Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Թ.

Հարիւրաւոր սա էջերը, որոնք անցան, կեանք են, ըսել կ’ուզեմ՝ գրուած են կենսական, կենսապաշտ մղումին տակ, որ միայն իմաստասէր մը փառքի տանող տարազ մը չէ, այլ՝ գումարը մեր բոլոր առածներուն ու տուածներուն, մեր շրջապատէն ու մեր շրջապատին:

Բայց որպէսզի ըլլան վէպ, պէտք ունին սա քանի մը տողերուն ալ:

Ամիս մը ետքը, աշնանամուտ օրուան ու ետինքին, Սոնա Գոհարեան մտաւ Պէյնիշսուրէյնի եկեղեցին: Տրտում էր ու տժգոյն: Արի ու իրաւ սակայն: Կը ետեւէին Արտակ Գասպարեանը, միշտ հիացիկ, միշտ մանուկ, բայց տարօրէն ճառագայթուն, գրեթէ երջանիկ: Բանաստեղծ Տիրանեանը, իր ակնոցին անգոյ փոշիները սրբելէն, մտքին մէջ արթնցնելով քանի մը ամիս առաջուան տեսարանը, Սահակ Պարգեւեանին վերջին համբոյրը տուող կնիկէն: Կը պակսէր մայրը, Արտեմիս Գոհարեանը, որ կը հանգչէր Մարմինա (գերեզմանատունը Գահիրէի հայերուն), Պարգեւեանին մօտիկ: Չգիտցան, թե ինչու մեռած էր եւ ինչպէս: Գտեր էին զայն անշունչ, մահիճին մէջ, խաղաղ, վճարուած ու ազատ: Ոչ ոք՝ որ խորհէր հոգեկան հերոսութեան, ինքնասպանութեան: Իշխանութիւնները, հարցուփորձերէ ետք, սիրեցին կարճ կապել: Սիրտի հիւանդութիւնները ըլլային ողջ: Բանաստեղծ Տիրանեանը, այդ մահէն ասդին բազմաթիւ փորձեր մրոտած էր վիպակի մը, ուր մայր մը, որ վտանգած էր իր կեանքին արատովը իր աղջկան վարկը, բախտը, ծրագրած էր մաքրագործել իր զաւկին հասցուած սա թշուառութիւնը, ինքզինքը ջնջելով անոր բախտին քառուղիներէն ու գներ խաղաղութիւնը, գերեզմանէն անդին՝ ինչպէս ասդին: Ու եղերականը ա՛ն է, որ բանաստեղծ Տիրանեան կը նմանէր բոլոր բանաստեղծներուն, այս անգամ բառին տալով իր տրտում իմաստը Պարգեւեանէն այնքան յաճախ սրբապղծուած: Ուրիշներուն կեանքէն ոմանք բարիք, ոմանք ալ թուղթ պիտի հանեն: Տիրանեանին վիպակը չէր քալած, երկրորդ էջին վրայ ուժասպառ իյնալուն: Թաղեր էին խեղճ կնիկը, մօտիկ իր սիրահարին ու մոռցեր:

Քահանան օրհնեց պսակը: Մարդիկ չզարմացան այդ «սուսիկ-փուսիկ», գրեթէ գաղտուկ կատարուած միացումին: Մայրատունին պատմութիւնը թէեւ իջած փողոց, բայց չէր եղած հրապարակային վէպ: Քիչեր միայն եղան գիտակ տրամային բուն իսկ տարողութեան: Ու այդ քիչերը լռեցին: Ոչ ոքի հարսնետոմս, նոյնիսկ պարզ տեղեկութիւն: Կնքահայրն էր բանաստեղծը:

Սոնա Գոհարեան չկրցաւ մերժել առաջնորդին բացառիկ ներկայութիւնը: Անակնկալի՝ որքան սիրտի մարդ, անիկա իջեր էր, անպաշտօն, այսինքն՝ առանց թափօրի, ժամ, կեցեր դասին ետին, գրեթէ աննշմար, ու արարողութեան աւարտումին, քալեր ներս: Անիկա օրհնեց նորերուն երջանիկ միութիւնը, անստուեր ու խաղաղ տարիներ հայցելով անոնց, ու թախանձեց երկնային մարդասիրութիւնը հիներուն, Իր երեսներուն լոյսին արժանացնելու համար անոնց հոգիները, որոնք առնուազն գնեցին, կը հաւատար, իրենց տառապանքները սա մեր աշխարհէն: Իր մաղթանքները ո՛չ գրաբար էին եւ ոչ ալ աշխարհիկ: Կը խօսէր մեղմ ու բարի:

Յուզումը իրաւ էր: Աճապարոտ, թերեւս արցունքները ծածկելու համար, իջան դուրս, առնելէ ետքը աջը սրբազանին:

Արեւը զով էր ու քաղցր վերի պատերուն:

Մարմինա՛:

Հրաման ըրաւ բանաստեղծը ժամուն դուռն սպասող կառքի մը:

Սոնա Գոհարեանը ո՛չ քող ունէր, ոչ ալ ճերմակ զգեստը հարս ելլողներուն: Ամուր իր ափը գոցած էր խաչիկի մը, նարօտը մեր հարսներուն:

Կէս ժամ ետքը, Սոնա Գոհարեան, կարճ եւ լուռ աղօթքէ մը յետոյ, ուր բառեր չեղան, բայց իջաւ արցունք, մօրը եւ Պարգեւեանին գերեզմանները հսկող խաչերէն վար առաւ ծաղկեփունջերը, կրցածին չափ իրարու միացուց անոնց դիակները եւ կապեց այդպէս գոյացած պսակին վրայ իր ափի նարօտը: Մահէն անդին պսակն էր ասիկա: Ամէնքը հասկցան խորհուրդը:

Արեւը մեռած էր բոլորովին: Քարերուն վրայ ու արձաններու ոտքերուն սեւը: Խորունկ թախծութիւն մը բուսաւ մէկէն, հողերուն խորքին՝ ինչպէս սիրտերուն ներսէն:

Նոր հարսը կու լար:

Արտակ Գասպարեան, իր կարգին, չլալու համար գլուխը խոնարհեց թարմ հողքերուն:

Բանաստեղծ Տիրանեանը իր վիպակին վերջին տողը գրեց իր մտքին մէջէն.

Ապրիլ՝ եթէ պէտք ըլլայ, բայց մեռնիլ գիտնալ, որպէսզի ուրիշները ապրին:

 

ՎԵՐՋ