«Մեղու»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՆԴՐՈՑ ՄԵՌԵԱԼՆ Ի ՏԵՍԼԵԱՆՆ ՄԵՂՈՒԻ

Ընթերցո՛ղ, ես ալ երազ կը տեսնեմ, եւ շիտակը հասկնալ կ՚ուզես նէ` երկու անգամ կը տեսնեմ, մէկը արթնութեանս մէջ եւ մէկալը քնոյս մէջ. միայն սա պայմանաւ, որ արթնութեանս մէջ ուզած երազներս կը տեսնեմ, այսինքն զուարթ եւ մարդս երջանիկ ընող երազներ:

Երէկ իրիկուն անկողին մտնալուս պէս` դեռ չքնացած` սկսայ երազել: Բախտը անանկ բերաւ, որ այս երազիս մէջ, չիյտեմ ինչպէս եղաւ` միլիո­նաւոր լիրաներ վաստկեցայ:

Նախ հացագործ Զաքար աղային ազգէն առնելիքը վճարեցի: Վերջը Ներ­սէսեանը կանչեցի, հազար ոսկի ալ անոր տուի. ա՛ռ աս ոսկիները, եւ Իճատիէի դպրոցին վրայէն ջնջէ քու անունդ եւ իմինս փորել տուր:

Այս գործն ալ լմնցունելէն ետքը, շիտակ Պերա ելայ: Փողոցները ցեխոտ ըլլալուն` չկրնալով մէկ կողմէն դիմացի կողմը անցնիլ, քոմիսիոնին ստակ տուի, որ Մեծ փողոցին մէջ քանի մը կամուրջ շինէ, որպէսզի մէկը կարող ըլլայ մէկ խանութէն անոր դիմացի խանութը անցնիլ։

Այս մեծագործութիւնն ընելէն ետքը, շիտակ գերեզմանատունը վազեցի, անոր շուրջը իսկոյն անառիկ բերդերուս պէս բարձր պատ մը քաշեցի: Մէջը մտայ, եկեղեցին ի հիմանէ նորոգելով` գմբէթաւոր եւ ընդարձակ եկեղեցի մը շինել տուի, եկեղեցիին դռան վրան ալ այսպէս փորագրել տուի. «Շինեցաւ ար­դեամբ Մեղուի ի թուականին տեսլեանն Մեղուի»:

Հայերը աս տեսնելնուն պէս` ինձի վազեցին. աշխարհիս մինչեւ վերջը ինձի երախտապարտ մնալու երդում ըրին: Մէկը ձեռքս կը համբուրէր, անդիէն ուրիշ մը ի ծունր իջած կը խնկարկէր զիս. ուրիշ մը ոտւըներս պլլըւած` չէր թողուր որ քալեմ, ամէնքը կու գային բալթոյիս բեշերը համբուրելու, անանկ որ, ճարս հատաւ, բալթոս հանեցի եւ ծառէ մը կախեցի, որ հոն եր­թան համբուրեն, ապսպրեցի ալ, որ համբուրելէն վերջը վրայի տիղմերն ֆրչայով մը սրբեն:

Հասարակութեան կողմէ տրուած այս երախտագիտական ցոյցերով արբ­շիռ` սկսայ թռչիլ ու վեր բարձրանալ, այնչափ բարձրացայ, որ վերջապէս գետ­նին տակը մտայ:

Քնացեր էի, եւ գէշ երազները` պանդուխտ հայու երազներն իսկ շատ տեսնելով՝ զիս մեռելոց մէջ տարած էին:

Ոսկրներու տօնավաճառին մէջ կը գտնուէի. չէի խօսիր, չէի տեսներ, մե­ռած էի:

Կմախքները զիս մեռեալ տեսնելնուն վրայ սրտմտած` ամէնը մէկէն վրաս վազեցին եւ ըսին, զարթի՛ր, եւ ըսէ՛ մեզ, մեր հանգստութիւնը խռովելո՞ւ եկար հոս, ըսէ՛, չէ նէ` հիմա զքեզ կը բզքտ… ըսելնուն չմնաց, շուտով նոր հոգի զգեցայ, չէ նէ` իրաւ պիտի բզքտէին:

Ո՜հ, ըսին ամէնքը միաբերան, հայրենիքէ աքսորեալ, լեռներու, ձորերու մէջ թափառեալ, անողոք բախտէն հալածեալ՝ թշուառ կեանք մը անցնելնէս յե­տոյ գերեզմանէ՞ն ալ պիտի աքսորուինք: Ուրեմն գերեզմանին մէջ ալ չիք հանգստութիւն հայոց համար. բայց ո՜չ, ո՜չ, եթէ կենդանի հայերը մեռեալ են, մեռեալ հայերը դեռ կենդանի են..............

Մեռելոց համար լրագրական տեսչութիւն չըլլալուն ուրիշ շատ խօս­քեր ալ ըրին, բայց մեր… մեր… մեր միտքը չմնաց:

Մեր միտքը չմնացած խօսքերը ըսելէն յետոյ` երբ բաժնուելու վրայ էին, մէկը եկաւ ասոնց մէջ կայնեցաւ: Գրպանէն եօթը ութը քսակ ոսկի հանեց. չգիտեմ, որ իմ ոսկինե՞րս գողցած էր, չէ նէ` ան ալ ինձի պէս երազ տե­սած էր:

Ոսկիները ցոյց տալով` ըսաւ իրենց, թէ որ ասոնք տալու ըլլամ նէ` դուրս կ՚ելնէ՞ք: Մէկ մասը այո՛ ըսաւ, միւս մասը` ոչ, եւ ինչպէս որ ամէն կռիւ այո էն եւ ոչ էն կ՚ելնէ` մեծ պատերազմ ծագեցաւ իրենց մէջ:

Վախէս կը դողայի:

Պատերազմի միջոցին պատկառելի մարդ մը եկաւ դրօշ ի ձեռին. դրօշին վրայ գրուած էր` կրօնքը արծաթասէր չէ. ասոր վրայ կռիւը դադրեցաւ եւ ամէնքը միաբանեցան:

Մեռեալ հայոց միաբանութեանը վրայ զգացած ուրախութենէս արթնցայ եւ տեսայ, որ` ոչ Զաքար աղան ստակը առեր է, ոչ ալ Պերայի մէջ կամուրջ շին­ուեր է. հելէ գերեզմանին շուրջը քաշած պատս եւ շինած եկեղեցիս չիյտեմ ինչպէս եղեր` անյայտ եղած են:

Թո՛ղ ըլլան, հարկաւ մօտ օրերս երազ մ՚ալ կը տեսնեմ եւ առջի շինա­ծէս աւելի հաստատ կը շինեմ:

Մի՛ խնդաք, հարուստներ, եթէ իմ երազներս ձեզի համար իրողութիւն­ներ չեն, ձեր իրողութիւններն ինձի համար երազներ են. եւ ժամանակը եթէ իրողութիւնները երազի կը դարձնէ` հարկաւ օր մ՚ալ երազները իրականու­թեան կը դարձնէ: