Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Բ.

«Այրուկին» նայեցան վար:

301ը:

Ըսողն էր կինը, որ հասկնալի հոգեբանութեամբ մը գրագէտէն արագ կարդաց թիւը, հակառակ աչքով անկէ տկար ըլլալուն: Այնքան ճիշդ է, որ մեր մարմինին տուրքերը մեր անձերովը կը պայմանաւորուին:

Օ՜ֆ, այդ սինլքորն ալ:

Ինքնաշարժի ամէն վարիչ, ինչ դասակարգի ալ պատկանէր, Պարգեւեանին համար անվերադիր սրիկայ մըն էր, շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ: Ինչո՞ւ չէր տեսներ աղքատիկ, հանած–վարած մարդերը, որոնք կը փոխադրեն ուրիշներուն մեղքերը, պատառ մը հացի գնով ու կը նեղուէր այն միւսներէն, անձնական ու շքեղ: Անիկա կը հայհոյէր անոնց աղմուկին, շարժումին բռնութեան, «փսխած» փոշիին: Բայց երբ իջնար աւելի խոր իր մէջը, չէր կրնար չզգալ հզօր ծարաւը, որ կը փրփրէր իր ներսը, նոր ժամանակներու քիչիկ մը է իւրամատոյց այդ լիւքսէն: Զայն կը ցանկար, գրագէտի երեւակակութեամբ, նմանցնելով կոշտ այդ առարկային թռիչը արուեստի թեւի՜ն, որ գետին վրայ կ՚իրագործէր թռչունը, նմա՜ն իր տաղանդին, չկրնալո՜վ զատուիլ հողին բռնութենէն: Չյագեցած կարօ՞տ, մարդու մը ներսէն, որ ինքզինքը միայն ունեցաւ ու յովատակի պէս ապրեցաւ, արօտէ արօտ, տեղափոխութիւնը գտնելով բնական իր կերպը: Նոյնի՜սկ՝ քաղքենի կարգին այդ նոր կեղծիքին դէմ: «Ինչ գիտնա՜ր»

Կոկուեցաւ անիկա, ակամայ ու տհաճ: Հանդիսաւոր, վճռական ժամը կը սկսէ՞ր: Նայեցաւ ժամացոյցին ու թոյլ անոր դիմագիծերուն ինկաւ թախծոտ ծանրութիւն, որ քայքայեց անոր կաղապարը: Քանի մը տարի կայ, խորունկ ցնցումի մը ներքեւ անոր դէմքը «կը քակուէր» այսպէս ինքնիր մէջ:

Եկո՞ղը:

Մինաս Մարանը:

Ո՞վ, այս մարդը:

Գիտնաք պիտի:

Գո՞րծը, հոս, սա պահուն:

Գիտնաք պիտի:

Բայց ատկէ առաջ Սահակ Պարգեւեա՛նը: Որուն մեծատաղանդ արձակը ու քանի մը գիծերը կենցաղին ծանօթ են ձեզի: Ատեն է, որ ընդլայնենք մեր վրձինը, աւելի առատ լոյս նետելու համար անոր համանկարին մէկ մասին ալ վրայ:

Սահակ Պարգեւեան:

Արեւմտահայ մեծագոյն պարսաւագիրը, գրագէտ, հրապարակագիր, ազգային գործիչ, յեղափոխական, նորավիպագիր, ուղեւոր ու հին ու նոր աշխարհին մէջ մեր մամուլին ամէնէն պատկառելի ու արժանափառ աշխատողը՝ ամբողջ քառորդ դար: Սակակ Պարգեւեան բացառիկ դէմք է հայ գրականութեան մէջ: Դժբախտաբար այս վէպին համար անոր գրագէտի տուրքերը չեն առաջին գիծի, որպէսզի այդ լոյսին մէջ կարելի ըլլար զետեղել լիութիւնը սա մասնանկարին: Այս վէպին համար անիկա իր ոչ-գրական տուրքերովը կը դառնայ ուշագրաւ, տուրքեր՝ որոնք հատորի ընթացքին պիտի իյնան վերլուծումի: Կ՚առնեմ գրագէտէն այնքան, որքան չեղաւ իրականին մէջ անիկա այդ բանը: Եւ որովհետեւ ան իր միւս տուրքերուն խայտաբղետ երամակը փարախեց գրական պիտակին տակ ու իր զառածումներուն արդարացումը փնտռեց այդ պատմուճանէն, կը բանամ փակագիծ ու կու տամ մաս մը բան անոր գրական ալ նկարագրէն:

Սահակ Պարգեւեան կատարելագործուած նմոյշ մըն է գրողներու այն փաղանգին, որուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրային հարցերու դէմ որդեգրած կեցուածքը ակնբախ տարբերութիւններ կը պարզէ նախորդ սերունդով իրացած կաղապարէն: Անոր սերունդին երիցագոյն ներկայացուցիչներէն մեզի հասած պատկերը, հոս ու հոն դեռ ապրող, ցանցա՛ռ, բայց դառնակսկիծ բուսապրումի (végeter) ճակատագրուած, հերոսական դժբախտութեանը մէջ, աննահանջ ու յամառ, այդ պատկերը, ծերացած ու լքուած գրագէտի, որ կը հաւատայ, թէ իր պատրանքին, լաւագոյն օրերու ուշացող ծիածանի մը անկառոյց, այսօր չի կրնար հասկնալի ընել մարդը, որ սկսաւ իրենց հետ, ամէնէն փոթորկոտ, հեռարձակ նուիրումին օրինակովը ու գտաւ ինքզինքը մինակ, տարիներ ետքը, այլապէս զարտուղի համբաւի մը փուշէ պսակին տակ տախտապարուած: Անոր սերո՞ւնդը: Հարկա՛ւ: Որ առաջին ակնարկով կը հերքէ ընթացիկ, անմիջապէս կանխող կարաւանին տիրական պատկերը. տիլեթանթ ու յօդուածագիր, ուղեղով հաստ ու կարճուկ, բայց ամրակառոյց, փայլան իր միջակութիւնը կազմակերպած լրագրական հանդերձումով, ուր իրական տաղանդն ու ցոյցին ծարաւը կը մրցին անդադար: Հռետորներ, դպրոցէ ու բեմէ ու սիւնակէ, մեծ ու փցուն: Պսակաւոր բանաստեղծներ, որոնք թարգմանեցին ու օտար նորութիւններ փոխադրեցին ու ադ «թեզկենտարութեան» (Պարգեւեան այս բառով խարանեց ամէն ցուցամոլ ու շահամոլ աշխատանք եւ ուրացաւ բանաստեղծութիւն թարգմանելուն արժէքը) ճամբով ելան դիրքի, համբաւի: Նկարագիրնե՛ր ասոնք, որոնց մէջ կանխող ու Պարգեւեանին սերունդին մէջ եղան առատ ու աճեցուն, ստուեր ածելու չափ վաւերական տաղանդներուն: Ատոնց չէ, որ կը բաղդատեմ «սանձակոծ հերոսը» մեր արձակին: Նկատի ունիմ իր ընկերները, անմիջական, իրեն չափ քանքարաւոր, որոնք դարավերջի, դարասկիզբի մեր գրականութիւնը կնքաւորեցին ուժեղ անհատականութեամբը իրենց տուրքերուն ու, հակառակ ահաւոր գրաքննութեան մը ճնշումին, ըրին սեւեռումներ մեր հոգիէն: Անշուշտ ուրիշ չեղաւ շատ ճակատագիրն ալ ադ մարդերուն, իմաստի ու ձեւի ասպետներ, մանկօրէն մեծ ու միամիտ, հարկադրուած՝ խմբագրութեան, քարտուղարութեան, ուսուցչութեան հաւասարօրէն անբանացնող տաղտուկներուն մէջ իրենց տաղանդը մորթելու, կտակելով ազգին որբ իրենց ձեռագիրները, անկար, անօթի յիշատակը մուրացկան ծերութեան մը, Ազգային Հիւանդանոցի խուժդուժ հեռանկար մը ունենալով միակ հորիզոնը ուժէ լքուած իրենց տարիներուն համար: Կամ՝ ուրիշ երեսէ, յաջողակ ճարտար խաղարկութեամբ մը, քաղքենի տարրին հետ հաշտ քալելու գաղտնիքը տիրակալած, ուժի, այսինքն՝ դրամի տարրին հետ ալ դիմումի ու նուաստ զրկանքի փոփոխակի մարձումով, գէշ-աղէկ հասաւ յոբելեանի մը քղամիդին, մինչեւ այդ՝ մնալով անողնայար, նպաստընկալ, վերջ ի վերջոյ առաջիններուն չափ դժբախտ: Ամփոփ այս գիծերուն մէջ գրողներուն շեման չէ որ կու տամ: Վէպ մը քիչ պիտի գար այդ ողբերգութիւնը ընդգրկելու: Սահակ Պարգեւեան կը զատուի, կը զարտուղի ահաւասիկ կարաւանէն: Ըսի արդէն, որ անոր գրականութեան նկարագիրը թերեւս անհրաժեշտ ալ չէ այս պատմութեան, որպէսզի վերլուծումը քիչ մը խոր փորձ մը պատկերէ անոր հիմներանգը ու յատակը: Մնաց որ, իրմէն ժառանգ հատորները, հազիւ քանի մը հարիւր էջ, մեզ չեն խանդավառեր այդ ուղղութեամբ: Անիկա եզական է՝ դրական դիմակի տակ յամառող ու զայն մշտապէս արհամարհող արդիական իր կրկնաւորումով: Ըրաւ ամէն բան, գրական պարունակէն ու գրականութիւնը չկազմեց անգամ «յետինն իսկ իր հոգերուն»: Այս կէտը ճշդելէ ետքը, անոր կեանքը կը դաւանիմ խորապէս շահեկան, թիփիկ ու ատով՝ արժանի՛ լայն լոյսի, սփռումի: Մուրացող, շողոմող, շոգմոգ կամ ֆանֆարոն ու «հոս–հոս» կեցուածքին դէմ (այս վերադիրները գրեթէ մեծ իր կորագիծերուն մէջ կը տարածեն իր հրապարակագրական կեանքը, որ տիրական էր այն ատեն ալ, ինչպէս հիմա ու կը թաղէ իր շուքին տակ գրականութիւնը այն ատեն ալ, ինչպէս հիմա), որով փոխարինեցինք 1850ի ազգային, սահմանադրապաշտ ու պարկեշտ մտաւորականութիւնը, անիկա արդիացուց կամակերպուած, պահանջկոտ, սպառնացող պնդերեսութիւնը: Պարագաները նպաստեցին այս ամրացումին: Յեղափոխական արիւնոտ վճիռները ու ասոնց դաժան գործադրումը պէտք չէ ուրանալ այն ասանտանին մէջ, որ պահ մը տիրեց մեր հանրային կեանքին վրայ, գրողին պարունակէն: Կրաւորական, անցեղ արարածէն, որ մանկլավիկն էր պատրիարքին կամ թարգման, քարտուղար, նպաստառուն՝ Դրան մեծաստիճան պաշտօնակալներուն, անիկա երեւան բերաւ շեշտէն հզօր, ըսուածքովը բիրտ, ճակատէն չընկրկող մարդը, որ տէրն է իր հմայքին ու գիտէ շահագործել իր շնորհները քանի մը` ճակատէ, հաւասար կորովով: Անոր երիվարները եղան թերթը ու ամպիոնը: Այսպէս վերցուած քիչ մը բարձր էր շրջապատէն, անիկա տաղանդը գտաւ ուժով խօսելու, անթարթ ընդունելու ու առնուածը քառապատկած կրկին ժայթքելու: Անոր նախասիրած առածներէն հատընտիր փնջիկ մը պիտի տեսնէք քիչ ետքը: Առայժմ, կը սկսիմ անոց անձնական յաւելումներովը: Մեր մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, ինք «գտաւ» սա յանդուգն, մեր քաղքենիին համար գայթակղեցուցիչ սա մտայղացքը, որուն համեմատ Բանին, Ազգին, Արուեստին (այս գլխադիրները եթէ իր յօդւածներուն մէջ ցանցառ տեսանք, լսեցինք ատոնց համապատասխան ձայնաճումը իր խօսածներէն) սպասաւորը գերագոյն արժեքն է նոր ժամանակներու: Տարօրինակութի՞ւնը նման վարկածի մը: Հարկա՛ւ: Եթէ նկատի ունենանք, որ մեր մշակոյթին հսկողութիւնը, պահպանում էին համար անհրաժեշտ մեքենականութիւնը ու անոր շոգին, մեր իմացական բոլոր սարուածը ամրօրէն տիրակալուած է մեր քաղքենիէն, գերագոյն տէրը մեր արժէքներուն: Մեր մամուլին նպաստընկալ մասը, մեր ֆոնտերը, մեր ազգային եկամուտներուն յանձանձումը ու «նպատակայարմար» բաշխումը տակաւին մինչեւ այսօր կեդրոնացած են այդ մարմիններուն բազուկին մէջ: Պարգեւեանի «սկսած» ատեն անիկա մոռցած էր Պարոնեանը ու կ՚անգիտանար այդ թեթեւսոլիկ բանաստեղծներուն սերունդը: Ու հասկնալի է անակնկալը քարոզին, որ կը պոռայ հակադիր ճշմարտութիւնը ու կը տապալէ պասմայի ու աֆիոնի, թիֆթիկի ու մուշտակի ասպետներուն կարծեցեալ գերագահութիւնը, գոնէ թուղթի վրայ, ուրանալով անոնց դեր՝ ու արժէք մեր ճակատագրին հոլովոյթին վրայ: Ան էր, որ չվարանեցաւ Անատոլուի հարիւրաւոր իր վաճառատուներուն ցանցովը պասմայի հսկայ կայսրութիւն մը ստեղծագործող միլիոնատեր վաճառականը հրապարակաւ նախատինքի ենթարկելու, որովհետեւ մերժած էր իր ներկայացումին համար օթեակի տոմս մը: Ու կը բարբառէր. կտա՞կը մեր անցեալին: Ու կը պատասխանէր ոչ անշուշտ անունները աւելի կամ մեծ Հաճի Աղաներու կամ անոնց պասմայի հարստութեան (բառը առնելով ազգային պատմութեան դասական իմաստէն), այլ քանի մը գի՛րք, լաւ լսեցէք, քանի մը գիրք ու աւերակներ: Ուրի՞շ: Բայց միշտ նոյն բանը: Ի՞նչ է մեր ժողովուրդը առանց մեր գիրքերուն: Ու կը պոռար. «Ազգերը կ՚ապրին իրենց արւեստին ծառաներովը ու ոչ թէ իրենց փերեզակներուն թէկուզ միլիոններովը»: Այս վարկածը տիրական լայթ-մոթիֆն է անոր գրականութեան: Ու ասկէ հետեւելի անոր մէջ ներգոյ, բայց անկէ տարբեր միւս աֆորիզմը, որ խոր, ամրակուռ արհամարհանքն է հանդէպ քաղքենիին, ու ասոր ամէնէն ստոր փոփոխակին՝ փղշտացիին: Երկրորդ այս հաւաստումը, հակառակ փոխառիկ իր նկարագրին, ունէր նոյնքան ուժ, որքան սկզբնատիպ պարսաւը գերման միտքի նոր Եղեկէլին, «Գերմարդուն» հսկայ տեսաբանին, որուն հետքերէն քալեց անիկա, երբ ջախջախել յաւակնեցաւ շղթաները մեր միտքին գերութեան, ջախջախելով քաղքենիները: Գերման ուրացողին նման, անիկա յառաջ գնաց, արգահատովի, ընդունելու մեր մէջ մակաղումը տրամին եզերուն, քաղքենի ցեխին, «կեղտոտ պուրժուային», անոր շաղիղէն յառաջ բերելու ծաղիկը, ընձիւղումը արուեստագէտին: Անոր գիւտը եղաւ ճոխ ու արքենի կեանքի մը պահանջը, ամէն րոպե, ու հիներէն դիտուած, բայց չշահագործուած գայթակղութիւնը «մեծափոր» եկեղեցականութեան կրկին նորոգեց, մեր թէ օտարներու մարզէն ու պահանջե՛ց, աւելի արդար, մարդկային նպատակներու իրագործումին համար: Դրամ ու վայելք, ոչ որպէսզի ասոնք խունկի մէջ ծթռին ու հաստ, յօսնող մեղքին վերածուին: Դրամ ու վայելքը հարկա՛ւ: Որպէսզի լողայ գրագէտը: Որպէսզի անոր շարժումները, սաւառնումը չկառչին դերբուկի կամ ժանգի, ու անիկա շրջի ու թեւածէ, հոսուն ու ոլորուն, ազատ ու ձրի: Այդ օծումով է, որ անիկա պիտի մխրճի կամ հոլանայ ձեւերու աշխարհին դէպի աչքերն ու կատարները: Ու պիտի սեւեռէ, կիներուն մարմինները պատուանդան ըրած իր հեռադէտին ու անոնց պորտը՝ յենակէտը իր կարկինին, կշռոյթները, անծանօթ սարսուռները ձեւերուն գետն ի վար հոսուն իմաստներուն: Վասնզի մարմինը ձեւն է: Ու ձեւին տակ կայ իսկութիւններուն անայց ծովանտառը: Իջնել վար այժմ անտառէն ու բերել մարգրիտ: Ահա թէ ինչպէս կը մեռնէր Սահակ Պարգեւեան արւեստագէտին սուզականութիւնը: Սուզա՞կ: Չէ ամէն մարդ: Մետիո՞մ: Չէ ամէն մարդ, ոչ ալ ուզողը: Անշո՛ւշտ որ կեանքը վայելքն է, հեշտութիւնն է, իմաստին մշտանորոգ քայքայումն է, բիւրազան ակօսներով ու անհասանելի ճարտարապետութեամբ մը: Անշո՛ւշտ որ քաղաքակրթութիւն որակուածը մշտական որս մըն է ցեխին ու քաոսին վրայ կատարուած, նուաճո՛ւմ՝ անտես այն երկրաչափութեան, որ ձեւերուն մոզայիքը կը կազմէ ցեխի յատակին կամ միսերուն մէջ: Կեանքը անհուն փշրանում մըն է, կեղաթափում մը, որպէսզի անոր դիակներովը կառուցուին գիծերը, նեարդները Իմաստին: Գործաւո՞րը այս ճարտարութեան: Ոչ անշուշտ ցեխը, քաղքենին, այլ՝ արուեստագէտը: Ու յօրինումէն առաջ, ան է, որ կը տեսնէ սառած թրթռումները բիւրեղներուն, Ան է, որ կը պատմէ ծիածանները իմաստին ու ձայներու շղարշները կը տարածէ մեր հոգիներուն դաշտին…: Արուեստագէտն է Բանին մետիոմը: Ու ամէնքս պարտական ենք անոր: Անշուշտ այս ընդհանրացումները անոր բերնին մէջ չունին սա խուսափուկ ու նրբին գնացքը եւ Սահակ Պարգեւեանը իր գաղափարները ամէնէն փայլուն, ակնառու տարազով հագցնող գրագէտն է մեր մէջ ու ամէնէն քիչ խորը: Իր գործին մէջ դժուար է զատել կեղծը ինքնատիպէն, այնքան ամէն մոլեռանդի նման անիկա դուրս է պզտիկին, սահմանափակին թաթերէն: Ու այս ընդհանրացումներուն ուժովը անիկա փորձեց բռնի պարտադրել ինքզինքը մեր քաղքենիներուն: Ճամբա՞ն: Պարզ է անիկա: Ճամբան բոլոր յեղափոխականներուն: Ամէնէն առաջ ահաբեկո՛ւմ: Ապրումէ, ուրացումէ, յարձակումէ, կործանումէ համախառնո՛ւրդ, մինչեւ իր օրը մեզի անծանօթ ուժգնութեամբ, սանձարձակութեամբ մը: Ասիկա ռազմախաղ մը՝ իր սկիզբին մէջ, շուտով կորսնցուց շինծու իր յարդարանքը ու վերածուեցաւ խրամատի: Բարքերու եւ իմաստի մարզերէն այս գլխակորոյս յարձակողականը, փնտռուած, փչուած, բռնի կարկառի հանուած գայթակղութիւնը տարին զանիկա չարաշուք եղեռնի: Պետք է աւելցնել, որ միջավայրը, մարմնական տուրքերը նպաստեցին այս զառածումին: Արեւմուտքի մեծ ոստանները տարօրէն կը սրեն արեւելքցիին թաքուն տուրքերը: «Եթէ հողը սիրէ, ոչինչ դէմը կ՚առնէ սերմին» ըսած է ժողովուրդը, անշուշտ տարազելով փորձառութիւնը, որ կու գար իր զաւկներէն, հեռաւոր կեդրոններու մէջ մեծութիւններու արձա՜ն: Սահակ Պարգեւեան կտրուած եղաւ, յայտնի չէ լաւ թէ վատ իր բախտով, պաշտպանող այն գօտիէն, որ Պոլսոյ ու Արեւելքի ուրիշ հայաշատ քաղաքներուն մէջ մեր ցեղին դարաւոր աւանդութիւնները կը բոլորեն, իբր երկաթէ օղակ, յորձքին շուրջը մեր կիրքերուն, ու ազատ զգաց ինքզինքը ամէն կապանքէ: Անիկա գործածեց օտարութիւնը, անծանօթութիւնը, երիտասարդութիւնը ոեւէ բախտախնդրի մը նման, ինքզինքը յանձնելու պղտոր ու վարար ջուրերուն, որոնք երբեմն ծով, երբեմն ալ շքեղ քաղաք մը կը հանեն զիրենք «հեծնողը»: Ու նման ամէն երկրախոյզի, անիկա ցամաքը դժուար ձգեց իր տեսիլքին դաշտերէն: Ցամա՞քը, հոս: Անշուշտ, իր ժողովո՛ւրդը, անոր դա՛տը, դժբախտութիւնը, անոր անունով կանգուն հերոսութիւննե՛րը ու մութին սողոսկուն ճճիութիւննե՜րը: Անոր արարքները միշտ ալ պիտի արձագանգէին մինչեւ խոր խորշերը այդ ցամաքին: Բարքերու մարզէն այս «յաղթանակները» պաշտպանւեցան, բարգաւաճ եղան հոյակապ ուրիշ զէնքով մը, որ թէեւ կու գայ թուղթերու մարզէն, բայց անոր ոճին հեղումովը կը ստանայ բացառիկ իմաստ ու կշիռ: Այս զէնքն էր անոր «հոյախոր» աննման պարսաւը, օձերու աչքէն ու կարիճներու սլաքէն հիւսուած մահազդու մանեակ, որով կ՚օղակէր վիզը մեծին, պզտիկին: Ո՛չ լայն, բաբեմիտ խայթն է ատիկա պարզուկ, պարկեշտ, տրտում մեր Պարոնեանին, ոչ ալ Արփիարեանին հազիւ դառնացող քաշքշուքը: Դաշունահարում մը, վայրագ, պաղարիւն, աննահանջ ու սատիք, այդ պարսաւը, զոր կը գործադրէր լրբութեամբ, անխղճութեամբ, անսովորութեան, անիրաւութեան, անգթութեան մեղադրանքները կանխաւ վայելելով: Անիկա ստորագրած է մէկ քանին այն բարձրագոյն խաբանումներուն, որոնք փարատոքսը կիրագործեն իրենց սաստկութեան հակադարձովը, պարսաւին ենթակաները չքացնելէ ետքը, պարսաւորը իր կարգին զգետնելու, այնքան ծանր կը կշռեն: Ու ըրած է այդ հրաշքը, դպած մարդն ու տեղը կաս–կանաչ ընելու, գոյնովը իր ատելութեան ու նախանձին: Այս տողերը չեն չափազանցուած: Անոր պարսաւը խառնուածքի հեղում մըն է, ընդոծին, «իմացական գեղձերու» ներծորում մը: Որմէ ողողուած՝ անիկա բզկտեց իր օրերը հացին ու տարփանքին զոյգ բեւեռներու մէջ կկոցուած անդուլ, կամ յղփանքի, պժգանքի պահերուն գրիչին անցուց զինքը այրող, լլկող այդ կանաչ ժահրը: Կառուցուածքի, խտացումի, ճշդութեան, համադրող կարկառի, բառի մը մէջ ամբողջ կեանք մը, գայթակղութիւն մը, գոյութեան եղեռն մը զետեղել կրնալու այդ մեֆեսթոֆեսեան շնորհը չէր կրկնուած մեր գրագէտներէն ոչ մէկուն քովը: Ու ոճի, փայլի, պատկերի, զարկի, ակնարկօրէն թելադրելու ու սլաքով խոցելու համատրոփ այս տաղանղը անոր անցեալը փրկելու չափ մեծ եղաւ: Այդ յուռութքով, անիկա ուրացաւ իր սերունդին ամէնէն ակնբախ, փառաբանեալ արժէքները, իր քայքայումին մէջ դնելով շողափառ կիրքի, կրացած խղճի թերութիւնները, կեղծիքը, անբաւարարութիւնը կարկառի հանող վճռական աչքի սերտ, «ականակուռ» պատկեր մը, այնքա՛ն անողոք իր ժխտումին ու նոյնքան ճիշդ՝ իր անգթութեանը մէջ, որ մարդ կը վախնայ ժխտական տուրքերու սա «ադամանդեայ» առատութեան առջեւ: Օր մը, իր քոյրերուն ողբերգութիւնը պատմելու սրտառուչ առաջադրութեամբ ճամբայ ինկած իր գրիչը չկրցաւ երկու էջ պարզ բան դնել մեր աչքին ու արատաւորեց դժբախտութիւնը, սուրի ու բռնութեան տակ տախտապարուած մեր կիներուն: Բերնով, գրիչով, մարմինով ինքզինքը հարկադրելէ վերջ հրապարակին, անիկա քալեց, քալեցուց իր խորհուրդը: Ատեն է, որ քակենք ծրարը պզտիկ, բայց յատկանշող դրւագներուն: Անոր սիրական սկզբունքներէն մէկը եղաւ տաղանդի տուրքին ենթարկել ունեւորները, ծիծաղելի ընելով անոնց աւանդական հետաքրքրութիւնները ազգային հոգերու պողոտաներէն, դպրոցէ, եկեղեցիէ, գերեզմանատունէ, որոնց հասնելու համար մեր քաղքենին չեղաւ դժուարամերձ, սորված ըլլալով բաց ձեռք ըլլալ, պապերուն ճամբովը, բարիքը վերածելով ապառնի հասոյթի, երկինքին պանքաներէն: Անիկա «ջուրն ի վեր» թի քաշեց ու նկրտեցաւ մեր տղաները շահագրգռել ճակատագրովը ոգիի մը ստեղծիչին, արուեստագէտին, որուն շունչովն է, որ կանգուն կը մնան քարերը իբրեւ տաճար, կը մնան ողջ ու մագնիս, ու ցեղը կը յաւերժեն: Մոլեռանդ էր ու սրտոտ: Ամէն աղանդաւորի վայել խստութեամբ ան պաշտպանեց իր գաղափարները, սկսելով անոնց գետին յարդարելէ, դուք հասկցէք քաղքենիներուն ապառաժ կապած սիրտերը մրճահարելով, գետին թափելով անոնց կռապաշտ կարծրութիւնները ու ենթարկելով իմաստին ու զգացումին կրկնակ թթունե՜րու, հաճոյք գտնելով այս տարրաբանութեան ու քարկոփութեան մէջ: Ու անոնց երեսին, սիւնակներէ ու բեմերէ, պատկերէ ու պարսաւէ չսակարկեց երբեք ամէնէն պերճ, խիտ, արտայայտիչ վերադիրները, ծաղկաստանները իր լեզուին, խօսքի՝ ինչպէս գիրի ձեւով, հաւասարապէս կուռ ու դաշունող: Անոր միջոցներէն մէկ ուրիշը, բայց կարեւորներէն, եղաւ լրագիրը, մեծը՝ ինչպէս պզտիկը, զոր անոր տաղանդը աստուածային հայրութեամբ մը գիտցաւ չզատել, վստահելով իր տուրքերուն, որոնք ափ մը թերթին, ինչպէս մեծադիր սաւաններու վրայ կ՚իյնան հաւասար ստեղծագործ աւիշով: Մեր ցեղային աղկաղկութիւնը կ՚ուզէ, որ ո՛ւր ալ ըլլանք, մեր երկրին թէ Արժանթինի բամբաներուն մէջը, «լուսոյ խորան մը», առնուազն կիրքի ատրուշան մը մշտաւորի մեր մօտ: Ու «իջման» կէտէն վտարուած, աւանդութեան Կաղ Գրողը, Լուսաւորչի օրերէն իսկ վարժ, չմոռնեայ խառնել, երես հանել մեր կիրքերուն անթեղուած կայծերը: Ատենին ազգային մարզէ անհամաձայնութիւն մը մեզ կը մղէր թագաւոր կամ կրօնք փոխելու: Հիմա՝ թերթ կը հիմնենք: Ու կը հիմնենք, վստահ ըլլալով մշտապատրաստ կաղ գրողներու ծառայութեան: Սահակ Պարգեւեան, գոյութիւն ունեցող թերթերը կործանելէ ետք ո՛ր թերթին որ մօտեցաւ, մարեց անոր ճրագը երեք անգամ աւելի կեանք ալ ունենար, օրգան մը տրամադրելի գտնէր պիտի իր տաղանդին մարզումին: Այդ օրգաններուն սիւնակներէն, անիկա վարեց մեր հրապարակը, ստեղծելով դժբախտ սեռ մը, մեր ժողովուրդին ամէն առտու կամ իրիկուն կամ շաբաթը քանի մը հեղ, տեղն ու տեղը քարոզ խօսելու: Մեծ է իր մեղքը մեր խմբագրականներուն պարտաւորիչ գերութեան մէջ: Այդ օրգաններուն սիւնակներէն անիկա փոխն ի փոխ գործածեց շողոմը, մղոնով հեռու նախորդներուն ցաւագար ու վրան բաց, ապրշմուած, խայտաճամուկ, հարազատ, կորածները անգտանելի, նրբաւարտ չարութեամբ, ամէնէն անգութ, «սպաննող» հեգնանքը ու ամէնէն սրտառուչ պարզ դրուատիքը իրարու «շաղելով», իրարու առիջելով այնքան ճարտար արւեստով մը, որ կը շուարեցնէր, ինչպէս նրբահիւս կերպասի մը երեսն ու հակառակը մարդ կը դժուարանայ զանազանելու: Այդ օրգաններէն անիկա գործածեց պարսա՜ւը, զուտ, անխառն, մերկ, վերէն վար թոյն ու դաշոյն, նմանելով իր օրգանին մէջ ներկի կաթսայի մը, ուր ինկող կտաւը կը դադրի իր կեանքէն ու իր նեարդներուն մէջն իսկ կը քայքայուի անվերադարձ: Անիկա նոյն ատեն, նոյն նպատակներով օգտագործեց բեմը: Կը խօսէր՝ ինչպէս կը գրէր, կը զարնէր՝ ինչպէս նախադասութիւնը կ՚ոլորէր: Ու անոր ձայնը օձի մը խայտաճամուկ նրբութիւնները՝ ինչպէս վագրի մը արիւնոտ մռլտուքը` կը լծորդէր իր գալարքին վրայ: Պարզ ու լուռ խօսիլ: Քաղցրանալ ու լալ: Համոզել ու խաբել: Ասոնք երկու երեսներն էին անոր: Ու բեմերէն, սրահներէն, հաւաքոյթներէն ռումբի նման անիկա պայթեցաւ «սահմռկած» քաղքենիներու, մեծահարուստներու, փաշաներու եւ պէյերու գլխուն: Ո՞ւր սորված էր խօսիլն ու գրելը, կնիկ հալածելէն աչք չվերցուցած, թերթէ զատ բան կարդալու ատեն չունեցող, ատելէ անդին ուրիշ զգացումի արժէք չընդունող այս երիտասարդը, երբ կը մտնէր «հասարակական» ասպարէզը, ժողովուրդը առաջնորդելու, ա՛յն ժողովուրդը, զոր չէր սիրեր, բայց կը հասկնար բացառիկ ընկալչութեամբը իր հոտառուկան զգայարանքներուն: Աշկերտութի՞ւնը: Ըրած էր Փարիզ: Ըրած էր Լոնտոն: Այս երկու բառերը գուցէ կը բացատրեն շատ բան անոր թաւալ-գլոր դժբախտութենէն: Չեմ գիտեր, կրնա՞ն տալ նաեւ գաղտնիքը անոր տաղանդին սա ձեւ աճումին: Մեծ ձուկը մեծ ծով կ՚ուզէ: Հարկա՛ւ: Բայց հանճարային բան է գրա՛ւը, որ անոր կեանքին առեղծուածը կազմեց: Կեա՛նք՝ որուն կատարը ամպերուն մէջէն կը փայլի ու աչքերը մխրճուած կը մնան ցեխին ու շարաւին մէջը քաղաքակրթութեանց բոլոր վիժուկներուն, տականքներուն: Ու քալեց անիկա: Ու քալեցուց հոյակապ շէնքը, հոյակապ իր մարմինը, Տոն Ժուանի կնիքով ու մագնիսի մը ատամներով: Ու կրեց ամբարտաւան իր մօրուքիկը, կապուիլ չուզող փողկապը, շրթներուն անկիւնին մռմռտուքը, թուքին պղպջակը, արհամարհոտ շեղբը ծաղրին ու պարսաւին: Ու եղաւ անիկա պոհեմներու արեւելումով իշխան մը, աւելի՝ մարմնեղէն անվրէպ տուրքեր, աւելի՝ աչքի մոգութիւն մը, որով բացուեցան սիրտերը կիներուն ու մեղքերը ուսանողուհիներուն: Այս շփումները անոր մէջ սրբագրեցին արեւելքցիի յետին փշուրը, ըսել կ՚ուզեմ՝ խղճահարութեան, անմեղնալով պարկեշտութեան, գուցէ ծնունդի հեղում պարզութեան մթերքը, որով կը շաղւուին մեր միսերը ու հոգին: Որ այս ու այն մարդը կը դնէ նկարագիր կոչուած բանի մը գոյնին տակ ու կու տայ մեր բարոյական բարեխառնութեան անկորուստ տարրերէն մէկ քանին: Ու բացուեցաւ անոր մէջ Արեւմուտքով ստացած, կարծրացած շնականութիւնը ոչ իբր մեղքի ձեւ, այլ՝ մա՛նաւանդ մարմնի ոլորտ: Նոր ժամանակները, խորտակող իրենց կնիքովը, դիւրաւ կը քայքայեն մեր հողեղէն սիւները: Ասոր դէմ չէ, որ կ՚առարկեմ: Բայց նոյն այդ ժամանակը մեզ յարգանքի կը հարկադրէ քիչ մը մեր մարմինին դէմ, ով մտաւորական մարզերու վրայ շատ աւելի դժուար տառապանքներ ունի կրելիք, աղքատութեան ու հիւծումին ու անսուաղութեան բազմաբաւիղ անդունդներէն վերածփուող գորշ, սպաննիչ բուրումնե՛ր, հայ ուսանողի, յեղափոխական գործիչի այլապէս հերոսական գոյամարտը պլշկող: Վե՛ր՝ ամէնէն: Մեղքէ՛ն, գիտէք ատիկա: Վե՛ր՝ մարմինէ՛ն: Ըսել կուզեմ՝ գործածել զայն օտարի մը նման: Ու ահա աւելի պա՛րզ: Անոր առջեւ բացուեցաւ «մարմնավար» ասպետներու նոր ասպարէզը, որուն մէջ անիկա «զրկեալներուն», դուք հասկցէք երկդիմի այրերուն, չափահաս, պահանջկոտ, անզուսպ աղջիկներուն ինքնամատոյց մխիթարիչը, զանգահար ժամկոչը, ինչպէս զառամած ընչեղներուն, պաշտօնապէս կաւատներուն, հեշտանքի նրբախոյզ ուխտաւորներուն «զինուորեալ» մանուկը, աննահանջ տաճարականը եղաւ: Այս անկո՜ւմը (առաջ գիտակից էր անիկա բառերուն երանգին ու կը կսկծար մինչեւ իր մահը, սա յիմարութիւնը չունեցած իր հոգին) անոր դառնագոյն տանջանքը եղաւ: Անիկա, տիրող ու արագ իւրացնող, արուեստագէտ ու «խռովասփիւռ», բայց նոյն ատեն կուրծքին տակ սիրտի տեղ կրող ցեխի կծիկ մը, անցաւ բախտին քովէն քանի՜–քանի՜ անգամներ: Անիկա բռնկցուց հսկայ խենթութիւններ միամիտ կուսութիւններու ծոցին տակ ու չկրցաւ հսկել իր իսկ բոցերուն: Վերցուցէք գնչուն, պալատներու պալատին: Անիկա իր կարկտնուած վրանին պիտի վազէ: Չեղաւ արկածախնդիր ու ճարտար խաղացկուն է, որ արթնցուցած զգացումներուն հետ վարուի հաշիւով ու տան, հոգեպէս սուրբ աղջիկներուն սիրտը խորտակեց անվստահութեան, անհաւատարմութեան այնպիսի՛ խեղճ, գռեհիկ փաստերով, որ ստեղծեց հակադիր նողկանք: Երկար է դրուագումը անոր կեանքին առաջին փորձառութիւններուն: Ու հիմնական փա՛ստ՝ անոր յառաջիկայ կենցաղին: Դրամ ու կին: Գիտէք ատիկա: Բայց աւելի՛ն ահա: Անիկա ողորմելի էր երկուքին հանդէպ չափի զգայնութեան պակասէն: Գո՞ղ: Չեղաւ անիկա: Բայց եղաւ մարդը, որ կերաւ իրեն չպատկանող ամէն բան, հերիք է, որ իյնային ատոնք իր միջոցներուն, թաթերուն հասողութեան: Իրաւագէտներ կրնան միջամտել ու դատել անոր այս տրամադրութիւնը: Անշուշտ չպահեց: Ատիկա ուրիշ բան պիտի ապացուցանէր: Բայց ծախսելու համար միշտ փնտռեց ու քառորդ դար ուրիշին դրամը սպառեց, հաճ ու բարձր ճակատով: Տաղանդի տուրքը այս մտայնութեան ներկուած արտայայտումն է: Կի՞ն: Աւա՜ղ: Այո՛: Բայց այնպէս մը, որ չունենար անոր դէմ տարրական վերապահում: Ամէն ազգէ ու ամէն գոյնէ, ամէն հասակ ու ամէն աստիճանէ, առանց տարիքի խտրութեան, անիկա այդ նիւթին առջեւ եղաւ թոյլ, բամպակ: Երիտասարդութեան խակութիւն մը չէ ատիկա իր մօտ, այլ՝ անսրբագրելի, հիմնական իր տկարութիւնը, որով խորտակեց ինքզինքը, հետը՝ ուրիշները: Տխուր է բանալ լիովին վարագոյրը այս փտութիւններուն վրայ: Կ՚անցնիմ: …Հով մը զինքը նետեց Ամերիկա: Անիկա միշտ դրօշակի մը նման իր տաղանդն ու ոճը կը բռնէր մէկ ձեռքով վեր այն ցեխաստանին մէջ, ուր կը թաւալէին գործ, որդնոտ անոր օրերը: «Բողոքականութեան» մեծ ու երանելի հանրապետութիւնը, իր տոքթորներուն ու փասթըրներուն անփոխարինելի, «ցաւագար» առաքինութեամբը լրացուց բիւրեղացումը անոր տիպարին, պողպատեց, ձեւականութեան ու կեղծիքի թունդ լուծոյթներուն մէջ թոյլ մասերը անոր հոգիին ու զայն վերաձուլած, վերակազմած «նորնորոգած» (իրն է բառը), հնչուն կոչնակի մը նման նետեց հրապարակ: Սուտին «արքայութեան», «կայսրութեան» այդ լիրբ ու Հոգին Սուրբով յղփացած մթնոլորտին մէջ անիկա ընդունեց Իմաստութեան ու Շնորհին վերջին կայծերը: Այդ իրենց մարմինէն անգործ, կեղծ առաքեալներուն հետ շփուելով, անիկա զգաց իր պակասները, ու ապշութեամբ դատեց իր միտքէն վեր լրբութիւններ: Անիկա ապտակեց, բարեբախտաբար, առանց վկայի ներկայութեան, վերապատուելի կղերական մը, որ պաշտօնապէս կը պսակէր երկուքին տեղ երեքնոց զո՜յգ մը, ի հաշիւ չորրորդի մը, որ կնքահայրն էր, քիչ մը դուրս: Անոր մէջ դեռ չմարած ռոմանթիզմը, Արեւելքի անքանդելի միամիտ փշրանքները, որ փաստերուն դէմ ինքնաբերաբար փրթան ու ինկան: Հոն սորվեցա անիկա ճակատ ճակատի կենալ Սուտին դէմ, ոչ Արեւելքի ու քիչ մըն ալ մօտ Արեւմուտքի այն վախկոտ, գլխիկոր, սողոսկուն ճճին, որուն սպասը կ՚ընեն անթիւ, անըմբռնելի կազմակերպութիւններ, այնքան ահաւոր դիմակումով: Որ պաշտօնապէս կը հանդիսադրէ ինքզինքը, եկեղեցիներէն, արդարութեան ատեաններէն, մամուլէն, երիտասարդ կամ մեծահասակ, կամ ծեր քրիստոնեայ ընկերակցութիւններու աշխարհածաւալ անդաստաններէն: Աղօթել ու պղծել: Տէր կանչել ու մուճակները հանել սպասուհիին սենեակը գիշերելու սրբութեամբ: «Արդարութիւն» աղաղակել ու զրկել տունին ծառան: Ամէնօրեայ այս բարքերուն անդրադա՞րձը, այնքան ընդունակ մետաղին վրայ Սահակ Պարգեւեանի: Հարկա՜ւ: Ան սորվեցաւ ամբաստանել, բայց բարեբախտաբար, «ի ձայն փողոյ եւ թմբկի», ամբարձիկ, հպարտ, ուրիշ մարզէ իրեն անմատոյց հերոսութիւն մը, շիտակութիւն մը, պնդութիւն մը հետապնդողի համոզւած տարազով: Ու կը վայլէր այդ դերն ալ, ինչպէս բոլոր միւսները, եթէ կեանքը թատրոնի բեմ մը ըլլար, այսինքն՝ արհեստական յոյսերուն, ներկին ու յարդարանքին նպաստովը այնքան տարբեր՝ իրականէն: Ժողովրդական այդ տրիբունը գլուխ-գործոց աքթեր ունի այդ մարզէն: Արարքներ, ուր ճշմարտութեան ծուէն իսկ իր հետը չունենալով, պարզապէս իր փաղաղիչ շունչովը սուտը ըրաւ իրաւ: Հոն սորվեցաւ բամբասել: Ու ասիկա՝ սաղմոսաց դիւրութեամբ, քանի որ այս առաքինութիւնը լեզուի տուրքերով պայմանաւոր է յաճախ: Մեզի կը տրուի ականջ երկարել ամէնէն լիրբ սուտերուն, երբ անոնք մատուցուին մեզի, վայել տաղանդով: Շատեր պիտի չընեն ճիգը՝ հակազդելու համար ասումին անհեթեթութեան, այնքան բռնաւոր է մտքի անգործօն վիճակը մեր մէջ: Հաւատաւոր, վարակիչ, համոզիչ, բանսարկութիւնը մահացու մեղքերէն չեմ գիտեր ինչո՞ւ չէ դասած մեր եկեղեցին: Անոր մասնագիտութիւնը եղաւ սեւցնել, բայց ընդարձակ շարժումներով: Ըրաւ այդ յուդայութիւնը յայտնի հեշտանքով, մարդերը իրար ձգելու հաճոյքէն աւելի անոնց իրարմէ նողկանքը վայելող հետախուզութեամբ մը: Կան այս տիպարները, որոնք աչքի առջեւ չունին որոշ շահ, երբ կը գործեն քսութիւն: Ժխտական այս առաքինութիւնը անոր մէջ համազօր էր արուեստի զգայարանքի մը, ու փորէն ու սեռէն ետքը, ոճին չափ կը պաշտէր այդ տաղանդը: Այս իսկ պատճառով, իր ներկայութիւնը որեւէ տեղ գրգռեց մեր հոգեկան ընդերքներուն ամբողջ մակաբուծային բնակչութիւնը: Ու անոր անձին շուրջը իրար պատառեցին կիներուն չափ այրերը, առաջինները սեռային ուռնակէն, վերջինները՝ նախանձէն բռնավար: Իրար ձգեց քաղաքները, ինչպէս կազմակերպութիւնները: Խաբեց, խաբած ըլլալու հաճոյքին, ինչպէս փոքրութեան, փոքրոգութեան սարսափէն, որով, մշտահալած, պիտակեց ու զատեց իր շրջապատը: «Խաբողին խաբող ու կէս»ը ազգային առած է կարծեմ: Միշտ այդ Ամերիկային մէջն է, որ սորվեցաւ հիմնական ուրիշ օրէնք մը, ամէնէն փառաբանուածը, ինչպէս ամէնէն անարգւածը կարեկցութիւն որակուած հտպիտութիւնը ու ափսոսաց իր «անխապար» ազգակիցներուն եղերական ռոմանթիզմը, որոնք իրենց դատը, իրենց անկարողութեան մէջ վստահեր էին այդ գառնուկի մորթ զգեցած գայլութեան: Անիկա պոռաց շահախնդիր կեղծիքը մարդոց, ամէն մարզի մէջ, նոյնիսկ հո՛ն՝ ուր ոչ մէկ կարիք կայ սուտին ու նենգին: Ու մարդոց ընդոծին բախումներուն մէջ անսխալ, տիրական յայտարարեց կեղծաւորութիւնը, մա՛նաւանդ ազգէ ազգ: Անոր թափանցող նայուածքը կը մերկացնէր այդ քաղքենի դերասանները իրենց կեղծամներէն, կը ղրկէր ծոցը իրենց կնիկներուն ու արդարութիւնը սպասի կը կապէր անոնց մահիճներուն: Մեծերուն, խորհրդատուներու ու պետներու այս փոքր ու մեծ սուտերը մեզի արժեցին պատուական ժողովուրդ մը, թէեւ պարտութիւնը չարդարանայ, այս հոգեբանութեան իր անգիտութիւնը երբ փաստ կը ծառայեցնէ: Ամերիկան զայն ըրաւ կեղծաւոր ու խանգարիչ, այս անգամ արեւին լոյսին մէջ: Ու եղաւ անիկա անպայման զրպարտողը՝ ինչպէս քսուն, խառնակիչը՝ ինչպէս խարազանողը, հաւասար կատարելութեամբ, շքեղութեամբ, հաւատքով դերելով ինքզինքը, ինչպէս ուրիշները: Նեղմիտ ու տափակ, բազմապիսակ յարանուանութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ առաքելական ուղղափառ «եկեղեցւոյ» արժանաւոր կամ ապիկար բոլոր երէցները ենթակայ եղան անոր սլաքներուն ու խարազանումին: Հայհոյեց ու պատռտեց դիմակները, նենգ հաճոյքովը մեղաւորները դժոխք քաշկռտող սատանաներուն, պատկերներու ետեւէն: …Հեռացուեցաւ անիկա իր խմբագրած թերթերէն՝ «անհուն գայթակղութիւն» արժող որոշումներով: Իր ատելութիւնը, քսան տարի ետքն ալ դեռ կը մնար միապաղաղ այդ «մարդու թափթփուկներուն» դէմ, միշտ այդ Ամերիկայէն, որոնք ծուխի, կիրի, ցեխի, կաշիի, այսինքն՝ ամէնէն ստորին աշխատանքի գործարաններուն մէջ, աղտ ու մուր ծամելով, տարիներու գերութենէ մը վերջը քանի մը տրցակ «կանաչ թուղթ» կը դնեն պանքան, շարունակելով ուտել իրենց քիթին աղբը, շատ-շատ քարավանան, առաջ տանելով խնայողութեան բնազդը աւելի անդին, քան Արեւելքի ամէնէն ստոր ժողովուրդները, գործածելով, հասարակօրէն ու խառնակեաց, տարւօք կիներ, սպասուհի ու անկողինի: Բայց որոնք Կիրակիէ Կիրակի քլըպ կու գան հայ գրականութիւնը դատելու, խմբագիրները ուղղավարելու ու չեն իսկ խորհիր իրենց անհուն, աւագ, անկարելի գայթակղութեան, որ փղշտացիութիւնն իսկ չէ Արեւմուտքին, այլ՝ զտարիւն հայկական բան մը: Անիկա գրիչը քիչ մնաց խծկէր կաշի կրծող բանուորի մը աչքը, երբ ասիկա փայտ, կոճղ դարձած իր բռունցքը կաշի ծեծելու բնազդական շարժումով զարկաւ անոր սեղանին, հաշիւը պահանջելով տոլարներուն, որոնք ծառայած էին գրագէտին պատուական փորը «գմբէթելու»: Այդ գեղեցիկ ուռեցքին համար չէր, որ ընկեր բանուորը թափած էր իր քրտինքը մեքենաներու կլափին դէ՜մ: Անոնցմէ զգացած նողկանքն էր, որ ուրացուց իրեն իր ընկերները, աւելի ճկուն, աւելի պարզ, աւելի աշխատաւոր ու «հաւատացեալ», քան ամէն նկատում է վեր ու «ազատ» համաքաղաքացին, որ Պարգեւեանն էր: Ատկէ՝ դէպի իր ինքնահերքո՞ւմը: Շատ է ճամբան: Բայց ըրաւ: Վերարկու մը փոխելու տխրութեամբ անիկա փոխեց գործ ու տեսութիւն, գաղափար ու շապիկ, ու ըրաւ այդ դիմաշրջումը այնքան տիրաբար, բնական ու շնորհաւոր զարմանքէ անդին, քան զգացին իր գաղափարի ընկերները: Ուրացաւ զինքը պահող կազմակերպութիւնները, անայլայլ ու բարի, ցոյց տալու համար մտածման ազատութիւն մը լորտերու վայել, որոնք տեսեր էր Լոնտոն, ու թքեր երեuնուն: Ու նոյնքան բարի, անայլայլ, անցաւ տրամագծօրէն հակառակ հոսանքներու, հաւասար այլուրութեամբ մը, անյիշաչարութեամբ մը անցեալէն, ինչպէս ներկայէն: Ան էր, որ դիակը շահագործեց գաղափարի ընկերոջ մը, զոր ուզեր էր իրեն վայելող կանանչ ատելութեամբ, ամէն տեղ յարձակելով անոր ստորագրութեան, ինչպէս կուսակցական, յեղափոխական գործին ու դատապարտելով անոր գրական անուրանալի տաղանդը իրեն ընտանի, անողոք, կործանարար գլանակը, չվարանելով երկորդել անոր թշնամիներէն շրջաբերուած ամբաստանութիւնները, «թուրքին ծախուած» յայտարարելով զայն ու... անոր դիակին վրայ հիւսելով ամէնէն շքեղ ապաթէոզը: Յեղափոխական այս փոխադարձ փողոտումները արդի՞ւնքն իր նմաններուն, թէ այդ մեզայատուկ հոգեկան ոլորտն է պատճառ անոնց ծնունդին, կարելիութեան: Իրողութիւն է, որ մեր մէջ ամէն հոսանք կարօտ է Պարգեւեանի գիծէն լիտրներու, կը գործածէ զանոնք, իբր խորհրդանշան, ամբոխներ վարելու: Ամերիկեան գինին արգիլելէ առաջ, արգիլած է կինը: Սահակ Պարգեւեան ըմբռնելի չէ առանց այդ տարրին: Իր կեանքին ներքին խորշերը պահեց մշուշի մէջ ու պահեց իր հետքերը իրեններէն, հետապնդելով ճամբան, զոր ըրեր էր այնքան տարի Արեւմուտքի մէջ: Հոդ ալ չպակսեցաւ, անոր rayonին մէջ, դիւրին կիներ, անմխիթար այրիներ, սանկ ու նանկ ու կարօ՜տ, այսինքն՝ յղփանքէ յորդած, բայց ծարաւի կեանքի հեղուկին: Որոնց մատոյց իր ծառայութիւնը անկողմնակալ ծառայութեամբ մը, խտիր չդնելով ընդմէջ «հրէի եւ հեթանոսի», դուք հասկցէք՝ «խորթի ու խասի»: Ապաստանած իր տաղանդին, որ եւրոպական ըմբռնումով իրական կուռք մը կ՚ընէր անոր պատկերը անծանօթ ամբոխներու դիմաց. ու ապաստանելով իր աստղին, որ փարթամ, հոյակապ, խորախռով մարմինն էր անոր, անցաւ անիկա խիճէն ու փուշէն, կատակերգակէն ու եղերականէն, էրիկներու նախանձէն, ինչպէս «վայելախոյզ» երիտասարդներու սարքած գապալներէն: Ու անիկա գրական, հասարակական պաշտամունքի վերածեց պնդերեսութիւնը, հիմնական յօդուածը, անկիւնաքարը իր բարոյականին: Չէ անիկա հացկատակ կամ գռեհիկ չամչնալը, որ վախկոտ է, խորապէս անողնայար: Ասիկա սեպհական մեղքերուն շուքը սանկ թեթեւակի ուրիշներուն վրայ ալ ցաթել կրնալու տաղանդն է քիչ մը, զայն տարածելու, հերքելու ու շրջուած լրբութեամբ յայտարարելու սպառնալիքն է, վաղածանօթ շանթաժը: Տիեզերական եղբայրակցութիւնն է մեղքով ու մեղքին մէջ: Որուն «պոռունք»ներէն դիտուած՝ ապրիլը կը վերածուի փոխադարձ շիջումին: Դուք գիտէք անոր երանելի առածը. «Ով է՜ր անմեղը»: Առնուազն ծիծաղելի չըլլալու հոգով շատեր խոնարհին պիտի այս նորակառոյց ըմբռնումներուն, որոնց արժանիքը գրականութեամբ տրուիլը չէ միայն, այլ մա՛նաւանդ գործքով փաստուիլը, «ապրուիլը»: Անոր թափառումները նպաստեցին բարոյական այս գաղափարագրութեան զօրացումին: Ներեցէք, որ չկարենամ հետեւիլ ժամանակի մեծ պարոյրներուն, որոնք շրջանակեցին անոր առաքելութեանց զանազան դաշտերը: Կենսագրութիւն չէ, որ կ՚ընեմ: Վէպ է ասիկա ու կը յարգէ իրականութիւնը իր ուժերուն ներած չափովը: Բաւ է հաստատել, թէ անիկա մեր օրէնքները արհամարհելուն մէջ մտացածին կամ շինծու ասպետ մը չէ, նիցչէական կաղապար է: Մի մոռնաք, որ կը սիրէր Օսքար Ուայլտը ոչ իր սրամտութեան կամ պաղպաջուն ոճին, այլ իր դժբախտութեան մէջ երեւան բերած ամուր կեցուածքին համար: Չէ՞ որ պողպատուած կեղծիքի, կեղծանուած սուտի մեծագոյն միջնաբերդին դէմ ասիկա զարկած էր իր գլուխը ու ջախջախուած. գոյացած՝ այդ խոռոչաւոր ուղեղներուն երեսին ինչ որ փտութիւնը կը կազմէ աշխարհի բոլոր դատողներուն, ատանկ խեղճ, փնթի, փոքր, կապիկ, երբ յանուն թուղթի, գիրի, ձեւի՝ խղճմտանքնին կը խաչեն: Հայ արդարութի՞ւնը: Հարկա՜ւ: Թող կրօնական պատկառելի ժողովին սրբազան ու մուշտակաւոր նախագահները առաջ մաքրէին իրենց խղճմտանքին երիզարդերը, երբ ողջախոհութիւնը ժամուն խորանէն անիծելէ ետքը կ՚երթային իրենց հարազատ եղբօրը տունը ու անոր մահիճը կը պղծէին այդ օծուած սուրբ մօրուքներով, կամ սպասուհիները կը քաշէին իրենց ծոցը՝ նմանելու համար Դաւիթին, առանց անոր պէս «օրերէն անցած» ըլլալու: Անիկա կը ճանչնար ուրիշներ ալ, բարձրաստիճան եպիսկոպոսներ, գրագէտ ու հռետոր, որոնք իրենց սրբազան խուցերուն մէջ քաուչուկէ կիներ պարի կը հանէին, հաճոյքի քաղաքներուն մէջ պոռնիկներով լիճ ու ծով կը մտնէին, իրենց թոշակէն ազգասիրաբար տարին ոսկի մը տրամադրելով աղջիկներ «կը պաշտպանէին», զանոնք փաթթելու համար թշուառական, միշտ պատրաստ վարժապետի կտորներու գլխուն: Անշուշտ ինքը հեղինակը չէ այս բարքերուն: Բայց իր բարեկամները, բռնի բարեկամները, ըրաւ ադ արարածները: Դիտելի է, որ խարդաւանանքի այս հակումը անոր մէջ մնաց անաղարտ: Յիսուն տարեկանին, անիկա քսանամենի երիտասարդի նման եռանդ կը գտնէր իր մէջ, երբ կը խաբէր: Խաբա՞ծը: Գիտէք: Աւելի՞: Իր խղճմտանքը: Ահաւոր գիտութիւնը մեր, երբ կը մտնենք խրուտքին մէջը մեր կիրքերուն ու կը ջանանք առանց ցեխի ազատել մեր պատմուճանը, առնուազն համբաւին նափորտը: Կ՚ըսէին, թէ անիկա լեզուագար էր, քսքսուն, յիսնամենի պառաւի մը նման, երբ չէր մտած քսանին: Ժամանակը, որ ուրիշները աճեցնող կամ ցամքեցնող փոշեհոսանք մըն է տարածութեան վրայ, անոր համար չբերաւ կարեւոր փոփոխումներ: Եղաւ անիկա միշտ մութ, անմերձելի, երբ կը թարթափէր խաւարտչին կամարներուն տակը սեռին կոյանոցներուն: Եղաւ անիկա միշտ պայծառ, լուսափաղփ, երբ թերթի մը կամ ամպիոնի մը կատարէն որոտաց ու շանթեց, առաքելական օծութեամբ ու մարգարէական կարծրութեամբ, համաձայն նիւթին ու ժամանակին: Ու առաջնո՜րդն էր անիկա այս ժողովուրդին, ուրիշ շատ շատերու նման ու չէր խորհեր, թէ ինքը ինքզինքը դուրս է յայտարարած անկէ: Ու չէր խորհեր, թէ առաքինութեան իր քարոզը գորտի անձրեւի մը կը փոխուէր մտիկ ընողներուն վրայ ամէն անգամ, որ բաղաքի մը մէջ յամենար իր փառքը աւելի քան երկու ամիս, անլուր գայթակղութեան մը կարասին կոտրելովը իր ընդդիմամարտ եղջիւրներէն: Ըրաւ տաղանդաւոր բարոյախօսութիւն մը, որմէ նմոյշներ պիտի տեսնէք քիչ ետքը, ինք, որ մէկ կտոր ուրացեր էր քաղքենի բարոյականը, ազդեցութեանը տակ կոտորակի ընթերցումներուն, ըսին շատեր, աւելի ճիշդ գուցէ՝ ծնունդէն իսկ, վեր ըլլալուն այդ տափակ հրամայականէն: Առաջացաւ անիկա իր սկզբունքներուն պողոտաներէն ու իր արհամարհանքը վերածեց մշակոյթի ցուցանակներու, որով «պիտի թքնէին» դուրսէն իրեն նման Նիցչէ վերծանած ու գերմարդու հովով արարածները մեր մէջ: Այս գիծերը գուցէ թուին մեր մէջ շատերու չափազանցուած: Կը բաւէ անոնց յիշեցնել, որ ինըհարիւրի սերունդը, որ եւրոպական մայրաքաղաքներուն ամբողջ կնիքները առաւ իր դժբախտ ուղեղին վրայ, Պարգեւեանի անձով կը կրկնէ օտար սնոպներն ու տենդիները, այդ դարավերջիկ իմացական բարքերէն: Անոնք, որ վարժուած են հացկատակ ու շոշորթ տիպարին Թիֆլիսէն ու Պոլսէն, դժուար ըմբռնեն պիտի տաղանդին ու ապականութեան, գութին ու լրբութեան, ժանիքին ու քաղցրութեան սա տարօրինակ առընթերադրութիւնը նոյն դէմքին ու նոյն հոգիին վրայ: «Խոնարհ ծառայ», «տրուպ», «դուզնաքէ» բացատրութիւննե՞րը: Անշուշտ, բայց Պարգեւեանէն առաջ: Վա՞խ, պատկառի՞լ, լորձնաշուրթն քծնի՞լ: Ատոնք ուրիշ սերունդի մը ստորոգելիները կրնան կազմել: Սահակ Պարգեւեան, պերճ ու լախտացի, ուրացաւ, ուրիշներու քով որեւէ ձեւով, որեւէ չափով պզտիկ մնալու, ատոր մտապատկերն իսկ ունենալու փոքրութիւնը, ստրկամտութիւնը, յիմարութիւնը: Ու ահա նորութի՛ւն: Անիկա արուեստագէտին համար պահանջեց ու գործադրեց, երեսուն տարի առաջ, ինչ որ այսօր Արեւմուտքի առաջաւոր երիտասարդութիւնը կը պահանջէ: Արուեստագէտը, որպէսզի իրացնէ ինքզինքը, պիտի ըլլայ զերծ ընկերութեան բոլոր հրամայականներէն ու պարտիկներէն: Անոր պաշտօ՞նը: Բայց որոշ. դիտել, խոկալ, ձեւել ու կաղապարել: Ուշագրաւ է, որ այս քառաթեւ պատգամին մէջ չերեւայ ընթացիկ միւս միութիւնը, զգալը: Անզգա՞յ, արեւմտահայ մեծ արձակագիրը, որ մեր ժողովուրդին արհաւիրքները փղձկուն պատկերներով բեմադրեց քաղաքակրթութեանց «որդնախտաւոր» խղճմտանքին ու լացուց կիներն ու դպրոցականները խոր ու թափ շեշտովը իր բառերուն, որոնք անոր ջիղերուն հեղանուտ, թեւաւոր տարրը կը փոխադրէին դէպի ունկնդիրները: Անզգա՞յ՝ ան, որ կարողութեան տուրքի մը նման կ՚աղար իր ֆրազները ու, անհատնում երանգներով, միակ յուզում մը էջերով կը դիմացնէր միշտ տպող, ուշագրաւ մնալու գաղտնիքը ունենալով, ապահովաբար խորն իր ջիղերուն: Դիտեցէք, հմտութիւնը քուն կը բերէ, առնուազն կը յոգնեցնէ՝ եթէ չէզոք է, ըսել կուզեմ՝ չէ անցած, ենթարկուելով, ջղային հոսումէն: Այդ փոքր տարբերութիւնն է, որ այս ու այն պենետիքտէնը կ՚ընէ խորապէս անշահեկան, հակառակ ծովածաւալ անոր հմտութեան, ու կ՚ընէ խորապէս շահեկան այն միւս հերետիկոս, թերուս նշմարագիրը, որ կցկտուր տողերու մէջ կը հանէ տասն անգամ աւելի կպչուն, դղրդուն յուզում, հաւասար նման նիւթի մը: Բայց Սահակ Պարգեւեան յիմար չէր անշուշտ: Ապրումի հերոս, անիկա դեռ ներքինի չէր, ինքզինքը վստահելու համար թուղթերու բերդին: Ապրեցաւ անիկա, ըսել կ՚ուզեմ՝ փորձեց, փորձարկեց իր զգայութիւնները մարդերու միսին վրայ ու կեղծ, կճեպ, չորուկ ու փայլուն բառ միայն պահեց, վերապահեց օտարներու, հեռաւորներու վայելումին: Չաշխատի՛լ: Այսինքն՝ իր ժամանակը յատկացնել միայն իր մտքին: Այո՜: Բայց հա՞ցը: Հարկա՜ւ: Անիծեա՜լ հացը: Մտովի ափսոսաց անցեալ դարերը, երբ արուեստագէտը շունն էր տիրոջ մը. կ՚որսար անոր հաշւոյն ու կ՚ուտէր իր ոսկորները: Բայց նուազ գեղեցիկ չեն այդ բառերու նշխարները արուեստին բոլոր ձեւերէն: Նոյնիսկ գերազանց: Անիկա հիացումով ու նախանձով կը խորհէր օրինակէն, որ կու գար մեծահանճար արուեստագէտէ մը, բանտարկուած տարիներով իր կամարին ներքեւ, ինչպէս թրթուրը իր բոժոժին մէջ, բայց որմէ բխած են բաժակը ձեւի ամէնէն զմայլելի գոհարին: Մտածեց, բայց ամչցաւ այդ շղթայումը փառաբանելու: Կարդացած չէ՜ր Տոսթոեւսկին, որպէսզի գոնէ դրական fictionով մը, մարմնին տար իր երազին, ինչպէս ըրած է աստուածամերձ հեղինակը «Քարամազոֆ եղբայրները»ին, հաւատաքննիչին ու Յիսուսին միջեւ դնելով ամէնէն եղերական թանձրութեամբ ինչ որ արդի խղճմտանքներու խորագոյն տագնապն է, հաւատքի մարզէն: Անշուշտ անցած էին վերածնունդի դարերը: Ու պապերը՝ ջորիներուն վրայ իրենց հեղինակութիւնը չվտանգել աշխատող, փոխանակ դամբարաններու հողէն վեր բխումը հետապնդելու: Չաշխատի՛լ: Ու լուծեց անիկա առեղծուածը իւրայատուկ կորովամտութեամբ: Մեծապատիւ մուրացկանութիւնը սաթիր մը չէ անշուշտ: Անիկա անցեալ մը եւ մտայնութիւն մը կը պատկերէ: Անիկա, որոշ չափով, «բարեշրջուած» նորէն հիմներանգն է մեր գրական կենցաղին: Պարգեւեան, յեղափոխական, նորոգեց տարազը, ինչպէս զայն հասկանալու ու գործածելու կերպը: Աղաչական մեթոտէն անցաւ անիկա պահանջողականին ու ծանրացաւ ունեւորներուն: Երկար ու անտեղի ալ է հետեւիլ անոր տիալեկտիկային, որով զինւած ինկաւ հրապարակ: Եզրակացութի՞ւնը՝ աւելորդ է գուցէ. «նկատելով որ, որ, որ... հետեւաբար մտքի աշխատաւորը կատարելապէս իրաւունք ունի սպասելու իր վարձքին»: Ու խօսքէն՝ գործ: Առանց նեղուելու, հանդիսաւոր, գեղեցիկ, չէն, ստեղծագործ երկունքին ճառագայթմամբը, անիկա կը տնկուէր որեւէ տեղ, ու կը սկսէր իր սինիզմը պերճ ու դառն իր բարբառովը: Եղաւ անիկա հազւագիւտ, հերոս, ընկճող մարդը, որ իրաւունքով կը մտնէր վաճառականին առանձնասենեակը, կէսօրին, կ՚ապսպրէր փառաւոր ճաշ, կ՚ուտէր զուարթ ու գեղեցիկ ձրիութեամբ մը, արհամարհանքի մօտ բարձրասրտութեամբ մը գրպանելով պիւրոյին վրայ նոր բացուած սիկառի տուփը, յաջորդ շաբթուան համար ժամադրութիւն dicter ընելով: Ու կ՚ելլէր դուրս, վեհափառ ու բարի, հայհոյելով քթին տակէն փաթրոնին, ուրիշ մը՝ ճարտարապետին, ուրիշ մը՝ առաջնորդին. ու կարգաւ՝ հայազգի պանքայի վարիչներուն, պետական պաշտօնատարներուն, ծխախոտի աղաներուն ու անոնց տնօրէններուն, հաւասար հեշտանքով, լրբութեամբ: Այս պնդութիւնը կ՚ըլլար բացառիկ, գրեթէ կատակերգական գայթակղութիւն, երբ, հրաշքով, ունենար, այսինքն՝ գրպանը ըլլար քիչ մը ծանր: Անիկա կը փռէր թուղթերը ու կը վերցնէր, պարտադրելով դէմինները վճարումի, տաղանդի տուրքին վարժեցնելու համար իր ազգակիցները ու փաստելու համար, թէ մեծապատիւ մուրացկանութեան անցած են օրերը: Հիմակուանը ազգային գիտակցութեան պայծառ արարք մըն է, մեր ցեղը փրկագործող խոր բխո՜ւմ: Ազգ մը կը մեռնի, երբ իր միտքը կը մեռնի: Միտքը չի մեռնիր, երբ անոր մշակոյթը կ՚աշխատի: Եղնիկին «առա՛ծը», որով կը հրամայուի կալ դարձող եզին չկապել ցռուկը: Ուրե՞մն: Այո՜: Այս պնդութիւնը, դարձեալ, հաւասար սաստկութեամբ երբ չունենար, այսինքն՝ գրեթէ միշտ: Քիչեր, անոր չափ լիութեամբ, արդարացուցին այն միւս առածն ալ, որ գոնջը կ՚ընէ մեծամիտ ու անհաւան: Ուրիշներուն դրամը ուրիշներուն գիտակցութեամբը ուտելը հասարակ մակաբուծութիւն է: Գիտէր ատիկա՜: Դարմանելու համար նման վերագրումի մը աղտը, արհեստին մէջ անիկա ներմուծեց իւրահնար նորութիւն: Անիկա այդ ձրի ճաշերը կ՚ընէր տաղանդով, այսինքն՝ կը սկսէր սպասներուն վրայ գործադրւած շատ բծախնդիր մաքրախուզութեամբ մը, սպասաւորները չարչարելով անխոնջ հետապնդումով, մերժելով թատերապէս անձեռոցները, որոնք չհոտէին արդուկ, գաւաթները, որոնց բիւրեղին վրայ մատի մը մշուշիկը տարտամէր, ու կը մերժէր նման առարկութիւններով դգալ, պնակ, պատառաքաղ, երեք-չորս անգամ փոխել հարկադրելով ամէն բան: Կերակուրներուն վրայ իր քիթին պատկառանքը ու դիմագիծին թրթիռը, կնճիռը կամ թաքուն հեշտընդլայնումը պատմական կը մնան: Անգութ եղաւ ամէն ծառայի հանդէպ, թերեւս յարգած ըլլալու համար Գերմարդու ստորոգելիներէն մէկը: Անոնց հրամայելու իր արձակութիւնը բռնի մարզա՞նք մըն էր գործադրուած՝ պատկերելու համար մշտածառայ կորանքը իր խղճմտանքին, թէ ցուցամոլութիւն մը, փարիսեցիութիւն մը: Ուրիշներուն հարկադրուելու մէկ եղանակը, եթէ չամչնար, պնդերեսութիւնն է, ուրիշ մէկ եղանակն ալ իշխել կարենալու փաստն է: Ու մարդ պիտի վարժուի այդ «պարտականութեան» խոնարհ աստիճաններէն: Անհուն հիացող մը իր արժանիքներուն, «բացառիկ իր տեսակէն» (անոր անկողէնները՝ բազմաշարան ու ազնուորեար մարզերէ յետոյ պիտի ճշդուի տարողութիւնը՝ այս դքսուհիներուն ու մարքիզուհիներուն, տարիներու ընթացքին, այլ յաւակնութիւնը վերածեցին սեւեռապինդ գաղափարի, հաւատքի) անիկա շնորհ մը կը նկատէր մեծ իր անձնաւորութենէն ժամուան մը սա հեղումը, արտածորումի՝ զիջուած «փուճ», «ոսին», չըսելու համար «կեղտոտ» պուրժուաներուն, որոնք, այդ առիթով, ձրի՜, կը վայելէին մեծութեան, տաղանդի շողարձակումը, ռատիոմացումը: Բա՞ց, անոր առջեւ, դուռները, խանութները: Քսանըհինգ տարի առաջ Եգիպտոս այսօրուան պէս գերյագած չէր արուեստով: Մարդիկ, դիւր իրենց կենցաղին մէջ, շատ չէին տեսներ սանկ ինքնատիպ քանի մը անօթի խաղցնել հարբութեամբ: Ու արուեստագէտը սարսափը չէր կազմեր ընտանիքներուն՝ իր տոմսակներուն, պրոշիւրներուն, «նպաստ»ներուն իրերահալած, անողոք, աննահանջ գրոհովը: Ան էր պատճառը գուցէ, որ չվռնտուեցաւ, թեւակի, մաղազայէն դուրս դրուելով ֆելլահ բեռնակիր–պահապանին կողմէ: Միւս կողմէն՝ տեսնող, ակնարկով, իսկ շատ արագ ու շատ խոր, տեսածը իւրացնող, իւրացուցածը գոնէ բառով, եթէ ոչ գիրով միշտ շահագործող, պատմումի իր համեղ ձեւէն, անիկա բաց պահեց, ատենի մը համար, Գահիրէն ու Աղեքսանդրիան, սրամիտ իր առածներովը, ուրուագիծերովը, յեղումովը, որոնց մէջ մարդերը կը մերկացնէր ահաւոր արագութեամբ մը իրենց ներկայէն, պատմուճան կամ փաթաթ, ոսկիէ ու մետաքսէ, ու մատի նոյնքան ահաւոր ուրիշ ցուցումով կը բերէր ետ, անոնց աչքերուն մօտաւոր անցեալը, որ անմեղ է այնքան ցանցառ, թաթխելով անոնց ներկայի ոսկեդարը՝ ինչպէս փերթ մը աղուած միս՝ սխտորին կամ չամանին մէջ, ու թութէ պաuտեղին անհիւս կտաւները թօթուելով բեհեզապատ տիկիններու մերկութեան դիմաց: Անիկա անգութ է եղած մեր կիներուն մտքի մերկութեան դէմ, անգութ ըլլալէ ետքը հոգեկան մերկութեան ալ վրայ: Ու կը սոնքար, կ՚ուռէր, այդ՝ հայերէն իսկ սորվիլ չկրցած փաթրոններուն ապականած տգիտութեանը մօտ ինքզինքը երկնառաք բարիք մը, բարձրութիւն մը, «հոգին սուրբեան» շնորհ մը ծախելով: Եղաւ անիկա Եգիպտոս, զանազան շրջաններու: Ոսկեդա՞րը: Առաջին երիտասարդութեան կը զուգադիպի ատիկա: Ձեւական գժտութեան մը աղմուկովը յեղափոխական իր ընկերներէն, «նոր կուսակցութիւն» կազմելու համար Նեղոսի պարարտ ափերուն վրայ, իրականին մէջ «վարտիքը մտած» տարերկրեայ համերու խենթ ցնծուհիներուն, անիկա ինկաւ յաւիտենական ծերութեան ու յաւիտենական սերմին երկիրը, կիներու շքախումբով մը, որուն շողն ու ներկւած պերճանքը, արեւմտեան ջնարակէ, յուզումի հանեց մեր աւագանին, դեռ հաւատարիմ՝ ասիական իրենց խտղտումին: Ու անիկա շփումի մտաւ ծխախոտի ու բամպակի կամ հողի մեծ վաճառականներուն հետ մեղքի ճամբաներէ ու զինքը Եգիպտոս պտոյտի հանած կիսաշխարհիկ կիները, կիսակոյսերը արժեցուց թանգ, յորդ, մենծ-աղաներուն, աւագ-պաշտօնակալներուն privé մոլութեանց կրկէսին: Անոր անունին կապուած պիտի մնար անդրանիկ այս դերասանութիւնը ու աւելի վերջը, մարդիկ պիտի դառնային իր շուրջը մեղրի հոտ առած մեղուներու նման, իր «կինը», «աղջիկը» զատել չուզելով Փարիզէն բերուած «իշխանուհիներէն»: Այս պատմութեան տրամին մէջ տեղ ունի այս դրուագը անոր առաջաւոր անցեալին: Գինո՞վ: Քանի որ օրէնք է ատիկա սեռին ըմբիշներուն մօտ: Իրողութիւն է, որ չեղաւ երբեք արթուն, իր չխմած ըմպելիքին մշուշէն աւելի իր սպառած, բայց անհաշիւ սպառած առնութեան տեւական գրգիռովը: Դրա՞մ: Դարձեալ կիները, երբ կը ծախուին ուրիշներու հաշւոյն կամ կը դնեն իրենց հաշւոյն: Լեզո՞ւն: Որով անիկա կը պահէր կապ, ոսկի այդ իշխաններուն հետ, առհասարակ խնայող, երբեմն ագահ ըլլալու չափ խիստ: Կի՜նը, որուն լեզուն կը բանայ բոլոր արկղերը: Աւելի՞: Այսինքն՝ Եւրոպա ըրած փաշաներուն մօտ վարկի՞ մը համար: Էսթէրի ու տենտիի ծեքծեքումներու տաղա՛նդ, այսինքն՝ Բանին հուրքը, ինչպէս մասնագիտութիւնը կիներու վրայով, սեռային orgasmeը արուեստին հանելու: Աւելին: Գրագէտի պատմուճան «լուսակիչ», Բագրատունիէն միտքը մնացած բառով մը տաղաւարելով իր սուզումը «ի խորս անդրանդնդոց մեղաց»: Երբեք նանրամիտ, խոր ատելութեամբ, զինուած «գրականութեան» սնոտի փառքին դէմ, նմանելու համար իր օրերու առաջաւոր երիտասարդութեան սնուցած արհամարհանքին՝ բառ ու փոխաբերութիւն եղող, երբեք ապրում, մարմնական կամ «իմացական փորձարկութիւն» չեղող գրելու ձեւի մը դէմ, խարազանելով ու խարանելով իր ընկերներուն վրայ ամէնէն ընդունելին չտեսութիւններուն, գրական չտեսութիւնը. ինչպէ՞ս կը հաշտուէր անիկա սա մարմնեղէն շանթաժին: Այս անկումներուն, ներոնատիպ շուայտանքին մէջ ինչպէ՞ս կը պահէր ամբարտաւան ու գեղեցիկ իր ինքնահաճութիւնը, որ այդ իսկ հրաշքով կ՚այլակերպէր անոր մարմինը, շնորհի, ցնծութեան, տիոնեսիոսեան արբշռանքի ատրուշան մը ընելով զայն: Հաստ ու հասարակ վայելքին մօտ, որով արեւելեան քաղաքները կը բարձրանան Սոդոմ ու Գոմոր հեքիաթէն, ու բոզանոցներու դալկահար ասպետներուն վրայով հեշտանքը կը վերածուի ամէնէն թթու, աշխած, տարապարհակ վատնուած ինքնամաշումի, ո՞րն է տեղը Բանին քարոզ ու Ձեւին կախարդ սեւաչուի «իշխանին», ինչպէս կ՚ոգէին իր անունը Թայիսներու անմահ բերանները, նոյն ափերէն ու նոյն խորաններէն: Ո՞րն էր տեղը յորդ, մշտապատրաստ սեռային այս Հերակլէսին, մօտի՛կը՝ այն միւսներուն, սմսեղուկ, խնայող ու ճարտար, որսորդնե՛ր, որոնք փիղի համբերութեամբ ու աղուէսի հնարքներով գիտեն պարուրել իրենց խեռութիւնները, անասնութիւնը ու կը մնան միշտ արթուն, տասը տարազով, պատրա՛ստ, փետտելու ցանցը արդարութեան ուռկաններուն, վասնզի որսը ունի իր վտանգները, երբեմն վայելքէն խոշոր: Ատոնց տարազուած, վերապահ դիրքէն կախուած ու յաճախ զաւակին կամ կնիկին սրտառուչ ողբերգութեամբը հակակշռուած փաղանգին դիմաց՝ Սահակ Պարգեւեան գեղարուեստագէտ ուռնահար էր, պարզ, առանց վերադիրի: Ա՛յնքան՝ որ իր արարքները մտքէն չանցուց ուրիշին ճանկ ենթարկել: Այս պատմութենէն քանի մը տարի առաջ, խորտակումի դժնդակ դրուագէ մը ետք, որուն մէջ Անիկա մազ էր մնացել «զզուանքէն խեղդուելու», յուզուած այդ զգայռումէն խղճմտանքի տեսակ մը քննութիւն փորձեց, բանաձեւ փնտռելով իր կեանքը կափարիչո՛ղ: Ի՞նք, ի վերջոյ արեւմտահայ մեծատաղանդ արձակագիրը: Անիկա կ՚արհամարհէր գրական փառքը: Անո՜ր զաւակը: Խոնաւցաւ այդ յուշքէն դառնութիւնը անոր կսկիծին, բայց րոպէ մը միայն: Նոյն պահուն առջեւէն անցնող հոյաշէն կին մը անոր մէջ ծագեցուց իր կեանքին ճշգրիտ իմաստը: Ձեւը կ՚անցնէր, անցնելու էր: Զանգակ էր անիկա դասական փոխաբերութեան: Թակո՞ղը: Անշուշտ: Այս կերպ դատաստանի մը թեթեւութիւնը ինչո՞ւ չտեսաւ, ծերութեան իսկ մուտքին, երբ ատոր առաջին թաթը զգաց ողնայարին խրամին երկայնքովը: Տարփանքի քահանայապե՛տ…: Այս ամէնը լրիւ, փառ ու պսակի մէջ, երբ երիտասարդ էր անիկա: Մինչեւ քառսուն անիկա չկասկածեցաւ իր աստղէն: Այդ տարինե՜րը, այնքան տարբեր ուրիշներու կենսակծիկին վրայ: Սահակ Պարգեւեան աշխարհէ աշխարհ, քաղաքակրթութենէ քաղաքակրթութիւն անցաւ իր սովոր արագութեամբը, հետապնդելով վայելքին ու փորին զոյգ պողոտաները, որոնցմէ կ՚ընթանան, տարտամ սկիզբով ու ահեղ յանգումով, ժամանակակից կեանքին բոլոր ջուրերը գրեթէ: Որոնց լայն մարմինին վրայ՝ ակօսը կիներու, արիւնով ու ցեխով, շնորհով ու պղծութեամբ ցօղաթո՜ւրմ: Ու ակօսը՝ արուեստին, հմտական բորբոսով ու արեւելեան որդան կարմիրով ներկւած ու ծաղկած: Երբեմն ինչ քիչ բան է մեր հպարտութիւնը, երբ կը դրուի մօտիկը տարիներու փոշիին, ամէն մարզէ մեծութեանց պատմուճա՜ն: ... Ու ապրեցուց անիկա իր մարմինը ուրիշներուն մարմինը բուծանելով: Ու փրկեց իր տաղանդը՝ զայն հովանոցելով մեր օրերու ցեղային գերագոյն իրացումով: Գիտէ՞ք, որ ամէն կուսակցութենէ վտարուելէն ետքն ալ չհրաժարեցաւ յեղափոխական զինանշանէն ու չորս-հինգ անգամ, թարմ պատանիներու գրքոյկներուն յառաջաբան գրելով, անոնցմէ նոր կուսակցութիւն գոյաւորել ձգտեցաւ: Ու ինկաւ ու ելաւ: Պէտք է կարճ կապել սա վերլուծումը…: Հիմա, Եգիպտոս, յիսունէն քիչ վեր, անիկա կը քաւէր իր ոսկեդարը: Այս պատմութիւնը կը բացուի այդ քաւութիւնը պատկերելու առաջադրութեամբ: Քաւութի՛ւն՝ որ սկիզբ էր առած քառասունէն ետքը, կռնակին դիակը կնոջ մը, որմէ առեւանգուած էր բառին տառացի իմաստովը: Ու կուշտին, սրտին՝ աղջիկ մը, անկէ հոսեղ եղերական, անորակելի հովետագնապով մը: Ճակտին՝ իր անցեա՞լը, ուր դեռ ծխաշունչ ու «բոսոր» կը պառկէին հեղեղատները անոր մեղքերուն, աչք առնելու չափ տպաւորիչ դիտողին, գիտցողին: Ոտքերուն տակ, ճմռթկուած պատմուճանի նման՝ համբա՛ւը, որ թեփոտած էր գոյնովը եօթը մայրաքաղաքներու: Ու դագաղն էր անիկա իր փառքին: Անոր խառնուածքը ընդոտնած էր «փողփողուն», պսակը անոր տաղանդին, տրորած, ծամած անկէ ամէն կանաչ մաս ու դրած երեւան սկաւառակը անոր հոգիին սեւ ու չորցած փոկերու զազիր սարդոստայնը: Իր փոյթը չէր ո՛չ հիմա, ո՛չ ալ ատենին, որ դատէին մարդիկ այդ ոսկորակոյտը իրենց չափերով: Վասնզի անիկա, «Նոր տախտակներու» մարգարէ, դեռ պատանի, շրջած էր հին տախտակները ու «զինուորուած» նոր տասնաբանեաներու: Ա՛ն՝ որ նոր ժամանակներու ամէնէն հսկայ կայսրութեան ոստանին մէջ (Լոնտոն) գերերջանիկ ցաւագարներ միայն տեսաւ ու սեւեռեց, ուրանալով այդ մանրանկար երկրագունտին զուսպ, խոր, այլապէս թելադրիչ քաղաքակրթութիւնը. ա՛ն՝ որ նոր ժամանակներու երիցս մեծ Բաբելոնին, Փարիզի մէջ պերեւեշտաւոր ցնծուհիներ միայն տեսաւ (վկայ՝ այդ մայրաքաղաքներէն իր վերցուցած պատկերները, որոնք լեցուն են գոհարներովը այս ժխտումին) ու դատեց Արեւմուտքին երկու մեծ ժողովուրդները իրենց ապականութեան եւ մեղքերուն հսկայ հանդիսանքէն. անիկա պիտի գտնէր անշուշտ ինքնատիպ ձեւ մըն ալ, իր ժողովուրդին հետ արդար ըլլալու, անոր մէջ փերեզակներ ու պանդոյրներ միայն տեսնելով: Միա՛կ կէտը, ուր անիկա կը տարբերի մեր ժամանակի, իրեն պէս ժխտող, բայց մեր ժողովուրդը յարգող ուրիշ մարդերէ: Աշխարհին մէջ (հասկնար, թէ ինչու կ՚ընդարձակէր իր ժխտումին կարկինը. իր ժողովուրդը անոր պզտիկութիւնները վերցնելով կայսրութեանց կրկէսէն, երբ, ոչ մէկը նման բան մը կը պահանջէր կամ առնուազն իր կարծիքը կ՚ուզէր այդ «կեղծաթուրմ» անգլուհիներէն կամ քառանկիւն ամերիկուհիներէն, Փրկութեան Բանակի խորանարդ ապշուհիներէն զինքը «իշու» պէս, «ցուլ»ի պէս վարձած, շահագործած ատեննին) անիկա ոչինչ գտաւ արժանի իր յարգանքին, առնուազն գութին: Բացի իր ոճէն, զտարիւն նժոյգ, փրփրերախ վարգող «ընդ անհուն ասպարէզս քերթողական նորենաշունչ կտակարանաց», զոր սրեց արիւնին մէջ իր թշնամիներուն ու քնացուց միսերուն մէջ աղիճներուն, անիկա խանդաղատանք չզգաց ձեւական, պլաստիք ոչ մէկ գեղեցկութեան առջեւ (գիտէ՞ք, որ կիները կը խոշտանգէր): Բացի իր ոճէն՝ հլո՛ւ՝ անոր բոլոր ատելութիւնները հոլովոյթի, պատկերի, ձեւի ու կարկառի վերածելու դժնդակ տենդին, ու սուսե՛ր՝ երկսայրի, իջնող քաղքենիներու գլխուն յոբնազեան կշռոյթով, անիկա ոչինչ սիրեց մեր օրերէն: Փարատո՞քս: Երբ անոր զգայարանական կեանքը առնեմ վերլուծումի, պիտի պարզուին ստոյգ արժէքները այս յեղումներուն: Առայժմ բառ ըլլայ յայտնել, որ անոր դէմքին ալ նշմարելի երակմունքին մէջ մաղ-մաղ, արմատ–արմատ կը պառկէին ու կը սեւնային անոր նողկալից րոպէները բռնավարձ տարփանքի: Գործողութիւնը ինչ աղբիւրէ ուզէ ըլլայ, կրկնուելով–կրկնուելով մեր դէմքին կտաւ կը շինէ: Ծանօթ է կնճիռներու տեսութիւնը, բայց դեռ անծանօթ՝ անոնց ճարտարապետութիւնը, ըսել կ՚ուզեմ՝ հիմնական դղրդումը, տեմպը, հիւլէական (ինչ գէշ է բառը) թրթռականութիւնը ի խնդիր ոճի, գիծի, որով այդ խորշոմները արտաքնացումի կ՚ըլլան ներքին բարդ ու երկարատեւ խռովքներու: Ով որ նայէր Պարգեւեանին սգաւոր ճակատին, տրտում աչքերուն, կը յուզուէր գոլովը անոր մշտախոց հոգիին: Ու անոր շրթներուն թանձր ձանձրոյթին վրայ իր դաժանուտ, «քիթէ բերուած» սեղաններուն թոյն կայլակները կ՚այրէին անմխիթար: Ու եղաւ անիկա մշտապէս մինակը, չըսիրողը ու չսիրուածը: Փարատո՞քս: Չեմ կրկներ վերի առարկութիւնը: Անոր հզօրագոյն տառապանքը, երկաթ պատգամի մը նման մնաց կախ անոր աչքերուն առջեւ: Ու ինչ որ տրամն իսկ է այս պատմութեան, արդիւնք է գուցէ սիրոյ ծարաւի մը, որուն կարօտը ունեցաւ անդուլ, բայց նման գինովի մը, որ կը մոռնայ ջուրը, ատեն չձգելով ալքոլէն զատուելու, բայց գիտէ անոր կարելի համը: Այս ծարան էր, որ զինքը պիտի ընէր անպատսպար, յիսունի դուռներուն, մանկամարդ աղջկան մը աղապատանքին դիմաց ու խորտակէր պիտի բաժակը իր սիրտին: Այդ մասին քիչ մը ետքը: Ուրի՞շ: Բանե՞ր, որ մարդոց մեծ մասը կը կապեն կեանքին: Զուր կը փնտռէք: Բացի գրական տկարութենէն անիկա անխոցելի, զրահուած հերոսը եղաւ իմացական հակումներէն: Ինչո՞ւ իր ոճին վրայ սա անմեկնելի ու աննահանջ միամտութիւնը: Չէ՞ որ միշտ իր վկայութեամբը այդ գործիքին տէրերը, գոնէ մեր մէջ, տխուր, անժառանգ, ապարժէ արարածներ եղան: Չէ՞ որ «լուսամիտ խենթութեան» օր մը անիկա աւելորդ հռչակեց գրագէտը, բայց փառաբանել մեր գրականութիւնը: Անիկա մարդն էր հակասութեան, ժխտումի քարոզ, խանդի ստեղծիչ: Իր վրայ երկաբնակ է ամէն բան, անհուն բնականութեամբ մը: Սնոպութի՞ւնը: Կարելի է: 1900ը շրջանն է այդ մենագարութեան, շրջանը՝ զարտուղումի, ախտաւորումի, հիւանդութիւնը օրինաւորելու հզօր ճիգի մը: Անշուշտ Պօտլէռ, Հիւպշմանս, Ուայլտ, քիւպիսթները բառեր ըլլալէ առաջ ջղային դրութիւններ էին, որոնց անթել հոսումներու լայնօրէն բաց անոր ընկալուչ դրութիւնը չուրացաւ իր ստացումները: Սնոպութի՞ւն մեր մէջ 1900ին, Պոլսէն դուրս, երբ մեր գրողները Կարմիր Սուլթան կը ներկեն ու Մայր Հայաստան կը խաղցնեն, բայց անկարելի միամտութեամբ, անքանդելի հաւատքով ու կը յուսան հայրենիքը ազատել քերթուածով ու հռետորութեամբ: Գուցէ՜, պէտք է բարեփոխել տարողութիւնը բառին (սնոպ), արեւմտեան մշակոյթի այդ էկզեմային: Ըսի՞, թէ անոր աչքին կուտ չէին արժեր ժամանակակից քաղաքակրթութիւնները, որոնք ընդարձակ, կայսերական կեղծիքներ էին ամէն բանէ առաջ: Ձե՛ւ ու շա՛հ: Աշխարհին լծակները, կը պոռար ու չէր գիտեր, թե ինքզինքը կը նկարէր: Անցեա՞լը: Անշուշտ: Քիչ մը աւելի: Գոնէ, տոն, գերութիւնը, տգիտութիւնը հիմնավիճակներ էին, որոնց դէմ դառնանալու յիմարութիւնը խնայուած ալ էր իրենց տառապանքին: Ազատագրւած սա գերութիւնը նոր կարգերուն, ալապուճիկ իր ներկումներովը հազար անգամ աւելի վատ էր ու գռեհիկ, քան անցեալին «անազատներուն» ճակատագիրը: Մարդիկը գոնէ քար մը հաց ունէին իրենց ակռաներուն տակ նետելիք ու աղալիք: …Պէտք է քալել: Աշխատեցաւ անիկա մեր մամուլին, իր ժամերուն, երբ օրերով ինկաւ անօթի: Ու աշխատեցաւ իբրեւ փարիա: Անիկա չարհամարհեց ոչ մէկ թերթուկ: Գիտէք, թէ ինչպէս կը ծախէր իր յառաջաբանները: Ու սրտառուչ էր անոր բուխսրտութիւնը մեր մամուլին բոլոր թշուառական–անօթիներուն հանդէպ: Օ՜, «հերոսներ», նահատակնե՜ր, խոնարհ այդ «մեծութիւննե՜րը», աղքատօրէն «քանքարաւոր», որոնք իրենց փարիայի ճակատագրովը, իրենց վսեմ «զոհաբերմամբը» առիթ կու տային անոր, երկու սիւնակ զեղումներու Գահիրէէն դուրս, Սուրիա կամ Ամերիկա, աս ու ան եռօրեայի կամ տասնօրեայի մէջ: Հայ մամուլին այս համեստ սպասարկուները, շաբաթ առաջ անոր յօդուածները կ՚աւետէին իրենց ընթերցողներուն՝ «ուրախ ըլլալով, որ մեծահռչակ արձակագրին այնքան կորովի, փնտռուած, մնայուն աշխատակցութիւնը ապահոված էին միանգամ ընդմիշտ, յետ այսու, կանոնաւորաբար ի լոյս ընծայելով անոր անզուգական գրչին թանկագին արդիւնքները, այսպէսով անգամ մըն ալ ապացոյցը տալով, զուտ յօգուտ ժողովուրդի բարւոյն, իրենց ստանձնած արդէն ծանր զոհողութեանց շարքին, նորի մըն ալ, հայ տաղանդաւոր գրագէտները կապուած պահելու իրենց օրգանին: Այս կարգադրութեամբ, երկիցս բարեբաստիկ ընթերցողները պարբերաբար պիտի ըմբոշխնէին գլուխ-գործոց այն վիպակները, որոնք անոր անունը ոսկետառ ու անջինջ քանդակած էին հայ դպրութեանց համեստունակ կամարներուն ներքեւ»: Այս պայծառ ռեքլամին կը հետեւէր երկու սիւնակ թւում, գործերու անուն, շփացուած կենսագրութիւն, որոնք շանթահարիչ տպաւորութիւն կը գործէին բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր չէին կոխած անոր ոտքերը ու չէր ծաւալած շունչը: Առհասարակ օրերնին համրուած այս թերթուկներու ֆինանսական խօթութեան վաղածանօթ, Սահակ Պարգեւեան, փրցնելու, իր բառերովը՝ «յետս թափելու» համար ի սփիւռս աշխարհի խոստացուած, գալարափողւած իր աշխատավարձը այդ գազաններուն ժանիքէն (իր Կենդանիներու դասակարգութիւն տիտղոսով սրամիտ ֆանթեզիին մէջ անիկա բոլոր խմբագիրները դասաւորած էր երկոտանի գիշակերներու ամէնէն կատարելագործուած տեսակին մէջ, անոնց համասեռ ու համաստիճան տալով հուղկահարները, քuակահատները) կը սպասէր մինչեւ երրորդ նամակը: Յոյսն ու պաղարիւնը մեր գրողներուն մեծագոյն առաքինութիւնները եղան: Մինչեւ որ չարաչար «ծուղակուելէն» կատղած նստէ՜ր չորրորդ նամակին առջեւ: Երկու մեծադիր էջ հայհոյութիւն կաղապարելէ յետոյ, մեղքնալով հանդերձ պահարանին, բայց վրիժախոյզ կը յանձնէր նամակը փոստին՝ առանց դրոշմաթուղթի, տուգանքի ենթարկելով անբարեխիղճ «գրչուկ»ները, կը զովանա՞ր, թէ կը զայրանար: Անոր ատելութի՜ւնը դարձեալ, աննահանջ ու միապաղաղ, հայ միտքին հզօրագոյն ցեցին, գրավաճառին դէմ, որ «սատկած էշերու պայտերը քակելով» (կ՚ակնարկէր անոնց ծագումին, փոշայական բարքերուն, անսպառ ախորժակին ու գրագէտը վաճառելով անձնդիւր ապրելու անոնց նենգ ու նուաստ տաղանդին) հիմը կը դնէր երբեմն փայլուն տնտեսութեան: Այս անհասելի ասպատակութիւնը անիկա խարանեց պարտ ու պատշաճ զայրոյթով, գիտնալով հանդերձ արհեստաւորներուն ընդերկրեայ գապապին անվրէպ պատուհասը, որով վերցուեցան իր գրքոյկները շրջաբերութենէ, իբր սպառած ու մոռցուցին իր անունն անգամ, զանցելով զայն գրացուցակներու էջերէն: Եղաւ ընդդիմադիր ժամուն ու դպրոցին, մուշտակաւոր բարոյախօսներուն, յեղափոխականներուն, որոնք «կը հալածէին» զինքը: Իրականին մէջ իր դժբախտութեան մէջ խորասոյզ երջանիկ մարդն էր անիկա, սեռէն ու փորէն դուրս: Շահեկան է անոր բարոյական դիմագծութիւնը սեւեռող քանի մը առածներ դնել այս տողերուն թնճուկին մէջ: Անիկա չէ ըսած այս բառերով, բայց մտածած անոնց պարունակէն: Անիկա կը պոռար նոր ժամանակներու աւետարանէն իր համարները ու կ՚ըսէր.

Մաքրեցէք Տիրոջը ախոռները, որպէսզի արժանաւոր դառնան ընդունելու խոզերը, որոնք մարգրիտ չեն ուտեր, բայց ոսկի կը հագնին ու իրենց մեղքերուն ադամանդ ծրարները կը ձգեն դուռին, ելլելու ատեն կրկին առնելու իրենց ուսերուն: Վասնզի մեղքը սրբութիւնն է հիմա, «աւետարանուած» ու մկրտուած: Զինուորուհիները աւելի կ՚արժեն, քան սրբուհիները:

Մաքրեցէք Տիրոջը այգիները տատասկէ ու լուիճէ, որպէս զի անոնց արգանդները պեղուին լուսեղինէջ, «բանաւոր» բրիչներով ու տունկերուն ոսկի շուքին՝ փրկութեան նախիրները իրենց ապասում, ցաւագար մոլութիւններով մակաղին ու կենսագործուին:

Մաքրեցէք Տիրոջը անդաստանները, որպէսզի անոնք արժանի ըլլան ընդունելու իրենց մաքրամաքուր որովայններուն մէջ սերմերը ոսկի, արծաթ, զմրուխտ ու ադամանդ առաքինութիւններուն, ու բեղմնաւորին «բանաւոր հացով», դժբախտ, ժառանգազուրկ սրտերը բարի Աստուծոյն:

Մաքրեցէք Տիրոջը աղախիններուն սիրտերն ու երեսները, օծեցէք զանոնք նարդոսեան եղով ու հալուէով, հանդերձելու համար անոնց առագաստները երկնային փեսային ու անոր երկրաւոր փոխանորդներուն:

Մաքրեցէք Տիրոջը կոկորդը, վասնզի ուղտերու փոխան երկրամասեր են հասուն...:

Երկար է շարքը Սահակ Պարգեւեանի նման պատգամներուն: Արժէ՞քը: Անշուշտ Զարադուստրայէն ետքը, մեր մեծատաղանդ արձակագրին նշմարանքները, հոս ու հոն ցանած գաղափարի զանակները փաստ մըն են մեր խեղճութեան ու հասկնալի կ՚ընեն մեր գրականութեան անդարմանելի բորոտութիւնը (քանի որ այդ վիճակը պաշտպանող ու պաշտող միայն ունեցանք եւ ունինք մինչեւ այսօր, ուրանալով նորին պահանջը): Բայց պետք չէ մոռնալ, որ այդ գաղափարագրութիւնը մեծ չափով սնած է անոր կեանքին պայմաններէն: Չի բաւեր, ուրիշ շարլաթաններու ըրածին նման, մեր մէջ դարձեալ, օտարին նպաստովը ապրիլ մայրաքաղաքներու փարթամ կեանքը, եւ աղքատութեան, քանդումի քարոզ կարդալ, ուղտերու կռնակէն ու պուրժուաները շողոմել, «ամսական» ապահովելու հասկնալի փերեզակութեամբ: Դարձուցէք աչքերնիդ մեր ջոջ գրողներուն վրայ ու պիտի տեսնէք անջրպետը, որով կը զատուի Պարգեւեանի ժխտումը դեռ ապրող, ուտող-ուրացող մեծ ոչնչերգակներուն հռետոր կեղծիքէն: Սահակ Պարգեւեանի խարանն ու խարազանը խոր տառապանքէ կու գան ու «կենսաբանական» երեւոյթներ են: Զրկումի, կեղծիքի հսկայ գօտիներէ թեւ բացող անարդարութեան համապատկերը, որով պատմութեան պիտի անցնի մեզ կանխող դարուն վերջամասը, զայն ըրաւ մաղձոտ: Որքան ալ քիչ խոր, յեղափոխական ընդվզումը անոր մտքին խանձարուրքը կազմեց ու գերակայութեան առաջին հարուածները, նոյն այդ Արեւմուտքէն իջած մեր գլխուն, մեր դատին գլխուն, անոր մէջ քայքայեցին ներդաշնակ հաւասարակշռութիւնը ընդդէմ պարմանութեան մտքին ու անոր գործունէութեան դաշտը եղող աշխարհիկ, իրական կեանքին, որ ի վերջոյ իր ժողովուրդինն է նորէն: Կա՞յ, ուրիշ մեզի չափ դժբախտ երիտասարդութիւն մը, որուն հայեացքը բացուած ըլլայ այնքան լայն հորիզոններու եւ ոտքերը դրուած՝ կոյանոցի մը փոսին: Մտաւորականը, ուրիշ ժողովուրդի մէջ, ծաղիկն է անոր խուլ ուժերուն ու կապ մը՝ երկինքին ու երկրին մէջտեղ: Զանգուածը, որ հողն է միշտ, անոր թեւերովը կը հաղորդուի երկինքին: Ու ասիկա այսպէս, դարերու վրայով: Ամէն անգամ, որ երիտասարդ միտքը կտրւած է, որեւէ պատճառով զանգուածին հետ իր շփումէն, բան մը խանգարուած է այդ ազգին կազմախօսութեան մէջ: Ո՛վ որ կ՚ուզէ ժողովուրդ մը կործանել, թող դպի հաւասարակշռութեան այդ զսպանակին: Մարդոց տեսակարար կշիռը (ֆիզիք՝ ինչպէս իմացական մարզէ) կը ճշդուի առաջին երիտասարդութեան մէջ: Տարիներուն յետոյ բերածը ջնարակ է, նեցուկ է: Փորձառութիւնը հոմանիշ է վարանքին, որ, իր կարգին, հոմանիշ է ուժերու ծանծաղումին կամ կրացումին: Կեանքը կրողը անոր վերին գործարանները չեն, խորհրդարան կամ լորտերու ժողով, այլ՝ գործօն մասը անոր բջիջներուն, երիտասարդութիւնը միշտ: Սահակ Պարգեւեան երիտասարդ եղա՞ծ է երբեք: Եթէ տարազը փորձենք անոր խառնուածքին, պիտի ստիպուինք տարտամ բառերով դիմաւորել հարցումը ու ըսել կցկտուր բաներ, կանչել ի նպաստ սանկ ու նանկ դրուագներ, ընկերային պայմաններ, ճարահատ պարագային՝ հիւանդութիւն կամ ժառանգական fareեր: Բայց անոր մի՞տքը: Ուրիշ բան չեղաւ այդ կեդրոնը անոր մէջ: Ու ինչ որ անոր գրականութեան ուժը կազմեց, այդ երիտասարդական խանդը, պոռթկումը, թարմութիւնը եղաւ: Վրիպա՞նքը: Սահակ Պարգեւեան զարնուած իր յոյսերուն աւերակէն, հիմնական նո՜թը անոր բոլոր երեմիականներուն, զարնուած իր իսկ ժողովուրդին փերեզակ վատութենէն (այսպէս որակեց անիկա իրեն հանդէպ մշտագոյ անտարբերութիւնը միտքին մարզերէն, այսինքն՝ այն շրջանակէն, որ պաշտօն ունի ազգային մշակոյթին հսկողութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովել եւ որ փղշտացի պահակութիւն անուանուած է անկէ), քսանին իսկ ծեր էր արդէն: Անիկա կաթին հետ ձանձրոյթ էր ծծած: Ու փորձեց իր ձանձրոյթը ամոքել բղջախոհօրէն կերպ մը, աս ալ, անշո՛ւշտ, ուրիշ շատերու նման: Ամէն մարդ իր ատելութիւններն ու համակրութիւնները կը պարտի իր խառնուածքէն: Ընտրեց կի՛նը. վասնզի բնազդի քնարերգուն էր ինքը: Արհամարհեց իմացականութիւնը, թերեւս անոր բարձրագոյն կատարներուն դիմացէն նախանձորդ ու սեպհական բոպիկութեան գիտակից: Արհամարհեց այդ գօտիին բոլոր հանգամանքները ու իր գրականութեան մէջէն վտարեց ինչ որ կիրք ու յուզում, պատկեր ու փայլակ չէ: Պարզ էր, որ սրտեռանդն յարէր պիտի այդ օրերուն հռչակի հասած յաւակնոտ վարդապետութեան մը, որ միտքը, գիտութիւնը սանկ կը հռչակէր ու ներհայեցողութիւնը, գործնապաշտ ծփանքները մեր եսին՝ կեդրոն կ՚ընդունէր նոր աշխարհայեցութեան: Այս կեղծիքով՝ Սահակ Պարգեւեան կը փակէ՞ր իր խղճահարութիւնը իմացական իր բոպիկութեան վրայ: Ի պատիւ իրեն պէտք է յայտարարել, որ չեղաւ ճարտար խաչագող, յատուկ անուններու եւ վարդապետութեանց «գնդասեղող» հաւաքիչ (collection շինող), ինչպէս ըրին ուրիշներ, մէկը աժան զաղափարները քիչ մը պատկերի պղպեղով կամ սրամտութեան փոշիով այլացնելով, ուրիշ մը շիտկէ շիտակ օտար ապրանքները հայացի վաճառելով, անցնելու համար քննադատ կամ արուեստագէտ: Ի պատիւ իրեն պէտք է յայտարարել, որ ընդունեց իր միտքին պարտութիւնը ու զգուշացաւ մեր օրերու լրագրական հասարակ տեղիքները հերկելէ ու իբր մտածում պանդոյրներուն հիացումին հասցէագրելէ: ... Չեմ խօսիր հոս բարոյական զգայարանքի բացարձակ իր պակասէն: Ու կ՚արձանագրեմ տարօրինակ, տխուր փաստը, որ կու գայ իրմէ ու նմաններէն, մեր գրականութեան սպասաւոր, բայց հանրանուէր կեանքի անատակ մարդոց կամ կեղծ կամ ռոմանթիք պատրանքը, որմէ պատմուճանուած ոտք նետեցին անոնք պայքարին, զրկանքին, զոհողութեան մեծ կրկէսները, ու իրենց տկարացմամբը պարզեցին տխրագոյն անկումներ, մեր առջեւ դնելով անկանգնելի մեր կործանումին աղաղակող վճիռը, մեր միտքին այլասերումը: Ի՞նչ էր գործը իր ու նմաններուն, ինչ է գործը մինչեւ այսօր ալ այն միւսներուն, գիտենք մեր վրայ, որ գերազանցապէս հաւատք, կուրութիւն, մոլեռանդ ուղեղ կը պահանջէ եւ ուր կ՚ելլէին տաղանդէն առաջ, բառէն առաջ, ածականէն առաջ, ուղղութիւնը, պարզութիւնը, ժողովուրդ ըլլալ կարենալու վերնատուր շնորհը, մա՛նաւանդ իր անձը ստորագնահատելու հերոսակա՜ն լուսամտութիւնը: Յեղափոխութիւնը ամէնէն քիչ կը հաշտուի դրական եսամոլութեան հետ: Մեղադրանք չէ, որ կը բանաձեւեմ: Արուեստը, շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ, խորապէս անձնական, կը խցէ՞, ինչպէս կը հաւաստեն ոմանք, մեր հոգիին այլահոս կամ այլընկալ ուղխերը: Տեւողութեան կարճ պարունակէ մը, մարդիկ դժուար պիտի հանդուրժեն հակառակը: Աճեցուցէք պարունակը. այն ատեն պէտք պիտի չզգաք զատելու գործողը գործէն: Ինչո՞ւ միտքերնուս չ՛անցնիր հեղինակներ փնտռել հնութեան անանուն գլուխ-գործոցներուն, որոնք հազիւ կ՚ընդունին որոշադրականութիւնը մեր պայմաններուն: Այսօրուան ցցուն անունները քանի մը հազարամեակի մէջ պիտի մաշին իրենց գործերուն վրայէն: ... Յեղափոխութի՞ւնը: Ի հարկէ, անկայուն, մշտաբորբոք արուեստ է անիկա ու կ՚ապրի հակառակովը եսին: Ինքզինքը պարսպողը, ինքզինքը խորացնողը, ինքզինքը աշտարակողը այդ իսկ մարզումին յաճախանքովը կը սպաննէ այլասէր իր մղումները, իրմէն դուրս ալ հակելու, տարածուելու, ուրիշին ալ վրայ բացուիլ յօժարելու: Սահակ Պարգեւեան արագ ու թռուցիկ իր ընթերցումներուն մէջ, մելանին ու թուղթին հանդէպ իր անյաղթելի զզուանքէն կախակայուած՝ շատ չհետաքրքրուեցաւ դարավերջի այն տեսութիւններով, որոնք արդի քաղաքակրթութեան ա՛լ բորբոսած նուաճումները քանդել կը ձգտին: Այդ բաւիղը այլապէս անհրապոյր ու՝ շրջումով՝ տափակ, քանի որ կը յանգի զանգուածին, գրգռեց իր հակամարտութիւնը ուրիշ ճամբայէ: Անոր յաճախորդ իր ընկերները ծաղրելու առիթը կու տար: Միւս կողմէն՝ ամէն մարդ մինչեւ աստիճան մը փոքր զգեստին մէջ ինքզինքը տխուր կը զգայ: Կու գայ ատենը, երբ կը ձանձրանայ ու կը նետէ մէկդի: Ապաբարոյ, գեղեցիկ, ձրի գրական բացատրութիւնները ծանրիմաստ ածականներ ըլլալէ առաջ, անոր համար ձեւեր էին խառնուածքի, ինչպէս՝ ուրիշներու համար՝ միւսները, բարոյալիցը, ազգօգուտը, կրթիչը, բարձ րացուցիչը: Ու բազմամիլիոն խաւեր ատոր յուռութքովը կը դիմաւորեն ողբերգութիւնը ապրելուն: Մենք կու գանք աշխարհ, մէկ կամ միւս պարունակէն եւ Սահակ Պարգեւեան ատեց տեսութիւնը, դատումը, հմտութիւնը, գուցէ անձնական անկարողութեան մը կենդանակերպէն (ամէնէն ձախորդ ուսանողն էր անիկա, տեւական ձգողութեան տակը իր հիմնական հակումներուն, կարդալու տեղ՝ թռչելու, մտածելու տեղ՝ ապրելու սիրահար), բայց ատելով մա՛նաւանդ ատոնցմով գարգմանակուած իր մէկ քանի ընկերները ու անոնց յաջողութիւնը: Հակառակ ահաւոր իր ողջմտութեան, որով գրական գործի մը թաքուն արժանիքը անվրէպ կը ճշդէր, անիկա չեղաւ քննադատ, վասնզի կը հաւատար գործին, բայց ոչ անոր մակաբոյծներուն: Չըրաւ տեսաբանութիւն, չունենալուն, ոչ մէկ վարդապետութիւն, որ կնիկի մը ծոցը փոխարինէր առաւելութեամբ: Մտքի հեշտա՞նք, արուեստի խռո՞վք, գաղափարի գինովութի՞ւնը, բառեր, որոնք մարմին կը կազմեն իր պարսաւին իբր հակածին: Ո՜վ գիտէ: Անիկա զարկաւ իր թշնամիները այդ բառերուն նիզակներովը ու դժուար է իր արձակին այնքան բաբախուն գնացքը տարազել անանձն արուեստով, ինչպէս դժուար է հաւատալ իր էջերուն թելադրել փորձած լայն, համակող յուզումին: Կե՞ղծ, ինչպէ՜ս իր կեանքը, ինչպէս իր սիրտը, ինչպէս իր միտքը: Գուցէ՜: Բայց այնքան կատարելագործուած, որ մարդ չի կրնար զատել հարազատէն: Այդ կեղծիքը հագաւ անիկա իր մորթին նման: Կ՚արժէ իր մտքին իբր փաստ յիշատակել անոր կեցուածքը գիրքերուն դէմ: «Ուլականջի խեփորներ», խեղճ այդ գիրքերը, իրե՛նց ալ անպէտ կափուցումին մէջ յօշոտուած, պարպուելէ ետքը կաթիլ մը դոնդողէն, որ կեանք կ՚անուանուի: Ասիկա տարազ ըլլալէ աւելի անկարող նախանձի ապացո՞յց մըն էր, ինչպէս ուզեցին փսփսալ իր հակառակորդները, անոր գրական լիութեանը շրջանին իսկ: Իրողութիւն է իր կարծիքը սակայն, որուն համեմատ լաւ գիրքերը (կը հասկնար լաւ կառուցուածը, հաճելին, հաղորդականը) ներքինիներ միայն կը գրեն: Նոյն այդ կարծիքով, ապուշ էր, եթէ ոչ ցաւագար ա՜ն՝ որ թուղթերու վրայ կը վատնէր ինչ որ կանչուած էր միսերու մէջ յառնելու: Գիտակցուած տեսութի՞ւն, թէ յետ պարտութեան չքմեղանք, քանի որ գրեց այնքան քիչ ու ցանեց սերմը այնքան առատ: Ամէն օր, զգայարանքներու մարզէն ինքզինքը հերքող տաղանդաշատ այս հտպիտը չտառապեցա՞ւ, երբ անդրադարձաւ մեծագոյն իր դաւաճանութեան: Հանդէպ որո՞ւ:   Բայց Արուեստի՜ն, գլխագրուած արուեստին: Հարցականը արդար է ճղճիմ արդիւնքին առջեւ, մէկու մը դէմ, որ ինքզինքը մշտապէս անոր նուիրուած տեսաբանեց: Ղեւտացի, քահանայապետ կոչեցին զինքը, հեգնովի ու չբողոքեց: Չբողոքեց, աւա՜ղ, վասնզի ինքզինքը պաշտպանելու համար մարդ պարտաւոր է նախ հաւատալ այդ ինքզինքին: Անոր համար արուեստը մէկն էր պատրաստ տարազներէն, որոնք ներկուած, հաճելի, ի սպաս կը դրուին պանդոյրներուն ու ամբոխներուն, երբ ատոնց յիմարութիւնը փորձենք քառակուսել: Ու հետաքրքրութեան համար կը զատեմ քիչ մը բան անոր փարատոքսներէն, որոնք կորիզը կը խտացնեն անոր ըմբռնումներուն, բացառիկ, բարբարոս, հրէշային, բայց տարօրէն հաշտ իր կենցաղին, հասունցած անոր գայռին ու գիջութեանը մէջ: Հարցուցին անոր.

«Ի՞նչ է աշխարհը»:

Յիմար հրախաղութիւն:

«Լուցկինե՞րը»:

Զիստերը կիներուն: Անիկա իմացական ամէն երեւոյթ միսի կը կասէր ու կ՚ընէր ատիկա բնազդական իմաստութեամբ, գուշակի նման ու նման վհուկի:

Հարցուցին անոր.

«Ի՞նչ է երկինքը»:

Ամայի կապոյտ, աղի ու անպէտ, ատենին՝ ապակի էր գոնէ, հիմա՛՝ չէզոք օդ:

«Մա՞րդը»:

Անասուն կամ գազան:

Կը լուսաբանէր պատկերը՝ ստամոքսով կամ ճիրաններով:

Երբ դիտել տուին, թե «նոր» չէր ատիկա».

Հիներուն մէջ թերահաւատ էր տարազը. հիմա՝ ուղղափառ ու անսխալական:

«Ամէ՞նքը»:

Ոչ իսկ ի՜նքը, որ ըլլար դուրս տարազէն:

«Ուրիշ ոչի՞նչ, աս աշխարհէն»:

Անշո՛ւշտ. կինե՜րը:

«Այսի՞նքն»:

Հանգիստի պատա՜ռ, գազանին վայելող:

«Աղմո՞ւկը, որ անոնցմով կը յուզէ աշխարհը»:

Որպէսզի փրկուի կտրտուքը ակռաներուն ու հառաչա՜նքը «յօդուածներ»ուն:

«Աղջի՞կը»:

Խո՛տ՝ անասուններուն:

«Այսի՞նքն»:

Համրիչի հատիկ:

«Այսի՞նքն»:

Նայեցէք ասոր:

Մօրուքն էր բռներ: Մարդիկ հասկցան, թէ ինքզինքը կը նըմանցնէր տէրվիշներուն, որոնք աղօթքին տուները համրիչով կ՚աղան ու…: Երբ նեղեցին զինքը, պահանջելով պարզումը փարատոքսին, լռեց, նշանացի ցոյց տալով հասուն կիները, որոնք «աղջիկ չէին ա՛լ»:

«Աւելի՞ն»:

Չէր հասկնար, ինչ կ՚ուզէին հարցումով:

«Մա՞յրը»:

Պատահական ջլախտ:

«Այսի՞նքն»:

Յիմարութիւնը կարգ մը դեղձերու:

«Ուրե՞մն»:

Ի՞նչ:

«Սահակ Պարգեւեա՞նը»:

Թօթուեց ուսը ու անցաւ անդին:

«Ուրի՞շ, ուրի՞շ»:

«Այսի՞նքն»:

«Ա՞զգը»:

Այո՜, շուրջառուած սողում, փերեզակներու ածու, պանդոյրներու մրգաստան:

«Ի՞նք, այդ ազգին մէջ»:

Դուրս էր անկէ:

  «Ազգե՞րը»:

Մեծցուցէք շուրջառը:

Սրամի՞տ, այս ամէնը:

Ոչ անշուշտ: Անոր ցաւերէն մէկն ալ անկարողութիւնն էր սրամիտ ըլլալու: Կտրուկ՝ անոր մտածում ը ժխտումի զառիթափէն կ՚իյնար պարսաւ, խանդի ջուրերէն՝ դէպի հեղեղատները հռետորութեան: Իր հիացումը անհուն էր, իր գիծէն ու տաղանդէն իրեն ժամանակակից ուրիշ գրողի մը մասին, որ, կրքոտ ու յեղյեղուկ, կը զովանար իր մեղուի, պիծակի խայթումներովը ու կը շարունակէր տառապիլ, հարուածէն վեր: Խնդա՜լը, կրնալ ատ բանը ընե՜լը: Զուրկ էր ծնած այդ բախտէն: Վասնզի կը տեսնէր, որ միւսը, անօթին ու իրեն պէս հալածուածը, այդ պուտիկ մը ժպիտով տանելի կ՚ընէր ինքզինքը իրեն ու զինքն ալ աշխարհին: Սահակ Պարգեւեան իր տարազները կը հանէր իր մաղձին գուբերէն ու ոսկորներէն: Հարցուցին անոր.

«Թուրքին գերի իր ժողովո՞ւրդը»:

Մտածեց ու խոնարհեց աչքերը:

Ու ամէն անգամ, նոյնիսկ ամէնէն անսիրտ պարսաւին տենդին մէջ, անիկա պարտաւոր զգաց ինքզինքը զուսպ ընելու այդ հարցականին դէմ: Չէր կրնար հերքել իր գոյութեան իսկ պատկե՜րը: Քառորդ դար ամբողջ, այդ կենդանակերպէն, անիկա շողացուց (իրաւը, սուտը ինք միայն պիտի վճռէր) մեծ իր իմացականութիւնը, ու «հսկայ» սիրտն ու սէրը ի սպաս դրաւ այդ սրբազան դատին, երբ կանամբի, անդնդային իր սուզումներուն մրուրը պուկին՝ ելլէր վեր, ջուրի երեսին: Կապո՞յտ, հո՞վ, զո՞վ փնտռելու: Օ՜, ո՛չ: Ի՞նչ կար հոն արդէն: Չէ՞ որ պատմած էր տասը փարանոց այդ ապակիին անվերածելի ու անհուն փոշին, կարճ իր պատգամովը: Չուրացա անշուշտ մեր ողբերգութիւնն ու չեղաւ մէկ քանիներու չափ իմաստուն, մեր մորթուելուն պատճառը մեզ ընդունելու, ինչպէս ըրին աւելի վերջը նոյնիսկ պարկեշտ մարդեր, մուկին չներուած յանդգնութիւն մը պատրուակ առնելով: Բայց շահագործեց մեր աղէտով մեր մէջ զայրագնուած թերութիւնները: Ըսի, թէ անոր պորտին կապը կտրւած էր Բիւզանդիոն: Ըսել կ՚ուզեմ՝ եղելութիւնները նանրութիւններու վերածելը հոմանիշ է մայրաքաղաքացի ծնելուն: Մասնաւորելով մեր վրայ, ըսել կ՚ուզեմ՝ անգամ մը թուրքին ահէն ինքզինքը դուրս զգալէ յետոյ, անիկա պիտի մանէր շատ բարակ, ու հակառակ ահաւոր իր սրատեսութեան, իրատեսութեան, պատրանաթափ վիճակին, եղաւ անիկա կամովի կոյր ու պոռպռան: Չտեսաւ, թէ ինչ կ՚արժէ՜ր իր սերունդը, ի՜նք՝ որ իր արժածը գիտէր շատ լաւ: Ինքն էր, որ մեր ժողովուրդին հայհոյելու քիչ մըն ալ հասարակ կեցուած քը փրկել փորձեց, զայն՝ այդ կերպը, վերցնելով ոճագեղ պարսաւի ու իր ընկերները բզկտելու տենդին մէջ բարձրացաւ վաւերական զայրոյթին: Չուրացաւ հայուհին: Բայց անոր սրբազան, անպաշտպան դժբախտութիւնը նիւթ ըրաւ զահանդագին, կեղծ, գայթակղութեամբ միայն տպաւորիչ պատմումներու ու երգել կարծած այնքան սրտառուչ մեր սուգը կորակոր լղրճեց ու ըրաւ զազրելի: Անոր այն պատմւածքներուն մէջ, ուր մեր կիներն ու աղջիկները կը պառկեցուին անդամահատութեան, գարշանքը կը պտըտի, ծանր ու խղդող, նման քլորոֆորմի: Ու պարտակելու համար անհուն ու ապաբարոյ իր օտարութիւնը (անորակելի պատրա՜նքը մեր բոլորին, երբ մեր ցաւին մեծութեամբը տպաւորել փորձեցինք ու ստեղծեցինք լացի գրականութիւն, չկասկածելով, թէ ազգերը օտար են ազգերուն ընդմիշտ: Զիրար պիտի ատեն, հետեւած ըլլալու համար օրէնքին, որ հասարակ տեղիք է արդէն: Մեր Եւրոպա մեծցած սերունդը հազիւ պահեց իր կապը իր ժողովուրդին հետ) անիկա մթերեց, սեւեռեց այդ լխկումներու արնաշաղախ փտումներուն վրայ ծիրանի ու բզզուն ճանճերը ոճին, զարդ, շող, գոհար, փոխաբերութիւն: Միւս կողմէ՝ աճեցուց մեր ժխտական, կոտորակուած, ճճի փոքրութիւնները, վերածելով զանոնք ցեղաբանական բջիջներու ու ճզմեց մեր պարտութիւնը, կրկնակի, մեղքէն զառածած ու արժէք դարձած առաքինութեանց ծանրոցին ներքեւ: Մեղքցաւ անշուշտ մեծ ողջակէզը, բայց ամէնէն շատ իր իսկ տաղանդը, որ պիտի ճզռէր, ճզռած էր դատակնիքովը ցեղային ծնունդին: Երբ դիտել տուին իր պատանութեան շրջանի խանդավառ մտաւորականութիւնը, աւելի վերջը, այդ դատին համար թափառական, տարագիր, ողբուկոծային, մեծաթռիչ, «սահմռկեցնող» իր գրականութիւնը,

Հաց, պատասխանեց ու անցաւ:

Երբ դիտել տուին միւսները, ընկեր կամ ոչ, որոնք չէին դասալիք, իրմէն աւելի դժխեմ պայմաններու տակ,

Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ…, կրկնեց ու անցաւ:

Երբ շօշափեցին իր տրամադրութիւնը, աւելի ճիշդ՝ դատումին կերպը տէրունական աղօթքին միւս համարին մասին, որուն մէջ պաղատանք կայ «փորձութեան չտարուելու»,

Թո՜ղ կարգուէր…, պատասխանեց:

Ամերիկացի միսիոնար մըն էր այդ ընդդիմախօսը, քաջածանօթ գրագէտին անցեալին: Որ մնաց կարկամ՝ լրբութեան սա չափէն, բայց չնահանջեց: Անիկա պաղարիւնը գտնելէ ետքը վէճը փոխադրեց բարոյախօսական մարզին ու դրաւ մէջտեղ «մարդկային արժանապատուութիւն» որակուած ոսկեհատիկը:

Մարդկայի՜նը, բայց ինչ գործ ունիք հոս, պոռաց Սահակ Պարգեւեանը անոր երեսին: Ի՜նչ գործ ունիք հոս մեր մէջը փնտռելու: Անոր հայրենիքը, Ամերիկան է, ա՜ն՝ որ Տէրոջը փառքին համար, փորձութեան գացող արարածները լինչով կը սպաննէ, անշուշտ, յանուն Սուրբ Հոգւոյն: Սահակ Պարգեւեան մասնագետն էր թատերական է զայրոյթներուն: Մի մոռնաք, որ պորտին կապը ինկած էր Պոլիս: Ու կը նմանէր մարդոց, որոնք իրաւունքը կը շահին իրենց կոկորդով: Ամէն հռետոր, մեծ մասով՝ եթէ ոչ ամբողջ, ինքզինքը կը պարտի իր ձայնին: Անիկա ջախջախեց միսիոնարը, հայերու մէջ գործած առաքեալ, աստուածաբան, բժիշկ «հոգւոց եւ մարմնոց», քառորդ ժամ տեւող հեղեղի մը մէջ ոչ թէ մեղքի, այլ՝ «անառարկելի» առաքինութիւններու, որոնք մեր ժողովուրդին նուէրները եղան իր կազմակերպութեան կողմէ: Անիկա ամբաստանեց Պորտը, լուսաւորչականներու դասական զէնքերով, որոնք անոր պերճ բարբառին տակ ծիրանի, մեծվայելուչ քղամիդներ եղան: Սահակ Պարգեւեանին նախասիրած գետինն էր ատիկա: Ամբաստանեց հսկայ ու «քառակուսի» կազմակերպութիւնը, որ զանազան անուններով ու մարզերու վրայ ըրեր էր ամէն բան՝ խրամատելու, նոր ժամանակներու ամէնէն շիլ զէնքերով, արդէն խարխուլ զրահը մեր ժողովուրդի հաւատքին: Որ խաթարեր էր ազգային աւանդական բարոյականը ու խորտակեր հոգեկան միութիւնը, ապականելով նենգ ու պղտոր միջոցներով, հաւատքին իսկ պետութիւնը, զայն վերածելով հացի, ազդեցութեան, գործի ամենազօր ջաղացի մը: Ի զուր, ընդդիմախօսը, պարկեշտ մարդ, փորձեց տրիբունը բերել իրողութեանց, հաստատել իրենց գործին իսկական արժէքը մեր բարքերուն մէջ բերած բարոյական աւելի պարզ, աելի մաքուր ըմբռնումներուն փաստերով: Սահակ Պարգեւեան առաւ անոր ձեռքէն մանրագիր Աւետարանը ու բացաւ գլուխը, ուր գրուած է գայթակղութեան առակը: «Լաւ կ՚ընէ, որ երկանաքար կապէ ճիտին ու մտնէ ծով ա՜ն՝ որուն ձեռքովը գայթակղութիւնը պիտի գայ»: «Փրկիչին» բերնով այս մեծ ճշմարտութիւնը կամացուկ կրկնեց անիկա միսիոնարին ականջին ու համարն ալ քսեց քիթին: Անիկա քաշուելու ատեն կը հրաւիրէր բոլոր պատուելիները հետեւիլ «Տէրոջը» օրինակին: Հայ ժողովուրդը ունէր իր Քրիստոսը Ամերիկաներէն եւ Եւրոպաներէն շատ առաջ: Ի՞նչ էր իրենց դերը, եթէ ոչ՝ գայթակղութիւնը ժուռ ածել տանիքէ տանիք: Անիկա ամբաստանեց Ծայրագոյն Արեւմուտքի այդ քրիստոնեայ, մեծափարթամ ու արդար հասարակապետութիւնը, որ, ձգելով վաչկատուն, «լոյսի իրապէս կարօտ», բարբարոս ցեղերը «աւետարանելու» գեղեցիկ, թերեւս քաղաքակիրթ ալ գործը, եկեր էր Արեւելք, իր միսիոնարներու սպայակոյտով, ու չտեսնելով թուրքերը, կը քանդէր, առանց խղճահարութեան, դարաւոր եկեղեցի մը, խաղաղութեան ու սիրոյ գիրքէ մը հանելով մոլեռանդութեան, ատելութեան, կիրքի կարմիր փոթորիկ մը, լարելով եղբայրը եղբօր, զաւակը՝ հօր, ու մայրը՝ աղջկան դէմ. արիւնոտ բախումներ անգամ չվարանելով քրքրել Անատոլուի հեռաւոր գիւղերուն իսկ խորը: Օ՜, օրինապահ անոնց կեղծաւորութիւնը, որով հաճելի ըլլալու համար թուրքերուն, ինքնաբերաբար մեր երկրին անունը ջնջեցին իրենց մամուլէն, ու գիրքերէն՝ մեր լեզուով գործող: Օ՜, անոնց աշխարհագրական կեղծանուն գոլէճները, որոնք մեր ժողովուրդին ընտրանին, մեր գաւառներուն ծաղիկը պատուելիներու սեւերամ ջոլիրի մը վերածեցին: Ու ատկէ աւելի ահաւոր, անոնց մերազգի փրոֆեսէօրնե՜րը, հաստ տգիտութեան ու «շահապինդ» գիշախանձութեան կիտուածազարդ նմոյշները, որոնք «իրենց Ամերիկային» քարտէսներովը կը ծածկէին իրենց տան պատերը եւ աղքատներու համար հոս ու հոն հաստատւած ուսումնաթոշակները անլուր, սրբազան ճարտարութեամբ մը կը շեղեցնէին իրենց օրինաւոր հասցէներէն, իրենց տղոցը կամ պարագաներուն, առնուազն բողոքականներուն գլխուն ուղղութիւն տալով նպաստներուն: Պարգեւեան չէ դադրած հրապարակելէ իր խոր ատելութիւնը անոնց գործնապաշտ, անհորիզոն ու տափակ կրթութեան դէմ, անիրաւ իր մոլուցքին մէջ տարածելով իր ոխը մինչեւ ժխտումը անոնց կրթանուէր գործին, զայն որակելով «անբանացուցիչ ու անբարոյ»: Անիկա կը խօսէր անունովը բանի մը, զոր վախցա՛ծ էր ունենալու: Ու կը պոռար պարկեշտ քարոզիչին երեսին.

Մրցանի՞շը ձեր առաքինութեանց:

Ու չտալով միջոց՝

Հանգիստի թոշակ ու գէջ ծերութիւն…:

Կապուտցեր էին անոր այտերը: Ցեղին դարաւոր զայրոյթը, Էջմիածնի միակտուր, «կրանիթ» աբեղաներուն անմահ ատելութիւնն էր, որ կը յառնէր անոր բերնով ցեղին յաւիտենական թշնամիին, պառակտումի վիշապին, հերետիկոսին ընդդէմ:

 

* * *

Ու որպէսզի ամբողջ ըլլար, գոնէ իր մասին մէջ, գնացքը սա վերլուծումին, անցնելէ առաջ բուն տրամին, ես հարկ կը զգամ տողելու, միշտ ամփոփ, պայմանները, նախատրամին, որոնք սկիզբ կ՚առնեն Արեւելքի գեղեցիկ մէկ քաղաքէն: Ան՝ որ Տիկին Գոհարեան անունով կ՚երեւայ այս վէպին մէջ, հիմա այդքան ջնջուած, ատենին արքենի, փառաւոր տիպար մըն է, գլխաւոր զսպանակը այս ողբերգութեան:

Տասը տարի առաջ արքենի կնիկ մըն էր ան, երիտասարդութեան վերջնական կաղապարովը, մեծավայելուչ ու կատարեալ, որքան խոր ու ցանկայարոյց: Կիները քիչ անգամ զգալի կ՚ընեն իրենց խորութիւնը: Բայց ցանկութիւնը չ՛ըմբռնուիր առանց անդունդի: Այն ատեն անիկա երկրորդ ամուսնութիւնն էր կնքեր, մոռնալու համար առաջինին մռայլ ու ներքնապէս փուտ պերճանքը: Ամուսնութիւնը, քաղաքներու մէջ, բախտախաղ մըն է, առնուազն «անխորհուրդ արարք» մը: Օրիորդ Արտեմիս (հարկ չկայ աղջիկութեան ծնեալին, տրուած ըլլալով ծագում էին համեստութիւնը) ըրաւ այդ անխելք քայլը, ինչպէս որակեր էին իր ընկերուհիները այդ ընտրութիւնը, «հօրը տարիքէն» մէկուն վրայով: Ըրաւ հաճութեամբ ու վստահութեամբ, ապաւինած իր աստղին, որ ջուլհակ Կարապետին խոնաւ տունին մէջ իրեն պէս գոհար մը բուսցուց հրաշքով: Ամէն սուտ բաներու կարգին, հաւատքը դէպի մեր աստղը եղերական է երբեմն: Ու երեք տգեղ աղջիկներու մէջէն իր քոյրերը, որոնք ծնած էին Տրապիզոնի կողմերը ու հօրերնուն բախտին հետ ինկած Իզմիր, հարս երթալու համար Իզմիրի ներքին քաղաքիկները, սանկ ու նանկ փերեզակներու եւ սափրիչներու զինքը զատող ու փառք առաջնորդող հրաշքը եղջերուաքաղ չէ: Մորթի ու աչքի յարդարանք մը՝ խրճիթէն մինչեւ պալատ բացուած անդունդը բաւ է լեցնելու: Գեղեցկութիւնը, դրամին գնով, առանց անոր ալ, կը ստեղծէ այդ պատրանքները, ընելով կիները անկարելի բան մը, իրենց իսկ աչքին: Հարցուցէք սա թոռմած պառաւին, թէ ի՞նչ կը ճանչնայ իր ձգելիք աշխարհէն: Իր հարսնութիւնը, պիտի պատասխանէ անիկա: Ծեր էլ անոր էրիկը, բայց հարուստ: Տիկին Արտեմիս տարաւ իր կամաւոր գերութիւնը հաճ ու պարկե՜շտ, եթէ չուզենք զբաղիլ դիւային անոր հնարամտութեամբը, որ անոր փրկութիւնը կ՚երաշխաւորէր «անվրէպ ստուգութեամբ մը»: Սեռային անկիւնաչափութիւնը մագիստրոսներ ունի նաեւ կիներուն, մա՛նաւանդ կիներուն կաճառին: Այդ գիտութիւնը անոր շնորհեց վկայականը, արդար վաստա՜կ անոր «ճգանց» ու եռանդին: Անոր էրկանը մահը, անշուշտ տարիքի արդիւնք աշխարհի աչքին, ու անխուսափելի հետեւանքը եղաւ անոր ճարտար հաշիւներուն: Թուզի, աֆիոնի, մանածի ու տակաւին ուրիշ շատ մը հաստատ «չվազող ու չհոսող» բաներու վաճառական, ատենին արիւնէն փարթամ, հիմա հիմնովին շիջած ընտանիքի մը վերջին շառաւիղը (աւելորդ չեն այս գիծերը, քանի որ տեսանելի կ՚ընծայեն մարդոց կարգ մը անյայտ կողմերը, եւ հասկնալի՝ զանոնք զարնող աղէտները), վաթսունի մօտ, հետեւաբար ներսէն մաշած, անոր էրիկը իր ո՞ր խելքովը կը գնէր այս կինը, առատ ադամանդով: Ամէնէն ձախորդը, «փորձա՜նքը» անոր գործերուն: Ուրկէ՞ ուր՝ իր իլիկները պարպած այս զառամութեան մէջ սա եղերական կրա՜կը: Բայց մենք, երբ կը դատենք ուրիշները, կը դատենք միշտ իբր հանդիսատես, այսինքն՝ դուրսէն: Կրակէն առնուողը այրուիլը պիտի յիշէ ամէնէն ուշ: Անիկա գնեց իր իսկ մահը, ինչպէս տրտմութեամբ սրախօսեց բանգէտ, փորձառու դասակարգը ապրած մարդերու: Յաճախ տարբեր սկիզբ չունին մեր դժբախտութիւնները: Մենք մեր ձեռքովը կը բանանք դուռը անոնց երեսին, որոնցմէ պիտի յորդի մեզ «սպառսպուռ ծախող» հրդեհը: Ու այդ երեսները մարդոց երեսներ են, կին կամ երիտասարդ: Չնչին այս պատահմունքը կը նմանի փոքրիկ, աննշան պալարիկին, որ աչքն է խլիրդին: Ուշ է արդէն, երբ կ՚ափսոսանք մեր միամտութիւնը, բարութիւնը, առնուազն գթութի՜ւնը: Կէսը մեղքով սէրերուն կու գայ այս պարունակէն: Անշուշտ, ուղղակի, ոճրածնունդ մահ մը չէր, որ կը նիւթուէր թուզի մեծ վաճառականին դէմ: Ընդհակառակն: Անոր կնիկը, հարեմական կարգերու ինքնադիր երկրպագու, պարահանդէս իսկ չելաւ, հակառակ էրիկին յայտնի արտօնութեան: Սուսիկ-փուսիկ, ինքզինքը ծածկած իր ապարանքին ոսկեզօծ մեծութեամբը, զարմացուց բամբասողներուն սպասումները: Բայց գործեց տակէն: Երկու տարին բաւ եղաւ, որպէսզի անխնայ, անյագուրդ, փաղաղիչ ու անդիմադրելի, անոր կինը քամէ, չորցնէ անոր արդէն «ջուրէ պակաս» երակները, ճամբաները: Մարդը մեռա՜ւ: Աւելի ճիշդ՝ չորցաւ: Ողջ-ողջ մոմիայ դառնալով, առանց ցաւի, բայց նման մէկու մը, որմէ քերթած ըլլան, ոչ թե քամած արեան վերջին կայլակը: Մարդը մեռաւ, կնկանը ծոցին, անշունչ պուպրիկի մը պէս, միսէն իսկ չելած, սրտառուչ նայուածքի մը մէջ իջնելով անդունդը պարապին: Ճարտար այս խաղարկութեան իբր պսակ, քրիստոնեայ, ամէն երեսով օրինաւոր այս մահը Տիկինին կը պարգեւէր Իզմիրի ամենադեղեցիկ աղջիկը, լիքը վաճառատուն ու «անհատնում» դրամ հաշիւը մենք չենք բռնած, որպէսզի ստուգենք ինչպէս շատ շքեղ, շատ հնօրեայ, Պարսկաստանէն թէ Հնդկաստանէն իշխանուհիի կուրծքերը վառող, տաճարող քառամանեակը, գլուխ-գործոց մը ասիական ողբերգութեան, որ միս–մինակը հարթեր, գլուխ էր հաներ դժուարահայտ հակադրութիւնը տարիքներուն: Մարդը մեռաւ, իրաւացի ընելու համար դասական առածը ու փաստելու համար, աւելորդ անգամ մը, օրէնքը, որ կը զարնէ իր փտախտովը ապրող բոլոր կազմակերպութիւնները, անհատներէն մինչեւ կայսրութիւնները: Այս կարգի ամուսնութիւններ կանխող տարիներուն շատ ցանցառ, վերջին դարուն համար յատկանշական դեպքեր են, մեր քաղքենի դասակարգին նոյնիսկ ամէնէն բարգաւաճ շրջանին, անոր արդի ա՛լ անծածկելի կործանումը յայտարարող սանկ 50-60 տարիներ առաջուց: Հարստութեան մը շիջումը նման է գերդաստանակա՜ն շիջումներու: Վաճառաշահ կեդրոններու մէջ, ով գիտէ ի՜նչ զրկանքներու, հերսական աշխատանքի գնով, «խեղճ ու կրակ» գեղացի մը, երբ կը տիրէ դրամին, կատարած կ՚ըլլայ իր պարտքը հանդէպ իր ցեղին: Բայց անիկա պարտաւոր է վճարել իր միւս պարտքն ալ, հանդէպ իր ընտանիքին, աշխարհիկ փառքերէն ամէնէն հզօրը, աղուոր ու փարթամ կնիկ մը պատին կանգնելով [1]: Ասիկա կը նուիրագործէ ցեխը կամ գուղձը ծագումին: Մայր հայրենիքէն կտրուած, հեռաւոր ու աննորոգ քաղաքներու մէջ ամուրիութիւնը կը լրացնէ աղէտը: Կարելի է, որ երեւոյթը ընդունուի իբր փաստ աւելի զարդուն քաղաքակրթութեան: Բայց մերինները, երբ իրենց արիւնը չկտակեցին, իրենց ոսկորներուն հետ կտակեցին իրենց մեղքերը մեր տարագիր քաղաքներուն…: Թաղեց անիկա իր էրիկը ու անցաւ: Քիչ մը շատ աճապարոտ, երկրորդին: Միջնարարին, անիկա հազիւ–հազ զբաղեցուց իր քաղաքացիները, մշտապէս ծերունի գրագէտէ մը   այսպէս կը կոչուէին ու դեռ կը կոչուին բոլոր անոնք, որոնք թարգմանած, լրագրի մէջ յօդուած սրբագրած կամ որեւէ դասագիրք հրատարակած հեղինակա՜ծ են «յoգուտ ազգային մանկտւոյն ոյր ուսմամբ կռանելը ապաքէն մեծագոյն տեսլականն է զարդիս հանուրց գրագիտաց» առնելով չի յիշուիր լաւ ի՜նչ է դասը, բայց հաւանաբար գաղիերէն, քանի որ մագիստրոս մը կը նկատուէր կարճահասակ գրագէտ Լաֆոնթէնի լեզուին մէջ: Փոքրամարմին, հիւանդկախ, մեծաշունչ ու տաղանդաւոր գրագէտ–կապալառուն հանրահռչակ մականունի մը, որ մեր նոր պատմութեան ընծայած է զօրեղ դէմքեր, փախաւ Եգիպտոս, «կազդուրուելու»: Իրողութի՞ւն: Ո՜վ գիտէ: Մարդկային հնարողութիւնը կանգ չ՛առներ անհեթեթին, որքան անկարելիին առջեւ: Խօսեցաւ Տիկինին խաթարուած զգայարանքներուն վրայ, երբ նոյն այդ կարճ այրիութեան շրջանին անիկա իր տունը բացաւ եօթանասնամեայ եպիսկոպոսի մը, կաթողիկոսցո՜ւ, բայց վրիպած, տարօրէն գրաւիչ, լիք ու կանանչ: Մեր կուսակրօն եկեղեցականութիւնը իր ո՞ր հմայքովը կը թելադրէ այս կարգի զգացումներ կիներու սիրտին մէջ: Գաղտնիք: Իրողութի՞ւն: Պատահարը չունեցաւ փսփսուքին շրջանակը: Իզմիրի մէջ գայթակղութիւնները կը նմանին անոր կիներուն: Ուշքի իյնալու համար պետք է աճին, ու իյնան աչքի, ինչպէս կը պատահի ատիկա մարմինին մարզերէն, մեծակառոյց երիտասարդուհիներուն, այդպէս հագած իրենց ձեւը, գրգռիչ ու անհոգ, բնութեան մեծ տեսիլքներուն նման, հաշիւը չտալով իրենց խռովքին ու անցնելով վէս, վեր, կոխկռտող: Ո՛չ գրագէտը, ո՛չ եպիսկոպոսը դիմացան բաւարար չափով, որպէսզի լեցուէր անջրպետը այրիութեան: Երկրորդ ամուսնութիւնը գոցեց հին բաներ, բանալու համար լեզուները նորէն, խելացի-խելացի, կանգուն-կանգուն: Տարիքի նոյնքան մեծ անջրպետ մը, զոր «ոսկի» կամուրջ մը կ՚ընծայէր անգոյ, անիմաստ (քանի որ կամուրջներուն պաշտօնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անդունդներուն վրայէն ցատկել) գուշակելի ըլաւ հին հաշիւները: Մարդիկ դատեցին պատահարը միշտ իրենց ակնոցովը ու առաջինին մահէն առաջ երկրորդը որ ընկեր էր աֆիոնի մեծ վաճառականին, թուզի գործին մէջ ենթադրեցին, ենթադրեր էին արդէն անկողնի կէսնորդ, վասնզի տիպարը բարի ծաղիկ անձնաւորութիւն մըն էր: Եփուն, շատ աւելի լայն հորիզոններէ եկող մարդ մըն էր այս վաճառականը, յիսունի մօտիկ, բայց հանած–վարած: Որ ապրանքի պէս կը վարուէր կիներուն հետ, այսինքն՝ մատուցումի–խնդրանքի արդար օրէնքով ու աղջիկների, այրիներէ զանազան ցեղերէ ու զանազան խաւերէ, հաւասար անտարբերութեամբ մը մարմինի՝ ինչպէս հոգեկան տուրքերու հանդէպ իր ապօրէն զաւակները կը տեղաւորէր մեծ ճարտարութեամբ: Լեզուանի, գեղանձն, ազգային ականաւոր անձնաւորութիւն, անիկա չափած ըլլալով հանդերձ այարը իր ապրանքին, ըրաւ գերագոյն յիմարութիւնը, խորտակելու համար Տիկինին ընդդիմութիւնը, յամառ մերժումը …ամուսնանալով: Այս ամուսնութիւնը, նոյնքան դժբախտ, Տիկինին պիտի բերէր առաջին պարտութիւնը, բախտէն արդար տարակոյսը, զոր բանաձեւեց խոր բեկումով, չհաշտւելով անոր անհերքելի իրականութեան հետ: Պարտութի՞ւնը: Անշուշտ:   Զմայլելի, արձանագեղ անոր մարմինէն ծնունդ առին, կապկադէմ, մանրագլուխ, ճղճիմ աղջիկներ, չոր, չոր, տախտակ, կոնծա՛ծ, մորթի տեղ կրելով մուխի բռնուած, աղտահար, գորշ, գրեթէ շոքոլա լաթի կտորներ, տարօրէն ցցուն ոսկորներու վրայ անխնամ հագցուած, ճմուռ–ճմուռ, իսկ եւ իսկ կապիկ: Ապշեցաւ քաղաքը: Ամէնէն առաջ անոր էրիկը: Որ, աղտոտ ու անխիպ, հարուստի վայելող արձակութեամբ ու մենագար մարդու անսրտութեամբ, ամբաստանեց զայն տունին պարտիզպանին հետ, ղպտիի կտոր մը, նոյն շոքոլա մորթով ու ճմուռ–ճմուռ երեսով, որ հազիւ կը քաշքշէր կոտրտած իր մարմինը, պարտէզէն անբաժան, իր հիւղակին մէջ մսկոտ ու գերի, երազելով իր տափաստաններուն գաղջ ու չոր աւազները ու կը ծեծէր իր կինը, ան ալ շոքոլա, սպասուհի ասիկա, մէկ քմայքովը Տիկինին, որ ինքնատիպ՝ իր ախորժակներուն՝ ինչպէս արարքներուն մէջ, փոխարինած էր իզմիրեան սալոններուն ընտանի յոյն աղջիկը, այդ տարերկրեայ արարածով: Շոքոլա անոր մարմինը ծրարած ձիւնասպիտակ համազգեստի մը մէջ, Տիկինը զայն կը սպասեցնէր սրահի մուտքին, անշարժ՝ ինչպէս եփենոսէ արձան մը, ձեռքերը պորտին հանգուցած: Ու անոր ականջներէն պղինձ օղերը, խոշոր–խոշոր, կը վառէին, երեսի ածուխին վրայ բռնկցնելով տարերկրեայ հրախաղութիւն: Ընդունելութեան օրերուն այս պատկերը կը թողուր առանձին տպաւորութիւն: Շրջանակի չափ անոր օղերը, հաստ՝ ինչպէս հիլալները, նիւթ էին անդուլ կատակի: Ու տիրուհիին ակնովի հրահանգովը, երբ անիկա կը քակուէր իր արձանային հանգոյցէն ու կ՚առաջանար դէպի հիւրերը, պզտիկները սարսափած իրենց մօրերնուն ծոցը կ՚ապաստանէին՝ ստեղծելով մարդակերութեան շրջաններու տեսակ մը սարսափ: Անիկա կը հաւաքէր սուրճին գաւաթները ու կը գամուէր կրկին իր հանգոյցին: Խենթուկ այս արարածը ընկերն էր Տիկինին զարդասենեակին, ուր ոչ ոք արտօնուած էր մուտք ունենալու: Անիկա յարդարիչը, խնամիչը, բուծանողն էր անոր արձանային մարմինին, զոր կը շողուէր ջղուտ, անձանձիր, անխոնջ իր մատուըներովը՝ ազնուական, յորդ, սրբազան խմորի մը պէս: Այս ամէնօրեայ մարձումը իջա՞ւ աւելի խոր անդունդներ, ուրիշ հաճոյքներու կաթսաները մինչեւ: Գաղտնիք է ատիկա, ինչ որ ծանօթն է, շոքոլա կնիկին աներեւակայելի ուժն է, երբ իր չոր բազուկներուն մէջ կը կշռէր Տիկինին հսկայ մարմինը, կը ճմռէր երանքներուն յորդ ալիքները, կը կոկէր զիստերը ու կ՚աճեցնէր լանջքին արդէն առատ խոյանքները: Յետոյ զայն կը ցայէր [2] կաթով, մանր-մունր, խնամքով, գիտութեամբ ու կը չորցնէր անհուն ըղձաւորութեամբ մը ու կը հիւսուէր անոր պիրկ, պինդ, անդիմադրելի, արուէն անդին խորութեամբ մը նուաճելով այդ միսերուն պարարտ իգութիւնը, հաճոյքէն սարսռուն, արձակելով ափրիկեան մլաւիւն մը եւ ուտելով անոր շունչը, ինչպէս ափրիկեան աստուածուհիի մը հոգին: Այս երջանկութեան տուգանքը կ՚առնէր անիկա գիշերը՝ ուտելով, հիւղական խորը, էրկանը փայտը: Բիրտ, զօրաւոր, անողոք ու սպաննող, զոր պարտաւոր էր հանդուրժելու անմռունչ ու երջանիկ, պագնելով անոր ոտքերը ու տարածելով իր մարմինը իբրեւ պատուանդան իր աստծոյն: Իրողութիւն էր դարձեալ, որ յղութեան ամիսներուն անիկա միշտ իր հետն ունէր շոքոլայէ սպասուհին: Աւելի անդի՞ն: Այսինքն՝ հիղա՜կը անոր էրիկին: Չտեսան ոչ մէկ ատեն: Չտեսան կուզ ու կաղ մարդն ալ, ան ալ շոքոլա, տունէն ներս որեւէ ատեն: Ա՞յն ատեն: Այո՜: Բայց մենք չենք ներեր աղքատ կիներուն՝ տրամի փառքը ու կը լսենք մեր իմաստութիւնը: Յղութեան օրէնքները խորհրդաւոր յօրինուածք ունին: Բայց կը ձգեմ անոնք: Անիկա անխելք էր, զանոնք սորված չըլլալուն ու նոյնքան հպարտ: Կապկածնունդ այս աղջիկներուն ամօթը անիկա բեռցուց էրկանը քամակին, պուպրիկի պէս հագցնելով, պտըտցնելով իր առջինեկը, ձախորդ ամուսնութեան պտուղ, որ ժառանգութեան ու զարդին ծանրահիւս տուրքերը գիտէր վայլեցնել անհուն քաղցրութեամբ, խոր, խելացի, զգայուն իր բխումովը կենսաւորելով ինչ որ ոսկին ու ադամանդը ու բեհեզը կը հիւսեն մեր մորթին վրայ, կը սեւեռին մեր աչքերուն անհաս ցանցերուն ու մեզ կ՚ընեն ձախորդօրէն անիրական: Սոնա՜ն, երբ տասը տարեկան չկար: Ու կռի՛ւ: Ու գայթակղութի՛ւն: Վասնզի անոնց տունը յաճախել առին բազմաթիւ կիներ, քանի մը ազգէ, ձեռքերնուն տղայ, ու... պահանջատէր: Նոյնքան յիմար էր անոր էրիկը, այս տեսարաններով, երբ հերքել կը փորձէր իր կնոջը վերագրումները: Դժո՜խք: Հարկաւ: Այնքան՝ որ դժբախտ պզտիկները որբի պէս ապրեցան, ատուելով հաւասարապէս մօրմէ ու հօրմէ ու շոքոլա սպասուհիին մէջ փնտռելով դժնդակ խաղաղութիւն մը, բնազդական ու տարօրինակ, խուսափելով սրահներու պերճանքէն, ամչնալով երեւիլ եկող-գացողին, «հայրիկ» կանչելով կուզ ու կաղ պարտիզպանը, քնանալով անոր ջարդուած ծունկերուն վրայ, ու լալով, երբ ստիպուէին տուն դառնալու: Տիկին Արտեմիս Գոհարեան ի՞նչ զգացումներու հպատակելով իր զաւակները լքեց շոքոլա սպասուհիին: Գաղտնիք: Գութը հզօ՜ր էր անոր մէջ ու թողուց, որ այդ դժբախտ «որբերը» գրաւած պահեն իր մարմինին մեծ յարդարիչը, մինչեւ որ հայթայթուի իրական յարդարիչը: Այս պատմութեան սահմանէն դուրս է Սոնային ու իր «քոյրերուն» տարադէպ ողբերգութիւնը, մանկութեան պարտէզներէն: Կ՚անցնիմ արագ, թէեւ ակամայ: Մինչեւ սիրահարի մը հայթայթումը Տիկինը ճլտորցուցած էր առջինեկը, ըրած «կարգին օրիորդիկ» ու լեցուցած իր սնտուկները զոյգ էրիկներուն սնոտիքովը, ադամանդ, գոհար ու ոսկի: Աւելի՞: Ի՜նչ կ՚ուզէք կիներէն: Աւելի՞: Այսի՜նքն: Մինչեւ Պարգեւեանին գիւտը, առջի էրիկին մօտ այնքան ազդու իր ռազմավարութեան դասէն, անիկա գործածեց իր էրիկը յայրատ, «ծախիչ, սպառիչ» շռայլութեամբ մը ու... պարտուեցաւ: Երկրորդ իր անկո՜ւմը: «Փորձ», «դիւանագէտ», «որոգայթ չինկող» վաճառականը տապալեց էգի անոր նենգ ծուղակները: Դեւէ մը աւելի հզոր առնականութիւն մը, որ կը շեշտուէր կեդրոնէն ու քիթէն հաւասար փարթամութեամբ, միշտ յառաջխաղաց, աննահանջ, խորտակեց գեղանի, Տիկինին բոլոր սադրանքները: Ոչ միայն այդքան: Անիկա դարձաւ իր հին վարժութիւններուն. «ուտելէն զօրացած ախորժակով մը», ու շատցուց ապօրէն իր զաւակները, գեղեցիկ դիւրութեամբ մը, հարուստ մարդու բազմապիսի միջոցներով, ամէն մարզէ, միշտ լայն հորիզոնով, գրեթէ «կրկէս իջած» ըմբիշի մը պէս, ասպարէզ կարդալով պարտուած կնիկին: Զգացական այս սպառումները կինը ըրաւ անտանելի: Չսիրող կինը անորակելի բան է արարածներու դասին մէջ: Ու սէրը՝ ձեզի ծանօթ յիմարութիւնն ալ չէ Տիկին Գոհարեանի այս սպառումին մէջ: Անիկա անտանելի էր ամէնէն առաջ իր իսկ անձին: Դէպի շոքոլա սպասուհի՞ն: Ո՜վ գիտէ: Իրողութիւն էր, որ ան որ ցերեկները աւելի կը յոգնեցնէին զինքը ու իր յիմարութեան մէջ չէր անդրադառնար այս ջղասպառումին վաւերական աղբիւրին: Սեւուհիին թեւերուն մէջ անիկա «ջուր» կը դառնար յուզումէ եւ հեշտանքէ ու հիւանդագին զզուանքով կը դիտէր տարփանքը էրկանը ծոցին: Մօտ էր խենթենալու, երբ ճանչցաւ փարթամ, պարգեւ, անձնեայ ու խրոխտ արձակագիրը, որ այդ օրերուն կը խմբագրել Իզմիրի մէկ օրաթերթը ու կը խօսէր, կործանարար ջերմութեամբ, ակումբներու մէջ, ամէն բանի վրայ, սրահներուն մէջ փափուկ ու մռայլ հարցերու շուրջ, աչքերովը «ուտելով», այդ շրջանին (կատարուած էր 908 թուրքերու Սահմանադրութիւնը: Աւելորդ է զբաղիլ հետեւանքներով) անպակաս հազար ու մէկ համախմբումներու մէջ, իրենք զիրենք ցուցադրող «կտոր» միութիւնները, իրենց կառոյցին հրապուրիչ վայելչութեամբը ու ժպիտին՝ բաց, խոստացող ճլւողիւնովը, դրամի՝ ինչպէս մորթի մարզերէն, իզմիրեան ազնւազզի այն մարմնամոյնքով, որով կը տարբերին այնքան ուրիշներէ Յոնիականի դշխոյին այդ փարթամ, նրբաւարտ, ողողիչ դէմքերը: Անոնց հայեցի կրթութիւնը որ զօրաւոր աւանդութիւններով կը վերանայ մինչեւ մեկ-երկու սերունդ, գրաբարի եւ Արեւմուտքի միախառնուրդ, ու կաղապարէ մտած անմոռանալի տիպարներու վրայ կ՚աւարտի ֆրանսական կամ անգլիական թերուք ջնարակով մը: Կը խօսին քանի մը լեզու, խօսած ըլլալու փառքին կցելով՝ օրւան քիչ մը «աղի» վէպերուն, նորութիւններուն ալ ծանօթ իյնալու նանրամտութիւնը: Պատերազմէն քիչ առաջ ու անմիջապէս վերջը, հարուստներու սփիւռէն այս կիներուն դէպի հանրային հետաքրքրութիւններ երկարումը, ազատագրումը ժեսթ մը ըլլալէ աւելի, փաստ մըն է տխուր հակումներու: Մենք տեսանք Պոլիս, թէ ինչպէս անոնք դերասանի մը սեւ աչքերուն համար յանձնախումբեր կազմեցին ու ծրագիր մշակեցին: Անգամ մը դարաւոր իր կաղապարէն ազատուելէ ետքը, մեր կիները հարուստ պարտէզներու հունձքէն կը խօսիմ ընդօրինակումի իրենց աճապարանքին մէջ, կը վազեն հակադիր արձակութիւններ, մոռանալով, ուրանալով էրիկը, ցեղը, միջավայրը, ամէնէն առաջ էրիկները, որոնք իրենց դրամին, գործին խոր ձգողութեամբը կաշկանդուած, կը մնան հաւատարիմ իրենց շրջապատին, աւանդութեանց, հսկայ քիթերուն ու թանձր ու տգեղ շրթունքներուն, իրենց կարգին անգիտելով, մոռնալով իրենց տուները ու անուղղակի պատճառ դառնալով, որպէսզի իրենց կիները վիպանան, հերոսանան մշտօրէն մշակուած ռոմանթիք իրենց ձանձրոյթէն, հողին ձայներէն ու ծովին նուաղումներէն, փնտռելով terre à terre իրենց էրիկներէն անդին, ասոնց հակադրւած կիսակիրթ, բայց օտար արուներուն կրկներեւոյթը: Հիւպատոններ կամ թարգմաններ, ծովակալներ ու նաւապետներ, պանքաներու տնօրէններ ընտրանին կու տային սիրահարներուն: Վաճառականին, դրամի արկղին դէմ այս արհամարհանքը կիսովի հետեւանք է ֆրանսական վէպերուն, ինչպէս մերիններուն խոր ասիականութեան: Քիչ չեղան թիւով այն համեստափայլ տիկինները, որոնք իրենց լիսէական դաստիարակութիւնը արժեցուցին կեանքին մէջ, մեր պահպանողական ընկերութեան հարկադրելով իրենց թեթեւութիւնը սէրէ ու խելքէ, անօգուտ ու ձրի արկածներու հետամտութեան մէջ դնելով պչրանք, վսերում ու շամբշանք, զաւկի հանդէպ ուրանալով կանխող սերունդէն պաշտպանուած սկզբունքներ, ու, «ոգի ի բռին» հալածելով իրենց կերպերէն, լեզուէն, բառամթերքէն ու զուարճութիւններէն հետքն ու հոտը Ակնին, Կարինին, Կեսարիային, բիւրեղանալու, ոստանիկ, դշխոյական դառնալու իրենց ճիգին մէջ կանգ չառնելով անհեթեթին՝ ինչպէս ծիծաղելիին առջեւ: Զուր չէ, որ Ալեքսանդր Տիւմայի վէպերը ամէնէն առաջ Իզմիր թարգմանուեցան: Ու զուր չէ, որ «Թշուառներ»ու թարգմանութիւնը գրագէտ օծեց պետական պաշտօնեայ մը: Անդունդ կայ այս սերունդէն բխող այժմու կիներուն եւ այն միւսներուն մէջտեղ, որոնք աղքատիկ տուներու մէջ մնացին հաւատարիմ իրենց ցեղային գիծերուն եւ մինչեւ այսօր, կայաններու եւ վրաններու տակն անգամ կ՚աշխատին մեր ցեղին անմահ սկզբունքներուն, վսեմ ու անգէտ, բայց կ՚աշխատին, երբ իրենց այլասերած քոյրերը, Պոլիս ու Իզմիր նմանելու համար Illustrationի մէջ հրատարակուած վէպերու կամ խաղերու հերոսուհիներուն, արեւմտագոյն բռնկումներու իրենց պապակին մէջ, լքեցին իրենց օճախները խօսքի, ձեւի եւ շարժումի ասպետներէ բռնավար: Մեր անխնայ արհամարհուած արուե՞ստն էր, որ կը վարէր այդ խռովքները, թէ մեր կիներուն արդէն խաթարուած, օտարացած զգայարանականութիւնը: Ուր որ կիներու օտար վարժարաններ գործեցին, հոն մեր ցեղը ընկրկեցաւ, հարուածուած խորագոյն արմատէն, մեր աղջիկները մեզի դարձան իբր այլասերումի պատրաստ խմոր, մեր ձեռքերովը, ուզելովը, դրամովը, փլելու համար մեր դարեւոր, մեր ամէնէն մեծ կազմակերպութիւնը, ընտանեկան ըմբռնումը: Կը ձգեմ երակը բարքերու ուսումնասիրողի մը ուղին, որ հետաքրքրական հաստատումներու պիտի բարձրանար, երեւոյթին ներքին ծալքերուն մօտեցած ատեն: Իրողութիւնը այն է, որ կանխող սերունդին մէջ նախատակոծ, առնուազն անողոքօրէն հեգնուած մեր քանքարաւոր, բայց անկուտի արուեստագէտները նուաճումներ գործեցին դեղին մարզերու դեղին պուպրիկներու դեղին սիրտերէն: Անշուշտ ասոնցմով զբաղում մը շրջուած փառասիրութեան մը գոհացում չեն նկատեր անոնք, որ դեռ մեր մտքին աղբիւրները փականքին են զարկած իրենց դրամի արկղներուն ու կը վարեն մեր միտքը, իմացականութիւնը, արուեստը՝ իրենց գարշապարով: Բայց մօտ է ատենը, երբ կը քայքայուի այդ բռնապետութիւնը ու գործը կը դառնայ գործը գործաւորին, ոչ թէ անոր կապալառուին կամ թշնամիին: Վէպերու այս եռեակը, Եռանկարը, կը ձգտի այդ սկսած քայքայումը արձանագրել, արուեստի քանի մը ճամբաներու վրայով: Այդ ճամբաներէն ամէնէն տխուրը, եղերականը, յատկանշական ու բազմակողմանին Սահակ Պարգեւեանն է, խօսքի ու բառի կայսրութեան ինքնակալ, տարիներով Փարիզ ըրած, այսինքն՝ արւեստներու մայրաքաղաքին մէջ ջիղ-ջիղ սատափուած, բիւրեղացած գրագէտը: Որ ապրեցաւ, առանց որոշ գործի, առանց դրամի, կիներու քամակին ու սորվեցաւ, միշտ իբր մեծատաղանդ արձակագիր, կիներու մօտենալու անօրինակ, արգասաբեր արձակութիւններ: Անիկա կը խօսէր ամէն լեզու, այսինքն՝ աչքին ու ձեւին լեզուն, առանց բառի, ու էր հասկնալի, «հեշտակի, խոր, զուարթ»: Ու անոր շարժումները, մատներում եպիսկոպոսական կլորութեամբը ու տարփանքին խոր, խուլ թրթիռովը դող կը հանէին «շուկայ հոտող» իրենց էրիկներէն յափրացած սիրտերը Պուրժէ եւ Մօփաuան կարդացած մեր կիներուն: Գրականութիւնը, մա՛նաւանդ դարավերջիկը, լպրծուն գետին է, ուր կը սփռուին շեշտերը մեղքերուն, մեծ-մեծ, ու ամբողջացում հետապնդող ճարտարապետութեամբ: Հերոսուհիներ, վէպերէ, պատրաստ տարազներ են, զորս անիկա կը հագցնէր թաքթով ու շնորհով, գեղանի կնիկի մը ու այդ կիները բաղադրող զգայականութիւնը վերլուծած ատեն, թեթեւ, անվնաս, բայց որոշ եղանակով մը վերլուծումը կ՚ընէր դէմինին սիրտին, ճարտար, խոր, ապահով ու անվրէպ խաղարկութեամբ մը, ու կը խօսէր անիկա համեմոտ, թափանցիկ, բայց մեղմօրէն սքողուն ակնարկութիւններով ընդելոյզ բարբառ մը, տեսակ մը արկօ, հէնքին մէջ փարիզեան, շատ «կանանչ», ինչպէս կը ճշդեն գաղիացիները, ու շատ ալ խտղտիչ, միսերուն վրայ փշտող սրութեամբ մը: Որուն գրական լիութիւնը պատշաճեցուցեր էր սալոններու մեզայատուկ ոլորտին, միշտ այդ գիծէ բառերով գործադրուած, դարձեալ դշխոյ այս քաղաքէն քրոնիկագիր-պոռնկագիր մը, այդ օրերուն անմահ, հիմա ջնջուած, հետախաղաղ, այդ աճպարարութեան համար վարձատրուած երգիծագիր տիտղոսով, երբ ըրածը հայհոյանք էր կամ լրբութիւն, բառի բղջախոհութիւն: «Անմատ» ու սրամիտ պոռնկագիրը, երկու թիկնոց իր սիլինտրով, կանանչ ֆրանսերէնով ու սեռային ծաղկաստանէն փնջւած կալլիսիզմներով ակաղձուն աշխարհաբարով, բայց մա՛նաւանդ սրունքներու անհաւասար կարկինովը (Բագրատունին պիտի ըսէր «կաղաիրեն») ծաղրի նիւթ էր ըրած ինքզինքը, ինչպէս մեր լեզուին այդ հայ-լայֆ տիկիններուն, կշտանալով զանոնք խնդացուցած ըլլալու ապառիկ հասոյթով, բայց անգիտակցաբար ճամբայ հարթած տաղանդաւոր արձակագրին, որ Փարիզէն հեռանալու ատեն Շաթօպրիան էր անուանած դժբախտ մետինեթէ մը, երբ զայն կ՚ընէր դուրս իր մահճակալէն, անոր աշխատանքին արդիւնքը պարպելով իր քսակին, օրհնելով կիներուն բարիքը: Շաթօպրիա՜ն: Հարկաւ, երբ Եղիան Հիւկոն էր հրապարակին: Բայց Շաթօպրիա՜ն, այսինքն՝ մարդը, որուն առջեւ գոց դուռ չէր մնալու: Անիկա Իզմիր հասնելուն յաջորդ շաբթուն իսկ ջախջախած էր իր հսկայ, անըմբռնելի ծաղրին ներքեւ, խեղանդամ, ցաւագար, ախտավարակ ու յիմարցու պոռնկագիրը, զայն արժանի անուանելով եթէ ոչ բռնաշապիկի, գէթ Ազգային Հիւանդանոցին մէջ «ղարիպ»ի փառաւոր հոգեվարքի մը, ի փոխարէն իր մեծ–մեծ ծառայութեանց սա հոլագեղ, սա պչրուն, սա խռովիչ, հերարձակ դշխոներուն, միշտ յոնիականեան: Անիկա նոյն այդ շաբթուն տարագրեց «օտար փետուր» երգիծագիրին յիշատակն անգամ՝ զայն քշելէ ետքը Պոլիս, Ետի Գուլէ Ազգային Հիւանդանոց, ուր պիտի սպասէր գրագէտէն պատգամուած փառաւոր շիջումը ու ինք իջաւ կրկէս: Պարսաւագի՞ր: Բայց անոր աստուածն էր անիկա: Նորութի՛ւն, անձ ու լեզու: Սնգուրուած թեթեւ հիւմուրով, որ իր ասպարէզին տուրքն էր իրեն, գիշեր ու ցերեկ ուռնակով աշխատանքին, ու թեթեւ դալկութիւն մը կը ձգէր հաստ անոր միսերուն, ու պաշտպանուած իմացական երանգէ փարիզատուր նրբութեամբ՝ որ մշակուած, սեղմիրանուած, պուպրիկուած սինիզմն էր ապրողին, անիկա, քսան տարեկանին, աշխարհը դատած, չափած ու պակաս գտած մարգարէի մը նման կը թթուէր զայրոյթէն, կրակ կտրելով ապականութեան ամազոնէն, որ կը փոխաբերէր իր ժամանակի մարդոց մեղսահեղեղ երակները: Ան «աւարտած» էր սիրտը, զայն կոտրելով, դուք գիտեք ինչ պայմաններով, ու կը մռլտար գեղանի տիկիններուն.

 

Սիրտը, որ կայ՝ շուշայ է,
Որ կոտրուի՝ ճար չկայ...

 

Անշո՜ւշտ: Ու աւելի խորունկ ու խորհրդաւո՜րը, ան կ՚ուրանար խելքը, տաղանդը, իրը սակայն, չնմանելով ասպարէզին մեծամոլ յիմարներուն, որոնք գրագէտի կամ արուեստագէտի իրենց տուրքերը շալկած՝ զանոնք ցուցադրելու միայն հետամուտ, թուղթին ծուխէն գինովցած, կը պտըտէին խմբագրատունէ խմբագրատուն, հանդէսէ հանդէս ու կ՚արդարացնէին քաղքենիին, դրամաւորին արհամարհանքը իրենց քիթին ու բերնին: Ու աւելի սրտառո՜ւչը, անիկա իր ընդվզումը, հոգիին անթեքելի յեղափոխականութիւնը, քաղքենիին դէմ աննահանջ իր ատելութիւնը գիտէր պարտկել ոչ-ընթացիկ կեղծիքով, լուացողականութեամբ, այլ՝ ազնուական ու անմատոյց համակերպութեամբ մը իր աղքատութիւնը արժեւորելով իբր բառ ու տաղանդ: Չունենալով աշխարհիկ որեւէ հոգ, բացի փորձէն ու սեռէն, անիկա հնօրեայ իր փիլիսոփայի մը անկախութիւնը ժուռ կ՚ածէր իր ետեւէն ու, բացառիկ մա՛րդ, իր բառերուն անսպառ հմայքովը խորհուրդի մշուշ մը կ՚արտարձակէր իր շուրջը:

 

[3] նակութենէն, չզիջանելով հեղ մը գոնէ «Աչք մը նետել մտագրային այդ «վիժուկ»ին (ամբողջ յեղափոխական գրականութիւնը, մա՛նաւանդ անոր տեսաբանական մասը անիկա խարանեց այդ մակդիրով), բայց զանոնք ներկայացնելով դեմոսթենեան պերճանքով, իբր փանասէ՝ մեր վէրքերուն, փրկութեան մատեան՝ մեր տառապանքին, մեծ ու պզտիկ, խելացի–անխելք պանդոյրներու բերանաբաց բանակին: Առաքելական բան կար իր ընդքարշող շունչին մէջ, երբ իր բերածը այդ պատգամներուն, յօդուածներուն մէջ կ՚ընդունէր ագուցուած մեր փրկութեան սրբազան սերմի, ա՛ն՝ որ պիտի աճէր, բարի եւ արգասաբեր, ու պսակէր պիտի դարագեղ մեր երազը, խորհուրդը, ցեղային ուխտը: Ի՜նչ սրտաբուխ, քաղցր, փաղաղիչ էին անոր բառերը, նոր կտրուած ոսկիներու նման, մաքուր ու շլացիկ, բայց որոնց կեղծութեան վրայ ներքին իր խնդուքը հաւասար կու գար մեֆիսթոֆէլեան իր անզգածութեան, երբ կիներու եռանդը կը հրահրէր դէպի «հասարակաց զոհողութիւն» ու տարազին երկդիմի իմաստը շեշտովի, ակնովի, հոսովի, կ՚ընծայէր շօշափելի անոնց խուլ, անսխալ բնազդներուն: Ամէն խօսող ու տաք խօսող ջիղերու քակուած կծիկ մըն է մեր մարմինին բոլոր ընկալուչ կեդրոններուն վրայ: Ու կը լռեմ պատկերին միւս մասը: Անոր համար աշխատեցաւ իր անցեալը, ուր մեծ աշխարհամասերը կ՚ընկղմէին հեռուի մշուշին մէջ եւ որ բեմին ու պահին, խօսքին ու զգացումին առքէն այլափոխ, գունափոխ կը նպաստէր անոր գերաճումին, սրբացումին, հերոսնալուն ու ծաւալումին: Անիկա, մարդոցմէ վերցուցած իր փորձառութիւնները տաղանդով շահագործող բարոյախօ՜սը եղաւ, որ գիտցաւ թափանցել խղճմտանքներու ցախաստանը ու հալածել մեղքին եղնիկները անմեղուկ կոյսերու կոյս անտառներէն: Ան ունէր, իր կռնակին, Իզմիր իյնալէ առաջ, այդ խորհրդաւոր ոդիսականը. անպատմելի՝ վասնզի շատ ընդարձակ. վասնզի շատ տխուր. վասնզի շատ եղկելի, բայց զոր կրցած էր ծալել, ծրարել, գնդասեղել ու լքել, ինչպէս ըրեր էր առջի իր կինը, ա՛ն՝ որմէ ունէր զաւակը. ու զաւակը: Իր մեծ գիծերուն մէջ այդ ոդիսականը ներկայացնելու փորձ մը՝ փորձը պիտի ըլլար յատկանշելու այդ տարօրինակ շրջանը մեր պատմութեան, որուն մէջ սկիզբը ըրած է իր գրողի կեանքին այսօրուան մեծ, պատկառելի, փարթամ ու սինիք ուրացողը, յեղափոխութեան ուխտեռանդն մարտիրոսը երէկ, այսօր վճարուած ծաղրածուն, գործերն ու անձերը, գաղափարն ու երազը, դրամն ու հեշտանքը, կինն ու նահատակուհին, զոհն ու դահիճը նոյն կոյաջուրով օծանող մեծատաղանդ հտպիտը. անբարեխիղճ՝ որովհետեւ անօթի. պարսաւող՝ որովհետեւ գովեստը արմատէն քանդող բոլորին ինչպէս, բայց ամէնէն աւելի ու առաջ՝ իր հաշւոյն, նախանձող՝ որովհետեւ մարդիկ արժէք կու տային ու կառնէին իր ամ էնէն ատած, անարգած բաներուն ու բաներէն, զիրէն ու խօսքէն, այսինքն՝ սուտէն ու փուտէն, սպջակէն ու հովէն: Ու չէր տառապե՜ր, ի՜նք՝ որ իր գոյութեան խանձարուրը քակուած կը դաւանէր արուեստի կենդանակերպին տակ: Ամերիկան, Եգիպտոսը, Եւրոպան ու Պոլիսը իւրացուցած էր վրան, խտացուցած. իր գարշագոյն խաւերուն մէջ, անհաւասարելի կատարելութեամբ մը, քար հանելու չափ ստորնութեան արահետէն, ամէնէն ինքնատիպ ու բազմահնար աճպարարներու, ըլլալով թեթեւ՝ ինչ պէս քսակահատը, «կացին կախող»՝ ինչպէս ժամկոչը, «ուռնահար»՝ ինչպէս մեծահարուստ վաճառականներու գեղադէմ ու բարձրահասակ գավաuները, որոնք ցերեկը վաճառատունին դուռները կը պահպանեն, իսկ գիշերները տիկինին բերդը կ՚ամրացնեն նեցուկով ու խրամով: Ան գտած էր գաղտնիքը ապրելու պերճիշխան, բոզ կնիկի պէս, առանց մուրալու, առանց ալ աշխատելու, միշտ ուրիշներէ վարձուած, ուրիշներու կռնակին, տարիներ ու տարիներ, մատը մելանը չթաթխելով, սովէ մեռնելու աստիճանին միայն դիմելով թուղթին կամ շանթաժին: Կ՚երեւար ամէն տեղ, ուր բազմութիւն կար: Ու իր երեւումը անհրաժեշտաբար կը ստեղծէր դաժան, անհաշտ կռիւը, թերթէ թերթ, կուսակցութենէ կուսակցութիւն: Հակառակ բոպիկ իր մտքին, որ շփուած, հպանցած էր ամէն բանի ու չկառչած ոչինչի, անիկա սաթայէլեան տաղանդն ունէր «քիչիկը» տաքցնելու, աճեցնելու: Այդ շնորհով անիկա «կռիւ» կը յայտարարէր ամէնուն դէմ, կռի՜ւը՝ պայման ու նպատակ կեանքի մեծ առեղծուածին, բնախօսական, ինչպէս հոգեխօսական մարզին վրայ, միջոցէն մինչեւ երկնային հրագունտերը, որոնք «իրար կ՚ուտէին», պիտի ուտէին Պարգեւեանին նման: Իր տգիտութիւնը գիտէր անիկա վստահիլ այսպէս կարկառուն, տպաւորիչ տարազներու ու առանց կարդացած ըլլալու շրջանը յուզող վարդապետութիւնները, կը դատէր գոց, ու շատ քիչ կարդացած, բայց այդ քիչը կատարելապէս իւրացուցած ամէն շատախօսի, քննադատի նման, իր խօսքը կը հանէր կշիռի: Մէկ սայթաքումէն միւսը՝ անիկա հոսեցաւ «սլաքի պէս արագ», ամէն մէկ մեղքին անցընելով պատկառանքը իր անձնաւորութեան, տաղանդի վերածելու չափ ուրիշին հացը ուտելէ ետք, զայն տապալելու հերոսական անսրտութիւնը, գլխէ հանելով հացատիրոջ աղջիկը կամ կինը, ու չարախօսելով անոր առաքինութիւններէն, արձակ ու գեղեցիկ, այլուրային ու անդորր, հաստ սեւով մը իր բառերը ներկելով սուտէն ու զրպարտումէն: Միշտ փարթա՜մ, սա աղտերուն երեսին, հախնային դաշտերու հսկայ ու պերճ ծաղիկին վառ գեղեցկութեամբը, լողալով մօրուտքին՝ ինչպէս փառքին, մեղքին՝ ինչպէս անպատւութեան ալքերուն մէջ հաւասար, վեր անփութութեամբ մը, խառնելով սիրտերը՝ ինչպէս ճահիճին մրուրը նոյն գրիչով, որմէ ոսկի ու արիւն, երազ ու անտիպ յուզումներ կը հոսէին ակնախտիղ առատութեամբ, մրոտելով շրջապատը՝ թեթեւսիրտ ու անխիղճ, հրահրելով անդնդային բոլոր հակումները, իրերամերժ ձգտումները, ատելավառ հրայրքները իր եղբայրներուն, բեմերէն ու սիւնակներէն, նոյն ատեն «զոհ ու սրբազան վրիպող», «անառակ որդի ու խեղճ սամարացի», ինքզինքը կոտրելով՝ իր պարսաւին թափանցումը դիւրացնելու խորունկ գիտութեամբ մը, նոյն օրուան կէսին անցնելով ուրիշ մրցարան, պոռալու համար, քաղաքակիրթ մարդկութեան պինչին, «մեծախարան ու հսկայագեղ»՝ անհնարին մեր ողբերգութեան, ինչպէս եղջերափողի մը մէջէն, հոծելով ու գերաճելով մեր անզուգական դատին բովանդակ գրաւչութիւնը, երբ դիտուի անիկա գիրքերու ոլորտէն, ու հսկայական փլաքներու նման շարժելով ազգերու խղճմտանքին կուրութեան դիմաց մեր «երկնադղորդ» նահատակութիւնը, աննման մեր ուխտին, երազին, խորհուրդին անըմբռնելի սրբութիւնը, իրաւութիւնը ու որբութիւնը, շեշտի, հաւատքի, անկեղծութեան այնպիսի՛ յորդահոսան պոռթկումով մը, որ մարդ կը մնար ափ ի բերան անոր բարբառին ու արձակին ուժգնութեան առջեւ, տարուած մռայլ գլխու պտոյտէ մը, դատելէ հրաժարելով այդ խանդավառութեան, պարսաւին, սաւառնումին ու սրտաճմլիկ հայեցիութեան, այդ իրապէս յեղափոխական, իրապէս անմեղ խոյանքներուն տէր ու տնօրէն հեղինակը, երբ տեսնէր անկարելի նուաստութեանց ծոցը ծալապատիկ, ընկողմանած, անձընդիւր, աւելի քան հարազատ ֆելլահը՝ իր ճահիճին շրթունքին, աչքին գիսերը փշրելու ատեն՝ շրթունքին թրթռուն ճանճերը ուտելով: Ու այս ամէնը շուրջառուած, իր բառովը՝ պատմուճանուած տիրակատարութեամբ մը, ձեւակերպականութեամբ մը, որով կնքաւոր եղան իր ամէնէն անկեղծ զեղումները, պարսաւները, ելոյթները «ցեցերուն» ու «խլիրդներուն», «կուռքերուն» ու «սողուններուն», «խենթերուն» ու «հացկատակներուն», «տաղանդի կաւատներուն»՝ ինչպէս «արժէքի բոզերուն» դէմ, բոլորն ալ առնուազն իր ընկերները, երբեմնի բարեկամները, իր բառովը՝ ամոլները նոյն ու մէկ երազին: Քաղաքային գործունէութան անոր ա՛յս զառածումը տխուր փաստ մըն է մեր ժամանակներէն ու յատկանշական, դառն վաւերագիր մը մեր ցեղային հոգեճահիճին: Մարդ չի կրնար ըմբռնել բոլոր Պարգեւեանները, որոնք այնքան սրբազան մորենիներու շուրջ այսքան գետնաքարշ պար մը պարեցին ու մեր ապականութեան համատարած քարտէսները փռեցին աշխարհի աչքերուն, երկրորդելով մեր թշնամին իր ծրագրին գործադրութեանը մէջ: Մարդ չի կրնար ըմբռնել, թէ ինչ հրէշային է միամտութեան գնով կրկէս իջան Պարգեւեանի գիծէն հռետորներ, բանաստեղծներ, գործիչներ ու մեր դատին դատախազները եղան, առանց ուշ դնելու իրենց իսկ թերահաւատ, նոյնիսկ լիովին ուրացող հոգեբանութեան այն հարցին մասին, զոր կանչուած էին պաշտպանելու եւ որո՜ւ դէմ: Պարգեւեանը տխուր, ականակուռ նմոյշ մըն է, զառածուն ու իրաւ, մեր մեծ սերունդէն, անկէ՝ որ տուաւ մեր կռուողները, ինչպէս տեսարանները. ու, անկարելի մեծանձնութեանց, նուիրումի, ինքնազոհման վսեմ, վկայագրօրէն վսեմ տեսիլքներուն կողքին, որոնցմով «պարուրուած» է մեր մտքին համար այդ փաղանգին պատկերը, պարզեց սա փարթամ, կանանչ փրփուրով զարգմանակուած լրբութիւնները մեծ մայրաքաղաքներու դիրտին մէջ հասակ առած մեր մեծ, մեծ, մեծ... ճճիներուն: …Պէտք է քայլել, աւա՜ղ, շատ բան լքելու ցաւին մէջ շատ բան լռելու ցաւն ալ մարսելով: Անոր հակառակորդները ո՛վ չէ իր դէմը հանած այդ անպախուրձ բերանը դուլ չտուին անոր ամէն տեղ, մելանի ու բառի կրկէսին, պատռեցին անոր «անկորան» պատմուճանը ու նետեցին անոր ուսերուն մեղատոռուն, ծաղկենկար, աղբակարուն քղամիդը քրէական մահապարտին ու ըրին զայն խաչի իսկ անարժան, փախուստի մատնելով անոր դիւային տաղանդը ու շնորհները, բայց անկարող եղան զայն տապալելու կիներու կիսաշխարհէն, որուն վրայ գիրը, բառը, ձայնը, տաղանդը սոսկական գահաւորակներ են միայն, յարդարուած, ճակատուած՝ ճարտար հաշիւներով, տանելու համար իրենց տէրը, գործածիչը դէպի բաւիղները ոխին կայսրութեան, վասնզի այդ աշխարհին վրայ գահը կը պատկանի մարմինին: Ու պարզ է հոս, այս անգամ, այս գոյականը: Անիկա կը նշանակէ անդիմադրելի, համարձակ այն հարկադրանքը, որով ծանրութիւն, որմէ ուժաւոր մարմինը կ’անցնի մարմինին քովէն եւ զայն կը զգետնէ: Արուն ու էգը, ո՛չ Ծննդոց Գիրքէն, այլ՝ մեր ժամանակներուն: Այսինքն՝ եբբ մեր կեանքը փոխադրուած է մեր մատներէն ու մկաններէն դէպի ներս, մեր ջիղերուն մազաձեւ կամարներուն ծոցը ու մենք կ’ապրինք ամէնէն շատ մեր ներսով, ուր կը թափանցէ իսկութիւնը սերմին, ուրիշ ամէն բանէ աւելի ապահով պեղումով մը: Անիկա եղաւ մնայուն, պաճուճուած արձանը, սերմնցու ցուլը՝ կը ճշդէին չարամիտները սրախօսելով, այն նրբենի սրահներէն ներս, ուր առատ են այնքան ու հասուն, թոռմելու հակած բազմերանգ աղջիկներ, ամէն տարիքէ ու աստիճանէ «հոգեշատ» կիներ, տիկիններ, փութացած այդ հաւաքոյթներուն, «ազգօգուտ», «ազգանուէր» հայուհիներու երբեմն պատմական վերադիրները փոշիներէն ազատելու, ու կը դալկանային անոր անձին ճառագայթներէն: Մա՛նաւանդ երսունէն վարեր, թարմութեան արոմը տաղաւար ըրած իրենց զաղփաղփուն շնորհներուն, մեծ վաճառատուներու ցուցափեղկէն վերցուած արդուզարդով, որոնք ժամերով կը յամենան իրենց զարդախուցերուն ու ծիր-ծիր, ծուէն-ծուէն, կէտ-կէտ կը յօրինեն իրենց դիմակները, ներկէ ու փոշիէ, շիւղէ ու բոյրէ համախառնուրդ լիութեան մը մէջ, ու իրար դատելու ատեն դատաւոր Պարգեւեանին կարծիքը կը չափէին ...: Ու բոլորովին փոքրեր, քսանէն վարեր, շաղոտ ու կէս հում, բայց տարօրէն համով, որոնք ամբողջ ժպիտ մը ըրած իրենց մարմինն ու սեռը, կը հալածէին անոր ոսկի գրիչը, իրենց ալպոմներուն համար մուրալով տող մը ու անոր աչքերուն մէջ կ’իյնային զով համբոյրի մը նման, զգոյշ ու յիմար, իրարու ձեռքէ յափշտակելու ճիգին մէջ, հեւքին մէջ փարիզեան ասպետը...: Այրե՞րը: Անշուշտ: Չմնացին ետ անոնք ալ իրենց կէսերուն այս ելոյթներէն: Ժամանա՞կը նպաստեց, թէ Պարգեւեանին անձնական առաքինութիւնները միջամտեցին, որպէսզի թուզի եւ մանածի ամրակուռ, խեցեկուռ, միակտուր իշխանները խոցուէին իրենց աւանդական, անծակ անտարբերութեան մէջ հանդէպ միտքի գործաւորին ու չկապէին զայն անարգանքի այն սիւնին, ուր շղթայուած էր այն ատեն, ինչպէս հիմա, իմացականութեան ու սիրտին միւս աւելի դժբախտ դարբինը, վարժապե՜տը: Ո՜վ, գէտէ: Ստոյգը ան է, որ անիկա բարձր ընտանութեամբ մը, նուաճող «երեսով» մը կը մտնէր ջոջերուն պալատներէն ու վաճառանոցներէն, կը գտնէր լեզու մենծին ու պզտիկին հետ, կը խթանէր անոնց «հաստ–կաշի» հոգիներուն դարաւոր թմբիրը ու կ’ողջունցնէր անոնց մէջ ազգային կսկիծը, անմահ ու ծիրանի: Այսպէս հետապնդուած, այսպէս «յարդարուած» այդ մեծագլուխ ելմտագէտները, լրջախոհ տնտեսագէտները չդժուարացան սպասարկելու ազգային հարցին: Զմիւռնական եռանդը վաղածանօթ է: Բացառիկ պարագայ եկաւ պսակելու տրիբունին յաղթանակը: Բռնապետութեան բարձումէն վերջը, Կիլիկիոյ աղէտն էր ատ պատահարը, որ անհեթեթ իր ստուգութեամբը ցնցեց հայութեան հոգին: Պարգեւեան, չեղած վտանգը աչքն առած, ճշմարիտ հերոսի մը վայել մեծանձնութեամբ նետուեցաւ շոգենաւ, Ազգային Պատուիրակութեան մօտ իբր ներկայացուցիչ իր թերթին: Ու աղէտին վայրէն օրը օրին հասցուց իր տպաւորութիւնները՝ խոշոր, կեղծ, բայց իրականութեան արիւնով ընկճուած. այնքան իր տեսածները խոր ու փշաքաղող հոծութիւն կը կրէին իրենց անծածկելի պարզութեանը մէջ: Գրագէտներ կան, որոնք իրականութիւնը չեն կրնար հանդուրժել: Անոնք զայն պիտի այլայլեն: Պարգեւեանի դրուագումները այսօր մեզի կը թուին հռետորական ու գրական: Այդ օրերուն անոնք անցան իբր «հոյակապօրէն» խոր պատկերացումներ: Իր յօդուածներուն մէջ կայ իր դէմքը, ամէն բան խաթարող ու տպաւորութեան քարտի մը վերածող աճպարար իր բնազդը: Աղէտին վայրէն անիկա թելադրեց ազգային հանգանակութիւնը ու յոգնած` թշուառութեան, գորշ ջերմութեան ու տգեղ այրիներու անյատակ սուգէն նետուեցաւ ետ, դէպի դշխոյ քաղաքին աննման հեշտութիւնները: Իր երեւումը կրկին շղթայազերծեց մեծ ցաւը, կազմուեցան, արդէն «զինուորագրուած» կիներէն, բազմազգի յանձնախումբեր, որոնք քաղաքին հայ բնակչութեան արդէն յուզումնախոց սիրտերը անգամ մըն ալ տակնուվրայ բերին: Այդ խմբակներուն գերագոյն զսպանակը հանդիսացաւ, «կուրնալիք» ականատես, «վիշտէն խեղդուած», իսկապէս արտասուայեղց գրագէտը, որ կեանքին մէջ առաջին անգամ շփումի էր մտեր իր քոյրերուն ու եղբայրներուն իրապէս անպարագիծ ցաւին հետ ու կ’աղաղակէր եկեղեցիին կամարներուն ներքեւ մեր Ցաւին անգամ մըն ալ նորոգուած «աղէտոգում» սաղմոսը այնքան խոր, պերճ թափանցումով, որ յորդեցան բոլոր խղճմտանքները ու լացի ելան խորանին պատկերները նոյնիսկ: Ու սրտառուչ էր ինքը, բանախօսը, տղու պէս հեկեկուն, մեր աղջիկներուն նահատակութիւնը զուսպ, արձանագեղ արձակի մը մէջ սեւեռելու փորձին մէջ, զգալով մահն ու սերմը նոյն փայլակին տակ ու անցնելով այդ զգայութիւնը հոգիներուն մէջը հատկտուր, նոյնատի ձեւերուն, սեւերով կեցած ժամուն մէջտեղը ու մազերնին քաշած երեսնուն, մինակ ըլլալու համար տեսիլքին, մղձաւանջին զարհուրանքին հետ: Ջիղերը այսպէս պրկելէ, սիրտերը քակելէ, քրքրելէ ու հոգիները իրենց ազգային հեռաւոր դարերուն մկրտութեան ու արիւնին ու ուխտին թաթխելէ ետքը անիկա անցաւ հանգանակութեան: Իր բացակայութեան իր թերթը արդէն կազմակերպած էր զայն: Ան զարգացուց գործը, ու բարեբաստիկ յաջողութեամբ, կակուղցուց սիրտերէն դուրս դուռները դրամի արկղներուն: Ու ելաւ շուկայ: Ու ելաւ փողոց: Ու ելաւ տուներ: Ու ընտանի, բայց աննահանջ բռնութեամբ անիկա մտաւ մեծ վաճառատունները: Ու առաւ իր իսկ ձեռքովը, նոյն աննահանջ, անդիմամարտ բռնութեամբ վաճառական Գոհարեան Ազնաւոր էֆէնտիին դրամարկղէն իր իսկ ձեռքովը, հարիւր ոսկի, աչքին առջեւ անոր կնոջը, որ հիացիկ, հետեւել էր այս անդիմադրելի հմայքին ու ընկճուեր տիպարին ամպարագիծ գեղեցկութենէն, մեծութենէն: Ա՛ն՝ որ դրամ կարող է հանել երկաթներէն, վանդակներէն ալ՝ սի՛րտ ալ կը տանէ: Ըսա՞ւ այս նախադասութիւնը գոնէ մտովի: Ո՜վ գիտէ: Վախցաւ սակայն խօսելու, չաւրելու համար տեսարանին դժուարագիւտ վեհութիւնը: Տիկին Գոհարեան իզմիրեան կաղապարէ, շնորհալի՝ ինչպէս փարթամ, հասակաւոր՝ ինչպէս մարմարեայ, խնամուած արդուզարդով մը կը հակակշռէր, բայց անըստգիւտ ճաշակի մը ցուցմունքին տակ, տարիքին առաջին խոնջէնքը, ճարտար մարձումներով, ներկով ու ներարկումով դարմանել ջանալով սեռային իր անխելք սպառումը: Շուկայ էր ելած՝ փոշի գնելու: Ներկայ այս տեսարանին, անիկա, ինքնաբերաբար, հանեց դաստակէն ոսկի ժամացոյցը ու նետեց գրագէտին մետաքս թաշկինակին, ուր արդէն ուրիշ կիներէ մատնի եւ օղեր էին ինկեր: Աչքին արցունք ու շրթներուն բոց, ցեղն ու սեռը համատրոփ մշուշի մը պէս զգալով ու տալով, Սահակ Պարգեւեան, հզօր ու թատերական լայնութեամբ բացաւ իր թեւերը: Համբարձո՞ւմ: , ոչ: Անիկա զուր չէր յաճախած Փրկութեան Բանակին սրահները, նման ձեւարկութիւններու գաղտնիքը մոռնալու համար: Յանձին Տիկին Գոհարեանի անունները երբեմն ճիշդ ու քիչ ալ կ’ըսէին անոր հաւաստումով անիկա փղձկած էր տեսնելուն նոր ժամանակներու հայ կինը, որուն սիրտը բաց էր այնքան իր ցեղին անմահ բոցերուն, ոսկի ատրուշա՜ն, ուր կ’այրի Արեւելքի ամէնէն խորհրդաւոր մէկ ոգին. ան շատ չհասկցաւ չարին ուժերը եւ ուրացաւ բարիին ալ հրեշտակները: Սրտառուչ նուէ՜րը: Որ արժեց նոյնքան սրտառուչ հեղեղ մը խօսքի, շուարեցնելու չափ մեծ վաճառատունին բովանդակ պաշտօնէութիւնը ու կասեցուց քանի մը վայրկեանի համար անկասելի առուտուրը, գնորդները, ծախողները, հայն ու օտարը, փաթրոնն ու դռնապանը անգամ առնելով իր թափին մէջ: Ամէն մայր տուաւ, տուաւ առանց գիտնալու: Թուրքեր ալ կային: Յաջորդ օրը անիկա ստորագրեց մէկը իր պերճաբարբառ խմբագրականներէն, համակ «հուր ու փայլակ», «արիւն ու աւիւն», որուն մէջ հայ կիները կ’առուէին Յոնիականի չքնաղ ափերէն, տարուելու համար ալեփառ Արարատին ստորոտը, հազարով տարիներ վար, Եղիշէի՜ դարը ու Վարդանանց պատերազմին դիւցազներգու վարդապետին այնքան պայծառ «գեղեցկակարկառ», «անստերիւր» ու «անմահ» գեղակերտուած կիներուն հետ կը մտնէին զուգակշռի: Այո՜, անոնք էին, հինգերորդ դարու փափկասուն տիկինները, որոնք «թօթափած ժամանակին մոխիրը իրենց խնկելի մարմիններէն»՝ եկեր էին վերստին մեր դժբախտ աշխարհը, եկեր կործանած փառքերը վերականգնելու ի խնդիր ու առեր էին տարազը, մարմինները զմիւռնական պարկեշտասուն, հոգեհարուստ, սրտառուչ տիկիններուն: Ու կը պատմէր անեքթոտը շլացուցիչ եռանդով ու վարակիչ յուզումքով, «ի սփիւռս աշխարհի» քնարերգելով անոնց անմահ գեղեցկութիւնը հոգեկան, որքան մարմնական. գրաւչութի՛ւնը՝ անոնց ձեւին, ինչպէս զգացումներուն, ու տալու, ադամանդին ու ոսկիին ճամբով իրենց սիրտերը իրենց ցեղին ողջակէզ տալու անոնց յօժար հարստութիւնը: Սահակ Պարգեւեան մարդ չգովեց, պէտք չունէր ատոր: Բայց երբ գովեց կիները, գիտէր ըրածը: Խա՞յծ: Ի հարկէ՜: Ո՞վ է ան, որ նմանցուցած է կիներու ուղեղը ձուկին ուղեղին: Չեմ հերքեր ստուգութիւնը, որ կը դառնայ նոյնքան խիստ, սեռերու շրջումով: Տիկին Գոհարեան լալով կարդաց իր անունը թերթին ճակատը ու մնաց շշմած: Անոր միտքին վրայ կը ցաթէր պայծառ, անմոռանալի դէմքը հրդեհուած տրիբունին, նոր, օտար, խոր, այնքան տարբեր: Ու անոր հոգիին մէջ ինկան զոյգ մանրանկար արեւները անոր աչքերուն, այնքան մեծ, նոր, խոր, լեցուն անասելի բաներով: Անիկա «խածաւ իր սիրտը», լռեցնելու համար յիմար ճիչը, որ մեզի չհարցուցած՝ կը թռի մեր կուրծքէն: Կան այս վայրկեանները, երբ մեզ կը մատնենք առանց գիտնալու: Գիրկն առաւ աղջիկը ու անոր մազերուն վրայ պարպեց արցունքն ու հեկեկանքը: …«Կինը ուզէ, Աստուած կ’ուզէ», ըսած է ժողովուրդը: Մինչեւ Պարգեւեանին գիրկը երկար է ճամբան ու կ’անցնի Գոհարեան Ազնաւոր ընտանիքին մէջքին վրայէ՜ն: Ազգային, ականաւոր անձնաւորութիւն այդ վաճառականը, որուն ընդոծին տուրքերը դժբախտաբար պիտի թառամէին վաղաժամ, «բռնապետութեան խորշակէն», ինչպէս կ’ողբար իր բառերով իր վաճառականացումը, Պարգեւեանին հանդիպումը ըրած պահուն «ինկած հրեշտակ» մըն էր, աւելի ճիշդ՝ տժգոյն ուրուական մը, չըսելու համար «զառածական» ոգի մը, Չիլինկիրեանի, Մամուրեանի, Ոսկանի ու նմաններու հոյակապ սերունդին հիացական, պզտիկութիւնը անցուցած ըլլալով անոնց պաշտամունքով: Պատկառանքի այս մարդերուն ազգային–ազատական «անմահ սկզբունքները» կազմաւորած էին անոր առաջաւոր պատանութիւնը: Բուրեղացնելով, բայց մանրադրուագ՝ ուշացող պատկերը 60ի մեր ջոջ աղա մտաւորականներուն: Որ, դրամէն ինկած մեծահամբաւ գոհարավաճառի զաւակ ու հետեւաբար աչքը դրամով յեռուած ըլլալուն հակառակ, գործի անցնելէ, կորուստը շահելէ, դրամ դիզելէ, հօրը փառքը քառակուսուած վերակազմելէ ետքն ալ, կը յամառէր հպարտանալ իր անթերի գրաբարով, քէն էր կապած դպրոցէն եկող-գացող բոլոր հոգաբարձութիւններուն աշխարհաբարին գերագահութիւնը որդեգրած ըլլալնուն՝ մեր վաղնջաւոր ոսկեղնիկ բարբառին վրայ, առանց ծիծաղելի ըլլալու, զուգակշիռը կ’ընէր Ալիշանի եւ Բագրատունիի բանաստեղծական տուրքերուն եւ արտայայտման շնորհներուն, տալով իր պատճառները, աւելի ճիշդ պատճառաբանութիւնները՝ գերադասելու ատեն «Հայկ դիւցազնը» «Նուագք»ներէն ու մեր չնաշխարհիկ, աստուածահաճոյ, ադամաբարբառ լեզուին գովեստը հիւսելէ տարուած, առանց անդրադառնալու զինքը մտիկ ընողներուն լիակատար այլուրութեան, ընտանեկան ընթացիկ, օղեբոյր, կաքաւուն հաւաքոյթներու պահուն, թեթեւաշունչ ու պճլտուն, կ’արտասանէր Բագրատունիի «Մարի սոխակին»ը, գլուխ-գործոց մը, ըստ իր ուսուցչին գնահատման, շատ աւելի վեր իբր յղացում ու արժէք Լամարթինի «Մահ Սոկրադայ» թերթուածէն, կամ կը բանար խոհուն ու լուրջ իր թեւերը ու կ’ոգէր անմահ թարգմանութիւնները «Իլիական»ին եւ «Դրախտ կորուսեալ»ին, հանդարտ, հնօրեայ, կշռաւոր ու ծիծաղելի: Այսքան հեռուէն, այս մարդերը ու այս մտայնութիւնը անհաւատալի կը թուին մեզի հիմա: Բայց անոնք վաւերական են այնքան՝ որքան աւելի կանուխի մեր ամիրաները ու անոնց սպասարկող տիրացու-բանաստեղծները, վարժապետ ու դպիր, պատուելի ու աբեղայ, որոնք գրեցին կամ ուրիշներուն գրածը պատմեցին պատմուճանով ու հայհոյութեամբ: Անոնք վատերական են, որքան ան մեզի բոլորովին մօտիկ ծերութիւնները, որոնք Պոլսոյ արուարձաններուն մէջ պաշտամունքը կը յաւերժէին անմահն Ալփասլանի ու անոր չնաշխարհիկ քերթողութեան: Մե՜ղք որ չեն ուսումնասիրուած արժանաւոր խնամքով: Կառավարական պաշտօնեայ, պանքաներու տնօրէն, պետական բժիշկ, վաճառական, լրագրող, գաւառական ժողովներու երեսփոխան, Վենետիկ ըրած տիրացու, յետոյ բախտին բերումովը յօդացաւոտ հասառու, ահա քանի մը տիտղոսներ, որոնցմով պիտակելի է այդ շրջանի մեր մտաւորական ընտրանին եւ որոնց ըմբռնումներուն, ճաշակներուն, աւանդակուռ նախասիրութեանց մէջ կը խտանայ երեք-քառորդ դարու բարեխառնութիւն մը անշուշտ իմացական մեր հասարակութեան: Ազնաւոր էֆէնտի Ճէվահիրճեան (անոր հայրը մեծ կողոպուտի մը զոհ էր տուած իր խանութը ու կործանած իր արհեստէն, տղուն էր փոխանցած իր բարոյական դրամագլուխը, այնքան անհրաժեշտ քարերու գիտութեան տիրապետում են համար, խելքն ու յամառութիւնը, հետապնդումն ու արագութիւնը, յոգնիլ չճանչնալու ու յոյսէ չիյնալու ցեղային առաքինութիւնները), փայլուն երիտասարդ, «հօրէ որդի», քանի մը լեզու խօսող, չեմ գիտեր ո՛ր հիւպատոսարանի մէջ պատուակալ թարգման, հազիւ իր տնտեսութիւնը ճլտորցուցած, հետեւելու համար շրջանի նորոյթին, որով հայ երեւելիներ, մենծ աղա ու եպիսկոպոս, իրենց հաստ, հասարակ մականունները կը փոխարինէին պատմա–նախարարական յորջորջումներով, սրբագրած էր հօրենական տիտղոսը համապատասխան հայերէնով: Ոչ միայն ատ: Անիկա գիտակ էր իր անունին անդրագոյն իմաստին ալ: Ատ էր պատճառը, որ ժամանակ մը, երբ գրաքննութիւնը նոր կ’ուրուագրուէր, անիկա իր անունին իբր ենթատիտղոս ընկերացուց «Յազնէ Բագրատունեաց» երկեակը: «Ի տանէն Խոռխոռունեաց», «ի տանէն Արջուկենց», «իշխան Գուիտոն Լուսինեան» էին մարդեր, որոնք Սամաթիա կամ Բալու ծնած, ազգային պատմութիւնը իրեն չափ ալ չէին վերծանած այսպէս աժանագին ազնուա(կանա)նալու համար: Մինչեւ «ազգասէրի» մը կողմէ իր մատնուիլը ոստիկանութեան, անիկա գործածեց գեղեցիկ բարաֆը, ու խոր էր կսկիծը, երբ աքսորի սպառնալիքին տակ, ստիպուեցաւ հրաժարիլ պատմական բացայայտիչէն: Բայց անիկա զաւակն էր իր հօրը: Պիտի շարունակէր մշակել, կատարելագործել արքունի տիտղոսով խորհրդանշուած մանրամասնութիւններ, կրկնելով Բագրատունի պայազատներուն իրերամարտ քաղաքականութիւնը…   տունին, ժամուն, շուկային կրկէսէն, որոնք յոյները, արաբները, Անին ու Արէնը ու մեր միջնադարուն դժբախտ, խռովայոյզ քաղաքակրթութիւնը կը փոխարինէին անոր աչքին: Զուր տեղը չէ, որ մարդ տիտղոսներ կը կրէ: «Խառնեց», «խառնշտկեց», անդադրում, ազգին գործերը: Թէեւ բացառիկ, բայց ամէն քաղաքի մէջ գոյութիւն ունէին այս գիծի մարդեր, Բռնապետութենէն առաջ ու անոր առաջին շրջանին: Հայահալած խստութիւնները սմքեցուցին զանոնք ու քշեցին իրենց պատեանները: Հայկական կոտորածը գրեթէ անհետ էր ըրած անոնց յիշատակը, երբ թուրքերու հռչակած Սահմանադրութիւնը կրկին արդիացուց, վաղանցուկ փառքի մը վերակոչելով այդ ազնուածին իշխանները: Հիմա՞: Անշուշտ կան նորէն, բայց ուրիշ տարազով: Բժիշկ, ատամնաբոյժ, լրագրող, վարժապետ, անոնց գործը աղմուկն է ու կ’ընեն իրենց պաշտօնը ուղղափառ եռանդով: Նշանաբա՞նը ասոնց ու Ազնաւոր էֆէնտիին: Բայց պարզ է շատ ատիկա: «Յորովայնէ մօր իւրեանց ընտրեալ» ընդդիմադիրներ: Քառորդ դար առաջ դրամը շուք կու տար ատոնց հակաճառութեանց ու փառասիրութիւնը երբեմն կը մղէր այդ մարդերը քսակ ալ բանալու ու գոցելու ժամուն պարտքը՝ դէմինը ճաթեցնելու ազնի՜ւ նախանձախնդրութեամբ: Հիմա՝ լրագրական շանթաժը, ճճի քէները ու հաշիւները, «գործի վրայ երեւելու» սնամէջ յաւակնութիւնը, անյաճախորդ ատամնաբոյժներու կամ գործէ հանուած ուսուցիչներու կամ թերթէն ինկած խմբագրի կտորներու ժանգոտ, կանանչ կարաւանն է, որ կը վարէ ընդդիմադիրները որեւէ քաղաք: Այն օրերուն՝ ազգին ծառայելու սահմանադրապաշտ ուղղամտութիւնը: Ազնաւոր էֆէնտիին գրաբարը (այս գիտութիւնը, վասնզի իրօք բժշկութեան չափ դժուար բան մըն է ալ մեր դասական լեզուին ուսումը մեր տղոց համար, ատենին մեր հաւաքականութեան, այսինքն՝ իմացական սերունդին վաւերական շաղախն է, մշակոյթի մեծագոյն գրաւականը, ազգասիրութեան գերազանց պատնէշը ու մեր եկեղեցիին քով, անոր չափ հիմնական մտայնութեան մը բիւրեղացումը, որուն պաշտամունքը կ’երկարաձգուի մինչեւ վերջերը նախորդ դարուն, տապալելու համար մեր իրապաշտներուն սրբապիղծ գրոհով), հակաճառութեան ընդարձակ իր գործարանները (անիկա Իզմիրի ներքին քաղաքիկներուն մէջ իր հաշւոյն կը պահէր խանութներ), պատուակալ թարգմանի նոյնքան ընդարձակ իր յարաբերութիւնները, դիւանագիտական մարմիններու մօտ իր վարկը ասելի ու չասելի մարզերէ (մի խորհիք մատնութեան կամ լրտեսութեան: Բագրատունին գոց զրուցող մը այդքան պիտի չստորնացնէր այն լեզուն, որ կը բարբառէր այնքան հոգեշունչ գոհարներ), ու իր պատմութեամբ, դպրոցով, ժամով հետաքրքրուող ու «ի պահանջել հարկին»՝ ցնծագին միջամտող եռանդուն անոր խառնուածքը բաւ էին կշիռի տանելու անոր անձն ու խօսքը, քէներն ու հաշիւները: Ու եղաւ անիկա երբեմնի գաւառական ժողովներուն մէջ համբաւով ու մեծազօր տրիբունը, անկաշառ դատաւոր «բարւոյ եւ չարի», իր գրաբարն ու չգիտցած պարսկերէնը (որուն կառավարութիւնը կը ներկայացնէր հիւպատոսական մարմինին մէջ) ի սպաս դնելով «յօգուտ եւ ի բարօրումն իւրազնէից», ընդդէմ ժառանգածին աղաներուն, որոնք մեր գաւառական կեդրոն քաղաքներու մէջ Աստուծոյ կողմէ յօրինուած հրաշքներ էին, ամէն մէկը իր դրամին հասնելու, զայն գագաթելու, վրան գահելու եռանդին, շահատակութեան մէջ իր վատնուած կորովին, մեղքին, խելքին անհուն մատեաններէն: Անիկա դէմ էր դարձեալ նոր կարգերու մեծահարուստ ձեռնարկուներուն, որոնք «ասելի ու չասելի» միջոցներով դրամ կը դիզեն ու իրենց Կիրակիները կը յատկացնեն իրենց փառքին, պորտաբոյծ ու յայրատ, ճարտարարուեստի պէյերուն, ամիրաներէ փշրանք, որոնք պետական գնումներու ճամբով, խարդախ ապրանքներով, հեվալէ [4] ներով, նոյն հաշուեցոյցը մինչեւ հինգ անգամ գանձել կրնալու սադայէլեան տաղանդով իրենց հարստութիւնը կը հիմեն ու լռիկ-մնջիկ փաշաներու շուքին ամրախարիսխ բանակը սոթտելէ յետոյ, կը քաշուին գործէ, իրենց խելքն ու փորձառութիւնները քիչիկ մըն ալ յատկացնելու իրենց «սիրեցեալ» ազգին: Բայց անոր նախընտրեալ ախոյեանները եղան կղերականները, անձնամոլ, որովայնապաշտ, կողմնակալ, ազգակործան ու «Դրախտ կորուսեալ»էն, զոր գիտէր գոց, փնջուած կուպրոտ վերադիրներ, որոնցմով կը շքազարդէ պատկառելի վարդապետը Արուսեակին (սատանայ) հոյակապ կենդանագիրը: Ու դէմ էր անիկա ան խմբագրի, վարժապետի, գրագէտի բեկորներուն, որոնք եղունգներով կառչած Ազգային Սահմանադրութեան թեփերուն (դուք իմացէք՝ տառին), սպառնալով, ամբոխավարելով, աղմուկ հանելով ուշադրութիւն կը դիզէին, որպէս թէ այդ համբաւը հաց ճարէր անոնց տունին, «ուր մուկն իյնայ, կ’ըլլայ հազար կտոր»: Խոր արհամարհանքով անիկա կը դատէր այս մարդերը, որոնք երկինքէն պաշտօն զգեցած կը թուէին դէմ ըլլալու որեւէ կարգադրութեան «ի չարն եւ ի բարին», ուրանալով ճկունութիւնը, ցեղային իմաստութիւնը, միջավայրին յարմարելու ընդունակութիւնները մեր ժողովուրդին: Տարօրինա՞կը: Անշուշտ: Ի ծնէ ընդդիմադիր, անիկա զարմանալի էր իր հակառակութեամբ այս ասպարէզի ընդդիմադիրներուն: Կը գործէր մինակ, աչքն առնելով պարտուիլ, բայց չյուսահատիլ: Հակառակ էր ամէն առաջնորդի, Մամուրեանի սերունդին զայն ծերացած, գործի անպէտ յայտարարելուն մէջ գայթակղութեան վայելքին քով, ներքին համոզումի մը գոհունակութիւնն ալ տալով իր բառերուն: «Այր խստապարանոց», «այր անոպայ», ոսկի՜ բացատրութիւններ, որոնք, իր սրամտութեանց աղեղէն անխնայ գործածութեամբ մը, ի վերջոյ հոմանշեցին անոր սեպհական անունը ու աճեցուցին թիւը անոր ելոյթներուն «ընդդէմ բոլորեցուն»: Յամառութեան մայր, սխալն էր գործած քսան տարի ուշ գալու աշխարհ: Ի՜նչ թախիծով կ’ոգեկոչէր օրը, ոսկեդարը Ազգային Սահմանադրութեան անդրանիկ շրջաններուն, երբ դրամին ու բառին կրկնակ ճառագայթումովը, քաղաքական տենդի ու պերճ բարբառի ասպետներ տեսակ մը ներքին անկախութիւն ստեղծեցին: Ինք ամէն արժանաւորութիւն կը լրացնէր՝ ըլլալու մէկը անցեալ դարու այդ «երեւելի ազգայիններէն», որոնք նոյն այդ դարուն կէսերէն վերջը կերտեցին մամուլ ու խորհրդարան, դպրոց ու ազգային կեանք: Աւա՜ղ, բախտը այլ էր տնօրինած: Բռնապետութիւն: Անկում ու հալածանք հանդէպ գրաբարի: Կոտորածներ: Ջնջում խորհրդարանակա՜ն կեանքի: ... Այն կարճ շրջանին, որ թուրքերու Սահմանադրութեան հռչակումովը կը բացուի, անիկա լքուեցաւ իր իսկ շնորհներէն, կորսնցուցած ըլլալու անդրագոյն մարզումը, երիտասարդական խանդը: Կրկէսին վրայ պատիւով ու առաւելութեամբ «զկայ առնուլ»ի համար, իր տուրքերուն հնաբոյր նկարագիրը կը դաւէր իրեն: Ծակ գլուխ, անփորձ, վճռական, մա՛նաւանդ «անգրաբարագէտ» (գեղեցիկ բա՜ռը) յեղափոխական տրիբուններու դէմ անիկա անզօր էր, ինչպէս անկարող նոր պահպանողականներու փաղանգին պատշաճելու: Ատիկա դաւադրութիւն մը պիտի ըլլար իր անձին ու անցեալին դէմ: «Մնաց մուրատը փորը», ընտրուիլ չկրնալով ատենապե՜տ Գաւառական Ժողովին: Իր երեսփոխանութիւնը այդ իսկ պարտութեամբ կը դադրէր իր իմաստէն: Ու բացուեցան դուռները ուրիշ պարտութիւններու: Հինգ-վեց ամսուան դժնդակ, «բորոտ» պայքարի կեանքէ մը ետքը, ազգային ներկայացուցիչը ընդոտնուած, «գզուած» իր քիչ մը շատ եռանդէն, հին ու նոր մեղքերու բողկուկներէն, ամէնէն աւելի հինութենէն, արդէն մօտ էր բոլորովին մէկդի քշուելու, երբ ըրաւ հանդիպումը «երկնառաք» մարգարէ Սահակ Պարգեւեանին: Իր դրամին լիութիւնը չէր փրկած զինքը: Իր գրաբարը եւ կինը օգնութեան փութացին իրեն: Նպաստի տուրքին յաջորդ օրն իսկ անիկա գրաւա՜ծ էր համակրութիւնը գրագէտին, առաջին անգամ ոտք դրած դշխոյ քաղաքը, հետեւաբար նոփ-նոր, այսինքն՝ պատկերին առաջին փլանովը, հոյակապ ու անդիմամարտ: Գոցեց ականջները, ասկէ ու անկէ փսփսւած շշուկներուն: Ի՜նչ անխելք են երբեմն մեր ականջները: Ու բացաւ լայն, կռնակին վրայ, դուռները իր կիրքերուն: Ազգային խորունկ արատ, մեր չքաշելը իրար: Գիտենք ատիկա: Բայց խոր յամառութիւնը մեր, իրարու վնաս հետապնդումին մէջ, զոր կը մղենք առաջ, կանգ չառնելով ոչ մէկ սրբութեան դիմաց, լքելու աստիճան մեր ազգը մինչեւ: Մեր կրօնափոխները ուրիշ կիրքէ չդրդուեցան դէպի կաթոլիկութիւն, բողոքականութիւն ու թրքութիւն: Առհաւական կարօ՜տը գուցէ, երբեմն՝ նախարարական գահոյքներու ետեւէն. հիմա՝ սանկ ու նանկ աթոռներու թիկունքի՜ն: Ո՜վ գիտէ: Կան այդ մարդերը ու կան պերճութեամբ, որոնք աթոռի մը սիրոյն այսօր իսկ չեն վարանիր զոհել չգնուելիք մեր իրաւունքները: Քաղաքական հրայրքին շրջուած, փոքրացած, լղրճուած մեր այս մոլուցքը մեզ կ’ընէ տառապէս անբան: Ատ էր պատճառը գուցէ, որպէսզի Գոհարեան Ազնաւոր էֆէնտին չվարանէր օգտագործելու մեր ամէնէն հզօր պարսաւագրին տաղանդը, ռմբակոծելու համար իր հակառակորդները ամէն մարզէ, կուսակցական, թաղական, երեսփոխան, խմբագիր, երգիծողք եւ ընկերներ: Անիկա չունեցաւ դժուարութիւն այդ գրիչը վարձելու, պատրաստ գործիք, հաւասարապէս տրամադրելի վճարողին, միայն ժամանակի անիւով, այսինքն՝ օրո՜վ: Սահակ Պարգեւեան, դրամի ծարաւի, չդիմացաւ անոր փայլին ու թուրք մոլլաներու նման առտուն պաշտպանած ֆէթվան իրիկունը հերքեց, միշտ դրամով: Իր նեղութեան օրերուն անիկա պիտի զիջէր նոյնիսկ գիրք ծախելու, այսինքն՝ գրելու եւ ուրիշին, գնողին անունովը զայն հրապարակ դնելու: Ազնաւոր էֆէնտին, միշտ իր քէներուն աքցանէն, չվարանեցաւ դուռն ալ բանալ իր տունին այդ «ոսկորաժէտ» ու «յայրատ» մարդուն, որուն բարոյական տարողութիւնը դատեր էր առաջին իսկ շփումէն, հանգանակութեան յաջորդ սեղանի մը շուրջը, հետեւելով վենետիկեան հին հէվիմարանի մը շատ պատուական ցուցմունքին, մարդերը ճանչնալու համար կռիւի կամ սեղանի հանել: Ի՜նչ անմահ գիրք ըլլալու էր այդ Հէվիմարանը, որ հարիւր յիսուն տարի առաջ գուշակեր էր սա սեղանը: Ուտելու, կերածը վայելցնելու, այսինքն՝ կերածին վրայ գուրագին անդրադառնալու, «գորովելու» վատ, պզտիկ, պղտոր գոհունակութի՜ւնը մեր մակաբոյծներուն, երբ հաճոյքէն վեր բան մը, հեշտագին անձուկ մը, չհաւտալու ձեւ մը իրարու կ’աւելնան մեր դէմքին ու կը շարեն մեր կզակները անդադար կրելու, ծամելու ու լիանալու: Ա՜խ, սքանչելի գիրքը: Բայց որ մեղաւոր էր ցուցմունք չունենալուն մէկ ուրիշ, շատ կարեւոր պարագայի համար ալ: Անիկա չէր ըսած, թէ մարդերը ճանչնալու համար պէտք է զանոնք արտասանելու հանել: Այն ատեն գուցէ ըլլար աւելի զգոյշ ու չխաբուէր դերասաններէն: Իր յիմարութի՞ւնը: Հարկաւ: Աւելի քան իշունը: Քանի որ հաւատացեր էր, միշտ այդ սեղանին լուրջը, անըմբռնելի պաշտամունքին, զոր համադամ խոհերուն գոլորշին հեշտօրէն ծծող աշխարհաբարի մեծատաղանդ վարպետը պարզեր էր Բագրատունիին գրաբարին վրայ, առանց անկէ տող մի բան կարդացած ըլլալու: Այս յիմարները գոյութիւն ունին: Հասկնալի պիտի ըլլային գրողին պարունակէն: Առեղծուած են, երբ իրենց սիրած հեղինակը ուրիշներուն պարտադրելու նախանձախնդրութեան մէջ ահաւոր են նորահաւատներու նման, ու չեն ընկրկիր ոչ մէկ զոհողութենէ: Ֆրանսական բարքերէն անիկա ծանօթ էր այս մենագարութեան եւ իր ատած, արհամարհած գրողները կը փառաբանէր աժան–կարապետ դքսուհիներու սրահներուն մէջ, երբ ծանրացած ճաշէն, քունը գլուխը, խօսելու նիւթ գտնելու համար, դիմում կ’ընէր Տիկինին հեղինակներուն ու կը ճառէր, իր պատրաստ բանովը, անոնց արժանիքներէն: Ան ինչ թատերական էր ու տպաւորիչ, մեծատաղանդ գրագէտին «թեւանալը», «սաւառնիլը» դաշնակութեան ու կշռոյթին, իմաստին եւ աւիւնին ուղխենահո՜ս հեղեղին վերեւ, երբ կիսախուփ աչքերով, թեւերը օծուն դանդաղութեամբ աջ ու ձախ ճօճելով, կշռոյթը կը կրկնէր Ազնաւոր էֆէնտիին բերանէն թափուած մարգրիտ տողերուն, անոնց մէջ ողջունելով ծափագին՝ անհաւասարելի երաժշտականութիւնը, պերճափառ իմաստը ու քերթողական «ուղտաճեմ» աւիւնը մեր անզուգական, անմահ, անպարագիծ դիւցազներգակին, Հայկը քանդակող կիսաստուածին: Անիկա պատեհութիւնը օգտագործեց, «Հայկ դիւցազն»ի «կառուցման մեծարուեստ աշտարակումին» ներքեւ ճզմելու, չիք ընելու ժամանակակից քերթող մը, իրեն ընկեր ու թշնամի, որ իր «ոսին մոլուցքին» մէջ արդի մեր հերոսները դիւցազներգելու, իր տաղանդին «անսրբագրելի» կմախքը կը ջանար հագուեցնել ոգի եւ բառ առնելով փոխ մեծ վարպետէն, վարդապետէն: Ազնաւոր էֆէնտին, եթէ չամչնար, համբուրէր պիտի այդ երկնային բերանը, որ այնքան յորդ արդարութեամբ մը նորերը կը քշէր իրենց շուքին, մռայլացումին ու հիներն ալ կը թափօրէր դէպի իրենց գագաթները, սեւին սեւ, ճերմակին ճերմակ ըսելու անկարելի առաքինութեան դէմ չթերանալով երբեք (ո՜վ մեր լեզուն, ինչեր կու տանք ըսել քեզի), ինչպէս եղած էր արդէն անոր բնաբանը հանրային կեանքի ապերախտ ասպարէզին մէջ «թեւակոխելէն» ի վեր: Անշո՛ւշտ: Այս աստիճան կորովամիտ, արդար, խստադատ, մտածածը չխնայող, մա՛նաւանդ ուղիղ մտածող, հաճելի, վայելչախօս ու տակաւին ուրիշ անստգիւտ տուրքերով օժտւած միտքի մը համար բացուեցան անոր սրահին դուռները: Ի՞նչ էր ի վերջոյ ոսկին: Աշխարհի բոլոր ադամանդները քովէ քով շարւած չէին կարող գնել գեղեցկութիւնը տողին՝

«Զաքիլլեայ, Պելիսածնին, Աստուածուհիդ զքէնն երգես» [5] ու դեռ թարգմանութիւն էր ատիկա: Սահակ Պարգեւեան ոգեց, ոգեկոչեց Օտեանները, հին մեծ դէմքերը, մեզմէ եւ օտարներին, որոնք իրենց անունները փրկեցին արուեստագէտներու իրենց ընծայած վարկովը: Երկու շաբաթ չանցած՝ միջնաբերդը գրաւուած էր Պարգեւեան Սահակէն, ազգասիրաբար, քերթողաբար, ու այծենակաճ վերարկուին տակը Բագրատունիին, որ, կղերական ըլլալուն՝ վատան չէր կրնար ունենալ:

Միջնաբե՞րդը:

Հարկաւ: Տիկին Գոհարեան:

Սովորակա՞ն, այս պատմութիւնը, գոնէ ասկէ անդին:

Գուցէ՜:

Բայց այդպէս չդատեց զայն Տիկին Արտեմիս Գոհարեան: Անիկա յանձնելէ առաջ ինքզինքը մեծատաղանդ գրագէտին, գիշեր մը ամբողջ լուսցուց յիշատակին հետը ուրիշ մէկու մը, ան ալ տիտղոսաւոր, վաստակաւոր գրագէտ, ազգին մէջ համբաւ դիզած, բայց ցաւագար, ճղճիմ, ծուռիկ ու յիմար: Այս մտապատկերին կը հսկէր կաթողիկոսցու եպիսկոպոսը, արձակ իր թեւերուն մատանեհուռ պերճութեամբը ու շուքին աճած մորթի մը դեռ անվթար փափկութեամբ մը, եօթանասունի դուռներուն: Սիրա՞ծ, այդ երկու հակադրութիւնները: Բայց Պարգեւեանին ճառագայթումին տակ անիկա իր դառնութիւնը կը բանաձեւէր առաջինին դէմ, էրիկ-մարդութիւնը զառածած փախուկ, որ քառսուն տարի ի վեր կոյսերը կ’երգէր «աղեկտուր լարերով», փոխ քնարի մը վրայ, միշտ ձեռագիր մնալու սահմանուած «տաղարան», վասնզի «անցեալ էր զաւուրբք» անոնց ա՛լ ոչ-պատանի հեղինակը: Այս մարդուն յիշատակը դեր ունեցա՞ւ իր անկումին մէջ: Ստոյգ է, որ յիմար ամուրին, իր գրաբարի մեծամոլութեամբը, Եգիպտոսէն կազդուրուած ու «բրգացած» (բառը գործածելով խորհրդանիշ առումով) վերադարձէն ետքը, քաջալերեր էր իր երկրորդ ամուսնութիւնը, գրաբար հոտող: Քաջալեր ու բարեկամ տունին, սեղանակից ու փոխասաց, երբ ճաշերու վրայ դէմ դէմի, Ազնաւոր էֆէնտիին հետ Հիւրմիւզ եւ Բագրատունի կը կշռերգէին: Որ, Տիկինին տարրական գրաբարը զարգացնելու անձնամատոյց իր եռանդին մէջ, դպեր էր փափուկ լարերու, ոտք հանած լուրջ խռովքներ (գէթ իր կարծիքն էր ատիկա), բայց գերագոյն րոպէին՝ ընկրկեր: Առարկութի՞ւն: Ուզածնուդ չափ: Անշուշտ ամէնէն հիմնակա՜նը. բարեկամի հանդէպ ուղղամիտ իր կեցուածքը: Նոյն գիծէն՝ ազգին բոլորանուէր ծառայելու իր ուխտը, որ իր ժամանակը «կը կլանէր» լիուլի: Նմո՞յշ մը այդ ծառայութիւններէն: Հարկա՜ւ: Անիկա կը թարգմանէր «ի վայելումն» իր աշակերտուհիին ու անոր վրայով ամբողջ ուսումնատենչ «մանկտւոյն» ֆրանսացի դասախօսներէն գոհար պատառիկներ: Ոսկեղնիկ բարբառով, ստուերի մէջ ձգելով Նար-Պէյի սխա՜լ, «խուժդուժ», «վատահնչիւն» դաշնակները, ու արդի դժբախտ բարբառով «Ի հայս կ’ածէր» ռոմանթիքներու գողտրիկ, քնքուշ քերթուածները, սիրաւէտ ու «ամօթլեած»: Ու կը պատրաստէր յոգնավաստակ բառարաններ՝ իւրովսանն նպաստելու համար, «դուզնաքէ մատեաններով» մեր ազգային ճաշակին ազնուացման: Ցաւագար ծերունի՜ն: Որ կիներուն հետ իր առանձնութիւնները մատրիկալի [6] կը վերածէր, մանրամասնութեանց էապէս չնչին, իրեն համար ամենաթանկ հանդէսով մը: Ու կը կարծէր զանոնք ըլլալ նուաճած, գոնէ թուղթի վրայ, անոնց բերանը դնելով հիմնովին տղայական բացագանչութիւններ ու ահեր, քան ծիծաղելի խոստովանութիւններ: Ու չէր անդրադառնար իր այլանդակութեան, երբ հաշմանդամ իր սեռը կ’ոգեկոչէր, բայց «քերթողօրէն», փախչելով կիներուն շնորհներէն, հալածական, խրտչուն, իր ընկրկումը փրկել ջանալով յանուն բարեկամութեան, պղատոնութեան եւ ուրիշ սրբազան բաներու: «Զզուելի մա՜րդը», ինչպէս կը բանաձեւէր իր յիշատակներուն մէջ, Տիկին Գոհարեան, երբ անկարողութեան ամօթէն, կատուի անոր աչքերուն նեղնալը, ջնջուիլը, կամ առնուազն վատ փախուստով մը, շեղիլ, պատուհան ապաստանիլը տեսնէր: Յիմա՜րը: Որ կու գար իր քերթուածները կարդալու, գրեթէ անոր մազերուն «թաւուտին» մէջ, ինչպէս կ’ըսէր չափուած տողի մը մէջ, բայց քայլ մը կը նետուէր ետ, երբ Տիկինը փորձէր գլուխը շարժել: Սեռին դէմ մեղքը մահացու է: Կիները զայն կը մոռնան ամէնէն ուշ, եթէ երբեք կը մոռնան: Ոչ մէկ ատելութիւն կը հաւասարի մերժուած, առնուազն պարտ ու պատշաճ չշահագործուած էգին ատելութեան: Տիկին Գոհարեան այս փորձառութիւնը հաստատած էր նաեւ կաղ պոռնկագիրին վրայ, որ սրահներու մէջ բաց բառերու իր երփներանգ վրձիններովը, սիւնակ–սիւնակ կը լիզէր կիները, բայց անոնց առանձնութեան կը դառնար «մամածակ», պապանձուն ու քիթը կախ: Գրագէ՞տ. Սահակ Պարգեւեանը: Մե՜ղք որ էր: Երեք-չորս սեղան բաւեցին սակայն, որպէսզի սրբագրուին Տիկինին տարակոյսները, վերապահութիւնը, ասպարէզին դէմ իր ամբարած արհամարհանքը: Իր մտերմութեան մէջ պարսաւագիրը ամէն բան կը հոտէր, երբեք թուղթ ու մելան: Մարդ էր անիկա: Ու ահա տարօրինակը: Անիկա տարբեր էր հրապարակի կնորսներէն, ծեքծեքուն ու իգաշնորհ պաշտօնեաներ, պանքաներէ եւ ռէժիէ, իրենց մորթերն ու եղունգները աղջիկի պէս բուծանող ու հոտաւէտ, ինչպէս շուկայ իջնող երեսուննոց կին մը: Անիկա տարբեր էր միւսներէն, հաստ ու իրաւ մարդեր, վաճառական, ընչաքաղց, միսն ու իւրաւունքը նոյն պատառին վերածող ու կիները ունենալու իրենց փառասիրութեան մէջ գլխաւորաբար դրդուած նանրամտութենէ, երբեք սեռին ուռնակէն: Սահակ Պարգեւեան, գավասի մարմինով, բայց արուեստագէտ, բախտն ունէր միացնելու իր վրայ երկու բեւեռները, ուժն ու նրբութիւնը, էգին հանդէպ յաւիտենական, աննահանջ, բացարձակ ծարաւը արուին ու ատիկա պարզ էր իր ամէն արտայայտութեան մէջ: Զմայլելի խօսող, կենդանի միմիքով մը իր խօսքին ուժը քառապատկող, անիկա բազմութեան մէջն իսկ ձեւը կը գտնէր կիներով զբաղելու, զանոնք իրմով զբաղեցնելու ու կապելու իրեն անոնց երախտագէտ, հաշուող համակրութիւնը, ու ասիկա, առանց մեծ սպառումի: Իր անձէն մագնիսական հեղո՞ւմ, պարարտ առնութի՞ւն, աչքերու խոր հրաւէ՞ր: Կիները իրենց ուզած բաները պիտի տեսնեն մենէ հարիւր հեղ աւելի յստակ: Սահակ Պարգեւեան բացարձակ էր քանի մը կէտերու վրայ: Կիները ամէնէն առաջ անձը կը փնտռեն: Քիչ մարդեր եղան անոր չափ առատ, յորդ, ցանկայարոյց: Կիները կ’ախորժին դէմքի վերապահութենէն: Սահակ Պարգեւեան մշտադիմակ մարդը եղաւ ու մնաց անթափանց: Կիները կը սիրեն նուրբը, փափուկը, ուժին մէջ բռնուած դալուկ յուզումները: Սահակ Պարգեւեան կնիկի պէս կու լար, երբ կը պատմէր մեր ողբերգութիւնը ու իր ձայնը կը «թաւշանար», երբ քերթուածի մը կամ յուզումնահիւս էջի մը խորունկ ալքերէն գեղարուեստական իսկութիւնը վերաբերել կը ձգտէր ու կը կարդար կախարդի պէս խոր: Աւելի՞: Անշո՛ւշտ: Անիկա տառապած էր: Այսինքն՝ անօթութեան ու զրկանքի անմահ ծիածանները պսակ կը հիւսէին անոր դալուկ ճակտին: Քիչ չեն այս պայմանները, նուաճելու համար երեսունը անցած կնիկ մը, որուն ամուսինը սկսած է թոռմիլ, գէթ իր պատեանէն:

Քիչ վախով չէր սակայն, որ անիկա յանձնեց ինքզինքը, զգլխանքի յանկարծահաս պահու մը, երբ հինգ վայրկեանի համար դուրս կանչուած ամուսինին փախստեայ բացակայութիւնը գրագէտին կողմէ շահագործուեցաւ անհաւատալի տիրակալութեամբ մը: Էգին հետ առանձնութիւնը փորձաքար մըն է արուին համար: Մեծ կիրքերու հերոսները կ’ընկճուին անկէ: Ըսել կ’ուզեմ՝ կ’անասնանան: Օրէնքը ճիշդ է ազգերու կրկէսէն. թուրքերը պիտի չկրնան յարգել կին մը գուցէ մինչեւ երկու հարիւր տարի, անկէ վերջ: Ա՛ն՝ որ «Ապրիլեան փորձառութիւններ» ունի իր օրատետրին մէջ, ինչպէս կը պարծենար համեստ սինիզմով Սահակ Պարգեւեանը, պիտի չվարանի առիթը «հեծնելու»: Արժանապատուութեան հա՞րց: Անոր համար ծիծաղելի բանը այս աշխարհին արուի մը կողմէ յայտնուած վախն է էգին հետ առանձնութենէն: Կիները կը զգան ատիկա ու կը դատեն: Անճարակները, սուրբերը վախկոտներ են շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ: Յանդգնութիւնը, նոյնիսկ աղիտալի իր հետեւանքներով, աւելի կ’արժէ, քան ամչնալը: Այս տարազները առակաձեւ ու խորունկ, հանդիպելի էին անոր խօսակցութեան մէջ, տրուած անփութակի, հարեւանցի, բայց որոնք անոր ներքին անձնաւորութեան ոսկորները կը շաղհիւսեն, այսպէս ըսելու համար, կը կազմեն կմախքը անոր բարոյականին: Յետոյ, խօսքի մէջ առատ, այսինքն՝ թերահաւատ, անիկա գործեց ու գործեց իր անձին երկրորդ դէմքովը, այսինքն՝ հզօր արուի հմայքովը: Հինգ վայրկեան չէր տեւած այդ առանձնութիւնը: Անիկա առած էր այդ «սուղ րոպէներուն» բառերը որքան իրաւ կ’ըսեն երբեմն Տիկինը իր թեւերուն մէջ, մագնիսացած, մագնիսացուցած, վտանգէ` ինչպէս հեշտանքէ վեր այլուրութեամբ մը, ազատ ու ամբողջ, տիրական ու պե՜րճ: Իբր թէ չըլլային բաց սրահ նայող բոլոր դուռները, չլսուէր վարի յարկէն Սոնային «մայրիկը», ձեղունէն զոյգ ջահերը չբռնկէին, քովնտի սենեակներէն սպաuուհիներու գոյութիւնը չըլլար զգալի, փոքրանիշ ու յիմար: Թաւշեայ թիկնաթոռին վրան էր անիկա, փոշիոտ ու բուրաւէտ, հոլանի ու պուպրիկ: Ու կը վախնար ուրիշ բաներու հաշւոյն, քակուելիք սա արդուզարդէն: Գրագէտը կը շեղէր դասական եղանակէն, համբոյրի տեղ գործածելով թեւերը, որոնք ինկան Տիկինին կիսամերկ կռնակէն այնքան ջերմ ու իրաւ, որ տարիներ ետք, ամէն տեսարանը յիշելուն, Տիկինը դեռ կը զգար բաբախումը իր միսերուն այդ ուժին ներքեւ: Անդիմադրելի, պայծառ նուաճում մըն էր ատիկա, «մեծ ոճէ», ինչպէս փսփսաց գրագէտը անոր ականջներուն, ֆրանսական սալոններու յիշատա՜կ: Յետո՞յ: Բայց պարզ բոլորովին: Տիկինը պիտի չմոռնար անոր անհաւատալի դիմանկարը, երբ էրիկը ներս մտնելուն, գրագէտը առաւ կրկին խօսակցութիւնը ճիշդ ձգուած թելէն, կէտէն ու բառէն, այնքան ահաւոր բնականութեամբ, որ գլխու պտոյտ կու տար: Հինգ վայրկեա՜ն: Թերեւս քիչ մըն ալ պակաս: Բայց անջրպե՞տը: Աւա՜ղ: Այո՜: Որ կը սկսէր խաղաղ ու նախանձելի ու կը թափէր սա ողորմելի եգիպտական աղտոտ փարքէին մէջը: Տարիներու կամո՜ւրջը, ինչեր կը լքենք քու ջուրերուդ:

Այդ իսկ գրկախառնումով Տիկին Արտեմիս Գոհարեան չափեց տարածութիւնը, որով կը բաժնուէր հաշմանդամ ու փափուկ գրագէտը, թարգմանիչ-բառագրողը սա յաղթահարող ու անդունդի պէս ընդքարշող արուէն: «Ովկիանոս», խորհած էր անիկա ու մտամոլոր-ման րոպէի մը, վերադարձէն յետոյ, արտասանած իրեն ալ, առանց անդրադառնալու, որ կրնար մատնել ինքզինքը ոչ-նուազ հանած-վարած իր ամուսինէն: Ու անջրպետը, որով հեռու էին զոյգ էրիկները, անո՜նք, որ իր մարմինը կը հանէին լեզուի, բայց զուրկ էին եղած սա անանուն, սողոսկուն, թափանցուն առքէն, տրտում, յիմարցնող, քաղցր ու տաք՝ ինչպէս շոգին, ինչպէս սերմը, քալող նոյն ատեն բոլոր երակներէն ու աչքերը, ինչպէս բանականութիւնը կոյր ընո՜ղ: Ինչ շուտ կը մոռնանք մեր սրտին տարողութիւնը ու կը վերագրենք անոր ինքնահնար դեր, ճակատագիր, մեր հասարակ կիրքերէն հրաշքով ստեղծելով ինչ որ վէպերը կ’ուզեն բռնի մեր խելօքութենէն, տափակութենէն: Ինկող ամէն մէկ կնիկ կիսաստուած կը զգայ ինքզինքը գէթ շրջանի մը համար: Այս յօրինումին ճարտարապետը վայելքը չէր, որ քիչ անգամ անխառն է վախէն, զզուանքէն, արիւնին հեռանկարէն: Այլ՝ անորակելի մայրութիւն մը, զոր կինը կը գտնէ մէկ շունչով, հոգ չէ թէ յղի չմնայ: Գործն ու հետեւանքը իրարու լծորդ են ու կը քաշեն զիրար: Ու ամէն մայր ստեղծող մըն է:

Աւելորդ է գուցէ պատմութիւնը այս տարփանքին, ըլլալուն նման բոլոր տարփանքներուն: Տիկին Գոհարեան իր էրիկը չէր խաբեր, ինչպէս կը տրամաբանէր միամիտ իր կեղծիքին մէջ. այլ… իր արդար բաժինը կ’առնէր կեանքէն, իբր թէ սէրը ըլլար ուրիշ, օտար բան, քան հասարակ միuկերուկ մը, «բարձր թէ խոնարհ ոճէ», բայց միuկերուկ մը, որուն հանգոյցին կը ծուարուի անխուսափելի ձանձրոյթը: Իբր թէ բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց էրիկները կը խաբէին, գռեհիկ ախորժակի մը փաստը կու տային ու ինք միայն կը զատուէր հասարակաց ճամբէն: Ինչ ալ տխրութեամբ ճարեց զօրաւոր այն երանգները, որոնք բացառիկ, իրեն յատուկ միայն, ներկեցին հասարակ այդ պատահարը: Ու չէր գիտեր, թե ինչու կ’ընէր այս զիջումը իր կիրքերը սրբագրելու: Կը կենամ հետեւելէ անոր ուրիշ ընդհանրացումներուն: Պարտք մըն է սակայն միւս կողմէն հաստատել, թէ կան ուժեր, որոնք կիներու թաքուն ու խորհրդաւոր զգայարանքներուն վրայ կ’ազդեն անվրէպ, ու յաճախ անյայտ է ատոր ճամբան: Մի մոռնաք, որ անիկա նուէրի, տուրքի պէս կ’ընդունէր կիները ու կ’արհամարհէր զանոնք, երբ իրենց մարմիններէն ետքը չունէին միջոցը իր ալ մարմինը ապրեցնելու: Ու թաքուն այդ դիւթքը ամէնէն աւելի տոյժով, աղէտով հասկցողը ըլլար Տիկին Արտեմիս Գոհարեանը, որ կը զատուէր կարաւանէն իր տարիքին քիչ խոնջէնքովը փարիզեան պառաւակոյտէն ու սնտուկին յուռութքո՜վը՝ մէտինէթներու սրտառուչ, պարզ, ինքնամատուցումէն: Տիկինը, երբեք հոգեբան, յիմարութիւնն էր գործեր գոհարապատար իր սնտուկը ցուցադրելու արիւնէն (ըսել կ’ուզուի հօրը, մեծ հօրը գիծէն), իսկ անօթի գրագէտին ու անոր աչքերէն ներս ընդելուզելու մետաղին այդ դիւթքը, գերագոյն թովչութիւնը, որուն առքէն, մշուշէն, թեւերէն, մղձաւանջէն չազատեցաւ անոր «մուրացկան» երեւակայութիւնը: Անիկա այս մետաղային շլացքներուն, կիսաղօտ նշուլումներուն յաճախանքին տակն էր դեռ պատանութենէն ու բացառիկ պահանջկոտութեամբ կ’ուզէր կիները, բեռնաւոր իրենց իրաւ ու կեղծ անոնց միսերը ճմռած, ծծած, ծեծած ատեն, խուլ ու անյայտ թուլացումով մը կը լարէր իր ծանր ջիղերը ականջներէն, կարծես հնչիւններուն մէջ հաստատել ջանար սեռին հսկայ, անանուն, յաւիտենական զարկը, որ այսպէս կը փշրուի, օղ ու մատանի կ’ըլլայ, ապարանջ ու մանեակ կը հիւսուի ու միսերուն վրայ կը թանձրանայ: Գոհարեղէնին շողիւնը զայն կ’ընէր արբշիռ ու խենթ: Ու հազիւ պարտկուող յուզումով՝ անիկա կը շփոթէր կամովին սեռն ու բիւրեղը, ծիծերն ու զանոնք պսակող մանեակները ու կը ծծէր մետաղը, միuին սենեակը միասին շրթներուն առած: Պատրա՞նք: Կայ անշուշտ: Բայց որ կինը կը հաւատայ մետաղին, երբ կը խաբէ. ու ո՞ր կինը չի հաւատար իր շնորհներուն, երբ կը ծծուի:

Փախո՞ւստ մը:

Առանց սնտուկին կախարդութեան, ատիկա վատ ու նսեմ ու անխուսափելի փախուստը կատարուած կ’ըլլար ինքնաբերաբար: Սրտի ոչ մէկ կապ անոր համար կշիռ ունեցաւ, ո՛չ թէ անգութ ըլլալուն, այլ անկէ, սիրտէն գերիվեր ըլլալուն: Անիկա իր կիրքի ընկերուհիները ապաբարոյ, զզուող արարածներու վերածելու համար, կ’արհամարհէր նոյն ատեն զգացումը, որով քաշուած էին իրարու, զայն արժեզրկելով իր, թէ դէմինին վրայ: Իր վրայ՝ զմայլելի հանդարտութեամբ, տաղանդաւոր շքեղութեամբ մը ինքզինքը ծախու ապրանք յայտարարելով: Ատով արդարացուցած կ’ըլլար նոյն սենեակին մէջ քանի մը աղջիկի գոյութիւնը նոյն անկողինով:   Դէմինին վրայ՝ ինքզինքը յայտարարելով բուն իսկ արուն, այսինքն՝ բոյծի դրուած ցուլը, որ ատեն չունի, հիմնականէն դուրս շեղումներով ալ զբաղելու ու կը ներկայէր ինքզինքը նախանձէ վեր, աստւածային անտարբերութեամբ մը թողելով, որ իր կրունկը լզելու չափ իրմով բռնկած «սիրեկանը» հեռանայ, առաջին հանդիպողին հետ: Փառաւոր, անկարելի դիմածռո՜ւմ մը, զոր ուսերու ինքնատիպ ցայտք մը կը լրացնէր, կը փակէր արկածը, յիմար իր սկիզբով ու ապուշ վերջաբանով: Անորոշութեան այս աստիճանը, հեռու՝ զինքը ստորնացնելէ, կ’ըլլար տեսակ մը պատուանդան, տեսակ մը պատմուճան, զոր միշտ օգտագործեց, հացի պէտքէն հալածական, յաճախ ոտքի բռնելու համար ճճիի մuասիւներով կաղապարուած իր հոգնկմախքը, ու պատսպարելու համար անվերադիր մարմինը իր հոգիին: Սահակ Պարգեւեան զզուելի էր, անհրապոյր, փոշի, աղբ, կիրքի պահերէն դուրս, ու երբ չէր խօսեր, այնքան որ սիրելին եղաւ բոլոր կիներուն: Ոչինչ այնքան կ’ազդէ գէշ կիրքին, որքան ժամանակը: Անոր թեւն է, հողմաձայնն է, որ կը դատարկէ մեր հոգեյատակը սեռին միսթիք շոգիներէն: Յաճախ ամիսը բան է, որ այս հիւսիւսայգը մեր խորագոյն կենսաբեւեռին՝ փարատի ինքնին ու ձգէ մէջտեղ աւազա՜նը, խեղճ ու կրակ ջուրի կտոր, երբեմն ալ անջրդի ապառաժ, որուն վրայ սեռը կը կամարէր իր զգլխիչ վառերն ու բեհեզները: Սահակ Պարգեւեանէն մնացա՜ծը, ամիս մը ետքը: Անկանգնելի պատկեր մը փշուր-փշուր, որմէ՝ մարմարը աչք խտղտող, բայց ժանգի հակած, առաջին օրէն իսկ: Ան ինքզինքը տեսնելու համար ակնոց չէր գործածեր ու գիտէր փտախտը զգացումներուն ամէնէն անմահ որակուածին: Տիկինէ՞ն: Անոր սիրահարին համար անիկա ձանձրացուցիչ, յիմար, գարշ փորձառութիւն մըն էր, զոր փրցուցած ու նետած կ’ըլլար սիրտէն, եթէ պատկերին ոտքերը կափուցուած չըլլային ոսկեդրուագ սնտուկին խորերը: Բայց ուրիշ էր այդ պատահարին տարողութիւնը Տիկին Գոհարեանին համար: Անոր էրիկը ա՛լ սեռէն դուրս մետաղ մըն էր: Կան մարդոց կեանքին մէջ այս շրջանները, երբ ամէնէն պարզ բաները կը փոխուին ներքին հեղումներով: Մեր սիրածները կը վերածուին չէզոք պատկերներու ու մեր մէջքը տաք ջուր միայն կը հոսի: Անասո՞ւն, անսե՞րմ: Ո՜վ ինչ գիտնայ: Անիկա փաթթուեցաւ գրագէտին, վճռական ու յիմար, որ տունէն սարսափահար:

Փախո՞ւստ մը:

Նոր չէ, որ կիները կը փախին իրենց սիրածին ետեւէն: Բայց իր բախտէն չունեցաւ մէկը, իրեն պատմելու, «ստորոգելու» աւագ դրուագները անոր անցեալին ու պարզելու գոնէ աստառը անոր հոգիին: Սահակ Պարգեւեանը, տաղանդաւոր արձակագիր ըլլալէ առաջ կամ ըլլալով հանդերձ, բազմահոս, բազմապահանջ, «բայէն բայի ոստնող» սիրահարն էր Արեւելքին, սեւ աչքերուն անյատակ թովչութեամբը: Ու ահա կարեւո՛րը: Մինչ անոր մէջ գրողի տուրքերը ենթարկուեցան անխուսափելի մաշումին, շատ աւելի արագ, որքան չէին տարազեր իր սկիզբի ուժգին սլացքները, ու եղան քմահաճ, ի վերջոյ անպէտ, անոր մէջ՝ մնաց պատնէշին վրայ մի՛շտ, սիրահարը: «Գրականութիւնը կինն է», կ’ըսեն ոմանք: Բայց չեն ըսեր աւելին: Ե՞րբ կը դադրին իրարմէ: Ըսել կ’ուզեմ՝ ե՞րբ սեռային հեղանուտին կը դադրի ենթարկուելէ գեղարուեստական սարսուռը: Գրողի մը գործէն ո՞րը՝ յատկանշակա՛ն, տալու համար բանալին անոր զգայնութեանց: Նո՞յնն է քսանամենի արուեստագէտը, աղջկան մը ծոցին մէջ, իր այն միւս վիճակին հետ, այս անգամ յիսունէն վեր, երբ բախտը նորէն աղջիկ մը կը դնէ անոր ծոցին: Սահակ Պարգեւեան Տիկին Գոհարեանի պատահարէն յետոյ չունեցաւ ապրող ոչ մէկ գործ: Ուրե՞մն: Ու կը ներկայանայ տժգոյն հարցումը, անողոք իր հարկադրանքովը. այս վերլուծումը զո՞վ նպատակ ունի ներկայացնելու, գրագէ՞տը, թէ սիրահարը:

Դուք չափով մը գիտէք, թէ ով էր եղած անիկա Փարիզ, ուր, զաւկին հայրութիւնն անգամ չէր յօժարած ընդունիլ, գերմարդկային այլուրութեամբ մը իր ժամանակէն ու անոր հրամայականներէն: Չէր յօժարած, ոչ անշուշտ անզգածութեան գերագոյն րըքոր մը կոտրելու սնամիտ ապաբարոյութեամբ մը, որուն հանդէպ մասնակի զիջումներ ան ունէր արձանագրած կենցաղին, ինչպէս գրականութեան մէջ, այլ՝ խուլ ու վատ այն երկիւղին համար, զոր կը զգան թուղթի, գիրի, պարսաւի, քարոզի ասպետները իշխանութեան հետ որեւէ շփումէ: Մելանի մարզէն իրենց իւրացուցած մեծամտութիւնը, ամէն օր իրենք զիրենք հեղինակութեան հովէ մը վերցուած գիտնալու պատրանքը զանոնք կ’ընէ ձախլիկ ու ցաւագար, երբ իյնան Ուժին իրական առանցքին վրայ, որ պարզ է, կոշտ, գիւղացի ու կ’ուրանայ զիրենք հիմնովին: Թաղականի կտոր մը նոյնիսկ, իր ժողովուրդէն աւելի կ’արժէ, քան տասը Պարգեւեան: Մեծատաղանդ գրագէտը հայհոյեց այդ կարգերուն, բայց չունեցաւ քաջութիւնը անոնց դէմ ճակատելու: Զաւա՜կ մը: Ո՜վ գիտէ, թե ինչ անակնկալներ խանձարուրուած են նորածինի մը ափ մը մարմինն ի վար: Ու լքեր էր անիկա, մայրութեան խուլ տունի մը անկիւնը յղի ուսանողուհին, Անգա Կէօրկէօվնա, սլաւ երկիրներէ, նո՜ւրբ, նո՜ւրբ, ա՛յնքան՝ որ մարդուն հաւատալը չէր գար այդ կաղապարին տակ ծածկւած ձեւին իրականութեան: Կան այս պատկերները, որոնք միշտ կը տպաւորեն չես գիտեր ինչ անիրական յարդարանքովը իրենց աչքերուն ու կ’անցնին մեր քովէն երազի մը պէս: Դասական գեղեցկութիւնը չէ ասիկա, որ միշտ ոտքերը գետնին կը քալէ: Անգա Կէօրկէօվնան պուպրիկ մըն էր, հրաշքով մը մեծցած մարմինէն, բայց արտայայտութեան մէջ պահած իր մանկութիւնը, գիծէ ու մորթէ անլուր գրաւչութեամբ, բարի՜, բայց աստուածային երակէն. մէկ անգամ ինքզինքը զոհող՝ ինչպէս պուպրիկը, որ կ’իյնայ ձեռքէդ ու ատ կ’ըլլայ իր վերջը, բայց մա՛նաւանդ անսահման ընկալչութեամբ, որ սիրեր էր զինքը իր երկրին մեծ մղումովը, ռուսի լայնալիր սիրտով ու… խորտակուեր՝ անոր անհասանելի փոքրութեան, վատութեան, ապազգայութեան զարնուելով: Մեծատաղանդ արձակագիրը լքեց զայն, հասցէն չտալով ու չառնելով. օրիորդին պահեստի, զաւկին հոգեգինը ներկայող դրամն իսկ գրպանելէ ետքը, ահաւոր խաղաղութեամբ, գնեց շոգեկառքի տոմսակ մը ու վազեց… գրեթէ յիսնամեայ կաւատի մը պանդոկը, հարաւային Ֆրանսայի մեծ նաւահանգիստին մէջ. առաջին կինը Ֆրանսա ոտք դրած օրէն, որ գրաւեր, գներ, ապրանքի պէս, բոյծի էր դրեր զինքը իր «զզուելի անձին շնչահեղձող» ու աղաբոյր, աղիճահիւս «տաղտուկին» մէջ. շաբաթ մը ամբողջ իր սենեակին մէջ բանտարկելով Արեւելքի սեւաչուի իշխանը: Ի՞նչ էր գործը այդ ճիւաղին պանդոկը: Սեռային փորձառութիւնը ինքնագլուխ բան մը չէ մեր ենթաշխարհին մէջ: Անիկա կը հպատակի որոշ չափով մեր միւս վարժութիւններուն: Մեծ վտանգներու առջեւ իմացականութիւնը կը քաշուի երկրորդ փլանի, տեղը տալով բնազդին: Հինգ տարի առաջ, ագարակէ մը աքլոր մը թռցնող աղուէսը, ամէն անօթութեան առջեւ, անգամ մը պիտի փորձուի դէպի նոյն թաւուտները ագարակին: Ու այս օրենքը գուցէ ճիշդ է մարդոց համար ալ: Ոչ ոք՝ որ պատմէր Տիկինին, Գոհարեանին, թէ ինչ նուաստութիւն էր անոր սիրահարինը, երբ փախչելու համար իր զաւկէն, չըսենք սիրուհիէն, անիկա յանձն առաւ կրկին այդ բանտարկութիւնը ու քսանըհինգ չեղած՝ իր թարմութիւնը ծծցընել տուաւ այդ մuակոյտի՜ն: Չեղաւ մէկը, այդ օրերէն կենդանի վկայ, որպէսզի պարզէր աւելի տխուր դրուագներ, միշտ այդ կաւատներու կայսրութեան դաշտերէն: Ու Տիկին Գոհարեան, թռչունի ուղեղ, ինչպէս էր տարազը գրագէտին, բոլոր կին գրողներուն մասին, անկարող էր հասկնալու անոր նշանաւոր մէկ էջը, կազմուած՝ երկիմաստ, բայց կտրուածքով տպաւորիչ աֆորիզմներէ, նիցչէական երակէ, ու խստագոյն պարսաւի մը վառ թոյներով կաթ-կաթ ականակուռ, սրամիտ ու կծկուած, ինչպէս հնոցէն նոր ելած խարանիչ պայտը. եւ որուն մէջ անիկա կիները կազմող տարրերուն վերլուծական բաշխումն էր ըրեր, ու բզիկ-բզիկ, երկաթէ ճիրաններով փետտելէ վերջ, ինչ որ կիներուն առաքինութիւնն է հռչակուած, նուիրումէն մինչեւ մայրութիւնը, նետեր էր մէկդի ու հաստատած՝ անոնց բոլորին հոգեյատակին, գարշագին միս ու աղբապարար հեշտանք, կարճ ու ահաւոր վճռականութեամբ մը: Ատիկա գրած էր ան հարաւային Ֆրանսայի այդ պանդոկին մէջ, երբ աղտոտ մահիճին վրայ ա՛լ պեխերը բուսած այդ կնոջ երանքները ծածկեր էր մատիտին քիթովը ու թեթեւ, եւ արիւնով, վէրքերէն ծկլող, շիներ էր ճիւաղ դիմանկար մը, սպասելով անոր աղջկան, մօտիկ գեղի մը մէջ ան ալ պանդոկատէր… ու աւելի ստոր, քան անասունը, անիկա ծակծկեր էր իր ալ կոպերը նոյն մատիտով, քանի որ անոնց ներքեւ կը բուսնէր, աստուածային իր մաքրութեամբը ու աննման գեղեցկութեամբը ու շաղոտ կուսութեամբը միւս նկարը, այդ պահուն մայրութեան տունին մէջ, կեանքի եւ մահուան ալթէրնաթիւի մը մէջ զուր տեղը փնտռելով իր սնարին իր ասպետը, արքան, աստուածը ու պաղատագին կու տար անունը իր զաւկին, որո՜ւ, որ պիտի ունենար իր դէմքը, հօրը դէմքը, ու աւա՜ղ, գուցէ անոր ալ ճակատագիրը: Այս մղձաւա՜նջը, որ չէր յոգնած իր ուժգնութենէն ու եօթը կիներու ծոցն ալ յաղթահարած, կանգնելու իր աղեղին մէջ, թեւերը կոտրած, դէպի կոպերը ու ահեղօրէն խռովիչ: Այո՜: Սահակ Պարգեւեան: Ըսի՞ ձեզի, թէ Տոսթոեւսկի չէր կարդացած: Այլապէս, փոխանակ այդ շաղիղոտ աֆորիզմները ստորագրելու, անիկա իր խժլտուն տենդին մէջ պիտի ստորագրէր խորագոյն վէպերէն մէկը հայ գրականութեան: Սո՜ւտ մը՝ Սթովրակինը անոր այդ վիճակին մէջ դրուած: Այդ նշանաւոր էջին մէջ անիկա կը գրէր յատկանշական ուրիշ նախադասութիւն մը, որուն համեմատ, կիները վերլուծողները ներքինիներ էին, եթէ գարշագին միսէն ու աղբապարար հեշտանքէն դուրս գտնէին ուրիշ բանե՜ր: Ո՜վ պարզութիւնը ամէնէն խոր բաներուն, զոր չենք տեսներ դժբախտաբար առաջին ակնարկով: Անշուշտ սեռը հերքելը հերոսութիւն մը չէ՝ կինը, մա՛նաւանդ զաւակը ուրանալէն ետքը: Բայց հակառակ իր ահաւոր, անորակելի ապաբարոյութեան, անիկա չէր յաջողած լռեցնել մղձաւանջը: Ու կը տառապէ՜ր, եղկելի ու նենգ, յիշատակովը, մինչեւ սա ծերութիւնը, աննման տեսարանին, որուն մէջ Փարիզի ամէնէն գեղանի աղջիկը, իրմէ դեռ ոչ-մայր, ինքզինքը դրեր էր իր տրամադրութեան տակ, պաղատագին նայուածքէ մը ետք, երբ անդին այդ աղջկան համար խենթացողներ, մարդերու աւագ ընտանիքներէն, արիւնի ու փառքի իշխաններէն, վռնտուած ու յիմար, կը ջանային իրենց վրիպանքը հասկնալ ու չյաջողիլ: Այս ամէ՛նը, որպէսզի ճշդուի տարողութիւնը գալիք պատահարին, այսինքն՝ փախուստին,

զոր ըրին սակայն:

Անոր եզական, իշական յիմարութիւնը, ինչպէս որակեց անիկա այս արարքը, առաջին շաբթուն իսկ, ու նետեց, այդպէս պիտակուած տարազը, իրեն յատուկ շնականութեամբ մը, իրեն հետեւող տիկինին երեսին: Պիտի գործածէր նախադասութիւնը, հետզհետէ աւելի զայրագնոտ, աւելի կծու՝ շեշտէն՝ ինչպէս արհամարհանքէն, երբ Տիկինին սնտուկը թեթեւնար իր յուռութքէն, քիչիկ-քիչիկ, տարիներու ընթացքին: Այդ անըմբռնելի անասնութիւնը, այդ իշական ըլլալէ յետոյ իշխանական իշութի՜ւնը, իր գոյութեան խայտաբղէտ գարշանքին վրայ յաւելեալ գերազանց, ծիծաղելի, անքաւելի արա՜տ: Ոչինչ կ’ընէր այնքան տխուր զայն, որքան ծիծաղելին: Իր իրաւունքը, մենաշնորհը կը նկատէր անիկա ուրիշները ծաղրելի ընել ու ըսել այդ բանը յանձնապաստան լրբութեամբ: Պարսաւով տապալել: Գիտէք ատիկա: Ծիծաղելին ուռեցնել, ծաղրանկարին իջնալ, երկրորդ նախադասութիւնը: Իր թշնամիները, որոնք լեգէոն կը կազմէին ու յաչաղկոտ բերնով խնդալ ունէին անձին, ի՜նչ սրտառուչ երանութեամբ շահագործեցին պատահարը: Չեմ հետեւիր աղմուկին, բարոյախօսական տեսութիւններու հեղեղին, պժգանքի հանդիսաւոր ցոյցին, զոր յառաջացուց այդ փախուստը մեր գրուած ու բերանացի մամուլին մէջ: Անիկա «գոհ էր» ականջին ծանրութենէն: Բայց, խորտակումէն վերջը, իրենց մեծութեա՜ն մէջ: Այդ արա՜տը: Զոր պարտաւոր էր հանդուրժելու, բայց ոչ առաջիններուն, նախկիններուն նման, խուսափովի, քանի որ ուղի չունէին ատոնք, այլ անծածկելի, աշտարակի մը գագաթին ինչպէս, ու պիտի հանդուրժէր ահաւոր կեղի մը նման արուեստի իր արքենի զգայարանքներուն վրայ: Զոր պիտի չամչնար տառապանքի գործիք մը տնկելէ, իր «կնկանը» գլխին, ամէն անկողինէ վերջ ու ամէն ցոփութիւններէ յոգնադարձ իր բեկումին ատենները, աւելի ետքը գրական իր վրիպանքը զետեղելու չափ այդ փախուստին կենդանակերպին ներքեւ: Ու պիտի պոռար, աւաղող ու արտասուայեղց, ինքզինքը զոհ, իր տաղանդը՝ նահատակ ու դիա՜կ:

Ինչպէ՞ս:

Այսինքն ո՞ր իրաւունքով:

Ան ոչ մէկ ատեն ուրիշին վրայ չփնտռեց ատիկա, որպէսզի փնտռենք իր մօտ: Բայց անիկա պիտի հարցնէր միշտ, միշտ, կարճ օրը հեղ մը գոնէ:

Ինչպէ՞ս:

Այսի՜նքն:

Ինչպէ՜ս ինկած էր անիկա «հաղբին» մէջը այս կնիկին, ի՜նք՝ որ ելեր էր շատ աւելի խճող, խոր, «մեծ ոճի» պաշարումներէ, փարիզուհիներուն ուռկաններէն, «ողջ-առողջ», ու ելեր մա՛նաւանդ սրտառուչ, անտուն մեծութեամբ Անգա Կէօրկէօվնային աղապատանքէն, զայն լքելու ատեն գտնելով անհաւատալի տխրութի՜ւն: Ինչպէ՞ս:

Հարկա՜ւ:

Ծանօթ էք անոր չունեցած կամքին: Բայց անծանօթ էք անոր այն միւս վիճակին, որով տիպարը կը դառնայ եզական ո՛չ միայն մեր մտաւորականներուն ինքնին խճող խաժամուժին մէջ, այլեւ՝ բոլոր խաւերէ ապրողներու, կիսահարուստներու՝ հօրէ կամ ժառանգովի, հանրային կարծիքը թուքի իսկ անարժան նկատողներու զանգուածին մէջ: Անոր այլ վիճա՜կը: Զայն կը նմանցնէր, բանաստեղծօրէն, ծովային, ժելութիւնով հիւսուած զանգակներու, կակղամորթ կենդանինե՜ր, իրենց «գեղակերտ» ծփանքին մէջ, երբ նստած ծովափ՝ կը համրէր դոնդող զանգակներուն փոքրադիր գմբէթիկները, ջուրին կապոյտին կամ ձիւնին մէջը, այնքան թոյլ, հեշտ, լպրծուն, իւրաքանչիւրին մէջ խորհրդանիշ տեսնելով իր տարիները, վարերէն, բացերէն, միշտ այսպէս «լպրծուն», միշտ «շեղ», առանց յատակի, ու անօգո՜ւտ՝ հրուած դէպի եղկելի մահը իրենց, ըլլալու բզիկ-բզիկ, ժամանակին վարակներուն վրայ: Ի՜նչ պայծառ ենք երբեմն մենք մեզի հետ, երբ մեր վրիպանքը կը կամրջենք կիսակործան կամարներու վրայէն, արագ ցատկելով, վար չնայելու համար աչքերնիս գոցած, ու ետ դառնալ վախնալով: Այդ պահերուն խաղաղութիւն կայ մեր մէջ: Ծովափին նստիլ ու նայիլ ջուրի՜ն: Տխուր ու առինքնող նոյն ատեն, այդ հաճոյքը, երբ միտքն է սեւով: Այսինքն՝ երբ մեր ուղեղին կը վերադառնայ գուցէ սկզբնական քաոսին մէկ պատառիկը, ծուէնը, մութ, բայց կայծով յղի, անկազմ, բայց հնարաւոր՝ հրաշակերտներ ճարտարապետելու: Ի՛նչ որ տիեզերք կը կոչենք, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր ուղեղին մէջ կաթիլ մը սեւին, նախաքաոսին արտարձակումը, երկարումը դէպի ամբաւութիւնը: Ու մենք կ’ապրինք, մեր մտքին սեւովը, անհունութիւնը աշխարհներուն, փոխն ի փոխ լոյս ու խաւար, գոյ եւ ոչ-գոյ: Ու ըլլալու համար աւելի հասկնալի, մենք մեզ կը դնենք առջեւը դոնդող զանգակներուն, ու անոնց դիակներուն, ափունքի varecհներուն ու փուտ փայտերուն կողերն ի վար ու սեպերուն նիզակներէն խոցոտուն, իրենց լազուարթ ու բիւրեղ ծփանքէն յետոյ այսպէս ելլենք, գարշութիւն, զոր կանանչ ճանճեր պիտի բեղմնաւորեն ուրիշ թռիչքի, ուրիշ ճակատագրի համար: Ո՜վ մեր կեանքը: Քեզ ապրիլը պարտքն է մեր ճիտին: Բայց ինչո՞ւ՝ դրին մեր վիզին միւս զարհուրելի պարտքն ալ նորէն, քեզ մեզով դատելու: Ի՜նչ են գիրքի մը հարիւր, հինգ հարիւր, հազար էջերը այն անհուն բեկումին, բխումին, առքին կամ ստորնութեան մօտ, որոնցմով շինուած են քու անհասելի բեհեզին հէնքերը: Ո՜վ մեր կեանքը, զոր կը կրենք երբեմն այնքան անուշ, այնքան թեւ ու թռիչ, երբեմն ալ այնքան կապար, երկնաքար: Քեզ տալու համար ի՜նչ գիրք է հարկաւոր: Սահակ Պարգեւեան, կեանքին հոսանքին վրայ իր զանգակ-տարիները արձակած, «տեղաւորա՜ծ», բացէն հովերուն անձնատուր, ուրիշին գերի, ուրիշին գրուած: Անշո՜ւշտ, ինչպէս ժելաթինոտ ծովամայրերը: Սի~ն: Անշո՛ւշտ: Բայց գեղեցի՜կ, աւա՜ղ, ինչպէս ըլլալ պարտքն է բոլոր ձեւերուն, երբ կը նաւեն անոնք տակաւին հեռու՝ մահուան պարունակէն: Բայց փխրուն՝ ինչպէս պարտքն է ըլլալ մեր կառոյցներուն, հոգ չէ թէ մենք մեզ թէ մենէ դուրս կառուցողներ ըլլանք: Գրագէտը կը տխրէր ի վերջոյ, չհանդուրժելու չափ բազմատարմ արշաւը դոնդողներուն, կու տար կռնակը ծովափնեայ պանդոկներուն պատուհաններէն ծաղկող կնիկի մը դէմքին արեւելով իր հոգին, կ’ուրանար ամէն բան, ամէնէն առաջ մա՜հը, այսինքն՝ ափունքին varechները, նման զանգակներուն ու նման ամէն ճամբորդի: Իզմիրեան ծովափնեայ սրճարանէն սկիզբ առնող այս հոսումը կեանք-զանգակներուն պիտի չմոռնար անիկա: Ու «գեղայօրէն» ծովաստղին նման, անիկա հետեւեցաւ Տիկին Գոհարեանին Պոլիս, Եւրոպա, Եգիպտոս, ո՛ւր որ քշեցին իրենց մանրանկար, կիսայոյզ գմբէթները զիրենք ապրելու, մեռնելու, նորէն ծնելու, բայց մա՛նաւանդ իրար սպաննելու նախասահմանուած:

Ծանօթ էք մասով կեանքին, զոր շինեց մեծատաղանդ արձակագիրը այդ կնիկէն: Աւելի՞ն:

Այս վէպին սահմանը չ’արտօներ լայննալ:

Վասնզի առանձին վէպ մըն է ատիկա արդէն, սրտառուչ ու խեղճ, պարզ իր աւերակին առաջին փլանովը: Ու ամէնքս ալ գիտենք, թէ որքան քիչ է առածը մեր ակնարկին, երբ դուրսէն, հեռւէն մտնէ շփումի համապատկերին: Իջէք ներս, պարիսպէն ու սիւներու ոսկորներէն: Իջէք վար, մառաններէն ու նկուղներէն: Այն ատեն միայն պիտի գնահատէք միլիոններու պոզանը, հոգեբանական ողկոյզը, որոնց մահովը յօրինուած է այդ աւերակային թախծութիւնը: Ու կը ձգեմ ընթերցողը այդ մուտքին:

Խեղճ, խե՛ղճ, խե՜ղճ խորտակումը մեր մատուռին դուք դրէք կեանք անունը անոր զոր օրին մէկը որոշեցինք քանդել հիմերէն, նորոգելու հերոսական ցանկութեամբ: Զոր կը տապալենք մեծ կրակի մը ճարակ ընելով, ու երբ կը փորձենք այրած պատերը կործանել գետին, խորանալ հիմը, նորը դնելու, վերցնելու համար, կը գտնենք մեր մատները չափազանց յոգնած, մկանաթափ: Այն ատեն է, որ անհուն բեկումով կը նայինք մեր իսկ ձեռակերտ չուառ աւերածին: Յետո՞յ: Կը փախչինք, որպէսզի մեր տառապանքը խնայենք ուրիշներու վայելումին: Կամ՝ նոյնքան խղճալի համակերպո՞ւմ մը, մեր մատուռին աւերակին մէջ բնակելու կրկին, մինչեւ որ փլին կիսայրեաց պատերը ժամանակին փոշի ժանիքէն ու թաղեն մեզ, մեր միամիտ, քաղցր, անվերադիր յիմարութիւնը: Մե՜նք՝ որ ուզեր էինք «քանդել մեր շտեմարանները եւ եւս մեծամեծս շինել»: Շատ են տուն փլողները, իրենց իսկ ձեռքով: Քանի հոգի՜՝ որ ունենար սիրտ այդ աղբակոյտէն նոր մը հիմնելու: Տիկին Գոհարեան սկսաւ իր տունին քայքայումը մեծ հերոսութեամբ մը: Բայց այդ քայքայումը լրումին տանելու, պսակելու ուժը զլացուեցաւ իրեն: Յոգնած էր անիկա, առաջին իսկ շաբաթէն: Բայց՝ պարտաւո՜ր, ծուէն-ծուէն հանդուրժելու իր աւերումը, ա՛լ ուրիշ բանի անատակ ըլլալուն: Կրակը կարգ մը մարմիններու տարրաբանական եւ յատկութիւնները կը փոխէ ընդմիշտ: Մոխիրէն չի շինուիր ադամանդ, թէեւ այս վերջինը իր բիւրեղները ըլլայ պարտական ճերմակ այդ ածխացումին: Արեւմտեան մշակոյթէ, բարքերէ կին մը, մերիններէն տասն անգամ աւելի բախտ ունի իր սիրածին հետ գէշ-աղէկ տանելի մատուռ մը մէջտեղ բերելու հասարակաց աստուածութեան: Անիկա կեանքը հագնելու, տանելու, տիրելու մեր կաղապարուած, կրացած ձեւերէն ա՛լ ազատուած է համեմատական չափով. ինչո՜վ ապրի՝ քաղքենի մեր տիկինը անգամ մը ինքզինքը դուրս գտնելէ ետքը, իր բոյնէն, մեծ գայթակղութեան մը գնով: Հեռանկա՞րը՝ նորը սկսելու: Բայց ո՞ւր: Որո՛ւ համար: Մենք կը հանդուրժենք ձեւէն փրկուած շնութիւնը, սանկ ու նանկ հաւասարակշռուած հոմանիութիւնը: Բայց կը հալածենք ազատ արտայայտութիւնը սեռային հորձքին: Իր տունէն փախած կնիկ մը այդ իսկ քայլովը մեռած է մեզի համար: Յետո՞յ: Ինչ յիմար է երբեմն մեր հարցումը: Ու վիպողը պարտաւոր է կենալ ու չդատել: Ու վիպողը պարտաւոր է կապ մը ճարել ընդմէջ մեծատաղանդ արձակագրին ու գեղայօրէն, մեծակառոյց, արքենի Տիկին Գոհարեանին:

Այո՞:

Այո՜: Կայ անիկա, երբ պատասխանի մը սիրոյն, փոքրենք տարողութիւնը մեր բառերուն ու սեռային մարզը նկատենք գերագոյն ավազանը, դաշտ ու հովիտը, ուր պարտին դիմել բոլոր աւշերակները մեր սէրերուն կամ ատելութեանց: Այսինքն՝ երբ խորտակենք մեծաշնորհ արուեստագէտի մը հիմնական զգայարանքը, ուրիշ խօսքով՝ զայն հանենք դուրս իր արքայութենէն, ձեւերուն ու պատկերներուն անծայրածիր կայսրութենէն ու դնենք սայլին մէջը առօրեայ որակուած աղբութիւններուն, սին, փուճ, յիմար, փրթուճ, խլեակ բաներուն, որոնք կը յօրինեն մեր ամէնուն կեանքին ընթացիկ ածուները, հող ու պալատ, բայց բերուած ուրկէ՜, ո՜ր ախոռներէն ու ո՜ր խրուտքէն: Կամ մեծացնենք միւսը, այսինքն՝ իր տունին մէջ արժէք մը բերող, զաւկըները մեծցնող, էրիկը սանկ ու նանկ օրօրող ու օրինաւոր ծերութեան հոսող կնիկը առնենք իր ապահով շրջանակէն ու դնենք ծիրին մէջը առաջինին: Այո՜: Բայց ինչպէ՞ս:

Պիտի ըլլա՞ր ճիշդ այս «կեցուածքը» հանդէպ մէկու մը, որ «արուեստներու փարթամ աշխատաւոր մը» կը դաւանէր ինքզինքը, եւ կ’արժեզրկէր ուրիշ ամէն ախորժակ ու կեանքը պարագրկել կարենալու համար կը յանձնարարէր իր ընկերներուն, հերետիկոսներուն, նորընծաներուն լայն, լայն բանալ բազուկները, անսահման ընելու չափ լայն, որպէսզի չօղակուէին անոնք կնիկի մը մարմինէն: Որ կը ցաւէր իր տկարութեանց ճիշդ այդ գետինէն ու չքմեղանք կը փնտռէր իր վատութեանը հանդէպ, իր շուքէն իսկ ինքզինքը վեր ըրած ըլլալուն: Վասնզի միամիտ էր ան, առանց կեղծիքի՜, հաւատալու չափ մեր միսերէն անդին ուրիշ ալ կեանքի, առնուազն բառին, վանկին, գոյնին, պատկերին կեանքին, որոնք, «ըստ հանգամանաց ու աւուրց», կը յուզէին զինքը աւելի քան ծարաւ շրթներէն «խղդող» համբոյր մը: Չէ՞ որ գրագէտ էր անիկա, ու ոճի վարպետ: Ու ձեւի կախա՜րդ:

Մարմինէն անդի՞ն:

Այո՜: Աւա՜ղ, երիցս, չորիցս այո՜, երբ մա՛նաւանդ զզւանքով իջնէր, փախե՜ր մահիճէն:

Պատրանաթա՜փ: Բայց վատօրէն սփոփելով ինքզինքը՝ կտոր փրթուճ իր սրամտութիւններէն ուժ բերելով իր զզուանքը ոսկեզօծելու: Ատ «մանրուք»ները կու գային անշուշտ անդրագոյն փորձառութիւններէ: Կիները ե՞րբ ծնունդ տուին գեղեցիկ բանի, բացի մեղքերէն: Անիկա յաճախ կ’անդրադառնար դասական, հանրածանօթ իր ատելութեան, զոր կը պոռթկար սեռին դէմ, հանդէպ կապոյտ–գուլպաներուն, ֆրանսական ընտանի փոխանունութիւնը փոխադրելով մեր գրականութեան ու բարքերուն: Ատ էր պատճառը գուցէ, որ շատ վերնաթեւ արհամարհանքով մը հանդուրժէր կիներուն մօտ խելք ու դատում, չըսելու համար ազնուութիւն ու բարձրութիւն, զանոնք ջիղերու տոպրակ մը պիտակելու մէջ իսկ զգալի ընելով տեսակ մը շնորհ, զիջում ու զղջում: Կնատեացութի՞ւն: Բայց ե՞րբ ընդունեց արդէն անիկա ուղեղն ու սեռը նոյն գիծի արժէք: Անիկա ատոնց հերքումն էր դիտած, տարազած երկար իր փորձառութեամբ: Այնպէս որ՝ անոնց փէշերէն մշտապէս ձգուած (նեւտոնեան առումով), զանոնք կ’արհամարհէր տարօրինակ արագութեամբ մը, իրական, անհերքելի վճռողութեամբ, ի՜նք՝ որ ամէն ինչ գիտակ կամ անգիտակ, գրական կ’ընէր: Հատո՜վ կը տանէր կիները, որոնք իրեն համար «ապիմաց» կենդանիներ էին, չըսելու համար «ապուշ»: Կ’ուրանար անոնց ամէնէն անհերքելի առաքինութիւնը ու ջղային մարզերէ խոր ընկալչութիւն մը, նոյն այդ դրութենէն՝ թրթռման աւելի զարգուն հէնք մը: Փարատոքսի սիրահար՝ անիկա այդ յատկութիւնները կը վերածէր առնական նկարագիրներու, ընկալչութիւնը փոխարինելով հպարտ տուչութեամբ, ու սեռային spasmeը կը շփոթէր oրկազմին հետ, կամովի: Ու կ’ատէր, նմանելու համար գերման ժխտողին, որ, բնախօսական պայծառ փաստերով, կործանած է տկար սեռին վրայ արմատացած գեղեցկութեան հեքիաթը, մեկնելով անոնց մանրամասերուն խոր աններդաշնակութենէն, որ կը սիւնանայ անոնց զիստերուն ու գլուխէ, լանջքէ համաչափութիւնը կը փոխադրէ անազնիւ կեդրոններ, դէպի փորը եւ երանքները: Հետեւելով «Սիրոյ բնագիտութիւնը» տեսութեան, անիկա իջած է հոգեբանութեան, ըսել կ’ուզէր՝ բարոյախօսութեան: Անիկա մշտական պայքար է յայտարարած անոնց sensiblerieին դէմ: Ամէնէն հաշուըուած անոր անգթութի՞ւնը: Կիներուն արցունքին դիմաց վայրկենաբար ճակատեցուցած իր լրբութիւնն էր, լրբութիւն՝ որ համազօր էր սպանութեան, ա՛յնքան՝ որ մէկ րոպէի մէջ անիկա կը դադրեցնէր ինքզինքը մարդկային զգայութիւններէ ու կ’ըլլար անգտանելի մետաղ մը, որպէս թէ արիւնը սառէր մէկէն ու շինէր անոր աչքերը այդպէս ապակի, միքա, բայց հեգնական, չար, դժխեմ մետաղայնութեամբ մը, դիմացինին աչքերը համակրօրէն սառեցնելու աստիճան: Թերեւս կիները արհամարհող այս խստաբարոյ կեղծիքն էր, որ կը ստեղծէր անոր դառնագոյն հաճոյքներէն մէկը, չարչարել իր մարմինին խռովքովը միամիտ ուսանողուհիները, երբ էր երիտասարդ, մօտենալով անոնց թատերական անկեղծութեամբ, գրաւելով նոյն այդ շնորհով, բայց կատարելապէս էգ պչրանքով մը ղրկելով զինքը անոնց թեւերուն, իր ահաւոր, «սահմռկեցուցիչ» դիմածռումը պարզելով իր եւ անոնց մէջտեղը: Ասիկա, թէեւ ցանցառակի, բայց բաւ էր իրեն, ով գիտէ ի՛նչ վրէժխնդրութիւն փոխարինելու, էգերէն կրած իր նուաստութիւններուն հաշւոյն: Ան կը խաբէր իր ճառագայթումին մէջ մոլորած բոլոր պարզամիտները, աղջիկ թէ կին: Տիկին Գոհարեանը: «Ափ մը ուղեղով, ո՜չ, պտղունց մը ուղեղով» եղկելի «թութակ» մըն էր, ինչպէս պատկերած էր զայն, հանդիպման առաջին գիշերն իսկ, երբ քիչ-շատ գրոց-բրոց տիկին մը, որ կանանց հանդէսի մը յօդուածներ կը ստորագրէր ու իրեն հով կու տար ֆրանսերէն ոտանաւորներ թխելու վաճառականական օրաթերթի մը պարապ, այսինքն՝ ծանուցումի համար անվարձ սիւնակներուն մէջ, հարցուցեր էր իրեն, աւելի ճիշդ՝ հարցաքններ էր մեծատաղանդ, հոգեբան արձակագիրը իր «Գոհարեան» տպաւորութեանը վրայ: Կատաղի կապոյտ–գուլպան սիրաբանած էր ատեն մը Տիկինին ամուսինին հետ, գրաբարին, այո՜, դժբախտ գրաբարին արահետներէն, քանի որ անոր միւս նանրամտութիւնը դեռ մինչեւ այդ տարիքը կը մնար անսրբագրելի, ուսանողութեան շրջանին հայկական չափով գրաբար քերթողագրելու մեծահռչակ արժանիք մը: Մատաթիա Գարագաշ, Յակոբ Գուրգէն օրհնութեան գիր ունէին երանելի տիկինին մօտ, որոնցմով կը դրւատէին անոր բիւրիցս նախանձելի շնորհնե՜րը: Ո՜վ դարեր: Ո՜վ մարդեր:

Ու անոնց կապը եղաւ նման բոլորին կապին:

Իրարու վիզէ անցուած օղակ, կեանքի արօրին: Միսէ՜ օղակ ու միսէ քեղի: Դէպի ո՞ւր: Պէտք չէ հարցնել, երբ դուրս է լուծքը, այսինքն՝ երբ արտ չկայ մեր ոտքին:

Ու եղաւ անոնց կեանքը կանոնաւոր, անողոք բզկտում, փոխադարձ, անսայթաք, ամէնօրեայ, նոյնիսկ ամէնժամեայ: Վասնզի շատ, շա՛տ, շա՜տ են դանակները, հերիք է, որ մենք յօժարինք զիրար սիրելու փոխարէն, զիրար բզկտելու:

«Հիմենախոյս» (իրն է բառը) մեղրալուսինը սկսաւ «դառնակորով» ձանձրոյթով: Սահակ Պարգեւեան, որ faisandé կիները հանդուրժեր էր Փարիզ, ու չաղոտ, ճպուռի պէս աշխոյժ գործաւորուհիները չէր մերժած իր թեւերէն, անհուն զզուանքով մը կը պատկերէր երեսունը անցած ու ներսէն քիչ մը աղօտ այդ կինը, որուն պաղ, թութակի միտքէն «հոգեկան վայելքի» ոչ մէկ ծուէն կու գար, պիտի գար իրեն: Փափկաճաշակ արուեստագէ՜տը: Ինչ ալ լրջութեամբ կը փնտռէր բաներ, որոնք մերժեր էր ատենին կիներու դասակարգին: Ինչ սոփեստութեամբ կը սպասէր միջակ այդ կնիկէն իր միտքը հրահրող արուեստի, զգացումի կայծերը, որոնք սեպհականութիւնը, մենաշնորհը ըրաւ այրերուն: Ու չէր խորհեր, որ անիկա իր շնականութեամբը բզկտած էր սիրտը ուրիշ աղջկան մը, որ ճիշդ իր հիմկու պահանջածները կը խտացնէր իր շատ խոր, թափանցող ուղեղով, այր մարդու չափ ուժգին ու շողարձակ: Ու չէր խորհեր, որ ատենին արգիլած էր անոր խօսիլ, հրամայելով հանուիլ ու լռել: Հիմա՞: Նոյնն էր պարագան: Միայն շրջուած: ԿԻ՛ՐՔԸ: Այո՜: Վատ անասունի, առանց ճիգի իր յագեցումը փայփայող արուի հաշիւը առաջին զսպանակն էր այս միացումին: Բայց կիրքէ՞ն ետքը: Անիկա չէր կրնար հանդուրժել անոր մարմինը, մա՛նաւանդ մերկութիւնը, ու կը փախէր իր աշխատանոցը» գիշերուան կէսերուն: «Գիշերախոյսը» ինք հնարած է՝ պատկերելու համար հակադիր վիճակ մը: Ճիշդ պիտի ըլլա՜ր, հետեւելով իր բառակազմութեան, հնարել գուցէ անկողնախոյս ածականը: Յետո՞յ: Ամէն գիշեր իր ցերեկը ունի՜, ով Լափալիս: Իրար ատողնե՞րը: Անիկա լեղի անկողինէն յապաղած ժահր մը կախած՝ դէմքէն ու շունչէն: Միւսը՝ յուսախաբութեան ու վիշտին մուրճերէն ծեծուած ու ծեծուած, թոյլ, «բզիկ-բզիկ»: Զզւելի նախաճաշը: Ու մի մոռնաք անոր հեշտախոյզ ախորժակը ուտելու աքթէն: Հիմա՞: Զզուելի նախաճաշը, որ Տիկին Գոհարեանի քիչ մը անխնամ թուլութեամբը կը գռեհկանար, ակռաներուն տակ փտութեան խմորի մը վերածուելու չափ: Ու դո՜ւրս: Փողոցները: Պարապ-պարապ, որսո՜րդ՝ ձեւերու եւ յուզումներու: Իր ճակատագիրը կը կատարէր այս կիսագունտին վրայ:

«Հիմենախոյս» մեղրալուսնին հետ պիտի սկսէր ոչ-նուազ դառնակորով ուրիշ գռեհկութիւն մը: Ատիկա պզտիկ, ամօթալի բառավէճն էր, դրամի շուրջ հեղինակուած: Ամէն առտու, գրագէտին պարապ դրամապանակը պիտի բացուէր, իր խեփորէն կիսուած ուլականջի մը նման, լուռ՝ դնելով իր գանգատը սկսող օրէն: Ամէն առտու, Տիկին Գոհարեան, որ գրագէտէն չորս անգամ աւելի կը հասկնար շուկայէն, գոհարեղէններէն, դրամէն, դնէր պիտի անոր «փորին», «ականջին»՝ օրական պարէնը, միշտ քիչիկ մը աւելի, նկատի առնելով «բացառիկ պարագաները», այնքան առատ անոր ժանգոտ, աղքատութեամբ կղպուած ասպարէզին համար, երբ մէկ օրէն միւսը դրամ կ’ունենար: Քաղքենի կնիկ, իր զոյգ էրիկներուն գործնական տենդին մէջ, կատարելագործած էր իր սկզբնատուր բնազդը, «պահելու», «խնայելու», բնա՛զդ՝ որմէ զերծ կինը հազւագիւտ է, որքան սեռէ զերծ կինը: Այս զգայարանքն էր, որ ըրեր էր անոր սնտուկը փարթամ ու «ոսկեյորդ»: Ու ակնեղէ՜ն: Զարդասիրութիւնը, երբ կ’արտայայտուի մետաղով, ոչ թէ մետաքսով, շրջուած կծծիութիւն է յաճախ: Ու մի մոռնաք միւս մեծ օրէնքը, որուն համեմատ ամէն կին մայր է ամէն բանէ առաջ: Այսինքն մա՜յրը՝ կարգուելիք աղջկան մը: Այսինքն, արդի կարգերով՝ օժիտի հայթայթիչ: Աւելի՛ն. Տիկին Գոհարեան ի բնէ ժլատ վասնզի դրամը բիւրեղի, շողի վերածելու գիտութիւնը անկէ չբաժնուելու ազնուապետական ձեւ մըն է ողորմելի սարսափով մը հաստատեց իր սիրահարէն նոր մորթափոխութիւն մը, որով կու գար հրապարակ տարօրինակ տիպար մը, անհեթեթ, որքան յեղակարծ: Բացւած էին անոր ձեռքերը, առատ ու թատերական մեծածախս խնճոյքներու, գարեջուրի փարթիներու, մեծ ոճի՜ (ի՞նչը փոքր ոճ է անոր մօտ, սկսելով գրելէն) զբօսապտոյտներու: Կը ծախսէր ոսկին նոյն վայելչութեամբ, ինչպէս իր գրիչը՝ բառերը, առանց հաշիւի, «բարձր», «ազնուապետական» թոնով: Հաճո՞յք: Նանրամտութի՞ւն: Ստորնութի՞ւն: Ինչ հարկ կառչիլ բառերու: Մարդիկ իրենց մեծագործութիւնները կը բերեն հետերնին: Ծախսելը ուրիշ բան չէ յաճախ, ինչպէս չուտել, վրան նստիլը, խառնուածքի հեղում: Յեսոյ, հիմնակա՛ն, ո՜վ էր վաստակողը: Անիկա կը ցանէր: Որո՞ւ: Բայց ամէնուն: Հանդիպողին, հերիք է, որ վաւերական յիմար մը չըլլար ատիկա, որմէ՝ ընկերակցութիւնը, սեղանակցութիւնը ու դուք կը գուշակէք հետեւութիւնը՝ գովեստը սպասելի կամ ինքնաբուխ, չընէր զինքը ծիծաղելի: Անոր գիւտը եղաւ, «ուսումնասիրական նպատակներով», բոլորել ինքզինքը պարզ մարդերէ, երբեմն՝ կատարեալ դատարկապորտ, երբեմն՝ տախտակէն պակաս, երբեմն՝ բանտի յաճախորդներ, խմցնել անոնց մինչեւ որ խելքերնին, ոճերնին, ինքնատպութիւննին վազէր քիթերնուն, ու իրենց ներքինին վաւերական լուսանկարը դնէին դուրս: Իր գրելիք վէպերուն համար ատոնք հում նի՜ւթ ու նո՜թ կու տային: Իրականին մէջ, ալքոլին տակ ատ մարդոց սքողուն անասնութիւնը կարկառի կը հանէր անիկա՝ իրեն միայն ծանօթ հեշտանք մը հետապնդելով, տեսակ մը անորակելի սատիզմ, երբ Նոյեան հեղուկին արդի քաղաքակրթութիւնը ինչ ձեւերով կը ներկայացնէր զայն քակէր, շղթայազերծէր այդ կմախքներուն մէջ խանձարուրուած գազանը ու թափէր գետին, ինչ որ մարդերուն ողբերգութեան անկորուստ ակն ու աղբիւրն է յաճախ: Ի՞նչ էր իր ուզածը, երբ այդ թշուառական խլեակները, իրենց անկարող լեզուները կը բզկտէին, միս փրցուցածի պէս, իրենց աչքերէն կտոր-կտոր քակելու համար մանեակները իրենց ցաւին, տէրտին: Բայց այդ օրը կ’անցնէր անոր գլուխէն մեծ զուարթութեամբ: Մարդիկ կ’ընեն բաներ, որոնց զսպանակները միշտ չեն ենթարկուիր իրենց տեսանելի մատներուն: Ու դուք գիտէք, թէ մեր անտեսանելի մատները հարիւր անգամ աւելի հզօր են մեր վրայ: Անիկա կ’ախորժէր նաեւ միւսներէն, սանկ ու նանկ մարդեր, գրաշար, վարժապետ, գրասէր, արուեստագէտցու: Ով որ շնորհքով տարազ մը գտնէր անոր գրականութիւնը պիտակող կամ փաստը տար լայն հասկնալու, սրտանց սիրելու անիկա հիացումը կ’ատէր իբր կեղծուած նախանձ, այնքան ընթացիկ՝ գրողներու կենակցութեան մէջ շաբաթ մը իրաւունք կ’ունենար ապրելու մեծատաղանդ վարպետին մտերմութեանը մէջ: Ամէն տեղ պիտի չպակսին «վարպետ» շինող այդ ցաւագարները, որոնք դպրոցին մէջ կը կճուին մուսաներէն ու կը քերթեն: Որքան եղկելի են անոնք, յաճախ հիւծախտաւոր, երբ իրենց ոտանաւորները կ’ենթարկեն հրապարակի կուռքերուն ու իրենց կեանքի կամ մահուան վճիռը սպասող դատապարտեալի մը նման երջանիկ են, հերիքն է, որ Պարգեւեանի պէս մարդոց ապողոնեան հայեացքը իյնար իրենց երկունքի՜ն: Թափանցող, արդարակորով անոր դատաստանը ծնունդ կու տար միսթիք էքսթազի, երբ էջի մը վրայ դառնան գիր: Զայն ունեցողը պիտի ծախէր մօրը գոհարեղէններուն վերջին փշուրն ալ ու պիտի տպէր գրքոյկը՝ «Պարգեւեան»ի յառաջաբանով: Մեծատաղանդ գրագէտը յառաջաբանի գրականութիւն մը ստեղծած է այդ ձեւով, մա՛նաւանդ չունեցած դարաշրջանի՜ն: Բայց շուայտութիւնը կը վայելէր անոր: Կը լուսաւորուէր «փողփողինէջ», մեծ իր ճակատին վրայ՝ գեղանի, կանացի իր մատները լարած, երբ կը սուզուէր մօտիկ իր տարիներուն, մօտ երկոտասնեակ մը, բոլորն ալ գրեթէ շինուած կապոյտ (Եղիա պիտի ըսէր՝ եթերայնացած), գիջացեալ անօթութեամբ մը, ուր, մեր ժամանակներու իմաստի փարիան, Պրոմեթէոսէն աւելի եղկելի իր պատուհասումին ստիպուած էր տանելու, սեւ, լուռ, լինը իր աղտին վրայ կորաքամակ, ամչնալու չափ իր տաղանդէն, զոր կեղը կը կրծէր, բարոյական քաղքենի խլիրդին, երբ բերան մը չոր հացի համար երբեմն վարձու կը հանէր ինքզինքը:

Տարիներո՞ւ, թէ ամբողջ իր գոյութեան մշտավառ երազ, գուցէ սպասուհի անոր մօրը արիւններէն բիւրեղ կապած անոր մէջ, ճոխութեան սա գարո՜ւնը, որուն մղձաւանջը ամէն օր կը ծեծէր դուռը անոր հոգիին, վիրաւոր, բայց հաւատարիմ չունի մը թաթերովը, առտուն մեկնող, մութին չդարձող, նոյն խշտին, փետտուած սի՜րտը անոր, փետտուած հազար-հազար ցաւերէ, ամէնէն շատ իր ցեղին անագորոյն ապերախտութենէն, որ վատօրէն ուրանալէ յետոյ անոր հանճարը, լքեր էր զինքը հացի խրուտքին, անգին, ոսկեզօծ փառքով մը շքաւորելով հտպիտները, տնտեսցուները, էշ-քչողները, լարախաղացները, բոլորն ալ տաղանդակից իրեն, առնուազն աճպարար ու շողոմող: Իր հզօրագոյն ցաւերէն մէկն ալ այն նուաստացումը եղաւ, որ պարտադրուեցաւ իր սրբազան տաղանդին, երբ սանկ ու նանկ առիթներով, մարդիկ իր անունն ալ մօտիկը կը դնէին այդ սողուն կենդանիներուն, որոնք փոխանակ փորի վրայ, օրինաւոր, անթերի իրենց սողը ընելու՝ ոտքի, կանգուն կը սողային:

«Հիմենախոյս» այդ մեղրալուսնին, անիկա հոսեցուց մետաղը, իշխանատուր առատութեամբ, բոլոր իր սիրելիներուն եւ ատելիներուն: Վրէժ կը լուծէր: Սահակ Պարգեւեան, ծնունդով մակաբոյծ (անիկա այդ վերադիրը ազատեց, սրբագրեց քաղքենի ու նուաստ իր իմաստէն ու, առաջ տարաւ իր արհամարհանքը զինքը այդ դիրքէն անարգողներուն դէմ, զայն փառքով կրելու չափ: Երանգ մը, թէեւ փոքր, բայց բաւարար, որպէսզի տիպարը չհակասէ ինքնիրեն, գոնէ իր հիմնական երեսէն: Անիկա ունէր այն սթիկմանը, որով հոգիները կը զատուին հոգիներէն, ըլլալու համար ինքզինքին, սթիկմաթը չամչնալուն: Դուրս էր, այս ցուցարարութեան մէջ, փարիսեցիներուն, ճարտարուողներուն, վաւերական սողուններուն կեղծիքէն ու կը հաւատար իր դասակարգին եւ անոր իրաւունքներուն, մա՛նաւանդ մեր իրականութեան համար, ուր իմաստի տապանակը ինկած է գերութեան տակ ոչ իսկ սամարացիներուն, այլ՝ փղշտացիներէն ալ վատ մարդոց, պասմայի կամ խուրտայի վաճառականներ, որոնք կը տնօրինեն մեր մտքին ամէնէն նրբին մեքենականութիւնը իրենց դարբինի խելքովը: Ատկէ զատ, դուք ծանօթ էք անոր վարդապետութեան հիմնագիծերուն: Ըստ այդ հանգանակին, քաղքենիները պիտի վաստիկին ու բուծանեն զիրենք, այսինքն՝ մարդերը, որոնք ցեղերուն անունը փրկեցին ժամանակէն ու անոր հոգին կերպադրեցին: Իր իրաւո՜ւնքն էր պահանջելու «փոր մը կուշտ» այս վայելքը: Այնպէս որ՝ իր թշնամիները մակաբոյծ վերադիրը ի զուր գնդասեղեցին անոր համբաւին), նոյն այդ ծնունդով աշխատանքի անընդունակ, դիւթքին մէջն էր ապրեր, շաղախուեր դեղին մետաղին: Բայց կը տարբերէր «անշահախնդի՜ր, իմացական արժէքներ մունետիկող» չարչիներէն՝ իր մտածածը մեծատաղանդ լրբութեամբ մը յայտարարելով ի վերայ տասնեաց: Անշուշտ, այս տողերը մեղադրանք չեն բանաձեւեր, այլ մտայնութիւն մը կը հաստատեն, որ մեր մտաւորականինը եղաւ որոշ քանակով, երբ եւրոպական մայթերու վրայ իր ցեղէն ո՛չ միայն լքուած, այլեւ «յատենի աշխարհէն» ուրացուած, մէկ կողմէն այրուելով ցեղին անմահ ցաւէն, միւս կողմէն՝ ջանաց մարդկային իր զառածումները պատմուճանել: Այժմեան սերունդը, գլխաւորաբար որբ, գոնէ տարտամ ապահովութեամբ մը, առաւ օտարութեան ճամբաները: Անո՞նք, այսինքն՝ մեր յեղափոխական, վտանգուա՜ծ մտաւորականնե՞րը…: Ուրիշի կռնակէն ապրելու գիտութիւն մը անշուշտ չի փրկուիր, ոչ իսկ Սահակ Պարգեւեանին տաղանդովը: Այն ատեն ալ, ինչպէս հիմա, կան յիմարներ, որ պիտի աշխատին «ջորիի» նման ու իրենց վայելքի բաժինը պիտի զոհեն ցեղին խուլ, հեռաւոր ձայներուն, կարիքներուն: Բայց նոյն բառերը չեն հաստատուն ջորիութիւնը եւ մեծափարթամ, պատմուճանուած սինիզմը: Ուրիշի կռնակին ապրելու իր բարձր, «բարեացակամ» յօժարումը իր կողմէ նուէ՜ր կը նկատէր անիկա մեր քաղքենիին, դուք գիտէք ատիկա: Հիմա՞: Երբ իր վրանին տակն էր յուռութքին տապանակը: Ու ինք իշխան մեր դպրութեան եւ «անհասանելի կամօքն Աստուծոյ» քահանայապե՜տ: Նիւթական, բիրտ, արիւնող լրբութեամբ ու փոխ առնուած չարչարանքին խստութեամբ (մտքին ուժգին կծկումները կ’անդրադառնան մեր մարմինին եւ մեզ կ’ընեն թոյլ նիւթին մարզերուն) մը կը հարկադրէր իր հոմանին «հանելու», «բանալու» կծիկները ոսկիներուն: Զարհուրելի էր իր պզտիկ, գռեհիկ բարկութիւնը այդ րոպէներուն, սպասուհիական, ինչպէս դիտեց իր հոմանին, բայց վախցաւ բանաձեւելէ: Ու ասիկա ամէն առտու, առաջին շաբաթէն ետքը: Անիկա պարտուեցաւ իր միւս պահանջին վրայ, որով տնտեսական իր գիտութիւնը ուզած էր արժեցնել, մէկ անդամէն ծախելով սնտուկը ու փոխարժէքովը գնելով շահաբեր թուղթեր: Տիկին Գոհարեան ընդդիմացաւ, բայց վճռական:

Անգամ մը գրպանը այսպէս «տաք ու լիք» զգալէ ետքը, կ’ելլէր խորխէն դուրս, «զգեցած»՝ իր մեծապայծառ զուարթութիւնը, ըլլալով հակոտնեան քիչ առաջուան նեղսիրտ չըֆըտին: Անոր կը դառնար խռովիչ իր գեղեցկութիւնը, ծորուն ու քաղցր իր հոգին ու, մա՛նաւանդ՝ փաղաղիչ, խրոխտաճեմ իր առնութիւնը: Բայց նախքան հեռանալը տունէն, անիկա կը պատմուճանէր ինքզինքը թերաuտուերովը իր տաղանդին, այնքան աղտոտ վերարկու՝ չորս պատերու մէջ: Տուն մը ամէնէն շատ կը նեղուի առաքինութիւններէ, որոնք արձակութեանց կը վայլեն: Տաղանդը անիմաստ է մէկ յարկի ներքեւ: Անիկա կը դարմանէր, ո՛չ թէ գթալուն, այլ իր իսկ երանգին ինկող իր հաճ արտաքինովը, Տիկինին պատճառուած ցաւին, արցունքներուն խեղճ, քաղքենի, «սի՜ն» տրտմութիւնը, ձգելով անոր վրայ մէկը իր ողողիչ, մերկացնող նայուածքներէն, որոնք գիրկընդխառնում մը կը գերազանցեն երբեմն, այնքան սիրտին կը խտղտին միսերը: Մագնիսականութիւնը գիրքերու վրայ կապուելիք բառ չէ միշտ, կայ անիկա կեանքին մէջ ու կայ անիկա աչքերուն խորը: Հաշտուած, օծուն, ժպտուն, փորձէն ու գլխէն հաւասարապէս պարարտ՝ կ’ելլէր անիկա դուրս:

Դո՜ւրսը:

Նո՛յնը, ամէն տեղ:

Անիկա արեւելքցիէն կը ջանար պահել աչքերը միայն: Ձեւ, քալուածք, ընտանութիւն, օտար ժողովուրդներու մէջ ինքզինքը վիրաւորիչ չընելու գիտութիւն, լեզու եւ բարեկենցաղութիւն անշուշտ օրինական յօդուածները չեն կազմեր բարքերու գիրքի մը: Անիկա կ’ըլլար անհատը այն երկրին, ուր ոտք կը դնէր: Ու կ’ըլլար ատիկա, արագ, անթերի: Տաղանդի շքեղ, ապշեցուցիչ տուրքերէն մէկը, ամէն միջավայրի, պայմանի դիւրեկան ընտանեցումը անոր, կրկնելով՝ անոր ընդունակութեանց ընդհանուր կշռոյթը, որով, առանց կարդալու, գրեթէ աչք պտըտցնելով, խմած կ’ըլլար գիրքերուն հոգին ու քանի մը օրուայ կատարումով՝ թափանցած երկրի մը թաքուն հոսումներուն: Այդ տուրքով է, որ, առանց տասը փարա վաստկելու, տասը ու աւելի տարիներ անիկա դիմացաւ մայրաքաղաքներու դժպհի գռիհին մէջ: Հացկատակ, յեղափոխական, բեմախօս, խմբագիր, գրագէտ, ուռնակող, փոխեց անիկա հազար ձեւ, մշտապէս ինքզինքը նոր տեսնելու հաճոյքէ՞ն բռնավար, թէ մշտապէս յոգնա՜ծ, կենալու, բան մը ըլլալու, ինքզինքը տանիլ չկրնալու ամօթէն տաղտապուն:

Դո՞ւրս, «լիքը» գրպանով:

Աշխոյժ ու հպարտ: Դեղին «յուռութքը» բարեբաստութեան յուռութք մըն է հին դարերէն սկսեալ: Անշուշտ ոսկիին հուրքը ոչ մէկ մեղմութիւն, աղօտացում բերաւ գարշանքին, որ անոր հոգիին ճահիճը կը յօրինէր: Մարդիկ շատ բան կ’ընեն անով, բայց ծնունդի տրտմութիւնը կը դիմանայ մա՛նաւանդ «դեղնախտին» մէջ: Շատ դժուար պահանջ մըն է այս նմանաբուծութեան պահանջը: Տարիները անցած էին անոր մէջ ժանգի հաւասարակշռութեան մը: Անոր հոգին կարծես կոնք մըն էր, զետեղուած խորը անոր միսերուն, բայց՝ կոնք մը աղբի, անվերածելի տրտմութեան: Այսպէս էր ծնած: Ու ըրաւ ոչինչ այդ ծնունդը հակակշռելու: Մարդիկ կ’արժեն ճակատագրին դէմ իրենց հակազդեցութեան ճիգովը: Ամբողջ արուեստ մը, ու բարձրագոյններէն մէկը, կը սնանի այդ միակ հաստատումէն: Հելլէն ողբերգութիւնը գեղեցիկ է այդ իսկ ճակատումը ընդունած ըլլալուն իբր խարիսխ իր եղափոխումին: Կիսաստուա՞ծ՝ Սահակ Պարգեւեանը: Չեմ գիտեր որոշ՝ հիները ինչ կը դնէին յղացքին խորը: Բայց որոշ է ինծի ողբերգութիւնը, որ անոր տիպարը եղաւ, շատերու վրայով: Ոչինչէն համ չառնելու, իր եսը գերաճուն ընելէ ետքը, անոր տարրական պահանջներուն իսկ հասնելու անկարող ջղային կամ մկանային իրենց անբաւարարութեան երեսէն, ու կեանքը ապրելու տեղ, զայն մաղձով ներկելու, մշտապէս ծամծմելու ու թքնելու մշտական կեցուա՜ծքը: Արուեստը չօգնեց անոր: Ան լուսաւոր իր վայրկեաններուն, առանց պատրանքի դատեց ինքզինքն ալ, իր ցեղին առհաւական վատութեամբը վիրաւոր: Որ չունէր տալիք միջակ արժէքէ նկատի ունէր ազգերու միջին արժէքները արուեստի մարզերէն գործ մը նոյնիսկ իր ժողովուրդին: Անիկա մխիթարանք գտաւ դարձեալ օտարներու մեծ գեղեցկութիւններէն, որոնք կը խօսէին իր ուղեղին, բայց չէին քններ սիրտը: Ատ էր պատճառը, որ ջախջախուած հիացումով կը հանդուրժէր` «Ֆաուսթ»ը, զոր կը դատէր պայծառ զգայարանքով մը իբր նոր ժամանակներու ներկուած ապրանք: Բայց անոր թատերական խեղճութենէն անկախաբար, խաղը կը սիրէր սադայէլեան մթնոլորտին համար: Բոլոր անոնք, որ կեանքինը չեն, չմեռնելու համար պարտաւոր են հեքիաթինն ըլլալ: Բոլոր անոնք, որ տրտում են, պիտի չուրախանան չկրնալնուն: Արարչութիւնը (ներեցէք հին բառին) շինած է օձը, որպէսզի մահը պտըտի անոր ականակուռ գլխովը: Այդ էր պատճառը թերեւս, որպէսզի սիրէր հեքիաթին գերագոյն մարմնառութիւնը, աստուածային Մէֆիսթոֆելեսը, բայց հայհոյէր անհանդուրժելի, յիմար ծերունիին, որ ծիծաղելի էր մա՛նաւանդ իր ծերութեան զգայութեամբը ու կ’ուզէր դառնալ այնքան խեղճ, անարժէք բաներու ու կը նուաստանար, աղջիկի մը համար, զոհել զիջելու նոյնիսկ իր հոգին, ամէն դարերու իմաստութեան զանակներով գեղակերտ հրաշալիք: Արուեստագէտի հոգի՜: : Անիկա ինչո՞ւ չէր տեսներ ինչ որ սրտերը կը բանին ամէնէն շքեղ գեղօրին ալ մէջը: Ու ինչո՞ւ կը յամառէր իր պատրանքին մէջ, մշտապէս զանառութիւնը, աստուածային Մէֆիսթոֆելեսը, բայց հայհոյէր անցէ այդ պատրանքն էր, որ հեռացուց իր զգայարանքները նոր ժամանակներու մեծագոյն կիրքէն, զանգուածին պաշտամունքէն, յեղափոխական պարունակով թափանցած արդէն մտահոգութեանցը մէջ իր սերունդին: Այս պատրանքն էր, որ կ’արգիլէր զինքը «ուսումնասիրական նպատակներէ դուրս», նստիլ երրորդ քլաս, ճամբորդել, շփումէ խուսափելու համար ամբոխին հետ: Իր «գեղակերտ», «աստուածամերձ», «ադամանդ» հոգին՝ նո՞յնը, սա աւելածուին կրած աղտոտ բանին հետ, որ անոր մարմինին մէջը «կը գարշանայ» ու անհաղո՜րդ է հացէ, ալքոլէ, կնիկէ զատ ուրիշ ամէն յուզումի: Իր, ի՛ր, ի՜ր հոգին: Ու կը հայհոյէր յիմար ծերունիին: Ի՜նք ապակի, թիթեղ մատնի մը իսկ պիտի չտար, չէր տուած վկայ իր անցեալը ամէնէն բիւրեղ, ամէնէն ադամանդ աղջկան մը հոգիին:

Գրպանէն՝ դեղին յուռութքը կը ճառագայթէր դէպի ամբողջութիւնը անոր անձին, կնճռոտ, ծալաւոր, դժպհի մաuերուն մէջ իսկ փոխադրելով իր համբաւին թեթեւութիւնը, զայն դնելով շողշողուն, պճլտուն, կծու, քաղցրօրէն հաճելի, փնտռուած ու յարգալիր: Տարիներով, ժանգոտ ու զազիր արհամարհանքէն վերջը (որ անոր աչքերուն երկրորդ կերպը, դէմքը, մարմնառութիւնը առաջինը ոճի ելաւ կիներու աշխարհէն ու նոյնացաւ դիմակի նման անոր անունին, արտասանուած ատենն իսկ դիմագիծերը փոթելով լսողին ու ըսողին հաւասարապէս) տժգոյն անոր դէմքը վերջապէս գտաւ փախստեայ պայծառութիւն մը, հերկելու չափ անոր մռայլ, մարդախոյս խառնուածքին ընդհանուր գոյնը, որ կը բարեխառնուէր, կ’աղուորնար, նոյն այդ դեղնութեան պարունակէն, ողողելու չափ իր շրջապատը: Դրամը կ’ընէ այս կարգէն այլայլումներ: Մշտապէս ինքնախոյզ՝ անիկա չփախցուց փոքրագոյն ծուէններն իսկ իր ներքին աշխարհին: Այդ դրամի օրերուն անիկա ոչ-նուազ զարմանքով հաստատեց իր մէջ այլուրութիւն մը: Անիկա ինքզինքը պարպուած զգաց պայծառ միւս մասնայատկութիւններէն կիները տպաւորող անվրէպ իր հմայքէն –որմէ պատմուճանուած էր անիկա որքա՜ն ատենէ ի վեր: Անծանօթ է ձեզի ուրիշ մէկ երկունքը, թատերական մարզէն, «Տոն Ժուան» վերնագրուած, որուն վերջին արարին վարագոյրի տեսարանը գրած էր մտովի, ամբողջ ու վերջնական, եւ ուր իր սերունդէն վերցուած տիպարի մը մէջ ան զետեղեր էր ինքզի՜նքը, տարիներէ հալածական, մազերէն ճերմակ, բայց սիրտէն Ֆաուսթ, ունեցած կիներուն յիշատակովը հարուստ, հաստատ յառաջանալով դէպի նուաճումը պարմանուհիի մը, ինկած իր ճառագայթումին մէջ, տպաւորուած անոր անվրէպ շնորհէն, բայց ազատած ինքզինքը օգնութեա՜մբը քսանամենի տղու մը, պարզ միսի կտոր, որ երեւցեր ու առանց գիտնալու տապալեր էր պատրանքին ոստայնը, աղջիկը քշելով դուրս այդ ծերութիւններէն ու տանելով տարիքին դարաստանները: Տեսարանին տպաւորիչ յուզումը անիկա կ’ապրէր խոր անձկութեամբ, ի՜նք՝ որ ինքզինքը վեր կը կարծէր ծերութենէն, այսինքն՝ ժամանակէն ու միջոցէն: Պատճա՞ռը իր վրիպանքին: Որո՜շ: Ու պիտի տար Տոն Ժուանը դիակներուն իսկ վրայ այն կիներուն, որոնք այդ եղերական պահուն պիտի անցնէին անոր մտքին էքրանէն, ինչպէս սինեմայէ, ու նայէին պիտի իրեն, խոր ու պարզ, ամէն մէկը շինելով անոր վաւերական մէկ պահը, տարբեր՝ գործէ՛ն, բայց նոյն՝ կտաւէ՜ն: Վարագոյրը պիտի իջնէր ծերացած գրագէտին վրայ, ինչպէս քաղցր պատանք մը, որով անիկա կ’ազատէր իր զգայարանքները ընդմիշտ, աղէն ու փոթորիկէն կիներու աշխարհին: Այս խաղին յղացքը ունէր անիկա տակաւին երիտասարդ: Կ’այցելէր անիկա անոր ուղեղին ամէն անգամ, որ կին փոխէր: Ու հաստատ հաւատքով կը սպասէր ծերութեան՝ զայն արժանաւոր արուեստով ու վաւերատիպ կատարելութեամբ անմահացնելու համար: Հիմա՜: Երբ ունէր դրամ: Երբ ունէր տարիք:

Այդ վայելքի ու արձակութեան օրերուն անիկա ինքզինքը հեռու գտաւ կիներէն: Ասիկա այնքան անակնկալ էր, որ չվրիպեցաւ շրջապատէն անգամ: Նուրբ վերլուծող, փորձեց բացատրել այս տարօրինակութիւնը իւրայատուկ իմաստութեամբ: Կիները կը դադրէին իրմով տարուելէ ու չէր գիտեր, թե ինքն էր դադրողը անոնցմէ: Թափանցելու համար առեղծուածին, անիկա տրամաբանեց պարզ, հապճեպ, կողմնակալ, ինչպէս միշտ ու ըսաւ.

Դրամը, երբ կին պիտի բերէ, պիտի բերէ անոր կեղծը, անարժէքը: Ու չէր խորհեր, թէ այս զառիթափէն, մտածման այս տարազը դատավճիռն էր իր իսկ գոյութեան, երբ սեռերը շրջուէին, այսինքն՝ բերուածը ըլլար այր: Ի՜նչ էր արժէքը, ի վերջոյ, դրամով գնուած այրերուն: Յետոյ եղաւ աւելի իմաստուն: «Իջեցուց առագաստները», ոչ անշուշտ նաւահանգիստ մտնողի անտարբերութեամբ, ու դրաւ մէկդի վրիպած մարդու իր ժանգահար հոգեբանութիւնը: Ամէն բանի մէջ նուաստ   անոր համար կամենալը համազօր էր հիւանդանալուն անիկա դարձաւ աւելի պարզ, տափակ մտածումներու: Առայժմ դրամը վայելքի գահաւորակ մըն էր, ու այն փոքր, սովորական, ամէնուն բաւող վայելքներուն, որոնք զլացուեցան անոր օրերուն: Կառք նստելու, աննպատակ՝ շոգենաւ մը առնելու, նոյնիսկ աւելի համեստունակ՝ ինք իր գլխուն ծախսել կրնալու ճղճիմ, բայց անմահ տենչանքները, որոնք մտքով հարուստ ու միջոցով քիչ մարդոց ողբերգութիւնը կը կազմեն, երբ պակսին: Նուա՞զ վայելք, կի՛նը, կիները.

Տառապանք տառապանաց…

Բացագանչութիւնը պատմական է իր բերանէն. ժողովողին նմանելու նանրամտութեան հետ չի շփոթուիր այս անկեղծ ցայտքը անոր դառնագոյն փորձառութեանց: Այսպէս զգալու անոր պատճառներէն կը զեղչեմ սովորականները, դասականները, ինչ որ աստանդական ու անապահով կեանքին նուէրն է մեր ջիղերուն եւ ինչ որ արուեստին ճամբով կը դիզուի նման տիպարներուն հոգեդաշտին, ու կու տամ ինչ որ իրը եղաւ բացառաբար: Զոր ծածկեց խնամքով, ամօթէ՞ն, թէ անկէ վեր անձուկէ մը ճզմուած, բայց անկեղծ, արցունքի իր պահերուն զգալի ըրաւ քանի մը սիրածներուն, աւելի ճիշդը՝ անոնցմէ մէկուն, իր անիրաւ, անկանգնելի կործանումին մէջ փրկել փորձելով իր անարգուած հպարտութիւնը, իր անունին հետ կապուած հոգեբանական հրէշայնութիւնը, ու թերեւս թեթեւնալ ուզելով իր իսկ մաղձէն: Միշտ հացի համար, հետեւաբար՝ խուլ զզւանքով մը մտած ծոցը կիներուն, անիկա ի վերջոյ զայն, սեռային վայելքը անգիտակցաբար նոյնացուց տարապարհակի, գէրութեան տուրքի, շահագործուող արարածին հոգեկան նուաստութեան: Յետոյ ձեզի ծանօթ է ամայութիւնը անոր սրտին, սիրել չկրնալու երկնապատիժ իր դժբախտութիւնը: Ատելութեան այս աղեղն էր, որ զինքը կ’ընէր գրեթէ անասնական, խոշտանգող, սպառող ու քայքայւող, կիներու մարմինին վրայ, որոնք, ո՜վ զարհուրանքը աշխարհի բաներուն, այդ չարչարանքը կը կրէին անհուն հաճոյքով: Ո՜վ երկդիմութիւնը մեր զգայարանքներուն, որոնք իրենք զիրենք պիտի ուղղեն իրարու անծանօթ ասեղներէ եւ հակադիր զառիթափեր, որ մէկը արիւնին մէջ պիտի զովանայ, ուրիշ մը՝ սերմին: Այդ ատելութիւնն էր, որ զայն ըրաւ բարբարոս, մա՛նաւանդ սեռէն դուրս, հանդէպ իր ընկերներուն ու գրական հրապարակին, կործանելով վանտալի ախորժակներով ու այդ առաքելութեան մէջ ընդունելով անիմաստ իր գոյութեան վրիպած մէկ իմաստը գոնէ: Ինքզինքը ըլլալու այս տարօրինակ, դժբախտ ձեւն էր գուցէ պատճառ, որ անոր անունին կապուին սրտառուչ, աստուածային քաղցրութեամբ աղջիկներ, բոլորն ալ մեղր ու շաքար, հոգի ու պատկեր: Աղջիկները ոչ ոքի կը հարցնեն իրենց սիրտին պատգամները: Անոնց ողբերգութի՜ւնը՝ երբ խոր, վեր, «անհաս» տարփանքով մը պարուրեցին անոր զգայարանքները, ուզեցին իր նայուածքը, շունչը, գոլը, բայց մերժեցին դժպհի, վայրագ, երկիւղառիթ իր սեռը ու զայն կառավարելու, գոնէ իրենց եթերայնութեան հասնելու իրենց ճիգին մէջ եղան յիմար, այսինքն՝ քաշուեցան վար, անոր ճահիճէն:

Ինկո՜ղ հրեշտակներ, կը հեգնէր անիկա, այդ աղջիկներուն եղկելի յուսահատութիւնը, յանձնարարելով անոնց կարդալ ու հասկնալ Ա. տը Վինյի Էլոան: Ու քալեց իր բանին: Տառապանք տառապանաց: Անշուշտ: Մա՛նաւանդ չկրնալ տառապելու դժոխային չորութեան մէջ, որ երաշտի ամիսներու նման երբեմն կը բռնէր անոր հոգին: Անիկա կը լայնէր զանոնք ու ինք անկարող էր արցունքի, յուզուելու, գոնէ խաբուելու, մարդկային չըլլալու գերազանց զրկանքէն կատաղի ու վատ:

Դուք գիտէք Անգա Կէօրկէօվնան:

Բայց կ’անգիտէք տրտում պարզութեամբը յուզիչ միւս պատմութիւնը, զոր գրելու պէս ապրեցաւ անիկա, ընելով ինքզինքը հովուերվիպական ճշմարիտ հերոս մը: Չէր գիտեր, թե ինչու սկսաւ: Բայց շատ լաւ գիտէր, թէ դէպի ուր կը տանէր, երբ մտաւ ճամբան, հայրենակից աղջիկ մը, Պոլսոյ թերթերուն մէջ գրական իր մուտքը ըրած, ապացոյցը տալով մեծ ընդունակութիւններու, հանրային հանգանակութեամբ ինկած Փարիզ՝ հետեւելու Սորպոնի գրականութեան դասերուն: Տաք էր ու պարզ այդ աղջիկը, քիչ մը շատ զգայուն, պոլսական փափկութեամբ ու հայու գորովով: Օտարութեան մէջ անիկա կը ներկայացնէր Արեւելքը, անոր գաղջ դալկութիւնը ու զզալու բորբ գործարանները, այնքան տարբեր Արեւմուտքի յաւիտենական իգականէն: Աւելի՛ն. գրելու շեշտուած շնորհ ու տիրող տուրքեր: Սահակ Պարգեւեան, որ տարիներով ուսանող մնաց անգոյ գիտութեան մը, անոր հետ իր շփումներով արծարծեց սրբազան հրայրքը, անոր շատ Արեւելք ու Փարիզի համար գրեթէ տարերկրեայ համը ու կուսութիւնը expertի մը վայել դժուարահաճ գնահատումով ու փարատոքսը իրագործեց զայն իրեն կապելու, ամէնէն շատ արհամարհելով անոր արուեստագէտի խառնուածքը ու ճիշդ ատոր համար զայն խորապէս նուաստացնելով, իր անձին անկարելի անկումներովը, աղարտող ու ստորին, որոնց համարձակելու քաջութիւնն անգամ սարսուռ կու տար օրիորդին: Բուռն, միամիտ, գրականութեան ուսանողուհին առնուեցաւ անոր հուրքէն ու եղաւ խաղալիքը իր ու անոր քմայքներուն: Գրագէտը, այն ժամանակ երիտասարդ վիպող, ձգելով քառասուննոց կիներու անկողինը, անոնց ներկւած միսերուն կծու, քիչ մը աշխած միսերն իսկ լուալու, անհետելու անփոյթ՝ իր մարմինէն, կու գար «լուացուելու» անոր աչուկներուն ոսկի լճակին մէջ, իրական ջուրի զովութեամբ: Առաւ անոր կուսութիւնը քիչ մը խղճահար, քիչի՜կ մը, հարուստի մը պէս, որուն իր մէկ աշխատաւորը իր պարտէզին երախայրիքը կը մատուցանէ ու կը հրճուի ատոր համար: Բայց ինչ որ անասելին է այս արկածին մէջ, Պարգեւեանին անըմբռնելի վատութիւնն է, իր մեծութեան վայել այդ նուէրը կնիկի մը շատախօսութիւնները հոս ու հոն պատմելու, առաւելապէս իր շրջանակէն, գրագէտ կամ գործիչ, որոնք թաքուն հրճուանքով պատմումը գեղազարդեցին: Կը հպատակէր, աւա՜ղ, նախանձներէն ամէնէն հզօրին, գրականի՜ն, երբ ուրիշ ամէն անկողինէ խլուրդի պէս լուռ, ու ատով կիներուն մօտ վարկ ալ վայելող երիտասարդ վիպողը կը դրուագէր արկածին իրադարձութիւնները, մանրամասնութեանց բացառիկ հանդէսով եւ իրողութիւնները կը զետեղէր անհերքելի լոյսի մէջ: Անոր ընկերներէն մէկը, որ թերթ ունէր, ազգային դատը հետապնդող ու հետապնդող նոյն ատեն թարմ պոլսուհին, շահագործեց «պատահարը» սրամիտ ու բամբասուն քրոնկի մը մէջ, լուծելով զոյգ հաշիւներ, Պարգեւեանէն՝ զայն ներկայացնելով «անստգիւտ» հրէշ, որ չէր վարաներ իրեն մօտեցող ամէն աղջիկ հեքիաթի դեւերուն նման հում-հում պատառել, օրիորդէն՝ որ Սկիւտարի մէջ լաթ լուացող, բայց միշտ բարձրագահ իր մօրը պատիւը հոս, հեշտութեան բագիններուն վրայ կու տար կրակի ու ազգին դրամովը փոխանակ միտքը զարգացնելու, զգայարանքները կը հաճեցնէր ու հտպիտ սիրահարներ կը պարենաւորէր: Սահակ Պարգեւեան անշուշտ դիմաւորեց յարձակումը, զօրաւոր, ամբողջ, բիւրեղացած թոյն ու անկրելի գարշութիւն յօդուածով մը «ճղճիմ», «սուտակասպաս», «անյոյզ», «գաճաճ» այդ մեծամտութիւնը տապալելով հեշտագին ախորժանքով ու իրեն յատուկ անսրտութեամբ մը քայքայելով ուռուցիկ փառքը այդ «էրած» սրտին, փոխադրելով պատահարին ծանրութիւնը տեսարանի մը վրայ, որուն մէջ «կռնակահար» այդ սողունը կը դրուէր դուրս Օրիորդ Երամեանին սենեակէն, գրեթէ աքացի, ու փակելէ ետքը հաշիւը իր վրէժին, ու յուսակտուր՝ օրիորդին այդ չարախօսութեա՜մբ դադրած պարէնէն, անցաւ իր տուներուն ծո՜ցը՝ զինքը աւելի ճոխ, աւելի պարարտ բուծանողներուն: Այս վերջաբանը՝ հետեւողակա՛ն Պարգեւեանի կեանքի գնացքին, կանխուած է շահեկան ուրիշ միջնարարով մը: Պարգեւեանի բոլոր սիրարկածները «գրական-հոգեբանական» փորձեր նկատուեցան հեղինակին կողմէ: Մի մոռնաք, որ անիկա հիացողն էր նախապէս Պուրժէի, յետոյ Միրպոյի: Ըստ այս նախասիրութեանց, անիկա կը բանար հովուերգութեան վարագոյրը, գրական fiction մը կառուցողի այլուրութեամբ, աւելի ճիշդ՝ հոգեբանութեամբ, զինքը վերածած դասական հերոսի մը ԺԶ. կամ ԺԷ. դարու ֆրանսական տափակ քերթուածի մը, ու զարգացուցած «թատերական գործողութիւնը» ԺԹ. դարու տեթէրմինիստ տեսաբանութեամբ «ներկուռ» վարժապետի մը նման: Իր սերունդէն ոչ ոք անոր չափ եղաւ խառնածին, հոգեկան յօրինումով: Դիտո՜ղ, ինքը այդ պատահարին մէջ, կարծես ուրիշ մը ըլլար այդ ինքը, երբ կը մտնէր իր անձին հետ անոր սենեակը, հանելով իրմէն սեռին եւ հացին նոր օրերու մուրացիկը, խորխի մը պէս ու ընէր ինքզինքը հին այդ դարերուն ասպետներէն մէկը, վեր՝ հացէն ու սեռէն, հարուստ՝ իր սիրտով ու դերով, ու նախասահմանուած՝ կիներու փոքր սիրտին մէջ զարկը փորձելու յաւիտենական զգացումին: Ինչ լաւ կը նուաճենք երբեմն կեղծիքը: Անիկա իր ձեռքերովը կը հագուեցնէր օրիորդը, կը կսմթէր թեթեւ, գունաւորելու համար հատած անոր մորթը ու կ’առաջնորդէր Պուլոնեըի՛ անտառը, պատրանքը գտնելու հին այդ քերթուածներուն աւելի հին տեքորին ու համբուրելով սուտ իր սիրովը, անոր մազերը, նենգ, չար, խնայո՜ղ՝ խուսափող բերնէն կամ այտերէն, իր նախասիրած trucներէն մէկը կիները գրգռելու: Կարծես ուրիշի մը վրայ կատարուող փասթիշ խաղարկութիւն մըն էր ասիկա: Մինչեւ որ նոր սրտին «անապակ», «բիւրեղ», անմարդկային չորութիւնը: Անշուշտ շատ են մեր մէջ պահեր, որոնց վերադարձը չուզէինք պիտի, այնքան, անոնց մէջ, մեր կորանքը բացայայտ է ա՛լ մեզի: Կան մարդեր, որոնց հանդիպումը երկիւղառիթ է մեզի ո՛չ թէ իրենցմէ մեզի հասած վտանգին կամ վիշտին համար, այլ՝ այդ անձերուն իսկ հաշւոյն: Ու կան մեր մէջը խորաչափումներ, որոնց յանդգնելու մեր յիմարութիւնը զմեզ ընդմիշտ կը կործանէ: Իր մայրը ուրիշի մը թեւին մէջ բռնող աղջիկը տեսածէն աւելի պիտի տառապի յիմար այն հետաքրքրութեամբ, որմէ բռնավար անիկա բացեր էր դժբախտ դուռը դիպուածին ու եկած դէմ դէմի դժբախտ պատկերին: Պարզ է առաւել, թէ մենք ենք գործաւորը մեր տառապանքին: Բայց չենք կրնար հերքել զայն, երբ կը հագնի սիրողի մարմին մը ու կը պտըտի մեր ղէմը, մեզմէ օտար, մեզ ատող, բայց մեր անկողինը կիսող: Օրիորդ Երամեան չմեռաւ անշուշտ կսկիծէն. բաւական արուեստագէտ էր անիկա, այդ յիմարութեամբ նուաճուելու համար, ինչպէս տեսեր էր չմեռնիլը նկարչութեան ուսանողուհիին, Անգա Կէօրկէօվնային: Բայց լուրջ էր իր հանդիպումը կեանքին մեծագոյն պատրանքին հետ. պարմանութեան ընթերցումները, ժամանակակից յուզումները կարելին կ’ընեն այդ պատրանքը ոսկեզօծելու: Գիրքերու մէջ այնքան խորութիւններու տարուած այդ վիճա՞կը: Ուրիշ ի՜նչ է արդեօք անիկա մենէ շատերուն համար, եթէ ոչ՝ ալիք մը, ուրիշներուն նման, որ մեզ կ’առնէ վրան, կը տանի հանգրուանէ հանգրուան, մինչեւ մեր երկու կանգուննոց փոսը: Ուրի՞շ բան ինչ որ կեանք են անուաներ արքաները ու հովիւները, իմաստասէրն ու գեղջուկ սրնգահարը: Բայց ա՜ս էր կեանքը երիտասարդ աղջկան համար, տալ ինքզինքը եւ ստանալ փարթամ ամայութիւն: Խոր կսկիծով ամրացաւ անիկա իր ուժերուն փոքր կծիկին մէջ ու թողուց, որ անցնի փոթորիկը: Չպաղատեցաւ անոր, ինչպէս կը բանաձեւէր այնքան յաճախ, երբ մնար առանձին իր վիշտին հետ: Ափսոսաց միայն գեղեցիկ ծրագիրներուն ջախջախում էն, որոնք շինուած էին մինչեւ անկողին տանող կարճ շրջանի ընթացքին եւ կը կրկնէին բոլոր ինքնապատիր սուտերը, որոնցմով կը պատմուճանուի սեռային շատ պարզ բնազդը ու մեզ իսկ խաբելու չափ մեր կարողութիւններէն: Նորոգէի՜ն պիտի հիմէն մեր գրականութիւնը: Աշխատէին պիտի քով քովի, ու պիտի ստեղծէին մեզի պակսող իմացական ազնուութիւնը, ազնուականութիւնը, տանելով մեր արուեստին սահմանները շատ աւելի ետ, դէպի արձակութիւնները մեծ ազգերու ստեղծումներուն: Արեւմտեան ոգիէն անձնական մեր բնազդներուն վրայ յաջող պատուաստով մը՝ անոնք պիտի տային օրինակը նոր հայերուն, խոր ու լուրջ, զգայուն ու խոհեմ: Մինչեւ անկողի՜ն, ճամբան զարդարող այս ծաղիկները ինչ շուտ կը թոռմին ու կը տարբերին աշխարհին միւս ծաղիկներէն, անո՛վ՝ որ ա՛լ անգամ մը չունին բուսնելիք նոյն կէտին վրայ…: Իր խաբւելէն յետոյ միայն հասկնար պիտի իր ասպետին կրաւորական յօժարութիւնը ու պիտի սարսափէր մարդէն, որ ոչինչ կրնայ ուզել բացի միսէն ու հացէն: Անիկա ազատեցաւ տագնապէն՝ վրայ տալով զոյգ կուսութիւնները: Գիտէք մէկը: Մի՛ւսը՝ երազկոտ աղջկան խանդավառ ու զօրեղ կամեցողութիւնը: Քննադատը այս կործանումները կիսերանգ հեռնութեամբ կը դիմաւորէ իր կիսասպիտակ մազերուն տրտում շուքէն անդամալոյծ ու չի կրնար արդարացնել մատաղութիւն որակուած վիճակը, իր լիութեան մէջ: Օրիորդ Երամեան մինչեւ ինքզինքը գտնելը, «սպիացումը», իրմէն աւելի անոր սպասող ճակատագրին անդոհովը տառապեցաւ: Անիկա կը սարսռար հանգիտօրէն իր եզրակացութեանց ալ համար: Վաղը, ճարտար գող մը, այդ երիտասարդը կրնար մղել նոյնիսկ ոճիրի, հերիք է, որ խնայուէր գործելուն ճիգը: Անիկա պիտի ապշէր անոր ընդունակութեանց անորակելի բազմազանութենէն, կարդալով անկէ ստորագրուած վիպակ մը, որուն մէջ իրենց «պատահարը» խորք կը ծառայէր գռեհիկ պատումի, բայց կը տրուէր անկարելի անգթութեամբ, լոյսին հանելով շատ աւելի տրտում բան, քան ինչ որ համարձակված էր կասկածիլ ինքը, անոր հոգիէն: Վիպակին հերոսուհին կը կրէր արտաքին յարդարանքը, հարազատ հոգեգիծերը Օրիորդ Երամեանին, բայց այն գիծերը, որոնք դուրսէն տեսանելի, տեսակ մը լաթը կը կազմեն մեր հոգիին, բայց չեն զայն: Ունէր ատկէ զատ անփոխարինելի վաւերականութիւն մը, զոր առօրեայ շփումը, երկարատեւ մտերմութիւնը կը դիզեն մեր անգիտակից աշխարհին նեարդներուն ու կը զատեն իրականը մտացածինէն: Բայց աւելի տարօրինա՜կը: Հերոսուհին ունէր, ատկէ զատ, երկրորդ հոգեյատակ մը, կազմուած՝ տարրերովը Պարգեւեանի հոգիին, կեղծ, ամբարիշտ, ամայի ու բոզ այն շաղախով, որ ծածկուած կը մնար մեծ արձակագիրէն, ջնարակի զօրեղ հաւատարմութեամբ մը: Ինքզինքը կրկնելու անոր դիւրութիւնը ուրիշ բան չէ, վերջին վերլուծումով, գրագէտ որակուած կենդանին բացառիկ զսպանակը չէր այս յաջողութեան: Անիկա այդ պատմուածքով կ’իրագործէր, ապրող մարդոց վրայ, սիրոյ գիշերուան մը մէջ, խօսակցութեան մը գլխաւոր գաղափարը, սեռը կարենալ փոխելու աճպարարութիւնը, զոր չէր ըմբռնած, իր միամտութեան մէջ, Օրիորդ Երամեան: Անլուր գրա՛ւ, շահուա՛ծ՝ անոր հսկայ տաղանդէն: Արդ, ընթերցումէն յետոյ անիկա հեղ մըն ալ ափսոսաց ահաւոր անոր տաղանդին, որ լաւ հսկուած, ղեկավարուած՝ զայն կարող էր վերածել մեր գրականութեան գերագոյն վիպողին, ուրիշներու հոգին այդքան խորութեամբ, իրականութեամբ, հարազատութեամբ ընդգրկող եւ արտաբերող, եւ որ, կեղծ իր կենցաղին հազար ու մէկ նանիր կամ գռեհիկ մղումներուն մէջ, պիտի ծախսուէր, մանրուէր ապարդիւն, փշրուելու համար անդարման քայքայումի մը աղէտին ծոցը: Այդ չարաշուք վիպակին մէջ անիկա տուած էր իր արուի հոգին, «երկայն մազ ու շրջազգեստ» հագցնելով անոր: Ինքզինքը այսպէս «մորթաշրջելէ» ետքը, անիկա խորտակումը զարգացուցեր էր, հերոսուհիին մէջ «արուեստի կորովի ու փարթամ» զգայարանք մը մատնանշելով, որպէսզի այդ իսկ տուրքով, վերածուէր անիկա «վատառողջ» հետաքրքրութեանց կողմնացոյցի մը, «հիւանդ», «ապականած», «մութ ու խոնաւ», ընդնշմարել տալով անորակելի ուրիշ ալ զգայութիւններ, քանի որ ակնարկովի ու տառացի ալ զայն մօտեցուցեր էր Սաֆոյին: Այս ցեխահատիկներով դրուագուած, առողջ ամէն արուի համար այդ շրջուած իգութիւնը զզուելի պատկերելէ ետքը, խոր վերլուծումով վիպակը կ’ընթանար անխուսափելի իր վախճանին, ա՛յնքան՝ որ իր կուսութիւնը, ստիպման տակ, ընդունող ուսանողը, անվերադարձ զայն կը նետէր դուրս իր մահիճէն: Զգայութիւններու, աղէտի լուծումը, հոգեկան փտախտի այսքան յաջող պատկերացում դժուար իրար կը գտնեն: Բաժնուեցան անոնք իրարմէ, Ժորժ Սանի եւ Միւսէի յիշատակին մռայլ ուրուացումին ներքեւ:

Քաղցկեղ է քու հոգիդ, պոռացեր էր անիկա, թքնելով երեսին, երբ տեսեր էր իր պատմուածքը անոր գրպանը:

Քուկդ ալ սնգոյր, ակնարկելով ներկին, զոր սովոր էր գործածելու Օրիորդ Երամեանը, իր քիչ մը տժգոյն դէմքին համար:

Ոեւէ աղջիկ, անկարող պիտի ըլլար հանդուրժելու բոզերուն ձեռքով քոզմոթիկուած, այդ պեխերուն էգ, վատառողջ, խոնաւ լրբութիւնը: Տան աղջիկներէն՝ դէպի աղիճները: Ու փոխադարձաբար:

Գիտէք, թէ ուր գնաց մէկը:

Մի՞ւսը:

Այս պատմութեան գնացքին մէջ ա՛լ տեղ չունի այդ միւսը: Ու լաւ է, որ ձգենք զինքը իր ճամբան: Անշուշտ մեղքըցուելիք աղջիկ մըն էր ան: Տարիներով անիկա սուգը պիտի կրէր «անդրանիկ այդ հերկումին», զոր պիտի չմոռնար նոյնիսկ գլուխը ուրիշի մը կապելէն ետքը, որ, այս անգամ հակադիր մարզէն, չհասկցաւ զինքը, բայց թողուց ազատ: Իր ապագայ վէպերուն մէջ, Տիկին Յովնանեան աշխարհը, մարդերը պիտի տար այս երկու հակադրութեանց կամարէն: Անոր արուները այլայլուն եղան Պարգեւեանին մեծ, բայց անզգամ շուքէն, այնքան անիկա ազդուեր էր փարթամ, ոսկեճամուկ, էգ, աւազի պէս անյարիր այդ ցեխաստանէն: Անիկա վիպեց պատահարը Անգա Կէօրկէօվնային, որ զաւակովը քաշուած էր հիւսիս: Ու դրաւ իր ողբերգութիւնը պատկերին տակ խաբուած աղջկան:

Սահակ Պարգեւեան կիները այս կերպ զոհելու «վատութեան» մէջ չէր դներ գրականութիւն, սանթիմանթալիզմ ու տակաւին ուրիշ որակումներ: Ամէն ինչ պարզ էր անոր վրայ, երբ կը քալէր դաժանութեան կիսագունտէն: Ամէն ինչ անպատրուակ կը թուէր բխիլ: Բիրտ՝ ինչպէս ծեքծեքուն, հաւասարապէս՝ ինչպէս եղած էր կեանքը հանդէպ իրեն: «Թագաւոր ծնելիք» մարդ մըն էր անիկա, ինչպէս կը յայտարարէր, անգիտակից ու խոր ինքնութեան մը պահերուն, խորհելով անշուշտ, «սպառսպուռ» արձակութեամբ, կիներուն եւ ոսկիին, որոնմէ կազմուեցաւ արու մեղուներուն պղերգ հեքիաթը: Հիմա, որ թագաւոր չէր, ու չէր մարդ ամէնուն նման, ան կը ջանար այդ «կոտորած»ներով հակակշռել հոգեկան իր մենութիւնը, ինքնիրմէ, իր սարսափէն անծածկելի՝ ինչպէս անփոխանցելի դառնութիւնը: Մենանա՜լ ու ատե՜լ: Այդ էր պատճառը գուցէ, որպէսզի ատէր անիկա տարիներով, այրե՛րը մանաւանդ, որոնք իր «կոտորած»-ներէն չունէին ազդուելիք, բոլորն ալ գէշ-աղէկ ձեւ էին ճարած հացի ու խուլ իրենց սենեակներուն մէջ չէին ճուար, իրենց սերմը ծախու հանելով իրենց փորին հաշիւին: Զուր հեգնէր պիտի իր ընկերները, անոնց «մարմնակործան երկրպագութիւնը» ոսկի հորթերու ոտքին հանելով քնարական պարսաւը ու չէր ամչնար իր երկրպագութեան համար աւելի պղտոր հորթերու առջեւ: Զուր անոնց գրական ձիրքերը թաթխեց սեւ թակոյկի մէջ ու անոնց հացի ամէն պատառին հաստատելը պոռաց կեղծիքին կարագին: Անիկա վնասեց աւելի իրեն: Վասնզի հետզհետէ, կրկնուելով–կրկնուելով, հոյակապ այդ արձակը վերածուեցաւ առակի հովիւին կանչին: Բայց անոր կրունկները ծեծը կ’ուտէին, քիչ մը շատ յաճախ, հացին մուրճերուն: Այդ մղձաւանջն էր, որ ստեղծեց իրմով, «անօթի կզակներու» սարսափը, աւելի ճիշդ՝ քաղաքակիրթ ոստաններու մէջ այն տիպարը, որ պարտաւոր է իր հացը «որսալ», ու այդ որսին համար յօժարիլ ամէն գազանութեան, նոյնիսկ իր անձին, ինչպէս ուրիշին վրայ: «Երկսայրի» իր ժանիքները երբեմն կը կտրտէին սեպհական միսը ու կ’ուտէր անիկա իր տաղանդը, շատ անսուաղ օրերուն, ծախելով իր տաղանդը անանուն գրչակներու, «յառաջաբանել»ով ողորմելի գրքոյկներ, տիտղոս բաշխելով աճուրդով ու կանոնաւոր, վճարովի լեցնելով երգիծաթերթերու իսկ սիւնակները, զիջելով իր ստորագրութիւնը անոնց արտօնատէրերուն ու քառասունէն վեր անոնց քոյրերուն ալ իր առնութիւնը, «եղով–մեղրով» չուտուելիք տուն–մնայ այդ աղջիկները նուաստացնելով խորապէս՝ փաստովը իրենց արգանդին տգեղութեան: Հասկնալի է, որ նուաստացման այս անդունդէն ատէր անիկա նաեւ իր հարազատ բարեկամները բոլորն ալ ոչ-գրող խաւերէ որոնք կը սիրէին յախուռն, պերճ իր վերադիրները, ճառերը եւ լրբութիւնը, կեղծիքը իբր կեղծիք հագնելու, անկէ չգանելու եւ փարիսեցիները՝ ինչպէս փղշտացիները անխնայ խարանելու: Անոնք էին, եղած էին իրեն օգտակար «բանիւ եւ գործով»՝ անոր ամէնէն յուսահատ րոպէներուն, սրբելով անոր ճաշարանին պարտքը, միջակ ուրիշ ճաշարանի մը վրայ քանի մը ամսուան համար վարկ բանալով, միշտ «ի նշան հիացման» ու անկեղծ գնահատութեան: Կ’ընդունէր այս «նուէրները» կա՞ր բան մը, որ արժանաւոր նուէր չըլլար, զիջուած անոր տաղանդին, սիկառի տուփէն մինչեւ աղջիկներուն կուսութիւնը ու կը մռայլուէր ո՛չ թէ ամչնալուն, այլ՝ այսքան պատահական, այսքան անկայուն ու նիւթակերպ գնահատուելուն, ի՜նք՝ հայերուն Սուիֆթը, խարանողը, խարազանողը, Եղիան ու Եզեկէլը: Կը մերժէր մեծ անուններէն Հիւկոն, ո՛չ թէ հետեւելով այդ օրերուն անոր դէմ յարուցուած արժեզրկող մտայնութեան, այլ հաստատած ըլլալուն անոր ու իր մէջ կեղծիքի նոյն ծիածանը, որմէ հովանաւոր, «կամարաւոր», այնքան հաճ ինքնախաբումով երկուքն ալ ըսես իրենց ժողովուրդներուն ճիշդ հակառակը իրենց զգացումներուն եւ գործերուն: Այս խելամտումը, սուտին եւ նանրութեան ջուրերուն ընդմէջէն իր նաւը վարելու ճարտարանքը անիկա զգուշացաւ հրապարակելէ, ի՜նք՝ որ չէր կրնար, իր խանդին մէջ, պարզագոյն զգացումներն անգամ հռետորել: Մինչեւ եղունգներուն ծայրը գրագէտ էր ան, այսինքն՝ նանրամիտ, մեծամոլ ու տղու չափ յիմար: Ու դերասան չէր դատեր ինքզինքը, երբ կը պոռար նահատակութիւնը իր տաղանդին: Ու «ի ձայն փողոյ եւ թմբկի», ուր որ կը հասնէր ուժը իր հագագին, անիկա կը պահանջէր ազգէն, որ հասկնային վերջապէս «ահաւոր մեծութիւնը» իր տաղանդին ու զայրագնած իր կաշիին մէջ ուռած թթու մածունի մը նման, ան կը հայհոյէր անոնց իսկ, որոնք իրենց հացը կիսած էին անոր հետ: Ու կը թուէր կարդալ բոլորին դէմքին՝ իրմով գոյաւոր խորունկ արգահատանքը, զոր մեր անկումը կ’արձագանգէ մեր շուրջը: Պարագայական սաստկացումներով ու թուլացումով, բայց միշտ ալ անհուն դառնութեամբ, անիկա վարժուեցաւ ա՛լ սմսեղուկ, «աղտոտ» փախուստին, զոր մարդիկ կը փութային «ձեւակերպել», իրեն չհանդիպելու, չտեսնելու զարնելու, «երես» շրջելու քաղքենի հաճոյքով, ազատելու համար հաւանական գլխացաւէ մը: Մեր քաղաքակրթութեան այս զառածումը, իր բառովը՝ այլասերումը, անոր մղձաւանջը մնաց ու ցաւին գերագոյն գործիքը: Համադամ կերակուրի հանդէպ ու միւս կերակուրին ալ հանդէպ իր անկանգնելի տկարութիւնը զինք թափառեցուց մշտական ֆաքիրի մը պէս, այդ քաղաքակրթութեան շուայտ սեղաններուն մարզերէն ու չեղաւ, չկրցաւ ըլլալ մարդը, որ քանի մը կանգուն աշտարակ մը բարձրանալ ուզէր, հոնկէ թքնելու համար այդ «կաւատ» հաճոյքներու համանկարին: Այս ամէ՛նը, երբ աղքատ էր անիկա:

Ինչ որ այս արագ յեղումին մէջ անցաւ վերլուծումը անոր չունեցած նկարագրէն ու հոյակապ տաղանդէն, բաւ է սեւեռելու անոր դիմագծութիւնը, հիմա, իր մահէն տասնեակ մը տարի ետքը (իր սեւ բախտէն, անիկա պիտի մնար նոյն խռովիչ մարդը մահէն ալ անդին, այս անգամ գրական պիտակով), ըսել կ’ուզեմ՝ երբ լռած են անոր անձին շուրջը մախանքը իր ժամանակին եւ վատ, թոյլ, սողոսկուն, ընդվզեցուցիչ խաչակրութիւնը զինքը չքաշողներուն: Անշուշտ քսան տարի մը վերջը կու գայ բիւրեղացումը բոլորովին: Բայց վէպ մը իրաւունք չունի այդ արկածախնդրութեամբ զբաղելու: Նոյն այս վերլուծումը սակայն անբաւական է յստակ ընդգրկելու հիմնական անոր հոգեյատակը: Վասնզի անիկա փարատոքսի սիրոյն չէր, որ ուրացաւ ինքզինքը, այսինքն՝ հոգին, հոգի մը: Ըսի ձեզի, թէ աշխարհը տեսաւ, տարազեց ու տուաւ իբր թատերաբեմ մը համատարած կեղծիքի, ազգէ ազգ ու անհատէ անհատ: Իր զաւակը ուրացող հայրը, անոր ստեղծումին մէջն իսկ պիտի չվարանէր կեղծիք բանաձեւելու, եթե կարենար ինքզինքը հերքել ո՛չ թէ ուղեղէն, այլ, աւա՜ղ, միւս աննահանջ իր կէսէն, իր գառագեղուած անասունէն, ինք, սեռի աղբիւր ու վայելքի «մանրավաճառ»: Սահակ Պարգեւեան լրջութեամբ արտասանեց օր մը, հաւաքոյթի մը մէջ, տարօրինակ նախադասութիւն մը, զոր չհասկցան: Ան ինքզինքը անուանեց սնդիկի գրագէտ, խորապէս զայրացած մէկ կողմէն սրտցաւ քարոզներէ, որոնք իր համակիրները կը կործէին գլխուն, միւս կողմէն՝ դեւ կտրած պարկեշտութեան, առաքինութեան մարտկոցներէն իր դժբախտ մեղքերուն վրայ ուղղուած ռմբակոծութեան համար: Իրե՞նք: Այսինքն՝ պարկեշտասուն տիկինները, որոնք իրենց մեղքերը պուպրիկի պէս գիտէին խնամել ու ցոյցի դնել իրենց սրահներուն արժանի գեղօր: Այսինքն՝ զարգացած, բազմաշնորհ երիտասարդները, հարուստ կամ ոչ, որոնք կիները հալածելու մասնագիտութիւնը պէտք չունէին իրմէն սորվելու ու առնուազն իրեն չափ աղջիկի ցաւ ունէին իրենց սրտին մէջ թաղուած: Որոնց բոլորին ալ կաշիին տակ կ’աճէր աղբին ու ապականութեան համատարած խլիրդը. «Հոգին հեղուկ է», կը պոռար անիկա, մօտեցած ըլլալու համար Նիցչէին: Ու չբացատրեց ալ նախադասութիւնը: Հեղո՜ւկ: Անշո՛ւշտ: Որ հոմանիշ է կաղապար, ձեւ չառնելու: Որ հոմանիշ է ամանին, որեւէ ամանի ենթարկելու ինչ որ մեր փառքին լաւագոյն տիտղոս եւ մեր հպարտութեան գերագոյն գրաւականը կը կազմէ քարի, ցեխի, փտութեան սա թոհուբոհին մէջ, երկիր կոչուած մոլորակին վրայ: Արուե՞ստը: Բաջաղա՜նք, որով կը խաբուին ներքինիները: Ի՞նչ կը մնայ անդին: Հարցուցին իրեն ու չըսաւ: Ամէնէն վատն էր անիկա իր սերունդին մէջ, վատ՝ մահուան դիմաց ու ատկէ աւելի տխուր, իր իսկ տաղանդին դիմաց, որուն վարուեցաւ այնպէս՝ ինչպէս վարուեցաւ սեպհական զաւկին հետ: Զոր թողուց տարիներով անօթի, գործածեց նման ծառայի եւ լքեց բոլորովին, է՛ն կորովի շրջանին, անցնելու համար «պորտը բուծանելու» անվերադարձ հեղգութեան: Այդ անձանձիր եռանդին մէջ իր կրկնակի կեղծ գրոհները ռազմախաղեր էին մահուան դէմ եւ պատրանք չունէր: Իր հետ՝ զինքը ճանչցողները:

Այսպէսով է, որ անիկա եղաւ այս վերլուծումին բոլոր շերտերը, կատարեալ ու հարազատ: Սնդի՛կ: Հեղո՛ւկ: Ուրի՞շ: Այսինքն՝ որքան մը բան շրջանին հոյակապ պատրանքէն անոր ալ մէջը: Անկէ՝ որ իր սերունդը ըրաւ այնքան սրտառուչ, զոհուող, յիմար ու ռոմանթիք: Ըսի՞ ձեզի, թէ անիկա սկսած էր գրելու իբր երիտասարդ մը, առնուած՝ «վաղուան ձայն»երէն, սիրելով իր ազգը, որ դեռ «քաղքենի» չէր ու հաւատալով անոր արեւին ու իր ալ աստղին: Թո՞ւրքը: Աղբի՜ւր փոխաբերութեան, մթերք՝ պատկերի, հռետորութեան եւ գործարա՜ն՝ անֆազի: Եւրոպա՞ն: Նոյնը, քիչ մը աւելի ճիշդ՝ որքան չէր անիկա միւսներուն աչքին, որոնք անկէ սպասեցին նոյնիսկ մորթուելուն վաւերատիպ վճիռը ու յամառեցան անհանգիստ ընել երեսփոխաններ ու նախարարներ՝ մեր քերթողներուն գեղեցկութիւնը պարտադրել փորձելով, որպէսզի սիրէին մեզ բռնի՜: Ուրի՞շ: Այսինքն՝ մարդկեղէն, սոսկական յատկութիւններ, գրողէն անկախ, որոնք մեզ իրաւ, համակրող, սիրտցաւ ու պարզ կ’ընծայեն նախ մեր աչքին, յետոյ՝ շրջապատին: Բայց յարատխուր, առնւազն ամէնէն շնական տիպարը եղաւ անիկա իր ամբողջ սերունդին մէջէն: Ու ամէնէն դժբախտը: Անոր կեանքը կրնանք նմանցնել կեանքի հաստամեստին վրայ ճամբայի մը, բայց տարօրինակ, մէջտեղ եկած մեր օրերուն ասեղովը ու մեր գործերուն քրտինքովը: Ճամբա՛յ՝ որուն յատակը մշտապէս ծածկուած մնաց դրամին խիճերովը: Զոր կտրտեցին, սեպ ու ապառաժ, խեղդելու աստիճան, անհուն ոլորքներ, օձե՜րը իր անկումներուն: Երբեմն՝ արքենի ու հսկայ պողոտայ, որ կալ կը դառնայ անդունդի մը շրթունքին ու կը վառի արեւին հուրքէն: Ճամբա՜յ՝ մշտապէս հանգրուանուա՜ծ՝ կիներէ, տարիքի, ազգի բազմաբղէտ արձանակոյտէն: Ընդարձակեցէք իմաստը այս այլաբանութեան ու դուք կ’ունենաք կսկծալի պատկերը կործանումին, որ անոր բաժինը եղաւ: Սահակ Պարգեւեան, իր տաղանդին տարողութեամբն ու ուժգնութեամբը՝ իր սերունդէն ոչ ոքէ կ’իյնար ցած: Ամէնէն մեծերէ՜ն: Անոր տուրքերը, զգայութեան ու իմացականութեան զոյգ աշխարհները, ուրիշ ժողովուրդի մէջ, զինքը կարող էին առաջնորդելու ամէնէն բարեբաստ պատգամներուն, ճակատագրին: Մեր մէջ՝ անոր կ’ապահովէին առնուազն տանելի փառքը, որ մեր յոբելեարները կը մխիթարէ, մոռցնելու չափ զրկանքի, անօթութեան ահաւոր փապուղին, կեա՜նքը գրեթէ մեր բոլոր գրողներուն: Անոր գրիչը, հազուագիւտ գործիք, որ ուրիշներու մատին մէջ կարող էր խանդի, խորերէն վերբերուած թաքուն աւիշի հրդեհներ ստեղծել, պարտաւոր եղաւ կշռոցը, ուղղիչը մնալ անոր խառնուածքին ու «պարել զգաստ», փորձութեան նրբանցքէն մշտապէս այցուած: Ու պարել չկա՜մ, վարձակի պարով: Ու ծախու ապրանք: Ու ո՜ճը անոր, մէ՛կը՝ ամէնէն խիզախ, պերճ, գունագեղ նւաճումներէն մեր նոր բարբառին: Որ պաշարուեցաւ կարիքին սարդէն ու սեռին ժանգէն ու զգետնուեցաւ կեղծիքին կեղէն, ու կցկտուր, ափյափոյ անխնամ էջերու վրայ մեռաւ արիւնաքամ: Անիկա գիտէր արժէ՜քը այս ողջակէզին ու գիտէր մեղքը իր ալ տուրքերուն: Աւելորդ է փրկել աշխատիլ այս կործանումին իմաստը գոնէ: Քանի որ ինքը զգուշացաւ ամէնէն առաջ նման փորձէ մը: Իր գիւտն է «Վրիպած սերունդ»ը: Ու թող ներուի ինծի հետեւիլ իրեն ու տարածել տարազը իր գրողի անձին: «Վրիպած» գրո՜ղ, դժուար է ըսել բառը ու անցնիլ հանդարտ: Աւելի ճիշտ պիտի ըլլար՝ որակել զինքը՝ «սրբազան հիւանդ»: Կարելի է այս պատմուճանը նետել իր յիշատակին ու թաղել գարշակոյտն ու ճահճակոյտը իր դիակին: Աւանդութիւն մը, ո՛չ հերքուած, ոչ ալ ստոյգ, զայն կը դասէ դարուն մեծ ջլախտաւորներուն շարքին, անոնց պէս զարնուած՝ իր կեդրոնէն, վարակուած իր ուղեղէն: Ու սիրտէն սրտնահար: Խառնակ իր կեանքէն յառնող այս միազման կու տա՞յ բանալին անոր տխրութեան ու հիւանդ փայլին: Ստոյգը ան էր, որ անիկա հիւանդ էր, միտքին մարզերէն, անորակելի ցաւով մը, որ կերած, արմատաքի չորցուցած էր կամքը անոր մէջէն: Ու հիւանդ էր նոյն ատեն իր քանի մը շատ կարեւոր զգայարանքներէն, որոնք լծուեցան սպառող տարապարհակի ու հացի ճամբան զոհեցին իսկութիւնն իսկ անոր արիւնին, սերմի անոր տաղանդին: Ու հիւա՜նդ՝ սիրտէն, զոր ունեցաւ ճոխ, բայց նոյնիսկ մեծագոյն նուաստութեանց ալ խորը, բո՛ւխ, բայց ճահիճի մէջ բացուելու ճակատագրուած աղբերակի մը նման: Ուրիշ չէր առաջ, մարմինն ալ անոր:

Ապրեցաւ այսպէս, մինչեւ որ ժառանգեց:

Այս բացատրութիւնը մեր մէջ իմաստ չունի անշուշտ: Պէտք է հասկնալ զայն փոխաբերովի: Ամուսնութի՞ւն: Դուք գիտէք անոր ճարած կնի՜կը ու «ոսկեյորդ» սնտուկը: Խոնարհ էր անիկա սրտով ու սնտուկ մը մեծ բան է յաճախ:

Ուրե՞մն

Հարո՜ւստ:

Ինչպէս երազեր էր քսան տարիներ:

Ու շքեղ կնոջ մը ադամանդ հեքիաթը կռնակին, անիկա առեւանգուելէ ետքը (ինչպէս բանաձեւեցին իր բարեկամները պատահարին անհեթեթ յիմարութեան առքը), Իզմիրէն Գահիրէ դարձին, պատերազմէն առաջ, անիկա մտաւ, չափազանց արագ, իր տուրքերուն ծիածանին մէջ: Քանի մը շաբաթ, ու արդէն կործաներ էր իր անձին շուրջ բիւրեղացուած ժխտական տրամադրութիւնը՝ կտա՛կ, առաջին այցելութեան ահաւոր «տնանկութեան»: Ու յաջողեցաւ «տիրական ու փարթամ», առջի շրջանէն եղկելի, մուրացկան, միշտ մեծատաղանդ արձակագիրը վերածել համով, պատուական, պատուաւոր ազնուականի մը (անգլերէն ալ գիտէր), որ սիրտի անհերքելի ապացոյց էր տուած, դժբախտ իր ամուսնութեան «ոսկեգարշ» ճահիճէն ազատագրելով իրեն յարող կին մը, զայն ընդունելով «ազատ ու ոսկի» մենութեան մէջը իր աղքատութեան: Ու կը գովէր չունեցած իր պարկեշտութիւնը, ձեռքը զարնելով սիրտին, որ «գերագոյն դատաւորն է մեր արարքներուն»: «Վա՜յ անոր, որ իր սիրտը կը խաբէ», կը բարբառէր անիկա ու կը հաւատար իր լրբութեա՜ն: Անոր է մտած տեղը աղբիւրը կը բխէր գարեջուրին ու զուարթ կատակին: Չտե՞ս: Չեղաւ անիկա:

Մովսէ՜ս:

Մարգարէ՜,

Սինայի ժայռե՜րը,

Թեփէ աւազնե՜րը...

Մարդիկ կը խօսէին ու չէն էր անիկա:

Ու, ադամանդին պարունակէն ու տարերկրեայ, հնդիկ-պարսիկ քառամանեակին պարունակէն անիկա եղաւ աստղը այդ օրերուն:

Հիմա, որ գիտէք բաւական բան անոր անցեալէն, եղէք համբերող քիչիկ մըն ալ, հասնելու համար Հելուանի տնակի յետմիջօրէին: «Որքան շատ, այնքան լաւ», կ’ըսեն բժիշկները, երբ հիւանդը կը հարցաքննեն:

Դժուար է մտապատկերել, թե ինչ սրտառուչ, տխրութեամբ օծուն, խոնարհ հոգիով, անիկա երեւցաւ Գահիրէ, Աղեքսանդրիա, խմբագրատուննե՜րն երկօրեայ, եռօրեայ, շաբաթաւոր հայ մամուլին: Առած էր այդ համեստ կերպարանքը, «անձին օրինակովը» անգամ մըն ալ ջախջախելու համար բանաստեղծ–վաճառական մը, որ մուսաներու հետ երկերես քաղաքականութիւն մը վարելով, ափրիկեան հեռաւոր, ծովափնեայ ոստանի մը մէջ ոսկի էր դիզեր ու եղջերուաքաղ կը կարդար իր գրչեղբայրներուն գլխուն, իր փափաքները իբր իրողութիւններ ներկայելով ու հիմնելով հայ գրողներու տուն, ընկերակցութիւն, հաստատելով ընդարձակ ֆոնտեր, որոնց տոկոսը պիտի ազատէր հայ վաստակաւոր գրագէտները հացին հարցէն, բայց չմոռնալով աւաղել նիւթական իր անկարողութիւնը, գնչուի մը պէս ապրելով, իր միլիոնները Եւրոպա փոխադրելէ ետքը: Պարգեւեան շանթահարիչ երկու սիւնակ հայհոյանքով դիմակը վար էր առեր այդ աճպարարին, որ Ափրիկէ «ծուարած» իր գեղը կ’երգէր, անոր ճամբաները ու տնակները ոգեկոչելով սրտառուչ կեղծիքով:

Խմբագրատունները հայ մամուլին: Եգիպտոս: Պահ մը պարտաւոր էք մոռնալ 1932ը, 15-20 տարի առաջ, անոնք իմացական իրենց մեծ դերին հաւատարիմ, ամբոխին վրայ լաւ ազդելու համար, «ամբոխէ հեռու», այսինքն՝ սանկ ու նանկ չորրորդական փողոցներու վրայ խանութներ էին, ընդարձակ այնքան՝ որքան տան յատակի նպարավաճառի կրպակը, չորս-հինգ մեթր ճակատով, խաւաքարտէ միջնորմներով բջիջուած, մեղուանոցուա՜ծ (գեղեցիկ նմանութի՜ւնը, որ գիւտն էր սրամիտ երգիծողի մը), հազի՜ւ քարյատակ: Որուն ձեղնամասէն երկու մեթր ցած տախտակամած մը կը կազմէր խմբագրական սպայակոյտին շտապը, ուր կը բարձրանային անոնք, խմբագիրները, զոյգ մը անօթի ու տժգոյն մարդեր, խարխուլ, շարժական սանդուխէ: Կ’արժէր տեսնել Պարգեւեանը, երբ լամբակին ծաղիկ-վաճառորդուհիները հաճոյք ունէին ծաղկեւորելու արեւելեան իշխանը, կը բազմէր խարխուլ աթոռին, այլուրային, վերնախոնարհ հայեացքին տակը գթութեամբ ողողելով խմբագիրը ողորմուկ եռօրեային, պարզ, բորոտ սատանայ մը, հացի անիւին կապուած փակաչք ջորիի մը պէս, ու «մշտանօթի», բա՜ռ՝ զոր հնարած էին ընկերովի, երբ կը խմբագրէին միասին, նոյն այդ անկիւնէն, անունով ուրիշ, բայց խորքով միշտ նոյն թերթուկները: Այդ օրերուն խմբագիրները մտքերնուն անգամ չէին անցըներ այժմեան շքասեղանները, թէյասեղանները, քիչ-շատ տանելի պայմանները ու կ’ապրէին Պարոնեանով սեւեռուած պարունակէն, այսինքն մշտաhալած՝ պարտքէն ու կարիքէն: Չունէին նոյնպէս տեղ ու ծանրութիւն եգիպտական համայնքին մէջ, որ փաշաներու կարծր ստուերին մէջ մակաղած, կը դիզէր ոսկին, կը յօրանար ու կ’ուրանար ուրիշ բան: Մեր մտքին եղկելի խլեակնե՜րը, կտրուած իրենց կեդրոնէն, ու նետուած սա անապատը, արգասաւորելու անոր աւազաստանը քարոզութեամբը Բանiն: Մէկը անոնցմէ, մեծագոյններէն, որ մեր մեծ գրագէտներէն մէկն ալ է նոյն ատեն, եղերաբախտ իր մահուան ատեն, արիւնոտ իր գրպանէն պատառ մը չոր հաց միայն կտակէր պիտի մեր փաշաներուն միլիոններուն դէմ, մեր ժողովուրդին: Պարգեւեան կ’ոգեկոչէր զայն, կ’արտասուէր անոր արժանիքները, ու կը հանէր անոր տեղը բռնող ուրիշ եղկելի մը, բռնի՝ աթոռէն, տանելու համար բացօթեայ վայրեր, պարպելու ըմպելի ու աղանդեր «մշտանօթի» անոր աչքերուն ու փորին, ներկայացնելով այն բարիքին ակ ու աղբիւր գեղանի Տիկինը:

Կինը, Տիկին Գոհարեա՜ն:

Ու չէր նեղուեր տարազին այլանդակ անիմաստութենէն:

Մարդկային կեանքը, մա՛նաւանդ Պարգեւեանի գիծէն մէկու մը կեանքը նուաճելի չէ վէպի էջերով: Կը զոհեմ շատ բան այդ սիրավէպէն ու անոր կապուած հոգեվիճակներուն լրիւ շրջափոխութենէն: Այսքա՛նը՝ որպէսզի հասկնալի դառնայ, որոշ չափով, սա ուժասպառ չէզոքութիւնը, աւերակը, յիսունէն, մեղքէն, պարտքէն վեր պայծառ կործանումը, Եգիպտոս, ուր անոր տաղանդին գրուած էր կրել դառնագոյն կորանքը, ու անոր զգայարանքներուն՝ հզօրագոյն տառապանքը, մտնելէ առաջ աւազին մշտանորոգ պատմուճանին ներքեւ, ուր մոմիայ եղած կը քնանան այնքան հսկայ քաղաքակրթութիւններ: Անիկա մեծամիտ էր իրեն հետ թաղել կարծելու իր ժողովուրդին ալ քաղաքակրթութիւնը, որմէ վեր յայտարարեց ինքզինքը, իր խենթութեան օրերուն:

 



[1]        Պատին կանգնիլ = հարս առնել։ Նոր հարսը, ամուսինին տան մէջ առաջին օրը կ՚անցընէ պատին դէմ կանգնած, այսինքն՝ ոտքի, յարգելու համար մեծերը։

[2]   Ցայել = ջուրով ցօղուել։

[3]        «Սահակ Պարգեւեան» վէպին հետագայ հատուածը սկսող կիսուած բառը վրիպակ պիտի թուի շատերուն, բայց վրիպակ չէ անիկա, այլ՝ ցաւալի իրականութեան մը յայտարար նշանը: Այդ կիսուած բառը՝ «նակութենէն», նախորդող չորս էջերը (129-132) կը պակսին ձեռագիրէն եւ պակսածը գտնելու կամ այդ մասին տեղեկութիւն մը ունենալու համար մեր կատարած բոլոր փորձերը զուր անցան: Օշական սովոր էր իր անտիպներէն հատուածներ ղրկել մեր հանդէսներուն, երբեմն ուղղակիօրէն եւ երբեմն արտագրել տալով զանոնք: Կը թուի, թէ նոյնպէս վարուած է նաեւ խնդրոյ առարկայ էջերուն հետ եւ ոչ-բարեխիղճ վերաբերումի մը հետեւանքով ստեղծուած է այս բացը: Նման ենթադրութիւնները, սակայն, կը մնան ենթադրութեանց սահմանին մէջ: Իրականութիւնը փաստն է եւ ընթերցողը կրնայ երախտապարտ մնալ անոր, որ կրնայ դարմանել այս կորուստը…

[4]        Հեվալէ = փոխանցում։ Պետական հայթայթիչները իրենց ապրանքին փոխան այդ թուղթերը կ’առնէին այս ու այն կուսակալութեան գանձին վրայ ու կը գանձէին զանոնք խեղճէն՝ յոգնելուն չափ։

[5]  Առաջին տողը Իլիականի թարգմանութեան Հ. Ս. Կ. Բագրատունի։

[6]  Մատրիկալ = Ֆրանսերէն, թեթեւոտն քերթուած, սրամիտ ու խայթող, որոշ անեքթոտներ տաղաչափող։