ՅԱԿՈԲ
ՎԱՐԴՈՎԵԱՆ
Յակոբ
Վարդովեան,
դերասան֊տնօրէն
Վարդովեան
խումբին,
ծնաւ
ի
Պեշիկթաշ
1830
օգոստոս
18֊ին:
Մօրն
արգանդէն
դերասանական
անանկ
ձեւով
մը
դուրս
նետուեցաւ,
որ
կարծես
քուլիսէն
տեսարան
կու
գար,
անանկ
սաստկութեամբ
դուրս
յարձակեցաւ,
որ
քիչ
մնաց
դայեակին
քիթը
պիտի
կոտրէր:
Ներկայ
գտնուողներն
դայեակին
սիրտն
առին
եւ
երբ
ստակը
տալով
ճամբելու
վրայ
էին,
Վարդովեան
մէջերնին
նետուեցաւ
եւ
ըսաւ,
թէ
ըստ
կանոնագրութեան
ստակին
կէսը
ամսոյն
15֊ին
տան,
կէսն
ալ
ամսոյն
վերջը:
1846֊ին
դպրոց
ղրկուեցաւ,
որպէսզի
մտաւորական
սնունդ
առնէ,
բայց
անիկա
ատանկ
սնունդներու
կարեւորութիւն
չտալով,
դասարանին
մէջ
տղայոց
շարժումներն
ու
ձեւերն
նկատողութեան
կ՚առնէր:
Բնաւ
դաս
չէր
սորվեր,
դասախօսութեան
միջոցին
ընկերը
քովէն
կամացուկ
մը
կ՚ըսէր
իրեն,
եւ
ասանկով
դասերն
աղէկ
սորված
կ՚ըլլար:
Այս
գիւտը
շատ
օգտակար
եղաւ
իրեն,
այնպէս
որ
այսօր
իր
մասը
չսորվի
ալ
նէ՝
յուշարարէն
շատ
դիւրութեամբ
կրնայ
առնել:
Իրիկունները
տուն
դառնալուն
պէս՝
թաղին
պզտիկ
տղաքները
կը
ժողվէր
եւ
սենեակին
մէկ
կողմը
վարագոյր
մը
քաշելով
խեյալ
կը
խաղցունէր,
քարաքեօզին
սիրահարի
մաս
կու
տար,
հաճի
էյվատին
ալ
ազնուական
հօր
մասը
կը
յանձնէր
եւ
ինքն
ալ
վարագուրին
ետեւը
պահուըտած
զանոնք
կը
խաղցնէր:
1848֊ին
դպրոցէն
ելնելով`
ըստ
ոմանց
նկարչութեան
արուեստ
եւ
ըստ
ոմանց
սըւաճիութիւն
սորվելու
գնաց
կ՚ըսուի.
բայց
որովհետեւ
իր
ասպարէզը
ան
չէր,
անկից
ելաւ
եւ
դերասանութեան
արուեստին
ետեւէն
եղաւ:
Արեւելեան
թատրոնը
չբացուած`
քանի
մը
ընկերներու
հետ
մէկ֊երկու
ներկայացումներ
տուաւ,
վերջէն
Արեւելեան
թատրոնը
մտաւ,
ելաւ,
նորէն
մտաւ,
դարձեալ
ելաւ,
վերստին
մտաւ:
Դերասանական
կեանքն
ու
արուեստն
այնչափ
սիրեց,
որ
բոլոր
բարեկամներն
կը
ստիպէր,
որ
դերասան
ըլլան
ու
ազգին
զեղծումներն
հարուածեն:
1866֊ին
Նաումի
թատրոնի
մէջ
ներկայացուց
Մաքպեթը
ու
կրից
բորբոքման
ժամանակն
անանկ
կանոնաւոր
քայլեր
առաւ,
որ
քովը
աղջիկ
մը
ըլլար
նէ`
աղուոր
սոթիշ
մը
կ՚ըլլար:
1870֊ին
Թափառական
հրէային
մէջ
Ռոտէնի
մասը
կատարեց
ամենայն
յաջողակութեամբ.
ուրիշ
շատ
դերեր
ալ
խաղաց,
բայց
խաբելու,
կեղծաւորութիւն
ընելու
մասերուն
մէջ
երեւելի
հանդիսացաւ:
Դերասանական
խումբն`
որուն
մէջ
կը
գտնուէր
ինքն,
քանի
մը
անգամ
ներկայացումներն
դադարեցնելով՝
երբ
յուսահատութեան
մէջ
ինկած
էր,
Վարդովեան`
ես
թէ՛
թատրոնն
եւ
թէ՛
դերասաններն
կարող
եմ
ապրեցնել
ըսելով`
դերասաններն
ժողվեց
իւր
տնօրէնութեան
տակ
ու
անոնցմէ
խումբ
մը
կազմեց:
Ճշմարտութիւնը
խօսելով՝
Վարդովեանի
անխոնջ
եւ
անվհատ
աշխատութեան
շնորհիւն
է,
որ
ազգն
այսօր
թատրոն
մը
ունի:
Խումբ
կազմելուն
պէս`
թարգմանիչներ
բռնեց
եւ
օտար
խաղերով
սկսաւ
ազգին
զեղծումներն
հարուածել,
ճիշտ
այն
մարդուն
պէս,
որ
ապտակն
օտարին
գլխուն
իջեցնելով՝
տղան
ծեծած
ըլլալ
կը
կարծէ:
Այդ
ընթացքը
մինչեւ
այսօր
փոխած
չէ,
եւ
իւր
զբաղմանցը
պատճառաւ
ասկից
վերջն
ալ
փոխելու
ժամանակ
չպիտի
ունենայ:
Թատրոնը
շարունակելու
փափաքով
փիղի
չափ
թերութիւններն
իրեն
ճանճի
պէս
կ՚երեւան,
եւ
թէ
թատրոնին
թերութիւններն
մէկն
իրեն
ցոյց
տայ`
զանոնք
ուղղելու
հոգատար
չէ,
եւ
կարծես
լռելեայն
կ՚ըսէ.
վերցուր
այդ
մոլորութիւններն
թատրոնի
մէջէն
եւ
ահա
թատրոնն
ալ
կը
վերնայ:
Ներքին
կանոնադրութեան
մը
համեմատ
դերասաններէն
քիչ
շատ
տուգանք
առնելով՝
ել
ու
մուտքը
կը
հաւասարակշռէ.
որոշեալ
ժամէն
քառորդ
մը
ետքը
եկող
դերասանը
կը
տուժէ.
քառորդ
մը
առաջ
եկողն
ալ
կը
տուժէ.
դեր
կատարած
միջոցին
հազացող
դերասանին
ալ
ամսականէն
քիչ
մը
բան
կը
կտրուի:
Դերասաններն
կառավարելու
մէջ
այնքան
սիրտ
հալեցուցած
է
ու
դեռ
կը
մաշեցունէ,
որ
քովը
երթալուդ
պէս
մազերը
փեթտելով
կու
լայ,
ու,
ալ
լմնցայ,
ալ
չեմ
կարող
ապրիլ,
բայց
թատրոնը
երեսի
վրայ
չձգելու
համար
ակռաներս
սխմած
եմ,
կ՚ըսէ:
Չափազանց
կասկածոտ
է,
երկու
հոգի
խօսակցութեան
մէջ
տեսնելուն
պէս`
իր
չճանչցած
մարդիկ
ալ
ըլլան
նէ`
մէջքը
ծռելով`
ձեռքերը
շփելով
քովերնին
կ՚երթայ,
ու
«Աղբարներս,
թատրոնն
իմս
չէ,
ազգինն
է,
ինչո՞ւ
կ՚աշխատիք
զայն
կործանել»,
կ՚ըսէ:
Ասոնց
հետ
մէկտեղ
այսօրուան
օրս
իրեն
արժանավայել
հանգստութեամբ
կեանք
կ՚անցունէ,
ոտքով
չքալեր,
միշտ
կառքով
կ՚երթայ
կու
գայ.
թէ
որ
տունը
երթաս`
եւ
քիչ
մը
անդիի
սենեակը
երթանք
ըսես`
սըկէ
կառք
մը
ապսպրեցէք
կ
՚
ըսէ:
Զրոյց
կը
պտտի,
որ
մօտերս
ՀԱՅԿ
պիտի
խաղայ
եղեր
կառքի
մը
մէջ
նստած:
Վեհանձնութիւնը
կը
սիրէ,
բայց
չգործածեր,
որովհետեւ
կը
դպչի
իրեն.
ինչպէս
որ
շատերն
օղին
կը
սիրեն
ու
չեն
կրնար
գործածել:
Իր
թատրոնին
մէջ
այսօր
100֊ի
մօտ
ընտանիք
կ՚ապրին.
—
հաւանական
է,
որ
թատրոնն
իբր
զատ
թաղ
նկատուելով`
պատրիարքարանէն
հրահանգ
ղրկուի,
որ
թաղական
խորհուրդ
մը
ընտրեն
—
անոնց
օրհնութիւնները
կ՚առնէ,
ուրիշներէն
առած
անէծքներուն
դիմացը
գրելով`
վերջին
դատաստանին
ներկայացուելիք
հաշիւներն
ալ
հիմակւընէ
կը
հաւասարակշռէ:
Վարդովեան
էֆենտին
հասակով
բարձր,
կազմով
միջին,
գոյնով
դեղին,
դէմքով
երկար,
մօրուքով
կարճ,
ուղեղով
փոքր
մարդ
մ՚է:
Դէմքին
չարութիւն
մը
չերեւար,
բարութիւն
ալ
չգուշակուիր,
վերջապէս
մարդ
է,
պարագաներուն
համեմատ
բարի
կամ
չար:
Աստուած
չար
պարագաներէն
ազատ
պահեսցէ:
Վարդովեան
էֆենտին
ամէն
բանէն
կ՚ուզէ
իրեն
շահ
հանել.
եթէ
իրեն
«բարի
լոյս»
ըսես՝
ասիկա
շատ
աղուոր
նիւթ
մ՚է,
ասիկա
կատակերգութիւն
մը
շինէ
տէ՝
խաղանք,
կ՚ըսէ: