Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳՐԻԳՈՐ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ 

Ստեփան Ոսկանի անունին հետ ինծի կը ներկայանան ուրիշներ, ոմանք Պոլսէն, բայց Իզմիր գործած, աւելի շատերը՝ Իզմիրէն, հոն ծնած, գործած ու մեռած։ Անոնցմէ ամէնէն մեծահամբաւը՝ Մամուրեան Մեծը, ինչպէս սիրեցին զայն յորջորջել՝ ես զատած եմ Զարթօնքի աշխատաւորներէն, սա գլխաւոր պատճառով որ անոր գործունէութիւնը թէեւ կը բացուի Զարթօնքի յուզումներուն ամէնէն ջերմ շրջաններուն (Հայկական Նամականին կը սկսի 1865-ին), բայց կը ստանայ իր վաւերական ի մաստը 1871էն վերջ, երբ Արեւելեան Մամուլը կը հիմնէ Մամուրեան։ Արդ, նոյն այդ թուականին Պետրոս Դուրեան հոգեւարք է։ Պէշիկթաշլեան՝ թարմ հողակոյտ մը, դեռ չպաղած։ Ալիշան՝ Յուշիկներուն շարքը աւարտելու վրայ, որպէսզի անցնի տեղագրական, պատմագրական, ազգագրական իր աշխարհին, լքելով ընդմիշտ քերթողութիւնն ու վարդեջրուած վիպումը (Յուշիկք)։ Դարձեալ այդ թուականին սկիզբը կը դրուի ուրիշ, աւելի աղմկոտ փառքերը Չերազի, Եղիայի, Գարագաշի, Գուրգէնի: Պարոնեան դէմք է: Նար-Պէյ՝ մեծութիւն մը։

Իզմիրի դպրոցին համար կարիք չեմ զգար լայն վերլուծումներու։ Բաւ է դիտել տալ որ Արեւմտահայ գրականութեան մանաւանդ առաջնակ շրջանին Յոնիականի Թագուհին ունի Վոսփորի դշխոյին չափ (ո՜վ երանելի շրջաբանութիւնները այդ սերունդին) բարերար դեր մը։ Սխալի մէջ չեմ եթէ աշխարհաբարի ընդհանրացման, ազգային լեզու դառնալու բախտին մէջ ազդեցութիւնը գտնել ուզեմ Մասիսէն աւելի Իզմիրի ռոմանթիկ թերթօններուն որոնք տաք հացի պէս լափուեցան մեր ընթերցող հասարակութենէն: Ահա ձեզի ցուցակ մը հոն հրատարակուած թերթերու

Շտեմարան (1839-54), Արշալոյս Արարատեան (1840-86), Հայրենասէր (1843-46), Արփի Արարատեան (1853-56), Թութակ Հայկազեան (1854-56), Ծաղիկ (1861-64, Չիլինկիրեան Հայկունի)։ Ասոնցմէ մօտ կէս դար իր գոյութիւնը պահող Պալթազարի թերթը (Արշալոյս Արարատեան), Աղաթօնի Հայաստանէն աւելի կանոնաւոր լեզու մը կը գործածէ: Բայց Իզմիրի դերը ճիշտ կ՚ըլլայ ուսումնասիրել իր թարգմանութեանց մէջ։ Արդարեւ Չիլինկիրեան, Մամուրեան, Ոսկան, մանաւանդ առաջին երկուքը զանգուածեղ փոխադրումներ ըրած  են ֆրանսական վէպէն։ Կոստանդեան իր կարգին դասագիրքերու մօտ ոգիով մը կայացուցած է գիտական ձեռնարկներ (traité) զանազան ուսումներու վրայ։ Ուրիշ մը՝ Նուպարեան, իր փառքը փնտռած է դասական ֆրանսացի հեղինակներ է փոխադրումներու մէջ։ Այս բոլորին միտք բանի՞ն։ Ա՛ն՝ որ Իզմիրի մէջ, արեւելքի, այսինքն օսմանեան կայսրութեան ամէնէն վաճառաշահ այդ ոստանին մէջ մեր ժողովուրդը կազմած է փակ, ինք իր մէջ աճող հասարակութիւն մը։ Պոլսոյ նման անիկա չի նպաստաւորուիր գաղթական արիւնէն, ու դրամի, վաճառականութեան վրայ կազմաւորուած ազնուականութիւն մը իր կարիքներուն համար կը ստեղծէ եթէ ոչ գրականութիւն մը, գէթ հրապարակագրական բարեխառնութիւն մը։ Պոլսէն աւելի կանոնաւոր են իր դպրոցները 1850-ին: Լրագիրը (Պալթազարեան թերթը) իր իմաստը կ՚արդարացնէ, լուրի, առեւտուրի ճոխ, թարմ իր բաժիններով։ Հոն անգամ մը տկարանալէն վերջը կրկին գրոհ չի տար գրաբարամոլութիւնը։ Անոր մէկ զաւակը Ս. Ոսկան կը խմբագրէ սրամիտ, կծու հանդէսներ։ Անոր մէկ ուրիշ զաւակը, Չիլինկիրեան կը վարէ, Հայկունիի հետ, լուրջ, շրջանը գոհացնող բայց յառաջահայեաց ուրիշ հանդէս մը՝ Ծաղիկը:

Այս անուններէն որոշ շահեկանութիւն կը պարզեն Չիլինկիրեան, Գ. Կոստանդեան, Նուպարեան, բայց միշտ անբաւ արար՝ հակակշռելու համար մենագրութեան [1] վաստակ մը։ Անիրաւութիւն պիտի ըլլար սակայն քիչիկ մը մանրամասնուած ձեւով չխօսիլ Չիլինկիրեանէն որ բացի զանգուածեղ իր թարգմանութիւններէն (քսանեօթը հատոր ռոմանթիկ վէպեր Հիւկոյի Թշուառները, Էօժէն Սիւի Մաթիլտը, Ապպէ Բրէվոյի Մանոն Լէսքօն, Էօժէն տը Միաքուռի Մարիոն տը Լօրմի Խոստովանանքը, Լամարթինի Ռաֆայէլը, Ֆէօյեէի Պարոն տը Քամօռը, Ժորժ Սանի Օրիորդ լա Քէնթինին, Միւսէի Դարուս մէկ զաւկին խոստովանանքը) ձգած է իր Ուղեւորութիւն ի Կոստանդնուպոլիս հատորիկը։ Մամուրեանի Հայկական Նամականին իրեն նախատիպ ունեցող Չիլինկիրեանը այդ գործին մէջ կը նորոգէ 1860-ի սեռը (Չիլինկիրեանի գործը լոյս է տեսած 1883-ին), առանց զայն կարենալ փրկելու սակայն, մնալով ենթակայ մէկ ու նոյն թերութեան որ անօգուտ բանի մը վերածած է նոյնիսկ Մամուրեանի գլուխ-գործոցը։ Այդ թերութիւնը դժուար է հասկնալ մեր այսօրուան ճաշակներով, որոնք տպաւորութիւնները չեն արհամարհեր անշուշտ, բայց զանոնք կ՚ուզեն առատ, սպառիչ ճշգրտութեամբ մը: Երկու Իզմիրցիներն ալ դիմած են թեթեւ քօղերու ետին ապաստանելու անիմաստ պչրանքին, ու տուած գծագրութիւններ, սեւագրութիւններ փոխանակ հարազատ, հաւատարիմ կենդանագիրներու։ Այն մարդերը որոնցմէ խօսած է Մամուրեան, հազիւ թէ այսօր մեկնութեամբ, բանալիով ինչպէս կ՚ըսեն՝ մեզի կը պատկանին, այսինքն սերունդի մը որ զանոնք օտար չէր զգար իր ջղային դրութեան, զգայնութեան: Բայց նոյն այդ մարդերը անկշիռ հանելուկներ՝ ապահովաբար, այս դարուն վերջերը: Այն ատե՞ն, այսինքն ինչն է որ պիտի մնար շահեկան Չիլինկիրեանի գիրքէն 1980-ին։ Կարկառի հասած անձնաւորութիւննե՞րը որոնք գրական, ստեղծագործումին բարիքովը կը տեւեն աւելի քան իրենց բնատիպարները: Չիլինկիրեան էջը չանցնող անկշիռ տարրեր միայն գործածած է 1880-ի մարդոց ամէնէն յատկանշական նմոյշներուն վրայ։ Կ՚ընդունիք ինծի հետ որ ատոնցմէ մէկն էր Վարժապետեան պատրիարքը։ Այդ մարդուն մահը սգացող Պէրպէրեանը որ տպաւորապաշտ մէկը չէր սակայն, շատ աւելի բան է խօսած ծփուն պատրիարքին հոգեղէն յօրինուածքէն։ Չիլինկիրեան քանի մը տող միայն յատկացուցած է դիմանկարի մը որ խորհրդաւոր պատումը, ազգին ամբողջ հմայքը կազմեր էր։ Որքան պիտի մնայինք Չիլինկիրեանին երախտապարտ, եթէ երբեք սեւագրելու տեղ կենդանագրէր Ստեփան Փափազեանը, իր կարգին շատ բացառիկ, շատ յատկանշական դէմք մը, եօթանասնական թուականներուն մեծահռչակ տրիբունը որ կ՚ընդդիմաբանէր Սերվիչէններու, Ապրօներու, Աղաթօններու, Օտեաններու եւ կը խորհրդանշէր մտքի պարզուկ աշխատաւորութիւնը, վարժապետ կամ խմբագիր, փաշաներու, պէյերու, ազնուականներու, մեծահարուստներու շուքին եւ հմայքին ընդդէմ։ Չիլինկիրեան, իր վարպետին` Մամուրեանին նման, քանի մը գիծերով կարծած է գոհացնել ընթերցողը: Վաւերական անձնաւորութիւններէն դուրս, Պոլսոյ մէջ զանազան տեղեր, շոգենաւներու, փողոցներու մէջ` անիկա կը գրէ հանդիպումն ըրած ըլալ ուրիշ տիպարային անձնաւորութիւններու, երկու սեռէ ալ, ընկերութեան վերին խաւերուն պատկանող։ Դժբախտութիւնը այն է որ 1880-ին իրաւ այդ մարդերը այսօր շուք իսկ չեն, վասնզի զանոնք սեւեռել [2]  ուզող գրագէտը լուսանկարային թեթեւութեամբ մը վարուած է անոնց հետ։ Չիլինկիրեանի գիրքը յիշատակութեան արժանի է սակայն, մտայնութեան մը, բարեխառնութեան մը իբր հանդիսարան։ Դիւրին չէ քանի մը արագ նշմարներով սեւեռել այդ մտայնութիւնը, որ թէեւ մօտիկէն կը յիշեցնէ պոլսահայ ընկերութեան ներքին իսկութիւնը, անոր հոգեբանական յօրինուածութիւնը, բայց կը զատուի որոշ ալ նրբերանգներով։ Դուք հազիւ թէ կարդացած կրնաք ըլլալ Ուղեւորութիւն ի Կ. Պոլիս ութերորդ նամակին թոնով, courtoisie-ով քրոնիկ մը (էջ 111-132)։ Թեթեւցուցէք այդ քսան էջերէն երկու երրորդը, այսինքն կնոջ դերին վրայ հասարակ խօսքերու, հանրածանօթ տեսութիւններու ձրի շաղփաղփանքը, ու կեցէք հոն ուրուացող երեք կիներու կենդանագիրներուն առջեւ: Իզմիրի սալոնները միայն ի վիճակի էին այդպէս յարդարելու ոչ թէ կնամեծարութիւնը, այլ կիներէ խօսելու քաղաքավար, զգաստ, զուսպ, շփացումի հայող բայց զայն չեղող եղանակը։ Չիլինկիրեան իր գրիչը մեղրի թաթխած է լինելու համար այդ կիներուն նկարները: Ատոնցմէ մէկն է Տիկին Ա. Ապրօ, Ազգային Ժողովոյ ատենապետին կինը, իր կարգին ատենապետուհի Ազգանուէր Հայուհեաց միութեան։ Տեսէք թէ ի՛նչ առաքինութիւններ հաստատած է այդ կնիկին վրայ Իզմիրցի գրողը. «… Տիկին Ա. Ապրօ կրնայ պարծիլ իր ուսումներովը, բնական խելանութեամբը, լեզուագիտական եւ երաժշտական հմտութիւններով եւ լեզուանիութեամբը, նաեւ այն ազնուապէս համարձակ, վայելչասիրական (élégant) եւ յանկուցիչ կերպերով՝ որոնց կրթնած գիտէ բարձրագոյն ընկերութեանց մէջ իսկ փայլիլ, իշխել եւ իր ներկայութեան հրապոյրին ներքեւ պրկել ամենուրեք ձանձրանալու եւ յօրանջելու սովորողներն անգամ։ Այս ազնիւ Տիկինը Ընկերութեան յառաջդիմութեան հոգեւին նախանձախնդիր է եւ իր ատենապետութեան պաշտօնը արդիւնաւոր կերպիւ կը կատարէ։ Ըստ իս, այժմէն իրաւունք ունի պահանջելու որ հանրութեան օգտին համար թէ՝ իր եւ թէ՛ ազնիւ աջակիցներուն կողմէ մատուցուած ծառայութիւնը ճանչցուի» (Ուղեւորութիւն ի Կ. Պոլիս, էջ 126)։ Իմ կողմէ, առանց չարութեան, այս տողերուն տակ պահուած շփացումը իզմիրեան մտայնութիւն մը իբրեւ կ՚արժեւորուի։ Պոլսեցին այդ շփացումը պիտի վերածէր տափակ գովասանքի կամ չարաճճի քաշքշուքի: 1880-ին, կիներու սկզբնածագ ազդեցութիւնը մեր իմացական ձեռնարկներուն վրայ, բարքերու պատմիչ մը միայն չի շահագրգռեր։ Անկե՞ղծ էին այդ մեծահարուստ աղջիկներն ու կիները երբ իրենց պարապոյթը (loisir) անձանձրոյթ անց ընելու կերպերէն մէկը նկատէին պարահանդեսներ սարքելը, հանգանակութիւններ կազմակերպելը, ներկայացումներ գլուխ հանելը։ Կը ներուի ինծի, այս ամէնուն մէջը, ներսը քիչիկ մը արածում, նարկիuացում, շփացածութիւն ենթադրել, բայց չի ներուիր այդ ամէնը վերածել կանացի նանրամիտ ցուցադրանքներուն: Չիլինկիրեան կրնա՞ր ուրիշ տպաւորութիւններ առած ըլլալ այդ élégant ձեւերով տիկինէն: Իր նամակը գլուխ-գործոց մըն է քաղաքավար թոնով, գռեհիկէն ընդ քարշուած բայց անոր շիջած ասպետական ելոյթէ մը։ Աւելի՞ն: Այսինքն այդ ներկերէն անդին, իրաւ կի՛նը այդ գեղորին ետին։ Հաւանաբար կար։ Չիլինկիրեան իր թարգմանած վէպերուն մէջ սորված է այդ կենդանագիրին արուեստը։ Փոխեցէք անունը ֆրանսացի մարքիզուհիի մը։ Նկարը պիտի պատշաճէր բոլոր մասերովը։ Բայց նոյն այդ գլուխին մէջ այդ հատորին, Չիլինկիրեան մեր լեզուին բառերը քիչ կը գտնէ յօրինելու համար Տիկին Տիւսաբի նկարը։ «Իր հետը բազմիցս տեսնուած եւ խօսակցած ըլլալով կրնայի նախ իր անձին նկարագիրը ընծայել եւ անկէ թելադրուած կարծիքներս յայտնել՝ եթէ Էօժէն Սիւի վրձինը եւ Գասպար Լավաթերի դիմագիտական հմտութիւնը ունենայի: Ներելի է ինձ կարծել սակայն թէ այս ազնիւ տիկնոջ ճակտին վրայ զգօնութեան, նայուածքին մէջ խելանութեան եւ ռունգերուն ու շուրթներուն վրայ նրբամտութեան նշոյլի մը բեկբեկումը նշմարելու համար ո՛չ փաղաքուշ ուշադրութիւն եւ ոչ ալ Տիկին Ժորժ Սանին պէս Լավաթերի դիմագիտական երկերը ուսումնասիրելու հարկ կայ» (հոն, էջ 129)։ Ո՞ւր ենք, պիտի հարցնենք մենք մեզի, Ֆրանսայի ազնուական սալոններէն մէկուն մէջ գահակալող իշխանուհիի մը ներկայութեա՞ն, թէ հայ կնիկի մը առջեւ որուն տաղանդը նոր կը ծագէր: Որուն առաջաւոր պարմանութիւնը տրտմութիւն մըն էր։ Որմէ տառապեր էր մեր իրա՜ւ քերթողներէն մէկը։ Եւ որ կը դառնար իր ժողովուրդին սպասին, դժուար բացատրելի զգացումներու անձնատուր. Չիլինկիրեան, պալատական փաշայի մը կինը եղող այդ հայուհիին համար ունի տակաւին երեք էջ, Վկայագրական առքով մը գրուած։ Չունիմ տեղ ատոնք ալ առնելու ներս։ Կը գոհանամ վերջաբանովը «… աշխատասիրութեան շնորհիւ Տիկին Ս. Տիւսաբ կրցած է նախ ինքզինքը շինել, ըսել կ՚ուզեմ թէ կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ յաջողած է կազմելու իր միտքը՝ որ այժմեայ (moderne) յառաջդիմութեան գաղափարներու բոյն մըն է. իր սիրտը՝ որ միայն  ընտիր զգացմունց աղբիւր մ՚է. իր` ձեռները որոնք դաշնակի մը` ստեղնաշարին (clavier) վրայ յաջողակօրէն կը թրթռան՝ մերթ հոգեկիր վիշտ մը մելամաղձօրէն արտայայտելու եւ մերթ սրտաբուղխ ցնծութեանց ներդաշնակութիւն մը արտադրելու եւ ունկնդիրը զմայլումով համակելու համար» (հոն, էջ 131): Օրինակը ուրկէ կը քաղեմ այս տողերը ունի ձեռագիր սա շատ յատկանշական յաւելումը « աղեկ որ խելքդ չի տուիր ընդ գովութեանդ»: Կ՚ենթադրեմ որ մռայլ ու դաժան եպիսկոպոս մըն էր այս միջամտութեան հեղինակը։ Այնքան իրաւ կ՚ըսեն երբեմն սա պարզ մարդերը: Ու վերջացնելու համար «… ճշմարտասէր ունկնդիրն այս գաղափարներու առջեւ իր միտքը ամփոփելու, ա՛յս զգացմանց առջեւ իր սիրտը պարկեշտութեամբ համակելու, եւ այս նուագային գեղգեղանաց առջեւ համրաբար զմայլելու պէտքը կը զգայ, յօժարակամ խոստովանելով թէ այս վառվռուն ու բեղուն իմացականութեան տիրուհին ինչպէս լեզուագէտի եւ գրագէտի յատկութիւններովը, նոյնպէս եւ մայրերու լաւագոյնին առաքինութիւններով իրաւունք ունի պարծելու եւ աղաղակելու. «Ես ալ հոգի մ՚եմ»

(Ուղեւորութիւն ի Կ. Պոլիս, էջ 132)

Չեմ կարծեր որ ասկէ ճարտար կենդանագիր մը իրագործելի՛ ըլլար 1880-ին մեր պոլսեցի կիներէն։ Արդ, Տիկին Տիւսաբ, ազնուատոհմ իր ծագումով դարբինի մը տունէն հասակ առած բայց իմացականութեան շնորհիւ իր ժողովուրդին մէջ որոշ վարկի, նոյնիսկ փառքի բարձրացած չափահաս մարդու մը վրայ ի վիճակի էր այս տպաւորութիւնը ձգելու: Չունիմ առարկութիւն: Բայց Տիկին Տիւսաբ մինչեւ այդ նամակին գրութիւնը, գրաբար քերթուածով մը (Պէշիկթաշլեանի մահուան վրայ եղերգ մը) ու լեզուապայքարին մէջ քանի մը յօդուածներով միայն փաստեր կը ճարէր իմացական հետաքրքրութեանց։ Աւելի՞ն. Մայտայի ձեռագիրը տեսա՞ւ Չիլինկիրեան։ Կարդա՞ց անկէ կտորներ։ Կ՚ենթադրեմ։ Այն ատե՞ն։ Մեծ գործերու թարգմանիչը այդ աստիճան աղքա՞տ միտք՝ որպէսզի այդ վէպին տարողութիւնը շփոթէր ու իր Ուղեւորութիւնը անոր հեղինակուհիին նուիրելու չափ դառնար կնամեծար։ Չեմ առաջ տանիր այս կարելիութիւններուն ծանրութիւնը: Այսքանն ալ անոր համար, վասնզի մեր բախտէն այնքան քիչ երեւցող սա տպաւորութեանց փունջը շրջանէ մը կարելի վկայութիւն մըն է: Չիլինկիրեան աւելի իրաւ բաներ տեսած է Ազգային Ժողովի սրահէն, ժողովականներէն, առժամեայ ատենապետի մը վրայ շատ համարձակ, շատ կծու  իր տպաւորութիւնները չխնայելով եւ անկախ նկարագրի գիծեր թելադրելով։ Իր դատաստանները այդ մարդերէն չեմ զարներ վերաքննութեան։ Բայց կը յապաղիմ՝ քիչ մը իր իմաստասիրութեան վրայ ուր անիկա այդ կարկտան, թարգմանածոյ սահմանադրութիւնը ծաղրանկարային փոքրութեան մը կը վերածէ: Իզմիրի դպրոցը, Պոլիսի սահմանադրականներուն դէմ աւանդական իր հակառակութիւնը անշուշտ արժանապատուութեան հարցի մը վերածեր էր: Տեսանք Ոսկանը որ այդ Սահմանադրութեան աշխատաւորներէն Կրճիկեանը ինչ անուշիկ վերադիրով մը որակեց իր թերթին մէջ (Արեւմուտք)։ Գիտենք Մամուրեանը, որ այդ Պոլիսը քննադատելը իրեն մենաշնորհ մը ըրաւ աւելի քան քառորդ դար: Իր Հայկական նամականին, իր Արեւելեան Մամուլը այդ վերնագիր դերը շատ լրջութեամբ կ՚արժեւորեն: Պոլսեցիներուն հեղինակութիւնը եղող Սահմանադրութիւնը, իր բոլոր թերութիւններովը, անշուշտ որ կ՚արժէր աւելի քան Մամուրեանի ողորմելի նամակները եւ ռոմանթիկ թարգմանութիւնները։ Չիլինկիրեան այդ Սահմանադրութեան թերութիւնները, անյարմարութիւնները, անտեղութիւնը, քնարական աշխոյժով մը կը վերլուծէ, առանց կասկածելու թէ անոր տեղը ի՞նչ ունէր առաջարկելիք այս ժողովուրդին վարչական կարգուuարքը ազատելու համար հանդիպող փառասէրէն, շահամոլէն, յիմարին հաւանական խանգարումներէն։ Քի՞չ էին ամիրաները, ասոնց արբանեակները, պետական աստիճանաւորները, անոնց ազդեցութեան տակ կծկտած եպիսկոպոսները եւ պատրիարքները։ Քերականութիւն եւ տարեցոյց բանադրողները հազիւ քանի մը տարիով կը զատուին Սահմանադրութեան ստեղծիչներէն։ 1950-ին, յիմար պատմիչ մը թերեւս պիտի երթայ աւելի առաջ ամբողջ հայկական հարցը եւ ասոր հետեւանք մեր ողբերգութիւնը ծնունդը ընդունելու այդ Սահմանադրութեան։ 1880-ին Չիլինկիրեան արդար զայրոյթն ունի մարդոց խումբի մը դէմ որոնք ասկէ անկէ հաւաքուած, իրենց չունեցած արժանիքները կ՚ոսկեզօծեն օրէնսդրական զինանշաններով ալ։ Որոնք կա՛մ կը հայհոյեն, կա՛մ կը քնանան, կամ կը լռեն ու իրենց ուսումնասիրութեան վստահուած հարցերը կը վերածեն ճառախօսական մրցանիւթերու: Չունիմ առարկութիւն: Դարձեալ իրեն հետ եմ այդ Սահմանադրութիւնը չհասկնալու կեցուածքի մը մէջ, պայմաններու այն սարիքով որ կը տիրէին անոր ծնունդին, գործադրումին։ Ի՞նչ կ՚արժէր ի վերջոյ պրոշիւր մը որ կը բովանդակէր անուշիկ օրէնքներ բայց զոր երկու փաշա կրնային խլել նոյնիսկ պատրիարքին ձեռքէն ու պատռելով կրակարան նետել (ըրին ատիկա թուրքերը 60էն առաջ)։ Չիլինկիրեան մեծ իմաստութիւն մը կը սպառէ այս պարզ իրողութիւններուն հագցնելու համար ընկերաբանական զրահանք։ Ու ատ է որ չեմ ներեր իրեն: Չեմ ներեր դարձեալ այս ընդդիմադիր հերոսութիւնը Մամուրեանին, քանի որ չունին ինծի ներկայելիք ուրիշ միջոց մը ազգային գործերու մէջ կամայականութիւնները սանձահարող։ 1865-ին Ստեփան Ոսկան Իզմիր է: Իր բարեկամներուն ազդեցութիւնը իրեն կ՚ապահովէ, ամսական հազար ֆրանք, որպէսզի իր երբեք չըրած մէկ գործը, ազգային վարժարանի մը տեսչութիւնը շքաւորէ իր մեծ համբաւովը։ Արդ, 1860-ին եպարքոսները հազիւ ունէին այդ ամսականը եւ Ֆրանսական բառլըմանին անդամները օրական քսան ֆրանք կը ստանային: Պոլսոյ պատրիարքութեան ամբողջ պիւտճէն 1879-ին ամսական քառասուն ոսկի էր։ Ոսկանին թոշակը կը կործանէ վարժարանը։ Բայց զայն այդ դիրքին հասցնողներուն փառասիրութիւնն ալ կը գտնէ իր գոհացումը։ Բազմապատկեցէք այս կարգի տրտում զեղծումները ամբողջ քաղաքներու, գիւղերու վրայ: Ու դուք պիտի օրհնէք յիշատակը մարդոց որոնք մտածեցին այս կարգէ չարիքները անկարելի դարձնել

Չիլինկիրեանի հատորին մէջ աւելի պարկեշտ են, այսինքն իրա՛ւ բարքերէ իր ընդհանրացումները, թէեւ կը կարօտին աւելի յստակութեան, լոյսի։ Իր Բերան, Բրինքիփոն տեսնուած են գրողի աչքերով, ըսել կ՚ուզեմ կը մնան տարտամ, բայց դարձեալ կը յաջողին ընդհանուր գաղափար մը հայթայթել անոնց կերպարանած մոլութիւններէն, տրտմութիւններէն։ Գոհանա՞լ այսքանով։ Չեմ գիտեր. Չիլինկիրեան ստեղծագործ միտք մը չէր, բայց հաստատ մարզանքներու մէջ որոշ դիւրութիւն ստացած քրոնիկագիր մը։ Կը բաւէր իրեն, փոխանակ Արեւելեան Մամուլի հասցուելիք յօդուածով (այդ նամակները նախ երեւցան այդ հանդէսին մէջ) խանդավառուելու, պարկեշտօրէն կազմակերպել իր դիտողութիւնները, անհրաժեշտ լրացումները տալ այդ գծագրութիւններուն, զբաղէր գիտունի հանդարտ, խղճամիտ հետաքրքրութեամբ մը ու գոնէ քանի մը կարկառուն հարուածներու վրայ մեզի կտակէր անփոխարինելի փաստաթուղթեր: Ի՞նչպէս դատել մարդ մը որ գրող, հրապարակագիր՝ գրեթէ տողեր միայն կը նուիրէ պոլսահայ գրական շարժումին։ Արհամարհա՞նք։ Անկարողութի՞ւն: Ի՞նչ գիտնամ: Այդ ժամանակ մենք մեծ աղմուկ հանող առնուազն հրապարակագիրներ ունէինք։ Մամուրեանի  որդեգրած hautain արհամարհանքը որքան վնասակար եղած է իր աշկերտին։ Չիլինկիրեան Գրչունի մը չէ ստեղծած անշուշտ, այդ դիմակին ետին իրաւ գրող մը պատսպարելու առաջադրութեամբ: Բայց որքան ծիծաղելի ըրած է զայն, իր անճարակութեանը մէջ երբ պիտի զբաղի կիներէ դուրս, այս անգամ գրական հարցերով։ Այդ Գրչունիին միջոցով յիշատակութենէ կ՚անցնին օրուան գրողները (Եղիա, Պէրպէրեան, Չերազ եւ այլն) բայց հազիւ քանի մը տող լուսաբանութիւններու արժանացած: Մարդ ինչպէ՜ս չմտած է Տիկին Տիւսաբի 3-4 էջ ջատագովականին երբ դեռ Մայտան լոյս ալ չէր տեսած։ Բայց ինչ որ կը ծանրաբեռնէ Ուղեւորութիւն ի Կ. Պօլիսը, անտանելի ընելու աստիճան, ատիկա կեանքի տողումին տեղ իր խորհրդածութեանց անսպառ կոհակումն է, գրեթէ ամէն էջի վրայ մեծաղաղակ սոնքացող։ Այդ խորհրդածութիւնները, ժամանակին շատ կարգի, խառնուրդն են գրականի եւ իմաստասիրականին։ Չիլինկիրեան իր՝ վարպետներէն փորձուած խառնուրդին (mélanges littéraires et philosophiques) վրայ չի վարանիր պատմական, ընկերաբանական, տնտեսագիտական ծանօթութիւններ ալ աւելցնել, անգամ մըն ալ ծանրաբեռնելով ինքնին դժբախտ գրելու այդ կերպը: Հրապարակագրական սա անուշ-ջուրի իմաստութիւնը որուն մեծատաղանդ ներկայացուցիչն էր Մ. Մամուրեան, Չիլինկիրեանի մէջ բաւական արմատացած ախորժակների վկայութիւն մըն է։ Զուր տեղը չէ որ մենք հանդէս կը խմբագրենք: Անշուշտ տասը օրը անգամ մը մենք, ամենայն լրջութեամբ մեր ճերմակ բեմէն պիտի խօսինք մեր ընթերցողներուն քիչ մը ամէն բանի վրայ, պիտի տանք անոնց դասեր, պիտի խանդավառենք զանոնք «բարւոյն, գեղեցկին եւ ճշմարտին» սրբազնասուրբ պատգամներովը։ 

Չիլինկիրեանի Ծաղիկը 4-5 տարի կատարեց իր շինարար դերը ամենայն լրջութեամբ ու ծառայեց մեր հասարակութեան, ինչպէս կը հաւատան ըրած ըլլալ մեր հանդէսներու շարագիրները (Ոսկանինն է բառը, Հիսարեանինը ըլլալէ վերջ): 1860-ին գրականութիւնը առանձին յղացք մը չէ, այլ Զարթօնքի իտէալներուն համագումարին մէջ սանկ թեթեւ, քիչ կշիռով միութիւն մըն է: Ատ է թերեւս պատճառը որ Ոսկան մը այնքան բարձր վարկ ապահովէ, Չիլինկիրեան մը իրեն ներէ յանդգնութիւնը հանդէս խմբագրելու։ Բազմավէպ, Եւրոպա, Նոյեան Աղաւնի, Մասեաց Աղաւնի, Թութակ Հայկազեան, Մեղու, Մասիս յիշելու համար քանի մը յատկանշական անուններ, ուրիշ բան չունին ընելիք քան ան զոր իրենց պիտի ներեն Արմենակ Հայկունի [3] եւ Գրիգոր Չիլինկիրեան, այսինքն՝ քարոզ կարդալ իրենց ՝ բաժանորդներուն, իւրաքանչիւրը իր խառնուած էին գլխաւոր մղումներուն նպատակ։ Չիլինկիրեան կը պատկանի սա ազնուապետական ծով մը ծախող մտաւորականութեան, որուն յաջողակ նմոյշները դուք կը գտնէք Պարոնեանի Ջոջերուն մէջ։ Հայկունի պիտի գտնէ կերպը թարմացնելու շուկային, դպրոցին, ազգային շրջանակներուն կիրքերը, բռնկումները փոխադրելու Կիւթէմպէրկի դաշտերը, ու պիտի յարձակի աջ ու ձախ, առանց թաքթի, ստեղծելով զօրաւոր ընդդիմութիւն, թշնամութիւն։ Այս վերջինին գաղափարագրութիւնը ժողովրդավար տրիբունի մը պարզութիւնով իսկ իրական՝ չէր կրնար ունենալ հետք մը իր ժամանակին վրայ: Ամէնէն քաղցր մարդերը այդ սերունդին, Օտեանն ու Վարժապետեանը իրեն հակառակորդ ունենալը կը նշանակէ Ռուսինեանին անթաքթութիւնը, Ոսկանին բարձրորակ արհամարհանքը հեռու է հեռու հետապնդած ըլալ ու նախանձիլ Օգսէն Խօճասարեաններու, Կարապետ Փանոսեաններու, Ս. Սվաճեաններու մեծ ակառոյց փառքերուն։

Ունի՞ Հայոց Գրականութեան մէջ այն տեղը Չիլինկիրեանի գիրքը, զոր անոր կը շնորհէ Հրանդ Ասատուր, իրմէ առաջ արեւմտահայ մամուլը։ Իզմիրէն գրեթէ մէկ հատիկ գիրքն է ան  ուր մեզի տրուէր մեր բարքերուն շուրջը թէկուզ անբաւարար վկայութեանց բարիք մը: Ըսի թէ ինչ հրաշալի պատեհութիւն մը, անօգո՛ւտ ըրած էր ան իր խորհրդածողի փառասիրութեամբը։ Իր վիպողի տարտամ ըղձաւորութիւնները (հաւանաբար իր թարգմանութեանցը [4] ենթարկուող) զայն զառածած են ուղիղ դիտողութենեն որ բարքերով զբաղողի մը ամէնէն բարերար առաքինութիւնն է ամէն ժամանակներու համար։ Ասոր գեղեցիկ փաստը իր սրտառուչ վրիպանքին մէջ. իսկ զիս կը յուզէ, այա քան հեռուէն, երբ կը կարդամ Ուղեւորութիւն ի Կ. Պոլիսին վերջին երեք նամակները: Չիլինկիրեան հոն բախտաւոր գրագէտ մը իբրեւ կը մտնէ իր նիւթէն ներս։ Առէք օրինակի համար իր Նամակ Բ. ը (204-217) ուր ժամանակին ջուրոտ նկարագրութեան բաժինը ճարտարութեամբ սանձահարել գիտցող մարդ մը (Եղիա մը, Չերազ մը, քնարական զեղումներու հանդէսի մը պիտի վերածէին պատեհութիւնը, վոսփորագեղ գոյներու եւ կայքերու խառնուրդի մը խառնելով գրական վերյիշումներու սնոտիքն ալ), պիտի փառասիրէ պատմութիւնը, քիչիկ մըն ալ Հնագիտութիւնը թարմացի մատուցանել ընթերցողին, պահելով համեմատական շահեկանութիւնը, ըսել կ՚ուզեմ` անցեալին մեծ ոճիրները, տռամաները որոշ հրապոյրով մը ոգեկոչելով, բայց վրիպած է ի հիմնականն, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ իր դիտողութեան պարզուած դաշտին բոլոր երեսներով շահագործումը։ Ի՞նչ ընկերութիւն  համադրուած էր այդ գիւղին մէջ, 1880-ին։ Ահա սքանչելի հանքը մարդկային ամենազգի նկարագիրներուն, բարձրագոյն քաղաքակրթութեան մը բոլոր բարիքներովը, ախտերովը, շքեղանքովը ու աղերովը եւ Չիլինկիրեանի տասնըչորս գլուխներէն եւ հազիւ, չորսը՝ նիւթ ունին այդ զանգուածին տիրական, յստակ սեւեռումը։ Տասը՝ կը զառածին, մաս մը՝ պատմութեան, մաս մը արտաքին աշխարհին, մաս մը խորհրդածական hors d'ouvre անդամունքներու։ Կայի՞ն, իր դիտողութեան դաշտին վրայ, եւ միջազգային պերճաղիճները որոնք հնութեան Մեսալինները Թէոտորաները, Ֆրինէները, Ասպասիաները վերանորոգ թելադրէին իր նկատառման: Կայի՞ն այն մեղքերու վաճառահանդեսները, որոնք 1870–80-ի եւրոպական իրապաշտութեան դրամասիրական ախորժակները այնքան ճարտար սքօղումով մը արուեստի վերածեցին։ Կայի՞ն, կարճ` այն խուլ, անասելի անասնութիւնները որոնք Այսվազովսքիի մը աշխարհը կ՚ընեն այն քան մութ, այնքան իրաւ: 1920-ին այդ Պէօյիւք-Տէրէն հասարակ ժամադրավայր մըն էր, քանի որ կէս դարու ընթացքին սարքերը գլած անցած էին ուրիշները զարմացնող անդունդներն գագաթները։ Ի՞նչ հոյակապ առիթ սակայն 1840-ին իր սկիզբը ընող եւ 1920-ին իր լրումը ապրող շրջանէ մը, իր կեդրոնական գօտիին լիակատար սեւեռումը։ Չիլինկիրեան փոխանակ տեսածները պարկեշտութեամբ, խնամքով գիրի առնելու, պատմութեան մեղքերովը ուզած է կրկնաւորել զանոնք, սխալ հաւատքին մէջը իր վկայութիւնը լրջացնելու: Կը կարդաք, ուշադիր, այդ բարքերուն ուրուային խաղերը, որոնք կը նստին մեր երեւակայութեան մէջ այն ատեն միայն երբ զանոնք սեւեռող արուեստագէտը փոխանակ արագութեան, տարօրինակութեան վրայ իր շեշտը շահադիտելու, զայն կը վստահի հանդարտ, ամուր, հաստ գիծերուն: Յետոյ Չիլինկիրեան, պատմութեամբ կազմաւորուած գրող, կեանքէն պիտի տեսնէ քիչ մը շատ մշուշ։ Կարճ էջի մը մէջ, Զօհրապ՝ Վիսպատէնէն, թելադրելու չափ ուժ է գտած ամբողջ արեւմտեան քաղաքակրթութեանց ախտերը։14 էջի մէջ Չիլինկիրեան ոչինչ է ձգած մեր մտքին մէջ իրմէն վերջը ապրելու սահմանուած։ Հոս ինծի կը տրուի գտնել գրողին եւ գրագէտին տիրական տարբերութեանց գաղտնիքը։ 

Երբ այս տողերը կը թելադրուին, Արեւմտահայ գրականութիւնը դադրած է ըլլալէ ժողովուրդի մը արտայայտութիւնը, դառնալու համար անտարազելի վկայութիւն: Ոչ Իզմիր գոյութիւն ունի, ոչ ալ Պոլիս, որոնք մեր ժողովուրդի մէկ կարեւոր հատուածին հոգին կերպարանքի ձգեցին այնքան յատկանշական էջերու վրայ։ Հոն ուր կը մշակուի այսօրուան գրականութիւնը, Եգիպտոս, Սուրիա, Ֆրանսա, Ամերիկա, անշուշտ կան մարդեր, թերեւս նոյնքան պատուական կերպով մը հայ որքան էին զիրենք կանխողները, Պոլիս, որոնք յուսակտուր չեն իրենց ժողովուրդէն: Ու կան դարձեալ ատոնց մէջ ուրիշներ ալ, ի հարկէ փոքրաթիւ, որոնց իմացական հետաքրքրութիւնը պիտի ախորժէր թափառիլ այդ ժողովուրդին նուաճած գեղեցկութիւններու երկայնքին: Այդ ընտրեալները պիտի սիրեն անշուշտ Արեւմտահայ գրական արդիւնքէն որոշ բաժիններ, գրեթէ ամբողջութեամբ ծնունդ պոլսահայ գրական ճիգին։ Իզմի՞րը։ Ի՞նչ ունի հանելիք այդ հետաքրքրութեանց իբր յագուրդ։ 

Անշուշտ արժանիք մըն է իր մամուլը։ Արշալոյս Արարատեանը, մանաւանդ Արեւելեան Մամուլը, Ծաղիկը իմացական պայծառ ճիգեր են, որոնք լաւ կերպով կը թելադրեն այդ քաղաքին գրական հակումներուն նկարագիրը։ Անշուշտ բարիք մը եղաւ իր թարգմանչական դպրոցը լեզուին ընդհանրացման, մաքրութեան, կանոնաւորման տեսակէտէն (ուրիշ հարց՝ ստեղծագործ ճիգին հասցուցած՝ իր չարիքը)։ Ու, իր կարգին, ընկերաբանական, պատմական, նոյնիսկ իմաստասիրական հետաքրքրութիւնը այդ մարդոց դպրոցի մը նկարագիրը կը ստանայ երբ համադրական նպատակներու համար առնուի նկատի: Անցնելով արագ մը ժամանակագրական պատշաճութիւններ, դրէք ձեր հոգած ու կշիռը նաեւ այն շրջանին վրայ ուրկէ ասդին կրկէս են իջած Իրապաշտները, Արուեստագէտ Սերունդը, դուք կը հանդիպիք ուրիշ ալ անուններու, Ռ. Որբերեան, Գ. Պուպլի, Կ. Նաւասարդ, Գ. Շահինեան (որ կ՚իյնայ զմիւռնական ազդեցութեան գօտիին, ապրած ու գրած ըլլալով Մաղնիսայի մէջ) ու կ՚ընէք հաստատումը պոլսահայ բազմաթիւ գրողներու որոնք Պոլսոյ գրաքննութենէն ազատելու համար իրենց յօդուածները, կ՚ապաստանին Արեւելեան Մամուլին որ իրեն յատուկ քաղաքականութեամբ մը կերպը գտած է գրաքննիչը աւելի կակուղ պահելու: Բայց բոլոր այս անունները, պարբերաթերթի, գիրքի, գրողի, անբաւական են ատաղձ հայթայթելու ինծի որպէսզի համարձակիմ յօրինել՝ իզմիրեան գրականութիւն տարազին տակ դրուելիք ստեղծում մը, իր սեպհական կնիքովը, նկարագիրներով, ինչպէս ատիկա այնքան կարելի, իրաւ է նոյնիսկ Վենետիկէն մեզի հասած գրական ստեղծագործութեանց համար

Այս խօսքերը յստակ են բաւական, երկդիմութիւն չարտօնող։ Իզմիրը ոչ մէկ գրագէտ է տուած մեզի, նկատի առնելով նոյնիսկ Մամուրեան Մեծը (տեսնել Մամուրեանի կենսագիրը ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐի Բ. հատորին մէջ, Դէպի Իրապաշտները ընդհանուր վերնագրին ներքեւ): Իզմիրը մեր գրականութեան չէ կտակած անառարկելի արժէքով գրական իրագործումներ։ Երկու  Նամականիները (Մամուրեանի Հայկականը եւ Չիլինկիրեանի Ուղեւորութիւնը) միջակին շատ մօտիկ, անկէ հազիւ ազատագրուած վկայութիւններ են, հիմնովին անբաւարար՝ համայնքի մը (ան ալ ոչ Իզմիրինը) հանգամանքները ընդմիշտ ազատող կորուստէ: Իզմիրը չէ տուած մեզի ոչ մէկ քերթող։ Իր ամբողջ ծանրութիւնը ստիպուած եմ ընդունիլ գրականութեան հետ տարտամ աղերս մը պարզող լրագրութեան մէջ։ Կը հետեւի թէ որքան դժուար է արդար ըլլալ վաստակաւոր մարդոց իսկ յիշատակին հանդէպ երբ այնքան բացայայտ կերպով անբաւարար է գործերուն սեպհական, անփոխարինելի պաշտպանութիւնը։ 

Բայց Գալուստ Կոստանդեան, Ստեփան Ոսկան, Մեսրոպ Նուպարեան, Գ. Չիլինկիրեան, Մատթէոս Մամուրեան ամէնէն առաջ մարդեր են, ծանր, լեցուն, հաստատ՝ հոգեղէն դրութիւն իբրեւ ու իբրեւ իմացական trame: Գիտեն, կը հասկնան, կը կամենան պոլսեցիներուն չափ, տեղ տեղ ու պահ պահ` անոնցմէ նոյնիսկ աւելի։ Իր հայութեան կեդրոններէն հեռու իյնալը չեմ աճեցներ, ազգային աւիշէ զուրկ մնացած ըլլալու իրողութեան մը պատճառ ու ազդակ դառնալու: Անոր հիւանդանոցները, դպրոցները, մամուլը հաւասար կուգան պոլսեցիներուն ստեղծածին: Բայց ոստանին տիրական իսկ նկարագիրը իր կնիքին տակն է պահած հոն գործելու սահմանուած միտքը, միտքերը: Վաճառականութեան համար հիմնուած Արշալոյս Արարատեանը աւելի քան քառասուն տարի ուրիշ հետաքրքրութիւններու չբացաւ իր էջերը։ Արեւելեան Մամուլը Պոլսոյ կարօտովը այրող վրիպանք մըն է։ Զայն շարագրողը, Շահնուր կեղծանունով, առաջին տարիներուն, ամէն թիւի մէջ, Իզմիր նստած, Պոլիսը կ՚ապրի, կը դատէ։ Անոր մեծագոյն զաւակը Ոսկան չէ յաջողած հոն թերթ մը վարել մեր շահերուն սպասարկու։

Արեւմտահայ գրականութեան մէջ Իզմիրը մեծկակ փակագիծ մըն է։ Փառքեր ունի գիրքերու կրկէսէն, հրապարակագրութենէ։ Բայց ոչ մէկ անո՛ւն, որ մեր հիացումը ապահովէր իրեն՝ արուեստէ։ 



[1]       Ոսկանի համար իմ զիջումը կը հպատակի իր տիպարին բացառիկ նկարագիրներուն, Սուրէն Պարթեւեան, Մինաս Չերազ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մէջ իրենց գրաւած տեղը պարտական են ոչ անշուշտ իրենց գրական վաստակներուն, այլ իրենցմով արտայայտուած այն տեսակ մը գործօնութեան փաստին որով ապրեցան անոնք: Մեր ժողովուրդին մէջ կայ այդ երակը, իր բնավայրէն դուրս ինքզինքը տեղաւորելու, երբեմն արտադրելով մեծ ալ իրագործումներ։ Ո՛չ մէկ դարու մեզի չպակսեցան այդ մարդերէն՝ օտարին սպասին մէջ հասած՝ գագաթներու: Նուպարեան հրաշք մըն է, դասակարգէն այն մարդոց որոնք ոչինչ ունին ընելու, ըսելու, բայց քառորդ դարով կը պահեն իրենք զիրենք միշտ բան մը ըսողի, ընողի, սրտառուչ իրենց պատրանքը թանձրացուցած քանի մը փշուր գործերու վրայ, անշուշտ թարգմանութիւն, դիւան, քրոնիկ: Իրմէ Արեւմտահայ գրականութիւնը կ՚առնէ անունը բայց կը մերժէ գործը (իր թարգմանութիւնները՝ թերթօններ Պալթազարի թերթին մէջ, Ռասինի Դատասէրքը, Եսթերը, Պուալոյի Դրակալը, Կէօթէի Ֆաուստը որոնց յիշատակութիւնը կ՚ընէ Հ. Ասատուր, Հիւկոյի Նօթր տամ տը Բարին եւ Լաֆոնթէնի առակները, Մոլիէռ, եւ Սէյնէպոսի Պատմութիւն Քաղաքակրթութեանը, Նանսենի Դէպի Բեւեռը, Ֆլորիանի Առակները, յիշելու համար տպագրուածները՝ կը վկայեն Նուպարեան ինչպէս Իզմիրեան գրական հասկացողութեան մասին։ Գալուստ Կոստանդեան անտարակոյս ուշագրաւ միտք մըն է, առաջիններէն մէկը մեր մէջ գիտութեամբ եւ իմաստասիրութեամբ հետաքրքրուող՝ Մեթոտի վրայ իր հատորը իր աղմուկէն աւելի հետապնդած նպատակովը կը մնայ արժանի համակրանքի եւ յիշատակի։ Զանազան գիտութիւններէ իր Դասերը թէեւ դուրս են գրական հանգամանքէ, բայց կը ծառայեն այդ մարդուն իմացական պարկեշտութիւնը. օգտապաշտ ախորժակները բացատրելու։ Մնաց որ Չիլինկիրեանի Ծաղիկին մէջ ստորագրած է մէկէ աւելի յօդուածներ, օրուան իրողութեանց շուրջ, ուր ոճը, խառնուածքը, շեշտը աւելի են քան սպասուածը այսպէս չոր հայեցողութիւններու սպասարկու միտքէ մը։ Չբացուած, չզարգացած խմբագիր մը կար այս իմաստասէրին ետին: Անշուշտ տրտմութիւն է որ Ոսկանը ինչպէս Կոստանդեանը, շատ կանուխէն ըլլան կռնակ դարձուցած մեր ժողովուրդին։ 1898-ին իր աչքը փակող գիտուն եւ իմաստասէր Կոստանդեանը, իր փառաւոր մատենադարանը կտակեր էր Իզմիրի յոյն հասարակութեան։ Հայ մամուլը մեկնեց արարքը, որակեց զայն իր սովորական թեթեւութեամբը։ Հարցը այդ գիրքերուն սեպհականութեան մէջ չէր կեդրոնանար անշուշտ, այլ այն խորունկ փաստին մէջ որ Իզմիր դադրեր էր հայ ժողովուրդին ինչպէս անոր գրականութեան մէջ դեր մը ունենալէ:

[2] Պահ մը ենթադրեցէք որ 1830-ի մեր աւագանիէն մարդու մը կենդանագիրը դրուէր մեր առջեւ, այն հարազատութեամբ որով այդ մարդը եղեր, ապրեր էր իր շրջանը: Ու միշտ ենթադրեցէք որ զայն տուող արուեստագէտը ըլլար բծախնդիր, թէկուզ շատախօս յիմար մը։ Մենք այդ յիմարութեան իսկ զինով պիտի ունենայինք իրաւ պատկեր մը մեր առջին, մեր անհուն ծարաւը այդ անցեալէն որոշ չափով մը գոհացնող՝ Չիլինկիրեանի համար իր նամակները առիթներ են հրապարակագրական աժան տեսութիւններու։ Իր ընթերցումներուն յաճախանքին տակ անհանգիստ, տառապող միտքն է անիկա, որ իր շրջապատը կը պրպտէ այդ ընթերցումները վաւերացնելու առաջադրութեամբ, իսկ անտանելի, թշուառ բարոյախօսութիւնը 80-ի մարդոց, որոնք ամէն էջի մեզ կ՚ողողեն իրենց սկզբունքային տեսութիւններով։

[3]       ԱՐՄԵՆԱԿ ՀԱՅԿՈՒՆԻ յիշատակութեան արժանի անուն մըն է այդ. շրջանէն իր քրոնիկներովը, քերթուածներովը, վէպերովը։ Քրոնիկները կը յայտնեն խածան, յանդուգն, ոսկանեան խառնուածք մը, օրուան հարցերու մէջ միշտ կոտրող, թափով տրամադրութեամբ մը սպառազէն: Անոնք չեն բարձրացած ոչ միայն արուեստի (ինչպէս եղաւ քրոնիկը Իրապաշտներուն), այլ չեն ալ ազատագրուած, ըսել կ՚ուզեմ բանավէճի ծանր հոտ մը կը հոտին, ու կիրքի, ատելութեան զգացումների ծնունդ կ՚առնեն. զգացումներ՝ որոնք չըլլան հակակշռուած բարձր մշակոյթէ մը (օտար կրթութիւն) մեր մորթին առնուազն փակած, պատշաճութեանց սնոտիքով մըն ալ՝ Հայկունի իր ժամանակին բոլոր տրտմութիւնները կը բաժնէ սեռէն: Մի մոռնաք որ կային Կ. Փանոսեանը, Ոսկանը, մանաւանդ Միսաքեանը որոնք իրարու հայհոյելու արարքը գիտէին գրականութեան վերածել՝ Հայկունիի քրոնիկները շատ մըն ալ չեն պատմութեան, քանի որ իրողութեանց արձագանգներուն մեր եսին հետ բախման կէտէն կը գունաւորուին ու իբր այդ մեր գոյնը կ՚առնեն։ Դարձեալ չունիմ գնահատման խօսքեր իր քերթուածներէն, թոնով, ոգիով, թէքնիկով գրեթէ կրկնող Ոսկանին տաղաչափութիւնը, բայց անկէ աւելի թափթփած։ Այդ՝ քերթուածները սիրային, հայրենասիրական, բարոյախօսական, զիս չեն զարմացներ սակայն, քանի որ աւելի հանգամանաւոր անուններ (Կրտսեր Ռոմանթիկները) դարձեալ ուրիշ բան չեն ըրած եթէ ոչ Հայկունիի անխնամութիւնները դարմանել, կոկելով տողը, զարդարելով մարմինը, բայց չտառապելով հիմնական պակասը, բանաստեղծականէն անժառանգ ծնունդներուն ողբերգութիւնը՝ Հայկունիի քերթուածներուն լեզուն աշխարհաբար է, Աստուած միայն գիտէ ո՛ր ժողովուրդին աշխարհաբարը։ Կրնային շատ աւելի յաջողութեամբ գրուիլ Բագրատունիի, Հիւրմիւզի, Չախչախեանի բարբառներով։ Արդիւնքը պիտի ըլլար մէկ ու նոյն կորանքը։ Կը մնայ խօսիլ իր վէպերէն զորս չեմ տեսած։ Ահա Հ. Ասատուրի վկայութիւնը այդ մասին, « Ծաղիկի մէջ հրատարակուած է նաեւ Հայկունիի մէկ վէպը, Էլիզա, որ պետքէն յատուկ հատորով ալ տպուեցաւ: Էլիզայի մէջ երեւակայութիւն եւ խանդ չեն պակսիր, թէեւ այդ գրուածքը գրական տեսակէտով մեծ արժէք մը չունի։ Հեղինակը իր վէպը «իրական դէպք» կը կոչէ եւ իր անձնական յիշատակներն ալ կը պատմէ հոն։ Կը նկարագրէ իր սէրը Էլիզա անուն Անգլուհիի մը համար որուն հետ կը նշանուի։ Սակայն դժբախտ պարագաներ. արգելք կ՚ըլլան իրենց ամուսնութեան։ Վէպին մէջ կան ճշմարտանման, ինչպէս նաեւ անբնական դրուագներ, կան ալ պատմական իրողութիւններ, ինչ պէս նկարագրութիւնը Սիլստրի պաշարման, որուն ականատես եղած էր երբ իբր Թարգման կը ծառայէր անգլիական բանակին մէջ: Այս ռոմանթիկ վէպը տեսակ մը ինքնակենսագրութիւն է։ Հոն հեղինակը կ՚երեւալ մեզի իր տաք սրտով, աղքատին կարեկից, ազնիւ զգացումներով տոգորուած, երիտասարդութեան առաջին տարիներու տենդոտ տենչանքներովը տրոփուն» (Դիմաստուերներ, Էջ 139-140)։ Այս վկայութիւնը ոչ կը շահագործեմ, ոչ ալ կը մերժեմ։ Բայց կուտամ անունը իր երկրորդ վէպին Թուրֆանտա Տիկին, զոր չեմ տեսած. եւ իր պրակաձեւ հրատարակութիւնները Ճերմակ կամ Պ. Ս. Փափազեան եւ իր ժամանակը, Պղատոն ի Վոսփոր, Գաղտնիք կղերականութեան: Իր թերթերը՝ Մուսայք Մասեաց (թատերական հանդէս մը), Ծաղիկ (Չիլինկիրեանի հետ Զմիւռնիա), Ձայնի մէջ (Մուսայք Մասեաց) կը հրատարակէ թարգմանութիւնը Վարք Յիսուսիին (Ռընան), զօրաշարժի ենթարկելով Պոլսոյ բոլոր իմաստունները, եւ կը հիւրընկալէ Կարապետ Փանոսեանի մէկ գրութիւնը որ կը պաշտպանէր քաղաքական ամուսնութիւնը՝ Ներսէս Վարժապետեան, Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ, տետրակով մը (Քրիստոսի սուրբ եկեղեցին եւ անոր հակառակորդները) հաւար կը փրցնէ Ձայնին դէմ: Ու պատրիարքական կոնդակ մը, Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ կը բանադրէ այդ հրատարակութիւնները Հայկունիի։ Պատկերը կատարեալ ընելու համար կուտամ անունն ալ Գր. Օտեանին որ Մասիսի մէջ տպուած նամակով մը կը գանգատի Վարք Յիսուսիի թարգմանութենէն: 1866-ին «Ձայնը» լոյս կը տեսնէ ծաղրապատկերով մը ուր «խմբագիրը կը ներկայանալ երկար մորուքով եւ երկար մազերով, երկու ոտքերը լայն կօշիկի մը մէջ։ Պատկերին տակը գրուած է. «Արմենակ Հայկունի Ճիզմէճեանի երկու ոտքերը մէկ ճիզմէի մէջ է, սակայն չպիտի դադրի Ձայնը հանելու մինչեւ որ կոկորդը պատռի»։ Հայկունի իր կեանքին վերջին օրերը դժբախտութիւններ ունեցաւ եւ թշուառութեան մէջ մեռաւ 1866-ի վերջերը » (Դիմաստուերներ, Հ. Ասատուր, էջ 141): Այս ողբերգական արարածը ծնած էր 1835-ին: Որով՝ կնիքին տակը Զարթօնքի սերունդին թախտին ու ձգտումներուն, Եւրոպա մը թերեւս անկէ Ոսկան մը յարդարէր: Նախաձեռնող, յանդուգն, խորունկ սէրերու ու նոյնքան զօրաւոր կիրքերու մարդ մըն էր։ Քալած է բոլոր արտակեդրոն ուղեղներու գլխապտոյտին մէջ։ Ուսուցիչ, գրnղ, դերասան, ամէն դուռ զարկած է հաւանաբար իր տեղը արելու համար իր սերունդին շարքին։ Կը յիշուի իր Պոլսամերձ գեղերու մէջ ուսուցչական տարօրինակութիւն մը, երբ կ՚որդեգրէ այդ գեղացիներուն տարազը, անոնց աւելի մօտիկ ըլլալու մտահոգութեամբ մը անշուշտ քան թէ ինքնատիպ սնոպի մը շիլ փառասիրութեանց հաշւոյն։ Չեմ կարծեր իր վէպերը պիտի շահագրգռեն գրականութեան ապագա, պատմիչը: Թէեւ իր Թուրֆանտա Տիկինը, հրապուրիչ խոստում մը կը թուի ըլլալ: Գրագէտ մը չկար այդ կատալի հրապարակագրին ետին, Իր թարգմանութիւնները «Եունկի չորս գիշերները», «Հենրիադդա», «Հերսելիա», «Սիրահարաց բարեկամ» (կ՚ենթադրեմ) աւելի անորակելի ճաշակէ մը կը խօսին, զուտ օգտապաշտ, չըսելու համար տպագրութիւնը շահարկող ոգիի մը յայտարար։

[4]       Թարգմանութիւնը իր բարիքին հետ ունեցած է որոշ անպատեհութիւններ, նոյնիսկ կործանարար ազդեցութիւն մեր գրօղներուն վրայ: Իւթիւճեան իր քրօնիկներուն մէջ համով պատմող մը, մարդեր camper ընելու ընդունակ գրող մըն էր: Իր Մասիսին մէջ անիկա ի վիճակի էր առնուազն իր շրջանը ցոլացնող գործեր շահելու մեր գրականութեան։ Զոհուած է թերթօններուն։ Գիտենք աղէտը Հայկ Դիւցազնին՝ արդիւնք Բագրատունիի խոշոր հեշտանքին այդ զբաղանքէն։ Մամուրեանը վիպելու մղող փառասիրութիւնն ալ ուրիշ երակէ մը չի գար պահովաբար: Եթէ անոր Թատրոնները (Սէֆիլենց տղան եւայլն) ուրիշ փորձանքէ մը կը խօսին, (դպրոցական հանդէսներու պարտադրանքը վարժապետներու վրայ), անոր Վէպերը՝ երեսնահատոր խոշոր փորձանքէն կը ծնին՝ ռոմանթիկ վէպին, զորս թարգմանած է։