«Մեղու»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՂՈՒ ԱՌ ՎՍԵՄ. ՅԱԿՈԲ ԷՖԵՆՏԻ ԿԵՕՉԷԵԱՆ

Էֆենտի՛:

Ձեր վսեմութիւնը Մեղուէ բնաւ խայթուածք ընդունած չունի կարծեմ. որովհետեւ ձեր սենեակը մեղու մը մտնելուն պէս` սպասաւորք, խոհարարք, մատակարարք եւ սպասուհիք շուտով իրենց թաշկինակովը կը զինուին եւ հա­լածական կը վանեն խեղճ կենդանին, որպէսզի ձեր վսեմութիւնը չխայթէ:

Բայց այս անգամ այդ թաշկինակները ստակ չե՛ն ըներ, խայթելո՛ւ հա­մար եկած եմ, պիտի խայթե՛մ, ճար չկայ. եւ աւելի ցաւալին այն է, որ լե­զունի՛դ պիտի խայթեմ. խայթուածքս ականջդ պիտի անցնի եւ լեզուիդ վրայ պիտի մնայ:

Էֆենտի՛, դուք սորված ըլլալով անոր ասոր ոսկիներ տալով բարեգործու­թիւններ ընել, կարծեր էք, որ ուզածնուդ իրաւունք տալով` բարեգործութիւն մը ըրած կ՚ըլլաք:

Ձեր վսեմութիւնը սխալա՛ծ է հոս, ուստի սորվեցէք, որ մեծ տարբերու­թիւն կայ ոսկիի եւ իրաւունքի մէջտեղը. ոսկին` ոսկի չունեցողին կրնայ տրուիլ, բայց իրաւունքը` իրաւունք ունեցողին միայն տրուելու է:

էֆենտի, մարգարէական հոգի՞ ունիք դուք, որ առանց երկու կողմը լսե­լու եւ դատելու կը վճռէք թէ` Մամուլ իրաւունք ունի:

Ձեզի շնորհ մը ընելու համար պահ մը կ՚ընդունիմ, որ մարգարէ մ՚էք, բայց դուք ալ ընդունեցէք, որ մարգարէներու մէջ բացառութիւն մ՚էք. որով­հետեւ ծառադ առանց մարգարէ ըլլալու կրնամ գուշակել, որ Մամուլ յան­ցաւոր է այս խնդրոյն մէջ: Մամուլին խիղճն ալ այսպէս կը վկայէ. դուք ձեր վկայութեամբ երիցս յանցաւոր էք, որովհետեւ թէ՛ Օրագիրը անպատուել կ՚ու­զէք եւ թէ՛ Մամուլին խղճին հակառակը կը խօսիք:

Կը զբօսնո՞ւք կոր, էֆենտի. անոր ասոր պատիւը ձեր զուարճութեա՞ն կը զոհէք. ըսէք, էֆենտի, շատ խնդացի՞ք, երբ Մամուլին մէջ կարդացիք, որ Օրագիր գիշերները շուներուն հետ կը պառկի, շուները Օրագրին ձեռքէն հա­ցերը յափշտակեր են, Օրագրին տղաները տունը անօթի մնացեր են: Այո, խնդացիք եւ հիմա ալ կ՚ըսէք, թէ Մամուլ իրաւունք ունի:

Գիտցէ՛ք, էֆենտի, եթէ ես ըլլայի Օրագրին տեղ, կ՚երդնում, որ յանուն արդարութեան, գրչիս ճարա՛կ կ՚ընէի ձեր անունը լրագրական աշխարհի առջեւ:

Էֆենտի, տեղւոյս անձկութիւնը կը ստիպէ զիս յաջորդ թիւերու թողուլ այս մասին միւս ըսելիքներս. ուստի հաճեցէք հիմակուհիմա ընդունիլ իմ խոնարհ խայթուածքս:

Ասանկ փափուկ պարագաներու մէջ ձեր բերանը աւելի լաւ կ՚ընէ, եթէ համադամ կերակուրներ ուտելո՛ւ զբաղի, քան թէ խօսելու:

Շո՛ւտ ըրէք, սպասաւորք, քիչ մը կա՛ւ բերէք եւ էֆենտիին լեզուին վրայ դրէք, որ խայթուածքին ուռուցքը անցնի…