Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Դ.

Ո՞վ,

ատ Մինաս Մարանը, որուն մականունը, սուրիական ծագումին կասկածելի մթութեամբը, էջ մը շքեղ սաթիռ է արժած Սահակ Պարգեւեանին.

«Սինլքոր», «էշ», «կաւատ», «կոկորդիլոս» ու աւելի անասելի վերադիրներով ականակուռ այդ է՜ջը, որ պարտամուրհակ մը եղաւ գրագէտին համար, զայն ընդմիշտ կապող աշխարհիկ «առաքեալին»:

Այս պատմութեան սկսած պահուն, անիկա տէր ու տնօրէնն է Գահիրէի նորագոյն fin de siècle սպասարկութեամբ օժտուած հիւրանոցներէն մէկուն:

Տարի՞քը:

Չուզեց ունենալ:

Յարգելու համար իր պատճառները, կը զգուշանամ ճշդելէ: Բայց պարտք կը զգամ յայտարարելու, թէ ներկ կը գործածէ: Մարդ չի հասկնար, առաջին ակնարկով, թե ինչո՞ւ բախտէն այսքան շոյւած այդ «պատուական» ու «պատուաբեր» ազգայինը անիծէր բախտը, որ զարկած էր զինքը իր ամէնէն կենսական մարզէն, մազերէն: Ճերմակ մազերը դժնդակ տախտակներ են մեր տարիքէն: Աւելի դժնդա՛կ, վասնզի պարտաւոր ենք մեր գանկին հիւսած պտըտցնել անբաղձալի բաներ: Մռայլ հաշուեյարդա՜ր, անկանգնելի սնանկութեան մը, որով ընդմիշտ կ’արգիլուինք երեւալէ շատ մը տեղեր: Ու խորհիլ, որ մարդոց համար այդ տեղերը գոյութեան պարտէզը եղան:

Ուտող ու ապրող: Շատ են անոր տաղանդին ստեղները: Արագ՝ պիտի մօտենամ հիմնականներուն:

Մասնագէ՛տ՝ եգիպտական խնճոյքներու, որոնք իր ամուրի կեանքէն փոխադրուեցան ամուսնական յարկին տակ ու տարիներով կազմեցին ատոր բարքերը: Բայց՝ մասնագէտ յարդարիչ, կազմակերպական հրաշալի կատարելութեամբ մը այն բացառիկ ալ գիշերներուն, որոնք պիտի չլուսնան Նեղոսի ափերուն, արեւադարձային բուuականութեան մը բազուկներէն պարագրկուած ու պամպուներու կերոններէն հսկուած հեշտանաւերու վրայ, որոնց թաւշասքող կամրջակներուն, հոս ու հոն, ճարտար գիտութեամբ մը կորագիծերու, բաշխուած ըլլան պիտի անդրիները կիներուն, կերպադրելու համար վայելասէր «հնագէտներու» աչքին՝ ինչ որ պատմութիւնը կ’աւանդէ հռովմայեցի կեսարներէն, երբ ասոնք կիներուն մարմարը կը փռեն իրենց արջու թաթերուն: Ամէն ձեւերով, ծնրադիր, թմրած օձերէ հիւսած իրենց ճերմակ զիստերը, ոտքի՝ յունական անֆոր ներու գլխանոց մը իրենց գլխուն վրայ, մօրէ մերկ, վագրաuտեւ շուներու կարմիր լեզուին յանձնած իրենց միսերուն թխորակ մասերը: Ուրիշներ, իրարու հիւսուած, թերաշարժ ու կործանումի հակած, բայց ցայտեցնող՝ կորութիւններուն զաղփաղփուն գիտութիւնը: Կիներու այն փլաստիք ը հաճելի տեքոր մըն է, որ կը փոխուի թատրոնի մը վարագոյրին նման ժամէ ժամ, երբ վճարողը «յաւելուածական» ծախքերուն համար բաց թուղթ ստորագրէ: Ով գիտէ քանի՜ տարիէ ի վեր կրակի հետք չզգացած ծխնելոյզներուն ու կամրջադիր համակ սպիտակ գլաններուն կռթնին պիտի հսկամարմին սեւեր, ելեկտրական լամպիկներու գոյնզգոյն ու խնամուած շողերուն ներքեւ: Մինաս Մարան հին ու նոր աշխարհի դրամի կեսարներու ճաշակին ու պահանջին համեմատ, տարիքի, մա՛նաւանդ՝ կիրքի տիափազոն ին վրայ չափելով կ’ընէր այդ սեւերուն դիրքը մեհեաններէ վերցուած արձաններու հանգոյց, բայց հոգ տանելով սեռական գալարքին ու գործարաններուն լրիւ հոլացումին: Արձաններ, այդպէս սառած ու ցոլցլուն, որոնք, խուլ ու տրտում եգիպտական ջութակի մը հեծքովը յանկարծ հոգի առնէին ու քալէին, բզկտելու, ձիւն իրենց ատամներով ու աղօտ իրենց ճիրաններով, մարմինները փոքրատի աղջիկներու, բոզանոցներէն թափուած հոն: Անոնք պիտի հիւսէին ներկուն իրենց ճերմակութիւնը, անապատէն նոր հանուած օձերու նման սեւ բազուկներուն ու ճուային, ճուային ռնգաձայն ու կտրտեղ իրենց լացը, մտապատկերը թելադրելու համար վայրագ յօշոտումին, ինչպէս կը հանդուրժէին եանքիներու եւ լորտերու ջիղերը այս դժնդակ տանջանքին: Սահակ Պարգեւեան, ձեւի մեծ խուզարկու, անորակելի տխրութեամբ կը համակուէր այս անասնութիւններուն դէմ ու կը գոցէր աչքերը, առանց գիտնալու, թէ կը գթար իրեն, իրեն թէ այդ թշուառական աղջիկներուն: Անիկա այս խորշերուն ծանօթացումն էր ըրած դեռ առջի Եգիպտոսէն, երբ Մինաս Մարանը այդ փարթիները կը կազմակերպէր «այլոց ի հաշիւ», թափանցիկ այլեր, Եգիպտոսէն, մեծահարուստ ազգայիններ, ժառանգորդ ձրի ճարուած, այդ օր ոսկիի վերածուած հողերու, անհուն ագարակներու, ինչպէս՝ զեռուն, փոքրացու մեղքերու: Պարգեւեանէն առաջ աւագանիները անշուշտ կ’ախորժէին այս բարքերէն: Բայց գործի մէջ դրամ շինող հեշտ ամուրիներ, Կիլիկիոյ կողմերէն, պահանջը կը դնէին այդ սարքումներուն, տաղանդաւոր, լայնօրէն վարձատրուած հեչտախոյզ ու կիսակար փաշաներէ, գիւղերու սեպհականատէր վաշխառուներէ:

Տաղանդաւոր մասնագէտ, Մինաս Մարանը դարձեալ անապակի փարթիներու, կազմակերպուած՝ աշխարհի հինգ մասերէն, դրամի ու նորութեան մեծ իշխաններու զգայարանքներուն համար: Մեծ հոգեբան, այդ Մինաս Մարանը, հազիւ դպրոցի մը քովէն անցած, իր ասպարէզին բերումով, կը զատէր մարդոց կիրքերը անվրէպ ստուգութեամբ: Անիկա իր ճիշդ իմաստին մէջ կը հասկնար անխոստովանելի զսպանակները, որոնք զբօսաշրջիկի տարազով մարդերը կը նետեն ապականութեան ու նորախոյզ վայելքներու գուպարին: Հարիւր օտարէ տասը չգտաւ անիկա, որոնք ձգած ըլլային իրենց քաղաքներուն ալ սատափցած ձանձրոյթը ու չվազէին սա հեշտանքի պարտէզները, հնութենէ զատ ամէն բան տեսնելու: Կայ տարիք մը, որմէ ետք աչքը կը կանչուի շատ մը ուրիշ զգայարանքներ փոխարինելու: Ծերերու ախտախուզութեանը չէ որ կ’ակնարկեմ: Այլ՝ տարիներու, տասնով-քսանով տարիներու մերձադրումէն կրացած, բորբոսած զզուանքի՜ն, որով կը սկսի մեր անկարողութիւնը ու զայն դարմանելու մեր հերոսական աճապարանքը: Այդ անկիւնէն տեսնուած՝ զբօսաշրջիկը, հոգեկան արթրիթիք մըն է, որ «հանքային» տեսարաններ, արձաններ, քարայրներ ու նաւեր կը փնտռէ իր կիրքը թափելու: Թափառակա՛նը, վաչկատո՛ւնը, անապատայի՛նը Մինաս Մարանի կարծիքով, որ կը յառնէր այդ դուքսերուն, սենեոր ներուն, միլորտներուն ծերունազարդ կուրծքին տակ: Կինե՞րը: Հարկա՜ւ, «Արու եւ էգ արար զնոսա», կ’ըսէ Ծննդոց գիրքը: Էգերը՝ այդ իշխաններուն, իրենց ամլացած կամ խաւար արգանդները ակօսելու ի խնդիր: Աւերակնե՞րը: Թանգարաննե՞րը: Վերին Եգիպտո՞սը: Բուրգե՞րը: Լուքսո՞րը: Անշուշտ: Եգիպտոս ամէնէն գեղեցիկ գիրքն է, որ կենդանի պատկերով մը ունայնութիւնը կը սեւեռէ մեր ուղեղին: Բայց ատոր համար նախ ուղեղ է հարկաւոր: Քսան հազարին մէջ, որոնք տարուէ տարի կը թափին Նեղոսի հովիտը, քանի՞ հատ են անոնք, որ նոթ առնելու համար գոնէ մատիտ ունենան: Միւսնե՞րը: Կամ՝ իրենց երկիրներուն կիրքերը էկզոթիզմ ով պղպեղելու հետամուտ յիմարներ, կամ՝ նոր մեղքերու խուլ մագնիսովը քաշուած հոս: Մինաս Մարան կեանքը սկսաւ քարափէն: Ու, առաջին ակնարկով, չէք կրնար իր ճիշդ արժէքին մէջ դատել ահագին նշանակութիւնը այդ սկիզբին: Տարիներ յետոյ, տէր եւ տնօրէն համբաւեալ հիւրանոցի մը, անիկա, շատ մը բաներ ըլլալուն հետ՝ մասնագէտ յարդարիչն էր անապատային փարթիներու: Հրատապ օրուան յաջորդ, լուսնալոյս գիշերներուն, անիկա անապատ կը թափէր իր շրջիկները, խնամով ընտրուած ու վստահելի, կաշառելէ ետքը բուրգերու պահակները մէյ-մէկ սիկառով: Բնիկ, նախնական նուագարաններու հանճարային բաշխումով մը, ուր դեր ունէին ձայնի արդիւնքներու բացառիկ ճանաչողութիւն մը, հեռաւորութիւն, հողի ծփանք, արձագանգ ու հովի ուղղութիւն, անիկա կ’ազդէր արեւմտեան ուղեղներուն վրայ անկշռելի, բայց միսի պէս կպչուն տխրութեամբ մը, չես գիտեր ինչպէս ճարուած, աւազէն թէ սիրտերէն, այնքան ոչ ոք կար մէջտեղ, բայց կիսամութը՝ այնքան բնակուած, ակօսուած բիւրաւոր շրթներէ: Ձայներու այս դէմընդդիմումը անիկա սորվեր էր տեղացիներէ: Իսկ անապատէն յառնող ձայնական տրտմութիւնն ալ՝ պատահակի: Բուրգերէն անդին: Լուսնի լոյս: Ու աւազ: Փոթորիկէ մը յետոյ, որուն աղը, մրուրը դեռ կը ծածանի, հանգչած հովին թեւերէն թափթփուն: Ով որ չէ եղած այդ գիշերներուն, դժուար պիտի մտապատկերէ, թէ ի՜նչ մոգական խաղարկութիւն կը բանի լուսնալոյսը այդ դեղնահար տրտմութիւններուն վրայ, որոնք ոտքիդ տակը կը մխան մեղմ կամ կը բռնկին, կապտաւուն, փոսփորուն, թաթախուն, աստղերու փոշի մը շամանդաղելով քայլերուդ ետեւէն: Ու ձորակներ, հեղեղատի փեռետումներ, որոնց յարդարուն մէկ խորշին մէջ, Մինաս Մարանի ճարած կիները   ամէն ազգէ   պիտի ընկողմանէին ու լային, միամիտ, բայց արիւնի թելի պէս ականջներդ ի վար ոլորուող նուագին դաշնակութեանը տակ իրենց ծիծերուն ողկոյզները յանձնած ափին ու ճմլումին, ամէնազգի «հնախոյզ»ներու:

Մինաս Մարանը եգիպտական փարթիներու մասնագէտ չէ միայն: Անիկա շահեկան տիպար մըն է, արեւելեան քաղաքներու մէջ մեր հայրենակիցներէն ոմանց ցոյց բերած տուրքերուն իբր յայտարար: Մարդն է, որ առանց նեղուելու, կրցաւ, տարիներով, պաշտօնական իր կնիկէն զատ, պահել ուրիշ չորս-հինգ ալ, կանոնաւոր, հաւատարիմ վճարումով, սուսիկ-փուսիկ, անոնց այրերը կամ եղբայրները օգտագործելով իր ընդարձակ ձեռնարկներուն մէջ: Չէ անիկա խանութպանի հոգեբանութեամբ թրծուած փերեզակը, որ շատ-շատ պիտի սազէ իր կրպակը ու Աստուծոյ փառք տալով պիտի մեծցնէր իր զաւակները. ո՛չ աղքատ, ո՛չ հարուստ: Չէ անիկա անհուն ախորժակներով ըղձաւոր միւս տիպարը, որ բախտին հետ գօտեմարտութիւնով կը սկսի իր ասպարէզը ու իյնալով-ելլելով, օրին մէկը ինքզինքը կը գտնէ զնդան կամ գերեզման: Անոր բնաբանը եղաւ վաստկիլ դրամը, բայց ոչ շատերուն նման անոր դեղին երեսին սիրուն, այլ այն «աւելի հաճոյքին» համար, զոր կը հանէ անիկա սա ազազուն, սուտ կաւէն, որ մարդկային մարմին կը կոչուի: Ու կը վաստկէր, գոնէ վերջին շրջանին, առատութեամբ մը, որուն ինքն ալ չէր հաւատար երբեմն: Բարեպա՞շտ, ինչպէս պէտք է ըլլան մերինները օտար աստղերու տակ, իրենց պապերուն տուրքին չվստահելով, տրամադրելի պահելու համար ուրիշ աղբիւրներ, երկինքէն: Բարեպա՞շտ, «մեռոնը, ժամէն չդարձած՝ ճակտէն թռցուցած» այդ շուն ծնունդը, ինչպէս կ’որակէր զայն մեծատաղանդ արձակագիրը զուարթ հեգնութեան իր պահերուն, ակնարկելով անոր անգթութեան, երբ տունի աղջիկներ, դեռ արու չտեսած, անիկա կը բերէր այդ խնճոյքներուն ու կը վաճառէր՝ մէկ կողմէ նժարին արծաթ զետեղած: Աստուած Ինք է գիտնալու: Անիկա, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ եկեղեցիներուն «պատուական» նուիրատուն, կ’ընէր մեծ ժեսթեր, առանց նեղուելու: Ան էր, որ «հեշտանաւէ» մը օձիքը փրկելու պահուն ըրած ուխտը գործադրեց, յաջորդ ցերեկն իսկ, Պէյնի Սուրէնի հայոց եկեղեցիին նստարանները վերէն վար նորոգելով ու հինցած ջահին տեղ նոր մը նուիրելով, արժանանալով հրապարակային դրուատիքի, առաջնորդին օրհնութեան գիրին: Ողորմա՛ծ թէ՛ գաղտ, թէ՛ յայտ ձեւերով: Երբեք չմերժեց իրեն երկարող որեւէ ձեռք: Անիկա, ամէն առտու, տունէն դուրս ոտքը չդրած՝ կը հանէր երեք խաչ, կը կրկնէր աղաւնիին ու մրջիւնին առակը, անոր ամբողջ սորվածը ընթերցումի գիրքէն ու կը կրկնէր անոր փոփոխակ առիւծին ու մուկին միւս առակը: Տուաւ, նոյնիսկ երբ ոչինչ ունէր: Անոր համար տալը հոմանիշ էր սերմանելու: Այս տրամաբանութիւնն է, որ կը վարէր անոր աղքատ երիտասարդութիւնը ու հարուստ հասունութիւնը: Օգտակար եղաւ բոլոր ինկածներուն, գործի ձախորդութեամբ աղքատացած արհեստաւորներուն, անոնց մանուկներուն դպրոցական ծախքերը, կիսօրեայ սնունդը ստանձնելու ատեն սքողելով ապշեցուցիչ սրատեսութիւն, աւելի ճիշդ՝ հեռատեսութիւն: Ազգային Առաջնորդարանի մարդահամարի պաշտօնեայ Արամայիս էֆէնտիէն աւելի կատարեալ կը ճանչնար Գահիրէի հայութիւնը, զարմանալի իր յիշողութեանը շնորհիւ, որ բացառիկ ընկալչութիւն ուներ ձայնէ ու գիծէ: Այս տուրքերուն ու անոնցմով հետապնդուած հաշիւներուն միջոցով էր, որ երկար ատեն իր բարերարութիւնները զերծ եղան թափանցումէ: Մեր ժողովուրդը մարդերը կը դատէ իրենց ձեռքին բացէն կամ գոցէն: Այս հնարքներով էր, որ անոր վարկը մնաց անխախտ ու խնայեց իրեն, ինչպէս հանրութեան խղճմտանքին՝ դառնագոյն պատկերը ներքին իրականութեան: Բայց այսքան զգուշութեամբ պահպանուած բարոյական սա կազմակերպութիւնը պիտի քայքայուէր մէկ-երկու օրուան մէջ: Անիկա «պատռեց տաճարին վարագոյրը», իր իսկ ձեռքովը, յիմարութեան նոպայի մը, վռնտելով իր կինը, որ տարիներէ ի վեր հանդուրժեր էր տունէն դուրս անոր կիները, բայց համարձակեր էր, հասուն աղջիկներուն պատիւովը տագնապուն, դիտողութիւն ներկայելու նորագոյն կարգադրութեան մը համար: Մինաս Մարանը մարդը եղաւ, որ ընդդիմութիւնը չճանչցաւ: Կինը, վռնտուած ու զրկուած իր աղջիկներէն, հրապարակ դրաւ, իր կարգին, յիմարութեան նոպայի մը, նորազգի բարերարը, որ սանկ ու նանկ ձեւերով, թուղթերով, Պոլսոյ պատրիարքարանէն ձեռք ձգուած վկայութիւններով ճարեր էր ազգականներ, Պոլսէն բերել տալով ընտանիք մը, երեք աղջիկներով: Հօրեղբա՞յր, մօրեղբա՞յր, դրած էր անուն մը ինքնիրեն ու անոնց մէջտեղը անցնող: Մինչեւ հոս, Մինաս Մարանը հաշտ էր իր անցեալին: Բայց ահա յիմարականը: Անիկա, տարուելով աղջիկներուն մէկուն խնդրանքէն, բացաւ իր տունը՝ խումբին: Անոնց մայրը՝ չքաւորութեամբ դաստիարակուած, աւելի ճիշդ՝ երեք աղջիկներուն գեղեցկութեամբը ուժաւոր, անցաւ իր դերին: Ու տունին երկու կիները առտու մը իրենք զիրենք գտան իրարու դէմ: Տիկին Մարանը պատրանք չունէր իր մարդուն զգացումներէն: Անիկա զգուշացուց իր դէմի մայրը, որ շունչը առաւ «հօրեղբայր»ին սենեակը: Մինչ ատ առտուն, ամիս էր անցեր: Խնամուած, հագուած ու փայլած էին երիտասարդուհիները, պոլսական նրբութիւն ու հով սփռելով ու Սփլանտիտ փալասին փարթիներուն մէջ հայկական աժան հրապոյր մը բանալ կրնալով բազմազգի աղիճներու խաղաղ փաղանգին դիմաց: Հանրային գնահատումի խոշոր բաժին մը չէր ուշացած «պատուական» ազգայինին հասցէին: Օրհնուեցաւ անոր սեղանը եպիսկոպոսէն, որ կիները կ’ատէր, բայց մեղքով կը հետաքրքրուէր, իմացական սփիւռքէ, ճանչնալու պէտքէ մը բռնավար: Զարգացած այս եկեղեցականը կիներուն գործած աւերները հաւաքելու մենամոլութիւնն ունէր, ի հաշիւ մեծ իր գիրքին, որ մեր ժողովուրդին բարոյական ըմբռնողութիւնը պիտի համապատկերէր ու այս հետաքրքրութեան սիրոյն կը շփուէր անիկա մարդոց ամէնէն հարուստներուն, դուք հասկցէք՝ ջիղերով հարուստներուն: Գիտութեան, գիտնալու այս պէտքն էր, որ զայն կը շեղեցնէր իր պատկառելի հպարտութենէն ու կը մօտեցնէր զայն ամէն կարգի Մարաններու: Եպիսկոպոսէն զատ՝ տեղւոյն ազգային կազմակերպութիւնները փութացին շնորհաւորել այս անգամ յայտնի «բարերարութիւնը»: Մինչեւ որ, կինը տունէն ներս ենթարկուած իր նախատինքին չկրնալով հանդուրժել՝ ծառացաւ այս նորատեսիլ, անիմաստ կարգադրութեան դէմ: Տուն չէր պակսեր Մինաս էֆէնտիին: Բայց յամառութիւնը գերազանցն էր Մարանին կիրքերուն: Հոս պզտիկ փակագիծ մը, վասնզի այս տողերը գրողը կը կարծէ, թէ մեր ցեղային դժբախտութեան մեծագոյն գործաւորը այդ կիրքը եղած է: Մեր պատմութիւնը անշուշտ մատը չի դներ ճիշդ վէրքին վրայ: Բայց դեռ Օգոստոսի դարէն հայ նախարարներու պատկերած անմիաբանութիւնը իրողութեան մէջ շատ չի տարբերիր հիմակուան մեր հակամարտութիւններէն: Աթոռի մը համար մենք չենք վարանիր դաւել մեր ցեղին: Ու աւելի տխո՛ւրը, ոչ մէկ հզօր զգացում կշիռ ունի այդ գռեհիկ կիրքին դէմ: Մեր բոլոր ձեռնարկները ճակատագրուած են անփառունակ վիժումի, վասնզի մեր ամէնուն մէջ լերան պէս կանգուն է հակամարտութիւնը, ուրիշ խօսքով՝ իր գիտցած ու խորհածին վրայ կառչած մնալու յամառութիւնը: Տիկին Մարան, պարզ ու վշտոտ, երեւան բերաւ իսկական դեմքը «պատուական ազգայինին»: Պարզուեցաւ անոր հիմնական մասնագիտութիւնը (նեղոսեան ու սֆինքսեան կազմակերպութիւնները քիչ մը հասարակ, այսինքն՝ շատ տեղական կը մնան, երբ մօտեցուին սա անսովոր, դժւար ըմբռնելի հեշտախուզութեան) աղջիկներ պատրաստել, աղքատիկ տուներէ, անոնց խնամակալ-պաշտպանութիւնը ղեկավարելով շատ հեռուներէն, առանց երեւալու, խնամքով վարագուրած իր հեռահիւս նպատակները, ընտրելով «կտորը» պզտիկուց, գուշակելէ յետոյ անոր դեռ անկազմ դիմագիծին վրայ պատանութեան ու առջի հասունութեան, արբունքին յաջորդ արագօրէն բողբոջող հրապոյրին խորութիւնը, այդքան կանուխէն: Դնելով զայն դպրոց, միշտ առանց երեւալու, ընելէ ետքը շրջանաւարտ ազգային վարժարաներէն, հասնելով եւրոպական դպրոցներու մէջ անոնց ստանալիք լեզուական ջնարակին, սպասելով «արջու» համբերութեամբ անոնց լրիւ, հրաշախառն փթթումին, որ աղջիկներունը կ’ըլլայ տասնըեօթին եւ քսանին մէջտեղերը: Այդ շրջանին էր, որ անիկա զգալի կ’ընէր ինքզինքը, առնելով օրիորդը, իբր «արկղակալ», պիւրոյ ին մէջ «հատուածի» հսկիչ ու իւրահնար ուրիշ պաշտօններով, միշտ անտարբեր, չտեսնելով խուլ ու վարանոտ խռովքները, որոնք կը յառեն աղջիկներուն կուրծքին, այդպէս մշուշոտ հաստատութեանց խորը, մօտեցնելով անոր տարեկից երիտասարդներ, լռին հաւանութիւն մը, նոյնիսկ քաջալեր մը գուշակելի ընելով, մինչեւ որ բռնկած աղջկան դէմ բանար իր իսկական դէմքը: Վրիպո՞ւմ: Չունեցաւ գրեթէ: Վասնզի կազմակերպող անոր տաղանդը կը հսկէր ամէն բանի, մա՛նաւանդ փախուստի ճամբաներուն: Անոր ձեռքին տակ, պատրա՛ստ՝ բանակը իր արարածներուն, որոնք կամաւո՞ր, թէ իսկական անգիտութեամբ մը կը փութային, գրեթէ առանց աղմուկի իրենց անունին կապելու այդ աղջիկները, «զարգացա՛ծ», կոկիկ դրամօժիտով, գեղանի ու առօրեայ շփումով արդեն իրենց սիրտին վրայ հեղինակութիւն վայելող (մեր զգացական կեանքը կը ղեկավարուի այդ հեռաւոր եսին ցուցմունքովը: Ոչի՛նչ այնքան հզօր է սեռային մագնիսին վրայ, որքան ամէնօրեայ շփումը): «Սիրտ առնւած» այդ օրիորդները, հաւատարիմ բարեկամուհիներ, իրենց քարտուղար, գործակատար, յանձնակատար, մաքսահան, վաճառորդ, շրջիկ ու հնութեանց մասնագէտ ամուսիններով կը կազմէին Մինաս Մարանի պահեստի ալպոմը: Անոնք գործածելի ալ էին ուրիշ, ցանցառ փարթիներու, բայց երբ «ծովափ իջնէին», արտայայտիչ բացատրութիւն, այսինքն՝ իրենց սորվածը «աճեցնէին», անցնելով անդին մարանեան օրինագիրքին յօդուածներէն: Անշուշտ այս մասնասգիտութիւնը իր «փայլուն առաւելութեանց» մօտ ունի նաեւ իր փուշերը: Մինաս Մարան էֆէնտին երեք-չորս յարկերէ ինկաւ գետին, բայց կատուի պէս, ոտքերուն վրայ ու փրկեց հետքը: Այնքա՛ն՝ որ տարիներով «սիրտին նետած» նահատակ ու գերի անոր կինը վռնտւեցաւ իր բոլոր դիմումներուն մէջ: Աւելի՞: Պատժուեցաւ իբր անհաւատարիմ ամուսնական սուրբ յարկին, ուր երեք սրբասուն որբուհիներ աղքատութեան իրենց դատակնիքէն կ’ազատուէին, զարգացած հայուհիներ ըլլալ պատրաստուելո՜վ եւ որոնց բախտին «յաչաղկոտ» զրպարտիչ մըն էր անարժան կի՜նը: Լուծուեցաւ իրենց պսակը: Զրկեցին զայն ամուսնական իրաւունքէ: «Խաթեր համար» իրենց հոգին սեւողներ պաշտօնապէս, գրաւոր (առաջնորդը խղճմտանքները ապահով ընելու եւ ապագայ պատեպատ ուրացումներու ապարդիւն ձգելու համար չէր բաւականանար վկաներու ունկնդրութիւնը ընդլայնելով շատերու շրջանակին, այլ կը ստիպէր զանոնք գրաւոր, «ստորոգովի», վաւերացնել իրենց հաւաստումները), ինչպէս նաեւ «լսովի», «յատենի դատաստանական ժողովոյ» հաստատեցին Տիկին Մարանի անհաւատարմութիւնը, անհերքելի՜ փաստերով, հանուած իրենց իսկ տոպրակէն: Արդարութեան այս եղերակատակը ամէնէն տխուր ու փտած մասն է արդի քաղաքակրթութեան ու աւելի պժգալի, քան միջնադարեան հաստ ու անհեթեթ ձեւերը: Այդ իսկ վճիռով՝ անոր կինը կը զրկուէր աղջիկներէն, որոնք ֆրանսական ու անգլիական միջնակարգ վարժարաններու մէջ շարունակեցին զարգանալ, արձակուրդներուն, իրենց ուսուցչուհիներուն հետ, Եւրոպա կամ Ամերիկա զբօսական եւ ուսումնական պտոյտի մէջ անցընելով պարապուրդի շրջանը ու, հիւրի պէս, այցովի, շաբթուան մը չափ հազիւ երեւնալով հայրենի վիլլային մէջ: Գիտէի՞ն անոնք ազգականներու, հեռաւոր «գուզէններու» ողբերգութիւնը: Բաներ կան, որոնց անծանօթ մնալը կը փոխարինէ ծանօթացումին անկանգնելի խորտակումը: Անոնք, նման ամէն աղջիկը, որ օտար վարժարանի մէջ գիշերօթիկ կ’ապրի քանի մը տարի, օտար էին գրեթէ իրենց հօրը, որքան մօրը: Հաւատացի՞ն վճիռին: Հանրային կարծիքը սերտ ոլորտներու մէջ կշիռի կ’ելլէ: Մեծ քաղաքներու մէջ կեանքը այնքան արագ ու նոր է, որ տուներու պզտիկ ողբերգութիւնները ատեն չունին շատ տնտնալու թատերաբեմին վրայ: Մոռցուեցա՞ւ անիրաւութիւնը, երբ Մինաս Մարանը պետական գնահատութեան արժանացաւ, տեղացի բարեկամներուն խողովակովը, իբր զբօսաշրջիկները իր տաղանդովը Եգիպտոս քաշող օգտակար անձնաւորութիւն: Իրողութիւն էր, որ մոռցուած էր անոր հեռու անցեալը, այսինքն մա՛րդը՝ երբ հարուստ չէր:

Տրապիզոնի թէ Սամսոնի կողմերէն (անիկա խնամքով պահեց հoրենական քաղաքին իսկական անունը: Ամէն գաւառացիի նման, անիկա պոլսեցի կը ծախէր ինքզինքը) Զուռնա Մինասը այդպէս կը կոչուէր քիթին ստենտորեան աղմուկին համար աչքը բաց, հանած-վարած տղայ մըն էր, որ կանուխ լքեց ծովեզերեայ իր քաղաքիկը ու բախտ փորձեց Պոլսոյ մէջ: Պանդոկէ մը, ուր մտած էր ան իբր սենեկապան, անիկա թռցուց դրամապանակ մը ու շունչը առաւ շոգենաւ, որ զինք նետեց Պէյրութ: Հոն ըրաւ բաւական մութ գործեր, որոնց վրայէն կ’անցնիմ, ու կը ծանրանամ առաջին մեծ արարքին ատամնաբոյժի աշկերտ, գլխէ հանեց Եոզղատի իր վարպետին աղջիկը ու լքեց ան ալ, վասնզի հայրը չյօժարեցաւ անհրաժեշտ դրամօժիտը ցնծալու: Արաբական բարքերու առաջին այս շփումը զինքը ըրաւ աւելի յանդուգն: …Աղեքսանդրիա, աղջիկ հայթայթող՝ համաշխարհիկ սրիկաներուն: Պատերազմի՞ հարուստ, թէ մեծ հարուածի հերոս: Անիկա Գահիրէ վազեց, Սփլանտիտ օթելէն առաջ, երկաթի մեծ վաճառատունը տարիքը առած, բայց խելացի հասառուիի մը: Տարիէն ընկեր: Երկրորդին՝ տէ՛ր, վաճառականին յանկարծահաս մահովը, որ բաւական աղտ հոսեցուց բերաններէ, բայց չհոտեցաւ: Ազգային առաջնորդարանը հազիւ ազատեց գոյքերուն մէկ մասը անոր ճիրաններէն ու պատսպարեց անոր այրի՜ն, որուն սիրողն էր եղած ճարտար սամսոնցին, առաջին իսկ ամիսէն: Տարի մը ետքը անցաւ անիկա մեծ անձնաւորութիւն: Եգիպտոսին յատուկ է մարդերը այսքան շուտ ընդարձակել:

Պարգեւեանը կը ճանչնար Աղեքսանդրիայէն, «իզմիրցի» անոր սիրուհիին հովէն առնուած: Հարուստ պէյերու, փաշաներու հաշւոյն անիկա աշխատեցաւ այդ հոյաշէն կնիկը քաշել իր ցանցին, փորձ, կակուղ, «մետաքս» լարերով հիւսուած, ինչպէս կը պարծենար: Անոր տուրքերէն մէկն ալ այրերու ճանաչումն էր անվրէպ ակնարկով: Առաջին իսկ տեսութեան, ճշդեց պատահարին տարողութիւնը: Ոչ մէկ բանի «սիրտ կապող» սա ծե՜րը, այդ տպաւորութիւնը անոր չէր խաբեր զինքը, առանց դժուարութեան պիտի քաշէր «ձեռքը ետ», քանի որ բռնի առած էին այդ ձեռքը արդէն սա «դիպւածին» մէջ բա՜ռ՝ որով որակեց մեծատաղանդ գրագէտը զոյգ ողբերգութիւնները, Գոհարեան Արտաշէս էֆէնտիի կործանումի ու աղքատախնամի ապրանք պատրաստող անոր կնոջը ապագայ թշուառութիւնը: Մինաս Մարան դժուար հաւատաց իր ականջներուն, երբ լսեց, գարեջուրի սեղանի մը գլխուն, գրագէտին տրտմութիւնն ու խոստովանութիւնը՝ իր «կռնակին» այդպէս բռնի հեծած կնիկէն: Ու արագ անցաւ գործի: Չէ՞ր խորհեր կիներուն սիրտին: Իրողութիւն էր, որ անիկա թեթեւ, հաճոյախնդիր, ու դրապաշտ բնաւորութեամբը իր դէմ էր ունեցեր «դիւրամատոյց» ապրանքներ: Իր առաջին յարձակողականը, լեզուական սանձարձակութիւն, չհասաւ իր նպատակին: Տիկին Գոհարեան մտիկ չէ՜ր ըրած: Այն ատեն, անիկա կորսնցուց իր համարձակութիւնը, դրամով շլացնելու կին մը, որ մականունը արդարացնող պերճութիւն մը ձգեր էր ետին: Եղաւ խորամանկ, թափանցելու համար զսպանակներուն, որոնցմէ մղուած էջեր էր Տիկինը սա խենթութեան՝ «անկուտիի» մը հետ փոխելու պալատն ու ոսկին: Պարզ այս վճռականութիւնը, բաւական փա՞ստ էր հոգեբան Մինաս Մարանին, որպէսզի ան ընէր զիջումներ կիները դատելու իր սկզբունքներէն, տարօրէն նման գրագէտին պաշտպանածներուն, ու քալէր զգուշաւոր: Հարուստ տիկիններ (Մինաս Մարան մանրամասնօրէն սորվեր էր պատահարը, անոր իմաստը, իզմիրցի ապրողներէ, հարուստի տղաք, որոնք գեղեցիկ այդ քաղաքին կործանումէն առաջ կը պտըտէին աշխարհներ, սեւ ու դեղին հաճոյքներ համտեսելու, ու միսերու պազարին մէջ լիաբուռն վատնելու ինչ որ իրենց հայրերը դիզած էին յաճախ այնքան անգթութեամբ ամէնուն, բայց մա՛նաւանդ իրենց անձին դէմ): Գրագէտին գիծէն սիրող մը կուրծքի վրայ վարդի պէս կարող էին պահել, առանց «դոյզն անպատեհութեան», ապրելով իրենց պալատականի գնացքը, վայելելով դրամին ու գեղեցկութեան բոլոր տուրքերը ու պահելով մա՛նաւանդ թանկագին հնարաւորութիւնը, ձանձրոյթի կամ յոգնախտի պարագային փոխելու սիրողը, տեղը առնելու համար նորը, թերեւս՝ աւելի թարմ, աւելի կրակոտ, աւելի «խոշոր»: Այն ատե՞ն: Զգացո՞ւմ: Լրջութի՞ւն: Մէ՞կը այն խորունկ յիմարութիւններէ՜ն, որոնք վէպերու մէջ կ’երգուին ու կը մեծցուին: Անիկա դժուարաւ հրաժարեցաւ պատահարին խռովքէն ու ըրաւ մէկը իր դառնագոյն զիջումներէն՝ «յարմար առիթի յետաձգելով» Տիկին Գոհարեանին «խնդիրը» ու անոր «լուծումը»: Սեռային ալճեպրան ունի ասանկ արմատներու հարց: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար անոր զսպանակները կապուած կարծել նկարագրին միւս հեռատես գիծերուն, աղջիկներու ուռկաններէն, որոնց մէջ անիկա դրած էր նախասիրութիւնը, փառասիրութիւնը իր կեանքին: Ատ էր պատճառը, որ չխզեց կապը գրագէտին հետ, խորապէս արհամարհելով զայն հոգիէն: Գործի, դրամի հասնող մարդիկ ոչինչ կ’ատեն այս աստիճան ուժգնութեամբ, որքան մակաբուծային սա արարածները: Ատիկա անձնական գերակշռութեան վրայ իրենց հաւատքը ամրապնդող պատրանք մը չէ մինակ իրենց մօտ, այլեւ՝ աշխատանքին կոյր մղումը: Չխզեց կապը, արուեստագէտի յարաբերութիւնները ո՛չ թէ արժեւորելուն, այլ՝ միշտ իր հաշիւներուն համեմատ, քալելով իր խորունկ ճամբան: Միշտ աւելի խելացի բան է լրագրող մը բարեկամ ունենալ, քան թէ թշնամի: Տրուած ըլլալով մեր բարքերուն տարօրինակ աղկաղկութիւնը, թերթի մը սիւնակը միշտ կշիռ ունի: Սահակ Պարգեւեան, իշխանը մէջ լրագրողներուն, տուած էր ապացոյցը այդ ուժին: Յետոյ պարապ տեղը չէ, որ մարդ կ’ըլլայ հարուստ, կազմակերպող, ու քարափին վրայ աշկերտութեամբ ու գողութեամբ սկսած կեանք մը կ’առաջնորդէ բարձրագոյն, եւրոպական գոյնով ու կատարելութեամբ հիւրանոցի մը գագաթը մինչեւ: Անիկա, հակառակ խոր իր ատելութեան, պաշտպանեց գրագէտին վարկն ալ, գովելով անոր գրիչը, որմէ ոչինչ կը հասկնար ու չէր կարդացած տող մը բան: Թափանցող անոր նայուածքը չափած էր դարձեալ վատութիւնը անոր հոգիին, այն անպարտակելի ձեւով թոյլ լարուածքը, որով կարգ մը մարդեր երբեք պիտի չըլլան ինչ որ կ’ուզեն, այլ պիտի ըլլան ինչ որ դուրսէն, դէպքերէն, կիրքերէն մատ ու մղում թելադրեն իրենց: Ստորերկրեայ հաճոյքներու հետամուտ արարածները գործիքներ են: Uահակ Պարգեւեան, երբեք երիտասարդ, հոգեկան ծերութեան ալ սա մուտքին, սկսած քանի մը տարիէ ի վեր, պիտի կործանէր եգիպտական գիտախանձ այն երիտասարդներուն վրայ, որոնք կրակի պէս կ’աշխատին միսին ու ոսկիին վրայ: Այդ ո՜րսը: Դուք կը հասկնաք անոր վառեակը, Օրիորդ Սոնա Գոհարեանը: Ու արդէն ձեզի ծանօթ իր «համբերութեամբը» անիկա եղաւ հաւատարիմ սպասողը: Անշահախնդիր, նեղ օրերու հասնող, միշտ ձեռքը բաց, հաճոյքի եւ զբօսանքի իր բազմազգի միջոցներով ու «ադամանդ սիրտով» բարեկամն էր անիկա Սահակ Պարգեւեանին, որ աշխարհը դատելով իր անձէն, անոր բարի ամէն երեւոյթ կը վերածէր այս վերադիրներուն անկեղծ փառքին: Իր հարստութեան աճումը գեղեցիկ շուրջա՛ռ մը, որուն տակ թաղուեցաւ վռնտուած կնոջը ողբերգութիւնը: «Իրաւունքը զօրաւորինն է» ո՛չ միայն ազգերու կրկէսէն, այլ մա՛նաւանդ բարքերու կրկէսէն: Մեծ քաղաքները կը նպաստեն այս անարդարութիւններուն ու կ’ուրանան մինչեւ իսկ մեղքը, չեմ ըսեր բարիքը: Բաց էին Մինաս Մարանին առջեւ մեծահարուստ բոլոր սրահները: Հիւր կ’ընդունէր այցովի Եգիպտոս իջած կղերականները, խոնարհներէն մինչեւ արքեպիսկոպոսը, գրագէտները, արուեստագէտները, երգչուհիները, երաժիշտները, մեծապատիւ մուրացկանութեան հանդէպ պահելով խուլ զայրոյթ, բայց զուարճանալով այդ «եղկելի» խմբակին «ջարդուկոտոր» դժբախտութենէն: Կը փրկէր անոնց ներկայացումները իր գործակատարներուն բանակովը, զետեղելով մերժւած տոմսակները իր անձնական այցեքարտիկովը: «Աղբօր պէս» էր առաջնորդին հետ, որ խորունկ փիլիսոփայ, մարդոց տխրութիւնները կանուխէն ընդունած, յաւակնութիւն կը դնէր այդ տկարութիւններէն հանելու կարելի գեղեցկութիւն, ու պատրանքի ծուէն իսկ չունենալով հիւրանոցի վարիչ, «պատուական ազգային» Մինաս Մարանի ներքին արժէքին վրայ, չէր արհամարհեր «ի մեղս ծնեալ ու սնեալ» անոր բարիքները ու կը գործածէր անոր առատաձեռնութիւնը ստիպողական կարիքներ, նեղութիւններ դիմաւորելու: Ո՜ր ծաղիկը աղբ չունի իր արմատներուն «թաքնաթաքուր» ալքերուն: Այսպէս կը մտածէր «մեղքէ ու բարիքէ» վեր կենալ գիտցող ու ամբողջ աւագանին՝ ինչպէս մեծապատիւ մուրացկանները խամաճիկի պէս խաղցնող սրբազանը ու կ’ուտէր անոր հացը գարշագին ծամոց մը բանի նման, բայց կ’ուտէր: Եկեղեցիի պետին այս բարեացակամ չէզոքութիւնը չարդարացուց անշուշտ անոր մեղքերը, բայց պահեց զայն գոնէ իր ցեղի ծոցին: Անիկա մարդն էր, որ օր ցերեկով կրնար իսլամանալ, կնիկի կամ աւելի փոքր հարցի մը համար հակառակութեան հանդիպելուն: Տիպարին այս կողմերը գծած ատեն, նկատի չունիմ անոր բարոյական կշիռը: Սրբազանին թելադրութեամբը անիկա ձեռքը ըրաւ բաց գաղտ աղքատներուն: Օգնեց, հեռուէ հեռու, օտար քաղաքներու մէջ ուսանողներու, հայրենակցական միութիւններու, ռամկավարներու, հնչակեաններու, դաշնակցականներու, ասոնց վարիչներուն հետ բարեկամ, հաճոյակատար: Բայց, ամէն բանէ աւելի, անիկա մնաց հանգոյցը այն հաճոյախոյզ խմբակին, որ խորապէս ապականած, հեշտութիւնը կը հալածէր իր ամէնէն նուրբ՝ ինչպէս ստորնագոյն ձեւերուն մէջ, գռիհէ գռիհ, ու ապարանքէ ապարանք, օճառի «լոֆի» նման կիները ըսողներ եղան՝ սեպհականները ձեռքէ ձեռք սահեցնելով: Պէտք է կարճ ըլլալ…: Աներես, յամառ, բազմահնար: Ծայր աստիճան ճարտար, հետզհետէ լարւա՜ծ՝ իր փորձառութեան զսպանակներէն: Ձեռնթափ՝ Տիկին Գոհարեանէն իր հաշուոյն, բայց յուսալից անկէ՝ աղջկանը հաշուին, որ անբարոյ սիրահարի մը ու դժբախտ մօր մը հետ ամէնօրեայ ճակատումէն, ժանգէն ստանար պիտի հոգեկան համակերպ բարեխօսութիւն: Անոր փորձառութիւնը չունէր վրիպած այդ կարգի գաղափարական ընդհանրացումներուն մէջ: Գործի մարդիկ տարբեր կը դատեն, քան գիրքերու հերոսները ու կը դատեն սրութեամբ ու արագ: Անիկա որոշած էր խաղալ այդ աղջկան վրայ: Ու խաղալը ամբողջ ծրագիր մըն է Մինաս Մարանի կազմակերպող ուղեղին համար: Ձեզի չըսի տակաւին, թէ ճերմակներու առուտուրը անիկա վերածեց բարձրագոյն իր տարազին ու հասարակ աղջիկներու «արկածներուն» մէջ մարզուած իր ռազմավարութիւնը գործածեց բարձր դիւանագիտութեան վայել տարազումով: Աղջկան մը վրայ խաղալը դուք կը հասկնաք քիչ մը: Բայց ատիկա պզտիկ երեսն է գործին: Արեւելքի մէջ դրամը, բարքերը, քիչ մը ցեղային պայմաններ տարբեր կը ճնշեն այդ առուտուրին վրայ: Ու մեծահարուստ աւագանին, տեղական ազնուականութիւնը այցովի իշխանազուն սրիկայութիւնները Գահիրէ կը քաշեն ամէն կարգի «վաճառելի տոմսակներ»: Պէյեր կան, փաշաներ կան, որոնք սուլթաններու դրամը ունին ու անոնց կանանոցային ողնայարները: Մինաս Մարան օտար շրջանակներուն ալ միջնորդը եղաւ: Ինքնատիպ, փորձ իր խաղարկութի՜ւնը: Որուն օրէնքները կու գային իրեն իբր հոգեբանական անհերքելի ֆաքթ եր, փրցուա՜ծ՝ թարմ–թարմ, հարուստ իր անցեալէն: Գիտէք դաշնակին դրուագը: Բայց չէք գիտեր անոր ուրիշ մէկ արհեստը, ոսկերչութիւնը, ուրկէ կը հասկնար այնքան, որքան պարտաւոր է հասկնալ ամէն հարուստ հայ, ակնցի կամ ոչ, ծուղակի չգալու համար վատերուն խարդախ գիտութեան առջեւ, բայց որուն փառաւոր ապացոյցները կու տար անիկա, երբ հետզհետէ դրամով նեղ, բայց խորապէս հպարտ ու անմատչելի Տիկին Գոհարեանին մատնիներն ու մանեակները «ներքեւ ձեռաց» կը հանէր ծախու ամերիկացի հարուստներու Խան-Խալիլի (ոսկերչական շուկայ՝ Գահիրէին) անսխալ սակէն միշտ վեր գիներով: Իրականին մէջ միշտ վար, վճարելով տարբերութիւնը քսակէն: Գիտցաք ասիկա: Բայց չէք գիտեր անոր «սրտառուչ» գրասիրութիւնը, ինչպէս որակեց օր մը Սահակ Պարգեւեանը անոր ճակատը համբուրելով, իրականին մէջ փառահեղ պլըֆ, բայց այնքան յաջողակ տարուած, որ խաբած էր նոյնիսկ ամէն պատրանքէ «սպունգով սրբուած» ու մինակ գրականին գերի Սահակ Պարգեւեանը: «Սրտառուչ» է պարզմտութեան սա չափը այս գրագէտին վրայ, որ գուցէ բռնի ինքզինքը խաբելու պահանջքի մը տակ օրօրած է իր «պատրուիլը» ու չէ՜ կասկածած առատաձեռնութեանը վրայ իր բարեկամին, ինչպէս ատենին մտքէն չէ անցուցած կասկածի ենթարկել շողիքոտ հիացումը գրական խմբակի մը, ղեկավարուած լումայափոխութենէ «տաճար» ապաստանած, իր օրին քահանայապետ, այսօր վարժապետ ու փետրաթափ պոռնկագրէ մը: Անիկա ամէն տարի տասնով-քսանով կը դնէր « Նեղոսեան տարեցոյց »-ները ու կը ցրուէր ձրի կամ կը վառէր: Գիտցաք աս ալ: Բայց չէք գիտեր անոր սիրուն, փոքր, անվրէպ, երիցս սուրբ ու երախտիք հարկադրող բարեմասնութիւնները, ծանը, սրտառուչ փութկոտութիւնները, Կաղանդի, Զատկի, անուան տարեդարձներու առիթով անոր հնարած ու թաքթով գործադրած անակնկալ նուէրները, որոնք տարաբախտ գրագէտին «բամպակով» իսկ տպելու չէին, քանի որ Տիկինը եւ Օրիորդը սա լքումին իսկ մէջը, դեռ չէին պարպուած իրենց իզմիրեան կերպերէն, մոնտ ի խաւերէն: Ամբողջ այս ռազմավարութիւնը կը հպատակէր մարդկային հոգիի խոր ճանաչողութեան: «Մեծ՝ միլիոնով բարիքները աւելի չեն արժեր, քան գաւաթ մը սուրճը» տա՛ք, համոզուա՛ծ, բարձրաբարբա՛ռ: Ու ինչպէս ամէն բանի մէջ, հոս ալ իրն էր իրաւունքը: Պետականութենէ զուրկ ժողովուրդներու մէջ բարիքի գաղափարը ենթակայ է այս կարգէ այլայլումներու: Այսպէս, Պոլսոյ մէջ, դարէ մը ի վեր, Ազգային Հիւանդանոցը այդ գաղափարը զարկած է որոշ կաղապարի: Երբ մեր գաւառները կային, անոնց ալ եկեղեցիները դարու ուրիշ կնիքէ մը ստացած էին իրենց խոնարհ, բայց աճուն ու դիմացկուն նկարագիրը, ինչպէս է մեր ժողովուրդը ինքնին: Եգիպտոսի մէջ բարիքը զգեցած է աղայական, անհատական նկարագիր: Ընել, ինչպէս առնել՝ ելած են իրենց կաղապարէն ու վերածուած այդ ափերուն կարելի անհեթեթութեան մը: Մինաս Մարանը օրինակելի, պատուական, պատուաբեր ազգային մըն է հոն, ինչպէս ան միւսը, որ իր կինը կը գործածէ իր փառքին իբր սանդուխի աչք, ձեռքովը հրելով զայն պետական շրջանակէ բոզութեան ու երկրորդ յարկ բարձրանալէ յետոյ կը լուծուի անկէ, դատաստանական պատկառելի ժողովին վճիռովը, պետական իր պաշտօնը հագնելով իբր շուրջառ սրբութեան: Ու կու տայ տարին քանի մը հեղ: Դարձեալ հոն մարդիկ չեն նեղուիր երբ խանութի, գործի, պանքան պահեստի տէր, իրենց զաւակներուն ազգային դպրոցէն ձրի ճաշ մը հայթայթելու համար վկայականի մը ետեւէն քառսուն դուռ կը ծեծեն: Չէ՞ որ ազգը ունի ու ազգին են իրենք ալ: Իրաւ է, թէ «տալը» չէ վերածուած ժողովրդական այն միապաղաղ ձեւին, որով աչքի կը զարնեն «առնելուն» ծալքերը երբեմն տխուր որդերէ բնակուած: Այդ է պատճառը, որ հոն ըլլան հանդիպելի բազմաբղէտ այդ տիպարները, որոնց վրայէն իշխանասիրտ անուններ կապուին փոքրոգի արարածներու, ազգին գիւղեր նւիրող աղաներ մօտիկը դրուին ժամուն վարագոյր մը կամ զանգակ կախողին:

Հետաքրքրական են տարազները, որ կու տամ, լսած ըլլալով զանոնք մեծահարուստ «խավագ»ի մը բերնէն, գրաբար հասկցող, ինչպէս զոյգ օրաթերթերու խղճամիտ բաժանորդ, կիսատ-պռատ գրոց-բրոց: Էֆէնտին, որ Պուլագի շիտակին քառասուն հազարնոց իր ափարթըմանը կը տնկէր, համոզուած հակառակորդ մըն էր բարիքին, որուն ճամբաներէն զինքը գտաւ իր կեանքին մեծագոյն դժբախտութիւնը: Մեղքցեր, որբուհի էր առե՜ր տուն: Յղի: Անշո՜ւշտ տունին ծառայէն, Ապտոյէն: Բայց անոր արկղին ամբողջ ուժը հազիւ էր բաւեր զրպարտութիւնը սանձահարելու: Բարի՜ք: Ըրէք ու տեսէք: Ու կը ծամէր իր պեխերը, ատենախօսի, ծամելով իր դառնութիւնը ու հազալով ամէն մէկ պատգամէ առաջ.

«Աղբիւրէն հոսող ջուր է բարիքը»:

«Ամէն գետին ցեխ է, երբ ջուր իյնայ վրան»:

«Ամէն բարիք ապականութիւն կ’աճեցնէ»:

«Որքան առատ վազէ ջուրը, այնքան խոշոր կը բացուին ցեխին կոյտերը»:

«Ամէն ապականութիւն բարիքով աստիճան մըն ալ կը խորանայ»:

Ու նման շատ մը տարազներ, որոնք կը լուսաւորէր անիկա վաւերական օրինակներով՝ վերցուած մեր կեանքէն ու կը պսակէր որբուհիին անլուր ապերախտութեամբը: Ու կը հոսէին բերնէն բարերարները, իւրաքանչիւրը հեծած իր բարիքին վրայ, իր շարժումներուն կապոցները կախած երիվարին կողերէն կամ յարդարած այդ թշուառ բարիքը իբր լումայ քաւութեան կամ վարձքի: Անիկա կը յարձակէր գաղութին ամէնէն մեծ անուններուն վրայ ու կը բանար վարագոյրը անոնց արարքներուն վրայէն, նմանցնելով մեծահարուստ ու արժէքաւոր ազգատոհմի մը համբաւը «բուսած» գերեզմանին պատկերին: Որքան ալ խոշոր ըլլայ բաժինը փարատոքսին, այդ հարուստները փաստ մը կը պարունակեն որոշ մտայնութեան: Այս աղէտաւոր, դժուար իմաստութիւնը կարելի է տանիլ իր վերջին տարազին ու ըսել Մինաս Մարանին նման միշտ տաք, համոզկեր, բարձրաբառ.

«Քիչիկ-քիչիկ, շուտիկ-շուտիկ».

կամ

«Հէմ լանք, հէմ երթանք»:

կամ

«Հաստ ու բարակ մէկ գին է»:

Բայց պետք է կենալ: Վասնզի այս վէպը անկարող է Մինաս Մարանին տիպարը լիովին ընդգրկելու: Ամբողջ հատոր մը քիչ կու գայ անոր բարեգործութիւնները ցուցակագրելու: Ու, միւս կողմէն՝ տասնով հատորներ պիտի գային քիչ, այդ բարիքներով տաղաւարւած, «սրբագործուած» ողբերգութիւնները պատմելու:

Ինքզինքը հոգիներու տարրաբան յայտարարող, բայց զայն մանուկի մը պէս հազիւ գիտցող ու հասկցող (մենք ուրիշները պիտի արհամարհենք, մեզ ունենալու սիրոյն) մեծատաղանդ արձակագիրը անշո՛ւշտ որ շատ բան գիտէր այս ամէնէն: Բայց գիտէ՜ր իբր գոյն ու կարկառ, ոճի ելլելիք հում նիւթ: Չէ՞ր խորհած այարին, ինչպէս կը սիրէր տարածել ոսկերչական բացատրութիւնը հոգեկան արժէքներու զարկա՜ծ ատենը, ի՛նք՝ սիրուհիին գոհարեղէնները գրաւի դնելու, ծախելու, «մանրելու», «թեթեւցնելու» աշխատանքներուն համար այնքան յաճախ շփումի մէջ՝ այդ հինդուֆելէք գազաններուն հետ, որոնք կը կազմեն մեր ամէնէն բանիմաց, ամուր, խորապէս հայ արհեստաւորները, ոսկերիչները: Սահակ Պարգեւեան կ’ատէր այս մարդերը, ոսկերիչները՝ անոնց խորամանկ ու նենգ ճարտարութեանը համար. յետոյ՝ իրեն նման խելքի, տաղանդի իշխանի մը դէմ անոնց ցոյց տուած գռեհիկ ուշադրութեան, աւելի յետոյ անոնց խանութներուն հետ կապուած հոգեկան իր փոքրութեանց համար, հասարակ գողութիւններ գրեթէ ասոնք, գոհարեղէնի արժէքէն կամացուկ մը խորուած ու պղտոր պարտքի մը բերանը նետուա՜ծ, բայց որոնք տունին մէջ Տիկինին հետ տրտում, սպաննող խեղճութեամբ տեսարաններ կ’առթէին, այն եղերական պատերը, որոնց ընթացքին Տիկինը անոր սուտին վրայէն ակնարկը կը զատէր, ինչպէս աղբի մը վրայէն ու կը քաշուէր իր խուցը, արցունքը մինակը թափելու:

Իրողութիւն էր, որ իրմէ զատ աշխարհը «անարգ» նկատող մեծ գրագէտը չորս-հինգ ամիսէ ի վեր բացառիկ ատելութեամբ մը լեցուած կը զգար ինքզինքը այդ «հոգեպէս արուաղիճ» ու «եօթնակարան» սրիկային դէմ, վերադիրներ, որոնք տաղանդին վայել շուքով ու բառի ճարտարագէտի մը դիւրութեամբ կը ճարէր խօսք թէ գիրի մէջ: Թափանցած՝ անոր ռազմավարութեան հեռաւոր հանգոյցներուն: Դժուար պիտի ըլլար հաստատական պատասխանով մը գոհանալ ու անցնիլ: Մենք հազար ու մէկ նկատումներով, արդար կամ պատրովի, կը հանդուրժենք մեր շրջապատը, միշտ մենէ հեռու դնելով անկէ հասնելիք ամէն չարիք: Ինչպէս մահացու հիւանդութեան մը հետ չենք հաշտուիր մինչեւ հոգեվարք, այնպէս ալ մեր շուրջը յածող վտանգը ուղղուած կը դատենք մեզի մօտ ուրիշներու, բայց ո՛չ՝ մեզի՜: Անդորրացումի այս պահանջը միամտութի՞ւն է, հոգեկան ծուլութի՞ւն մը: Ո՛րը որ կ’ուզէք: Պարահանդէսի մը մէջ մեր սիրածին շուրջը որոշ իր ձգտումովը ինքզինքը մատնող որսորդը պիտի դիտենք մենէ դուրս ապահովութեամբ մը: Միամի՞տ, սիրային մարզին վրայ Սահակ Պարգեւեանը, խորաթափանց իր զգայնութեամբը: Ո՛չ անշուշտ: Բայց մանուկ էր անիկա միւսին վրայ, ուր գիտութիւնը կ’արժէ ոչինչ ու կշիռ ունի գործելը միայն: Ու ա՛ն՝ որ երեսուն տարի չէ հակազդած նոյնիսկ իր տկարութեանը, դժուար կը պղտորուի իր գծած հունին մէջ: Բայց կ’ատէր, աճեցուն, հոտող զզուանքով մը: Գիտցա՞ծը: Տեսա՞ծը: Ոչինչով նոր: Մինաս Մարանը նոր ամուսնացած էր գեղանի իր արկղակալուհիին, որուն խորունկ աչքերը Սահակ Պարգեւեան կը նմանցնէր հնդիկ իշխանուհիներու աչքերուն, յայտնի հաճոյքով մը յամենալով, շաղակրատօրէն, եւ որ եղած էր բերդ մը, օր մը, վրան բաց կատակի մը դէմ, վիրաւորելու չափ միշտ շոյուած գրագէտը իր զգայուն կէտէն, խօսքի գետինէն: Շաբաթ մը յետոյ անիկա տեսաւ հնդիկ իշխանուհին, որ կարմրած էր ելեր քովնտի սենեակէ մը: Սփլանտիտ պանդոկին ներքին ճարտարապետութիւնը լաբիւրինթոսեան հով մը ունէր, որ իր մէջէ մէջ սենեակներուն, իրարու անցնող նրբուղիներուն կիսամութովը կը տպաւորէր օտարները: Սահակ Պարգեւեան, սեռային հոսանուտին դէմ արտակարգ իր ընկալչութեամբը, խռովա՛ծ, շինեց այդ իսկ րոպէին, իր փոքր վէպը: Անոր տկարութիւններէն մէկն ալ ատ էր, շատ հին օրերէն սկսեալ: Իրեն պատմուած ամէն դրուագ կը խորանար անոր մէջ, յատակը կազմելու չափ օր մը «գրուելիք վէպի մը», ինչպէս արագ յուզումի մը իրեն հպանցած ամէն աղջիկի կամ կնիկի դէմք անոր կու տար սեռային բարդ կեանքի մը հեռանկար ոստայն մը: Քառորդ մը յետոյ, Մինաս Մարանը, նոյն այդ քովնտի ու կամարակապ նրբուղիէն: Անիկա խօսեցաւ սակայն սովորականին պէս ու անցաւ գործին, առանց ակնարկի դէպի հնդիկ իշխանուհին, որ կը պահէր իր թեթեւ կարմիրը: Ինչո՞ւ սա պատկերը անիկա ընդարձակեց՝ մէկ ծայրը ընդարձակելու չափ դէպի իր տունը, հոնկէ՝ Մարանին վիլլան: Վէ՞պ: Ո՜վ գիտէ: Անիկա պանդոկին առաջամասին փառաւոր պատշգամին տուած տրտում իր փորը՝ պահ մը դիտեց անցուդարձը, ամէնէն տխուրներէն մէկը անոր դիտած համապատկերներէն: Անոր ակնարկը հեղուկի պէս կ’առնէին երիտասարդ աղջիկները, որոնք թեւաւոր ու հով, ամէն մէկը բացուած, մագնիսուած դէպի խորշը սեռին: Իջաւ ցած: Չառաւ հանրակառք, բնիկներուն աղտէն ու ոջիլէն սարսափած ըլլալուն: Հասարակաց պարտէզի կտոր մը, քաղաքին մէջ յաճախադէպ բուրաստա՛ն: Հոն, պանպուի մը շուքին, նստարանի մը վրայ, առանձին, անիկա այցուեցաւ կրկին հնդիկ իշխանուհիէն: Ինչո՞ւ: Դէմը ոչինչ, նման տեսիլք մը թելադրող: Յետոյ անդրադարձաւ, որ ձեռքէն փետուած, կախ էր կմախքը կիսաբաց վարդի մը, վերցուած արկղակալուհիին պիւրոյէն: Նոյն ատեն անոր մէկ մատը քսուեր էր մազերուն, ուրկէ դեղի տարտամ բոյր մը փրթած, ելած, փակած էր ռունգերուն, յամառ ու կծու: Դառն վարանում մը լուսաւորեց զինքը: Ինչո՞ւ: Անոր լքումի, կորանքի պահերուն կը զուգադիպէր այս զգայութիւնը, ամբողջ ուղեղովը: Սեռին համար ապրող մարմիններուն կանխահաս ժա՞նգը, թէ աւելի խոր տրտմութի՛ւն մը՝ յատակը այս ինքնալքումին: Տարի՜քը: Որ կամաց-կամաց կը ծանրանար, կը դանդաղէր, անոր մարմինին շատ մը խորշերուն մէջ արդէն դնելով իր կրախտին հանգոյցները: Յիսո՜ւն: Անիկա պիտի կենար բառին վրայ ու պիտի բռնէր մօրուքը, որուն ստեւը կը թուէր քիչ մը աւելի ընդդիմանալ, թափած մետաքսի իր շրշիւնը: Այդ տարիքի պատկերին կ’ընկերանար ուրիշ մը, Սոնա՜ն, թոյլ ու նուրբ հոտերով, մանկօրէն տխուր: Ի՞նչ էր կապը յիսունին ու քսանին մէջ: Չէր յիշեր, թէ եղած էր ինքն ալ այդ տարիներուն: Մենք կը մոռնանք ատիկա, ելլալ, ազատիլ չկրնալով երկաթէ կաղապարէն, որ տարիքինն է մեր հոգիին վրայ: Կ’երազենք, յիսունին մեր պատանութիւնը, բայց յիսունի գոյնով ու հէնքով: Անոր մատները ելան կրկին իր մազերուն: Ահա անմիջապէ՛ս, յիսունը, սեւ ու երկար նոճիի պէս գծուող իր դիմաց: Փախչելու համար սեւ այս «կերոնէն»` ինկաւ վար, պանդոկին մեծ սրահը, պատը լման բռնող հայելիին մէջ: Անոր դէմքը զերծ էր տակաւին ծերութեան, հիւծումին կնիքէն: Ու անոր տաղանդագեղ ճակտէն վեր անթառամ բան մը, հո՜վ մը, արիւնին խենթ օրերէն: Գոհունակութի՞ւն, պատրա՞նք, անցեալի ճնշո՞ւմ: Մէկն ու միւսը զառածած էին զայն, բացած անոր լեզուն ու վիրաւորած հնդիկ իշխանուհին:

Դրէք ժամանակին փոշին մեր տագնապներուն շուրջն ու վրան: Խնայած կ’ըլլաք շատ բան: Տարի առաջուան այս պատկերները ու տասնէն անդին երկարող իր ծանօթութիւնը Մինաս Մարանէն հարթ տախտակներ էին գրեթէ, այնքան փոշին թաղած, կաթած էր կարկառուն մասերը անոնց: Մեր անցեալը շատ յաճախ կը նմանի այսպէս մրուրով կնքաւոր տախտակներու: Մեր դժբախտութիւնը հոն կը սկսի, երբ չենք հաւատար այդ ողջ-ողջ թաղումին: Այսինքն՝ ամէն տհաճութիւն մեզ ճամբայ կը հանէ դէպի խաղաղ գերեզմաննոցը ու չենք կրնար մեր ներկան տեսնել զատ, ազատ՝ փոշիէն, որ կեանքին փոշին է գիրքին՝ ինչպէս սիրտին էջերուն վրայ:

Երբ, գարնանավերջ սա յետմիջօրէն, մեծատաղանդ գրագէտը դէմն առած Մինաս Մարանը իր աշխատանոցին մէջ, իբր թէ մտիկ կ’ընէր անոր, ճիւաղային ո՛ր օրէնքով, նայելով հանդերձ անոր աչքերուն, գտաւ ժամանակ վերադառնալու համար սա երկար քաղւածքին, որուն գլխաւոր գիծերը տրուեցան վերի էջերով: Յիշելը ապրելէն կը տարբերի սա արագութեամբ:

Ու մինչ կը պատմէր շնորհաշատ Մինաս Մարանը, ինչո՞ւ մեծատաղանդ արձակագիրը մասնակի յամառութեամբ մը այցուեցաւ, զգետնուեցաւ պամպուական ներշնչմունք քերթուածէ մը, զոր ստորագրած էր յարգուած եգիպտահայ քերթող մը, խոր ծերութեան մէջ, դիմանալով շքեղ իր մազերովը, կիսադարեան իր ռոմանթիզմին պատնէշներուն ետին, հանդէսէ հանդէս պտըտցնելով վառ իր ձայնը ու ոգեկոչելով Պետրոս Դուրեանի, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի օրերը, երբ գրաբար ուղերձներ, տաղաչափական անթերի յօրինուածքով զիրար կը խաչաձեւէին ու « Առ կոյսն », « Առ թիթեռնիկն » ու « Առ զեփիւռն » ոտանաւորներ մրցումի նիւթ էին ուսանողներու միջեւ: Թող պատմէր Մինաս Մարանը: Գրագէտը չորս անգամ ինքզինքը գտաւ պամպուին տակ, իրական այդ թաւուտին մէջ, հնդիկ որակուած իշխանուհիին հետ, թարմ, հոտաւէտ ու ախորժաբեր: Որուն պատկերին մէկ երեսը կը փրթէր, կարմրած, մարանեան հիւրանոցին նկուղներէն ու միւսը կու գար նստելու իր մօտ, հինաւուրց ու խեղճ թաւուտին խորը, «խոշոր ու ըղձական», ինչպէս ըսեր էր օր մը անոր ականջներուն, փսփսուքով ու ջերմին:

Սկիզբները, սուտի հովով այս պատմումը Մարանին, քիչ-քիչ առաւ իր իմաստին լիալիր եղերականութիւնը: Բազմազգի մարդեր, նոր ժամանած ինքնատիպ ու խենթ լորտեր, դրամ ու զբօսանաւ, փառք ու նորազգի քայլերգներ, կինն ու աղջիկը, ինչպէս կուշտ փորը անշուշտ հեքիաթին չէին պատկաներ միայն: Կային անոնք լայն աշխարհին մէջ ու կային քիթին իսկ տակը: Կ’ըլլան օրեր եւ պահեր, երբ մեր կեանքին ընդհանուր զրկանքը յանկարծակի կ’ընդլայնի ու մեզ կ’ողողէ: Ու եղելութեանց գորշ ջուրերուն վրայ մեր «օղակը» կը խուսափի մեր մատներէն: «Մահուան իջնալը» գրական ուռուցիկ բացատրութիւն մը չէ, մինակ՝ շատ հազուադէպ ըլլալուն դիւրաւ չ’ընկրկեր մեզ: Անշուշտ հոյակապ սուտ մը չէ, Մարանին նման, Իշխան Պօղոս Արծրունին: Ու կան այդ բորբոսած հնդկահայերը, ոսկիին մէջ կրացած, որոնց վրայ անիկա չէր դադրեր իր ապառնի վէպերը ողջունձեւելէ, էկզոթիք հրախաղութեամբ ու սատիք երակումով: Ու կային հնդիկ իշխանուհիները, վաւերատիպ, խեցգետինի երեսներովը, հարաւի ջերմ ու հեռու ծովերը, ու սուտակահոս Գանզէսը, կապտաւուն հմայապատկերի մը ծալքերով: Կային, եղան ու անցան անոր նայուածքին դաշտերէն: Իր մասնայատկութիւններէն մէկն էր ուրիշները մտիկ ընելու ձեւին տակ ինքզինքը ապրիլ ու ապրիլ իր երազները: Մարդիկ անշահեկան էին անոր համար, երբ պատմէին սեռէն դուրս, ու դուրս արուեստէն: Ատելի՝ երբ կը պատմէին մանրամասնութիւններ որեւէ վրիպանքէ: Թողուց, որ փղշտացիին բառերը սահին իր վրայէն: Յետոյ զգաց, որ տրտմութեան, տհաճութեան բացառիկ վիճակ մը շինուեցաւ ինքն իրեն: Ատիկա ձեւն էր, որով կը պտըտին կիները մեր մտքին մէջ, եւ որով վարշամակուած կը դառնար Սոնան, Մարանին վիլլայէն, դաշնակը, ոչ թէ դասը՝ բեռի մը պէս ընդքարշելով:

Չէք մոռնար օրը, սպասումը, անոր իմաստը. Մինաս Մարանը, որ կը կանխէր ժամադրութիւնը: Գրագէ՛տը, որ մտիկ կ’ընէր ու նոյն գիծի կը բերէր հնդիկ իշխանուհին, պամպուի թաւուտները, իշխանները ու իգացող իշխանազունները Արեւելքի արքունիքներէն: Կա՜պը՝ այս ամէնուն եւ Մինաս Մարանին, որ զզուելի էր, երբ բերանի տեղ աչք ու մատ կը խօսեցնէր կիներուն համը թելադրել փորձած ատեն: Ու կապը՝ Սոնային ու այդ ամէնուն, հիմա, ինչպէս այն միւս իրիկուններուն, երբ խումբ ծաղիկի մը պէս կ’անցնէր, կը դառնար իր մենութեան, մերժելով պտոյտ ու լեզու: Խորհուրդին հետ քալելու մեր ձեւը նկարագրի մաս կը կազմէ: Մեկը պիտի ընէ ատիկա աղմուկով ու արիւնով: Ուրիշ մը՝ ներս պիտի նետէ իր տառապանքը ու պիտի անցնի մութ պատգամի մը նման, լուսաւորուելով մէկ անգամ, այն ալ գերեզմանի սեմին: Սոնա՞ն: Բայց խորհուրդը մանկութիւն միայն չունի: Տասնէն վեր ամէն ձեւ անկէ կապուած հանգոյց մըն է:

* * *

«Սինլքոր», «էշ», «կաւատ», «կոկորդիլոս», «արուաղիճ», եւ այլն, եւայլն, Մինաս Մարանին պատմա՞ծը.

Ամէնէն առաջ, մտածին պէս ներս:

Քմահաճոյք, էֆէնտիմ, քմահաճոյք…

Ամէն խորհրդաւոր մարդու նման, որ վաստակած է այս վերադիրը ճակտի քրտինքով ու «ոտքին ցեխովը» (Պարգեւեանի կենդանագիրը կը թելադրէր ամօթն ու գայռը մարդուն ասպարէզին եւ՝ ձայնէն մունջ մեղաւորի սուրբ սրբոց կերպարանք մը) Մինաս Մարանը կը սիրէր անորոշը, երկդիմին, կէսը, բառի՝ ինչպէս շարժումի մէջ: Ասպարէզի հեղո՞ւմ, հեղինակութիւն պահելու դասակա՞ն մարզանք, թէ յախուռն ըլլալ չուզող մարդու վերապահութիւն, սա զգուշաւորութիւնը, կէս-բերանութիւնը կարծես կը հաշտուէր դիմագիծին պաղ ու կապտաւուն սափրուածութեան հետ: Մարդիկ իրենց դէմքը իրենք չեն շիներ ուզածնուն պէս, այլ կ’առնեն անոր ծուէնները, ժլատ ստացումներով ու կը հիւսեն անոր պաստառը կկոցին տակը իրենց խղճմտանքին, անծանօ՛թ՝ մատին, որ կը նետէ հէնքին լարերը, բայց հաւատարիմ՝ կշռոյթին, որ մեր արարքներուն գնացքն է մեր մէջ ու մենէ դուրս: Ու կ’աշխատինք ուրիշներու լուծին ներքեւ: Այս հանգամանքը զայն կը պաշտպանէր ընթացիկ զիջումներէ, որոնք մեր դիմակներուն կրնաք ճշդել՝ դէմքերուն հետեւանքը եղան, վասնզի, ամէնէն բանուկ ճամբան մարդէ մարդ, ինչ ալ ըսեն, դէմքն ու աչքերն են նորէն: Մուրացկան մը անվրէպ է այս օրէնքին ճանաչողութեան մէջ, երբ անցորդներէն կը հետապնդէ մէկը ու հանդարտ կը ձգէ միւսը: Մինաս Մարան, միշտ դիմակով, այս վարժութիւններուն շնորհիւ կ’արգիլուէր մա՛նաւանդ աւելորդ զեղումէ (կիրք, զգացում, գութ, ատելութիւն եւ այլ նման թեթեւութիւններ), որ եթէ ուղղակի կորուստ մը չէ, շահ ալ չի բերեր մութին գործողին: Ա՛ն՝ որ տարիներով արեւէն հեռու կ’ապրի, տեսնելու զգայարանքին մէջ խորապէս կը վնասուի: Ու արեւը երբեմն չայցելեց մեր խղճմտանքներուն՝ գրեթէ մեր կեանքին լման տեւեղութեամբը:

Քմահաճոյքը օրիորդին

որ,

տխուր, բայց հայեվար իր դաստիարակութեամբ շատ լաւ հասկնալի անճարակութեամբ մը (Մինաս Մարանը դէմ էր մեր աղջիկներուն տրուած կրթութեան, մասնագէտ իր հաշիներո՞ւն, թէ համոզման մը հպատակ: Անիկա չէր կշտանար զմայլելէ հրեաներուն թափանցող, առատ շնորհներուն, ու չէր անդրադառնար, որ իր ասպարէզին թաքուն գոհունակութիւնը կը պատգամէր, հիներուն բառով՝ հացին պէրէքէթը ) մերժեր էր ճաշը Սփլենտիտ օթելին մէջ, Իշխան Պօղոս Արծրունիին:

Յարգալից ու ինքնաբերաբար լրջացած, շարեց անիկա Իշխաննին տիտղոսները, իրարու ետեւէ, դասը գոց զրուցող պատանիի մը աշխուժով: Անհաւասարելի իր յիշողութի՜ւնը, որ անատոլուցի գեղացիին կտորէն շիներ էր այս դարավերջիկ ու պատկառելի ազգայինը, պատիւ բերո՜ղ մեր հասարակութեան, ինչպէս կը փառաբանուէր մեր մամուլին էջերէն: Անոր գերագոյն առաքինութի՜ւնը: Ոչինչ կը մոռնար ձեւէ ու վանկէ: Ու չէր կենար գործելէ անոր մտքին մեքենան: Այսպէսով է, որ բազմութիւն ու վայելչութիւն էին անոր բերնին մէջ բոլոր տիտղոսները, այլափոխելու չափ ընդհանրապէս զուսպ ձեւը մարանեան արտայայտութեան: Հիւրանոցներու մթնոլորտը վերջ ի վերջոյ կը տպաւորէ իրմով ապրողներուն հոգեխառնութիւնը: Էթիքէթ ը կը դադրի պատահական իր իմաստէն, վերածուելու համար հիմնական հոգեմասի: Ուրիշներուն դէմքը, դրամը, տիտղոսները կրկնուելով-կրկնուելով կ’անցնին մեր ձայնին, մենէ անկախաբար:

Ստոյգ էր նոյն ատեն, որ եղանակին ամէնէն կարկառուն անձնաւորութիւնը, ազգային շրջանակներու համար, այդ Արծրունի Իշխանն էր, արեւելահայ անզուգական թատերագիրէն ալ աւելի, հաւասարապէս հետաքրքրող մտաւորականները՝ ինչպէս առեւտրականները, մայրերը՝ ինչպէս աղջիկները: Օրուան մա՜րդը: Անոր այցելութիւնները օրերով կը պատմուէին, հետզհետէ «ճոխացուած» ու «բարեփոխուած»: Ու շահեկան կը դառնային իր տպաւորութիւնները դպրոցէն կամ շուկայէն, առաջնորդէն կամ թեմականի ատենապետներէն: Ու բերնէ բերան կը շրջէին անոր առածակի պատգամները, ինչպէս նաեւ լայն ու առատ «նուիրանքները», բա՛ռ՝ զոր կը գործածէր յամառ վաղընջաբանութեամբ մը, յարգելու համար Կալկաթայի Ճեմարանին հայկաբանութեան ինքնատիպ իր ուսուցիչը: Մասնաւորաբար զայն ձեռքէ ձեռք կը ջանային խլել մեր մտաւորականները, թշուառ ու մեծոգի բանակ, սրբազան ուխտին սպասարկո՜ւ, մեծով պզտիկով, անգործ ուսուցչապետներէ ու թարշամած քերթողներու խայտաբղէտ խմբակէն առաջնորդուած: Զայն ափ էր առած արդէն մեր միտքին մեծագոյն առաքեալը, իշխա՜ն Սահակ Պարգեւեան, ինչպէս յայտարարած էր ինքզինքը անոր երկրորդ հանդիպումին ու տաղանդաւոր իր շնականութեամբը լուսաւորա՜ծ իշխանին տրամադրութիւնները հանդէպ աչազուրկ, մեծավաստակ դաստիարակի մը, որ իր ծաղկահար պնդերեսութիւնը, վասպուրականեան ռազմագիտութեամբ, յաջողած էր հաշտեցնել հնդկահայ Իշխանին «փափուկ ու գորովալից սրտին» սխրալի՜ արտայայտութեան, ապահովելու համար տպագրութի՜ւնը իր ընդարձակ մէկ դիւցազներգութեան, ժամանակակից դէպքերու բանաստեղծօրէն հեղո՜ւմ, «վսեմ ու վերասլաց» ոճով մը, թելադրուած՝ իր քարտուղարներուն եւ որմէ արտասաներ էր Միջերկրականի հոյակապ նկարագրակա՜նը, տեսնուած՝ չունեցած աչքերով: Խօսք ու խոստում Իշխանին սիրական շնորհները եղան ու ամէն անոր մօտեցող անօթի գէթ մէկ-երկու գիշեր յոյսով քուն անցուց: Խոստուuի մարզին վրայ Իշխանը վար կը մնար միայն արեւմտահայ ուրիշ բանաստեղծէ մը, որ դարձեալ հնդկական «ափերու մերձ», «վաճառականութեան եւ մուսայից» ծառայելով հաւասար «եռանդամբ», դիզած էր պատկառելի հարստութիւն, ու գործը հաշուեյարդարի ենթարկելէ յետոյ, կ’ուսումնասիրէր Եգիպտոսը, անցողակի, հաստատուելու համար յԵւրոպա, վերջնականապէս, «իւր ձմեռը սպասելու» լուսոյ մեծ ոստաններէն միոյն մէջ: Մինչ այդ, կը բանախօսէր ո՛ւր որ ըլլար իրեն հրաւէր. գրողներու ֆոնտ կը հաստատէր օդին մէջ, մեր գրականութեան բոլոր գործերը վերստին կը հրատարակէր ծրագիրներու վրայ ու ազգային մշակոյթին իր բոլորանուէր պաշտամունքին, սպասին իբր նախախայրիք, փառակազմ՝ հատորի մը մէջ կը հրատարակէր երեսուն ու աւելի տարիներու «Ճգանց երկունք» իր ոտանաւորները, իր գեղին փառքն ու տնակին տխուր գեղեցկութիւնը երգող, իր նամակները՝ առ վեհապետս ու քաղաքական նշանաւոր անձնաւորութիւններ, մեր դատին շուրջը, հնդկական ջուրերուն վրայ ծովակալներու եւ մարաջախտներու իր ըրած ընդունելութիւնները, ազգային հարցին իր մատուցած ծառայութիւնները, զանազան խորհրդարաններու, զօրավարներու, նախագահներու, արքաներու իր ուղերձած հեռագիրները, միշտ իր քսակէն ու անոնցմէ ստացողական պատասխանները, բոլորը մէկ խմբւած Աճապատական վերնագրով հաւաքածոյի մը մէջ: Ու առաջին այդ շնո՜րհը ակօսը կը բանար անշուշտ, բացի օրինակ հանդիսանալու համար «այլոց», որպէսզի ցանկագործուի մեր բանաւոր անդաստանը աւելի զօրեղ «ուղիներէ», աւելի խոր արտերով ակօսուած: Իշխանն ու բանաստեղծը զիրար կ’արհամարհէին խորապէս, առաջինը՝ մեղքին հանդէպ իր ընդոծին լրբութեամբ, երկրորդը՝ իր ոսկեպատ վերարկուին տակ չհալեցուած մուրացկանութեան իբր հակազդում, բայց զիրար կ’ամբողջացնէին հանդէսներու ատեն, պատրանք պատճառելու չափ անպատի՜ւ Պարգեւեանին: Դիտուած էր, որ երկուքն ալ բուխ սիրտ էին: Առաջինը կը բխէր գրպանէն, ուր կը հոսէին իշխանական տափաստաններու ոսկի ջուրերը: Երկրորդը՝ աչքերէն, որոնք կարօտի եւ շնորհի մէջ լմուած, բլշած, աշնան երկինքին նման կը թացնային ամէն ամպէ ու հովէ: Բայց…: Երկուքն ալ կը սարսափէին Պարգեւեանէն, որ իր անվրէպ սրատեսութեամբը դատած էր տիպարները դեռ առաջին շաբթուն ու բանաձեւած իր տպաւորութիւնը իրեն վայել պերճ ու ցնցող բառերով:

Հակառակ ատոր, եղանակին աւագ շահեկանութի՛ւնը, անշուշտ նորէն Իշխան Պօղոս Արծրունին, որ բանասիրական, հնախուզական, ազգասիրական իր բազմազգի պտոյտներուն քով ո՜վ մեր սոփեստութիւնը, որ տարիքէն ալ չի վախնար ու կը լրբանայ, ծերերուն նման ցնդելով զգալի էր ըրած ուրիշ աւելի սրտառուչ հաւանականութիւններ: Անիկա պերճութեամբ ու հաւատքով կը խօսէր nuկիին ցոլքը մեր բառերուն կու տայ այս ջնարակը համեստ, աղքատիկ, զարգացած օրիորդներու արժանիքներէն ու կը թրջուէր արեւմտահայ բանաստեղծին յուզուած արցունքներովը, երբ առաջնորդը, ճարտար ու քիչ մը չար խաղարկութեամբ, նեղի ձգէր երկու ականաւոր հիւրերը, որբուհիի մը օժիտ ճարելու դժուար ձեռնարկին մէջ ու դպէր, քիչ մը խոշոր, Իշխանին «փափուկ» լարերուն, անյոյս հեգնութեամբ մը իր բեկումը պարզելէ վերջ բանաստեղծին երաշտ քսակէն: Արծրունեան «թագադիր» ու «թագակիր» տոհմէն այնքան անակնկալ, բայց անհերքելի սա նոր վերընձիւղումը, իր պարզուկ հեղումներով, օրինակի մը համար՝ որբուհիի մը բունիկ մը կառուցանող իր ձեւին մէջն ալ, սրտառուչ շնորհ մըն էր Ամենակալին անհաս պատգամներէն: Շինուէին, հոգ չէ թէ բուներ, փոխան դղեակներու, ապարանքներու, արքայամուրներու: Շինուէի՜ն: Վասնզի, միշտ անհաս կամօքն Ամենակալին, ճակատագիրը ինչե՜ր չէր հանդերձուած ողջունելու, սուրի ասպետներէն մինչեւ գրչի իշխանները, ինչպէս էր պարագան այժմ ականաւոր, բայց արդէն իսկ անմահութեան որդեգիր քերթողին համար, ծագումով, ընտանիքով, հայրանունով իսկ որբ մը ատենին:

Մինաս Մարան, «պատուական ու պատուաբեր» այդ ազգայինը, խորապէս դժգոհ էր Օրիորդ Սոնա Գոհարեանէն, որ ո՛չ միայն անճարակ էր եղած «գերազանց առիթը» շահագործելու, այլեւ պատճառ կը դառնար Իշխանին բարի տրամադրութիւնները խանգարելու հայ աղջիկներու մասին: Միշտ պատուական իր հաւաստումով՝ անիկա ի՜նչ էր քաշեր սրբագրելու համար այս կարգի թիւրիմացութիւն մը, որ ծնունդ էր առած Օրիորդ Ռիթա Ճիվանզադէի անպատշաճ ընթացքէն: Արեւելահայ թատերագիրը ու անոր արարատեան նշաչուի աղջիկը շաբաթներով վայելած էին Իշխանին առատաձեռնութիւնը, աշխարհիկ հանդէսներէն մինչեւ եւրոպացի մեծահարուստներուն միայն մատչելի պտոյտները Վերին Եգիպտոս, Նեղոսն ի վեր եախթերով ու բնիկ սպասարկութեամբ, պատմական վայրերու այցելութիւն ու գիշերազբաղ ուրիշ հաճոյքներ, առատ «նուիրանք», ճար ու ծպտուած պարեր, «իւր սարօք»: Ըրած էին այս ամէնը, հայր ու աղջիկ, բայց չէին ալ մոռցած լուսանկարելու Իշխանին մենագարութիւնները, յայտարարելով զայն «փախուկ», «ցնդած» ու «քաւթառ»: Թատերագիրը առաջ էր գացած, զայն գրուելիք խաղի մը իբր հերոս ծաղրանկարելու եւ քապարէներու մէջ անոր շարժուձեւերը դերած չարապինդ ու հարազատ տաղանդով: Լեզուական խնամիութենէ մը մեկնած այս մտերմութիւնը (Իշխանը կը խօսէր թերխաշ ու հինուկ բարբառ մը, որմէ գրաբարի խեցիները երբ թափէին, կը մնար արարատեան արդի լեզուին նախատարերքը), առանց թարմ ու շփացած ու ճարտար օրիորդի մը վտանգին, մարդահաճ ու դերասան թատերագիրը անշուշտ պիտի տանէր բնական իր հետեւանքներուն, ամէնէն քիչը՝ սանկ համեստուկ ռոճիկ մը ապահովելով իր ծերութեան ալ վերահաս օրերուն: Անշուշտ, ամէն արարած ի վերջոյ ձեւի մը գիտէ թափել ապրելու իր պարտքը: Մարդահաճութիւնն ալ, դարերէ ի վեր, ձեւ մըն է ապրուստի, ինչպէս են, աւելի մօտ ժամանակներու մէջ, ուռնահարութիւնը կամ ժամկոչութիւնը (բառերուն տուէք այլաբանական իմաստ): Իր բարեկամին, առաջնորդին նման, Մինաս Մարանին խաղարկութիւնն էր եղած ջուրը ձգել ռոճիկին հարցը, պատմելով, ծաղրանկարելով թատերագրին ներկայացումը Իշխանին բարքերէն: Ու ըրած աւելին, միշտ իր հաւաստումով, ջախջախելով գրեթէ «վերջացած» ամուսնութիւնը Ռիթային եւ Իշխան Պօղոս Արծրունիին: Իրականութի՞ւնը: Սովորական, փոքր, տափակ պատահմունք՝ թեթեւսոլիկ, շփացած աղջիկի մը արտօնումներով եւ, միւս կողմէն՝ իր դրամին համար, ամէն տարօրինակութիւն իրեն ներելի դաւանող մարդուկի մը փախուկութեամբը պայմանաւոր: Համբուրած էին զիրար, ծպտուած ու ծանօթ ու նախատած զիրար, թատերական ջերմութեամբ, հին մեհեանի մը քարայրին մէջ, մինչ ծուռիկ ու խորտուբորտ կեղծիքով թատերագիրը կը հսկէր մուտքին ու կ’ուսումնասիրէր, տկար աչքերովը, մեհենագիրերուն նուրբ կորաձեւերը: Աւելի՞ն: Բաւ էր ատիկա: Մարանին տաղա՞նդը: Ի հարկէ՜: Տաղանդը, գերազանցապէս ազգային, իր խառնուածքին: Բամբասել ու կործանել, հասաւ անիկա իր նպատակին, Օրիորդին իրական զգացումները պարզելով, շօշափելի ընծայելով, կատակերգական արարուած մը բան սարքելէ ետքը երկուքին մէջտեղը. «կանանչ ու կծու», տարապղպեղի մը պէս, ու խորապէս թիփիկ, յաջող՝ ինչպէս մոլիեռեան Ֆարս մը: Միշտ իր հաւաստումով, անիկա հեղինակեր էր այս սատանութիւնը Սոնային հաշուոյն: Զինքը շատ աւելի խոր ճանչցող առաջնորդը գլուխ կը թօթուէր մեղմ, թերահաւատ ու անթափանց, երբ մարդոց հաշիւները քննէր ինքն իրեն ու կը զգուշացնէր Պարգեւեանը, խնայելու համար իր համայնքին՝ պատրաստուող բուռն բախում մը արեւմտահայ ու արեւելահայ երկու մեծ գրագէտներուն, հաւասար՝ իրենց մեղքովը, ինչպէս տաղանդովը:

Յիսունի վրայ, թէեւ քառասունն ալ չանցած, այնքան հարաւի սպառող աճապարանքը ճմռկած էր անոր արտայայտութեան արտաքին կտաւը: Իշխան Պօղոս Արծրունի Հնդկաստանէն Եգիպտոս էր եկած կէս մը զուարճանալու, կէս մըն ալ գործով, զոր չունէր: Ան կը կրէր իր տիտղոսները ժառանգօրէն ու կը կրէր միջնադարեան մեր նախարարներուն գիծովը: Անոր մերձաւոր պապերը պահեր էին հարկաւ եկեղեցիին ու ճեմարանին գործերը, դար մը ամբողջ, Կալկաթայի թէ Մատրաuի մէջ, ու կտակած իրենց զաւկին իրենց աղտերն ու մաքուր ոսկին: Ուսումնակա՜ն, քանի որ Լոնտոնի շատ նշանաւոր մէկ վարժարանին ընթացքն ունէր աւարտած, վաճառականական ու կենդանի լեզուներու կրկէսէն. անիկա կը կրկնէր ընդհանուր տիպարը, որով վերջանալու են առնուազն իրենց հանրային դերէն, եթէ ոչ՝ արիւնէն, մեծափարթամ ճետերու յետին, «հաստ» շառաւիղները, այսինքն՝ «ցաւագար», «տիրացու», կամ՝ «անառակ» ու «ցոփ» կենցաղօք «վատնեալ զաւուրս իւրեանց»:

Իշխան Պօղոս Արծրունի արդիական իշխան մըն էր մա՛նաւանդ բարոյական մարզի վրայ: Անոր համար գիրքի բառեր էին մեր քաղաքակրթութեան նորագոյն պատգամները, ի՛նչ որ նուաճող ազգերու ընտրանին դեռ կանգուն կը պահէ իր կարգ մը պատրանքներուն վերեւ: Շատոնց պարպուած իր պապերուն կրօնքէն, պէտք չէր զգացած հոգեկան հաւասարակշռութիւն մը ճարելու, քանի որ դրամը լպիրծուն էր ըրած աշխարհը իր ոտքերուն ներքեւ: Մենք, Արեւմուտքի նոր փարիաներ, կը տառապինք զոյգ հարցերուն ի խնդիր: Իշխան Պօղոսները չունին անօթութեան զգայարանքը: Ասկէ՝ բարոյական հարցին դէմ անոնց, ահաւոր խաղաղութիւնը, օգոստափառ անտարբերութիւնը: Ազգ մը չունին անոնք իրենց կռնակին, որպէսզի ստիպւին գոնէ արիւնի գնով քառորդ դար հեղ մը ըլլալ լուրջ, վտանգին դէմ արի ու մահուան հետ խօսելու տրամադիր: Կ’ըսեն սուտը, իրաւը, նենգը, նոյն օգոստափառ այլուրութեամբ ու կը փախչին իրենց ժամանակէն, նետուելով հրամանին սպասող գործիքներու մէջ: Իշխան Պօղոսները վար են Պարգեւեաններէն՝ իրենց արձակութեանց մէջ հետապնդած հեռանկարներով: Ու չունին վերջիններուն պարտադիր չքմեղանքը, քանի որ մեղքն ու լրբութիւնը կը գործադրեն իրենցմէ վեր օտարութեամբ մը: Սահակ Պարգեւեան գոնէ փորին կալանաւորը եղաւ: Իշխան Պօղոս Արծրունի՞ն: Կարճ պէտք է ըլլալ:

Անիկա կը խօսէր ու կը գրէր կէս գիրքի բարբառով, ինքնավստահ ու յիմար, Պարգեւեանէն տարազուելու չափ փառաւոր ոչնչութիւն մը: Անոր տարօրինակութիւններէն մէկն էր տեղ մը հանգիստ չկրնալ գտնելու իր մենագարութիւնը, հասարակ սրիկայ, դրամին պղտորութեանը ետին ապաստանած, «վաճառականական» նպատակներով կը վարագուրէր իր վաչկատուն բնազդները ու կը շրջէր աշխարհները, ծախելով ու ծախելով իր պապերը ու չկրնալ սպառելով անոնց նշխարները: Մշտակալած ով գիտէ ի՛նչ ուրուականներէ, ինքնատիպ ու գրեթէ յիմար, կ’երեւար անիկա Արեւելքի փարթամ ոստաններէն մէկուն մէջ, կը բանար դուռները ոսկիի հեղեղներուն, կը մխրճուէր շատ խոր ու շատ վար, յետոյ կը թռէ՜ր, ծածկելով իր հետքերը ինքնաշարժներու փոշիին մէջ կամ իր հրամանին մշտապատրաստ եախթերու փրփուրով:

Հասկանալի է տարօրինակ խանդավառութիւնը, նոյնիսկ ոչ-իշխանական մարզէ, զոր կը ստեղծէ իր մէջ, հեռուներէն փրթող ամէն փեսացու: Անիկա հին դարերուն թափառիկ ասպետն էր հարկաւ, ու «Մեր օրերուն՝ մեր տարտղնումին հոգեբանական կրկներեւոյթը: Հերիք է, որ թեթեւակի ծանուցուի, այդքանն իսկ բաւական է, որ լրացուի: Յօրինուի պիտի անիկա, դասական իմաստով, վերստին կաղապարուա՜ծ մեր ցանկութեանց ոսկի մուրճերով ու քուրաներով: Անաշխատ, պարզ, բնական արհեստո՜վ մը, քանի որ մեր գաղութները, իրենց տուն մնայ աղջիկներուն կարաւանովը, դժբախտ այս հարմարութիւնը կը մշտաւորեն ու հնարաւոր կ’ընեն իշխաններ՝ ինչպէս մեծահարուստ գործաւորներ: Մեր գրականութիւնը դեռ չօգտագործեց բաւական ընթացիկ տիպարը, որ ծանօթ է քիչ մը շատ, ամերիկահայ փեսացու արտայայտիչ տարազով, հաստկեկ ու խեղճ մարդեր, որոնք քառորդ դարու իրենց փարաւոնեան գերութեան մէջ, չեն իսկ խորհած իրենց մորթը փոխելու պէտքին, զայն ընելով աւելի խարղած, գործարանի թիարանին մէջ, բայց կիրակնօրեայ իրենց զգեստովը կը դառնան քաղքըցի, գոնէ մինչեւ իրիկուն, «իրենց Ամերիկա»յին փողոցներուն մէջ, կամ Գահիրէ ու Մարսէյլ, մինչեւ հարս մը զատելնին: Անշուշտ, Իշխան Պօղոսները, շատ աւելի ցանցառ, առանց մենագարութիւններու, տպաւորիչ անձեր են, ամէնէն առաջ չոր ու խորտուբորտ իրենց դէմքերովը: Հարաւային Ասիան ու Հիւսիսային Ափրիկէն երկրորդ սերունդի վրայ կը զեղծեն օտարականը, մարմնական ու հոգեկան շէնքէն: Դուք դժուար կը զատէք հօրէ ծնած հայ եգիպտացին տեղական ֆէլլահէն, այնքան կլիման զարկած է իր կնիքը անոր ոսկորներուն խուլ ու խոր ճարտարապետութեան: Ու Իշխան Պօղոսները, որոնց հայրը ծնած է Մատրաս կամ Ճավա, վկայով միայն կը հաստատուին իրենց օտարութեանը վրայ: Ամբողջ երկրամաս մը այդ Հնդկաստանը, որ կէս դարու մէջ կ’աւլէ մարդուն արիւնէն անգամ բջիջները, հետքերը իր պապերուն: Մերինները, հարաւային աշխարհները ապրող անգլիացի իշխանաւորներու ձեւերն ու հագուստը կապկած, օտար կը թուին հիմնովին, երբ մտնեն զանգուածին մէջը մեր ցեղին: Կը խօսին բարբառ մը, որ անարդի է բոլորովին: Նոյն այդ հնադէմ բոյրը իրենց մտածումներուն ու զգացումներուն ալ մէջը: Անոնք մեր հոգերէն ու հոգեբանութենէն ետ են նուազագոյն երեք քառորդ դար: Ու մօ՛տ՝ ա՛լ անվերադարձ այն ոգիին, որով ճամբորդեցին, գաղթեցին ու «աճեցան» տասնութերորդ դարուն ու տասնիննի սկիզբներուն՝ մեր աղաները, իշխանները օտար հորիզոններուն ներքեւ: Երբեմն մեծադղորդ նուէրներ, երբեմն գրաբար քերթուած մը, երբեմն ալ հնօրեայ հանդէսներու մէջ տեղագրական-վիճակագրական յօդուածներ, անոնցմէ կը հանէին դժնդակ լուսանկարներ ու շահեկանութիւն: Պատերազմէն առաջ այդ մարդերը, իշխան կամ իշխանցու, ունէին դրամին եւ այլուրութեան հրապոյրները: Յիմարութիւն, խանդ, երբեմն լրջութիւն ու տրտմութիւն, գրեթէ միշտ ռոմանթիք հայրենաբաղձութիւն մը ու գրաբար թացիկ նամակներ այդ մարդերը կ’ընէին տարերկրեայ ու յանկուցիչ: Ձեռքի, հոգիի բարութիւն մը զանոնք կը զատէր Աբիսողոմ աղաներու պարունակէն:

Իշխան Պօղոս Արծրունին «կին ու զաւակներ» ունէր կամ գոնէ չէր հերքեր ունեցած ըլլալը, երբ մէկը ըլլար բաւական անփափուկ, հարցաքննելու իշխանազունը այդ աշխարհէն: Իրականին մէջ, ամուրի էր անիկա, ինչպէս կը հաստատէր, Հնդկաստան իր նուիրակութեան միջոցին անոր պալատը ամիսներով հիւրասիրուած բարձրաստիճան եկեղեցականը, որ իր միտքի տուրքերուն կը միացնէր հեգնելու սուր ընդունակութիւն եւ աշխարհը տալու ձեւով զայն ծաղրանկարելու տաղանդ, ու հիմա, կը ջանար, միշտ հեգնելով, անոր «իշխանազն» սիրտէն, «պատուական» զգացումներէն կարելի շատ ապահովել գաղութին կարօտեալներուն:

Վաղահասoրէն թառամած իշխանական այդ դէմքին վրայ, քիթը կ’իյնար անհանդուրժելի տգեղութեամբ, իր ճմռկումովը ընելավ անոր արտայայտութիւնը տարօրէն խառնակ, անճշդելի, գրեթէ անասնական: Հնդիկ աստուածներուն կնի՜քը: Անգլիական, շինծու ֆլէկ մով, անիկա կը փորձէր քաւել ծնունդին մեղքը խմիչքով, զոր կը հոսեցնէր գանգէսեան յորդութեամբ: Ու կը փախչէր իր մեղքէն բաց իր ձեռքովը, սիրուն խենթութիւններովը, թերխաշ գրաբարովը ու անթերի, մետաքսաւէտ, ձիւնասպիտակ, ամէն օր փոխուող զգեստներովը:

Փեսացո՜ւ մը, այս արձակութենէն ու այս կիսագար վարժութիւններէն: Անշո՜ւշտ: Ամէնէն յորդ բանը աշխարհին սիրտն է մայրերուն: Բայց Մինաս Մարա՞նը: Բայց մա՛նաւանդ ու մա՛նաւանդ խորաթափանց գրագէտ Պարգեւեա՞նը:

Դուք չափով մը ծանօթ էք Մինաս Մարանէն յարդարուած եգիպտական ամուսնութիւններուն, ընթացիկ ու պարզ ոճէ, որոնք եղան երջանի՜կ, քանի որ թշուառութեան մէջ հաւասարութիւն մը միայն մեզ կ’ընէ համեստ ու ժուժկալ: Բայց չէք գիտեր chiffré անոր ձեռնարկները, վարձագիր կամ պայմանագիր, ստորագրուած ամէն ազգերու հասառու յիմարներէն, որոնք Եգիպտոս արշաւին երկրորդ օրն իսկ կը ներկայանան պանդոկապետին privat սենեակին մէջ ու, կը պահանջեն, պիֆթէք ին ու ուիսքիին հանգամանքներուն վրայ յստակ ու վճռական պայմաններուն քով՝ «հայթայթուելիք միս »ին մասին յստակ ու վճռական հաւաստիքներ, ազգութիւն, տարիք, գոյն, դնդերային լիութիւն կամ չափաւորութիւն շօշափող ու այդ ամէնուն համար, համաձայն նախասիրութեանց, կու տան ու կ’առնեն ընկալագիր: Անշուշտ, բացառիկ իշխանազուններուն համար, բացառիկ սակեր: Ու աղջիկներ, հանրատուններէ վերցուած, յարմարցուկ, ներկուն, վերածուած տան աղջիկը, որոնք իրենց անցընելիք քննութեան» լիովին պատրաստ, մարզուած ըլլալով լաւագոյն վարդապետներէ, ճարտա՜ր և այնքան՝ ծախելու իրենց եօթն անգամ փոշիացած կուսութիւնը, դժուար, փաթեթիք պայմաններու հանդէսով մը, համաձայն իրենց ախորժակներուն, անապատ կամ նեղոսեան նաւ, եղէգնահիւս կղզի կամ բաւիղները ամայի մեհեաններուն, ընտրելով հարսնութեան առագա՜ստ: Հարուստները երբ ժառանգութիւն կը սպաննեն, յիմարութեան կրկէսին վրայ, կը գերազանցեն բոլոր պսակակիցները: Երեք-չորս հարիւր սենեակնոց հիւրանոց մը համառօտուած աշխարհ մըն է ու հինգ երկրամասերու մանրանկարը կ’ընծայէ դիտել կրցողին: Այս է պատճառը թերեւս, որպէսզի պանդոկապետ մը աւելի հեռուն, ճոխ, ճիշդ տեսնէ, քան երեսուն տարի գրիչը սուրի մը պէս շարժող ինքնահաճ ու ինքնաբաւ գրագէտ մը, թէկուզ մեծատաղանդ, որ մարդերը պիտի տեսնէ սնափառութեան պարունակէն ու կ’եղծէ զանոնք անոր գոլորշիովը: Այս է պատճառը դարձեալ, որպէսզի դռնապան մը միշտ աւելի բան գիտնայ բազմայարկ բնակարանի մը բնակիչներէն, որքան չեն գիտեր ասոնք ամէնքը մէկ իրարու մասին:

Երկու տարիէ ի վեր, Մինաս Մարա՛նը, զգուշաւոր, կեղծաւոր, բայց հաստատ, որդեգրած էր Սոնային ամուսնութիւնը: Իր հաշիւնե՞րը:

Ծանօթ են մասով:

Ու ահա ուրիշ յաւելումներ:

Ըստ երեւոյթին, ամէնէն առաջ ու ամէնէն շատ, թախանձանքը Տիկին Գոհարեանին:

Այն օրէն, որ դժբախտ կինը լսեր էր պատմութիւնը, բաւական տարօրինակ, Լորտ Հարրինկթընի, այն օրէն Տիկին Գոհարեանի համբերութիւնը խուսափած էր իր սահմաններէն: Ինքնատիպ մարդ, իրաւ որ, այդ լորտը, որ Լոնտոնի մէջ կառուցանել էր տուած աշխարհի մեծագոյն պանդոկներէն մէկը ու, ասպարէզին պատրաստուելու անգլիական խղճմտութեամբ, արհեստին ուսումն էր սկսած խոհանոցէն, գետնախնձոր մաքրելով, այնքան լրջութեամբ, որ մաքրած էր նոյն մաքուր եռանդին մէջ խոհարարուհիին ալ աղջիկը, որ հիմա լէյտի Հարրինկթըն, կը հրամայէր չորս հազար սպասաւորներու բանակի մը: Բա՞խտ: Այդքան կ’ըլլար: Աշխարհին պատրանքը այնպէս շինուած է, որ հազար-հազար տանջանք ու մէկ հատիկ վայելք իրար հաւասարակշռեն: Ու նման ամէն մօր, որուն աղջիկը միշտ արժանաւոր է «թագ ու պսակի», անիկա թախանձեր էր ընտանիքին «անկեղծ, պատուական» բարեկամին: Այս օրինաւոր փառասիրութենէն զատ անիկա թափանցիկ, հեղինակաւոր ուրիշ ալ պատճառներ ունէր, ժամ առաջ ազատուած տեսնելու իր աղջիկը: Կը հասկնա՜ք թափանցիկ այս վտանգը: Ամէն աղջիկ օր մը ամուսնանայ պիտի: Ուրիշ ամէն փառք տկար է, պարզ այս իրողութեան հետ բաղդատուած: Ու այս պատգամը ամէնէն առաջ հասկցողը մայրն է միշտ: Ու մարդկային բան է, որ ինքզինքը կործանելէ ետք, երկրորդ ու աւելի անկանգնելի կործանում մը խնայելու համար իր թշուառութեան, մայր մը նուաստանայ, լացով խնդրելու չափ, «ամուսնութեանց յաջող գործակալ» Մինաս Մարանէն, ամէն գնով, կապել Սոնային գլուխը յարմար մէկու մը, սանկ ունեւոր ու երիտասարդ, որ չըլլար իր երեք էրիկներուն գիծէն ու դնէր սիրտ առնելիք կնիկին վրայ: Անշո՛ւշտ որ ամէն մայր պիտի նայի մտովի աւելի անդին, քան սա համակերպումին շրջանակը ու հետապնդէ ուրիշ յարմարութիւններ ալ: Բայց իր տունին «վիճակը» անոր միջոց չէր տար դժուար «հաճելու»: Ու հակառակ իր տարիքին ու ասոր դիզած փորձին, կարծես չուզելով կը հաւատար հեքիաթներուն, լորտ հերոսներով, որոնք երբեմն կ’ընեն «առակող առակ» խենթութիւններ ալ, քապարէի մը երգչուհին վերցնելու չափ իրենց լորտութիւնը մինչեւ: Երբ մենք մինակ ենք ձգւած շատ մեծ մեղքի մը հետ, ստիպուած ենք մեզ դիւրահաւան, դիւրախաբ ընելու: Երբ այդ մեղքին աւելնայ մահացու վէրքի մը կըսկիծն ալ, մօտիկ ենք խենթութեան ու կ’ընդունինք բոլոր հեքիաթները, մէջն ըլլալով լորտերուն՝ ինչպէս Արծրունի իշխաններունը: Իր տագնապէն զգետնուած, անիկա տասը տարեկան աղջիկի մը ուղեղը ունէր, երբ կը թախանձէր Մինասն ու Պարգեւեանը, մոռնալու չափ իր սիրահարը, իր աղջիկը ու ասոնք իրարու կամարող կարմիր-կանանչ գօտին մեղքերու մեղքին:

Միամի՞տ նորէն

Սահակ Պարգեւեանը, նեղոսեան տափանաւերու հեշտախոյզ այցորդը, անապատական հեւասպառ գիշերներու մեծաթռիչ ողբերգուն, ինչպէս նաեւ լալահառաչ, հերարձակ, վսեմ քնարերգողը իր ցեղին դժբախտութեան ու անոր ամէնէն դժբախտ հատուածին, անոր կիներուն: Աւելի՞ն:

Այս հարցումը պատասխան չունի: Կան օրեր, երբ մարդ կը դադրի ամէն բանէ, ո՛ւր մնաց խոր հարցումի մը պատասխանը ճարելէ:

Միւս կողմէն՝ հանրածանօթ իրողութիւն էր, որ երեք-չորս տարիէ ի վեր մեծատաղանդ գրագէտը վեց ամիսը անգամ մը «նշանելու» կ’ելլէր «սքանչելի» Օրիորդը, հնարովի կամ իրաւ, փեսացուները ճամբելով, պահելով, վարելով անսպասելի տակտիկա յով, որ զարմանք կ’ազդէր տղու չափ իսկ խելք չունեցող բնազդական այդ մեծ կենդանիին վրայ:

Իր զսպանակնե՞րը:

Բայց ամենական: Գիրը՝ ինչպէս դրամը, որոնց արահետէն կը մօտենային թեկնածուներուն բոլոր յիմարութիւնները, որ մէկը Պոլիս օրաթերթի մը մէջ թղթակցութիւն մը ստորագրած ըլլալու իրաւունքը արժեւորել ջանալով, ուրիշ մը իր դրամին գոհունակութիւնը իր քառասունէն վեր աւերակոյտին սփածանելի զետեղելով: Իր զսպանակնե՞րը: Անշուշտ, Կի՜նը, գլխագրեցէք: Ինչպէս՝ սնամտութիւնը: Խա՜յթը (չեղած խղճէ մը հանուած այդ սրտառուչ բա՜նը), ինչպէս իր պատկառելի, աննահանջ շնականութիւնը, որ առիթ կու տար իրեն քայքայելու տարաբախտ համբաւներ, եւ կը ջախջախէր իրենց կրպակներէն վեր նայող եղկելիներուն «ապխտակուռ» (իրն է բառը) ու «չամանազօծ» (դարձեալ) սխտորութիւնը:

Այս ամուսնութեան եղջերուաքաղը զբաղում մըն էր անոր, որով կը բաւարարէր պորտաբոյծ իր թափառումները ու թիակ կը նետէր իր իսկ դիակին, մեղքի մեծ ջուրին վրայ ցոյցի ելած: Բաներ կան, որ ծածկուելով աւելի կը հոտին: Ու գաղտնիք մը, որ ամեն օր սնտուկէն կը հանուի ու շուկայ կ’իջնէ, ճակատագրուած է պայթելու: Այդ եղջերուաքաղը անոր սնամտութեան ուշացած նպաստ ալ կը բերէր: Զինքը կարելի էր գրաւել (գէթ այդ մտքով իրեն մօտեցողները կը տպաւորուէին այդ կերպ) մանուկի դիւրութեամբ, ջերմ, գիտակից, «լուրջ» գնահատականով մը իր մէկ պատմուածքին վրայ, հերիք է, որ գրական կեղծիքի հոտ չառնէր դէմինէն: Անբացատրելի սա նանրամտութիւնը: Անիկա քիթէն կը բռնուէր ամէն անգամ, որ «պարզ մարդերու» այս բուխ յուզումը հաստատել կարծէր ու չէր տեսներ անկարելին, այսինքն՝ գրական հասկացողութեան անկարելին՝ իր տաղանդին հիացողներէն, երբ գային ասոնք ոչ-ասպարէզէ, ի՜նք՝ որ կ’ընդոտնէր պաշտօնական տարազները լրագրող-քննադատներուն: Զինքը կարելի էր գրաւել, նեղութեան րոպէներուն ճարտարօրէն փութացուած նպաստով մը, որ չհոտէր ողորմութիւն ու հաշտւէր տաղանդի տուրքին անկորնչելի սկզբունքին: Ու ոչ ոք կանգիտանար անոր ահաւոր տկարութիւնը հանդէպ սեռին: Եղան երիտասարդներ, որոնք մանկամարդ իրենց քոյրերը գործածեցին անոր ուշադրութիւնը իրենց կապելու, մուտք ճարելու համար Սոնային շրջանակը: Անիկա գիտէր այս փոքր դաւերուն փոքր թշուառութիւնը, գռեհկութիւնը, բացի գրական կեղծիքէն: Ու կը մօտենար, այսինքն՝ մատչելի կը դառնար ռազմավարութեամբ մը, որուն դժուար էր խելք հասցնել: Անիկա քսանը «թեւակոխած» տղաքը կը հանդուրժէր իրենց անհանդուրժելի քերթուածներուն մէջ ու կը քաջալերէր անոնց «նորաբոյս» տաղանդները, արո՜ւ եւ էգ: Բայց եղջերուաքաղը կար ու կը մնար:

Ու ամուսնութեան սա հեքիաթը կը պտըտէր ու չէր քալեր:

Մարդիկ, խորունկ ու փորձառու դասէն, կը հարցնէին իրենց կարգին.

Զսպանակնե՞րը:

……….:

Հնարողներուն կոտրտէր լեզուն, եթէ կ’ըսէին սուտ:

Բաներ կան, որ կ’ըսուին ու չեն լսուիր: Նոյն այդ իրաւունքով չեն ալ գրուիր:

Խորունկ ու փորձառու այդ մարդե՜րը:

Ուշագրաւ էր նոյն ատեն, Սոնային առիթով, որդեգրուած բաւական յստակ, նոյնիսկ մշտապղտոր իր գոյութեան միակ յստակ քաղաքականութիւնը, վայե՛լ՝ կեանքին, զոր կը կրէր արտաքուստ, ձանձրոյթին ու պարտքին սրտառուչ տիրումովը, չլքելով կինը, որ չէր ուտուեր ալ, ու պաշտպանելով «հայրօրէն» անոր աղջիկը, անպակաս ընելով զանոնք համախմբումներու, խրախճանքներու, լուսապսակի մը պէս պտըտցնելով անոր գեղեցկութիւնը մեղքին մեծ արձանին վերեւ, որ մարմինն էր անոր: Հոն կ’արտասանէր անիկա ջերմ ու փարթամ ճառեր, բաժակէ կամ սեղանէ, մոռցնելու չափ իր մեղքին քանդակը ո՛չ իր վրայէն, քանի որ անկնճիռ ապրողն էր ինքը, այլ՝ «զոհերուն» վրայէն, երբ հանդէսին ամէնէն գողտր ու խանդավառ պահերուն կը մօտենար գեղանի աղջիկին, ու, ափերովը, բանալով անոր մազերը, պայծառելով անոր ճակտին մելամաղձոտ շնորհը, կը պոռար հանդիսականներուն.

Հինգ հազար…

Անիկա միլլիմ [1] պակաս չէր ընդուներ:

Ի՞րն էր ծախու հանել բացատրութիւնը, թէ ուրիշներու դարբնածը: Անիկա հաճոյքով կը գործածէր զայն, յաջողելով վարագուրել տարազին գռեհկութիւնը յորդ երեմիականով մը մեր բարքերուն վրայ, յարձակելով դրամին հսկայ ճնշումին, զոր դեղին մետաղը կը գործադրէ մեր ամէն արժէքներուն վրայ: Աւելի՛ն. բացատրութեան մէջ անիկա կը զետեղէր երկիմաստ տարողութիւն: Մէկով՝ ծաղրելով հաստ չտեսութիւնը Սոնային շուրջը դարձողներուն, որոնք, քաջալերուած իրենց դրամէն, չէին խպներ անյարմար դուռներ բախելէ, չտեսներ տարիքէ ու մարմինէ, յիսունի մօտ կամ հոթենթոթային տգեղութեամբ, եւ կամ անդարման խեղութեամբ կարեւոր գործարաններէ: Միւսով՝ անիկա կը կարծէր ինքզինքը մխիթարել իր կորանքէն, դրամէն դիտապաստ, բայց անով անյագուրդ մարդու լրբութիւն մը փայփայելով հաւասարապէս: Ու լեգէոն էին այդ հաստերը, միջին տիպարներ, քանի մը հազարնոց, քառսունի ջուրերուն, ա՛լ ատենը հասած սեպող սեպհական կնիկին խորհելու, ուրիշներունը «բուծանելէ» յոգնած:

Դրամէ մշտահալած, երեսուն տարի ուրիշներու ձեռքը նայելու նուաստութիւնը գոնէ մէկ անգամ փարատելու յուսատենչ, անիկա, հաւատաւոր, «ըղձակաթ» շեշտ մը կ’առնէր, երբ կը պոռար իր հազարները, միակ իրաւացի գոհացումը մետաղին աշխարհէն, իրողութիւն դարձած արդէն, երբ ոչինչ կար մէջտեղը: Դրա՜մը: Ըլլալու երկու ձեւ չունէր այդ անիծեալ առարկան: Զզուած ու մա՛նաւանդ յոգնած, նորատիպ մուրացկանութենէն, որ Պարոնեանով սեւեռուածին հերքումն իսկ է, պահանջկոտ, յարձակող, իրաւատէր իր լրբութեամբը, քառորդ դարու երկայնքին, անիկա ապրեր էր Սիմէոն Սիւնեակեացին նման շուքովը իր սիւնին կամ ուրիշներու կռնակին: Բայց ահա եկած էր ատենը, երբ սիւները կ’իյնան իրենց շուքերէն ու կռնակները կը թափին իրենց միսերէն: Ծերութեան մուտքին, անոր վրայ կը ծանրանար նոր դիակը ա՛լ անօգուտ մեթոտին: Շանթաժը, անխելք՝ ինչպէս անխնայ, վարկաբեկ էր ըրած ինքզինքը մա՛նաւանդ Եգիպտոս, ուր շրջանակին ընդարձակութիւնը շշուկները կը սպաննէ եւ մամուլին մուրացածոյ գոյութիւնը առնուազն բարեւով մը վաճառելի էր, այդ օրերուն, աս ու ան փաշային կամ կալուածատէր խանութպանին: Լրագիրը չէր ելած պոլսական կշիռի: Ու վաճառականը, անպատիժ, կը դարձնէր ետ, խոշոր նախատինքով մըն ալ, նպաստի տոմսերը: Չվաստկած ծախսող ամէն ուռնահարի նման, Սահակ Պարգեւեան սպառած էր ինչ որ բերեր էր սիրուհին: Կա՞րգը ծախելուն, պարզ է պատասխանը: Ա՞տ էր պատճառը, որ «ծախու էր հանած» գեղանի աղջիկը, առանց նեղուելու, հեգնութեամբ ուժաւոր նախադասութիւնը անպակաս ընելով իր բերանէն, «փարթամ պարսաւովը» նշաւակելով արդի քաղաքակրթութիւնը, հայ չարչիութիւնը, վաշխառութիւնը, մետաղապետութիւնը, որոնց կեդրոնանիստ քաղաքն էր երանելի Գահիրէն:

Աւելի վճարողին, միշտ աւելի վճարողին, կը պոռպռար անիկա խոհուն լրջութեամբ ու դառն կնճիռով, բարձրազեղ այդ արհամարհանքին մէջ հաւասարելով շատ մը տարբերութիւններ, տարիքին՝ ինչպէս իմաստին մարզերէն, երիտասարդն ու քառսունը անցը, արժանիքները՝ ինչպէս աղտահար անցեալը, բարոյականն ու զարգացումը, չիք յայտարարելով միտքին եւ անոր կապուած առաքինութեանց վարկը, ամէնէն առաջ անձին օրինակէն, ու փառաբանելով, մոլեռանդ չարսրտութեամբ մը, ուրիշ մը պիտի ըսէր թրքութեամբ մը՝ հուրքը դրամին, մաքրիչ ամենայնի, արարիչ բարւոյ եւ չարի: Անիրաւութեան մամոնան: Յիմար էր, անոր կարծիքով, այս տողին ձկնորս-առաքեալը: Անիկա կը շրջէր տարազը ու կը վերահաստատէր իմաստը.

Ի սկզբանէ էր Մամոնան, ու անմահ էր Մամոնան, արարչաhիւթը իմաստութեան եւ վայելքին, Բանին եւ Գործին... ու... Գերագոյն տապանակը՝ հարկա՜ւ, ծերութեան դուռներուն:

Այս կարգի իր առածները անիկա կը պատգամէր հզօր իր ձայնով, որ կը ծեծէր ունկնդիրները: Հռետո՛ր, ականջէն թեթեւակի տառապող, անիկա պիտի չի զգար բարձր աստիճանը իր շեշտին, որ կը յոգնեցնէր, տարօրէն յուզելէ ետքը ու կը թարգմանէր անոր քմայքին երանգը, տպաւորիչ ու բուռն այն բանը, որով կարգ մը մարդիկ կ’երեւան, կը շլացնեն ու կը քաշուին, եթէ չեն ուզեր տապալել: Կոկորդն ու սեռային գործարանը, անոր ապրուստին երկու գլխաւոր միջոցները: Անդուլ ու դժուար կռիւ, հացի պահանջն էր, որ շինեց անոր ձայնին գործիքը, բամբ, թաթի պէս իջնող, կսկծացնող, որուն հետ բաղդատուած՝ թունաւոր անոր ոճը տանելի կը դառնար: «Անհուն իր զրկանքը» (կ’ակնարկէր անհուն իր տաղանդին եւ անոր բռնադատուած արժեզրկումին) զինքը կ’ընէր մեծվայելուչ իր պարսաւին՝ ինչպէս դատումներուն մէջ: Ուրիշներուն նման անիկա չէր գործածեր գիրքերուն «ոսին» բարբառը: Ու կը յաւակնէր իր իմաստասիրութիւնը ճարած ըլլալ կեանքին մամուլին ներքեւ: Ինք նոր օրերու Ատլաս մը, կռնակին՝ գունտը հացին, աւելի խոշո՜ր՝ քան երկրինը, հեքիաթի հսկայի քամակին: Ու կը վայլեցնէր այս նահատակութիւնը իւրայատուկ տրտմութեամբ: Ու կը պտըտէր վաճառատունէ վաճառատուն, սրահէ սրահ, գրգռիչ, իրեն ներուած լրբութեամբ, խայծի մը նման ցոյցի հանելով երիտասարդ աղջիկը, որ ժպտուն, տարտամ ու խոհուն այլուրութեամբ մը կը հետեւէր գրագէտին, անոր բարեկամներուն գործատեղիները, ցաթելով տարաշխարհիկ բանի մը պէս, ջերմ ու խորունկ իր աչքերովը նայելով թուղթէ տնակներու մէջ շղթայուած քարտուղարներու, նուրբ, մեղմ, մելամաղձոտ տղաք, հաւանաբար հոգեպէս ալ աղքատիկ, սնամէջ, բայց տարօրէն թրթռուն, զգայուն՝ իր խռովքին ու թաքուն ծորումներուն: Կեանքին խորագոյն բնազդն է այդ հոսումներուն հակակշիռը իր ձեռքը ունենալ ու դատել ուրիշը իր գոլին մէջէն: Ու կը նայէր անոնց ներկուած փաթրոններուն, կոշտ, անկիւնոտ, խորտուբորտ դէմքով, տաք երկիրներու դալկութեամբ թղթուած, իրենց կազմախօսական կնիքէն խորապէս խախտած արարածներ, բայց անկարող հերքելու իրենց մօտիկ անցեալը, հոտելով հեռաւոր իրենց գեղերը, անոնց թութն ու պաստեղը, երշիկն ու ապուխտը: Թանձրակզակ ու մենագար այդ իշխաններուն մօտ գրագէտին նրբացած ու արձակ արտայայտութիւնը, որուն վրայ, այնքան պզտիկուց, ինկած էր անոր մատաղ ուշադրութիւնը, կը վերածուէր բարձր գեղեցկութեան: Ու կ’երթար անիկա ուրիշ տեղեր, հո՛ն՝ ուր աւելի համեստ կարողութիւններ կրկէս կը մտնեն, մանրավաճառներ, փերեզակներ, մա՛նաւանդ ոսկերիչներ: Որոնք, փոքր քաղաքներու մէջ այնքան հարազատ, տիրական, մեծ քաղաքներու համար կը կազմեն այնքան օտար, անզգած, ապաբարոյ մթնոլորտ մը: Ուշադիր անցորդը դիւրաւ կը զգայ սա տարբերութիւնը, մասնակի, յատկանշական, որ գաղթականը կը զատէ բնիկէն: Սոնա Գոհարեանը Գահիրէի մէջ, քիչ-քիչ վարժուեցաւ այս բարեխառնութեան: Մեծ ոստանը, խաբեբայ ու համաքաղաքացի, կ’այլափոխէ անցորդը՝ ինչպէս գնորդը: Մեր ժողովուրդը երբ կար անիկա մեր երկրին մէջ մաս մը նկարագիր էր տուած իր շուկաներուն, փոքր քաղաքներու վրայով: Բաց կամ գոց, այդ յօրինումները կերպով մը երկարաձգումն էին մեր տուներուն ու կը տպաւորէին իբր այդ: Գահիրէի մէջ անիկա արձակութիւնն է, օտարութիւնը, մանրացումը: Ո՛չ մէկ պայման՝ որով մարդիկ մնային կապ ու հաւատարիմ իրենց տուներուն ու աղջիկներն ալ՝ իրենց մօտիկ աւանդութիւններուն: Հասակագեղ, արձանատիպ, մորթին խտղտող շլացքովը, քովն ի վեր յոգնած արուի թելադրող պահակութեամբը, Օրիորդ Սոնա Գոհարեան, մեղքի ծաղիկ ու մեղքով հովանաւոր, վաճառքի ապրանք, Արեւելքի շահաստաններուն վաղընջաւոր գերուհին, արդի քաղաքակրթութեան գեղակերտ պուպրիկ, գեղօր, լացնելու չափ կը յուզէր մեծն ու պզտիկը, երբ կը ձգէր մեծ փողոցները ու կը ձգէր նեղ գռիհները, ժպտելով ու տխրելով նոյն նայուածքին մէջ:

* * *

Ե՞րբ ու ինչպէ՞ս բացուեցաւ դուռը:

Օրիորդ Սոնա Գոհարեան

որ

տրտում, կէս բարեւ, մտաւ ներս: Չթօթուեց ձեռք: Նայուածքին պիրկ չորութիւնը, ճակտին գծաւոր բռնուածքը աւելցան երկու մարդոց տագնապին:

Դրաւ աշխատանքի սեղանին նոթաներու գլանիկը ու, կիսավարան, րոպէ մը ինքզինքը ամփոփելէ վերջ բոլորովին ներքին այս շարժումը ինչո՞ւ զգալի եղաւ երկու այրերուն յառաջացաւ դէպի պատուհան: Անոր քայլին մէջ կը հնչէր իրմէն վեր բան մը, անպատմելի, որ մեծ որոշումներուն թրթիռն է կարծես, տարածւող՝ մեր մարմինին:

Պարոն Մարան, ես ալ քեզ կը փնտռէի, ըսեր էր անիկա, առանց նայելու երեսին:

Այն ատեն բախտաւոր եմ, Սոնա: Անհնարին պաղարի՛ւն, սա սրամտութեան մէջ, ա՛յնքան՝ որ Սահակ Պարգեւեանը տեսակ մը խտղտում զգաց սիրտին: Նախա՞նձ, վա՞խ, կորուստի մօտալուտ զգայութի՞ւն: Չէր գիտեր ո՛րն էր զինքը նեղողը:

Պանդոկ հանդիպեցա՞ք:

Պա՜րզ, բոլորովին բնական, հարցում Մարանին:

Երկու շեշտերուն սա տարբերութիւնը զգա՞ց աղջիկը, որ, կրկին, թեթեւ վարանքէ մը յետոյ, բան մը կուլ տալու նման, պըրկեց դէմքը: Անոր այտերուն ձուածիրէն բուսան զոյգ փոսիկներ, պատկերին տալով խենթեցնող անուշութիւն: Կան րոպէներ, երբ միսին մէջ փորուած այդ կաթիլը ամբողջ կինը կ’ըլլայ:

Թէեւ կ’ուզէի առանձին ըլլալ, միշտ, առանց աչք դարձընելու անոր երեսին:

Մինաս Մարանին ճակատէն անցաւ փոքր ստուեր մը, բայց բաւող՝ որպէսզի կծկուէին գիծերը անոր դէմքին: Անիկա, դառնութեան փայլակի մը մէջ, տեսեր էր իր տունի աղջիկը, Մելինէն, որ երէկ գիշեր կատուի հաշտութեամբ խօսք էր տուեր չաւրուելու «վարժուհիին» հետ, երբ կ’ելլէր ծոցէն, լուսդէմ, մօրը երթալու: Խոստումը կիներուն մօտ անիմաստ բառ է: Անիկա Սոնան ենթադրեց դասէն դարձող, այսինքն՝ իր վիլլայէն, գիտնալով հանդերձ, որ դասի չէր օրը: Անիկա ենթադրեց կատուին   Մելինէին փաղաքշական վերադիրը խոստմնադրուժ բերանը բացուած, ըսելու համար Սոնային երեսին ի՛նչ որ կիներուն բնազդը կը զատէ, կ’առնէ այնքան անվրէպ արագութեամբ, սեռային «բովքէն»: Անիկա փուշ-փուշ ապրեցաւ, իր արագութեան համեմատական հոծութեամբը, շաբաթ առաջուան կատաղի տեսարանը, մէ՜կը իր փորձանուտ ասպարէզին ամէնէն խորունկներէն, որուն մէջ տասնըեօթը տարեկան այդ էգը ցոյց էր տուեր ահաւոր անասնութիւն, հասունութիւն, ուժգնութիւն, իր մարմնին ամէն մէկ ծերպերէն ու հեծքերէն լսելի ընելով կիներուն յաւիտենական զօրութիւնը, որով զգեստաւոր՝ անոնք կը կոխեն այրերու վիզին ու կը պարտադրեն իրենք զիրենք: Նախանձի այդ «ելո՜յթը», որով կ’արգիլուէր «հօրեղբայրին» (Մինաս Մարանը այս կարգի վերադիրներ գտնելու տաղանդին կը միացնէր սատիք բան մըն ալ) ոտք կոխել ատ անօթի աղջկան տունը: Այսօ՞ր: Տեղի ունեցա՞ծ էր անպատեհ բախումը: Որքա՞ն՝ իրարու վրայ թափուածը, երկու աղջիկներէն: Որքա՞ն՝ չըսուածը: Արտակ Գասպարեա՞նը, որ առտուն կը պակսէր գործարանէն: Իշխան Պօղոս Արծրունի՞ն, որ հասցէ չէր ձգած:

Մենք կը մտածենք արտակարգ արագութեամբ, երբ իյնանք զառիթափին: Որոճալը պարապ բառ մը չէ: Կարծես կը պարտադրէր ուղեղին երկանաքարերը: Մինաս Մարանը քրտնեցաւ գրեթէ: Աղջիկները անխելք են միշտ:

Կ’ուզէի առանձին ըլլալ, բայց հոգ չէ, կրկնեց Սոնան, նստիլ չկրնալով, թէեւ յոգնութիւնը կը թափէր իր մարմինէն անծածկելի կերպով: Յուզումը մանր էր անոր ձայնին իսկ համար:

Անշուշտ, անշուշտ:

Միջամտողն էր Սահակ Պարգեւեան, պաղ, ամբարիշտ, քրտնած թթուութեամբ մը, խուլօրէն պատրաստուելով անախորժ բաներու, բայց իր շեշտը խոտոր կը համեմատէր իր թթուած բեկումին, «տարրալուծումին»: Մենք, երբ կամքի հիւանդներ ենք, իրողութիւններուն չափ, գուցէ աւելի, կը տառապինք անոնց շուքէն: Այս է պատճառը, որ ճակատ ճակատի գուպար մը աւելի «փլէ» ջլախտաւորը, քան սուսերամարտը՝ ստուերէ ստուեր: Այս է պատճառը, որ դէպքերու գրոհէն աւելի անոնց մտապատկերէն տարուին այդ հիւանդները, քառապատկելու հակազդեցութեան իրենց ճիգերը: Հերոսները ուրիշ բան չեն շատ յաճախ, եթէ ոչ՝ իրենք իրենցմէ կրակուած «կարողութեան ամբարձումներ»: Սովոր պայմաններու մէջ խմորի պէս կերպընկալ նկարագիրներ, ինքնասարսափի պրկումին մէջ կը պողպատնան անոնք ու մեզ կ’ապշեցնեն: Իր օրերուն խիստ մեծ մասին մէջ «հոսանքին անձնատուր» Սահակ Պարգեւեանը ընդունակ էր (եղած էր քանի՜-քանի՜ անգամներ) ամէնէն յախուռն, դիւցազնատիպ պոռթկումներու: Իր շնականութեան եւ ահաւոր համբաւին դերն ալ անշուշտ ունի կշիռ այս «ամբարձումներուն» մէջ: Այս կարգի իր արարքները անիկա կ’ուրանար, իր բնական հունին դառնալէ ետքը: Իյնալով-ելլելով, այսօր՝ կիներուն, վաղը՝ աղջիկներուն, միւս օրը՝ յեղափոխականներուն կրկէսէն, դրեր էր կիրքերն ու բռնկումները հաշտութեան փլանի մը: Ու փորձուած, պիտակուած տրիբունի մը նման, որ ինքզինքը գիտէ սուղ ծախել, վեր մնալով պզտիկ յուզումներէն, անիկա կը լքէր ինքզինքը «դէպքերուն բռնութեան» ու կը ծառանա՜ր՝ վսեմ խենթութիւններու փառքը չսակարկելով գլխուն իսկ գնով: Անիկա կեանքը սկսած էր հոյակապ ապտակով մը: Գիտէք ատիկա: Ապտակած էր փաշա մը, երբ բորոտ, անօթի՝ ինկած էր Եգիպտոս: Կերած էր գնդակը գաղափարի իր հակառակորդներուն, բայց լռած անոնց անունը՝ ոստիկաններուն:

Անշուշտ, Սոնա՛, անշուշտ:

Բարձր, խենթ ու տոնքիշոտ:

Աղջիկը գլուխը, բայց ոչ աչքերը դարձնելով Մարանին, ձայնով մը, որ լեղի էր ու չոր.

Ներեցէք, որ չկարենամ շարունակել դասը:

Մեր շեշտին ետին շատ բան կը պահենք:

Որո՞ւ, ընդմիջեց կրկին, «աշխարհէն անմասն» գրագէտը:

Մինաս Մարանը «հոն էր» սակայն:

Չպատասխանեց: Անոր նայուածքը դուրսէն շրջուեցաւ դէպի ներս: Բնազդական շարժո՛ւմ՝ որով օգնութիւն կը փնտռենք մեր պահեստներէն: Ուզա՞ծը:

Ապահովաբար մէկը երեսնամեայ իր փորձառութեանց դեղագիրներէն, որոնցմով դիմաւորած էր ան այս կարգի «պատահմունքները»՝ չէզոքացնելով արտաքին ժահրը ու անյայտ ընելով միքրոպները, պատիւին կամ գայթակղութեան ճամբով ելած յարձակումի: Յուզումնառատ իր ասպարէզին մէջ նոր չէր, որ կ’ունենար նման «քառորդներ», ինչպէս կ’ախորժէր, օտար բառի մը հայացումով, որակել դժուար այդ վայրկեանները:

Ուզա՞ծը:

Մէկը այն ճարտար խաղերէն, որոնք հրաշքը կ’իրագործեն հեռուէն գալու, զոհը փրկելու պատրուակով եւ անակնկալ շրջումով, շնորհի հարուածի մը նման, զոհին իսկ հաճութեան կ’արժանանան: Այս գիծէ դեղահատներ անիկա ունէր մշտապատրաստ: Պէտք չէ մոռնալ, որ անոր դրամը, զայն վաստակելու, մա՛նաւանդ վատնելու արձակութիւնը, որ մերիններուն նկարագիրն է յաճախ, երբ օտարութեան մէջ կ’աճին ու կը տիրակալեն, միջավայրը՝ բացառիկ՝ ուր իրենց լրումին կ’առաջնորդուին լաւ ու յոռի նախագիծերով ներկուռ արարածները, անցնելով արտակարգ կատարելութեան տասնամեակի մը մէջ գլուխ կանգնելու աստիճան փառքին ու դրամին խայտաբղէտ կարաւաններուն, զայն շփումի էին դրած մարդերու շատ լայն խաւի մը մէջ, բան մը, որ ամէնէն կատարեալ հարստութիւնն է այս աշխարտին, ծանօթութեան, շփումին հարստութիւնը: Գեղի թէ քաղաքիկի իր դպրոցին մէջ շէնք-շնորհք հայերէն մը չսորված որովհետեւ պատեհութիւն չգտած այդ «նախասահմանեալ» սրիկան, Եգիպտոս իյնալէ վերջ, փոխանակ Պարգեւեանի նման բառ ծախելու, տուեր էր ինքզինքը «լրացնելու» իր տգիտութիւնը: Քանի մը տարի ու ահա դիւրաւ, չըսելու համար ժողովուրդին բառերով՝ ջուրի պէս կը խօսէր եօթը լեզու, որոնցմէ մէկ քանին բացառիկ վայելչութեամբ: Անիկա մարդը եղաւ, որ մոռնալ չգիտցաւ: Ու չմոռցաւ բառերուն հետ շեշտը, ինչպէս ցեղային խաղը, որով լեզուն կը դառնայ բնական զեղում կարգ մը օտարականներու բերանէն: Արաբերէնը, անոր կոկորդին «չափու զգեստի մը պէս յարմար» կը բանար իր առջեւ դուռները բնիկ, մութ խաւերու, եօթն անգամ կալուածատէր, հազարաւոր ֆէտտան ներու արդիւնքը ծախսելու ասպարէզ փնտռող հաճոյասէրներու: Վայելքի ու զեխութեան անոր յաճախորդները, բազմազգի ու բազմագոյն, շոքոլա մոյնքով հապէշ իշխանազուններէն սկսեալ մինչեւ դեղնամորթ մանտարին ները ու մինչեւ կաթներես շուէտուհիները հեռաւոր Շուէտին հիացումով կ’ընդունէին անոր տաղանդը՝ «սեռային փորձանքները» շեղեցնելու անոնց մրցանքներէն: Քանի՜-քանի՜ անգամ խմբակը կամ ինք առանձինն, քիթէն բռնւած իրենց լրբութիւնը «խաբուած»ի, «զոհ»ի շղարշով պատսպարած աղջիկներո՜ւ սպառնալիքին մէջ, զարմանալի ճկունութեամբ մը կարգադրեր էր թիւրիմացութիւնը, վայրկեան մը ընդհատուած խրախճանքը տանելով իր կատարին: Տաղանդ էր ասիկա ու մարդոց յաջողութիւնները՝ «հարթուած» թիւրիմացութիւններ: Հո՛ն՝ ուր արեւելքցիի շնորհը քիչ էր եկեր, անիկա հալեցուցեր էր դժուարութիւնը «դեղին իuկանիւթով», մեծագոյն ու անմահ դեղը ով գիտէ ո՛ր Լոքմանին, ամենազօ՛րը՝ ցարդ ծանօթ տարրերուն:

Հերոս, բայց կծկուած, լուրջ ու վճռական՝ անիկա գնաց դէմ բռնութեանը գալիքին:

Խնդրեմ, Օրիորդ:

Հարուստ, գրեթէ դէգ, գրեթէ նուաճող՝ վասնզի իրաւատէ՜ր այդ շեշտը խենթեցուց աղջիկը:

Կ’աղաչեմ, որ բան չխնդրէք ինձմէ, ոչի՛նչ, ոչի՛նչ, ոչի՛նչ, կը հասկնա՞ք: Ոչ իսկ բարկութիւն:

Ո՛չ մէկը իրաւունք ունի անբարեկիրթ ըլլալու, ամէնէն քիչը՝ Օրիորդ Սոնա Գոհարեանը: «Հոգեզաւակը» մեր ազգին փառքերէն մէկուն:

Խօսած էր բնական, այս դիւրութիւնը քաղելով հազարաւոր իր փորձառութեանց ընդերքէն: Չէր կարելի զանազանել շեշտին նկարագիրը, որով թռած էր «հոգեզաւակը» բերնէն: Չարութի՞ւն, հեգնութի՞ւն, աւելի ահաւո՞րը՝ ակնարկութի՜ւն մը: Անիկա զսպեց ինքզինքը: Բայց չկրցաւ վայելել արդիւնքը իր աղուոր բառերուն, վասնզի Օրիորդին ձայնը, չես գիտեր ուրկէ խթանուած, մէկ հարուածով գտաւ անսպասելի վճռականութիւն, լիութիւն, բարձրութիւն: Այդ շեշտով անիկա արդէն տէրն էր կացութեան:

Ոչ ոք իրաւունք ունի սուտը, նենգութիւնը, լրբութիւնը, անպարկեշտութիւնը այսքան հպարտութեամբ, շնականութեամբ, տաղանդով հագնելու, որքան դուք, եւ անոնցմով սպառնալու ուրիշներու, որոնք իրենց բարձրութեան մէջ թէեւ կորակործան (բացատրութիւնը նախասիրած բառերէն էր Սահակ Պարգեւեանին), դեռ կը հաւատան դրամէն ու վայելքէն դուրս բաներու:

Թատրո՛ն, մռլտաց Մինաս Մարանը, առանց իջնելու իր դէգ ու չոր կեցուածքէն: Մեր ձայնը հասակ ունի յաճախ ու շուք:

Սքանչելի՛, բացագանչեց Պարգեւեանը, որ իր շունչը, ոճը, նախադասութեանց գնացքն ու դարձուածքը կը հաստատէր Օրիորդին բռնկած բերանէն:

Այո՛, վասնզի ա՛լ անկարող եմ համբերելու:

Գրեթէ խոնաւցան անոր աչքերը:

Իր զգայնութեան յորդ ու պիրկ այս զեղումը ամէն զեղում աւելորդ կորուստ մըն է կամքի մեծ մարզանքով մը հետզհետէ յաջողած էր մեղմել ու խնայել արցունքին տկարութիւնը, որ կիները կ’ընէ ծիծաղելի ու, աւելի յետոյ՝ անտանելի: Մօրը վրայ հաստատած անոր աւերը, անիկա, հակառակ սա պահուն այցուած ըլլալուն խոր ու կատաղի զգացումներէ, դարմանեց իր փղձկումը: Բայց իր անձին վրայ գործադրուած այս բռնութիւնը թեթեւ մը հրթիռի հանեց անոր երեսներուն «բռնուած» կաղապարը, որ բացուեցաւ, բացուեցա՛ւ, դալկութեան հետ շփոթուելու աստիճան: Այն ատեն անոր կիսկապուտ աչքերը նմանեցան ձիւնի մէջ ինկող բաներու, այնքան շնորհալի ու զգլխիչ, որ այրերը վար առին իրենց հայեացքը: Կիները ունին այս պատերէն:

Լռութիւն: Բայց մթնոլորտը կ’եռար:

Ի՞նչ կայ սակայն, անկարող եղաւ չընդմիջելու հետզհետէ խանդավառուող գրագէտը, որ, քսան տարի կայ, Կաղանդներէն յետոյ, անպայման ձեռք կ’առնէր իր հնուց, աշխարհին ծանօթ մէկ թատերախաղը: Գրած էր առաջին տարին երկու տեսարան, երրորդ արարէն, ինչպէս իր սովորութիւնն էր սկսիլ իր գործերը 2/3էն: Այդ տեսիլներուն մէջ պոլսական թիփեր, շուկային իրենց թանձրութեան եւ աւարտած նենգամտութեան մէջ, անոր հզօր տաղանդէն չրքացած, այսինքն ծաղրանկարի վերածուած՝ կը խօսէին գեղաբարբառ: Գրողը տեղեակ էր ատոնց լեզուին ու զգացումներուն կեղծ զգեստին, բայց գիտէր նոյն ատեն, թէ թատրոնը արդի ըմբռնումով խաղը չէր կրնար «եղծուիլ» ու կատակերգական անպատասխանատու զանցումներու մէջ հտպտանալ: Բայց անոր տրուած չէր շնորհը իր մարդերը ուրիշ կերպ քալեցնելու: Այնպէս որ՝ երրորդ տեսիլը, տարիներէ ի վեր, կը մնար հո՛ն՝ ուր որ էր: Յուսահա՞տ՝ այսքան գեղեցիկ ողբերգական նիւթ մը գլուխ հանելէ՜, որուն յղացումը, գլխաւոր իրադարձութիւնները ու կարեւոր տեսարանները պատմեր էր ամէնուն՝ գրած ըլլալու չափ լեցուն խանդավառութեամբ: Ո՛չ անշուշտ: Ֆաուստ ը երեսուներեք տարի արժեր էր գերման բանաստեղծին: Ի՜նք՝ հայերուն Կէօթէն, պիտի յաղթահարէր դժուարահաճ իր «մուսան», որ գրգռիչ, ինքնամատո՛յց, մարդոց թերութիւնները երեսնուն պոռալու անհամբեր, մունջ ու թոթով կը դառնար, երբ կարգը կ’ունենար զոհերը, զրկուածները, խոնարհները խօսեցնելու, կամ կը սաւառնէ՜ր: Անիկա իր տաղանդին սա դժնդակ անհաւատարմութիւնը պատժել էր փորձեր, զայն ստիպելով, բռնի, գրեթէ ծեծի տակ, գրելու պատմուածքներու շարք մը, վերցուած 96ի աղէտէն, բացառաբար կին հերոսներով: Որոնց մէջ կը պատմէր իր շքեղ, ռոմանթիք ու կեղծ ոճովը ուրիշ ամէն տեղ, մա՛նաւանդ պարսաւ ու յուշագրութեան մէջ անստգիւտ, կենդանի այդ ոճը Պարգեւեանի ֆեթիշն էր, գիտէք ատիկա մտացածին էակներու գլխուն շատ իրական, քստմնելի պատահարներ, որոնք նոյն այդ ոճին հրաշքովը կ’այլասերէին ու կ’ըլլային անտանելի: « Հայ օրիորդը » իր գորքոյկը փաստ մըն է այս վրիպանքին: Մշտապէս խարսխուած երրորդ արարի երրորդ տեսիլին մէջ, անիկա պիտի խօսեցնէր այդ տողերով, աղջիկ մը, ճիշդ ու ճիշդ գիծէն սա դէմի աղջկան, խաբուած, անիրաւուած օրիորդ մը, որ մեծահարուստ հօրմէ մը կանուխէն որբ, մեծցեր էր սանկ ու նանկ հօրեղբօր մը շուքին պաշտօնապէս խնամակալ ու, անոր տղուն ճիրաններուն մէջ իր պատիւը բզկտել տալէ ետք, ստիպուեր էր զայն պաշտպանելու հօրն ալ ճիրաններէն ու, յուսահատ կատաղութեան րոպէի մը, փետելով, քովի սենեակին մէջ զինքը կաշկանդող բազուկները, կը նետուէր բեմ, ու կը մատնէր ինքզինքը, հանդիսականներու սարսափին առջեւ: Գրագէտը, նրբաթափանց իր հոտառութեամբը կը զգար շքեղ սարսուռը այս տեսարանին, բայց իր բառերը, հակառակ իր տհաճութեան ու ճիգին, կ’ըլլային փարթամ դիմառնութիւն, հռետորական զեղում, իրենց չոր ու ոսին աղմուկովը վիրաւորելով պահին խոր յուզումը: Սա վայրկեանին, Սոնան մարմնացումն էր անոր երեւակայութեան: Այս յայտնութիւնը խոր լքումով մը դառնացուց ինքնաթափանց գրագէտը, որ չէր վարանած իր սիրտին անհունապէս սիրելի այս պատկերն իսկ շահագործել, ի հաշիւ թուղթին, ի՜նք՝ որ ուրիշները ծաղրելու ատեն կ’ուրանար անոնց մէջ զգայնութիւնը ու իր մէկ քանի յաջողած ընկերները «թուղթէ սիրտով», «թուղթին համար ապրող», «իրականութիւնը թղթագործող ճարտարապետ–փերեզակներ» կը յորջորջէր: Ուրիշ բա՞ն, ինք ալ, հիմա, երբ անոր առջեւ երիտասարդ աղջիկը յուզումի, զայրոյթի, խզտուելու փոփոխ աստիճաններէն կ’անցնէր ու կու գար: Անոնք, որ գրելը կամքի ու միայն կամքի երեւոյթ կ’ընդունին, իրաւունք ունին որոշ չափով: Գրական տիպարներուն (վէպի կամ խաղի հերոսներ) մեծ մասը անշուշտ կու գայ իրականութեան կարաւաններէն, բայց միւսնե՞րը: Այսինքն՝ որոնք տրուած իրականութենէն կ’աւելնան: Սահակ Պարգեւեան, դժբախտաբար իր զգայութիւնները այսինքն՝ զգայարանքներով որսացած տարրերը, ոչ՝ հանգիտօրէն կառուցած քմայքները կը մոռնար մեծ արագութեամբ, որպէսզի անոնք օգտագործելի մնային արուեստին համար: Ասիկա, գուցէ անոր համար, վասնզի իր գլխաւոր պարապումը, սրբազան ու անայլայլ պաշտամունքը իր անձն էր միայն, ամէն բանէ վեր, ու ատ անձին ալ՝ մի՛ւս նիւթերեսը: Ապրեր էր փորին, զգայարանքներուն, ատոնց ճարուելիք սնունդին մտտալլկումովը: Կի՛նը հացն էր անոր ու իր արուեստը, յարակից բոլոր տուրքերը տեսակ մը մշուշ, որսորդի ճարտարանք այդ հացը ձեռք ձգելու: Գուցէ ճանչնար, ճանչցա՜ծ ըլլար զայն: Վասնզի կինը տգեղ է մա՛նաւանդ կիրքին խորը: Բայց կը յաւակնէր մորթազերծ ընել կեղծիքը անոնց «հոգեմաշկէն», լախտահարելով զանոնք կիրքի տիափազոնին վրայ, պերճ, մարմարակերտ, ոսկեկոփ իր բառերովը, վայրագ այդ «հրէշներուն» բերնին հոսեցնելով ինքզի՜նքը:

Ու կը նայէր պատկերին, փոխն ի փոխ ու անգոյ, նման մարդու մը, որ կը տարուբերի երազին եւ իրականութեան մէջտեղ:

Ի՛նչ կայ սակայն, ինչո՞ւ լուռ էք:

Չէր գիտեր, թէ որու ուղղած էր իր հարցումը, այնքան իր մտապատկերները կը վարէին անոր ուղեղը: Տեսաւ, որ երկուքը ոտքի էին ու ինք նստած, հաստ իր փորէն՝ վարժուած ըլլալով դանդաղութեան: Հարցումէն յետոյ անդրադարձաւ, որ Սոնան դեղնած էր անծանօթ դալկութեամբ:

Սոնա, ի՞նչ կայ:

Անիկա գիտէ, պատասխանեց աղջիկը՝ մտովի, բիրտ, երկա՛ր, ցոյց տալով Մարանը:

Տգե՞ղ, գրգռի՞չ՝ մատի այս ցուցմունքը, որպէսզի քաղքենի կարգերու մէջ դատուէր իբր գերագոյն անկրթութիւն, ա՛յնքան՝ որ շուարած պանդոկապետը ուժ գտաւ իր մէջ Օրիորդին «անկրթութիւնը» շահագործելու եւ աւելցուց.

Ապի ձեր կրթութի՜ւնը, Օրիորդ Գոհարեան:

Լռեցէ՛ք, վասնզի ուրիշ բան է կրթութիւնը:

Ի հարկէ՛, ի հարկէ՛…

Փարիսեցիներ, «որ զուղտս կլանէք եւ զմժղուկս քամէք», Պարգեւեանին սիրական բնաբաններէն մէկը յեղյեղուած այնքան յաճախ, թատերակի ու պատշաճ, որ փորագրուած էր Սոնայի յիշողութեան մէջ:

Ի՞նչ կայ, կ’ըսեմ ձեզի, կրկնեց Պարգեւեան, դղրդագին ոտքի ելլելու փորձի մը վրայ, պարպելով իր բարկութիւնը, բայց մնալով փռուած իր երանքներուն:

Գիտէ անիկա, պատասխանեց Սոնան:

Ու կրկնեց մատնանիշ ցուցումը, որուն կ’ընկերանար խոր ու վրդովիչ վիրաւորանք: Անսպասելի՜: Գուցէ, քանի որ Մինաս Մարանը ցատկած էր տեղէն, ու կորովի, բայց առանց բիրտ ըլլալու փակցուցած.

Սովորութիւն չունիմ մատներու հետ խօսելու:

Սրամտութիւնը յաղթանա՞կ մըն է, ինչպէս կ’ախորժին տեսարանելէ անոր ասպետները: Թերեւս: Դիտուած է, որ երբեմն ասպարէզին մրցորդները սրամտութեան սիրոյն կը կոչեն կարեւոր շահեր, առաւելութիւններ: Ու դիտուած է, որ նոյն այդ վարպետները, այնքան զգայուն՝ այդ կէտին, խուլ կ’ըլլան ուրիշ շատ բաներու:

Ու յետոյ, վարանեցաւ, բայց նուաճեց ինքզինքը:

Ու յետոյ, հոս եկած ենք օգտակար ըլլալու, ոչ թէ նախատուելու:

Որո՞ւ օգտակար:

Ձեզի՜: Ուրիշ բան եղա՞ծ եմ արդեօք:

Անշո՜ւշտ, «պատուական ու պատուաբեր» ազգայի՜ն, չէ՞ որ ազգին բարերարն էք:

Հոս չենք եկած նախատուելու, Օրիորդ Սոնա, կրկնեց անիկա, ու նախատալից բան մը կար այդ հաստատումին մէջ: Թոնէն, նայուածքէն հետեւելի էին չըսուած մեղադրանքներ: Ապերախտի հետ խօսող մը, այս երանգով կը զատուի պարզ կշտամբողէն:

Ազդուեցա՞ւ Օրիորդը այս ակնարկութենէն: Անիկա չէր իսկ անդրադարձած Մարանի նախադասութեան իմաստին: Հեգնութիւնը, զայն առնելն ու տալը, կապուած է մասնակի զգայարանքի: Շատեր զուրկ են անկէ: Բայց կայ անիկա, ինչպէս կայ միւս մասնակի զգայարանքը, ա՛ն՝ որ բացառիկ ընկալչութիւն կը ներկայէ եղերական հոսումներու: Մարդիկ, խմբուած այս եզրերուն մէջտեղը, կը կազմեն անտարբերներու փաղանգը, որոնք պիտի չնեղուին լացէն՝ ինչպէս ծիծաղէն: Անոնք, որ Սահակ Պարգեւեանին նման երկու ասեղներ, օձի մը պոչին ու գլխուն նման, կը միացնեն իրենց վրայ, խորապէս դժբախտ արարածներ են: Պիտի խնդան ուրիշներու թերութիւններով, բայց պիտի տառապին իրենց առաքինութիւններէն: Մեր ախորժակները մեր պատուհանները կը մնան: Ու միասին է հոգին, երբ ամուլ է: Պարգեւեան թիփէն, այդ մարդերը պիտի չապրին պարզ վայելքի կամ վայելչութեան մէջ միամիտներուն, սիրտբուխներուն ու համ չառնեն պիտի կնիկէն, որ անմռունչ կը պառկի ու կ’ըլլայ լեղի՜: Ժահրոտ՝ իրենց զգայութիւնները պիտի ոճաւորեն անոնց ներքին տիեզերքն ալ, ուրիշները կճելու թունաժէտ իրենց անգթութիւնը ի վերջոյ պիտի չխնայէ սեպհական միսին: Ու պիտի խածնեն իրենք զիրենք ալ: Պարապ տեղը չէ, որ ժողովուրդը բանաձեւած է, Պարգեւեանէն շատ առաջ, «բարկ քացախը իր ամանին կը վնասէ»:

Դուք ոչի՞նչ գիտէք:

Ոտքին մէկը, առանց իր գիտութեան, զարկած էր գետնին: Խնդա՞ց, թէ պոռաց, ահաւոր այլուրութեամբ մը, այնքան բարձր, որ ջնջուեցաւ շքեղ ու գեղակերտ տեսիլքը մանկամարդ կնոջ: Խորութեան այս ճառագայթումէն անիկա տգեղ էր իսկ, ու դուրս՝ մա՛նաւանդ ինքն իրմէ:

Ոչի՞նչ գիտէք, հա, ստիպուեցաւ բերանը բանալ քիչ մը աւելի լայն: Շո՞ւնչը նեղ կու գար, թէ բառի փշրանքներ փակեր էին շրթներուն: Անոր փոքրիկ թաշկինակը անցաւ, ջղագրգիռ ու խիտ, բերնին մօտերէն, կարծես սրբելու համար աղտը, որ կը լորձնանար վարէն դէպի վեր: Կիրքի այս սաստկութիւնը, բոլորովին նոր, սա գառնուկի պէս քաղցր սիրտին մէջ: Ու սարսող՝ անոր ամբողջ հասակը: Մարմինը, երբ կը մասնակցի մեր բառերուն խռովքին, վերահաս է վտանգը: Անոր լանջքը ուռեցաւ, ակնյայտ ճնշումով: Փոքրացան աչքերը: Բա՞ն կը փնտռէր, թէ կը փախցնէր անոնց դաշտերէն: Կ’ընենք այս անգիտակից շարժումները բոլոր զարկին տակը կիրքին կիկլոնին, որուն թաթերը մեզ կը վրդովեն մինչեւ խորագոյն ծալքերուն մէջը մեր ներսի՝ ինչպէս դուրսի անձնաւորութեան: Ու անոր փոքրիկ մատները կը դողային մեղրագոյն վիզին վրայ: Այսպէս լարուած, յարձակումն անցած, տպաւորիչ էր ան խորապէս: Երկու այրերը, անկախ՝ պարագայական իրենց ներկայութենէն, դարձուած իրենց անգիտակից եսերուն, կը հետեւէին անոր ձեւերուն արտակարգ խռովքին: Սեռը՝ զսպուած՝ կծիկ մը կռիւ է: Կռիւը, արձակուած, ուրիշ բան չէ յաճախ, եթէ ոչ շրջուած սեռ: Փորին չափ, եթէ ոչ աւելի, սեռին գոհացումն է մարդերը հանած իրարու դէմ ու մղած փողոտումի: Կնիկի մը ստացումին մէջ մարդ պիտի չայցուի գութէն: Ով գիտէ քանի՜ հազար դար կռիւին արդիւնքը գիրկ մը կնիկ է յաղթականներուն: Օրիորդին դէմքին վրայ, գուշակելի՞, փոթորիկը: Անոնք չհամարձակեցան, ընդմիջումով, պատռել մարմինը պատրաստուող թաթառին, մէկը՝ հիպնոսացած իր գեղեցիկ խաղին հեռապատկերէն, միւսը՝ այցուած այն խոր, վտանգայոյզ, բայց հեշտախառն պահերէն, որոնք անոր գերագոյն յիշատակները եղան: Վտանգին տեւողութիւնը իբր յիշողութիւն կրկնապէս քաղցր է, վասնզի ապահովութեան ալ նպաստը ունի հետը: Անիկա փոխադրուած էր դժուար իր «քառորդներուն»: Նոր չէր, որ աղջիկները կը գտնէր այս լարուածքին մէջ:

Փողոցէն մուրացկան մը ճուաց:

Զայրագին, Պարգեւեան պատուհանէն նետեց միլլիմ մը: Անիկա կ’ատէր մուրացկանները, իր կարծիքով, իրենց դէմքին անտանելի տգեղութեանը պատճառով: Ուրի՞շ՝ իրականութիւնը: Ո՜վ գիտէ: Անիկա պաշտօնական մուրացկանն էր սեռին ու կը նեղուէր մտապատկերին բոլոր ճամբաներէն:

Էգ, թշուառ այդ սողոսկումը ձայնին խռովե՞ց աւելի թշուառ սա խղճմտանքները: Փողոցը հագաւ իր պարապութեան իմաստը: Դէմի պարտէզին մէջ լռեց շարժումը: Նոթաներուն գլանիկը ինկաւ գետին ու չոր՝ հեծկլտաց:

Իրա՞ւ: Դուք ոչի՞նչ գիտէք:

Ընկրկեցաւ:

Հա, հա՛, հա՜:

Կտրուկ, դաժան, տարօրէն խիստ էր անոր արտայայտութիւնը: Ճեղքուած՝ ձայնը:

Կ’ուզեմ, որ չընդմիջէք զիս:

Պոռացած էր գրեթէ: Որո՞նց սակայն այդ հրաւէրը, երբ ոչ ոք մտքէն անցուցեր էր ատիկա:

Ապրումին արագութիւնը պատճառ է այս կարգի կայծակումներու: Ջիղերը, մեծ ճնշումներու ատեն, կը նմանին առաձիգ թելերու: Փրթելէ առաջ կ’երգեն ու մենք հասկնալ կը կարծենք խուլ այդ շրշիւնը, միշտ մեր սլաքին ներքեւ, մեր ուզածին պէս: Անիկա կ’ապրէր ներսէն ինչ որ պիտի թափէր, ծրագրած էր թափել դուրս: Ու կ’ապրէր ուժգին, լայն լողումով: Այնքան միասին էր եղեր գրագէտին իմացականութեան հետ, որ օրինական էր, անզգալաբար, մտավայելքի անոր եղանակը անգամ, ու կը խօսէր ինքն իրեն, իր հարց-պատասխանին տանելով, աստուածային այլուրութեամբ, գրագէտին անզգածութեամբ, երբ ասիկա բառերով կը նուաճէ ուրիշներուն կեանքը:

Նա՛խ…

Կեցաւ, ամփոփուելու ձեւի մը մէջ, ինչպէս դիտեր էր Պարգեւեանի վրայ այնքան յաճախ: Գրագէտը սովոր էր այդ յատկանշական ընկրկումին, ձա՞յն, թէ թոյն հաւաքելու շարժումը դէպի ետ խոյանալու համար, կրկին դէպի առաջ, ընկրկումէն ստացուած թափին կշիռովը:

Նա՛խ, պէտք կը զգամ ձեր ուշադրութեան ենթարկելու ահաւոր, միակտուր, անճառելի կոպտութիւնը, որ կը կոչուի Օրիորդ Մելինէ:

Ինչ արագութեամբ բառերը եղան քիչ առաջուան ընդհանուր, քիչիկ մը արու իրենց գոյնէն, ըլլալու համար չոր, էգ, նախանձէն «կապուտ» հոգիի կտորներ, որոնք թափելով գետին՝ կը պաղին հետզհետէ ու կը շինեն մարդոց պատկերները, անոնց իրական, տեսակարար արժէքը: Մենք չենք կրնար մոռնալ այդ կտորներուն լեզուն: Օրիորդ Սոնա Գոհարեան թաւշապատ ատելութիւնն էր այդ պահուն: Անիկա շարունակեց.

Որ պատի՛ւը, ի՛նչ կ’ըսեմ, փառքը, ի՛նչ կ’ըսեմ, վեհափառութիւնը ունի ձեր տունին մէջ իր «թագուհիութիւնը» պատմուճանելու:

Իր բառերը անդին էին նախանձէն ու իգութենէն: Զուր տեղը չէր, որ աշակերտն էր Պարգեւեանին: Իրազանցումը, ատոր ընդունակ ըլլալը մեր մխիթարութիւնն է երբեմն: Անսնունդ ճպուռները նուազ երջանիկ չեն, քան մշտանօթի մրջիւնները:

Պիտի լռէք:

Ձայնը վերցած էր աստիճան մը աւելի: Ընդմիջո՜ղ չկար անշուշտ: Բայց անիկա կը տեսնէր ատոնք: Այնքան մղումը հզօր էր իր մէջ ու վախ ունէր առիթը փախցնելու, մէկ անգամ ընդմիշտ պարպելու իր ներսը:

Ու պիտի լսէ՜ք ինծի:

Ու ներդաշնակ, խմուելիք բան մըն էր, ակնթարթի մէջ հէնք փոխող այս ձայնը հիմա (վասնզի մտածեր էր իր վրայ), որուն մէջ բառերը կը կորսնցնէին իրենց վիրաւորիչ, անկիւնոտ տարրերը, ըլլալու համար ջերմ, սիրաւէտ բան մը: Կարգ մը կիներուն յուռութքն է ատիկա: Քանի բարկանան, այնքան անդիմադրելի կը դառնան, հերիք է, որ յուզումին լարը չանցնի ուրիշին մարմինին ու մնայ խարսխուած իրենց խորագոյն ալքերուն ծոցը: Զգլխանքը, թէեւ ցանցառ, բայց իրողութիւն է՝ ինչպէս սրբութիւնը, նահատակի արիութիւնը:

Ի՞նչ իրաւունք ունի, անսահման իր բոպիկութեան, գիւղացիութեան, անյատակ իր տգիտութեան մէջ այդ հերարձակ ոչնչութիւնը զիս ծաղրելու, ու ոչ՝ զիս նախատելու:

Շո՞ւնչը քիչ կու գար, թէ անգիտակցաբար կ’օրինակէր հռեռոորը, որուն դիմախաղը, մարմնաշարժքը, բառական ու ձեւական ճօճումները կաղապարուած կը ցայտէին վրայէն, անթերի հարազատութեամբ: Սուր ու կերպընկալ անոր իմացականութիւնը տարիներէ ի վեր կրեր էր այդ ամէնը, ամէնօրեայ շփումով ու իւրացուցեր, անքակտելի բնականութեամբ: Օրիորդ Սոնա Գոհարեան անպարագիծ հիացում ունէր Սահակ Պարգեւեանի գրականութեան: Պարապ տեղը չէ, որ ամէն տղայ բանաստեղծ է քիչ մը, տասնըվեցին ու աւելի կանուխ: Պատանութեան զգայութիւնները ամէնէն խոր քանդակուածներն են մեր զգացական տաճարի կամարներուն: Տասնըհինգամեայ պարման, գրագէտին բառովը՝ պարմանուհի, անիկա տարուեր էր գրագէտին փարթամ անձէն, նմանելու համար մօրը. ուրիշ կիներու ու միւսներուն, տարեկից ու յիմար, երբ անոր գիրը կը յափշտակէին իրարմէ: Տարուեր՝ խոր, մագնիսող անոր աչքերէն, որոնք բոլորէն տարբեր հեղումով կ’ողողէին անոր հոգին: Տխո՞ւր, պատրանաթա՞փ, հեռո՞ւ, «ի՜նչ գիտնար», այդ աչքերը ունէին բան մը, քաղցր ու խոնաւ, որ կը շոյէր, կը լզէր, կը բանար, կը քալէր միշտ դէպի ներս: Ոմանց մօտ ձայն է, ուրիշներու մօտ՝ դէ՛մքը, հեղինակը այս հմայումներուն: Անիկա, այս սկիզբի օրերուն, դպրոց գացած ատենն անգամ հետը կը տանէր անոր աչքերը, անջատ անոր դէմքէն, ու կը տանէր նախանձով ու լալով վախէն: Որքան մտածեր էր անոր նորբաց ուղեղը՝ գտնելու համար կերպը, որով արժանաւոր ըլլար անիկա ընդունելու խուլ, յստակ, բայց անհպելի կրակը, որուն ծարաւն ունէր անոր նորազարթ էութիւնը: Յղութիւնը կարգ մը զգայարանքները կ’աւելցնէ կիներուն: Հոգեկան յղութի՞ւնը: Եղած են ատոր ալ փաստերը: Ժողովրդական հաւատք մը, տարիին մէջ որոշ օր մը, ընկուզենին կ’ընէ մարդկօրէն զգայուն, որպէսզի անոր կոճը առնէ իր հիւսուածներուն մէջ նկարը իր շուքին յամող կամ շարժող շնչաւորին: Փայտին նեարդներուն մէջ կաղապարուած այս տարօրինակ լուսանկարը թէեւ խիստ հազուադէպ, չի դադրիր հանդիպելի ըլլալէ ընկուզենիին կարգ մը ուռերուն մէջ, թերաuտուեր, բայց ամբողջական գծագրումով մը: Երբեմն մողէզ մը, երբեմն օրանին կիսագլան խողովակը, որուն վերեւի մասին մանկան մը գլուխը կը հիւսուի թեւերուն կա թին մէջ։ Երբեմն հարսի մը կիսանդրին կը կարդան մարդիկ այդ ուռերուն coupeին մէջ։ Նմա՞ն՝ մեր հոգին, որպէսզի յարահոս իր ջուրերուն վրայ ուռկանէ դուրսին խտղտուն շլացքը, բայց սեւեռէ զայն անջինջ ու ընդմիշտ։ Թերե՜ւս... ։ Գրագէտէն հոսող այդ խռովքն էր պատճառ, որ մօրը հակառակ, կարդար անոր բոլոր գրածները, երեք-չորս անգամ, իր սենեակին մէջ, ու կարդար բարձր, ձայնին տալով հեղինակին շեշտագիծը, ծաւալը, կշռոյթը։ Ու կը դողար, ինչպէս կ’ամչնար՝ ըրածին իմաստին առանց իջնելու։ Սէ՞ր։ Անիկա պիտի զգար անդրանիկ խոցն ալ անոր, եղերական առտուն, երբ մօրը հետ պիտի փախչէր անոր ետեւէն, քայքայուած, մահու չափ ատելով այդ մայրը, բայց լռելով։ Յետո՞յ։ Թողէք, որ կեանքը հոսի, պարապին մէջ ու չտեսնենք ամէն բան։ Այս ազդեցութիւնն էր պատճառ, որ մատաղ աղջիկը այնքան հարազատութեամբ իւրացուցած ըլլար գրագէտին արտայայտութեան բուռն, հատու, վիրաւորիչ կարծրութիւնը։ Աւելի յետոյ, ըլլալով աղջիկը իր մօր, կատարելապէս գիտակ գրագէտին հոգեկան անպարագիծ ամայութեան, մօրը նման չկարենար ազատել ինքզինքը անոր հմայքէն։ Ու տարուէ տարի, ամրանար իր խեփորին մէջ։ Երբ խօսէր, մա՛նաւանդ վիճաբանէր, ինքնաբերաբար անիկա կը գտնէր ջերմ ու փաղաղիչ շեշտը գրագէտին պարսաւին։

Մայրը մտաւ ներս։

Ննջասենեակէն առեր էր աղջկան ձայնը։ Ահաբեկ՝ վասնզի կը հաւատար Մարանին, Իշխան Պօղոս Արծրունիի հեքիաթին. հազիւ ատեն գտաւ, ինքզինքը հաւաքելով, վազելու «տեսարանին»։

Այս մուտքը, րոպէ մը, թուեցաւ կասեցնել բախումին թափը։ Երկու այրերը իրենց պիրկ ունկնդրումէն քակուելու պէս եղան։ Կր սխալէին։ Սոնան, փոխանակ իջնելու.

Ոչ միայն այդքան։ Ուղղակի աղաղակ մըն էր նետուածը։ Ո՞ւժ կ’առնէր մօրմէն, թէ ինքզինքը կ’եռապատկէր։ Ան չտեսաւ կատարելապէս տեսած էր ամէն բան մօրը աչացի, ողորմուկ նշանները ու շարունակեց.

Ատ ձեր Օրիորդ Մելինէն կրնայ, ու, ազատ ալ է, ձեր ուզածին, ներածին, հասկցածին պէս վարուիլ ձեր անունին ու վարկին հետ։ Կրնայ, միշտ ձեր արտօնութեամբը, ձեզ յայտարարել «մինակ իրը », իր «առարկան», իր «ապրանքը», ինչպէս կը պոռպռայ «թագուհիի» իր բերանով։ Ու կրնայ կատղիլ նոյնիսկ, ձեզ սպառնալով տունին մէջ վանդակել։ Ատ միշտ իր իրաւունքն է, քիչ մըն ալ անշուշտ ձեր գիտնալիք բանը, ձեր գիտցա՜ծ բանը։

Ակնարկութիւն, չարութիւն, վիրաւորուած արժանապատուութիւն, աւելի խուլ ուրիշ բաներ, դէպքերուն կամ տեղերուն համար կու գան մեր ձայնին կամ կ’անցնին անոր մէջէն։ Խօսքին նետը աւելի սուր է, քան աղեղինը։ Ինչո՞ւ չէր ընդմիջեր զայն Մինաս Մարանը, երբ շունչ առնելու թէ մտածումները դասաւորելու համար, աղջիկը իբր թէ ամպիոնի մը վրայէն, կը քալէր ետ ու առաջ, անգիտակցաբար կրկնելով գրագէտին շարժումը, բեմբասացութեան ատեն, վեհափառ ու գեղեցիկ, բառին կրակին մէջ հալեցուցած ամբողջ շարաւանքը իր անցեալին ու քուրայէն նոր ելած ոսկիի մը նման վիրաւորելով խղճմտանքները։ Խօսքին հմայքն է ատիկա։

Մինաս Մարանը, այնքան խելացի, լեզուանի, անդիմադրելի՝ այրերուն դիմաց, դառն փորձերու դասը ունէր իր պահեստին մէջ, կիներու հանդէպ, բառի կրկէսէն։ Քանի տարի է, անոր բնաբանն էր եղեր չմտնել երբեք խօսքի կռիւին, որուն մէջ անոր պարտութիւնը, անխուսափելի՝ քանի որ երես ելած կինը Աստուծմէն չի վախնար, չի նրբանար, չի դառնանար, զինքը զատելու չափ աշխարհին համերէն, պատճառուած ըլլալով իրմով բարերարեալներէն։ Այս կռիւները պարբերաբար ծայր կու տային, երբ աղջիկները, այսինքն՝ իր ձեռնասունները հասուննային ու բռնանային։ Անիկա սարսափով կ’արտասանէր խորհրդաւոր իր բնաբաններէն մէկը։ «Երբ կիները ելլեն լեզու... »: Միշտ պարտական, անոնց մարզէն, անիկա կը լքէր ճակատը, ու կ’անցնէր ետեւ, հեռուէն պաշարող իր միջոցներուն առատութեանը վստահ։ Աղջիկներու հետ կռի՞ւ։ Ուղիղ յիմարութի՜ւնը։ Սոնայի՞ն հետ։

Բայց ո՞վ է այդ ջլդիկին կտորը, որ մոռնայ այնքան շուտ իր անցեալը, լուացարար իր մայրը:

Կեցիր հոդ, պոռաց խռոված գրագէտը, որ աղքատութեան հանդէպ ունէր խոր յարգանք, ու յիշատակը՝ սպասուհի իր մօրը։

Սոնա, անարդար ես, աւելցուց մայրը, որ յաճախ, իր մենիկ լացերուն մէջ, նախանձով դիտեր էր լուացարար կինը, չորս զաւակներով, գինով էրիկով, բայց կ’ուտէր իր հացը, խաչակնքելով, օրհնելով Տիկինը, Արարիչը, էֆենտին . Պարգեւեան), մաղթելով բոլոր աշխարհին սէր ու ըռինտութիւն։

Ո՛չ, մամաս, ո՛չ, գիտեմ ըսածս։

Անարդար ես։ Աղքատութիւնը ո՛չ մեղք է, ո՛չ ամօթ։

Բայց սի՞րտը, աւելցուց, փղձկելու մօտ յուզուած։

Սե՞ռը։ Անշուշտ թէ՛ մեղք է, թէ՛ ամօթ։

Արա՛գ, ակնարկութիւնը ըրաւ թափանցիկ Սահակ Պարգեւեանին։ Բայց, ընդոծին իր վատութիւնը արգիլեց գրագէտը միջամտելէ։ Անիկա կը վախնար իր հաշուոյն։

Ես չեմ կրնար հանդուրժել, որ մոռնայ անիկա իր մայրը, քանի որ այդքան լաւ գիտէ ուրիշներուն մայրը նախատելու ատեն շատ աւելի ստորին, վիրաւորիչ բառեր գործածել։

Ակնթարթի մէջ երեքն ալ «հոն էին»։ Ու ողորմելի՝ Տիկին Գոհարեա՜նը, նոյն ատեն մայր ու սիրուհի։ Կրակէ անցած ապակիին նման անիկա գոյն առաւ ու տուաւ ու հարուածին ուժգնութիւնը զգալի էր այտերուն ալ վրայ, որոնք խոնարհեցին իրենց աչքերը գետին։ Սահակ Պարգեւեան շունչէն կը նեղուէր:

Անիկա իրաւունք չունի ձեզմէ գտած երեսը գործածել ուրիշները անարգելու, լրբութեան սա «լայնքով», ինչպէս գրած էր օր մը Սահակ Պարգեւեանը, շփացած գրողի մը հասցէին։

Անոր իւրաքանչիւր բառը կը դպէր, հետզհետէ աւելի խիստ, վասնզի կու գար «բեռնաւոր» մօտիկ կռիւէն, դեռ չպաղած ուժգնութեամբ մը ու «հարուստ՝ ներքին բովանդակութեան չափ», պարագայական «համով»։ Երկու աղջիկներուն վէճը եղած ըլլալու էր չափազանց բուռն, գրեթէ անդարմանելի բեկումով, քանի որ խօսքին աճումը, երկարաձգումը կը գրգռէր զայն հետզհետէ։ Իրականութեան եւ անոր բառերով արտայայտման մէջ այս օրենքը խորունկ հետեւանքներ գուշակելի կ’ընէ։ Երբ հաշտուելու, «թաղելու համար կը վիճինք, քիչ-քիչ կը զգաստանանք մեր հեղումէն։ Դէպի կործանում, աղէտ, մեր կիրքը կը նուաճէ մեր բառերը ու կ’աճինք ներսէն ու դուրսէն։

Գիտնալու, գիտնալու էք սակայն, որ ամէն կին Տիկին Մարի չէ։

Անակնկալն էր ասիկա։ Մինաս Մարանին վռնտուած կինը ո՞ր ճամբով կը մօտեցուէր Սոնա Գոհարեանին կամ անոր մօրը։ Մեկ հատիկ այդ բառով, բախումը կը ստանար նոր երանգ ու թաւալ։

Վա՜տ, լո՛ւռ՝ գրագէտը։

Մայրը փորձեց միջամտել.

Քեզի ինչ, աղջիկ, ամէն ոչխար՝ իր սրունքէն:

Ինծի ի՜նչ։ Բայց մամաս, գիտե՞ս ինչ կ’ըսես։ Յետոյ, շատ կ’աղաչեմ, որ չընդմիջես զիս։ Բաներ կան, որ երկու անգամ չեն ըսուիր կեանքի մէջ։

Կեցաւ անիկա նորէն։

Անիկա ողողուածի պէս էր, դալուկ գոլով մը, որ դէմքէն չէր բխեր։ Անոր բառերը, կպչուն կազերու վերածուած՝ կը մնային անոր ոլորտին մէջ։ Ու փաթթուած անտես այդ շղարշին մէջ, անիկա սորվըուած բան մը պատմելու տպաւորութիւնը կու տար դուրսէն դիտողին։ Նա ունի,

Դերասա՜ն, պիտի մտաբերէր զայն թեթեւ ճանչցող ու հասարակ ականատես մը։

Սահակ Պարգեւեան տուած բարձին, խորասոյզ՝ իր երազին ուրուաձեւին մէջ, դուրս էր գրեթէ վէճին անմիջական, իրական մթնոլորտէն, տարուած՝ Սոնային զգեցուցած փարթամ ու թրթռուն պատմուճանով։ Մենք ենք, որ կը տեսնենք, ոչ թէ ուրիշները՝ որ կը տեսնուին։ Ճիշդ է ասիկա, բայց ճիշդ է երբեմն միւս ձեւն ալ, որով կ’այլայլին պատկերները կիրքին հեղումով։ «Կիսամեռ մարդն իսկ կրակ կ’առնէ անոր լեզուին տակ», կը խորհէր գրագէտը ու կ’երազէր երրորդ արարին հռչակաւոր տեսիլը։

Կը բաւէ, Սոնա, նայէ ինչպէս կը դողաս։

Մտիկ չըրաւ անիկա մօրը։ Չէր կրնար։ Կռուայոյզ, կէս մը առաջ հակած, թոքը լիովին պարպել կարենալու համար, որպէսզի իր բառերը ստանային անհրաժեշտ կորովը, չարութիւնը, «արիւնը», աւելցուց:

Ես, սանկ ու նանկ ճարուած, կեղծ որդեգիր, տեղ ու ծագումով անծանօթ, հիմնովին գռեհիկ ու այդքան լրբօրէն «ծաղիկ» աղջիկէ մը արժանի չեմ ստորնանալու, մա՜ յր։

Կուլ տուաւ բա՜ն մը, թո՞ւքը, թէ ամօթխածութիւնը։

Քու աղջիկդ կ’ամբաստանուի...

Կեցաւ։ Մատները բռներ էին ուժգին, իր կոկորդը։

Ու կ’ամբաստանուի իրեն հայրագիր, մեր տունին բարեկամ սա մարդուն հետ։

Գրեթէ մեռած՝ ցոյց տուաւ անոր մատը Մինաս Մարանը։

Վեհափառ գրագէտը ոտքի էր վերջապէս։

Ցեխաղի՛ճ, գոռաց անիկա, բռունցքները զարնելով բազմոցին կռնակին։ Չէր հեւար, մոռցած ըլլալով շունչը:

Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Ստեփանոս...

Տիկին Գոհարեանն էր, իզմիրցիներուն մէջ ընդհանրացած այդ բացագանչութիւնը (անոնց եկեղեցին կը յորջորջուէր այդ անունով), զարմացական՝ ինչպէս պաղատական, անզգալաբար գտնելով։

Մինաս Մարա՞նը։

Լո՛ւռ։ Շլմորած՝ վեհափառ զայրոյթէն, որով գրագէտը ժայթքեր էր ինքզինքը այս վէճին վրայ:

Բայց, ամէնէն եղկելին, ինքը՝ Օրիորդ Գոհարեանն էր։ Դեփ դեղին, անիկա կը դողար մինչեւ իսկ «մազերէն», ինչպէս դիտեց անոր մայրը։ Բայց այս տեղատուութիւնը տեւեց քիչ։ Յուզումին կոհակը կը վերադառնար, աւելի ուժգին, ողողելու, սրբելու այդ տկարացումը։ Ինքն իրմէ դո՞ւրս։ Գրեթէ։ Ու տարօրինակ էր զարկը անոր ձայնին, երբ պոռաց.

Լսեցէք, պարո՛ն պանդոկապետ, ինծի չ’իյնար հայելի մը բռնել ձեր հոգիին դէմ։ Այդ հայելին արդէն ինկած է ձեզմէ դուրս, շատ ուրիշներու ձեռքով։

Նախատինքը, երբ գործ ըլլալէ աւելի մտածում է, թեթեւ կը ճնշէ։ Ատ էր պատճառը թերեւս, որպէսզի անարգուած «բարերարը» բանար բերան ու հարցնէր։

Ի՞նչ ըսել կ’ուզէք։

Պիտի իմանաք։ Պիտի իմանաք՝ ինչ որ դեռ չեմ համարձակած ըսելու ձեր երեսին։ Գիտեմ, որ ամչնալու չէք զիջանիր, ինչպէս կը պարծենաք ձեր շրջանակներուն մէջ։ Ու ձեր կինը դատապարտելու համար՝ ձեզմով ապրող ձեր արարածներն ալ չեն զիջանիր այդ բանին։ Ու ձեզմէ սորվելով, չեն զիջանիր ամչնալու ծախուած աղջիկներ, որոնք ձեր տունին մէջ կը մնան բռնի ու կը գրաւեն տեղը ուրիշին։

Օրիորդ, ես պատիւ ունիմ։

Ի հարկէ, բացայայտ է ատիկա։ Ամբողջ գաղութը եւ օտար ականաւոր անձնաւորութիւնները գիտեն ատիկա։ Ի հարկէ ձեր փոխանակագիրները չեն մերժուիր պանքաներէն։ Ձեր հացը չի մերժուիր առաջնորդէն։ Ձեր ըմպելիները չեն մերժուիր այս գաղութին ծաղիկը կազմող զարգացած, «մտաւորական» երիտասարդութենէն։ Կ’օրհնւին ձեր բարերարութիւնները ու թերթերը, մեր թէ օտար, դրուատիք ունին ձեր կարողութեանց ու երկրին՝ ինչպէս մեր համայնքին մատուցած ձեր ծառայութեանց մասին։ Դուք էք հանդէսներու եւ ներկայացումներու անզուգական դամատա ն, թատրոններու մէջ ձեր օթեակը կը հագնի բացառիկ իմաստ ու բոլոր արուեստագէտները ձեզ կ’ընդունին իրենց անզուգական պաշտպանը։ Ու բոլոր երգչուհիները հիւր կ’ըլլան նախ ձեր պանդոկը, յետոյ ձեր վիլլան։ Էջեր չեն բաւեր՝ արձանագրելու համար ձեր բարեգործութիւնները։ Ոչ իսկ մէկ սեւ տո՜ղ, որ յանդգնէր ստուեր ածելու ձեր արտաքին համբաւին։ Ուրիշ ի՞նչ է արդէն պատիւ ըսուած բանը այս ժողովուրդին մէջ։

Ապերախտութիւնն ալ պատիւ մըն է հիմա։

Որո՞ւ կ’ուղղէք այդ մեղադրանքը։

Անոր ձայնը ելած էր բոլորովին կոկորդին սահմանէն։ Այդ ճիչով անիկա կանխած էր վրդովումը մայրիկին, որ բացի դաշնակին պատահարէն, կ’անգիտանար գրագէտին ընդարձակ մակաբուծութիւնը ու հպարտ գիտէր ինքզինքը, քանի որ ապրեր էին առանց ուրիշին «ճիտ ծռելու»։

Մինաս Մարանը անճարակ կու գար դուրս։

Ո՞ւր՝ այս մարդուն համբաւեալ տաղանդը «գէշ քառորդները» եղի պէս հալեցնելու։ Անճարա՜կ։

Ի պատիւ իրեն պէտք էր աւելցնել, որ անիկա առաջին անգամ գործ կ’ունենար այսքան բարդ կացութեան մը մէջ։ Առատ ու իրենց թանձրութեամբը միայն շահեկան իր արկածներէն դրէք ածականը ոչ մէկը դրած էր զինքը սա դժնդակ «քառորդին» մէջ։ Զգացա՞ծը։ Ո՞վ գիտէ։ Տառապա՞նք։ Բառ է ասիկա, առաձիգ ու անհաստատ, մարդ է մարդ հակընդդէմ նոյնիսկ։ Ո՞ւր՝ այս մարզուն համբաւեալ գերազանցութիւնը։ Ինչո՞ւ չէր անդրադառնար, որ ինք քիչ, շատ վե՜ր էր այդ ապերախտ բերանէն, ամէնէն առաջ՝ անոր տունը նայողի բարերար մեծանձնութեամբ մը։ Կու գա՜յ պահը, երբ օտար տան մը կնիկին կամ աղջիկին սիրոյն թաքնօրէն մեզ պարտադրած մեր զոհողութիւններէն կը սրբենք մեր հաշիւներուն ցանցը, վերարկուն ու կ’անցնինք հակադիր դատումին, մեզ խաբելով արդա՜ր պատրանքով։ Մեր բարերարնե՜րը, երբ Մինաս Մարանին գիծէն զսպանակներով կը շարժին։ Բայց դուք գիտէք անոր հաշիւները Տիկին Գոհարեանին վրայ։ Ու անոր արջու համբերութիւնը։ Ուրիշ ի՞նչ բանի պիտի խորհէր անիկա տունէ մը ներս, ուր աղքատութիւն, գեղեցկութիւն, մեղք ու վայելքի ծարաւ կու գային առաջին գիծի, քան անոր աղջիկին. ի՜նք՝ որ Արեւելքի արքաներուն պէս կին կը փոխէր։ Մի մոռնաք, որ այս պատմութիւնը կ’անցնի Եգիպտոս։ Ու մի մոռնաք, որ մեր պատմութեան վերջին դարերը բազմակին քաղաքակրթութեան մը համատարած ճնշումով հոլովուեցան։ Աւելի մօտ շրջանի մը, մեր ամիրաները, Պոլիս թէ Գահիրէ, վայելքի ձեւին մէջ խտրութիւն չըրին, երբ իրենց մեծագործութիւնները իբր պատուար զետեղել ջանացին ընդմէջ ցեղին բարքերուն եւ իրենց ախորժակներուն։ Անունները, տխուր, բան պիտի չաւելցնէին այդ արժանիքներուն։ Եգիպտոսի մէջ ազգային փառք նկատուող անձերուն մեծ տոկոսը քալած է Մինաս Մարաններու ճամբով։ Ինչ որ անոնց տրամադրելի եղաւ իշխանութեան պողոտաներէն, անոնց յաջորդներուն մատչելի եղաւ ոսկիին ակօսովը։ Վերագրումը չի տարածուիր այն հաստատ, պարզ, «պատուական» դասակարգին, որ օտար ափերու վրայ մեր ցեղին առաքինութիւնները կը յաւերժէ մինչեւ այսօր ու կը պահէ մաքրութիւնը իր առագաստին։ Բայց այս խոնարհ, անմահ խմորը չի կրնար հերքել փարթամութիւնը բոլոր այն մեծ քիչերուն, որոնք Մինաս Մարանին նման չեն զիջանիր ամչնալու, հազիւ կը մնան իրենց ցեղին եզրերուն ու իրենց զաւակները արդէն իսկ հեռացուցած են անկէ։ Ատկէ զատ, մնալով նոյնիսկ սահմանին մէջը իր ժողովուրդին, Մինաս Մարանները չեն մնար անոր զգայնութեան մէջ։ «Կնոջ հանդէպ» մեղքը Արեւելքի մէջ մշուշոտ է քիչ մը։ Այրերը պիտի չզիջանին ատով։ Իրականին մէջ, ի՞նչ է ինքնին կարծեցեալ, փառաբանեալ սա անզգածութիւնը։ Արժէ՛ք ունի՝ բացակայօրէն։ Երբ մեզի կը յաջողուի բացակայիլ մեր մեղքերէն, այսինքն՝ զանոնք դիտել կամ լսել հեռուէն, դիւրաւ կը գտնենք մեր հաւասարակշռութիւնը: Դէմ դէմի՞, անոնց հետ։ Ուրիշ պիտի ըլլայ պատասխանը։ Պէտք է աւելցնել հոս բացառիկ պարագայ մը։ Մինաս Մարանը իր ընկերներուն կողմէ նմանցուած էր այն որսորդին, որ իր կենդանիներուն քիթին կամ ոտքին կ’ապաստանի, քան սեպհական նշանառութեան։ Բացի հեռաւոր, պէյրութեան ատամնաբոյժին աղջիկէն, որ աննահանջ, այսինքն՝ անվերծանելի տգեղութիւնն էր, անիկա գործեր էր միւս բոլորին հետ դեղին իuկանիւթով։ Ձե՜ւը։ Հարկաւ։ Քառորդ դարէ ի վեր, մայր իր զբաղումը կիներու առեւտուրը ըլլալուն հակառակ, չունէր անիկա մէկ հատիկ յաղթանակ, զոր վաստկած ըլլար, «ճակտին քրտինքովը», ինչպէս կը սրախօսէինվայելքի իր ընկերները:

Զո՞վ, օդը։

Անշուշտ։

Բայց թաց էր կռնակը Մինաս Մարանին: Խեղճ, եղկելի, ծիծաղելի։ Ո՜վ անգթութիւնը կիներուն, երբ կ’ուրանան ոչ անշուշտ իրենց մեղքերը, այլ՝ անմեղութիւնը իրենց բարիք միայն կամեցողներուն։ Սոնային վերջին բառերը քայքայիչ էին.

Ձեր պատի՛ւը։ Անշուշտ. այնքան առատ, որ կը յորդի ձեր տունին սեմէն եւ կ’երկարի մինչեւ պարաժ ները [2], նեղոսեան կղզիները, անապատին աւեր մեհեանները ու Սաքքատայի բուրգերը։ Այնպէ՞ս:

Անիկա դրաւ ափին մէկը աչքերուն, կապի նման։ Ճակատը ազատ։ Կու լա՞ր։

Երկու այրերը չափեցին իրար։

Շատ թափանցիկ այս ակնարկութիւնները ո՛ր աղբիւրէն կու գային։ Ո՜վ էր դասատուն: Գրագէտը կը սարսռար, վախնալով նայիլ Մարանին։ Մայրը, զարհուրած.

Սուրբ Ստեփանոս... Սուրբ...

  Եղաւ անդոհոտ լռութիւն։

Չզգացին իսկ շոգեկառքին ժամանումը։ Սուլիչը, պարպուիլը։

Ինչ յոյսերով սկսած օրը կը ստանար չարաշուք դարձուածք։ Ամէնէն պաղարիւնը, նորէն, Մինաս Մարանը, որ փորձեց բերանը բանալ։ Անոր լեզուին վրայ, գունտի պէս կլոր, թափելու պատրաստ, կը դողդղար գերագոյն նախատինքը, որ ռումբի մը նման կարող էր խորտակել ամբարհաւաճ կեցուածքը Օրիորդին ու տապալել ամբողջ այս թուղթէ կայսրութիւնը։ Լռեց անիկա։

Դուրսէն ոտնաձայն։ Ցնցուեցան բոլորը։

Արտակ Գասպարեան։

Սարսափած՝ Սոնան լքեց սենեակը, նոյնիսկ չառնելով բարեւը երիտասարդին, որ երեք տեղէն կարմիր մոմով կնքուած նամակ մը յանձնեց Մարանին ու մնաց լուռ։ Մէկ աչքով հետեւեր էր մեկնող աղջկան, միւսով՝ չափեր տեսարանը։ Տիկին Գոհարեան խելք ըրաւ անոր աթոռ մը հրամցնելու։

Նստեցէք, պարոն Արտակ։

Շնորհակալ եմ։

Չնստաւ։ Վասնզի Սոնային շրջանակին մէջ անիկա կը մանկանար, կորսնցնելով պաղարիւնն ու լրջութիւնը։

Նամակին վրայ իշխանական զինանշան մը կամ ատոր մօտ բան մը, երեք լեզուներով։ Մարանը պատռեց զայն։

Մագաղաթի գոյնով մեծկակ երես մը թուղթ, կէսը տպագիր, տիտղոսաւոր ու նշաններով։

Իշխան Պօղոս Արծրունի։

Այրերը ուղղեցին իրարու իրենց նայուածքը։ Տիկինը, ափ ի բերան, հասկնալու տենդին մէջ տարօրէն եղկելի։

Ինչո՞ւ դուք բերիք այս նամակը, հարցուց Մարանը Արտակ Գասպարեանի, գրեթէ յանդիմանական շեշտով մը։

Պիտի գայի արդէն, պատասխանեց երիտասարդը, առանց անդրադառնալու ըսածին։

Մարանը հանեց ժամացոյցը.

Այս ժամո՜ւս, հո՞ս։

Լռեց. ժամացոյցը կախ՝ մատներէն։

Անոր դիմագիծը առաւ գործի մարդու խստութիւն ու դժգոհանք։ Բանաձեւուած մեղադրանքը՝ յստակ։

Արտակ Գասպարեան, վարիչը ծխախոտի անանուն ընկերութեան մը նորահաստատ մէկ գործարանին, որուն դրամագլուխին ստուար մասը կը պատկանէր Մարանին։ Արտակ Գասպարեան իրաւունք չունէր ուրիշներուն դրամովը դարձող գործ մը այսպէս թեթեւակի բռնելու ու օր ցերեկով, գործատուն ձգած, վազելու... զգացումներու ետեւէն։ Չըսաւ անշուշտ այս նախադասութիւնը, բայց անոր նայուածքէն պարզ էր բանաձեւը մեղադրումին:

Ելաւ ոտքի։ Առանց նայելու աջ ու ձախ, ուղղեց՝ ինքզինքը դուրս։ Անոր հետ կը թուէր դուրս ելլել, Տիկին Գոհարեանի աչքերուն, սիլուէթը Իշխան Պօղոս Արծրունիի, հասած փեսացու ու ապագայ լո՜րտ։ Սահակ Պարգեւեան, մատներուն ծայրովը վար էր ըրած կոպերը, չտեսնելու համար այդ անքանքար երիտասարդը, որ իր յամառ հաւատարմութեամբը շատոնց կը նեղէր դիւրագայթ գրագէտը։ Արտակ Գասպարեան, լուրջ, վճռական, ուրախ՝ Սոնային մեկնումով։

Երբ Մարանին ինքնաշարժէն աղմուկը հալեցաւ մօտիկ հեռաւորութեան մէջ, Սահակ Պարգեւեանին բնակարանը կը դառնար իր մետաղեայ տխրութեան։

Էտինքը սկսած։

Օրը, պատրաստ չուելու։

Սպասուածները՝ նետուած անստոյգ իրադարձութեանց։

Անգա Կէօրկէօվնա, Տիրան Տիրանեան։

Ո՞ւր, ե՞րբ:

Երբ բացաւ անիկա աչքերը, դէմը գտաւ, առանձին, Արտակ Գասպարեանը։

 


 



[1]        Միլլիմ = Եգիպտական ոսկիին հազարերորդ մասը:

[2]   Պարաժ = Գահիրէի մօտ, Նեղոսի ջուրերը խմբող մեծ կառոյց, նշանաւոր իր պարտէզով եւ հաճոյքի խորշերով։