Ազգային ջոջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՏՈՆ ՀԱՍՈՒՆԵԱՆ

1810 թուականին ծնաւ Անտոն Հասունեան, կաթողիկոս հռովմէական այն հայերուն, որոնք նախապատիւ կը սեպեն իրենց ազգային իրաւունքներն ս. պապին հողաթափներուն մէջ տեսնել, քան թէ իրենց ձեռներուն մէջ: Իւր ծննդեան գիշերն ամէն մարդ սկսաւ իրարու հարցնել, թէ ինչո՞ւ գիսաւոր աստղ չերեւեցաւ, վասն զի նախնիք գիսաւորներն չարագուշակ նշան համա­րելով՝ կը հաւատային, թէ նախ գիսաւորը կու գայ եւ ապա փորձանքը: Նոյն գիշեր շատերը մէյմէկ դիտակ առած` երկնի երեսը կը դիտէին, տեսնելու հա­մար գիսաւորն, որ անպատճառ երեւցած ըլլալու է, բայց մեզի անտեսանելի է, կ՚ըսէին: Իրաւունք ունէին: Գիսաւորն որոշած էր Հասունեանէ երկու ամիս առաջ գալ. բայց Հասունեան, որ միշտ գաղտնի գործել կը սիրէ, գիսաւորին դիտաւորութիւնն իմանալով` պոչէն բռնած էր եւ թող չէր տար, որ երթար: Սարսափելի կռիւ մը ծագած էր արդէն այս երկուքին մէջտեղը. թէպէտ եւ գի­սաւորն վերջապէս յաջողած էր իր թշնամւոյն ձեռքէն պրծիլ եւ երկնի երեսն երեւիլ, սակայն պոչը Հասունեանի ձեռքը մնացած էր: Այս էր պատճառ, որ մինչեւ մօտ ատեններս հայերու ռամիկ մասը պոչը կտրած կը կոչէր հռովմէա­կան հայերը: Գիսաւորն, որ իւր հակառակորդին չափ հաստատամիտ էր, ետ դառնալով ուրիշ պոչ մը գտած էր եւ տարի մը ետքը, 1811 օգոստոս 11֊ին երեւցած էր աւելի մեծ պոչով մը. սակայն խեղճը չէր կրնար հասկցունել, թէ այս անգամ փորձանքն իրմէ առաջ եկած էր: Եթէ գիսաւորն իւր երեւմամբն Հասունեանի փորձանք ըլլալն կ՚ուզէր յայտնել աշխարհի, անշուշտ իւր պո­չին մեծութեամբն ալ անոր մեծ փորձանք ըլլալն կը փափաքէր ծանուցանել: Այս համառօտ, բայց կարեւոր տեղեկութիւնը տալէն ետքը պէտք է, անհրա­ժեշտ պէտք է հոս յիշել, գոնէ Հասունեանն ազգատեաց չկոչելու համար, երբ իւր կենսագրութիւնը կը կարդանք, որ այս կրօնաւորն զաւակ է Եաղուպ Իպն Իւսեֆ Հասո անուն բերիացի ասորիի մը եւ ոչ թէ հայու զաւակ, ինչպէս կ՚աւանդեն անհաւատարիմ պատմագիրներէն ոմանք: Իւր գործերն բաւական են ապացուցանել, թէ հայու զաւակ չէ. եթէ ըլլար` անկարելի էր, որ իր ազգն սպաննելու աշխատէր, քանի որ ազգն սպաննողներու համար պատիժ մը սահմանուած չէ: Երբ հարցուեցաւ Սողոնի, թէ ինչո՛ւ օրէնք մը չդրաւ հայ­րասպաններու համար, չէի կարծեր, որ, պատասխանեց Աթէնքի օրէնսդիրն, պիտի գտնուին մարդեր, որ համարձակին իրենց հայրն կամ մայրն սպան­նելու:

Կը պատմեն թէ ծննդենէն տասն օր ետքը եկեղեցի տարուեցաւ կնքուելու համար: Մկրտութեան ժամանակ իմացուց կերպով մը, որ երկար արարողու­թիւններէ շատ չախորժիր, այնչափ շատ լացաւ, որ մկրտող քահանան ստիպուեցաւ սղագրել… արարողութիւնը: Փառասէր ըլլալն ալ հաստատեց նոյն օրն. երբ կնքահայրն քահանային պատասխանելով կ՚ըսէր, թէ երախան հաւատք, յոյս եւ սէր կը խնդրէ, մէկէն ի մէկ կնքահօրը գիրկէն նետուե­լով` երախան կաթողիկոսութիւն կը խնդրէ, պոռաց: Կնքահայրն իւր սանին սիրտը չկոտրելու համար` սէրը վերցուց եւ տեղը կաթողիկոսութիւն դնելով` կրկնեց. երախան հաւատք, յոյս եւ կաթողիկոսութիւն կը խնդրէ: Պատրիար­քութիւն ալ կը խնդրեմ, կրկնեց տղան. կնքահայրն, որ վարժուած էր զաւա­կին տալ ինչ որ ուզէր, չհամարձակեցաւ սանին խնդիրքը մերժել. ուստի հա­ւատք բառին տեղ պատրիարքութիւն դնելով ըսաւ` երախան պատրիարքու­թիւն, յոյս եւ կաթողիկոսութիւն կը խնդրէ:

Հապա՛ հաւա՞տքը:

Հիմակուհիմա թող մնայ այն, պատասխանեց երախան:

Այս պատմութիւնն ըստ մեզ, առասպել մ՚է. բայց որովհետեւ առասպել­ներն շատ անգամ ճշմարտութեան այլաբանութիւններն են, կրնանք այս առասպելէն ալ այս ճշմարտութիւնը քաղել, որ Հասունեան իւր ամէն ուզածը ձեռք բերելու կարողացած է, նոյնիսկ իւր ծննդեան օրերուն մէջ:

  Մինչեւ տասնըհինգ տարեկան Կ. Պոլսոյ վարժարաններուն մէջ դաստիա­րակութիւն առնելէ ետքը, 1825֊ին քոլեճցի քահանաներու ձեռամբ ղրկուե­ցաւ Հռովմ, Բրոբականդայի դպրոցը, քահանայ ըլլալու համար: Նախ յիշեալ դպրոցին մեծաւորներէն մերժուեցաւ, բայց յետոյ Տուրսունեան Հ. Բարսեղ եւ Յովնանեան Հ. Կարապետ վարդապետներուն ջանքովն եւ աղաչանքովն ընդուն­ուեցաւ հոն, ուր քանի մը տարի կարդալէն ետքը քահանայ ձեռնադրուեցաւ: Այս կէտին մէջ Հասունեան անմեղ է եւ մեծ անիրաւութիւն է Տուրսունեանի եւ Հով­նանեանի յանցանքն անոր վրայ բեռնաւորելը:

1833֊ին Պոլիս դարձաւ եւ բնակեցաւ Ղալաթիա, Յիսուս Փրկիչ մայր եկեղեցւոյն վանատան մէջ: Այս թուականին եկեղեցականներէն ոմանք իրենց նախագահին դէմ լարուած ըլլալու համար, ամէն օր նորանոր խնդիրներ կը յարուցանէին, օրինակի համար, եթէ նախագահն պատուէր տար, որ պա­տարագին մէջը խաչակնքեն` ասոնք փողոցը կ՚ելնէին եւ հոն կը խաչակնքէին: Յիշեալ եկեղեցականներն յաջողեցան իրենց մէջ առնել նաեւ Հասունեանն, որ վանքէն նոր ելած` մաքուր աղաւնի մը ըլլալով` խաբուեցաւ անոնցմէ եւ խեղճը միամտութեամբ աթոռակալ անուանուեցաւ քանի մը տարիէն:

1838֊ին երբ Գաղատիոյ հռովմէական հայերը կը կեղեքուէին քանի մը քահանաներէ, որոնք Հասունեան կուսակցութիւնն թեւ եւ թիկունք առած կը գործէին, ինչ որ կ՚ուզէին, նախագահ Մարուշ գերապայծառն քննիչ մը ղրկել կ՚որոշէ հոն` ժողովուրդը հանդարտեցնելու համար: Հասունեան յօժարակամ ստանձնեց այս պաշտօնը, գնաց եւ ետ դարձաւ երեք օրուան մէջ ժողովրդեան յուզումն… սաստկացնելէն ետքը:

Իւր անունը անմահացնելու համար կը փափաքէր հռովմէական հայե­րուն բարութիւն ընել, այնպէս վարուելով անոնց հետ, ինչպէս կը վարուի կօշկակար մը իր աշակերտին հետ: Ժողով կը կազմէր Պելկրատի անտառնե­րուն մէջ, ուր թէպէտեւ կ՚երթար օդ փոխելու, բայց նախագահը փոխելու հա­մար աշխատելէ ետ չէր մնար: Անտառային ժողովի մէջ որոշուեցաւ օր մը եւ գրուեցաւ Բրոբականտային թէ Մարուշ նախագահը ծեր էր, տկար էր, անդա­մալոյծ էր, անկար էր, եւ վերջապէս էր ինչ որ կ՚ուզէր Հասունեան ընել զայն, եւ թէ` օգնիչ եպիսկոպոսի մը կարօտ էր: Արդարեւ նախագահը ծեր էր, բայց քանի որ իւր պաշտօնը վալս պարել չէր` իւր ծերութենէն վնաս մը չէր գար ազգային իրաւունքներուն: Բրոբականտան հաւատք ընծայեց իրեն ղրկուած գրութեան եւ Հռովմ կանչեց Հասունեանը, որ 1842֊ին հասաւ հոն առանց այս ուղեւորութիւնն ազգին հաղորդելու եւ անոր հաւանութիւնն առնելու եւ օգնիչ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ:

1842 սեպտեմբեր 21֊ին Պոլիս դարձաւ: Հեղեղի պէս արցունք կը վազէր իւր աչերէն, երբ կը տեսնէր, որ կը շատնային Պատրիարքին վրայ գանգատներն, որոնք իւր գործարանէն կ՚ելնէին, սիրտը պատառ֊պատառ կ՚ըլլար՝ երբ կը դիտէր, որ աղէկ չէին երթար ազգին գործերը, զորս ինքը կը խառնէր. կու լար, կ՚ողբար եւ կը հառաչէր, որ պատրիարքական իշխանութիւնը ձեռք անցունէ եւ ժողովրդեան վէրքերը դարմանէ: Իւր ողբերը մինչեւ Արամազդայ քիթը բարձրացան, փռնգտաց աստուածներու հայրը. պատրիարքն իւր աթո­ռէն վար գլորեցաւ: Հասունեան բարձրացաւ պատրիարքական աթոռին վրայ. հով, անձրեւ, կարկուտ, փոթորիկ անմիջապէս հասան, շատ մը տուներու ապակիներն փշրուեցան. մեծ ծառեր արմատախիլ եղան. քանի մը տուներ կործանեցան:

1845֊ին պատրիարքական աթոռին վրայ ելնելէն ետքը, ուզեց, ազգին լաւ ծառայելու համար, նախագահական իշխանութիւնն ալ իւր վրայ առնել: Ուստի սկսաւ նախագահին դէմ գանգատներ բազմապատկել եւ ըսել. նախա­գահը ցնդած է, անկարող է իշխանութիւնը գործածել: Գեր. Մարուշն օդափո­խութեան համար Պիլեզիկճի Պօղոս աղային տունը կը գտնուի օր մը: Հասուն­եան իմանալուն պէս ժողվեց իր մարդերը, յիշեալ տունը գնաց եւ նախագահը պաշարել տալով` ըսաւ իրեն.

—Դուն ծեր ես, ցնդած ես, անկար ես, ուստի քեզի յանձնուած հոգինե­րու փրկութեանը համար, եկեղեցիին շինութեանը համար, պայծառութեանը համար, անպատճառ հիմա նախագահութենէդ հրաժարելու ես:

Ահա առաջարկութեան ձեւ մը, որուն մէջէն, եթէ նախագահութիւն բառին տեղ քսակ բառը դնենք, ճիշտ այն ձեւը կ՚ունենայ, որով առաջարկութիւն կ՚ը­նեն մեզ քանի մը զինուած մարդեր, երբ լեռներու մէջ հանդիպին մեզի: Ծերու­նին այս առաջարկութեան վրայ անբարբառ անոնց երեսը նայեցաւ եւ երբ դուրս ելաւ՝ նաւակ մը մտաւ, նաւակին մէջ կաթուած իջաւ եւ քանի մը օրէն վախճանեցաւ… ի փրկութիւն հոգւոյ, ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ Տեառն մերոյ Հասունեանի: Յուղարկաւորութեան հանդէսին օրը, երբ Հասուն­եան սուրբ պատարագ կը մատուցանէր եւ ահա սարկաւագներն խորանի վրայ Հասունեանը նախագահ կ՚ընտրեն եւ կը հռչակեն երգելով եւս առաւել զարհիե­պիսկոպոսն մեր զտէր Անտոն նախագահ եւ այլն: Եւ որովհետեւ Բ. Դռնէն հրամանագիր ղրկուած չէր սարկաւագներուն յայտարարող, թէ նախագահ ընտրելու իրաւունքն սարկաւագներու տրուած է` եկեղեցական եւ աշխարհա­կան կը յուզուին եկեղեցիին մէջ այս նոր ընտրութեան վրայ եւ 1848 օգոստոս 6֊ին Յիսուս Փրկիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ ընդհանուր ժողով կը գումարուի: Կը հարց­ուի ժողովոյ մէջ գեր. Հասունեանին, թէ որո՞ւն ընտրութեամբն նախագահ եղած է, Հասունեան ձեռները շփելով կը հրամայէ երկիւղածութեամբ, որ Հռովմէն իրեն տրուած կոնդակը կարդացուի: Կոնդակը կը կարդացուի լատիներէն լեզ­ուով. ժողովականներն իրարու երես կը նային:

—Մենք լատիներէն չենք հասկնար, գերապայծառ, կ՚ըսեն ժողովականք:

—Վնաս չունի, կը պատասխանէ Հասունեան, թող կարդացուի:

—Բան մ՚ալ չենք հասկնար:

—Աւելի աղէկ… արդէն մարդս ամէն կարդացածը կամ լսածը հասկնա­լու պարտաւոր չէ:

Կոնդակին լատիներէն ընթերցումը կը վերջանայ եւ տաճկերէնը կը սկսի, վասն զի այն թուականին հայերէն լեզու չկար: Կոնդակին իմաստն էր հետեւեալը.

«Հասունեա՛ն, երբ որ Կ. Պոլսոյ նախագահը վախճանի` այն ատեն դուն Անարզաբայ թեմը թողլով Կ. Պոլսոյ նախագահութիւնը ձեռք առ… եթէ այդ իշխանութեանդ դէմ դնելու ըլլան` զօրութիւնդ ցցուր անոնց. եթէ չկարենաս զսպել` մեզի իմաց տուր, որ պէտք եղածը տնօրինենք եւ անոնց գլուխը ջախ­ջախենք…»:

Տխրութիւնը եւ լռութիւնը կը թագաւորեն ժողովոյ մէջ. բայց ի՛նչ օգուտ, արտաքին գործերու պաշտօնեան միշտ Հասունեան է: Հասունեան, ինչպէս յայտնի է, գովելի համբերութեամբ վարուած է այս պարագային մէջ. վասն զի կարող էր դանակով զարնել սպաննել Մարուշը, քանի որ կոնդակին մէջ գրուած էր, թէ անոր մեռնելէն վերջը ինք նախագահ պիտի ըլլար: Ժողովականները տեսնելով, որ իրենց ազգային իրաւունքներն բռնաբարուած են այս կոնդակով՝ զոր Հասունեան ձեռք անցուցած էր Հռովմէն օգնիչ֊եպիսկոպոս ձեռնադրուած ժամանակ եւ զոր գաղտնի պահած էր` կը զայրանան: Յակոբ չելեպին կը հար­ցունէ գեր. Հասունեանին.

—Տէր, ազգին իրաւունքներն բռնաբարուած են այս կոնդակով:

—Ինձի ալ այնպէս կը թուի, կը պատասխանէ Հասունեան ցաւակցու­թիւն յայտնելով:

—Կ՚ընդունի՞ք, որ Հռովմ մեր ազգային իրաւունքները յափշտակէ:

—Քաւ լիցի… կը պատասխանէ, համրիչը հանելով ծոցէն:

—Երկու թուղթ գրենք, մէկը ս. պապին, միւսը Բրոբականտային եւ մեր
իրաւունքները պաշտպանենք:

—Այո՛, գրենք, ոչ երկու, այլ երկու հազար թուղթ. ինչո՞ւ մեր իրաւունք­ները պիտի յափշտակեն, կ՚ըսէ եւ իւր ծիծաղը ծածկելու համար կը սկսի վարի շուրթին տակը բուսած մազերը խառնել:

Ժողովոյ որոշմամբ կը գրուին, կը ստորագրուին եւ կը ղրկուին այս թուղ­թերն, որոնց պատասխանը մինչեւ այսօր եկած չէ:

Պատրիարքական եւ նախագահական իշխանութիւններն այսպէս հագնե­լէն ետքը, սկսաւ ինք իր գլխուն գործել, ամէն բան ինքը կ՚որոշէր եւ կը տնօ­րինէր, ուրիշներուն ձանձրութիւն չէր տար: Ժողովուրդը նկատելով, որ իր Պատրիարքը առանձին կը գործէ, զինքը յոգնութենէ ազատելու համար ուզեց տասներկու անձերէ բաղկացեալ Ազգային ժողով մը կազմել: Դէմ կեցաւ Հա­սունեան, պնդելով՝ թէ ինքը ազգին անձնանուէր պաշտօնեան է եւ թէ ամէն գործերը վարելու պատրաստ ըլլալով` պարապ աշխատութիւն է տասներկու հոգիի ձանձրութիւն տալ: Հակահասունեանք աղերսագիր կու տան Բ. Դռան եւ Ազգային ժողովոյ հաստատութիւնը կը խնդրեն, Հասունեանք ալ ուրիշ աղերսագրով մը Հակահասունեաններուն ուզածը չեն ուզեր, յայտնելով` թէ իրենք շատ գոհ են Հասունեանի բռնած ընթացքէն: Երկու կողմէն մարդեր կը հրաւիրուին Բ. Դուռը, ուր Հասունեանները լալով եւ ողբալով կ՚ազդարարեն, թէ դժոխք կ՚երթան, եթէ այդ բարեկարգութեան հաւանութիւն տան, մինչեւ որ Համազգեաց ընկերութեան մարմինը մէջտեղէն չվերնայ, առարկելով միանգա­մայն` թէ յիշեալ ընկերութիւնն, որ հայերէն ու հռովմէական հայերէն կազմ­ուած էր ազգի մէջ դաստիարակութիւն ծաւալելու նպատակով, հակառակ էր հռովմէական սուրբ եկեղեցւոյ քարոզութիւններուն, թէ երկրագործութիւնը ազգի մէջ ծաղկեցնելն Վատիկանու օրէնքներուն համաձայն չէր, թէ հին դրամներ եւ ձեռագիրներ ժողովելն Աւետարանին հակառակիլ էր, թէ գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ դպրոցներ հաստատելն Պետրոս առաքեալին ուռկանին մէջ քարեր ձգել էր, թէ վերջապէս հերետիկոս հայերու հետ միաբանիլն ու հա­ղորդակցութիւն ունենալն իրենց նախատինք էր Հռովմայ գահուն առջեւ: Հա­սունեան իւր արածած հօտին լուսաւորութենէն մեծ օգուտներ քաղելով, յա­ջողեցաւ քանդել Համազգեաց ընկերութեան հիմերն, որոնց վրայ շինուեցաւ հռովմէական սուրբ եկեղեցւոյ փառքը: Բայց Հակահասունեան կուսակցութիւ­նը Ազգային ժողովոյ հաստատութեանը վրայ պնդելով կը պնդէր: Բ. Դուռն ա՛լ ձանձրացաւ Հասունեանէ եւ հրաման ղրկեց, որ Հակահասունեաններու աղերսագիրն գործադրուի: Հասունեան այս անգամ չկրցաւ Բ. Դռան հրամանին դիմադրելու եւ ստիպուեցաւ պատրիարքական իշխանութենէ հրաժարիլ, պատճառելով, թէ անձնական տկարութիւն ունէր, մինչդեռ օրը տասներկու անգամ կը ճաշէր եւ երկաթէ մը աւելի քաջառողջ էր:

Մեծ սխալի մէջ իյնալ է կարծելը, թէ Հասունեան պատրիարքութենէ հրա­ժարելուն պէս գործէ քաշուեցաւ: Վենետիկի միաբանութիւնն, որ Հասունեան քաղաքականութեան թշնամի նկատուած էր, հաճեցաւ իւր երեսին վրայ ապ­տակ մը ընդունել Հասունեանէ, որ իտալերէն պարսաւագիրք հրատարակելով ամբաստանեց Վենետիկի միաբանութիւնն իբրեւ հերետիկոս եւ հերձուածող, պատճառելով` թէ յիշեալ վանքին միաբաններն միշտ պաշտպան են հայե­րու: Վենետիկի Միաբանութիւնը ինքզինքն արդարացնելու համար պարսաւագիրքին պատասխան մը գրեց պարսաւագիրքով մը, որուն մէջ յայտարա­րելէ ետեւ, թէ Հռովմայ պապին ամէն հրամաններուն հպատակ էր, կը յարէր նաեւ, թէ հայ ազգն ու եկեղեցին հերձուածող եւ հերետիկոս էր: Այս պատաս­խանին վրայ Հասունեան ուրախութենէն ամիս մը խնդաց:

1853֊ին գործերն այն աստիճանի եկան հասան, որ Հակահասունեաններն յայտնեցին վերջապէս, թէ իրենց անհնար է Հասունեաններու հետ միանալը: Հասունեան, իւր վարպետութեան զէնքերուն վրայ բարդեց նաեւ կրօնական զէն­քեր: Բանադրեց այն ամէն անձերն, որոնցմէ չէր ախորժեր: Քանի մը օրէն իւր վարդապետները իրեն հրաւիրելով` իշխանութիւն տուաւ անոնց մինչեւ նոր կիրակի արձակել անուղղակի գործողները ինքը բանադրելու զբաղած ըլլալով արձակելու ժամանակ չունէր, իսկ ինք ստանձնեց ուղղակի գործող­ներն արձակելու պաշտօնը զոր մինչեւ այսօր արժանի չեղաւ վարելու: Առաւօտը արթննալուն պէս վարդապետներուն կ՚ըսէր, բանադրուելիք անձերու ցու­ցակը բերէ՛ք նայինք, իսկ երբ վարդապետները կը պատասխանէին, թէ բա­նադրուելու մարդ չմնաց` կը սպառնար իրենց, որ մարդ գտնեն, որպէսզի բա­նադրէ: Ճաշէն առաջ կը բանադրէր, ճաշէն ետքը քիչ մը կը կախակայէր, թէպէտեւ երբեմն ալ կ՚արձակէր, բայց շատ անգամ գիշերը կը քակէր եւ առաւօտուն կը կապեր. եթէ կապելու համար չուանի պէտք ունենար` չուանի վա­ճառականները մեծ գործ մը տեսած պիտի ըլլային: Հասունեան երբ տեսաւ, որ բանադրելն, անիծելն ու կախակայելը մեծ արդիւնք մը չունեցան, սկսաւ ս. պապէն շրջաբերականներ բերել տալ, ամէն օր արեւուն հետ մէկտեղ նոր շրջաբերական մը կ՚ելնէր: Հակահասունեաններն այդ շրջաբերականները կար­դալով` հետեւեալ կերպով կը պատասխանէին Հասունեանին.

«Գեր. Հասունեան,

Մեծապէս մխիթարուեցանք կարդալով ս. Հօր Պիոսի Թ. քահանայապե­տին կոնդակը:

Մենք քու վրայ վստահութիւն չունինք:

Ձեր բռնած ճամբան անհամաձայն է Քրիստոսական ոգւոյն:

Ուստի ամենեւին անվստահ ըլլալով ձեր վրայ, դարձեալ հաստատութեամբ կը նորոգենք մեր բողոքը աշխարհի առջեւ, որ ասկից ետքը մէկ կերպով մը չենք ճանչնար զձեզ մեզի հովիւ եւ առաջնորդ… գնա՛, մարդ Աստուծոյ, թող տուր քիչ մը մեր օձիքը»:

Հասունեան այս պատասխանը կարդալով՝ աչերը վեր կը վերցունէր եւ կ՚ա­ղօթէր. Հա՛յր, թող սոցա, զի ոչ գիտեն զինչ գործեն. աղօթքը լմնցնելուս պէս ինքնիրեն կ՚ըսէր. դուք մի՛ ուզէք զիս, ես զձեզ կ՚ուզեմ:

1857֊ին հոգեւորական իշխանութեան համար տէրութենէն պերաթ ընդու­նեց, որով իրաւունք ստացաւ իր ձեռնադրած եպիսկոպոսներն ուզած տեղը ղրկել, առանց ազգային իշխանութեան հարցնելու: Այս պերաթի խնդիրն ազգը տակնուվրայ ըրաւ: Ամէն անիրաւութիւն կ՚ընէր, կ՚ըսէին, եւ երբ Բ. Դուռը բացատրութիւն պահանջէր` այդ գործը հոգեւորական է, ինձի կը վերաբերի, կը պատասխանէր:

Հասունեան քսան տարի վանականներու եւ ազգին դէմ մաքառելէ ետքը, ուզեց որ Կիլիկիոյ Տան աթոռն Պոլսոյ աթոռին քով դնէ, միացնէ զանոնք եւ երկու աթոռներուն վրայ նարտ մը դնելով իւր ժողովրդեան հետ խաղայ եւ զուարճանայ: Կիլիկիոյ Տան կաթողիկոսն բանակցութեան մտաւ Հասունեանի հետ, որ լռեց, երբ տեսաւ` թէ հակառակ սկզբունքներուն վրայ պիտի հիմնուէր այս միութիւնը:

1865 դեկտեմբերի 23֊ին հոգին կը փչէ Կիլիկիոյ պատրիարք Գրիգոր կա­թողիկոսը. 1865 դեկտեմբերի 28֊ին նոր հոգի կ՚առնէ Կ. Պոլսոյ նախագահ Անտոն Հասունեան: Վանականներն իրենց սահմանադրութեան համեմատ անմիջապէս գաղտնի քուէարկութեամբ տեղապահ կ՚ընտրեն Դաւթեան Սերովբէ վարդապետը: Նախագահ արքեպիսկոպոս Գասպարեան Բարսեղ անպատւու­թիւն սեպելով իրեն վրայ պարզ վարդապետի մը տեղապահ ընտրուիլը` ան­միջապէս պէտք եղած տեղերը կը դիմէ եւ Երուսաղէմայ լատին պատրիարք մոնսինեօր Վալերկայի ազդեցութեամբ եւ մէկու մը ձեռամբ Դաւթեան վարդա­պետը հսկողութեան ներքեւ կը բանտարկուի, սա յանցանքով, թէ ինչո՞ւ միա­բանները իրեն շատ քուէ տուած են: Հասունեան ամէն ճիգը թափելով կաթողի­կոս կ՚ընտրուի, միշտ կրկնելով` թէ «Եթէ հանգուցեալ կաթողիկոսին իրաւունքներէն Հռովմ փոքր փոփոխութիւն մը ընել ուզէ, բնաւ յանձն չեմ առներ կաթողիկոսութիւնը. Աստուած մի՛ արասցէ, իմ նախագահութիւնս ինձի բաւական է»: Ասոր վրայ կ՚ելնէ, Հռովմ կ՚երթայ իւր կաթողիկոսութիւնը հաս­տատել կու տայ եւ ետ կը դառնայ րեւերսուրուսով մը, որ հռովմէական հայերը ամէն իրաւունքներէ կը զրկէր:

Դարձեալ կռիւ եւ վէճ: Բ. Դուռը ա՛լ ձանձրանալով Հասունեանի ընթաց­քէն, ինչպէս որ մենք ալ ձանձրացանք անոր ըրածներն պատմելէն, Մահմուտ Նետիմ փաշային օրով կը վճռուի, որ այս բարի մարդը քիչ մը դուրս ելնէ Օսմանեան հողէն: Հասունեան բանադրելով իր… բախտը, Պոլիսէն կը մեկնի եւ Քիւբելեան պատրիարք կ՚ընտրուի կախակայալ եւ բանադրեալ հռով­մէական հայերու: Հասունեան պարապ չնստիր. կը համոզէ Քիւբելեանը, որ ագարակի մը դատն վաստակած ըլլալով, Հասունեանի թշնամի ըլլալու պատ­ճառ մը չունէր այլեւս, որ պատրիարքութենէ հրաժարուի: Քիւբելեան զղջումի կու գայ. ս. պապին առջեւ մեղայ կը գոչէ ազգին իրաւունքներն քանի մը տարի պաշտպանելով մեծ մեղք գործելուն համար: 1879֊ին Հասունեան պատրիարք կ՚ընտրուի:

Հոս կը վերջանայ ահա կենսագրութիւնն այն մարդուն, որուն դէմքն օր մը պզտիկ տղայ մը տեսնելով վախցած է եւ մինչեւ այսօր կու լայ: