ՍԻՄՈՆ
Խ.
ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Սիմոն
Խ.
Եազըճեան,
պատկերահան
եւ
դասատու
գծագրութեան,
ծնաւ
ի
Սամաթիա
1851
սեպտեմբեր
18֊ին:
Չորս
տարու
եղած
միջոցին
տունին
մէջ
ձեռքն
անցածը
կոտրելով,
թափելով
նկարչութեան
յարմարութիւն
ունենալը
յայտնեց:
1865֊ին
Ազգ.
հիւանդանոցի
վարժարանը
դրուեցաւ,
որպէսզի
լեզու
եւ
գիտութիւն
սորվի,
բայց
ինքն
դպրոց
մտնելուն
պէս՝
մէկէն
ի
մէկ
ցատկեց
ու
գծագրութեան
ճիւղերուն
փաթտուեցաւ:
Այն
ատեններն
ազգ.
վարժարանաց
մէջ
գծագրութեան
ոչ
ճիւղն
կար,
ոչ
ալ
տերեւներն.
Սիմոն
ինք
իրմէ
կ՚աշխատէր
եւ
որովհետեւ
գծագրութեան
համար
ծնած
էր,
քիչ
ժամանակի
մէջ
ինքնօգնութեամբ
այնչափ
յառաջ
գնաց,
որ
դպրոցի
մէջ
գտնուող
աշակերտաց
ամէնուն
ալ
պատկերները
կը
քաշէր,
ոտքերն
ու
ձեռքերը
շատ
աղուոր
կը
նմանցունէր,
դէմքերը
միայն
չէր
կրնար
նմանցունել:
Ծնողքն
նկատելով,
որ
զաւակնին
դասերուն
մէջ
օրըստօրէ
կը
տկարանայ
կոր,
թերեւս
այն
տեղի
կլիման
դաս
սորվելու
չօգներ
կոր,
ըսին
ու
անկից
հանելով
Քուզկունճուխի
դպրոցը
դրին,
դժբախտաբար
այս
տեղի
կլիման
դաս
սորվելու
չօգներ
կոր,
ըսին,
ու
անկից
հանելով,
Սելամսըզի
վարժարանը
դրին:
Այս
վարժարանին
մէջ
ալ
Սիմոնիկն
առտուընէ
մինչեւ
իրիկուն
գծագրութեան
կը
պարապէր,
ծառեր,
անտառներ,
առուակներ,
ոչխարներ,
հովիւներ,
անուշ
ջուրեր
կը
նկարէր.
դասատուն
հայերէնի
դաս
հարցուցած
միջոցին`
գծագրած
պատկերները
կը
ցցունէր:
1867֊ին
վերջապէս
այս
վարժարանէն
ալ
ելնելով`
սեղանաւորի
մը
քով
գրագրութեան
դրուեցաւ,
ուր
կրկնատումարի
դրութեամբ
բոլոր
տետրակները
պատկերներով
լեցուց,
սենեակին
հետ
յարաբերութիւն
ունեցող
անձանց
անուններն
գրելու
տեղ՝
անոնց
պատկերները
կը
գծէր,
ճակատնուն
աջ
կողմը
պարտի
կը
գրէր,
ձախ
կողմն
ալ
պահանջ
է.
աչքերուն
մէջը
թուականները
կը
գրէր,
եւ
քիթով
ալ
տետրակն
երկու
երեսի
կը
բաժնէր:
Մէկ
ականջին
վրայ
մուտք
եւ
միւս
ականջին
վրայ
ելք
կը
գրէր,
մէկ
խօսքով
մարդոց
դէմքն
կրկնատումարի
կը
դարձունէր,
կը
ձգէր:
Տէրն
երբ
տեսաւ,
որ
հաշուոյ
տետրակներն
ալպումի
կերպարանք
առած
են,
աւելի
խնդաց
քան
թէ
վշտացաւ,
ապսպրելով
միանգամայն,
որ
տետրակներու
մէջ
ուրիշ
անգամ
պատկեր
չնկարէ.
Սիմոնիկն
պատասխանեց,
թէ
ուրիշ
դրութեամբ
տետրակ
բռնել
անհնար
է
իրեն,
եւ
այս
պատասխանը
տալէն
ետքը
սենեակէն
առաւ
քալեց:
Տարի
մը
ամբողջ
նորէն
նկարչութեան
ետեւէն
ինկաւ,
նկարչութիւնը
կը
փախչէր:
Սիմոնիկը
ետեւէն
կը
հալածէր,
մինչեւ
որ
զայն
ձերբակալեց
նէ՝
շատ
յոգնեցաւ,
որովհետեւ
գեղարուեստ
մը
ձեռք
ձգելը
աւազակապետ
մը
ձեռք
ձգելու
չափ
դժուար
է:
1868֊ին
գծագրութեան
դասատու
եղաւ
նախ
տուներու,
եւ
հետզհետէ
ազգ.
վարժարաններու
մէջ:
Իւր
դաս
տալու
եղանակը
շատ
դիւրուսոյց
է,
այնպէս
որ
տասը
տարուան
մէջ
ոտք
մը
գծել
սորվողն
այս
դիւրուսոյց
եղանակին
շնորհիւ
հինգ
տարուան
մէջ
կը
սորվի:
—
Եւ
որովհետեւ
իւր
կենսագրութեան
այն
կտորին
եկանք,
ուր
շահու
խնդիրն
կայ,
կը
պարտաւորինք
լրջաբար
խօսելով
ըսել,
թէ
Սիմոն
էֆենտին
ամէն
ջանք
կը
թափէ
աշակերտները
քիչ
ժամանակին
մէջ
յառաջ
մղելու.
չէ
այն
դասատուներէն,
որոնք
գիտցածնին
ուրիշներու
չգողցնելու
համար
երկաթեայ
սնտուկի
մէջ
եւ
բանալիի
ներքեւ
կը
պահեն:
Սիմոն
էֆ.
Եազըճեան
առաջին
կրնայ
համարուիլ
ծաղրանկար
գծելու
մասին.
ժամանակաւ
Մեղուի
եւ
երբեմն
Թատրոնի
մէջ
տեսնուած
աղուոր
ծաղրանկարներն
անոր
մատիտին
արդիւնքն
են:
Սիմոն
էֆենտի
միջահասակ
եւ
պարկեշտ
երիտասարդ
մ՚է:
Քիչ
մը
կրակոտ
է,
այնպէս
որ
քիթին
ծակերէն
շունչ
արտադրած
ժամանակը
կը
կարծուի
թէ
Շիրքեթի
Խայրիէի
շոգենաւներէն
մէկուն
ծխնելոյզն
է,
որ
կը
ծխէ:
Իւր
դէմքը
կը
յիշեցունէ
այնպիսի
մարդու
մը
դէմք`
որուն
տասը
հազար
ոսկիով
աղջիկ
մը
կու
տան
եւ
ինք
կը
մերժէ: