ՊՕՂՈՍ
ՊՈՅՆՈՒԷՅՐԻՅԵԱՆ
Հեգնելու
վարժուած
գրիչ
մը
երբ
գովել
ստիպուի`
այն
տպաւորութիւնը
կ՚ընէ
ընթերցողներուն
վրայ,
ինչ
տպաւորութիւն
որ
կ՚ընէ
հանդիսականներուն
վրայ
դերասան
մը,
որ
Բուրսոնեաք
ներկայացնելու
սորված
ըլլալով`
Մաքբեթի
դերը
կատարելու
կը
հարկադրուի:
Պոյնուէյրիյեանի
կեանքը
գրելու
համար
գովելու
արհեստը
գիտցող
գրիչ
մը
պէտք
է:
—
Ութուճեանի
գրիչն
քանի
մը
վայրկենի
համար
փոխ
առ,
կ՚ըսէր
ինձ,
առանց
խորհելու,
որ
Ութուճեան
վայրկեան
մը
չէ
կարող
բաժնուիլ
գրիչէն:
Բացի
ասկից,
անոր
գրիչն
ալ
ծաղրելու
վարժ
է…
եւ
ի՞նչ
են
չափազանց
գովեստներն:
—
Ես
բնաւ
չգովելով
եւ
ան
չափազանց
գովելով
կը
հաստատենք
Արիստոտէլն,
որ
առաքինութիւնն
երկու
մոլութիւններուն
մէջտեղը
կը
դնէ:
Այս
մոլութիւններէն
մին
կ՚ըսէ,
առաքինութեան
պակասութիւնն
է,
իսկ
միւսն`
առաքինութեան
չափազանցութիւնն:
Եւ
այսպէս
առաքինութիւնն
իմ
գրչիս
եւ
Ութուճեանի
գրչին
միջեւը
կը
գտնուի…
աւելի
մօտ
չկրնար
գալ:
—
Ի՞նչ
ընելու
է
ուրեմն,
թո՞ղ
տալու
է,
որ
բարի
մարդերն
առանց
յիշատակի
անցնին
երթան,
որովհետեւ
իմ
գրիչս
գովել
չգիտեր:
Բնա՛ւ
երբեք:
Այդ
բարի
մարդերն
իմ
գրչիս
յարմարեցնելու
համար
անոնց
վրայ
թերութիւննե՞ր
ստեղծելու
է:
Քաւ
լիցի:
Պառնասայ
օրէնսդիրն
իւր
ութերորդ
երգիծանքին
մէջ
Աղեքսանդրին
յիմար
ըսած
ըլլալուն
համար`
տեսէք
ի՛նչպէս
կը
յանդիմանէ
զինք
Վովնարկ
իւր
Աղեքսանդր
եւ
Տեբրէո
վերնագրով
գրած
խօսակցութեան
մէջ:
ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ
Էհ
ուրեմն,
բարեկա՛մ,
միշտ
նոյն
ատելութիւնն
ունի՞ս
ինձի
դէմ.
երգիծանքներուդ
մէջ
նկարածիդ
պէս
միշտ
յիմա՞ր
կ՚երեւամ
քեզի:
ՏԵԲՐԷՈ
Բնաւ
երբեք,
Տէր,
զձեզ
կը
յարգեմ
եւ
ձեր
առաքինութիւնները
կը
ճանաչեմ:
Բարօրութիւնն
ու
շողոքորթութիւններն
զձեզ
ապականեցին,
Բայց
ազնիւ
սիրտ
մը
եւ
բարձր
հանճար
մը
ունէիք
դուք:
ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ
Ինչո՞ւ
ուրեմն
զիս
յիմար
եւ
աւազակ
ներկայացուցիր
երգիծանքներուդ
մէջ.
ճշմարի՞տ
է,
արդեօք,
որ
դուք
բանաստեղծներդ
միմիայն
առասպելներու
մէջ
կը
յաջողիք:
ՏԵԲՐԷՈ
Բոլոր
կեանքիս
մէջ
ասոր
հակառակը
պնդած
եմ,
եւ
գրութիւններուս
մէջ
ցոյց
տուած
եմ,
կարծեմ,
որ
ամէն
սեռի
մէջ
ճշմարիտն
է
միայն
գեղեցիկը:
ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ
Կը
խոստովանիս,
ուրեմն,
որ
զիս
այնքան
կծու
կերպով
պարսաւելու
իրաւունք
չունէիր:
ՏԵԲՐԷՈ
Կ՚ուզէի
հանճարեղ
բաներ
գրելով`
մարդերու
զարմացումը
գրաւել.
կը
փափաքէի
մանաւանդ
շողոքորթել
ուրիշ
իշխան
մը,
որ
իւր
պաշտպանութեանը
տակ
առած
էր
զիս:
Այսչափ
դիտաւորութիւններով,
ինչպէս
յայտնի
է,
չէի
կարող
անկեղծ
ըլլալ:
Ես
որ
ուրիշ
մը
շողոքորթելու
ոչ
պարտք
ունիմ
եւ
ոչ
իրաւունք՝
ճշմարիտէն
հեռանալու
պատճառ
մը
չունիմ.
եւ
վստահ
ըլլալով,
որ
ճշմարտութիւնն
իշխանութիւն
ունի
կսմթտող
գրիչին
շոյել
ալ
սորվեցունել`
կը
յանդգնիմ
այս
անձին
կեանքը
գրել:
Արդ,
հայր
Պօղոս
Պոյնուէյրիյեան
Միջագիւղ
ծնած
է
1805֊ին:
Իւր
ծննդեամբն
հերքած
է
այդ
խօսքն,
որով
շատերը
կ՚ուզեն
հաստատել,
թէ
փառասիրութիւնն
մարդուս
հետը
կը
ծնի,
կը
մեծնայ
եւ
կը
մեռնի:
Ծննդեան
օրն
երբ
ներկայ
եղողներն
զինքը
շոյելով
եւ
գգուելով
կը
հագցունէին՝
ինքը,
փոխանակ
ուռենալու
իրեն
եղած
յարգանքներէն,
այնպէս
կը
վարուէր,
որ
կարծես
ըսել
կ՚ուզէր.
—Եթէ
գիտնայի,
որ
ձեզի
այսչափ
աշխատութիւն
պիտի
պատճառեմ`
բնաւ
չէի
գար
աշխարհ:
Միջագիւղ
անցուց
իւր
մանկութեան
եւ
պատանեկութեան
տարիներն
եւ
1820֊ին
Պէյրութ
ուղեւորեցաւ
Անտոնեան
վանքն
երթալու
համար:
Սոյն
թուականին
յոյն
ծովահէններն
ծովու
վրայ
ասպատակութիւն
կ՚ընէին
եւ
շատերը
կը
վախնային
ծովէն
ճամբորդութիւն
ընելու:
Պոյնուէյրիյեան
իրեն
հասակակից
տասնեւվեց
ընկերներով
սիւրիւճիի
մը
յանձնուեցաւ
ցամաքէն
Լիբանան
երթալու
համար:
Իսկիւտարէն
ճամբայ
ելան
եւ
վեց
ժամու
չափ
ճամբայ
ընելէն
ետքը
հասան
գիւղ
մը,
որուն
քայմաքամն
զիրենք
ձերբակալել
տուաւ,
հասկնալու
համար
թէ
ո՛վ
էին
այս
տղաներն,
ուսկի՛ց
կը
գային
եւ
ո՛ւր
կ՚երթային,
վասն
զի
ոչ
ոք
կրնար
հաւտալ,
որ
ատոնք
սիւրիւճիի
մը
յանձնուին
Պէյրութ
երթալու
համար:
Քայմաքամն
գործն
ստուգելէն
ետքը,
թող
տուաւ
զիրենք,
որ
նորէն
ճամբայ
ելան`
ուրիշ
գեղի
մը
մէջ
ձերբակալուելու
համար:
—
Գաւառական
իշխանութիւններն
դիւցազնական
քաջութեամբ
կը
գործեն
միշտ,
երբ
հարկ
ըլլայ
ձերբակալել
անմեղները:
—
Վերջապէս
ասոնք
մինչեւ
Պէյրութ
երթալու
համար
քանի
օթեւան
որ
իջեւանեցան`
ստիպուեցան
իրենց
վրայ
տեղեկութիւն
տալ,
որպէսզի
կարենան
իրենց
ճամբան
շարունակել:
Այսպէս
վեց
ամիս
ճամբորդութիւն
ընելէն
ետքը`
ողջ
առողջ
հասան
Անտոնեան
վանքը:
Վանք
մտնելուն
պէս
ինքզինքն
աշխատութեան
տուաւ,
եւ
քիչ
ժամանակին
մէջ
ուսաւ
հայ,
լատին
եւ
իտալերէն
լեզուները:
Իւր
բարի
վարքն
առած
դարձած
էր
ընկերներուն
մէջ,
որոնցմէ
մին
եթէ
բերնէն
գէշ
խօսք
մը
փախցունէր,
Պոյնուէյրիյեան
դասը
կը
թողուր,
եկեղեցի
կ՚իջնար,
ծունկ
կը
չոքէր
եւ
կ՚աղօթէր
Աստուծոյ,
որ
ներէ
ընկերոջը
յանցանքին:
Վանքին
մէջ
իւր
ուսումներն
աւարտելով
վարդապետ
ձեռնադրուեցաւ.
սեւ
հագուստներն,
որ
շատ
անգամ
կ՚ապականեն
մարդուս
սիրտն
ու
միտքը,
բնաւ
ազդեցութիւն
չըրին
եւ
չփոխեցին
ասոր
ոչ
միտքն
եւ
ոչ
սիրտը:
Աբբահայրն
հաւնելով
ասոր
բարի
վարուցն
եւ
ազգի
համար
ունեցած
սէրը
տեսնելով,
Պոլսոյ
մէջ
իրեն
փոխանորդ
կարգեց
զայն,
եւ
հայր
Պօղոս
1836֊ին
ատենները
Պոլիս
եկաւ:
Մեծ
յաջողակութեամբ
եւ
անձնանուիրութեամբ
կատարեց
իրեն
յանձնուած
սոյն
պաշտօնը.
սխալ
հասկացողութեան
մը
պատճառ
չտալու
համար,
շատ
անգամ
ինքն
անձամբ
Պէյրութ
կ՚ուղեւորուէր
եւ
վանք
երթալով
Աբբահօր
ականջը
քանի
մը
խօսք
փսփսալէն
ետքը,
հետեւեալ
օրը
ճամբայ
կ՚ելնէր
Պոլիս
դառնալու
համար:
Յիսուն
անգամ
Պէյրութէն
Պոլիս,
Պոլիսէն
Պէյրութ
գնացած
ու
դարձած
է:
1839֊ին
Միջագիւղի
ս.
Լուսաւորչայ
եկեղեցւոյ
շինութիւնը
լմնցած
էր:
Հոս
կու
գար
շատ
անգամ
քարոզ
խօսելու
եւ
ժողովուրդը
կը
վազէր
մտիկ
ընելու
անոր
խօսքերն:
Այնքան
քաջ
կը
խօսէր
ազգասիրութեան
վրայ,
որ
քարոզը
մտիկ
ընողներն
դուրս
ելնելուն
պէս
կը
փափաքէին
քանի
մը
օտարազգի
բռնել
ու
ծեծել:
Տղաներն
իսկ
կը
սիրէին
զինքը
եւ
ծնողք
ասկից
օգուտ
քաղելով
«Հայր
Պօղոսն
այսօր
ձեր
դպրոցը
պիտի
գայ»
կ՚ըսէին
իրենց
զաւակներուն,
երբ
ասոնք
կու
լային
եւ
չէին
ուզեր
դպրոց
երթալ:
Ժամ
է
խոստովանելու,
որ
սա
ինքն
է
ծնունդ
տուող
Հակահասունեան
դատին:
Լաւ
կը
ճանաչէր
Հասունեան
եւ
անոր
քաղաքականութիւնն
եւ
շատ
աղէկ
գիտէր
ժողովուրդն
անկէ
զգուշացնելու
եղանակը:
Հասունեան
ալ
կը
ճանաչէր
զինքն
եւ
շատ
անգամ
օձի
կերպարանքով
կը
ներկայանար
իրեն
եւ
խնձոր
կու
տար
ըսելով,
որ
եթէ
ասկէ
ուտես
պապի
պէս
անսխալ
կ՚ըլլաս,
բայց
հայր
Պօղոսն
ականջ
չէր
կախեր
եւ
իր
առաջադրած
նպատակին
կը
վազէր:
Եթէ
ուրիշներուն
պէս
անուն
հանած
չէ`
պատճառն
այն
է,
որ
ինքն
աւելի
գործել
կը
սիրէ
քան
գործող
երեւիլ:
Ոչ
պաշտօնապէս
ամէնէն
աւելի
աշխատած
է
Հակահասունեան
դատին
մէջ
եւ
դեռ
կ՚աշխատի
գաղտնապէս:
Քիւբելեան
դեռ
պատրիարք
չընտրուած,
հայր
Պօղոսն
Հակահասունեաններուն
ներկայացուցիչն
էր:
Բարձրաստիճան
վիւքելա
ներու
ծանօթ
եւ
սիրելի
էր:
Ամէն
օր
Բ.
Դուռը
կ՚երթար
եւ
ազգին
ցաւերը
ներկայացնելով
դարման
կը
փնտռէր:
Երբ
հիւանդանոցն
Հակահասունեաններուն
ձեռքն
անցաւ`
Հասունեան
հիւանդանոցին
Թային
ները
չէր
տար
եւ
հիւանդներն
կը
ստիպուէին
անօթի
մնալու,
որպէսզի
ստամոքսնին
լեցուելով
հիւանդութիւննին
չծանրանայ:
Հայր
Պօղոս
իւր
գործունէութեամբն
յաջողեցաւ
այդ
թային
ներն
Հասունեանէն
առնելու:
1875֊ին
ժողովուրդէն
երեք
հազար
ոսկւոյ
գումար
մը
հաւաքելով`
Ֆերի֊գիւղի
գերեզմանատան
շուրջը
պատ
քաշել
տուաւ
եւ
ննջեցեալներուն
ալ
սիրտը
գրաւեց:
Ժողովուրդն
երեք
անգամէն
աւելի
ուզեց,
որ
հայր
Պօղոսն
եպիսկոպոսութեան
աստիճան
բարձրանայ,
ինքը
մերժեց.
բնաւ
չսիրեր
բարձրանալն
—
անշուշտ
վերջէն
չխոնարհելու
համար
—
եւ
եթէ
չմեծնալն
ալ
իւր
կամքէն
կախում
ունենար,
տասը
տարեկանէն
վեր
չպիտի
ուզէր
ելնել:
Հայաստան
աշխարհին
վերածնութեանն
ականատես
ըլլալու
փափաքն
իւր
սիրտը
հալումաշ
կ՚ընէ:
Բնաւ
առիթ
չփախցուներ,
թէ՛
բերանացի
եւ
թէ՛
գրով
ազգայիններն
միութեան
եւ
գործի
յորդորելու:
1878֊ին
Առաջին
քայլ
բարւոքման
ազգիս
հայոց
ի
Հայաստան
աշխարհի
վերնագրով
տետրակ
մը
հրատարակեց,
որով
կը
յորդորէր
ազգայիններն
երկրագործական
վարժարաններ
բանալ
Հայաստանի
մէջ:
Հետեւեալ
տողերը
յիշեալ
տետրակէն
քաղելով
կը
հրատարակենք
հոս
ցոյց
տալու
համար
մեր
ընթերցողներուն`
թէ
այս
ծերունին
իւր
ալեւոր
հասակին
մէջ
դեռ
զգայուն
սիրտ
մը
կը
կրէ:
«Ի
վերջ
բանիցս
նախ
առ
Ձեզ
կը
դիմեմ,
պատկառելի
պաշտօնեայք
Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ`
առ
հասարակ
յամենայն
կարգէ
եւ
աստիճանէ:
Ի
Ձեզ
հաւատացան
ողորմելի
ժողովրդեան
ամէն
հոգ
եւ
խնամքը:
Ձեզմէ
կախուած
է
անոնց
երջանկութիւնը:
Դուք
միայն
կարող
էք
զանոնք
սփոփել,
մխիթարել,
եւ
իրենց
ըստ
հոգւոյ
եւ
ըստ
մարմնոյ
երջանիկ
ապրելու
օգտակար
ճանապարհներն
ցուցանելով`
անոնց
առաջնորդել:
Պաշտօնակից
եղբարք
իմ
սիրեցեալք,
ի՞նչ
է
մեր
կոչումը,
բայց
եթէ
ժողովրդեան
հոգսը
ըստ
ամենայնի:
Ի՞նչ
պիտի
ըլլայ
մեր
նպատակը,
բայց
եթէ
ժողովրդեան
կատարեալ
երջանկութիւնը:
Դուք,
պաշտօնեայք
եկեղեցւոյ,
դուք
աւելի
ի
մօտոյ
կը
ճանաչէք
գաւառաց
մէջ
գտնուող՝
ազգիս
աղքատաց
թշուառ
վիճակը:
Այս
աղքատ
ժողովուրդը
Ձեր
բերնէն
կը
սպասէ
լսել`
թէ
ո՞րն
է
աստուածահաճոյ
եւ
հասարակաց
բարւոյն
ազգօգուտ
գործը,
նպատակը
եւ
միջոցը:
Ձեր
բաժինը
ժողովուրդն
է
եւ
ժողովրդեան
նուիրուած
էք.
ապա
ժողովրդեան
օգտին
գործածեցէք
Ձեր
խօսքը,
Ձեր
ազդեցութիւնը,
Ձեր
միջնորդութիւնը
եւ
Ձեր
օրինակը:
Եւ
ինչ
աւելի
օգտակար
գործ
քան
թէ
երկրագործութեան
զարգացմամբ
յարմատոյ
բուժել
ազգիս
աղքատաց
թշուառութիւնը»:
1879֊ին
հրատարակած
է
Գործ
կայ,
գործող
չկայ
անունով
տետրակ
մը:
Այս
հրատարակութեան
պատճառ
տուած
են
մայրաքաղաքիս
մէջ
պտտող
անգործ
երիտասարդներն,
որոնք
ուր
որ
հանդիպէին
այս
ծերունիին`
իրմէ
կամ
գործ
կ՚ուզէին
կամ
ողորմութիւն:
«Անհնար
կ՚ըլլայ
ինձ,
կ՚ըսէ
յիշեալ
տետրակին
մէջ,
հանդարտ
գլխով
եւ
խաղաղ
սրտով
քաղաքիս
մէջ
պտտիլ,
ամէն
կողմանէ
խեղճութեան
տխուր
կերպարանք
հետզհետէ
դիմացս
կ՚ելնեն:
Թող
աղքատաց
եւ
մուրացկանաց
բազմութիւնն,
շատ
մի
ծանօթ
անձինք
ալ
չորս
կողմս
կը
խռնին,
ոմանք
ողորմութիւն
կը
խնդրեն,
յայտնելով
իրենց
վերջին
աղքատութիւնը
եւ
զաւակաց
անօթութիւնը,
ոմանք
շահաւոր
գործ
կը
փնտռեն,
ուրիշներն
ալ
ծանօթ
էֆենտիից
ձեռօք
պաշտաման
մի
հասնիլ
կը
հայցեն»:
Եւ
արդարեւ
հրատարակութիւն
ընելէ
ուրիշ
ճամբայ
չկայ
խալսելու
համար
այն
երիտասարդներէն,
որոնք
փողոցի
մէջ,
տան
մէջ,
ամէն
օր,
ամէն
ժամ
քովդ
կու
գան
եւ
կ՚աղաչեն
քեզի,
որ
քսան
ոսկի
ամսականով
Ամերիկայի
դեսպանատան
մէջ
գրագրութեան
պաշտօն
մը
գտնես
իրեն:
Ոմանք
կը
փափաքին
Եգիպտոսի
թագուհի
ըլլալ:
Ոմանք
հինգ
հազար
ոսկի
կը
պահանջեն,
որ
դրամագլուխ
դնեն
եւ
վաճառականութեան
սկսին:
Շատերն
ալ
հարուստ
վաճառականի
մը
աղջիկ
կ՚ուզեն:
Հայր
Պօղոսն
ասոնց
ամէնուն
մէկէն
պատասխանելու
համար
կ՚ըսէ
իրենց.
գործ
կայ,
բայց
գործող
չկայ:
Այս
պատասխանն
տալէն
ետքը
հետեւեալ
հարցումները
կ՚ուղղէ.
«Մեր
ազգին
մէջ
քանի՞
հացագործ
կայ.
«Քանի՞
մսավաճառ
կայ.
«Քանի՞
նպարավաճառ,
գինեպան,
կօշկակար
եւ
այլն
կայ»:
Գրեթէ
չկայ,
եւ
ըլլալիք
ալ
չունի.
վասն
զի
կօշկակարութիւնն
մեր
պատուոյն
կը
դպչի,
մսավաճառութիւնն
ամօթ
է,
նպարավաճառութիւնը
պզտիկութիւն
է.
թէպէտեւ
սա
ալ
խոստովանելու
պարտաւոր
ենք,
որ
այսօր
անգործ
պտտողներուն
եւ
ոչ
մին
կրնայ
մսավաճառ
ըլլալ,
ոչ
ալ
նպարավաճառ,
թող
որ
դրամագլուխ
չունին,
այլ
գրագրութենէ
մսավաճառութեան
երթալը
քիչ
մը
դժուար
է.
վասն
զի
ամէն
գործ,
որչափ
ալ
դիւրին
երեւնայ
դուրսէն,
գաղտնիք
մ՚ունի
իւր
մէջ:
Հայր
Պօղոս
այս
տետրակը
ձրի
բաշխելով
կը
յորդորէր
ազգայիններն,
որ
քիչ
մ՚ալ
այս
տեսակ
գործերու
աչք
դարձունեն,
գործեր,
որովք
օտարներն
այսօր
մեծ
հարստութիւններ
դիզած
են
եւ
Բերայի
մէջ
հոյակապ
տուներ
կանգնած
են:
Մեր
զաւակները
պզտիկ
հասակէն
վարժեցնելու
է
այդ
արուեստներու,
վասն
զի
քառասուն
տարի
գրագրութեամբ
կամ
ուրիշ
պաշտօնով
զբաղած
մէկու
մը
խիստ
դժուար
է
կօշիկի,
գինիի
եւ
այլն
արհեստը
սորվիլը:
Բնաւ
յոգնիլ
չգիտեր,
առաւօտէ
մինչեւ
երեկոյ
կը
քալէ:
Մեծութիւնը
չսիրելուն
պատճառաւ
մեծ
փողոցներն
ալ
չսիրեր.
եթէ
Բերա
հանդիպես
իրեն`
կամ
մէկ
փողոցէն
կը
մտնէ
կամ
ուրիշ
փողոցէ
մը
կ՚ելնէ:
Բժիշկներն
իւր
մէկ
ծուխին
ապսպրած
ըլլալով,
որ
երբեմն
անտառներն
երթայ
եւ
մարմնամարզութիւն
ընելու
համար
սղոցով
ծառեր
կտրէ,
ինքն
ալ
ծուխին
հետ
մէկտեղ
շատ
անգամ
անտառները
կ՚երթայ
եւ
ծառի
մը
վրայ
ելնելով
կը
սկսի
անոր
ճիւղերը
կտրել.
բայց
կը
զգուշանայ
կտրել
այն
ճիւղն,
որու
վրայ
կեցած
է:
Պտտիլը
շատ
սիրելուն
համար
է,
որ
Բարիզի
եւ
Լոնտրայի
ամէն
արուեստահանդէսներու
ներկայ
գտնուած
է:
Եւրոպան
ամբողջ
պտտած
է,
օր
մ՚ալ
անշուշտ
Ամերիկա
պիտի
երթայ:
Ուրիշ
կրօնաւորներու
պէս
չէ,
որ
միշտ
հարուստներուն
տուները
պտտի
եւ
աղքատներն
ոտնակոխ
ընէ:
Շատ
անգամ
աղքատին
խրճիթը
կը
մտնէ,
որբերուն
արցունքը
կը
սրբէ
եւ
կը
մխիթարէ
զանոնք.
ինչպէս
ամիրա
ներուն`
նոյնպէս
ալ
աղքատներուն
սիրելի
է:
Խօսակցութիւնն
անուշ
է,
շատ
անգամ
զուարճախօս
է,
պզտիկ
առակներ
կը
պատմէ:
Եթէ
քաղաքավարութիւնն
արգիլէ
զինքն
երբեմն
համարձակօրէն
խօսելու`
առակի
կը
դիմէ
եւ
անով
կը
բացատրէ
իւր
միտքը:
Այս
առակն
մեծ
դիւրութիւն
կու
տայ
երբեմն
մեր
կարծիքը
յայտնելու:
Մեր
դիմացինը
կաղնիի,
կամ
կովու,
կամ
աւանակի
նմանցնելով
կրնանք
համոզել
առանց
անոր
անձնականութեան
դպած
ըլլալու,
մինչդեռ
եթէ
առանց
առակի
մէկուն
կաղնի
ըսելու
ըլլանք՝
անոր
անձնականութիւնը
վիրաւորած
կ՚ըլլանք:
Ներող
է:
Հրացան
մը
պարպէ
վրան,
եւ
երբ
ոստիկանութիւնը
գայ
զքեզ
ձերբակալելու՝
ինք
առաջ
կը
նետուի
եւ
կ՚ըսէ.
—Զիս
բռնեցէք:
Այս
ըսելէն
ետքը`
խիղճը
կը
սկսի
զինք
տանջել,
թէ
ինչո՞ւ
աշխարհիս
վրայ
գտնուի
մարդ
մը,
որ
իր
վրայ
հրազէն
պարպէ:
Խիղճը
հանդարտեցնելու
համար
գիշերանց
անկողինէն
կ՚ելնէ,
լապտերը
կը
վառէ
եւ
այն
մարդն
կը
գտնէ,
քովը
կը
նստեցունէ
եւ
կը
սկսի
խրատել
զայն,
որ
ուրիշ
անգամ
ասանկ
ոճիր
մը
չգործէ:
Եթէ
քովը
դրամ
ունենայ`
կը
հանէ
անոր
կու
տայ,
որ
իւր
տուած
խրատները
գործադրէ:
Կարծեաց
ազատութեան
յարգող
է:
Գնա
իրեն
զրուցէ,
որ
ածուխին
գոյնը
ճերմակ
է,
բնաւ
չսրդողիր
եւ
թող
կու
տայ,
որ
փաստերովդ
չորս
ժամ
գլուխը
ցաւցունես:
Սկեպտիկեանի
մը
պէս
վայրկեան
մը
կ՚ըսէ
մտքէն,
«Թերեւս
ածուխը
ճերմակ
է
եւ
ինձի
սեւ
կ՚երեւայ».
իսկ
երբ
խօսքդ
աւարտես`
կը
սկսի
պատասխանել
եւ
զքեզ
համոզելու
աշխատիլ:
Պնդէ
իւր
առջեւը,
թէ
Էնֆիեճեան
առաքինի
մէկն
է.
պաղարեամբ
մտիկ
կ՚ընէ
զքեզ
եւ
վերջը
կը
սկսի
հերքել
կարծիքդ.
իսկ
երբ
կը
տեսնէ,
որ
կարծեացդ
մէջ
հաստատ
ես`
չստիպեր
զքեզ
կարծիքդ
փոխելու,
եւ
«երկուքս
ալ
իրաւունք
ունինք»
ըսելով`
խօսքը
կը
վերջացունէ:
Իրաւունքը
հիմա
ճաշակի
տեղ
անցած
է,
ամէն
մարդ
ազատ
է
այսօր
խնդրոյ
մը
վրայ
ամէնէն
այլանդակ
կարծիքը
յայտնել
առանց
կարմրելու,
ինչպէս
որ
թեթեւ
երիտասարդ
մը
ազատ
է
ամենատգեղ
գոյնով
տձեւ
թիկնոց
մը
հագնելու,
ինչպէս
որ
ուրիշ
մը
ազատ
է
սոխով
եփած
միսը
կամ
միսով
եփած
սոխն
ուրիշներու
յանձնարարել:
Հոս
կը
դադրինք
ա՛լ
համրելէ
այն
բոլոր
բարեմասնութիւնները,
զորս
ունի
հայր
Պօղոս,
որուն
Ազգային
ջոջերու
մէջ
գտնուիլն
անշուշտ
բերկրութիւն
պիտի
պատճառէ
մեր
ընթերցողներուն,
երբ
պիտի
տեսնեն
ասոնք,
ազգին
մէջ
կան
այնպիսի
կրօնաւորներ,
որ
ամէնուս
սիրոյն
եւ
յարգանացն
արժանի
են:
Թերեւս
շատերը
հետաքրքիր
ըլլան
հասկնալ,
թէ
ինչո՛ւ
Լուսինեանէ,
հրաշագործէ
եւ
Հասունեանէ
ետքը
գրեցինք
այս
ծերունւոյն
կեանքը:
Դիտմամբ
ետ
թողուցինք,
ապացուցանելու
համար՝
թէ
լոյսը
խաւարէն
ետքը
կու
գայ:
Հայր
Պօղոս
բարակ
կազմով,
ճերմակ
մազերով
եւ
ճերմակ
մօրուքով
ծերունի
մ՚է:
Հակառակ
իւր
ծերութեանը
առանց
յոգնելու
օրը
քանի
մը
անգամ
Բերայէն
Բ.
Դուռը
կրնայ
քալելով
երթալ
գալ,
ինչպէս
արդէն
կու
գայ
Հակահասունեաններուն
գործին
համար:
Իւր
դէմքը
գրաւիչ
է
եւ
կը
յիշեցունէ
մեզ
առաքեալին
այն
օրուան
դէմքն,
ուր
իւր
վարդապետին
կ՚ըսէր.
—Ամբողջ
գիշեր
աշխատեցանք
ու
բան
մը
չկրցինք
բռնել: