն մշակելու համար անոնց հագուստները հանել տուաւ եւ համաձեւ զգեստ շինել տալով հագցուց անոնց: Ահաւասիկ ըրած միակ բարենորոգումն, որ կրնայ ըսուիլ թէ աւելի դերձակներու համար եղաւ քան աշակերտներու համար:

Քանի մը ամիս այս պաշտօնը վարելէն ետքը հրաւիրուեցաւ հրաժարիլ անկէ. բնաւ դէմ չկեցաւ. հրաժարեցաւ եւ «Մասիսի» խմբագրապետին տանն ապակիները խորտակել տուաւ: Քանի մը քաղաքներէ առաջնորդ ընտրուեցաւ, բայց ինքն իբրեւ նախանձ նկատելով այն ամէն առաջարկութիւն, որ կը ստի­պէր զինք հեռանալ Պոլսէն` մերժեց գաւառներու մէջ առաջնորդութիւն ընե­լը: Զմիւռնիան ոչ միայն ընտրեց, այլ հրաւիրակներ ալ ղրկեց: Ընտրու­թիւնն ալ, հրաւիրակներն ալ քաղաքավարութեամբ վռնտեց: Տիգրանակերտն ալ ունեցաւ Զմիւռնիոյ յիմարութիւնը, եւ անոր պէս իւր պատիժը կրեց: Ամէնէն վերջը Ռոտոսթոյէն հրաւիրուեցաւ, որ իբրեւ հովիւ հոգեւոր, արածէ զի­րենք. Խորէն եպիսկոպոս ընդունեց Ռոտոսթոն, բայց ծանր պայմաններ ա­ռաջարկեց, որ Ռոտոսթոն չուզէ զինքը, օրինակի համար, այնպիսի ճամբու ծախք մը առաջարկեց, որով Ռոտոսթոյի բոլոր ազգայինները կրնային հոս փոխադրուիլ: Հարկ չէ ըսել թէ Ռոտոսթոն ալ ստիպուեցաւ, Զմիւռնիոյ եւ Տիգրանակերտին պէս, ուրիշ առաջնորդ ընտրել իրեն: Յիշեալ երեք քաղաքներն կը պարծին այսօր Խորէնն իրենց առաջնորդ չունենալուն վրայ:

Տեղեկանալու համար այն վաւերական աղբիւրներուն, որովք անժխտե­լի կերպով հաստատուած է այսօր թէ Խորէն Նար֊Պեյ Լուսինեանէ սերած է, պէտք է ներկայ գտնուիլ այն գեղեցիկ արքայական երազին, որ պատիւ ունե­ցած է տեսնել Խորէն եպիսկոպոս 1870֊ին: Այդ երազին մէջ Նար֊Պեյ Լու­սինեան կը ներկայանայ Խորէն եպիսկոպոսին եւ անոր կ՚ըսէ. «Ես եմ Նար֊Պեյ Լուսինեան, որ 1798֊ին Կիպրոսի տաճիկներու հարստահարութիւններէն փախ­չելով` Եգիպտոս գացի եւ Նաբոլէոնէն մեծ պատուով ընդունուեցայ: Դու ինէ սերած ես, շո՛ւտ ըրէ ե՛լ, հագուէ՛ եւ մականունդ փոխէ»: Մենք բնաւ կասկած չունինք ասոր ստուգութեանը վրայ: Շատերը արդէն այս երազին ներկայ գտնուած ըլլալով` իբրեւ ականատես վկայ կը պատմեն, մինչեւ իսկ կը նկարա­գրեն Նար֊Պեյ Լուսինեանի կերպարանքն, որով երեւցած է, երազի մէջ, Խորէնին: Իբրեւ զօրաւոր փաստ ուրիշ ի՞նչ պահանջելու իրաւունք ունինք, միթէ Մասիս, Թերճիմանը֊էֆքիար եւ Լրագիր օրագիրներն չհրատարակեցի՞ն զայն արժանահաւատ աղբիւրներէ քաղելով: Բայց ի՞նչ օգուտ, մարդիկ որչափ ալ բարձրանան, նորէն բարձրանալ կը փափաքին. Խորէն եպիսկոպոս ալ, իբրեւ մարդ, քանի մը տարիներ Նար֊Պեյով շատանալէ վերջը ուզեց, որ Լուսինեան ալ յորջորջուի, նման այն աւազակին, որ ուրիշի մը գոյքը յափշտակելէն ետքը կը փափաքի անոր հայրերն ալ կողոպտելու: Այս չափազանց փափաքէ մղուելով է անշուշտ, որ Խորէն եպիսկոպոս ելաւ օր մը հետեւեալը հրատա­րակեց.

«Նկատելով, որ Ռուսաստանի մէջ Լուսինեան մը կայ, որ նամակով ինձի կիմացունէ, թէ ես իրեն եղբօր որդին եմ.

«Նկատելով, որ բոլոր եղբայրներս Լուսինեան մականունը կը գործածեն.

«Նկատելով, որ հարազատ եղբայրներու մէջ տարբեր մականուններ գոր­ծածելն անտեղի է.

«Ես ալ որոշեցի, որ այսուհետեւ Լուսինեան գործածեմ»:

Փառք տանք Աստուծոյ, որ միտքը չէ ինկած հետեւեալն ալ գրելու.

«Նկատելով, որ եղբայրներս ամուսնացած են…»:

Ինչպէս յայտնի կ՚երեւայ, Խորէն եպիսկոպոս վերոյիշեալ նկատելով նե­րով բոլոր պատասխանատւութիւնն հօրեղբօրն ու եղբայրներուն վրայ կը ձգէ: Եթէ հօրեղբայրն բան մը գրած չըլլար իրեն, եթէ ներելի ըլլար հարազատ եղբայրներու մէջ տարբեր մականուններ գործածել՝ անշուշտ ինքն ալ չպիտի ստիպուէր փոխել իւր մականունը, օրինաւորութիւնն է, որ կը ստիպէ խեղճը Լուսինեան յորջորջուելու: Հարկ կը համարինք հոս յիշել, թէ Խորէն եպիսկո­պոս իւր կարծիքներուն հետ ալ այնպէս կը վարուի, ինչպէս իւր մականուն­ներուն հետ, միայն սա տարբերութեամբ, որ կարծիքներն ինն օրը անգամ մը կը փոխէ, մինչդեռ մականունները ինը տարին անգամ մը: Թո՛ղ աղօթք ընէ նորին գերապատւութիւնը, որ վաճառական չէ, եթէ վաճառական ըլլար եւ այսպէս յաճախ մականուն փոխէր` քիչ ատենուան մէջ վաճառատունը կը գոցէր:

1876֊ին Կրօնական ժողովոյ ատենապետ ընտրուեցաւ շնորհիւ այն կու­սակցութեան, որ իրեն հետ աշխատած էր Խրիմեանը պատրիարքական աթոռէն վար առնելու դիւցազնական գործին մէջ: Ատենապետ ընտրուելուն հետեւեալ օրը բանադրեց մէկն, որ բանաւոր պատճառներով առաջին կինն թողած ըլլա­լով` ուրիշ կնիկի մը հետ ամուսնացած էր: Այս բանադրանքը շատերը բաւա­կան խնդացուց: Քանի մը օր ետքն ալ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համաձայն հրատարակեց ճիշտ առջինին նման ամուսնութիւն մը՝ որով ուրիշ մէկն իւր կինը թողած` ուրիշ կնիկ մը առած էր: Աս համաձայնը շատ խնդացուց ժո­ղովուրդն: Այս հակասական վճիռներն մինչեւ այսօր իրարու դէմ հրացան կը քաշեն Կրօն. ժողովոյ արձանագրութիւններու մէջ:

1878֊ին իբրեւ ազգային նուիրակ Խրիմեանի հետ Պերլինի Աւագաժողովը ղրկուեցաւ: Թէպէտ եւ չգիտցուեցաւ թէ ինչո՛ւ չկրցին Աւագաժողովին ներկա­յանալ, սակայն շատերը պնդեցին այն ատեն, թէ ազգը մեծ օգուտ քաղեց անոնց ուղեւորութենէն, թէ ձայն հանելու չէ, այդ օգուտին ինչ ըլլալը վերջէն պիտի հասկցուի: Ասոր համար է, որ շատերն իրենց բերանը բացած` գործե­րուն վերջը դիտելու կը պատրաստուին: Եթէ այս օգուտներուն երեւակայականն մէկդի նետելով իրականին դառնանք` սա օգուտը կը գտնենք, որ առաջ գա­ւառներու մէջ եթէ տարին հարիւր հոգի կը սպաննուէին` այսօր հազար կը սպան­նուին եւ այս ալ մեծ օգուտ է անշուշտ անո՛նց որք բազմութենէ չեն ախորժիր:

Պէտք չէ մոռնալ այն մեծ ծառայութիւններն, զորս մատուցած է ազգին երեսփոխանական ժողովոյ մէջ: Իւր ատենաբանութիւններն շատ ներդաշնակ էին, երաժշտական խումբ մը կը պակսէր զանոնք աւելի ազդու գործելու հա­մար: Իւր ճառերն նոյն ազդեցութիւնը կ՚ընէին երեսփոխաններու վրայ, ինչ ազդեցութիւն որ կ՚ընեն հատընտիր քաղուածք դպրոցական աշակերտներու վրայ:

Չափազանցութիւն ըրած չենք ըլլար եթէ ըսենք թէ` իբրեւ մատենագիր աւելի ծառայած է ազգին քան իբրեւ կուսակրօն: Իւր աշխատասիրութիւննե­րուն մէկ մասը 1879֊ին Բերայի հրդեհին հրոյ ճարակ եղան, ինչպէս որ կ՚ըլլան դժբախտաբար այն ամէն երկասիրութիւններն, որք տպուած չեն… գրուած չեն: Այդ գործերու մոխիր դառնալն մեծ կորուստ մ՚է անշուշտ ազգին համար, բայց կրնանք մխիթարուիլ իւր հրատարակած գործերով, որոնք քիչ բացառութեամբ, արժանիք ունէին… մոխիր դառնալու: Խորէն եպիսկոպոս ունի այսօր տասներկու գործեր: Ասոնց մէջն է Ալաֆրանկա կատակերգութիւնն, որ կապիկի պէս ամէն բանի մէջ ուրիշի նմանելէ յառաջ եկած վնասները կը հարուածէ: Վարդենիք, անմեղ սէրէ ներշնչուած գողտրիկ ոտանաւորներ: Դաշնակք լամարթինի, անմահ բանաստեղծին ոտանաւորներուն գրաբար թարգմանութիւնը` զոր հասկնալու համար այն ատենները չորս հոգիէ բաղ­կացեալ մասնաժողով մը կազմուեցաւ, որն որ անկարող ըլլալով զայն լուծել, թարգմանիչին դիմեց, որ ներումն խնդրելով պատասխանեց թէ՝ վրայէն բաւական ժամանակ անցած ըլլալուն պատճառաւ ինք ալ չէր կարող հասկնալ: Քրիստոնէական, որ կը պատուիրէ էրիկներուն ներել իրենց կիներուն, որ­քան ալ անպարկեշտ ըլլան, որքան ալ մեծ ըլլայ անոնց սիրականներուն թի­ւը: Նախակրթարան ֆրանսերէն լեզուի, ի պէտս անոնց, որք փափաք չունին ֆրանսերէն սորվելու: Ստուերք հայկականք, որոնց մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ զհայրենեաց ասա մեզ բան: Օտար լրագիրներու մէջ անդրալեռնա­կաններու դէմ պաշտպանած է Հայաստանեայց եկեղեցին եւ ժողովրդեան հա­մակրութիւնը գրաւած է:

Խորէն եպիսկոպոս անուշ բնաւորութիւն մ՚ունի. ամէնուն հետ այնպէս կը վարուի, ինչպէս որ խմբագիր մը կը վարուի այն մարդուն հետ, որ տարուան մը բաժանորդ կը գրուի եւ բաժանորդագինն ալ կանխիկ կը վճարէ: Վարքէն կրնանք գուշակել թէ իւր յարգած սկզբունքներն հետեւեալներն ըլլալու են.

«Սիրէ հայրդ ու մայրդ… եթէ հարուստ են.

«Սիրէ թշնամիներդ… երեսանց.

«Սուտ մի՛ խօսիր… եթէ շահ չունիս.

«Թող մի՛ տար կիրքերդ գերի ըլլան անձիդ.

«Դրացիներդ անձիդ պէս սիրէ»:

Մեռեալներուն գալով` անոնց հետ ա՛լ աւելի քաղցրութեամբ կը վարուի: Այնպիսի սրտառուչ դամբանականներ կ՚արձակէր, այնպիսի պերճախօսու­թեամբ կը գովէր արքայութիւնն, որ ներկայ գտնուողները մեռնելու փափաք կը զգային: Չմոռնանք սակայն ըսել թէ` երբեմն ալ մեռեալն արքայութենէն ա­ւելի կը գովէր` որով ննջեցեալն նախապատիւ կը սեպէր դագաղին մէջ մնալ քան թէ արքայութեան մէջ: Ազգային հիւանդանոցին մոմերուն պէս կարգերու կը բաժնուէին իւր դամբանականները, մէկ ոսկի տուող մեռեալն բարեսիրտ կ՚ըլլար, երկու ղրկողը բարեսիրտ եւ քիչ մ՚ալ ազգասէր կը հռչակուէր, երեք նուիրողը ազնիւ սրտով եւ վսեմ զգացումներով կը զարդարուէր, չորս համրողը հանրածանօթ ազգասէր կը ծանուցուէր, հինգ տուողն կենդանութեանը ժամա­նակ այնքան գաղտնի ողորմութիւն տուած կ՚ըլլար աղքատներուն, որ մարդ տեսած չէր ըլլար, հայրենեաց բարերար կը յորջորջուէր, եւ ասանկներուն դա­գաղը ութը հոգի կը կրէր, որովհետեւ չորս հոգի բաւական չէին կրել այնչափ գովեստներով ծանրաբեռնեալ ննջեցեալն:

Դագաղն ալ երբեմն զգացման տէր եւ ազգասէր կ՚ըլլար, եթէ զայն շինող ատաղձագործը գերապատիւին մեճիտիէ մը ղրկէր: Իսկ անոնք, որ ժամանակ չունէին փրկանք վճարել դամբանախօսին՝ դամբանական լսելու իրաւունքէ կը զրկուէին, իրենց վերապահելով սակայն մեռնելու իրաւունքը: Խորէն եպիս­կոպոս իւր պաշտօնակիցներուն պէս վարուելով՝ լռելեայն սա սկզբունքը կը քարոզէր թէ` չար եղէք որչափ կ՚ուզէք, բայց հարուստ եղէք, որչափ կրնաք: Ժողովուրդն, որ շատ անգամ ազգասէր, ողորմած, բարեսիրտ ածականներուն տրուիլը կը լսէր այնպիսի մարդերու` որոնք իրենց կենդանութեանը ժամա­նակ ազգը մատնած են իրենց շահուն համար, կամ եկեղեցւոյն գանձանակէն ստակ գողցած են, ինքնիրեն կ՚ըսէր. «Խորանի վրայ, բազմութեան մէջ, այսչափ սուտ ի՞նչպէս կարելի է ըսել առանց կարմրելու»:

Խորէն եպիսկոպոս մեծ մարդ է. աւելի մեծ պիտի ըլլայ անշուշտ, եթէ յաջողի Կիպրոսի մէջ Լուսինեանէ մնացած կալուածներն Անգղիոյ ձեռքէն առ­նել. եւ աս ալ անհաւատալի բան մը չէ:

Խորէն եպիսկոպոս միջին հասակով, բարեձեւ կազմով գեղեցիկ մարդ մ՚է: Երբ փողոցն ելնէ` ընդհանրապէս այն դէմքը կ՚ունենայ երբ բազմութեան մէջ մէկն իւր սիրուհիին գաղտնի նշան ընելէն ետքը ուրիշ մը զայն տեսնէ եւ իրեն ըսէ. «Ըրածիդ հաւնեցա՞ր»: