Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ե.

Պարզ ու վերապահ երիտասարդ մըն էր այդ Արտակ Գասպարեանը:

Նորահաստատ ծխախոտի գործարանի մը ընդհանուր վարի՛չը, այսինքն՝ Եգիպտոսի համար մեծ տաղանդի մը իրաւատէ՜րը, ինչպէս նաեւ պաշտօնական սիրահարը Սոնա Գոհարեանին՝ տարիներու գիծի մը վրայ։

Կանոնաւոր անոր դիմագծերը կ’արտայայտէին քաղցր կորով մը ու պարկեշտ վճռականութիւն մը, որ նուէրնէ մեր յաջողութեան, դժուարին տարիներու կողմէ։ Դիմացկուն, բայց համեստ այս կեցուածքը տարբեր է ամբարհաւաճ ու վիրաւորիչ կերպէն, որով կը պարզուին հարուստ ծնած ու մեծցած երիտասարդներուն տուրքերը, մեծ չափով դրամին արգասիք: Կորովի, վճռական, ուղղուած դէպի գործնական հորիզոններ։

Հանդարտ, զուսպ, կոկիկ՝ անիկա աննահանջ աշխատաւորն էր իր «դիրքին», ու գազանազո՛ւսպ մը, ինչպէս որակեց զայն օր մը Սահակ Պարգեւեանը, հիացած՝ ճակատագրին դէմ գազա՜նը անոր կորովէն։ Ու հասած առաջին աստիճաններուն։

Տղա՜ն՝ սնանկ ու ինքզինքը ափարթըմանի մը չորրորդ յարկէն վար նետելով մեռած ակնավաճառիմը, այս իսկ դժբախտութեամբ անիկա սրբագրուած էր պատանեկան խակութեան հաստ ու պոռոտ առատութենէն ու ըրած ինքզինքը մեղմ։ Կը պտըտէր անիկա խոր ու քաղցր տրտմութեամբ մը հովանաւոր, կարծես պահելով մշտագոյ, աչքին առջեւ ահաւոր տեսարանը ջախջախուած հայրիկին, գանկէն կիսուած կապուտի մօտ արեան շղարշով մը զատելով ինքզինքը մարդոց անվախճան հոգերէն։

Այդ հայրիկին ողջուցը, անիկա առած էր ընթացիկ այն կրթութիւնը, որով կը պայմանաւորուի եգիպտահայ մեր երիտասարդութեան իմացական յօրինուածքը, երեքէն չորս լեզու, տոմարակալութիւն, սրատեսութիւն, ճկունութիւն, թափանցում՝ ու մեծ չափով՝ պատռտածութիւն. այսինքն՝ նկատումներու հանդէպ անկախութիւն ու առեւտրական պարկեշտութեան դէմ անպարկեշտութիւն։ Վերջին այս ստորոգումները արդիւնք են մեր բացառիկ, գաղթական ճակատագրին ու, մա՛նաւանդ՝ միջավայրին, որ սեմական խորութեամբ, բարդութեամբ կը կնքաւորէ մատաղ հոգիները։ Պոլսոյ մէջ, դարաւոր ընտելացում մը պատանիները կը կապէ իրենց հօրը արահետին ու ծալք կը ստեղծէ։ Գահիրէի մէջ աւազ է ամէն բան, այսինքն՝ խախուտ։ Ուր ամէնէն առաջ հոգին անոնց, որ հոն են նետուած ճակատագրին թեւերէն։ Անոնք, որ իրենց մատներով կամ ուղեղին ոտքերովը հաց հանեն պիտի հողէն ու օդէն, անոնք պարտաւոր են լայնօրէն մարզել այդ զգայարանքները ու նետուիլ կրկէս, բազմապիսակ մրցորդներու բանակին մէջ ու դիմանալ ամբողջ ջիղ ու կասկած արաբին, ամբողջ խելք ու խարդաւանք հրեային, յոյնին, որ ահաւոր իր ազգայնականութիւնը կը տարածէ իր ապրանքներուն ու շուկային։ Ու դիմանալ տակաւին ամէն ազգի յղկուած ու հզօր բախտախնդիրներու, գործի իշխաններու, անգլիացիին, որ կ’արհամարհէ ու Աղեքսանդրին նման սուրով կը կտրէ հանգոյցները, իտալացիին, որ կը տաքցնէ իր շրջապատը եւ միւսներուն, բոլորն ալ պաշտպանուած մեծ պետութեան մը փառքովը, հեղինակութեամբը։

Արտակ Գասպարեան կարծրացուց իր զգայարանքները, բայց մնաց թերի։ Վասնզի հօրը կանխահաս մահը զայն նետեց շուտով մրցման կրկէսին։ Անիկա ատեն չունեցաւ երկրորդական ուսումը կատար հանելու: Գործնական, նեղմիտ, միայն ու միայն դրամ հետապնդող այդ դաստիարակութիւնը անհրաժեշտ՝ այդ մարդերուն չհասաւ անոր մէջ իր վճռական բիւրեղացումին։ Հացի կարօտ՝ անիկա սկիզբը ըրաւ կեանքին, իր ցեղին մեծատուններուն ընթացիկ ճամբովը։ Քաղաքական պայմաններ, պատերազմին ահաւոր պահանջը մարդու, նպաստեցին անոր։ Զինադադարէն տարի մը առաջ, անիկա իր մուտքը ունեցաւ շատ մը գործերու մէջ, քարտուղար, յանձնակատար, բանակի հայթայթիչներու թարգման, զինուորական առաքումներու եւ գնումներու ճիւղին մէջ ճարպիկ ալ միջնորդ։ Նիւթական այս տենդին կը զուգադիպէր հոգեկան խորունկ խռովք մը։ Անոր երիտասարդութեան առաջին յոյզերը մաս էին առած այդ օրերու մեր ցեղին հզօրագոյն տագնապէն, որ հազարամեայ գերութեան ջնջումներ աւետէր աշխարհի սփիւռներու մեր եղբայրներուն այնքան կանխահաս ու պատի՛ր։ Այդ երիտասարդութիւնը, այդ կայծակումին ու բորբ խռովքին մէջ դարբնուած՝ կը սիրէր իր ցեղը այլապէս խոր, հաւատաւոր ու մոլեռանդ ու տարբեր էր իրեն յաջորդ սերունդէն, որ պատրանքին ահաւոր իր սթափումէն, ինքզինքը գտաւ խորտակւած իր հոգեսիւնէն ու ծռեց մէջքը դէպքերուն հովին։ Հիմա դժուար է իր ազգը սիրելը։ Այդպէս չէր այն օրերուն։ Ու եղաւ անիկա իր ազգին ճակատագրին հետ հաղորդ, այսինքն՝ խանդավառ տղայ։ Մինչեւ Մարանը, անոր դրամով կանգուն գործարանը, ճամբա՞ն, պա՛րզ։

Սոնա Գոհարեանը:

Երբեմն աղջիկ մը վճիռ մըն է մեր ճակատագրին։

Միամիտ, խանդավառ, բայց սեռային մարզէն քիչ մը վեհերոտ՝ անիկա խօսած էր առաջին անգամ Սոնային հետ, այս օրէն տարիներ առաջ, յիշատակի ու սուգի հանդէսի մը մէջ, կատարուած ընդարձակ զոհաւորումով, սուգի եւ բողոքի իբրեւ ցոյց, ապրիլեան մեր մեծ զոհերուն տարեդարձին առիթով։ Որուն մէջ, Սահակ Պարգեւեան, գլխաւոր ատենախօսը, ըրեր էր մէկը իր խորունկ ու հոյակապ ատենաբանութիւններէն, յուզեր՝ հազարաւոր բազմութիւնը, իսկական խռովքը անկեղծ զգացումին։ Անոր բառերուն համատարած կրակին մէջ մարմին կ’առնէին ինկող գրագէտներուն, մտաւոր մշակներուն ու յեղափոխական գործիչներուն սրբազան նկարները, բոլորն ալ տրուած հոյակապ կարկառով, անձնական աղերսին անփոխարինելի իրականութեամբը։ Ու անոր բառերուն մուխին մէջ կը թանձրանար 915ի ամբողջ ողբերգութիւնը, խոր ու սրտառուչ պատկերներու դրուագի մը վրայ, արագ, ուժգին, հեւասպառ ու անհաս, մարդը մինչեւ ընդերքը գալարող։ Պերճախօսութիւն չէր ատիկա, այլ անոր անձին հրթիռ դառնա՜լը, ա՛յնքան՝ որ հասարակութիւնը կը դադրէր ինքն իրմէ, թախծահար իր բեկումէն, խաչուած անոր ետեւէն, յոյսի, երջանկութեան, ազատութեան գերագոյն համապատկեր մը մինչեւ։ Ու կը սիւնէր անիկա մեր հերոսներուն հոգիները իբր հէնքը մեր նոր երազին։ Ու կը գմբէթէր անիկա անոնց զոհողութիւնը կառոյցին վրայ մեր նոր արքայութեան։ Ու կը բուրվառէր իր ծիրանի սուգը դէպի անոնց յիշատակը ու անըմբռնելի մահը, մա՜հը մեծերուն ու փոքրերուն, անուններով եւ անձնական կապին ջերմութեամբը բաբախուն, ոգեկոչելով մեծ ստուերները բոլորին, անմուրատ՝ այս աշխարհին վրայ, խողխողուած այն ճամբուն իսկ վրայ, որուն գործաւորներն էին եղած։ Ու կը սրբացնէր բոլորը, բոլո՜րը, նոյնիսկ անո՛նք, որոնք երազի կատաղութեան մէջ դանակ էին շարժած իր վրայ, հալածած զինքը կիսագունդէ կիսագունդ, անմահ ապաշաւի արցունքներով աւլելով մեր տկարութիւններն ու մեր քէները, մեզ հրաւիրելով պայծառ պատկերին ահաւոր, ցնորեցուցիչ հմայքին, հայ ազատութեան։ Խօսքին զարհուրելի ուժը, կորուստին անպարագիծ ընդարձակութիւնը, հեռուներէն գմբէթուող արշալոյսին ակնախտիղ առքը, մթնոլորտը ու արտէն լսելի յաղթանակին առաջին ղօղանջները, մեր եռագոյն ու մեր նոր Հարստութիւնը խելայեղ բանի մը վերածեր էին այդ սգահանդէսը։ Լացին մարդերը, գրագէտը։ Արտակ Գասպարեան այդ արցունքին մէջէն ու այդ պահին հրթիռէն էր խօսած գրագէտին «շուքը» կազմող Օրիորդին։ Սիրա՞ծ.

Այո՛։ Եթէ այսօր իմաստ մը կայ տակաւին այդ բառին մէջ, աւելի ճիշդ՝ այն օրուան իմաստը։ Վասնզի յետպատերազմեան սերունդը այդ բառին տակ զետեղած է ուրիշ զգայութիւն։

Այդ օրէն, անձանձիր, յիմար, կապուեցաւ անիկա գրագէտին, սրտառուչ, յուսահատեցնող հաւատարմութեամբ մը, իր եռանդին մէջ, քառապատկելով իր դատողութիւնները, ստեղծելով իր խորէն նոր շնորհներ, Պարգեւեանի նախասիրած երակներէն։ Զօրաւոր զգացումներ կ’ընեն այս հրաշքները։ Շուկայի տղայ՝ անիկա կորովով ուրացաւ ինքզինքը, ուր միտքը գերագահ է միշտ։ Հետաքրքրուեցաւ բոլոր այն հարցերով, որոնք գրագէտին տաղանդէն փշրանքներ ունէին իրենց ծալքերուն մէջ, հրատարակութիւն, գրքոյկ, յառաջաբան, թերթ, եւայլն։ Ու երեւցաւ ամէն քիչ-շատհանդիսաւոր առիթի, ուր, ժամանակի տենդը, պատերազմին առաջացուցած անարդար պայմանները, մեր ցեղին հանդէպ ծրագրուած ոճիրը մեզ կ’ընէին նեղսիրտ, լքուն, իրարու դէմ լարուած ու կարօ՜տ։ Կարօտ՝ առնուազն բառերով զբօսանքին։ Այս յարատեւութիւնը, յուզիչ՝ որքան թափանցիկ, շահագործուեցաւ մեծատաղանդ գրագէտին ընկալեալ անփութութեամբ։ Դուք տարտամօրէն ծանօթ էք նեղութեան օրերուն, որոնց մէջ գրագէտը լքուեցաւ իր «յոգնած» բարեկամներէն։ Այդ շրջանին Արտակ Գասպարեանը փոխարինեց պակսող գուրգուրանքը։ Ու անուն չունէր այդ անօրինակ զոհողութիւնը տղու մը կողմէ, որ կ’աշխատէր չարաչար, կը վազէր հո՛ն՝ ուր շահու մը ստուերը դողար, կը բիւրապատկեր ինքզինքը՝ հասնելու համար կարիքներուն զոյգ ընտանիքի, իր տունին՝ ինչպէս գրագէտին։ Ու ըրաւ, ինչ որ կարելի է մարդկօրէն, առանց ծիծաղելի իյնալու, պահելով իր վարկը, զգեստները, մայրն ու քոյրերը, պատշաճ յարգանքի մէջ ու պահելով անյագուրդ փորը մեծատաղանդ մակաբոյծին։ Անսահման էր այս նուիրումը։ Իր վաստակը դրամին առատ օրերն էին անիկա հոսեցուց Պարգեւեանին ոտքերուն, որուն անդարման տկարութիւնը դրամին հանդէպ գաղտնիք չէր անոր։ Ծախսելը հաճոյք է շատ մարդոց. ու աղբի՛ւրը՝ շահին, քի՛չ կշիռով։ Առատութեան այդ մէկ-երկու տարին ուրիշներ սեպհական գործ հիմնեցին։ Արտակ Գասպարեան, տխուր սէրով մը կը հետեւէր մեծատաղանդ այն թերութիւններուն, որոնք Պարգեւեանի ձախողանքը պայմաներ էին, ու կը ցաւէր տաղանդին չափ, անոր տկարութեանց փաղանգին։ Բայց մնաց զգոյշ, յարգալից եւ հլու, մա՛նաւանդ ուղիղ ՝ գրագէտին, ինչպէս անոր ճերմակ «շուքին» դէմ։ Անիկա վայելեց անոր լիակատար համակրութիւնը, անոր շունչին տակ, սորվելով «անօգուտ» սէրեր, ու արժանաւոր, խանդավառ հիացումներ (գրագէտը այս տարազներուն տակ կը զետեղէր գուցէ իր երազները, ուխտերը, ամպարագիծ իր եռանդը, երբ ունէր տարիքը երիտասարդին)։ Անոր քաջալերովը մղուեցաւ խօսք առնելու, զանազան առիթներով սարքուած երեկոյթներու եւ մտերմիկ հաւաքոյթներու մէջ, միջկուսակցական եւ մարմնակրթական մարզերէ։ Կազմակերպեց հայ-արիները, ինչպէս նաեւ գեղարուեստի անունով զանազան միութիւններ, չխնայելով ժամանակ, սիրտ ու դրամ, ըլլալով մղիչ ուժը իսկապէս «անօգուտ» այդ գործունէութեան։ Հանրանուէր ու ազնուացուցիչ ասպարէզ, համաքաղաքացի կեդրոններու մէջ այնքան անհրաժեշտ։ Զոր կ’ուրանան դրամին ծառաները ու ծիծաղելի կ’ընեն անսրբագրելի ազգայինճի ները: Անիկա միութեան գետին մը յարդարեց ընդմէջ պղերգ կամ շահագրաւ անտարբերներու (չըսելու համար չէզոքներու) ու կուսակցական կարգապահ սրտեռանդն զինուորներու։ Հետեւելու համար Պարգեւեանին, չյարեցաւ կուսակցութեան մը։ Ամէն տեղ ու ամէնուն հետ։ Մեր հոգին անարգասիք հող մըն է, արօրէն հեռու։ Մշակեցէք զայն ու պիտի ունենաք ձեր ուզածէն աւելի։ Կապուիլ՝ սահմանուիլ ըսել է։ Սահակ Պարգեւեան այս տարազները հնարած էր իր մեկուսացումը արդարացնելու համար։ Արտակ Գասպարեան կը հաւատար այդ տարազներուն։ Ցոյց տուաւ խելք, սրամտութիւն, անհատնում եռանդ, արուեստի հաստատ զգայարանքներ անգամ, բոլոր այն բաները, որոնք դիւր էին Պարգեւեանի ջիղերուն։ Անիկա իր գիշերները յատկացուց ջութակի, հեռաւոր բաղձանքներով, որոնց մասին զգուշացաւ բացուելէ։ Դաշնակ ու ջութա՜կ։ Հարկաւ։

Սոնա՞ն, այս ամէնուն դէմ։

Օտա՜ր, բոլորովին։

Արտակ Գասպարեան, Պարգեւեանի խողովակովը ըրաւ նաեւ ծանօթացումը Մինաս Մարանին։

Մարդերու անվրէպ ճանաչող, պանդոկապետը, մէկ-երկու շփումով, գուշակեց երիտասարդին ընդունակութիւնները, ինչպէս մատաղատի անոր քրոջը հազիւ սկսած գեղեցկութիւնը։ Անկէ «պաշտպանեալ» աղջիկներուն համար, պակաս պիտի չըլլան արժանաւոր տղաներ։ Լայնքին լարուած իմացականութիւններ առանց հաշիւի քայլ չեն առներ։ Դրամը ամէն մարդու մէջ կը ստեղծէ արքենի, հեռանկեալ զգայարանքներ։ Ու զուր տեղը չէ, որ կազմակերպուած սրիկայութիւնը միշտ կը յարգուի։ «Պատուական» ու «պատուաբեր» ազգայինը, մի մոռնաք, իր տունին մէջ իսկ կը պահէր սրբասուն օրիորդներ։

Ատենը եկած է, որ գիտնաք, թէ ի՛նչ անմեկնելի դիւրութեամբ, քսանամենի աղջիկներ, սանկ ու նանկ ծագումով, իւրացուցած էին գահակալութեան նոր ձեւը, որ պատերազմին ու տարագրութեան փոքրագոյն նուէրը եղաւ մեր աղջիկներուն, պոլսեցի կամ գաւառացի, բախտին հաճ մէկ նայուածքովը ազատած գեհենէն ու ինկած Եգիպտոս։ Պաշտօնական ինքնավաճառումը չէ ասիկա, զգացապաշտ ու յիմար, որ կիրքին կիկլոնին հնազանդ, պիտի քշուի գռիհէ գռիհ, մինչեւ որ հիւանդութիւն մը խարանէ զանոնք: Պազարի ապրանք, մարմի՜նը այդ յիմար կոյսերուն։ Ա՛յլ, տիրական նուաճում մը, գործադրուա՛ծ՝ անվրէպ տաղանդով վասնզի ամէն տեղ պսակուեցաւ յաջողութեամբ խոր ու հսկայ մարդերու վրայ, ձեռներէց ու կազմակերպիչ այրեր ասոնք՝ որոնք մեծատարած հարստութիւններ էին հիմնած իրենց կորովի տարիներուն ու վաթսունէն ետքը։ Մանուկի նման, ինկած թափին տակը պարմանի այդ շնորհներուն, հերքելով իրենց վաստակաւոր, դարաւոր նախանցեալը, իրենց թոռներուն ալ տարիքէն պակաս այդ աղջիկները առնելով ներս իրենց պալատներէն իբր սենեկապանուհի, դուք ճշդեցէք, թագուհի, ենթարկելով այդ նորաձեւ գերուհիներուն իրենց կիներն ու տղաքը, եկեղեցիին պատգամը ու ազգին խղճմտանքը։

Ի՞նչ էին հաշիւները Մինաս Մարանին, հիմնելու համար ծխախոտի նոր գործարանը։ Մարդիկ թափանցել կարծեցին, մեկնելով տարիքէն, վի լայի Մելինէին մատակ կատաղութենէն, Գասպարեանին խորապէս հրապուրիչ քրոջմէն։ Ո՜վ ինչ գիտնայ։ Ոմանք ուզեցին օգտագործել խորունկ նախատինքը իբր հակազդեցութիւն-, որուն ենթարկուեցաւ Սփլանտիտ պանդոկին տէր ու տնօրէն Մինաս Մարանը, ծխախոտի իշխանի մը կողմէն, երբ համարձակած էր այս վերջինը Մարանէն յանձնարարուած արարած մը վիրաւորել, շնական խորամանկութեամբ մը թելադրելով դժբախտ երիտասարդին վերադառնալ տուն ու իր քոյրը ղրկել իրեն տեղ, որուն համար Մարանէն աւելի հոգածութիւն կանխաւ ապահոված էր յայրատ ծերունին։ Մինաս Մարան նախատինքին պատասխանեց նոր գործարանով։ Ունինք այս ձեւերը, վրէժ լուծելու ուրիշին վարկէն կամ համբաւէն։ Իրար չքաշելու, իրար կործանելու այս ոգին է, որ մեզ ըրաւ յիմար՝ օտարներու շահագործումին լքելու չափ հսկայ, յաջող ճարտարարուեստներ։ Բաքուն եւ Գահիրէն փաստ է այս տրտում առաքինութիւններուն։ Ինչ ալ ըլլան հաշիւները Մարանին, իրողութիւն է, որ ձեռնարկը եղաւ բախտաւոր։ Երիտասարդ անոր վարիչը նետուեցաւ անոր յանձանձումին, քսանապատիկ կորովով։ Անիկա, ամէն մարզի երեւան բերած իր յամառ, հետապնդող պարկեշտութիւնը դրաւ ի սպաս նոր գործին, ընդարձակելով, ճիւղաւորելով, իր՝ ինչպէս ապրանքին վարկը արժեւորելով արտակարգ եռանդով։

Կան կարգ մը գործեր, որոնք գործաւորը իրենք կը կաղապարեն։ Նախնական առուտուրի ճարտարարուեստ մը ստեղծելը կապւած է հզօր տուրքերու կրկէս իջնելուն։

Նորահաստատ գործարանին վարիչը, այդ իսկ շնորհով, կ’արժէր աւելի, քան ընթացիկ միութիւնները, որոնք, երկար ատեն, ազատական ասպարէզներու փառքերը նկատուեցան մեր մէջ ու կազմեցին փնտռուած, հազուագիւտ փեսացուներու երանեալ դասակարգը, պատերազմէն բաւական առաջ, պանքաներու մարզէն սանկ ու նանկ տիւաններու պետերը ատոնք՝ որոնք ուրիշներուն դրամները կը հաշուեն, մեծ տետրակներու ճերմակ դեղնութիւնը կը ճարեն իրենց փափկացած մորթին ու աղջիկցած մատներուն, հագուելով կոկիկ ու հանդարտ, մտածելով պարկեշտ ու լուրջ, օծուն ու ժպտուն, մինչեւ որ վերածուին տարտամ, ջնջուած արարածներու, ո՛չ աջ, ո՛չ ձախ, «շնորհուած» կապ մը պահելով իրենց ցեղին հետ, երբ ազգային գործերու փառասիրութիւնը ժառանգած են ատենին կատաղի հայրենասէր իրենց պաշտօնեայ հօրմէն, կամ լքելով, ուրանալով հիմնովին իրենց ցեղը, երբ ճիզուիթական կամ ամերիկեան խողովակէ ինկած են պանքան պզտիկուց ու, աճած անոր բորբոսին մէջ, չորս անգամ աւելի հրեայ, քան վաւերական ճուհուտը։ Եգիպտոսի մէջ շատ ալ ցանցառ չեղան անոնք։

Անիկա աւելի կ’արժէր, քան այն պաշտօնեաները, պետական տիւաններու երջանիկ ուռեցքներ, հնդկահաւ ու առիւծ նոյն ատեն, արաբ ու եւրոպացի, որոնք տնտեսող իրենց տուրքերով, հիմը կը դնեն իրենց դրամին, ապրելով ֆուլով սանկ տաս մը տարի, մինչեւ որ ամսականները վերածուին տունի, տունը՝ ափարթըմանի ու կազմւի ազգային վարկը։ Անոնք պիտի ամուսնանան «եղոտ» կտորներու, պիտի հասկնան փորէ ու մտքէ, պիտի ապրեցնեն իրենց զաւակները պարտադիր միջակութեանը մէջ իրենց իմացքի հորիզոնին ու պիտի պսակեն իրենց փառասիրութիւնը ազգային պաշտօններու աղաչուած թեկնածութեամբ, սկսեալ «եկեղեցւոյ» հոգաբարձութենէն մինչեւ թեմականի անդամակցութեան գերագոյն փառքը։

Անիկա կ’արժէր աւելի, քան մեծահամբաւ տուներու, դարձեալ խոտին մարզերէն, մեծահամբաւ տնօրէնները, որոնք անգամ մը առուի ինկած իրենց գործերը կը վարեն խելքին, թաթին ու յիշոցին տակը մենծ-աղա փաթրոններուն, հանդուրժելով նոյն ատեն բաւական տխուր բաներ։

Զարգացա՞ծ։

Իր ընկալչութիւնը, Պարգեւեանին դիւր գալու համար կանխապատրաստ իր նուիրումը ըրած էին բաց անոր ականջները քիչ մը ամէն բանի։ Ցերեկները՝ գործին։ Իրիկունները, մինչեւ գիշերին կիսերը, անիկա յատկացուցած էր միտքին։ Խայտաբղետ քաղաքը, ինչպէս են մա՛նաւանդ Արեւելքի մեծ ոստանները, կը սորվեցնէ կեանքին մէջէն, մարդերու վրայէն շօշափելի ընծայելով ապրելու մեծ ուսումին հիմնական, դժուար յեղելի օրէնքները։ Շուկայ մը երբեմն աւելին կ’ըսէ, քան տնտեսական ուսումներու մատենադարան մը։ Անիկա իւրացուցած էր թերթերու՝ ինչպէս ատենախօսութեանց դիւրին իմաստութիւնը, շինելով իրեն համար իմացական հաւասարակշռութիւն մը, դժուար նուաճուած, բայց ատով աւելի թանկ։ Խօսուն, եռանդուն, անձանձիր, բայց «չպատռուած», միւռոնն երեսին, սեռային մարզէն։

Անիկա փնտռուած երիտասարդն էր, քիչ-շատ ունեւոր այրիներէն, որոնք ակնավաճառ, դրամափոխ, հողատէր իրենց ամուսինները «երեսի ջուրով թաղած» (ատենին աղջիկ կարգելը արժանի էր այս գոհունակութեան, հիմա՝ այրի իյնալը), զաւկըներնուն ժառանգութիւնը ազգային առաջնորդարանով օրինականացնելէ ետքը, ձեւը կը գտնէ, թողօնը տնտեսելու գործին մէջ «իրենց մատն ալ պահելու», ու յարգուած, լեզու իյնալէ խորապէս զգոյշ, գոհանալով իրենց թաղին Ապտոյով կամ սանկ ու նանկ քուզէնով մը, կը խնամ են իրենց որբերը, հասցնելով իրենց աղջիկները նշանի տարիքին, աշխատելով չհիննալ իրենց մարմինէն, զոր կը բուծանեն բծախնդիր գուրգուրանքով, քիչ անկողիններու նորոգիչ յատկութեան քաջածանօթ ու գործադրիչ: Անոնք պիտի տպաւորեն, այդ կիսաթարմ «պարկեշտութեամբը» ու, մա՛նաւանդ՝ քիչիկ մը գիրուկ շնորհով միւսիւ Վահաններն ու միւսիւ Ծերունները, այսինքն՝ բոլոր չափի ու վախի գամուած, իրենց համբաւին, դրամին, առողջութեան վրայ դողահար երիտասարդները, օժիտին չափ կիսավտանգ իրենց հրապոյրովը անվրէպ մագնիս ինչպէս իրենց աղջիկներուն նոր, զաղփաղփուն, բայց կնճռոտ շնորհովը, քանի որ բարքերը, մա՛նաւանդ պատերազմէն ասդին մտան նոր փուլի, ու փեսացուներու կիներուն հետ երբեմն պարտաւոր եղան ընդունելու նաեւ անոնց անդրանիկ տէրերուն անդրանկութեան իրաւունքը։

Հասկնալի է, որ Արտակ Գասպարեանը, երբ գոյութիւն չունէին Արծրունի իշխանները, վայելէր խոր համակրութիւնը Տիկին Գոհարեանին, որուն աղջիկը պապենական, թաքնաթաքուր մանեակէն զատ ոչինչ ունէր սնտուկին խորը։ Որուն աղջիկը մօրը մեղքէն զատ սեպհական մեղք մըն ալ ունէր, պոայի պէս փաթթուած վիզին։ «Փնտռուած» փեսացու, այդ Արտակ Գասպարեանը, նաեւ ազատական ասպարէզներու մէջ դրամ շինած էր կէս-մտաւորականներին կամ Եւրապա չըրած, բայց գործի քիթ ունեցող հաստատհասառուներէն, որոնք վաշխով, չարաշահութեամբ ու աւելի անխոստովան միջոցներով երեք-չորս տարին հեղ մը տուն մը կը տնկեն, ու կը քաշուին անկիւն, մէկդի, մա՛նաւանդ ազգային գործերէ, իրենց ժամանակը յատկացնելու համար իրենց «շէնքերուն», Գահիրէի ամէնէն «ոտքէ հեռու» կողմերը համեստ բոյներ կը վարձեն, շահելու համար վարձքէն՝ ինչպէս ազգային հանգանակութեանց անպակաս, «անամօթ» հարկէն, տաղաւարներուն՝ տէրտէրին վճարուելիք օրհնողչէքէն ու պատահական նպաստի տարապարհակէն։ Հարուստներ անշուշտ ասոնք, մոռցած գրեթէ իրենց մանկութեան հայերէնը, կատարելագործուած արաբերէնով, իրենց աղջիկները կաթոլիկ ու ղպտի վարժարաններ զետեղած, ուսուցման տուրքը շահելո՜ւ հերոսական աչքըբացութեամբ։ Ու կան տակաւին ուրիշներ, բժիշկ կամ բանակի հաշւապետ, չորցած, կորցած, ճիղճիղ երեսով, շնագայլի գլուխով, որոնք չորցած, կորցած, թել-թել երեսով ու երկար աչուըներով, դէպի շոքոլա հակած գոյնով իրենց աղջիկները ձեռքէ հանելու իրենց անդարման հիւանդութեան մէջ, պիտի մեռնին բաց աչքով, պատուիրելով կիներուն չդպիլ արժեթուղթերուն, ու Արտակներ, այսինքն՝ առանց դրամի փեսաներ հալածել։ Ու փաստաբաններ, տարփածուներ, ճարտարապետներ, համալսարանի դասախօսներ, առնուազն նոր կամ չնոր մարտա [1] մը իրենց անութին, զոր պարտաւոր են քշել մէկու մը, ազատելու համար իրենց գլուխը՝ ինչպէս քսակը աննահանջ թափանցումներէ։

Պարգեւեանի՞ն համար

որ գրագէտ էր միայն ու հացկատակ, ու Սոնային վրայ մութ իրաւատէր։

Անճարակ, ու մանուկի չափ անխելք՝ այն ամէն մարզերուն, ուր սեռն ու վայելքը չեն գար առաջին փլանի, անիկա յայտնուեցաւ փորձ դիւանագէտ Արտակին հետ իր յարաբերութեանց մէջ, երեւան բերելով շատ ճկուն տաղանդ մը, «էշն ու ստեպղինը» իր ուզածին պէս քշել կրնալու։ Պատճառնե՞ր։ Ո՜վ գիտէ։ Դիտուած է, որ հացին տաղանդը, հզօրագոյն տաղանդը կենդանիին, կարճամիտ է ու կը զառածի, այսինքն՝ վայրագութեան մէջ կը գլտորի։ Սեռային տաղանդը կենդանիին շնորհուած գերագոյն իմացականութիւնն է, վեր՝ հացին վայրագ ու թանձր նիւթականութենէն։ Ամէն սիրահար աւելի կ’արժէ, քան զառամ ծերակուտական մը։ Սահակ Պարգեւեան, այդ տղան վարելու դժուարխաղարկութեան մէջ, գործածեց մեծ ոճի, զգուշալից ու հաշուով ընթացք, իր բառովը (երբեմն յեղափոխական էր եղած ու գործածած զայն)՝ տակտիկա, զարմանք առթելու չափ շրջապատին, որ խաղի այնքան անատակ այդ մարդուն մէջ, բազմաթիւ առիթներով, կը հաստատէր այս նոր տուրքերը։ Ոչի՛նչ՝ զոր անգիտանար տղուն զգացումներէն։ Բայց ուրկէ՞ գտած էր խելքը, յարդարելու դեպքերն ու կեանքին գնացքը այնպէս, որպէսզի ունենարտղան միշտ քովիկը։ Մշտապատրաստ վահա՜ն, օր մը նստելիք ահաւոր մեղքին, ինչպէս կը շշուկէին կարծեցեալ իմաստունները։ Կեղծիքին անկարող անոր խառնուածքը դուք գիտէք, թէ անիկա շատ, շատ բան էր մեղքին պողոտաներէն, վատ ու յիմար, անսիրտ ու ապերախտ, անողոք ու եսապաշտ, բայց երբեք սողացող, այսինքն՝ զիջող ու մարդահաճ ինչպէ՞ս էր գտած հաշտութեան եզր մը, որպէսզի իրարու գլխովին հակառակ բաներ հանդուրժէին զիրար։ Դրէք դէմ դէմի Պարգեւեանին շնականութիւնը ու Գասպարեանին հաւատաւոր ու վերապահ ամօթխածութիւնը։ Մէկուն աւարտած զգայապաշտութիւնը, որ չէր խնայած յիսունին մօտիկ, մատ մը աղջկան, ինչպէս կ’ախորժէր ըսել մեծբերան բամբասանքը ու միւսին զարթխում մաքրութիւնը, որ կը վախնայ տարփանքին գոլէն։ Նախա՞նձը։ Քառորդ դարէ աւելի տեւողութեան մը վրայ զայն ուրանալէ՜ ետքը, անիկա կը զգար ատ բանն ալ, սանկ ծակող, բայց դեռ քիչ, ամէն անգամ, որ շանթաժէն յոգնած, մտածէր րոպէ մը օրուան, երբ իրեն պակսէր պիտի ինչ որ Սոնան էր, մարմին ու հոգի, հեշտանք ու գուրգուրանք, պաշտում ու աղապատանք հաւասարապէս։ Այդ պահերուն անիկա ինքզինքը կը դատէր նոր մարդ ու կը դառնար կիներու կարաւանին, որոնց անուններ էին հիմա ներքին տափաստանէն, գերեզմանին մէջ փայտով վերցուած չորուկ անուններ։ Արտակ Գասպարեանին իրաւունքնե՞րը: Այսինքն՝ սիրահար երիտասարդի մը «գրուանի» տակ «չդրուելիք» ու «պոռացող» իրականութիւնը, որ ժամանակին հետ կը թանձրանար ու կը գունաւորուէր։ Անշուշտ, որքան ատեն, որ երիտասարդին նիւթականը մնար իրեն ծանօթ սահմաններու, անիկա մտքին անկիւնէն իսկ չունէր անցուցած «աղջիկը» զիջիլ «անքանքար» մէկուն։ Գրագէտը, այս վերադիրը արտասանած պահուն, անոր մէջ կը զետեղէր նենգամիտ ու խորիմաստ իր շնականութիւնը։ Անիկա հիմնովին կ’անգիտանար բոլոր քանքարեղէն նշմարները, որոնք երիտասարդը, իր միամտութեան մէջ, աճապարած էր հայթայթելու իր միտքին։ Կ’ուրանար, առանց ատիկա զգալի ընելու, տղուն խօսելու շնորհը, արուեստներու հանդէպ անոր բացսիրտ յուզումները, կարճ՝ ա՛յն ամէն առաւելութիւնները, որոնց համար գրագէտը ինքզինքը հպարտ յայտարարեց։ Քանքա՞րը։ Բայց որո՛շ։ Հինգ հազարով կը սկսէր անոր բակը։ Ու այդ գումարը՝ Անգլիոյ մուրացկաններուն օրինաւոր կենսագի՜նը, որուն հետ անիկա ըրեր էր ծանօթացումը Լոնտոնի անօթութեան օրերուն։

Բայց ի՜նչ սքողուն բնականութեամբ, անիկա կը քաջալերէր երիտասարդը, պաշտօնական բոլոր առիթներու, որպէսզի պարզէ ամէնուն, մնալով պատշաճ, անպաշտօն իր թեկնածութիւնը, զերծ՝ նշանին լրջութենէն, բայց թեթեւ՝ անգլիական ֆլըրթ ին անվնաս ցոյցովը։ Յայտ ու բարեհաճ, անիկա ականջ ունէր թեթեւ իսկ շշուկներուն, որոնք կը բուսնէին զոյգին ետեւէն, երբ կ’անցնէր ինքը, առաջ, դէպի բեմ, երկու երիտասարդներուն մէջտեղէն:

Ամբողջ այս ռազմավարութեան մէջ, անիկա շահեկան էր հայրական իր հովովը, որ կը հակակշռէր գայթակղութեան շշուկը, ու որ անոր անձին կը բերէր տեսակ մը նորութիւն։ Անիկա պարտաւոր էր ընդունիլ շնորհաւորութիւններ անգամ, տափակ, կեղծ, որոնք երիտասարդին փառքը կը պատմէին ու Սոնան կը գովէին։ Ու ժպտելով որ կը հայհոյէր անիկա իր մտքէն բոլոր այս խաժամուժին։

Սոնա՞ն։

Անիկա կը հանդուրժէր այդ երիտասարդը, գրագէտէն տարբեր պատճառներու տակ։

Տկար էր անիկա ամէնէն առաջ ինքն իր դէմ։ Անշուշտ փարթամ օրինակը մարդուն, որուն ոլորտին մէջ բացուեցան թերթերը եւ անոր հոգիին ու շինուեցաւ անտես կառոյցը անոր յատկութիւններուն, այսինքն՝ ինչ որ մեր բառերով սովոր ենք նկարագիր անուանել, անօգուտ պիտի չըլլար, խնայելու համար խղճահարական տառապանքը, զոր մեր անտարբերութիւնը երբեմն կը հանէ մեր խորերէն։ Բայց ուրիշ է այրը, ուրիշ՝ կինը։ Առաջինը առջին բաց ունի աշխարհներ, ուր կը փախչի, ազատելու համար ինքզինքը իրմէ։ Կի՞նը։ Անիկա հետապնդուած երէին նման պիտի քշուի իր բունին, այսինքն՝ մեղքին խոռոչին։ Այդ է պատճառը, որ կինը կ’աճի ցաւէն ու կը տկարանայ ամէն օր՝ մաշելով այդ գողտուկ լեզուէն։ Տկար էր անիկա մօրմէն։ Միեւնոյն մեղքը անոնց աչքերը կը կապէր նոյն շղթային։ Բայց մինչ իր մարմինը, նոր սկսող իր մարմինը, նման ամէն գերիի, ձեւ կը գտնէր հաշտուելու փարաւոնեան սոխին, ու կ’աղուորնար, հերքելու չափ, ներքին հիւծումը, անոր մայրը զգալի արագութեամբ օրէ օր կը պարպուէր իր կիտուածէն։ Խոր, անորակելի այդ արգահատանքը աղջիկէն դէպի մայրը։ Փուճ, պզտիկ, բայց մշտագոյ զրկանքներուն ուռկանովը զգետնուած կնի՜կ, որ Եգիպտոսի սա գերութիւնը կը կրէր անարդար քաւութեան նման, ողբալով ինքզինքը ու նոյնքան խո՛ր՝ իր աղջիկը։ Այդ արգահատանքը ամէնէն բզկտող կսկիծը կը դառնար, երբ կը խորհէր իր բաժինին, մօրը դժբախտութեանը մէջ։ Անոր մտքին, խռուատիպ ու ցայտուն, կը մնար գամուած նկարը աշնան իրիկուան, որուն մէջ մայրը գտաւ զինքը գրագէտին ծոցը, քակուած ու զուաղ։ Իրենց նայուածքնե՜րը՝ երբ հանդիպեցան իրարու: Անիկա ամիսներով կրեր էր ողոք սլաքը մօրը աչքին, կսկիծէն խենթ ու կործանա՜ծ։ Յետո՞յ։ Մի հարցնէք անունը բաներու, որոնք կը վրիպին ձեւերու մէջ։ Յետո՞յ։ Այսինքն՝ տանիքի մը տակ, Սահակ Պարգեւեանը, սիրուհին ու անոր աղջիկը, որոնք պիտի դարձնեն երկանաքարը նոյն ու մէկ մեղքին։ Ու տանիքէն դուրս, աշխարհի աչքին, պիտի դարձնեն հազար-հազար հողմացոյցները կեանքի բաներուն։ Վայե՞լքը։ Որքա՜ն կը մեծցնենք տարողութիւնը սուղ այդ րոպէներուն։ Ազգապղծութիւնը վեր ու դուրս է հեշտանքէն։ Ու հինգ վայրկեան լոյսը ուրիշ տէր չունի մեծ գիշերի մը մարմինին մէջ, քան շեշտել սեւը մեծ զանգուածին։ Մնացեա՜լն է իրականութիւնը։

Տարիքին ու մեղքին կապուած զգացական այս ելեւէջները Սոնան կ’ընէին փոխն ի փոխ նկուն ու եռանդուն, յուսահատ ու վայելախոյզ, խանգարելով անոր բուսային հաւասարակշռութիւնը, հրելով զայն դուրսէն դէպի տուն, գարշութեան խուցին, ու անկէ ալ դուրս, սուտ հրախաղութեան, պահելով զինքը մշտագրգիռ այլուրութեան մը մէջ։ Այս տագնապներու ընթացքին «հոն էր» միշտ, Արտակ Գասպարեանը։ Այսինքն՝ հաստատ գետինը գոնէ, որմէ չվախնան դողդող աչքերը, մեղքէն արիւնած, անոր շղթայուած։ Զայն կը տեսնէր գոնէ ամէն օր։ Ու երբ անոր աշխարհը կը հեծեծէր խուլ, դառնահիւս ճնշումներու ներքեւ (անտարբերութիւնը թեկուզ մեղքին հանդէպ, կը յոգնեցնէ երբոր երկարի) խոր ու իրաւ բաներ այս անգամ, ու եղած այսպէս պարզուկ շրջումքով մը։ Մեր դժբախտութիւնը կախուած է յաճախ այս կարգի խեղճ ազդակներէ, որոնք մէկ օրէն միւսը կրնան դէմք փոխել։ Այդ չնչին, բայց իրաւ բաներուն մամուլին տակ անոր օրը, երբեմն շաբաթը ամբողջ՝ կ’ըլլար անձրեւի, խղդող մղձուկի կապարեայ շոգի, առնելով անոր մարմինին բոլոր ճամբաները իր բիւրաւոր լեզուներու ցանցին ու խղդելով, կռտելով ինչ որ ապրելուն խայտանքը կը կոչուի համատի արարածներու քով։ Այս անձկութեան վերմակին տակ, անիկա կ’ուզէր մէկը, մօտ ու իրաւ: Որ անկողին չհոտէր ու չըլլար արձանացած արցունքը իր մօրը։ Ցաւին մէջ մեր մօտինները մեզ կը նեղեն։ Օտարին համակրանքը կ’արժէ աւելի։

Պէտք ունէր անոր, նորէն, երբ հակառակ մարզէն չես գիտեր ինչպէս անիկա կը կարծէր իր երկինքը պարզ, իր վերցուած այդ ճնշումներուն ստորոտէն անոնց գագաթին, տարածելով ինքզինքը դէպի բացերը, ապրումին մշտափոփոխ ծիածանին մէջ կամարագեղ, ու նայելով չորս դին, համակ բարութիւն, համակ քաղցրութիւն։ Շփումը, երկարատեւ ու դիմացող, ընդունակ է այս կարգի բիւրեղացած հոգեվիճակներ արտօնելու։ Երբ աղջիկ մը կ’ուզէ վայելքը, նշան է, թէ ինքզինքը տուած է աւելի խոր ուրիշ համերու։ Ու այդ համերը վերլուծելի չեն շատ անգամ, վասնզի անոնց թելերը կ’երկարին մեր էութեան անայց աչքերը մինչեւ ու չեն պիտակուիր։

Տղուն հանդէպ իր զգացումնե՞րը.

Սովորական, մտերմիկ, իրաւ, երբ երիտասարդ աղջիկը իր հոգին ողողուէր սիրով։ Բառը ընդարձակ է ու զգացումէ աւելի վիճակ կը մատնէ։ Այսինքն՝ այն պահերուն, երբ յոգնած՝ գրագէտին անձէն ու շունչէն, մա՛նաւանդ տարիքին անդարման ժանգէն, որ ամսւան մը անկողինով կը համակէ հոգիին բոլոր բաց մասերը, ու իրադրումէն պայմանաւոր մղձուկէն հալածական, նետուէր դուրս, կեանքին լայնութեան։ Այդ պահուն, ներքին մղձուկին հակառակ, պարզ էր ու անմշուշ այս կեանքը, առջին, փռուած ամէնուն ալ հասողութեան, ոչ իբր տանջանքի պաստառ մը, այլ ուրիշ, մեզի մօտիկ, կարծես մեզմէ բխած, հիւսուած բան մը, խառնուած ամենական իրերու, խառնուած փոշիին, որ անփոյթ, անապատէն կը թեւէ մեր աչքերը դէպի ու փառքին՝ ինչպէս սերմին աճիւնները կը սրսկէ մեր հոգելիճին, խառնուած՝ մուխի տուող միսերունման կիներու դէմքին. ու դալկութեանց՝ ինչպէս ձուաձեւ երեսներուն թրթռուն համբոյրին։ Այդ կեա՜նքը՝ որ կ’ընէր զայն բարի, տղայ, միամիտ, մոռցնելու չափ տունը, ուրկէ կը փախչէր, գրագէտը, զոր հետզհետէ կը դատէր, ապաբարոյ իր թանձրութեան ոսկեցեխէն զատելով աղբին ծաւալը ու արժէքի տանելով անոր անգթութիւնը՝ ինչպէս հոգեկան փտախտը։ Ոսկեզօծո՜ւն մը՝ ինչ որ կ’առնէին իր աչքերը մարդերուն աղբէն։ Անոնց ողորմելի կիրքը, զոր վէպերը կ’ընեն այնքան կեղծ եւ որ, պարզ դիտուած՝ լուսնոտութիւնն է վերմակաւոր եւ ուրիշ ոչինչ։ Անոնց անյագ որկորը, ուրկէ կ’ոլորուին դէպի գայռ իջնելու՝ ինչ որ մեր հպարտութիւնը կը յորջորջենք։ Ամբողջ մեր քաղաքակրթութիւնը որկորային աճպարարութիւն մըն է, ու մեր փառքերը՝ պատառը աւելի դիւրաւ հրելու գիտութիւն մը։ Անոնց անգթութիւնը, որուն չենք դադրած դիմակ ճարելէ, ու անոնց ամէնէն եղերական, անսրբագրելի դժբախտութիւնը, իրենք զիրենք պաշտել կըրնալու դատապարտութիւնը։ Ու քա՜րը, մեր բանաստեղծին բառով՝ կրանի՜ւթը, որ սիրտ անունը կ’առնէ մեր կուրծքին ներքեւ։ Պժգանքի այս պահերուն, որոնք սիրոյ շրջուած երեսներ են այնքան յաճախ, անիկա կը նեղուէր նաեւ մօրմէն, անոր հասցուցած իր չարիքէն աւելի, անոր յիմարութեանը հաշուոյն։ Իր անկո՞ւմը։ Հարկա՜ւ։ Կարելի կ’ըլլա՞ր ատիկա, առանց այդ «իշական» արարքին, քառասունին մօտ այդ «չուանցու» խեղճութեան։

Ու կ’ուզէր զայն, այդ խելօք ու ծանր բանը, մատաղ հոգիով երիտասարդը, իր դէմը, քովը, սեռէն ու սէրէն տարբեր ոլորտի մը մէջ, բարեկա՞մ, ընկե՞ր, գաղտնեկի՞ց։ Ո՜վ անձկութիւնը մեր երիտասարդութեան, երբ զարնուած, փտած ես սիրտէն։ Երբ երկաթ գօտի մը գիտես թէ կը պարուրէ, անվերադարձ, քու թեւերդ, ու քեզ կը կապէ խոնաւ ու ճերմակ ցեխին, որ միսն է երբեմն, դոնդող հայելի՜, տրուած կայլակով, որպէսզի դիտես, ճանչնաս ինքզինքդ ու քեզ ջախջախես։ Կ’ուզէր զայն հետը։ Խօսէր, մօտ ու իրաւ, այնպէս՝ ինչպէս կը ձեւուէր մտապատկերը իր միտքին անդունդներէն, երբ նշմարել կը կարծէր զոյգերը, իրարու դէմք, կամ կողքին, անբաւ բազմութեանը մէջ հոսող ձեւերուն։ Իրենք զիրենք զատող, իրարու երկարող, հազար օտարէ, հազար հեռուէն իրարու քաշուած զարհուրելի բնականութեամբ, հերքելու չափ իրենց իրականութենէն դուրս ուրիշ ամէն բան։ Ու խօսէր անոր հաճո՜յքը, որ ապրելունն է երբեմն, անկնճիռ ու խեղճ, հրթիռ մը ինչպէս, օրերուն մեծ մութին վերեւ՝ սասանող ու դողդոջ։ Կամ՝ ցա՜ւը, որ մեր սիրտինն է, յաճախ՝ անբացատրելի, բայց որ կը դառնայ պարզ, երբ տեսնել գիտենք, երբ տեղ կը փոխենք։ Պարապ տեղը չէ, որ « Կռունկ »ը մեր արուեստին կոթողներէն մէկն է։ Հոգին պարզ ծաղիկ մըն է, լինելութեան մեծ անջրպետի մը վրայ։ Փոխադրեցէք զայն իր ածուներէն, յաճախ դիակ կ’ունենաք։ Ամէն պարման, իր ածուին պարտական է իր պանդխտութեան բովանդակ վիշտը։ Ո՛չ սէրը, ոչ ալ գոհարը կարող են լեցնել պարապը: Պարմաններն ու ծերունիները կարօտէն կը մեռնին։ Գա՜ղջ, մշտադալար հայրենի՜քը Սոնային, գաղջ ու պայծառ իր գաղջութեամբը, որ մինակ դէմքերուն «շաքարն ու շարպաթը» չի հեղինակեր, աղջիկներուն միսերը հանելով սրտագրաւ այդ ճարտարապետութեան, այլ մա՛նաւանդ կը հեղինակէ անդրագոյն հիւսուածաբանութիւնը հոգի ըսուած այդ բանին, անոր կտաւին մէջ զետեղելով, նեարդաւորելով, համաշաղուելով ինչ որ համն է, հացն է, ներանկարն է աշխարհի մը, երկրամասի մը, առնուազն քաղաքի մը եւ որ կը բացուի դուրսէն, աչքի ու ձայնի, գնացքի ու պարի, տրտմութեան եւ խանդի, ժպիտի ու լացի ինքնատիպ, այլամերժ հեղումներով։ Վայելքնե՜ր, որոնք տեւողութեան խաւերուն տակ կը բիւրեղանային ու կը վառէին անոր ներսը, «լուցեալ ճրագարան», բազմաստեղն ու անշէջ։ Կամ վիշտեր, որոնք կը փաթթէին սեւ իրենց աղւամազովը մերկութիւնը անոր զգայարանքներուն։ Վէրքեր կան, որոնց նայիլ պիտի չուզէինք շատ մը բաներու գնով։ Ամբողջ այդ մօտիկ անցեալը կը խուժէր վրան, մեղքի, զրկանքի, քայքայուն լքումի հզօր, հիւսուած ամպէ մը կարապետուած, ու զգետնող՝ արդէն սարսած, խարխուլ կամարները անոր հոգիին, ա՛յնքան՝ որ անիկա ուս մը կը փնտռէր՝ գլխիկը դնելու։ Մտապատկերին բեռը զօրաւոր է մեր գանկին վրայ։ Ու մի մոռնաք, տարագրութիւնը, թէկուզ ազատ երկրի մէջ, սպառող հիւանդութիւններէն մէկն է մեր հոգիին, որ շրջապատին անտարբերութեամբը ինքզինքը կը պատժէ ու օտար շէնութիւնները, օտար վայելահանդէսները ածուխի վերածելէն ետքը կ’առնէ իրմէ ներս։ Անիկա, տարագրութիւնը, կը սպաննէ զանգւածը, առիթ տալով բացառիկ քանի մը աճումներու, որոնք կը նուաճէ երկրորդ սերունդի վրայ։ Ոչ մէկ ատեն մեր ժողովուրդը ենթարկւած է հոգեկան այն անարիւնութեան, զոր կ’ընծայէ ան այսօր, թուրքին դժոխքէն դուրս, ազատ ափերու մեզ անտարբեր մշակոյթին մէջ։ Կէս դա՛ր։ Ու դուք, մեր յաջորդները, մոմով պիտի փնտռէք ժառանգորդները այն ոգիին, որ մեր արուեստը, ինչպէս հաւաքական բուխքը շինեց, հազարամեայ մեր պատմութեան բոլոր նախճիրները հերքելով, յայտնուելու համար միշտ աւելի յամառ, աւելի խոր։ Միտքն ալ կապ պէտք է կապէ հողին հետ։ Հակառակ զօրաւոր տաղանդներու առատութեան, այսօր մեր գրականութիւնը իբր խտացում ու բիւրեղացում չի կրնար հակակշռել երանելի օրերն անգամ, ուր արուեստին տեղ խեղճուկ, ուռուցիկ երգեր կը բռնէին։ 1870ը իբր դիմագիծ աւելի կ’արժէ, քան 1930ը։

Սոնայի զգացումներուն իրական տարողութի՞ւնը հանդէպ այս տղուն.

Նեղսիրտ, վանող, դաժան, երբ բիրտ ու տխուր բաներ, տունէն, մօրմէն, գրագէտէն յուզէին զինքը քիչ մը աւելի խոր, իր դիւրաբեկ ու դժուարստաց խաղաղութեանը մէջ։ Այդ պահերուն, կ’ըլլար անիկա կծկուն, չըսելու համար չար արարածը, որուն թարմ ու պայծառ տարիքին վրայ իր մագիլները զարկած կ’աճէր մեղքին քաղցկեղը, մօրմէն ու գրագէտէն, երկգլխանի հանգոյցով։ Կ’ամչնա՞ր ինքն իրմէ, թէ կ’ատէր: Միամտութիւնը ուրիշներուն, ամէնէն շատ Արտակին վրայ։ Կ’ուզէր, որ հեռանար, կորսուէր աչքէն այդ անտանելի բանը, որ անգիտութիւնն էր, հինցած բառով մը՝ անմեղութի՜ւնը, իրա՛ւ՝ այնքանի, որ տղուն պատկերով, հերքելու չափ իր դարեւոր ստացումները կեանքին թեւերէն, փղձկումի տանելով անոր խստապարանոց հպարտութիւնը ու թուլցնելով մեղքով կրացած անոր հոգին, դատապարտուա՜ծ՝ օրին մէկը իր աղտովը թափելու գետին: Ժխտական այս պահերուն, վանելու համար սրտառուչ այդ մաքրութեան ճնշումը իրմէն, ան կը նախատէր այդ տղան, իւրայատուկ խորութեամբ, առանց պատճառներ տալու, առանց փաստի, ճարտարութեամբ իր ջիղերը պատրուակ ածելով, այնպէս՝ որ ամէն սիրողի նման երիտասարդը կը մնար հեռու տագնապին իրական զսպանակէն։ Դառնահամ այս տեսարանները աղջիկը կ’ընէին աւելի քան գերագրգիռ: Անկարող իր խոցոտուած սիրտը զսպելու, կու լար անիկա ամէնէն գաղտնի, դաշնակին վրայ, մատները ըրած տարօրէն տրտում։ Ու կու լար աչքով, սեպհական չարութեա՞ն, թէ մարդոց անսրբագրելի դժբախտութեան վրայ։ Պարզելու համար ամբողջ թնճուկը այս վիճակներուն, վերլուծումը, անոր արագ ու հատու ձեւը, որ փորձուեցաւ կանխող էջերուն մէջ, անբաւական պիտի գար։ Հոգեբանական վիճակները կը նմանին խառնարանի մը ժայթքող երեւոյթներուն։ Մեր տեսածը դուրս հեղուածն է միայն։ Վերլուծումը, տալու համար երեւոյթը իր լիութեան մէջ, պարտաւոր է խորանալ։ Ու ընթերցողը, միշտ հանդիսատես, չի կրնար հետեւիլ վտանգաւոր ճիգերու: Մնաց որ, արդի վէպը, բացի քանի մը ցանցառ, այլամերժ փորձերէ, կը զգուշանայ այդ արկածախնդրութենէն։ Ամբոխը, նկատի ունիմ բոլոր ժողովուրդներու միջին ընթերցողութիւնը, ա՛ն՝ որ տանելի գիրքերուն բախտը կը շինէ եւ հանդէսները կանգուն կը պահէ, այդ ամբոխը միշտ պիտի գոհանայ ուրւագրումով։ Կարդացուելու հարկը մեծագոյն սանձն է գրողին։ Ի՜նչ զիջումներու չի ստիպեր ան։ Մասնաւորելով հարցը մեր գրականութեան, դժուար պիտի ըլլար լրիւ իր ողբերգութեան մէջ տեսնել ջանքը գրողին, որ համարձակէր հոգին խորաչափելու։ Բայց ի՜նչ հզօր մագնիս է անիկա, ստորաշխարհը, որ հոգին է մարդերուն։ Մեր հոգի՜ն, այսինքն՝ հերքումներու, սխալները, հակասութեանց, քայքայումի ու աղտի ատրաշէկ ու հսկայ քաո՜ս, զոր կ’ուրանանք, խլուրդին նման մեր գլուխը թաղելով մեր աղբերուն ծոցը։ Բայց զոր պարտաւոր ենք կշռելու, հին բառով մը՝ դատելու, ի հեճուկս մեր յոխորտ արհամարհանքին, անսրբագրելի տոնքիշոտութեան, «մեղքի վարձքէ» վեր այլուրութեան, oրի՜ն մէկը, երբ ստիպուինք հոն տեղաւորուած, հասունցած հսկայական խլիրդը տրորել քիչ մը։ Վիրաբուժութի՞ւն։ Ո՞վ չի գիտեր, թէ անմա՜հ է խեցգետինը, նիւթին՝ ինչպէս ոչ-նիւթին վրայ։ Ու մեր դանակները՝ խեղճ ու ժանգոտ։ Հոգի՜ն, որուն մօտէն կ’անցնինք ամէն օր, մեր իսկ մէջէն, կիրքին ու երազին, գործի տենդին եւ քանի մը ուրիշ ուժգին զգացումներուն նաւակովը, կամաւոր մշուշ ու ամպ սփռելով սահմանին շուրջը անդունդին առջին։ Եւ սակայն, անհերքելի, միակ իրականութիւնն է այդ անդունդը, դէպի ուր կը նաւեն մարդոց որդիները։ Կան, որ ազատին պիտի, ըսել կ’ուզեմ՝ պիտի ապրին իրենց «մօրը կապովը», աշխարհը կարծելով սեղանի հանդէս, ճոխ կամ աղքատուկ, բայց միայն ատ, ու մութէն առաջ, փոխ լոյսերով, պիտի յանձնուին սկսող հոսանքին ու, մոմերնին չհատած՝ պիտի գոցեն աչքերնին։ Ուրիշներ, մեծ դժբախտները ասոնք, պիտի մխուին մութին ալ փորէն ներս, ներս, խոր, ու պիտի չգա՜ն։ Մարդերը կ’ապրին զոյգ այս գիծերով։ Աշխարհէն ոչինչ հասկցողներ, ճանչցողնե՜ր, որոնք դաշտի տունկէն կը տարբերին իրենց ոտքերով։ Ու շատ առնողներ, շատ պահանջողներ, միւսները, որոնք զոհ պիտի երթան իրենց ախորժակներուն։ Անդունդէն ետ դարձողնե՞րը։ Հարկա՜ւ, եղկելիները ասոնք, որոնք դժոխքէն կամ արքայութենէն չեն ընդունուիր ու Յովնանին պէս կը փսխուին մեր ափերը։ Անոնք ահաւոր իրենց «փորձը» պատմած ատեն անհաւատալի կը թուին մեզի, այնքան տարբեր է անդիիաշխարհ երթալն ու գալը, սա մեր գիտցածէն։ Մեծ ապրողնե՞րն ու մեծ երեւակայողնե՞րը։ Այսինքն՝ մեղաւորնե՜րը, նիւթին կամ՝ իմացանիւթին մեծ սպառիչները։ Այսինքն՝ հում նիւթը, որուն վրայ կը զետեղենք մեր սիւները, մետաքս թելէն ալ բարակ ու կը յաւակնինք երկնակամարը վստահիլ անոնց հասակին։ Ի՜նչ յիմարութիւն է մեր հոգին։ Ինչո՞ւ չենք հասկնար։ Ճիշդ իր իմաստին մէջ պատմումը բոլոր «ետ դարձողներուն»։ Ի՞նչ է մնացածը այդ մարդոցմէն, որոնք չափելու ելան խաւարակուռ գաւառները, եթէ ոչ պուտիկ մը փոշի, ձայնի՜ ու միտքի փոշի, որ պիտի սաւառնի որոշ ատեն մը ու հանգչի կրկին, ծոցը միջոցին, ուրկէ բխած էր արդէն։ Մարդե՜ր, հազարաւոր դարեր կանխող մարդեր, ի՞նչ կ’ուտէիք դուք ձեր հոգիէն, որպէսզի այսքան «առնուած ըլլային ակռաները» մեր թոռներուն։ Ինչո՞ւ չսանձեցին տեւողութիւնը, ու թողուցիք, որ մեր անարիւն բազուկները կատարել ձգտին մեծ խորտակումը, ա՛ն՝ որ լուծէր մեր միսերուն դժբախտ, զազրելի ճարտարապետութիւնը, փաթթելով մեր աշխարհը գլգլեակին մէջը իր օրէնքներուն ու իր գիտութեան։ Մեր հոգի՞ն։ Էջեր չեն բաւեր քեզ տարազելու։ Ու երիտասարդ աղջիկ մը, որ տախտապարուած մեղքին կնճիթէն, շղթայուած՝ կիրքին օղերէն, ու վարսուած է անոր գայռին, ինչպէս ծաղիկ մը՝ աղբին, օրը քանի՜ հեղ չանցնի պիտի սա հերքումներուն, սլացքներուն, ընկրկումներուն հակամարտ ստեղներէն։

* * *

Առտուն, պէտք կա՞յ ճշդելու՝ այս վէպին սկսած առտուն, Օրիորդ Սոնա Գոհարեան խստօրէն նախատած էր երիտասարդը։ Տեղի ունեցաւ ատիկա, Գահիրէի թաղամէջեայ, յիմար մէկ պարտէզին մէջ, տակաւին անխճող, վասնզի առտուն զովը չէր կոտրած ու կիները, տան ու զաւկի տէրերը, պաղէն չախորժելնուն չափ, աւարտած չեն ըլլար տունին սպասը այդ ժամուն։

Տխուր, ոսկեփոշի առանձնութի՜նը այդ պարտէզներուն, որոնք միօրինակ, սպաննող ծամածռութեանը մէջ նմանատիպ բնակարաններուն, անակնկալ կերպով կը բուսնին եւ ուր կը մոլորիս՝ փախչելու համար տունէդ ու քեզմէ։ Քիչ այցուած ու աղքատ այդ խորշերուն մէջ, հոգին շունչ կ’առնէ, վտանգէ բռնուած երէին նման, որ թաւուտներուն գիծը ձեռք առնէ։ Վտա՞նգ: Այո։ Ե՛րբ չէ կեանքը։

Կասկածելի նստարաններ, վասնզի մահիճին ծառայած ով գիտէ ո՛ր անտունին կամ հիւանդին։ Բախտ բացող պառաւներ, որոնք մեռնելու պատրաստուած կենդանիներու նման այնքան քիչ է մնացած կեանքին փաստը այդ խռիւ ոսկորներուն վրայ անմռունչ կը քնանան, պանպուի մը շուքին, մինչ փակ՝ թարթիչներու գիծին, ականակո՛ւռ, հանգոյցը կը շողայ բազմազգի ճանճերուն։ Ու անխուսափելի մուրացիկները, ահաւոր իրենց տգեղութեամբ ու գարշահոտ արգահատանքովը, որոնք մեր զզուանքն ու խղճին խայթը կը բերեն մէկ գիծի ու, զուր տեղը, իբր թէ մեր տառապանքը չբաւէր մեզի, անգամ մըն ալ կը վիրաւորեն մեզ, մեր սիրտին վատութեամբը։

Անոնք իրարու հանդիպած էին այդ պարտէզի մուտքին։ Ո՞վ, ո՞ր ձեռքը իրարմէ փախչելիք մարդերը երբեմն այսպէս կը նետէ դէմ դէմի։

Հակառակ իր սովորութեան, ու աճապարանքն ալ ունենալուն, անիկա պարտաւորուեցաւ ընդունիլ «հինգ վայրկեանի» ժամադրութիւնը ամայի պարտէզէն ներս, շատ կարեւոր, «անյետաձգելի» խօսակցութեան մը համար։ Կան պահեր, որոնց հակակշիռը կը խուսափի մեզմէ։ Կ’ընդունինք մեր ներկայութեան՝ մեր ատել կարծած մարդը ու չենք կասկածիր, թէ շատոնց շրջուած ենք մեր զգացումներուն մէջ հանդէպ այդ մարդուն։ Կը մերժենք՝ մեր սիրել յաւակնած մարդը, առանց գիտնալու, թէ դադրած է մեր ընկալչութիւնը հանդէպ նոյն մարդուն։ Հոգեկան անգործութիւնը կը գործէ մեր մէջ երկու պարագային ալ ու մենք, շատ մը պատճառներով, կը զգուշանանք պատռելէ վարշամակը պատրանքին։

Անիկա պարտէզ մտաւ, փոխանակ Սփլանտիտ պանդոկը երթալու, ուր որոշ նպատակներ զինքը ճամբայ էին հաներ Հելուանէն, առաւօտ կանուխ։

Անշուշտ որ, թեթեւ կամ խոր, շահագրգռուած էր Իշխան Պօղոս Արծրունիով։ Աղջիկ էր անիկա ու կ’ատէր Ռիթա Ճիվանզատէն։ Աղջիկ էր անիկա ու Հնդկաստանը կը դատէր աւելի յստակ, աւելի մօտ ըլլալով Կարմիր ծովուն։ Ու ամէն աղջիկ կծիկ մը կին է, շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ։ Յիսնամեայ փեսացո՞ւն։ Ինչո՞ւ կը հարցնէք բան մը, որ շատ քիչ նկատի կ’առնուի կնոջ կեանքին մէջ։ Տարիք հարցո՞ւց Սահակ Պարգեւեանը, երիտասարդ, ծոցը մտած ատենը յիսուննոց կիներուն։

Պիտի երթար պանդոկ, Արծրունի Իշխանին հաւանական շուքէն դուրս, իրական ծանօթացումը ընելու նոր ժամանած երաժիշտ տիկինի մը, անցողակի ներկայացուած բուրգերուն մօտ։ Տիկինը, տարագրուած ռուս իշխանուհի մը, ծրագրած էր Արեւմտեան Եւրոպայի մայրաքաղաքներուն մէջ այնքան յաջողութեամբ բեմադրած մէկ դիւթախաղը կրկնել Գահիրէ։ Անոր համար, տեղական գոյնի մեծ հոգածու, անիկա ունէր պէտք արեւելեան կնիքով արուեստագէտներու, տարազ, մոյնք, ձայն ու դիմախաղ կարելի հարազատութեամբ ցայտեցնել կրնալու համար։ Պոլիս, ուրկէ անցած էր, անիկա շփուեր էր մերիններուն ու դատեր ճիշդ կնիքը մեր կիներուն, երբ տարազն ու շպարը լեցնէին կաղապարը արուեստին։ Նուագածուներ, պարիկներ, մարմնեղէն արձաններ, ձայնի սրինգներ, բոլորը մէկ խմբուած, արտայայտելու համար երեք աշխարհները (Եւրոպան, Ասիան, Ափրիկէն) խորհրդանշող իրացումներ, միսի, վանկի, աչքի, բառի մարզերէն, ցեղային գոյնի ճարտար բաշխումով։ Փարաւոններու հնօրեայ երկրին վրայ, այդ յղացումները նպատակ ունէին յարուցանել արուեստին մեծ հրաշքը, ամոքող ու խանդավառող հանրայնութիւնը, գեղեցկութեան ու իմաստին, յուզումին ու արբեցումին համայնութեանը մէջ վերնաթեւ եղբայրացում մը աշխարհներու, որ չըլլար իր հայրենակիցներուն կողմէ սուրով ու հուրով հետապնդուած բռնատէր տափակութիւնը, ոչ ալ արիւնով հարկադրւած ցեղային թթու հատուածականութիւնը։ Տիկինը, ամէն սլաւի պէս խոր ու զգայուն, մտածումները կերպադրել կը ձգտէր գեղեցկութեան պարունակէն։ Անստգիւտ վայելչութեամբ մը ձեւի, մորթէն անհաւասարելի, նուաճած էր անիկա իշխանութեան մարդերը։ Ինչպէս ուրիշ երկիրներ, հոս ալ վարչապետը խոստացած էր հովանաւորել ձմեռնային եղանակը, զբօսաշրջիկներուն վայելչօրէն փակող այս հանդիսանքը, ուր յոյս կար հրաւիրելու ամբողջ աւագանին։ Հանդէսը, նոյնիսկ առանց պարի, կիներուն կարգ մը պահանջները կը բաւարարէ։ Գուցէ հոն անոնք կ’ապրին առհաւութեան դարերը, երբ այդպէս կը տեղուէին յաղթանակներու առջին ու կ’ընտրւէին։ Սահակ Պարգեւեան, իր կարգին, հաւանած էր Սոնան տրամադրել իբր դաշնակահար, ու հաւանած նոյն ատեն անոր պարիկաձեւ զգեստաւորումին: Ասկէ զատ, Սոնան պիտի տեսնէր Փարիզէն նոր ժամանած բանաստեղծը, Տիրան Տիրանեանը, գրագէտին թանկ բարեկամներէն, ուղիղ ու խորունկ մտաւորական, որ պատրանք չունէր Պարգեւեանին վրայ, բայց անոր անկումներուն հանդէպ կը պահէր մարդկային ներողամտութիւն, խորհելով օրուան, երբ անկումին տարրը, նիւթը իյնար պիտի հողին, ու կը ջանար անոր տաղանդը բեղմնաւորելու դժնդակ վաստակը սիրցնել իրեն։ Ու կար տակաւին ուրիշ կին մը, Անգա Միրովնա, ան ալ սլաւ հաւանօրէն, որ շաբաթէ մը ի վեր հասած էր պանդոկ ու գտած իրենց հասցէն, ո՜վ գիտէ ինչ նպատակներով։

Մենք ճամբայ կ’ելլենք մեր հաշիւներով։ Ե՜րբ տուն կը դառնանք, ո՞վ է մեր տէրը։

Սոնա Գոհարեան, փոխանակ այս անձերուն, ըրաւ հանդիպումը Արտակ Գասպարեանին։

Մտան ներս։

Շատ կարեւոր, անյետաձգելի տեսակցութի՞ւնը։

Անոր առաջին բառը եղաւ

Դաւադրութիւն, Օրիորդ, դաւադրութի՛ւն։

Շուարած, վախով, աճապարոտ, դեղնած։ Անիկա կը հաւատար իր ըսածին, առանց նկատի ունենալու Սոնային բացարձակ այլուրութիւնը իր շուարումէն։ Երբ մէկու մը հոգեկան արժէքը ցած է մեր ներսը, անկէ բխող ամէնէն ծանր բանն ալ կը կրէ ազդեցութիւնը այդ ըմբռնումին։ Չենք հաւատար ոչ թէ ստախօսին, այլ՝ արժէքէն մեզի քաջածանօթ մարդու մը ամէնէն ծանրակշիռ ու իրաւ յայտնութեան։

Դաւադրութի՛ւն։

Այսի՞նքն։

Իշխան Պօղոս Արծրունին։

Այսի՞նքն։

Անիկա չկրցաւ պատասխանել։ Բերանը կը դժուարանար տարազել ինչ որ գծուած էր այնքան յստակ, մտքին մէջ։

Իր մաքրութեան ու միամտութեան մէջ այնքան ալ ծիծաղելի, սա՛ երիտասարդը, որ կը կմկմար յանդիմանուող երեխայի մը նման։ Քրտնաթոր, ընդունեց Սոնային գրեթէ զայրոյթը. նետած խիստ՝ երեսին.

Ի՞նչը, կ’ըսեմ ձեզի։

Խթանէ խոցուած ու ամօթէն դողահար, ան արտասանեց (մեր բառերը չեն ըսուիր երբեմն, այլ կ’արտասանուին ճիգով ու բռնի) աչքերը փակ

Մելինէ Մելինեանը...

Յիմա՞ր էր սա տղան։ Հարցուց մտովի, բայց չըրաւ զայն բառ։ Տղուն դէմքին կարդա՞ց նոյն ատեն անհնարին անձուկը, զոր շատ խորունկ կապ մը միայն կարող է ստեղծել մենէ դուրս, բուռն, «հոյակապ» տագնապներու ատեն։

Յետո՞յ։

Ամբողջ անորն է մատը։

Ի՞նչը, բարեկամս։

Քաղցր էր անոր ձայնը, յուսադրող ու պարզ, ա՛յնքան՝ որ տղան չէր հաւատար գրեթէ իր ականջներուն։

Նախանձ է։

Գիտեմ։

Ձեզ կ’ատէ։

Գիտեմ։

Բայց շատ գէշ կ’ատէ։

Գիտեմ։

Անգութ է։

Գիտեմ։ Յետո՞յ։

Տղան չպատասխանեց։

Յետո՞յ, կրկնեց անիկա, ինչո՞ւ չէք խօսիր։

Իշխան Պօղոս Արծրունի՛։

Բայց ոչինչ կ’ըսէք։

Իր յօրինումն է, միակտուր ու բացարձակ։

Ի՞նչը։ Ըսել է կ’անգիտանար։

Շեշտ նայուածք, դէմքի արձագանգ վեր էին շինծու կամ նենգ կամ շատախօս, խեղաթիւրեալ իրարանցումէն։ Տղուն ամբողջ ապրումը ինկած էր իր բառերուն մէջ։

Սոնան ծախուած է Իշխանին։

Ըսաւ վերջապէս։

Բայց կարծես ինք չըլլար ըսողը, այնքան մէկէն ի մէկ օտարացաւ ինքն իրեն։

Աւելի տարօրինակը սակայն։ Լսողն ալ չըլլար Սոնան։

Ի՛նչ, ի՛նչ, ի՛նչ ըսիք, Արտա՛կ։

Առաջին անգամ էր ուղղակի կու տար անոր անունը, առանց վերադիրի։ Պաշտօնականութեան այս բարձումը հաճոյքով ու յուզումով ողողեց տղան, փրցնելով կապերը, վախերը, վարանքները անոր հոգիին։ Սոնա, եղէք բարի, զիս մտիկ ընելու։ Մի վախնաք, պիտի չխօսիմ հին, ծանօթ բաներէ։

Խորունկ, թախծագին յուզում մը կ’ընէր անոր անձը, արտայայտման ձեւը ծիծաղելի՝ ինչպէս սրտառուչ։ Կ’ըլլայ ասիկա, երբ մեր դէմինը մեզ կը սիրէ կամ կ’անարգէ:

Անշուշտ, սուտի իշխանուհին։

Ո՞վ՝ ատ իշխանուհիդ։

Մելինէ Մելինեանը։

Խնդաց աղջիկը, ակամայ ու տրտում։

Յետո՞յ։

Իր խելապատիկէն, միակտուր յօրինուած այդ ամէնը։

Սոնան չէր անդրադառնար։ Ու կը պատրաստուէր հարցումը կրկնելու, երբ տղան կանխեց զինքը.

Պանդոկ կ’երթա՞ք, թե ոչ։

Այո՛։

Լաւ, շատ լաւ եղաւ այս հանդիպումը։ Կարծես մէկը վերէն կը կարգադրէր։

Ինչո՞ւ։

Անշուշտ։ Ոչ մէկ պատճառ կար, որ անցնէի այս կողմերէն։ Ու հրաշք, որ հանդիպէի ձեզի։

Ոչինչ այնքան անտանելի է, երբ տրամաթիք վիճակը կ’առընթերադրուի անգէտ վիճակին։ Աղջիկը անտարբեր էր: Հինգ վայրկեանը աւարտած։

Պիտի տեսնէ՞ք:

Շատեր ունիմ։

Ա՞ն ալ։

Ո՞վ։

Իշխան Արծրունին։

Բայց ի՞նչ է իմ գործը այդ մարդուկին հետ, որ վաւերական ցաւագար մըն է՝ իշխան ըլլալէ առաջ։

Երէկ չէ՞ք տեսած զինքը։

Ոչ։

Չէ՞ք եղած իր սենեակը։

Ո՞վ, ե՞ս։ Ի հարկէ ոչ։

Մտածեց։ Կը յիշէր երէկ պանդոկ ըլլալը, արուեստագէտներու խումբին հետ, բուրգերը այցելելու նախապատրաստութեամբ, բայց հետն էին Մարանը, Պարգեւեանը, Միհրան Սիսլեանը եւ ուրիշներ, ազգային շրջանակէ։ Կը պակսէր Ճիվանզատէն։ Իշխա՞նը։

Բայց ի՞նչ է իմ գործը այդ մարդուն սենեակը։

Սակայն անիկա երդում կ’ընէ, որ քեզ տեսած է։

Ո՞վ, անիկա։

Մելինէն։

Ո՞ւր է տեսած։

Իշխանին սենեակը։

Անշուշտ գիշերը կէսի՜ն։

Այնքան անակնկալ էր այս նախադասութիւնը, որ կորսնցուցած էր հեգնութեան իր վարշամակը։

Տղան, կարմրած մինչեւ ականջները, նայուածքը խոնարհեց գետին։ Ու չէր գիտեր ինչուն։

Սոնան խնդաց։ Կրնար կատղիլ, լալ, պոռալ։ Միայն խնդաց։

Նոյն ատեն անոր աչքը ինկաւ թեւի ժամացոյցին։ Քանի մը ճաճանչ, ապակիէն, որոնք ցրուեցան դէմքին ու մազերուն, զուարթ ու պճլտուն։

Բարեկամս, արդէն անցած ենք սահմանուած վայրկեանները ու ես գործ ունիմ։

Սոնա՜...

Եղերական, սիրահար, յիմար։

Խօսք տուիք, որ չխօսիք էին բաներէ։ Ըսի ձեզի, թէ գործ ունիմ։

Անտարբե՜ր, թեթեւ։ Ի՜նչ քիչ բան է երբեմն երկինքին շղարշը, փոթորիկէն պահիկ մը առաջ։ Կրկին նայեցաւ ժամացոյցին։ Տխուր էր սակայն։

Կը ցաւիմ, որ շատ կարեւոր մեր խօսակցութիւնը գրեթէ տղայական կը դառնայ։

Անիկա ելաւ ոտքի։

Գիտէ՞ք, թէ նստած էին քով քովի, փայտեայ քանափէի մը վրայ։

Արտակ Գասպարեանը, առանց շարժելու տեղէն, բռնեց անոր ձեռքը։ Ուժգի՞ն։ Կան բաներ, որոնք չենք չափեր։ Երեք տարի է անիկա կը սիրէր այդ աղջիկը ու կը դողար զգեստին իսկ քսուելու։ Ուրկէ՞ առաւ ուժը, զայն վար, նստարանին քաշելու։

Ամէն կին, նման պահերու, կ’ընկճուի շատ մը բաներէ։ Փախուստը որոշում մըն է ու վերջ մը։ Անկէ առա՞ջ։ Այսինքն՝ երբ մեր թաքուն լարերը թրթռման կ’ելլե՜ն։ Ո՞վ նստեցուց Սոնան, ու նստեցուց, տարբեր:

Մուրացիկ մը քսքսեց իր ձայնը ու կեցաւ։

Ճանճերու տակ կորաքամակ աղտեղութիւնն էր անիկա։ Կը հոտէր հող՝ ինչպէս աղ։ Տղան նետեց անոր ոտքերուն թարիֆա ն [2] ։ Պարտէզէն կը կոտրէր քիչ-քիչ զովութիւնը։ Անգլուհիներ, վանդակորմէն ներս, խուզարկու ու տգեղ։ Ցանոտ ամերիկուհիներ, իրենց մէջքը հասնող շուներ ետեւնուն։ Ուրիշ մուրացիկ մը, որ տեղը բռնեց հեռացողին։ Թարիֆա։ Յետոյ՝ երրորդ մը։ Թարիֆա: Ու շարան։ Ու պզտիկներ, մէկ բերան՝

Պախշիշ, պախշիշ, թա խավակա, պախշիշ [3] ։

Աղտոտ ժպիտ մը կը ծամածռէր անոնց յանկերգը, յամառ ու յաղթական, ինչպէս եւ կը լուսաւորէ՜ր զոյգին պատկերը անդրադարձի մը պէս, զոյգին աչքերուն։

Անոնք ինչպէս իմացան, որ իրենց պատկերին սա «շահեկանութիւնն» էր դրդապատճառ այս յարձակողականին։ Փողոցը իմաստուն է կ’ըսեն։ Իրաւունք ունին։ Մարդոց խելքը թութի տերեւ չէ, որ փոշի դառնայ։ Հարկաւ քիչ մը բան կ’իյնայ գետին այն սիրտերէն, որոնք օր մը դողացին այս սալերուն վրայ։ Ու փողոցին տղաքը իմաստուն են, կանխահաս իմաստութեամբ։ Անոնք չափա՜ծ են այրերու սիրտը, երբ այսպէս, քիչ մը պահեստի, պանպուի թաւուտներուն մէջ, խարխուլ քանափէի մը վրայ անոնք կը յամենան կնոջ մը կուշտին։ Թող չհասկնան բառերուն լեզուն։ Անոնք անսխալ սերտած են մարմինին լեզուն։ Անխօս նստիլը հոմանիշ է ծերութեան, ու ծերերը, անգութ, այսինքն՝ չողորմող ըլլալէ աւելի, անտարբեր են, նախ՝ իրենց հանդէպ, ո՜ւր մնաց ուրիշներուն։ Այս է պատճառը, որ հանգիստ կը ձգենք առանձին նստողները։ Զո՞յգ նստողները։ Մուրացկանները, մեծ հոգեբաններ, տաղանդով կը շահագործեն հոգիին սա զաղփաղփուն պահերը: Սէրը, համակրութեանց ամէնէն եսապաշտ ձեւը, ինքզինքը պահելու համար, կ’ողորմի առատ։ Երիտասարդութիւնը հոմանիշ է հարստութեան, տուրքին ու վայելքին։ Տղա՞քը։ Սաղմնային մուրացկաններ, անոնք պիտի չհակասեն իրենց իմաստութեան։

Անոնց աղմուկը եղաւ նեղող:

Երիտասարդը, սրտնեղ, յանդիմանեց զանոնք։ Լաճերը, խառն է ի խուռն, անցան պանպուին ետին։ Բարակ փոշի մը եւ մէզի կարծր հոտ մը կը յամառէին, տարօրէն կծու։ Իր բարկութի՞ւնն էր, որ ըրաւ զինքը յանդուգն.

Որքան շատ եմ տառապեր:

Ինչո՞ւ։

Ձեզի համար։ «Ճերմակ գիշեր մը», ինչպէս կ’ըսեն վէպերը, ա՛ն՝ որ անցաւ։

Սուտ չէր խօսեր:

Սոնան նկատեց, որ արիւն կար անոր աչքերուն մէջ։ Դէմքը՝ աղօտ ու յոգնած։ Թրամվայի մը վայրագ, անտարբեր ճռի՛նչը, պարտէզէն դուրս, բզկտուող անասունի մը նման։ Աղջկան շրթները փոթուեցան։ Այդ կարգի ձայներ զայն կը վրդովէին առանց պատճառի։ Տարաւ թաշկինակը շրթներուն։ Զանգակ մը։ Եկեղեցի՞ մը։

Ես ձեզ չեմ հասկնար։

Դուք զիս չէք հասկնար, որովհետեւ չէք սիրեր։

Դո՞ւք:

Ես ձեզ կը սիրեմ ու դուք էք, որ չէք հասկնար ատիկա։

Նորէն...

Հին բաներ չեն ատոնք։ Արդէն ես դիտած եմ ատիկա իմ մէջ։ Ամէն բան մէկէն կ’ըլլայ նոր, երբ կը մտածեմ ձեզի։ Ձեր լուսանկարն իսկ ամէն օր կը դառնայ նոր, երբ գործէն դարձիս, պահ մը կը նայիմ անոր։ Ամէն օր նոր է իմ սէրը։

Դուք գիտե՞ք, թէ ի՛նչ է սէրը։

Արդար բան չէ մէկը այսքան ծաղրելը, Սոնա։

Բայց, բարեկամս, ճանչնալը հասկնալ ըսել է։ Ու հասկնալը իմաստուն կ’ընէ մարդը։ Ու կը զարմանամ, թե ինչո՞ւ կը յամառիք հաւատալ բանի մը միայն մէկ երեսին։

Ձեռքս չէ։

Վէպերու լեզո՛ւ։ Հազար անգամ ըսած եմ ձեզի. ես ձեզ չեմ կրնար սիրել։ Այո՞։ Կը հասկնա՞ք։ Ես չեմ հաւատար այդ բառին։

Յուզուած էր անիկա, ու շնչառութիւնը՝ արագ։

Մի պատասխանէք ինծի։ Ձեր յամառութիւնը, միամտութիւնը, անսրբագրելի ռոմանթիզմը (Պարգեւեանին սիրական բառերէն) տառապանք են ինծի համար։ Ո՞րն է աղբիւրը այս անհասկացողութեան։ Ի՞նչ է ձեր գործը աղջկան մը հետ, որ

Կաղաչեմ, Սոնա:

Բարձրացուցած կամ այլայլա՞ծ էր շեշտը, տղուն միջամտութիւնը հրաւիրելու աստիճան:

Եա խավակա, պախշիշ, ճչաց մուկ մը, պանպուին ետեւէն։

Երկուքն ալ ցնցուեցան։ Կու գային իրերու աշխարհէն։ Անոր բերանը թաշկինակին մէջ ըրաւ փոքր հեծք մը։ Ամփոփուեցան թեւ ելած գիծերը դէմքին ու ինկաւ վրան զուսպ բան մը։ Ըսես, պայծառ անոր մարմինը րոպէաբար շղարշուեցաւ կիսաստուեր այն տրտմութեամբ, որ աղջիկները այնքան տարբեր, անիրական, անդիմադրելի կ’ընէ։ Վիշտը, երբ չի յաջողիր մեր դէմքը սպաննելու նայեցէք ծերերուն ու համոզուիք պիտի այս տարազին ճշդութեան զայն կ’ընծայէ տարօրէն խռովիչ, էգ ու քնքուշ։ Պակա՛ս՝ արցունքը միայն։

Ո՞չ մէկ զգացում, ինծի հանդէպ։

Տղա՛յ, ինչո՞ւ կը նեղես զիս: Գիտես, թէ քեզ կը յարգեմ, ինծի ծանօթ բոլոր երիտասարդներէն աւելի։ Եթէ կը գնահատեմ եթէ երբեք բան մը կ’արժէ ատիկա պարկեշտութիւնդ, լրջութիւնդ, կորովդ (անզգալաբար կը կրկնէր Պարգեւեանին մտածումները, գրեթէ ձեւն ու կտրուածքը իսկ անոնց, տղուն մէջ առաջացնելով անախորժ բան մը), որոնք հաստատ բան մը կը շնորհեն քու անձիդ։ Թէ կրնամ՝ նեղութեան, վտանգի պահու մը, անվարան դիմել խելքիդ ու բազուկիդ։ Թէ կարելի է քեզի հետ անցընել հաճելի ժամեր խօսքէ ու միտքէ։

Ուրի՞շ բան է սէրը։

Անակնկա՞լ՝ հարցումը։ Վասնզի աղջիկը դողաց ոտքէն գլուխը։ Դառն ծիծաղ մը։ Ու սուզուեցաւ անոր նայուածքը տղայէն ներս։ Հանդարտ, ան պատասխանեց.

Անկէ դէպի սէրը անդունդ կայ, զաւակս, կը հասկնա՞ս։ Անդունդ։

Նոյն րոպէին անոր այցելեց տխրութեան աւելի թանձր մշուշ մը։ Քսամենի անոր ճակտին կնճիռ մը ուրուացաւ, թրթռաց, մեռաւ, նման վերերէն անցնող թեւի մը շուքին, ձիւներուն վրայէն։ Յաջորդեց անկարող հանդարտութիւնը։ Խօսողը ըլլար ծեր, ըլլար տղայ, բայց ոչ երիտասարդ աղջիկ մը, որ կուշտիդ կը նստի ու կրակ կը բանայ վրադ։ Տարիքէն շատ վեր այս մռայլումը կը հոծնար մա՛նաւանդ պայծառ տրտմութեան խորը անոր աչքերուն, ուրկէ մտածումի, հեռացումի, կոծումի գոլեր արագ ու հեւուն, կ’անցնէին ու կու գային։ Ըսես, անոր միտքը իյնար վարանումի մեծ ասեղին։ Յայտ է, որ խօսիլ կ’ուզէր, բայց կ’ընկրկէր ըսելիքէն։

Խորհա՞ծ ես երբեք ահաւոր այն դժբախտութեան, որ օր մը կրնայ հասնիլ քեզի։

Դժբախտութիւնը միակ հաստատ բանն է այս աշխարհին։ Անիկա կու գայ ուզենք ու չուզենք։ Ու շա՜տ՝ անոր ճամբաները:

Ոչ, ոչ։ Ա՛ն՝ որ կրնայ գալ, պիտի գայ մինակ իմ ճամբովս:

Քու ճամբո՞վդ։ Բայց թող գայ բարի։ Մա՜հն ինք, հերիք է, որ գայ քու ճամբովդ։

Վէպերո՜ւ տղայ։ Կը կարծէ, թէ խոշոր բաներ կ’ըսէ ինծի։ Չի գիտեր, թէ ամէնէն պարապ բանը կ’ըսէ այս աշխարհին:

Մա՞ հը։

Ուրիշ ի՜նչ։

Քսան տարեկան էք, Սոնա։

Քսա՞ն։ Ես ըսեմ հարիւր, դուն ըսէ՝ հազար։ Գիտցիր, որ թեփ է տարիքը, խոտ, հող: Ատիկա գիտցածն է ամէնուն։ Ինչ որ չեն գիտեր մրո՜ւրն է, որ կը գոյանայ ամէնէն անապակ խմորին ծոցը։ Մրո՛ւրը՝ դեռ տասնըհինգին։ Ով գիտէ ո՛վ կը շինէ։ Բայց կայ անիկա։ Ի՛նչ կը կարդաս իմ գլխուս, քու անարդի բարբառովդ։ Գնա՛, մեծցիր, հարստացիր, գործարաններ շինէ, վարէ ու քալէ քու ճամբովդ։ Բայց մա՛նաւանդ ամուսնացիր։ Ամուսնացիր, չեմ ըսեր Մելինէներուն հետ, այլ՝ մէկու մը հետ, որ ըլլայ քիչ տխուր, քիչ ապրած, ու կարենայ քեզ սիրել։ Մենք մոռցած ենք սէրը։ Ու կը զարմանանք, երբ մեզի կը խօսին անոր անունով։ Անդրջրհեղեղեան այդ յիմարութի՜ւնը։

Պատերազմի սերունդ։

Օ՛, ոչ։ Հոս մի փնտռեր այդ սերունդը։ Մեր աղջիկները ատկէ առջի սերունդն ալ չեն տակաւին հոս: Եգիպտոսը չի նմանիր ուրիշ աշխարհներուն։ Ու անոր աղջիկները կնիքին տակն են նեղոսեան աստուածներուն։

Մեծերու շփումին մէջ փոքրերը կ’օրինակեն ամէնէն շատ անոնց ինքնատիպութիւնը։ Գրագէտին սովորութիւններէն ազդուած, Սոնան սրցուցած էր դիտելու իր զգայարանքները։ Ինչ որ դպրոցին չորս պատերը կու տան տղոց, անցեալին մէջ կենալ կրնալու ճարտարանք մըն է յաճախ։ Վտանգ կայ, երբ այդ ճարտարանքը նպատակ մը դառնայ ու մաս կազմէ խառնուածքին։ Ինչ որ երիտասարդը կը սորվի մորթին ու քիթին ճամբովը, հազար անգամ կ’արժէ աւելի, քան գիրքերուն իմաստուն, սակայն ցանցառ ցուցմունքները։ Սոնան շատ մշակուած իր ջիղերով թէ կեանքին լուծովը առած էր սա վիրաւոր իմաստութիւնը։ Անիկա շարունակեց.

Սա օտարութեան մէջ (ինչ տխուր յուզումով անիկա կը խորհէր իր հայրենիքին) քեզի պէտք եղածը զուարթ ու քաղցր հոգի մըն է, որ կեանքէն դիտուած յոգնութիւնը մեղմէ վրայէդ։ Վազես ու վազես, բայց հեշտ ապահովութեամբը խորշին, որ քուկդ է, ու դառնաս անոր, պահես գլուխդ անոր մտերմութեանը մէջ։ Հասցնէ քեզի զաւակներ ու գիտնայ գորովիլ անոնց՝ ինչպէս քու վրադ։ Մոռցընէ քեզի դառնութիւնը ճամբուն, որ պիտի յանգի անխուսափելի, վիրապին։ Դո՛ւն, գործի տղա՛յ, ընտրէ աղջիկ մը, որ կիսուի քեզմով։ Ի՜նչ է կապդ Սոնային հետ, որ չի գիտեր, թե ինչո՞ւ կ’ապրի։

Անոր շեշտը, գալարուն ու թաց բան մը եղաւ։ Երկրորդ անգամ էր, որ խօսքին հետ անհամապատասխան այս տրտմութիւնը ինքնաբերաբար կը բուսնէր այդպէս։

Որո՜ւ համար, Տէր Աստուած, չկրցաւ չըսել։

Գրեթէ լաց կար ձայնին մէջ։

Բայց բռնեց ինքզինքը ու չափազանց խիստ՝

Հեռացի՛ր իմ ներկայութենէս։

Ծառան իսկ չեն վտարեր այդ ձայնով։

Խիստ, դաժան, բայց բռնի՜, ներսէն վիրաւոր այդ ելո՜յթը։

Որ իր ուժգնութեամբը տեղական, այսինքն՝ եգիպտական աղմկայոյզ կռիւները կը յիշեցնէր, ա՛յնքան՝ որ պանպուին ետեւէն ելան ծափի, կրկնելով աննահանջ իրենց յանկերգը։ Արտաքին աշխարհին այս խեղկատակ գոյութի՞ւնը։ Մեծ կիրքերու տենդին մէջ զայն չենք լսեր։ Բայց թափէն յետոյ, կրկնապէս կը վախնանք անկէ։

Հեռացի՛ր կ’ըսեմ քեզի։

Բայց խոնա՜ւ։ Ի՛նչ ալ ըլլայ զարկը մեր կիրքին, ի՛նչ ալ ըլլայ խստութիւնը մեր հարուածին, քանի որ պիտի անցնին արցունքին գօտիէն, կը մեղմանան։ Անոր աչքէն կաթած էր արցունքը։ Յետոյ ինքնազսպումի վայրագ փորձը ըրաւ անոր դէմքը անտանելի չարութեամբ ճերմակ բան մը, տղոց ձեռքով շինուած թուղթի դիմակի նման։ Անիկա զայրագին պոռաց.

Դուն կը չահագործես իմ տկարութիւնս։

Սոնա՜։

Ո՛չ, չեմ ուզեր խօսիս։ Հեռացիր, կորսուէ։ Հեռացէք բոլորդ, բոլորդ, որ դիակի շուրջ կը դառնաք ագռաւին նման ու աղջիկներուն միսերը կը հետապնդէք, չսպասելով իսկ անոնց մեռնելուն։

Ինչե՛ր կ’ըսես, Սոնա։

Կ’ըսեմ անխարդախ իմ մտածումը։ Կ’ըսեմ ողբերգութիւնը բոլոր աղջիկներուն, որոնք հաւատացին ու մեռան։

Մեռա՞ն։

Ի հարկէ։ Մարդ մէկ անգամ չի մեռնիր։

Չեմ հասկնար...

Պէտք ալ չունիս հասկնալու։ Ձեր ըրա՜ծը։ Մեռելը կրկին մեռցնելն է անիկա։

Անիկա հզօր ճիգ մը կ’ընէր՝ քիչ մը արիւն, բանականութիւն փոխադրելու յուզումէն ու զայրոյթէն այլամոլոր իր արտայայտութեան մէջ։ Բայց զինքը զգետնող մտապատկերը կ’արգիլէր իրեն այս շունչը անգամ։ Ո՜վ զզուանքը երիտասարդ աղջիկի։ Զոր կը կարդանք վէպերու մէջ ու կը մոռնանք աժան հաճոյքին մէջ լուալով մեր վրայ թողած ժանգն ու մոխիրը։ Ո՜վ զզուանքը երիտասարդ աղջիկին, որ կը կրէ ծերութիւն մը իր կուրծքին վրայ, կը կրէ լռին, մօրը աչքին տակ ու լայնօրէն բա՜ց՝ դէպի կոյանոցը ապրած, բլշած, շարաւոտ հոգիներուն, որոնք ի զուր զիրենք կը պատմուճանեն տաղանդին բոլոր ծալքերուն ու ծիածաններուն մէջ։ Կու գայ պահը, երբ մատաղ աղջիկը կը փետէ այդ ծիրանիները ու մերկը կ’ուզէ։ Ո՜վ զզւանքը գութով, հաշիւով, խերուն յանձնուած կամ յանձնուելու վրայ աղջիկներուն։

Անոր զայրոյթը անցաւ մարմինին, որ կը դողար:

Գացէք, ամէ՛նքդ, ամէ՛նքդ։

Թող չտեսնեն իմ աչքերը, ինչ որ ձեր արտայայտութիւնը եղաւ։

Հեռացէք, ձգեցէք, որ հնդիկներուն ըրածին նման մեռելները չորնան իրենք իրենց։

Խուլ ու վիրաւորիչ շեշտ կար այս ամէնուն մէջ։ Ինչո՞ւ չէր անդրադառնար, որ բռներ էր պինդ տղուն ձեռքը, հաստատ, որեւէ ատենէ աւելի հաստատ, ըսես փաթթուած անոր մատաղ զօրութեան։ Ու փոխանակ վանելու, կը գամէր զայն կրկին։ Նոյնիսկ ոտքի չէր:

Հաճո՞յքն ունիս զիս լացնելու, երբ շատ լաւ գիտես, որ այս խօսակցութիւնը արցունքի կը տանի։

Արտակ Գասպարեան ծանօթ չէր այս տեսարաններուն, բայց ոչ այս յանդգնութեամբ։ Պատերազմէն կրծուած ջիղերը յաճախ ան կը նկատէր պատճառ այս հոգեկան կքումներուն։ Սոնային համար անիկա մուտք կու տար ուրիշ ալ զսպանակներու, որոնցմէ կարեւորը «մօրը» պարագան կսկծագին խորութեամբ կը վիրաւորէր անոր միամտութիւնը: Նրբացած ջիղե՜ր: Հարկաւ։ Ի՞նչը չէ արու եւ էգ, որպէսզի ջիղերն ալ չըլլան։

Սոնա՜։

Լռէ՜։ Ու գնա՛ մէկդի։ Ճամբա՛դ։ Ու յետոյ…

Տղան կարդաց անոր դէմքին անօրինակ վարանք մը, որ աղօտեցաւ սակայն շուտ, տեղը տալու համար վճռական տարազի, ակռաներու կճրտումով մը լուսաւորուած։

Վերջնական։ Այսօր իսկ կը տեսնեմ Իշխան Արծրունին։ Ու կը վերջանայ ամէն բան։ Ամէնէն առաջ՝ քու յիմարութիւնդ։ Վասնզի ներէ, որ չունենամ ուրիշ բառ վիճակի մը համար, զոր հագեր ես երեք տարիէ ի վեր։ Աղջիկները, գիտցի՛ր, սիրելու համար այսքան չեն սպասեր։ Ու սէրը ծախու, ծախուած ապրանք է հիմա։ Չե՞ս լսած Պարգեւեանը, որ մունետիկի մը վայել լրջութեամբ գին կը կտրէ։ Այսօր կը տեսնեմ Իշխան Արծրունին։

Ո՛չ, ուժով ու հպարտ աւելցուց տղան։ Ու անոր շեշտը կը յայտնէր հասունցած կշիռ։

Ո՛չ, պիտի չըլլայ այդ մէկը։

Ո՞ր մէկը։

Տղան լուռ, խոնարհեց աչքերը։ Դող՝ անոր մատներուն մէջ ու ջուր, ա՛յնքան՝ որ անոնց ձեռքերը քակուեցան իրարմէ։ Ի՞նչ՝ այս աստիճան տագնապող «այդ մէկուն» մէջը։

Դուն կը ճանչնաս ատ Արծրունին:

Ըսի քեզի։

Այն ատեն։

Բայց դուն ի՛նչ իրաւունք ունիս միջամտելու իմ որոշումներուս։ Ինչո՞վ կապուած ես ինծի։ Աւելի ճիշդ՝ ինչո՞վ կապուած եմ ես քեզի։ Ո՞վ ես դուն իմ կեանքիս մէջ։

Շատ աւելի բան մը, քան Արծրունին:

Համմէ՞։

Պարզ, Սոնա՛։ Շատ աւելի բան մը։

Իրար կը հասկնայի՞ն, թէ իրարու գլխուն բառ կը նետէին։

Ներէ, որ իրաւունք ունենամ։ Բաներ կան, որ գնուելու չեն նոյնիսկ Հնդկաստանի ամբողջ ադամանդներովը։

Այո՜։

Այո՛։

Կա՞ն չծախուող բաներ։

Անշուշտ, անշուշտ։ Կան ատ չծախուող բաները ու լաւ է, որ կան։ Այլապէս, աշխարհին իսկ գնող կը ներկայանար։

Դուն կարդացա՞ծ ես խոզին ու մարգարիտին առակը։

Դուն կարդացա՞ծ ես մանանուխի հատիկին զօրութիւնը։

Լրջութիւն, քաղցրութիւն, տրտմութիւն ու բեկուած վճռականութիւն։

Ասոնք ըլլալէ առաջ «վերացեալ գոյական», մեր դէմքին ու ձայնին վրայ «վերացեալ» փայլակներ են։ Ազդեցի՞ն ասոնք ճմլուած ու եղկելի պատկերին, որ երեսն էր աղջկան, որպէսզի հարցնէր անիկա, նուազ խիստ ու դաժան։

Այսի՞նքն։

Այո՜։ Աւազի հատիկը երբեմն աւելի կ’արժէ, երբ բիւրեղանայ, քան ապառաժ հաստամեստ մը։ Դրամը պէտք չէ, որ գնէ ամէն բան, ինչպէս ընել կը յաւակնի։ Անգնելի՝ սի՛րտը, ներէ, որ այդպէս հաւատամ։

Դուն սիրտ ունի՞ս։

Երեք տարի չեղաւ վայրկեան, որ անիկա զարնէր ուրիշին համար։ Մեղք որ չես հասկնար:

Շահեկան կը դառնաս: Բայց կրնա՞ս բացատրել, թէ ինչ կայ բառերուդ տակ։ Ի՞նչ է ուրիշին համար «զարնող» սիրտը։

Տրտում ժպի՜տ մը, որ ցաւի պէս զարկաւ երիտասարդին արտայայտութիւնը: Անիկա կ’ամրանար իր ենթադրութեան մէջ։

Մենք պիտի չհասկնանք, ինչ որ չենք ուզեր հասկնալ:

Այդպէ՞ս։ Լաւ էր այդ մէկը։

Բայց ի՜նչ է արդէն արժէքը սիրտին, որ չ’երեւար։

Միս մըն է ան ալ սակայն:

Որ չի կրնար շրթունք ըլլալ։

Արժէ՞քը միսին, որ կ’երեւայ։

Ի՞նչ կուզես ըսել։

Պարզ է, սակայն։ Արժէ՛քը՝ անոր, որ կ’երեւայ, մեր մազերէն ու մեր դէմքէն: Մարդիկ քիչ անգամ կը տեսնեն ուրիշ բան։ Աղջիկ մը միս է, ուրիշ բաներ ըլլալէ առաջ։ Այդ է պատճառը, որ այնքան ըլլան քիչ այրեր, որ ուրիշ բան տեսնեն։

Կինե՞րը։

Անոնք կը տարբերին։ Անոնց տեսածը քիչ անգամ միս է։

Անոնց տեսա՞ծը։

Լաւ է, որ լռես։

Ձգած, հրած էր մէկդի անոր ձեռքը, վասնզի իր յուզումին մէջ խորասոյզ՝ ինքզինքը ուզեր էր մինակ։ Այն մռայլ համապատկերին մէջ, որ անոր մտքին ճամբաներէն կը թաւալէր այդ պահուն, անիկա ինքզինքը տեսա՜ւ այնպէս՝ ինչպէս շիներ էին զինքը, իր մատաղ փայլին ու գեղեցկութեան առաջին տարիները։ Ու տեսաւ, թէ ինչ վատ հեշտանքով կը խմէին զինքը աշխարհին ամէնէն մեղրածորան շրթունքները։ Ու այն ատեն իր եղկելի մերկութի՜ւնը, երբ անցնէր հրայրքին վերջալոյսը ու ձգուէր մինակ մոխիրին ու աղին կսկումին մէջը։ Ինչպէս տաճար մը, որ կը կործանի ու կը կործանի ապիրատ ձեռքերէ, ճիչին ու համբոյրին մէջտեղը, պաշտումով ու սողոսկումով։

Անիկա անցուց արագ մատերուն վարագոյրը աչքին առջեւէն։ Ծածկել ուզա՞ծը։ Յետոյ հեռացուց իր մարմինը իրմէն։ Այսինքն՝ երբ նետեց ապականութեան մեծակերտ նկարը, ետ՝ մոռացումին փոշիին։ Չքացուց ինքզինքը իրմէն, ըլլալու համար պահին աղջիկը։ Որ դառնար սովորական միութիւն մը, ամէնուն նման, աղջիկ, սիրահարով, բայց պարտաւոր՝ էրիկ մը ճարելու կամ գնելու կամ ինքզինքը գինի դնելու: Այս մտածումն իսկ զայն ըրաւ նուազ անհանգիստ։ Իր ճակտէն մազի թել մը ոլորելով, առանց կիրքի ու առանց ջերմութեան, նման արձագանգի մը, որ հնչէր մօտէն, շատ մօտէն, մեռած կամարներէ նետուած վար՝ անիկա հանեց իր բերնէն անսպասելի նախադասութիւնը.

Երբ աղջիկներ ծախու կը հանուի՜ն։

……

Ինչո՞ւ կը մոռնաս Օրիորդ Կալին։

Օրուան նորութիւնն էր այդ Կալին։ Գեղանի աղջիկ՝ երեք տարիէ ի վեր նշանուած երիտասարդ հաշուակալի մը, մեծ վաճառատան մը մէջ։ Կոտրեր էր նշանը, մտնելու համար իբր հիւանդապահուհի մեծահարուստ բժիշկի մը քլինիքին մէջ։ Եօթանասունէն վեր էր այդ բժիշկը, որ երեք տարին հեղ մը պարտ կը զգար թարմանալու, գիտական հարազատութեամբ, իր ժանգերը թօթուելով այդ մատաղութեանց հուրքին մէջ։ Հաշուակալը, պատուական երիտասարդ, զարգացած, ազգային գործերու մէջ ձայնի հետամուտ ու անդամ քանի մը յանձնաժողովներու, կը սիրէր Օրիորդ Կալին՝ իր խնամուած մատենադարանին փոշիէն, բացառաբար քննադատական հատորներէ ձեւացած։ Ու կը սիրէր իր նշանածը, զայն ստիպելով մտիկ ընելու Էմիլ Ֆակէի կամ Ֆ. Պրիւնիթիէռի հաստփոր վերլուծումները: Ու կ’անտեսէր օրիորդին ժուռնալ ները, կօշիկին ու զգեստին շտեմարանները։ Օրիորդ Կալի, Գալինիկէին արդիացած ձեւը, թափանցիկ ծրագրով մը դիմած էր բժիշկին։ Կ’ըսէին, թէ պայմանագրութիւնը ունէր երեք տարուան տեւողութիւն, դրամի շուրջ շատ որոշ յօդւածներով։ Շաբաթ մը ամբողջ այս «գործառնութիւնը» ուսումնասիրուեցաւ։

Ինչո՞ւ կը լռես։

Չեմ հասկնար քեզ, Սոնա։

Ըսաւ, բայց չունէր համարձակութիւն աչքերուն նայելու, վասնզի իր ներսը պայծառ գծուած էր, ֆիլմի մը նման, «հասկնալէն ալ անդին»ը։ Ու այդ գիտակցութիւնը վեր էր իր մէջ ամօթէն ու ցաւէն։ Մարդ մահուան ստութեան մէջ միայն այդ ջերմագին, հաւատաւոր յուսահատութիւնը ճիշդ դատել կը մղուի։

Մտիկ ըրէ, Սոնա։ Եկած է վայրկեանը, որպէսզի պարզ ըլլայ ամէն բան, չեմ ըսեր իմ ու քու մէջ ով ե՜մ ես արդէն այլ քու ձեւիդ ու քու իրականութեանդ մէջ։

Շարունակէ։

Լա՛ւ։ Դուն գիտե՞ս, թէ ով է Մինաս Մարանը։

Ինչո՞ւ չես զբաղիր Իշխան Արծրունիով։

Իշխանը յիմար մըն է ու գործիք մը։ Անոր տէ՞րը։ Դուն գիտես, թէ ո՞վ է Մինաս Մարանը։

Քու գործարանիդ գրեթէ տէրը, որով եւ քու տէրդ։

Ո՛չ. մի նայիր գործի կողմ էն։

Այն ատեն՝ «պատուական ու պատուաբեր ազգային», Պէյնի Սուրէյնի եկեղեցիին մեծ ջահին ու զանգակին նուիրատուն...

Այդ տարազները, անոնց տաղաւարած հեքիաթները մէկդի, որոնք լոյսի պէտք չունին, թափանցիկ ըլլալու համար։

Այն ատեն՝ Սփլանտիտ օթելին տէրն ու վարիչը, զբօսաշրջիկներու մագնիսը ու եգիպտական մեծատաղանդ խնճոյքներու կազմակերպիչը...

Ատոնց ալ չեմ ակնարկեր։

Կեցաւ: Յետոյ, ճիչով մը.

Պիտի ներե՞ս, որ կարենամ գործածել բառեր, որոնք շատ դիւր գալու չեն ձեր ականջներուն։

Միտքը քիչ կ’արժէ երբեմն ականջէն։

Կարմրեցաւ։ Ինչուն չէր գիտեր։ Բայց տաքցած էր: Պարտկելու համար աւելորդ այդ յուզումը, անիկա փութաց ըսելու.

Կը կանխեմ քեզ, յայտնելու համար, թէ այր մարդէն գիտեմ շատ բան, նոյնիսկ ամէն բան։

Կրնաս գիտնալ շատ բան, բայց ոչ ամէնը։

Այսպէ՞ս։ Հետաքրքրական պիտի ըլլար։ Օրինա՞կ մը:

Գիտե՞ս իր վերջին հերոսութիւնը։

Ակամայ ծիծաղ մը, որով դառնացաւ Սոնային արտայայտութիւնը։

Զիս ծախել Արծրունի Իշխանին։

Ատիկա հինն է։

Նո՞ր։

Ու աւելի վատը։

???

Այո՜։ Աւելի վատը, ա՛յնքան՝ որ ըլլաս «անվաճառելի»։

Չեմ հասկնար այդ գրաբար ածականը։

Պարզ է սակայն։ Անիկա մարդն է, որ չ’ընկրկիր ոչ մէկ բանի առջեւ ու կը զոհէ ամէն բան։ Իր տունի աղջկան բերանովը անիկա արատաւորած է քեզ արդէն։

Աղջիկը մնաց անզգած։

Չե՞ս զարմանար։

Ո՛չ։

Բայց ինչպէ՛ս ոչ:

Այդպէս։

Պատասխանի այս հանդարտութիւնը, մասնաւոր դիտումի արդիւնք չէր։ Օրիորդ Սոնա Գոհարեան, գայթակղութիւնները դիմաւորելու իր վերապահ կերպովը կը զատուէր սեռին ընդհանոր փութկոտութենէն։ Կիները պիտի ընդունին իրենց ամէն լսածները, ինքնայարդար ընկալչութեամբ: Զարմանալի է այս տրամադրութիւնը անոնց, երբ երբեք չեն հաւատար իրենց ըսածին։ Իր մե՞ղքը, տեսածներուն բազմութիւնը, Պարգեւեանին, ոսկեզօծ դամբարա՞նը զինքը կ’ընէին այդպէս հանդարտ, յաճախ սուտէ ճարտարապետուած մեր բարոյական կրթութեան հանդէպ, այսինքն՝ մեր ամէնէն փառաւոր տիտղոսած հպարտութեան հանդէպ, ուր մարդիկ կ’ըսեն ու կը գործեն ճիշդ ներհակովը իրենց ներքին իրականութեան։ Բայց ասիկա առաջին յարկն է սուտին կայսրութեան։ Հապա միւսնե՞րը։ Այսինքն անոնք՝ որոնք սուտը արժեւորելու, ոսկեզօծելու իրենց լրբութեան մէջ կը վատնեն այնքան տաղանդ ու գեղեցկութիւն։ Ինքզինքը ծախած ու սպառած կինը, երբ կը հասնի «հանգիստին նաւահանգիստը», ի՜նչ մեծվայելուչ եռանդով ինքզինքը ի սպաս կը դնէ պատիւին ու բարքերուն պաշտպանումին։ Լրբութենէն վեր բան է ասիկա, մօրուքի իջած կիներու մարզէն։ Բամբասանքը, զրպարտութիւնը Սոնայի աչքին փոքր դժբախտութիւններն էին մեր ժողովուրդին, որ չունենալով մեծ իտէալ, կը զբաղէր իր մեղքերով։ Անիկա լսած էր Պարգեւեան խորունկ տարազը, որով կը յանձնարարէր մեծատաղանդ արձակագիրը «մեղքը ապրիլ ու անոր կճեփը այսինքն՝ բամբասանքը ձգել դիմացէն նայողները վայելումին, որոնք մարդ ըլլալով բերան ունէին անշուշտ... ուտելու: Թող ուտէին կեղեւը մեղքին»։ Այնպէս որ, անիկա կը մոռնար ամէն յօրինում, այսինքն՝ չէր տառապեր անոր հաշուոյն։ Ոչ ոք կը պաշտպանէր, ամէնէն քիչ՝ ինքզինքը։

Չե՞ս զարմանար ուրեմն, որ այդ անօրէն աղջիկը քեզ բամբասէ Մարանին հետ։

Ի՞նչ...

Ցցուած էր ոտքի, ինչպէս մէկը՝ օձի խայթուած։

Նեղուած, բայց կորովի, տղան շարունակեց.

Որ այդ աղջիկը պատմէ պարտէզով տեսարաններ, վիլլաներ, ու քեզ գտնէ իր, ի՛ր աչքերով «հօրեղբօ՛րը» սենեակին մէջ, գիշերը կէսին...

Արիւն չէր մնացած Սոնայի դէմքին։

Յետո՜յ, հազիւ շշնջաց անիկա։

Յետո՞յ։ Որպէսզի Իշխան Պօղոս Արծրունին կամ աւելի համեստ՝ Արտակ Գասպարեանը լսեն ատիկա։

Բայց ինչո՞ւ այսքան մեծ։

Ի՞նչը։

Սուտը, սո՜ւտը, Արտակ։

Գոցեց մատներովը դէմքը ու կը շշնջար.

Ինչո՞ւ այսքան մեծ։ Ի՞նչ են իր հաշիւները։

Բայց պարզ, շատ պարզ, Սոնա, պուտիկ մը մտածումն իսկ բաւ է ատիկա մեկնելու։

Եղաւ անիմաստ լռութիւն։ Հարուածը կը խորանար աղջկան մէջ ու կը քայքայէր անցած ճամբաները։ Մտածումը նմանցուցած են թելի։ Նմանցուցէք զայն անձրեւի թելին, այսինքն՝ փրթուկ, կաթկթող թելին։ Մէկ կաթիլէն միւսը՝ պարապ։ Մէկ մտածումէն միւսը՝ պարապ։ Մեղու մը դողաց աղջկան այտերուն, համարձակ ու աղմկոտ, ու անցաւ տղուն։ Յետոյ, կրկին՝ այդ «անիմաստ լռութիւնը»։ Կայծակէն առաջ ճնշո՞ւմը մթնոլորտին, զոր կը կրես, բայց չես փնտռեր։

Աւելին, Սոնա, աւելին։

Խիստ, դէգ՝ աղջկան նայուածքը մխուեցաւ անոր սիրտը մինչեւ։ Կարծրութի՜ւնը այդ սլաքին: Ա՛յնքան՝ որ տղան ընկրկեցաւ։

Որքան ատեն, որ իր երազը կ’ապրէր իրեն հետ, անիկա գտած էր հաշտութեան ձեւ մը անոր հետ։ Անիկա կ’ապրէր զայն ու միամիտ էր այդ ատելութիւնը տեսակ մը վահան ալ ընդունելու իր ու աշխարհին միջեւ: Բայց Մարանին բերանէ՞ն։ Անոր կատաղութիւնը զայն ըրաւ միակտուր ու բացարձակ։ Ինչո՞ւ չէր ուզեր լսել այդ «աւելին»։ Ու ինչո՞ւ չխորհեցաւ ուրիշ բաներու։

Լռէ՛, կ’աղաչեմ, ըսեր էր անիկա, ձեռքը երկարելով տղուն շրթներուն։

Հակադրութի՜ւնը ընդմէջ նայուածքին պողպատին ու սա բառերուն թուլութեան։ Արգիլեց խօսիլը, ինքզինքը արգիլելու համար լսելէ ինչ որ զայրագին կ’ատէր տարիէ մը ասդին։

Որքան ատեն, որ սեռը տիրապետող շունչն է, խառն է ճնշելու ոլորտի մը ո՜ր բաները մարդոց չեն ատիկա արտաքին յորձանքները քիչ կշիռով կը կտրեն-կ’անցնին զայն։ Սիրահար զոյգը ականջ չունի այդ աշխարհին դէմ։ Բայց այն օրէն, երբ սեռին շունչը կը դառնայ խորշակ ու ծերութիւնը հովերուն, դուք իմացեք՝ մարմնի հովերուն խորշակն է յաճախ այն օրէն մեր պատնէշները կը թափին գետին ու մենք կը տեսնենք ։ Սոնա Գոհարեանը կը սպասէր օրուա՜ն, երբ իր երազին արձագանգը շատ մեղկ, յստակ, պիտի գար վրան։ Անիկա մօրը սարսափը ունէր նկարուած խորն իր զգայարանքներուն, ա՛յն մօրը՝ որ պոռացեր էր անոր երեսին.

Չտեսա՞ր դուն զիս, Սոնա։

Տեսած էր, փարթամ պատկերին ճեղքրտած, ծեծքուած յատակ մը, ինչպէս որմնանկարէ մը, զոր կրծեր է ժամանակը։ Անոր մա՜յրը, աւերակը իր աւերումին։

Լռէ՛։

Անշուշտ։

Ի՞նչ մեղաւոր տրտմութիւն էր ատիկա։ Նախամտածուած ի՜նչ ընկալչութիւն։ Անիկա կը հաւատար խոստովանութիւն մը կատարած ըլլալ, զինքը մշտական անդոհի մէջ պահող խաւարին վրայ փոքր պատուհան։ Ուրկէ իջնէր քիչ մը զով բան եռացող գարշանքին։ Անիկա իր մարմինը ժամերով այդպէս կը զգար, իրականութեան մէջ իբրեւ պլշկումէն ետքը, չկրնալով խաղաղիլ, ազատիլ աղի ու հոտած այն հովէն, որ ծերութիւնն է։ Սէ՞րը։ Ո՜ր բանը չի փտիր։ Ի՜նչ լխկած դիակ է ան, որ կը յամառի վարդէն ետքը։

Անիկա կ’անգիտանար երիտասարդին պաղած զարմանքը, պիշ իրեն յառած, սպասելով խօսքի արտօնութեան։

Գահիրէն արթնցած էր բոլորովին։ Ծուխ ու աղմուկ օդին մէջ կը ծփային «շղարշ առ շղարշ», ու պարտէզը յաճախուելու վրայ զաւկով մայրերէ։ Մէկը անցաւ անոնց առջեւէն, թեւին՝ պուպրիկի պէս աղուոր աղջիկ մը, չորս տարու, որ իր մօրը կոկոնութիւնը կը պտըտցնէր ու կը նայէր իրենց, դառնալով ետին քանի մը անգամ։ Սոնային ստիքներուն մէջ բան մը խաղաց։

…։

Վայրկեանի մը չափ տեւող հեծեծագին ու մղձուկ լացէ մը ետք, անիկա իբր թէ լսած ըլլար անոր բերանէն այդ «աւելին» ալ. ամչկոտ ու թշուառ, մնաց կործանած։ Անոր կորովը, շոգիէ շէնքի մը պէս հալեցաւ ինքնին ու թուլ ըրաւ անոր մարմինը։ Գրեթէ առանց հոգիի, վերցուց, աչքերը դէպի տղան ու չնայելով, բայց լիալիր արեւելուած անոր՝ վանկ-վանկ քաշքշելով ձայնը անիկա իր մեղքին վիշապը կը քաշէր ետեւէն կարողացաւ արտասանել.

Ճիշդ են այդ ամէնը, Արտակ։

Կեցաւ, վասնզի կոկորդը գիտէր չորցած, պրկուած։ Մեծ յոգնութիւնները աւելի ուժով կ’արտայայտուին կարգ մը կէտերէ մեր մարմնին վրայ։ Անիկա դատեց իր ճիգը՝ անբաւակա՛ն, կոկորդը պարուրող այդ խուլ ու խոնաւ ցանցումէն անցք մը ճարելու գալիք բառերուն։ Բայց որքա՜ն կ’ուզէր ա՛լ խօսիլ, բացուիլ ու պարպուիլ ամբողջ։ Ու չես գիտեր, թե ինչն էր զինքը կեցնոդը այդ արարքէն։ Կտրուած վարանումով մը անիկա շշնջաց.

Հիմա կրնաս մեկնիլ։

Ո՞ւր։

Ուրկէ՛ որ եկար։

Զգաց, որ մարմնական տկարութիւն մը, տաքուկ բանի մը պէս կը ծաւալէր իր սրունքները մինչեւ։ Պարտաւորուեցաւ նստիլ, չիյնալու համար։ Ու դիտեց, որ սիրտը խոշոր էր, տարածուած՝ կուրծքին մեծ մասին, ու ճնշուած՝ հսկայ քարէ մը։ Աչքերուն առջեւէն աստղի կաթիլներ թռան ու թռան։ Ապակիի գունտի նման նշմարեց իր գլուխը, որ կը շրջուէր։ Նուաղո՞ւմ։ Փակեց աչքերը, որպէսզի գլխու այդ պտոյտը մեկուսացուի։ Ոտքերը կտրեր էին գետնին ու նստարանը ըսես մէջք կու տար։ Խառնակ այս զգայութիւններուն մէջէն, իրականին ու ցնորքին սահմաններուն, անիկա տեսաւ Սահակ Պարգեւեանը, որ կորաքամակ, լեռ մը կը բարձրանար։ Ու կը բարձրանար առանձին, մեղսաթաթաւ ուխտաւորի մը նման։ Տգեղութիւն, աղտ, աղբ, մեղք, իրարմէ փայլուն, իրարմէ աղուոր՝ կը հիւսուէին անոր հետ։ Ու գլուխը ետին, կանչելով զինքը, բայց անդադար փախչելով, գրագէտը առաջին զառիթափերուն նստաւ։ Երբ բացաւ աչքերը, գտաւ առջին ծունկի երիտասարդը, դեփ–դեղին, շուարած, արցունքի մէջ։

Ուրկէ՛ որ եկար։

Մեռելը խօսէր, ունենալու չէր տարբեր եղանակ։

Անիկա, հազիւ կարողացաւ շարժել թեւը, զոր կը զգար երկաթէն ալ ծանր, բերելու համար աչքի սահմանին։ Ժամացոյց նայելու այս փոքր ճիգը ցնցեց անոր ողնայարը։ Կը տառապէր անսովոր վախէ մը գլուխին մասին, զոր բռնել կարենալու համար կռթնցուցած էր քանափէին անկիւնափայտին։ Իր վա՞ խը։ Իրեն այնպէս կու գար, թէ այդ գլուխը հանած էին իր արմատէն, ու դրած, խախուտ, ուսերուն փոսին։ Ժամը՝ տա՛սը։ Ուրեմն, քառորդ մը չէր բաժներ զինքը իր այն վիճակէն, որուն մէջ անիկա կրնար սա տղան կրել, ինչպէս ըրեր էր այնքան ատենէ ի վեր։ Քառո՜րդ մը։ Որքան շատ կը թուի մեզի տեւողութիւնը, երբ զայն կը չափենք մեր սիրտին բաժակովը, ու գնովը՝ մեր ամէնէն սիրելի պատրանքներուն:

Մինչեւ ինքզինքը լիովին գտնէր, անիկա չխօսեցաւ գրեթէ։ Նուաղում ըլլալէ աւելի՝ թուլացո՞ւմ մը, պատահած դէպքը։ Անոր տառապակոծ ջիղերը չէին կրցած հանդուրժել վերջին պարպումը ու լքած զինք։ Երբ ելաւ ոտքի, անիկա կը նմանէր նոր աշխարհ մը մտնող օտարականին, որուն ոտքերը կը վարանին, բայց աչքերը կը խուզարկեն:

Անիկա ըսաւ.

Ուրկէ՛ որ եկար։

Ինչո՞ւ, երրորդ անգամ ըլլալով, այս նախադասութիւնը։ Մենք կը խօսինք մենէ վեր ձայներու ունկնդիր։

Ու անմիջապէս, կուլ տալով մարմինը, միջուկը իր մտածումին, որ թաքուն յարդարիչը եղած է ամբողջ այս տեսարանին, անիկա նետեց գետին անոր կեղեւը.

Ինչ հարկ աւելորդ բառերու։

Չէր անդրադառնար, որ իր բառերը «պարպուած պատեաններ» էին ու ցաւ, ցաւ էր իրեն չըսել, ըսած չըլլալ ինչ որ իր խորագոյն տագնապը եղաւ տարիէն ասդին։ Մեղքին դէմ ծառանալու վիպական հերոսութիւն մը այդ բացուելու, արձակուելու պահանջը իր մէջ: Անիկա կրօնական խղճահարութիւնը չէր իւրացուցած, Քոյրերու վարժարանէն, վասնզի անոր մարմինն էր, որ ապրեցաւ, քան հոգին՝ այդ աղջիկներուն դալկացած կուսութիւններուն հետ շփումի մտնելով։ Անիկա չունէր կրկին մեղքին ալ խղճահարութիւնը. մեղքին՝ որ կը ներկայանար այնքան թշուառ, քրտնած, եսապաշտ կործանումով, մաշած մարմինի մը աղբիւրներէն։ Զզուանքի՞ հարկ, բայց ատիկա հիմնական, դասական բարեխառնութիւն մըն էր անոր մէջ, անոր ազատ ժամերուն քոլորի ն։ Ուրի՞շ։ Այո, աւա՜ղ, ուրիշ, անանուն մղում մըն էր զինքը լարողը, չարչարողը, ընդարձակողը։ Անանուն այն կարօտը, որ մեր սիրտինն է, արբունքէն անդին ու չի դադրիր մահուան դուռները մինչեւ։ Կարօ՜տը անոր, որ կայ ու չկայ։ Որ ինկած ճամբայ, դէպի իրեն գալու։ Բայց կը յամենար։ Ո՞վ։ Երբ գայ, կ’իմանաք։ Անոր մեղքին դաշտը ողողուեցաւ անճառ տրտմութեամբ։

Զայն դիտող մը, որոշապէս կ’առնէր անկէ տպաւորութիւնը մէկու մը, որ կը հեռանար, կը քակուէր իր կապերէն՝ փնտռելու համաը հեռուի բաներէն։ Հիմա, ոտքդ, այդ հասակէն ի՞նչն էր, որ կը թափէր վար, զինքը ձգելու չափ մերկ։ Սեպհական ամօթին վարշամա՞կը, զոը կրեր էր տարի մը, դատապարտուած բեկումով թէ անմեղութեան տուին անոր վերջին գլգլեակը, որ փոշի դարձած՝ կ’իյնար ոտքերուն։

Գերման խարտիշութեամբ կին մը, քոտաք մը ձեռքին, կեցաւ անոնց դէմ։

Անոնց բաժանումը եղաւ աւելի թեթեւ, քան ամբողջ տեսարանը։ Ամբոխին մէջ կորսուելէ առաջ, Սոնան չափեց խանդավառ, միամիտ տղան Պարգեւեանին կշիռովը։ Ի՜նչ ուրիշ բան է սերը, ըսաւ անիկա մտովի ու մեղքցաւ պատուական երիտասարդին, որուն ճակատագիրը պիտի ըլլար թաւալիլ կիներու ոտքին ու արհամարհւիլ։ Այդ մտածումը զինքը առաջնորդեց ուրիշի մը, ամուսին։ Ու շեման այդ շատ պարզ, գռետիկ յղացքին ու Արտակ Գասպարեանին մտապատկերները հաշտ էին իրարու հետ։ Երբ մեր օրերը կը բռնւին հրդեհով, այն ատեն կը դատենք միւս մարզերը, ուր հովն ու կանանչ գարունը կը տիրեն։ Կեանքը կա՞յ տագնապէն, արիւնէն, կրակէն դուրս։ Հարցում է ասիկա անոր բերնին, որ կուրծքին մէջ գունդ մը ասեղ կը հաստատէ։ Միամիտ տղան, դժբախտ ամուսին։ Ի՜նչ հեռու էր, կրնար ըլլալ, անիկա իր սիրտին։

Պարտէզի մուտքին, ամբոխին հոսանքէն պահ մը վախնալով, վարանոտ մնաց։ Սեւամորթ ըսուելու չափ թուխ երիտասարդ մը, որուն դէմքին դեղնորակ աչքեր «հրաշունչ» բան մը կը յայտնէին վրան, գրեթէ բռնի, քսուեցաւ ուժգին մերկ իր թեւերուն։ Տարօրինակ սարսո՛ւռ մը անոր ողնայարն ի վար։ Անկիւնոտ անոր այտոսկրները տեսաւ այդ սարսուռէն ետքը։ Ու չարչարագին բռնութիւնը, ծակող, ուզող, լլկող բռնութիւնը անոր նայուածքին ամչցուց զինքը։ Փախաւ գրեթէ։ Մայթն ի վեր անոր կը հետեւէին ամերիկուհիներ, մէկը գեղանի, բարակ, ռունգերը շատ լայն։ Միւսը՝ անտանելի տգեղութեամբ, մազերէն ճերմակ։ Նոյն սեւամորթ երիտասա՛րդը, որ անցաւ քովէն։ Ի՞նչ կը փնտռէր։ Ծիծաղեցաւ իր հարցումին ու թողուց իր միտքը թափառիլ անոր ետեւէն:

Մինչեւ Սփլանտիտ փալաս անիկա հազիւ կարողացաւ ազատել իր միտքը սեւամորթ այդ բռնութենէն։ Կ’ապրէր գլուխը էջի մը, որուն մէջ ճերմակ կիներու տկարութիւնը կը պատմուէր սեւերուն հանդէպ։ Սեռին հզօրագոյն բռնութեամբ վառուած ու վազած Ամերիկայէն Ափրիկէ մինչեւ։

Հրապարակ մը։ Մարդկեղէն հոսանքը հոդ կը տարտղնուէր իր յուսահատիչ, աղի հոծութենէն։ Կեդրոնէն արմաւենիներու գարգմանակաւոր սանդուխները։ Ու արեւադարձային պոռոտութեամբ թաւուտներ շատրուանի մը եզերքը։ Սեւամորթ արձան մը ջուր կը թափէր այդ աւազանին։ Ամէն բան լայն, արձակ, մինչեւ հսկայական շէնքերը, որոնք եւրոպական ոճը կը պատմեն ու օտարականը կը պատրեն։

Սա բացութիւնը եղաւ օգտակար։ Թրամվայներ ու օթոներ անդադար ուշադրութիւնը կը պահէին պիրկ։ Անոր միտքը ստիպուեցաւ լքել սեւամորթ հունը ու դառնալ իրեն։ Հիմնական գո՞րծը։ Անշուշտ, ու անյետաձգելի՛ն։ Գտնել Մարանը ու «կործանել» զայն, բառ՝ զոր կը սիրէր գործածել, հետեւելով գրագէտին հեշտութեան, երբ զայն կը փակցնէր յարմար հասցէին։

Անիկա ինքզինք զգաց ուժով, քան որեւէ ատեն: Ուրուացաւ, բայց չեղաւ սիլուիթը Արտակ Գասպարեանին, անկշիռ արարա՛ծ։ Շինուեցաւ ու հաստատ եղաւ տարբերութեան որոշ զգացում մը, որուն վրայով իրարու կը կապուէին պարտէզին տկարութիւնն ու այժմեան վճռականութիւնը: Շատ չփնտռեց զսպանակները այս փոփոխութեան։ Զգաց ակռաները, որոնք բան մը կը ծամէին։ Զգաց իր սրունքները, որոնք իր ոտքերը կը ճնշէին ու կը հրէին։ Պանդոկին պատշգա՛մը, որ իրեն յիշեցուց վերջապէս օրուան առաքելութիւնը, ռուս իշխանուհին ու միւսները։

Ելաւ մարմարեայ սանդուխը։

Պատշգամին վրայ, թիկնաթոռներու խորը ընկողմանած էին շատ մը մարդեր, աւելի ձեւ, քան թէ անհատականութիւն։ Մենք մեր դէմինը կը շինենք պզտիկ ճիգով մը։ Երբ մեր ուժերը յատկացւած են ուրիշ աշխատանքի, այդ ձեւաճշդումը կը կատարենք թերի ձեւով մը։ Մենք կ’անցնինք, առանց տեսած ըլլալու։ Ու այդ հրաշքը կը փրկէ մեր միտքի մեքենան խորտակելէ։ Երկար չտեւեց սակայն այս տարտամ հոգեվիճակը։ Անիկա ողողուեցաւ իր զայրոյթէն ու առաքելութեան բեռէն։ Թիկնաթոռները ելան գոյնի, կշիռի: Ինչո՞ւ՝ ոմանք պայծառ ու ամբողջ, ուրիշներ՝ թերի։ Կիներ էին, զանազան տարիքէ ու աշխարհէ։ Ու գլո՛ւխ միայն։ Ինչո՞ւ չէր տեսներ, անոնց թեւերը, զգեստներուն կտրուածքը ու կոշիկնե՛րը մանաւանդ, որոնք ամէնէն առաջ աչքի զարնող մասերն են կին դիտողի մը համար։ Խարտեաշ, խարտեաշ դէ՛մք մը, տարօրէն հաճ ու խաղաղ: Կաթի, գառմէն ի, ցորենեան ոսկեգոյնի, ճերմակի ու կապոյտի դիւթական խառնուրդէ մը կաղապարուած։ «Ռուս իշխանուհի՞ն», մտաբերեց անիկա։

Ռուսերը ճանաչելի են հիւսիսեան միւս ցեղերէն գիծերու կորութեամբ մը, որ իրենց անհուն երկրին կէս բոլորակ ընդլայնումը կը յիշեցնէ դէպի հարաւ։ Այդ դաշտաշխարհին խարտեաշ բերքը, ցորե՛նը, որուն հոգին տեղաւորուած է անոնց դէմքերուն, տարօրէն խաղաղ, մածուցիկ ու կշտացնող։ Իշխանուհիին քովն էր մանուկ մը, աթոռակէ մը իր գլխիկը հասցուցած հաւանական մօրը ծունկերուն։ Խմոր ու կտրուա՛ծք՝ նոյն։ Թարմ, սուտ, պուպրիկ, ա՛յնքան՝ որ Սոնային աչքերը դժուար հաւատացին անոր իրականութեան։ Յոգնած ժպիտով մը իշխանուհին կը խաղար պզտիկին ճակտի գալարքովը ու չէր տեսներ խաժամուժը ձեւերուն, որոնք իրմէ չորս-հինգ աչք վար, կը բզկտէին զիրար, անընդհատ աւրուող ու շինուող ալիքը մայթային հոսումին։ Յանկարծակի, անոր մտքին ուրուացաւ Իշխան Պօղոս Արծրունին, խորտուբորտ, ճմուռ-ճմուռ, որուն ճակատի նեղ արտը ակօսաւոր էր գանգէսեան տելդային բրնձանոցներուն փեռեկտումովը։ Ու Ռիթա Ճիվանզատէն։ Երկու անունները ինչո՞ւ նոյն րոպէին ներկայացան մտքին։ Դառն, ծամուած, փուտ պտուղի դառնութեամբ, պղտոր բան մը, յոգնութիւնը մտապատկերին, ծաւալեցաւ իր ջիղերէն։ Ըսես անոր մարմինը ըլլար մորթազերծ ու տրւէր աղջուրի։ Բաներ կան, որոնց ծրագրումը մեզ կը սպառէ արդէն, գործադրումէն առաջ։ Ապտակե՜լ բորենին։ Բորենի՞ն։ Իշխան Պօղոս Արծրունին։ Անշուշտ, ոսկին գերեզման մըն է շատ մը կիներու։ Գայթակղութի՞ւնը։ Ինչ որ լսած էր քիչ առաջ։ Տանիքով գերեզմանուած մեղքին բացուի՜լը դուրսին։ Շատ մտածելուն թերիներն են ասոնք: Արեւը սկսած էր ծանրանալ դէպի շուքերը, որոնք տաքցեր էին ա՛լ ու տարբերութիւնը հազիւ զգալի բացադիր հովանիներուն։

Անցաւ ներս։ Ու քրտինք ունէր, այն աղտոտ ու փոշոտ քրտինքը, որ չշինուած երեսները կը նուաճէ այնքան դիւրաւ:

Սովորութիւնն էր միշտ, գործի կամ ծանօթութեան համար, մտնել ամէնէն առաջ քարտուղարութեան բաժինը, առանձին կազմած մը, մէկ անկիւնով մը մխուած մեծ սրահին, ու խորանալով հետզհետէ դէպի ներս։ Մինաս Մարանին բազմապիսակ գործերը պէտքը ունէին այսպէս մէջէ մէջ խորացող ու հետզհետէ անթափանց դարձող մանրանկար լաբիւրինթոսի մը։ Պարգեւեանին հետ Սոնան պտտած էր այս կամարակապ ու կոյր հովանոցները, կահաւորուած արեւելեան ճաշակներով, ամենազգի ու ճիղճ գեղօրներու հանդէսով մը: Մարդ մորթէիր, դուրսը կ’իմանար ոչինչ։

Քարտուղարութեան դիւանին մէջ Սոնան կ’երեւար յաճախ, ա՛լ գործածութենէ ինկած մեքենայի մը վրայ գրելու համար նամակներ, վաճառելի թուղթեր, Պարգեւեանին նորութիւնն էր ատիկա, այցովի Եգիպտոսէն անցնող քիչ-շատ ունեւոր ու թերթ կարդացող ճամբորդները բուրգերու աշխարհէն ձօն-յիշատակով մը բախտաւորելու, անոնց ղրկելով մեքենագրուած էջ մը Պարգեւեան, սուր ու ճչուն մտածումներ, բոլորն ալ ներկուած հասարակ տեղիք, երգեր, նշանաւոր թատերախաղին տեսիլները։ Հոն ունէր անիկա ծանօթներ, բոլորն ալ պաշտօնեայ, օգնական գրագիր. կամաւորներ՝ որոնք իրենց հսկայ հասակները տրամադրած էին պատուական ազգայինին ծառայութեան, հեղ մըն ալ Ամերիկա դառնալուն, մեքենատան թուքէն ու ծուխէն նախամեծար համարելով հագնիլ պանդոկին ոսկեկոճակ համազգեստը ու տիկինները առաջնորդել եգիպտական պտոյտներու, այս զբաղումը գտնելով խորապէս շահեկան, վասնզի ամէն տարի պատմութիւն կար կիներուն ու արաբ գավազներուն մէջը, աղի ու անպատմելի դրուագումով։

Շրջապատեցին զինքը։ Մշեցի հաստ տղայ մը, կտոր մը փախուկ, որ սիրահարն էր Սոնային. եղաւ մռայլ, երբ տեսաւ օգնական քարտուղարները, որոնք ձգեցին իրենց գրիչները, բարեւելու համար թէ՛ գլխով, թէ՛ ձեռքով։ Մրտօ, որ ինքնաշարժ կը կրէր պաուլ ները, մշեցիի իր գլխուն մէջ տեղ չէր կրնար տալ ձեռքով բարեւին։ Անիկա կ’ատէր այդ տղաքը, այդպէս թեւաւորուած, անոր ափը սեղմելու հաճոյքին չափ, անոր աչքին մէջ մօտէն նայելու ցանկութեամբ։ «Հերն անիծած», «շան ցկնած» լակոտներ, քոթոթներ էին բոլոր ատոնք։ «Իրանց էրկիր» սրանք «տիկ կը հանէր» [4], Սուրբ Կարապետ վկայ»։ Աղջիկի մը հետ առանձին խօսիլը որքան քաղցր, նոյնքան դառն բան է հիւրասրահի մը մէջ անոր հետ խօսելիք գտնելը։ Երիտասարդները հարցուցին անոր առողջութենէն, տրամադրութենէն, դասերէն, կազմուելիք դիւթահանդէսին իր մասնակցութենէն, Պարգեւեանէն։ Խօսեցան անոր Իշխան Պօղոս Արծրունիի նոր մէկ ժեսթէն, որով Նեղոսի վրայ նաւ մը կը վարձուէր առաջին փորձերուն համար ու այդ գիշեր իսկ նաւը կը յարդարուէր՝ ընդունելու համար արթիստները։ «Բանալիներու ասպետ» որակուած ուրիշ գրագիր մը, թուխ ու հալած ու յաւիտենական սիրահար եկող-գացող բոլոր գեղեցկութիւններուն» ու հասկնալի է անշուշտ՝ նաեւ Սոնային, անոր կարծիքը ուզեց ռուս իշխանուհիէն, որ «կը գահակալէր» պատշգամին վրայ։ Բուռն վիճաբանութիւն էր ստեղծուած անոր հմայքին վրայ։ Ու տղաքը ծաղրած էին թուխ սիրահարը, որ ոտանաւոր էր գրեր, ամբողջ գիշերը անքուն մնալով, ու փառաբաներ «օրհնաձիր աչքերը ձիւնածնունդ պատկերին»։

Ո՞ւր է քերթուածը, ձայնեց արկղակալը, որ հետեւեր էր այս փոքր ժխորին, ապակեպատ իր սենեակին խորէն, սպասելով Սոնային:

Հո՛ն, ցոյց տուաւ ուրիշ մը։ Թուղթի կտոր մըն էր, մաքսատան կնիքով։ Ծիծաղ։

Տղան, մռայլ, կախեց գլուխը առջին։

Սոնան, իր սովորութեան համաձայն, անտարբեր էր այս զվարթ, տրտում աղմուկին, շինուած հաճոյքին ու ցաւին անհերքելի յարադրումովը, կեանքին տուրքը մեր բոլորին, մա՛նաւանդ մեծ վաճառատուներու սպասարկուներու շրջանակէն։ Չտեսնելու զարկին այլուրութիւնը անոր դէմքին։ Չէ՞ որ, ըստ թուխ ասպետին, անիկա «օդէն քալող» աղջիկն էր «սա մեր ճաճանչագեղ» աշխարհին, «գեղաթռիչ հուրի՜»։

Անիկա ուղղուեցաւ սնտուկ։

Արկղակալը, «հնդիկ իշխանուհին», պանդոկներու մէջ շատ ընթացիկ այս տիտղոսները ծիծաղելի կը դառնան անոնց սպասարկուներէն, որուն տիրակալութեան, ըստ հայկական քերթողին (որ իբր հայ բանաստեղծ ի պատուի էր մարանեան աշխարհին մէջ), պայազատութեան շրջանն էր հիմա։

Որ ժպտագին ու կարմրած դիմաւորեց զինքը, ոտքի ելլելով իր գահէն ճոխ թիկնաթոռ մը ու երկարելով ձեռք։ Տիկին իշխանուհին քիչերու կ’ընէր այդ «պատիւը»։

Նեղ, բայց տարօրէն գրաւիչ դէմքով այդ իշխանուհին, հակառակ ընդհանուր սպասումին, ամուր էր իր գահոյքին, հետեւելով մարանեան շրջանակին անվրէպ իմաստութեան, քանի որ ամուսնացած ըլլալով ըստ մարանեան օրինագիրքի, երկու ամիսէն պարտաւոր էր զիջիլ իր գահը ուրիշին, աւելի թարմ, նոր, ամուսնանալիք աղջկան մը։ Այդ շրջանակը շատոնց նշանակած էր հաւանական ընտրելին, Սոնային անձին վրայ, դեռ տարի առաջ։ Դէպքերը կը յամենային պսակել այդ գուշակութիւնները։ Ու երկուքին մէջտեղ ամէն բառ, ձեւ, ակնարկ նիւթ էր մեկնութեան, քննադատութեան։

Տիկին Ալիքեան, հնդիկ իշխանուհին, որ կինն էր եղած մարանեան Լուքսորի մասնաճիւղը վարող երիտասարդի մը, կու գար մարանեան արահետէն ու կը տարբերէր նախորդներէն իր ախորժակներուն ընդարձակութեամբ։ Այս ճշդումները կ’ընէին մարդիկ, որոնց զբաղումը գիշերը կը սկսի ու հետապնդումն է, հեռուէ հեռու, բոլոր այն կիներուն, որոնք լաւ կը հագուին, շռայլ կ’ապրին ու կը բնակին առանձին, քիչ մը աչքէ տար տուներու մէջ, մօր մը կամ մօրաքրոջ մը հետ, էրիկով, աւելի յաճախ՝ առանց էրիկի պաշտօնեայ, ճամբորդ, շրջուն վաճառորդ ներկայացուցիչ զանազան մեծ տուներու, ընկերութիւններու սանկ ու նանկ գուզէններով, մօրեղբայրներով, հօրեղբայրներով։

Տիկին Ալիքեան, իր արտայայտութեան ու շարժումներուն մէջ կը պահէր նիհար ու շփացած իր խռովքը, ինչպէս նաեւ սնտուկն ու Մարանին սիրտը, պալատական կիներու վայել աչալրջութեամբ ու շահագրգիռ, ցանկայարոյց, «իշխանական» մնալու դիւային գիտութեամբ մը։ Եղած էր խռովայոյզ աղջիկ, դարպասած հասնողին ու խաբած Մարանը կատարեալ պարզութեամբ, դեռ դպրոցը չաւարտած ու «խաղցած» անոր գլխուն մէկը իր շահեկան խաղերէն, ինքզինքը քշելով իբր «անշամանդաղ կուսութիւն», ճագարի արիւնով «կուրցնելով» ցնդած աչքը Սաթիրին։ Ու կը տիրէր դեռ այսօր։ Որքա՞ն էր տեւելու շրջանը այս զգլխանքին։ Պանդոկին ընտանի դատաւորները, հաճոյքի ընկերներ, հիմնուելով իրենց մօտաւոր փորձառութիւններուն, բաւական մօտ կը տեսնէին «վախճանը», նկատի ունենալով պարգեւեանին յայտնի ծերացումը, նիւթապէս աղօտացումը ու Սոնային հետզհետէ յաճախուող այցերը, վիլլայի դասերը, ամէնէն աւելի Մարանին յափրացող բնաւորութիւնը։ Անոնք խելացի էին այս տիրապետութեան իբր թաքուն զսպանակ ընդունելու նաեւ տունի աղջիկը, Մելինէն, որ հաւանաբար կը քերթէր մարդուն արիւնը տունէն տակաւին, պանդոկ ղրկելով սէրէն ինկած դոնդող բան մը։ Մարանը անտարբեր էր Մանիշակ Ալիքեանով, ու կը թողուր, որ անիկա բռնէ սնտուկը։ Մրցարան էր ինկած տարի մը առաջ ժամանող ռուս երգչուհի մը, որ արեւելահայ երիտասարդի մը ուսերէն ինկաւ պանդոկ, աշխատեցաւ մեծ ոճէ ռեքլամով մը ինքզինքը արժեւորել իբր կայսերական «թատրոնի» երգիչ ու մեծ փոր երեսփոխանի մը ագարակը պարտաւորուեցաւ բնակիլ, իբր աժան ապրանք, լեղապատառ վռնտուելով Պէյին կիներէն, որոնք ծեծելէն աւելին ըրին, զինքը կապած յանձնելով ագարակին Ապտոներուն անյագուրդ լլկումին. գիշեր մը ամբողջ։ Երգչուհին չբողոքեց։ Երեսփոխանը ազդեցիկ էր ու զզուած «Հիւսիսէն»:

Ո՞ւր է պարոն Մարանը։

Ինչո՞ւ իշխանուհիին, սա հարցումը, երբ միւսները հոգի կու տային իրեն հետ խօսելիք գտնելու։ Բոլոր հարցումները հոգեբանական պարպումներ են ու մատնութիւն։ Գուցէ այս է պատճառը, որ արարողութեան պէտք մը կը միջամտէ, «նախ քան խօսակցութիւնը» պայմանը։

Մաղձակուռ այս հարցումը ո՛ր հրաշքով եղաւ, ելաւ այնքան պարզ ու թեթեւ, որպէսզի իշխանուհին կճուէր անկէ՝ ինչպէս օձի մը ժանիքէն։ Նախանձը պարզ բառ մը չէ։ Անիկա թաքուն, ապահով, անվրէպ զգայարանք մըն է, հզօրագոյնը ո՛չ միայն սեռային, այլեւ՝ ամենական մարզերուն։

Դեռ չէ եկած։

Ճեղքուած ու նեղ, խուսափում աւելի, քան պատասխան, հերքելու չափ համբաւով քաղցրութիւնը, բռնակալ հմայքը անոր խօսւածքին, որով կը վառէր ան սիրտերը այրերուն: Անոր այդ զգայարանքը Մշեցի Մրտոն որակած էր «օձի իշխանութիւն»։

Տպաւորուած, յուզուած, վերյիշելով պարտիզեան տեսարանը, արցունքները, Մարանին զուգորդ իր սիրտ խառնող զզուանքը, մատները տարաւ շրթներուն։ Չխօսելու նուրբ փախուստ մըն էր ատիկա: Հազ մը, բռնի, հեռացուց խօսքին ճամբան։ Անիկա մնացեր էր լուռ:

Sաքը սկսած էր ճնշել ու պանդոկին աղմուկը խուլցած՝ մութ բաներէ։ Գոլը, յոգնութիւնը, թեթեւակի քրտինքը կ’աւելնային իրարու դէմքէ ու սիրտէ։ Բան մը կը հեւար սրահին խորերը մինչեւ։

Հեռաձայն։

Խօսող-պատասխանող պարոնը, րոպէ մը մտիկէ վերջ, դարձուց գլուխը իր, անգամ մըն ալ աչքով հաստատելու ներկայութիւնը մէկուն, Սոնային իբր թէ տեսած չըլլար ու խօսեցաւ գործիքին մէջ, հաստատակամ։ Յետոյ անցուց թեւը իր կեռին ու աւելցուց.

Օրիորդ Սոնա, մէկը քեզ կ’ուզէ։

Իշխան Արծրունի՞ն։ Հարցնողն էր թուխ ու հալած երիտասարդը, բանաստեղծ ու ասպետ ու «փատ կոտրող»։

Սոնան կարմրած էր։

Ամէնքը, լուռ չափեցին շոշորթ երիտասարդը, որ կռնակ դարձուցած բազմութեան, բանալիներ կը տեղափոխէր, անտարբեր ըսածին ու ըրածին։

Հեռաձայնողը հերքեց։ Խօսողն էր Անգա Միրովնան։

Տեսակ մը ամօթով խաղաղութիւն «փակեց» այդ միջադէպը։ Սպասումը եղաւ քիչ հետաքրքիր։ Անգա Միրովնան իշխանուհի չէր, ու չէր երիտասարդ։

Երկու վայրկեան չանցած՝ ներս մտաւ կին մը։

Քառսունէն վեր, յոգնած, խաղաղ։ Յատկանշական էին աչքերը. բաց, չափազանց բաց կապոյտ, ա՛յնքան՝ որ կաթոտած ծովու կտորներու կը նմանէին, հրաշքով ինկած անոր ակնակապիճներուն։

Անգա Միրովնա:

Սոնա Գոհարեան։

Տեսակ մը շուարում՝ երկուքին ալ դէմքին։ Սոնան յիշեր էր Պարգեւեանը, անոր երիտասարդութեան Անգա Կէօրկէօվնան, ուրացուած զաւակը ու քաղցր, հեզ պատկերը անոր յիշատակին։ Օտարուհին փոթեց անկնճիռ իր ճակատը։ Ճիգ մը կ’անցնէր անոր ուղեղէն։ Չէր հասկցած։ Ստիպուեցաւ կրկնել.

Սոնա՞ Պարգեւեան։

Սոնան չհերքեց ու ժպտեցաւ։ Տիկին Ալիքեանի միջամտութեամբ հարթուած էր թիւրիմացութիւնը.

Սոնա Գոհարեա՛ն։

Օտարուհին բացաւ մեծ ու քաղցր իր աչքերը։ Հասկցա՞ւ, թէ կ’ուզէր հասկնալ։ Կը խօսէր կամաց ու վախկոտ, տարուած խարտեաշ այն բանին, որ պատանութիւնն էր դէմի։ Իրենց ցրտութեան մէջ, Հիւսիսի կիները իրենց ջիղերուն կ’ապաստանին ու ժպիտի, միսի խաղին, մորթի փայլին կը վստահին ինչ որ Արեւելքի կիները կը հանեն իրենց միսերուն մեծ կտորներէն։ Դէմք ըլլալէ առաջ, Արեւելքի կիները հեշտութիւն են, հասուն ու հեւուն այն իգութիւնը, որ գէջ է ու սրտառուչ։ Եթէ արդուզարդը յաւելում մըն է, ապահովաբար կեղծ բան մըն է նոյն ատեն Հիւսիսի ու Արեւմուտքի կիներուն վրայ, զանոնք ընելով պուպրիկ ու տեսիլք, քիչ էգ: Արեւելքի ու Հարաւի մէջ ոսկին ու մետաքսը կինը կ’ընդարձակեն, կը խորացնեն։ Հինան ու ծարիրը երբ վայելչութեամբ զետեղուին, նոր զգայնութիւններ կը դիզեն անոնց միսերուն։

Անգա Միրովնան, մեծ նկարիչ մը, դէմքերու յօրինիչ ու մեծ հասկցող, առաջին իսկ ակնարկին գուշակեց խոր ձգողութիւնը Սոնային։ Յետոյ տրտմեցաւ։ Ու անոր աչքերուն մէջ տրտմութեան սա տարակոյսը վարակիչ ալ էր, վասնզի Սոնան ալ ամփոփուեցաւ իր ներքին շնորհներուն վրայ։

Անոնց խօսակցութի՛ւնը։

Տիկինը կը խօսէր շատ սահուն ֆրանսերէն մը, առանց ազգային շեշտին։ Փարիզ ուսած ու կեանքը անցուցա՛ծ՝ մեծ ոստաններու բազմաքաղաքացի ոլորտին մէջ, անիկա արտայայտութեան ճշդութիւնը կը միացնէր թաքթին ու դիտողութեան։ Արուեստագէտները երբ կը ճամբորդեն, կը սորվին համալսարանէ մը աւելի. մեծ պանդոկներու նրբանցքներու մէջ ինչ որ չունին սորվելիք մատենադարանի բորբոսած արքաները։ Հասունութիւն ու լիութիւն։ Անիկա հետաքրքրուեցաւ Օրիորդին զբաղումովը։ Արեւմուտքի մէջ տունի աղջիկները դադրած են տունի ապրանք նկատուելէ.

Դաշնա՞կ։

Հաճոյք ինկաւ անոր ամբողջ դէմքին։ Այդ մէկը լաւ էր։

Ինչո՞ւ, հարցուց Սոնան, դիւր զգալով օտար այս գնահատումը զբաղումի մը մասին, որ Պոլսոյ, Իզմիրի՝ ինչպէս Գահիրէի մէջ ենթարկուած էր որոշ արհամարհանքի։ Քիչ էր մնացեր, որպէսզի արուեստագէտն ու դպրոցի մանկապարտիզպանուհին նոյնանային հասարակաց այդ արհամարհանքին մէջ։

Արմանն ալ դաշնակահար է։

Ո՞վ՝ այդ Արմանը։

Հարցումը ըրաւ մտքէն Սոնա Գոհարեանը։

Բայց կ’երեւի չէր ծածկած զայն ամբողջ։ Վասնզի նկարչուհին աւելցուց.

Տղաս։

Ու անոր քաղցր աչքերը ողողեցին անսահմանելի բանով մը երիտասարդ աղջիկը:

Ժամը տասնի թրենով հոս կ’ըլլայ։

Սոնան զգուշաւոր չէր գիտեր, թե ինչ բանէ կը վախնար սահեցուց աչքերը թեւին։

Տասը քսան կ’անցնէր։

Ուշացած է թրէնը կէս ժամով:

Հեղինակութիւնը, դիմացինին մտածումին թափանցելու այս դիւրութիւնը նո՞ր կը տեսնէր Սոնան, որպէսզի զարմանախառն անձուկով մը լեցուէր անոր դէմ։ Ո՞վ էր այս կինը։ Ուրկէ՞ անոր տիրապետող հովը։

Խօսակցութիւնը, նեղուած սա վախէն, ինկաւ իր շահեկանութենէն։ Սպասումը, իր կարգին, հոգեկան իրողութիւն, կ’ազդէ մնացեալ իրողութեանց վրայ։ Ամէն սպասող պակաս է իր մէջ, երբ կը խօսի կամ կը գործէ։ Սոնա՞ն։ Ամէն աղջիկ սպասող մըն է։ Միավանկ անոր պատասխանները՝ չկամութի՞ւն, թէ երկիւղ։ Անիկա հեռու էր պահէն, ինչպէս խօսակիցէն։

Նշմարե՞ց այս ճարտարանքը նկարչուհին։

Շրջանակ մը, մեծ մասով երիտասարդ, ցանցառ մը կը բոլորէր զանոնք։ Տիկին Միրովնային համբա՞ւը, թէ Սոնային հրապոյրը հեղինակն էին այս հետաքրքրութեան։

Նկարչուհին փոխադրեց խօսակցութիւնները օրուան շահեկան նորութեան, դիւթահանդէսին վրայ։ Ուրկէ՞ գիտէր անիկա Սոնային մասնակցութիւնը այդ ներկայացման։ Ճշդեց անոր կաղապարին մարմնական դերը պատկերներու հոլովոյթին մէջ ու գտաւ շղարշին երանգները, որոնք անոր դէմքին հետ ամէնէն աւելի «հաշտ կ’իյնային»: Յետոյ լայնօրէն տուաւ իր գիտութիւնը, գոյներուն աշխարհէն: Անիկա կը մասնակցէր խաղին, ծրագրած ըլլալով «հիւսել» դիւթական պարտէզ մը, մետաքսէ ու բեհեզէ, կին, ծառ, աւազան, կենդանիներ՝ բոլորն ալ կազմելով շղարշէ ու վառէ։ Արեւելեան այդ պարտէզին մէջ տեղի էր ունենալու գործողութիւնը խաղին։ Իր նկարագրութիւնը կենդանի ըլլալու էր շատ, վասնզի հազիւ բեռնակիրի մը բաւող իր ֆրանսերէնով Մշեցի Մրտոն իսկ, ճիտը ծռած, չփախցնելու համար համը ասումին, կը լսէր շրթները, ականջին բլթակը քերելէն, աչքերը գամած Սոնային ծոծրակին, աղուամազ ու «նշխարք», «տաքուկ ձիւն» ու «խոր վիրապ», փոսիկը։ Հաստկզակ բեռնակիրը մասնաւոր տկարութիւն ունէր այդ «վիրապին» հանդէպ։ Քաղքի էժան աղջիկներուն հետ իր սակարկութեանց ատեն պայման կը դնէր այդ «փոսիկը», ըրշը սաղ [5] մը յօժարեցաւ սակէն դուրս վճարումին ու իր առջու քիթը զետեղած արդէն յիմար այդ թշուառուհիներու ծոծրակին, հոտուըտալով ու մռլտալով արջու նման, կը չարչարէր զանոնք իր բեռին ներքեւ:

Մէ՞կը մտաւ ներս:

Արմա՜ն։

Տիկին Միրովնան նետուած էր ոտքի։

Ամէնքը դարձան ետ, դէպի դուռը։

Դիւանի մուտքին քիչ մը գունատ, բայց զմայլելի ճակատով, որմէ վեր, չես գիտեր ինչ շնորհով յարդարուած բացութեանը վրայ գանկին մազի զուգահեռական զոյգ թելեր կը դալկանային ընտանի վայելչութեամբ մը, կարծես իրենք իրենց շինուած, կեցողն էր Սահակ Պարգեւեան, ինքը կատարելապէս, վրայ տուած եգիպտական գունաթափ պաստառը դէմքին, ինչպէս եւ ուռեցքը փորին։

Ապշութիւն:

Նմանութիւնը այնքան հզօր, չէր խուսափած ոչ ոքէ։

Նման պարագաներու, անդիմադրելի բացագանչութիւնը հայկական երանգի, ճչուն ու աղմկոտ, զսպուեցաւ հազիւ այն ատեն, երբ մայր ու տղայ իրար ողջագուրեցին։

Զաւակս... Արման…

Ինչո՞ւ այս տիկինը կը մոռնար մականունները։

Յետոյ դառնալով տղուն.

Հայեր։

Նորեկին տրամադրութիւնը թուեցաւ այլայլած։ Դէմքին վրայ տեսակ մը տհաճ բան ուրուացաւ, զոր կիները զգացին այրերէն առաջ ու աւելի խոր։ Պարզ զգայնութիւնները ինչո՞ւ տարբեր կ’ապրին սեռէ սեռ։

Մայրը, նեղուած, միջամտեց.

Սոնա...

Կեցաւ, կմկմալով։

Մոռցա՞ծ էր մականունը։

Գոհարեան, լրացուց բանալիներու ասպետը, եղերական իր արտասանութիւնը հազիւ պարտկած։ Այնքան վարժ էր մռայլ չափով քերթուածներ կարդալու, որ սովորական խօսակցութեան իսկ կշռոյթ ու ողբական բան մը փոխ կու տար։

Երիտասարդը, որ այրերուն համար ունեցեր էր «անկնճիռ» կեցուածք, ոչ աջ ու ոչ ձախ, յառաջացաւ դէպի աղջիկը «ահաւոր» համարձակութեամբ. գէթ այդպէս տեսան ներկաները։ Բնական, իրաւունք մը ունեցողի ընտանութեամբ, որուն մէջ երիտասարդները զգացին սեռային հոսանուտ ու գոլ, առաւ անիկա աղջկան ձեռքը ու, րոպէ մը անոր աչքերուն խորը ինքզինքը սեւեռելէ ետք, ծռեցաւ խելօք ու համբուրեց այդ ափը։ Արուեստագէտի հով, շարժումի շնորհ, հասունութիւն, խանդաղատանք, հմայք ու շրթներու անհուն իմաստութիւն իրարու աւելցան կարճ այդ րոպեին մէջ։ Սոնա՞ն։ Դալկացած ու խեղճ։ Ատ ալ զգացին հայ տղաքը։ Թուխ բանաստեղծը եղերգութիւն մը յղացաւ, ուր ողբալու էր մեր աղջիկներուն օտարամոլութիւնը եւ ցեղին ոգիին հանդէպ անոնց անսրբագրելի մեղքը։ Բայց աւելի շահեկան եղաւ Մրտոն, որ չէր դիմացած ու քիթին տակէն, մռլտալէն, թող տուած իր սիրական առածը.

Արջն էլ սպասէ, հասնի...

Չաւարտեց առածը, վասնզի ամէնուն ծանօթ էր պակսող բառը, իր հաստ թրքերէնովը։ Սրամտութիւնը կը ծաղրէր յիմար ու յամառ սպասումները, անոնց հեղինակներուն հագցնելով արջու կերպարանք, որ արջու իրենց խելքով կը դառնային տարիներ, աղջիկներուն փէշին, մինչեւ որ աչքը բացին մէկը ափափէր պտուղը: Անտառին առաջին ծաղկող ծառին ներքեւ թող տեղուէր ու պառկէր հաստ կենդանին, սպասելով, որ հասնին կարմրուկ պտուղները։ Մինակ արջն է, որ կ’անգիտանայ, թէ էն առաջ ծաղկող ու էն ուշ պտուղի հասնող ծառը հոյն ն էր։

Թեթեւ ծիծաղ մը դիմաւորեց առածը։ Նոյն ատեն տղոց նայւածքը ինկած էր բանալիներու ասպետին, անմիջապէս յետոյ՝ Սոնային, որ իր սաթէ դալկութենէն անցաւ բեհեզէ ոսկեջուրին։ Արեան այս խուժումը մատնող էր արդէն։ Փակեց աչքերը, ինքզինքը տեսնելու, թէ ուրիշները չտեսնելու համար։ Արման... Միրովնան, կիսաժպիտ ու թեթեւ հակեցաւ աջին։ Հասնողն էր հնդիկ իշխանուհին, որ ձգեր էր ապակեայ իր խցիկը ու վազեր սրահ։

Խորունկ գոհունակութի՜ւն, որ կ’արտածորէր հնդիկ իշխանուհիէն։ Ինքզինքը ներկայացուց, ծեքծեքումի մօտ շնորհով մը։ Ան արդէն ծանօթ էր դաշնակահար մեծ արուեստագէտին, գէթ իր համբաւէն, մօրը եւ եւրոպական թերթերու տեղեկութիւններով։ Ան ալ երկարեց իր ձեռքը մեծարժէք համբոյրին։ Պահ մը դժգոհ անոր աչքերը Անգա Միրովնան մոռցած էր զինքը, Սոնայէն ետքը այդ համբոյրով, դարձան խոր ու հրապուրիչ։

Էրկու ճամպազ… մռլտաց Մրտոն, բայց դարձեալ չավարտեց նախադասութիւնը։ Խորապէս կ’ատէր «խարդախ» էգը, որ «պատառ» մը միսովը աշխարհքը կը կառավարէր։

Տիկին Ալիքեան, աղջիկութենէն, վարժուած էր քիչ բան լսելու ու շատ ալ չլսելու։ Իմացաւ բեռնակիրին ակնարկութիւնը, բայց շարունակեց ժպտիլ ու խօսիլ։ Պայմանադրական ու տափակ հարցականները, օդէն, ծովէն, տաքէն կամ հովէն, որոնք չարչարագին պահ մը կ’ընեն մեր առաջին րոպեները նոր քաղաքի մը։ Սառած, քայքայուած, բերան բանալու իսկ վախնալով, Սոնան հազիւ ուժ կը գտնէր իր մէջ, խօսակցութեան հետեւելու։

Կարգը եկաւ այրերուն։

Երիտասարդները զատ-զատ թօթուեցին ձեռքը Արման ... Միրովնային, իրենց անունները արտասանելով վճռական ու յստակ առոգանութեամբ, ինչպէս կը պահանջէր պանդոկին տէրը։ Օտարները դժուար կ’ըմբռնէին մեր բառերը։

Մրտօ Ջրդոնենց, Խուլթիկ գեղից, ներկայացուց ինքզինքն ալ Սոնային պաշտօնական սիրահարը, անայլայլ ու փարթամ, ինչպէս էր արդէն իր կեցուածքը «նազուկ-տուզուկ» կնիկներու սեմին, պայուսակները ինքնաշարժ փոխադրելու համար, պաշտօնական «դիրք առած» պահուն։ Քանի տարի է, այդ դիրքը խեր չէր բերած իր արջու սպասումին, վասնզի ուրիշ պանդոկներու բեռնակիրները կ’ախորժէին գրգռելէ անոր միամտութիւնը, հնարելով «կանանչ» պատմութիւններ, հերո՜ս դերակատարներով, որոնք այդ բարակ մէջքով կնիկները զոյգ-զոյգ իրենց անութներէն, մրջիւնի պէս, ճիշդ «մէջտեղնուն» կախելով՝ ճիւ-ճիւ կը ճուացնէին։

Քամբախտ ինք, վալլահ, քամբախտ… վասնզի իր արջու թաթերը դեռ բախտը չէին ունեցած այդ մէջքերը օղակելու իրենց թելին [6] մէջ։

Որքա՞ն էր տեւած այդ տեսարանը։

Երբ ելաւ ոտքի, Սոնային մարմինը դեռ չէր ազատած առաջին դողէն։ Անիկա անկարող էր այդ վախին պատճառ մը գտնել ու այդ անստուգութիւնը, անգիտութիւնը նոր գրգիռ մը կու տար անոր տագնապին։ Միտքը՝ կակուղ, ջերմէ նոր անցնող հիւանդի մը չափ, որպէսզի մտածէր։

Աճապարեց դուրս։ Հետը կը քալէ՞ր իր ծրագիրը՝ Իշխան Արծրունին տեսնելու։ Իրականին մէջ անիկա սաստիկ պէտքն ունէր առանձնանալու։ Փողոց տանող մեծ դուռին խռնուա՛ծ՝ բնիկներ, որոնք իրենց կեղծ Բղէջները, սֆինքսի մանրանկարներ ու արձանիկներ, բոլորն ալ ճարտար նմանութիւններ, կ’աշխատէին քշել միամիտ կիներու, ամերիկացի, բայց ա՛լ վարժուած սուտ այդ վաճառումին նկարագեղ կեղծիքին։ Անոնցմէ վանուած այդքան հեռուէն, Սոնան դարձաւ կրունկին։ Պանդոկին մեծ նրբանցքն էր, որ կը խորանար, կը խորանար, վատիկանեան տաճարամասի մը պատրանքը ճարելով աչքերուն։ Փակ, թանկագին գորգերով սեւաւոր դուռներ, ճակատնուն բոժոժը ելեկտրական լոյսին ու թուանշան։ Անոնք կը թուէին հսկել օրուան մեռելը, սա ճնշող պահուն։ Ջերմ խոնաւութիւն մը, աւելի ճիշդ՝ մարդկեղէն հոսանուտին անտես մշուշը բռներ էր տարածութիւնը, այն գէջ ու սերմ ու ծուխ ու շունչ համախառնուրդ թելադրող կծու բանը, որով կը տարբերի բնակուած տեղ մը ամայի պարզ չորութենէն։ Նրբանցքի վարի յատակին, ապակեղէն յարդարանքով մեծ, բազմակարան ագոյգը դուռին, ուրկէ կը սկսէր պարտէզը։

Ան անդրադարձաւ, որ տարուած էր դիւանէն, առանց մնաքբարովի, յանկարծակի, զարմանք առթելով իր աճապարանքին՝ ինչպէս տկարութեան համար։ Ու բաժանումին այդ հուրքը կրկին պարուրեց զինքը։ Ի՛նչ զօրաւոր՝ այդ վախը, ու անոր իբր կեդրոն՝ երիտասարդ դաշնակահարը։ Ուզեց այդ զգայութիւնը փետել իր միտքէն։ Ի՜նչ կար երկիւղալի այդ նմանութեան ու իր յուզումին մէջ։ Յանկարծ մտածում մը հասունցաւ իր մէջ, ինկաւ իր սիրտը՝ ինչպէս պտուղը ծառէն։ Ուրիշներ Պարգեւեանին ստուերը տեսած էին երիտասարդին վրայ։ Ի՞նք: Ու եղաւ իր մէջ նուաղման մօտիկ այն վիճակը, զոր ստեղծեր էին տղուն շրթները ձեռքի միսերուն, անկէ ալ ուրիշ խորունկ տեղերուն, ճիշդ՝ ծաւալման, կսկծման, թիթեռի նոյն ալիքով, որով որ կը քալէր երբեմն, ոչ միշտ Պարգեւեանին համբոյրը, «հայրեկան» իր մարմինէն։ Նրբանցքին հատնելուն մօտ, պատի լուսաւոր մէկ կէտին իւղանկար մը, ինչպէս ուրիշ անգամներ, գրաւեց իր ուշադրութիւնը։ Արեւելեան քոլորիով այդ նկարին մէջ, ջրհորի մը գլխուն իրար կը սպաննէին երկու մարդ, մէկը՝ մօրուօք, ճերմկած մազերով, միւսը՝ սեւահեր ու մատաղ։ Դէմքերը կատարելապէս նոյն։ Քարի մը վրայ, անտարբեր, սափորը կուշտին աղջիկ մը հանդիսատես էր այդ փողոտումին, ու կը մնար թեթեւ յուզումով։ Ո՞վ էին երկու մարդերը։ Անիկա մտածեր էր շատ նկարին իմաստին։ Յանկարծ պարզ եղաւ հանելուկը։ Բայց այդ թափանցումը դանակի պէս ցաւցուց իր սիրտը։ Անիկա ուզեց աւրել տարազուող գաղափարը։ Դուռ մը բացուեցաւ ու խարտեաշ աղջիկ մը, կիսամերկ, բացուածքէն քննեց երկարութիւնը, առանց վախի տեսաւ զինքը ու քաշուեցաւ ներս։ Անոր ետեւէն Սոնային մեղքը, որ ջրհորին մօտ նստող աղջկան մը զգայութիւնները կը թելադրէր իր մարմինին:

Նրբանցքի յատակին, ապակեղէն ագոյցէն, գունաւոր լոյսի խորհրդաւոր աղաւաղում մը կը թրթռար, ըսես լսելի։ Երփներանգ ապակիներէն այն օրն ալ կը պղտորուէր նոյն յուզումէն, որուն նիւթական ալիքը կարգ մը հոգիներ կը յաջողին սեւեռել իրենց ջիղերով։ Համազգեստով պատանեա՛կ մը, որ պաշտօն ունէր, ամէն ոտնաձայնի բուսնելու մեղմով, դուռը բանալու, անցք տալու համար այցելուին։ Հատած, քիչ, բայց խռովիչ այդ պատկերին միշտ կը դառնար Սոնան, Պարգեւեանէն իջնելով դէպի այդ մատաղ տրտմութիւնները, ըղձաւոր ու հիւանդ, որոնք քսանը չողջունած՝ հող կ’իջնեն կամաց, առանց նեղելու աշխարհը հիւանդանոցի մը անկիւնէն։

Ամէն անգամուան նման, Սոնան իջաւ պարտէզ։

Արեւադարձային առատութիւնը, յաղթութիւնը բոյսերուն ու կծծի, վաշխառու տնտեսութիւնը մեծ քաղաքներու հողին կ’ապրէին տրտում հակադրութիւն մը։ Չեմ ծանրանար պանդոկի մը մուրացիկ պարտէզին։ Դրէք Սոնան հովանոցակէ մը ներս։ Ու թող բանայ անիկա ինքզինքը, իր գաղտնի մասը՝ երեւցող իր մասին։ Աղջիկները գոնէ չեն տառապիր երազէն։ Սոնանե՜րը՝ որոնք ո՛չ կին են, ո՛չ աղջիկ։

Անիկա շինեց երիտասարդը։ Բայց զարհուրած՝ աւրեց պատկերը։ Վասնզի չես գիտեր ո՛ր ալքերէն բուսաւ Պարգեւեանին հեռաւոր տղան, լքուած տղան, որուն վրայ, գրագէտը՝ այնքան ժլատ, տուեր էր պատառիկ գիծեր։ Անգա Միրովնա՜։ Բայց Անգա Կէօկէօվնա՞ն։ Ակռաները ցաւեցան, այնքան հզօր էր զարկած այս մտածումը անոր ուղեղին։ Բաներ կան, որ դուրսէն կը մխուին մեր միտքին, յանկարծակի, գամի պէս։ Լուծուած, գաղտնիքին հետեւող լայնքի, հանգումի զգայութիւնը չէր ատիկա Սոնային մէջ, այլ սկսող տրամի մը սլաքը, որ կը մտնէ առաջին ճօճումին։ Ու տակաւին կան ուրիշ բաներ, որոնք կիները կ’ապրին, առանց ըլլալու: Մէկը ըսաւ անոր ելլել վեր, բայց չըսաւ ինչուն։ Յետոյ պարզուեցաւ ձայնին իմաստը, ելլել վեր, չտեսնել տղան, բայց կանչել մէկդի անոր մայրը, բռնել դաստակէն բռներ էր իրը նայէր աչքերուն, բայց վար, շատ վար։ Փնտռա՞ծը։ Գիտէր ատիկա։ Գտնելի՞քը։ Քսանամեայ աղջիկը, որ օր մը եղած էր այդ կապոյտ բարձունքներուն մէջը փրփուրէ ծնած սորվածին նման ու եղեր ինչ որ ինքն էր քիչ առաջ, շրթներուն տակը անոր զաւակին։ Քառորդ դա՜ր։ Ահաւոր շտեմարա՛ն՝ ուր դիզուած էին, փոշի իսկ ըլլալու բախտէն զրկուած բիւր-բիւր դիակները մարդոց օրերուն։ Քառորդ դար առաջ։ Այսինքն՝ երբ ինքը չկար։ Ու իր տեղը, իր հիմկու խռովքովը, սարսուռներովը, ճերմակ կրակին ամբողջական փաղաղումը, կար այդ օտարուհին։ Անոր աչքերը եղան թաց, վասնզի այցելած էր իր խորունկ ցաւը, զզուանքին, գրեթէ ատելութեան հասնող այն զգացումը, որուն կապուած էր իր մէջ մտապատկերը սեռային զգլխանքին։ Այդ օտարուհին, որուն մէջն էր լողացած երիտասարդ մարմինը, այդ անորակելի ալիքը մեծատաղանդ թշուառականին։ Կիները հետաքրքիր են։ Բայց աւելի՞ն։ Այսինքն՝ ինչ որ պարտաւոր են ճշդելու, պահելու այդ զկծումէն, պահելու խորունկ, որպէսզի փրկեն տրտմագին բաներ:

…Երբ բացաւ աչքերը անիկա դրած էր գլուխը ափերուն քանի մը վայրկեան, ու ապրած՝ եօթը երկար տարիներ հովանոցին բացօքը կանգնած էր, կէս կողմին հակած, մէկ ոտքը կարճ էր ծնած, համբաւաւոր Իշխան Պօղոս Արծրունին։

Կ’երեւի կը քնէիք, Օրիորդ Սոնա։

Ծուռումուռ այդ ձա՜յնը, որ ներսերէն հիւծած մարմինին հեծքերը կը խողովակէ ու հարազատ է հոգիին կամարներուն, բայց կը հնչէ կեղծ, պաշտօնական, երբ կը զարնուի իր շրջապատին։ Մնաց որ, սեռին գոլին մէջ էակները կ’ապրին անխնայ։ Կը տարուին կիները, է՛ն անտանելիները, եթէ պահուին մունջ։

Ո՛չ։

Բայց փակ էին ձեր աչքերը։

Ժպիտ մը, ժանգոտ ու փրթուկ, կը ջանար կոկել անկրելի պատկերը անոր դէմքին ու կու տար հակառակ արդիւնք, շեշտումի հանելով հոգեկան միազման, որ կնճիռներուն մօրուտքին մէջ կը հիւսուի։ Աղտոտ այս գոյնին մէջ Իշխանը կը թուէր ուրիշ ազգութեան վիժուկ մը։ Ու ակօսուած մորթը մռայլ զզուանք մը կ’արտահոսէր, զգեստին անթերի ճերմակէն կրկնապէս ուժաւոր։ Անիկա մանր աչքերն ալ խառնեց իր ժպիտին։

Այո՞։

Այսինքն։

Քնած էիք. կ’երեւի գիշերները զբաղած էք ըստ բաւականի, որպէսզի ցերեկները…

Փակ աչքերը քուն չեն նշանակեր։ Իսկ իմ զբաղումները կը պատկանին ինծի:

Ի հարկէ, Օրիորդ, ի հարկէ։ Ատ չէի ուզեր ըսել, ոչ, ոչ։

Բայց նեղութիւն կար անոր ձայնին ալ մէջ, բացի խոր տգեղութենէ։ Ոչ ոք այնքան կը նեղէ աղջիկ մը, որքան մարդը, որուն արտայայտութիւնը յայտնապէս ազդեցութիւնը կը մատնէ սեռին, բայց կը մնայ առանձին, առանց դիմաւորուելու, ջերմանալու դէմի հոսումէն։ Դրամի ասպետները չեն մշակած իրենց հրապոյրները, մետաղին վստահելով որսահանութեան պաշտօնը։ Իշխան Արծրունիի գրաբար հասկնալը ու քիչ մըն ալ խօսիլը նկատեր էր առաջին զինանշանը իր ծագումին։ Մնացեալը անարժան էր անոր վաստակին ու ջանքին։

Եղաւ անոնց մէջտեղ լռութիւն, դուք տուէք պատշաճ վերադիր մը։ Միակ շարժումը այդ նեղկուկ հողամասին մէջ, կու գար սեւամորթէ մը, դէմքին վրայ մատնաձեւ սպիներով, որ կը ջրէր ածուները, կարմիր ֆէսին գլանը ճօճելով խաւարակոյտ գլխուն վերեւ, մինչեւ ձիւնասպիտակ կելլէպիէն, որ կը կազմէր սուր հակադարձ մը։ Այդպէս դիտուած՝ պատկերը կը շինէր մէկ պահը արեւելեան հեքիաթներուն։ Այդ տարազներուն տակ ծպտուած էին, այդ երեւակայութեանց ցուցմունքով, երբեմն արքայազուններ, կախարդի մը խշումովը հագած սեւ այդ կաշին, որոնք եօթը լեռ հեռուներէն կու գային, ի խնդիր իրենց սիրեկանին, ու յանձն կ’առնէին աւելի համեստ զբաղումներ, հերիք է, որ մնային ոլորտին մէջը այդ սիրեկանին, մինչեւ որ ուրիշ կախարդ մը յուռութքը կ’ապրէր ու ճաթռտան այդ խորխէն բուսնէր մատաղ երիտասարդը՝ ծնունդով արքայ ու սիրտով իշխան։ Սոնան նոր էր կարդացեր արաբական նման հեքիաթի մը թարգմանութիւնը։ Իշխան Պօղոս Արծրունի՞ն: Այդ պատկերին տակ՝ մատա՜ղ երիտասարդ մը։ Ծիծաղեցաւ ինքն իրեն։

Իմացած էք անշուշտ, դիւթահանդէսի մասին։

Այո՛:

Լսեցի՞ք, այդ խաղին առիթով, թելադրութիւնները Անգա Միրովնային։

Այո։

Շատ իմաստուն կին է նա ու առանձնապէս շահագրգռուած դէպի հայերը:

Կ’երեւի. վասնզի մեզմէ ժամադրութիւն է խնդրած։

Այո՛, այո՛։ Պէտք է շահագործել օտարները, երբ մեր դատը այսքան դանդաղ ու փորձանաւոր կ’ընթանայ։ Նա առաջին կարգի նկարչուհի է։ Ինքս արդէն քոմանտ պիտի տամ մի լաւ portraitի համար։ «Ախր, ինչ արած», ինչպէս կը խօսի պարոն Ճիվանզատէ, ազգին առաջաւոր տարրերը պէտք է զգան մոմենտին պատմական նշանակութիւնը։ Վերջին զղջումը օգուտ չունի։

Պատերազմի հաշուեյարդարը աւարտած էր ու մեր ժողովուրդը կը գտնուէր Սեւրի դաշնագրին առջեւ։

Տեսա՞ք Արման Միրովնան, որ նոր ժամանեց։

Տեսայ։

Օրիորդ Գոհարեան կը պատասխանէր պարզ, նոյնիսկ անտրամադիր։ Ոչ մէկ ժպիտ, որ կը մեկնուի այրերուն կողմէ իբր առաջին ծուէն։ Այս անզգածութիւնը տպաւորեց արդէն անճարակ Իշխանը, որ պարտաւորուեցաւ թափառիլ։ Վայրկեան մը իրեն այցելեց կատակերգական յիմարութիւնը, ուր մխրճած էին զինքը, իր բնազդներուն չափ, իր բարեկամները։ Ափրիկէ՛։ Անշուշտ, բայց` խաւարակուռը, ուր արդիական մեծ պանդոկը, ուր ամէն ազգի առաջաւոր տարրերը կը ներկայացնէին հսկայ քաղաքակրթութիւններ։ Յետոյ խորհեցաւ լորտին, որ վարձած էր իր դէմի յարկաբաժինը, ու հոն մտնող տիկիններուն յարափոփոխ տեսարանին։ Անոր այցելեց, դարձեալ, կիսաշխարհիկ օրիորդը, որ կը հոգացուէր գործէ քաշուած հայ վաճառատունի մը կողմէ ու գիտէր ընկերանալ իրեն, նաւային պտոյտներու մէջ, շաբաթը անգամ մը ինքզինքը ծպտելով կատարելութեամբ։ Այս վայրկեանին, օրիորդին մտապատկերը կը շահէր սա պաղ, վանող ձեւին մօտիկ, որ Սոնան էր։ Յետո՛յ, յիշեց, որ սպասեր էր անձկութեամբ ու վախով այդ աղջիկին, իր յարկաբաժինին մէջ։ Ու յապաղումէն սրտնեղած՝ իջեր դիւան, հարցուցեր պատէ պատ ճարտարութեամբ մը: Տուած էին անոր, պարտէզին ուղղութիւնը։

Ամչցա՞ւ, վասնզի վճռականութեան հրաւէր մը լսեց իր ներսէն, որ զինքը կը զօրացնէր իր միլիոններով ու տիտղոսներով։ Բայց աչքին տակ շատ հանդարտ այդ պատկերը, իր պարզութեամբը, օտարութեամբը բաւ էր զինքը տարհամոզելու իրմէն։ Անիկա շփեց տկար աչքերը։ Լոյսը կը նեղէր։ Վայրկեան մը վերակազմեց երէկւան տեսակցութիւնը։ Ու գտաւ, որ հակառակ իր խռովքին, իրաւունքը քիչ էր աւելին սպասելու։ Ի՜նչ էր կարգադրուածը։ Մի առանձին տեսակցութիւն, որ ճարտար խաղարկութեամբ մը պիտի երկարէր մինչեւ ճաշ։ Ըմպելի՛։ Մնացեալը պանդոկապետը կը վստահէր իր փորձառութիւններուն, դիւանագիրքին պատգամներուն։ Անիկա հաստատ համոզուած ունէր այն ճշմարտութեան, որուն համեմատ, բոլոր տարասեռ մինակութիւնները, երբ մշուշուած են ըմպելիքով ու առանձին սենեակի մը փակ լռութեամբ են շրջանակուած, կը յանգին սեռին։ Թաքթ, հոտառութիւն, «աջողակութիւն», ադամանդ ու դրամ։ Յետոյ, ամէնէն ապահովիչը, իր ամուրիութի՜ւնը։ Ամէն ամուրի իրաւունք չունի՞ աղջիկ մը քիչ մը մօտէն ուսումնասիրելու։ Իշխանին համբա՜ւը, պաշտպանուած իր բարեգործութիւններով։ Այդ ամէնը լաւ։ …Գործնականի՞ն մէջ։ Անիկա տուաւ հարցումը ու տուաւ պատասխանը կրկին, մտովի.

Զգուշ։ Արեւելահայ հնչումով։

Ձեր մասնակցութի՞ւնը։

Ի՞նչ բանի։

Դիւթախաղին։

Չեմ մտածած ատոր։

Ինչպէս թէ չէք մտածած։ Պարոն պանդոկապետը ձեզ նկատի ունի արդէն իբր կարեւոր, նոյնիսկ առաջին նիւմերո ն, հայ հասարակութեան կողմից։

Խօսակցութիւնը ստացաւ քիչիկ մը արձակ գնացք։ Գոնէ նիւթ կար մէջտեղը։ Ատկէ՝ դէպի սե՞ռը։ Ամէն ճամբայ Հռովմ կը տանի։ Բառերով յոգնեցնելը համարժեք է հետապնդումով, չամչնալով յոգնեցնելուն։ Ամէնէն ամուր օրէնքներէն էին ասոնք, մարանեան դիւանագիտութեան մէջ, սեռային յարձակողականին։

Ինչպէս կարելի է ատիկա, երբ ես դեռ այսօր զբաղուելու եմ այդ խնդրով։

Բայց, Օրիորդ, երեւի «թիւրիմացութիւն է եղել»։

Գուցէ պարոն պանդոկապետը խօսեր է ձեզի ուրիշ օրիորդի մը մասին։ Դուք գիտնալու էք արդէն, որ անիկա շատ պաշտպանեալ օրիորդներ ունի։

Լռութիւն։

Կարելի է անունը սխալ էք լսած։ Չըլլայ օրիորդ Մելինէն։

Զիս տղա՞, կը կարծէք: Պարոն պանդոկապետը վճռապէս կը մերժէ օրիորդը բեմ հանել։

Ինչո՞ւ:

Երեւի այդպէս անախորժ բան է դա. հասարակութեան մէջ, օրիորդի մը ապագայի տեսակէտէն։ Մնաց որ, օրիորդը մերժած է խստիւ։ Դուք գիտէք էլի իր լայն շփումները արեւելահայ թատերագրին հետ կտակած էին բարբառի այս հետքերը որ մեզանում լաւ աչքով չեն դիտում բեմ ելլող օրիորդ մը։

Իսկ զիս։

Դուք ուրիշ։ Դուք…

Ինչո՞ւ չշարունակեց։

Ե՞ս։

Դո՞ւք։ Դո՞ւք։

Անիկա ծուռ իր վիզը քերելու համար փակեր էր աչքերը։

Դո՛ւք արդէն կ’արհամարհէք այդ նախապաշարումները։

Կը կարծէ՞ք։

Դուք արդէն բեմն էք։

Թեթեւ կարմրութիւն մը, որ Սոնային մէջ վերածուեցաւ կարծր բանի մը։

Չեմ հասկնար ձեզ։

Վախնալիք ոչինչ ունիք։

Կրկին չեմ հասկնար։

Այդ մասին աւելորդ է վիճել։ Արդէն վճռուած իրողութիւն է։ Խաղը, իր միջազգային նկարագրովը, վարկաբեկիչ ըլլալէ աւելի՝ պատուաբեր բան է ամէն օրիորդի։ Մի խորհեցէք. նախարարներ, թերեւս թագաւորը, դիւանագիտական մարմին, իշխաններ…։ Լաւ կարգադրութիւն է, Օրիորդ Սոնա։ Պարոն Պարգեւեանը երբեք չի հակառակիր ձեր որեւէ քայլին, ինչպէս ինքն է յայտարարած ինծի. հերիք է, որ ձեր սիրտովը ըլլայ այդ քայլը։ Աւելի՛ն. ինծի վիճակւած է արդէն ձեր արդուզարդին ամբողջ պատրաստութիւնը։ Ու ճիշդ այդ մասին պիտի ուզէի ձեզի հետ առանձին տեսակցութիւն։ Գոյնի եւ շղարշի ընտրութիւնը վերջապէս գործն է փափուկ սեռին։ Մեր խելքը կը հասնի մէկ բանի, նման հարցերու մէջ մտիկ ընելու։ Այդ արդուզարդը…

Բայց ո՞ր արդուզարդը։

Այն՝ զոր կրելու էք դիւթախաղին մէջ։ Ես, այդ առիթով, անգամ մը այցելեցի հնդիկ վաճառականին մակազինը, ուր Արեւելքի ամենազգի կերպասները, թանկ ու էժան, հինն ու նորը, ուղղակի Կալկաթայիցն են գալիս։

Բայց դուք դեմայարդա՞ր էք։

Դա առանձին տաղա՞նդ է արդեօք։

Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ փութկոտ էք եղած հարցի մը մէջ, որ ձեզի հետ կապ չի ներկայացներ։

Պարզ է իմ փութկոտութիւնը, Օրիորդ Սոնա։ Մենք բաւականին կը ճանչնանք այդ ռուսերը, որոնք թուղթէ զգեստներով իշխանուհիներ կը սազեն ու կը հաւատան։ Մենք կ’ուզենք, որ մեր ներկայացուցիչը փայլի, բայց արդար փայլով, արդար գոյնի մէջ, արդար, հարազատ բեհեզով։

Յետո՞յ:

Յետոյ, էդպէս։ Ազգային շրջանակները խնդրեցին ատիկա ու ես իմ ազգին ոչինչ չեմ կարող մերժել։

Ու դուք ընդունա՞ծ էք այդ կարգադրութիւնը։

Թերահաւատ, հեգնո՜ղ։ Մենք որքան շուտ կը մոռնանք մեզ ու կը մտնենք մեր բառերուն շապիկին մէջ։ Իշխան Պօղոս Արծրունին, եօթը դիմումով տեղի տուող բարերար, ինքնաբերաբար կը ստանձնէր մեծածախս ձեռնարկ մը, «ամենայն հպարտութեամբ», ի նպաստ «մեր ազգային վարկին»։

Հանդիսաւոր, իշխան, միլիոնատէր, նոյնիսկ խորտուբորտ դէմքին անկրելի ժանգին մէջ «ամենայն հպարտութիւնը» կը սաւառնէր մեծաթռիչ։ Կոտրտած ու ծուռ անոր քիթն անգամ կը թուէր ազդուած ըլլալ ազգային վարկէն։

Իշխան Պօղոս Արծրունին, անզգալաբար, ըրեր էր ճիգը ինքզինքը շտկելու, հասցնելու համար իր ճմռկումը իր բանաձեւերուն «փողփողումին»։ Բայց անվերադարձ խախտած անոր ոսկորները չեղան հնազանդ։ Ու ծուռ էր անիկա իր ուղղութեան մէջ իսկ։ Իր հպարտութի՜ւնը։ Թեթեւսոլիկ բանաստեղծ մը պիտի «բւաղէր» իր պաշտամո՜ւնքը։

Նոյնիսկ գնուած է ձեր ադամանդը։

Ո՞ր ադամանդը։

Ա՛ն՝ զոր կրելու էք խաղի ընթացքին։ Չէ՞ք փափաքիր տեսնել անգամ մը։

Ինչ ծիծաղելի են մարդիկ իրենց կոպտութեան, ինչպէս յիմարութեան մէջ, երբ կը ծեծուին սեռին սաթիռ էն։

Ի՛նչ հարկ, երբ ես չեմ ուզեր։

Ինչո՞ւ։ Կացէ ք մի քիչ. ես հիմա կը գնամ ու կը բերեմ։

Բայց չէր շարժեր։

Լաւ չէ՞, որ գնանք իմ յարկաբաժինը։ Հոն կը տեսնէք նաեւ վերջին սուրհանդակով ժամանած իմ սուրը եւ իշխանական համազգեստը։ Արդէն չէ՞ որ ցերեկը իմ մօտ էք ճաշելու։

Ո՞վ ըսաւ։

Ինքը, պարոն պանդոկապետը, ձեր փափաքին համաձայն։

Տհաճ ու մռայլ բան մը, յանկարծակի, համակեց աղջկան դէմքը։ Հեռուներէն, ատիկա, աչքի շրջումով, դէպի ներս խորացումով, կասկած, որ ուրուացաւ այդ անձուկով։ Իր մեղքին կնիքին տակն էր անիկա, այսինքն արգիլուած՝ բոլոր ազնիւ հպարտութիւններէն։ Իր հոգին, մեծապէս նկուն, անընդունակ սողալու եւ ցեխով սատափւելու, ինչպէս է պարագան մարդոց մեծ մասին, իր լուռ գանգատովը, զինքը կ’ընէր իր մէջ թշուառ։ Անշուշտ միտքէն չանցաւ արդարացնել Մարանը։ Բայց իր զայրոյթը թեւաբեկ բան մըն էր միշտ. ամէն տեղ, ինչպէս եւ հոս։ Պինդ, հայեացքը սեւեռ, բարկաշեշտ, բայց զուսպ.

Ինչպէ՞ս։ Կարելի՞ բան է, երբ ես ոչինչ գիտեմ։

Անիկա փակած էր աչքերը՝ խորհելով Մարանին լրբութեան ու տաղանդին:

Դուք ոչի՞նչ գիտէք:

Ի հարկէ։

Թոյլ, անսիրտ։

Թթու ու ձախող զարմանք մը աւելի ծռեց Իշխանին արդէն անաւարտ արտայայտութիւնը։ Հաստ իր ստորաշրթունքը կը ճմռէր ու կը մտածէր, քիթովը՝ ճիտը ըրած կիսով վեր, ցռուկ ցցող աղւէսի մը պէս։ Զայն տեսնող մը պիտի խորհէր խորունկ ու տրտում յուսախաբութեանց։

Եղջերուաքաղ մը, այս ամէնը։

Չէր ըսած բարձր։ Ներքին մենախօսութիւնը թեթեւակի կ’արտացոլար անոր մանր աչքերէն։ Իշխան հոգեբանօրէն ճիւաղ մը չէր։ Ապականած, բայց այն չափով, որքան կը հասնի դրամին անիւը։ Արդէն իր պապերուն վաճառումովը ապրիլ՝ ինքզինքը արժէքի տանիլ կը նշանակէ։ Մեղքն իսկ քաջութիւն է, անգործութեան, փտումին, հոտումին հետ բաղդատուած։ Ու կը մտածէր եղկելի Արծրունին ճշմարտութիւններու, որոնք յայտարարեր էր որբուհիներու հարսնիքներուն։ Տառապանքն է, որ մարդը կ’ընէ հարուստ կամ աղքատ։ Ու պզտի՞կ է երկանաքարը, որ կ’անցնի մեղաւոր մօր մը ճիտէն, որպէսզի անոր աղջիկն ալ քրտինք չընդունի։ Մարդկային զգացումները ուրանալը գիրքերու հերոսութիւն է։ Կան անոնք, ամէնէն խոր ոճրագործին ալ մէջը, երբ իրենց խղճմտանքին հետ ձգուին մինակ։

Յամենայն դէպս, Օրիորդ, ձեր կամքն է լինելու։ Նոր չէ, որ պատիւը կ’ընէք ինծի ճաշակից ըլլալու։ Իմ սեղանը, ինչպէս սիրտը միշտ բաց է եղել ձեր ընտանիքին։ Ու պարոն Պարգեւեանը կ’ընդունիմ իբր մէկը մեր մեծագոյն գրականագէտներից։

Այս նահանջը, ճարտար, որքան իրական, չըսելու համար անկեղծ, գուցէ փրկէր Մարանով ծրագրուած «դաւադրութիւնը», եթէ անակնկալը, որուն բաժինը վէպերուն մէջ չէ, որ մեծ է մինակ, չմիջամտէր ու չխորտակէր թշուառ աղջկան սրտին խարխուլ ոստը։ Այդ անակնկալը, անզուգական թատերագիրին շնորհալի աղջիկը, օրիորդ Ռիթա Ճէնանն էր։ Իբր հայ գրագէտի աղջիկ, անիկա իր անձովը կը պատուէր Սփլանտիտ փալասը եւ իր հովովը կ’արծարծէր բաւական սուր հետաքրքրութիւն, ազգային հարցին բարւոք լուծումին նպաստող, փալաս այցելող ամենազգի դիւանագէտներու իր տուած ժամադրութիւններով։ Այդ տեսակ օրեր էին, երբ հայկական հարցը կիներու սեւ աչքերուն ալ կարօտ էր մնացած։ Փալասին շփացած եղնո՜րթը։

Կը դառնար շուկայէն, պոռոտ հովահար մը ճօճելով ու բարձրաձայն խնդալով։ Իրեն կը հետեւէին երկու երիտասարդներ, օտարակա՛ն, իրենց հագուածքին ու մոյնքին շեշտ զարտուղութեամբը։ Մարած կապոյտով անոնց աչքը, շէկ մազերը, բաց մորթը կը խօսէին ի նպաստ սլաւներուն։ Հաւանաբար նոր ժամանած դիւթախումբին արուեստագէտներէն։ Իր եռանդին մէջ, չէր զգար աչքերուն կրակը։ Չազդուեցաւ պարտէզին խոնաւ զովութենէն ու չէր տեսած Իշխան Պօղոս Արծրունին, որ հովանոցէն դուրս, ծուռ իր հասակովը ուղղաձիգ, թթուած՝ կը դիտէր լուքսորեան երեկոներու նաժիշտ Ճէնանը, այն ատեն գլխիկը իր կուրծքին, թռչունի նման կրծոտելով կոճակները անոր ժիլէ ին, հիմա անտեսող։ Վասնզի իր նորութիւնն էր, արեւելեան ոճէ բաւական սիրուն «մի նորութիւն», ամէն տեղ ճակատ ճակատի գալ իշխանին ու զայն չտեսնել։ Այդպէս յղացուած ու անվրէպ գործադրուած վրէժխնդրութեան եղանակը օրիորդին համար օրիժինալ էր չափազանց, ու Իշխանին համար՝ նոյն չափով նվաստացուցիչ։ Գռեհիկ այդ պատմութի՜ւնը, զոր ամուսնութեան արհեստական մշուշ մը ի զուր ջանաց պարտկել, քանի որ Իշխանը զայն յղանալու օրն իսկ հերքեց, իր ընդոծին սարսափովը ու թատերագիրը երկար ատեն պաշտպանեց իր ռոճիկին յոյսովը, մինչեւ որ երկուստեք լռելեայն համաձայնութեամբ դադրեցան իրարմէ։ Գրագէտը վէպով մը սպառնաց ու ոչինչ փրցուց։ Աղջիկը ամէն տեղ երդում կ’ընէր, իր հօրը սրբազան տաղանդին վրայ, ապտակել խոզածնունդ Իշխանը, եթէ երբեք նորին վսեմութիւն «ոսկեզօծ խոզութիւնը» համարձակէր բարեւ ուղղել «իրան»։ Երբ հարցում ըլլար պատճառին, օրիորդ Ռիթան կ’առնէր սրբազան զայրոյթի պատմուճան, հանելով իր մազերն իսկ սարսուռի ու կ’ընէր քանի մը խորախորհուրդ նշաններ, անխոստովանելի բաներու համեստ ամօթխածութիւնն ալ գեղեցիկ բեհեզի մը շղարշելով իր ատելութեան ու կը տպաւորէր։ Հնարովի՞։ Ով ինչ գիտնար, թէ ինչպէս կ’անցընէին Լուքսոոր երեկոները, երբ անապատը կը սեւնար դանդաղ ու Իշխան Արծրունին ու «արեւելեան եղնորթը» Նեղոսի ափին իրենց ոտքերը «կը լուանային»։ Առանց իրականութեան այս ճնշող փաստերուն, որոնց հօրը պատմումէն սպրդած էին, երբ «զեկոյց կ’անէր» իր տպաւորութեանցը մասին։ Կիները, ասոնց կարգին օրիորդ Ռիթա Ճէնանը չեղածէն ստեղծեն պիտի, երբ խնդիրը կը դառնայ «սեռային առանցքին շուրջը»։ Հարկ չկայ, այդ առիթով շրջող լուրերը վերստին տողելու հոս։ Կնոջ մը մասին ըսածներուն մէջ, խենթ է ան, որ ստուգութիւնը կ’ուզէ ջոկել սուտէն։ Օրիորդ Ռիթան, ամէնէն հաւանական վարկածին համեմատ լարուած էր Իշխանին դէմ, վասնզի «նորին խոզութիւնը պատուոյ խօսք էր տուել իրան հայրիկին մի ռոճիկ յատկացնել ու չէր արած»։ Աւելի հարազատ, բայց քիչ տարածուած ուրիշ վարկածի մը համեմատ, օրիորդը չէր կրցած իրեն հետ միասին պարտադրել իր Աշոն մօրաքրոջ պալիկը, քսանամենի, որուն հետ մէկ մանկութիւն էին ունեցեր, գրագէտին կնոջը մահէն յետոյ, մինչեւ հիմա շարունակուող մտերմութեամբ մը, սահմանէն անյայտ ու չարախօսւած։ Ամէ՞նը ատ։ Ի հարկէ, կար աւելին ալ, բոլորովին արեւելեան, պարսկական ակօսով, որ կը պտըտէր բացառիկ վայելախոյզներու ակումբին մէջը։ Մարա՞նը, անխուսափելի՞ն։ Օրիորդ Ռիթա տեղեակ էր ըսուածներուն։ Ու ապականած ամէն աղջկան մօտ բնական վատութեամբ մը անիկա նախընտրած էր յարձակումը տկարին արահետէն։ Որքան ատեն որ Ճիվանզատէ–Պարգեւեան աքլորամարտը կը շարունակուէր, անիկա առիթ չէր փախցներ վատ ու աղտոտ սլաքներ սահեցնել գրագէտին շշուկուած մեղքին։ Այդ պատեհութեամբ անիկա, մեր մէջ մշտապատրաստ մունետիկներու շռայլումով, ուսումնասիրած էր Պարգեւեանը, որուն պատմութիւնը վէպէ մը աւելի շահեկան կ’ընծայէր, տեղի, թուականի, տիպարներու, խաբւած աղջիկներու ու անորակելի անկումներու ցնցող դրուագումով։ Ու անոր հայրը, ժպտուն, խորապէս հաճ, կ’աւելցնէր՝ գլուխը ճօճելով.

Կծուի էդ քո լեզուն, շան աղջիկ.

Ու կը լրջանար, պարտակելու համար անազնիւ յուզո՜ւմը, ծնունդ՝ աւելի անազնիւ զգացումի մը, նախանձին։

Այս պայմաններուն մէջ ձգտումը տարուած էր ծայրայեղ չափերու, ա՛յնքան՝ որ երկու օրիորդները անկարող էին իրարու ներկայութիւնը հանդուրժել քիչ-շատ հանրային բնոյթով որեւէ հաւաքոյթի մէջ։ «Հայրեր»ու գօտեմարտը «աղջիկներ»ուն փոխանցուած, կը ստանար եղերա–կատակերգական սրութիւն մը։ Չարախօսութիւնը բամբասանքէն կը տարբերի արու երանգով մը։ Օրիորդ Ռիթան ոեւէ էրիկ մարդէ վար չէր մնար, երբ կը պատմէր «անպատմելին»։

Վերջին ձեռնա՞րկը։ Անիկա երդում էր ըրած, վստահած իր ռուսերէնին, ու հօրը «համառուսական» տաղանդին, վտարել երկդիմի կիսակոյսը դիւթահանդէսէն, սարքելով «գապալ», ուրանալով բեմական տարրական շնորհ Օրիորդ Գոհարեանին։

Ախր, բեմը մսավաճառի խանութ չի։

Անիկա կը կրկնէր հօրը այս մեծ նախադասութիւնը, հերքել չկրնալով Սոնային մարմնական կատարելութիւնը։

Արհամարհող, պչրոտ, թացիկ, կատակող անիկա առաջնորդեց երիտասարդները դէպի պարտէզ ու մնաց սառած։ Աչքը ինկած էր հովանոցին։

Շփացումը մեզի կը դառնայ նկարագիր, տարիներու հոլովոյթէ մը յետոյ, երբ ա՛լ անյարմար ենք ատոր: Ու պիտի չազատուինք մեր վարժութիւններէն, ծանր փաստերու լախտին ալ դիմաց։ Գեղերու մէջ հարսնութիւնը կը շարունակուի, առանց կեսուրի տուներէն ներս։ Քաղքենիները մինչեւ պառաւութիւն չեն հրաժարիր իրենք իրենցմէ։

Հա, հա, հա, հա։

Տասնամեայ աղջկան վայելող շեշտով մը։ Օրիորդ Ռիթան ծանօթ էր կոկորդային այս «ժեսթով»։

Երիտասարդները դարձան դէպի հովանոց։ Ոչի՛նչ՝ արտասովոր, անոնց համար, պատկերին մէջ։ Չէին հասկցած։

Թիւ, թիւ, թիւ...

Աճուն իրենց զարմանքին մէջ՝ երիտասարդները փնտռեցին մէկը, որուն կրնային ուղղուած ըլլալ այս արհամարհական փշուրները։

Անիկա կը խնդար, ձեռքերը զարնելով կողերուն, ու գլորելով ռուսական բառեր, որոնք ըլլալու էին բաւական ծիծաղաշարժ, քանի որ արուեստագէտները, հակառակ դիմագիծի իրենց լրջութեան, վարակուեցան ծիծաղէն, կարմրելու աստիճան։ Լրբութիւնը չի վայելեր, երբ կ’առնուի փոխ։ Տղաքը զգացի՞ն ատիկա, լռելու համար ինքնաբեր թափով մը, մինչ օրիորդը իր բարակ մարմինը կը ջանար հանել իր կատաղութեան կոնին, բազմապատկելով ինքզինքը ձեռքէն, ոտքերէն, մա՛նաւանդ «կծուելիք» լեզուէն։

Երկու պէրպէրի [7], ձայնէն ազդուած, ձգեցին թաւուտը, որուն ետեւի մասը կը ջրէին մորթեայ խողովակով, ու եկան առաջ։ Անոնց դեղնորակ նայուածքը կը ճամբորդէր խումբէն դէպի զոյգը, թեթեւ մը փոթելով անոնց շրթները։

Յոգնա՞ծ, օրիորդ Ռիթան։

Անիկա դադրած էր խնդալէ։ Բայց կը դողային շրթները։ Մարմինը քիչ մը առաջ հակած, երկու թեւերը արկղի ձեւով մը զետեղած կողերուն պարապութեան՝ անիկա պոռաց.

O ! Quel beau couple.

Լի՜րբ։

Նետուած էր ոտքի Սոնան, չարութենէն պատի պէս ճերմակ։

Դու ինքդ ես լիրբը. միասին՝ անպատիւը, միասին՝ վաճառուածը. միասին՝ պիղծը...

Հաստատ, պիրկ այս յարձակողականը, շփացած աղջկան մը վայել ջլթիկութեան հետ, կը բերէր մէջտեղ արագ ու ստոր դառնութիւն մը։ Տողի մը մէջ երբեմն կրնանք ամբողջ կեանք մը խորտակել:

Էն էլ է խոզը, քաւթառը, մարդագէլը։

Իշխանը որակող այս վերադիրները իրենց ուժգին արհամարհանքին մէջ հաւասար կու գային Սոնան կործանող տողին։

Անիկա թեւերը առաւ վար։ Ընելի՞ք։ Չէր մնացած։

Հովահարը մէկ մատէն կախ, մտնելով այն ծիծաղին մէջ, որով եկած էր պարտէզ, ռուսերը ետին, հեռացաւ բեմէն։ Տեղի ունեցածը այնքան թատերական էր, որ անոր մեկնումէն յետոյ միայն անդրադարձաւ դժբախտ աղջիկը եղելութեան իմաստին։ Բուսաւ անոր մտքին առտուան պարտէզին Արտակ Գասպարեանը ու անոր չըսած «աւելին»։

Անոնց մինակութիւնը։ Իշխանը՝ պերճաբարբառ վկայութիւն մը։ Գոնէ գիտնար լռել։

Եղաւ անիկա իշու չափ սրամիտ ու խոզի չափ աղտոտ՝ յաղթական հեռացող աղջիկը հարուածելուն մէջ։ Ու Լոնտոնի մէջ իր կրթութիւնը «պսակաւորած» Իշխանէն այս գռեհկութիւնը տիրական ցաւի մը պէս մխուեցաւ Սոնայի սրտին։ Կործանելը տխուր բան է անշուշտ։ Ու տխուր ցեղերը եթէ գերի չեն, կործանողներ միայն եղան։ Բայց ատոր մէջ վատնուած մոլուցքը յատկանշական է անհատի մասին։ Մէկը դատելէ, պիտակելէ առաջ, անգամ մը բարկացուցէք։ Սոնան, վարժուած գրագէտին փարթամ ու պաճուճագեղ պարսաւին, պղտորեցաւ խորապէս ու ընդմիջեց.

Բայց շաբաթներով ձեր թանկագին հիւրը ելաւ ան։

Անարդար է այդ մեղադրանքը։ Ինձմէ առաջ ու ինձմէ վերջ անոնք ազգին թանկագին հիւրերն են։ Սխա՞լ կ’ըսեմ։

Լռութիւն։

Նա արդէն երբեք իմ հիւրը չէ եղած։

Դժուարութիւն։

Վճարուած, վաճառուած աղջիկ է միայն։

Դիւրութիւնը, որով կը սահինք զառիթափերէն։

Այդպէ՞ս, հարցուց Սոնան ու անոր ձայնին մէջ կար խորունկ բեկում։

Ի հարկէ։ Ուրիշ ի՛նչ։

Վիրաւոր իր արժանապատուութիւնը Իշխանը ըրած էր կոյր, չտեսնելու չափ նուաղկոտ կսկիծը, զոր իր բառերը կը ստեղծէին աղջկան երեսին։ Ասանկ։ Անշո՜ւշտ։ Հայոց ազգին պատկառելի իշխանները, որոնք աղջիկներ կը գնէին։ Ու ան միւսները։ Հայոց ազգին պատկառելի գլուխները, որոնք…

Որքան դառն է իմ զղջումը։

Չշարունակեց Իշխան Արծրունին, վասնզի Սոնան ձեռքերը տարած էր կրկին իր աչքերուն։ Այդ դիրքը անոր գլուխը կ’ընէր արձանային յօրինում մը, նայուածքին անփոխարինելի իրականութիւնը տարագրելով անոր դէմքէն ու տանելով զայն անունին, մարմարեղէն արտայայտութեան:

Կրկին լռութիւն։

Նրբանցքին կիսաբաց դուռնէն, ժամացոյց մը, հեծկլտուն, տուաւ տասնըմէկ հարուած։ Օրը մօտ կէսին ու ոչինչ ունէր սկսած։

Ծառայ մը մօտեցաւ անոնց, ձեռքին՝ այցաքարտ, զոր երկարեց Սոնային։ Հիւրերը, շուկայէն դարձող, քրտնաթոր, որոնք վայրկեան մը կը շեղէին պարտէզ, հովանալու: Չորս աւազանիկներու տասներկու շատրուանները անկարող էին մեղմելու արեւին ծանրութիւնը, որ դեղին ու բարակ փոշիի կը նմանէր, բայց ճնշող՝ ինչպէս ոսկին։

Սոնան հաւաքեց ինքզինք։

Ո՞ւր։

Մէկը կ’ուզէ զիս։

Ո՞վ։

Հարցականը՝ հեռու էր շեշտէն, որով իրենք զիրենք կը մատնեն կարգ մը մարդեր, Իշխանին պայմաններով, երբ «կ’արգելուին»։ Մարդավայել զգացումները լաստեր են մեզի համար, մեղքի ջուրերուն վրայ։

Չէք ճանչնար։

Նո՞ր է ժամանած։

Այո։

Կարեւո՞ր։

Այո։

Անունը:

Տիրան Տիրանեան։

Աղջիկը կը նեղուէր այս անիմաստ հարցականներէն։

Ծանօթ կը թուի։

Հանրային մարդ է. բանաստեղծ ալ։

Նորէ՞ն «մեծապատիւ»ներէն։

Այս որակականը Իշխանը անյագ կը գործածէր, ու տեղն է ըսել՝ «արժանաւորաբար», վասնզի Գահիրէ, Աղեքսանդրիա անիկա տառապէս պաշարուած էր եղերերգակ, դիւցազներգակ տաղաչափներու գումարտակով մը, որոնք մեր Աղէտը կ’երգէին մեծաթիւ տողերու մէջ ու մեկենաս կը փնտռէին, իրենց «երկունքը» ներկայելու ազգին։ Անչափելին այս յարձակողականին մէջ, պաշտօնական, տօնւած, «աղաչուած» մեծապատուութիւնն էր անզուգական թատերագիր Ճիվանզատէին, որ սրամիտ մեկնաբանութեամբ Իշխանին կը կարդար Պարոնեանին Ֆարսը ու կ’ողջունէր անոր մէջ մեր մեծագոյն հանճարը, որ կրցեր էր այսքան կենդանի, կատարեալ սեւեռել իր տիպերը։ Ու չէր անդրադառնար, որ Պարոնեանին տուածը որքան տարրական, ճղճիմ բան էր բաղդատուած իր «Մեծապատուութեան»։ Հոսհոսնե՜րը։ Ու նկատի ունէր Պարգեւեանին ռազմավարութիւնը, որով կը փորձէին չսիլոս ներ ստուեր ածել ա՛լ նուիրագործուած իր փառքին։ Անպատիւնե՜րը, այդ մեծատաղանդ արձակագիր որակուած մարդերը, որոնք չէին խղճահարեր իրենց բարեկամներուն, զիրենք հիւրասիրողներուն կիներն իսկ զգլխելու ու կ’երթար առաջ ըսելու ինչ որ փսփսուք էր, բայց «անհերքելի ստուգութիւն», ինչպէս կը վկայէր թափանցող, հոգեբան վիպողի իր «խղճմտանքը»:

Սոնան ոչինչ գիտէր այս ամէնէն։ Անիկա ունեցաւ շեղ նայւածք մը, վիրաւորուած ու վիրաւորիչ, բայց չբացաւ բերանը։ Ի՞նչն էր, որ զինքը ըրաւ զգոյշ։ Անցած էր քալելու:

Ադամա՞նդը։

Մնայ քեզի։

Բայց, Օրիորդ Սոնա, այս գիշեր ժողով ունենք: «Ազգային վարկ է» ու ես ի վիճակի չեմ վճռական բան մը ըսելու։

Իշխանները լռեն իսկ, վճռական խօսած կ’ըլլան։ Ինչո՞ւ կը մտահոգուիք, Իշխան։

Ան չլսեց Իշխանին պատասխանը, վասնզի բացուած էր անկէ նրբանցքին դուռովը։

Կիսամուտ այդ երկարութեան վրայ անիկա ծանր օձի մը նման կը քաշէր նախատինքը օրիորդ Ռիթային։ Ոչ մէկ ատեն, անիկա ինքզինքը գտած էր այսքան մինակ, այսքան խեղճ ու անպաշտպան։ Հսկայ շէնքին մէջ Մարդկային Մեղքը տեղաւորուած, ջնարակուած, ոսկեզօծուած, աշխարհի չորս ծագերէն, իր պաշտամունքը կ’ընէր սա գեղազարդ սենեակներէն ներս։ Ու կ’ընէր ատիկա հաճութեամբ ու փառքով։ Քսան տարեկան աղջիկ մը չունենար «բուն» մը գլխիկը դնելու։ «Շինողին կուրանան աչքերը», քանի անգամ անիկա ըսեր էր այս դասական անէծքը, ուղղուած աշխարհը յօրինողին, որ չէր կրնար ըլլալ անոր մանկութեան ու անդրանիկ պարմանութեան գեղեցիկ ծերունին։

Հասած էր դիւան։

Անոր ներկայացուցին քառսունէն քիչ մը վեր մարդ մը, դալկոտ, բայց բաց, պայծառ արտայայտութեամբ։ Առաջին տպաւորութիւնը քիչ անգամ կը խաբէ։ Սոնան զգաց, թէ կը գտնուէր մէկու մը առջեւ։

Տիրան Տիրանեան։

Տուաւ ձեռքը ու սպասեց։

Երիտասարդները հաճոյքով դիտեցին վերապահ ազնուութիւնը այս շարժումին։ Տիրան Տիրանեանը չէր ծռած՝ ձեռքը համբուրելու Օրիորդին։

Սոնա Գոհարեան:

Հանդարտ ու խոր մելամաղձութիւն մը կը ծորէր ազնուական անոր աչքերէն, զորս անկարող էր աւրելու ակնոցներուն պիրկ նստւածքը։

Կրնայի՞ քանի մը վայրկեան խօսիլ ձեզի, Օրիորդ։

Շատ բարի, պարոն Տիրանեան։ Երթանք սրահ։

Փալասին մեծ ընդունարանը, աւելի ճիշդը՝ խօսարանը։ Արդիական ոճով յարդարուած մեծ քազինօ մըն էր ատիկա։ Անստգիւտ մաքրութիւն ու ելեկտրական հովահարներ։

Գրաւեցին սեղան մը։

Մարդեր, քիչ:

Նո՞ր էք ժամանած։

Քանի մը օր կայ։

Կը սպասէինք ձեզի։

Յոգնած եմ. ճամբորդութիւնը եղաւ բաւական փոթորկոտ։ Յուսամ, հանգիստ է պարոն Պարգեւեանը։

Անհանգի՞ստ։ Չէ իսկապէս։ Բայց այս ձմեռը անցուց սրտնեղ ու անտրամադիր։

Նէօրասթենի չունենայ։

Բժիշկ մը ըսաւ ատիկա։

Բաներ մը կը զգա՞յ։

Անշուշտ որոշ բաներ չեն այդ զգացածները։ Բայց կը յոգնի չափազանց արագ, նոյնիսկ քալելէն, շարժելէն, խօսելէն։ Ու ատիկա կը գրգռէ զինքը։

Քաղաք կ’իջնա՞յ։

Առանց ատոր «կը մեռնէր», ինչպէս կը հառաչէ յաճախ։ Զիս երկար է փնտռած։

Ես չուզեցի հոս իջնել։

Ինչո՞ւ:

Այդպէս։ Չի՞ գրեր։

Օ, ոչ։ Իր նամակներն իսկ ինծի կը թելադրէ։ Գրելու այս անկարողութիւնն ալ մեծ դեր ունի իր ջղայնոտութեան մէջ։

Կարելի է։ Բայց կանուխէն ալ անիկա քմահաճ բան մըն էր գրելու ատենը։

Զինքը կը ճանչնաք շատ հինէն, այնպէս չէ՞։

Այո՛, շատ հինէն։

Տիրանեանի լեզուն թեթեւակի կը ստիպէր զինքը խօսքի պահուն քիչ մը ընկրկելու բառերուն վրայ, որոնք այս ճիգով զօրացած կը հնչէին հասուն ու խոր բաներու պէս տպաւորիչ։

Միակ մարդն էք, պարոն Տիրանեան, որուն մասին գէշ բառ չէ ունեցած։

Պատանութեան զգացումները, Օրիորդ...: Յետոյ արտասահմանի մէջ մեր տառապանքները կեանքին դժուարութեանց դէմ։

Բայց...

Մէկը կեցած էր իրենց մօտ։ Չտեսա՞ն, թէ չուզեցին։

Պարոն բանաստեղծ, աշխատեցէք, որ Օրիորդը բարեհաճի մնալ ճաշի ու փորձել ադամանդը։

Տիրանեան վեր առաւ աչքերը։

Իշխան Պօղոս Արծրունի, ներկայացուց ինքզինք նորեկը։

Պարոն Իշխան Պօղոս Արծրունի, կը խնդրեմ, որ ըլլաք քիչ մը... բարեկիրթ ու չխանգարեք մեզ։

Բայց, Օրիորդ, ճաշը։

Կը մերժեմ բոլոր իշխանական ճաշերը։

Ադամա՞նդը։

Գետի՛նն անցնին բոլոր ադամանդները։

«Ազգային վա՞րկը»։

Ձեզի ըլլայ այդ վարկը ու այդ փառքը։ Վճռապէս կը մերժեմ ամէն բան, խաղ, ներկայացում, խօսք ու երգ, ուր մուտք են ունենալու ձեր իշխանազարդ հաշիւները։ Կը հասկնա՞ք։

Բայց, Օրիորդ…

Ձեր իշխանազարդ հաշիւները։ Ու մի ստիպեք, որ խօսիմ աւելի։ Հեռացէ՛ք։ Ի՞նչ կ’ուզէք մէկէ մը, որ ոչինչ ունի ձեզի հետ բաժնելիք։

Ոչի՞նչ։

Բայց ինչ պնդերեսութիւն է ասիկա:

Ձայնին բարձրացումը կ’ըլլար ուշագրաւ։ Անկիւնոտ դէմքով ամերիկացիներ, մոնոքլ ներով դիտելու ելան։ Սպասաւորներ բռնուած էին, դուռներու բացուածքին։ Պատուհանին առատ լոյսը կը նուաճէր Սոնային պատկերը, զայն աղօտելով իր պայծառութեան մէջ։ Ամէն կին ձեւ է ամէն բանէ առաջ։

Տիրանեան ելաւ ոտքի։

Պարոն Իշխան Արծրունի, նախ, ուրախ է ձեզ ճանչնալու Տիրան Տիրանեանը։ Երկրորդ, կը խնդրէ ձեզմէ, որ ըլլաք բարի, քիչ մը առանձին ձգելու Օրիորդը, որ ունի կարեւոր ըսելիքներ կարեւոր հարցի մը շուրջ։

Կարեւո՞ր։

Տիրանեանը լռեց։

Սոնան կը դողար զայրոյթէն։ Ճերմակ կիներուն դժբախտութիւնն է այսպէս իրենց մորթէն մատնուիլը։

Օրը գէշ էր ապահովաբար։ Արշալոյսէն, գրեթէ տունէն սկիզբ էր առած այս բախումին հովը։ Անիկա մօրը հետ բաւական բուռն բանակռիւ էր ունեցած, Իշխանին հանդիպելու կամ չհանդիպելու հարցին շուրջ։ Չէր ընդունած Պարգեւեանին հրաւէրը, քանի մը վայրկեան իր սենեակը ըլլալու։ Մտադրած էր Մարանը ապտակել, եթէ Իշխանին մօտ իր դերը «արժեւորել» աշխատէր։

Երբ Արծրունին, Իշխանը, անծանօթ մէկէ մը կանչուած, հեռացաւ, քազինոն ոգեւորուած էր խանդալուր խօսակցութեամբ։ Մեծ մասը ռուսեր, դիւթախաղին personnelը, ինչպէս կը գուշակուէր իրենց դէմքերուն ընտրուած շնորհէն։ Ճաշի պահը կը մօտենար։

Գիտէ՞ք, թե ինչու կ’ուզեմ ձեզ տեսնել։

Որոշապէս ոչ։ Բայց պարոն Պարգեւեանը քանի օր է կը սպասէ ձեզի։

Առած չէ՞ իմ երկտողը։

Առած է ու այսօր ժամադրուած ալ է արդէն ձեզի, ինչպէս նաեւ Անգա Միրովնային։ Եթէ ինք չէ կրցած ձեզ գտնել, պատճառը իր յոգնութիւնն է։ Քանի մը քայլ քալելը տանջանք է իրեն ու սանդուխներէ անկարող՝ բարձրանալու։ Ի դէպ, կը ճանչնա՞ք Անգա Միրովնան:

Անշուշտ։ Միասին եկանք Ֆրանսայէն։ Դուք կը ճանչնա՞ք։

Այո։ Կէս թէ ժամ մը չկայ, որ ներկայացուեցանք։

Ո՞ւր։

Հոս։

Յետո՞յ։

Այդքան։

Ձեզի հետ ունեցա՞ւ առանձին տեսակցութիւն։

Ոչ, չկրցաւ, վասնզի տղան, պարոն Արմանը, որքան կրցայ անունը միտքս պահել կարմրեցաւ թեթեւակի, ապահովաբար ոչ իր սուտին համար այդ րոպէին կը ժամանէր պանդոկ։

Հա, ըսել է տեսաք նաեւ տղան։

Այո։

Կեցան երկուքն ալ։ Խօ՞սքը կը դժուարանար, թէ կը պակսէր ըսուելիքը։

Որքան կը նմանի Պարգեւեանին։

Այո՛։ Ես ալ դիտեցի ատիկա։ Նմանութիւնը ակնբախ է շատ, վասնզի ուրիշներ ալ խոստովանեցան իրենց տպաւորութիւնը այդ ուղղութեամբ։

Կրկին լռութիւն։

Կը ճանչնա՞ք մայրը:

Այո՛։

Մօտէ՞ն։

Մօտէն ու հինէն։

Սոնան սարսռաց թեթեւակի։

Շա՞տ մօտէն։

Այո։

Աղջկան ոգեւոր ու հաճ արտայայտութեան վրայ, ինկաւ տեսակ մը շուար ծանրութիւն։ Անոր միտքը կը չափէր ժամանակը «արեգակնային արագութեամբ»։ Մարդիկ շատցեր էին ու սեղանները կը գրաւուէին հետզհետէ։ Ճաշէն առաջ զովացուցիչ առնելու պահն էր ատիկա։ Խօսիլը գրեթէ անկարելի ու անապահով մանաւանդ։ Մտաւ ներս ճարտարապետ Աղուորիկեանը, բարեւեց երկուքն ալ ու կեցաւ վարանոտ։ Մօտենալ փափաքող շատոնց է չէր տեսած Տիրանեանը, բայց խօսակցութեան նկարագիրէն վրդովուն։ Ցած ու ծանր, առանց խմիչքի։ Ժամանակը չէր, որ կը վատնուէր անոնց կողմէ։ Տիրանեան վաղածանօթ Եգիպտոսի, հանրային գործիչ, թերթեր վարած, Ազգային Պատուիրակութեան անդամ, ունէր բազմաթիւ բարեկամներ։

Օրիորդ Սոնա, ճաշի ատեն է հիմա ու մեր խօսակցութիւնը հոս կը դառնայ անապահով։

Շատ կարեւո՞ր են ձեր հաղորդելիքները:

Ոչ անշուշտ։ Ինչպէս կ’ըլլան առհասարակ իշխաններունը, բայց ամէն պարագայի, հոգեկան délicatesse մը կայ, որ դժուար կը հաշտուի հանրասրահներու այս աղմուկին։

Կը զգամ ատիկա: Ինչ ընել սակայն։

Տիրանեան մտածեց։

Անիկա կը ճանչնար Գահիրէն, Պարգեւեանին չափ։ Անոր սերունդին աւագ ներկայացուցիչներուն բախտն էր ատիկա, իրենց տաղանդը շալկած պտըտիլ ու... դիտել, փոխանակ ապրելու։ Խորապէս պարկեշտ, անիկա «դիտելու համար» աչք իսկ չէր ծախած։

Չե՞նք կրնար բացուիլ քիչ մը։

Պտո՞յտ, այս տաքին։

Ոչ պտոյտ, ատիկա պիտի նեղէր արդէն։ Թրամվայ մը ու դուրս քաղաքէն։

Ո՞ւր մինչեւ։

Շատ-շատ քառորդ մը հեռուն։ Տեսա՞ծ էք արդեօք, Բուրգերու պողոտան, երրորդ կամուրջէն քիչ վերօք, փոքր պարտէզը, Նեղոսի ափին:

Սոնան մտածեց։

Հոն՝ ուր տնակ մը կայ։

Այո։

Ու եղէգներով մարդեր կը մրափեն հաստ շուքերու տակ։

Ճիշդ ան։

Գահիրէն իր փոշիովը ու տաքին աղջուրովը ամէնէն յոգնեցուցիչ քաղաքն է մեծ մայրաքաղաքներէն։ Պիտի ըլլար անտանելին, եթէ այդ պարտէզները չընծայէին մենութեան ու խաղաղութեան ապահով խոստում մը, ամէնէն բուռն տաքերուն անգամ։ Սոնան կը սիրէր այդ խորշիկը, Պարգեւեանէն յաճախակի հոն առաջնորդուած ըլլալուն։ Հին, հին ծառեր, որոնք չհիննային։ Քանի մը անփոփոխ պատկերներ, որոնք դրուած ըլլային յաւիտենութեան պատին։ Տէրը, ո՛չ ֆելլաէ, ոչ ալ քաղքենի, այլ՝ չոր աշխատաւոր մը, մորթէն բաւական բաց։ Յայտնի է, որ օտարական էր, բայց արդէն աւրուած ծագումին բոլոր գիծերէն։ Տեքորին մշտանոյն պարզութիւնը աչքերուն կու տար անգտանելի ժուժկալութիւն մը, որուն կարօտը ունին տափաստաններու ընկրկումէն պարտասող նայուածքները։ Դաշտերը այսպէս կը նեղեն մեզ։ Հոն կ’երթար հանգչելու, երբ քաղաքին գեհենին մէջ, մէջը մա՛նաւանդ անտանելի կնիկի մը հոտառատ սրահին, դաշնակը ճուացնելէ ջղագրգիռ՝ նետուէր դուրս քրտինքին ու տափակութեան բուրումներէն, շունչը առնելու համար սա շուքերուն տակ։ Մարդ երբ դժբախտ է, դժբախտ է իր հաճոյքին իսկ համար։ Դաշնակը սիրահարի մը չափ ուժ ունի կարգ մը աղջիկներու վրայ։ Բայց երբ սէրը փտա՜ծ պտուղ է մեր մարմինին խորը։ Քաղաքին աղմուկը ու աղմուկը իր հոգիին կը լռէին այդ ամայութեան մէջ ու շուքը, եւգալիւբթիւսի ջնարակուած ու վերնադիր շուքը կը գրկէր անոր յոգնութիւնը, մեծ, բարի շրթունքով, այնքան զգալի երբեմն՝ մեր յուզուած, կարօտ մորթին վրայ։

Թրամ։ Բուրգերու պողոտայ։ Եգիպտական դաշտանկարը։ Տնա՛կը։ Իջան։ Ու մտան, թեթեւ ոտքով, բայց Սոնային սիրտը ծանր էր պատահարէն վեր ծանրութեամբ։

Այդ պահուն ամայի էր պարտէզը։ Տէրը ուրուացաւ տնակին դուռէն ու քաշուեցաւ ներս։ Աղօ՞թք կ’ընէր, թէ հացը կ’ուտէր։ Շատ ալ չէր զբաղեր օտարականներով, որոնց համար սուրճը շատ կը տեսնէր։ Բայց կը ձգէր զանոնք հանգիստ, մինչեւ ուշ ատեն, երբ էտինքին տղան կու գար ու կ’անցնէր գործի։

Նստան։

Ճիշդ դիրք ունէին։ Քանի մը մեթր վար, ջո՛ւրը, տժգոյն գրեթէ, բայց տգեղ, ցեխ չըլլալու ճիգին մէջ քիչ մը կանչըցած։

Պարզ տախտակ մը իրենց նստարանին։

Խօսակցութիւնը եկաւ ինքնաբերաբար իր առանցքին։

Գիտէ՞ք, թէ ով է Անգա Միրովնան։

... ։

Սրտառուչ է պատմութիւնը։ Էր։ Սկսած ատենն ալ, այսինքն՝ քսանըհինգ տարի առաջ։

Պարոն Պարգեւեանին երիտասարդութեանը անշուշտ։

Գիտէք ուրեմն։

Ոչ որոշ։ Բայց։

Ինչո՞ւ կը կեղծէր:

Սրտառուչ է տակաւին հիմա, քսանըհինգ տարի ետքը։

Հիմա՞։

Անձկագին այդ հարցականը, որ չվրիպեցաւ Տիրանեանին զգայարանքներէն։ Կան պահեր, երբ մինակ մեր ականջը չէ, որ կ’ընէ մտիկ։

Սոնայի աչքին լծուեցաւ յստակ Անգա Միրովնան։ Կինն է անիկա, որուն մէջ հանգած էր ընդմիշտ սրբազան ձայնը սեռին, այնքան պարզ, դիւրալուր՝ լաթին ու միսին փաթաթէն։ Ուրե՞մն։ Տարիքը «դարձող» ամէն կին, երբ կեսուր մը չէ հարսի մը գլխուն, կամ փառասէր մը, տանելի է այդ իսկ կնիքով։ Սեռէ սեռ ճակատում մը միայն կ’ընէ անողոք` հանդէպ իրարու: Տեսաւ անոր հանգչած մորթը ու կնճիռներուն գորշերանգ ցանցը։ Ու տեսաւ թարթիչներուն տակ խաղաղութեան կիսաղեղները, որոնք կ’ուռին, երբ` սեռը կ’իջնէ։ Այդ իսկ թափանցումով՝ անիկա զինաթափ էր նկարչուհիին առջեւ: Բայց այս խելամտումը ըրաւ զինքը նոյն ատեն խորապէս նկուն։ Ուրեմն կը խաբէ՜ր ինքզինքը, երբ իր զզուանքին դրօշին մէջ ինքզինքը վարշամակած՝ կը կարծէր փախչիլ իր ամօթէն։ Արո՞ւն։ Կիսուելի՜ քը: Այս մտքի տագնապը մեղմացաւ ինքնին։ Ու եղաւ քաղցր։ Բարութիւնը աւելի իմացական առաքինութիւն է, քան նկարագրի։ Մարդիկ, գրեթէ միշտ գերի իրենց բնազդներուն, կը տիրակալեն, սակայն յաջողութեամբ իրենց ուղեղին։ Բարիքի, քաղցրութեան անատակութիւն մը բարոյախօսական ներքին գոհացում մը չէ, որ կարգ մը տկարներու պատմուճան կու տայ, այլ՝ իմացական հզօր երեւոյթ մը։

Ի՞նչ բանի կը մտածէք։

Ուղղակի՝ ոչ մէկ բանի։

Անուղղակի՞։

Շատ բանի։

Անշուշտ՝ Արմանին ալ։

Որ անոր տղան է։

Բառը դող ունէր Սոնային բերնէն ելած ատենը։

Այս խօսակցութիւնը կը թուէր անջրպետուած թեթեւ բանէ մը։ Անոնք պէտք չունէի՞ն իրարու ըսածները լրացնելու նաեւ աչքին հեղումովը, պաշտպանումովը։ Իրարու նայուածք չհանդուրժելու համար, զօրաւոր ազդակներ կը միջամտեն։ Բանաստեղծը կը թուէր խորացած ըլլալ յուշերու գիծքէն ու տրտմիլ քիչ մը։ Այս խաթարումը մեր մէջ սիրական պատկերի մը՝ մեզ կը յուզէ մենէ անկախ, այսինքն՝ դանդաղ կրծումով։ Անիկա, քաջածանօթ Պարգեւեանին հեռաւոր անցեալին, վախին տակն էր, դեռ չորս-հինգ տարի առաջ, Սոնային վտանգին։ Հիմա։ Իր առջեւն ունէր զմայլելի փթթումով մարմնեղէն կատարելութիւն մը։ Դժուարահաճ՝ ամբոխէն յօրինուած ամէն երակէ հեքիաթներու, ստուգութեան մօտենալու իր ձեւին մէջ կը գործածէր այդ թռչտուն տիալեկտիկը, պզտիկ շերտերու տարօրէն ուշադիր, որոնք հոգիին ճանաչումը կ’ընեն կարելի։ Անկէ անդին՝ հոն արմատացած մեղքը այդ լոյսին տակ ինքնին կը դառնայ պարզ ու հասկնալի։ Հոգեբանական մեթոտ մը չէր ասիկա իր մօտ, այլ՝ իր ստեղծումին տիրական ձեւը։ Այդ ճամբով է, որ անիկա գրած է մեր բանաստեղծութեան այն քերթուածները, որոնք կը մեկնին պզտիկ լոյսերէ, ու կ’առաջանան, դէպի հոգեկան անծանօթը, վերջին տողերուն մէջ ըլլալու համար հոգեկան արիւնոտ, վշտագին փորձարկութիւն մը։ Հոգիին ստոյգ գիտութիւնը ամէնէն տխուր անկումն ալ կը գերազանցէ։ Հարցո՞ւց, թէ ըսաւ.

Գիտնալու համար չ’արժեր տառապիլ։

Այսի՞նքն։

Նայեցաւ հանդարտ։ Թափանցիկ էր Սոնային դէմքը, ինչպէս խաղողի մորթ մը, որմէ լոյս ըլլայ անցած։

Ծանո՞թ եք ամէն բանի։

Պատասխանի փոխարէն, անիկա առած էր գլուխը ափերուն մէջ։ Վա՞ խը, հո՞գը։ Ծածկեց աչքերը, որոնք ասեղուեցան։ Անիկա կը սարսափէր արցունքէն։ Ինչ արագութեամբ հարցումը շրջւեցաւ անոր մէջ։ «Ծանօ՜թ էր ամէն բանի»:

Անոր պնդումով է, որ եկաւ Եգիպտոս։

Որո՞ւ։

Տղուն:

Ինչո՞ւ անունը չէր տար։ Բայց հարցումն իսկ ցաւ մըն էր իրեն։ Այնքա՞ն տեղ, ատ օտարականին, զոր հինգ վայրկեան ալ չէր դիտած։

Ի՞նք։

Երկդիմի հարցումները ուղիղ պատասխանով կը դիմաւորուին։

Կ’ըսէ, թէ մոռցած է բոլորովին։

Մոռնա՜լ։

Ու բառին հետ իբր կաթողիկէի կամար մը ուրուացաւ անձը Սահակ Պարգեւեանին, որ իր անցեալը կը կրէր իր ուսերուն, չորցած, քարի կտորի մը նման, բայց երբ տառապէր, զայն կ’ոգեւորէր ու քարէն կը ստեղծէր ինչ որ արիւնն ու համը կազմել էր այդ օրերուն։ Իր երիտասարդութիւնը ողբալը աղքատութեան հոմանիշ չէ միայն, այլեւ՝ վատութեան։ Զայն վերակազմե՞լը։

Բայց ուզա՞ծը այդ տղուն։

Ինչո՞ւ չէք հասկնար։

Ինչպէ՞ս, սակայն։ Սիրտ ըսուածը այնքան մութ բան է յաճախ:

Տաքցած էր ու կիսակարմիր։ Բարոյութի՞ւն, յուզո՞ւմ, անծանօթ ի՞նչ հով, որ կ’ընէր զինքը այդպէս անկայուն, վախկոտ։ Երբեմն ճպոտը կ’անցնի մեր ջիղերէն այնքան արագ, որ ատեն չունինք շարժը սեւեռելու։ Անցքին արդիւնք սարսուռը միայն կը մնայ մեր առջին։

Տիալոկը կը խորանար։

Ուզածը պարզ է սակայն։

«Պարզ բաները անմատչելի են», գրողը դուք էք ատիկա, Պարգեւեանին, նամակի մը մէջ։

Ուզած է «հայրը» տեսնել։

Իր հա՞յրը։

... ։ Անգան չէ ամուսնացած։

Մականո՞ւնը։

Փոխած է։

Ինչո՞ւ։

Կիները անուններու նախապաշարումը ունին։

Այսի՞նքն։

Վարժութիւնը տիեզերական օրէնք է, Օրիորդ, ու դժբախտութիւնը՝ բաւական յամառ ու սեւ թռչո՛ւն մը, որ իր սորված թառին չի դաւաճաներ։ Իր կեանքին անդրանիկ ու հզօրագոյն պատրանքը անիկա կրեց առաջին մականունով։ Գէթ այս է իմ դատելու կերպս։ Վասնզի չէ ամուսնացած։

Բայց ինչո՞ւ։

Իրեն պէտք է հարցնէք։

Երիտասարդ եղա՞ծ է այդ կինը։

«Ով երկնային պարզմտութիւն», ինչպէս կ’ըսեն գաղիացիները։ Այնքան ճի՞շդ է, ուրեմն, որ մենք մինակ ենք, բոլորովին մինակ սա աշխարհին մէջ։

Գեղեցի՞կ։

... ։

Բայց ինչո՞ւ չէք պատասխաներ։

Գիտէ՞ք ինչ կը յիշեմ։ Կը յիշեմ մեր գրականութեան ուսուցիչը, որ գեղեցկագիտութեան վրայ դասը սկսելէ առաջ, թատերական անկեղծութեամբ մը, կը հարցնէր ինքն իրեն։

«Ի՞նչ է գեղեցիկը»։ Ու կը պատասխանէր ինքն իրեն. «Հարցումն տարօրինակ»։

Կառք մը կեցաւ պարտէզէն դուրս։ Թշուառական՝ վարողը։ Աւելի թշուառ՝ աւանակը։ Մէջէն յստակ կը տեսնուէր պղնձագոյն արարած մը, ծածկուած գլուխէն անճշդելի, բայց՝ պա՛րզ՝ թեւերուն մորթովը։ Ծոցին մանուկ մը, նոյն գոյնէ։ Երջանկութի՛ւն։ Այդքան էր ըլլալու, քանի որ անբացատրելի ժպիտ մը ցաթեր էր մանկան երեսին։ Հաւանաբար մօրմէն անդրադարձած։ Չորս քայլ անդին այդ պատկերը պատասխա՞ն մըն էր հարցումին։

Դուք միշտ կապ պահա՞ծ էք հետը։

Ո՛չ։ Քառորդ դար կայ, որ անիկա հեռացաւ Փարիզէն։

Զաւա՞կը։

Հե՜տը։

Հե՞տը։

Բանաստեղծը յուզուած էր յայտնապէս։

Անոր աչքին ինկեր էր աշնանային ցուրտ, ցեխոտ առտուն, երբ սեւ մանթոյի մը մէջ փաթթած ինքզինքը, ծոցին՝ նորածինը, բացեր էր դուռը մանսարտին։ Անիկա դրած էր պզտիկը աթոռին, սանդուխներէն հեւասպառ, շունչ առնելու համար, հեւալով տակաւին քանի մը վայրկեան։ Յետոյ աղաչեր՝ որպէսզի ըլլար բարի, ըլլար գթած կանչելու, «բերելու» անոր (ցոյց տալով պզտիկը) հայրը։ Թէ ինչպէս անձրեւին մէջէն վազեր էր ինքը սենեակը Պարգեւեանին ու լալով խնդրեր անկէ, որպէսզի գար միասին, գոնէ վերջին համբոյրով մը ճամբու դնելու «զաւակը»։ Այդ սրտապատառ ոգորո՜ւմը մարմարին ու կրանիթին դէմ։ ... Դարձած էր մինակ, սրտի այդ անըմբռնելի սեւութեան վրայ խենթեցած գրեթէ։ Ու լացած կրկին «մամային» հետ։ Անիկա, տրամադրած էր իր սենեակը, յօժարած առնել այդ տղան։ Բայց մայրը գրկած էր պզտիկը, յետոյ երկարած «բարեկամին» համբոյրին։ Ու դեռ չէր ջնջուած իր շրթներէն կակուղ այդ տրտմութիւնը, երբ պագնելէ յետոյ գորովով ու արցունքով «հայու այդ կտորիկը», սեղմած էր սրտին։ Ամուրի բանաստեղծը «իր զաւակը» առաջին ու վերջին անգամ կը սեղմէր։ Այդ կնոջ վի՜շտը։ Երբ իջեր էր վար, արգիլելով հետեւիլ իրեն, որպէսզի չկոտրէր իր որոշումէն ու ազատէր մանկիկը իր հօրը «աղբէն»։ Գացեր էր իր երկիրը։ Ու կը դառնար քառորդ դար ետքը, բանաստեղծին զգացական կեանքի խորագոյն յուզումը այդ տեսարանը, որ կը բռնուէր աչքերուն դէմ ամէն անգամ, որ տարուէր կնոջ մը հրապոյրէն ու կը քաշուէր ընդոստ, վախնալով կեանքէն, որուն աչքերուն մէջ դժնդակ պատկերներ, կծիկ-կծիկ, պահ էին դրուած, քաշւելու համար իր ջիղերուն հասողութեան։

Ինչո՞ւ խոնաւցան ձեր աչքերը։

Այսպէս։

Կառքը ելաւ ճամբայ։ Դագա՞ղ մը։ Ոչինչ գիտնար։

Հիմա՞։

Այս իրիկուն պիտի գայ ձեզի։

Մինա՞կ։

Տղուն հետ։

Կառքը ջնջուած էր կամուրջին եզրացանկերուն մէջ։ Ու գոցւած ինչ որ կեանք կը կոչենք։

Դո՞ւք։

Կը ստիպէ, որ ընկերանամ իրեն։

Ինչո՞ւ։

Կրկին մանսարտեան տեսի՛լը, իր խոր, անջնջելի ողբերգականութիւնը։

Ո՞վ սակայն այդ ստիպողը։

Մայրը։

Սոնան թօթուեցին։

Ինչո՞ւ։

Պարզ է։ Չէ տեսած քառորդ դարէ ի վեր։

Չէ՜ տեսած։ Անշո՜ւշտ: Բայց շարունակած է...

Ի՛նչը։

Սիրել։

Թշուառ է ատ բառը, Օրիորդ, երբ զարնենք սիրտերուն։ Ու անծանօթ է անիկա։ Ի՞նչ՝ մեր գիտութիւնը, որպէսզի այդպէս վճռական բանաձեւենք ձեր եզրակացութիւնը։

Իմ գիտութի՜ւնը: Խեղճ է անիկա, նման նոր ծնող մանուկի մը շրթներուն:

Այո՜:

Բայց յստա՛կ: Քանի որ այդ տարիքին իսկ մէկը կ’ուզէ իր հետը:

Ի՞նչ կ’ապացուցանէ ատիկա:

Թէ կը վախնայ:

Վա՞խը: Բայց վախը սէրն է, մա՛նաւանդ մարմինէն ետքը:

Խորունկ մելամաղձութիւն մը ողողեց երկուքն ալ:

Բանաստեղծը կոտրեց ձեռքի փոքր ոստը, մէջքէն երկուքի ու դրաւ ծունկի գագաթին: Ամէն մարդ ունի այս տեսակ բնազդական շարժումներ, որոնք իրենց ներխուժումովը մտածման կամ յուզումին յորդ հոսանքը կը ղեկավարեն: Խաղաղութիւնը երբեմն կը վարձատրէ այս անիմաստ միջամտութիւնները:

Տրտմահար երա՜նգը, որով եղաւ պահը տարբեր անմիջական առաջէն: Սոնան կը վախնար: Մատնա՞ծ ինքզինքը:

Լռութիւն:

Նեղոսի վրայ սի՛ւն մը: Նաւը ինչո՞ւ չէր տեսներ: Անոր կատարին մօտիկ, երիտասարդ մը, որ հանդարտ, իբր թէ ըլլար սրճարան, աթոռի մը վրայ, ոտքին մէկը հիւսած սանդուխին, կը ծխէր առատ: Մուխը տարաւ անոր միտքը ծխատան վարիչին. Արտակ Գասպարեանին: Ունինք «ճեպընթաց» մտածումներ, որոնց գնացքին մէկ կարեւոր մասը կը խուսափի մեզմէ: Անոր միտքը «սահած» էր երիտասարդէն, տարածուելու համար բանաստեղծին: Չարօրուած հող անոր իմացականութի՜ւնը, որ Պարգեւեանէն բառ ու զգայութիւն էր ամբարեր, ու «չէր արտադրած»: Իմացական աղերսը մարմնականէն կը զատուի անով, որ փոխադարձ է, այսինքն՝ ստեղծիչ: Սոնային մարմինէն ուրիշին հաշուոյն զգայութիւններ միայն հանուեցան ու անոր միտքը մնաց կոյս: Կու գայ վայրկեանը, երբ մեզի ծանօթ, բայց չիւրացուած եղելութիւններ մէկէն կը դառնան պարզ ու մեզի յատուկ: Կարդացած էր Տիրանեանի քերթուածները ու անցած առանց տպաւորութեան: Քանի մը ժամուան աղերսը բաւ պիտի ըլլար քակելու դժնիկին ցանցերը անոր ջիղերուն ճամբաներէն ու զգալու անոր քերթողութիւնը այնպէս՝ ինչպէս որ էր անիկա, խորունկէն եկող եւ որուն ամէն մէկ տողը կը կրէր կոյր ու անսրբագրելի տրտմութիւնը հոգեկան մեր աշխարհին, այնքան քիչ ծանօթ մեր բանաստեղծութեան: Մերինները մարմինը կամ անոր վրայ կամարուող ջերմ ու խոշոր հոսանքները տեսած են, բայց ոչ հոգին: Սիրա՞ծ, տրտմութեան այս ասպետը: Հարցուց անիկա ինքն իրեն: Յետոյ անիկա խորհեցաւ, բայց սրտագին գորովով անոր ազնուական իմացանկանութեան, որուն լայնքը, անսովոր մեր ժողովուրդին համար, կը կորսուէր մշուշին մէջը մեր չկամութեան ու տափակութեան: Պարգեւեանը սիրել կրնալը, անոր հետ տարիներ ապրելէ ու գիտնալէ ետքը, մեծութիւն մըն է ինքնին: Անոր նամակները, ուղղուած Պարգեւեանին, փաստ էին նոյն ատեն սիրտի ալ ազնուականութեան մը: Մեղքով համեստութիւնը մեղք մըն է, երբ սիրտի ուժով չի պաշտպանուիր:

Ուրե՞մն:

Ուրեմն, կ’երթանք տուն, կը պատրաստէք ձեր մայրը:

Պէտք կա՞յ ատոր:

Կայ, Օրիորդ, վասնզի ամէնէն ուշ ծերացող մասը մարդոց, սիրտն է կ’ըսեն:

Ծեր ծնած սիրտե՞րը:

Անոնք ուրիշ բան են: Շրջապատի տեսութիւն մը կայ, բայց դեռ ատեն կ’ունենանք խօսելու: Հիմա կարեւոր բաներ կան ձեր առջեւ: Պիտի աշխատիք, որ չյուզուի ձեր մայրը:

Չեմ յուսար:

Մի դատէք պատկերին կեղեւէն: Կիները ատած ատեննին, ըսել կ’ուզեմ՝ այդպէս կարծած ատեննին, ամէնէն խորը կը սիրեն: Ու պէտք է մա՛նաւանդ չյուզուի Պարգեւեանը:

Ատոր վստահ եղէք:

Կրկին վճռական կը խօսիք: «Հոգին չելած՝ բնութքը չ’ելլեր» կ’ըսէ ժողովուրդը եւ իրաւունք ունի: Այդքան դիւրին մի տեսնէք տեսարանը, որուն երկու եզրերը անջրպետուած են քառորդ դարով: Պարգեւեանը առանձնապէս պէտք ունի խնայուելու, վասնզի զօրաւոր յուզումները աղէտալի կրնան դառնալ իրեն:

Դուք ուրկէ՞ գիտէք այդ ամէնը:

Իր նամակները: Յետոյ՝ ծանօթութիւնները, որոնք քաղեր եմ հոս գալէս ասդին:

Սոնան կարմրեցաւ:

Շատե՞ր տեսաք:

Մարդիկ շատ են, երբ խելք չունին:

Լռութիւն:

Ի դէպ, ինչո՞ւ չէք իջած Մարանին պանդոկը:

Չեմ ախորժիր այդ մարդէն:

Նո՞ր:

Ոչ. առաջ ալ: Յաճախ նեղուած եմ Պարգեւեանէն, որ չկրցաւ ազատել ինքզինքը գոնէ այդ աղտոտութենէն:

Ո՞ր աղտոտութենէն:

Կեանքեր կան, որոնք դժուար թէ իյնան ուրիշ որակումի տակ: Մարանին համար դեռ մեղմ է բառը:

Հանած էր ակնոցը ու շփած փէնս երուն հետքը քիթին թափերուն: Յետոյ սրբէր պիտի ապակիները: Ծանր որոշումներէ առաջ անոր անգիտակից շարժումները ատոնք, որոնք միտքը կը հանդերձէին գալիքին:

Առիթ է, որ ըսեմ ձեզի մէկ մասը իմ մտածումին: Զգոյշ եղէք այդ պատուական ազգայինէն, որ իրեն յատուկ, մութ ծրագիրներով ծրարով ունի իր ուղեղին տակ:

Մտիկ կ’ընեմ:

Նոյնպէս հարկ է զգոյշ ըլլալ ցաւագար Իշխանէն, որ, մեր մեղքերուն համար, ձեռքի մեռոն է այսօր: Ու մա՛նաւանդ զգոյշ ըլլալ այդ դիւթահանդէսին մեղրամանէն, որ կրնայ ճարտար ծուղակ մը ըլլալ:

Չեմ հասկնար ձեզ:

Քիչ հասկցէք:

Պարոն Տիրանեան, անփորձ տղայ չեմ ես:

Կը փոխանորդեմ խօսակցութիւնը ու կու տամ ամփոփումը:

Երբ պարտէզէն ելան դուրս, Սոնան համոզուած էր, որ Արտակ Գասպարեանը տեսած էր ճիշդ: Թերուս իշխանուհին, իսկական իշխանուհի, ու կարելի է մեծ արուեստագէտ, չէր դադրեր պատկանելէ նոր դասակարգի մը, որ Պատերազմէն ասդին աճումի էր ելած Աշխարհի Վեցերորդ մասին մէջ ու անկէ դուրս, բայց անոր տարրերովը: Այդ մարդերը, դեռ Պատերազմէն առաջ, կեանքը դատելու տարբեր կերպ ունէին: Ու ռուս իսկապէս մեծ ժողովուրդին մեծութիւնը պայմանաւոր էր իր զգայնութեամբ: Խօսակցութիւնը, անգամ մը այս զառիթափը գտած, քալեր էր աւելի բարդ ընդհանրացումներու: Պատերազմը նիւթական իր կորուստէն աւելի խորտակած էր ազգերու բարոյականին հիմունքները ու շրջած շատ մը տախտակներ: Ինչ որ տասը տարի առաջ, անքաւելի ոճիրի մը պէս պիտի խոցէր խղճմտանքները, տասը տարի ետքը, կը դպէր մարդոց միայն ջիղերուն, փաթեթիք ի գերազանց առիթ մը ընծայելով անոնց, ինչպէս կ’ըլլար ատիկա հազարամեակներ առաջ, Հռովմի կրկէսները հանդիսաւորող ամբոխին մէջ: Ազգեր էին ջնջուեր, որոնց ողբերգութիւնը անցաւ անզգալի: Ու մարդիկ, կրնային, առանց խղճահարութեան, սրտագին հաճոյքով նոյնիսկ, «մեծ սանդուխի վրայ» սարքել վայելքներ, անտիպ կամ հազուադէպ տարրերով: Կինը առաջին իսկութիւնն է վայելքին: Ու աղջիկը՝ անոր թունդը: Սեռային մարզէն զանցուած արձակութիւնը ճակատագրական անդրադարձ մը հոգեկանին վրայ գործադրուող ճնշումի ամէնէն աւելի ցայտուն արտայայտութեան կը հասնէր այն «թաւալուն» հեշտանքին, որով պտըտեր էին այդ վաւերանշան ազնուուհիները, քաղաքէ քաղաք ու աշխարհէ աշխարհ, սկիզբները հացին սարսափով հալածական, հետզհետէ հեշտանքին մէջ զետեղելով արուեստին ալ շքեղութիւնը, արբշռանքը, ու «թաւալելով» տաղանդով ու յուզումի իշխանազուն գեղեցկութիւնները իրենց մարմիններուն, այդ իսկ շարժումին մէջ ընդունելով տեսակ մը դեղթափ, տեսակ մը փոխվրէժ, որով հանդուրժէին իրենց քանդուած, այրուած, աճիւնցած «իշխանազնութիւնը», փոխադրելով օտար ոլորտներէ, առանց նուաղման իրենց զգայնութիւնները, իրենց հեռաւոր հայրենիքին «անբաւ թախիծին» մէջ խորասոյզ, անկէ մշտահալած, զգլխուած ու մտալլկանքը հակակշռելու համար իրենք զիրենք սահմանած, կամովին, մարմնալլկանքին, ծախելով (բառին տուէք գիրքերուն իմաստը, վասնզի ընթացիկը հասարակ է արդէն) իրենց մարմինները անսպառ ծարաւով, աւրելով Արեւելքին ու Արեւմուտքին դեռ չփտած հոգեհիւսքը: Յետոյ, այս աղաւաղումներուն արահետէն, Տիրան Տիրանեան իջեր էր մերիններուն, մա՛նաւանդ գաղթահայ իրականութեան ամէնէն թիփիկ կեդրոններուն: Փարիզէն, ուրկէ կը բերէր մեր աղջիկներուն հետախաղաղ նուաճումը տժգունութեան եւ աննշանութեան աւազուտին մէջ, քանի որ մեր երիտասարդները օտարուհիներուն խռովքովը կարթւած՝ կը մոռնային զանոնք, ու Գահիրէին, ուր մեր աղջիկները պատրաստ ու հրապուրիչ մարմիններ էին ամէնազգի ոսկեխոյզ ու ապիկար ցոփերուն: Բայց աղջիկներէն առաջ, միւսները, այրե՛րը, միշտ մերիններէն, որոնք Փարիզի երիտասարդներուն դերը կը կատարէին շրջուած իմաստութեամբ մը: Ո՞վ չէր գիտեր, թէ անփորձ աղջիկներ, աղքատիկ ու գեղանի, հեռուներէն մարձուած, կը պատրաստւէին եգիպտական հանդէսներու, ներկայացումներու: Ու կը հանւէին գլխէ, առանց դժուարութեան, փորձերու իսկ ընթացքին, պարզ՝ քուլիսներուն բղջախոհ բուրումովը, աւելի դժուար պարագային, տափանաւերու խորը, անմեղ ու ճարտար խմիչքներով, մատուցուելու համար այս կամ այն հասառուին, իշխանազունին, լորտին կամ փաշայի բարի վայելումին: Բարքերը փոխուա՞ծ էին, թէ շատցած՝ այն դեպքերը, որոնց մէջ ծերացած մարդիկ, անյագուրդ ախորժակներով, «կը դառնային ետ, գարնան վարդերուն»: Ձգելով այդ ընդարձակութիւնը կիրքերուն ու տիպարներուն ու մնալով սահմանափակուած մարմիններուն փոքրութեան, խեղճութեան, կարելի չէր մեծ ստուգութեամբ դատել զսպանակները Մարաններուն ու Արծրունի Իշխաններուն: Բայց մեր անցեալը պարապ խեփոր մը չէ միշտ, զոր թանգարան ենք նետելու: Ու մարդերը եթէ երբեմն զետեղելի չեն իրենց օր մը լքած խորխերուն մէջը, չեն ալ կրնար հերքել խորխը, զոր կրած են տարիներով: Բանաստեղծին թափանցումով Տիրան Տիրանեան տարիներով թերթ ու կուսակցութիւն վարած, վարժուեր էր մարդոց թաքուն հէնքերուն, դատելու ամէնօրեայ հարկը լայնցնելով ընդհանուր գաղափարներու դէպի նուաճումը, մարդոց արարքները տեսնելու համար իրական երանգով կատարուածը, աւելի ճիշդ՝ կատարուելիքը ճարտար, բայց հասարակ ռազմախաղ մըն էր, որուն հանգոյցը կը կազմէր, հայկական խեղճութեամբ, ամուսնութիւն մը: Մարանեան դրամով ոտքի՝ ծխախոտի նորահաստատ տունին վարիչը հեռաւոր, բայց իրական գրաւն էր այդ խաղին. Տիրան Տիրանեան, մեծ յստակութեամբ, վերլուծեց պատահարները, առնելով զանոնք բաւական հեռուներէն, լուսաւորելով զանոնք Մարանին չարաշուք ու գռեհիկ նկարագրովը, օտար ափերու վրայ մեր մեծութիւններուն ցանցառ փառքին քով այս վատախտարակ արարածներուն հետզհետէ տիրական դառնալու տխուր իրողութեան վրայ ափսոսալով: Ուրիշ ժողովուրդներու մէջ, այդ մարդերը արժանաւոր մեկուսացումով մը, միշտ «ցանցը քիթին» դրուելու արդար պատուհասումով, կը դադրէին փառք ու մեծութիւն հռչակուելէ: Մեր մէջ այս Sanctionին պակասը կարելի կ’ընէր անոնց գերագահութիւնը: Մա՛նաւանդ Եգիպտոսի մէջ քիչ-քիչ ընկրկող պետական արահետէ բարձրաստիճան տգեղութիւնները տխուր օրինակները կը ձգէին այս բոպիկ գեղացիներուն, որոնք դրամին համար չորս ոտքով ապրելու փառքը պիտի չզիջէին ոչ մէկ գնով: Մասնաւորուելով վերջին եղելութեանց, անիկա վեր հանեց դէպքերուն ընդհանուր ուղղութիւնը, անոնց իւրաքանչիւրին մէջ ճշդելով Մարանին մէկ ու վճռական նպատակը տունի աղջիկը, Մելինէն «տեղաւորել»: Ու տեղաւորել լաւագոյն երիտասարդին, որ յետ-պատերազմեան սերունդին մէջ գեղեցիկ բացառութիւն մըն էր, յանդուգն, գործօն, բայց խորապէս պարկեշտ: Որուն միակ թերութիւնը ըլլալն էր սիրահարուած Օրիորդ Սոնային: Այս հիմնակէտէն մեկնելով՝ բանաստեղծը կը կարծէր հասկնալ ռազմախաղին երկրորդ ծրագիրը, որ ճարտար յարդարումով մը անմատչելի էր առաջին նայուածքին: Արտակ Գասպարեանը այդ աւանակը, ինչպէս կ’որակէր զայն Մինաս Մարանը մեղաւոր էր դարձեալ, առանց իր գիտութեան, հրապուրած ըլլալուն Օրիորդ Մելինէ Մելինեանը: Բայց լայնօրէն քաւելի այդ մեղքը անիկա կ’ուրանար կը քառապատկէր ատով մնալով հաւատարիմ «անորակելի արարածի մը», ինչպէս կը փսփսային մարդիկ (Մարանէն թելադրուած ու քիչիկ մըն ալ Պարգեւեանէն քաջալերուած, անշուշտ անուղղակի ազդուած անոր սրբազան ապաբարոյութենէն) ամէն տեղ, Սոնային մասին: Ու կը մնար հերոսական եղանակը այդ «աւանակը» իր մսուրին բերելու: Անպատուել Սոնան, բայց հրապարակաւ, անկանգնելի կերպով: Անշուշտ ամէնուն աչքին սա վարկաբեկումը պիտի անդրադառնար նաեւ Արտակ Գասպարեանին: Միջո՞ցը: Մարանը թանգարան մըն էր: Այդ մասին ոչ մէկ կասկած: Ու ահա քովնտի տարրեր: Ամէնէն առաջ Իշխան Պօղոս Արծրունին: Պարզ էր այդ շոշորթով հետապնդուած ծրագիրը, Իշխանին տիպարը, ա՛լ ջնջուելու վրայ, տարօրէն, «դիպող» էր Պատերազմէն յետոյ: Իշխանները, արդարացնելու համար իրենց տիտղոսները, կ’իջնէին կրկէս, խելքով ու դրամով, ծառայելու ազգային դատին, ոմանք գրաբար ոտանաւորներն ալ անօգուտ չէին սեպեր այս ցեղին ապագայ ընդունակութեանց փաստումին: Ազգային լուսապսա՜կ: Ի հարկէ՜: Պատմական «մոմենտին» անմահ առաքեալները: Արծրունի՞ն: Ըրին զայն ալ մեր եռանդուն ազգայինճիները ու ապրող, տափակ, ռիթայական որակումով՝ «խոզապատիւ» մարդուկ մը քշեցին ատենախօսութեանց, միթինկներու, պաշտօնական այցելութեանց, դիւանագիտական բանակցութեանց, մինչեւ որ տիպարը, յոգնաբեռն ու անկարող, թօթափեց ինքզինքը ու իջաւ իր ճամբան, միսին ու խմիչքին հնձանները: Ընչեղ ապրողի, իմաստէն անժառանգ յիմարի իր յանդուգն առաքինութիւններով՝ անիկա օգտագործուեցաւ միջազգային սրիկաներու շքախումբէ մը: Զայն կարելի էր դիւրաւ առաջնորդել գեղեցիկ խենթութիւններու, մարանեան ոճի, ինչպէս դժուար անզգածութիւններու: Պարգեւեանին հետ իր յարաբերութիւնը սկսած էր թշնամական խստութեամբ: Անիկա ամէն տեղ առիթը չէր փախցներ «աւազելու» անոր հոյակապ տաղանդը ու թքնելու անոր աղբահիւս նկարագրին վրայ, կրկնելով հասարակաց դատաստանի մը ա՛լ տափակցած սրամտութիւնը: Յետոյ մօտեցած: Վասնզի «մեղրին հոտը առնող արջու կը նմանցուէր անիկա իրաւամբ: Աղքատութիւնը դժուարագոյնն էր քաւելի մեղքերուն: Ճիվանզատէի երեւումը տարած էր իր լրումին ինչ որ գրողի լքում, թշուառութիւն, կարճ՝ անօթութիւն կ’անուանենք: Քաղաք մը շատ-շատ մէկ մեծապատիւ մուրացկան կը հանդուրժէ: Բախտը կ’ախորժի նորէն: Ու դուք գիտէք ուրացումը, որով պարուրուեցա՜ւ արեւմտահայ մեծատաղանդ արձակագիրը: Աւելորդ չէր ուրեմն զբաղիլ Ճիվանզատէ–Պարգեւեան գօտեմարտով, ուր, առանց արժանիքի ու առանց ճիգի, արեւելահայ վիպագիրը զգետնեց իր հակառակորդը, զայն քշելով հրապարակէն, ինչպէս քշած էր ինք, ատենին, իզմիրեան պոռնկագիրը դէպի Եէտի–Գուլէի հիւանդանոցը: Աւելի նուազ աստիճանով կարեւոր Ռիթա–Սոնա միջադէպը, որ յանգում մըն էր, քան թէ սկիզբ մը: Տիրանեան դառն ծիծաղով դատեց իշխանական ամուսնութիւնը երկու աղջիկներուն ալ ձուածիրէն: Կերպաւորուա՛ծ՝ այո: Բայց երբեք իրացած եւ իրանալու: Ինչ տեղը կար սուտը սուտով պսակելու անխելք յամառութեան: Տիրանեան եղաւ բաւական թափանցիկ Ռիթային պալիկ Աշոյին մասին: Կարգ մը դարավերջիկ օրիորդներ պարտաւոր են նկատի առնելու իրենց «պալիկներ»ը, երբ կը հրաւիրուին ամուսնութեան ու ձեւը գտնել զանոնք հարկադրելու իրենց էրիկներուն: Անոնք շատ էին ռուսական բարքերու մէջ: Յիշել նոյնիսկ այլապէս դժուար ամուսնութիւններ, պաշտօնական, որոնց մէջ սկզբնական ամուսինը տեղի կու տայ, առանց նահանջելու, հացի հարցին առջեւ զիջելով կինը աւելի հացաշատի մը: Տիրանեան անցաւ լուռ, Ռիթային շուրջ փսփսուած միւս մեղքէն ու ատով խորապէս երախտագէտ ձգեց թշուառ աղջիկը, որ սպասած էր այդ շշուկին ալ հրապարակ դրուելուն բանաստեղծին վերլուծումովը:

…Ադամանդ, դիւթահանդէս, իշխանուհիներ, բոլորն ալ կը դիմէին նոյն ծրագրին, տապալել Սոնան: Անիկա, դադրած գիծերով, բայց ըմբռնելի ուրուացումով զգացուց այդ տապալումին կարելի միջոցները, ձեւերը, քաղելով տիպարային դրուագներ այդ իշխաններուն ու ուհիներուն «թաւալուն» բարքերէն:

Անոնք իրարմէ բաժնուեցան, իրիկուան կրկին տեսութեան խոստումով: Պիտի ըլլար ատիկա, Հելուան, Սոնայենց տունը:

Առանձին:

Անիկա յոգնած էր շատ, երբ հասաւ Հելուանի կայարանը: Օրը՝ անցած կէսէն, ու շոգը՝ անտանելի: Թեթեւ մը անհանգիստ էր, հակառակ անոր, որ պայծառ էր միտքը, նման դաշտի մը, ուրկէ մշուշին պատանքը վերցուցած ըլլան: Մոռցուած բանի մը տարտամ մտահոգութիւնը, որ կաթիլ-կաթիլ կ’իջնէր ու կը նստէր: Փնտռեց ու գտաւ, չէր խօսած Արմանին վրայ: Թեթեւ, ամչցաւ այս յապաղած շարժին համար ալ: Յետոյ, ճարտար շրջումով ազատեց իր ամօթխածութիւնը: Ո՞վ էր: Ի՞նչ կ’արժէր անոր դաշնակը: Այս հարցումները զինքը թեթեւցնելով հանդերձ, իր նկուն ճնշումէն, խանդավառեցին քիչ ետքը: Մեծ արուեստագէ՞տ մը: Կանգնեցաւ մտքին տաղանդը Պարգեւեանին, որուն արիւնէն…

Վակոնին մէջ, իրեն հետ եղաւ պատկերը մելամաղձոտ բանաստեղծին: Անգամ մը յիշատակ, այսինքն՝ հեռու, այդ պատկերը կը ստանար իր խոր ու մութ թախծութիւնը, միտքին ազնուական լայնքը ու իմացական այն հմայքը, որով կը ճաճանչաւորուին հոգեկան յատկութիւնները ու կը տպաւորեն: Գետափնեայ պարտէզին մէջ, անոր վերլուծումին ամբողջ տեւողութեանը անիկա մնացեր էր հիացական զգացումի մը մէջ ու այդքան: Հիմա, քով քովի դրաւ Պարգեւեանն ու Տիրանեանը, առանց կարիքի, պարզ բաղդատութեան մը համար: Արդիւնքը տրում էր շատ: Անիկա անտարբեր էր բանաստեղծին համար, քանի որ կը գտնուէր դուրս անոր մեղքին ոլորտէն, բայց կը տառապէր միւսին համար, որուն մարմինը, հակառակ իր սկսած քայքայումին, մշտահոս աղբիւր մըն էր խռովքի: Ա՛յրը՝ այդ երկուքէն, Պարգեւեա՛նը նորէն, նայելու, ողողելու, թաքուն լարերուն դպիլ կրնալու սադայէլեան իր թեքնիքով, որ կը զգետնէր միւսին առաքինութիւնները: Յաւիտենական ու անլոյծ այդ առեղծուա՜ծը սեռին, որով կը բացատրուին, այսինքն՝ բացատրել կը ջանան վիպողները, բոլոր մեր մեղքերը ստուարագոյն տոկոսով՝ հարկատու սեռային աւազանին: Կիները, գործնապաշտ, յաջողութեամբ կը ջանան լուծած ըլլալ առեղծուածը, իրենց յարգանքն ու հիացումը նուիրելով մէկուն, ու իրենց մարմինները՝ միւսին: Մեր քաղաքակրթութեան խոր տրամներէն մէկն է ասիկա ու սերունդին արիւնին մէջ թափանցած է: Կար ատեն մը, երբ իմացականութիւնը վիճելի չէր ու կիները զայն կ’անգիտէին: Հիմա: Երկու դար առաջ, շնորհալի արհեստաւոր մը մեռնելիք երիտասարդը, այսօր ինքզինքը ուրացուած արքայ մը, նուազագոյն տաղանդ մը կը դաւանի, երբ կը գրէ երկու լեզու կամ կը ստորագրէ երկու սիւնակ: Ու այս գիծով՝ իր պահանջը, բաժինը սեռէն: Կիները, աւելի ուշ փոխուող տարրեր, աւելի հարազատ են անցեալին, երբ կը զոհեն մէկը միւսին: Այս կէտին վրայ անվրէպ իրենց զգայարանքը զիրենք չ’ընկրկեր նոյն կարելի տրամէն: Տխուր է անշուշտ, որ երբեմն պարզ մարմին, երբեմն պարզ շողոմ ու սուտ, երբեմն հիւլէական հրապոյր, ըսել կ’ուզեմ՝ մորթի, դէմքի յարդարանք այնքան խոր ազդեն կիներուն զգայնութեան ու մղեն նժարը դէպի վերի պայմանները, անտեսելով միտքը, հոգին, արուեստին կամ գիտութեան խոշոր–խոշոր ու յաճախ անփոխարինելի տուրքերը: Յիշեցէք մեծ մարդոց կիները ու անոնց ճարած սիրահարները:

Սոնային շրթներուն ուրուացաւ Տիրանեանի մէկ քերթուածը, ուր, «պատրանքէ զերծ» բանաստեղծը հիմնանիւթն էր ըրեր զգացական այս ողբերգութիւնը, վերցնելով անոր մէջէն գռեհիկ, անմեկնելի գրականութիւնը «միսին ճաշակէն» ու տարածելով զգացումը աւելի հեռուն, քան փոքր պատահարը երկու մեծ բջիջներու, արուին եւ էգին ընդմէջ թաւալով: Անկէ կ’առնէր ներս աղուորներն ու չաղուորները, որոնք օր մը անցնին պիտի բջիջին պարունակէն, նային րոպէ մը միւսին, գծեն զինքը ու ա՛լ չդառնան պիտի: Բայց որոնք, կը լրացնէր Սոնան, երբ անցնին պարունակէն Պարգեւեաններուն, նայած ատենն իսկ պիտի բռնուին ու պիտի չկրնան ազատել զիրենք կախարդ շրջանակէն ու պիտի մնան կապուած լարերուն մէջ անոր առանցքին, մինչեւ որ քալէ կառքը ճակատագրին ու դառնայ անոնց վրայ: Այս չէ՞ ճակատագիրը կիներուն մէկ մասին, անոնց՝ որ ամէնէն աւելի բարձրաձայն կը պահանջեն իրենց բաժինը միսին հանդէսէն ու կը տառապին, վասնզի իրենց սայլը կ’անցնի ամայի վայրերէ: …Ի՛նչ ողորմելի էր երիտասարդ աղջիկը պատկերներու սա ժապաւէնին դէմ: Անիկա կը մեղքնար բոլոր Տիրանեաններուն, որոնք պիտի չսիրուին ու պիտի չհասկնան ինչո՜ւն: Ու կ’ափսոսար միւսներուն, Պարգեւեաններ՝ որոնք պիտի տառապին հարստութեանը ձեռքը իրենց ջիղերուն:

Երկրորդ կայարանէն իր դէմը նստած էր կին մը, դալկադէմ, բայց հատած գրաւչութեամբ, հաւանաբար հիւանդ: Անիկա չկրցաւ հանդուրժել կիսակարմիր նայուածքը այդ կնոջ, որ թեթեւակի հեւալով, ով գիտէ ի՛նչ կը մտածէր առատ պատկերին առջեւ, որ Սոնային առողջութիւնն էր ու մարմինը այդպէս: Պատկերին հետ անոր ներսը խուժեցին իրենց տունը, հեռացող Պարգեւեանը, դէմը պարտէզը, թոքախտաւոր մայրը ու անոր «հրեշտակի պէս նուրբ» զաւակները: Ո՞վ մեր յիմարութիւնը, որ յանկարծակի «կը հրազինուի» այսպէս հրեղէն հարուածներով ու մեզ հետամուտ կ’ընէ այնքան խոր բաներու: Սոնային առջեւ վերջապէս, բաւարար յստակութեամբ իմաստի կ’ելլէր կեանքին ընդարձակ առասպելը, զոր կը յօրինեն մեր ամէնուն հոգիները ու կը պահպանեն անխախտ: Այդպէս է, որ կեանքը պիտի փռուի մեր մէջ ու շուրջը ու պիտի զգանք գինը մեր պատրանքին: Ինքզինքը սպաննելը առասպելը լուծելուն ամէնէն հասարակ ձեւն է նորէն: Պարկեշտ է կեցուածքը, երբ չի յաւակնիր հանգոյցը քակել: Մէկ հատիկ կին, չափաւոր շրջանի մը վրայ կեանքի, կ’ապրի այնքան շատ, որ հազար գիրքեր պիտի գային քիչ այդ ողբերգութիւնը արձանագրելու: Ու տառապանքը միլիոն է, միլիառ է: Ու ժամանակին իւրաքանչիւր ատամը բիւր անգամ բիւր սիրտերը կը կախէ իր կեռէն, բոլորն ալ Սոնային կուրծքին տակ դողացող բանին նման: Ո՜վ անհաս, անպարագիծ մեր ողբերգութիւնը: Մտածելն իսկ պտոյտ կու տար անոր գլխուն: Այդ կինն ալ անցեր էր ճամբաներէն, որոնց վրայ Սոնային ծունկերը արիւներ էին ու կ’իջնար իր փոսը, այցուած հավանական պատկերախումբովը այն օրերուն, որոնց մէջ հեւք մը չէր ապրիլը, ու սէրը՝ պժգա՜նք մը: Կայարանէ կայարան, տեսարաններու փոփոխութիւնը, բայց զանոնք շրջանակող երկաթին նոյն ժանգը, մա՛նաւանդ զանոնք գոլաւորող մշուշին նոյն կպչուն ու թունոտ մամուլը զինքը կ’ընէին տենդավառ ու տրտում: Կեանքին կտա՜ւը, որուն վրայ մարդերը կը տապլտկէին անուշի մէջ բռնուած ճանճերու նման: Ու անզգած դեղնութի՜ւնը դաշտավայրին, զոր կ’եզերեն ժանտադէմ փշենիներ ու անխելք եղէգներ, անկարող՝ պարտվելու ծառերուն անբարձիկ ամօթը, այդպէս գլխահակ, նման խաբուած աղջիկներու, որոնք իրենց կորանքը կու լան: Ու քմայոտ շուրջպարը, ներքին, գանկային տեսարաններուն, որոնք վիրաւորեցին իր իմաստութի՜ւնը: Անկայուն էր ամէն բան, դէմը կտաւին: Ու խախուտ՝ ամէն բա՜ն, ներսի պատերուն: Քանի կը մօտենար Հելուանին, այնքան ընդարձակ տրամագիծէ այս հայեցողութիւնները կ’ընկրկէին ու փոխարէն առաջին փլանի, կը մտնէին ուրիշ բաներ: Դէպքեր ասոնք, հետզհետէ ամրացող անոր ուղեղին տակ, ազատուելով իրենց միգամածային անգայտութենէն, հագնելու համար շրջագիծ, առնելու համար ապրուած կամ իրականութեան կնիքը: Ու դէմքե՜րը: Ամէնէն տիրականը Մելինէն: Շինուեցաւ անոր աչքին (բայց այս անգամ իմաստէն պարզ) հեգնող ու դաժան անոր ժպիտը, օր մը առաջ, դասի պահուն, երբ կը ծաղրէր երիտասարդ տնօրէնը, անոր չունեցած, բայց իր կողմէն բռնայարմար թերութեանց կրկէսէն: Շատ գռեհիկ այդ լուացողակա՜նը: Աղջիկները աւելի շուտ կ’աղտոտին իրենց բառերէն, իրենց՝ քան թէ լուացուելիքին հաշուոյն: Անիկա չէր կրցած զսպել իր աղտոտութեան ժայթքը ու թքեր երիտասարդին ճաշակին, իր սիրուհիները ընտրելու մէջ ցոյց տուած այդքան «վարնոց» ախորժակին համար, զայն երդումով հաւաստելով «բռնուած» Հալէպէն գաղթական ընտանիքի մը մէջ, վարակուած գէշ հիւանդութիւններէ, ուր մայր ու աղջիկ, երկուքն ալ «գեշնոց»ներէ վերցուած է ( գէշը առնելով պոլսական իմաստով), կը պառկէին երեքով՝ զայն առնելով մէջտեղերնին: Աւանա՜կը՝ որ կը պառկէր այդ հոտին ու ոջիլին մէջ: Ե՞զը: Արտակ Գասպարեա՜նը: Սոնան եղած էր լուռ, զարմանալով լրբութեան սա աստիճանին: Արտակին վրայ խօսիլը, իր ներկայութեան, արդէն նեղութիւն էր անոր: Ու եղաւ անոր աչքին մայրը այդ աղջկան, լեզուէն մեղր ու շաքար, որ իր երեք աղջիկները «ծախեր էր» մատաղ–մատաղ, սկսելով թաղին ոստիկանէն, հացի փոխարէն, մինչեւ Գրաւման բանակի գունաւոր տասնապետները, որոնք Պոլսոյ մէջ արթնցուցեր եգիպտական ախորժակներ, կիներու մարզէն: Որ կը գուրգուրար իր վրայ, զգուշաւոր ու թեւաբաց, վազցնելով շալ ուսերուն, քրտինքին համար, կոխելով անոր փոքր ձեռնապայուսակին մէջ սուղնոց շոքոլաներ ու պաղատելով անոր, որպէսզի աղէկ նայի իր «որբին», տասին մէջ «առանց տունի», օր մը իրեն պէս «հացի՜ ճամբայ մը» սորվեցնելով դժբախտ աղջկան: Ո՜վ մեր կեղծաւորութի՛ւնը, երբեմն մեզ աւելի կը վայլես, քան վաւերական ճշմարտութիւնը: Անոր աչքին եղաւ Մարանը, «հոյակապ» իր «ծրագրով» ու «ազգային վարկի» ոսկի նշաններով, որ կարգադրեր էր իր մասնակցութիւնը դիւթահանդէսին, ու այդ ճամբով՝ վերջնական «կարգադրութիւնը» Իշխան Արծրունի ու Սոնա... ամուսնութեան, ինչպէս միամիտ իր հաւատքին մէջ փսփսացեր էր մայրը, «Սուրբ Ստեփաննոս»ին զօրութիւնն ալ ոգեկոչելով: Եղաւ «մարդանման» Իշխանն ալ իր ահաւոր դէմքին ամբողջ աւերակովը ու լոնտոնեան զգեստին անհաւասարելի արդուկովը (քանի որ Իշխանը Լոնտոնէն կը ստանար իր ամառնային զգեստը): Ու Անգա Միրովնան: Ու անոր տղան, ամէնէն տարօրինակը իրեն այցելող սա պատկերներուն մէջ, խորախորհուրդ ու բռնաւոր, որ կու գար պագնել իր ձեռքը ու ինք տակաւին հիմա գաղտագողի ակնարկով կը փնտռէր այդ շրթները ծունկին դողահար հանգչող ձեռքին վըրայ…

Ելան գիւղ: Մուրացիկ ու վաճառորդ: Հիւանդներ ու աղջիկներ: Կիները, այսինքն՝ իրենց սեռին խոր արտածորումը, ու այրեր՝ որոնք կը «թափառէին» այդ auraին մէջ:

Անոր առջին, վակոնի հիւանդը: Կը քալէր իրմէն արագ, հակառակ հեւքին: Ո՞ւր կը վազէր: Ու ինչո՞ւ: Մա՞յր: Ո՜վ գիտէ: Որ իր տղոցը կը փութար: Ինչ յստակ էր կորագիծը անոր կռնակին. գրեթէ ճշդած էր իմաստը, որով կը զատուին կուրծքով հիւանդները մարդոց երամէն: Ուսերուն նեղութի՞ւնը:

Առանց անդրադառնալու, որ շեղած էր ճամբան, հետեւեցաւ կնիկին: Մարանենց վիլյա՜ն:

Դուռին առջեւ Մելինէ՛ն, սպասողական, շունի մը գլուխը շփելով ու ժպտուն: Որո՞ւ: Հարցուց ինքն իրեն ու աչքին ինկաւ դէմի շալէին պատշգամը: Քսանամեայ իտալացի տղա՜ն, որ ջութակ կը նուագէր, բայց ճպոտէն աւելի մազերուն փայլը կը հսկէր: Սոնան տեսնելով՝ ժպտեցաւ ու դիտեց: Մինչ այդ վիլլային դուռը փակուեր էր շռնդալից: Ապտակ մը ուրիշ կերպ պիտի չիջնէր Սոնային երեսին:

Այս շարժումը, գուցէ առանց իմաստի, գուցէ անգիտակից, «կրակի մէջ» դրաւ Սոնային արդէն գերագրգռուած ջիղերը: Բան մը, խիստ ու վճռող, ներսէն, գամեց զինքը վիլլային առջեւ: Տիրաբար, գրեթէ վայրագ, ափ առաւ դրան կոճակը ու կոխեց: Հիւանդ կինը՝ նայեցաւ խոր. ձայնէ՞ն հետաքրքիր, թէ այդպէս առանց պատճառի, ու սպասեց, քիչիկ մը վարանոտ: Յետոյ, գլխու շարժումով մը, որ մութ էր ընողին ալ համար, ինկաւ իր ճամբան:

Դուռը կը մնար փակ:

Գրեթէ խելագար, Սոնան շարունակեց կոխել կոճակը: Տունը կը հնչէր վերէն վար ու բաց պատուհաններէն ձայնի զիլ անձրեւ մը կը հոսէր դուրս, թրթռագին, կճող, անտանելի: Շո՛ւնը, որ իր կաղկանձը կորոտար:

Դուռը տեղի տուաւ:

Անիկա մտաւ ներս, փակելով փեղկը ետեւէն: Բակին մէջ դէմ դէմի: Շունը, որ փութաց լզել Սոնային ոտքերը:

Հոն անոնք ըրին կռիւը: Պարունակութեամբ ձեզի ծանօթ այդ կռիւին մասին չունիմ խօսելիք:

Անոնք իրար բզկտեցին, անգթութեամբ մը, որ զարմանք կու տար, ամէնէն առաջ, իրենց իսկ սիրտին: Այդքան լեցուա՞ծ՝ իրարու դէմ սա աղջիկները, երկու օր առաջ, դաշնակի մը վրայ, իրարու ժպտող:

Նոթաներուն տրցա՛կը, որ նետուեցաւ Սոնային երեսին:

Երբ դուրս ելաւ, անոր հոգին չոր էր, կրակէ անցած ապառաժի մը նման:

 


 



[1]        Մարտա = չուտուելիք կտոր միս։ Ինծի անծանօթ է բառին ստուգաբանական ծագումը։

[2]        Թարիֆա = եգիպտական դրամ՝ քսան փարանոց:

[3]        Նուէր, նուէր, պարոն, նուէր։ Եգիպտական ծանօթ ասութիւն, որով կը ռմբակոծուին օտարականները, քարափէն սկսեալ։

[4]        Տիկ հանել մարդը մորթազերծ ընել։ Մորթը ուռեցնել ու տիկ ընել։

[5]        Ըրշը սաղ ողջ ղուրուշ մը, տասը միլլին։

 

[6]        Թել-թել = բայց բթամատէն ու ցուցամատէն յօրինուած։

[7] Պէրպէրի = Սեւամորթ սպասաւորներ