ԹՈՎՄԱՍ
ՖԱՍՈՒԼԵԱՃԵԱՆ
Թովմաս
Ֆասուլեաճեան,
երբեմն
այլեւայլ
թատրոններու
տնօրէն
եւ
վերատեսուչ,
հիմա
դերասան,
թերեւս
քիչ
ժամանակէն
նորէն
տնօրէն,
նորէն
դերասան,
ծնաւ
ի
Ֆեներ
1843
յուլիս
25֊ին,
ամառային
այն
տաք
օրերուն
մէջ,
ուր
մայրն
երկու
նեղութիւն
միանգամայն
ունեցաւ,
մին
շնիկ
աստղը
եւ
միւսն
երախան:
Թովմաս
աշխարհ
գալուն
պէս՝
առանց
երկար
յառաջաբանի
երկու
բառով
բացատրեց,
թէ
ինք
կարող
է
ուրիշին,
ասուն
թէ
անասուն,
ձայնը
հանելու,
շարժուածքն
իր
վրայ
ձեւացնելու,
որովհետեւ
ծնելուն
պէս
մլաւ,
մլաւ
աղաղակեց,
ճիշտ
այն
կատուին
պէս,
որ
տուներնին
կը
գտնուէր
եւ
որուն
մլաւիւնը
Թովմաս
մօրն
արգանդէն
լսած
ու
անոր
պէս
մլաւելու
վարժութիւն
ըրած
էր:
Հազիւ
թէ
չորս
տարեկան
եղած
էր`
բոլոր
կենդանեաց
ձայները
կը
հանէր,
եւ
եթէ
հարկ
ըլլար՝
կրնար
իրարու
լեզուն
չհասկցող
կենդանիներու
մէջ
թարգմանի
պաշտօն
վարել:
Տեսած
մարդուն
քալուածքն,
շարժուածքն,
ձեւերն
իր
պզտիկ
հասակին
վրայ
ձեւացունելն
բերնուց
դեր
սորվելէն
շատ
դիւրին
էր
իրեն:
Եօթ
տարեկան
էր`
Ենի
Մահալլէի
վարժարանը
մտաւ
ուսմունք
առնելու:
Քիչ
մը
ատեն
հոն
մնալէն
ետքը`
Գում
Գաբուի
վարժարանը
մտաւ
եւ
այնչափ
ուսմունք
առաւ,
որչափ
որ
կու
տային
նոյն
թուականին
վարժարանները:
Վարժարանէն
ելաւ
ու
մէկ
երկու
արուեստներ
փոխելէն
ետքը`
թիւլպենտճիի
մը
քով
մտաւ,
ոչ
թէ
թիւլպենտ
ծախելու
համար,
այլ
խանութը
եկող
յաճախորդներէն
ձեւ
ու
շարժուածքներ
գողնալու
համար:
Այս
յատկութիւններն
դերասանի
էին,
եւ
Թովմասը
չէր
ուզեր,
որ
անոնք
աննշան
մնան,
ուստի
ըսաւ,
դերասան
ըլլամ,
եւ
եղաւ:
1861֊ին
Արեւելեան
թատրոնը
մտաւ
ու
սիրահարական
մասերէն
սկսաւ
իւր
տաղանդը
փայլեցունել:
Քիչ
ժամանակ
անցնելէն
ետքը՝
Իզմիր
գնաց,
ուր
ամենայն
յաջողութեամբ
կատարեց
Կոյրին
զաւակը:
Այնչափ
բնական
կոյր
ձեւացուց,
որ
հանդիսականք
բուռն
ծափահարութեամբ
թատրոնը
թնդացուցին:
Թովմասն
այս
ծափահարութիւններէ
քաջալերուած՝
բաւական
ժամանակ
կոյր
մնաց…
իւր
ուրիշ
պակասութեանց:
Իզմիրի
մէջ
իւր
անունը
սկսաւ
համբաւ
վաստկիլ,
իւր
տաղանդն
պայծառացաւ:
Ասոր
վրայ
ինքն
ալ
պայծառացաւ
օրիորդ
Պայծառին
հետ
ամուսնանալով:
1864֊ին
վերջերը
իր
ամուսնոյն
հետ
Տրապիզոն
գնաց,
ուր
դպրոցին
կառավարիչն,
եկեղեցիին
ժամկոչն,
լուսարարն
եւ
քանի
մը
պատանիներ
ժողվելով
խումբ
մը
կազմեց
եւ
ազգային
ներկայացումներ
տալ
սկսաւ:
Այս
մասին
շատ
դժուարութիւններ
քաշեց,
որովհետեւ
կառավարիչն,
որ
առտուընէ
մինչեւ
իրիկուն
«Ծօ
տղաք,
սուս
եղէք»
ըսելու
վարժուած
էր,
օր
մը
ներկայացման
միջոցին
երբ
հանդիսականներն
Պ.
Ֆասուլեաճեանը
կը
ծափահարէին,
կառավարիչն
որ
Շապուհի
դերը
կը
կատարէր`
հանդիսականներուն
դառնալով`
«Ծօ
տղաք,
սուս
եղէք»,
պոռաց:
Կառավարիչը
այնչափ
յանցանք
չունէր
—
որովհետեւ
առտուընէ
մինչեւ
իրիկուն
այդ
խօսքը
ընելու
վարժուած
էր
բերանը,
—
որչափ
որ
յանցանք
չունին
այն
դերասանուհիներն,
որ
այսօրուան
օրս
տեսարանին
վրայ
շարունակ
կը
խնդան:
Ֆասուլեաճեան՝
1865֊ին
վերջերը
Թիֆլիս,
եւ
անկից
ետքը
տասնի
չափ
քաղաքներու
մէջ,
որոնց
անուններն
մի
առ
մի
յիշել
երկար
կ՚ըլլայ,
ներկայացումներ
տուաւ,
ոչ
թէ
ստակ
վաստկելու,
այլ
դերասանութեան
արուեստը
Ռուսաստանի
մէջ
տարածելու
համար:
1870֊ին
Պոլիս
եկաւ
եւ
18
հոգիէ
բաղկացեալ
խումբ
մը
կազմելով`
Նախիջեւան
տարաւ:
Հոն
ներկայացուց
Արքայն
կը
զբօսնու
֊ի
մէջ
Թրիպուլէի
դերն,
որուն
մէջ,
ըստ
ականատես
հանդիսականաց,
ջերմ
ծափահարութեամբ
վարձատրուեր
է:
Բայց
որովհետեւ
այս
ջերմ
ծափահարութիւններն
բաւական
չեն
թատրոնի
մը
ծախսը
հոգալու,
Պ.
Ֆասուլեաճեանն
հետը
տարած
խումբը
կտոր
կտոր
ընելով
հոս
ղրկեց,
անոնց
ետեւէն
ալ
ինքը
եկաւ:
Հոս
գալուն
պէս`
Օրթագիւղի
Բարեսէր
ընկերութեան
վերատեսչութիւնն
յանձն
առաւ
եւ
ամբողջ
շրջան
մը
ներկայացումներ
տուաւ
հոն,
գեղացին
գոհութեամբ
ընդունեց
զինք
եւ
գոհութեամբ
բաժնուեցաւ
իրմէ:
Տարի
մը
անցնելէն
ետքը`
Վարդովեանի
խումբին
դէմ
մրցելու
համար
Իսկիւտարի
Ազիզիէ
թատրոնն
վարձու
բռնեց
ու
ամիս
մը
ետքը
Վարդովեանին
վարձու
տուաւ,
ինքն
ալ
այն
խումբին
դերասան
գրուեցաւ
եւ
մինչեւ
այսօր
նոյն
խումբին
մէջ
կը
գտնուի:
Պ.
Ֆասուլեաճեան
այս
խումբին
մէջ
շատ
դերեր
կատարեց,
որոնց
մէջ
նշանաւոր
հանդիսացաւ:
Ծերունի
տասնապետ
ին
մէջ
այնքան
ճարտարութեամբ
համր
կը
ձեւանայ,
որ
Վարդովեան
էֆենտին
գիշեր
մը
օթեակէն
պոռաց.
«Ո՛ւր
էր
թշուառականն
միշտ
ասանկ
համր
մնար
ու
դերասաններս
չգրգռէր»:
Նոյնպէս
Լիոնի
Սուրհանդակ
ին
մէջ
կը
Զիւրքի
եւ
Տը
Պոսքի
մասերն,
այսինքն
անմեղութեան
եւ
չարագործութեան
երկրորդութիւն
մը
իր
անձին
վրայ
կատարեալ
յաջողութեամբ
ներկայացուց:
Պ.
Ֆասուլեաճեանին
դէմքին
վրայ
կատարեալ
գաղափար
մը
տալու
համար,
պարտաւոր
էինք
իւր
պատկերն
այնպէս
հրատարակել,
որ
իւր
պեխերուն
կէսը
ածիլուած
եւ
կէսը
չածիլուած
ըլլար,
որովհետեւ
վեց
ամիս
պեխով
կը
պտըտի,
վեց
ամիս
առանց
պեխի:
Ինք
ընդհանրապէս
այն
դէմքն
ունի,
ինչ
դէմք
որ
կ՚ունենայ
տղայ
մը
երբ
խաղալիքն
ձեռքէն
կ՚առնես:
Այս
վիճակին
մէջ
իւր
դէմքէն
աւելի
տղայութիւն
կը
յուսացուի
քան
թէ
չարութիւն.
բայց
խելօք
տղու
ալ
չնմանիր,
ասդին
անդին
վազող,
ամէն
տեսածն
ուզող
տղու
մը
կը
նմանի.
ըստ
ոմանց`
ուզածը
չտրուի
նէ`
ոտքերը
գետինը
կը
զարնէ
եղեր,
ըստ
ոմանց`
մասը
չգիտնայ
նէ`
կը
զարնէ
եղեր:
Սատանան
առնէ
մեղքը: