Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Է.

Չպատասխանեց անոր հարցումին: Կոտրած բաներուն բախտն է նետուիլ, անդրի թէ սիրտ, կուսութիւն թէ պառաւութիւն, նոյնն է գումարը սա աշխարհին բոլոր փառքերուն, վայելքներուն, պատրանքներուն ու երազներուն համար ալ:

Ատենէ մը ի վեր, «լայն լոյսի» կարօտ մը գրագէտին լամբը ենթարկած էր քմահաճ փոփոխումներու: «Շատ պիտի նստինք մութին մէջ», կ’ըսէր անիկա, ժպտելով ցաւոտ աչքերուն խորէն, տրտում, ակամայ: Մա՛նաւանդ կէս գիշերուան մօտ, անիկա իր առանձնութիւնը կ’ուզէր լուսալիր եւ փակ: Ինչ կը հետապնդէին սա փափաքները,   ատիկա պիտի չհարցնէր ինքը իրեն: Գիտէր միայն, որ յիսուննոց լամբին տակ այդ աղջկան մարմինը կը հագնէր ուրիշ ոսկի: Ու անոր աչքերը թարթիչներուն թեւաւոր շուքին մէջ կ’աճէին: Այսքա՞ն: Ո՜վ գիտէ: Ծանր, քիչիկ մը թթու շնչառութիւնը կը թուէր ազդուիլ նուաղումէն, ձեւի թէ լոյսի, նոյնն էր կշիռը: Յետոյ՝ բնազդական վախն ունէր անկողինին: Սրտի յառաջացած, բայց գաղտ հիւանդութիւններուն խուլ վախն էր ատիկա երկայն նստելուն:

Անոր մահիճը՝ ճմուռ-ճմուռ: Բարձերը՝ գրեթէ կոխկռտուած, հաւաքունէն ընդոստ, զայրացկոտ արթնցողի մը թաւալումներով: Նոյն ատեն կծու շունչը, եղկ մարմաշը ըսես քրտինքին, որ ծանր բան մը կ’ընէր ո՛չ միայն անկողինը, այլեւ՝ փակ սենեակը: Տարիէն աւելի կայ, բարեկամ մասնագետ բժիշկներու թելադրանքը սա գիշերները վերածեր էր ողջ կիզումի: Քոմոտին վրայ տասնով, քսանով սրուակներ, ցպիկներ, Փարիզէն ու Պերլինէն նոր ժամանած specialitéները, որոնք մէկ-երկու գիշեր կը նուաճէին անոր մեծատաղանդ խոնջէնքը, բայց շուտով կը նուաճուէին իրենց կարգին, անոր մեծ ուղեղին անսանձ բարքերովը: Որո՞ւ հպատակած էր այդ ուղեղը, որպէսզի հպատակէր ճանճի գլուխով բժիշկներուն: Թմրեցուցիչներէն մորֆինը վախ կու տար իրեն:

Սոնան պիտի բանար պատուհանները, ներս առնելու քիչիկ մը չոր, լայն, զով ու թեւաւոր ազատութիւն: Պիտի փոխանակէր նուազ լոյսը աւելի զօրաւորով: Պիտի տեղաւորէր խարխուլ բազկաթոռը սնարքին եզրին ու երկարէր իր մատները գրագէտին պսակաւոր գլխուն, որ մէկէն կը գտնէր հրաշալի հանդարտութիւնը գառնուկին: Յետոյ, այդ մատները պիտի դառնային ճակտի պայծառ գմբէթին, ուր կոհակ կազմած կարծր գիծեր (երկուքն ալ կը զգուշանային ճիշդ բառը գործածելէ, խորշոմը ) ծալել, մասամբ իւղոտած, առհասարակ խոնաւ, կը հարթուէին, կը յարդարուէին նոյն արագութեամբ: Քունքերուն վերեւ երակին կարծր թելը կ’անհետանար քիչ մը աւելի ուշ: Ատիկա գտած էր Սոնան:

Սահակ Պարգեւեան մեծահարուստ վաճառականը չէր ծխախոտի, կամ Փարիզի իշխան մը, որոնք այդ մատաղ մատներու գգուանքը կը գնէին ոսկիով: Խոր արհամարհանքով դատելով հանդերձ այդ ոսկեդրուագ ծերութիւնները, մուշտակաւոր անառնութիւնները, իր մէկ հատիկ ազնուութիւնը պիտի չփորձէր գինի վերածել: Երջանիկ էր, որ Տիկին Գոհարեանին զառամութիւնը կը խնայուէր իր անկողինին: Երջանիկ էր, որ իր սիրտին ամէնէն մօտ բանը, տակաւին սա աշխարհին վրայ, մօտ էր իր անկողինին: Աւելի՞ն: Այսինքն այն տանջա՜նքը՝ որ կինն է մեր զգայարանքներուն վրայ: Ստոյգը ա՛յն է, որ այս գիշեր, Սահակ Պարգեւեան կը տառապէր, ինքն ալ յստակ չէր զգար, ուրկէ՛, իր ո՛ր մասերէն, մա՛նաւանդ ինչուն:

Սոնային մատները անոր գանկին զոր չէր վարանած իր տաղանդին պատուանդան որակել, զուարթ օրերուն վրայ լայն, գաղջ, գողտր ու մեծ համբոյրի մը նման գտած իրենց իմաստը, արժեցուցին իգութենէն անդին այն սրտագին բանը, որ խաղաղութիւնն է աշխարհի երեսին կամ մարդոց սրտին: Սահակ Պարգեւեան խոր, ապահովիչ շնչառութեամբ մը, ինքն իր մէջ կը հաւատար, թէ կը տեղաւորուէր: Սպասեց: Ու ահա աւելին: Ուրիշ գիչեր, այդ գգուանքը կը բերէր անշուշտ սա հանգիստը, յետոյ՝ թմբիրը ու մշուշումը, մեղմով կոտրելով անոր ջիղերուն պրկուած, կոծկոծուն խորութիւնը, օրուան տաղտուկներով, հոս ու հոն հանդուրժուած խուլ, փսփսուն ակնարկութիւններուն թոյնովը այդպէս երկաթ դարձած՝ իր միսերուն խորը: Անիկա պիտի խաղար քունին վրայ ու քունին մէջ, ափը տուած փափուկ մատներու: Սահակ Պարգեւեան նոր անդրադարձաւ, որ գանկին վրայ այդ գգուանքը ընդուներ էր հծծագին, կարօտէն վեր ընդառաջումով: Յիշեց, որ երկար էր եղած աղջկան բացակայութիւնը, մէկէ աւելի անգամներով իր միջամտութիւնը: Ու, մա՛նաւանդ՝ անոր աչքերը փակուելու տեղ լայնցան: Աւելի քան արթուն: Ու արթուն՝ իր բոլոր մասերէն, մասնիկներէն: Այս զգայութիւնը անիկա կ’ունենար ծոցերէն առաջ, իր երիտասարդութեան ամէնէն հուրքոտ ծարաւներուն: Զանաց հասկնալ: Դեղարանի մը մէջ, իր մէկ ընթերցումը եղաւ միտքին բաց էջ մը նորէն: Փարիզէն նոր ժամանած մասնակի դեղի մը ռեքլամն էր, ուր խոշոր գիծերով կը դրուէին տարիքի դարձին, ինք հայացուց՝ դադարին մարդոց մէջ երեւան բերուած զգայազեղծումները: Ասոնցմէ մէկն էր փայլակնային բխումը մարմինին՝ ծերութեան խորերէն քանի մը ամուր, խոր քաշուած հոգեվիճակներու: Այս մտածումով անիկա կարծեց, թէ կը բացատրէր իր արթնութիւնը, որ կը մնար աւելի քան յստակ, իրաւ, պահանջկոտ: Անհանգիստ, սակայն: Կը բռնանար այդ վիճակը հեռու երիտասարդութեան, աղջկան մատներէն կարծես կաթիլ-կաթիլ իր միսերուն խորքը թափուող: Դարձուց իր միտքը ուրիշ ուղղութեան: Սա պայծառազգայութիւնը չէ՞ր կրնար գինը ըլլալ օրւան անսովոր ապրումներուն: Ինչե՜ր չէին դարձուած իրեն, մինակ կանխող քանի մը ժամերու ընթացքին: Յետոյ փակեց թարթիչները, բռնի սակայն: Անոնք կրակէ շղարշի մը նման թօթուեցին իր աչքերը, որոնք աւելի ուժով բացուեցան, սեւեռուեցան: Յստա՞կ՝ անոնց լեզուն, որպէսզի երկուքն ալ վախնային գրեթէ:

Գիշերը շատոնց անցեր էր կէսէն: Բու մը քանի մը կտուց բան նետեց, մեծ էգալիւբթոսներուն սիրտէն ու իրենց պարտէզին մէջէն կտրեց սեւ ջուրը մութին, որոշ շրշիւնով: Պարգեւեան, յառաջամարտիկ գրագէտ, ծաղրած էր, տարիներով, թռչունի զուգորդ նախապաշարումը: Բայց այս գիշեր անկարող եղաւ թեթեւ մը պղտորւելէ: Սոնան հասած էր ծոծրակին քովնտի կորացումներուն: Քրտինքը, առատ, պայծառ՝ որպէսզի նորաձեւութեան վարկաւոր մէկ փոշին մատներուն հետ տրուէր այդ եղկութիւնը չորցնելու: Նոր փոշին, քաղցրաբոյր, աղուամազային ու է՛գ, ինչպէս դասաւորեց անիկա այդ զգայութիւնները, չկրնալով զատել սակայն այդ խմորէն աղջկան մատներուն բաժինը: Ու կը դողար, հաճոյքէ՞, հեշտանքէ՞, վախէ՞: Չուզեց խորանալ:

Ուրախ էր ու տառապագին նոյն ատեն: «Ոսկի» անոր երիտասարդութիւնը, իր տղուն պատկերովը ողջուներ էր զինքը այնքան վաւերատիպ վաւերականութեամբ մը, որ անկողինէն առաջ անիկա պահ մը զգացեր էր ինքզինքը բոլորովին ազատագրուած քառորդ դարեան իր ժանգերէն, հոգիին՝ որքան մարմինին բոլոր խորշերէն: Եղեր էր, մութը չկոխած, թեթեւ, հզօր, ամենազօր նոյնիսկ, ինչպէս է կեանքը մեր ներսը, երբ մեր արիւնը կայտառ է դեռ, զերծ՝ տարիքին ամենազգի ծորումներէն, գէշ բառով մը՝ թոյներէն: Ջնջւէր էին իրմէ իր բոլոր կորանքները, ահաւոր իր մաղձովը դեղնած իր տրտմութիւնը, ապրելու տեղ ամէն օր պոռնկանալու իր ճակատագիրը, անբաւ իր սուգը, որ անոր ժում մը հաց չարտօնեց առանց նախատինքի, ժում մը ծոց, ուր իյնար առանց տառապանքի, պահ մը փառքի, տաղանդին ճամբաներէն, առանց չակերտի: …Վիլլայի պատշգամին, անիկա նայեր էր չորցած, գրեթէ ճերմկած Կէօրկէօվնային, որուն մայրութիւնը, դուրսէն, անհաւատալի, նոյնիսկ սուտ թուեցաւ իրեն, այնքան այդ աւերակը կը նմանէր հազարներու, թուրիսթ, իրենց լիրբ քոտանքներով, իրենց ճերմկած մազերը ու անատամ շրթները ցուցադրելու մէջ այնքան այլուրային, վսեմ ու ահաւոր կերպով տգեղ մանաւանդ: Մա՜յր: Կրցեր էր այդ սրբազան, աշխարհին ամէնէն սրտառուչ պատրանքը բնական ըլլալ սա յիմար պառաւութեան նախամուտին, որ Անգան էր նայուածքին դիմաց: Սահակ Պարգեւեան հայը չէր եղած, այդ զգացումին հաղորդ իրականութիւնները զատելու համար միւսներէն, որոնք արուն են, անասունը մեր մէջ, միեւնոյն ատեն: Ատ էր թերեւս պատճառը, որպէսզի փակէր իր ամբարիշտ աչքերը, բանալու համար զանոնք իր ներսի աշխարհին վրայ ու հոն վայելելու տեսիլքը, անորակելի հրաշքը, որ մարմինն էր անշուշտ այդ կնոջ, քառորդ դար առաջ ու էր նոյն ատեն անպատմելի անուշութիւնը մեր միսերուն գարունքին, «ոսկի բզզիւն» ու, մա՛նաւանդ՝ հեղուկ հոգի, անապակ կուսութիւնը, որ աչքէն ու ժպիտէն կը հոսի ու կ’ըլլայ… մեր զաւակը: Խռովքը, առքը, գինովութիւնը, թեւաւորումը մեր զգայարանքներուն, որպէսզի չհաւատա՜նք, ըսեր ու գրեր են մարդիկ, բոլոր գրականութեանց մէջ, գրեթէ համարժէ բառերու փունջով: Յիսունէն վեր ու մահէն քանի մը ժամով միայն հեռու այդ թշուառականին համար, այդ «ոսկի օրերուն», սա ձեւ վերմատուցումը, այդ անդարձ նկատուող «դրախտին» սա ուրուային փայլակումն ու հետախաղաղ սուզումը պարապն ի վար, թերեւս գերագոյն մխիթարութիւն մըն էր շնորհւած, իրեն դէմ այնքան ժլատ ճակատագրէն: Սահակ Պարգեւեան խմած էր այդ մաքրութիւնը, կուսութիւնը, դեղձան բզզիւնը, ոսկի ըմպանակէ մը ինչպէս, վայելքէն, հեշտանքէն շատ վեր, տարբեր հոգեվիճակով մը, կիներէ իր փորձառութիւնները այնքան այլապէս գունաւորող, խենթութեան շատ մօտիկ, յուզումի մը մէջ, ինքն ալ առնուելով այդ աղջկան անճառ երանութեան ալիքին մէջ, գէթ մէկ անգամ հասկնալով կեանքին ամէնէն սուղ պահը: Ուրիշ ճակատագիր, այդ մարզէն իր յիշողութեան չարաչար պակասը: Ի՜նչ հարկ բացատրել ջանալ կարգ մը վիճակներ, որոնք կը շահին այսպէս փակ, ողջ-ողջ, թաղուելով: Կարծեմ տեղը չէ Սահակ Պարգեւեանը ներկայացնել, կիներու կրկէսին վրայ, աւելորդ անգամ մըն ալ: Բայց պարտաւոր ենք հետեւիլ սա մարդուն ներքին նայուածքին, որ վէպի մը համար դիւրին թեմաներ չի տար միայն, այլ կը կազմէ թերեւս մեր ամէնուն մէջ ամէնէն իրաւ, խոր ապրումներուն կտաւը: Աւելի՛: Այդ նայուածքին տակ դարձող կախարդական այդ աշխարհը ուրիշ անխուսափելի ազդակ՝ որպէսզի ըլլան հասկնալի շատ թշուառ, շատ մարդկային ուրիշ ալ կորանքներ, տագնապներ, որոնց հանգոյցը պիտի քակուէր քանի մը ժամէն, կործանած լերան մը նման, իր կարօտին, կիրքերուն, իր ամէնէն աննահանջ էութեան համատրոփ դղրդումին մէջ, վերջնապէս թաղելու համար ինքզինքը կրծած, սպառած սա միսին կտորը, որուն սիրտ անունը կու տանք:

Հելուանի մէջ անոր Փարիզը: Դարձեալ աւելորդ է խորանալ, շատ ու լաւ տեսնելու համար, մեղքին ճամբաները: Բայց եղէք արագ: Սահակ Պարգեւեանին տեղ ուրիշ Պարգեւ մը, Արմանը: Հասկնալի անշուշտ, բայց ո՛չ մեր ամէնուն մէջ ընթացիկ եղանակով մը: Գրագէտը այդ անծանօթին առջեւ պիտի զգար շատ ու շատ բաներ, հակասական, անիմաստ նոյնիսկ: Բայց ամէնէն աւելի ան ինքզինքը զգաց: Ու խռովք ու տառապանք էր իր մէջ, այդ պատկերը: Բայց մեր տառապանքին ճակատագիրն է կարծես միշտ ամբողջ ընել ինքզինքը: Ու այդ օրէնքին գնովն էր, որ Անգա Կէօրկէօվնային մօտիկ, անկէ բխած ուրիշ մարմնառութիւն մը կը տեսնէր անիկա, –Սոնա Գոհարեանը: Եղերական բաները ո՞ւր կը զատուին անոնցմէ, որոնք պիտի կրենք պարզութեամբ, բնականութեամբ, առնուազն առանց արցունքի: Ո՞վ կարգադրեց, որպէսզի այնքան ընտանի այս պատկերէն, այդ մօտիկութենէն երազի մէջ ապրուած ուրիշ պատկերէ մը երեւան գար առանձին կարծրութիւն մը, ուժգին ու բիրտ, աճապարոտ ու բարբարոս նոյնիսկ, աղջիկը, որ կը գրաւէ ո՛չ միայն իր իմաստը, այլեւ՝ մեր իմաստը: Տարիներով կը կրենք տեսիլքը ու կու գայ վայրկեանը, երբ ստիպուած կը բզկտենք զայն: Սոնա Գոհարեանը բռնութիւն էր ու կրակ: Ու, ինչպէս իր քառորդ դարու կորանքները կը մեկնէին փարիզեան «ոսկի արշալոյսէն», մաքրամաքուր աղջկան մը, հիմա անճանաչելի, զզուելի աւերակ, նոյն եղերականութեամբ ու նոյն ամանակով, անոր մերձաւոր քանի մը տուրքերը, պատերազմին սարսափներէն ու անոր յաջորդ իր ընդարձակ տրտմութիւնները հագած իրենց վայել, հասկնալի իմաստը, իրմէն մինչեւ սա րոպէն գրեթէ վրիպած, բայց վերջնականապէս ալ լուծուած: Արշալոյսի իր օրերուն առքէն, պայծառ ու թեթեւ գինովութենէն բոլորովին տարբեր բխում մը, բռնկում մը, հրդեհ մըն էր Սոնա Գոհարեանը: Որ կը դառնար իր հարազատ դերին, փառքին, սա գարնանամուտ գիշերով: Կեղծաւոր մը չէր անիկա, զգացական մարզին վրայ, որպէսզի չհաստատէր, թէ այդ աղջնակը ուրիշ բան չէր եղած արդէն իր զգայնութեան խուլ, խորունկ անդունդներուն ծոցը: Տղու չափ ու պէս միշտ անհամբեր, Սահակ Պարգեւեան չըրաւ խաչելութիւնը իր խղճմտանքին, ինչպէս կ’որակէր իր ամէնազգի ախորժակներուն, բնազդներուն իրմէ կամ դուրսէն պարտադրուած ամէն զրկանք: Ի՜նչ հեշտութեամբ անիկա ընդունեց տղուն աճապարագին հեռացումը, փախուստը գրեթէ, երբ պահ մը մտադրած էր վար դնել զայն, իր չունեցած յարկին տակ, իրեն համար իմաստէ զուրկ, բայց մարդոց գերագոյն զանգուածներուն մօտ ամէնէն սրտառուչ հաճոյքը, զաւկի հաճոյքին համն ալ կուշտ ապրած ըլլալու: Բանաստեղծը թելադրեր է ասիկա, ան ալ այդ զաւկի վայելքին վրայ խոր իր յուզումին փաստը տուած, անմահ քերթուածի մը մէջ ու իր զրկանքը այդպէս բիւրեղացուցած: Մեր գանկին տակ մեզմէ իսկ հազիւ կասկածուած աշխարհ մը կ’ապրի սակայն: Սահակ Պարգեւեան չըսաւ, չարձակեց իր որոշումը: Անապատի ժամը իրեն համար եղեր էր իր ամէնէն ծանր ողբերգութիւններէն մէկը, ամէնուն աչքին դիմաց, բայց բոլորովին մինակ: Անիկա ձեռքով դրուածի պէս տեսեր էր մտքէն քարը, հովը, մութը, քով քովի երկու պարմանները, որոնցմէ մէկուն մէջ իր արիւնը, այսինքն՝ բոլոր խենթութիւններուն համագումարը, արուեստով ալ լուսապսակ: Ինչո՞ւ, հակառակ հզօր փափաքին, չձգեց իր աթոռը, «սանկ շունչ մը առնելու» համար, ելլել անապատ, ինչպէս կ’ընէր այնքան անգամներ, աղջիկը զարկած թեւին, մութին թանձրանալէն վերջ…: Սահակ Պարգեւեան յոգնութիւն, յուզում մանաւանդ չէր շահագործած, երբ ուզեց հանգչիլ: Մարդիկ մեղքցան մեծ գրագէտը անշուշտ, երբ պտտցուցին աչք մը քանի մը շատ հակադիր պատկերներու: Արտեմիս Գոհարեանը սկսած Անգա Միրովնա մը: Արման Պարգեւը՝ ուրիշ սկիզբ մը: Այս բոլոր առեղծուածներէն ամէնէն խռովիչը Սոնա Գոհարեանը, որուն օրային մէջէն կը տեսնէին Արտակ Գասպարեան անունին տակ երկու տարուան յուսախաբութիւնը, յիմար սիրահարութիւնը, բայց մա՛նաւանդ զինքը, մեծատաղանդ արձակագիրը: Ու տակաւին անոնք չէին խորաչափած անոր սիրտին մէջ շիկացած երկաթին աւերը: Կէս ժամը կ’ընէ երբեմն աւելի կործանում, քան կէս դարը: Ու այդ մարդիկը նորէն չհասկցան իր հարազատ իմաստին մէջ այն այլուրութիւնը, որուն մէջ փաթթուած մնաց անիկա ընդունելութեան առաջին անակնկալէն վերջ: Ու իրենց միամիտ յիմարութեան մէջ սովորական գտան անոր աչքերուն չբացուիլը, անապատի ժամուն ամբողջ տեւողութեանը, ցաւեցան նոյնիսկ, որ ըլլար հակած անոր գլուխը դէպի դուռը, անապատ հանող ճամբուն: Ան կը սպասէր: Ոտնաձայնը երբեմն տրամա մը կը պատմէ: Խուլ էր, գերագրգռուած՝ չպատասխանելու չափ սանկ ու նանկ նկատումներու: Սաստեր էր Արտակ Գասպարեանին ջղայնոտ անհամբերութիւնը, որով կը պարզուէին ուշացող զոյգին շուրջը դառնալու վախեր: Ա՛յնքան՝ որ շալը ամրացուած իր ուսերուն, «կծկուած արձանի մը նման», մնաց լուռ ու վանող: …Այս ամէնը, վերաքաղ թէեւ, բայց նոյն ատեն ապրում: Սոնային մատները գտան ուսերը գրագէտին: Այդ անցեալը տակաւին կ’աղօտէր: Բայց աղջկան մատի ամէն հպումէն կը զօրանար դարձեալ:

Ի՛նչ վատ է աս:

Սոնան սարսռաց: Հարցումին հետ, մէջէն, անոր մտքին եղեր էր ահաւոր իրողութիւնը անապատին: Րոպէական սա շրջումը, ինքն իր ներսը ապաստանելու, չմատնուելու փոյթը սուտի քիչ վարժ աղջկան համար արժէք էին չափազանց, որպէսզի կարենար պատասխանը ճարել: Գտաւ, որ յիմար էր եղած չլուացուելով տաք ջուրը դժուար, լիւքս բան մըն էր այդ տունին մէջ, ուր խնայողութիւնը դարձեր էր պարտադիր՝ կեանքի սովորական կարիքներուն, նոյնիսկ սիրտին վրայ անհետ ընելու համար իր մարմինէն հետքերը Գահիրէի մէջ անծանօթ հոտաւէտ իւղին, որ թէեւ ցնդած, բայց իր նորութեամբը, մա՛նաւանդ գաղտնապահ հանգամանքովը հետաքրքրած էր զինքը: Արման Պարգեւը քանի մը կաթիլ անկէ դրած էր իր մերկութեան զանազան մասերուն: Զգեստը կը զսպեր, բայց չէր սպաններ այդ հոտը: Սոնա Գոհարեան ուրկէ՛ գիտնար, թէ հոտերը կ’ապրին, կ’ապրին նոյնիսկ քառորդ դար: Մեծատաղանդ գրագէտը, թեւերուն վրայ այդ հոտին, զգացական, զգայարանական բացարձակ հարազատութեամբ մը, գտաւ փարիզեան իր մանսարտը, Անգա Կէօրկէօվնան ծոցին, որ իր հայրենիքին այդ մասնակի անուշահոտութիւնը կրցած էր ընդունելի ընել անոր հեստ ջիղերուն: Նուաղուն, միսի հոտին շատ մօտիկ, բայց անոր անո՜ւշը: Որ զգաստ էր մանաւանդ: Չէր թափառեր կիներուն ետեւէն ու մտերիմ շփումներու ատեն միայն կը յայտնէր ինքզինքը, մեղմելով միսերուն կարծր, քիչ մը աղի բուրումը ու նուաղելով նոյն արագութեամբ, որով եկած էր իր դերին: Պէ՞տք է հաւատալ ճակատագրին: Ձեր գիտնալիքն է ատիկա: Բայց պարտաւոր էք ընդունիլ ճակատագրական ը, որ հոտ մըն է երբեմն, երբեմն ընթերցում մը, վարձուած սենեակ մը, հանրային պարտէզի մը մէջ նստարան մը, ուր կու գայ ձեր կուշտին իր տեղը առնելու ու այդ տեղին հետ ձեր ալ սիրտը տանելու: Հելուանի սա թշուառ վիլլայի իր մահիճին մէջ, Սահակ Պարգեւեան, զգացական պայծառութեան խորագոյն աստիճանով մը ապրեցաւ սլաւ ծագումով այդ աղջկան ծոցը վերջին ու եղերական անգամ մը նորէն: Եգիպտոս, Իզմիր, Պոլիս, Ամերիկա անիկա չէր հանդիպած այդ հոտին ուրիշ անդամ մըն ալ: Այդպէս պաշտպանուած, շփումէ ու մաշումէ զերծ, անտարազելի այդ զգայութիւնը, ընդմէջ մատաղ միսին ու զայն խորհուրդի հանող նոյնքան դժուար բացատրելի համին, մէկէն գտաւ իր թարմութիւնը, իրեն հետ կեանքի կանչելով Սահակ Պարգեւեանին հրա՜շքը, ինչպէս կը պատմէր անիկա, սքողուն բառերով, հեռու Փարիզին մէջ իր առաջին ճանաչողութիւնը, դուք կը հասկնաք, ինչ բանի: Հոտերը տեսողական զգայնութիւններէ կը տարբերին անխառն, բացարձակ իրենց անձնականութեամբը: Չեն կրնար վերակազմուիլ, ըսել կ’ուզեմ՝ վերադառնալ իբրեւ պատկեր մեր գիտակցութեան, առանց արտաքին հաղորդիչի մը, գրգիռի մը, բայց ունին հրաշքը քանի մը զգայարանքներու պաշտօնը մինակ իրագործելու, երբ այդպէս, անակնկալին կամ մերձաւոր հանգիտութեան մը նպաստովը կը խուժեն ներս մեր գիտակցութենէն, իրենց հետ բերելով այդ պահին յատուկ ամէն կարգէ զգայութիւններ: Այս է պատճառը, որ հոտ մի մարմին մըն է երբեմն, ծոց մը, արցունք մը, գգուանք մը, դաշտանկար մը, քերթւած մը, համբոյր մը, ամէ՛նը՝ որոնք այդ հոտին մշուշին մէջ մատուցուեցան մեր զգայարանքներուն եւ մեր ուղեղին ու գացին թաղւիլ զգայութեանց ծովուն խորը, որուն անունն է մարդը: Սահակ Պարգեւեանին համար, սա հոտը, հոս, երիտասարդութիւնն էր, առանց վերադիրի: Ու զուգորդութեան օրէնքներով, թերեւս ամէնէն ամուր մասը անոր աւերակոյտին:

Անոր շունչը կտրեցաւ մէկէն: Այդպէս կը պատկերէ ժողովուրդը գրեթէ անբացատրելի վիճակ մը, որ ո՛չ մահն է, ո՛չ ալ կեանքը, ո՛չ գիտակցութեան կորուստը, ո՛չ ալ նուաղումին թերաշխարհը: Ամէն ինչ մեր շուրջը նոյնն է մնացած: Ոչ մէկ շրջում: Մեր զգայարանքները կը պահեն իրենց ընկալչութեան եւ տուչութեան մեքանիզմը անայլայլ: Բայց մենք գիտենք, թէ դադրած ենք ըլլալէ, մեռած ենք մեռնելէ առաջ: Կրնայ պատահիլ, որ շնչառութեան դադարը (բնականը) զուգադիպի այդ կասումի երկվայրկեաններուն: Աւելի յաճախ շունչն է, որ կէս կը մնայ իր գնացքին վրայ: Վիճակին տիրական նկարագիրը դադարն է: Պիտի թօթուենք մենք մեզ, ակնթարթի արագութեամբ: Դադարը, իրեն յատակ ծառայող անհուն անձուկը կ’անհետանան այդ շարժումին անդրադարձ ազդեցութեամբը: Սիրտը կը գործէ կրկին (կը զգանք անոր զարկը) ու մեքենան կը շարունակէ ինքզինքը: Սահակ Պարգեւեան նման անբացատրելի վիճակներ կ’ապրէր տարիներէ ի վեր ու իր բժիշկները կը ծաղրէին զինքը, վասնզի գրագէտ մը իբրեւ կը վերլուծէր զգայութիւնները, որոնք անծանօթ են մեզմէ դուրս: Ուրկէ՞ կու գայ սա այսքան երկիւղառիթ կասումը կեանքին: Բժիշկները թող ջանան պատասխան մը ճարել: Իրողութիւն էր, որ մտապատկերը (մանսարտի ուսանողուհիին), ասոր զուգորդ զգայութեանց այնքան բարդ հանդէսը, անմիջական ներկան, այսինքն՝ նոյնքան թարմ, նոյնքան իրաւ աղջկան մը միսերուն ներսը՝ հասունցող, բայց այս անգամ ծածկուելու, գաղտ մնալու ճակատագրուած զգացումը, սա հոտին լեզուովը ինքզինքը կը պարզէր, ու կը գտնէր իր վերջնական, արձակ իմաստը, անոր ջիղերէն իյնալով անոր հոգիին խորը իբրեւ անհուն, անժուժելի ըղձաւորութիւն, Սահակ Պարգեւեանին ու թերեւս բոլոր մարդոց համար ալ մէկ ու նոյն արժէքով, երբ մտիկ կ’ընենք մեզի հասած լուռ ձայներուն, մեր ընկալչութեան շրջանակին թրթռացող միuի շղարշի մը: Ամէն մարդ սեռն է, ամէն բանէ առաջ, գրեթէ ամէն տեղ, ու երկրորդաբար՝ ընկերային անասուն մը, իր կիրքերը զօրաւոր կապերով ցռուկի մէջ պահելու համար տառապող: Աւելցուցէք միւս աղէտն ալ, աս ալ ծածկւած Սահակ Պարգեւեանէն, սիրտին մաշումը, որ կը սկսի թերեւս յորդ իսկ երիտասարդութեան տարիներէն ու տարուէ տարի կ’ընդարձակէ իր աղէտը, եզրերէն դէպի խորերը, ու գտնելէ վերջ իր զառիթափը, կործանումին կշռոյթը վճռապէս, կը յայտնուի քանի մը ձեւերով, պայթում, անդամալուծութիւն, գիտակցութեան լրիւ խաւարում, անշնչացում: Թուղթի վրայ սա բառերը գիրերու շարք են ու քիչերու ճակատագրուած է անոնցմէ ոմանց փորձարկումէն վերջ մահէն դարձ մը, ինչպէս կ’ըսեն: Աղէտը, հոտի մը անտես նաւակին մէջէն: Ուրի՞շ՝ խորհրդաւոր այն տագնապը, որմէ կը սոսկանք, բայց որուն չենք հաւատար, մինչեւ որ դուռը (սիրտին) չզարնւի: Ըրէք սիրտը նուազ մաշած, այսինքն՝ բաղդատաբար երիտասարդ, ու արձակեցէք վրան քառսուն կնիկ ու հարիւր վիշապ: Մենք պիտի զսպենք կործանումը, պատառ մը այդ միսին կամարակապ խորքերէն ճարելով մահուան դէմ կարելի ճարտարապետութիւնը: Ըրէք, հոս տրուածին նման, այդ խորշերը արդէն քայքայուն ու դուք ձեռնունայն կը մնաք հարուածը դիմաւորելու ատեն: Ահա թէ ինչու այդ հարուածը պիտի գայ շատ անգամներ, երբեմն բազմազան, երբեմն աննշան մանրամասնութեանց ձեւով: Գիտէք անոնցմէ: Ահա ուրիշներ, թղթիկ մը, սեղանի վրայ մոռցուած թաշկինակը, անկիւնի անմեղ մենակրամ մը, որ սակայն մահուան վճիռ մըն է արդէն, մազէ խուրձ մը, մեր մատներուն մէջ ինկած հին գիրքի մը մէկ էջէն, միսէ կտաւ մը բանուած, արագ ու թեւակի, մեր աչուըներուն մէջ, որ մեզի կը բացատրէ մեր անհուն զրկանքը, ու հոս դրուածին նման հոտի մը գաղտ վկայութիւնը, որ հարիւր փաստէ աւելին կը պարզէ մեզի…: Ու կը կործանինք: Սահակ Պարգեւեանին համար, սլաւական այս անուշահոտութիւնը սկիզբն էր… քաւութեան:

Օ՜դ…

Կրցած էր հազիւ շշնջալ:

Բայց այդ մէկ հատիկ վանկը փրկութիւնն էր, իր կարծիքով: Սիրտը անցա՞ծ էր վտանգին կամուրջը: Պիտի գիտնանք ատիկա: Բժիշկին համար ատիկա կը նշանակէր շարժումին ինքզինքը առնելը նորէն: Հոգեբանին համար՝ սկիզբը աղէտին:

Անիկա կեցաւ երբեմն մեր պառկիլը չի տարբերիր քալելէն առնելու համար յոգնութիւն, շունչ, որ գինն է այդպէս արտաբերուած վանկի մը: Աչքերը կը մնային պաղ, սառած գրեթէ, սեւեռ:

Կեանքին բոլոր ջերմ խորհուրդին մէջ նոր մտած սա աղջիկը, անոր սնարին, սիրող ու ատոր համար իսկ տարօրէն կարեկից, անապատի փորձառութեան ամբողջ եղերականութիւնը այդ մէկ հատիկ վանկին մէջ ընդգրկող, հազիւ ունեցաւ անկարող շուարման քանի մը րոպէ: Լո՜յս իջաւ անոր ներսը, միակտուր՝ որքան արագ: Պատերազմէն յետոյ, սիրտի հիւանդութիւնները, կաթուածները, յանկարծակի մահացումները՝ նորութիւն: Նորաձեւութեան մը չափ ընդհանուր, մա՛նաւանդ յիսունի դուռներէն ու անկէ քիչ վեր կայտառ, լեցուն, փարթամ երեւցող մարդոց մօտ օտար բառը, tensionը, որ կը պտըտէր բերնէ բերան, օտար լեզուի հիմնովին անծանօթ կիներու շրջանակէն իսկ, կարծես իրենց դիրքին, հարստութեան վերջնական վաւերացում մը բաշխող կախարդ պատգամ: Ու շատ էին դարձեալ այն միւսները, դարձեալ լիքը մարմնով, որոնք կ’ուտէին ու կը խմէին «կանայս առնուին», բայց սանդուխի երրորդ աչքին վրայ կը կքէին ու ա՛լ չէին բարձրանար իրենց ծունկերուն վերեւ: Տեսած շատ ունէր սա աղջիկը այդ պատահարներէն: Անիկա դատեց չափազանց արագ: Գրագէտին դէմքը եղեր էր մահու դալկութեամբ, յօրինելով շատ մօտէն դադաղ մտնողներուն նախակապուտ շրթներուն թելադրանքը:

Չկանչեց մաման (յետոյ պիտի գտնէր իսկական պատճառը սա զանցառութեան: Կնոջ ներկայութիւնը կրնար հակառակ ազդեցութիւն ունենալ փոխադարձաբար, մօրը՝ ինչպէս հիւանդին համար, որոնք զիրար կ’ատէին անհնարին ատելութեամբը անկարող, անսրբագրելի մարդոց): Հաւաքեց իր շուարիլ սկսող անձնաւորութիւնը: Գրկեր էր շարժումի հիմնովին անկարող ու տարօրէն ծանրացած անոր իրանը, քաշելու համար վեր, դէպի բարձերը (գրագէտը երեք-չորս բարձ կը պահէր իր կռնակին ու գլխին տրամադրութեան ներքեւ) այդ մuակոյտը, ըստ բժշկական յանձնարարութեան, թեթեւ անոր անհանգստութեանց ատեն, շնչառութիւնը դիւրացնելու համար:

Գրագէտը չէր թարթած: Անոր շունչին կշռոյթը չունէր ոչ մէկ խանգարում: Աւելի՛ն. բարձերուն վրայ դէզ անոր իրանը կը թելադրէր որոշ ալ ապահովութիւն: Բայց կը մնար անարիւն դիմակը անոր երեսներուն՝ իր սառած ճերմակով: Այդ երեսներուն վրայ կը մնային դարձեալ պրկումներ, գիրքերու բառով՝ spasmeը, որոնք թեթեւ, դանդա՛ղ ալ, արա՛գ ալ, կ’ուրուանային, կը շինէին իրենց միւս, թեւաւոր բախումները ու կը հալէին, նուաղող երգի մը նման, կրկին բուսնելու համար: Սոնան կը վախնար հարցումէն: Ձայնի պակասը անշուշտ ծանր տարր մըն էր, այդ աղջիկը աւելորդ տեղը տագնապի մատնող: Հիւանդին աչքին մէջ ճերմկուցը երբեմն կը շատնար, երբեմն կը քիչնար, միշտ հեռու պահելով հոգիին այդ դուռները՝ հոգիին թափանցումէն: Նուաղ լոյսին մէջ, Սոնա լաւ չէր կրնար զանազանել դիմային այլայլումները, որոնք չէին զարգանար, ըլլալու համար ամբողջական խաթարում, խախտելով մկաններուն դրութիւնը, կամ պարզելով յատկանշական շիջումը, տեղափոխումը հիմնական գիծերու, որոնցմով բերանին, շրթներուն կապը, տարազը կը բարձրանար դէպի կէսը այտին, իջնելով միւս կողմէն մինչեւ կզակին մուտքը: Կաթուածներու վրայ իր գիտցածը չէր աւելի, քան իր տեսածները: Թեթեւ վարանումէ մը վերջ, ձգեց անոր դաստակը, զոր կը պահէր մատին տակ, սիրտին զարկերը մէկիկ-մէկիկ կշռելով, ու հասաւ լամբին: Զօրաւորով փոխանակումը ողողեց սենեակը աւելի վստահելի բանով մը: Բայց պիտի զղջար: Այդ ազատ ու ընդարձակ լոյսին մէջ պարզուածը սրտառուչ էր ու աւելի քան ողբերգական: Դալկութիւնը սպիտակութիւն էր ամբողջ, շնորհալի անոր դէմքը, գերեզմանէն առաջ այսքան ահաւոր իրաւութեամբ մը պատանող: Գտաւ, որ այդ դալկութիւնը կաթոտ ապակիի փայլ էր առեր աչքերուն խորը, ուր տեսակ մը հեղուկ կը թանձրացնէր անոնց արտայայտութիւնը, լոյսին ակունքներուն համեմատ, ըլլալով մեռած շերտ մը ապակի, ուրկէ պակսէր աչքին գերագոյն իմաստը, ուժը, արտայայտութեան բարիքը: Բան չըսող աչքերը, որոնք դուրսէն ոչինչով կը զատուին, բայց չեն տեսներ: Աղջիկը մատ նետեց կոպերուն, որոնք թեթեւակի դողացին, բայց դարձեալ չկոտրեցին ակնագունտերուն պիրկ մեռելութիւնը: Սահակ Պարգեւեան կ’ապրէր հեռաւոր, կիսասքող գիտակցութիւն մը, ուր իրականութիւնը եւ զգայախաբութիւնները (hallucination) փոխնիփոխ մուտք ունէին: Շրթները թեթեւ մը կլորցած, օդը խտացած ներս առնելու բնազդական թեքնիքով: Ձեռքերը, երկաթ՝ ինկան վերմակէն դուրս: Անկողնի եզրերուն, անոր երկաթները օղակելու պատրաստ: Հա՛զը, որուն ընտելացած էր քանի մը տարիէ ի վեր: Որ կը բանար շունչին ճամբաները, առատ խուխի ալիքները պատռտելով ու բերնէն դուրս պոռթկալով, հետը կտոր-կտոր փխրացած արիւն: Այդ հազը այս անգամ չո՛ր: Խուխի ու արեան պակասը ապահովութի՞ւն՝ տրուած ըլլալով արեան փսխուքին ծանր իմաստը ժողովրդական բժշկութեան մէջ: Բժիշկները զայն կը վերագրէին հազին առթած բեկումներուն խռչափողի պատերէն: Ան ունէր իր լիքը մարմինը՝ ծիւրախտը հերքող: Ուրկէ՜ ուր պիտի մտածէր սիրտին, որուն վրայ անիկա շահարկութիւն միայն պիտի ներէր իրեն, զայն հերքելու համար զօրաւոր պատճառներ արժեւորելով աշխարհի բարձրագոյն քաղաքակրթութեանց հանդէսէն: Ո՞վ ունէր անկէ, որպէսզի ինք ունենար: Անիկա կը հպարտանար անկէ ոչ թէ զուրկ ծնած ըլլալուն, այլ զայն ունենալու ռոմանթիզմէն ինքզինքը զերծ դաւանելուն:

Աղջիկը վազցուց եթեր ին տրուակը, հնօրեայ բժիշկէ մը յանձնարարուած, սիրտով հիւանդ ու այդ դեղով ահա դիմացող տասնեակ տարիներէ ի վեր: Թեթեւ մը դողահար, անոր ռունգերը ծծեցին ագահութեամբ հիւանդանոց, փտութիւն, գործողութեան սրահ հոտող այդ անգայտ բանը: Անոր այնպէս եկաւ, որ խռչափողը խցող կծիկը կը կակուղնար, ինչպէս միշտ, բայց ուրիշ անգամներ պատահածին հակառակ, փոխանակ զգայռումներու, յօրանջներու ձեւին տակ բերնէն խոյս տալու, կը քալէր, կը քաշուէր վար, իրանին յատակները, որոշ ակօսով մը դէպի սիրտին կողմերը: Կարծր այդ բանը կը քալէր իր ճամբան, գունտ-գունտ, ինք ամչցաւ արտաբերելու՝ տոտիկ-տոտիկ: Ազդեցութի՜ւնը եթերին: Ով գիտէ, հոգին, մա՛նաւանդ զայն առնելու համար ղրկուած պաշտօնատարները (երկինքին) ինչպէս կը քալեն: Իրողութիւն էր, որ փրցուած, արձակուած էին շունչին կապանքները: Հաստ, կէս մը գլանաձեւ ու հսկայ անոր իրանը գտաւ գրեթէ իր սովորական կշռոյթը, հազիւ թեթեւակի խանգարուած, քանի որ արտաշնչումը կը յամենար, «կ’ըլլար ժամավաճառ», գործածելու համար իր իսկ բացատրութիւնը: Անիկա դիտած էր սա երեւոյթը ու, ըստ իր նախասիրութեան՝ գրականացուցած:

Սոնան կրցաւ նայիլ անոր մաքրուած, «արդարուած» ակօսներէն ու դերբուկներէն «ազատուած» ճակտին: Ոչ մէկ պրկում: Աչքերը գրեթէ խաղաղ, մարդկային: Եղաւ նոյնիսկ միամիտ, իր մատներուն «կախարդանքին» հաւատալու չափ գրագէտին հետ: Ինչ որ մտահոգիչ էր սակայն, կտա՛ւն էր անոր դէմքին, որ կը մնար տարօրէն ճերմակ: Ո՞ւր էր «հալածուեր» այն քիչ մը բաց, բայց գրեթէ կապոյտի զարնող յորդ կարմիրը, որ անոր երեսները կ’ուռեցնէր, ժողովրդական բառով մը՝ կ’ուռեցւորէր քիչիկ մը, թելադրելով դուրսին վրայ յաղթ առողջութիւն, ստեղծելու չափ մահ կատակերգող այդ մարդուն շուրջը տեւական հեգնութիւն, հերքումը իր մտահոգութեան մէջ, մա՛նաւանդ ձայնի պակասէն վախնալով, որքան խօսքէն, փորձեց դառնալ իր մարձումին: Իր մատները, կախարդանքով մը, կը թուէին պարպուած՝ որքան խորունկ բեկում, ջլատում զգաց իր ներսը: Անապա՜տը: Անշուշտ: Իր մարմինն ալ մաս ունէր սա մահիճին մէջ երկարող տառապանքէն: Ջանաց կոպերը հիւսել իրարու, խնայելու համար անոնց տակ լոյսէն նեղուող ապակիներէն նայուածքին վախը, տրտմութիւնը: Գրագէտը ցնցուեցաւ: Ուզեց արգիլել: Հակառակ անոր, որ հանգչած էր հազը, անիկա կը վախնար բառէն, որ ներսէն հոգին էր կարծես: Այդ էր պատճառը թերեւս, որ փորձէր վերցնել ձեռքերը: Չկրցաւ: Շատ ծանր էր այդ երկաթը: Աղջիկը հասկցաւ սակայն սա չըսուած մտածումը: Քակեց իր մատները անոր կոպերէն:

Երկուքն ալ զգացին, որ գոյութիւն ունէր ժամանակը, կայարանէն հնչող ժամացոյցին զանգէն: Գտան՝ որ կար այդ ժամանակը նորէն սա տարօրինակ սենեակին ալ մէջը: Հով մը, քիչ մը աւելի խոշոր, շարժումի հանեց վարագոյրը, կախ լամբը: Պղտորեցաւ անկնճիռ մթնոլորտը: Զովութիւն, նոյնիսկ մսուք: Աղջիկը նոր կը հանգչէր: Գրագէտը կը մտնէր ներսն իր փառքին:

Արմա՞նը տուաւ:

Բացի արտայայտման թեթեւ նեղութենէն, ոչ մէկ ուրիշ անսովոր երանգ սա հարցականին մէջ: Ձայնին չէին մասնակցած ո՛չ յօնքերը, ո՛չ մեծատաղանդ ճակատը ու, մա՛նաւանդ՝ շրթները, որոնք այնքան պայծառ անգթութեամբ մը կամ ջերմութեամբ անոր հոգին կը բեմադրէին, անոր խռովքը վերածելով ամէնէն չարաթոյն հեղումին՝ ինչպէս ամէնէն սրտառուչ, քաղցրագին համբոյրին:

Սոնան չէր հասկցած ու հարցուց.

Ի՞նչը:

Հո՛տը:

Բնական, պարզ, մէկ ու նոյն անզգածութեամբ: Դէմքին ոչ մէկ հով դառնութեան, տարակոյսի, յուզումի:

Այո, պատասխանեց աղջիկը: Բայց անոր այդ վանկին մէջէն «փուռ մը կրակ» կը խօսէր: Բաց ու խարտեաշ անոր մորթը, երեսներուն վրայ եղած էր արեան թաթխուած պատմուճանը հեքիաթին: Մորթուածը գառնուկ մը չէր անշուշտ: Բայց անապատի տեսարան մըն էր հեքիաթին յատակը: Ու անապատի տեսարան մըն էր սա աղջիկը: Վախուն թափանցուելէ, քողամերկ ըլլալէ ելաւ ոտքի, բան մը չեղած փնտռողի անիմաստ աճապարանքով: Իր շարժումին մէջ յանկարծ զգաց, որ այդ հոտը կը բխէր, կը տարածւէր ո՛չ միայն ստինքներէն դէպի ռունգերը, այլեւ՝ զգեստներէն: Ի՛նչ յիմար էր եղած գոնէ վերնազգեստը չփոխելու: Դարձաւ սակայն, պատուհանին կիսափակ փեղկը իբր թէ ամրացնելէ վերջ:

Այն ատեն անոնք րոպէ մը իրարու յառած մնացին: Պէտք կա՞յ գիրքերն ու գիտութիւնները իրար խառնելու, վկայութեան կանչելու, թէ անոնց իւրաքանչիւրին մտքին խորը կը յօրինուէր նոյն պատկերը: Ի՜նչ են, արդարեւ, քսան-երեսուն տարիները, մտքին անհունութեանը մօտ դրուած: Անոնցմէ մէկը այդ պատկերը ունէր ժամուան մը նժարէն: Անոնցմէ երկրորդը այդ պատկերը ունէր քառորդ դարու նժարէն: Բայց երկուքին համար ալ նոյն էր կտաւը պատկերին մարմինէն: Մոռցա՞ն թէ մարձում մը կար, ամէն գիշերուան պէս, սա տագնապանքը ամոքելու: Կը վախնային, ամէն մէկը իր հաշուոյն: Ոչ մէկ գնով սա մարդը պիտի յօժարէր փակել իր աչքերը, այնքան անոնք ծարաւն ունէին սա աղջկան ձեւերուն: Ոչ մէկ գնով սա աղջիկը պիտի յօժարէր երկարել սա տարապարհակը, գործադրուած մարմինէն վեր կարգերով, այնքան կ’ուզէր ինքզինքը յանձնել իր «առանձնութեան բազուկներուն»:

Գրագէտին սեղանին վրայ ժամացոյցը զարկաւ քառորդին: Ետ էր կայարանէն հինգ վայրկեան:

Հինգ վայրկեան, մտածեց, աղջիկը: Բայց որքան ծանր, յղի են երբեմն մարդոց րոպէները: Հաշուըւածները մանաւանդ:

Մէկը կրնար սրբագրել այդ հաշիւը:

Նախերգա՜նքը:

Արտաքին ուրիշ զգայութիւն չէր խանգարած սա նախերգանքը, մարդկային ջիղերու միջամտութեամբ մը, փոխելու համար անոր նկարագիրը: Դուռ, պատուհան, լոյս, հով, եղրեւանիին հոտը՝ անապատին անուն տագնապը պահեր էին իրենց կշռոյթը, իրականութիւնը: Լսուելու պէս՝ Տիկին Գոհարեանի ոտնաձայները, որոնք չհասան սակայն գրագէտին ծանրացած ականջներուն: Մտագրաւ, «բազմամբոխ», Սոնան չտեսաւ մօրը շուքը, որ մութին մէջէն կը զատուէր աղօտացած ուրիշ մութ մը, խուզարկու, վարանոտ՝ գալու համար նրբանցքի մուտքին:

Պէտք կա՞յ դարձեալ մանրամասն պատմելու, թէ ճակատագրական ո՛ր ազդակին միջամտութեամբ, սա նախերգանքը, քանի մը րոպէ հազիւ առնող իր ընդհատումէն վերջ, պիտի բացուէր բուն տրամային, անոր առաջին արարին: Ըսի՞, թէ Պարգեւեան խաղացած էր վերջին քառորդին վրայ, թէ այդ քառորդը, թեթեւ սրբագրութեամբ մը վերագրուած էր ժամի:

Առաջին արարը այդ ճամբուն սկիզբ առաւ եղերական համբոյրով մը: Մենք հազար-հազար ճամբաներով մտեր ենք մահուան մէջ: Սահակ Պարգեւեանին բախտը ուզեց, որ անիկա մտնէր անոր մէջ, ճամբաներուն ամէնէն անուշովը, համբոյրին ճամբովը: Դատեցէք ինչպէս որ կ’ուզէք: Այս մարդը այդ կեանքը սկսեր էր համբոյրով մը: Զայն կը պարտաւորուէր փակել դարձեալ համբոյրով:

Մինչեւ այդ համբո՞յրը:

Բաներ կան, որ չեն պատմուիր, ըսեր են իրաւունքով: Ասոնցմէ այն երկրորդ հինգ վայրկեանը, որուն ընթացքին արեւմտահայ մեծատաղանդ արձակագիրը պիտի ապրէր, բայց սիրելով, բայց վրան խենթենալով՝ իր մէկ հատիկ ցաւը, ամէն տագնապի համար, սա շատ սուղ դադարով, ինքզինքը զրահուած դաւանելով, հաւատալով նոյնիսկ: Հոս է թերեւս գերագոյն թշուառութիւնը մարդ անունը կրող կենդանիին:

Հինգ վայրկեա՜ն: Անշուշտ: Որոնք անոր կը դարձնէին անհուն կատարելութեամբ մը իր ուժը, բնազդներուն ամբողջ սարուածը, մտքին պայծառութիւնը, մա՛նաւանդ իր կեանքը լեցնող ամէնէն հզօր տենչաւորութիւնը, չեմ գրեր բառը: Հրա՞շք: Ի՞նչը չէ սա մեր աշխարհին վրայ, որ չըլլար ատիկա մեր կործանած, նոյնիսկ մինչեւ կուրծքը մահուան մէջ խորասոյզ մարմինը: Անոր ձեռքերը գտեր էին իրենց ամբողջ խենթեցնող առքը, երբ կը փաթթէր կիները, քիչ առաջ երկաթ: Անոր նայուածքը, այն անանուն խռովքն էր, որ կիներուն միսին մէջ կը բանար իր ակօսը ու զանոնք կը հանէր, կը հասունցնէր իր աստուածային սերմերուն: Ու մատաղ շնորհ էր անոր մեղրամոմ դէմքը, որ կը յապաղէր թանձրանալ, արիւնոտիլ: Թեթե՜ւ, թեթե՜ւ, թեթե՜ւ: Կրկնեց այս բառերը քանի մը ընդհատներով: Ուրախ՝ մանուկի մը չափ, ու աւելի իսկ: Ըլլային մոռցուած երեսունէ աւելի իր տարիները, դուք գիտեք ինչ երկանաքարի առջեւ: Ըլլար գտած ինչ որ անդարձ կորսուած կը դաւանինք: Ո՜վ իմաստութիւնը ժողովուրդներուն, որ կը յայտնուիս հազար ձեւերով ու հազար բառերով: Դուն ես ըսողը, սա կերպ հրաշքները բացատրելու քու ճիգիդ մէջ, պատկերը առկայծեալ ճրագին, այնքան իրաւ ու այնքան նման, հինգ վայրկեաններու սա բոցազգեաց պայծառութեան:

Անիկա համբուրեց սա աղջիկը, խելացնոր, մատաղատունկ, ամբողջ հրայրք շրթներով, սահմռկեցուցիչ (գիտէք, որ իրն է բառը) պատահարին տարողութիւնը կատարելապէս հասկնալով, անոր իմաստը լրիւ հագնելով: Մի հարցնէք ինչուն ու ինչպէսը: Մի զարմանաք, որ մահուան մէջ մարդեր չդադրին ըլլալէ թեթեւ իրենց ամէնէն վաւերական իրագործումը: Իրեն պէս ապրողներուն համար չեն սակարկեր ողբերգականը: Բայց գիտէ՞ք ձեզի պատմուած սա կեանքէն պատառիկ մը շրջան, ուր պակսէր ատոր, ողբերգականին հովը: Շատ քիչ բան, սա մեր աշխարհը այդ մարդուն տրամադրեց հասարակաց ճամբով, որպէսզի հերքէր ինքզինքը, զիջելով անոր յարդարել ուղիղ, խաղաղ պայմաններ, անոր ելքը այլապէս քաղցր ընող իրմէն, այդ աշխարհէն: Ինքնատպութիւնը որ իր գրական պատրանքները, ուրուացումները վարշամակող պատմուճան մըն էր երիտասարդութեան ու փառքի ալ մուրացկան, մուրացուած մագաղաթ պիտի մնար թերեւս անոր ամէնէն յամառ մեղքը: Զգայարանական տարօրինակ ամրութեամբ անիկա տարեր էր անկրելի յուզումները: Պիտի տանէր այս վերջինն ալ: Ինչո՞ւ պատմեց իրեն այս աղջիկը մէկ հատիկ բանը, զոր պատմելու չեն, չեն պատմեր աղջիկները: Հոգիին հասցուած հարուածն էր ասիկա:

Հինգ վայրկեան: Անշո՜ւշտ: Որոնց առաջին երկուքին մէջ անիկա երիտասարդն էր, մատաղ աղջիկը համբուրող: Որոնց վերջին երեքին մէջ Սահակ Պարգեւեանն էր, այնպէս՝ ինչպէս փորձած են տալ ձեզի անցնող վեց հարիւր էջերը: Ան պիտի չաշխատէր դատել աղէտը, իրն էր բառը: Անոր մտքին չուրուացան ոչ մէկ աշխարհիկ, ընթացիկ, գործնական նկատում, կարգադրութեանց կարելի հեռանկար, աճապարանքով հեռացող իր տղուն ճշմարիտ գնացքը բերողի մը, իմաստի մը վերածելու, սա աղջկան հետ, անապատին մէջ, տարբեր անկէ, որով տեղաւորուած էր դարձեալ այդ մտքին մէջ ան միւս տագնապը, այդ տղուն գոյացումէն քառորդ դար առաջ: Պարտք, մարդկային զգացումներ տարաշխարհիկ բոյսերու կը նմանին:

Անիկա տկարացաւ սակայն: Իր ուղեղը կը զգար ողողուած թոյլ մշուշէ մը, սանկ քայքայուն, բայց իր գիծերուն հէնքը ամբողջ պահող ոստայնի պէս բան մըն էր անոր գանկին տակ պարզուած ներքին իրականութիւնը: Եղաւ արի՝ այդ թուլացումը կապելու քիչ առաջւան շնչահեղձութեան հաւանական պատճառին: Դեռ ինքզինքը չէր գտած, իր ծոցին վրայ բուրումնաւէտ որայի պէս ճմլուող փափկութեան իր մէջ արթնցուցած անհուն խռովքէն: Ըրաւ ճիգ, ցաւագին ըլլալուն հակառակ, կեդրոնացնելու իր հզօր իմացականութիւնը, հաւաքելու անոր վերջին առկայծումները, ա՛լ մերկացած գրական զարդարանքէն, հտպտանքէն, ըլլալու համար մեր ամէնուն գանկին ներքեւ թշուառական կոյտ մը խմորը, իր բառովը՝ արարչահիւթը, բայց որուն սպառած ըլլային ստեղծագործ զօրութիւնները, ինչպէս արտէ մը կը հատնին իր յատկութիւնները, երկար բերքէ մը վերջ:

Ուղիղ, չըսելու համար՝ ուղղափառ մտածողութիւն մը իր բախտը պիտի չըլլար սակայն, ինչպէս չէր եղած իրեն այդ բախտը աւելի քան երեսուն տարիներ: Մարդեր կան, որ պիտի ապրին ու իրենց մտածումն ալ իրենց կիրքերուն ոգեզինումը պիտի ըլլայ: Զգացումներու տրամաբանութիւնը գիրքերու յաւակնոտ վերադիր մը չէր, այս դարու սկիզբին, այլ՝ թերեւս կեանքին գերագոյն իրողութիւններէն մէկը: Իր տարիները ատով է քալեր այդ մարդը, որ տարօրինակ պայծառատեսութեամբ մը ծուէն մը իսկ կասկած չունեցաւ իր տղուն ո՛չ միայն մերձաւոր, կարելի ընթացքէն, այլեւ՝ անմիջական իսկ ճամբու գիծէն (արտասանեց ֆրանսերէն իթիներէր բառն ալ): Ինք, այդ տղուն սերմը նետելէ ետք, առեր էր գնացքը (ինչպէս սովորութիւն էր ըսել, ընդհանրացած առումով մը, փոխաբերութիւն արեւելահայ ուսանողներու) եւ Հարաւային Ֆրանսա, պերեւեշտաւոր դքսուհիի մը մահիճը յարդարելու, առանց հասկնալու այդ վատութեան զսպանակը, բայց լիովին զգալով այդ վատութիւնը, ու առեր էր դարձեալ նոյն գնացքը, այդ տղուն ծնունդէն անմիջապէս վերջը: Իր տղան արդէն առած ըլլալու էր, ո՛չ, առած էր ուրիշ գնացք մը, սա ալ դէպի հարաւ, եգիպտական հնութիւնները, մեծ թուռնէ ի մը մէջ, որուն վրայ մեծահամբաւ խօսքեր գրեր էին օրուան թերթերը: Այս մասին անիկա ենթադրութիւն մը չէ, որ կ’ընէր, այլ՝ վճռական հաստատում: Բայց ինչ է հինգ վայրկեան ըսուածը: Անիկա զգաց, որ ցաւի պէս բան մը կար ուղեղին խորը: Մա՛նաւանդ յոգնութիւն՝ այդ մտածումները իրարու շարակցելու:

Յետոյ, առաջին բեկումները, հաւանաբար, այն մեծ լուրերուն, որոնք մեր միսերուն կեդրոնները կը կապեն ուղեղին: Աղջկան աչքին առջեւ այդ մտածումներէն ոմանք բառ էին, ոմանք՝ թեթեւ կնճիռ, ճակտին մետաղեայ փայլը հազիւ վէտվէտող: Անիկա վերջնական բախումէն առաջ, հեշտեցուց ալ կէս մը մտովի, կէս մը ձայնով, գիրերը, իրենց ճակտին, հօր ու տղու, գրուած մէկ ու նոյն մատէն, անշուշտ, բայց մէկ ու նոյն ալ մելանէն: Հիմա, դէզ մը՝ մահիճի մը սնարին, Սահակ Պարգեւեան, աղջկան ափին, կը ջանար խօսիլ, բնական, հանդարտ, գրեթէ հայրական: Ու կը տառապէր, որ չէր կրնար:

Մէկէն հարցուց ինքն իրեն.

Ինչո՞ւ համբուրեց: Բայց անդրադարձաւ, որ անիկա կը համբուրէր այդ աղջիկը տարիներէ ի վեր: Զանազանութի՞ւն: Կար անշուշտ, քանի որ միշտ, միտքէն, պատասխանեց.

Յիմա՜ր:

Ո՞վ՝ սա որակումին հասցէն: Թուլացումը կը թուէր անհետանալ, վասնզի մտածելու ուժ մը տեսակ մը միութիւն ճարեց անոր քակուելու վրայ եղող ուղեղին: Այդ ուժը վարեց զինք: Գտաւ, որ այդ համբոյրը կատարուած էր իրմէն հեռու, օտար, բայց իրեն տարօրէն հաշտ, բնական մղումներու մէջ, որոնց բացառիկ էր նկարագիրը սակայն, մերկութիւնը՝ աշխարհիկ պայմանադրական օրէնքներէն հիմնովին զերծ, գրեթէ բնազդական, չըսելու համար՝ անասնական: Անիկա, այդ շրթներուն այդպէս խոստովանանքէն առաջ եղեր էր պոլսեցի պատանին, բառին ամբողջ երանգին մէջ, արագ, իրաւ հրաշքը մեր մարմինին: Անիկա այնքան ողողուած էր սա զգացական երանութեամբ, որ ատեն չէր ունեցած տեսնելու, թէ ո՛վ եւ ինչպէս բերած էր սիրտէն դէպի իր շրթները այնքան իրաւ սա ժայթքը, իրմէն պարպուելու եւ ուրիշին մէջ փախչելու, ապաստան գտնելու շատ յստակ զգայութիւններով: Յետոյ, միշտ գլխուն մէկ կէտին ցաւի որոշ զարկէ մը տառապելով հանդերձ, նետեց իր մտածումը՝ որոշակի զգալու համար աւելի սրտառուչ ու միամիտ ուրիշ կսկիծ մը մեր հաճոյքները երբեմն ցաւեր են, մա՛նաւանդ երբ կը յօրինուին սա ճակատագրական յանգումներու պայծառ տեսիլքին մէջ, իրենց հոսումին ընդմէջէն մեզի պարզելով անդունդին յատակը ատիկա՝ իր ամէնէն խորունկ, արժանաւոր մասն էր, որ կը բանար իր ճամբան, տարիներով իր ճարճրած հանդերձանքը ընդմիշտ բզկտելով: Ե՞րբ ենք հայրը, ե՞րը՝ սիրողը: Մի տանիք հարցականը սոփեստ վերլուծումներուն չարիքին: Մի մոռնաք միլիոնաւոր դարերը, որոնց ընթացքին, այդ որակումներուն յատակ տուող զգացումը կը պահէր իր երանգը, մէկ ու նոյն: Մի ուրանաք քանի մը տասնեակը չանցնող դարերուն ալ փառքը, որոնց ընթացքին մենք զատեր ենք գոյները ու ըրեր ենք թերեւս ամէնէն վսեմ ստեղծումը մարդերուն մատչելի: Բայց բնախօսները կը կարծեն գիտնալ, թէ մօրը արգանդին մէջ սաղմը, քանի մը հարիւր օրերու ընթացքին, կ’ապրի քանի մը հարիւր միլիոն դարերու ապշեցուցիչ համադրութիւնը: Պիտի ներուի՞ կարծել, թե քանի մը վայրկեաններ, գիտակցութեան քայքայումէն առաջ, արտօնեն մեզի ապրիլ առնուազն մեր խեղճուկ տարիները, անգամ մըն ալ: Բայց տեղը չէ սա կասկածելի փսփսուքներուն: Ամէն մարդու պէս, որ շղթայակապ է ծանր ժառանգութիւններով, Սահակ Պարգեւեան երկուքն ալ էր, հայրը՝ որքան սիրողը: Որքան ատեն, որ անոր մարմնեղէն դրութիւնը հպատակ էր անոր հոգեղէն ուժերուն, անիկա պահեց կշիռը: Բայց առկայծեալ ճրագը, գերագոյն մութին իյնալէ առաջ, կարելի պայծառութիւն է: Վերադիրները, զորս կը ճարենք այդ մութը տարազելու (ուրիշ բան չէ մեր գրականութիւնը հոգեվարքներու շուրջ) բառեր են յաճախ: Սահակ Պարգեւեան, երեսուն տարի դերասան, եղա՞ւ իրաւ մարդ մը, գոնէ երեք վայրկեան, երբ համբուրեց սա աղջիկը:

Բայց ինչ որ գահավիժեց աղէտը, ատիկա պատասխանն էր, զոր գտած էին անոր շրթները Սոնային բերանէն, առաջին իրաւ բխումը, աս ալ, թերխաշ ու տհաս մարմինէն՝ այն հասուն ու քաղցր համը, հոտը, որ մեր ջղային ցանցը կը հանէ այնքան տարօրինակ թրթռման, գիրքերու բառով մը՝ spasmeի: Սահակ Պարգեւեան, այդ շրթներուն վրայ գտած էր ո՛չ միայն տղուն ձեռքով հոն սրսկուած բոյրէն բան մը, այլ մա՛նաւանդ այդ տղուն մօրը հոգին: Նո՞յնն են հոգիները, աղջկան ու կնոջ, երիտասարդին՝ ինչպէս տարիքէն կոխւածին: Սորվա՞ծ էր սա աղջիկը, ինչպէս հարցուցեր էր ինքն իրեն, սա մարդուն տղան, ժամ մը առաջ, դարձեալ համբոյրի մը պահուն:

Ու աղէտը: Որ համեմատական թուլացումին յաջորդ հսկայ խտութիւն մը ինչպէս դրուեցաւ անոր ծնօտին, երկայն գիրը, զոր ստիպուած է ամէն մարդ կարդալու: Սահակ Պարգեւեան, իրեն ոչ-անվայել թատերականութեամբ մը խաղացած էր այդ տախտակին հաշուոյն, uանկ երեսուն մը տարիներ: Փարթամ, հպարտ անոր մարմինը ճշմարիտ հակադրութեան մը փառքը կ’արժեւորէր այդ անխուսափելի վերջին քառորդը, երբ կը թելադրէր տարիքի մէջ քիչ մը խորամուխ վաճառականներուն, իրենց դրամարկղներուն գերութեան մէջ նոյնքան խորամուխ, բռնի բանալով անոնց դուռները, «հանրօգուտ ձեռնարկներու», երբեմն ալ՝ «սեպհական որովայնին» իսկ, անոնց մտքին առջեւ կախելով իբրեւ անհուն, ահաւոր ժապաւէն այդ պահին կտաւը, ուր մեր ողորմութիւնները չէին արձանագրուած անշուշտ, բայց կար արձանագրուած մեր մերկութիւնը, ամէն բան հոս ձգելու ողբերգական ստուգութիւնը: Անիկա խաղացած էր դարձեալ այդ տագնապին վրայ, դժուար, կրակ աչքովներու մենութեան մէջ, իր անհուն վայելապաշտութեան, հեշտամոլութեան, հաճոյքէ գինովնալու ծարաւին հագցնելով քիչիկ մը բնազանցական թիթեղեայ զարդարանք, հռետորութիւն, շնականութեամբը իր ըրածը դատողի, բայց տակաւ տպաւորուած իր դերէն, դերումէն, յուզուելով, ջերմանալով, փղձկելով ու կիներու գալարուն միսերուն վրայ իբր բարոյական մը նետելով մոգական բանաձեւը գերագոյն վճարումին, յաւիտենութեան կիշէ էն, որ բանկալն էր ժամուն, զուարթ, մռայլ՝ փոխն ի փոխ, թանձրօրէն կիրք ու շնականութիւն, հաւաքելով իր մարմինը, միշտ թատերական արագութեամբ, ճարտարանքով ու պառկողին մտքին կոխելով պատկերը իր դիակին, կապարի կապտաւուն պաղութեամբ, խոնջ, աղտոտ, նենգ այն բանին, որ մսիլն է գերեզմանէն դուրս, անոր շրթներուն, դեռ պատանքով չաղուորցած…: Լսելով–լսելով մարդիկ վարժուած էին սա քառորդին, ա՛լ ինկած՝ իր արհաւիրքէն եւ որ հիւանդութենէ իր սարսափին թերեւս բնազդական յարդարանքն էր, ճարտար սքողումով մը, այդքան կանուխէն շրջաբերութեան հանուած:

Տարիներով ինքզինքը ընտանի ընծայող աղէտը սակայն տեղի ունեցաւ գրեթէ սա նախատեսուած, դերասանուած, մունետիկուած բեմադրութեամբ: Միակ նորութիւնը կու գար ժամանակին: Մարդիկ, վարժուած այդ դերումին, դժուար կը հաշտուէին, իր չարութեան եւ ուժին լիութեանը մէջ, լեցուն ու փարթամ սա պատուհասը այդքան մօտ դատելու իր յանգումին, առատ-առատ բաշխելով անոր տասնամեակներ: Այս վրիպանքէն դուրս, վերջին արարը տեղի ունեցաւ անոր սպասած պայմաններով, անոր երեւակայութեան ուժը վերջին անգամ մըն ալ արժեւորելով: Սահակ Պարգեւեան, տկար գրագէտ, վախցեր էր հոգին յանձնելու, իբրեւ գրական թեմա, իր գրականութեան մէջ, շահագործելէ: Ատկէ կը վախնար, թերեւս մահուան հաշուոյն իսկ: Ամէնուն ծանօթ է անոր սարսափը որեւէ հիւանդութենէ, որ չարիքներուն գերագոյնը, մեղքերուն անքաւելին էր իր հաւաստումով: Ամէնէն աննշան ցաւը անիկա ծախեր էր փարթամ վաշխառուի մը նման, մա՛նաւանդ Տիկին Գոհարեանի նահանջէն ասդին, կարծես քաւել տալու համար անոր իր ահաւոր մարմինին մեղքը: Միշտ պիտի քնարերգէր իր երազը, ոտքի վրայ, մէկ ակնթարթի մէջ ընելու այդ անխուսափելի վճարումը, արդար անտարբերութիւնը ապրելով մարդուն, որ, աշխարհի երեսին, ոտք մը այգի չէր տնկած: Նայիլ մը, Անոր (հասկցէք հոգէառը) աչքին ու երթալ, թարթիչները կուղպ, իբրեւ գերագոյն հաւանութեան փաստ: Այսպէս էր բանաձեւած անիկա այդ րոպէն: Բայց, ըսի անգամ մը, անոր ո՛ր փափաքը յարգուեցաւ, որպէսզի յարգուէր սա մէկ հատիկն ալ: Անիկա շատ դժուար կը բանար բերանը դամբանական խօսելու, քանի որ հայհոյութեան միայն արժանի այդ արարքին համար իր շնականութիւնը կը տառապէր: Բայց շնորհաւորած էր գրող մէկ ընկերոջը յանկարծահաս վախճանը, նախատեսելով այդ մարդուն մէջ ոչ անշուշտ կեանքին շիջումը որ միշտ յիմարութիւն էր աստւածներու միայն վայել այլ մա՛նաւանդ պայծառ սա փառքը խաղաղ շիջումին, վերջին քառորդով: Ճակատագիրը այս վերջինը կարգադրած էր սակայն կանխել ուրիշ երեքներով:

Այս վերջինները անիկա յաջողեցաւ պահել պարունակին, վայելչութեան, գոյնին մէջը իր տաղանդին, դիմանալով մշուշումին, հեւքին, ցաւին, շրջումին (պիտի հասկնաք բառը), փլատակ իր մարմինէն քաղելով կարելի դիմադարձում, ճակատ յարդարելու չափ հոգէառին, որ իրաւ էր, աննահանջ, իրեն՝ որքան իր մահիճը շրջապատողներուն:

Չորս այդ քառորդներէն առաջին երեքը եղան հասողութիւնը, ծիրին մէջը անոր տաղանդին: Մահը, եթէ ոչ արհամարհելի, ու անոր վրայ շահադիտելու հին իր դերասանութիւնը վերանորոգելու, գէթ երեւան բերին անոր ամէնէն իրաւ, արու, նոյնիսկ անսպասելի մասերը, աւելորդ անգամ մըն ալ հաստատելով կասկածը, որով կարգ մը մարդեր մեր խորհուրդը (մարմնէ՝ ինչպէս հոգիէ) կը ջանան հասկնալ, մեր իսկ պայմաններուն լոյսին մէջ: Սեւն ու ճերմակը: Ցեխն ու ստաշխը: Ու Հիւկոյէն առանց վախնալու՝ ստուերն ու լոյսը: Սահակ Պարգեւեան ազնիւ մարդ մը չէր ուզած ապրիլ, անշուշտ ատոր որոշ անընդունակութեամբ մը: Բայց պիտի մեռնէր շատ վայել, շատ հպարտ, շատ գեղեցիկ նոյնիսկ՝ իրաւութեամբ մը, առանց որեւէ հռետորութեան: Ճիշդ է, որ չկրցաւ կառավարել սիրտը մամուլի մէջ առնող ցաւին անժուժելի ճնշումը, ոսկորները ճմուռ-ճմուռ կոտրտող ու գլուխը շրջուած թասի մը նման իր առջին դնող պտոյտին սարսափը դիմաւորել, բայց չինկաւ իր հպարտութենէն: Լացաւ՝ ո՛չ թէ օր մուրալու, այլ աշխարհէն զատուելու համար սա տանջանքը վերջին անգամ մըն ալ հանդուրժելու ստիպւած ըլլալուն: Անիկա տառապեցաւ քրտինքին ադամանդակուռ պատմուճանէն, սառի պէս, որ ըրաւ փշրուած ալիւր ու ցանուած իր միսերուն, մազերէն մինչեւ եղունգներուն ծայրերը, թէեւ պիտի փափաքէր լուռ մեկնիլ սա աշխարհէն: Անոր գլխուն, Սոնա Գոհարեան պիտի ուզէր քիչիկ մը գոյն, անոր դէմքին մեղրամոմեան դալկութիւնը բարեխառնող: Ան պահեց իր միտքին աչքը ո՛չ միայն բոլորովին բաց, այլեւ տեսաւ թերեւս իր ուզած ամէնէն անուշ ալ երազը, այդպէս փափուկ, կնոջ մը կերպարանքին մէջ, հակած իր հատկտուն շունչին վերեւ, ամբողջ խռովք ու քաղցրութիւն, դէպի պարապը, դէպի անհուն զինքը դնող նայուածքին մէջ ըսելով ա՛ն՝ զոր չէր տեսած աշխարհը:

Քիչ եղան անոր աչքերը, բայց իրաւ: Առաջին երեք քառորդը մենք կու տանք հետագայ էջերուն մէջ, իրենց շահեկանութեանը հաշուոյն, բացառիկ այս մարդը ամբողջութեամբ հասկնալու համար: Ըսի, թէ քառորդները կը մնային հասողութեանը մէջ անոր տաղանդին, անոր գրականութեան խորագոյն իմաստին ու նաեւ անոր կեանքին: Վերջինը վեր էր անոր տաղանդէն: Այդ քիչ տեւողութեան ընթացքին Սահակ Պարգեւեան անորակելի բան մըն էր: Անոր բոլոր անձը փախաւ անկէ: Ատիկա զգացին, տարօրէն յստակ, զինքը շրջապատողները: Այդ շքեղ մարդէն մնացածը քրտինքներու մէջ լողացող կտոր մը միս, լուռ՝ ինչպէս խլուրդ մը հողին սիրտը: Անիկա սուզուեցաւ յաւիտենութեան մէջ իբրեւ մէկը, որ ճիտէն կախ երկանաքար մը կը մտնէ ջուրերուն ծոցը: Առանց դերասանութեան: