Արմաշի ուխտագնացութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. - ՆԻԿՈՄԻԴԻՈՅ ՄԷՋ

      
Չորեքշաբթի, կէս օր.
       Իզնիմի՜տ…
       Վայրկեանի մը մէջ կայարանին հրապարակը կը լեցուի կառախմբէն իջնող խայտաբղէտ ու խառնափնդոր բազմութեամբ։ Ի՜նչ վլվլուկ, ի՜նչ իրարանցում։ Էրիկ մարդիկ, կիներ, տղաքներ, պառաւներ, ծերունիներ, ամէնքն ալ մէկ մէկ բան շալկած կամ մէկ մէկ ծրար առած ձեռուընին, իրար կանչելով, խնդալով, պոռալով, կանչուըռտելով, կը վազեն դէպի կայարանին դուռը, փոշիի ամպի մը մէջ կորսուած։
       Ի՜նչ կիներ են որ կ’անցնին առջեւէս, տէ՜ր Աստուած։ Թուլիկ ու ծփին մսի ահագին շեղջակոյտեր, մէն մի քայլին օրօրուելով, տատանելով. չեմ զարմանար հիմա թէ հէգ լոքոմոթիֆը, իր 21 վակոններուն բեռը ինչո՛ւ այնչափ տաժանագին հեւքով մը կը քաշէր։ Յօսնական ու լրբենի բան մը կայ այդ կիներուն վրայ, իրենց գէշ ներկուած մազերուն, գէշ գծուած աչքերուն, գէշ շպարուած այտերուն, ծայրայեղօրէն կարմիր շրթունքներուն ու իւղոտ փոշեսնգոյր վզին թողած տպաւորութիւնը, իրենցմէ բուրող ջղագրգիռ հոտին ներգործութիւնը, որ անհանգիստ կ’ընէ։
       Իրանց տեսքը՝ կ’արդարացնէ այն տարօրինակ խօսակցութիւները որք ճամբան ուշադրութիւնս գրաւած էին արդէն, վակոնի մը պատուհանէն միւս պատուհանը եղած խօսակցութիւններ, խռպոտ ճաթած ձայնով մը, այն ահռելի կերպով գռեհիկ բացատրութիւններով որք տարակոյս չունիմ թէ ամէնէն ջերմեռանդ ռամկասէրներուն համակրանքն անգամ կը խրտչեցնեն։
       Կէյպզէի ծովեզերեայ բլուրները կը դիտեմ սքանչացումով, պուրակներով անջրպետուած անընդհատ բերրի կանաչութիւն մը որ Նորմանտիոյ դաշտերը կը յիշեցնէ ինծի, եւ որ Հայտար-Փաշա-Իզնիմիտի գծին ամէնէն գեղեցիկ տեսարանն է, երբ յանկարծ վակոնի մը պատուհանէն դէպի միւսը սա յատկանշական խօսակցութիւնը ականջիս կը զարնէ.
       - Քա՛ տասը սահաթ է չի կրցա՞ր մէկ բանը ընել։
       - Քա ո՞ւր ընեմ։
       - Քա ատ ալ մտմտալիք բա՞ն է։ Մոռշուփա չունի՞ք։ Էս անանկ ըրի։
       - Քա հիչ կ’ըլլա՞յ։
       - Քա հոգտ է հատեր, ետքէն կը լուաս։
       Ու կէս մէջքէն վար պատուհանէն կախուած, մազերը թափած, կուրծքը բաց, օղիի մը շիշը բերանը տնկելով, այդ հնարամիտ խորհրդատուն կը սկսի երգել լորուստ մը՝ որ ապահովապէս պիտի կարմրցնէր մեր ջրհանկիրները։
       Ծովուն շառաչիւնն՝ իր ձայնը կը խեղդէ բարեբաղդաբար։ Ծովուն այդ անբաժան ընկերակցութիւնը երկաթուղիին՝ հիանալի կերպով նկարագեղ է։ Ճենովայի ծովեզերքին վրայ ալ վայելած եմ այդ տեսարանը, բայց հոն ծովը դարձեալ բաւական հեռու է երկաթեայ գիծէն ու շատ տեղ ժայռերու հատորներով պատնէշուած։ Այստեղ, բոլորովին մօտդ է, գրեթէ ձեռքիդ տակ, մինչեւ գալով երկաթեայ գիծերը լիզելով, անարգել, իր եռացող կաթնափրփուր ալիքներուն ցայտքերովը։
       Իզնիմիտի կայարանին մէջ, այդ կիներէն մին սա կերպով կ’ամփոփէ՝ շոգեկառքին իր վրայ ըրած տպաւորութիւնը.
       - Քա ա՞ս է շըմէնտըֆէռ շըմէնտըֆէռ ըսածնին։ Էրկու թարաֆէն կղպանքլը տեղ մը, խառախօլ առասի կ’ըլմանի։
       Վոյվոտայի՞ պահականոցը։
     
  * * *
       Չորեքշաբթի, իրիկուան դէմ.
       Առաջին անգամ ըլլալով, ճշմարիտ դուար մը տեսայ։ Քաղաքաբնակ մարդու տգիտութեամբ, այդօրինակ շատ մը բառեր կան զորս յաճախ կը գործածենք՝ առանց անոնց ճշգրիտ նշանակութիւնը գիտնալու։ Ո՜րչափ անգամներ մեր գրչին տակէն անցեր են սա տեսակ բառեր, շահպրակ, շահոքրամ, թմբի, թեղօշ, կաղամախի եւ այլն, եւ ո՜րչափ պիտի շուարէինք եթէ մէկը երկու տարբեր ծառեր ցուցնելով մեզի՝ հարցնէր թէ անոնցմէ ո՞րն է թեղօշը եւ ո՞րը թմբին։
       Յունաց Պանթալէոնի վանքը տանող ճամբուն վրայ։ Մեր ձիերուն ոտքերը փոշիին մէջ կը կորսուին։ Հեռուէն, յանկարծ, փոշեղէն խիտ ու թանձր ամպ մը կը բարձրանայ ու կը տարածուի, հետզհետէ մօտենալով։ Մէկ կողմ կը քաշուինք։ Ու ամպը կը մօտենայ, կը հասնի մեզ, կենդանի էակի մը նման որ զմեզ կը շրջապատէ չորս կողմէն, - տարօրինապէս խօսուն ամպ մը, զանգակներու հնչիւններով որոց կը խառնուին հարիւրաւոր ոտքերու դփռտոցներ եւ երկար ողբագին պոռոչիւններ։- Երկու հարիւրի չափ եզներ են ասոնք, որք վաղը Արմաշ երթալիք սայլերուն պիտի լծուին։ Ու պահ մը կը կենամ կը դիտեմ այս պատկերը, այս խօսուն ամպը, Յայտնութեան գրքէն ահեղօրէն կենդանի դրուագ մը որ իրագործուած է այս ճամբուն վրայ։
       Պանթալէոնի վանքը՝ Յունաց Արմաշն է։ Ամէն տարի Յուլիս 27ին յոյն ուխտաւորներու ահագին բազմութիւն մը կը հաւաքուի այնտեղ, մինչեւ Փոքր-Ասիոյ հեռաւոր քաղաքներէն։ Միայն թէ, մինչդեռ Արմաշի ուխտագնացութիւնը տասը օր կը տեւէ, Յոյները գիշեր մը կը հասնին, իրենց ուխտը կը կատարեն ու պատարագին կ’ունկդրեն, եւ հետեւեալ առաւօտ կը մեկնին։
       Ծերունի յոյն քահանայ մը, որ շատ մաքուր հայերէն կը խօսի, - Օրթագեղէն Հայ-Հոռոմ մըն է, - կ’առաջնորդէ ինծի եկեղեցին։ Ուշագրաւ բան մը չի կայ։ Ի զուր կը փնտռեմ վաղնջուց պատկեր մը, հնութեան յիշակերտ մը։ Ամէն կողմ ոսկեզօծուած, սրբուած, ճերմկցուած։ Նոբ նոր փայլուն սուրբեր են որ պատերուն վրայէն ինծի կը նային իրենց արտայայտութենէ զուրկ նշաձեւ սեւեռուն աչքերովը։
       - Հոս գանկեր կան եղեր, անոնք նայինք, կ’ըսեմ յուսախաբ, ճշմարիտ յուզում մը գտնելու փափաքով։
       Ինծի ընկերացող անձն ու քահանայն ետ կը քաշուին, քառակուսի պզտիկ շէնք մը ցոյց կուտան պարտէզին մէկ կողմը ու կ’ըսեն.
       - Դուն գնա նայէ, մենք չենք գար։ Դուռը քաշածիդ պէս կը բացուի։
       Իրա՞ւ, այդքան սոսկալի՞ է տեսարանը։
       Մինակ կ’երթամ ուրեմն։ Դրանը չուանը քաշած ատենս պզտիկ ընկրկում մը կ’ունենամ։
       Ներսը, պատերուն երեք երեսները հաստատուած տախտակներու վրայ իրարու քով շարուած են հարիւրի չափ գանկեր. կողմնակի պատերուն վրայ ու գետինն ալ, սնտուկներու մէջ լեցուած են գանկեր, աղտոտած, սեւցած, պահելով միայն իրենց աչքի խոռոչներուն արձանային պաղ նայուածքը։ Գետինը, տախտակամածին մէկ բացուածքէն, ոսկորներու պզտիկ կոյտ մը կ’երեւի։ Ասդին անդին ալ գանկեր սփռուած են։
       Այս ամէնը, այո՛, ո եւ է տպաւորութիւն չըներ վրաս։ Բոլոր այս գանկերը, արուեստական կանոնաւորութեամբ մը շտկուած, յարդարուած, տեղաւորուած, յայտնապէս տպաւորութիւն գործելու համար շարուած են այդտեղ, եւ ճիշդ ատոր համար է որ անտարբեր կը թողուն զիս։ Գանկի սնտուկի մը վրայ կը կարդամ, Extrait d’Absinthe, D. մարքայով. ուրիշի մը վրայ Cognac 552. ուրիշ սնտուկի մը վրայ Oil, եւ այս վաճառքի սնտուկները ա՛լ բոլորովին ցուրտ կը թողուն զիս, եւ անոնց մէջ գտնուող առարկաները՝ տեսակ մը ապրանքներ կը թուին ինծի, հաւատացեալներու քսակներուն կապերը աւելի դիւրութեամբ քակել տալու հնարք մը։
      
* * *
       Չորեքշաբթի, գիշեր.
       Դէպի Հայոց եկեղեցին տանող զառիվերը՝ աներեւակայելի ոգեւորութեամբ կենդանացած է։ Այդ զառիվերին վրայ եւ անկից վար, ընդարձակ հրապարակի մը մէջ, եկած հաւաքուած են շրջակայ գիւղերէն, երկու հարիւրի չափ սայլ, ամէնքն ալ ուխտաւորները փոխադրելու համար։
       Եկեղեցիին դուրսը, կատարեալ բանայիրի կերպարանք մը առած է։ Անդուլ խժլտուք մը կը բարձրանայ անկից, ամէն տեսակ ձայներու խառնուած, բացօթեայ խոհարարներ, պտղավաճառներ, հաց ու պանիր ծախողներ, լանթէռնա մը որ լռել չգիտեր, անցնող դարձող բազմութիւն մը, ամէն տարազներով, ամէն ձեւերով, ու լապտերներու լոյսեր որք երեւան կը բերեն այս ցնորական տեսարանը։
       Եկեղեցիին բակին մէջ, խումբ խումբ նստած են ուխտաւորներ, - ըխտաւորները, կ’ըսէ տեղացին։ Գետինը գորգ մը փռած, բարձրեու, վերմակներու մէջ կորսուած, այդ խումբերը՝ բոլորակի շարուծ կը ճաշեն, մոմի մը լուսով։ Եկեղեցիին սենեակներուն մէջ հինգ վեց հոգինոց տեղ մը քսան հոգի խռնուած, նոյն տեսարանը։ Ու կ’երթան կու գան, կիները իրենց ճերմակեղէնները ու ամանները կը լուան եկեղեցիին աղբիւրէն, տղաքներ կը վազվռտեն, աւելի պզտիկները կը ճչեն, կու լան, պառաւները վերմակնեուն տակ կծկտած կը դողդղան, ու այս ամէնուն վրայ թշուառութեան այնպիսի հով մը կայ որ սիրտդ կը սեղմէ։ Ու այս այսպէս պիտի շարունակուի մինչեւ առտու, ամէնքն ալ բաց օդին պառկած, խառն մերձաւորութեան մը մէջ, - կիները, այրերը, տղաքները քով քովի։