ԱՐԱՐՈՒԱԾ
Դ
Կամարակապ
մութ
քարայր
մը.
—
Խորը
խոռոչ
մը.
—
Կամարէ
մը
կախուած
կանթեղ
մը
կը
պլպլայ։
Տեսիլ
Ա
ՍՈՒՐՄԱԿ
(նստարանի
մը
վրայ
կը
մրափէ).
ՇՈՒՇԱՆ
(խոռոչին
մէջ
կը
քնանայ)
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
(
խռովուած
կ՚արթննայ,
չորս
կողմը
կը
նայի,
խոռոչը
կը
դիտէ
եւ
կը
հանդարտի)
Դեռ
ազատ
եւ
երջանիկ
եմ,
դեռ
Շուշան
ձեռքս
է...
Ա՜հ,
ի՞նչ
սոսկալի
երազ
էր
որ
տեսայ...
սիրտս
զարհուրած՝
դեռ
կը
բաբախէ,
դեռ
բոլորովին
դողի
մէջ
եմ,
ինչո՞ւ
համար
հանդարտ
չեմ
կրնար
սիրել...
Անգո՛ւթ
երկինք,
ինչո՞ւ
համար
հանգիստս
խլեցիք
սրտէս...
Գիշերները՝
մէկ
մէկ
սեւազգեստ
դահիճներ
են,
որ
գլխուս
վերեւէն
կ՚անցնին
առանց
զիս
սպաննելու՝
սպառնալից
նայուածք
մը
միայն
ուղղելով
ինձ,
որոյ
մէջ
հայելւոյ
պէս
անցելոյն
յիշատակները
կը
նշմարեմ...
Ցերեկներն
ալ
հանգիստ
չեմ,
վասնզի
ալեւոր
հօրս
ստուերն՝
իր
պաղ
ձեռքը
կուրծքիս
վրայ
դրած
սիրտս
կը
ճնշէ...
միշտ
այն
սոսկալի
գիշերը
միտքս
կու
գայ,
այն
սեւ
գիշերը
յորում
դողդոջելով
անկողնէս
ելայ,
զարհուրած
չորս
կողմս
նայեցայ,
յետոյ
երկինք
վերուցի
աչքերս
եւ
տեսայ
որ
լուսինը
խոժոռադէմ
զիս
կը
դիտէր...
Արձանի
մը
պէս
պաղած
մնացի,
յառաջ
գացի
եւ
վարանեցայ,
միտքս
բերի
սիրուհիս
եւ
քաջալերուեցայ,
վասնզի
կը
յուսայի
հետը
ազատ
ապրիլ
եւ
ձեռացս
մէջէն
ոսկւոյ
հեղեղներ
թափել...
Հօրս
սենեկին
դռան
սեմին
վրայ
հասած
էի...
ներս
մտայ...
անկողնոյն
քով
ծունր
եկայ...
խղդուկ
հառաչանք
մը
սլացաւ
սրտէս...
պաղ
քրտինք
մը
հոսեց
մարմնէս...
ամէն
բան
լմնցեր
էր...
խեղդամահ
ըրի
հայր
մը,
որ
իմ
ամօթալից
գործքերուս
խոչընդոտն
կ՚ըլլար...
Դեռ
իր
վերջին
նայուածքը
աչացս
առջեւն
է։
ՇՈՒՇԱՆ.
—
(բանդագուշելով)
Որչա՜փ
կը
սիրեմ
զքեզ...
*
գերեզմանէն
դուրս
ելնէ
անոր
օգնելու
համար...
Բայց
վերջապէս...
օր
մը
այսպէս
քնոյ
մէջ
էր...
մարած
էր...
վայրենի
փափագս
լցաւ...
այնուհետեւ
ատեց
զիս
եւ
արտասուեց...
Բայց
հիմա
զիս
կը
սիրէ
եւ
վրաս
կը
գուրգուրայ...
Որչա՜փ
ալ
սիրուն
է...
Կարծես
թէ
հրեշտակ
մ՚է,
որ
սիրոյ
համար
երկինքը
թողլով՝
աշխարհք
եկած
է։
ՇՈՒՇԱՆ.
—
(նոյնպէս)
Ե՞ս
սիրեմ
Սուրմակը,
այն
անօրէնը.
երբե՛ք...
Կ՚ատեմ
ես
զայն,
սիրել
կը
կեղծեմ,
որպէսզի
վրաս
վստահելով
այս
խաւարչտին
քարայրէն
հանէ
զիս...
*
ժպիտներդ
խաբեպատիր
են...
Այդ
խոստովանութիւնը
շատ
սուղի
նստաւ
քեզի...
ՇՈՒՇԱՆ.
—
(
կ՚արթննայ,
կը
տխրի,
յետոյ
սթափելով՝
Սուրմակայ
կը
մօտենայ
)
Դեռ
գիշե՞ր
է,
Սուրմակ...
Բայց
կարծեմ
արշալոյսը
կը
ծագի,
վասնզի
թռչուններուն
ձայնն
է,
որ
հեռուէն
կ՚առնում։
Դու
ըսիր,
որ
այսօր
պիտի
տեսնեմ
արեգական
ծագումը,
յորմէ
բաւական
ատենէ
ի
վեր
զուրկ
եմ...
Որչա՜փ
բարեսիրտ
ես,
Սուրմակ,
եւ
որչա՜փ
կը
սիրեմ
զքեզ։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Թո՛ղ
զիս,
նենգաւո՛ր
շողոքորթ,
դու
կը
խաբես
զիս,
կը
հասկնամ.
այդ
աչացդ
մէջ
փայլող
ժպիտներն
ատելութեանդ
շանթերն
են,
ապերա՜խտ,
ես
կը
սիրեմ
զքեզ,
եւ
դու
այդ
սէրն
արհամարհանաց
ժպիտներով
կը
շողոքորթես...
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Ի՞նչ
կ՚ըսես,
Սուրմա՛կ,
կը
ցնորի՞ս
թէ
կատակ
կ՚ընես...
(մեկուսի)
Աստուա՜ծ
իմ...
Չեմ
հասկնար,
ի՞նչ
եղած
է
արդեօք...
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Ո՛չ,
ո՛չ,
ըսածս
գիտեմ
եւ
կը
լսեմ
այդ
հառաչանքները,
որոնք
լռութեան
մէջ
կը
սահին,
կը
տեսնեմ
ես
այդ
արցունքները,
որոնք
խաւարին
մէջ
կը
հոսին,
վերջապէս
սրտիդ
յուզմունքները՝
դեղնած
դէմքիդ
վրայ
հայելւոյ
մը
պէս
կը
տեսնեմ...
Ուրեմն
մի՛
յուսար,
որ
այսուհետեւ
քու
կեղծ
սիրովդ
պատրես
զիս։
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Կը
մեղանչես
դու,
Սուրմա՛կ,
կը
մեղանչես
իմ
սիրոյս
վրայ
այսպէս
կասկածելով.
գիտե՞ս
որ
այդ
խօսքերը
սիրտս
նետի
պէս
կը
խոցեն...
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Եթէ
այդպէս
է,
երդուի՛ր
որ
ճշմարիտ
սիրով
կը
սիրես
զիս...
Դու
լո՞ւռ
կը
կենաս...
Այս
խօսքը
քեզ
սոսկումն
կը
պատճառէ,
ուրեմն
դեռ
շնչէ՛
այս
խաւարը,
արտասուօքդ
թրջէ՛
այս
քարերը
եւ
հառաչանքներովդ
թնդացո՛ւր
այս
կամարները...
Ոչ
ոք
պիտի
լսէ
քեզ
եւ
պիտի
գթայ.
միայն
Սուրմակ
կայ
հոս...
*
կապել,
դու
այն
փունջը
յափշտակեցիր
իմ
ձեռքէս
եւ
անոր
փոխարէն
փշոյ
փունջ
մը
դրիր
ձեռացս
մէջ...
Մինչդեռ
նոր
սկսած
էի
կապուտագեղ
եւ
աստեղազարդ
կամարի
մը
տակ
սիրել
եւ
ժպտիլ,
դու
վիհ
մը
բացիր
առջեւս
եւ
զիս
հոն
քաշկռտեցիր,
եւ
հիմա
խաւարամած
կամարի
մը
տակ
կը
հեծեմ...
Այո՛,
կ՚ատեմ
զքեզ,
Սուրմա՛կ...
Թո՛ղ
այս
խաւար
լռութեան
մէջ
լռիկ
մնջիկ
սահին
արտասուքս,
թող
մէկը
չի
գթայ
իմ
վրաս։
*
պիտի
ոսկեզօծին...
Երբ
աչքէդ
ուրախութեան
կայլակներ
հոսեն,
իւրաքանչիւրն
իբրեւ
ծաղիկ
պիտի
փթթի
հոս,
իսկ
երբ
շրթունքներդ
համբոյր
տան,
անոնց
մրմունջն
իբրեւ
քնարի
քաղցրաձայն
նուագներ
պիտի
զբոսցնեն
զմեզ.
ուրեմն
ասկէ
աւելի
ի՞նչ
բանի
կը
փափագիս...
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Բանի
մը
միայն,
զոր
պէտք
չէ
գիտնաս
դու...
*
իւր
գերեզմանը
այլ
զինքն
իսկ
կը
ցուցնեմ
քեզի...
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Վարդս
կենդանի
ըլլա՞յ...
Ո՛չ,
անկարելի
է
այդ,
միթէ
դու
չսպաննեցի՞ր
զինքը...
անգո՛ւթ,
միշտ
կը
տանջես
զիս,
միշտ
սրտիս
խորը
թաղուած
տխուր
յիշատակները
կ՚արթնցնես...
Դու
կը
խաբես
զիս,
կենդանի
է
կ՚ըսես,
որպէսզի
զքեզ
իւր
սպաննիչը
չի
կարծեմ...
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Կ՚երդնում,
որ
եթէ
զիս
սիրես,
պիտի
տեսնես
զինքը...
*
զինքը
տեսնեմ,
պիտի
ըսեմ,
թէ
խաբեպատիր
երազ
մ՚է
կամ
իւր
ստուերն
է
(
յուսահատ՝
դէմքը
ձեռօքը
ծածկելով
կ՚երթայ,
կը
նստի)։
*
երթամ
քիչ
մը
ուտելիք
բերելու։
Տեսիլ
Բ
ՇՈՒՇԱՆ
(առանձին)
*
վախէս
ետ
կեցայ...
Ա՜հ,
որչա՜փ
թշուառ
եմ,
եթէ
գիտնայիր,
Վա՛րդ,
որ
կաթիլ
կաթիլ
արտասուք
կը
հոսեն
սիրոյ
քնարիս
թելերուն
վրայէն,
որ
երբեմն
զուարթ
եղանակներ
կը
նուագէր.
քանի
որ
այս
խաւարին
մէջ
եմ,
յուսոյ
նշոյլ
մը
չեմ
նշմարեր.
ուրեմն
ինչո՞ւ
ապրիմ
ես.
մահն
արագաթռիչ
թեւեր
պիտի
տայ
ինձ.
եւ
անոնցմով
յերկինս
պիտի
սլանամ...
Հոն
պիտի
փնտռեմ
Վարդս
եւ
պիտի
գտնեմ
զինքը
դրախտին
մէջ,
որ
ծաղկանց
վրայ
հանգչած՝
ինձ
համար
կ՚արտասուէ,
պիտի
սրբեմ
իւր
արցունքը
եւ
յաւիտեան
պիտի
սիրենք
զիրար,
վասնզի
հոն
թշնամի
չիկայ...
Պիտի
հեռանամ
այս
դժոխային
բնակարանէն՝
արհամարհելով
այս
քարերը,
որոնք
իմ
արցունքս
ծծեցին,
արհամարհելով
այս
կամարները,
որոնք
յուսահատ
հառաչելու
ատենս
իրենց
տուած
արձագանքովը
կարծես
թէ
վրաս
կը
խնդային...
(ոտքը
դաշոյնի
մը
գալով)
Ի՞նչ
է
այս
(առնելով)
ո՜հ,
ահա՛
գործիքս
ալ
գտայ.
հեռացէ՛ք
մտքէս,
երջանկութեան
յիշատակներ,
հեռացէ՛ք
աչացս
առջեւէն,
բնութեան
հրաշալեաց
ստուերներ,
իզո՜ւր
կը
հրապուրէք
զիս,
երկիրս
փշոտ
վարդ
մ՚է,
իսկ
երկինքն
անփուշ
վարդ
մը...
ոտքի
ձայն
մը
կայ...
Ինքն
է...
Ո՜հ,
չը
տեսնեմ
մէկ
մ՚ալ
իւր
դժոխային
դէմքը
(դաշոյնով
ինքզինքը
կը
զարնէ)։
Տեսիլ
Գ
ՎԱՐԴ
եւ
ՇՈՒՇԱՆ
ՎԱՐԴ.
—
(խարխափեալ
գալով)
Այս
խաւարը
եւ
լռութիւնը
սոսկալի
է...
Շուշա՛ն...
Շուշա՛ն...
Ո՞ւր
ես...
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Աստուա՜ծ
իմ...
Այս
ձայնը...
Կը
ցնորի՞մ...
Կ՚երազե՞մ
արդեօք...
ՎԱՐԴ.
—
Շուշա՛ն,
ձայն
տո՛ւր
ինձ,
Վարդն
եմ
ես։
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Երկի՜նք,
պիտի
խենթենա՜մ
հիմա...
Բայց
դարձեալ
կը
խաբուիմ,
մեռած
է
նա...
*
(կը
գրկէ)։
ՇՈՒՇԱՆ.
—
(զայն
դիտելով)
Ո՜հ,
ճշմարտիւ
դո՞ւ
ես
իմ
գիրկս։
ՎԱՐԴ.
—
Միթէ
չե՞ս
ճանչեր
զիս...
Մոռցա՞ր
զիս...
Շուշա՛ն...
*
սպաննուեցաւ։
ՎԱՐԴ.
—
Հանդարտէ՛,
Շուշա՛ն,
դեռ
ես
կեանք
կը
շնչեմ.
ազատեցայ
Սուրմակայ
հարուածէն...
Բայց
երթա՛նք,
Շուշա՛ն,
հեռանանք
այս
սոսկալի
տեղէն։
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Բայց
ի՞նչպէս
մտար
հոս...
ի՞նչպէս
գիտցար
թէ
ես
հոս
էի...
*,
երբ
արտասուահառաչ
այս
անմատչելի
լեռները
կը
թափառէի,
յանկարծ
երգի
մը
ձայն
առի,
եւ
նայեցայ
որ
այն
ձայնը
քուկդ
էր.
խենթի
պէս
ասդին
անդին
վազեցի
եւ
իզուր
փնտռեցի.
սրտիս
ցաւը
կրկնապատկեցաւ.
վերջապէս
Նախախնամութեան
օգնութեամբն
այս
քարայրին
բերանը
գտայ
երէկ.
ականջ
դրի,
լսեցի
խորունկէն
Սուրմակայ
եւ
քու
ձայնդ,
ուրախութեամբ
քարայրէս
հեռու՝
մացառներու
մէջ
պահուեցայ
՝
սպասելով
որ
Սուրմակայ
քարայրէն
ելած
ատեն
ներս
մտնեմ,
բայց
չելաւ...
Գիշերը
հոն
անցուցի,
արշալուսոյն
կանուխ
ելայ
եւ
աչալուրջ
հսկեցի,
տեսայ
որ
Սուրմակ
դուրս
կ՚ելնէր,
ուզեցի
վրան
յարձակիլ.
բայց
նշմարելով
որ
զինեալ
էր,
չը
համարձակեցայ,
վախնալով
որ
երկրորդ
անգամուն
գուցէ
սպաննուէի
եւ
զքեզ
չը
կարենայի
ազատել.
ուստի
թող
տուի
որ
բաւական
հեռանայ,
շատ
դժուարութեամբ
հոս
մտայ
եւ
ահա
քու
քովդ
եմ...
Բայց
ինչո՞ւ
չես
աճապարեր,
երթա՛նք,
բայց
այս
ի՞նչ
խոնավութիւն
է...
Այս
ի՞նչ
դաշոյն
է...
(սոսկման
ճիչ
մը
կ՚արձակէ)
Աստուա՜ծ
իմ...
կը
զարհուրեցնես
զիս,
Շուշա՛ն...
հեծկլտա՛նք,
ո՜հ,
ըսէ,
ի՞նչ
կայ,
ի՞նչ
եղար...
Կը
խենթենամ...
Կը
սարսափիմ...
Ա՜հ,
արիւն
կը
վազէ
սրտէդ...
ի՞նչ
ըրիր,
Շուշան,
օգնութի՜ւն,
օգնութի՜ւն...
։
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Ամէն
ճիգ
ընդունա՜յն
է,
Վա՛րդ,
հարուածը
սրտիս
վրայ
է...
ՎԱՐԴ.
—
Ա՜հ,
գոնէ
այդ
դաշոյնը
տուր,
որ
ես
ալ
քեզի
հետ
մեռնիմ...
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Ո՛չ,
ո՛չ,
դու
պիտի
ապրի՜ս...
ՎԱՐԴ.
—
Եւ
ինչո՞ւ
համար...
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Վրէժս
լուծելու
համա՜ր...
*
հրէշը...
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Նենգութեամբ
յափշտակեց
ինձնէ
գանձ
մը,
զոր
միշտ
քեզի
կը
պարտէի...
*
գերեզման
դնել
կ՚ուզես...
Այդ
խօսքը
մահուանէ
աւելի
սարսափեցոյց...
սառեցոյց
զիս...
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Եւ
ահա
ասոր
համար
մեռնիլ
ուզեցի,
վասնզի
գիտէի
որ
քու
սիրոյդ
արժանի
չը
պիտի
ըլլայի,
գիտէի
որ
զիս
այսպէս
պիտի
նախատես...
Բայց
եթէ
գիտենայիր,
Վա՛րդ,
որչափ
ցաւ
քաշեցի
քեզնէ
հեռու.
առանց
արեւու
նշոյլ
մը
տեսնելու,
առանց
անուշիկ
զեփիւռ
մը
շնչելու...
Ուրեմն
կ՚ատե՞ս
զիս,
Վա՛րդ,
չե՞ս
գթար...
չե՞ս
ներեր
ինձ...
*
անձը,
որ
զքեզ
եւ
զիս
թշուառ
ըրաւ...
Ա՜հ,
եթէ
դու
մեռնիս,
ի՞նչ
պիտի
ընեմ
ես
մինակ
աշխարհիս
վրայ...
Ես
ալ
կ՚ուզեմ
մեռնիլ...
*
պիտի
աղօթես
քու
եւ
իմ
հոգւոյս
համար...
որպէսզի
յ
երկինս
երկուքս
ալ
երջանիկ
ըլլանք
յաւիտեան...
Բնաւ
մի՛
լար
ինձի
համար...
այլ
գիտցիր,
որ
երբ
յերկինս
թռչինք,
երկինքի
հրեշտակք
իրենց
փափկիկ
թեւերովը
պիտի
սրբեն
մեր
արցունքը,
հոն
միշտ
պիտի
ժպտինք
եւ
պիտի
հարցնենք
իրարու,
թէ
ի՞նչ
է
արտասուքը...
Ծաղկանց
մէջ
պիտի
ննջենք
հանգիստ,
զի
հոն
չիկայ
մէկը,
որ
մեր
մէջ
սուր
նետէ։
ՎԱՐԴ .
—
Բայց
կենացս
օրերն
առանց
քեզի
իբրեւ
մէն
մի
արցունք
պիտի
սահին.
դու
յերկինս
երջանիկ
պիտի
ըլլաս.
իսկ
ես
երկրի
վրայ՝
թշուա՜ռ...
միշտ
թշուա՜ռ։
ՇՈՒՇԱՆ.
—
Ես
պիտի
աղօթեմ
հանապազ
Ամենակալին
աթոռին
առջեւ
ծունր
դրած,
որ
զքեզ
շուտով
իմ
գիրկս
դարձնէ,
միշտ
պիտի
երազիդ
մէջ
գամ
զքեզ
մխիթարելու,
եւ
դրախտին
ծաղիկներովը
արցունքդ
սրբելով՝
այն
արտասուաթորմ
փունջն
Ամենակալին
պիտի
ներկայացնեմ...
ՎԱՐԴ.
—
Բայց
այն
քաղցրիկ
երազոցդ
արթնութիւնը
խիստ
դառն
պիտի
ըլլայ
ինձ.
ուրեմն
ես
ալ
միշտ
ննջեմ,
որ
անդադար
զքեզ
երազեմ...
*,
Վա՛րդ,
ահաւասիկ
կենացս
յետին
վայրկեանը
կը
մօտենայ.
այս
արիւնոտ
եւ
թաթախուն
սիրտը
վերջին
անգամ
սեղմէ՜
կուրծքիդ
վրայ,
վասնզի
քիչ
ատենէն
պիտի
սառի
նա,
մօտեցուր
ճակատդ
շրթանցս,
որոնք
քիչ
ատենէն
պիտի
թառամին...
Վերջին
համբոյր
մը,
սիրելի
Վարդս.
վայրկեան
մը
անգամ
զիս
մտքէդ
մի՛
հաներ,
եթէ
ոչ
այն
վայրկեանը
ինձ
համար
տխրութեան
գիշեր
մը
պիտի
ըլլայ.
միշտ
քու
գիրկդ
երեւակայէ
զիս,
շրթունք
շրթունքի,
աչք
աչքի,
ինչպէս
երբեմն
կը
ննջէինք
միատեղ...
մի՛
թողուր
զիս...
Վա՛րդ,
դեռ
գրկէ
զիս...
Մնա՜ս
բարեաւ...
(կը
մեռնի)։
*
տեսնեմ
դէմքդ
քու
սեւորակ
աչքերուդ
մէջ...
Իզո՜ւր
կ՚աղաղակեմ.
այսուհետեւ
չը
կայ
այն
նազելի
Շուշանը,
այլ
անզգայ
եւ
ցուրտ
դիակ
մը,
որուն
շրթանց
համբոյրները
մահը
ջնջեց
պաղ
ձեռօք...
Կը
յուսահատեցնես
զիս,
դիակդ
Շուշանայ...
սիրտս
ալ
չզգար
այն
արիութիւնը,
որով
քիչ
մը
առաջ
սիրտս
կը
խայտար...
կարծես
թէ
մահուանս
ցուրտ
ստուերն
իմ
վրաս
ալ
կը
տարածուի...
Ոտքի
ձայն
կայ,
ո՞վ
են
արդեօք...
*
Վարդը...
ՎԱՐԴ.
—
Ո՞վ
կը
փնտռէ
զիս...
Տեսիլ
Դ
ՆՈՅՆՔ,
ՊԱՐԷՏ,
ՄԱՐԻԱՄ,
ՀՈՎԻՒ
ՄԸ
(ջահով)
ՊԱՐԷՏ.
—
Այս
կողմը
բռնէ
ջահը...
այս
կողմը։
ՎԱՐԴ.
—
Հա՛յր
իմ...
ՊԱՐԷՏ.
—
Ի՞նչ...
Ձայն
մը
լսեցի՞ք...
ՄԱՐԻԱՄ.
—
Այո՛,
այս
կողմէն
ձայն
մը
եկաւ։
ՎԱՐԴ.
—
Ես
եմ...
Հոս
եմ...
Հա՛յր
իմ...
մա՜յր
իմ...
ՊԱՐԷՏ.
—
Այո՛,
որդւոյս
ձայնն
է
(մօտենալով
եւ
գրկելով).
ո՛հ,
վերջապէ՜ս
գտայ
զքեզ,
սիրելի
որդեակս։
ՄԱՐԻԱՄ.
—
Ի՞նչ
բան
ունիս
այս
խաւարչտին
բանտին
մէջ,
որդեա՛կ
իմ։
ՎԱՐԴ.
—
(դիակը
ցուցնելով)
Տեսէ՛ք։
ԱՄԷՆՔԸ.
—
Շուշան
մեռա՜ծ...
ՎԱՐԴ.
—
Անոր
վրայ
կ՚արտասուէի...
ՀՈՎԻՒ.
—
Սա
կողմը
ոտնաձայն
մը
կայ...
Մէկը
կու
գայ։
Տեսիլ
Ե
ՆՈՅՆՔ
եւ
ՍՈՒՐՄԱԿ
(մտնելով)
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Մա՜հ
եւ
անէ՜ծք...
Ո՞վ
կայ
հոդ...
ո՞վ
կը
յանդգնի
իմ
քարայրս
ոտք
կոխել...
ՄԱՐԻԱՄ.
—
(մեկուսի)
Ի՜նքն
է։
ՎԱՐԴ.
—
(յառաջ
գալով)
Քու
վրէժխնդիրներդ.
այս
դիակն
արիւն
կը
խնդրէ
քեզնէ,
վատարա՛նց։
*,
թշուառակա՜նք
(
դաշոյն
ի
ձեռին
Վարդին
վրայ
յարձակելու
կ՚ըլլայ,
Մարիամ
գետնէն
դաշոյնը
կ՚առնէ
եւ
Սուրմակը
կը
զարնէ)։
ՄԱՐԻԱՄ.
—
Կեցի՛ր,
անօրէ՜ն...
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Կորսուեցա՜յ...
(ձեռքը
կուրծքին
կը
տանի)
Վերջապէս
վրէժդ
առիր
(թաւալգլոր
կ՚իյնայ)։
ՎԱՐԴ.
—
Մա՜յր
իմ...
ՊԱՐԷՏ.
—
Ի՞նչ
ըրիր...
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Յանցաւոր
չէ
ինքը...
Անիծեա՜լ
եմ
ես
(
կը
մեռնի)։
ՎԱՐԴ.
—
Ո՜հ,
ահա
երկնից
հրեշտակները
ժպտելով
հոս
կը
թռչին
եւ
պիտի
տանին
Շուշանս...
զի՛ս
ալ
տարէք,
զի՛ս
ալ...
(
վարագոյրը
կ՚իջնէ)
։
ՎԵՐՋ