Զ.
Օրը՝
իրիկուն:
Գահիրէի
մէջ,
ապրիլեան
այս
իրիկունները,
գոնէ
մինչեւ
քանի
մը
ժամ,
բացառիկ
իրենց
քաղցրութեամբը
լաւագոյն
յիշատակները
կը
կազմեն
զբօսաշրջիկներուն:
Լուսնով
նուաղուն
մութին
մէջ
կը
ճամբորդէ
ինչ
որ
մշտական
գարուններուն
հոտաւէտ
կառքը
կը
բերէ,
փախստեայ
ու
փափուկ,
օրուան
հեղգ
ու
չար
տապէն
վերջ,
թոյլ
ու
համով
լքումի,
զովութեան
գգուանքով
մը
պայմանաւոր:
Անոնց
մէջ
դեռ
չես
գտներ
ամառը,
որուն
հովը
կը
թուի
ստեւով,
խորտուբորտ,
խարտոցի
նման
կծու,
երբ
դպի
մորթիդ
ու
կ’այրէ
ռունգերդ:
Ոչ
ալ
աշունը՝
խարդախ
ու
ժպտուն,
երբ
նոյն
այդ
հովին
մէջ,
զոր
արեւ
մը
կը
թելէ
բարկ
ոսկեջրով,
ջերմատար,
վատառողջ
բան
մը
կը
ճշդես,
որ
կը
խանձէ,
կ’անցնի
ներս
ոսկորներէդ
ու
կը
մզմզայ:
Ձգելով
բանաստեղծներուն
այդ
զգայնութիւններն
ու
պատկերները
«պարտ
ու
պատշաճ»,
քերթողօրէն
արտայայտելու
վերնատուր
նսեհը,
ես
կ’անցնիմ
մեր
պատմութեան:
Ապրիլի
իրիկուն:
Գահիրէի
հեշտ
մէկ
արուարձանին
մէջ:
Պարտէզին
մէջ
մեծատաղանդ
արձակագիր
Սահակ
Պարգեւեանին:
Անշո՛ւշտ,
այդ
տաղանդը
զայն
պիտի
չլքեր
մահուան
դուռներուն:
Բայց
Ապրիլի
իրիկուն
է՝
մա՛նաւանդ
սրտին
մէջը
երիտասարդ
աղջկան,
որ
գերագրգիռ
օրէ
մը
վերջը,
փոխանակ
սպառելու,
թարմ
կը
զգայ
ինքզինքը՝
շուրջի
գարունին
նման:
Ապրիլի
իրիկո՞ւն՝
կրացած
սրտին
մէջը
տարաբախտ
մօր
մը,
որ
գերագոյն
իր
յոյսին
մէջ
կ’ըլլայ
նետահար:
Ի՜նչ
փոյթ:
Այսպէս
է
հեղինակեր
կեանքին
անհասկնալի
ճարտարապետը
ու
դրեր՝
նոյն
ցօղունէն
աւիշ
առնող
կոկոններուն
իսկ
մէջը
այնքան
անջրպետ,
որքան
միջոցին
հեռակայ
լուսաւորները:
Ամէն
հոգի,
հո՛ս,
միայն
իրեն
համար,
Ապրիլին
թէ
Նոյեմբերին:
Ատոր
համար
է,
որ
մեր
տառապանքը՝
ինչպէս
վայելքը,
պարտաւոր
ենք
ձեւել
մութ
այս
ոճին
հնազանդ:
Երբեմն
մեր
շրթունքները
բացուիլ
կը
ձգտին
լուսնի
շղարշի
մը
թեւին
բարձրացած:
Մի
խաբուիք:
Աղջկան
մը
այտը
հում
միս
է
յաճախ:
Երբեմն
մեր
հոգին
մեծ
ծառի
մը
շուքին
մէջ
ինքզինքը
թաղել
կը
փորձէ:
Մի
ծիծաղիք:
Հողին
մեծ,
անհերքելի
շուքէն
առաջ
իմաստութիւն
է
մահը
նախավայելել:
Կը
սպասուին
հիւրերը:
Դուք
գիտէք
զանոնք:
Անմխիթար,
գրեթէ
ինքնակորո՛յս,
Տիկին
Գոհարեանը,
զոր
խորտակած
են
օրուան
կարգ
մը
իրադարձութիւնները:
Անիկա
լացով
«ողբ»
ըրաւ,
խոհանոցի
անկիւնին,
երբ
գտաւ
ինքզինքը
դէպքերուն
դիմաց:
Արտակ
Գասպարեանին
հանդէպ
Սոնային
աններող
յամառութիւնը
լրումն
էր
այդ
խորտակումին:
Մայրերը
իրենց
աղջիկներուն
բախտը
միշտ
կը
սիրեն
«զոյգ»
բռնել:
Ու
համեստ,
բայց
«աչքը
բաց»
երիտասարդ
մը
առակին
մուկն
է
յաճախ
դժուարահաճ
արագիլներուն:
Յետոյ
սառեցաւ
անիկա:
Միշտ
իր
անկիւնին,
երբ
հաղորդ
եղաւ
գիշերուան
հաւաքոյթին:
Տարիքը,
մեծ
յուզումները
մեր
մէջ
տեղաւորելու
համար՝
զանցառելի
պարագայ
մը
չէ:
Անիկա
ընդունեց
լուրը՝
նախ
չհասկցած:
Անոր
դէմքը
տասը
տարի
մէկէն
ծերացաւ,
ակնթարթի
մէջ,
երբ
թափանցումը
կատարւեցաւ:
Կանչուեցան
օգնութեան
Իզմիրի
սուրբերը
եւ
Եգիպտոսի
Աստուածամայրերը:
Ու
վիշտէն
ծալաւոր
անոր
այտերէն
ինկաւ
ջուրը,
կամաց
ու
լեղի:
Ինչո՞ւ
կու
լար
այդքան
խոր
ու
իրաւ:
Անոր
աղջիկը
վախցաւ
հարցնելէ:
…Արեւմուտին
ալ
ան
չէր
հաշտուած
թեթեւութեանն
ու
յամառութեանը
հետ
իր
աղջիկին,
որ
վճռապէս
մերժած
էր
իր
մասնակցութիւնը
նշանաւոր
դիւթահանդէսին,
ադամանդ
մանեակին
հասցէ
ցոյց
տալով
կուրծքը
Մելինէ
Մելինեանին:
Իշխան
Արծրունիները
ամէն
տարի
չեն
իյնար
դժբախտներու
ճամբուն
ու
հեքիաթը
մեր
սնունդն
է,
աւա՜ղ,
նոյնիսկ
երբ
պիտի
զատուինք
աչխարհէն:
Անիկա
բառ
չունի
որակելու
այդ
խենթութիւնը
ու
չի
խորհիր
իրենին,
երբ
քառասունին
մօտիկ
փախաւ
իր
տունէն:
Կան
խառնւածքներ,
որոնք
ամէնէն
պարզ
պատահարները
չեն
կրնար
դիմաւորել
առանց
հաւանական
եղերականութեան
մը:
Գլխու
պզտիկ
ցաւ
մը,
որ
կը
սկսի,
անոնց
մէջ
կը
տարուի
հեռագոյն
ու
մահաբեր
իր
տեսակներուն:
Հարուստ
ու
խոր
այդ
խառնուածքը
պատճառ
է
ինքնին,
որպէսզի
այդ
անձերը
ըլլան
միշտ
ծայրին
ու
առաջին
կնորսին
կապեն,
փոխ
տան
իրենց
խորութիւնը:
Տիկին
Գոհարեան
կը
տառապի
գալիք
դէպքերու
հաշույն:
Աղքատութիւնը
մեզ
կ’ընէ
նուաստ,
մա՛նաւանդ
դիւրազգած
ու
ամէն
կին,
որ
քառսունը
կ’անցնի,
սկսող
աղքատ՝
մըն
է:
Մարանին
տրուած
«ահաւոր»
դասը
ոչ
նուազ
ուժգին
ազդակ
մը՝
անոր
խորտակումին:
Մենք
միշտ
տկար
ենք
ուժին
հանդէպ:
Ու
հետզհետէ
«անկար»
իր
«մարդուն»
կողմ
է
իր
վրայ
բացւած
անանկ
ապագան
անիկա
կը
տեսնէ
անստուեր
աչքով:
Իր
բախտը
փախցնելէ
վերջ,
աղջկան
ալ
բախտը
խրտչեցնող
մա՜րդն
էր
անիկա:
Աւելի՞ն:
–
Տարիքէն
կոխուած
կինը,
որ
չի
հասկնար:
Տղաքն
ու
ծերերը
մեզ
կը
զարմացնեն
չհասկնալու
այդ
անկարողութեամբ:
Հո՛վ:
Ուրիշ
եղանակներու.
հո՛վը,
գլխաւոր
դերակատարը
եգիպտական
երկնանկարին,
աւազի
ու
փոշիի
կծու
համ
մը
կը
պտըտցնէ,
տիրական
ու
յամառ,
զոր
չի
կրնար
հակակշռել
ուրիշ
հեղում
մը
վարէն
ու
վերէն:
Ապրիլին,
այդ
հովը
քանի
մը
օր,
երբեմն
շաբաթ
մը,
կը
փափկանայ,
կ’անուշնայ,
թէեւ
անհանգիստ,
պղտոր
անուշութեամբ
մը,
վասնզի
միշտ
կը
թաւալի
անապատներէն:
Թեյի
պատրաստութի՛ւն:
Եկած
են
այս
որոշումին,
Սոնային
պնդումով,
որ
դրժած
է
քազինոյին
ծրագիրը:
Տունէն
պարտէզ
անոր
մայրը,
մտամոլոր,
անհաշտ,
կրեց
սեղան
ու
աթոռ:
Մասնաւոր
հոգածութեան
առարկայ
եղաւ
հռչակաւոր
թիկնաթոռն
ալ,
որ,
հակառակ
աներեւակայելի
իր
վիճակին,
ափափոյ
ծածկոյթով
մը
պարտկուած,
կը
գրաւէ
կեդրոնը
պարտէզի
հովանոցին:
Նախապաշարո՞ւմ,
յուռո՞ւթք:
–
Ի՜նչ
գիտնան
կիները,
երբ
կը
գործեն
իրենցմէ
վեր
ասեղներու
խայթին
ներքեւ:
Անիկա,
լացին
ու
աղօթքներուն
ընդմէջէն,
ատեն
էր
գտած
խօսեցնելու
իր
աղջիկը
այդ
«պառաւութենէն»,
որ
չունէր
ճերմակ
մազ
–
ողջ
ըլլայ
թթուածի՜նը
–
ու
կը
թուէր
ցամքած:
Ի՞նչ
պահանջկոտ
եղաւ
անոր՝
դէմքին
պատկերէն:
Բայց
անոր
զգուշաւոր
տաղա՜նդը՝
քաղելու
համար
տպաւորութի՛ւնը,
զոր
Պարգեւեանին
տղան
ըրած
է
Սոնային
վրայ:
Բարակ,
քիչ
հարցումներ,
հասակէ
ու
մորթէ,
աչքէ
ու
կեցուածքէ,
որոնք
մայրը,
սիրուհին,
կինը
կը
բերեն
մէկ
գիծի:
Ու
այն
անգո՛հը,
որուն
մէջ
պլլուած
է
մեր
ճակատագրին
ամէն
անակնկալը:
Հօրմէն
իր
գտա՜ծը:
Տղայէ՞ն:
Ու
անիկա
կը
վախնար
այդ
վախը
զգալի
ընելէ
իր
աղջկան:
Բացառիկ
զգայնոտութեամբ,
լացէն
հալածուած,
հեստ
Պարգեւեանին
դէմ,
անիկա
անկարող
էր
քալելու
առանձին:
Իր
քով,
ամէն
րոպէ,
աղջիկը:
Տարիներու
նուաստութենէ
մը
վերջ,
առաջին
անգամ
անիկա
եղաւ
բարձրագլուխ՝
մեծատաղանդ
արձակագիրին
առջեւ,
որ
պարտաւորուեցաւ
ընդունիլ
թիկնաթոռեան
«գահակալութիւնը»,
ինչպէս
որակեց
անոր
սրամտութիւնը
սա
անհերքելի
գերութիւնը,
յանցաւո՜ր
իր
նայուածքը
վախնալով
շեշտելէ:
Տիկին
Գոհարեան
պատրաստուած
է
բաւարար
չափով:
Ատկէ
առաջ
անիկա
ըրած
էր
կորովի
իր
կռիւը
վրիպած
գրագէտին
հետ,
թափելով
տարիներու
դառնութիւնը
անոր
անզգած
գահոյքին
առջեւ:
Անոր
լռութիւնը,
բարկանալու
անկարողութիւնը,
Սոնային
մտազբաղ
այլուրութիւնը
խնայեցին
աւելին:
Ձգեց
զայն
իր
«գահին»,
բայց
կը
նեղուէր,
փոխանակ
հանգչելու:
Վտանգի
վա՞խ,
կորուստին
ետեւէն
ցաւի՞լ
մը,
տարիներու
հանգոյցին
վերջնական
լուծո՞ւմը:
Ի՜նչ
գիտնար:
Կան
զգայութիւններ,
որոնք
Քէ
ճառագայթներուն
նման
կը
ճամբորդեն:
Զանոնք
մեր
չտեսնելը
մեզի
չի
տար
իրաւունք՝
զանոնք
ուրանալու:
Անոր
աղջիկը
պարտաւորուեցաւ
յօժարիլ
Արտակ
Գասպարեանին
ներկայութեան,
հարթելու
համար
մօրը
ընդվզումը
ընդդէմ
Անգա
Միրովնայի
բարբարոս
«փափաքին»:
Եղան
անոնք
վիրաւորիչ
իրարու
հանդէպ:
Մայրը
չէր
ըմբռներ
ազդակները
հեռաւոր
տիկինին:
Աղջիկը
չէր
հասկնար
զսպանակները
ծերացած
սիրուհիին:
Տեղի
տւին
իրարու,
մէկը՝
խնայելու
համար
դժբախտ
իր
զաւկին,
միւսը՝
դժբախտ
իր
մօրը:
Անիկա
համակերպեցաւ
այս
«անխելք»
այցելութեան,
մոռնալով
իր
պատճառները
աղջկան
յայտ
հաճութեան
առջեւ,
որ
չէր
ծածկուեր:
Հոգին
չէզոք
չէ
քսանին
մէջ:
Մայրերը
պիտի
ենթարկուին
իրենց
աղջիկներուն,
նուաճուած
այս
օրէնքէն:
Աղջկան
օգնութեամբը,
անիկա
«ողջունձեւած
է»,
իրենց
գլխաւոր
գիծերուն
կամ
գնացքին
մէջ,
բառերը,
շարժումները,
դէմքէ
ու
թեւէ
վէտերը,
տարազները,
որոնք
պիտի
ունենան
հաւանական
գործածութիւնը:
Այդ
մտահոգութեամբ,
վերլուծումի
ինկան
նոյնիսկ
մտածումներ:
Բաներ
կան,
որոնց
հրապարակումը
չի
փոխարինուիր
սպասուած
հաճոյքով:
Ուրիշին
մեղքը
երբ
կը
պարպենք
իր
գլխուն,
մեզի
բան
չենք
աւելցներ:
Անկարելի
եղաւ
համաձայնիլ
սկզբնական
բանաձեւին
վրայ,
որով
երկու
կիները
պիտի
մտնէին
իրարու
մէջ,
այսինքն՝
իրարու
գաղտնիքին:
Կե՜րպը՝
այս
թափանցումը
կատարելու:
Դժուար
այդ
րոպէն
ձգուեցաւ
բախտին:
Անոնք
կարծես
բնական
կը
գտնէին
կիսանկախ
այն
վճռականութիւնը,
որ
այդ
գետնին
վրայ
զիրենք
կ’ընէր
ազատ
Պարգեւեանի
կարծիքէն:
Մէկ
կէս
օրը
բաւ
է,
որպէսզի
կայսրութիւններ
տապալին:
Փաթթուած
էր
մեծ
վերարկուին,
ծունկերն
ալ
պատսպարած
շալով
մը,
արեւմտահայ
մեծ
արձակագիրը
կը
թողու,
որ
մարդերը
կտրեն
ու
ձեւեն,
իր
իսկ
աչքին
տակ,
բաներ
ու
բաներ:
Ի՞նք:
Գուցէ
էր
պատճա՜ռ
այն
պահերէն
մէկուն
մէջ,
ուր
անոր
տրուեցաւ
հաղորդ
ըլլալ
կեանքին
խոր
յորձքին:
Միլիոններու
զանազանութեանց
տակ
կը
քալէ
այդ
ջուրը,
աշխարհէ
աշխարհ
երանգ
փոխելով,
բայց
չփոխւելով:
Ամէնքս՝
անոր
կաթիլնե՛րը:
Ու
ամէնքս
թրթիռ
մը
կայլա՜կ:
Պիտի
անցնինք:
Բայց
նման
կայլակին՝
մեր
կամարիկին
վրայ
կամարելով
քանի
մը
գիծեր:
Հա՛յր,
մա՛յր,
տղա՛յ:
Uէր,
ցաւ,
մահ,
պատրանք:
Ուրի՞շ:
Քիչ
բան
կայ
անդին:
Սահակ
Պարգեւեան
չախորժեցաւ
երազէն,
բայց
նուաճուեցաւ
հայեցողական
սա
առքերէն,
մեծ
իր
պարտութիւններուն
վրայ
լացող
զօրավարի
մը
նման:
Հիմա,
գլխէն
ելեկտրական
լամբ
մը,
հրեղէն
լեզու
մը
կը
կախէ:
Ու
ձեռքերը
թիկնաթոռին
թեւերուն,
«շիջելափառ»
գրագէտը
ինչե՜ր
կը
փնտռէ,
կը
պրպտէ
կիսախուբ
նայուածքին
տամկութեանը
մէջ:
Պարտէզին
աւելի
բաց
մէկ
անկիւնը,
պատանի
ֆելլահը,
վար
դրուած՝
ծանր
բաներ
փոխադրելու,
ինչպէս
նաեւ
տեսարանին
տալու
արեւելեան,
տեղական
գոյն:
Ոչ
ոք,
ճերմակներէն,
կը
զբաղի
հաւատարիմ
սա
պաշտամունքով,
որ
կը
մօտենայ
անասունին
ու
սրտառուչ
է
իր
յուսահատ
պարզութեամբը:
Մերկ
ոտքերը
հագցուցած
կարմիր,
պայրամեան
կօշիկին,
տղեկը
տրորում
է՝
չի
գիտեր
ինչու:
Պարտէզին
կռնակը
խռուագիծ
մութ
մը,
երկինքն
ի
վեր
դէզ,
ուրւային,
որուն
մէկ
կէտէն
լուսնկայ
մը
կը
տառապի
ինքզինքը
կիսաղեղելու,
որ
կը
փշրուի՝
լզուելով
եւգալիւբթիւսին
լեզուակներէն:
Այս
է
տեքորը:
Ու
կը
սպասուին
հիւրերը:
Քանի
կը
քիչնայ
տեւողութիւնը,
Սոնան,
մօրը
հակառակ,
այնքան
կ’ամփոփուի,
կը
տեղաւորուի
ինք
իր
մէջ:
Անիկա,
Արտակ
Գասպարեանին
հետ,
դաշնամուրին
քովը,
ունեցաւ
մէկը
իր
տարօրինակ
տկարացումներէն,
որոնք
մօրը
նուէրն
էին
իր
ջիղերուն:
Առաւօտէն
կը
տարբերէր
այդ
ճակատումը՝
իր
տարօրինակ
թուլութեամբ:
Գրեթէ
պահեց
ամբողջ
քառորդ
մը
անոնց
ափին
վրայ
իրը,
խոստումի
պարզութեամբ
ու
սիրաւէտ
բծախնդրութեամբ:
Մտիկ
ըրաւ
անոր
պատճառներուն
ու
վերլուծումները
դատեց
կարելի
արդարութեամբ:
Մարանին
ծրագիրը
որքան
պարզ,
նոյնքան
ծիծաղելի,
երիտասարդին
կողմէ
իջաւ
իր
վերջնական
տարազին:
Իշխան
Արծրունին
իր
կնքեալ
նամակովը
կը
հրաժարէր
դիւթահանդէսէն
ու
փորձ
ծառայելիք
նաւուն
վարձումէն:
Մտիկ
կ’ընէր,
կիսաժպիտ,
հեռու,
աչքերը
երկու
ծաղկամաններուն,
որոնք
նոր
քաղուած
ծաղիկներով
տօնական
քաղցրութիւն
մը
կը
դնէին
լուրջ
դաշնամուրին
վրայ:
Միամիտ,
իր
հաճոյքին
համար
քիչ
մը
շատ
վախցող,
անիկա
չհամարձակեցաւ
երիտասարդը
ընդմիջելու:
Թարթիչներուն
տակ
անիկա
կը
հետապնդէր
անդրանիկ
իր
երազը
ու
հասուն
այն
կրկնութիւնը,
որով
շաղուըւած
եղաւ
անոր
պարմանութիւնը:
Սիրոյ
երազը
մեծ
է
սէրէն:
Ու
ականջը
տուած
եղկելի
տղուն,
անիկա
կը
փայփայէր
թաւիշը
նորոգուած
աթոռակին,
գուրգուրագին,
նման
մօր
մը,
որուն
ափը
կը
կլորնայ
իր
պզտիկին
այտերուն:
Անոնց
լռութիւնը
կը
պղտորուէր
թեթեւ
հեծքերով,
զորս
ազատ
ձեռքերը
կու
տար
դաշնամուրին:
Սիրուն
ու
քոքէթ
երիտասարդութիւն
մը
այդ
դաշնամո՜ւրը:
Հարկաւ:
Աւելի՛՝
խորհուրդ
մը:
Աղջիկները
անոր
առջեւ
աւելի
բաց,
պարզ
կը
զգան
զիրենք:
Երբ
ճամբու
դրաւ
երիտասարդը,
անիկա
վեր
էր
իրմէն,
քիչ
մը
հպարտ
նոյնիսկ,
վասնզի
ոչ
մէկ
յուզում
եկած
էր
պղտորելու
անոր
խաղաղութիւնը:
Ունեցաւ
աճապարանք
սենեակը
յարդարելու,
չպատասխանելով
մօրը,
մերժելով
Պարգեւեանը,
ու
աւարտեց
զուսպ
զարդարանքը
անձին,
ինչպէս
դաշնամուրին,
կիսերազ
արթնութեամբ,
հոգիին
առջեւ
մանրամանր
յօրինելով
վայրկեանները,
որոնց
ընթացքին
տաղանդաւոր
արուեստագէտ,
հայարիւն
այդ
երիտասարդ
դաշնակահարը
ծանօթացումէն
պիտի
անցնէր
ընտելացումին
ու
զբաղուէր
իրմով:
Շինեց
հսկայ,
հոյակապ
բան
մը
անոր
տաղանդը,
քանի
որ,
Տիրանեանին
հաւաստումովը,
անիկա
մեծ
թատրոններում
ու
նուագահանդէսներու
մէջ
կշիռ
ունէր:
Անզգած,
խոր
անոր
նայուածքը
կը
վառէր
իր
մէջ
բոլոր
այս
դեգերումներուն
ատենը:
Մտապատկերեց
ալ
պզտիկ,
սանկ
քիչ
մը
սանթիմանթալ
տեսիլ
մը,
բեմ
ունենալով
իր
սենեակը,
դաշնամուրին
առջեւ,
ուր
պիտի
կենար
Պարգեւեանին
տղան,
թեթեւ
մը
հակ
դէպի
ինքը...
հետեւելով
իր
մատներուն,
պիտի
կշռէր
իր
հոգին:
Չէր
գիտեր
ինչպէս,
ուրւացաւ
իր
մէջ
վախ
մը
իր
աններկ
դէմքէն:
Արուեստին
սպասաւորները
անբնական
մենագրութեանց
մարդերն
են
յաճախ
ու
անոնց
շրջանակէն
կիները
իրենք
զիրենք
կը
կրկնեն
դուրսին
նպաստովը:
Ամչցաւ՝
չունենալուն
քիչիկ
մը
ներկ:
Բայց
աւելի
ամչցաւ
մօրմէն
ուզելու:
Փոխարէն՝
մեծ
խնամքով
փայլեցուց
եղունգները:
Պզտիկ
է
այս
հոգերու
կողքին,
անոր
մէջ
կը
քալէր
օրը,
հանդիսաւոր
ու
դժբախտ,
շատ
մը
տագնապներով
բեռնաւոր,
որոնք
հեռուէն
գացող
սայլերու
նման,
կորսնցուցած
բոժոժներուն
ճիչը,
ձեւեր
էին՝
ճնշում
ու
ճիչ
ըլլալու
փոխան:
Մեղրագոյն
պլուզը
զբաղեցուց
զինքը
քիչ
մը
շատ:
Յոգնած
ու
արցունքէն,
յուզումէն
գունատ
իր
դէմքը,
այսինքն՝
անոր
փայլը
չէ՞ր
դիմանար
կերպասին:
Ամչցաւ
մօրը
կարծիքին
դիմելու:
Արդուզարդի
անտարբերները,
վճռական
պահերու
անճարակ
կու
գան
դուրս
եւ
կ’ընդունին
ուրիշներուն
աչքն
ու
ճաշակը:
Մազե՞րը:
Յօնքե՞րը:
Դպաւ
ալ
այտերուն:
Բայց
«կեղեւէն»
աւելի,
շահեկան
էր
անոր
հոգին:
Աղջիկ
մը
ներքին
այդ
բոցով
է,
որ
կ’ազդէ:
Թեթե՜ւ,
ըսես
վերցուած,
ներսէ՛ն:
Թռչելու,
թրթռալու
այս
զգայութիւնը
ուրկէ՞
բուսաւ
իր
մէջ:
Երբ
արեւը
խոնարհեցաւ,
անիկա,
ճառագայթուն՝
բացուեցաւ
պարտէզ:
Զգուշացաւ
հովանոցէն
ու
չվռնտեց
ֆելլահը,
որ
մունջ,
կը
հետեւէր
անոր
քայլերուն,
անփոփոխ
պահելով
հեռաւորութիւնը:
Նոյն
ատեն
սրբուած
էին
միտքէն
ձախորդ
ցերեկին
բոլոր
փոքրութիւնները:
Անիկա
առանց
կճուելու,
տեսաւ
Ռիթան,
որ,
ով
գիտէ
ո՛ր
«աղտոտ»
սենեակին
մէջ
ինքզինքը
կը
մանրէր,
հաճոյքի
սիրոյն:
Գթաց
իշխաններուն,
Արծրունի
կամ
ոչ,
որոնք
տարիքն
ու
թշուառական
յիմարութիւնը
պիտի
քաւեն
Ռիթայէն
տարբեր,
բայց
նոյն
շաւիղէն:
Գրեթէ
զղջաց
Մարանին
հանդէպ
իր
անգթութեան:
Կ’ըսեն,
թէ
սեռային
մշուշը,
սկսուածքին
մէջ,
բոլորովին
հակապատկերն
է
յանգումին
վայրագութեան
ու
ենթակաները
կ’ընէ
փափուկ,
աղջիկ,
ամչկոտ:
Ինչպէս
այդ
յուզումներուն
վերյիշումը
զինքը
տարաւ
մօտիկ
տրտմութեանց:
Անիկա
զգաց
համբոյրը,
առաջինը,
զոր
արտօներ
էր
ջախջախուած
մեկնող
տղուն:
Մելամաղձոտ
երանգը,
որով
այս
զգայութիւնը
եղեր
էր
իր
ջիղերուն:
Հաճ,
քաղցր,
թրթռուն
էր
անիկա,
մազերէն
մինչեւ
ներկուած
եղունգները
ու
պատրաստ,
ժողովուրդը
կ’ըսէ
թելուած,
հարսնիքի
մոմի
մը
նման:
Ուրի՞շ
ձեւ
կը
սպասեն
արդեօք
կիները
իրենց
սիրականներուն:
Սուլիչը,
չար
ու
դաժան,
կիսամութը
բզկտող:
Պարտէզին
մէջ
սիրտերը
զգացի՞ն
այդ
պատռող
աղաղակը,
որ
կ’առաջանար:
Ու
կը
դարձնէր
հոգիները
իրենց
տիրական
հոգերուն:
Պարգեւեա՜նը:
Տարօրինակ
ու
ակամայ
հա՜յրը:
Տեսան
զինքը,
որ
շտկեց
մէջքը
թիկնաթոռի
քամակին:
Քո՞ւն:
Արթո՞ւն:
Քունքն
ի
վեր
անոր
թելը
երկաթ
ձողիկի
մը
նման
մոյթ
էր
տուեր
կզակին
ու
գանկին:
Սովորական
ցա՛ւը,
ձախ
ականջին
ետեւօք:
Անիկա
չհեծկլտաց,
ուրիշ
անգամներու
նման,
երբ
խոնաւութեան
մէջ
այդքան
նստիլ
մը
ցաւախառն
թմրութեամբ
կը
կապկէր
իր
յօդուածները
ու
ճուալ
կու
տար
շարժումի
համար:
Չկանչեց
կինը,
զոր
այդ
պահուն
չէր
կրնար
ատել,
սպառած
ըլլալուն
այդ
մթերքն
ալ
մէջէն:
Բայց
չփնտռեց
Սոնան,
որ
անոր
թեւը
մտնելով,
կամաց-կամաց
պիտի
քալէր
հետը,
մինչեւ
որ
յօդուածները
վարժուէին,
տաքնային:
Խորունկ,
գեղեցիկ
թմբիր
մը,
երկաթե
վարագոյրի
նման,
բռնի
կ’անցընէին
անոր
գանկէն:
Գիտակցութիւնը՝
տեղը:
Զզուանքին
աստիճա՞նը:
Անիկա
կը
վախնար
հիմա
իր
առջին
պտըտող
«անսահման
աւերակէն»:
Այդ
աւերա՛կը,
թառամած
տիկի՜նը:
Ու
անդրադարձաւ,
որ
այդ
զզւանքը
երկրորդ
երեսն
էր
ուրիշ
փափաքի
մը:
Անիկա
անկարող
եղաւ
մտքին
մէջ
կեցնելու
պատկերը
Անգա
Կէօրկէօվնային,
որ
թանգարանէն
գողցուած
նկարի
մը
չափ
գեղեցիկ
էր
ու
խորունկ:
Երկու
ժամ
է,
անիկա
կ’ապրէր
իր
երիտասարդութիւնը.
«Անգային
պատահարը»,
ինչպէս
պիտի
տիտղոսէր
իր
գերագոյն
սէրը,
տարիներ,
անոր
ծանօթները
ապշեցնելով
իր
ապազգայութեամբը:
Ամէնէն
սրտառուչ
դժբախտութիւնն
է
սրտէն
ծերանալ
ու
չընդունիլ
ատիկա,
չկրնար
ընդունիլ:
Ու
չափեց
իր
դժբախտութիւնը
քաղցը
պայծառութեամբ
մը:
Կշի՞ռը:
–Սոնա՛ն:
Որ
կրկներեւոյթի
մը
նման
կը
յառնէր
վրան
խուլ
իր
անցեալէն:
Բայց
ահա
մոխիրը,
հոգեկան
թոյնին
բիւրեղը,
որ
դուրս
թափեցաւ
իր
բերանէն,
երբ
հարցուց
ինքն
իրեն.
–
Ո՞վ,
իր
տղան:
Հարցումը
կը
շօշափէ՞ր
«իր
տղուն»
հոգեկան
յօրինուածքը:
Ինքզինքը
ուրիշին
հարցնելու
ահաւոր
հա՜րկը:
Ցաւ
ինկաւ
անոր
սիրտին,
որոշ
ու
քիչ
մը
աւելի
սովորականէն:
–
Ո՞վ,
այդ
տղան:
Այո՜:
Ու
Սահակ
Պարգեւեանը,
պատասխանի
փոխարէն,
երկաթ
շապիկի
մը
պէս,
հագաւ
նորէն
իր
անցեալը:
Հագցուցին
այդ
բանը
անոր
գրեթէ
բռնի:
Սարսափէն
բացաւ
աչքերը
ու
կանչեց
Սոնան,
որ
դռնառաջին
կը
խօսէր
դրացի
տանտիրուհիին
հետ,
հիւրերուն
մասին,
արագ
անցումով:
Անիւներուն
աղմո՛ւկը,
որ
խոշորցաւ,
կճրտուն
ու
իրաւ:
Շոգեկառքը
կը
հասնէր:
Գրագէտը
փակեց
իր
աչքերը,
անդիմադրելի
յոգնութեամբ:
Ու
մոխիր
էր
անոր
լեզուն:
Մեր
մտապատկերները
երբեմն
նիւթական
զգայնութիւններ
եղան
մենէ
շատերուն:
–
Սոնա՜:
Մրմունջ
էր
անիկա,
կանչ
ըլլալէ
աւելի:
Մէկը
չլսեց:
Դուռը:
Բացողն
էր
Սոնան:
Անո՜նք:
Աւելի,
Արտակ
Գասպարեանը,
քաղցր,
համակերպուն,
կարծես
մեղքի
մը
պէս
ընդունելով
իր
«գերագոյն
վայելքը»,
Սոնան
տեսնելու:
Նոր՝
Միհրան
Սիսլեանը:
Որ
ապրող
ու
կանխահոգ,
զետեղեր
էր
ինքնաշարժը
կայարանին
մօտիկ:
Շոգեկառքը
մինչեւ
կէս
գիշեր
կ’աշխատէր:
Ու
«հայրն
ու
տղան»
իրարմէ
կշտանալու
համար
պիտի
մոռնային
հարկաւ
ժամանակին
սովորական
կշիռը:
Անիկա
հիւրերը
պիտի
դարձնէր
քաղաք:
Թեթեւակի,
մութը
կ’աղօտէր
անոնց
արտայայտութիւնը,
ընելով
դէմքերը
աւելի
ազատ:
Ուղղակի
պարտէզ:
Ոտքի՝
Պարգեւեանը:
Դէմը,
սառած,
Տիկին
Գոհարեանը:
Ետեւնուն,
Սոնան,
պարզ,
ինքնամփոփ,
տեսակ
մը
խորութեան
մէջէն,
նայիլ
վախնալով:
Ուղղաձիգ,
ինչպէս
սգահանդէսի
մը
բեմին,
Սահակ
Պարգեւեան
ընդունեց
հիւրերը:
Ճիգ՝
անոր
կեցուածքին:
Ճնչո՞ւմ,
յուզո՞ւմ,
«ո՜վ
ինչ
գիտնայ»:
Անիկա
կը
զգայ
ցաւեր,
քիչիկ
մը
ընտանի,
քանի
մը
տարիէ
ի
վեր,
բայց
որոնց
նորոգ
գործունէութիւնը
կը
ջանայ
վերագրել
գարնանովի
իրիկուններուն:
Ելեկտրական
լամբիկը
անզօր
լեցնելու
շեշտ
դալկութիւնը
անոր
դէմքին,
որ
պահին
«խռովքէն»
կը
բացուի
աստիճան
մը
աւելի:
Գրեթէ
հիւանդ
է
անիկա,
պահելով
բռնի
ինքզինքը
ոտքի:
Գտնելու
համար
ուժ,
անիկա
չի
կրնար
խածնել
շրթները,
որոնք
իրարմէ
վանուած
են
զօրաւոր
դէպքէ
մը:
Անփայլ,
անփայլ
անոր
դէ՛մքը,
տիրական
ու
ամէնէն
գեղեցիկ
գործիքը
անոր
հմայքին:
Որ,
ջերմութեան
պահերու,
բեմէն
ու
կռիւէն
ամբոխներ
կրակեց
ու
սիրտեր
կոտրեց
եւ
կը
մնայ
հիմա
«բռնւած»
ու
անարտայայտ:
Ի՞նչն
է,
որ
պարպած
է
զայն
իր
հուրքէն:
Մէ՞ջն
է
անիկա
կեանքի
հզօրագոյն
մղումներէն
մէկուն,
որ
մեր
միսերուն
հաւասարակշռութիւնը
կը
խախտեն,
մեզ
ընելով
աղբ
կամք
ոսկի,
գռեհիկ
ոճրագործ
կամ
բոցաթեւ
հերոս:
–
Չէ
եղած
անիկա
այնքան
անզգած,
այնքան
սուտի
մէջ
փարթամ,
բայց
խորքէն
եղկելի,
որքան
այդ
պահուն:
Անոր
մարմինը
չմատնեց
ոչ
մէկ
սարսուռ,
երբ
առաւ
ձեռքին
մէջ
ափը
Ագնա
Կէօրկէօվնային,
ինչպէս
եղած
էր
ատկէ
քառորդ
դար
առաջ,
սանդուխի
մը
ոլորքին,
երբ
կեցուց
աղջիկը
ու
դրաւ
մատները
անոր
մատներուն
վրայ:
Կ’ըսեն,
թէ
կը
հիննայ
հոգին,
բայց
չեն
ճշդեր՝
ո՛ր
մասէն:
Քառորդ
մը
դարը
կը
վարէ
շատ
բան:
Գուցէ
ամէնէն
շատ՝
կրակը
մեր
ձեռքին:
Ձգեց:
Չունեցաւ
անիկա
ոչ
մէկ
շարժում,
բացի
պաշտօնական,
անփայլ
տարազէն,
որ
կը
մաղթէ
բարի
գալուստը
քիչ
մը
բոլորին:
Բարեկամին՝
ինչպէս
ատելիին:
Ու
աւելի
վա՜տը,
չտուաւ
իսկ
իր
նայւածքը,
որ
շեշտ,
յիմար,
անգիտակ
ըրածին,
սեւեռուած
մնաց
ամօթխած
ու
տրտում
երիտասարդին:
Միւսնե՞րը:
–
Չկային:
Չկայ
նոյնիսկ
մեծ
բանաստեղծը,
հաւատարիմ
ընկերը,
որ
տեսակ
մը
անձուկով
կը
հետեւէր
տեսարանին,
ինքզինքը
ըրած
քիչ
մը
քովնտի,
պայծառ
իր
գանկին
առնելով
ոսկեջուրը
լամբի
մը:
Անիկա
կը
թուէր
լալ,
առանց
արցունքի:
Այնքան
տպաւորիչ
էր
ճակատագիրը,
որուն
երկու
ճամբաները,
տարիներու
ոլորքէ
մը
յետոյ,
յանգեր
էին
սա
հովանոցին:
–
Զաւակդ…,
–շուարուն
ու
վախկոտ:
Պակաս
մը
ընողի
աճապարանքով:
–
Արման…
Պարգեւ:
Խաղաղութի՜ւն
ամենեցուն:
Յստակ,
անկնճիռ,
ինչպէս
է
հասակը
մատղաշ
աղջկան
մը,
բացուեր
էր
ձայնը
Անգա
Միրովնային:
Ո՞ւր
պատած
ըլլալու
էր
սա
ճլուըլուն
զովութիւնը,
որ
մեր
ձայնինն
է
քսանէն
առաջ
եւ
մեզ
կը
լքէ
այնքան
վաղափոյթ:
Կան
այն
զարտուղումները:
Տարիները
երբեմն
կը
խնայեն
պարմանութիւնը
մեր
կարգ
մը
շնորհներուն:
Տասնըհինգամեայ
աղջիկ
մը
տաղանդ
մըն
է
միշտ,
առնուազն
սեռին
ջահովը
լուցուած
վառարան,
որուն
կը
նայինք
քիչ
մը
խենթեցած:
Աւելի
ետքը,
ուրիշ
մարզերու
վրայ,
տաղանդը
ուրիշ
բան
չէ
յաճախ,
եթէ
ոչ
խնայուած
պարմանութիւն
մը:
Արուեստագէտը
չի
ծերանար,
կը
փտի:
Ու
անոր
շնորհալի
ձեռքը
բացուեցաւ
տղուն
ուղղութեամբ:
Երիտասարդը
լուրջ,
յուզման
առանց
դոյզն
հետքի,
կը
մօտենայ:
Ուղղաձի՛գ,
ինչպէս
է
հայրը
անոր
դէմ:
Անոնց
նայուա՜ծքը:
Միհրան
Սիսլեան,
քիչ
մը
շատ
«հանդիսատես»
արթիստներու
զեղումներուն,
աչքերը
չորս
բաց,
կը
սպասէ
այն
հերարձակ
գիրկընդխառնումներէն
մէկուն,
որոնք
անոր
զգացական
կեանքին
«գոհարները»,
«ոսկեշող
թուականները»
կը
կազմեն:
Անիկա,
համով
պատմող,
շատ
հաճոյք
ունէր
այդ
դրուագները
«ճոխացնելու»
ու
իբր
փաթեթիք
ապրումներ
պատմելու
հոս
ու
հոն:
Այդ
էր
պատճառը,
որ
չպակսէր
բոլոր
յուզումնառատ
տեսարաններէն:
Երիտասարդը,
քիչ
ծռած,
կ’առնէ
հօրը
աջը
ու
կը
համբուրէ:
Պարզ,
ա՛յնքան
պարզ
ու
ցամաք,
որ
կը
թուի
սուտ,
դուրսէն
դիտողին:
Այսպէ՞ս
է,
որ
կը
հանդիպին
որդիները
հայրերուն:
Թթւած՝
Միհրան
Սիսլեանը:
Ապշած՝
Տիկին
Գոհարեանը:
Գրեթէ
հիւանդ՝
ներկաները:
Սահակ
Պարգեւեան
կը
հակի
դէպի
առաջ,
դէպի
ճակատը
տղուն
ու
շողառատ
այդ
կիսաղեղին
կը
դնէ
իր
«անիմաստ»
շրթները,
ինչպէս
որակէր
պիտի
ժամ
մը
ետքը,
անխելքութիւնը
այդ
համբոյրին,
երբ
բանաստեղծին
հետ
առանձնակի
տեսակցութեան
մէջ
վերաքաղն
ու
վերլուծումը
ըրաւ
իր
զգայնութիւններուն,
զայրանալով
իր
շրթներուն
անկանգնելի
վատութեան:
Սահակ
Պարգեւեան
արդար
էր
այդ
զայրոյթին
մէջը:
Անիկա
չունեցաւ
աւելի
պոռնկացած
գործարան
մը,
քան
իր
շրթները:
Յետո՞յ:
Այսինքն՝
միւսները:
Այսինքն՝
Տիկին
Գոհարեանը:
Վէպ
մը
չի
հասնիր
ամէն
բանի:
…
Նստած
են
անոնք:
Ճնշումը,
ձգտումը,
վախը
փարատած
են
կիսովին:
Կը
յաջորդէ
տեսակ
մը
թեթեւութիւն,
արձակութիւն,
որով
մարդիկ
կազատւին
բեռէ
մը:
Բերանները՝
անհամբեր
բացուելու:
Բայց
տարտամ
վերապահութիւն
մը՝
հանդէպ
բառին:
Դէմքերու
օտարութենէն
աւելի՝
աննուաճ
է
լեզուի
օտարութիւնը:
Բանաստեղծ
Տիրանեանը,
չխօսելու
համար,
ակնոցը
կը
սրբէ:
Չափազանց
կարճատես,
անիկա
անկայուն
բան
մը
կը
դառնայ,
երբ
ստիպուի
ապակիները
մաքրելու:
Տրտում
է,
ու
չի
գիտեր
նայի
որո՛ւն:
–
Էհլեմ
ու
սեհլեմ
[1],
–
կը
ձայնէ
խոնարհ,
ձեռքերը
կուրծքին,
պատանի
ֆելլահը
ու
կը
քաշուի
լուռ:
Քով
քովի,
հայրն
ու
տղան:
Լռութի՛ւնը,
որ
կ’երկարաձգուի,
նեղութեան
փոխուելու
աստիճան:
Զմայլագին,
Տիկին
Գոհարեան
կը
մնայ
սեւեռ,
երիտասարդին,
որմէ
փառաւոր
ճակատ
մը՝
ու
դէմքին
անկուածքը,
տարօրէն
թարմ
մորթի
մը
մէջէն,
իրեն
կը
թուին
այնքան
ընտանի:
Եղա՞ծ
է
երբեք
այդ
պատկերին
մէջ
մի՛ւսը,
որ
հայրն
է
անոր:
Ու
եղա՞ծ՝
դարձեալ,
սա
խռովքը,
սա
անմեղութիւնը,
որով
հովանաւոր
է
ամէն
երիտասարդութիւն:
Պատահարներու
իմաստն
ու
մեծութիւնը
միշտ
համեմատական
չեն
անոնց
տեւողութեան:
Աշխարհին
օրէնքները
այնպէս
են
ըրած,
որ
խորագոյն
ըղձաւորութեամբ
պապակուած
պահ
մը
արժէ
ծուխին
չափ
հովերուն
առջեւ:
Քսանըհինգ
տարիներու
երազ
մը,
փոշի
դարձած՝
կը
թափի
գետին
քսան
րոպէէն:
Անհատներու
գիծով
ճիշդ,
ճիշդ
է
նորէն
ազգերու
կրկէսէն:
Դարերը
երբեմն
կը
յանգին
ճակատամարտի
մը
գիշերին
ու
կը
լռեն:
Անգա
Կէօրկէօվնան
ապրեր
էր
քառորդ
դար,
կրկներեւոյթովը
սա
ապրիլեան
գիշերին:
Ծերութեան
դուռներուն՝
ժամանակը,
աժան
ապրանք,
ասեղով
փորուած
հորի
կը
նմանի
մեր
երիտասարդութեան
ատենը:
Ով
որ
խաբուեր
է
խորունկ,
ու
չէ
սպաններ
–
աղջիկ
կամ
տղայ,
չի
փոխուիր
հարցը
–
ինքզինքը
կ’աղայ,
իր
յոյսի
քարին:
Հեռաւոր
սիրականին
հեքիաթը
արեւելեան
չէ
մինակ:
Անոր
կը
դիմենք
մեր
խաւարին
մէջ,
պուտ
մը
լուսնալոյս
մուրալու
մեր
վրիպանքին:
Ու
պիտի
տանինք
մեր
տարիները
վարշամակին
մէջ
մեր
առաջին
պատրանքին,
ա՛յնքան՝
որ
պիտի
զարմանանք,
երբ
ժամանակը
բզկտած
ըլլայ
մեր
երազը,
ձգելով
մեզի
ոչ
իսկ
գլգլեակ
մը
անոր
դիակը
պատնելու:
Տասնըհինգ
վայրկեա՜ն:
Այո:
Ու
Անգա
Կէօրկէօվնան
խորտակուած
էր
մեծագոյն
յոյսէն:
Անիկա,
հեքիաթին
թագուհիին
նման,
գահակորոյս,
ոտաբոպիկ,
վերադարձաւ
իր
ապարանքին:
Ինչո՞ւ
տկարացաւ
իր
ցաւին
առջեւ:
Նորածին
իր
մանկիկը
համբուրելէ
խուսափող
իր
շրթունքները
Սահակ
Պարգեւեանին
չգտան
չո՛րս
բառ
տաք
ու
սրտագին,
քսանհինգ
տարուան
երիտասարդին,
որուն
մայրը,
չլալու
համար,
շրջեց
նայուածքը
տեսարանէն:
Բայց
ահա
աւելին:
Անոր
տղան
ալ
բառ
չունեցաւ
հօրը
երեսին:
Կին
մը
կը
դատէ
իր
սիրահարը,
ամուսինը,
բայց
կը
սիրէ
իր
զաւակը:
Քառորդ
մը
չանցած,
կատարուեր
էր
ինքնայարդար
բաժանումը:
Կայ
հոգեկան
տարրաբանութիւն
մը,
որ
կը
գործէ
մենէ
անկախ
ու,
մարմինի
խեփորներով՝
հոգիի
բջիջները
իրարու
կը
շաղէ:
Օդը՝
աւելի
զով:
Ֆելլահը,
գեղեցիկ
փունջ
մը
վարդ,
սեղանին
դնելով:
Սոնան,
անզգալաբար,
Արմանին
մօտիկ:
Սահակ
Պարգեւեան,
Տիրան
Տիրանեան,
Միհրան
Սիսլեան
ու
Արտակ
Գասպարեան
կը
կազմէին
մեծագոյն
խմբակը:
Քիչ
մը
բացօք,
հովանոցի
բերանին,
ուր
տօսախի
մեծկակ
պարոյր
մը
գողտր
«թաւուտ»
մը
կը
յարդարէր,
Սոնան
ու
Արմանը:
Կիսամութ
խորքէն,
երիտասարդը
զուսպ
խռովքով
մը
կը
պահէր
իր
ձգողութեան
մէջ
Օրիորդը,
որ
վախցած,
բայց
անկարող
ինքզինքը
ազատելու,
անգիտակից
ճարտարանքով
մը,
քիչ-քիչ
ինքզինքը
կը
հրէ
տօսախին
շուքին:
Անոնց
դէմ,
հովանոցի
միւս
անկիւնին,
երկու
կիները,
Անգան
ու
Արտեմիսը:
Խօսակցութի՛ւն:
Այսինքն՝
իրար
հանդուրժելու
համար
պաշտօնական
սուտ:
Այրերուն
նի՞ւթը:
–
Տիրական
երկու
հարց
զանոնք
կը
բաժնէին
իրարմէ:
Բանաստեղծն
ու
արձակագիրը,
հասկնալի
յոգնութեամբ
մը
կը
պտըտէին
գրական
երեւոյթներու
շուրջը,
մեր
ու
օտար
ուղղութիւնները
վերլուծել
ջանալով
ու
արագ,
ուրուագիծ
սեւեռումներ
կատարելով
Պատերազմէն
ասդին
յայտնուած
գրողներու
դէմքերէն:
Արուեստ:
Հայկական
ողբերգութիւն:
Համայնավար
վարչաձեւ:
Մեր
վերջին
խաւարումը:
Գրագէտը
կը
խօսէր,
առածակի
ու
ցցուն:
Բայց
առանց
շեշտի
ուժին:
Անիկա
տկար
էր
մարմինին
չափ
հոգիէն:
Իր
ժողովուրդին
պարտադրուած
յուսախաբութիւնը
վերջին
տարիներու
գերագոյն
մտալլկանքն
էր
անոր.
ու
անհուն
զոհողութիւններու
հակադարձ
արդիւնքը՝
մեր
անկանգնելի
տիասփորան:
Լեղի
այս
իմաստութիւնը
կը
վայլէր
անոր
կործանած
առնութեան:
Բանաստեղծը
կ’երկրորդէր
անոր
մտածումները,
բաժնուելով
Այրարատեան
Հայաստանին
վրայ
անոր
հաւատքէն:
Մեր
ժողովուրդը
կանգուն
պահող
գերագոյն
ազդակը,
մեր
ազգայնականութիւնը
արմատէն
կը
սղոցուէր
բանաստեղծին
կարծիքովը,
Խորհրդային
Հայաստանին
մէջ:
Ու
կը
գտնէր
համրուած
օրերը
իր
ցեղին:
Հայրենիքի
գաղափարին
բռնադրուած
այս
քայքայումը,
մեզ
շրջապատող
ազգայնականութեանց
թթու
ու
անզիջող
ջուրերուն
մէջ,
Coup
de
graceն
էր,
որ
կը
տրուէր
սեպհական
ձեռքերէ:
Անիկա
շատ
քիչ
կը
հաւատար
գաղթահայութեան,
քանի
որ
օտարութիւնը,
ուր
դատապարտուած
էին
օր
մը
չէ
օր
մը
չքանալ
վերապրող
ազդակները
հաւաքական
մեր
հոգեբանութեան,
մեր
ընդոծին
երկպառակութիւնը
ու
դարուն
դժխեմ
պայմանները
պիտի
չուշանային
«աւարտելու»
հազարամ
մը
առաջ
մեր
երկրին
վրայ
արձակուած
աղէտը:
Քաղաքականութիւնը,
պարտուած
ժողովուրդներուն
մէջ,
հոմանիշ
է
քաղաքակրթութեան,
մշակոյթի:
Երկրորդ
խմբակը,
իր
կարգին
ընկրկելով
«մեծ
մարդու»
այդ
փաստերէն,
դարձած
էր
իր
սիրական
մարզանքին:
Հրապարակի
մարդեր,
անոնք
խանդավառուած
էին
թերթերով
ծանուցուած
դիւթահանդէսով:
Կը
չափէին
ու
կը
ձեւէին
ռուսական
արուեստը,
անոր
կերպընկալ
(plastique)
տարրերը,
կոկորդ
ու
մորթ,
մա՛նաւանդ
կիներու
կիսաշխարհէն:
Անոնց
համար
տարակոյսէ
վեր
էր
այդ
խաղին
մէջ
մերիններուն՝
վայելչութեամբ,
նոյնիսկ
գերազանցութեամբ
մասնակցումին
նպաստը:
«Հայկական
հարցը»
անմահ
էր:
Ու
անոր
համար
աշխատիլը
աւագ
պարտականութիւնը՝
ամէն
հայու:
Չէին
տառապեր:
Կրկնելով
քառորդ
դարեան
իմաստութիւնը,
օտարներու
ձեռքով
մեր
ժողովուրդը
լուծէ
փրկելու:
Ընդհանրական
այս
խորքին
վրայ,
շշուկով
կու
գային
ուրիշ
ալ
անուններ,
մեզմէ
ու
օտարներէն,
դեսպան
կամ
հիւպատոս,
ծերակուտական
կամ
առեւտրական,
որոնք
Եգիպտոս
բախտը
պիտի
ունենային
իրենց
աչքովը
տեսնելու
շնորհները
«ուրացուած»
ժողովուրդի
մը
ու
պիտի
աշխատէին,
դառնալէ
յետոյ
իրենց
երկիրը,
մեր
ազատութեան,
առնուազն՝
ազգային
օճախի
մը
կազմութեան:
Դիտուած
է,
որ
ամբոխ,
այսինքն՝
ինքնախաբ
ըլլալու
համար
փորձառութիւնները
կամ
զարգացումը
արգելիչ
ազդակներ
չեն:
Ու,
ամէնէն
իմաստայեղց
մարդն
ալ,
առանց
կանխակալ
քէնի
մը
միջամտութեան,
պէտքի
մը
ատեն
պիտի
մտածէ
զանգուածին
խելքովը:
Միհրան
Սիսլեան
հաւատարիմ
էր
իր
պատանութեան
երազներուն
ու
յուզումներուն,
ու
երեսուն-քառասուն
տարիներու
արիւնն
ու
կործանումը
շատ
քիչ
բան
փոխած
էին
անոր
մտայնութենէն:
Դիւանագէտներու,
հանգստեան
կոչուած
պետական
անձնաւորութիւններու,
լրագրողներու
եւ
«մեծ
ու
անշահախնդիր»
մեր
օտար
բարեկամներու
կարգին,
անիկա
կը
հաւատար
նաեւ
դիւանագիտական
տուրքերուն,
համազգի
աշխատողներու
ուղեղէն,
պոլսական
կամ
եգիպտական
քուլիսներէն
հասած
քաղաքական
փորձառութեան:
Որոնք
իրենց
վարկն
ու
ազդեցութիւնը,
դրամն
ու
լեցուն
գանկերը
սպասին
էին
դրած
մեր
սրբազան
դատին
ու
կը
պայքարէին
զոյգ
ճակատներու
վրայ:
Այս
խանդավառ
միամտութիւնը
կը
տարածւէ՞ր
նաեւ
մինչեւ
Արծրունի
Իշխանները
ու
դիւանագիտական
աշխարհին
քաջածանօթ
Մարանները:
…:
Կը
խօսէր
պատուական
ու
հայրենասէր
երիտասարդը,
ու
չէր
նշմարեր
անտրամադիր
այլուրութիւնը
Գասպարեանին,
ինչպէս
յաճախակի
գլխաշրջումները,
որոնցմով
անիկա
կը
փնտռէր
մէկը,
հովանոցէն:
Անիկա
«կը
զեղուր»
ամէն
անգամ,
որ
իր
մօտ
գիտնար
Պարգեւեանը,
որ
անոր
սերունդին
հարազատ
ներկայացուցիչը
կը
մնար,
հակառակ
իր
բոլոր
ուրացումներուն
ու
անկումներուն,
իր
անկեղծութեան
պահերուն
մէջ
պայծառ
յիմարութեամբ
մը
բանաձեւելով
իննսունական
թուականներու
գաղափարաբանութիւնը,
եղկելի,
բայց
աննահանջ,
ինք՝
որ
տասը
հանգանակ
կը
գրէր
ու
կ’աւրէր
տասը
օրուան
մէջ:
Անգամ
մը
իր
զառիթափին,
Միհրան
Սիսլեան
կը
մոռնար
մեր
պատմութիւնը,
անոր
փաստերը,
դէպքերուն
անողոք
բաբանը
մեր
հոգիին
վրայ
ու
կը
դառնար
իր
պատանութեան:
Ան
չէր
յիշեր
նոյնիսկ
հիմա,
թէ
ինչո՞ւ
գիշերով
եկած
էր
հելուան,
երբ
տեղի
տալով
Արտակի
աղաչանքին,
պաշտօն
էր
առած
օգտագործելու
հանդիսաւոր,
բացառիկ
պատեհութիւնները,
իր
զաւկին
գորովին
ու
հպարտութեան
մէջ
մարդկեղէն
զգացումներու
դարձող
գրագէտը
բերելու
ցանկալի
լուծումին,
կարգադրելու
համար
Սոնային
ու
Արտակին
բաւական
«ծեծուած»
ու
հասունցած
խնդիրները:
Ու
կը
խօսէր:
Տխո՛ւր.
եղան
ամէնէն
շատ
երկու
կիները:
Բառէ
վախցող,
բայց
իրարու
մղուած
թաքուն,
լեղի
հետաքրքրութենէ
մը:
Կցկտուր
նախադասութիւններով
սկիզբ
առաւ
փոխադարձ
այդ
թափանցումը:
Երկուքն
ալ
տարիքի
նոյն
սահմաններուն
վրայ,
գրեթէ
հանգչած
իրենք
իրենցմէ,
անոնք
իրար
կ’ամբողջացնէին
հանգրուանի
մը
մէջ,
որ
կեանքն
էր
Սահակ
Պարգեւեանին:
Գրագէտը,
միակտուր
ուրացումով
մը,
հերքած
էր
իր
անցեալը,
զարհուրելի
բնականութեամբ
մը,
երբ
Տիկին
Գոհարեանին
հետ
իր
վէճերուն
ընթացքին
դէմ
էր
դրուած
այդ
անցեալին:
Անշուշտ
դէպքերու
ուրացումը
սուտին
հասարակ
տեսակն
է:
Պարգեւեանը
գռեհիկ
չեղաւ
իմացական
մարզին
վրայ
այն
կատարելութեամբ,
որով
զգեստաւոր
էր
զգայականին
վրայ:
Բայց
այդ
վէճերէն
կը
յառնէր
ուրւականը
մարդուն,
որ
չէր
կրցած
սիրել,
գերագոյն
փաստովը
սեպհական
զաւակը
անգիտելու:
Ի՜նչ
բեկուած,
եղերական
էր
ձայնը
Տիկին
Գոհարեանին,
երբ
կուլ
տալով
տեսակ
մը
վարանք,
հարցուց
նկարչուհիին.
–
Կրնա՞ք
սիրել:
Հարցումին
ամօթը
ողողեց
զինքը:
Օտարուհին
չէր
պատասխանած:
Վար
էին
անոր
արտեւանները:
Շինծո՞ւ,
թէ
պարտադիր
չէզոքութիւն
մը
կը
տիրապետէր
անոր
դէմքին:
Հոգին,
անակնկալին
առջեւ,
այսպէս
կը
հեռանայ
ինքն
իրմէ
ու
լքուած
մարմինը
կը
դարձնէ
իր
անգործօն
իմաստին:
Փնտռեցէք
ձեր
հոգեկան
ժամացոյցին
վրայ,
թէ
քանի
անգամ
փուտ
միսէն
դուրս
ուրիշ
բան
էք
եղած:
Յապաղուն
լռութենէ
մը
վերջը,
որ
անոր
խարտեաշ
մազերուն
շուքին
էր
նման,
առանց
աչքերը
վեր
ընելու
Տիկինէն,
հարցուց
իր
կարգին.
–
Դուք
կրցա՞ք
սիրել:
–
Զի՞նքը:
–
Ուրիշէն
չենք
խօսիր:
–
Երբեք:
–
Հոս
էք
սակայն:
–
Գիտէք
ուրեմն:
Տիկին
Գոհարեանը
խոնարհեց
իր
աչքերը
ծունկերուն.
–
Այո՜:
Բացագանչութիւն,
քան
թէ
պատասխան:
Անոր
մտածումը
կը
կոտրէր
մէջքէն:
Դառն
ու
անհերքելի
փաստը՝
սիրած
ըլլալուն:
Ու
անմեկնելի
անոր
տառապանքը
այդ
խորունկ
սուտէն:
Սիրա՜ծ:
–
Չէր
անիկա,
հետը
շոգենաւ
մտած
պահէն
իսկ:
«Քարը
որ
գլորի»…
ինչպէս
բանաձեւած
էր
այնքան
անգամներ,
իր
մեծ
կորանքը
դատել
փորձելով:
Անցեալին
խուժումէն
ինքզինքը
ազատելու
համար՝
անիկա
փորձեց
լաւ
չափել
սա
օտարուհին:
Թոռմա՛ծ:
Բայց
տարօրէն
գողտր:
Անկարելի
էր
անոր
ուղղել
ուժգին
բառ:
Տեսաւ
Պարգեւեանին
կատաղի
զզուանքը
իր
մարմինէն
ու
չէր
գիտեր,
թէ
մերկացուցեր
էր
դէմի
պառաւութիւնները:
Մեղմ
անոր
միսերը
զինքը
ըրին
քիչ
մը
յանդուգն:
Յետոյ՝
քովնտի
դիտեց
փարթամ
երիտասարդը:
Իր
միտքին
մէջ
կազմուած
խառնակոյտը
կը
մտնէր
կարգի:
Մտածումը
վերստին
գտաւ
բեկուած
իր
թելը.
–
Հո՛ն
է
մեր
տղան:
Վրէ՞ժ,
մեղադրա՞նք:
Տիկին
Գոհարեան
չըրաւ
գլխի
շարժումը,
որով
մեր
բառերը
կը
զետեղուին
ներկային
գիծին
կամ
կը
նետուին
ետ:
Անիկա
պատասխանած
էր
քիչ
մը
առաջուան
անոր
մէկ
խօսքին:
Գոհունակ,
բայց
տրտում՝
սպասեց
պատասխանին,
որ
չեկաւ:
Ինչո՞ւ
չէին
երթար
առաջ,
բացուելու
խոր
պահանջին,
որմէ
կը
նեղուէին
երկուքն
ալ:
Անշուշտ,
դառնալ
ետ,
այն
տարիներուն,
երբ
քացխած
գրագէտը,
երիտասարդ…:
Անշուշտ,
քալել
առաջ,
տարիներու
ուղիով,
դէպի
այն
հանգրուանները,
որոնցմէ
կորավոր
գրագէտը…
Անոնց
մտածումները,
հակառակ
իրենց
հակադիր
զառիթափերուն,
կը
դիմէին
նոյն
ձորամէջը,
ուր
կը
հոսէր
կեանքը
մարդոց
ամէնէն
դժբախտներէն
ու
անսովորներէն
մէկուն:
Հաւատարիմ
իրարու
յուզումին,
ինչպէս
արձագանգը
իր
աղբիւրին,
անոնք
մղուած
էին
փոխադարձ
պարզումի,
սրտառուչ
ու
յիմար
ճամբովը
սեռին:
Չըրին
ատիկա,
այդ
պահուն,
վասնզի
անոնց
հոգերը
օտար
էին
իրարու
ուրիշ
զառիթափէ
մը:
Անգա
Կէօրկէօվնան
ելած
էր
ոտքի:
Ինչու
չդարձուց
գլուխը,
հովանոցէն
ներս,
Սահակ
Պարգեւեանին
ու
փնտռեց
տղան:
Յանկարծակի
նախզգացում
մը
ըրաւ
լուրջ
անոր
արտայայտութիւնը
փոթ
ու
երկիւղոտ:
Մայրերը
կը
զգան
տարբեր
արագութեամբ,
ամէն
ինչ
որ
տարբեր
դեր
ունի
զաւկըներուն
ճակատագրին:
Խորհրդաւոր
հեռազգածութիւնը
չէր
ատիկա,
այլ՝
այրերուն
սիրտը
շատ
վաղուց
չափած
ու
հասկցած
կիներու
տրտում
գերզգայութիւնը,
որ
կը
լուսաւորէ
անոնց
ջիղերը,
ընելով
զանոնք
ընկալուչ
գալիք
աղէտներու:
Երբ
մեր
երիտասարդութիւնը
կ’անցնի
ինքնակոծումով,
ըմբռնել
ջանալու
ահաւոր
մեր
ջախջախումը,
մեր
մարմինէն
յետոյ,
մեր
հոգիին
հասցուած
անհնարին
հարուա՜ծը,
իմացական
անարիւնութիւն
մը
մեզ
կը
պարուրէ
եւ
մեր
տառապանքը,
մաղմաղ
կրակի
մը
պէս՝
մեզ
կը
ճենճերէ:
Առքը,
աշխարհին
կամ
երկինքին
բաներէն,
կը
ստեղծէ
այդ
կիները,
որոնք
կը
կարդան
գաղտնիքը
գոց
ուղեղներուն
կամ
պատարաններուն:
Ու
կան՝
որ
առանց
«այցուած»
ալ
ըլլալու,
կը
կարդան
հանգոյցը
դեռ
չարձակուած
է
տրամներուն:
Մայրերը
անհուն
զսպանակներու
կը
նմանին,
որոնց
սլաքը
կը
սպասէ
բախտին
մէկ
ձայնին:
Չեղած՝
որովհետեւ
չերեւցող
մզկիթի
մը
մինարէն
դողդղաց
միջոցին
մէջ:
Ըսես
սիւնակ
մը
երգ,
որ
կենար
իր
խարիսխին
վրայ:
Աղօթողն
էր:
Մութը
տրտմեցաւ
աւելի,
իբր
թէ
հոն
բախման
անցնէր
Ցաւին
մեծ
թաթը:
Հովը,
յարգելու
համար
այս
կսկիծը
իրերուն,
եղաւ
նուաղուն
ու
հեռացող,
յուղարկաւոր:
Մահուան
պատգամ,
որ
խաւարին
դուռներէն
կը
հոսի
մեզի
ամէն
իրիկուն:
Քրիստոնեաներուն
զանգակը
ուրիշ
ազդմունք
չունի
գեղերուն
վրայ,
երբ
արեւմուտին
հետ
իր
զարկերը
կ’ուղարկէ,
բախելով
պառաւներուն
սիրտերը
ու
կը
թելադրէ
դաշտի
բանուորներուն՝
խաղաղ
հեռանկարը
մեզի
կարելի
հանգիստին,
ատեն
մը
վարէն,
մինչեւ
որ
բացուին
դուռները
վերին:
Մինարէն,
աւելի
տրտում,
կ’արժէ
աւելի,
միջոցին
ու
մարդկեղէն
ձայնին
համեմատութեամբը:
Ու
կը
պատմէ
կուրծք
մը,
իր
տարածուն
իմաստէն
անկախարար:
Արմա՛նը,
դուրս:
Ցանկապատին:
Փողոցէն
լամբ
մը
ըրաւ
անոր
երեսը
կիսավառ
շղարշ:
Այդ
լուսապսակին
մէջ
«առնուած»,
անիկա
ականջ
եղաւ,
լուսանաղօտ
երգին,
ջերմ,
թախծոտ,
պաh-պահ
սլացիկ
ու
կսկծագին,
«մութերէն
բխած»
երգիչին
բերնով:
–
Արեւե՜լքը,
Արեւե՜լքը...
Բացագանչեր
էր
անոր
մայրը:
Ու
մտաբերեր
հայրը,
անձրեւոտ
օրի
մը,
այդպէս
կիսամութ
առանձնութեանը
մէջ
Փարիզի
մէկ
թանգարանին,
մեծ
լամբէ
մը
լոյս
առած,
հնօրեայ
պատկերի
մը
առջին,
երբ
ուսանող
աղջիկ,
ներկան
ու
լոյսին
սառերուն
տակէն
կը
ջանար
ճանչնալ
այդ
Արեւելքը,
սիրել,
առանց
տեսնելու
շուրջը
թափառող
երիտասարդը,
մարմինի
մտած
Արեւե՜լքը,
խոր
ու
թախծոտ,
թոյլ
ու
ըղձաւոր,
որ
կը
նայէր
անոր,
քիչ
մը
բացօք,
պղտոր
ու
խռովիչ
եւ
դպեր
էր
իր
ջիղերուն,
առաջին
իր
ակնարկը
բռնի
հրելով
ներս
անոր
բիբերէն:
Թունդ
գինի՜
այդ
սլաքը
աչքին,
ծաւալելով
դէպի
խորութիւնները
անձին:
Կթոտած՝
անոր
ծունկերէն
աւելի
անոր
հոգին:
Եթէ
ծիծաղելի
է
այսօր
շանթահարող
այս
ձե՜ւը
սիրային
խռովքին,
չի
դադրիր
վաւերական
ըլլալէ:
Մենք
կը
լեցուինք,
այսպէս,
ուրիշներէ,
ու
ասիկա՝
հակառակ
մեր
կամքին:
Երբեմն
անհուն
տարբերութիւններ
մեզ
կը
նետեն
ետ,
դիրքէ,
դրամէ,
ցեղէ
կամ
տարիքէ,
բայց
կը
ջնջուին
ինքնաբերաբար:
Դիմադրումի
փորձերը
մեզ
կը
պատժեն,
քշելով
մեզ
յաճախ
դէպի
սպանութիւն
կամ
յիմարութիւն:
Այդ
օ՜րը…:
Սկիզբը
անոր
ողբերգութեան…:
Տեսա՞ւ
անիկա
Սոնան,
որ,
իր
կարգին,
ձգած
թաւուտը,
մտեր
էր
տղուն
շուքին
ու
կը
նայէր
հիացիկ.
յիմար
անոր
նայուածքը,
երգէն
ակօսուած
պարապէն
դարվեր:
Բայց
կարդա՜ց
անիկա
զոյգին
այդ
խորհուրդը,
երիտասարդութիւնը,
որ
չի
ծածկուիր,
կարգ
մը
զգացումներու
ճակատագրականութիւնը:
Աղէտը
կը
նմանի
լեռնէն
գահավէժ
ձիւնի
հիւսերուն,
որոնք
իրենցմէ
առաջ
իրենց
հովը
կը
հանեն
ճամբայ:
Լոյսի
շղարշին
մէջ
կիները
հարսանեկան
վառ
կը
տեսնեն
երբեմն:
Մայրե՞րը:
Ինչ
բանէ
կը
վախնար
անիկա,
երբ
հարցուց:
–
Չի՞
մսիր:
Կ’ակնարկէր
զգեստին
թեթեւութեանը,
որուն
մէջ
Սոնան
կը
ստանար
լիութիւնը
մարմնական
իմաստին:
Երբեմն
հագուստը
կը
խաթարէ
մեր
միսերը:
Երբեմն
կը
ցայտեցնէ
զանոնք:
–
Ո՞վ:
–
Սոնան:
Տիկին
Գոհարեան
չէր
հասկցած:
Աղօթքը՝
լռած:
Զոյգը
կը
յամենար
չբաժնուիլ
լոյսին
ներքեւէն:
Յայտնի
էր,
որ
կը
խօսէին:
Վասնզի
շարժումի
ու
ձայնի
բեկորներ
կը
հասնէին
մինչեւ
մայրերը:
Հովանոցէն
ներս,
խօսակցութի՛ւնը,
իր
լայն
թափին
մէջ:
–
Կ’աղաչեմ,
տիկին,
նստեցէք:
Անգա
Միրովնան
ելած
անգամ
չէր:
–
Այնքան
պէտք
ունիմ
քեզի:
Անոր
ձայնին
մէջ
կային
տագնապ
ու
նուաստութիւն
ու
չէր
գիտեր,
թե
ինչու
կ’ամչնար:
Օտարուհին,
մեղմ,
տեղաւորեց
ինքզինքը
աթոռին:
Մեր
մարմինը
մեղքցող,
բարեացակամ
հոսում
մը
կը
դառնայ,
երբ
սիրով
կ’ողողուի:
Անգիտակից
այդ
յօրինումը
շատ
բան
կը
պատմէ
մեր
ներսէն,
մեր
կարելիութիւններէն:
Ինչո՞ւ
հարցուց.
–
Քանի՞
տարեկան
է:
Անիկա
ամբողջ
օրը
տառապեր
էր
այդ
աղջիկով,
երբ
պանդոկին
մէջ,
կցկտուր
գիծերով,
մօտեցած
էր
անոր
հեքիաթին:
Պատմողը,
շատախօս
գրագէտ
մը,
ըսեր
էր
աւելորդ
մանրամասնութիւններ,
բաւական
թափանցիկ,
բայց
ոչ՝
վտանգաւոր:
Հիմնականը՝
չըլլալն
էր
անոր
Պարգեւեանին
արիւնէն:
Ա՛ն՝
որ,
քսանամենի,
ինքզինքը
կու
տայ
երիտասարդին
ու
կը
գտնէ
աղբ,
անիկա
գիտէ
գիրքերէն,
օրէնքներէն
շատ
աւելի:
Ու
կը
չափէ
անյայտ
կարկինով:
Սուտին
ծփանքը,
ծփծփանքը
առնուազն
հողի
մը
վրայ
տեղի
կ’ունենան:
Անիկա,
քառասունէն
անցած,
տառապեր
էր
այդ
յետ-կէսօրը,
Սոնայի
հաշուոյն:
–
Քանի՞
տարեկան
է
ձեր
աղջիկը:
–
Քսանը
կ’անցնի:
Դեռ
Փարիզէն,
նկարչուհին
կը
ճանչնար
Տիկին
Գոհարեանը,
տարտամօրէն՝
Սոնան:
–
Հա՞յրը:
–
Մեռա՛ծ:
–
Իրա՞ւ
կ’ըսէք:
–
Առաջին
ամուսնութեանս
պտուղն
է
անիկա:
Հաճ
ու
հանգչած
բան
մը
ողողեց
Անգա
Միրովնային
դէմքը:
Մեզի
կը
տրուի
թեթեւնալ,
երբ
մեր
բեռը
բաժնենք
ուրիշին:
Մեր
եւ
ուրախութիւնը
կը
մնայ
մեզի:
Կան
ցաւեր,
որոնք
կը
շահին,
երբ
է
չտարտղնենք:
Այսպէս
է
մօր
մը
մեղքը՝
իր
աղջկանը
քամակին:
Զայն
ո՛րքան
տարածենք
զաւկըներուն,
ա՛յնքան
կ’անձնացնենք:
Հօր
մը
պակասը,
նման
պարագաներու,
երջանկութիւնն
է
զաւկին:
Կը
խորհէ՞ր
իր
մանչուն,
երբ
այս
մտածումներուն
մէջէն
կ’անցնէր
իր
սիրտը,
ողողուածի
պէս:
Դառն
ուրիշ
հարցում
մը
վարանեցաւ
անոր
շրթներուն,
բայց
չելաւ:
Արմանն
ու
Սոնան
անցան
անոնց
բացէն,
դէպի
թաւուտը:
Անոնք
չէի՞ն
տեսած
երկու
մայրերը,
թէ
պէտք
չունէին
ուրիշ
բան
տեսնելու:
Ներսէն,
մարդերը՝
իրենց
մեծ
հետաքրքրութեանց
մէջ
խորասոյզ:
Սկսող
խոնաւութիւնը
թեթեւ
մը
հազի
էր
հանած
Սահակ
Պարգեւեանը:
–
Ինչո՞վ
կրնամ
օգտակար
ըլլալ
ձեզի,
տիկի՛ն:
–
Շնորհակալ
եմ:
Ըսին,
թէ
դուք
բաժին
ունիք
ռուսական
պալէին
մէջ:
–
Այո՛:
–
Չէի՞ք
կրնար
համոզել
Սոնան,
որ
վերցնէր
մաս:
–
Բայց
եղած
է
ատիկա:
–
Մինչեւ
այս
առտու՝
այո՛:
Կէսօրէն
ետքը՝
ոչ:
–
Զարմանալի
է:
Ինչո՞ւ:
–
Չեմ
գիտեր:
Անիկա
կը
թուէր
տանջուիլ
չըսուելիք
բաներէ:
Բայց
պատին
մէջ
տեսակ
մը
հաղորդականութիւն
կ’աշխատէր
ի
հաշիւ
խոստովանանքի,
զեղումի:
Հանդիսաւոր
օրերուն
մենք
աւելի
թեթեւ
կու
տանք
ու
կ’առնենք:
Մտերմութեան,
սփոփանքի
այս
կարօտը
յաղթեց
անոր
վարանումին.
–
Ձեր
տղան
պիտի
նուագէ՞:
–
Այո՛:
Յատուկ
հրաւէրէն
դուրս,
կայ
բնական
իր
խանդավառութիւնը
Արեւելքով:
–
Հասկնալի
հետաքրքրութի՛ւն:
–
Տարօրինակ
է
այս
կրակը
իր
մէջ:
Ունէր
շատ
պզտիկ:
–
Այո՞:
–
Տասը
տարեկան
էր,
երբ
գիշեր
մը
անցուց
գնչուներու
վրանին
տակ:
–
Որպէսզի՞:
–
Մտիկ
ընէ
անոնց
նուագը:
–
Սո՜ւրբ
Ստեփաննոս…
–
Սո՜ւրբ
Մարիամ…
–
ստիպուեր
էր
անիկա
սրբագրել
այդ
բացագանչութիւնը:
–
Մտիկ
կ’ընէր
ու
կու
լար:
Հազիւ
կրցայ
տուն
բերել:
Տարիքին
հետ
փոխանակ
մեղմանալու՝
զօրացաւ
այդ
հակումը:
Մարաքաղաքներու
թանգարաններուն
մէջ
անիկա
սիրեց
Արեւելքը
միայն:
–
Հասկնալի
է
այդ
հետաքրքրութիւնը:
–
Ես
չեմ
հակառակած:
Իր
հօրը
տղան
է:
Երրորդ
անգամ
է
զիս
կը
ստիպէ
Պոլիս
այցելել:
Տիկին
Գոհարեան
մօտ
էր
նեղուելու:
Ուրիշները
մտիկ
ընելու
համար
մենք
պարտաւոր
ենք
ոչինչ
ունենալ
մեր
հոգու
խորքին:
Նկարչուհին
մա՜յր
էր:
Ու
իր
տղուն
վրայ
խօսելու
առիթին
առջեւ,
նմա՛ն՝
բոլոր
մայրերուն:
–
Յետոյ,
տարիքը
առնելուն,
անիկա
ընտրեց
երաժշտութիւնը,
ո՛չ
իբր
մասնագիտութիւն,
այլ՝
իբր
անդիմադրելի
մղում:
Անսահման
էր
իր
նուիրումը,
աշխատանքը,
մոլեռանդ՝
իր
հաւատքը
իր
տաղանդին
վրայ:
Ուխտած
է
ստեղծել
մեծ,
տիեզերական
գործ
մը:
Անոր
համար
անիկա
կը
պտըտի
աշխարհէ
աշխարհ:
–
Դիւթահանդէսը
շահեկան
պիտի
ըլլա՞յ:
–
Ապահով
եմ:
–
Ատոր
համար
կ’ուզէի,
որ…
–
Անհոգ
եղէք,
տիկի՛ն,
ես
վստահ
եմ
զինքը
համոզելու:
Իր
կաղապարը,
ըսել
կ’ուզեմ՝
մարմնեղէն
շինուածքը,
ինքնին
յաղթանակ
մըն
է:
Նկարչի
աչքով
կը
խօսիմ:
Քիչ
բան
այնքան
դիւր
կու
գայ
մօր
մը,
որքան
աղջկանը
գեղեցկութեան
մասին
գովեստը:
–
Խորապէս
երախտապարտ
պիտի
ընէք
թշուառ
մայր
մը:
Անհրաժեշտ
է,
որ
երեւայ
այդ
խաղին
մէջ:
–
Այդքա՞ն:
Ես
կը
խորհէի
ուրիշ
կերպ,
ծանօթ
ըլլալով
քիչ
մը
արեւելեան
բարքերուն,
որոնք
դժուար
կը
հաշտուին
բեմական
արձակութեանց:
–
Իր
ապագան
կախուած
է
այդ
խաղէն:
Խոնաւցաւ
անոր
ձայնը:
Թաւուտը
շարժեր
էր:
Դուրս
ելան
անկէ
Սոնան
ու
Արմանը:
Խորհրդաւոր
ու
տպաւորիչ
այդ
ընտանութի՛ւնը,
պատկերին
վրայ:
Յաւիտեաններէ
իրարու
գրուած
զոյգեր
ըլլային:
Երկու
կիները
խանդաղատանքով
նայեցան
իրարու:
Զոյգը
մօտեցաւ:
Թեթեւ
շուարում
ու
ջերմութիւն,
աղջկան
շարժումներուն
մէջ:
Ժպիտը,
ո՛չ
բացը,
այլ՝
խորունկը,
որ
մեր
էութեան
համայնական
հաճութիւնը
կը
տեսարանէ,
կ’ընէր
անոր
կեցւածքը
տարօրէն
քաղցր
ու
գրաւիչ:
Անոր
քով,
երիտասարդը,
պաղ
ըսուելու
չափ
օտար:
Բայց
անթերի
անոր
կաղապարը
ինքնին
փաստ
մըն
էր
ու
վստահութիւն
մը:
–
Մամա,
ներս
կ’երթանք:
–
Ինչո՞ւ:
–
Դաշնակին:
Տիկին
Գոհարեան
մէկէն
յիշեց
ցերեկը,
դաշնամուրին
շռայլւած
զարդարանքը,
սնտուկէն
ճարուած
հնօրեայ
սնդուսը՝
աթոռակին
երեսին:
Մայր
ու
տղայ
փոխանակեցին
քանի
մը
բառ:
–
Լաւ,
լաւ,
–
աւելցուց
նկարչուհին,
թեթեւ
ժպիտով:
Յետոյ,
իբր
թէ
բնական
բան
մը
ըլլար.
–
Արմանը
ինձմէ
լաւ
կը
համոզէ
զայն:
Երիտասարդը,
առանց
հասկնալ
հետաքրքրուելու
–
իր
հօրը
ահաւոր
եսապաշտութիւնը
այդ
անտարբերութեան
մէջ,
որով
մեծատաղանդ
արձակագիրը
ապրեր
էր
ուրիշներէ
անհոգ,
միայն
իրեն
ուշադիր
–
օտար՝
մօրմէն,
ինչպէս
եղեր
էր
հօրմէն
քիչ
առաջ,
հետեւեցաւ
աղջկան:
Երկու
կիները
չշարժեցան:
Մինչեւ
«վիլլան»
(այսպէս
կ’անուանէր
գրագէտը
երեք
սենեակնոց
այդ
բնակարանը,
առանց
նեղուելու,
ինչպէս
առանց
հեգնութեան)
քսան
քայլ
ճամբան
առնուեցաւ
առանց
բառի:
Տունին
շուքին
մէջ
անոնք
յապաղեցան:
Բաց
էր
պատշգամին
դուռը:
Արիշը՝
մութ:
Սոնան
բացաւ
լոյսերը:
Դողացին,
թեթեւակի,
սիւներուն
պլլըւած
մատուտակները:
Մուտքին՝
փայտեայ
guéridonի
մը
վրայ
շեղ
ու
հաստ
բոյս
մը,
մանր
ու
ծանր
տերեւներով,
որոնք
գրագէտը,
ամէն
անցնելու,
դառնալու,
մէկ-մէկ
կը
փետէր,
ակռաները
կտրտելով:
Իր
ատելութի՜ւնը,
մինչեւ
իսկ
ծաղիկներուն
դէմ:
Մտան:
Երիտասարդը
կը
պահէր
անխախտ
քիչ
առաջուան
իր
այլուրութիւնը:
Թեթեւ
հոտեր,
չի
գիտցուիր
սրուակէ՞,
թէ
ծաղիկներէ
կը
պտըտէին,
դպելով
ու
տպաւորելով,
սուր
ու
քիչ
մը
հաստ
ազդմունքով:
Անիկա
չտեսաւ
աղքատութիւնը
սենեակին,
դիտողութեան
իր
զգայարանքը
զարգացուցած
չըլլալուն:
Երաժիշտները
կոյր
ուզող
մտայնութիւնը
անիրաւ
չէ
միշտ:
Փոխադրեցէք
վարկածը
զգացական
մարզին
վրայ,
բացատրած
կ’ըլլաք
շատ
բան:
Տիրական
ընտանութեամբ
մը
անիկա
մօտեցաւ
դաշնամուրին:
Սեւ
մարմինին
վրայ
գործիքին
լոյսի
երիզներ
կը
ծփային
ու
կը
մարէին,
հովէն
սրսրուն
լամբէն
կտրուած:
Սենեա՛կը՝
ակօսուած
քիչ
ու
բարակ
հոտերէ,
որոնք
ծաղիկներուն
պատկանելուն
չափ,
կու
գային
հաւանաբար
Արեւմուտքին
ամէնէն
թանկ
աղբիւրներէն:
Ու
այն
միւս
հո՛տը,
աղջկան
հոտը,
որ
մահճակալէն
կը
պտըտի
ըսելդ
կու
գայ
ու
գոյն,
նկարագիր
կու
տայ
անոր
սենեակին:
Տպաւորի՛չ,
անոր
համարձակութիւնը՝
նայելու
Սոնային
աչքերուն,
չփակին,
կորացումներուն:
Հաւասարակշի՛ռ
ու
ինքնամփոփ,
հետզհետէ
շեշտուող
ուժգնութեամբ,
որմէ
ազդուեցաւ
այդ
մենութիւններուն
խռովքովը
ալեկոծ
աղջիկը:
Բժիշկի
մը
հոգածութեամբը
երիտասարդին
մատները,
ոստումներով,
քանի
մը
հարուած
տուին
նուագարանին,
կողէն
ու
կափարիչէն:
Ի՞նչ
կը
չափէր,
ականջը
հեռացուցած
դէպի
արձագանգը:
Գտա՞ւ
շինութեան
թուականը:
Գտաւ
սակայն
վաճառանիշը
գործարանին:
Հրեայ
շրջուն
վաճառորդի
մը
վարժութիւնները
յիշեցնող
այդ
շարժումները,
իրենց
անիմաստութեամբը,
նեղեցին
Սոնան:
Երբ
բացաւ
կափարիչը,
անոր
դէմքը
յանկարծակի
գտած
էր
անսովոր
արձակութիւն
մը:
Օտար
ըսուելու
չափ
նոր
մէ՛կը,
այդ
զուսպ,
ցուրտ
երիտասարդը,
որ
տարօրէն
խոր
ու
հեռու
եղաւ
ձեռքին
պարզ
երկարումովը
ծաղիկներուն:
Առած
էր
մէկդի
դաշնակին
մարմինը
բեռնաւորող
ամէն
աւելորդութիւն,
նոյնիսկ
աշտանակներուն
մոմերը,
որոնք
անայժմէ
իրենց
դեղնութիւնը
կը
պահէին,
Տիկին
Գոհարեանին
կասկածոտ
հաշիւներէն:
Բան
փոխուելու
չէր
այդ
գործիքին
վրայ
մինչեւ
հարսնութիւնը
իր
աղջիկին:
Նետեց
դէմի
մահճակալին
նոթայի
տետրակները,
բնական,
չարհամարհող
բրտութեամբ:
Տեղաւորեց
ելեկտրական
լամբիկը,
ջղային,
խիստ
գիծէ
շարժումներով:
Պրկուա՛ծ,
արտայայտութի՛ւնը
դէմքին:
Գրեթէ
գոց
աչքերը:
Տժգոյն,
զգալի
ըլլալու
աստիճան:
Նեղուա՛ծ,
վասնզի
շատ
գտած
էր
լոյսը,
զոր
կ’ատէր,
անբացատրելի
քմայքով
մը:
Աչքերու
տկարութի՞ւն
մը,
սկզբնապատճառ
այս
վանողութեան:
Աթոռակին
վրայ,
չկրնալով
ճշդել
առնելիք
դիրքը,
Սոնա՜ն,
սարսափով
հետեւելով
այս
ամէնուն:
Անիկա
կը
կարծէր
հաստատել
կորութիւնն
ու
ինքնութիւնը
գրագէտին
շարժուձեւերուն,
խստութեան
մէջ
իսկ
ողորկ,
եղկ,
փայփայիչ
մնալու
տիրական
կնիքը,
որով
վարած
էր
անիկա
զգայարանքները
կիներուն
ու
սիրտը
ամբոխներուն:
Նոյն
ինքնավստահ
բռնուածքը
գլխու,
ամօթէն
ու
հպարտութենէն
վեր,
բայց
տարօրէն
խոնարհ,
տաղանդէն
նեցուկուած:
Երբ,
մեր
միտքը
պարապ,
կը
նայինք
ուրիշին
շարժումներուն,
կը
ճշդենք
հանգիտութիւններ,
որոնց
չէինք
խորհած:
Մայր
մը
մեռնող
իր
զաւկին
գիծերը
կը
տեսնէ
երկրորդ
մեծցողին
շարժումներուն
մէջ:
Սահակ
Պարգեւեա՞նը,
կռնակէն
դիտուած:
Մինչեւ
անգամ
քիչ
մը
աղտոտ
մենագարութիւնը
գրագէտին,
որմէ
չէր
սրբագրուած
անիկա
մինչեւ
ծերութիւն:
Արմանը
թերթ
բռնելու
ատեն
հօրը
նման
բթամատը
կը
տանէր
շրթներուն:
Յանկարծ
սենեակը
«որոտաց»:
Այս
էր,
ուղի՛ղ,
տպաւորութիւնը
Սոնա
Գոհարեանին,
ինչպէս
դուրսի
բազմութեան
ալ,
անակնկալ
այն
հարուածին
առջեւ,
զոր
տւած
էր
ստեղի
մը
երիտասարդին
մատը:
Սոնան
չէր
յիշեր
նման
ուժգնութիւն
մը
իր
դաշնակէն:
Ան
չէր
գիտեր,
թէ
տաղանդը
ինչ
անտիպ
յուզումներ
կարող
է
արթնցնել
չէզոք
նկատուած
սիրտերէ
ու
գործիքներէ:
Հարուած
մըն
ալ,
հարուածներ…
Բարբարոս
այս
խաժամուժը
ձայներու
ո՞ր
հրաշքով
վերածւեցաւ
անկարելի
դաշնակութեան
մը,
որ
կ’անջատուէր
խազերէն
ու
կ’ընէր
թշուառ
այդ
սենեակը
տեսակ
մը
ամպամած
երկինք,
ցածցող՝
անոնց
գլխուն,
հետզհետէ
աւելնալով
իր
ծանրութեան
մէջ,
ճնշելով
ուղեղին,
մինչեւ
որ
փայլակին
բաշերէն
պոռթկար
տրա՜մը:
Երիտասարդը,
առանց
դնելու
ուշ
ընդոստ
հեռացող
աղջկան,
թերեւս
չտեսնելով
իսկ,
շարունակեց:
Խելօք
ու
չէզոք
սնտուկէն
կը
թռէին
դուրս
դիւահար
բաներ,
հզօր
ու
խառնակ,
բայց
անհասելի
ճարտարապետութեամբ
մը
տիրակալուած,
ըլլալու
համար
տեսակ
մը
ուրւային
յօրինում:
Սոնային
մէջ
գծուեցաւ
պատկերը
լերան
մը
բխումին,
կազմուած՝
իրար
բզկտող
ժայռի
թեւերով,
ահաւոր
խառնակութեան
մը
մէջ
իրարու
հիւսուած,
ամէն
րոպէ
քայքայուելու,
վար
թափելու
սարսափ
մը
ծորելով
իրենց
խախուտ
աղիքներէն,
բայց
մնալով
ամուր,
ամբարիշտ,
սուտ
ու
կատաղի,
վերելակման
խուլ
ժխորով
մը
շրջանակուած:
Մտապատկերին
ու
ձայներուն
սա
գուպարին
միջեւ
հանգիտութիւնը
զայն
ըրաւ
նկուն:
Ո՞վ
կը
շինէ
լեռները:
Ու,
ո՞վ՝
ձայները
այսպէս
կը
հանէ
թեւաւոր
ճարտարապետութեան:
Սոնան
հազիւ
գտաւ
համարձակութիւնը
դիտելու
երիտասարդը,
որ
լիահակ,
բայց
ոտքի,
նման
վաշխառուի
մը,
որ
քիթովը
կը
համրէ
ոսկիները,
կը
կոխէր
ոսկորներուն:
Ու
կը
կոխէր
աչքով՝
ինչպէս
ոտքով,
մարմինին
բոլոր
գլանովը:
Զարհուրելի,
անբացատրելի
զայրոյթ
մը,
մարգարէական
բան
մը
«բռնած»
էր
ու
կը
պահէր
իր
անգոհին
մէջ,
ինչպէս
գլխիկ
մը
ճիրաններուն
մէջ,
անոր
դէմքը,
գրեթէ
«շղթայելով»
վազքը,
հոսումը
անոր
թեւելուն,
թունդ
ելած
անձնաւորութեան:
Պայծառ
անոր
գանկն
իսկ
թուեցաւ
կնճռոտիլ,
ճակտէն
դէպի
վեր,
ճմուռ-ճմուռ
գալով
կիրքին
կրակէն:
Ու
տարօրինակ
զգայութի՜ւնը,
որով
ձայնի
այդ
կտորները
կը
նեղէին
աղջկան
ջիղերը,
մերկ
միսի
դպող
երկարումով
մը
իջնելով
ներս
անոր
մորթէն:
Երբեմն
մեր
վերնամաշկով
կը
լսենք:
Ու
կը
մտածէր
ափ
ի
բերան
աղջիկը
արուեստագէտի
սա
զայրոյթին:
Ի՞նչ
կ’ուզէր
Պարգեւեանին
տղան
սա
ոսկորներէն
ու
ի՞նչ
կ’ուզէր
մա՛նաւանդ
ինք
իրմէն,
այս
աստիճան
տարտղնելու
համար
տարրերուն
հանգոյցը
իր՝
ինչպէս
գործիքին
մէջը:
Մատներուն
ծայրը
կոխելէն՝
աղջիկը
մօտեցաւ:
Գո՛ց,
բոլոր
տետրակները:
Ուրե՞մն:
Անիկա
չունէր
լսած
նման
կտորի
մը
ոչ
իսկ
անունը:
Հեղինա՞կ:
–
Ինչպէ՜ս
հայրը:
Հետեւակութենէն,
ընդօրինակութենէն
դէպի
ազատութիւն,
ինքնութիւն
ոմանք
կը
թռին
դանդաղ
վերելքով:
Ուրիշներ,
յանկարծ
ոստումով:
Տարիներ
ու
տարիներ
աղջկան
մը
մատներուն
տակ
դաշնակը
կը
նմանի
էջերուն,
որոնք
պատանին
կը
կապեն
կարգապահ
ոճին:
Ոմանք
պիտի
փակուին
ընդմիշտ
«անդիին»
համար:
Սոնա՞ն:
Անիկա
իր
զգայարանքները
դեռ
չէր
կազմաւորած
ու
թոյլ
էին
անոր
թեւերը
բոժոժէն
նոր
ելած
թիթեռին
նման:
Բայց
պղտորումը,
կասկածը
եղաւ:
Սա
բռնութիւնը,
վայրագութիւնը,
«ծեծելու»
կիրքը
անոր
մէջ
արթնցուցին,
անշուշտ
հեռուէ
հեռու,
ամբարձումները,
«սրբազան
ու
քնարերգական»
զայրոյթները
Սահակ
Պարգեւեանին,
հանդիսութեանց
պահերուն,
երբ
ատենախօսը,
բառերու
հուրքէն
բռնավար,
ինքզինքը
կը
հանէր
ձեւէ
ու
կաղապարէ,
կը
թրթռար
ամպիոնին
վրայ,
երբեմն
դողացնելով
ամբողջ
սրահը,
կը
նետէր
թեւերը
առաջ,
որոնց
ծայրին
բռնուածքները
գալարագին
կը
կլորնային
ու
կ’արձակէին
յուզումին
ռումբերը
ամբոխին
հոգեխրամներուն,
անզգած
այդ
քաղքենիներուն
ջիղերէն
արցունք
ու
կրակ
«քաղելով»,
բռնի,
անդիմամարտ,
բայց
մնալով
հոյակապ
անդրի
մը,
գեղեցիկ
ու
հրապուրիչ,
երբ
անցնէր
«փոթորիկը»…:
Երիտասարդին
մատներուն
տակ
նուագարանը
կը
գալարուէր,
կը
տրորուէր,
կը
հեծկլտար
ամբողջ
մարմնովը,
ժայթքելու
համար
խաղերու
սա
վէժը,
որ
ծուարած
է
ու
հանգոյց,
մարդոց
հոգեկան
ճարտարապետութեան
մէջ
ու
կ’ըլլայ
արիւն,
հրդեհ,
սիրոյ
գարուն
կամ
մահուան
բացավայր,
երբ
քակւած
իր
գիծերէն,
նետուի
մեր
ջիղերէն
ու
հասնի
մեր
ջիղերուն:
Որքան
էր
տեւած
այս
տարօրինակ
«ծեծը»,
յուզումի
ու
կրակի
սա
դիւահար
«անձրեւը»:
Երիտասարդը,
քրտնաթոր
երբ
դարձաւ
ետին,
մէկ
ձեռքով
թաշկինակ
մը
դրած
ճակտին
–
Սահակ
Պարգեւեանին
թաշկինա՜կը
–
տեսաւ
Սոնան,
որ
կու
լար,
ծամելով
արցունքը
թէ
ուրիշ
բան
մը,
շրթներուն
մօտիկը:
Քար
էր
կտրեր:
Անայլայլ,
կարծես
հաստատելով
սպասում
էին
ստուգուիլը,
անիկա
շրջեց
գլուխը
առջին:
Լռութի՜ւն,
որ
կը
թուէր
դեռ
հերկուած
փոթորիկին
բռնութենէն:
Հանդարտ,
հեռու,
իբր
թէ
չըլլար
քիչ
առաջուան
դիւահարը,
փակեց
անիկա
կափարիչը:
Այդ
պատանքով
դաշնակը
վերադարձաւ
չէզոք,
անիմաստ
առարկայի
իր
զանգուածին:
Ծաղկամանէ
մը,
թռած
ծաղիկ
մը
–
մինակ
աղջիկները
չէ,
որ
հետաքրքիր,
կը
նային
ցած
պատուհանների
վար
կախելով
իրենց
կուրծքերը
–
տեղաւորեց
անիկա
իր
ճահիճին:
Անկարեւոր
այս
զբաղա՜նքը:
Առատ
լոյսին
տակ,
փոքրագոյն
անոր
շարժումները
կը
ստանային
տիրական
ընդարձակութիւն,
գէթ
այսպէս
կը
զգար
Սոնան:
Դարձաւ
կրունկին
վրայ:
Ուրկէ՞
կու
գար
այսպէս
հանդիսաւոր:
Ի՞նչ
կը
փնտռէր:
Առաջացաւ
անիկա
դէպի
աղջիկը:
Առաւ
անոր
բազուկը
ափին
ու
քաշեց,
մեղմ,
դէպի
դաշնակը:
Արեւելք
յիշեցնող
այս
պարզութի՞ւնը:
Մանկան
մը
պէս,
հլու
եւ
կամացուկ,
բայց
նոյն
ատեն
խորապէս
հաճ,
աղջիկը
հետեւեցաւ:
Անոր
վախը
չքացած
էր
մարմինին
կարգ
մը
մասերէն,
մինչ
ուրիշներ
թեթեւ
թեքումով
մը
կը
թուէին
յոգնած,
մա՛նաւանդ՝
աչքերը,
որոնք
կը
զգուշանային
լայն
բացուելէ:
Աւելի՛ն.
անիկա,
խորապէս
դիւրագրգիռ՝
մարմինին
հասած
ամէն
շփումէ
չէր
նեղուեր
հիմա,
անոր
մատներէն,
որոնք
դպան
մազերուն,
ուսին
ու
նստեցուցին
զինքը
աթոռակին:
Այս
ամէ՛նը:
Ըսես
այն
կարգով,
որուն
նախագիծը
շիներ
էր
ան
ցերեկը,
երբ
դաշնակը
կը
չարչարէր:
Աւելի՜ն.
զգաց,
որ
կը
փնտռէր
անոր
հասակը,
ջերմագին
այն
սիւնը,
որ
երիտասարդն
է
աղջկան
մը
մօտ:
Ուրուացաւ
անոր
մորթին
վրայ
թրթռագին
ձգողութիւնը
Սահակ
Պարգեւեանին,
հեշտանքին
եւ
պարզ
հաճոյքին
միջեւ
տարուբեր
այն
խռովքը,
որ
անոր
զգացական
կեանքին
ամէնէն
մութ
մասը
կը
կազմէր,
փոխն
ի
փոխ
տարբեր,
անձէ
ու
տեղէ,
կիսամօթ
ու
պարզ,
համաձայն
այն
յուզումներուն,
որոնք
կը
շինէին
նախամասը
այդ
վիճակներուն:
Ինչ
որ
պահած
էր
զինքը
զառիթափին,
չունէր
գոյութիւն
հիմա,
անոր
տղուն
հետ:
Այս
զգացականութի՞ւնն
էր,
որ
աչքերուն
մէջ
վերածուեցաւ
ամօթախառն
արցունքի:
Կան
այս
խառնուածքները,
որոնք
բառէն
ու
շարժումէն
աւելի
ջուրին
կը
վստահին
փոթորիկը
իրենց
ներսերուն:
–
Ինչո՞ւ
կու
լաք:
Հարցումին
հետ,
գուցէ
առաջ,
անիկա
չափե՞ր
էր
կուղպ
տրտմութիւնը
անոր
նայուածքին:
Կը
միջամտէր
անոր
հոգին,
տարօրինակ
թեթեւութեամբ
մը,
որ
նեղեց
աղջիկը:
Կիները
դժուար
կը
հաշտւին
այս
կարգէ
մերձեցումներում:
Այն
տարիքին,
ուր
սեռը
ամբողջ
հոգին
է,
անոնք
գերաճումի
կը
տանին
իրենց
մօտեցող
ամէն
թրթռում
ու
կ’աճին
իրենք:
Կու
լա՜ր,
վասնզի
կը
վախնար
իր
լիութենէն:
Հարցումէն
վերջ
փորձեց
ժպտիլ:
Չկրցաւ
ու
ատիկա
ցաւ
էր
անոր:
Գիշերը
գրեթէ
ամբողջացաւ:
Նոր
շոգեկառք
մը
սուլեց,
դղրդաց
ու
մօտեցաւ:
Պատուհան
փութացող
երիտասարդը
–
անիկա
Արեւելքը
կը
փնտռէր
ժամերուն
սանդուխովը
–
պատասխանեց
մօրը
քանի
մը
հարցումներուն:
Երկու
մայրերը,
դաշնակէն
քաշուած,
մօտեցեր
էին
տունին
եւ
մտիկ
ըրած
թեւաւո՜ր
լեռը
տղուն
մատներուն:
Մօրը
հետ
իր
խօսակցութիւնը,
հակառակ
լեզուին,
անծանօթ
բոլորովին,
օտար
չհնչեց
Սոնային:
Ծանօ՞թ:
Գրեթէ՜:
Ոչ
անշուշտ
դիմագիծէն
(ամէնէն
դժուար
փոխուող
մասը
մեր
հոգիին՝
դէմքն
է
մեր
ձայնին)
այլ
յորովայնէ,
բացատրութիւն՝
որ
կու
գար
գրագէտէն:
Երկու-երեք
վայրկեան
տեւող
այս
ընդհատումին
Սոնան
չէր
համարձակած
չարժիլ
աթոռակէն:
Անիկա
օգտագործեց
սա
պարապուրդը
տեղաւորելու
իր
զգայութեանց
ընդվզումը՝
իր
մէջ:
Վասնզի
վախին
չափ
ուրիշ
տարր
մը
կը
խառնուէր
այս
մտալլկանքին:
Արւե՞ստն
է
պատասխանատուն,
որ
մեր
տկարացումը
մեր
պատկերներէն
զառածի
սեռը
մինչեւ,
թէ
սեռը
արդէն
ուրիշ
բան
չէ
կարգ
մը
խառնուածքներէ
ներս:
Անիկա
ամչնալու
չափ
մերկ
կը
զգար
ինքզինք
խազերուն
այդ
վայրագ
լեզուին
տակ,
բայց
խորապէս
հաճ:
Ա՞ն
էր
պատճառը,
որ
չորցնէր
աչքերը:
Տեւողական
յղացքը
երբեմն
կ’աղաւաղուի
մեր
մէջ,
խոր
յուզումներու
մագնիսէն
տարուբեր:
Կը
կարծենք
ապրած
ըլլալ,
երբ
վախէն
փակած
ենք
զգայարանքներուն
դուռները:
Պատուհանէն
երիտասարդը
դարձաւ
ետ:
Կը
քալէր
հաստատ,
տէր,
տունի
տղայ
մը
իբրեւ:
Վերցուց
դաշնակին
կափարիչը,
առանց
նայելու
աղջկան:
Վայրկեան
մը՝
անշարժ,
անմտած:
Յետոյ
առաւ
կեցուածքը
բան
մը
հարցնողի:
Բայց
հարցումը
չըրաւ:
Քովի
քոմոտէն
քաշեր
էր
նոթայի
տետրակ
մը,
բացեր
մէկ
ձեռքով
ու
երկարած՝
արհամարհոտ
ու
չկամ:
–
Նուագէ՛:
Սոնան
մնաց
անայլայլ:
Ուրիշի՞ն,
այս
հրամանը:
Երիտասարդը
ստիպուեցաւ
երկրորդել:
–
Չեմ
կրնար:
–
Ինչո՞ւ:
–
Այդպէս:
Արագ
այս
երկասացութեան
մէջ
ո՛չ
վախ,
ոչ
ալ
կեղծ
համեստութիւն:
Պչրա՞նք:
Ատիկա
կ’ընենք
աւելի
առաջ,
երբ
մեր
ճամբաները
նոր
կ’ուրուագրուին:
Սոնան,
միւս
կողմէն՝
չէր
ծնած
այդ
կենդանակերպին
տակ:
Կան
այդ
աղջիկները,
որոնք
պիտի
չժպտին
նոյնիսկ
իրենց
նշանածներուն:
Անոր
դէմքին
եղաւ
յարգալիր
այն
լրջութիւնը,
որ
դէմէն
կու
գայ
ու
կը
նմանի
տաղանդէ
անդրադարձումի
մը
դէպի
ուրիշը:
Կը
հաւատա՞ր
իր
խեղճութեան,
թէ
միամիտ
խուսափում
մըն
էր
իր
կատարածը:
Պէտք
չէ
մոռնալ,
թէ
երեխաները
խոր
վստահութիւն
ունին
իրենց
արժանիքներուն
եւ
արուեստը
իր
ընտրեալները
երկար
ատեն
կը
պահէ
երեխայ:
–
Ո՞վ
է
ձեր
դասատուն:
Չպատասխանեց
կրկին.
հարցումին
ընթացիկ
անտեղութենէն
աւելի՝
ամչնալուն
անունը
տալէ
այդ
ուսուցիչին
–
այսինքն՝
անձնական
վիշտին:
«Շատ
լռելը
սեռային
վախ
է»
տարազը
ելած
է
Պարգեւեանին
վարժ
գրիչէն:
Գիտէ՞ր
ատիկա
տղան
ալ,
որ
հօրը
նման,
քսանէն
առաջ,
կ’ատէր
կիները,
զանոնք
աւելի
իրաւ,
աւելի
խոր
վայելելու
համար,
մինչ
համակրութիւնը
խնայող
է
միշտ:
–
Չունի՞ք
արեւելեան
եղանակներ:
Սոնան
կարմրեցաւ:
Կը
կարծէր
կրկին
ենթարկուիլ
անիրաւ
այն
արհամարհանքին,
զոր
Արեւմուտք
ըրած
արուեստագէտներ
–
Արեւելքէն
–
ախորժ
ունէին
արտայայտելու
«գեղջուկ»
այդ
երաժշտութեան
հանդէպ:
Ի՜նչ
լիրբ
էին
անոնք
այդ
հեշտանքին
մէջ:
Անոր
թաքուն
ցաւերէն
մէկն
էր
ատիկա,
զոր
խնամքով
կը
սքողէր
«տգէտ
մը»,
«գեղացի
մը»
չդասուելու
զգուշութեամբ:
Անիկա
կը
կասկածէր
իր
ախորժանքին
տարողութեանը
վրայ
ու
կը
լռէր
իր
յուզումը՝
մօրն
իսկ
երգերէն:
«Տիրացուներ»,
իրենք,
որոնք
ծնծղայի
տեղ
դաշնակ
ունէին:
«Շապիկ
հագնիլ»,
կը
ծաղրէին
զինքը,
Եւրոպա
ըրած
ցեղակից
«ջութակահարները»
–
լայնօրէն
արթիսթ
ու
տաղանդաւոր
–
որոնք
միջնակարգ
պանդոկի
մը
մէջ
նուագելու
բախտը
արժեւորել
կը
կարծէին՝
ուրանալով
իրենց
ցեղային
անունը`
ամէնէն
առաջ:
Ու
այն
միւսնե՜րը,
երգահան
կամ
դաշնաւորող,
որոնք
քանի
մը
բան
սորված
harmonieէն
(իրենց
բերանին
լա՜յնքը
բառը
արտասանած
ատեննին)
առանց
դիմածռումի
չէին
կրնար
ունկնդրել
ժողովրդական
մեր
երգերը,
հակառակ
անոր,
որ
իրենց
աչքին
առջեւ,
վհուկ
վարդապետ
մը
այդ
պարզուկ
տարրերով
խռովքի
էր
տարեր
Արեւելքի
մեծ
ոստանները:
–
Բայց
ինչո՞ւ
չէք
խօսիր:
–
Կը
հարցնէք
բաներ,
որոնց
դժուար
է
պատասխանել:
–
Ինչո՞ւ:
–
Կը
մոռնաք,
որ
տարբեր
աշխարհներու
կը
պատկանինք:
Ու
ես
խեղճ
աղջիկ
մըն
եմ
Արեւելքէն:
–
Արեւելքը
հարստութեան
խեղճութիւնը
ունի:
Հոն
հոգիները
կը
հասնին
լիութեան
գերագոյն
աստիճանին,
որմէ
անդին
ըլլալը
հաւասար
կը
դառնայ
չըլլալուն:
Ո՞վ՝
աւելի
խեղճ,
քան
կոյր
երաժիշտ
մը,
որ
փողոցէ
փողոց
կ’երգէ:
Բայց
ո՞վ՝
աւելի
փարթամ
ինքն
իր
մէջ,
քան
նոյն
այդ
անօթին:
Արեւելքը
հոգիներու
նուիրապետութիւնը
չի
ծաղրեր,
ինչպէս
ատիկա
ամէնէն
ընդվզեցուցիչ
եղելութիւնն
է
Արեւմուտքի
կարգերուն:
Ու
թշուառութեան,
անօթութեան
խորխորատն
իսկ
անբաւական
է
հոն,
թաղելու
իր
աչքին
մէջ
թռիչը,
որ
մեր
միսերէն
դուրս
կը
նետէ
մեզ,
ու
մեզ
կը
հաշտեցնէ
ապրելուն
եղերականութեանը
հետ:
Արեւմուտքի
մէջ
մահը
կ’ատեն
իբր
զրկանք
մը,
աճապարոտ
անգթութիւն
մը:
Արեւելքի
մէջ
զայն
կ’ողբան,
ըղձաւոր
ու
հաճ:
Արեւե՜լքը:
Մենք
միայն
կը
հասկնանք
զայն,
Օրիորդ:
–
Ճի՞շդ
է,
որ
կը
սիրէք
շատ,
շատ
ատ
Արեւելքը:
–
Խորապէս
ճիշդ:
–
Բայց
անոր
անհուն,
անսփոփ
թշուառութի՞ւնը:
–
Երանի
անոնց,
որոնք
երջանկութիւն
կը
փնտռեն,
գտնել
կը
յաւակնին
նոյնիսկ
ամէնէն
փառահեղ
դղեակներուն
մէջը,
օրինակի
համար,
անգլիացի
ազնուականներուն,
երբ
խարտեաշ
ու
պաղուկ,
ապշօրէն
հպարտ՝
իր
մազերուն
բաց
դեղին
ոսկիովը
քսանամենի
դքսուհի
մը
սառած
միսերը
կը
պտըտցնէ
խոնջ
պարտէզներու
ծոցը
ու
կ’ուզէ
փառքը,
պատմութիւնը,
որոնք
ծանրահիւս
շուրջառի
մը
նման
կը
ձգուին
իր
սրտին
եւ
արտաքին
աշխարհին
ընդմէջ:
Օրիո՛րդ,
երբեմն
ջերմ
նայուածք
մը
աւելի
կ’արժէ,
քան
հարիւր
դղեակ:
Հաշիւ,
անյագութիւն,
գիշախանձութիւն
–
ահա՛
Արեւմուտքը:
–
Կը
սիրէ՞ք
Արեւելքին
արուեստը:
–
Անոր
ամէն
բանը:
Կը
խօսէր
փորձ,
կիրթ,
առանց
յուզումի:
–
Պարզ
է:
Արեւելքցի
էք
ի
վերջոյ:
Նայեցաւ
աղջկան
թեթեւ
կնճիռով:
Իր
արիւնին
վրայ
սա
ակնարկութիւնը
երիտասարդը
տհաճ
ոգիով
մը
կ’ընդունէր
մօրմէն:
Տասը
տարեկանին
անիկա
կրցած
էր
դնել
զանազանութիւնը
ընդմէջ
այդ
Արեւելքին,
զոր
գիրքերը
կը
շինեն
եւ
հիւսիսային
երկիրներու
ծիածանուած
սառնամանիքներուն:
Անիկա
աճեցուցած
էր
իր
հայրը
այդ
«շափիւղայ»
ոլորտին
մէջ,
պերճ
ու
դժբախտ,
ինչպէս
են
պալատական
իշխանները,
գե՛րի՝
զնդաններուն
մեղկութեանը
մէջ
ու
վհուկներու
ձեռքով,
օ՜ր
մը
ճակատագրուած
իրենց
ազատութեան
դառնալու,
յաճախ
ալեւոր
ծերունի:
Հեքիա՛թը:
Ու
ան
ունէր
իր
Արեւելքը,
ինչպէս
կը
շինուի
անիկա
արեւմտեան
մայրաքաղաքներուն
մէջ,
ծոցը
հնաբոյր
թանգարաններուն,
կեղծ
ու
տարագիր:
Երա՜զ
մը,
ինչպէս
է
յաճախ
երկրորդ
մանկութիւնը
մեր
ամէնուն:
Թափանցո՞ւմ:
Եղաւ
ատիկա,
աւելի
ուշ,
ծոցին
մէջը
առաջին
կնիկին,
մօրաքրոջ
աղջիկը,
իր
կրկին
տարիքովը,
որ
զինքը
խնամեր
էր
ծնունդին
օրէն,
ու
հասցուցեր
իր
վայելումին:
Զզուագին,
կործանած՝
անիկա
դատեր
էր
իր
մայրը
քուզինին
ծոցէն
ու
հասկցած
ինքզինքը,
իր
ծնունդին
տարակայ
առեղծուածին
վրայ
անդրանիկ
իր
խորաչափումով:
Նոր
կ’ելլէր
անիկա
տասնըհինգէն,
ու
թշուառ
էր
անոր
ծոցի
կինը,
ինչպէս
շատ
հարուստ
պառաւ
մը,
որ
կը
մեղքնայ
իր
իսկ
կերածին:
–
Եղա՞ծ
էք
Արեւելք:
–
Քանի՜-քանի՜
անգամներ:
–
Պոլի՞ս:
–
Անշուշտ:
Իզմի՛ր:
–
Իզմի՞ր:
Հարցումին
հետ
անոր
արիւնը
խուժեց
երեսին,
զայն
ընելով
տարօրէն
հեշտ:
Բեհեզ
մը,
դեղձային
ու
հիւթոտ:
Մեր
միսերուն
մէջ
այս
կարգի
հեղումներ
ճակատագրական
են
մեզի,
բայց
մա՛նաւանդ
դուրսին:
Անոր
նայուածքը
եղաւ
յանդուգն,
որքան
աղաչաւոր,
խուզարկու,
որքան
խպնող,
ա՛յնքան՝
որ
երիտասարդը
թեթեւ
գունատւեցաւ:
–
Արեւե՞լք՝
այդ
քաղաքը:
Խելօք,
բայց
մատնող
հարցում:
Երիտասարդները
քաղաք
չեն
սիրեր…
Իրարու
հանդէպ
օտար,
կիսածանօթ
ըլլալուն
պաղ
գիտակցութիւնը
կոտրեցաւ
մէկէն:
Հեռուներէն
կը
գծուէր
աղեղը,
որուն
վրայով
իրարու
կը
վազեն
մեր
հոգիները,
երբ
դեռ
ունին
թեւ,
մազէ
կամուրջներէ
ճամփորդելու:
Ընտանութի՞ւն:
Մեր
ձեւերը
ուշ
կ’ընեն
ատիկա,
բայց
մեր
հոգին՝
արագ:
Մնաց
որ,
միօրինակ
չէ
եղանակը
այս
հաղորդումին:
Անիկա
կ’ունենայ
տեղի,
անծանօթէ
անծանօթ,
երբեմն
քառորդէն,
երբեմն…
տասը
տարիէն:
Մեղրագոյն
այդ
բխումը
անոր
հասակին
անհրաժեշտ
էր
կարծես,
որպէսզի
քաղաքն
ու
յիշատակը,
աղջիկն
ու
աղջիկները
լրացնէին
զիրար:
Ընկրկուն
ու
փակաչք,
երիտասարդը
իջաւ
խորը
իր
մօտիկ
անցեալին:
…Ծովափնեայ
ապարանք
մըն
էր
յատակը
այդ
համապատկերին:
Անկէ՝
սենեակ
մը
արեւելեան,
որ
կը
յիշեցնէր
անոր
թանգարանները,
բայց
զերծ
էր
անոնց
բարբառէն:
Տեքոր,
ոճ,
կահաւորում՝
իրական
ու
խորունկ:
Տիւան,
դաշնակ,
փոքրադիր
ջութակներ՝
երկաղի
ու
խեղճ:
Մեծփոր
սազեր,
տարօրէն
զգայուն
ու
ռնգային:
Աղջիկներ,
վարսագեղ
ու
շինուած
այն
խմորէն,
որ
կեցեր
էր
անոր
առջին
սա
պահուն,
Հելուանի
ամայութեանը
մէջ:
…Գիշեր
մը
գինովութեան
ու
յիմարութեան:
Երգը
երբ
դաշնաւորուի
միսին
հետ,
հոգեկան
անքակտելի
շաղախ
մը
կը
կազմէ:
Անիկա
վախցեր
էր
դաշնակին
մօտենալու
ու
մերժեր
աղաչանքը
հելլէն
աղջիկներուն,
որոնց
զգայարանքները
միջնորդի
դեր
մը
կը
կատարեն
ընդմէջ
Արեւելքին
ու
Արեւմուտքին:
Անիկա
չէր
սիրած
ձայները,
որոնք
շատ
օտար
հնչեցին:
Բայց…:
Բացաւ
աչքերը:
Սոնային
արձանը
տարօրէն
կը
կրկնէր
խռովիչ
միւս
ձեւը,
որ
պլլուած
իր
վիզին,
մարմինին
ճամբովը
զինքը
տարեր
էր
Արեւելք,
այս
անգամ
պարզ,
առանց
հակազդեցութեան
տագնապի:
Անոր
մէջ
ինքզինքը
լքող
աղջիկը
տեսակ
մը
տարր
էր,
առանց
սեպհական
կեանքի,
տարածուն
ու
ողորմելի,
որ
սեռին
քուրային
մէջ
քանի
մը
վայրկեանէն
կը
հագնէր
իր
խռովիչ
ճարտարապետութիւնը
ու
կ’այրէր
ինքզինքը,
տարփակէզ,
բայց
անսպառ,
հետզհետէ
փաղաղուն,
մնալով
ինքնանուէր
ու
հլու:
Կինը
երկրի
մը
ամէնէն
արտայայտիչ
խորհրդանշանը
կը
ներկայէ,
քաղաքակրթութեանց
լոկարիթմը:
–
Ձեր
Արեւմուտքը
աղջիկ
չունի:
–
Արեւելքն
ալ
կին
չունի:
Երկուքն
ալ
վեր
էին
իրենց
բառերէն:
–
Սէ՞րը:
Արեւմուտքի
մէջ
անիկա
կը
կամարէ
ամէն
բան,
բայց
կը
կամարէ
միայն:
Մեր
մէջ
անիկա
ամէն
բան
է,
թէ՛
կամար,
թէ՛
խարիսխ:
–
Բայց
դուք
գերուհիներ
էք:
–
Մենք
գերուհի
կը
թուինք,
բայց
չենք
ատիկա:
Ժողովուրդի
մը
բարքերը,
հոգեբանութեան
անվերծանելի
տարրերը
կ’ապաստանին
անոր
երգերուն
մէջ:
Ու
Արեւմուտքը
չունի
անոնցմէ:
–
Ուրկէ՞
գիտէք:
–
Բայց
ձեր
հայրը
ձեզի
չափ
ծանօթ
է
այդ
Արեւմուտքին:
Մինչեւ
անոնց
կանչուիլը
դուրս,
թէյին,
խօսակցութիւնը
եղաւ
դեգերուն
արուեստին,
կիներուն,
Արեւելքին
ու
Արեւմուտքին
շուրջը:
Սոնան
կ’արտայայտուէր
շնորհով,
ճշդութեամբ,
մա՛նաւանդ
մտածումներու
անկախութեամբ
մը,
որ
կը
զարմացնէր
երիտասարդը
քիչ
մը
շատ
նախապաշարուած
Արեւելքէն:
Պարգեւեանին
գաղափարները
կարծես
կը
թարմանային,
կ’աղուորնային,
անցնելով,
այդ
կաղապարին
մէջէն:
Դաշնակահարը
կը
յայտնուէր
ինքնատիպ
ու
սուր,
իր
դիտողութեանցը
մէջ,
որոնք
արդիւնք
էին
անոր
իմացականութեան
ու
ջիղերուն
համախառնուրդ
գրոհին,
ձեւերուն
եւ
միջավայրերու
առատ
ու
բազմազան
գօտիներու
մէջէն:
Ճամբորդութիւնը
երկիր
մը
կ’արժէ:
Իր
ընդհանրացումներուն
մէջ
անիկա
երեւան
բերաւ
շատ
աւելի
բանաւոր
յանդգնութիւն
մը,
որքան
չունէր
ըրած
անոր
հայրը՝
իր
ժխտումներուն
թոյնովը
ինքզինք
կարծրացուցած:
Բարձրագոյն
մշակոյթի
անցած,
հատուածական
ու
ազազուն,
որ
մեր
մէջ
կարելի
կերպը
եղաւ,
հազիւ
հասնելով
մեր
ժողովուրդի
փոքր
կարիքներուն:
Անիկա
մեծ
դիւրութեամբ
կը
տարածէր
այդ
արուեստին
բարիքը
խորագոյն
սահմանները
մինչեւ
մարդկային
տառապանքին,
շատ
աւելի
մեծ,
քան
ցեղի
մը
ողբերգութիւնը:
Հարստութիւնը,
դիւր
կենցաղը,
թանգարանները,
ինչպէս
հսկայական
ճարտարապետութիւնները
չեն
կրցած
փրկել
մարդկութիւնը
իր
տառապանքին
դոյզն
իսկ
մասէն:
Քաղաքակրթութիւնը
գէշ
ու
ընդարձակ
ախորժակ
մըն
է,
գէշ
բաներու
վրայ
բացուած:
Զայն
կը
սրէ
արիւնը
յարաճուն
սաստկութեամբ:
Փա՞ստ:
Հիմա,
իրենց
ոսկիին
ու
փառքին,
դիւրակեցութեան
ու
բազմաբեղուն
վայելքներուն
հակառակ,
մարդիկ
կը
տառապին
աւելի,
քան
դար
մը
առաջ:
Ի՛նչ
որ
կը
խնայենք
ֆիզիքին,
կը
գործածենք
զայն
հոգին
ժանգահարելու:
Արման
Պարգեւ
հաւատաւոր
էր
օրին,
երբ
աւելի
նոր
ու
մեծ
երգի
մը
թեւերուն
վրայ
ցեղերը
պիտի
վազէին
փոխադարձ
հասկացողութեան…:
Մասնակի
նոթ
մը,
–
այլուրութիւնը,
անոր՝
իր
հօրը
ցեղէն,
այսինքն՝
այդ
ցեղին
անունով
ազգերու
խղճմտանքին
առջեւ
դրուած
եղեռնապատումէն:
Չէր
ուրանար
այդ
հօրը
արիւնը,
ջերմութիւնը,
տխրութիւնը,
որոնք
կը
թաւալէին
անոր
երակներէն,
բայց
կ’անգիտանար
այդ
հայրիկին
սրբազան
«ճենճերումը»
դատի
մը
ետեւէն,
զոր
անկարող
էր
ըմբռնել,
այսինքն՝
տարազել
քառորդ
դարեան
իր
անմարդկայնութեանը
մէջ,
չհաշտուելով
այն
անհեթեթութեան,
որուն
համեմատ
մարդեր,
իրեն
նման
գրեթէ,
առտու
մը
ելլէին,
կ’ելլէին
իրենց
տունէն,
կը
մտնէին
դրացիին
տունը,
կը
կապէին
բնակիչները
ու
կը
մորթէին
զանոնք
հաւերու
նման:
Այս
անքան
պարզ
ու
տարօրէն
ճիշդ
իրողութիւնը
մատչելի
չէ
Արեւմուտքի
ուղեղներուն:
Այս
անբնականութիւնն
է,
որ
մեզի
արժեց
մեր
լքումը,
ու
հետեւանք՝
կործանումը:
Մեր
ցեղին
դժբախտութենէն
Արման
Պարգեւ
գիտէր
այնքան,
որքան
ամէն
օտար,
միջակէն
վեր
զարգացումով,
որ
իր
թերթին
լուրերը
կը
վայելէ,
սուրճին
համար
անուշիկ
թմբիր
մը
հեռանկար
փնտռելով:
Կը
զատուէր
այս
մարդերէն
իր
հակառակութեամբը՝
մեր
դատին
անունով
հրապարակ
դրուած
կեղծ
ճարտարանքին,
զոր
սիրական
բանաձեւով
մը
կը
տարազէր
իբր
comédie
larmoyante
մը,
անարգելով
դիւանէ
դիւան
սուտ
ու
փուտ
աճպարարութիւնը,
մեր
արիւնով
պայմանաւոր:
Մեր
ողբերգութիւնը
շահագործող,
առնուազն
«պոռնկացնող»
այս
մտայնութեան
դէմ
իր
ընդվզումով
անիկա
չէր
գիտեր,
թէ
կը
կրկնէր
հօրը
խառնուածքին
տիրական
մէկ
գիծը,
որ
տեսակարար
կշիռը
կու
տայ
Պարգեւեանի
ստեղծագործութեան:
Կ’արժէ
վեր
առնել
մէկը
անոր
ուրիշ
գաղափարներէն,
կիներուն
շուրջը,
որուն
համեմատ
սեռէ
սեռ
տառապանքը
պիտի
անհետանայ
մարդոց
մէջ,
երկրորդ
մանկութենէն
սեռերը
ջնջելով,
այսինքն՝
զանոնք
իրարու
խառնելով:
Այս
կարգադրութեամբ
անհետէր
պիտի
սեռերուն
անակնկալը,
որ
գլխաւոր
զսպանակը
կը
մնայ
մարդոց
ամէնէն
անիրաւ
դժբախտութեան,
թշւառական
այն
տառապանքին,
որ
մեզ
կը
նուաճէ
մեր
լիութեան,
հարստութեան,
տաղանդին
կաթողիկէներուն
ալ
մէջը
ու
կը
ղրկէ
մահուան,
ամէն
օր
այնքան
բազմաթիւ
երիտասարդութիւններ:
Այն
տարիքին,
երբ
մեր
անհատականութիւնները
կազմուած
են
ընդմիշտ,
ու
կազմուած
եսապաշտ
ճարտարապետութեամբ,
մարդիկ
այլապաշտ
հակումներու
համար
սեռային
մարզը
միայն
բաց
կը
գտնեն
իրարու
միջեւ:
Բայց
չեն
կրնար
մոռնալ
դիւրաւ
ինչ
որ
կազմումը
շրջանին
կնիքը
եղաւ
իրենց
ջղային
կեդրոններուն
վրայ:
Ու
կ’ըլլան,
սիրոյ
մէջ,
իրենք
զիրենք
միայն
պաշտող
միութիւններ:
Ու
կ’ատեն
զիրար
սեղանէն
դուրս,
ամէն
մէկը
անձնատուր
էր
մղումին:
Այս
անհասկացողութիւնը,
աններեղութիւնը
գլխաւոր
պատճառն
է
սեռային
տրամին:
Արման
Պարգեւ
կը
մտածէր
արագ,
կարճ
ու
ցայտուն:
Անիկա
չվախցաւ
այդ
մտածումներուն
համար
մարմին
փնտռելէ,
նոյնիսկ
շահագործելով
իր
ու
Սոնային
տարասեռ,
բայց
ամրակազմ
հանդիպումը,
Արեւելքի
մէկ
խորշին,
ընդմէջ
արուի
ու
էգի,
որոնց
բախումը
կրնար
յանգիլ
գեղեցիկ
կատարելութեան
մը,
ինչպէս
տրտում
արիւնին,
պարզ
անոր
համար,
որ
այդ
արուն
ու
այդ
էգը
կազմուած
էին
բոլորովին
իրարմէ
անկախ:
Տուաւ
օրինակներ
Արեւմուտքէն:
Ու
ծանրացաւ
Արեւելքին
բաղդատական
խաղաղութեան՝
սեռային
մարզէն,
որուն
իբր
ազդակ
օգտագործեց
տարիքներուն
խոնարհ
սանդուխը:
Զուր
տեղը
չէ,
որ
հնդիկները
տասնէն
անդին
տղաքը
կը
յարգեն
իբր
սեռ:
Ատիկա
մասով
ճիշդ
էր
նաեւ
Արեւմուտքին
համար
ու
սիրային
ողբերգութիւնը,
այդ
շրջաններուն,
վէպերուն
կամ
թատրոններուն
իրականութիւնն
էր,
ոչ
թէ
հիմակուան
նման
ամէն
երիտասարդի
գլխուն
բացուելիք
ահաւոր
փորձանք
մը:
Արդի,
այսինքն՝
արեւմտեան
քաղաքակրթութեան
ամէնէն
աղէտաւոր
սխալը
անիկա
դրաւ
երկու
երեւոյթի
մէջ:
Առաջինը՝
պոռնկութի՛ւնը,
որ
հեռացած
էր
անցեալին
պարզութենէն
ու
շուկայէն,
տարածուելու
համար
տուներէն
ներս:
Երկրորդը՝
սանդուխը
տարիքին,
որ
երկարած
էր
անհամեմատ,
ա՛յնքան՝
որ
կարծրացած
էր
անիկա
ու
ա՛լ
անկարող
ուրիշին
հետ
բոլորելու:
Այս
խօսակցութիւնը,
որ
կ’ընթանար
գլխաւորաբար
սեռին
ակօսովը,
խոր
շահեկանութիւն
մը
ստեղծեր
էր
երկուքին
համար,
իրարու
հանդէպ:
Առաջին
անգամ
էր,
որ
Սոնան
երիտասարդի
մը
հետ,
առանց
վախի,
կը
մօտենար
«արգիլուած
պարտէզին»:
Ու
կը
մօտենար
ազատութեամբ
մը,
որմէ
պիտի
նեղուէր,
օրինակի
մը
համար...
Արտակ
Գասապեանի
հետ:
Կ’անդրադառնա՞ր
նաեւ
այն
խուլ
հրճուանքին,
որ
մեր
ապահովութեան
նուէրն
է
մեզի,
երբ
վտանգի
գօտիին
մէջը
կը
թափառինք,
բայց
պաշտպանուած
կը
կարծենք
մեզ:
Տժգոյն
էին
անոնք,
երբ
ստիպուեցան
թելը
ձգել
այս
մտածումներուն,
ելլելու
համար
թէյի:
Տափակ,
սովորակա՛ն,
թէյի
այդ
սպասը:
Ակնբախ
եղաւ
Արման
Պարգեւի
անտարբերութիւնը
իր
շրջապատէն:
Ոչ
ոքի,
նոյնիսկ
Սոնային
համար
անիկա
չունեցաւ
քաղցր
ու
հաճ
հով
մը,
որով
սեռը
պայմանաւոր
է,
առնվազն
տարիքի
կրկէսէն:
Հիւսիսական
ժողովուրդներու
պաղութիւնը
չէր
ատիկա,
քանի
որ
անհատական
խօսակցութեան
մը
մէջ,
քառորդի
մը
ընթացքին,
անիկա
նուաճեր
էր
պատրանաթափ,
զզուած,
ու
ոչինչէ
համ
առնող
աղջիկ
մը,
պարզ
ջերմութեամբը
իր
անձնական
հոսումին,
վարակիչ
ու
այրող:
Ոչ
ոք
պիտի
գիտնար,
թէ
այդ
ցրտութեամբ
իսկ
անիկա
ո՛ր
աստիճան
հաւատարմութեամբ
զաւակն
էր
այն
հօրը,
որ
ատելով
ատեց
բոլոր
համախմբումները
ու,
աչքերը
բաց՝
քնացա՜ւ
ամէնէն
բուռն
կամ
յորդ
ուրախութեանց
ու
վէճերու
ընթացքին,
երբ
անոնց
խորը
չհաստատեց
կտոր
մը
աւա՜ր
իր
ախորժակներուն:
Կան
այս
մենամոլութիւնները,
որոնք
մարդերը
լուռ
կ’ընեն
ուրիշ
ամէն
բանի
դէմ:
Տղա՞ն:
Մերժեց
հօրը
հրաւէրը
աջին
նստելու,
նոյն
ատեն
դէմքին
զգալի
ընելով
իր
զղջումը,
յիմար
իր
փափաքէն,
քանի
որ
ստիպուած
էր
գոնէ
քանի
մը
ժամ
զոհելու
իր
հօ՜րը
սիրոյն,
երբ
անդին,
Արեւելքի
ամէնէն
խոր
քաղաքներէն
մէկուն
գիշերասպաս
խորհուրդը
կը
սկսէր
արդէն:
Դառնութեամբ
դատեց
շուրջինները,
որոնք
եղծուած
նմոյշներ
էին
ու
անդասելի:
Ո՞ւր,
ինչո՞վ
տարբեր
սա
աղջիկը
ֆրանսական
հիւսիսային
պայծառ
փափկութիւններէն:
Նայուածք,
տարազ,
լեզու,
ամէն
ինչ
անհարազատ
սա
Արեւելքին,
ուր
կիները
անգտանելի
արարածներ
են
ու
զանոնք
երեւան
բերելու
համար
արարողութիւն
է
հարկաւոր:
Հազիւ
անիկա
ականջ
ունեցաւ
բանաստեղծ
Տիրանեանի
քանի
մը
ինքնատիպ
ու
շահեկան
դիտողութիւններուն,
երկար
ու
ծամուած
ապրումի
արդիւնք
եւ
որոնք
ճիշդ
ու
տպաւորիչ
տարազներով
կ’առարկայանային,
օտարները
խոցելով
քիչ
մը:
Արման
Պարգեւ
զարմանքով
ընդունեց
խելքի
այս
փաստը,
ինք՝
որ
Արեւելքի
մէջ
ջիղեր
միայն
էր
յօժարած
տեսնելու:
Բայց
պահեց
իր
ցրտութիւնը:
Խելքը
մեզ
կը
նեղէ,
երբ
չի
հրապուրեր:
Նեղուեցա՞ւ
անիկա
նոյն
ատեն
մօրը
հաշուոյն,
որ,
Տիկին
Գոհարեանին
հետ,
գողտր
ու
խոր
ընտանութեամբ
մը
կը
թուէր
կապուած,
ու
կը
խօսէր,
պիտի
խօսէր
գուցէ
գիշերը
ամբողջ:
Երաժշտութիւնը
տեսողական
զգայութիւններէ
չ’ախորժիր:
Ու
երաժիշտը
չի
հասկնար
կիները,
երբ
կը
խօնին,
մա՛նաւանդ
քառասունէն
ետքը:
Սահակ
Պարգեւեանին
տղան
անհամբեր
էր:
Անձնապաշտ,
յաւելեալ
կնիքովը
այն
սերունդին,
որ
պատերազմէն
սորվեցաւ,
ուրիշները
պաշտպանելու
ձեւին
տակ,
ծանրանալ
կարելի
ու
միակ
սեպհականութեան,
այսինքն՝
անձին
ու
անոր
գերագոյն
ախորժակին:
Անիկա
կը
ծամէր
իր
դժգոհութիւնը,
ինչպէս
մատաղ
գեղեցկութիւնը
դէմի
աղջիկին:
Ու
թէյին
սպասը
կը
քալէր
անհանդուրժելի
իր
տարապարհակովը:
Սոնա՞ն:
–
Վախով
կապկպուած.
վասնզի՝
ուրիշներու
առջին:
Կրելով
հաստատ,
մարմինին
վրայ
ծանր
շղարշը
անոր
անձնաւորութեան
–
երբեմն
մարդոց
պատկերները
մենք
կ’ընդունինք
մեր
վրայ,
երկաթի
կամ
բեհեզի
զգայութիւններով
–
մտքին
մէջ
լուծել
ջանալով
անոր
շարժումներուն
հաւանական
իմաստը,
փարատոքսներուն
տարողութիւնը,
բայց
ամէնէն
աւելի
տարուա՜ծ՝
մեկուսացնելու
կրակը
անոր
ձայնին,
որ
շօշափելի
բանի
մը
նման
կը
դպէր
իրեն:
Մտածումը
երբ
կը
ճնշէ,
զգայութիւն
է:
Անիկա
անջատուած
իր
սեղանէն,
քունքին
քրտինք,
հակառակ
զով
գիշերին:
Մտահոգ
ինքզինքը
մատնելէ,
օգտագործեց
բանաստեղծին
շուքը:
Կը
փախչէր
Պարգեւեանին
ակնարկէն:
Կ’ամչնա՞ր:
Չէր
գիտեր:
Հաւաքոյթը
քիչ-քիչ
եղաւ
կործանած
բան
մը:
Երբ
հոգիները
իրար
կը
հալածեն,
ժողովը
կը
տպաւորուի
առանց
գիտնալու:
Առանց
որ
մէկը
աշխատէր
այդ
բանին,
գոյութիւն
ունենալէ
դադրեցաւ
Արտակ
Գասպարեան,
որ
մնալու
համար
տանելի,
կարելի
խօսակցութեան
մը
փլանին,
ինքզինքը
քառապատկեց.
միամիտ
ու
խանդուն,
բայց
ջնջուեցաւ
անդիմադրելի
անշահեկանութեան
մը
մէջ:
Գոյութիւն
արդէն
չունէր
Միհրան
Սիսլեան
ընտանեկի
հաւաքոյթներու
մէջ:
Հոս
բանաստեղծին
ու
Պարգեւեանին
մէջտեղը
կը
պահէր
մռայլ
իր
խաղաղութիւնը,
ականջը
չորս
բացած
ազգային
հարցին
վրայ
վերջինին
կորովի
խմբագրականներուն,
գլուխը
թօթւելով,
խոր
հաւանութեամբ,
բայց
չհերքելով
Տիրանեանին
վճիտ
իմաստութիւնը
այդ
հարցերէն:
Բանաստեղծին
կարծիքով,
մենք
անդասակարգելի
զանգուած
մըն
էինք
ժողովուրդներու
կրկէսին
մէջ,
որ,
շատ
վարերէն
կրծուած
–
մեր
հոգիին
խորագոյն
արմատները
մաշած
էին
ալ
–
ու
կը
նմանէինք
խարխլած
ծառերուն,
որոնք
իրենց
զառիթափին
կը
կենան
ոտքի,
անկասկած
ու
միամիտ,
բայց
կը
տապալին
գիշեր
մը
հովէն:
Միշտ
այդ
կարծիքով,
մենք
անարժան
էինք
այն
երազին,
զոր
ընդօրինակեցինք
աճպարար
արագութեամբ,
մեզի
մոտել
ընտրելով
արեւմտեան
բախտակից
ժողովուրդներ,
առանց
խորհելու,
թէ
ժամանակը,
թէեւ
անգայտ
զգայութիւն,
կը
նմանի
օդին,
որ
ունի
ծանրութիւն
եւ
կը
ճանշէ:
Մենք
չյօրինեցինք
մեր
երազը:
Մեր
մեծագոյն
մեղքը՝
մեր
մոռացկոտութի՛ւնը:
Մենք,
Արեւելքի
ժողովուրդ,
խաչակրութեան
ենք
ելած
այդ
Արեւելքին
դէմ,
«պինդ
յառած
Արեւմուտքին»,
ինչպէս
կը
պարծենան
մեր
իմաստունները,
մեր
կործանումը
արժող
այդ
բնաբանը
տակաւին
մինչեւ
այսօր
փառաւորելով:
Ուրի՞շ
բան,
այս
ժողովուրդը,
իր
դարաւոր
նահատակութեան
ճամբաներուն:
Անդադար
ուրացումը,
մեր
ցեղային
յղացքին
դէմ
դաւելու
այս
աշխատանքը
չունեցաւ
հակահարուած:
Լատիններուն
դէմ
կռուող
Մեծ
Հայաստանի
մեր
աբեղաները
բացառիկ
երեւոյթներ
են:
Միշտ
այդ
կարծիքով,
նորագոյն
մեր
պատմութիւնը
կրկնումը
կ’ընէ
հին
բարքերուն:
Մենք
հետզհետէ
օտարացած
ենք
մեր
հոգիէն,
կապկելով
միջոցներ,
դրութիւններ,
որոնք
ծնունդն
էին
Արեւմուտքին
եւ
ատով
մեզի
անյարմար:
Այնպէս
որ՝
Արեւմուտքով
պատուաստուած
մեր
հոգին
անարժան
էր
ալ
իր
ծննդավայրին,
մե՜նք՝
ուրարտացիներս,
լքուած
մեր
պապերէն:
Հաւատք,
ճակատագրապաշտութիւն,
յամառութիւն,
հողին
անպայման
անձնատւութիւն
–
առաքինութիւններ,
որոնք
մեր
պապերունը
եղան
մինչեւ
վերջին
շրջանը
եւ
դադրեցան
կեանքէ,
երբ
պազիրկեանութիւնը,
չարչիութիւնը,
բեռնակրութիւնը
ու
լրագրութիւնը
ընդոտնեցին
մեր
տուրքերը:
Հիմակուան
նեխած
պահպանողականութիւնը
ու
այլամերժ
յեղափոխութիւնը
իրար
կ’արժեն
իբր
նոյն
ու
մէկ
երեւոյթ,
ինչպէս
դրամի
մը
երկու
երեսները:
Թէյը
վերջացաւ:
Մարդիկ
պահ
մը
լռեցին:
Ու
ինկաւ
ծանրութիւն
ժամուն,
ամէնուն
վրայ:
Ձանձրոյթ,
յոգնութիւն:
Կայարանին
մօտէն,
տեղական
նուագ
մը,
մարդկային
ճիչի
նման
սուր
ու
խօսուն,
պատռեց
հաւաքոյթին
այս
տրտմահար
լռութիւնը:
Երիտասարդը
շունչը
առաւ
պարտէզին
ցանկապատը:
Անոր
հետեւած
էր
կիներուն
խումբը:
–
Կոյրն
է:
Սոնան
էր,
որ
լաւ
կը
ճանչնար
մատաղատի
մուրացիկը:
Պղնձակուռ,
բայց
այրեցաւեր
դէմքով,
շաբթուն
քանի
մը
հեղ,
միշտ
այդ
ժամերուն,
հոն
կ’ըլլար
անիկա,
ածելու
երկաղի
քնարը,
–
կտոր
մը
կոշտ
փայտ,
վրան
զոյգ
լար
յարմարցուած:
Չունէր
անիկա
սովորութիւն
ձեռք
բանալու,
ոչ
ալ՝
մուրացկանութեան
ընթացիկ
բանաձեւովն
ու
աղօթքներովը
անցորդները
ձանձրացնելու:
Կը
նուագէր
քառորդ
մը,
յետոյ
կը
հատնէր:
Բայց
այդ
քիչ
ժամանակն
ալ
բաւ
էր
անոր,
շուրջը
հաւաքելու
հաւատարիմ
ու
յուզուած
խմբակը,
ընդհանրապէս
տեղացի,
կին
ու
աղջիկ,
որոնք
գլուխէն
կ’առնէին
վար
ջուրի
սափորները
ու
կը
ցածնային
ծունկի,
մրմնջելով
անծանօթ
լեզու
մը:
Անոր
նուագած
տեղը
սրճարան
չէր,
այլ՝
ընդարձակ
հովաստան,
յօրինուած
հսկայաբերձ
եւգալիւբթոսներէ:
Արուարձանէն,
բարեպաշտ
կին
մը,
իր
վաղամեռ
տղուն
յիշատակին,
զարկած
էր
երկու
լամբիկ
ծառերու
բուներուն,
որոնց
մէջ
փորւած
հին,
ծուխոտ
աչքի
կը
նմանէին:
Պարգեւեան
շահագրգռուած
էր
այդ
պատմութիւնով:
Խորհելո՜վ,
ի
հարկէ,
մեր
հոգիներուն
անպատում
սուգին
ու,
հակառակ
իր
բուռն
փափաքին՝
չէր
կրցած
գտնել
հասցէն
տրտմահար
տիկինին,
Արեւմուտքէն,
որ
տարին
հեղ
մը
կու
գար
զաւկին
գերեզմանը
օրհնելու,
ու
վար
էր
քառասունէն:
Երիտասարդը
ելաւ
դուրս,
դէպի
ձայնը:
Վիլլայէն
մինչեւ
ծառերը
ամայութի՛ւն,
բնակուած,
բայց
անհերքելի
այն
մեծութիւնը,
զոր
աւազը,
կանանչի
զարնող
լուսնալոյսը
կը
հիւսեն
հողերուն
երեսին,
երբ
հովը
լռէ
ու
ճիւղերը,
ամբարձիկ
ու
կախ
աստուածներու
նման,
մեր
գլխուն
վերեւ,
մեր
մեղքերը
քաւելու
կանչուած:
Իրարմէ
անջատ
քանի
մը
տուներ,
նետուած
քմահաճ
ձեռքերէ,
անկարող
էին
փողոց
մը
պարտադրելու
այցորդին
աչքին,
ինչպէս
չէին
քայքայեր
դամբանական
հզօր
ալ
մելամաղձութիւնը,
որ
կը
բուսնէր
գետինէն:
Այս
զգայութիւնը
արդիւնք
էր
թերեւս
ատենին
այցուած,
հիմա
սրբաթափ
այն
գերեզմանին,
որ
Արեւելքի
քաղաքներուն
հնաբոյր,
բայց
կենդանի
տեքորը
կը
մնայ,
դագաղները
կերպադրելով
քիչ
մը
ամէն
տեղ,
ամէնէն
խորունկ
պողոտաներուն,
ու
կողքին՝
արդիական
ու
հսկայ
դրամատուններուն,
յամառելով
անգիտանալ
քաղաքակրթութեան
բոլոր
նուաճումները,
ցուցադրելով
քարացած
ու
կանանչ
փաթթոցները,
բրածոյ,
բայց
աննահանջ:
Արեւե՜լքը
Արման
Միրովնային:
Զոր
կ’աղաւաղէին
ելեկտրական
լամբերու
բոցակէզ
ստինքները,
խաղաղ
աղջամուղջին
վրայ
հեղելով
կարմիր
ու
շոգեւոր
կաթը
արդի
ճարտարարուեստին,
ինչպէս
բազմերանգ
փափկութիւնները
Արեւմուտքի
կիներուն,
նրբենի
ու
կակուղ,
մետաքս
ու
բեհեզ,
իրենց
պտոյտին
մէջ
յանկարծ
առած
կանգ,
սիրտերնին
երկարուն՝
նման
բաժակի,
դէպի
նուագը
ճմլող
ու
ճմլուն:
Ջերմ,
յորդ,
տարօրէն
խռովիչ
այդ
եղանակը,
բայց
թանձր
ու
պճլտուն,
ինչպէս
հոսող
ու
հատնիլ
չունեցող
արեան
սիւնակ
մը,
ա՛յնքան՝
որ
կը
նմանէր
կատարեալ
մենախօսութեան,
հատկտուն,
խոնաւ,
գրեթէ
սրինգէ
խուսափած
բերնի
մը
կլորութեամբը,
յարմարցուած
այդպէս՝
մութէն
պոռթկալու:
Արմանին
քովիկը՝
Սոնան:
Աւելի
ետ՝
մայրերը:
Հիւանդներ՝
հազերնին
բռնած,
խանգարելէն
երկիւղած
ծերունիներ,
ձեռքերնին
կախ
իրենց
կռնակէն:
Կորաքամակ,
տրորուած՝
խոր
թախծութենէն:
Վիլլայի
այրերը
չէին
բաժնուած
իրենց
տեսութիւններէն:
–
Գիտէ՞ք
ինչ
կ’երգէ
այդ
փայտը:
Անիկա
ըրաւ
այդ
հարցումը
մուրացիկին
գործիքը
մօտէն
դիտելէ
յետոյ:
Մութը
տարտամ
էր,
վասնզի
կայարանի
շրջափակէն
խոշոր
լոյս
մը
կ’աւելնար
բունի
ծխոտ
ճրագին,
լապտերին
մէջ՝
գինով,
երերտկացող:
–
Անծանօթ
է
ինծի
մարդոց
ալ
լեզուն:
Եգիպտական
կարգ
մը
եղանակներ
կու
գան
շատ
հինէն:
Աղօթքի,
ոգեհանութեան,
մեռելաթաղի
պահերուն
ժողովուրդը
կը
գործածէ
տարազներ,
որոնք
իմաստը
կորսնցուցած
են
իրենց,
հաւանաբար
նախաքրիստոնէական
դարերէն
ի
վեր,
բայց
կը
յամառին
դիմանալ:
Նոյնն
է
պարագան
կարգ
մը
եղանակներու
համար:
–
Բուրգերէն
հին
է
այդ
փայտը:
–
Այսի՞նքն:
Դիմացէն
փրթող
ինքնաշարժէ
մը՝
լոյս
մը,
նման
ուրուային
վրձինի
մը,
առաւ
իր
մէջ
Սոնային
կիսանդրին,
թրթռուն,
ոսկեջուր
բանի
մը
մէջ
ողողելով
անոր
կուրծքը:
Շարժումը
զայն
կը
վերածէր
խաղաղ
բռնկումի
մը,
պլուզին
վրայ
պուտ-պուտ
վառող
ու
ծիածանուող:
Այս
հրախաղութեան
մէջ
անիկա
հեքիաթին
կը
պատկանէր,
քան
թէ
կեանքին,
մութէն
կէս
բերուած
տեսակ
մը
յուշկապարիկ,
որուն
մէջքէն
վարը
մնար
թաղուած
ծոցը
ջուրերուն:
Ձեւին
ու
գոյնին
այս
այլայլումը
անդրադարձաւ
երիտասարդին,
որ
եղաւ
մտամոլոր,
կէսով
դուրս
իր
կաղապարէն:
Մենք
մեր
ուղեղին
խորը
ունինք
նախագծուած
պատկերներ.
ձգուած՝
խաւերուն
տակը
ընթացիկ
մեր
միւս
պատկերներուն
եւ
որոնք
անակնկալ
առիթներու
կը
սպասեն,
գրաւելու
համար
առաջին
փլանը
մեր
միտքին:
Արեւելքով
ծնած,
անով
թորուած
կայլակ
մը
սերմի՜,
որ
թափառեցաւ
ձիւնոտ
արգանդներու
անտառէն,
հագաւ
շէնքը
սա
երիտասարդին
ու
մնաց
հաւատարիմ
սկզբնական
ծորակին:
Որո՞ւն
էր
այս
տղան:
Ո՞րն
էր
սա
ձեւը,
–
հա՞յրը,
թէ
զաւակը,
որոնք
կիներուն
պատկերները
հալածեցին
ողնայարով,
բայց
եղան
թշուառ:
Հայրը
նախատեց
զանոնք,
մնալով
ծարաւ
պուտիկ
մը
սիրոյ:
Տղան
չսիրեց
զանոնք,
ակռան
առնուած
ըլլալուն
դեռ
մօրը
փորէն:
Բայց
որդին
էր
անոր:
Թրթռագին,
մշուշոտ,
նայուածքէն
պղտոր,
անիկա
լոյսին
մէջ
մտնելու
իր
ճիգին
մէջ
եղաւ
խիստ,
յանդուգն,
պահանջկոտ՝
իր
ակնարկէն,
ա՛յնքան՝
որ
ցնցեց
աղջիկը:
Անոր
աչքէն
թել
մի
բան,
սուտ
ու
բռնաւոր,
ձեռքի
մը
պէս
կը
բզկտէր
ըսես
աղջկան
կուրծքը:
Ինչո՞ւ
այս
պայծառ
ու
փաղաղուն
պապակը,
սա
թերաuտուերին
մէջ,
երբ
դաշնամուրին
առջեւ
անիկա
չէր
զգար
զինքը,
տաժանագին,
մերկացուելու
սա
զգայութիւնը
ամրացաւ
Սոնային
երանքները
մինչեւ,
վասնզի
այդ
աչքերը
գրեթէ
ծանօթ
էին
իրեն
այն
մռայլ
գիշերներէն,
երբ
մեծ
ու
դժբախտ
արձակագիրը,
անյագուրդ՝
վայելքէն,
ինչպէս
մեղքէն,
ծամելով
գարշանքը
անոր
մօրը
անձին,
կը
փութար
իր
մօտ,
գլուխը
դրած
իր
մէկ
ուսին,
սեւեռուա՜ծ,
իր
փարթամ
մարմինին,
այդ
«արշալոյսին»
ու
կը
պաղատէր,
բիբերուն
գիծովը,
«զովանալու»,
«պաղշտկելու»
իր
կարօտը,
դպելով
իր
մազերուն,
ծոծրակին,
տենդոտ
ու
դողահար,
թափառելով
կուրծքին
սահմաններուն,
սա
տղո՜ւն
աչքերովը:
Ինքնաշարժը
մեռաւ,
հետն
ալ՝
սկսած
առքը:
Ե՞րբ
էին
հասած
երկու
մայրերը:
Մուրացիկը
կը
նուագէր,
վեր
լոյսէն՝
ինչպէս
յուզումէն,
ու
այս
թեւածումը
կ’ընէր
անոր
եղանակը
տարօրէն
խռովիչ,
ազատ,
ծեծող
ու
բռնաւոր:
–
Ի՛նչ
յուզիչ
է
այս
երաժշտութիւնը,
Արման:
–
Արեւելքը
հում
է
ամէն
բանի
մէջ:
Այդ
է
պատճառը,
որ
իր
եղանակները
կը
թուին
թաց,
ինչպէս
ձեւերը՝
կպչուն:
–
Որո՞նք
այդ
կպչուն
ձեւերը:
–
Հարցնողը՝
Սոնան:
Անիկա
չպատասխանեց:
Բացուած
էր
սակայն
Սոնային
մերձաւորութենէն:
–
Կո՞յր:
–
Այո՛,
եւ
երիտասարդ:
Անգա
Միրովնան,
խեղանդամներուն
մեծ
դասակարգին
մէջ,
կը
տառապէր
ամէնէն
աւելի
կոյրերէն,
մուրացիկ
կամ
ոչ:
Բացաւ
պայուսակը:
Սոնան,
մեղմ,
փակեց
դրամապանակը,
առանց
հանելու
զայն
ձեռքէն:
–
Ողորմութիւնը
պէտք
չէ,
որ
վիրաւորէ:
–
Ու
բացատրեց
մուրացիկին
դիւրազգածութիւնը:
Դրամին
շշուկն
իսկ
բաւ
էր՝
կոտրելու
թափը
անոր
կրակին:
Կիսառողջներ,
անապատէն
փութացող
տուն,
որոնք
քիչ
կ’առնէին
կանգ
ու
քանի
մը
վայրկեան
վարանոտ,
երգէն՝
ինչպէս
իրենց
դժբախտութեան
հաւանական
հեղումէն,
կը
սուզուէին
մութին
մէջ:
Ուրիշ
մուրացիկներ,
հոտ
առած
ագռաւներու
նման,
ցանուցիր,
բայց
հեռաւոր
ծիրով
մը
յառաջացող,
վախնալով
ձգել
մէջտեղ
ծեքծեքուն
իրենց
կերպարանքը:
Նուագո՛ղը,
որ
կը
զարնէր
մութին
մարմինին
վրայ
արիւնոտ
իր
ճպոտը,
«հում-հում»
բայց
տարօրէն
ջերմ,
ինչպէս
նկատեց
դաշնակահարը:
Խազերու
սրտապատար
այդ
ելեւէջը
յոգնեցուց
չարաչար
անոր
զգայարանքները,
անվարժ
արեւելեան
հաշիշին:
Արեւմտեան
երաժշտութիւնը
–
խօսքը
կ’երթայ
մեծերուն
գործին,
ո՛չ
թէ
թատրոններու,
սինեմաներու
պահանջած
ու
պարտադրած
մետաղագործական
նոր
ճարտարարուեստին
–
չոր
ուժգնութեամբ
կը
տարբերի
արեւելեան
խոնաւ,
բայց
«սիրտ
առնող»
լայնութենէն:
Մեր
ջիղերը
եթէ
մենք
կը
բերենք,
զանոնք
«կը
յօրինեն»,
կը
հինեն
[2]
մենէ
դուրս
տարրեր,
հովն
ու
հողը,
ջուրն
ու
ծառերը:
Եղկ,
հասուն,
մեղմ,
բայց
բոցի
պէս
բաբախուն
այդ
մեղեդին
հակառակն
իսկ
էր
երիտասարդին
խրոխտ,
բիրտ,
զգետնող
արուեստին:
Միօրինակ,
հազիւ
քանի
մը
ոլորքով,
այդ
եղանակը
հարուստ
էր
խաղաղութեամբ,
թափանցած
խռովքով
մը,
որ
մարդերունն
է
Արեւելքի
մէջ,
երբ
անոնք
ըլլան
ազատ,
րոպէ
մը,
արիւնին
խանձէն
կամ
սեռին
առքէն,
ըսել
կ’ուզւի՝
երբ
չեն
սպաններ
կամ
բռնաբարեր:
Պարգեւեանին
տղան
կը
զգար
անջրպետը
երկու
աշխարհներուն
մէջտեղ
խորացող:
Քայքայուած
(վասնզի
եղանակը
բռնաւոր
իր
նորութեամբը
բացեր
էր
անոր
մէջ
մեծ
ալեկոծում),
չըսելու
համար՝
ինքզինքը
զայրոյթի
հանած,
հեռացած
անիկա,
վախնալով
մատնելէ
հոգեկան
տկարութիւնը:
Արձաններու
գեղեցկութեան
ու
քոլորիին
վարժուած
մէկու
մը
նման,
որ
առաջին
անգամ
ճանաչումը
կ’ընէ
մարդկեղէն
մարմինին,
անիկա
գրեթէ
զղջաց
իր
գիւտէն,
երբ
մտովի
ակնարկով
մը
անցուց
աղեղէն
աշխարհը
իր
արուեստին,
կազմուած
սալոններու
եւ
նուագահանդէսներու
սպասին
կամ
անզբաղ
տիկիններու
արդուզարդին
իբր
լրացուցիչ:
Ի՞նչ
կ’ըսէին
մեծերը,
կիսաստուածները,
իրենց
բարդ
ու
հոյակապ
յօրինուածքովը,
երբ
մօտեցուէին
ջիղերուն:
Աւելի
խո՞ր,
քան
ինչ
որ
սա
փայտին
կտորը,
սա
պահուն:
Անգամ
մը
դուրս
եղանակին
հասողութենէն,
անիկա
ինքզինքը
զգաց
նուաստ
կսկիծի
մը
մէջ,
ա՛յնքան
նուաստ,
որ
օգնութիւնը
հարկ
եղաւ
փնտռելու
հետեւող
աղջկան,
առնելով
անոր
ափը
պարզ,
բնական
երկարումով,
ինչպէս
պիտի
ընէր
մարդ
քրոջը
կամ
կնոջը:
Արեւելքը,
Սոնայէ՜ն:
Չսպասեցին
կիներուն:
Անցած
էին
վիլլային
առջեւէն,
առանց
ներս
նայելու:
–
Ո՞ւր:
–
Հեռու,
հեռու:
Ձայնէն
ու
մարդէն:
–
Միջոցէն
ու
ժամանակէն:
–
Այդպէ՞ս:
–
Այդպէս
կ’ըսէ
յաճախ
ձեր
հայրը,
երբ
նեղուի
մուրացիկէն:
–
Չի
սիրեր:
–
Լալու
չափ:
Արման
Պարգեւեանը
չէր
գիտեր,
թէ
կը
կրկնէր
հօրը
փախուստը,
երբ
Սոնային
թեւին,
դղրդուած
մինչեւ
իր
ծուծը
երկաղի
գործիքէն,
մեծատաղանդ
գրագէտը
քշուէր
անապատ,
չըլլալու
վճիտ
փափաքով:
Ու
չէ՞ր
գիտեր
աւելի
խոր
միւս
օրէնքը,
որուն
համեմատ
սեռը
մենակեաց
է
ու
Արեւմուտքին
բոլոր
հանճարները
աւելի
չեն
արժեր,
քան
կոյր
սիւնակ
մը
արիւնը,
որ
մուրացկանին
բերնէն
շոգեւոր,
կը
բաշխուի
տարածութեան
«բռնաւոր»
ծուէններուն:
Ճամբան:
Որ,
ցիրուցան
տուներով
գոյաւոր,
աղօտեցաւ
իր
մէջքէն,
կորսուելու
համար
անշրջանակ
բացատի
մը
մէջ,
–
հասարակ
աւազուտ,
այնքան
յաճախադէպ
մարմինին
մէջը
Գահիրէի
արուարձաններուն:
Առաջնորդը,
Սոնա՛ն,
որ
կը
ճանչնար
կոյր
ու
խորտուբորտ
այդ
ամայութիւններուն
տարօրինակ
տպաւորչութիւնը
բութ
կամ
գերագրգիռ
ջիղերու
վրայ:
Հոն
կ’երթար
անիկա
Պարգեւեանին
հետ,
երբ
խուլ,
բարձրագոչ
կամ
լռին
բզկտումէ
մը
յետոյ
–
մօրը
կրկէսէն
–
մեծատաղանդ
արձակագիրը
«չխզտուելու»
համար,
կը
նետւէր
փողոց:
Ու
հո՜ն,
դարձեալ,
երբ
յոգնաթափ,
ախորժազուրկ,
ջիղերը
«ջուր
կտրած»,
մահուան
մեծ
ըղձաւորութեամբ
մը,
առանձի՛ն,
մտմտալու
համար
վրիպած
իր
ճակատագրին,
տաղանդին,
որուն
դիակիրն
էր
զազի՜ր
իր
մարմինը:
«Անապատին
շրթունքը,
մահուան
համբոյրով»,
այսպէս
կը
տարազէր
անիկա
ժայռակառոյց
շեղբ
մը,
որուն
կու
տար
իր
կռնակը,
երբ
կը
հանգչէր
շոգ
քարին,
Սոնան
կուշտին,
անլուսին
գիշերներուն,
թշուառ
ու
գինով,
դաժան
իր
ձանձրախտը
վանելու
ճիգով՝
մարդէն
ու
ձայնէն,
ժամանակին
ու
միջոցէն:
Ու
անոր
շրթները
կ’որոնէին
քարէն՝
ինչպէս
Սոնայէն
պուտ
մը
քաղցր
բանը,
սրտազեղ
մանանը,
հանգիստ
բաշխող
կարօտը,
որոնք
մղձուկը
եղան
անոր
օրերուն:
Ու
անոր
շրթները
կը
ջանային
գտնել
մետաքս
թարմութիւնը
սկսող
կեանքին,
քսանին
մէջէն
զազիր,
բայց
անդիմադրելի,
որ
ծծումբի
համ
մը
կը
վազցնէր
իր
երակներին
ու
անոր
ծարաւը
կրակի
կը
տանէր՝
փոխանակ
մեղմելու:
Սե՞ռը:
Ո՜վ
ինչ
գիտնայ:
Իրողութիւն
է,
որ
երբ
անոր
մօտ
բռնութիւն
ու
հացի
հարկ
չեղաւ
անիկա,
եղաւ
ահաւոր
յուսախաբութիւն
մը,
զոր
չներկեց
ռոմանթիզմով,
մտաւոր
պարկեշտութեան
խոր
իր
յարգանքէն:
Արուեստագէտին
համար
փոխուող
ամէն
կին
թանգարանային
կորուստի
մը
պէս
կը
տպաւորէ:
Ա՞տ
էր
պատճառը,
որպէսզի
յոգնէր,
որպէսզի
տրտմէր
քսանամենի
աղջկան
մերձութենէն:
Ու
բացուէր
անկէ,
աւաղելով
իր
շրթները,
որոնք
դառն
կ’ընէին
ամէն
քաղցրութիւն:
Ու
չէր
գիտեր,
թէ
մեր
շրթունքները
մեր
տուածը
միայն
կ’առնեն:
Ո՜վ
մեր
բերանը,
երբեմն
որքա՜ն
քիչ
կը
հասկնանք
քեզ:
Կեցան:
Աւա՛զ:
Որ
քիչ
անդին
գորշորակ
բան
մը
կ’ըլլար
ու
կը
փոխւէր
անապատի
իր
իմաստէն:
Կանանչի
հետ
շփոթուող
փայլ
մը
այդ
է
սեւաւոր
դեղնութիւնը
լուսաւորեց
քիչ
մը:
Լուսնալոյսը
այդ
այլայլումը
կ’ընէ
իր
առաջին
քառորդին:
Պարզուած
պատկերը
դասական
ու
քլիշէ
կրկնութի՞ւնն
էր
գիրքերուն
անապատին,
սուտ
ու
տափակ,
ինչպէս
վարժուած
են
սորվիլ
դպրոցէն
բոլոր
անոնք,
որ
չտեսան
ատիկա:
Արեւելքի
մեծ
տարփաւորը
(ա՛ն՝
որ
Հիւսիսէն
Հարաւ
կը
վազէր,
մտքին
ունենալով
հսկայ
երազ
մը
–
դիւթահանդէսին
համար
գրելու
հոյակապ
մուտք
մը,
որ
արտայայտէր
իր
մարմինին
փախստեայ
հեւքը
դէպի
աւազանները
հինաւուրց
տարփանքին,
երբ,
դիւթահանդէսին
մէջ
ծերացած
արքան
կը
դառնար
իր
մենութեան
տաճարին
ու
իր
մականին
ամէն
մէկ
հարուածէն
կոյսեր
կը
տեսնէր,
որ
կը
բուսնէին,
բոլորն
ալ
եղած
օր
մը
իր
ծոցին
ու
թռած)
զգա՞ց
խեղճութիւնը,
փռուա՜ծ
իր
առջին,
ինչպէս
մարմինը
խաբուած
աղջկան:
Անապա՜տ:
Տժգոյն
եղաւ:
Լուսին՝
որ
շինած
էր
իր
քառորդը:
Երկինքը՝
սեւի
ու
լեղակի
մէջ
վարանոտ
գոյնով:
Օդին՝
աւելցած,
զովութիւնը:
Փոշիի
բարակ
համ
մը,
քիթին
մէջ
պղպեղի
նման:
Պաղ,
ա՛յնքան՝
որ
Սոնան
խորհած
էր
բարձր
ձայնով՝
չառնւած
վերարկուին:
–
Կը
մսի՞ս:
Եզակի.
մտերիմ.
տաք.
գրեթէ
սիրային:
Աւելի
խռովիչը՝
Գորովոտ
ու
թշուառ
այն
ուրուայնութիւնը,
որով
մեզ
կը
տպաւորեն
մեր
ծանօթները,
երազի
արձակութեանց
մէջ,
փոխուելով
անդադար:
Անոր
ձայնին
մէջէն
Սահակ
Պարգեւեանը,
անապատային
տարփանքի
անսուաղ
տարփաւոր,
որ
գիշեր
մը
առաջ
նոյն
այս
աւազուտքին
գորով
կը
մուրար
ու
սիրտ
կը
փնտռէր
միսերէն
անդին:
–
Կը
մսի՞ս,
կրկնեց
անիկա,
խօսած
ըլլալու
համար:
Բացեր
էր
բաւական
հեռու,
ուրուացած
ձեւեր:
Երիտասարդը
անծանօթ
էր
այդ
տեսիլներուն:
Անապատի
այդ
մասին,
որ,
վէտվէտ
ու
խոռոչաւոր,
կը
բարձրանար
դէպի
սարահարթը
հիւծախտաւորներու
դարմանատունին:
Տարիին
բոլոր
եղանակներուն
հանդիպելի
էին
այդ
ուրուականները,
սովորական
զոյգեր,
հիւանդ
կամ
դէպի
հիւանդութիւն
ճամբայ
ինկած
տարասեռ
երկուութիւններ:
Մահուան
աւազանը
(bassin),
ինչպէս
որակեց
տարածութիւնը
Սահակ
Պարգեւեանը,
հոն
թափառողները
կ’ընէր
քիչ
մը
զերծ
ընթացիկ
հետաքրքրութիւններէ:
Անոնք՝
որ
մահուան
կ’երթան,
վեր
են
մարդոց
միջինէն:
–
Ո՞վ
են:
–
Զոյգեր:
–
Ուրկէ՞
կու
գան:
–
Արեւմուտքէն:
–
Ի՞նչ
կ’ուզեն:
–
Ինչ
որ
կ’ուզենք,
երբ
պիտի
մեռնինք:
–
Մինչեւ
մա՞հը…
–
Կարճ
է
ճամբան:
–
Երիտասա՞րդ
են:
–
Մեզի
չափ:
–
Պիտի
մեռնի՞ն:
–
Չեն
հաւատար,
բայց
չեն
մոռնար:
–
Շա՞հը:
Սոնան
լռեց:
Կեանքի՞ն
չափը:
Կար
ատիկա,
անշուշտ
իր
ալ
ջիղերուն:
Ու
մօրը
մարմինին:
Բայց
մա՛նաւանդ
սրտառուչ
յոգնութեան
մէջ
Սահակ
Պարգեւեանին:
–
Շա՞հը…:
Հարցուցէք
դուք
ձեզ:
Ես
շատ
եմ
հարցուցեր
ատիկա
ձեր
հօրը,
այս
աւազներուն
մէջ:
–
Կու
գա՞ք
յաճախ:
–
Շատ
յաճախ:
–
Կու
լա՞ք:
–
Ես՝
ոչ:
–
Կու
լա՞յ:
–
Երբեմն:
–
Կու
լա՞ն:
Մո՞ւթը
նպաստեց,
թէ
տղուն
ձայնը
յոգնեցաւ,
ծերացաւ
մէկէն:
Սոնան
կը
խօսէր
Սահակ
Պարգեւեանէն:
Ձայնի
ժառանգականութիւն
մը
այնքան
ալ
անսովոր
բան
մը
չէ.
եւ
ստոյգ
է,
որ
տագնապի,
խորունկ
յուզումի
պահերուն
հոգին
կը
դիմէ
իր
առհաւութեանցը
պահեստին:
Երբեմն
հոգեվարքը
հաշուեյարդարն
է
կեանքին
մատեանին,
շարժանկարային
լիութեամբ:
Երիտասարդ
աղջիկը
հազիւ
զսպեց
իր
թաքուն
անձնաւորութեան
թշուառ,
խանդաղոտ
զեղումը,
է
որ
անոր
մատաղատի
նուէրն
էր
կեանքին
ու
ստրջանքին
մեծ
կալանաւորին,
յուզումին
ու
գորովին
մեծ
մուրացկանին:
Արգահատող
ու
եղկելի
լքում,
զոր
անոր
մարմինը
կ’ընծայէր
անամոքելի
ու
սխրալի
ասպետին,
երբ
թուլնար
ինքնիրմէ
ու
կը
դնէր
գլխիկը
անոր
ուսին:
Մենք
դժուար
կը
շղարշենք
մեր
տրտմութիւնը,
խորագոյն
ախորժանքը,
նոյնիսկ
ամէնէն
այլանուէր
գորովը,
քանի
որ
սեռային
առքը
այնքան
մօտիկ
է
այդ
վիճակներուն:
Վերէն՝
թռչուն
մը,
ցածնալու
վրայ,
հետաքրքիր
ու
չարագուշակ:
Օրը
կոծուեցաւ
անոր
թեւովը,
խուլ,
սրսփուն
ու
մութ,
բայց
իրաւ,
ինչպէս
անոր
հոգին՝
զարկովը
այն
միւս
կտուցին,
զոր
թաղուած
կը
կրենք
մեր
խորերը:
Շունի
հաջոց
մը
մօտիկէն:
Զոյգ
մը,
մտած
իրարու՝
եւ
մսելո՜վ,
ապահովաբար,
քանի
որ
մեծ
վերարկու
մը
անոնց
մարմինները
կ’ընէր
մէկ
ուսերէն
վար,
գլուխները
տարօրէն
ցցած:
Արտաքին
այս
միջամտութիւնները
քայքայեցին
պատրանքին
ոստղը
Սոնային
ջիղերէն:
Առա՛ջ,
ուրիշներուն
պէս,
ետեւէն:
Անապա՛տը:
Բայց
իրականը,
խեղճ
ու
սովորական
մարդկայնութեամբ
մը
պղտորուած:
Զոր
գիշերը,
իր
լուսնալոյսով,
կ’ընէր
տարօրէն
անծիր,
ցնորալից,
խժլտուն:
Ու
մութին
լերան
մէջ,
հսկա՛յ՝
անհերքելի՜՝
դարմանատունը
հիւծախտաւորներուն,
–
կախարդական
ապարանք,
անհամար
իր
աչքերովը,
ու
նա՜ւ,
որ
իյնար
ճամբայ
դէպի
գերեզման,
հարիւրներ
առած
իր
խուցերուն
մէջ:
Մահուան
մտածելը
հոմանիշ
է
սեռին:
Անարգել
ու
խիստ,
հովը
յարձակեցաւ
անոնց
վրայ,
անպատկառ
իր
թեւերովը
խառնշտկելով
անոր
մազերը,
ու
տրորելով
թեթեւ
էջքը,
երանքէն
դարվար,
անոր
շրջազգեստին:
Ասուպ
մը:
Հեռուներէն՝
սուլիչը
շոգեկառքին,
որ
մութին
մեծ
ապակիին
վրայ
քսուած
գործիքի
մը
նման
խտղտեց
անոր
սիրտը:
Տարած
էր
ձեռքը
կուրծքին:
Գլուխը
լարած՝
ուղղութեամբը
ձայնին:
Այնքան
իրեն
ընտանի
այդ
տեսարանը
կը
դառնար
օտար,
գրեթէ
նեղիչ
ու
չէր
գիտեր
աղբիւրը
այդ
զգայութիւններուն:
Անոնց
ձգած
ճամբուն
եղան
ձեւեր,
իրենց
պէս,
որոնք
րոպէ
մը
առին
կանգ
ու
յետոյ
շեղեցան
ձախ:
–
Ո՞ւր
կ’երթան:
–
Կ’երթան
կայարան:
Չհարցուց
ով
ըլալլը
անոնց:
Աստղերը
կը
թուէին
շարժումի
ելլել,
այնքան
անկատար
բան
մը
կամարին
կտաւը
կ’ընէր
խռովուած:
Հով:
Իմա՞ստը
սա
վերին
ու
վարին,
որոնց
լուռ
ճնշումին
տակ
դրուած
է
փտի՜լը
մեր
մարմինին,
մա՛նաւանդ
անոր
հազար-հազար
ըղձանքներուն:
Անապատը
տրտում
է,
մահուան
նման,
ու
ամէն
ամայութիւն
զուգորդ
է
մեր
մէջ
մահուան
պատկերին:
Ամէն
անգամ
երբ
կը
շեղէր
հոն,
Պարգեւեանին
հետ,
կը
զգար,
թէ
կը
տանէր
իր
քով
դատապարտուած
ծերութիւն
մը:
Վրիպած
գրագէտը
ի՞նչ
պատանք
կը
կրէր
իր
մէջ,
երբ
Սոնան
կեցուցած,
աւազներուն
վրայ
իր
գաւազանը
խազխզելով
ու
կոպիճներ
թռցնելով,
անոր
կը
խօսէր
կեանքին
աղբիւրէն,
ո՛չ
անկէ,
որ
բաշխուած
էր
իր
դժբախտ
ճակտին,
այլ
ա՛յն
միւսէն,
որ
հազար
անգամ
աւելի
գեղեցիկ
է
մեզի
տրուածէն
եւ
զոր
չենք
հասկնար,
ճանչնար
իր
ատենին:
Ու
կը
բռնէր
անոր
թեւը,
խոր,
ամուր,
ինքզինքը
ազատելու
համար
այդ
երազին
կսկիծէն
ու
խուսափումին,
անհետ
կորուստին
սարսափէն:
Կորսուած
այդ
կեա՞նքը:
–
Անշո՜ւշտ,
աշխարհ
մը
տրոփ,
«որոտ»,
վանդակին
մէջը
պզտիկ
Սոնային,
որ
կը
կրէր
այդ
պուտ
մը
բա՜նը,
բայց
կ’անգիտէր
ահաւոր
անոր
մեծութիւնը,
անհասանելի
անոր
յիմարութիւնը,
փրփրած,
յորդելու
վրայ,
բայց
պատեանի՜ն
մէջ
քսանամեայ
աղջիկներուն:
Կը
քալէր
այդ
կաթիլը,
քալեր
էր,
անսկիզբն
ժամանակներէ
ի
վեր,
հազար-հազար
ձեւի
տակ:
Ու
անոնց
աչքին
տակ
աւազները
փշուրներն
էին
սիրտերու,
որոնք
օր
մը
եղան
իրենց
պէս:
Փոշի՛ն,
լոյսէ
ու
մութէ,
որ
վերն
էր,
անբաւութիւնը
լեցնող
ու
կաթիլով
մը
բաբախման
ելած
խորը
անոնց
կուրծքերուն
Մա՜հը:
Անդարձ
հանգի՜ստը,
աղէն
ու
ջերմութենէն
վեր
լիութիւնը:
Անշուշտ:
Բայց
եղկելի
էր
ծերացած
գրագէտը,
երբ
կը
մօտեցնէր
ինքզինքը,
իր
մսկոտ
ծերութիւնը
Սոնային
մատաղութեանը,
կեանք
մուրացողի
անհուն
պապակով:
Հողին
ներքե՜ւ:
Մահուան
պապակը
տարափոխիկ
է
կ’ըսեն:
Մօտիկ
անցեալին
այս
խուժումը,
անապատի
մուտքին,
զայն
ըրաւ
վախկոտ:
Հողին
ներքե՜ւ:
Բայց
հողին
վրա՜յ,
այն
միւս
հանգիստը,
որ
փայլակի
թեւերով,
հզօր
հանգիստը,
գիրկ
գիրկի
ընկղմումը,
որուն
մէջ
կեանքն
ու
մահը
իրար
կը
ձեւեն
ու
կը
բզկտեն:
Հզօրագոյն
ծարաւը,
երազը
ամէն
պարմանի
միսին:
Անդիմադրելի
ի՜նչ
կարօտով,
անոր
մարմինին
անդունդներէն
բարձրացաւ
աղին
պապակը,
գալարքը,
որոնք
անոր
ջիղերը
կը
կճէին
Պարգեւեանին
հետ,
բայց
կը
սուզուէին
չըսուելիք
մտածումներուն
ճախճախուտին
մէջ:
Հիմա՞:
Ու,
նման
յուսահատ
քամահրանքին,
զոր
մահապարտը
կը
ճարէ
չուանին
դիմաց,
անոր
մէջէն
տարազի
ելաւ
ինչ
որ
արբունքէն
առաջ
իսկ
իբր
անձեւ
գոյանիւթ
բնակեր
էր
բաւիղներուն
մէջը
անոր
միսերուն
ու
մօրը
փախուստէն
յետոյ
գրաւեր–կեցեր
էր
անոր
ուղեղը
սեւ
ամպին
նման,
կայծակով
յղի,
բայց
չպատռուած:
–
Քալենք:
Ըսողը՝
տղան:
Չհարցուց
«ուրը»:
Տարտամօրէն
կը
հաւատար
այդ
ճամբուն
«ելքին»,
ըսես
սպասէր
այդ
ձայնին,
տարիներէ
ի
վեր:
Ըսես
գիտնար
բարբառը,
որ
այդ
անծանօթը
հասկնալի
ընէր,
մութէն
ալ
անդին:
Հրեց
կամացուկ
մը
զայն
դէպի
ցած:
Երկու
ոտքով
վար
էր
այդ
հողը
ճամբէն:
Անիկա
փորձուեցաւ
սեղմել
տղուն
ափը,
ինչպէս
կ’ընէր
ատիկա
անոր
հօրը,
երբ
իջնէին
այդ
փոսիկը:
Բան
մը
արգիլեց:
Աւազները,
կոպիճի
նման,
կը
դժուարացնէին
անոնց
քալւածքը:
–
Ինչո՞ւ
կը
կաղաս,
–
երիտասարդն
էր,
որ
անվարժ
աւազին,
չէր
կրնար
սրունքները
կառավարել
է
իր
տատանումը
փոխանցեր
էր
Սոնային:
–
Չեմ
կաղար:
Չըսաւ
աւելին,
վասնզի
մտեր
էր
կէս
այն
գինովութեան
մէջ,
որով
կը
պարուրուէին
իր
կարգ
մը
զգայարանքները,
երբ
Պարգեւեանի
թեւէն
իջնէր
այդ
կիսախրամ
տարածութեան
մէջ:
Անոր
կրունկները
եղան
անկայուն՝
հողին
պակասէն:
Հովը
կը
խոնարհէր
անոր
քայլատակը
մինչեւ,
ցրուելով
աւազը՝
ներբաններէն
եւ
սրունքները
ընելով
ճօճուն,
դէպի
տղան՝
լքուող
բանի
պէս
դոնդող:
Չիյնալու
համար՝
գրեթէ
գրկած
էր
տղուն
մէջքը,
այսինքն՝
իրարու
տուած
իրենց
թեւերը
իրարու
մէջքէն:
Ու
հազիւ
կ’անդրադառնար,
որ
գիծ
առ
գիծ
կը
կրկնէր
այն
զգուշաւորութիւնները,
որոնց
վարժուած
էր
անոր
ձախ
բազուկը,
երբ
այս
մութերէն
կ’առաջնորդէր
տարաբախտ
իրենց
զոյգը,
ներքին
աւիշէն
հիւթասպառ
ու
հեռու
մարմինը
Պարգեւեանին,
դէպի
«հանգիստի»
քարը,
հարիւր
քայլ
ներսով:
Առանց
իյնալու,
գրեթէ
հիւսուած,
անոնք
ելան
ստորոտը
այդ
ապառաժին:
Քարագանք
մը
չէր
ատիկա,
ինչպէս
հանդիպելի
է
այնքան
յաճախ
Գահիրէի
բացերը,
օր
մը
շահագործուած
ու
լքուած
դարերով,
այլ՝
տեսակ
մը
յատակ,
զոր
կ’եզերէր
ժայռերու
ուրիշ
գիծ
մը,
սապատուն
ու
երկար,
ճիշդ
կռնակի
մը
նման:
Բնական
նստարաններու
տպաւորութիւնը
կ’առնուէր
անոնց
մէջ:
Արեւամուտին
դարձած,
ապառաժը
ցերեկուան
տապէն
անմատչելի,
իրիկուններուն
բաւական
ուշ
ատեն
կը
պահէր
իր
մէջ
գողտր
ջերմութիւն
մը,
որմէ
այնքան
ախորժ
ունին
հիւծախտաւորները:
Կապոյտ
շարի
մը
յանձնած
իրենց
երեսները,
հիւանդները
հոն
կը
յամենան,
արեւէն
բաւական
ալ
վերջը,
երբ
է
բարակ
սարսուռը
կը
պտըտի
իրենց
միսերէն:
Մութին՝
կարգը
կ’անցնի
ուրիշներու,
նոր
նուաճուած
հազէն
ու
քիչ
մը
մսկոտ:
Սոնան
կը
սիրէր
այդ
«խորշը»:
Սահակ
Պարգեւեանը
հոն
էր,
որ
կը
դառնար
խոր
ու
խռովիչ,
երբ
խնայուած,
մութէն
աղուորցած,
որ
անկէ
կ’առնէր
դէմքին
դալուկն
ու
աչքերուն
գիշախանձ
տրտմութիւնը,
կը
խօսէր
անիկա
քաղցր,
կամացուկ,
ընկողմանած՝
նմանելու
համար
ծերութիւններուն
աստուածներէն
ուժ
սպասող,
իրենց
ոսկերակոյտը
շարժման
հանելու:
Երբեմն
որքա՜ն
ծանր
է
լռութեան,
զրկանքին,
կարօտին
ու
անծանօթ
պապակին
լեռը՝
մեր
ուսերուն
վրայ:
Անոր
տղան
ունէ՞ր
երազած
սա
գիշերահիւս
դրուագին
ալ,
երբ
մօրը
է
նամակներէն
կաղապարի
էր
տարած
իմաստը
Պալիին
ու
կը
յաւակնէր
տարազել
խորհուրդը
կորաքամակ
արքային,
մազերէն
սառա՜ծ,
փնտռելով
այսահար
ախորժով,
ջերմիկ
իգութիւնը,
որ
կինն
է
մեր
զգայարանքներուն
եւ
զոր
մահը
չի
կրնար
տանիլ
ու
կը
լքէ
հոս,
կիները
լուծելէ
յետոյ
աւազին
ծոցը,
բայց
կ’արձակէ
անոնց
բուրումը,
ինչպէս
մեռած
ծաղիկ
մը
կ’ընէ
իր
հոտին
համար:
Առանց
աճապարանքի՛,
գէթ
այսպէս
կ’ուզէին
զգալ
ու
չէին
անդրադառնար
յարաճուն
խռովքին,
զոր
մութը
կ’ընէր
հաշտ
ու
տանելի:
Զգացման
յորդութիւն
մը
յոգնեցուցիչ
է
միշտ:
Նստան
ու
ապառաժէն
եղկ
տաքութիւն
մը
դպաւ
անոնց
մարմինին
մերկ
մասերուն:
Միւս
կողմէն՝
ժայռին
երկարաձիգ,
սապատուն
գիծը
բնական
պատուար
մըն
էր,
հովին
կծու
յորձքը
կտրող:
Դրաւ
ափը
քարին:
Պաղելու
վրայ:
Անոր
այցելեց
սարսուռը,
զոր
ունեցեր
էր
քիչ
առաջ,
տղուն
նայուածքին
տակ,
ինքնաշարժին
լոյսին
մէջ:
Նեդուա՞ծ:
Անիկա
դուրս
էր
վիպական
խռովքէն,
որով
տաղաւարուած
էր
տեսարանը
երիտասարդին
համար:
Բնակա՛ն,
ինչպէս
եղած
էր
այնքան
անգամներ,
անոր
հօրը
հետ:
Միւս
կողմէն՝
անիկա
մօտեցուց
իրեն
արագութիւնը,
որով
քալեր
էր
նորասկիզբ
իրենց
ընտանութիւնը
ու
վրդովուն
միութեան,
ինքիրեն
շինուող,
բայց
հայտ՝
երկուքին
ալ
խորագոյն
ցանկութեանց:
Անոր
այնպէս
կու
գար,
որ
այդ
առանձնութիւնը,
մանրամասնութեանց
սա
հանդէսով,
յարդարուած
էր
շատ
հեռուներէն:
Ու
Պարգեւեանէն
թելադրուած
ճակատագիրը
ըսես
հեղինակն
էր
սա
ժամուն:
Տաղանդաւոր
արձակագիրը
իր
ամէն
մէկ
անկումին
համար
քաւութեան
նոխազ
աստուածներ
կը
ճարէր,
ու
սորվեցուցած
էր
այդ
գիտութիւնը
սա
աղջկան,
որուն
հոգիին
անվիճելի
հեղինակն
էր
արդէն:
Թող
Սոնա
Գոհարեանը
քիչիկ
մը
նեղէր
այդ
հոգին,
սա
պահուն:
Ու
պիտի
գտնէր
ուրիշ
ալ
աստուածութիւններ,
աւելի
իրաւ
բառով
մը՝
ժառանգութիւններ,
բոլորն
ալ
ծլած,
հասակ
առած
ժամանակին
ծոցին
մէջ
ու
հասունցած
ալ,
հիմա,
իրենց
ծոցին
մէջ:
Ա՛ն՝
որ
մութին
մէջ
իր
կուշտին
կը
կենար
հանդարտ,
ամուր,
խռովիչ
ու
անէ,
արիւնն
էր
Սահակ
Պարգեւեանին:
Բացերէն
ուրիշներ:
Ստուերուն,
սուտ,
իրաւ,
քակուող,
բայց
չհալող:
Գաղջ
գիշե՞րը
կ’ուզէր
այդ
ձեւերը,
դուրս
իրենց
դագաղատիպ
մահիճներէն,
թէ
Պարգեւեանին
աստուածութիւնը
–
ճակատագիր
–
կը
քշէր
զանոնք
իրերէն
անդին,
անապատին
խորունկ
փոսին
խորը,
վերստեղծման
խենթ
կիրքի
մը
մէջ:
Անցան,
գրեթէ
քսուելով
անոնց,
ուրիշ
զոյգեր,
արագ,
իրարու
մտած:
Հոտեր,
զգեստի
փշրանքներ:
Ֆելլահի
մը
ճերմկաւուն
պարեգօտը:
Քահանայի
մը
նման
վերէն
վար
միակտուր
սեւութիւններ,
մութով
աւելի
պայծառացած:
Ափրիկեան
քաղաքներու
գիշերները
ունին
սա
պատրանքները:
Նոյնիսկ
արեւի
լոյսով
մարդ
չի
զարմանար,
այդ
քաղաքներուն
մէջ
գտնելով
արեւմտեան
կենցաղին
բոլոր
նշխարները:
Փարիզի
մէջ
տարազի
այլացում
մը
ուժգնապէս
կը
տպաւորէ:
Վայրենին
ու
ձիւնէն
ծնած
շուէտուհին
քով
քովի
կը
պտըտին,
առանց
զիրար,
մա՛նաւանդ
զիրենք
դիտողները
նեղելու,
Արեւելքի
պողոտաներուն:
Խօսքի
բեկորներ
հասան
անոնց:
Ցնորական
վայրանկարը
կը
պատռտուէր,
այդ
հեծքերուն
անհամաչափ
նուագովը:
Իրե՞նց
պէս,
պատկերներով:
Հովը
իջեր
էր
իր
թափէն,
ըլլալու
համար
բարի,
մտերիմ
ու,
մա՛նաւանդ՝
ամոքիչ:
Կ’ուզէր
նստիլ,
բայց
կը
վարանէր
այդ
փափաքը
յայտնելու:
Երիտասարդ
էր
ու
կը
կարծէր
տուները
բաւական
մօտ,
ամայութիւնը՝
ոչ
ամբողջ,
հեքիաթը՝
դեռ
վիրաւոր:
Իր
պատանութեան
մեծ
երազներէն
մէկն
էր
սա
գիշերը,
բոլորովին
անծանօթ
ու
վճռապէս
անկէ
կտաւի
մը
վրայ
ցամաքի
մը,
քալել
անդարձ:
Հետը՝
մէկը
անշուշտ,
իր
տարիքին
մօտ,
զինքը
կրկնող:
Իր
արեան
մէջ
սա
պատկերները
անիկա
աւելի
վերջէն
պիտի
ջանար
հասկընալ
Արեւելքին
խուլ
մատներովը
հիւսուած,
երբ
հասուն
պատանի,
մօրը
բառերով
կազմեր
էր
իր
հայրը,
մէ՜կը
այդ
կախարդ
Արեւելքի
իշխաններէն…
Քիչ
մը
աւելի
մօտ
ձայներ:
Տղան
–
ձայնը
կը
ինէր
զայն
–
ջանալով
համոզել
աղջիկը
–
լռութիւնը
կը
շինէր
զայն
–
բարձրանալու
ժայռի
սապատին,
ցերեկուան
ուղտը
յիշեցնող:
Յայտնի
էր,
որ
զբօսաշրջիկներ
էին,
բուրգերուն
մօտ
ըրած
հաճելի
խենթութիւնը
երկուքով
ուղտի
մը
կռնակը
նստած
օրօրուելու…:
Բացի
ճերմակ
ըլլալ
ուզող,
բայց
չկրցող
ձեւերու
ոստայնի
մը,
ոչինչ
որ
ըլլար
տեսանելի
այդ
ճլւըլտուն
աղմուկին
աղբիւրէն:
Յետոյ
աւելի
յստակ՝
աղջիկը,
որուն
հնչեղ,
բայց
փափուկ
ծիծաղը
թափանցիկ
էր
երկուքին
համար
ալ:
Լարեցին
իրենց
ականջները:
Հովի
բացարձակ
դադար:
Ու
միջոցին
մէջ
ճամբորդ
հծծիւններ,
իրարու
ճմլուած
միսերու,
եղկ
ու
խորհրդաւոր:
Սոնային
կուրծքը
արագ:
Տղան՝
անոր
կուշտին
աւելի
մօտ:
–
Ո՞վ
են:
–
Անծանօթներ:
Որքան
շատ
են
գիշերուան
մէջ
սա
յաճախորդները:
–
Ո՞ւշ
ատեն:
–
Երբեմն
մինչեւ
լոյս:
–
Ուրկէ՞
գիտէք:
–
Ամէն
տուն,
անապատին
մէջ,
հանդիսավայր
մըն
է
սա
ամսուն...
–
Մեզի
պէս:
–
Թերեւս:
–
Ի՞նչ
կ’ընեն:
–
Կը
պտըտին,
կը
սիրեն,
կ’ապրին:
Հեռուէն
լոյսի
խազեր:
Բուժարանին
պատուհանները
բացուեցան
ու
գոցուեցան:
Ժամը
հնչեց:
Լռութիւն:
Մէկը
կը
մեռնէր:
Աղջկան
սա
փորձառութիւնները,
հսկայ
հիւանդանոցին
վրայ
իր
երկար
սաւառնումներուն
հետեւանք,
մութներուն
մէջ:
–
Օտարութեան
մէջ
ու
մահուան
առջեւ
կեանքը
թեթեւ
է:
Պիտի
թաղուի
առանձին
ու
մայր
մը
կամ
սիրող
մը
պիտի
չտառապին
աւելորդ
տառապանքը:
–
Ի՜նչ
վստահութեամբ
կը
խօսիք:
–
Քանի
տարի
է…
մարդիկ
կ’աճապարեն
օգտուիլ
գիշերէն:
–
Այսքան
արա՞գ
է
ժամանակը:
–
Նայելով
ճամբուն,
ուրկէ
կ’անցնի:
–
Սիրտե՞րը:
–
Ճամբորդնե՞րը,
թէ
հասածները:
–
Ժամանակը
նիւթին
միայն
ճամբան
է:
Սիրտերը
երբ
նիւթ
չեն,
չունին
ճամբայ:
Խորհա՞ծ
էք
արագութեան
սովին,
որմէ
կը
տառապանք
բոլորս,
առանց
գիտնալու,
որուն
զարհուրանքին
մէջ
գալար-գալար
կու
գայ
ձեր
օրերուն
հեղինակը,
Սահակ
Պարգեւեան:
Բռնեց
խօսողին
ձեռքը,
արագ,
տաք,
պահանջկոտ:
Հանդարտ՝
աղջիկը
աւելցուց,
իբր
բաց
պատասխան,
գոց
այդ
պահանջին.
–
Խորհա՞ծ
էք
մա՛նաւանդ
մահուան:
–
Իմաստունի
մը
պէս,
գրողի
մը
պէս,
բանաստեղծի
մը
պէս
կը
խօսիք,
Օրիո՛րդ:
–
Ի՞նչ
կայ
հոդ
զարմանալի:
Մարդեր
չե՞ն
անոնք:
–
Ո՞վ
պիտի
կասկածէր
այդ
մասին:
Բայց
ներեցէք,
որ
հարցնեմ.
սիրա՞ծ
էք:
–
Ի՞նչը:
–
Բայց
սէրը:
–
Ի՞նչ
կապ
իմաստութեան
ու
այդ
սիրոյ
մէջ:
–
Օ՜:
Տարօրինակ
էք:
Մահուան
վրայ
խօսելու
համար
գիտուն
շրթունքներ
պէտք
են…
–
Թաւիշ
շրթունքնե՜ր,
տղա՛ս,
թաւի՜շ
շրթունքներ,
ես
չեմ
ըսողը,
ձեր
հայրն
է
հեղինակը
այս
պատկերներուն:
Ու
եղաւ
լռութիւն,
ինչպէս
պիտի
ըսէր
«Ծննդոց»
գիրքի
մը
նորատիպ
հեղինակ
մը:
Անիկա
սեղմեց
աղջկան
ափը:
Ինքն
ալ
չէր
գիտեր,
թէ
ինչ
էր
ճմլուող
միսի
կտորը,
իր
մատներուն
մէջ:
Անոր
աչքերը
կը
թուէին
տեսնել
Արեւմուտքը,
անդրանիկ
երիտասարդութեան
յուզումները,
աղջիկները,
որոնք
կ’անցնէին
հիմա
իր
հոգիին
դաշտերէն:
Իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
Արեւելքի
արքայի
մը
ախորժակներն
էին,
որ
կը
բացւէին,
սա
վճիտ,
գաղջ
գիշերին,
հեքիաթին
թեւերով,
պարտէզներու
մէջ,
որոնց
ամէն
մէկ
ծառին
կրկնուէր
առասպելը
գիտութեան
ծառին...:
Այդ
պատկերները
անոր
մատները
կ’ընէին
խուլ
ու
իմաստալից
թըրթռում,
գե՜տ,
որոնք
միսերուն
վրայ
պիտի
ըսեն
ինչ
որ
մետաղը,
անկէ
առաջ՝
փետուրը
ըսեր
է
մագաղաթին
վրայ:
Ու
տղուն
ափը
նման
էր
բերանի
մը,
որ
խօսէր:
Մածուցիկ,
ջերմ,
քիչիկ
մըն
ալ
զկծեցուցիչ,
այդ
բառերը՝
Սոնա
Գոհարեանին
համար,
որուն
պարման
միսերը
առաջին
անգամ,
տագնապալից
գողի
մը
հետ,
կը
զգային
միւս,
իրացուած,
բայց
չհաւատացուած
խռովքը,
բանաստեղծներէն
այնքան
փառաբանուած:
Անոր
այտերուն
վրայ
շատ
էին
գիրեր,
շրթունքներով
մեհենագրուած,
բայց
աւրուած
հովին
թեւովը,
առանց
անդրադարձի:
Չհարցուց,
թէ
ինչո՞ւ
կը
ճմլէր
սա
օտարականը
իր
մատներուն
սա
թարմութեամբը,
իր
միսերը:
…Ատկէ
անդին,
սա
«արկածը»,
գիրքերը
կ’ըսեն՝
սա
սիրարկածը
գնաց
իր
ճամբան
անդնդային
արագութեամբ
մը:
Զայն
պատմելէ
առաջ,
անգամ
մըն
ալ
ձեզ
կը
հրաւիրեմ
կանխող
հինգ
հարիւրէ
աւելի
էջերուն
չըսուած
իմաստութեան:
Ու
կու
տամ
անբնական
ալ
վկայութիւն
մը:
Կար
ժամանակ
մը,
ուր
այս
տողերը
գրողը
ճերմակ
մազերու
տեղ,
ունէր
երիտասարդ
գլուխ
մը,
մահապարտ
սակայն,
թուրքերուն
ամենահաս
իմաստութեամբը
վճռուած:
Պոլիս:
1915:
Տպարան
մը
ապաստանած,
ծպտուած
ու
բանուոր:
Վտանգէ
մը
խուսափելու
համար,
զիս
պատսպարող
տղան
ինծի
տուն
մը
պիտի
առաջնորդէր:
Միամիտ
այդ
երիտասարդը
գացեր
էր
առաջ,
յիմարութեանը
մէջ,
օրէնքէն
անդին,
ներկայացնելով
իր
բերելիքը՝
բացառիկ
մէկը:
Պոլսոյ
մէջ
ոչ
ոք,
անծանօթ՝
հայ
երիտասարդին
ճակատագրին,
երբ
զայն
կը
փնտռէին
թուրքերը:
Ու
այդ
երիտասարդը
չէր
տեսած,
որ
կիները,
մէկը
քսանամենի
աղջիկ,
կու
լային:
…Ինչ
հարկ
երկարաբանելու:
Տունէն
ներս
չմտած՝
վստահ
էի
ինծի
սպասող
աղէտին:
Բայց
իրականութիւնը
միշտ
յաղթական
է
երեւակայութեան
վրայ:
Գիշերով
մտայ
ներս
սենեակէ
մը:
Տեքոր,
պայմաններ,
արդուզարդ
կը
պատկանէին
էսնաֆ
ընտանիքի
մը
ճաշակներուն,
կարելիութեանց:
Տարբերութիւնը
լուսանկարներուն
տակ
յունարէն
գիրերն
էին:
Յոյն
վարձակալի
մը
հիւրանոցը,
հայ
տունի
մը
մէջ:
Յոգնած,
դողահար
ցուրտ
սենեակէն,
որքան
քաղաքին
վրայ
կախ
մղձաւանջէն,
պիտի
աճապարէի
երկննալ
բազմոցին,
երբ
մտան
ներս:
Կին
մըն
էր,
քառասունէն
վեր:
Տրտում:
Նուրբ:
Իզմիրցի:
Հելլէնահպատակ:
Կը
խօսէր
որոշ
չափով
թուրքերէն:
Հետն
էր
քսանամենի
իր
աղջիկը:
Կը
կրկնէր
մօրը
նրբութիւնը,
իզմիրեան
կաղապարը
հերքելու
աստիճան:
Կը
խօսէր
թուրքերէնը,
աւելի
յստակ:
Չհարցուցին
ո՛չ
անունս,
ոչ
ալ
հանգամանքներս:
Գիտէի՜ն,
զիս
տանողին
երջանիկ
յիմարութեանը
գնով:
Արեւելքի
արքայ
մըն
էի,
առնուազն
իշխան
մը,
սա
մատաղ
աղջկան
երեւակայութեանը
մէջ:
Խօսեցան
ինծի
իրենց
ընտանիքին
ողբերգութիւնը:
Հայրը
մեռած
էր
Պրուսա,
ջերմուկները:
Լռեցին
պատճառը:
Ունէր
մանչ
մըն
ալ,
որ
գիշերը
կէսէն
առաջ
չէր
գար
պառկելու:
Նեղն
էին:
Իրենց
հելլէնահպատակութիւնը
–
վաւերական
–
կը
պաշտպանէր
զիս,
իրենց
հաւաստիքովը,
ոստիկանական
խուզարկութեան
վտանգէ…:
Ժամէն
աւելի
երկարող
այս
վիպումէն
վերջ,
մայրը
գնաց
պառկելու:
Աղջիկը,
Տեսբինան
(գիտէի,
թէ
օրիորդ
կը
նշանակէ
բառը)
մնաց
իմ
մօտ:
Ժամը
չերկրորդուած՝
ան
ինկեր
էր
բազուկներուն
մէջ
Արեւելքի
իշխանին:
Հովուերգութեան
տարի
մը
չէր
սակայն
1915ը:
Երկու
օր
վերջը,
ես
պարտաւորուեցայ
փախուստ
տալ
այդ
բազուկներէն,
անշուշտ
իշխանազն
չըլլալուս:
Խաղցող
անոր
եղբայրը
ոսկի
կ’ուզէր
ու
հայոց
պատրիարքարանը
անկարող
էր
հացագին
իսկ
ճարել
հայ
հալածական
գրագէտին:
Կարճ
այս
պատմութեան
իմա՞ստը:
Կը
տեսնէք
քիչ
վերջը:
Սոնա
Գոհարեանին
ժամանակ
չտրուեցաւ
ինքզինքը
գտնելու:
Լոյսին
պակասը,
որով
անոր
հոգեկան
անձուկը
կ’ըլլար
անիմանալի
է,
հետեւաբար,
աւելորդ,
թերեւս՝
պատճառ,
որ
դէպքերը,
աւելի
ճիշդ՝
դէպքը
չառնէր
իր
չարաշուք
ուղղութիւնը:
Աղջկան
խնայուած
սա
վախի
զգայութիւնները
ծածկեցին
միւս
կողմէն
թուլացման,
ընկրկումի,
ինքնամփոփման,
ձերբազատման
ծփանուտ
խաղերը,
–
բոլորն
ալ
սեռային
արեւելումը
հսկող,
հակազդող,
արագող
կամ
կործանող:
…Սուր
ճիչ
մը,
անապատին
սիրտէն
ըսես:
Քարերուն
ուղղութեամբ
ձեւերը
իրարու
ետեւէն,
արագ,
վայրագ:
Ուրու
եւ
մարդեր:
Անապատային
գիշերներուն
ընտանի
աղջկան
համար
այդ
ճիչերը
չունէին
գաղտնիք:
Չպատասխանեց
տղուն,
որ
ուզեր
էր
հասկնալ:
Աղջկայ
ամօթխածութի՞ւն,
թէ
ուրիշ
հեռաւոր
վախ…
Պաղը
չէր
խորացած
անշուշտ:
Բայց
կը
զգային
զայն
քիչ
մը
աւելի
ամուր:
Ատոր
համա՞ր
էր,
որ
անոնց
մարմինները
անգիտակցաբար
կը
ջանային
օգտագործել
հովին
պզտիկ
զարկերը,
տղուն
փողկապին,
որ
կը
քսուէր
«թաւիշ
շրթունքի»
նման
աղջկան
վիզերուն:
Թերեւս
նորէն
այդ
զարկերն
էին,
որ
բերին
տղուն
ետեւէն
քանի
մը
կակուղ
գիծ,
գգուանքի
մանրուք
սարսուռներ,
մազերու
լարերէն:
Ոչ
պիրկ:
Ոչ
բռնուած:
Ոչ
թոյլ:
Լոյսը
այս
պայմանները
կարող
էր
արժեւորել:
Մութը
բարիք
մը:
Բայց
կար
շտապը:
Արագութիւնը
այնքան
զգալի,
շարժելու
անկարող
իրենց
մարմիններուն
խորը
լարւած,
հանդերձուած:
Յետոյ
տեսան:
Իրարու
համար
լուսաւոր,
բաց
էին
անոնց
հոգիները:
Ո՞վ
պատրաստել
էր
սա
մտերմութիւնը,
իրարու
հետ
հազիւ
քանի
մը
ժամերու
վրայ
երկարող
տեւողութեան
կտաւի
մը:
Նստան:
Քարէ
հարթ
յատակ
մըն
էր:
Սոնա
Գոհարեանին
համար
այդ
պատսպարուած
խորշը,
սրբազան,
տրտում,
նոյնիսկ
ցաւագին
խռովքներու
տեսակ
մը
խորան:
Տան
սենեակին
չափ
ու
աւելի,
քանի
որ
ժամեր
կը
մնային
հոն
Սահակ
Պարգեւեանին
հետ,
իրենց
առանձնութեան
հաճոյքն
ու
ցաւը
«մարսելով»,
ինչպէս
կ’ըսէր
մեծ
արուեստագէտը,
նկարել
ջանալով
աննկարելի`
տագնապը
սա
ըղձաւորութեանց,
վախնալով
իր
մէջ
ուրուացող
լեզուներէն,
սանձելու
զանոնք,
ներքին
արցունքով
ու
դառնալով
մարդկեղէնին…:
Իր
«հօրը»
սա
ներկայութիւնը,
հիմա,
իր
կուշտին,
ուրիշ
պատկերի
մը
մարմինով,
իրեն
եղաւ
օգտակար,
որքան
կորստաբեր:
Պահ
մը
անցեալը,
յանկարծահաս
կոծումով
մը
ողողեց
զինքը:
Քովն
էր
Սահակ
Պարգեւեանը:
Ու
ինք
կը
հետեւէր
անգոյ
ու
գոյ
(կը
զգար
երկու
իրողութիւններն
ալ
մէկ
ամանակով)
այդ
մարմինին
ալ
մտերիմ,
որքան
կասկածելի
ձայներուն,
գրագէտին
թոնիր,
եղկ
«դաշնակ»ին,
զոր
գրական
գիւտ
մը
իբրեւ
գործածած
էր՝
որակելու
համար
իր
հօրը
թաքնուած
հզօր,
անսպառ
«նուագները»
(միշտ
իր
մարմինէն
իբրեւ
սրբազան
հանգոյց
մը),
հիմքերուն՝
ամէն
մէկին
մէջ
ահաւոր
իմաստներ
թելադրող,
լեզուներուն,
շրթունքներուն՝
հարիւրով,
հազարով,
որոնք
կը
բոսնէին,
կը
տպէին,
կը
լզէին
իրաւ
շրթներու
ամբողջ
տրտում
ու
փափուկ
գաղջութեամբը:
Վախցաւ,
ինչպէս
վախցեր
էր
այնքան
անգամներ,
իրմէն
աւելի
Պարգեւեանին
հաշուոյն,
հիմա,
իր
կարգին,
անոր
տղուն
ալ
հաշուոյն:
Այնքան
մութով
պատանուած
այդ
բանը՝
իր
կուշտին,
յստակ
էր
իր
ներսի
համար:
Յետոյ
ըրաւ
թափանցումը
ուրիշ
ալ
բաներու:
Սա
զգայութիւնները,
ո՛չ
նոր,
ոչ
ալ
տարօրինակ,
անոր
այնպէս
եկաւ,
որ
կը
կազմէին,
կազմեր
էին
լման
կտաւը
անոր
հոգիին,
դեռ
անդրանիկ
պատանութեան
դուռներէն,
Պարգեւեանին
հետ
բոլոր
իր
առանձնութեանց
վրայ
պարտադիր
ու
իրաւ:
Ի՜նչ
բազմատեսակ՝
արձագանգները,
իր
մարմինէն,
այդ
պայծառ
բխումներուն:
Անիկա
գոց
գիտէր
զգայութիւններու
հանդէսը,
իրմէն
ներս,
մա՛նաւանդ
իրմէն
դուրս:
Գրագէտին
եղկ
ափը
ի՜նչ
անորակելի
բաբախում
էր
իր
միսերուն
վրայ,
թեւ,
վիզ.
երես:
Յետոյ՝
անոր
թեթեւ
գալարումները,
նստելու
հարկադրուիլը
կամ
ոտքի
նետուելու
ու
նայուածքը
վախցնելու
տեղ՝
մարմինը
վախցնելու
շուարումները...:
Բայց
ահա
աւելին:
Սա
րոպէին,
մութէն
խօսող
սա
մարմինը
երիտասարդ
արուեստագէտին
պարզ,
շատ
յստակ,
թափանցիկ
ու
ահաւոր
կերպով
մը
հասկնալի
ձայն
մըն
էր,
միակտուր
ժայթք
մը,
առանց
սխալ
շեշտի,
ինք
ճշդեց
մտովի՝
fausse
noteի:
Այդ
ձայնին
հայրը
երբեք
չեղաւ
սա
մերկ,
արու,
մա՛նաւանդ
նուաճող
զարկը:
Հօրմէն
տղո՜ւն:
Անշուշտ:
Բայց
չկրցաւ
մտածել,
որ
քառորդ
դարը
խոշոր
շերտ
մըն
էր
ժամանակ
ըսուած
չափէն:
Ինչ
որ
կեցուցեր
էր
անոր
հայրը,
իր
մարմինին
մօտ,
սա
յստակ
բարբառէն,
թերեւս
շրջանին
իսկ
նկարագիրը
կը
կազմէր:
Պատերազմէն
առաջ,
Սահակ
Պարգեւեանին
համար
կիները
ժում
էին:
Պատերազմէն
ետք,
անոր
տղուն
համար,
կիները՝
սփոր:
Սոնա
Գոհարեան,
իրենց
տունին,
ապականութենէն
գտած
էր
միակ
բարիք,
ատիկա՝
զերծ
ըլլալ
կարծելը
սեռային
ռոմանթիզմէն:
Գրական
իր
տարազէն
երբ
վերածուի
սա
վստահութիւնը
իրական
իր
իմաստին,
կը
նշանակէ
կէս
մը
ազատութիւն,
արհամարհելու
ուժ,
արուն
ուզելու
մէջ
արուութիւն:
Իր
candeurէն
փշրուած
աղջիկը
ներա՞ծ
էր
զայն
փշրողին:
Հարցուցեր
է
քանի՜
անգամ,
ինքը
իրեն
ու
միշտ
փոխեր
մտածումները,
պատասխանէն
վախնալուն:
Ու
ահա,
իր
վստահութիւնը,
հպարտութիւնը,
սեռային
ռոմանթիզմը,
իրարու
ետեւէ,
ուրուացող
ու
խուսող:
Աւելի՛ն.
այս
ցրուածութիւնը
կ’ըլլար
տկարութիւն,
սա
րոպէին:
Ինք
կը
հասկնար
մարդու
լեզուն,
հակառակ
իր
իմաստութեան
ետին
ապահոված
բոլոր
հպարտ
ազդակներուն
բարիքին:
Խելամտումը
մինակ
բառարանի
բնակիչ
մը
չէ,
այլ՝
օր
մը
մեր
վրայ
խուժող
բեկում
մը,
բիւրեղացում
մը,
առնուազն՝
որոշում:
Թէեւ
ցանցառ,
բայց
իրական
են
մեր
կեանքին
մէջ
սա
րոպէները,
որոնց
ընթացքին
«վարագոյրը
կ’իյնայ
մեր
աչքերէն»,
ինչպէս
կը
պատկերացնէ
ժողովուրդը:
Տարիներով
մեր
աչքին
պարզ,
բնական
ձեւ
մը
մէկէն
կը
վերածուի
իր
ներքին
իրականութեան,
իմաստին:
Հարցուցէք
կիներուն
րոպէէն,
ուր
հոգեղէն
ճակատէն
անոնք
գտան
առանձին
ճեղքը,
վէրքէն՝
որ
զարկաւ
իր
առաջին
մուրճը,
ամուր
զանգակին
վրայ
իրենց
նկատումներուն:
Վէպն
ալ
ունի
իր
պահանջները:
Անկեղծները
դժուարութիւն
պիտի
չզգան
իրենց
պատկերը,
այդպէս
վիրաւոր,
շարաւոտ,
իրենցը
յայտարարելէ:
Ուզեց
ձայնով
լոյս
ճարել,
սա
ներքին
պղտորումէն
յայտնապէս
անհանգիստ:
Ու
զգաց,
որ
աւելի
մութ,
նուաղ
բաներ
կը
սողոսկէին
ընդմէջ
մտածումին
ու
կոկորդին:
Շրթներու
ըմբոստութիւնը
գրական
տարազ
մը
չէ
միշտ:
Լռեց:
Հաճ,
հաշտ,
նոյնիսկ
թրթռագին:
Աւելի՛ն.
պիտի
սիրէր,
որ
մութը
հաստնար,
«շօշափելի
թուիլ»,
սա
հոգեպատկերին
վրայ:
Բացատրութիւնը
դարձեալ
կու
գար
Սահակ
Պարգեւեանէն:
Անոր
ետեւէն,
անդիմադրելի,
որքան
ողբակոծ,
գրագէ՛տը,
որուն
ափերը
(տարիներով)
պսակեր
էին
իր
բերանին,
զինքը
ձայնէ,
ձայների
արգիլող,
մղելու
համար
զինք
մտիկ
ընելու
ուրիշ
բաներ,
հեռու,
աղօտ,
սողոսկուն
ու
գէջ,
իր
պարման
աղջկան
մարմնեղէն
անդունդներէն,
բաներ՝
որոնց
մասին
իր
խրտչուն,
անհանգիստ
զգայնութիւնները,
ժամանակին
հետ,
դարձեր
էին
բնական
ըսուելու
չափ
«յարդարուն»
հոգեբանութիւն:
Ինքնիրմէ
քակուելու
ու
նոյն
ակնթարթին
մէջ
վերակազմուելու
սա
տպաւորութիւնները,
ինչպէս
այն
ատեն,
հօրը
հետ,
հիմա
ալ,
տղուն
կուշտին՝
անիկա
կապուած
գիտէր
դէպի
անդունդ
հեղումի
մը,
հոսումի
մը
շատ
յստակ
նախզգացման
մը:
Այն
ատեններուն,
ինչպէս
հիմա,
դադրած
էին
արտաքին
աշխարհը,
իբր
նկատում,
թելադրութիւն,
տգեղութիւն
կամ
շնորհ:
Մա՛նաւանդ
անով
պայմանաւոր
հազարումէկ
շուարումներ:
Այն
ատեն
ալ,
ինչպէս
հիմա,
անիկա
մինակ
էր
զառիթափի
շրթունքին,
որ
զինքը
կ’ուզէր:
Գիտէր
իր
սրունքները
մասով
արդէն
քաշուած
դէպի
պարապը,
գիրքերը
կ’ըսեն՝
անդունդը,
որ
միշտ
հովին
մէջ
պիտի
շփոթէ
ինքզինքը,
այլեւ
երբեմն
մեր
հոգիներուն
ներսը:
Շնչահեղձ
ըլլալու
մօտ
պրկուած,
ինքզինքը
ազատելու
համար
սա
մռայլ
հեղումէն,
Սոնա
Գոհարեան
ըրաւ
քանի
մը
շարժումներ,
անգիտակից,
բնազդական,
«ինքզինք
հաւաքելու»,
վախէն
վերջ
ու
անկումէն
առաջ:
Դողա՞ց
անիկա,
որպէսզի
տղան
խօսէր.
–
Կը
մսի՞ս:
Չպատասխանեց
սակայն:
Կան
տաք
սարսուռներ:
Չէր
մսեր:
Ու
գիտէր
իր
դողը,
որ
արտաքին
աշխարհին
հետ
չունէր
ոչ
մէկ
աղերս:
Նեղուեցաւ
սակայն:
Թափանցիկ
էր
աւելի,
որքան
պիտի
չուզէր:
Մտքին
ներկայացաւ
ջանքը
ինքզինքը
պաշտպանելու,
«պարտկելու»,
ինչպէս
կ’ըսեն:
Անգայտ
ու
անյարիր,
անոր
մէջ
աղջիկը
իր
առաձգութիւնը
թուլցուցած
հանգոյց
մըն
էր:
Իրարու
յեցած
էին
անոնց
մարմինները:
Անոնց
ափին՝
քրտինք:
Կուրծքին՝
ջերմ,
խոնաւ
ձայներ:
Իրարու
ճամբորդող
սարսուռներ:
Արման
Պարգեւեանին
համար,
սա
պահը,
չըսելու
համար՝
սա
աղջիկը,
ունէր
բանաստեղծական,
գէշ
բառով
մը՝
գեղարուեստական
տեսարանի
մը
խռովքը,
մեր
քաղաքներու
խառնակ
աշխարհէն
զերծ
պարզութեամբ
մը
հովանաւոր:
Անոր
մատները
կը
ծեծէին,
մեղմ,
յատակի
քարերը,
երկարած
սրունքները,
որպէս
թէ
ըլլար
նուագահանդէսի
մը,
արուեստական
միութեան
մը
ծոցը,
կանչուած՝
արտայայտելու
լուռ
նուագարաններու
վրայ
ինչ
որ
կազմեց
գերազանց
նուազը
տարիքին,
իյնալու
վրայ
սիրտերուն
անպարագիծ
տագնապանքը:
Աստղերը
աւելի
քան
իրաւ,
իրենց
սէրերու,
երազանքին
ու
թերեւս
բռնկումներուն:
Թոքախտաւորներու
քաղաքիկը,
իր
բացխբեկ
լոյսերով,
չէր
յաջողեր
իր
իրականութիւնը
պարտադրել
անոնց
գերագրգռուած
զգայարանքներուն,
պրկուած՝
կոծկոծուն,
հետզհետէ
աճող,
որպէս
թէ
ցաւէ
մը
դառնային
այդ
մկանները:
Ուրուայնացած
քաղաքիկին
փոխարէն,
անապատը
կը
ստանար
կարկառ,
թանձրութիւն:
Ձայները,
հովը,
մշշագիծ
պղտորութիւնները
հեռացող,
մօտեցող
ձեւերուն
անոր
մեծ
մարմինը
կ’ալեկոծէին:
Գիշերը
«դիւթահանդէս»
մըն
էր,
այս
անգամ
իրաւ:
Վարժ
խաղարկութեամբ
մը
երիտասարդը
կը
շահագործէր
սա
պաշտպանութիւնը
մութին:
Անիկա
կասկած
չունէր
իր
ձեռքերուն
մէջ
դողացող
մանրիկ
մատներուն
տառապանքէն,
որքան
փափաքներէն:
Ու
ընտանի
վստահութեամբ
մըն
էր,
որ
երկարեց
թեւերը
անոր
մէջքին,
զայն
կիսով
աղեղող:
Աւելորդ՝
տակաւին
պատկերը
«հիւսուած»
մարմիններուն:
Հիմա,
շշուկի
մը
մէջ
պղտոր
զոյգէն,
իրենցմէ
քիչ
բացօք,
կը
շինուէր
երգ
մը,
օտար,
չորութեան
հակառակ՝
խոնաւ:
Ձայներու
մագիստրոս
երիտասարդը
իսկոյն
ճշդեց
ձայնին
նկարագիրը,
կոկորդներուն
ցեղը:
Հիւսիսային,
աւելի
ճիշդը՝
ծովային
–
չըսաւ
բողոքական
–
երկիրներու
ցուրտ,
տրտում
արիւն
մըն
էր
այդ
ճիչը,
անապատին
չոր
շոգին
հետ
զօրաւոր
հակապատկերով:
–
Անգլիացի
են:
–
Գորշ
ու
ցուրտ
մարդերը,
որոնց
տրտմութիւնն
ալ
ներկւած
է՝
ձայնին
նման:
Երգը,
միշտ
բացէն,
թաւշային
փափկութեամբ,
Արեւելքը
յիշեցնող
ալ
ջերմութիւն
կը
թուէր
փոխադրել:
Մտիկ
ըրաւ
ուշադիր,
ինքզինքը
հակասութեան
մէջ
զգացող
մէկու
մը
նման:
Աղջիկը
հասաւ
անոր
օգնութեան,
վարանումը
փարատելով.
–
Տանիմարքացի
վարժուհին
է:
–
Արեւելք
ըրա՞ծ:
–
Հիւանդ
է
ու
արգիլուած
իր
հայրենիքէն:
–
Քովի՞նը:
–
Անգլիացի:
–
Երիտասա՞րդ:
–
Այդ
ժողովուրդը
ծեր
չունի:
–
Երգին
մէջ,
կ’ուզէք
ըսել:
Կ’ակնարկէր,
առանց
գիտնալուն,
անհուն
այն
տգեղութեանց,
որոնք
այնքան
ծանր,
տառապագին
զգայութիւններ
կ’արթնցնեն
Արեւելքի
կարգ
մը
խառնածին
ձեւերուն
մէջ,
ընդհանրապէս
աղջիկ:
Սուրիան,
Պաղեստինը,
Եգիպտոսը
գետիններ
են
սա
մշակումներուն
(մարդկային
միսն
ալ
կը
մշակուի):
Երկու
կամ
երեք
սերունդի
վրայ
սեւեռուած
հրաշքներ
են
այդ
աղջիկները,
սլաւ
ցեղերու
մաքրութեամբ
մը՝
մորթէ,
լիք
ու
թաւշագեղ,
բայց
որոնց
միսերուն
կծիկները
անապատին
շարժուն
արեան
մէջ
ըլլան
հանգուցուած:
Այդ
աղջիկները
Պոլսոյ
մէջ
կ’որակուէին
«փաշաներու
շառաւիղ»:
Եգիպտոս
անոնք
կը
խենթեցնէին
Արեւելքի
արքաները:
Սոնա
Գոհարեան,
առանց
պատկանելու
այդ
հրաշքներուն,
իւրացուցած
էր
խուլ
գարշանք
մը
ընդդէմ
ցանոտ
ամերիկուhիներուն,
երկարապատում,
անկիւնաւոր
մարմիններուն:
Աւելի՛ն.
Արեւմուտքի
ամէնէն
փարթամ
քաղաքակրթութեանց
փորձանքները,
ով
գիտէ
ի՛նչ
կրակներ
մարելու
համար,
կու
տան
փախուստ
իրենց
ոստաններէն,
երբ
կ’ողողեն
Գահիրէն,
պանդոկներու,
զբօսավայրերու
մէջ,
անկանգնելի
յիմարութեամբ
մը
պտտցնելով
իրենց
անհանդուրժելի
ծերութիւնները
–
ամէնէն
երիտասարդն
իսկ
այդ
միսերուն
վաւերական
պառաւի
մը
հոգին
կը
կրէ
–
իրենց
ահաւոր
քոտաքներուն
անխուսափելի
սպառնալիքներովը:
Քանի՜-քանի՜
անգամներ,
կիներուն
մասին
մեծ
expertը,
Սահակ
Պարգեւեան,
Սոնայի
թեւին,
թքեր
էր
գետին,
մեծաշռինդ,
գայթակղութեան
գնով,
երբ
կ’անցնէր
անոնց
գործիքներուն
հասողութեան
դաշտէն,
անտարբեր
ու
լիրբ,
արժանանալու
համար
զանոնք
գրգռելու
վայելքին…
–
Ամէնէն
վաղանցուկ
թագաւորութիւնը
ձայնին
է
մեր
մէջ,
Օրիորդ
Գոհարեան:
Չպատասխանեց:
Բեռը
անոր
մարմինին,
տաք,
թրթռուն,
իրաւ,
պատի
մը
պէս:
Մէջքին՝
բազուկը,
ամուր,
ապահով:
Առաջին
անգամ
էր,
որ
արուն
միայն
խռովք,
ցաւ
ու
տրտմութիւն
չէր
իր
քով,
հետ:
Անոր
իրանը
լքած
էր
ինքզինքը
այդ
բազուկին:
–
Որքան
պիտի
ուզէի
Արեւելքէն
եղանակ
մը,
մելոտի
մը
ընել
մտիկ,
սա
րոպէին,
սա
տեքորով:
–
Որպէսզի…
–
Ի՜նչ
գիտնամ:
Պարգեւեանին
ինչ
գիտնամը,
նոյնքան
վեհափառ,
անգութ
ու
այլուրային,
տղուն
բերնէն:
Սոնան
սարսռաց:
–
Ինչո՞ւ
դողացիք:
–
Այդպէս:
Կ’երեւի
անապատը
սկսած
է
պաղիլ:
Երգը
հեռացաւ,
մարելու
վրայ:
–
Հոգիիս
մէջ
տեղեր
կը
զգամ
նոր
երգեր
ընդունելու:
Մինակ
հողերը
չեն,
որ
կը
սպասեն
սերմի:
Բնական
էր,
սա
երիտասարդի
բերնին
սա
պատկերը,
նոյնիսկ
աղջիկ
մը
գրկելու
վրայ:
–
Արեւելքը
պէտք
է
ապրիլ:
Ամբողջ
սեղմում
մըն
էր
նախադասութեան
հետեւող
շարժումը:
–
Գիրքերը
ատոր
չուքն
իսկ
չեն
տուած,
չեն
տար:
Մօտեցած
էին
անոր
շրթները,
զգալու
չափ
խոնաւ
ջերմութիւնը
աղջկան
բերնին:
–
Ինչ
կ’ուզէք
Արեւելքէն,
որուն
զաւակն
էք
սակայն:
–
Ի՜նչ
գիտնամ:
Երկրորդ
անգամ
սա
բացագանչութիւնը
դող
նետեց
աղջկան
բոլոր
մարմինին:
Արագ,
չըսելու
համար՝
յանկարծական,
անիկա
տեսաւ
օրերը,
անոր
հօրը,
մօտիկը
իր
մարմինին:
Ու
իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
անաւարտ
հեքիաթը
–
իր
օրե՛րը՝
գրագէտին
խուլ
երազանքին
ու
ըղձաւորութեանց
կոհակներուն
բախման
տակ
–
կ’առնէր
իր
վճռական
իմաստը:
Հեռացուց
սակայն
մօտութիւնը
անոր
շրթներուն,
վարժ,
մեղմ,
գգուագին
նոյնիսկ:
–
Մեր
մէկ
բանաստեղծը
կ’ըսէր,
որ
ծերերը
կ’աղօթեն…
Ուրկէ՞
կու
գար
այդ
նախադասութիւնը
Սոնայի
շրթներուն:
Հարցնելէ
առաջ,
գտեր
էր
սակայն
ծեր
չունեցող
ժողովուրդը,
երբ
մտածում
ու
պատկեր,
դէզին
մէջէն
զգայութիւններուն,
որոնք
խիտ
պահերու
յատուկ
հոծութեամբ
մը
կ’ողողէին
անոր
րոպէները:
Բացառութիւն
չէ
ժամանակի
սա
զանցումը:
Մեզ
յաճախ
խօսքի
կը
մղէ
րոպէն:
Բայց
երբեմն
ալ
անկէ
աւելի
կրաւոր,
այսինքն՝
մեզ
տրորող
տագնապը:
Սոնա
Գոհարեան
նոր
չէր,
որ
կ’անդրադառնար
ծերացած
Սահակ
Պարգեւեանին,
ու
ասոր
ահաւոր
իրականութեան:
–
Երիտասարդնե՞րը:
Բառին
հետ
սեղմեց
անոր
ափը,
մինչեւ
դաստակը
հասնող
ցաւի
զգայութիւն
մը
թօթուելով
աղջկան
գաղջ
միսերուն
մէջ:
Այս
սեղմումը
կը
թուէր
պատասխան
մը,
հարցումը
գունաւորող:
Սոնա
Գոհարեան
ճանչցաւ,
մեծ
յստակութեամբ,
այդ
ճմլումին
մէջ
անաւարտ,
անխոստովան
մասը
արձակագիրին
թափառումներուն,
իր
«մարմինին
պարտէզին
վրայ»:
Հօրն
ու
տղան
մատները
կը
նմանէի՞ն
իրարու:
–
Կ’երգեն:
Պատասխանա՞ծ
ըլլալու
համար:
Բայց
ձայնն
ու
մտածումը
անհարազատ
էին
իրարու:
–
Այն
ատե՞ն:
Բարձրացաւ
բողոքական
երգը,
վճիտ,
առանց
տաք
ըլլալ
կարենալու:
Կուրծքին
խաւարումը
կանխող
սա
վերջալոյսը
սա
վարժուհիին
ձայնէն,
ունէր
սիրտի
դպող
գրաւչութիւն՝
որքան
թախիծ:
Եղաւ
Իւսկիւտարի
բանաստեղծին
տրաման,
անոր
աչքերուն:
Իր
տարիքն
ունէր,
հող
իջած
ատեն:
Ու
ապրեր
էր
Արեւելքի
ամէնէն
խորունկ,
հեշտախտիկ
ոստայնին
մէջ,
ինչպէս
կը
պատկերէին
զայն
աչուըները,
մարմինը,
մա՛նաւանդ
բխումները
Սահակ
Պարգեւեանին:
«Տրոփ»ը
բանաստեղծին,
դադրելէ
առաջ,
գտա՞ծ
էր
արձագանգելու
համար
լանջք
մը
(իր
մէկ
թեւով
դպած
էր
ձախ
ստինքին
ու
ամչցած):
–
Ըսա՞ծ
է
ձեր
բանաստեղծը,
թէ
երբ
ենք
ծեր:
Աւելի
ամուր,
պահանջկոտ,
տղան
սեղմեց,
լանջքէն
գրեթէ
հեռացնելով,
աղջկան
թեւը:
Ինչո՞ւ
չէր
սպասեր
պատասխանի:
–
Սիրոյ
երգիչ
մը,
ձեր
այդ
բանաստեղծը:
–
Սիրոյ
եւ
ցաւի
երգիչ
մը:
–
Երանելի
դարե՜ր:
–
Այսի՞նքն:
–
Երբ
սէրը
ցաւ
էր:
–
Այսօ՞ր:
–
Ո՜վ
է
հարցնողը:
Անոր
մարմինը
բառերուն
մէջէն,
վրայէն
«ծաւալեցաւ»
դողահար,
չքացած,
«ջնջուած»
աղջկան,
զոր
բարեբախտ
միջամտութեամբ
մը
մութը
կը
պատսպարէր,
խնայելով
եղկելի
պատկերին
անդարման
կործանումը,
երբ
աղջիկ
մը
ընկղմելէ
առաջ
սեռին
յորձանքին
վրայ,
կ’ապրի
իր
վախն
ու
յիմարութիւնը
նոյն
գիծի:
Արման
Պարգեւը
(շատ
չէր
ախորժեր
եանէն,
որ
չարաշուք
բան
մը
կը
յիշեցնէր
իրեն,
մա՛նաւանդ
արբունքին
ատեն:
Արեւելքի
արքայացուները
հեքիաթին
զաւակները
ըլլալու
էին
եւ
ոչ
թէ
աս
ու
ան
երկրին
յուշարարը)
կը
ճանչնար
աղջիկները
հօրը
չափով
ու
թերեւս
աւելի
կատարելութեամբ:
Այս
դարուն
առաջին
քառորդին
քսանամենի
աղջիկները
–
բառին
տալով
հարիւր
տարի
առաջուան
իմաստը
–
կորսնցուցած
էին
ամէնէն
աւելի
տարազին
խորհուրդը,
բանաստեղծութիւնը:
Ամէնքն
ալ,
այս
տարիքին
մէջ,
նոյնիսկ
անկէ
բաւական
առաջ,
գիտէին
այնքան,
որքան
պիտի
սորվէր
իր
թշուառ
մայրը,
Փարիզէն
փախուստին,
զինքը
որբի
մը
պէս
խնամելէն
ու
կեանքը
անիծելու
իսկ
սիրտ
չունենալէն
վերջը:
Ինչո՞ւ
չէր
մեռած
իր
մայր…
–
Ու
մահուան
երգիչ
մը:
–
Անշուշտ:
–
Մեռած
ալ,
երիտասարդ,
չէ՞:
–
Ուրկէ՞
գիտէք:
–
Ինչ
հարկ
հարցնելու
այդքան
պարզ
բաներու
պատճառը:
Սեղմեց
ու
համբուրեց,
իրաւ,
սուտ,
բնական
ու
հեքիաթի
մէջ,
այնքան
սա
անցումները,
զգայութենէ
զգայութիւն
կ’ըլլային
արագ,
անդիմադրելի:
–
Ձեր
մա՞յրը
պատմած
է
ձեզի:
–
Մահը
կ’ապրին,
չեն
պատմեր:
Անով
է,
որ
անիկա
հոմանիշ
է
սիրոյ:
–
Ի՛նչ
տրտում
էք
դուք:
–
Ոչ
ձեզի
չափ:
Արեւելքը
սուգ
է
ամբողջ,
ահա
քանի
դար
կայ:
Անոր
անզգած
շեշտը,
հանդարտ,
լայն,
պահանջկոտ
շրթները,
մա՛նաւանդ
փորձ,
վարժ
բազուկները
կը
հաստատէին
այդ
Արեւմուտքը,
որ
աղջիկները,
կիները,
ասոնց
խորհրդանշած
իրողութիւնը
այնքան
պարզած,
փակած,
ազատագրած
է
իր
հմայքէն:
Երկար
էր
անոր
համբոյրը,
յամառ
աղջկան
բերնին
վրայ,
հարցական
ու
յանդուգն:
Անիկա
բռնած
էր
իր
բաց
ափին
մէջ
անոր
երկու
ափերը,
արի,
տիրական
ու
անդիմադրելի:
Միջամտե՞ց
ձայնը.
կործանող
ասուպ
մը,
բոժոժներու
լացը:
Տակաւի՞ն:
Անապատը
ունէ՞ր
իր
ժամը:
Անիկա
դատեց
րոպէն,
ահաւոր
արագութեամբ,
«ուր
կը
հասուննան
աղջիկներ»:
Սոնան
մօտ
էր
նուաղման:
Հանդարտութեամբը
մարդու
մը,
որ
կը
չափէ
հասուննալուն
աստիճանները,
ապահով
ու
մասնագէտ,
առաւ
անոր
մարմինը
իր
ծունկերուն,
ըսես՝
հեռուներէն
յարդարուած
հանգստեան
անկիւն,
տաղաւար
անհովանի՝
անանուն
այն
երեւոյթին,
տեսիլքին,
որ
կը
սկսի
մեր
պատմութեան
դուռներէն՝
իր
ոստայնը
մեր
զգայարանքներուն
խորունկ
խորշերը
կապելով
իրարու
ու
կ’ըլլայ
պայծառ
խռովք
մը,
հրթիռ
մը
մեր
մտքին
վերեւ.
ու
կ’ըլլայ
մարած,
պղտոր,
մոխրասոյզ
տրտմութիւն,
երբ
կը
նետուի
մեր
ետին,
հանգումին
հետեւող,
կապուած
յաճախ
արիւնի,
արցունքի,
անմոռանալի
րոպէներու
փունջի
մը,
երբեմն
ալ
երջանկութեան,
անճառ
հաճոյքին
փայլակերպ
շուքի
մը:
Արման
Միրովնա,
Պարգեւ,
ո՛րն
ալ
ըլլայ
սա
տղան,
ունէր
իր
ետին
այդ
րոպէները:
Չզարմացաւ,
որ
Արեւելքին
այդ
պուպրիկը
ըլլար
այդքան
քիչ
ծանրութեամբ
ու,
մա՛նաւանդ՝
իր
խորան
ամբարձումը
ընէր
այդքան
ընտանի,
ոչ-դիմամարտ,
չնմանելով
հեքիաթին
յօրինած
աղջիկներուն:
Ոչ
մէկ
ընկրկում:
Իր
կողմէն,
բարձրաձայն,
պատրուա՛կ,
մսուքը:
Անշո՛ւշտ
որ
անխոհեմութիւն
էր,
գարնան
գիշերով,
առանց
վրանոցի
սա
թափառումը,
անապատին
մէջ,
որ
մէկէն
կը
մսի:
Ու
այսպէս
«բարձրաձայն»
մսելո՞ւ
համար…:
Տղուն
ծունկերով
գոյացած
խորշին
մէջ
անոր
մարմինը
կը
շարունակէր
դողալ,
բանաստեղծ
մը
պիտի
սրբագրէր՝
թրթռալ:
Վա՞խ:
Հասկնալի
էր,
որ
չերեւէր
ասիկա՝
իր
հօրը
արիւնը
այնքան
հարազատութեամբ
ու
կիրքով
կրող
երիտասարդին
ներսը,
որ
այդ
ժառանգութիւնները
պաշտպաներ,
ամրապնդեր
էր
արեւմտեան
արւեստին
ամէնէն
խորունկ
կաթումներովը:
Անոր
մատները
շուշաններու
նման
կոտրեր
էին
սիրտեր,
դաշնամուրին
հեծկլտուքին
ընդմէջէն,
տժգոյն
ըլլալու
անկարող
պարմաններու
կուրծքին
վրայէն,
երբ
կը
փորձէին
ստեղծել
«մարմար
մեղեդին»,
ինչպէս
կը
սիրէր
պատկերել
աղջիկներուն
ծոցը,
սաթէ
հովիտը
ստինքներուն:
…Նայուածքի
բացակայութիւնը
սա
դալկացումներուն,
բռնկումներուն
վրայ՝
ուրիշ
պատեհութիւն,
հեռացման,
ուրուայնացման:
Քակեց
անոր
մէջքէն
թեւը,
մինչեւ
այդ
րոպէն
ամրապէս
երկարած
այդ
թրթռուն
շէնքին
զգալի
մարդակ:
Պէտք
ունէր
անոր,
նետելու
համար
այս
անգամ
վերերէն,
պարանոցին
փողրակէն,
ուսն
ի
վար
այդ
աղջկան,
դէպի
կռնակը,
ուր,
մետաքսին
թեթեւ
ճնշումը,
քսեքսումը,
հեծքերը,
մազերու
եղկ
շրշիւնին
խառնուած,
ծնունդ
կու
տար
մատնող,
անհանգիստ
զգայութիւններու,
թելադրելով
իսկական
տեսակ
մը
դժուար,
անխորհուրդ
բազմութիւն,
անոր
գերազանցապէս
տրամադիր
լսելիքները
աղմկելով,
երբ
ինք
այդքան
մինակ
կ’ուզէր,
պիտի
ուզէր
ինքզինքը,
սա
պահուն:
Յետոյ
յաճախւեցաւ
դժնդակ
բաներէ,
մօտիկ
անցեալէն:
Արեւմտեան
մեծ
ոստաններու
կասկածելի,
գէջ,
մերկ
սենեակներու
ներսը
կատարուող
մերկացումներ
կը
նեղէին
զինքը,
իրենց
հետեւանքներուն
անհարկի
թափօրովը:
Սեռային
սբօսը
տրտում
է
միշտ
ու
աղջիկներու
յիշատակը
յաճախ
գերեզման
մը,
մեր
մտքի
տաշտին:
Անոր
մէջ
կրկնուելու
ելան
բազմերանգ
տպաւորութիւնները,
բերնէ,
մորթէ,
ձայնէ,
նայւածքէ,
բոլորն
ալ
պարզագոյն
իրողութիւններու
փշրանքներ
իբրեւ:
Պատերազմէն
անցնող
երիտասարդ
մը
չէր
Արման
Պարգեւը
սակայն,
որպէսզի
իր
զգայարաններուն
ակօսին
ինկած
ամէն
թրթիռ
ընդունէր
ուղղակի,
առանց
այս
ու
այն
նկատումներուն
սլաքին:
Ամէն
րոպէ
իրենց
կեանքը
զոհի
մը
պէս
կրած,
իրենց
օրերը
իբրեւ
սնունդ
ժառանգած
այդ
երիտասարդները,
ճակատէն
դարձին,
կիները
ունեցան՝
իրենց
զրկանքներուն
համեմատական
յագեցումով
մը:
Անոնց
այս
վայելապաշտութեան
հանդիսատես
պատանիները,
երէցներուն
ճամբով,
մորթեցին
դարերով
նուիրագործուած
նրբացումներ,
–
ամօթխածութիւն,
խղճահարութիւն,
գութ
եւ
այլ
կարգի
նման
դիւրազգածութիւններ,
կիներու
միսերը
գնահատելով
իրենց
մարմնեղէն
արժէքէն,
արհամարհելով
նոյնիսկ
գինը
ժում
մը
վայելքին,
որ
սեղանին
լրացուցիչն
էր
դարձեր,
պարպուած
բաժակներուն
առանձին,
հեւաշտապ
բախումին
պսակը,
բոլորովին
տարբեր
խորհրդասքող,
առնուազն
քիչիկ
մը
բանաստեղծական
պաշտամունք,
գրողները
խանդավառող
ու
գիրքերու
վրայ
գահակալող:
Ահաւոր,
գործնական,
սովալլուկ,
սեռալլուկ,
ու
ամէնէն
առաջ
շնական:
Այս
էր
պատճառը
թերեւս,
որ
չըլլար
այցուած
խղճմտանքէն,
ո՛չ
թէ
տարագրած,
սրբած
ըլլալուն
նորոյթէ
ինկած
այդ
յիմարութիւնը
իր
մտքին
գաւառներէն,
այլ
ըլլալով
պայծառութեանը
մէջ
իր
իսկ
սերունդին,
որ
կը
գործադրէր
արարքը
ընտանի,
սրբազան
մրցանքի
մը
նման:
Ու,
մա՛նաւանդ՝
«հօրը
ակոսով»:
Ան
կ’անգիտանար
այդ
հօրը
տեղը,
իրաւունքը,
հետքերը
սա
միսերուն
վրայ:
Ու
չունեցած
այդ
հօրը
պատկերն
ալ
չխռովեց,
չկրցաւ
խռովել
զինքը:
Իջաւ
անոր
թեւը
կռնակէն
աւելի
վար,
մէջքին
նեղութիւնները
ու
բացուեցաւ
իր
մատներէն,
արձակ
ու
ապահով:
Միւս
թեւը
լքեր
էր
նոյն
ատեն
աղջկան
երկու
ձեռքերը:
Պարզ,
բնական,
զգաստ
ու
ընտանի՝
այդ
թեւը
տեղաւորեց
ինքզինքը
աղջկան
ծոցին,
կռնակին
չափ
ու
քիչ
մը
աւելի
նուազ
պատսպարուած:
Լուսնալոյսը
չէր
յաջողեր
բանալ
մեղրագոյնը
մետաքսին,
որ
կը
շփոթուէր
միսի
հոլանի
կտորներու
հետ:
Սոնա
Գոհարեան
փակած
էր
աչքերը:
Բնական,
հեռուներէն,
Պարգեւեան
պիտի
ըսէր
ճակատագրէն
յարդարուած
սա
պահին
մէջ
սա
փնտռտուքը,
ճմլումները,
արձակումները,
ամփոփումները
սա
աղջկան
մարմինին
վրայ
չհանդիպեցան
ոչ
ընդդիմութեան,
արձագանգի:
Ասիկա
անզգած
կրաւորութի՞ւնն
էր
փորձ
ու
պատրանաթափ
աղջիկներուն,
որոնք
կ’արհամարհեն
իրենց
մէջ
կինը,
անոր
ամէնէն
բնական
պաշտօնները
ու
կ’երազեն
իրենց
մարմինէն
դուրս
ու
վեր
պաշտօններ,
անյաջող
արուեստագէտ,
կապոյտ-գուլպայ
թշուառամիտ,
ու
աւելի
վերջը՝
հանրային
ախորժակներու
պատրաստ
նիւթ
դառնալով,
ծամոնը՝
ամէն
ազգի
իշութիւններուն:
«Գիտէ՞ր
սա
աղջիկը»,
հարցուց
մտքէն,
բայց
խելքը
ունեցաւ
իրեն
մէջ
թաղելու
աւելորդ
ու
ծիծաղելի
սա
հետաքրքրութիւնը,
իր
անցած
փորձառութեանց
դասովը
սորված
ըլլալուն
բոլոր
անշամադաղ
հռչակուած
կուսութիւններուն
տրտմօրէն
կեղծ
հեքիաթը:
Եկան
ու
կեցան
մտքի
դաշտին՝
տարիներու
սանդուխով
մը
իրար
շարունակող
աղջիկները,
անոր
զգայարանքներուն
վրայ
բոլոր
«առաջին
անգամ»
թառած
թռչուններ,
բոլորն
ալ
շրջանաւարտ
սակայն
իրեն
գալէ
առաջ:
Անիկա
չէր
տառապած
այդ
փաստէն,
փաստերէն:
Մեր
քաղաքակրթութեան
խորհրդանիշը
սեռն
էր
անշուշտ
(ուրի՞շ
բան՝
բոլոր
անցած
քաղաքակրթութեանց
մէջ),
բայց
առանց
սրբութեան
լուսապսակին:
Ինչո՞ւ
չէր
խորհեր
մութին
վերմակին,
որ
շատ
բան
կը
ծածկէր
սակայն,
աչքերուն
մատնութի՛ւնը,
խրտչումը
կամ
ասոր
գերումը,
առնուազն
փոխադարձ
ունայնամտութիւնները,
որոնք
կիներու
վրայ
պչրանք
կը
տեսաբանեն
ու
արուին
մէջ
գիշատիչ,
վայրագ
ափափում:
Դողը
չէր
հանգչած
սակայն:
Ընդհակառակն:
Անիկա
լայնցաւ՝
ըլլալու
աստիճան
յուզիչ,
մատնող,
խղճալի:
Անոր
մասնակցեցան
կռնակին,
կողին
ալ
դնդերները:
Դասական
կափկափումը
ատամներուն
դարձեր
էր
տրտմագին,
սրտի
դպող
տարր
մը՝
անզգած
դաշնակահարը
խռովելու
չափ:
Այդպէս
չէին
մսեր,
դողդղար
Արեւմուտքին
աղջիկները
անոր
ծոցին:
Խստացուց
իր
մտածողութիւնը՝
թանձրացնելու
համար
սա
պահուն
զինքը
նեղող
տագնապը:
Անիկա
նոր
մտեր
էր
Մարսել
Փրուստին
«Սոդոմ
եւ
Գոմոր»
հատորին
մէջ
ու
թարմ
էին
վերլուծուած
վիճակները:
Աւելի՛ն.
կեանքը
կար
շատ
մօտ,
իր
ետին:
Բան
մը
յստակ
եղաւ:
Այդպէս
չէին
ընդուներ
արուն
Արեւմուտքի
կիները,
ժամադրավայրերու,
պանդոկներու,
նոյնիսկ
պատսպարուած
հանրային
պարտէզներու
թաւուտներուն
ներսը:
Անիկա
մարմնական
արարքը
վարած
էր
իբրեւ
բարձրորակ
երգահանութեան
հանդէս
մը,
նեարդներու,
միսերու,
գեղձերու,
ջիղերու
ու
ոգիի
օրքեսթրասիզասիոն
մը,
բազմամբոխ,
բայց
ներդաշնակ:
Թատերական
խաղի
մը
նման
հետզհետէ
աճեցուն,
ծաւալուն,
խռովիչ
ու
վազող
էր
տագնապին:
Վայելքին
մէջ
ու
վերջը
խուլ,
շողիւնոտ,
հծծահիւս
լռութիւնը
իրարու
շաղապատուած
միսերուն,
որոնք
պիտի
շարունակեն
դեռ
բաբախել:
Աչքէ
աչք
ու
մորթէ
մորթ:
…Կրկին
խորացուց
իր
մտածողութիւնը,
–
ահաւոր
սա
իրապաշտութիւնը,
գործնականութիւնը,
նոյնիսկ
սա
րոպէներուն
հօրմէն
իր
արեան
մէջ
ոստայնուած
թեւաւոր,
բայց
անջինջ
կնիք
–
վերստին
տեսնելու
համար
մարզանքով,
ձիւնին
ու
անձրեւին,
սառնարաններուն
եւ
աղջուրի
մէջ
եփած,
կարծրացած
աղջիկները
այդ
Արեւմուտքին,
որոնց
ծոցը
ծովեզերք
կամ
լեռ,
նաւակ
կամ
հանքերու
մթաստուեր
կամարները
կը
հոտէր
քիչ
մը:
Ան
չէր
գիտեր
բառերը
–
հնոց,
խորան,
ատրուշան
եւ
իրենց
խմբակը
–
որոնց
վստահուած
էր
պատմել
աղջիկներուն
ծոցը,
ասոր
բանաստեղծութիւնը
իր
հօրը
գրականութեան
մէջ:
Ինչո՞ւ
քանի
մը
մատներու
հարցականներէն
սա
մարմինը
դաշնակի
մը
նման
թրթռար
իր
գիրկը:
Ի՜նչ
հարկ
դարը,
բարքերը,
պատերազմը
խառնշտկել
սա
գեղջուկ
տրամային,
զոր
ահա
քանի
հազար
տարի
է
կը
խաղանք
ու
կը
զարդարենք,
անոր
գտնելու
համար
արդարացում…:
Սոնա
Գոհարեան,
Պարգեւեանի
ծոցին
խենթեցնող
պարիկը
չէր
սա
կէս
գիշերին:
Անիկա
գիրքերուն
պատմած,
պատկերած
թշուառ
խլեակն
էր,
զգայութեանց,
հին
բառով
մը՝
կիրքին
ջուրերուն
վրայ,
հիմնովին
անպաշտպան
ու
անպատսպար,
լքուած
ինքնիրմէ
ու
աշխարհէն,
մահուան
հարուածը
ընդունող
հիւանդին
վճռական
լքումովը:
Խիտ
սա
պահին
մէջ,
փայլակի
մը
թեւերէն,
թափեցան
իրեն
իր
պարմանութեան
ու
անդրանիկ
երիտասարդութեան
լայն
շրջանները,
ամէն
մէկը
իր
սեպհական
բեմով,
դերակատարներով,
մա՛նաւանդ
հոգեկան
ոլորտի
ճնշումներով:
Դուք
գիտէք
այդ
տառապանքները:
Միայն
Արտակ
Գասպարեանը
անոր
վրայ
թշուառ
հրաբուխի
մը
պէս
ուրուային
ու
սրտայոյզ
պաղատանք
մըն
էր:
Ու
իր
հինգ
տարինե՜րը,
ամէն
մէկուն
պարունակին
բոլոր
ցաւերը,
որոնք
տարեր
էին
երեքով,
ամէն
մէկը
իր
հաշուոյն,
ճոխացնելով
աշխարհին
դիզածը
իրենց
ջիղերուն
վրայ:
Եղաւ,
ահաւոր
անձուկով
մը
իր
մեղքին
վրայ,
մայրը,
խոնարհեցուցած
իր
ողբերգութեան
վերջին
տեսարանը,
ինքզինքը
կործանած
կնոջ
մը
գերագոյն
ապաւէնին
–
իր
աղջկան
–
այդպէս
հետախաղաղ
ընկղմումէն
խենթեցած:
Ու
յստակ՚
ինչպէս
վճռական
խելամտումի
մը
մէջ
տառապանքը
այդ
կնոջ՝
այնքան
երկար,
աղքատութեան
եւ
քայքայման
անողորմ
հանդէս,
հիմա,
ուրիշ
ակնթարթի
մը
մէջ,
այն
սրտաճմլիկ,
անկանգնելի
ցաւը
մայրերուն,
երբ
իրենց
աղջիկները
պաշտպանելու
անկարող,
ե՛ն
նոյն
ատեն
անկարող
իրենք
զիրենք
պաշտպանելու:
Զգացական
սա
զառածումը
մօր
անցեալն
ի
վար
անիկա
կը
զգար
բզկտուած,
ընդմիջուած
տղուն
կծու
մատներէն,
իր
աս
ու
ան
թրթռուն
խորշերուն:
Ասոնցմով
ան
կը
բերւէր
իր
զոհի
սեղանին:
Նո՞րը:
Որմէ
լսած
էր
այնքան:
Որուն
սպասեր
էր
տարիներ:
Սա
րոպէին
այդ
նորը
եղաւ
անմիջական
գրառում
մը,
որ
վանեց
անցեալին
փշրանքները:
Ա՞տ
էր
պատճառը,
որպէսզի
չփախցնէին
անոր
շրթները,
չդողային
թոյլ
անախորժանքը,
չըսելու
համար՝
ընկրկումը,
որով
դիմաւորուած
էին
իր
միսերը
սա
տղուն
հօրը
մատներէն,
որով
կը
դիմաւորուին
գիրկերը
ամէն
անգամ,
որ
չի
միջամտեր
հզօր
պատրանքը,
ամենահաս
մշուշը
մեր
շարժումները,
զգայնութիւնները
գունաւորելով,
այլայլելով,
պարզ
արարքներ
ներքին
գեղեցկութեան
առաջնորդող:
Ու
ահա
ձեզի
ուրիշ
բառեր
–
գինովութիւն,
նուաղում,
առք,
յիմարութեան
բզզիւնը
–
ու
ինքնալուծում,
ու
հոսում,
ու
թռիչք,
բոլորն
ալ
աւելի
կամ
նուազ
վարկաւոր
տարազներ,
որոնց
կը
յանձնենք
դերը
սա
մռայլ,
գէջ,
կոծկոծուն
ու
տրտում
րոպէները
պիտակելու,
թերեւս
մեզմէ
ամօթահար:
Անիկա
կը
տառապէր
տակաւին
ուրիշ
ալ
ասեղներէ:
Զօրաւոր,
պայծառ
զուգորդութիւններէ
նեղիչ,
անխուսելի,
որոնք
նիւթական
ցաւի
մը
զարկերը,
լեզուները
կ’արթնցնէին
իր
ներսը,
բիրտ,
լիրբ,
ամբարիշտ,
երբ
նոյն
ատեն
այդ
ներսին
դուրսը
կը
տրորուէր
ծանրութեանը
տակ
օտար
մարմինի
մը:
Շօշափելի,
գէջ,
քիչիկ
մըն
ալ
քաղցրութեամբ
շաղախուն
ցա՛ւ,
կսկծանք,
ասղնտուք,
որ
զինքը
ափափող
շրթներէն
կու
գար,
ասոնց
զօրաւոր
հարուածներէն,
կծու,
ջերմ,
յորդ
ու
հեւք
ամբողջ,
ատեն
չունեցող
կազմակերպուած
ձայն,
բառ
ըլլալու,
անկուշտ՝
ինչպէս
անվախճան,
աղի
ու
լեղի,
զզուագին
ու
ախորժ՝
հաւասարապէս:
Այդ
հեւքը
պատճառ
էր
սակայն,
մութէն
զատուելու
աստիճան,
ու
կը
հոսէր,
կը
ճամբորդէր,
լողացող
մշուշի
մը
կորութիւններով,
անոր
շրթներէն,
դէպի
բոլոր
բաւիղները,
խորշերը,
աւազանները
ու
սարերը
անոր
մարմինին,
«արքայական
պողոտայ»,
տաք
ու
անհուպ
մարմարէ,
ինչպէս
որակեր
էր
զայն
տաղանդաւոր
արձակագիրը,
երբ
լոյսերու
գունագեղ
ալիքներու
ընդմէջէն,
ուրուացեալ
ու
արագ,
ամչկոտ
ու
թրթռուն
կը
մերկանար,
գրեթէ
հայրական
նայուածքին
տակը
Պարգեւեանին,
տարիներ
առաջ,
Իզմիրէն
փախուստէն
քիչ
վերջ,
մօրը
կուշտին
իր
խորշը
նետուելու:
Ինչո՞ւ
այդպէս
ըրեր
էր
այդ
մարդը,
դեռ
կիսակազմ
իր
մարմինը
դատելու
ատեն,
օտար,
հեռու
հոգիով
մը,
բայց
որմէ
ճեղքեր
ըլլային
զգալի,
անցք
տուող
նայելու
նոր,
խտղտող,
խռովիչ
կտորներու:
Ու
յիշեց
տարազը,
ասոր
զուգորդ
հաճ
ու
հեշտ
զգայութիւնն
ալ,
զատ-զատ
անգամներ,
հանդէսներէ
դարձին
ու
պտոյտներու
ընթացքին,
երբ
քսանէն
վար
աղջիկներու
յարդարուն,
շքեղ
կառոյցները
կը
գրաւէին
մեծատաղանդ
ճարտարապետին
աչքերը,
քանի
մը
բառով
մարմին
դարձող,
ճիշդ
ու
արտայայտիչ,
որոնց
պիտի
յաջորդէր
արքայական
պողոտան,
պերճ
ծիրանիի
մը
պէս
նետւած
իր
ուսերուն:
Ու
յիշեց,
շատ
աւելի
յստակ՝
շեշտի
ու
ոգիի
տարազը
դարձեալ,
սա
քարերուն
վրայ,
նման
լուսնալոյսներու,
երբ
իր
մարմինը
կը
յանձնէր
անոր
բազուկներուն,
հայրական
ու
քիչ
մը
աւելի
նոյնիսկ,
առանց
տագնապի,
խռովքի,
յուզումի,
իր
տեղը
տալու
մեծկակ
կատուի
մը,
ընտանեցած
«վագրի»
մը
նման
(գրագէտինն
էին
բառերը):
Մեծատաղանդ
արուեստագէտին
ստուերը,
աւելի՝
ուրուն,
խոժոռ,
տրտում,
վիրաւոր՝
ինչո՞ւ
չէր
հեռանար
անոր
հոգիին
սեղանէն,
մինչ
իր
մարմինը
կը
ճմլուէր
բազուկներուն
տակ
անոր
տղուն,
հասուն
ողկոյզի
մը,
քաղցրահոտ
որայի
մը
նման:
Ու
դադարը
դուրսի
աշխարհին,
անոնց
շուրջն
ու
վրան,
գրեթէ
ամբողջական
եւ
Լուսինը
իր
եղջիւրը
կախած:
Հովը
առագաստը
իջեցուցած:
Անոր
ներսը
ո՛չ՝
անկարելիին
(այդպէս
ընդունուած,
գործադրուած,
գունաւորուած,
դասաւորուած
մեր
անփորձ,
անմեղ,
բուսակենցաղ
աճման
առաջին
ընդհատներուն,
երբ
կեանքին
անգուշակելի
ասեղներէն
մեր
իմացականութեան
արիւնը
նոր,
անհասկնալի
հոսումներով
կը
պատուաստուի),
խօլապէս
երազուածին,
տառապագին
ցանկացուածին,
ատոր
հոգեղէն
իմաստներուն
վերեւ
առկախ
ճօճուածին՝
ա՛լ
նուաճուած,
աւարտած,
փշրուած՝
ըլլալու
տրտում,
աներկբայ
իրականութիւնը
ու
զուգորդ
կորանքը,
շատ
թանկ
կորուստին
հզօր
տագնապանքը:
Անոր
մտքին
ներքեւ
դողդողագին,
ուրուատիպ,
խորախորհուրդ
սպառող
յիմա՜ր
րոպէն
(զոր
գրագէտին
բառերը,
շրթները,
մատները,
աչքը,
ու
պերճ,
ողբերգական
չարչարանքը,
այնքան
իրաւ,
իր
պայծառ
միսերուն
հայլիին
մէջերէն,
փորձեցին
թելադրել,
բայց
մնացին
անբաւական,
անաւարտ,
աննուաճ
ձգելով
յիմար
այդ
մտապատկերը
յիմարագոյն
րոպէին),
կաթիլը
ժամանակին
թերեւս
իր
հիւլէները
հաւաքած
դարերուն
շողերէն,
իր
շէնքը
կազմած
մեր
հոգիին
հազարամեայ
ծուփերովը,
ո՜վ
կրնայ
կասկածիլ՝
ինչ
ահաւոր
խորութիւններէ
ճարտարապետուած
ու
իբր
դրութիւն,
ուժ
ու
ստեղծումի
ուժանակ,
պահ
դրուելու
նետուած
մեր
միսերուն
անշամանդաղ
անդունդին
մէջ,
սարսուռով
մը
արձակելի,
հրթիռ
ու
արիւն,
որոնցմէ
կը
ծնի
անվախճան
մեր
պատրանքը
կեանքը
յաւերժելու…
Ո՛չ՝
այնքան
փառաբանուած,
ոսկեզօծ
ու
անորակելի
քաղցրութիւնը,
հեշտութիւնը,
աւելի
մերկ
բառով
մը՝
հեշտանքը,
գաղջ,
լոյծ,
կպչուն
ու
խոնաւ,
որ
անգայտ,
բայց
շօշափելի,
հետեւելի
բզզիւն
մը,
սարսռագին
ինքնածորում
մը
ինչպէս,
կը
պատռտուի
մեր
միսերուն
բոլոր
դրութիւններուն,
խուժումի
անգոհ
մը
արձակելով
մեզմէ
ներս
ու
դուրս
ու
մեզ
կ’ընէ
ծուէն-ծուէն
փշրուող
ալիք
մը,
զոր
կը
յօրինենք
մեծ
ծովերէն,
խոր
ջուրերէն
մեր
մարմնեղէն
անդունդներուն,
հեղեղատներուն,
բացատներուն
ու
կը
լարենք
ուրիշներու
անդունդներուն
«փրփրաբաշ»
արձակելու
համար,
ու
մեր
աճապարանքին
մէջ
չենք
անդրադառնար
այլայլումին,
այլակերպութեան,
մեզի
եկածը
ու
մեզմէ
հանուածը
երբ
իբր
դառնութիւն,
իբր
կծու
պատրանք,
նոյնիսկ
երբեմն
ալ
իբր
թոյն
կը
ճաշակենք,
պատառը
դեռ
չինկած
մեր
շրթներէն
ու…
կը
վախնանք
մեր
միսերուն
խոնաւ,
յստակ
յոգնութեան
հաշուոյն,
րոպէ
մը
առաջ
թաղելու
հոգիով
յիմար
այդ
կաթիլը
ու
կը
փախչինք,
տառապելով,
զզւագին
ու
ատելավառ…:
Սոնա
Գոհարեան
oտար
մըն
էր
այս
ամէնուն
ոլորտին
մէջ,
ու
նոյն
ատեն
դուրս՝
այն
երկդիմի,
երկիմաստ
խռովքէն,
որ
սեռային
արարքը
կը
պատմուճանէ,
կը
փոխակերպէ:
Ո՛չ՝
թուլութիւնը,
իր
հիմունքէն
քաղուած
շէնքի
մը
լքուն,
անգործօն
ընկալչութիւնը
օր
մը
մեզ
կը
զարմացնէ,
իր
ուժին
փաստը
մէկ
հարուածով
զգետնուած
զգացող
ու
այս
գիտակցութեամբ
իբր
հակազդեցութիւն՝
տագնապը
զմեզ
կոտրած,
անկանգնելի
կերպով
միակտուր
զսպանակի
մը
վերածող.
անգո՛հը՝
որուն
պիտի
չվարանինք
առնուազն
սուսուփուտ
չքմեղանք
մը,
չըսելու
համար՝
իմա՛ստ
մը,
արդար
պատճառ
մը
ճարել,
անգամ
մըն
ալ
ինքզինքնիս
կործանելով
երբ,
հասկնալու
համար
անդունդը
ընդմէջ
մտապատկերին
եւ
մեր
գտածին,
կը
քանդենք,
մահիկին
ճամբով,
գարունքը,
անդրանիկ
հրաշքը,
աստուածեղէն
դրախտը
մեր
մարմինին,
յանձնելով
զայն
հեքիաթին
բաժակ
մը
գինիէն,
աման
մը
ոսպապուրէն
աւելի
աժան,
ուլունքներու,
հայլիի
կտորներու,
ապակիի
(աչքերը
ուրիշ
բան
չեն
յաճախ),
ձայներու,
քիչ
մը
ամուր
մատներու
ու
հազարումէկ
յիմար,
փուճ,
ծիծաղելի
ասպետութիւններու,
եւ
կամ,
միշտ
այդ
«արքայական
պողոտայէն»
կը
կտրենք
մեր
ասպարէզները
(բառին
տուէք
հին
ու
ճշմարիտ
իր
առումը),
մեծ
ճիգերով,
հսկայ
զոհողութեամբ
ու
գեղեցիկ,
արի
հաւատքով
ոտքի
հանած
մեր
փառքը,
գրեթէ
անթերի,
հասուն,
ճարտարապետութիւնը
մեր
լիութեան,
մեր
վարկը,
լման
մեր
խորհուրդը,
ու
նոյնիսկ
մեր
գահերը,
կայսրութիւնը
կը
կոտրտենք
խեփոր
մը
միսի
գնով
ու
խելակորոյս
կը
վազենք…
ետեւէն:
Սոնա
Գոհարեան
պատմութիւն
կարդացած
էր
բաւական,
այս
ամէնը
մտածելու
համար,
բայց
դուրս
էր
անոնցմէ:
Ո՛չ՝
այն
միւս
թշուառութիւնը,
կամազուրկ
ու
դոնդող,
վատ
նոյնիսկ,
հրապոյրին,
համին,
հաճոյքին
մէջ
ինքզինքը
լուծող,
մեր
արժանապատուութեան
մեզմէ
փախուստին
իբր
հակահարուած,
երբ,
անդրադարձի
ասեղները
կը
կոծկոծեն
մեր
միսերը,
կը
փոթեն
մեր
շրթներուն
կենդանի
թաւիշը,
մեզ
մղելով
զանոնք
մեզի
քաշելու,
վախին
մէջը
խոր,
հեռազգած,
բայց
անխուսափելի
բաներու,
երբեմն
մահուան
ալ
ոլորտով,
մեր
անդունդին
մէջ
ինկած
ճիչերու
իբր
հեռաւոր,
բայց
ահաւոր
արձագանգ:
Սոնա
Գոհարեան
գիտէր
աղջիկներու
պատմութիւններ,
որոնք
ծոցէ
մը
կը
սկսին,
ջրհորի
մը
յանգելու
համար:
Ո՛չ՝
այլայլումը,
մեզմէ
հեռու
տաշեղային
արձակումը,
վանումը՝
մեր
բոլոր
հպարտութիւններուն,
զմեզ
մոռնալու,
չճանչնալու,
հերքելու
չափ
իրաւ
ու
ամբողջական,
անհակակշռելի
ու
անկանգնելի,
որոնք,
այդպէս
փոխակերպուած,
հեշտութեան
շաքարն
իսկ,
մեր
ակռաներուն
ու
քիմքին
վրայ,
կ’այլափոխեն
մոխիրի,
լեղիի,
վայելքէն
անմիջապէս
ետք,
բայց
աշխարհի
դատաստանէն
առաջ,
զմեզ
ընելով
աւելի
քան
խեղճ
մեր
աչուըներուն
ու
աւաղելի,
երբ
այնքան
քիչ,
գէշ
կը
գտնենք
ինչ
որ
կարծեր
էինք
այնքան
անհուպ,
անհասելի
աստիճանով
մեզմէ
վեր
ու
աղուոր:
Ո՛չ՝
մա՛նաւանդ,
վերապահ,
զգոյշ,
լաւ
սերտուած
ու
արթուն
յայտնօրէն
խօսող
խնայազրկումը,
ինքզինքը
խնայելու
ճարտար
խաղարկութիւնը,
ինքզինքը
չյանձնելու
պչրանքին
մէջ
վիրաւորիչ
ու
վանող
ապահովութիւնը,
որով
կը
դառնանք
իրարու
շուրջ.
աչք
ու
ականջ
ըլլան
մեր
դիւրայոյզ
կեդրոնները,
հետամուտ՝
ձայներու
եւ
համերու,
սպասող՝
ծփանքներու
եւ
խռովքներու,
բայց
աչալուրջ,
ու
պահակ
մեր
դանկին,
վարելով
ճարտարութեամբ
մեր
կողմնացոյցը
կիրքին
կոհակներուն
վրայէն,
դերելով,
բայց
չըլլալով,
տալով,
բայց
ետ
առնելով:
Տարիներու
սա
փորձառութիւնը,
որ
գիտութիւն
մըն
էր
անոր
դիւրաբեկ
մարմինին:
Որմէ
պատսպարուած,
նպաստաւորուած՝
ելեր
էր
սա
աղջիկը
ծոցը
սա
տղուն
հօրը,
վախվխուն,
բայց
ինքնամփոփ,
արձակ,
բայց
իմաստուն,
իջեր
էր
անկէ,
ճառագայթուն
ու
բացուած,
առանց
թերթի
մը
կորուստին
սրբազան
կոկոնէն,
պայծառ
ու
երջանիկ,
գոհ
ու
հաճ
իր
ու
դէմինին
մէջ,
երբ
կը
համբուրէր՝
աչուկներէն
սարսռագին
արձակագիրը,
իր
միսերուն
մէջ
անոր
մատներուն
երգը,
բարբառը
հասկնալով,
բայց
չիմանալով,
հանդուրժելով
անոր
բազուկներուն
ծանր
շղթան
իր
վիզին,
միշտ
պահելով
նժարը
հաւասարակշիռ,
սանձելով
զգլխանքը,
արցունքը,
հառաչանքը,
երբ
դառնային
սպառնագին
ու
վտանգաւոր:
Անոր
բնազդը
գիտէր
րոպէները,
երբ
իր
մարմնին
վանդակին
մէջ
փակուած
«վագրը»
մոլորագին
դարձնէր
աչքերուն
գունտերը,
փրցնելու
համար
նրբին
լարը
մարդկեղէն
նկատումին:
Անիկա
իր
երեսներովը
կը
դիմաւորէր
այդ
աչքերուն
հրդեհը,
կը
մեղմէր
գազանը
ու
կը
բացուէր…
Ու
ոչ
մէկը
այս
ամէնուն:
Եւ
սակայն
այս
ամէնը
եղեր
էին
անոր
հանապազօրեայ
ապրումները,
բիւրեղացումներ
էին
անոր
զգացական
ամէնէն
ամրախարիսխ
կծիկներուն
ու
կեդրոններուն,
կազմեր
էին
ո՛չ
միայն
քալդիտոսքոփը
անոր
իմացական
գաւառներուն,
այլեւ
անոր
ջղային
ամբողջ
ուռկաններուն
վրայ,
իբրեւ
թեւաւոր
պատկեր
կը
մնային
թառած,
պատրաստ
խուժումի,
ամփոփումի:
Եկան,
կեցան,
դողացին,
բայց
գացին
հինգ
իր
տարիները,
սա
մարդուն
հետ
ու
մէջ:
Անոր
տղուն
բազուկները
ինչո՞վ
կը
տարբերէին,
հարցուց
հոդ:
Պիտի
հարցնէր՝
աւելի
յետոյ,
առանձին,
իր
անկողինին
մէջ:
Գաղջ
անձրեւի
մը
պէս
կը
տեղային
համբոյրները
–
Սոնա
Գոհարեան
առաջին
անգամ
զգաց
շրթունքներու
իմաստն
ու
դերը,
աղջկան
իր
միսերուն
վրայ
–
սա
տղուն
բերնէն
իր
մազերուն,
թոյլ,
շրշիւնոտ,
բարկ
ու
հոտաւէտ
ածու
մը
ընելու
չափ
այդ
խարտեաշ
գգուանքը
(զարդի,
ներկի,
մարմնային
խնամքի
անհաղորդ
աղջիկ,
առանց
անդրադառնալու,
թափեր
էր
մազերուն
թաւուտին
մէջ
ափ
մը
բարակ,
տժգոյն
հոտ,
որ
ժամեր
կը
դիմանար,
հազիւ
ինքզինքը
մատնող,
ճարտար
ու
նուաղուն,
խելօքիկ
մը
տեղաւորուած
արմատներուն
ներսը,
բայց
որ
ինքզինքը
կը
բաշխէր,
կ’աղուորձակէր
ճմլւած
կամ
հովէ
հալածուած
որաներուն
նման,
ողողելով
մօտեցողը,
իր
մօտը
զարգացուն
զգայարանքներուն
չափազանց
յարմար),
տաք
ու
գրգռիչ
նոյն
ատեն:
Գաղջ
ու
փայփայուն
թաւշեակի
մը
նման
այդ
տղուն
շրթները
կը
յամենային
անոր
ուսերուն,
որոնց
շղարշը
տեղի
էր
տուած
հապշտապ
տենդին,
ու
բաց
ըրած
թեւերը,
վերէն
վար,
լուսնալոյսով
արծաթէ
անցած:
Կռնակին:
Ծոցերուն:
Պիրկ
ու
անողոք,
բզկտող
տագնապի
մը
մէջէն:
Անընդմէջ:
Անհուն
ու
բռնաւոր:
Ու
սա
ալեկոծութիւնը,
առանց
արձագանգի,
ընդդիմութեան
ընդունող
սա
աղջիկը
կը
զարմանար,
թե
ինչո՞ւ,
իրեն
համար
այնքան
պարզ,
սովորական,
ընտանի,
վաղամօթ
սա
անձրեւումին
չէր
բուսներ
միւսը,
իրաւը,
անպատմելի
խորհուրդը,
որով
վարշամակէին
աղջիկները
րոպէներուն
սա
րոպէն,
որուն
երազած
են
կարճ
օրը
քանի
մը
անգամ,
կարծած
էին
զգալ,
բռնել,
բայց
նեղուած
էին
իրենց
պարապ
ձեռքերէն,
ինչպէս
էր
հիմա
պարագան
Սոնա
Գոհարեանին,
գիշեր
ու
ցերեկ
այդ
խորհուրդին
առքին
մէջ
դողդղոցող
կանթեղ
ու
հսկում,
զայն
նուաճելու
խենթութեան
մէջ
ինքզինքը
վտանգելու
չափ
առաջ
գացած:
Սոնա
Գոհարեան
արեւմտեան
վէպին
լակառսոնը
չէր
սակայն:
Ու
չէր
նոյն
ատեն
արեւմտահայ
բանաստեղծութեան
կոյսը,
շուշանը:
Ոչ
ալ
Սահակ
Պարգեւեանի
վիպակներուն
կողկողագին
ձեռնուած
հերոսուհին:
Ինչո՞ւ
փնտռէր,
սա
տղուն
շրթներէն
երազին
յօրինած,
աւերած
աղբիւրները,
պալատները,
առնուազն
դրախտը:
Ինչո՞ւ
գար
մա՛նաւանդ
խուլ
ու
խոնաւ
այդ
արբշռանքին
ընդմէջէն,
միւսը,
սա
տղուն
հայրը,
պատկառելի
իր
թշւառութեան,
մա՛նաւանդ
աղջկան
իր
միսերէն
անհուն
իր
պապակին
ամբողջ
մարդկային
եղերականութեամբը,
այնքան
պարզ,
այնքան
տարբեր,
իր
դատածէն
բոլորովին
հեռու
ուժով
մը,
նոյնիսկ
արիւնոտ
գեղեցկութեամբ
մը:
Ու
աւելի՛ն:
Անոր
մտքին
մէջ
մնաց
առկախուած
ամբողջ
սարուածը
իր
ճարտարագէտ
մեքանիքին,
որով
կը
կառավարէր
անոր
շրթները,
շարժումները,
անդադար
միջամտելով,
սրբագրելով,
«ուղիղ
ակօսներու»
լարելով
իմաստը
գրագէտին
մտածումներուն,
զանոնք
կարդալ
յաւակնող
իր
պարզամտութեան
մէջ,
հաճ
ու
հաւատարիմ
ինքը
իրեն:
Մէկէն
անիկա
զգաց
իր
պատրանքը:
Չունեցած
հօրը
տեղն
էր
այդ
մարդը,
սա
րոպէին:
Ու
գորովեցաւ
անոր
տառապանքէն՝
իր
ծոցին:
Անոր
անցեալէն
իր
անգիտութիւնը
կը
պահէր
սա
զգացումը
իր
արտաքին
կերպարանքին
մէջ:
Դրեք
այդ
ամբողջ
անցեալը
գրագէտին
բազուկներուն
վրայ,
ու
մէջն
ալ
սա
աղջիկը:
Այն
ատեն
միայն
պիտի
ըլլար
սրտառուչ,
թերեւս
վսեմ
անոր
ծերութեան
սա
մէկ
հատիկ
վերապահութիւնը:
Անոր
տղան
մէկ
ջուրով
լուաց
ու
տարաւ
տարիներու
սա
զաղփաղփուն
փափկանքները,
հծծագին
ու
խոնաւ
հաճոյքին
արցունքոտ
համերը,
սեռային
արարքին
չբարձրացող
սեռային
չարչարագին
նահատակութիւնը,
զոր
միայն
սուրբերը
չէ,
որ
իրենց
մենաշնորհը
ըրին,
այլեւ՝
ամէնէն
անզուսպ,
հսկայ
մեղաւորները
սա
մեր
աշխարհին,
որոնցմէ
ամէնէն
կատարելատիպ
պսակաւորը
եղաւ
արեւմտահայ
մեծ
արձակագիրը,
Սահակ
Պարգեւեան:
Սոնա
Գոհարեանին
այցելեց,
սա
րոպէներուն,
միւս
երիտասարդն
ալ,
որուն
արցունքները
կը
տեսնէր,
առանց
յուզումի,
նեղուած,
նեղսրտած,
մա՛նաւանդ
իր
տկարութեանը
դէմ:
Արտակ
Գասպարեանին
մե՞ղքը:
Սոնային
միտքը
այդ
երիտասարդին
պատկերէն
անցաւ
արագ
անոր,
որ
զինքը
հիւսեր
էր
իր
մարմինին
մէջը:
Ու
գտաւ,
որ
այդ
կարծր,
պինդ,
իրաւ
բանը,
զինքը
ունեցող
երիտասարդը
դէմք
մըն
ալ
չէր,
այլ՝
տեսակ
մը
հեքիաթի
էակ,
զոր
տեսած
ըլլալը
յիշեց,
բայց
որուն
հոգեբանական
հարազատութիւնը,
իրաւութիւնը
դեռ
ուղին
չէր
ճարած:
Բռնադատեց
իր
միտքը,
հոնկէ
վանելու
համար
կէսօրին
իր
նայուածքին
համար
լացող
երիտասարդը,
որ
պղտորուեցաւ,
ջուրին
մէջ
քակուող
պատկերի
մը
նման
ու
վերստին
կազմեց
իր
սկաւառակը,
աղաչաւոր,
սիրտբաց
ու
իրաւ:
Միտքին
սա
վարանքները
կ’ազդէին
անոր
մարմինին,
որպէսզի
հանդարտէր
այդ
մատղաշ
ալիքը
տղուն
կուրծքին:
Երիտասարդ
աղջիկը
կը
սպասէր:
Ըրաւ
իր
զգայարանքները
ամբողջական
լարում,
իր
իմացականութիւնը՝
տիրական
պատրաստութիւն,
կասկածին,
ծարաւին,
աղաչանքին
մէջ
բանի
մը,
որուն
փշրանքները,
զանազան
ակօսներով
հայեր
էին
իրեն,
բայց
որուն
ամբողջութիւնը
կը
մնար
խորհուրդ
ու
երազ:
Երիտասարդ
աղջիկը
կը
սպասէր
աւելի
անդին
ալ:
Թռեր
էր
իր
միսերուն
համեմատական
թաթարը:
Ու
զգաց,
որ
կ’արթննար՝
անոնց
ծոցէն
անօթին,
երկար
մարզանքներու
գնով
զսպուած,
բայց
ատով
աւելի
վայրագ
դարձող
բերանը
սեռային
հացին
ետեւէն:
Գիտութիւնը
տարասեռ
բջիջներու
տրամա
մը
իբրեւ
կը
յաւակնի
բացատրել
տառապանքը:
Ինչ
հարկ
բանաստեղծութեան:
Մա՛նաւանդ
նկարագրութեան:
Սոնա
Գոհարեան
ո՛չ
գեղեցկութիւն,
ո՛չ
անուշութիւն,
ոչ
ալ
գարնանագեղ
իր
մարմինին
վայել
գարուն
մը
գտաւ
սա
գարնանամուտ
կէս
գիշերին,
երբ
իր
մարմինը
լքեց:
Հեշտանքը
կծու,
խոնաւ,
աշխարհն
է
ու
Սոնան
անկէ
գտաւ
կատաղի
շրթունքներ
ու
ատամներ,
որոնք
հերկեցին
իր
պարտէզին
ամէնէն
թաւ
ծփանքները,
ամէնէն
կոյս
արտերը,
ածուները:
Ու
անիկա
երեւան
չբերաւ
նոյն
ատեն
ոչ
մէկ
զգացական,
զգայապաշտ
կծկում,
ներքին
տհաճութիւն
կամ
արտաքին
հեւք
ու
ընդքարշում:
Գիտէր
սակայն,
թէ
ինչ
կու
տար:
Անոր
այս
խելամտանքը
ցաւի
մը
մօտեցաւ,
բայց
չկրցաւ
այդ
բանն
ալ
ըլլալ:
Ոչ
մէկ
արտաքին,
պատահական
չքմեղանք,
առնուազն
ինքնարդարացում,
որով
լսեր
էր
իր
մէկ
ընկերուհիին
խոստովանութիւնը,
աս
ալ
տրտում
պատմութիւն
մը՝
ինքզինքը
պատահական
սպայի
մը
յանձնած,
պարահանդէսի
գիշեր
մը,
անկէ
առած
անդարման
արատը
սեռային
ախտին
ու
զայն
դարմանելու
համար,
ատե՛ն
միայն
վերադարձած
մարդկեղէն
զգացումներու:
Իր
միջամտութեամբը
այդ
աղջիկը
չէր
մեռցուցած
ինքզինքը,
բայց
մեռցուցած
էր
սեռը:
Սոնա
Գոհարեան,
այդ
պատմութենէն,
ամուր
կը
պահէր
արգահատանքին
պատկերը,
թերեւս
իրեն
ալ
այնքան
ընտանի
ու
պիտանի,
բայց
չէր
ուշացած
ճիշդ
ըմբռնելու
բառին
վաւերական
իմաստը,
որ
յաճախ
անուշիկ,
պատրաստ
շուրջառ
մըն
էր՝
շղարշելու
համար
մեր
խուլ,
անասելի
ախորժանքները,
ծարաւը,
ինքնապատիր
հետաքրքրութիւնները:
Աղջիկները
քիչ
անգամ
պիտի
մեղքնան:
Այն
ատե՞ն:
Քանի՜-քանի՜
հեղ,
սա
քարին
իսկ
վրայ
(ուր
հիմա
ելեր
էր
օտարականին
ծոցը),
սա
մութներուն
նմանող
պայմաններու
մէջ,
անիկա
զգացեր
էր
իր
ներսը
սա
ձայնը,
սեռին
սա
պայծառ
հեծեծմունքը,
սա
տղուն
հօրը
բազուկներուն
մէջ,
բայց
իջեր
էր
այդ
բազուկներէն,
առանց
ծանրութեան:
Ու
յիշեց,
թէ
ինչպէս
կը
սիրէր
անիկա
այդ
տրտում
ծերութիւնը,
ա՛լ
մանկութեան
բնազդներուն
դարձող
միամտութեամբ
մը
պսակաւոր:
Ու
մօտեցուց
այդ
հայրական
աղապատանքը
սա
անորակելի
թրթռումին,
որ
այդ
տղուն
մարմինն
էր
թափած
իր
մարմինին
խորը:
Մերկութիւն,
պարզութեան
մէջ
վճռական
բարդութիւն,
խորութիւն,
չորութիւն,
ուղղակիութիւն,
–
ասոնք
միայն
չեն
յատկանիշները
մեր
օրերու
արուեստին:
Ու
աւելորդ
չէ
դիտել
տալ,
որ
մենք
մեր
արուեստը
կը
հանենք
մեր
միսերէն,
աւելի
ճիշդը՝
անոր
խորը
ծրարուած
հոգեղէն
իսկութեանց
դեռ
չպարզուած,
չարձակուած,
չքակուած
աներեւոյթ
կայլակներէն,
գէշ
բառով
մը՝
հիւլէներէն
(մարմիններուն
համար
ընթացիկ,
հասկնալի
սա
տարազը
ինչո՞ւ
չըլլար
արժելի,
գործածելի
հոգիին
համար
ալ):
Ու
թերեւս
սա
զանցառումն
է,
որ
դարերով
չեղած
է
սեռային
արարքէն
մեր
նայուածքը,
զգացողութեանց
հայելին,
անոր
մէջ
դնելու,
տեսնելու
համար
եթէ
ոչ
սուր,
գէթ
ներկուած
սրբութիւններ,
գեղեցկութիւններ:
Ի՛նչ
որ
իբրեւ
վսեմութիւն,
հերոսութիւն
որակած
ենք
մենք,
սեռին
պարունակէն
մեր
ազատել
ուզած
մեծ
տարփաւորութիւնները,
պէտք
է
դառնան
իրենց
հարազատ
կերպարանքին:
Սոնա
Գոհարեան
չունէր
կարդացած
կեանքի
գիրքէն
բաւական,
գիտնալու
համար
այս
պարզ
խորտակումը:
Սեռը
անոր
համար
ամէնէն
հզօր
խորհուրդն
էր
ու
ձգողութիւնը
(նեւտոնեան
առումով՝
ինչպէս
գիտեք),
Սահակ
Պարգեւեանի
վերլուծումով,
անշուշտ
պայծառնալու
տեղ
մթագնած:
Անիկա,
իր
պարմանութիւնը
պաշարող
իրարմէ
բուռն
տագնապներու
գուպարին
մէջ
ատեն
չունեցաւ
իյնալու
ամերիկեան
տափակ
գիրքերու
այնքան
գռեհիկ
պարզումներուն,
յանուն
Ֆրէօյտի
ու
յանուն
հոգեբանութեան
(որուն
գործնականն
ալ
պիտի
ստեղծէին
երանելի
այդ
փրոֆեսէօրները,
բառեր
քշելու
իրենց
պապակին
մէջ,
գլխիվայր
սուզումով
սեռային
վերլուծումներու
ծանծաղուտին
մօրուտքին
մէջ):
Որքա՜ն
ուշ՝
արձակումը,
գաղիացիներուն
բառո՜վը՝
tenteը:
Ժամանակը
սուտ
է,
այսինքն՝
անգոյ,
երբ
կ’ապրինք:
Մարդերը
կը
քալէին.
մութը
թաւիշի
մը
նման
կոխոտելով
ու
թեթեւ
ձայնական
փշրանքներ
կը
թուէին
ճամբորդել,
ամէն
ուղղութեամբ:
Իրենց
յուզումին
մէջ
այդ
տղան
ու
այդ
աղջիկը
պահ
մը
այցուեցան
իրենց
հաւանական
աղմուկէն:
Եղաւ
պղտորում,
խուլութիւն,
ու
սարսռագին
շէջք
մը,
ինկող,
կործանող
պալատի
մը
ֆանթասթիք,
հծծագին
դղրդումովը,
որմէ
առնուած
ըլլար
որոտը:
Փաթթուեցան
աւելի
պիրկ,
բիրտ,
բարբարոս:
Կճրտումի,
բզկտումի,
գրեթէ
ծնօտային
քաշքշուքի
տաք
հոսանք
մը
աւրեց
ու
իր
առջին
ձգեց
բոլոր
դերբուկները
սա
աղջկան
հոգիին,
նկատումները,
վարանքները,
ընկրկումները,
որոնք
մինչեւ
սա
րոպէն
կազմեր
էին
անոր
զգացական
վէպը:
Աւրեց
ու
տարաւ,
միշտ
այդ
հոսանքը,
անոր
զիջումներուն
ճարտար
գերութիւնը,
մեղքնալները
(որոնք
պատրաստ
պիտակներ
էին
Պարգեւեանին
տառապանքը
պատմուճանող),
մեր
լացը,
զոր
դատեց
հիմա
իբր
սուտ,
մա՛նաւանդ
կեղծ
ու
ամչցաւ
ալ
ատկէ:
Թոյլ,
շրշիւնոտ
թուլացումները,
փակաչք
ու
գունաթափ,
երբ
կ’իյնար
սա
տղուն
հօրը
գիրկը,
սպասելով,
վախնալով,
փնտռելով
ու
չգտնելու
համար
նետուելով
ոտքի,
փախչելով,
փախչելով…
Հակառակ
թանձրանալու
վրայ
մութին
(լուսինը
իջեր
էր),
անոր
աչքերը
կը
թուէին
զգալ
դեղնաւուն
մորթը
օտարականին
–
այս
տարազը
եղաւ
իր
միտքին
մէջ,
մէկէ
աւելի
անգամներ,
հետզհետէ
ամուր
ու
ծանր
–
իր
այտերուն,
ուր
անապատին
ա՛լ
ուժովցած
պազը
տեղ-տեղ
կը
յօրինէ
իր
կտորները:
Անիկա
կը
հետեւէր
գէջ
լոյսերու
տեսակ
մը
գուշակելի
դրուագին,
տղուն
շրթներուն
աղեղովը,
իր
մարմինին
զանազան
մասերուն:
Զգայութիւններու
սա
այլայլումը,
բզզիւնի,
ճարճատումի,
թռիչքի,
կպչուն
սողոսկումի,
քսքսումի
փոխնիփոխումը
մէկէն
անոր
մէջ
վերածուեցաւ
զգացական
ուրիշ
պատկերներու,
ափրիկեան
ծովափունքին
վրայ,
իր
լոգանքներուն
մթերքէն,
իր
մէջ
բիւրեղացած:
Ամէն
իզմիրցիի
նման
ո՛չ
միայն
կ’ախորժէր
ջուրէն,
այլեւ
կ’ապրէր
զայն:
Այդ
մտապատկերը
իրեն
հետ
բերաւ
ալիքներու
հանդէս
մը:
Իրեն
այնպէս
կու
գար,
որ
իրենց
իրերահիւս
մարմինները
–
պատկերը
արդար
էր
ու
իրաւ
–
իրարու
վրայ
շրջող,
շրջուած
ալիքներ
էին,
անդիմադրելի
մղումով
մը
իրարու
վազող,
պղտոր,
բայց
փրփրագին:
Չպարզուեցաւ
ներդաշնակութեան,
ամբողջութեան,
հանգիստի,
իրար
հագնելու
մտածումները,
բառարանէն
Պարգեւեանի,
որ
ուրիշ
սերունդի
գրագէտ,
սեռային
արարքին
մէջ
կը
շարունակէր
զգալ
ռոմանթիքներուն
դալկոտ
քաղցրութիւնները,
բռնկումները,
մարգարիտներն
ու
ոսկին…:
Պատերազմէն
վերջ,
այդ
արարքը
մերկ,
սփոր,
սինեմա
հոտող
խաղարկութիւն
մըն
էր:
Ու
զգաց
ատիկա՝
Սոնա
Գոհարեանը,
որուն
համար
տակաւին
ուրիշ
բաներ
էր
ան:
Այրուցք:
Կսկծագին
ցնցում
մը:
Պատռտող
վէրքէ
մը՝
ցաւ,
շղարշի
մը
բարակ
շրշիւնովը:
Աւելի՛.
անգայտացման,
ընկղմումի
թոյլ
գիտակցութիւն:
Լոյսի
բիւրաւոր
պտուկներ,
բանաստեղծ
մը
կրնար
ճշդել՝
ծիլեր,
աչուկներ,
բոլոր
այն
կէտերէն
իր
մարմինին,
որոնց
վրայ
կը
վազէին,
կը
պատռուէին,
կը
փախչէին
տղան
շրթները:
Ո՛չ
յոգնութիւն,
ո՛չ
ալ
անկուշտ
ինքնարձակումը
սեռային
բողկուկներուն:
Խաղաղ
հանգումը
փշրուող
կոհակին:
…Երբ
իջեցուց
գիրկէն
ու
քիչիկ
մը
քովնտի,
չըսելու
համար
կուշտին՝
դրաւ
անոր
գրեթէ
նուաղած
մարմինը,
գիշերը
կը
քալէր:
Մենք
կը
լսենք,
երբ
աւարտած
ենք
զմեզ:
Կը
քալէր
այդ
գիշերը,
առանց
վէպի
ու
քերթուածի,
առանց
նուագի,
հիւսիսի
աղջիկներուն,
մեծ
քաղաքներու
գէջ
համերուն,
աստեղակուռ
ու
թաւշամութ
վերարկուի,
–
բոլորը
Սահակ
Պարգեւեանի
փոխաբերութիւններէն,
Սոնային
մշշամած
գիտակցութեան
խորը
յանկարծ
բուսնող:
Կը
քալէր
այդ
գիշերը,
արձակ,
սովորական,
ինչպէս
որակեր
էր
իրենց
տուն
դարձը,
սա
խրուտքին,
մեծ
արձակագիրը,
«լսելով
ու
չըսելով»,
Սոնային
թեւին
տուած
դողդող
իր
ծանրութիւնը:
Կը
քալէր
այդ
գիշերը,
դարձեալ
արձակ,
պարզ
ու
քիչիկ
մը
կուշտ,
Արման
Պարգեւին
ալ
միտքէն,
նման
այն
ուրիշներու,
որոնք
Արեւմուտքի
մեծ
ոստաններուն
ու
Հիւսիսի
«ցրտակառոյց»
երկինքները
«կը
բռնէին
ու
կը
կենային»,
երբ
պղտոր
ու
գէջ
մահճակալներէն
կը
նետէր
ոտքի
մսած
մարմիններ,
կը
զարնէր
զանոնք
թեւին,
կ’իյնար
փողոց,
սինեմա,
նուագահանդէս,
թատրոն,
զանոնք
ենթարկելու
համար
իր
երգին
փողոտումին:
Յետոյ,
մութին
վրայ
աղօտ
փրփուրի
մը
նմանող
այդ
մարմինին
նետեց
վերարկուն,
որմէ
սեւ
բան
մը
կարծես
կը
դաշնուէր
խարտեաշ
միսին
հետ
փակ
ու
անձայն
աղջկան:
Ու
եղաւ
լռութիւն:
Ո՛չ
սինեմա,
ո՛չ
երգահանդէս,
ո՛չ
թատրոն:
Զգաց,
որ
բան
մը
կ’ուրւանար
իր
ներսը,
վատ
ու
տգեղ,
հօրը
փախո՞ւստը
մօրմէն:
Սահակ
Պարգեւեանը
բուսաւ,
որ
կ’աճապարէր
հեռանալ
Անգա
Կէօրկէօվնայէն,
չտեսնելու
համար
ծոցին
զաւակը:
Ամբողջ
Արեւմուտքն
էր,
որ
կը
խուժէր,
այդ
մտապատկերին
զուգորդութեամբ,
անոր
ուղեղին:
Արման
Պարգեւը,
Միրովնան
չփախաւ
սակայն:
Սա
երկարող
աղջիկին
ու
իր
միջեւ
գիշերուան
հաստ
պատը
կար:
Կար
տակաւին
վաղուան,
լոյսին,
ապագային
հեռուն:
Զաւկի
մը
սերմը
եւ
անոր
ծնունդը
առնուազն
ժամանակի
բաւական
թանձր
շերտով
մը
անջրպետուած
ողբերգութիւններ
են:
Բայց
կը
նեղուէր,
յայտնապէս:
Վախցաւ
բառի
վերածելէ
մտածումը,
–
դառնալ
տուն,
քանի
որ
այդ
դարձը
Հելուանէն
քաղաք,
ու
քաղաքէն
Եւրոպա
կը
նշանակէր
իր
մտքին
մէջ:
Բան
մը
ըրած
ըլլալու
համար
ծնրադրեց
սնարքին:
Բարձրացուց
հեռու,
օտար,
անծանօթ
մատներով
–
որոնց
չոր
հանգամանքը
վիրաւորեց
ալ
իր
չորութիւնը,
յայտնապէս
–
բարձրացուց
անոր
գլուխը
իր
ծունկին,
ափին
մէջ
քիչիկ
մը
պինդ,
զսպելու
համար
հեծքը
անոր
շրթունքներուն,
որոնք
այրելու
չափ
տաք
թուեցան
իրեն:
Միւս
ափը
դրաւ
աւելի
վեր,
աչքերուն
տակովը,
տեսակ
մը
լռին
ընդունարան,
յարդարուած՝
առնելու
բան
մը,
զոր
չէր
գիտեր,
բայց
որուն
հաւանական
գալուստը
կը
գուշակէր:
Կաթիլ-կաթիլ
եկաւ
սպասուածը:
Արցունքն
էր,
որ
կը
թրջէր
այդ
ափը,
փորձ
աչքերէն:
Ականաւոր
դաշնակահարը
վա՞րժ
էր
այդ
լացին,
նման
ողջակէզներէ
յետոյ:
Հարցուցէք,
բայց
մի
տագնապիք:
Անիկա
պիտի
խմէր,
իբր
գերագոյն
հեշտութիւն,
վճարուած
իրեն,
ինչպէս
partenaireին
(միտքին
ուրուացաւ
ամբողջ
Եւրոպա
ընտանեցած
ռուս
բառը,
քամարատը,
որ
ստացեր
էր,
բոլոր
շատ
գործածւած
բառերուն
երկդիմի
տրտմութիւնը),
այդ
կայլակները,
տեսակ
մը
արեան
մկրտութիւն,
հեռուէ
հեռու
Ֆաուստը
թելադրող:
Որմէ
յետոյ,
զովացած,
թարմացա՜ծ,
գգուագին
ու
քաղցր,
հանէր
պիտի
ոտքի
իր
ուժերուն
հազիւ
դարձած
պարմանուհին:
Մեր
անցեալին
սա
խուժումը
ոչինչ
ունի
անսովոր:
Գիրքերը
կը
հաւատան
գաղափարներու
(որոնք
յաճախ
պատկերներ
են)
զուգորդութեան:
Բայց
ահա
անսովորը:
Արման
Պարգեւ,
սա
րոպէին,
սա
լոյսին
հետ
ու
մէջ,
ինքզինքը
կը
զգար
Համպուրկ,
մթնած
բեմի
մը
վրայ,
իր
ծունկերուն՝
կին
մը,
որ
կու
լար,
մինչ
ութսուն
հոգինոց
նուագախումբը
այդ
լացին
ամէն
մէկ
փայլակին
համար
կը
ճարէր
իր
գործիքներէն
մէյ-մէկ,
ծուէնաձայն,
նուաղ,
սիրտի
դպող,
անմխիթար
լացի
մեղեդի
մը
թելադրող:
Լացող
կինը,
դերասանուհի
ըլլալէ
առաջ,
իր
դերին
վրայ,
էր
մէկը
այն
հազարներէն,
որոնք,
թերեւս
միշտ
այդ
րոպէին,
կ’ընէին
ինչ
որ
իրենք
կու
գային
ընելէ:
Կինն
էր
ու
կու
լար,
ով
գիտէ
ի՛նչ
անդունդներու
ճամբու
հանած
իր
մէկ
հատիկ
սիրելին,
պատռտուող
պարիկը
կուսութեան:
Արման
Պարգեւեան
բռնութեան
տակն
էր
այդ
եղանակը
սուլելու,
բայց
եղաւ
անկարող:
……………………………………………………………………..
Պէտք
կա՞յ
ըսելու,
որ
երբ
անոնք
ձգեցին
անապատը,
գիշերը
կէս
էր
արդէն:
Աստղերը
իրենց
լման
տագնապին
մէջ:
Աւազները
դադրած
տրոփելէ
ու
թոքախտաւորներու
ապաքինարանէն
մոմը,
պատուհանէ
մը,
մեռելը
հսկող:
Սոնա
Գոհարեան
եղեր
էր
այդ
սենեակը,
այդպէս
գիշեր
մը,
աղօթելու
համար
քսանամենի
աղջկան
մը
մահիճին
եզերքը,
ծնրադիր:
Մեռեր
էր
այդ
աղջիկը
շատ
սիրելուն:
Ո՞վ
էր,
սա
րոպէին,
նոյն
մահիճին
վրայ
երկարողը:
Ուրուացաւ
պատկերը,
բայց
չվերածուեցաւ
բառի:
Անոնց
երեւումը
ստեղծեց
տարօրինակ
վիճակ
մը:
Տիկին
Արտեմիս
Գոհարեան,
ճառագայթուն,
ժպտեցաւ
Արտակ
Գասպարեանին,
որուն
դէմքը,
ամբողջ
սա
բացակայութեան
ընթացքին,
եղեր
էր
ամէնէն
տրտում
բանը,
պատկերը,
իր
յուշերուն
մէջ
ինկած
սեւեռման:
Այդ
տղան
անցեր
էր
հեռազգածական
խռովքներէ,
վրդովելու
աստիճան
թանձրօրէն
իրապաշտ,
հետեւաբար
նիւթապաշտ՝
մեծ
արձակագիրը,
որ
այդ
անապատային
ժամանցներուն
վրայ
մանուկէ
մը
աւելի
բան
գիտէր
անշուշտ,
բայց
չէր
հաւատար
վտանգներուն:
Բանաստեղծ
Տիրանեանը
յոգնած
էր
արձակագիրէն,
ինչպէս
էր
պարագան
արդէն
անոր,
միշտ,
երբ
գրականութեան
կը
դառնար
սա
միսերու
մեծ
քերթողին
խոստովանութիւնները
դառնութեամբ
կարդալով,
խոր
տառապանքի
մէջ,
անոր
ազնուազգի
տուրքերը
այս
կարգէ
սպասներու
յատկացուցած
տեսնելուն:
Միհրան
Սիսլեան,
միշտ
քաղաքգէտ,
քանիերորդ
անգամ
ըլլալով,
շքեղ
շէնք
մը
կը
շինէր
ու
կը
շինէր,
դիւթահանդէսին
բացառիկ
յաջողութեանը
հետեւանք
այժմէութիւնովը,
այժմէացումովը
մեր
Դատին:
Անգա
Միրովնան,
խոհուն,
շուար,
չափեց,
թերեւս
վերջին
անգամ
մը
զաւակը
անոր
հօրը
կուշտին:
Իրարու
շարունակութիւնը
կը
թուէին
հայր
ու
տղայ:
Մէկուն
կտաւը,
տակաւին
թարմ,
ունէր
քիչ
մը
աւելի
առոյգ
փայլ,
բայց
հարազատ
tonalitéն
միւսին
մորթին:
Մէկուն
քիչ
մը
լերկ
գլուխը,
իբր
ցցունք
ու
սենպոլ,
կը
կրկնուէր
սակայն
նոյնութեամբ
երիտասարդին
լրջօրէն
մերկ,
բայց
նոյնքան
ցայտուն
արտայայտութեամբը:
…Ո՞վ
բերաւ
եւ
ինչո՞ւ
բերաւ,
այդ
կնոջ
մտքին,
հեռու
Փարիզը:
Անոր
աչքերը
մանչէն
սահած
էին
Սոնային,
որուն
մաղկտրուն
ջնարակը
պղտոր
կը
թուէր,
ձեռնուած
մետաքսի
անհարթութիւնները
թելադրող,
թեւերուն
վրայ
աւազի
շափիւղաներ,
աղի
ու
կայծկլտուն
ալ,
համբոյրներուն
մոխիրը
իբրեւ,
այդպէս
փոսփորափայլ,
բայց
անհերքելի:
Աւելի՛ն.
խոտի,
չորցած
ծաղիկի
թեփեր,
ճմլուած,
մեղրագոյն
վերի
ակօսներուն:
Պիսակաւոր
կարմիր
մը
կար
այդ
աղջկան
երեսներուն,
հեռու-հեռու
հպումներու,
տրորումներո՜ւ
վկայութիւն:
Ու
անոր
այնպէս
եկաւ,
որ
այդ
աղջկան
շրթները
ունէին
շատ
կարմիր
ու
շատ
ալ
դալուկ
պիսակներ,
ծծուած
բաներու
անհաւասար
գունաւորութեամբը:
Այդ
դիտողութեանց
ընթացքին
էր,
որ
բացուեցաւ
անոր
մտքին
վրայ
ուսանողուհիի
սենեակին
հայլին,
մէջը՝
իր
պատկերը,
իր
դէ՜մքը,
լափուած՝
քովը
մռայլ
արձանի
մը
պէս
կանգնող
երիտասարդ
իշխանէն,
որ
կը
զննէր
հայլիին
վրայ
հետքերը
իր
շրթներուն,
խուլ,
հաճ,
բայց
անհունօրէն
տրտում
ու
վատ
այլուրութեամբ
մը:
Անգա
Կէօրկէօվնա
չէր
կրնար
մտքէն
վանել
սա
տեսարանը,
իրենց
անդրանիկ
անկողինը
այդքան
ահաւոր
դառնութեամբ
յաւերժող:
Ան
չկրցաւ
չնայիլ
Սահակ
Պարգեւեանին:
Հայլին
էր
պակաս:
Բաժանումը
եղաւ
պաղ:
Նոյնիսկ
թշնամական:
Բացի
Արտեմիս
Գոհարեանէն,
որ
սարսափին
մէջն
էր
փաթթւած
լուսնալիք
գիշերին,
աղտոտ
մահիճին
մէջը
(լուացքը
ինք
ստիպուած
էր
ընել)
ականջներուն
խորը
անհուն
ճուոցի
մը
պէս
լարւած
ունենալով
արձակագիրին
մեծ,
անսահման
խռլտուքը,
միւսները
էին
յայտ
աճապարանքի
մը
մէջ:
Սահակ
Պարգեւեանը,
խուլ
ցաւի
մը
ու
«հեռուներէն
յարդարուած»
վտանգի
մը
մղձաւանջին
մէջ՝
կարօտը
ունէր
Սոնային
ամոքող,
եղկ
փայփայանքին:
Անոր
երազն
էր
աչքերը
գոցել
այդ
աղջկան
գիրկին
մէջ:
Ու
կը
նայէր
ժամացոյցին,
որուն
սլաքները
գամուեր
էին
սկաւառակին
ճերմակ
միսին:
Անդիմադրելի
անոր
ծարա՜ւը
Սոնային
մատներէն,
որոնք
պիտի
խաղային
իր
ճակտին
դնդերներուն
վրայ,
թեթեւ,
քաղցր,
«փարատելու»
համար
հոն
կուտակուող
ամպերը
ճակատագրին,
պիտի
պառկէին
քիչ
մազերով,
մսելու
տրամադիր
«անհունաբաղձ»
անոր
գանկին,
պիտի
թափառէին
դէպի
գաւառները
սիրտին,
ուր
«ամէն
բան
լաւ
չէր
քալեր»,
–
գգուանքներ
ասոնք,
զինքը
օրօրելու
մեղմութեամբ
դէպի
քուն
վարող:
Բժիշկներու
խորհուրդով
սա
թեթեւ
ու
այլապէս
անուշ
մարձումները
տարիէ
մը
ասդին
ա՛լ
վարժութիւն,
բռնաւոր
ստիպողութիւն
էին
գրագէտին
անքնութիւնը
յաջողապէս
յաղթահարող:
Տիրանեան
բանաստեղծը,
որուն
մեղքը
արագ
յոգնութիւնն
էր
ամէն
բանի
մէջ,
նոյնիսկ
փաթեթիք
պահերէ
իր
ծարաւին
մէջ,
կարգադրեր
էր
էապէս
տրամաթիք,
մարդոց
աշխարհին
վրայ
հազուադէպ
սա
հանդիպումը,
խոր,
մեծ
խռովքներու
ակնկալութեան
մէջ,
ու
տակաւին
ինքնաշարժէն
չիջած՝
յարդարեր
մէկ
արարնոց
իր
թատերգութիւնը,
զոր
պիտի
գրէր
թերեւս
վաղն
իսկ:
Իր
սկզբնական
մտապատկերին
խորունկ
յուզումին
տեղ՝
անիկա
գտած
էր
անգոյն,
հասարակ,
նոյնիսկ
անշահեկան
դէպք
իսկ
ըլլալ
չկրցող
այցելութիւն
մը,
անկանգնելի
կերպով
տափակ,
բոլորովին
նման
ընտանեկան
տեսարաններու
ու
ատոր
համար
զզուագին
կը
տառապէր,
ոտքի
ելլելով
ամէն
երկու
վայրկեանը
անգամ
մը,
ժամացոյց
նայելով
ու
խօսելով
կցկտուր
բաներ,
Սոնային
յապաղումը
նիւթ
ունեցող:
Գիտէք
դուք
Սիսլեանը,
որ
առանց
քլիւպի,
լրագրի,
քաղաքական
տենդի,
սմքած
տիկ
մը
կ’ըլլար,
էապէս
անտրամադիր:
Պարգեւեան
փոլիթիք
չէր
ըրած:
Արտակ
Գասպարեանը
այս
բոլորէն
ամէնէն
թշուառն
էր
սակայն:
Անիկա
կը
տառապէր,
տառապեր
էր
անապատային
բացակայութեան
ամբողջ
տեւողութեանը:
Հիմա՞:
Անոր
ոտքերը,
առաջ
երթալու
տեղ՝
«ետ
կ’երթային»:
Շատոնց
լռած
էր
աղմուկը
վերջին
գնացքին,
որ
Ճիվանզատէի
մէկ
նորաբանութիւնն
էր
պոլսեցիներուն
հինցած
շոգեկառքին
տեղ:
Հայրը
չհամբուրեց
տղան,
այդ
արարողութեան
համար
(ամէն
ինչ
որ
փորին
կամ
սեռին
չէր
սպասարկեր,
տարապարհակ
արարողապաշտութիւն
էր
անոր
համոզումին
մէջ)
անհրաժեշտ
քանի
մը
շարժումի
ո՞ւժը
չզգալուն,
թէ
ժխտական
իր
ախորժակներուն
հպատակ:
Իրողութիւն
էր,
որ
«անհուն
լքում»
մըն
էր
նորէն
անիկա,
դառն
յոգնութիւն,
հասունցած
ողբերգութիւն
(որ
ժամ
մը
վերջը
պիտի
աւարտէր):
Իր
տղան
համբուրելը
քաղքենի
տմոյն
առաքինութիւն
մըն
էր
(կը
գովէր
Ֆլօպէռը,
անոր
անունով
ահաբեկելով
եգիպտահայ
քաղքենին,
որ
միակտուր
պանդոյրն
էր,
անբանը,
առնուազն
զզուելի
փղշտացին
ու
գեհենապարտ
փերեզակը,
այս
որակումներուն
մէջ
մոռնալով
անմոռանալին,
տարիներով
անոնց
սեղանէն
իր
պարարիլը,
խոզաբոյծ
ապրիլը)
մեծատաղանդ
արձակագրին
համար,
որ,
ահա
երեսուն
տարի
է,
գործեր
էր
այդ
առաքինութիւններուն
կենդանի
հերքումը
ըլլալու
արդար
հպարտութեամբ,
փառասիրութեամբ:
Ամէն
բան
իր
տեղը,
պաշտօնը
ունի
սա
մեր
աշխարհին
վրայ:
Սահակ
Պարգեւեան
ուրիշներու
պիտի
չհարցնէր
շրթներուն
դերը…:
Ինքնատպութեան
սա
արարքը
զայն
անգամ
մըն
ալ
դարձուց
իր
գրագէտի
ունայնամտութեան
ու
հանդուրժեց
տղուն
գործերը,
իր
կարգին
հօրը
վայել
ռազմախաղ:
Արման
Պարգեւ,
հօրը
չափ
ինքնատիպ,
հօրը
չափ
գիտակից
շրթունքներու
պաշտօնին,
սա
րոպէին
գրագէտին
անցեալն
էր
կարծես,
թարմացած,
նոր
կաշիի
մտած:
Կը
փախչէր,
փախչելու
էր,
հօրը
պէս,
հօրը
ոտքերով:
Անգա
Կէօրկէօվնան
(սա
հանդիպումին
ամբողջ
տեւողութեանը,
տիկինը
եղեր
էր
իր
ուսանողուհի
օրերուն,
անոր
մականունն
ալ
վերստին
հագնելու
մղուած)
վախցեր
էր
սակայն
այդ
համբոյրին
հաշուոյն:
Գրագէտին
շրթները,
քառորդ
դար
տիղմէ՜
վերջ,
իր
շրթներուն
վրայ:
Ու
վկայութիւն
էր
անոր
ներսը,
թէ
անոր
աչքերը
ա՛լ
չունէին
տեսնելու
սա
Արեւելքի
իշխանը,
այժմ
գահազուրկ,
սուտ
ու
կործանած:
Մինչեւ
իր
ընդերքը
գալարուող
ջերմութիւն,
անմիջապէս
յետոյ
մազերը
փշաքաղ
ընող
սարսուռներ
փոխն
ի
փոխ
«պաշարեցին»
զինքը,
սաղմոսին
«երկունք
մահու»ն,
որ
յստակ
ծագեցաւ
իր
մտքին,
մանկութեան
դուռներէն
սորվըւած
ու
մեռած,
բայց
յանկարծ
յառնող:
Բայց
թօթուեց
ձեռքը,
խոնաւ,
թոյլ,
լիխպ,
կասկածելի
ջերմութեամբ:
Ու
նորէն
յիշեց
անիկա
առջի
անգամը
անոր
երիտասարդ
ափին,
իր
թարմ,
անշամանդաղ
միսերուն
վրայ,
անհուն
համբոյրի
մը
պէս,
որ
առեր
էր
իր
աղջիկնութիւնը,
անվերադարձ
ու
ամբողջ:
Կ’աճապարէր
սակայն:
Բայց
ահա
աւելին:
Ան
փնտռեց
տղան,
որ
չկար:
Տիրանեան
հասկցուց
անոր,
ցոյց
տալով
ինքնաշարժը:
Հոն
էր,
վարիչին
կուշտին
իր
տեղը
անզգած
տրտմութեամբ
մը
գրաւած՝
Արման
Պարգեւեան
անուանի
դաշնակահարը:
Գիտէք,
որ
փախեր
էր
հօրմէն:
Բայց
կրնա՞ք
հասկնալ,
թե
ինչո՞ւ
չէր
համբուրած
Սոնային
ձեռքը
գոնէ:
Այս
ամէնը,
սա
այլուրային
արագութեան
մէջ:
Մեր
շարժումները
անշուշտ
մտածումներ
են,
ձեւ
առնելէ
առաջ:
Բայց
ե՛ն
նաեւ
հոգեբանութիւն,
մտայնութիւն,
նոր
բառով
մը՝
խառնուածք:
Իրարու
դէմ
ով
գիտէ
ի՛նչ
անհաս
պատգամներու
գիրով
լարուած,
յարդարուած
խորհուրդներ
են
մարդոց
մարմինները,
օր
մը
լուծելի
անշուշտ,
շատ
պարզ
փլաքներու
վրայ,
որոնք
մէկ
կանգուն
լայնք
ու
երկու
կանգուն
խորութիւն
ունին,
ամէնուս
համար
ի
յաւիտենէ
պատրաստ,
ժամանակին
մեծ
հանքերուն
ծոցը:
Եղաւ
լռութիւն,
կոտտացող,
ցաւի
պէս
երկարուն
ու
զգալի:
Ինքնաշարժին
թաւալումը,
չոր,
տգեղ,
կը
սուզուէր
անոր
ծոցը:
Ժամանակը
մէկէն
թանձրացաւ,
հոգիին
վրայ
ինկող
բռնաշապիկի
մը
պէս:
Մութը
կը
վերադառնար,
աւելի
քան
պերճ
ու
իրաւ:
Հիւծախտաւորներու
բուժարանին
կողմէն
հովը
շրշիւնոտ
հծծիւն
մը,
հեծկլտուք
մըն
էր,
էգալիւփսոսներու
ուրուացած,
թեւերէն,
լուռ
ըլլալու
վազող
ալիքներու
նման,
թելադրելով
դառն,
աղի
համը
տարփանքին
յաջորդ
կոծկոծումներուն:
Սոնան
նայեցաւ
երկար
մոմին
ու
կոպերուն
ցաւոտ
խոնաւութիւնը
աճիլ
առաւ:
Ինչո՞ւ
կ’ուզէր
լալ:
Կանչեց
զինքը
մայրը,
գգուող
ու
տրտում,
բայց
մնաց
անպատասխան:
Պարտէզին
վրայ
նիհար
լոյսը
թռաւ:
Ու
վիլլային
պատշգամը,
ներս
առաջնորդող
իր
դրան
թելադրանքովը՝
ոտքի
դագաղի
մը
կը
նմանէր
աղջկան
գերագրգռուած
մտքին
դէմ,
իրաւ,
անհերքելի:
Ո՞վ,
հոն
պառկելիքը:
Այս
զգայութիւնը
տարօրէն
սուր,
ամուր,
զինքը
դղրդող
սարսափ
մըն
էր:
Ուժգին
սրբեց
աչքերուն
թացութիւնը:
Հոն
էր
դագաղը,
բերանաբաց:
Աթոռներու
տեղափոխումը
ցրւեց
զգայախաբութեան
սա
տեսիլը:
Բայց
մահուան
համար
յարդարանք
մը
անոր
կը
թուէր
իրաւ:
Ուզեց
մոմին
կապել
սա
տեսիլքը,
բայց
եղաւ
անհանգիստ:
Դողը
կ’արթննար
իր
ակռաներէն,
թեւերէն,
ստինքներէն
ու
անդունդներէն:
Չիյնալու
համար,
նետեց
ինքզինքը
աթոռին
մէջ,
ուր
քիչ
առաջ
բազմած
էր,
ինչպէս
գահի
մը
վրայ
«Արեւմուտքի
արքան»:
Ու
անոր
ափափուած,
ծամծմուած,
կոշկոճւած
մարմինը,
մէկէն
դարձաւ
իրեն,
իբրեւ
իմաստ,
իրականութիւն:
Հակառակ
պատերազմին
յաջորդ
սերունդին
պատկանելու
քիչիկ
մը
հպարտ
վստահութեան,
անիկա
զգաց
սակայն
արժէքը
այդպէս
աղարտուած,
ճեղքուած
այդ
մարմինին,
որ
յստակ
տրոփում
մըն
էր,
բազմաթիւ
կեդրոններու
համանուագ
մը
ինչպէս:
Բոլոր
այդ
մուտքերէն
բացուած
էին
ներքին
ծորակներ,
կարծես
դուրս
կրելու
համար
անտարազելի
թրթռումներ,
փշրանքներ,
իր
«միսերուն
խարտեաշ
հերկին»
մէջ
ցօղուած,
գրագէտին
պատկերուն
բացատրութեան
համեմատ,
պատմուածքէ
մը
կառչած
իր
մատաղ
աղջկան
ուղեղին,
հեռու
Իզմիրէն…:
Անոր
զգայութիւնները
բոլորն
ալ
մշուշէ
մը
պարուրուած
կու
գային
դուրս,
ու
կ’ըլլային
վարանոտ:
Ջանաց
հանդարտիլ,
տղուն
ուրուականին
մէջ:
Դարձաւ
իրեն
ետ
անապատը,
ու
անոր
ծոցը:
Բայց
գտաւ,
որ
վիլլային
սա
արձակութեան
դիմաց
անիկա
մինակ
էր
բոլորովին:
Բոլորովի՜ն:
Կարծես
մէկը
իրեն
ըլլար
կարդացած
ծանր
վճիռը,
հօրմէն
տղուն
անցած,
իր
ամբողջ
խստութեամբը:
Ի՜նչ
հարկ
ռոմանթիզմին,
որ
թէեւ
յաւիտենական,
բայց
ոչինչ
կը
փրկէ
մեր
կորանքներէն,
մա՛նաւանդ
ոչինչով
կը
միջամտէ
մեր
յիմարութիւնները
վարշամակելու,
առնուազն
աշխարհի
աչքին:
Ո՞վ
մօտեցուց
այդ
աղջկան
միտքին
միւս
ռոմանթիզմը,
քառորդ
դարով
մը
կանխող
սա
անապատային
ողջակէզը,
որ
թերեւս
պիտի
քալէր
Անգա
Կէօշկէօվնային
արահետը
ունենալով,
մղձաւանջին
տակ
փէշերէն
կախ
մանկան
մը,
ու
նոր
Եգիպտոսներ
յարդարող,
մեր
ժամանակին
ծոցը:
Ի՜նչ
հարկ,
մա՛նաւանդ՝
տրտում,
մանր
մաղող
վերլուծման:
Սա
մեր
աշխարհին
վրայ
ով
գիտէ
քանի՜-քանի՜
հազարներ
ապրեր
են
ու
պիտի
ապրին
սա
առանձնութիւնը,
սա
յոգնութիւնը,
սա
անստոյգը,
ամէնէն
սուղ
գանձէ
մը
ընդմիշտ
զրկուած
ու
այդ
իսկ
գնով
ահաբեկ
աղջիկները,
երբ
Սոնային
նման
իրենք
իրենց
հետ
գլուխ
գլխի,
հաշիւը
կ’ուզեն
այդ
յիմարութեան:
Կ’անցնիմ:
Քիչերու
գրուած
է
սակայն
մտատեսութիւն
մը,
դէպի
վար,
դէպի
առաջ,
անդոհը՝
հարազատ
մեռելութեան
(անմեղ
մը
չէր
սա
աղջիկը,
որպէսզի
անմեղութեան
մահը
ողբար),
որ
իր
քարայրէն
կրակէ
իր
ձին
աշտանակած
սեւ
ասպետին
նման
ճամբայ
ելած
էր,
գալ
գտնելու
համար
թշուառ
սա
բոյնը,
նետուած
սա
«յղփագին
աղքատութեան»
(մեղքով
հարուստներուն
պատրանաւոր
սփոփա՜նքը)
ու
առնելու
իր
երիվարի
քամակին,
շարականին
բառերով՝
որոջը,
տանելու
համար
իր
անդնդային
արքայութեան
կրակէ
պալատները…:
Գոցեց
Սոնա
Գոհարեան
իր
աչքերը,
նայելէ
վախնալուն:
Անոր
ափերը
բացուեցան
դէպի
քունքերը,
պաշտպանելու
համար
գլուխը,
որ
կը
դառնար:
Թմբիր,
մշուշ,
լքում,
ջախջախուած
բանի
մը
հանգիստի
կարօտը:
Եւ
ոչ
մէկը
այս
վիճակներէն
եղաւ
բաւական
զօրաւոր
սակայն:
Ոչ
իսկ
յստակ
բառ
մը,
իր
կացութիւնը
խորհրդանշող:
–
Սոնա՜…
Գրագէտն
էր,
պահանջովը
գիշերասպաս
գգուանքին:
–
Գրո՜ղ,
–
մռլտաց
աղջիկը
քիթին
տակէն,
իբր
անմիջական
հակազդեցութիւն:
Ժողովրդական
սա
անէծքը,
իր
միտքին
վրայ
այնքան
հզօր
հեղինակութիւն
մը
ունեցող
մարդու
մը
հասցէին,
փաստ
մըն
էր՝
իրմէն
չկասկածուած
շատ-շատ
տառապանքներու:
Արման
Պարգեւեանէն
առաջ,
այդ
աղջիկը
ապրած
էր
անշուշտ
պարմանութեան
սա
անորակելի
շուարանքը,
մեծ
բառով
մը՝
տրաման,
երբ
իր
դողահար
մատներովը
յայտ,
երկար,
սիրտ
իջնող
անուշութիւններու
համն
ու
փայփայանքը
պիտի
պտըտցնէր
Պարգեւեանին
տակաւ
թմրող
մկաններուն
«ծարաւ
արտերուն»
վրայ,
մեղմ
յամեցումներով
ճակտին
խոնաւ
ու
իւղոտ,
թեթեւ
մըն
ալ
թանձր
բացատին,
կոպերը
քիչիկ
մը
ճմռելով,
յարգելու
համար
շարլաթան
ակնաբոյժի
մը
խորհրդաւոր
պատգամը,
տեսողութեան
տկարացումը
«արմատէն
կտրող»:
Ու
աւելի
վար,
ականջներուն
ետեւի
կիրճերէն
դէպի
պարանոց,
մինչեւ
որ
գաղջ
թմբիր
մը
փաթթէր,
պարուրէր
անոր
«տաղանդաւոր
խոնջէնքը»:
Նորութի՞ւն
մը
սա
մատաղ
վարձումը՝
վաղասպառ
առնութիւնները
այդպէս
արթնցնելու:
Նորութիւն
էր
սակայն,
Գահիրէի
մեծահարուստ
ծերութիւններու
ննջասենեակէն
ներս,
Սոնային
տարիքով,
նոյնիսկ
քիչ
մը
աւելի
վար
ալ,
աղջիկներու
մուտքը,
ջիղերու
խոշոր
վատնումով
անհանգիստ
այդ
մեծաւորները
«դարմանելու»:
Անոնց
թելադրած
գայթակղութիւնը
անբաւարար
անշուշտ,
որպէսզի
մնային
այդ
աղջիկները
մեծատունին
ապարանքին
մէջ,
օրինաւոր,
ու
կը
հասկնաք՝
տարիքէն
յաղթուած
տանտիրուհին
նուաճելէ
ետք:
Եղան,
հրապարակին
վրայ
մեծ
վարկի
տէր
անձնաւորութիւններ,
որոնք
առանց
այլեւայլի
ճամբու
դրին
իրենց
կիները,
երբ
անոնք
իրենց
զաւակներուն,
հասուկ
աղջիկներուն
պատիւը
պաշտպանել
կարծեցին,
վռնտելով
այդ
նորելուկ
փորձանքները
իրենց
յարկերէն:
Սահակ
Պարգեւեան
մեծահարուստ
մը
չէր
անշուշտ:
Բայց
միշտ
պիտի
մնար
մեծատաղանդ
մը:
Այդ
մարձումը
անոր
համար
իրական
թուլացում
մը,
սփոփանք
մըն
էր,
որոշ
չափով
զերծ
հեշտական
գրգիռներէ,
թերեւս
բռնադատեալ
պարտադրումով
մը,
քանի
որ
«յոգնութիւնը»,
իր
բոլոր
ձեւերուն
մէջ,
անիկա
ընդունած
էր
«համեստաբար»:
Չըլլային
այդ
պահերուն
զուգորդօրէն
արթնցուցած
հեռաւոր
տրտմութիւնները,
անիկա
պիտի
զգար
թերեւս
աւելին
ալ:
Բայց,
իր
սեւ
բախտէն,
այդ
գգուանքները
անոր
կը
դարձնէին
իր
«ոսկեդարուն»
ամէնէն
տաժանագին
պատկերները,
երբ
ստիպուած
էր
«սքանչելի»
իր
մատները
գործածել
ջղայնութիւնը
մեղմելու
քառսունը
անցած
կիներու,
արքենի
զարդախուցերու
ոսկի
գգուանքին
մէջ
ինքզինքը
ուտելով
եւ
ուտելով
այդ
մենութիւններուն
ահաւոր
անասնութիւնը:
Ատ
էր
պատճառը
թերեւս
իր
տառապանքին,
իր
զգայութիւնները
երբ
կը
կարծէր
հաստատել
Սոնային
անտարբեր,
պարտականութեան
մը
պէս
մատուցած
սա
գգւանքին
«խորայատակը»:
Իրողութիւն
էր,
որ
աղջկան
մատները
կախարդական
ազդեցութիւն
ունէին
անոր
յոգնութեան
վրայ:
Անիկա
քանի
մը
շատ
մեղմ,
շատ
սրտագին
հպումներով
կը
քնացնէր
անոր
«տաղանդաւոր
խոնջէնքը»,
որ
կը
վերածուէր
ձայնաւոր
շնչառութեան
մը,
աններդաշնակ
ու
գէջ,
տեսակ
մը
մնջկատակ:
Յետոյ
կը
փութար
մօրը,
անոր
ալ
«անտաղանդ
թշուառութիւնը»
գրեթէ
նոյն
մատներով
ամոքելու:
Մայր
ու
աղջիկ
կը
հիւսուէին
իրարու,
մեղքնալով
զիրար,
մայրը՝
հազար
իր
վախերուն,
պատրանքներուն
մէկ
հատիկ
վահան,
հպարտութիւն
դաւանելով
անոր
շքեղ
մարմինը,
ինչպէս
սքանչելի
սիրտը,
աղջիկը՝
խորապէս
տանջուած
թշուառութեան
այնքան
կենդանի
սա
դասէ՜ն,
դրուած
իր
մատաղ
փորձառութեան
առջեւ:
Ի՞նչ
էր
գտած
այդ
կինը
իր
անհուն
սէրէն,
ներսը
պառկողին
հաշուոյն,
սա
անտարազելի
աղքատութենէն
անդին:
Ի՞նչ՝
իր
գտնելիքը…:
Անիկա
կը
զգա՜ր,
թէ
առանց
իր
մատներուն,
որոնք
տունին
հացը,
ինչպէս
հոգիներուն
ալ
սնունդը
կը
ճարէին,
այդ
մարդն
ու
այդ
կինը
իրար
կը
սպաննէին,
իրենց
ատելութեան
ատամներուն
առանց
իսկ
մէկ
հարուածին
պէտք
ունենալու:
–
Սոնա՜:
Բեկ,
աղաչաւոր,
մա՛նաւանդ
չարաշուք
կրկնումով,
քարայրներէ
մեկնող
ողբի
մը
նման:
Աղջիկը
յիշեց
քիչ
առաջուան
անէծքը:
Տրտմեցաւ
նորէն:
Զղջաց
ու
ելաւ
ոտքի:
Մէկէն
նեղուեցաւ:
«Բազմութիւն
էր»:
Ձայներ,
ձեւեր
կային
իր
շուրջը,
մութէն
այլայլուն,
բայց
իրական:
Յետոյ,
իր
մէջէն,
քովիկէն՝
բա՛ն
մը,
շուքի
մը
պէս,
որ
ըլլար
իրաւ:
Զգայութիւնը
այնքան
որոշ
էր
սա
սողոսկուն
բանին,
որ
վախցաւ:
Կիսամութին
վրայ
թանձրանալ
ուզող,
բայց
չկրցող
սա
ուրուային
թրթռումը
գտաւ
սակայն
անոր
միտքի
կեդրոնին
իր
իմաստը:
Կարծեց,
թէ
կը
հասկնար:
«Անապատին
տղան»,
որ
կը
թուէր
ինքզինքը
հաւաքել,
յօրինել,
հիւսել
ու
ըլլալ:
Տուաւ
անոր
արագ
կերպարանք
մը,
իր
ըրածին
յիմարութիւնը
վանելով
հեռու
բլուրներու:
Դողդղաց
ամբողջ
մարմինովը,
որ
այդպէս
թօթուըւած,
դարձաւ
իր
հոտին,
իրականութեան,
հեքիաթին,
ետ
եկող
կէս
մը
լուսնոտ
իր
ջիղերուն
ամբողջ
տագնապանքը
դիզելով
իր
միտքին,
որ
վերջապէս
կ’արթննար:
Ո՛չ
միայն
«բազմութիւն,
ձայն»
էին
իր
շուրջը,
այլեւ
աւելի
որոշ՝
ուրուակա՛նը՝
որուն
շունչէն
խոնաւ
տաքութիւն
մը
կը
քալէր
ծոցին
վրայ:
Ո՛չ
հեշտութեան
յաջորդ
խոնջէնքը,
կծու
զիղջը,
ո՛չ
ալ
հասունութիւնը,
որ
ծոցի
մը
գինն
է
մեզմէ
շատերուն:
Քալեց
սակայն:
Մտագրաւ,
քիչիկ
մը
շուար:
Չտեսաւ
սեղանիկը,
հովէն
վարագոյրի
մը
ներսը
առնուած:
Վրան,
Պարգեւեանին
մէկ
հիացողէն
գաճէ
արձանիկ
մը,
Պարգեւեանին
ծաղրանկարը,
ինչպէս
կը
հեգնէին
մտերիմ
այցելուները,
բաց
պատուհանէն
կը
դիտէր
ճամբան,
առանց
յոգնելու,
ահա
քանի
մը
տարի
է:
Սոնան
բախեցաւ
սեղանին,
որ
արձանին
հետ
ինկաւ
գետին:
Բարքէին
վրայ
խուլ
ճի՛չը՝
մեռնող
գեղօրին:
Տակաւին
չծռած
զգաց,
թէ
ծանր
բան
մը
կատարուած
էր,
պիտի
կատարուէր:
Նախազգացումը
կը
ծաղրենք
ուրիշներու
հաշուոյն:
Մեր
դժբախտութեան
մէջ
աւելի
համեստ
ենք:
Հասեր
էր
մայրը:
–
Սո՜ւրբ
Ստեփանոս,
խաչակնքեց
անիկա,
բայց
ձեռք
չերկարեց
ճիչդ
սիրտին
քովէն
երկուքի
բաժնուած
արձանին
կտորներուն:
Սոնան
վերցուց
զանոնք:
Դրաւ
կտորները
իրարու
վրայ:
Արձանը
չունէր
ոչ
մէկ
ճեղք:
Դուրսէն
կը
նմանէր
ինքզինքին:
Չպատասխանեց
Պարգեւեանին,
որ,
առանց
տեսնելու,
պոռացեր
էր.
–
Կոտրեցա՜ւ:
Ուրկէ
եւ
ինչպէս
գիտենք
երբեմն
բաներ,
զորս
չենք
տեսներ:
–
Սո՜ւրբ
Ստեփանոս,
–
կրկնեց
դժբախտ
կինը,
որ,
իրարու
ետեւէ
ծանրացող
հարուածներուն
ազդեցութեամբը,
կամաց-կամաց
վարժուած
էր
ամէն
նորութիւն
չարագուշակ
դատելու:
–
Չարը
տանի,
աղջի՛կս,
–
ըսաւ
սակայն,
խորունկ
վրդովումով
մը:
–
Մի
ուշանար.
կը
վախնա՜մ:
Այդ
մայրը
ի՞նչ
բանէ
կը
վախնար:
Սոնա
Գոհարեան
հազիւ
խելք
ըրաւ
արձանին
կտորները
դնելու
սեղանին
վրայ:
Յուզուած
էր
շատ
մը
մասերէն:
Ներսը,
իր
մահիճին
մէջ
սրտառուչ
ողբերգութի՛ւնը,
ա՛ն՝
զոր
իր
ժամանակը
Սահակ
Պարգեւեան
անուանեց,
բայց
որմէ
շատ
քիչ
բան
տեսաւ:
Ասդին,
կի՛նը՝
որ
մայր
մըն
էր,
իր
ամէնէն
սրբազան
հաւատքին,
պատրանքին
մէջ
չարաչար
խաբուած,
իր
աղջկան
ճակատագրական
մէկ
տկարացումովը:
Ու
ի՜նքը,
այդ
աղջիկը,
որ
ահա
կոտրուած
արձանին
նախատօնակն
էր,
լռելեայն
կատարուած
անապատի
քարերուն
վրայ:
Աւելի՞ն:
Ո՜վ
գիտէ:
–
Շուտ
կու
գամ:
Բայց
չէր
հաւատար
ըսածին
ու
չէր
ալ
գիտեր՝
ինչու:
Անոր
ձայնին
մէջ
կարծես
նայուածք
մը
կար:
–
Մամա՜ս:
Յեղակարծ
ու
բռնի:
Իրմէն
դուրս
ըլլային
զսպանակները
սա
բառին,
որ
լացն
էր
թեւ
առած:
Փաթթուեցաւ
վիզին,
բայց
անկարող
համբուրելու:
Շտապ
կար
կուրծքին,
միսերուն,
հոգիին,
–
բոլորն
ալ
զատ-զատ
իրենց
բաժինը
ունեցող:
Իր
շրթունքները
համբոյրին
փոխարէն
կը
տեղային,
զանազան
երանգներով՝
–
Մամաս,
մամաս,
անուշի՜կ
մամաս…
Յետոյ,
վճռական
ու
արի,
ուզեց
զատուիլ
անոր
ծոցէն:
Մայրը,
գողտր,
տաք,
դողդոջ,
ինքն
ալ
առնուած
լացէն,
բայց
աւելի
զուսպ.
–
Այ
իմ
մէկ
հատիկս…
Ու
կը
սեղմէր,
իր
ուժերուն
չափովը,
իր
աղջիկը:
Այսպէս
պիտի
ապրինք
մենք,
իրարու
ծոց
նոյնիսկ,
բայց
իրարմէ
երբեմն
հինովին
օտար:
Այս
մայրը
կ’անգիտանար
սա
աղջկան
տագնապը:
Այս
աղջիկը
չէր
հասկնար,
թէ
ինչ
կը
գրկէր,
իր
մարմինին
մէջէն,
իր
մայրը:
Ազատեց
սակայն
ինքզինքը
անոր
բազուկներէն:
Տարիքին
թուլութի՞ւնը,
իր
ձեռնուած
մարմի՞նը,
հոգին
զարնող
խուլ
անհանգստութի՞ւնը
–
ի՜նչ
գիտնար
–
զինքը
ըրին
աւելի
քան
վարանոտ:
Ներսի
մահիճին
պատկե՞րը:
–
Որ
փոխուեցաւ
մէկէն,
անոր
մտքին
խորը,
ըլլալու
համար
անապատին
տղան:
Այս
պատկերն
ալ
յիշատակ
մը
չէր,
այլ՝
մօտ
ու
ծանր
բան
մը:
Վարանքը
տարածուեցաւ
միտքին,
քայլերուն:
Իր
մարմինը
ծանր
էր,
մեղքին
բեռովը,
կարծեց
բանաձեւել:
Ամէն
շարժում,
ըլլալու
տեղ
ինքզինքը,
կը
թելադրէր
բազմութիւն,
ամբոխում:
Եղան
իր
կռնակին
ակօսով
բազուկն
ու
մատները
անապատի
տղուն,
անտարազելի
անոնց
լեզուն,
իր
միսերուն
վրայ:
Բռնի,
«անդիմադրելի»՝
եկան
այդ
տղուն
շրթները
նորէն
լզելու
իր
այտերը,
կոպերը,
ստինքները,
անոր
մէջ
այս
անգամ
արթնցնելով
գարշագին
տրտմութիւնը:
Կը
դառնա՞ր
դատողութիւնը:
Յիշեց
վէպէ
մը,
այդ
օրերուն
համբաւի
ելած,
իրեն
վիճակակից
աղջիկը,
որ
իջեր
էր
փողոց,
կէս
գիշերին
ու
հանդիպած
առաջին
արուն
ընտրած
իրեն
պէ՜ս:
–
Սոնա՜:
Բացագանչութիւնը
ընդհատեց
թելը
սա
վերյիշումներուն:
Մայրը
ցնցուած,
«խայթուած»,
ընկրկեցաւ:
Աղջիկը
կը
հաւատար,
թէ
ինչպէս
ամէն
գիշեր,
սա
գիշերն
ալ
իր
մատները
պիտի
քակէին
քունին
կապանքները
ու
պիտի
բաշխէին
խաղաղութեան
թէկուզ
սահմանափակ
բարիքը,
ծիրանաւոր,
բայց
անպատմելի
կերպով
յուսակտուր
սա
խոնջէնքին:
Այս
քանի՜
տարի
է,
գրագէտը
այդ
պսակաւոր
խոնջէնքն
էր,
յոբելեանին
համար,
ասոր
զիջելու
համար,
շատ
երիտասարդ,
իր
ժողովուրդին
աչքին
անշուշտ,
բայց
իր
ներքին
նայուածքին
համար
աւելի
քան
հասուն:
Իր
կամուրջները
դէպի
յոբելեան
այրած
էր
անիկա
դեռ
երեսուն
չմտած,
մտադրած
ըլլալով
ապրիլ
այնքան՝
որքան
ունէր
մարմին
(դուք
կը
հասկնաք
բառը):
Շիջումէն
վե՞րջ:
Բայց
ստոյիկեանի
նման
նետուիլ
մահուան
վրայ:
Ամէն
օր,
զանազան
կերպարանքներու
տակ
նորոգւած
սա
շրջաբանութիւնը
հասած
էր
հակադիր
արդիւնքի,
իր՝
ինչպէս
շրջապատին,
–
իրեն
համար՝
մահուան
անգոյութեան,
զինքը
կերակրողներուն
համար՝
անվախճան
ողորմութեան:
Սոնան,
ինչպէս
ամէն
գիշեր,
այս
գիշեր
ալ,
իր
մատներով,
քակէր
պիտի
ցաւին
համաբուխ
ակօսները,
անոր
յօդուածներէն,
որ
անկողինին
ջերմութեանը
մէջ
կարծես
կը
լխկէին,
դառնալով
կոտտուն
ու
շատ
զգացում,
ջուր
ծծող
վէրքերու
նման:
Պիտի
վանէին
անոր
դնդերներէն
հովերը,
տեղաւորուիլ
չունեցող
փայլակնակերպ
կծումները,
որոնք
դէպի
սրտին
գաւառները
կը
փորձէին
կամար
նետել
ու
կէս
ճամբան
կ’աւրւէին,
անշուշտ
գրագէտին
միամիտ
հաւատքովը,
իր
սամսոնեան
ուժերէն,
պիտի
թուլցնէին
կարծր
ճնշումը,
պրկումը
գգուագին
շունչին
քաղցրութեանը
մէջ,
անոր
կուրծքին,
որ
անհանգիստ
էր
միշտ,
չէր
բաւեր
կարծես
կրելու
հսկայ
ու
ծանրաբեռն
անոր
մարմնեղէն
մեքենան:
Քանի՜
տարի
կայ,
որ
սանդուխները
կ’ատէր,
քալելը
կ’ատէր,
մա՛նաւանդ
ճաշերէն
վերջը
քանի
մը
քայլը,
դէպի
պարտէզ
կամ
վերանտային
աթոռը:
Գիշերները,
անոր
անկողին
մուտքը՝
ուրիշ
արարողութիւն:
Անոր
շալակը
տեղ
ունէին
օրուան
բեկումները,
նեղութիւնները,
գանգատները,
կիրքերը:
Ոչ
մէկ
անուշ
զգացում:
Ոչ
մէկ
սփոփանք:
Գիտէր
այս
ամէնը
Օրիորդ
Սոնա
Գոհարեանը:
Միշտ
իր
կախարդ
մատներով,
անիկա
պիտի
աւլէր
այդ
դժխեմ
տրամադրութիւնները,
թնճուկը,
անբացատրելի
յուսահատութիւնը,
որ
հարիւր
տարի
առաջ
դարուն
հիւանդութիւնը
իբրեւ
գրական
թեմա
մը
եղաւ,
բայց
որ
նոր
բառով
մը
կը
թարգմանուէր
սեւամաղձութիւն,
ջղագարութիւն,
–
արդիւնք՝
մեր
իսկ
ձեռքով
մեր
ջիղերուն
ախորժակներուն
վրայ
մեր
բռնադրած
զուլումին:
Ֆրէօյտէն
առաջ՝
ծանր
հիւանդութիւն:
Անկէ
վերջ՝
պարզ
ախորժակ:
Սահակ
Պարգեւեան
իր
մարմինը
պարարող
անզգայ
անասունն
էր
եղած:
Դուք
գիտէք
ատիկա:
Ու
գիտէք
նաեւ,
որ
անիկա
տառապած
էր
տառապանքը
Սոնա
Գոհարեանին,
սկիզբները
տարտամ,
բայց
տարիքին
համեմատական
չարիքովը
աւելի
խոր
ու
զարհուրելի,
տարի՜քը՝
որ
կը
գործէր
հակադիր
միջոցներով,
աղջկան
վրայ
դառնալով
անասելի
շնորհ,
հրապոյր
ու
գինովութիւն,
գրագէտին
վրայ
ներքին
հիւծում,
ջղային
սպառում,
ցամաքում:
Ու
ամէնէն
աւելի
ինքն
էր,
որ
կը
չափէր
աղէտը,
սա
աղջիկէն
իր
վրայ
իբրեւ
արիշ
թեւաւորուած
տագնապը,
տառապանքը
դիմաւորելու,
ի՜նք՝
որ
այդ
զսպումի
իմաստութեան
(refoulementը
Ֆրէօյտին)
հիմնովին
անատակ
էր
դուրս
եկած,
ախորժակներու
եւ
կիրքին
պողոտաներուն
վրայ
երբ
«կ’արշաւէր
քառասմբակ»:
Այսպէս
էր,
որ
դատած
էր
ինքզինքը,
գրեթէ
դատապարտած,
ամէն
գիշեր,
երբ
այդ
աղջիկը
իր
մօրը
կը
զիջէր,
այդ
զրկանքը
այլապէս
խորանարդելով,
առանց
մտածելու
այն
ամէնուն,
որոնք
պատիւ,
դիրք,
ընկերային
դաւանանք,
քաղաքականութիւն
անուններու
ներքեւ
մեզ
կ’ընեն
զգաստ:
Սոնա
Գոհարեան
«անապատէն
դարձին»
միայն
պիտի
հասկնար
գինը
իր
մատներուն,
սա
մեծատաղանդ,
ծիրանաւոր
խոնջէնքին
ու
նոյնքան
սրտառուչ
կործանումին
մէջ:
Ամէն
գիշեր
անշուշտ
անիկա
այդ
սենեակէն
դուրս
չէր
ելեր
մանուկ
մը
քնացնողի
միամիտ
խաղաղութեամբը:
Միսերը
տարիք
ունէին
Ֆրէօյտէն
առաջ:
Ըսել
կ’ուզեմ՝
չեն
ունեցած
զայն:
Այս
գիշե՞ր:
–
Դէպքերը
յաճախ
վեր
են
մեր
հասողութենէն,
մեր
կարկիններէն:
Սոնա
Գոհարեան
ճակատագիրն
էր,
աղջկան
մը
մարմնով,
այդ
մահիճի
եզրին: