«Մեղու»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՄԲ ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Տասնի չափ յետադիմական երեսփոխաններ շուկան դերձակի մը խանու­թը նստած` ազգային կենսական խնդրոց վրայ վիճաբանած ատեննին` պան­դուխտ ազգային մը դիմացի խանութէն երեքական ղուրուշի տասնըչորս կան­գուն պասմայ առած ըլլալով եւ հաշիւն ալ չկրնալով ընել, այս երեսփոխանաց գտնուած խանութը կը մտնէ ու կը հարցնէ.

—Երեք անգամ տասնըչորս քանի՞ կ՚ընէ:

—Քսանըութը, ըսաւ մէկը: Ոչ, երեսունըմէկ կ՚ընէ, ըսաւ ուրիշ մը: Սխալ է, քսանըիննուկէս ղուրուշ կ՚ընէ, ըսաւ երրորդ մը. իննսունըինը ղու­րուշ կ՚ընէ, պոռաց չորրորդ մը: Կարծեմ քսան ղուրուշ տասը փարայ կ՚ընէ, որոտաց անդիէն ուրիշ մը: Վերջապէս ամէնն ալ մէյմէկ բան ըսելով, երբ տեսան թէ հակակարծիք են իրարու, մէջերնին մէկը առաջարկեց, որ քուէի դնեն ու մեծամասնութեամբ հասկնան քանի ղուրուշ ընելը: Այս առաջարկու­թիւնը ընդունուելով մէջերնին մէկը ատենապետ եղաւ եւ ըսաւ.

—Խնդիր մը կայ լուծուելու, կ՚աղաչեմ որ կիրքը մէկդի ընէք եւ խղճիւ ձեր կարծիքը յայտնէք: Խնդիրը այն է, որ երեք անգամ տասնըչորսը քանի՞ կ՚ընէ: Իմ կարծիքս այն է, թէ ութսունըմէկ կ՚ընէ, ուստի ով որ իմ կարծիքս կ՚ընդունի, թող ձեռքը վեր վերցնէ:

Ինը երեսփոխանք ձեռւընին վեր վերցնելով միաձայն հաւանութեամբ որոշեցին, որ ասկեց վերջը երեք անգամ տասնըչորսը ութսունըմէկ պիտի ընէ:

Այս որոշումը ատենագրութեան մէջ կ՚արձանագրուի: Պանդուխտ ազգա­յինը այս որոշումը առնելուն պէս շուտով կ՚երթայ ութսունըմէկ ղուրուշը կու ­տայ խանութպանին:

Խանութպանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ:

Պանդուխտը խանը դարձած ատեն իր բարեկամներէն մէկուն կը հանդիպի, որն իր ձեռքի պասմայի կանգունը քանիի առած ըլլալը եւ քանի ղուրուշ տուած ըլլալը հարցնելով տեղեկանալէն ետքը խաբուած ըլլալը կ՚իմացունէ, բայց մեր պանդուխտը չուզելով համոզուիլ, երկուքը մէկէն յետադիմականաց գտնուած խանութը կ՚երթան:

—Աղաներ, երեք անգամ տասնըչորս քանի՞ կ՚ընէ եղեր:

—Մեր կարծիքը ըսինք ա իրեն:

—Ինձի ալ ըսէք, քանի՞ կ՚ընէ:

—Ջանըմ, իրեն ըսինք ա, մենք օրը հազարումէկ որոշում կու տանք, ամէնն ալ մտքերնիս կը մնա՞յ մի, մեր որոշումը իրեն հաղորդուած է:

—Ինձի ալ չըսէ՞ք:

—Կարապետ, սա ատենագրութիւնը բաց տէ կարդայ նայինք, երեք ան­գամ տասնըչորսին վրայօք ի՞նչ որոշում տուած է ժողովը:

—Ութսունըմէկ գրուած է:

—Էհ, անանկ է նէ` ութսունըմէկ է:

—Ի՞նչպէս ութսունըմէկ կ՚ընէ. իմ հաշուովս քառասունըերկու ղուրուշ կ՚ընէ կոր:

—Երկար ըրիր ա, հիմա տասը հոգի սո՞ւտ պիտի ըսեն քեզի:

—Սուտ չէ, բայց սխալած էք:

—Կորսուեցէ՛ք սըկէ, ձեր միտքը ազգին մէջ երկպառակութիւն ձգել է —Սահմանադրութիւնը վտանգել է, մենք գիտենք, ասոնց ամէնը Խրիմեանին գլխուն տակէն է:

Պանդուխտը կը շուարի կը մնայ, բայց իւր ընկերը համոզելով` մէկտեղ պասման ծախողին կ՚երթան ու երեսունըինը ղուրուշը ետ կ՚առնեն:

Յետադիմականք դեռ իրենց որոշումը ետ առած չեն: