«Մեղու»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԷ ԻՆՉՈՒ ԿԵՕՉԷԵԱՆ ԷՖԵՆՏԻ ՄԵՂՈՒԷՆ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄ ՈՒՆԻ

Վսեմափայլ էֆենտի:

Մոլութիւններ հարուածելու պաշտօնը վարող թերթ մը առաւել խղճի ատ­եանին ապաւինելով գրելու է` քան թէ քաղաքական ատեանին:

Քաղաքականութեան եւ բարոյականութեան մէջ անհուն տարբերութիւն կայ: Աս երկուքը հաշտ չեն եւ չպիտի կրնան ըլլալ: Քաղաքականութեան մէջ միշտ բարոյականութիւն չկայ. ինչպէս որ բարոյականութեան մէջ ալ բնաւ քաղաքականութիւն չկայ. եւ ասոր համար է, որ ինչ որ շատ անգամ կը դա­տապարտէ քաղաքականութիւնը` զայն կ՚արդարացնէ բարոյականութիւնը: Քաղաքական ատեանի մը առջեւ շատ անգամ լաւ փաստաբանող մը դիմացի­նին տկարութեամբը դատը կը վաստկի. իսկ բարոյական ատեանի մը առջեւ յանցաւոր մը միշտ կը պատժուի՝ որչափ ալ տկար, որչափ ալ անզօր ըլլայ իւր դիմացինը:

Իմ նպատակիս հասնելու համար անպատճառ խղճի ատեանը ընդունելու եմ, եւ երբ հոս կ՚արդարանամ, փոյթ չէ ինձ քաղաքական ատենի մը առջեւ դատապարտուիլս: Ես կ՚ուզեմ որ ըսեն` «անմեղ էր եւ պատժուեցաւ», եւ չեմ ուզեր որ ըսեն` «պատժապարտ էր եւ արդարացաւ»:

Այս տողերով ինքզինքս ճանչցնելէն ետքը բուն խնդրոյն դառնամ:

էֆենտի:

Ինչո՞ւ ինձմէ աւելի բարեկամներ ունիք դուք: Ո՞վ էք դուք: Ի՞նչ եմ ես: Ի՞նչ ունիք ինձմէ աւելի: Ի՞նչ ունիմ ձեզմէ պակաս:

Շնորհիւն ու անհասանելի կամօքն Աստուծոյ երկուքնիս ալ ասուն արա­րածներ ենք, որ կը խորհինք, կը խօսինք, կ՚ուտենք, կը քնանանք, կ՚արթննանք, կը ծնանինք եւ կը մեռնինք: Արդ, ինչ որ ունիս դուն` իբրեւ մարդկութեան նշան, ես ալ ունիմ. եւ թէ որ ասկէ դուրս բան մը ունիս` որուն շնորհիւը շատ բա­րեկամներ ունիս, ապա ուրեմն այն բարեկամներն քուկդ չեն, այլ անոր` զոր դուն ունիս եւ ես չունիմ (որովհետեւ բարեկամ չունիմ):

Ի՞նչ է ուրեմն այն որ ունիս` ես չունիմ:

Երկու տարեկան տղայ մ՚իսկ գիտէ ասիկա ու կ՚ըսէ.

—Ոսկի՛ն:

Բայց ոսկին մարդկութեան նշան չէ՛:

Այն որ հոգի ունի` մա՛րդ է կրնանք ըսել. բայց չենք կրնար ըսել թէ` այն որ ոսկի ունի` մարդ է: Եթէ այս ըսելու կարող ըլլայինք. քսակներն ու քասաներն ալ մէյմէկ մարդ պիտի ըլլային:

Ուստի երբ ոսկին դուրս հանեն այս խնդրոյն մէջէն, բոլոր բարեկամ­ներդ ալ դուրս կ՚ելլեն եւ անոր կ՚երթան, հետեւապէս ես ու դուն միայն կը մնանք իբրեւ մարդ՝ իրարու համապատիւ եւ համազօր:

Մեր խնդիրն ալ մարդկութեա՛ն խնդիր է եւ ո՛չ ոսկիի, ուստի հրամայե­ցէք խել մը խեղճերուն եւ տգէտներուն, որ չհայհոյեն ինձի եւ մտիկ ընեն:

Էֆենտի, դուք զՄամուլ պաշտպանելով, ըսիք Արեւելեան Մամուլին.

—Անօթութենէ՛ մեռիր:

Ահա ա՛յս է իմ ցաւս:

Դուք զՄամուլ պաշտպանելով Մասիսին ըսիք.

—Խե՛ղճ պիտի ապրիս:

Ահա ա՛յս է իմ վիշտս:

Դուք զՄամուլ պաշտպանելով Օրագրոյ ըսիք.

—Հակառակ քու աշխատութեանցդ պէտք է որ խայտառակուի՛ս:

Ահա ա՛յս է իմ վախս:

Դուք զՄամուլ պաշտպանելով, գրական ասպարէզին վրայ սնունդ հայ­թայթելու համար անօթի փորանց ձեռագիր գրելով, իրիկունը չոր հաց ուտե­լով աշխատող խմբագրաց ըսիք.

—Սատկեցէ՛ք դուք:

Ահա ա՛յս է իմ մահս:

—Թող հայ լրագրութիւնը մեռնի՛, թող ան ու աս յանիրաւի խայտառակուի՛, ես պիտի զբօսնո՛ւմ, ըսիք:

Ահա այս է ձե՛ր մահը:

Ահա ա՛յս է ճշմարտութիւնը:

Ալ ի՛նչ կ՚ուզէք ըրէք Մեղուին, բայց սա գիտցէ՛ք, որ Մեղուն անանկ վի­ճակ մ՚ունի, ուսկից ո՛ր վիճակին որ ենթարկուելու ըլլայ նէ` առաջինէն աւե­լի աղէկ պիտի ըլլայ:

Զգուշացէ՛ք, չարութիւն ըրած ատեննիդ բարութի՛ւն կ՚ընէք եւ ես ձենէ բարիք տեսնել չե՛մ ուզեր. միայն թէ ասանկ խնդրոց մէջ մէյ մ՚ալ խառնուելու չըլլաք նէ` լրագրութեան մեծ բարիք մը ըրած կ՚ըլլաք:

Խնդրելով որ ընդունիք իմ յարգանքս,

Մնամ ձեր վսեմութեան ինչպէս որ արժան է մնալ: