Արմաշի ուխտագնացութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ. - ԳԵՂԻ ՏԱՐՓԱՆՔՆԵՐ


       Իրիկուան խաղաղութիւնը կ’իջնէ, լայն ու դանդաղ, Արմաշի բլուրներուն ու անտառներուն վրայ։ Արեւը քաշուած է լեռներուն ետին, ու ստուերները հովիտներէն կը բարձրանան՝ աստիճանաբար փոխելով արտերուն, բացաստաններուն, ծառերուն գոյնը. քումայթ ցորենաստանները մութ խարտիշութիւններ կը հագնին, եւ ծառերը աւելի թաւ կանաչութեամբ մը կը թաւշանան։ Բլուրէ մը նախիր մը կ’իջնէ վար, պզտիկ ու բոպիկ հօտաղներու հետ, իր մութ գիծերը այլանդակօրէն քակելով ու վերստին կազմելով։ Անոնց զանգակներուն ձայնը միայն կը լսուի ընդհանուր լռութեան մէջ, տատանոտ հնչիւններով որոնք պղնձին երեսներուն վրայ գնդակիկներուն տարուբերումովը կը կէտկէտուին։
       Վանքին այգիին քովիկը, խոշոր ծռի մը տակ նստած ենք։ Մեզի կը մօտենայ գիւղացի պատանի մը, ու առաջին խօսքերէն՝ մտերմութեան պէս բան մը, անկապ ու անբռնազբօս, կը հաստատուի իրեն ու մեր միջեւ։
       Ինքը Արմաշէն չէ. Օրթաքէօյէն, Չէնկիլէրի ու Մեծ-Նոր-Գիւղի միջեւ գտնուող Օրթաքէօյէն է, ու վանքին այգիին պահպանութեանը համար եկած է։ Տասնըեօթը տարու կտրիճ մըն է, թուխ գոյնով, սեւ ու մտացի աչքերով, շատ խելանի ու կորովի դիմագծութեամբ մը։ Հագած է գաւառին սովորական տարազը, ուռուցիկ շալվար մը մինչեւ ծունգերը, սեղմ զանգապաններ որոնք ջղուտ ազդրերը կը կաղապարեն ու կարճ թիկնոցակ՝ թեւերուն ու թիկունքին վրայ մետաքսով բանուած։ Քովէն կախուած է խոշոր դաշոյն մը։
       Հարցումներ կ’ուղղենք իրեն, ու ինք կը պատասխանէ, նոյն իսկ կանխելով մեր հետաքրքրութիւնը որ անհարկի չերեւար իրեն։
       - Ինչո՞ւ մինչեւ Օրթաքէօյէն բերել տուեր են քեզի այգիին համար։
       - Է՛հ ի՞նչ ընեն. աս Արմաշի գեղացիները մա՞րդ են. այգի մը պահել անգամ չեն գիտեր։ Այգիին խերը անիծեր վար ձգեր են. երեք տարի աշխատելու է որ շէնքի շնորհքի գայ։ Մեր գեղը գալու էք տեսնելու համար որ այգին ի՛նչպէս կ’ըլլայ։
       Ու, ծայրագոյն արհամարհանքով մը,
       - Մարդ չեն աս գեղացիները։ Ինչի՞ս գեղն է որ էրիկ-մարդուն ալ, կնիկմարդուն ալ շալվարը մէկ է. մա՞րդ է մի, կնի՞կ է մի, չես կրնար հասկնալ։ Մեր գեղին կնիկները տեսնալու է, ի՜նչ շնորհքով կը հագուին, ի՜նչ աղէկ խումաշներէ շալվարներ ունին։
       “Այս տեղի կնիկներն ալ կնիկ չեն, կը շարունակէ. չափան առած՝ նայիս արտերը կ’երթան հող կը փորեն, կը հերկեն, կը դատին։ Մեր գեղին մէջ կնիկ մը արտը երթայ աշխատի՜. իրա՛ւ որ կը մեռցնեն ան իր տեղը։ Մեր կնիկները տանը մէջ կ’աշխատին. դուրսի գործերը իրենց չենք ձգեր։ Մարդ չեն աս գեղացիները։
       - Մինա՞կ ես աստեղը։
       - Չէ՛, կ’ըսէ, ինձմէ մեծ ընկեր մը ունիմ, ան է որ այգիին վրայ կ’աշխատի։ Ան հոս չէ հիմակ, գեղը գացած է։ Հոն կը բնակի։ Ես գիշերները հոս կը պառկիմ։
       Ու ցոյց կուտայ չորս գերանի վրայ շարուած տախտակներով ձեւացած տնակ մը։
       - Դուն կարգուա՞ծ ես։
       - Չէ, նշանուած ալ չեմ, աղբարներուս կարգին կը սպասեմ։ Ընկերս կարգուած է։ Արմաշէն աղջիկ փախցնողը ան էր, չէ՞ք գիտեր, կ’ըսէ հպարտութեամբ։
       - Չէ՛, չիմացանք։
       - Հապա՛, տարի մը եղաւ։ Այգիին համար հոս կանչուած ատենը, տուն մը կը բնակէր։ Տանը աղջկանը կը հաւնի, աղջիկն ալ իրեն, իրար կը սիրեն։ Աղջկանը հայրը մայրը դէմ կեցան. աղջիկնուն համար տահա մենծ տեղ կը փնտռեն եղեր։ Անոնք ալ խօսք մէկ կ’ընեն։ Իրիկուն մը, ընկերս Օրթաքէօյէն երկու կտրիճ բերել տուած էր, երկուքն ալ ձիու վրայ, սա վերը կեցած։ Մութը կոխելուն, աղջիկը եկաւ. հետը երկու պզտիկ աղջիկ ալ կային. անոնց հետ պտըտելու համար դուրս ելած էր։ Մէյ մըն ալ անոնք ձգեց, վազելով ձիաւորներուն քովը գնաց, ընկերս ալ հոն էր, ու թռան գացին։ Շիտակ մեր գեղը հասան, բարեկամները, ընկերները տավուլներով, զուրնաներով առջեւնին ելան. ա՛լ հարկ հարկինք։
       - Ինչո՞ւ։
       - Էյ պատիւ է ատանկ բան ընելը. աղջիկ փախցնելը կտրիճութիւն չէ՞։ Գեղէն ելան Քարցի գացին. ան տեղի տէրտէրը աղէկ մարդ մըն է, պսակեր է զանոնք։
       - Ապրի՜ Քարցիի տէրտէրը։
       - Մէկ քանի շաբաթ ետքը ելան նորէն Արմաշ եկան։ Եղածը եղած էր։
       - Աղջիկը աղուո՞ր է։
       - Հա՛, շատ խաս աղջիկ է։ Վաղն առտու որ գալու ըլլաք, ձեզի կը ցուցնեմ։
       * * *
       Հետեւեալ առտուն չկրցինք երթալ՝ տեսնելու համար նորատի հարսը, բայց Արմաշէն դարձին, կառքին մէջ, նորէն առիթ ունեցանք իր վրայ խօսելու։ Անտառին մէջ, հայ երիտասարդ մը, որ ընկերոջը հետ ձիու վրայ խոզակ կ’իջեցընէր Իզմիտ, ճամբէն յոգնած՝ խնդրեց մեր կառքին մէկ անկիւնը նստիլ, ու ընդունեցինք։ Խօսքէ խօսք, այդ առեւանգութեան դէպքին հասանք։
       - Էրիկ կնիկ հիմա երջանիկ են, ըսաւ երիտասարդը։ Աղջկանը հայրը մայրը հաշտուիլ կ’ուզեն, բայց անոնք շատ գոհ են իրենց եղած տեղը։
       - Ձեր գեղը ասանկ դէպքեր չե՞ն պատահիր։
       - Չէ՛, ըսաւ ան տրտմութեամբ, մեր գեղը աղջիկ փախցնել չի կայ, մեր մեծերէն ատանկ բան տեսած չենք։ Մերինները կը մեռնին։
       - Ի՞նչպէս թէ կը մեռնին։
       - Ի՞նչպէս պիտի մեռնին. սրտերնին կը դնեն կը մեռնին։ Աս մէկ քանի տարուան մէջ ասանկ չորս հոգի մեռան։ Աղջիկ մը մանչ մը իրար ուզելու որ ըլլան եւ հայրերնին թող չի տայ, ձայն ձուն չեն հաներ. բայց քիչ մը ատենէն, նայիս երկուքէն մէկը, աղջիկը կամ մանչը, սրտին ցաւէն կը հատնի, կը մեռնի։
       * * *
       Այս երկու գիւղացիներուն պատմութեան մէջ՝ իրենց գիւղերուն ամբողջ նկարագիրը խտացած է։ Մէկ կողմէն արի, խիզախ, տիրական, - միւս կողմէն թոյլ, նկուն, վատօրէն համակերպող։
       Ամէն տեղ, վանքի մօտ ապրող գիւղացիները այսպէս չարափոխուած են, թէ՛ մեր մէջ եւ թէ՛ Եւրոպա։ Մինչդեռ միւս գիւղացիները բնութեան հետ ամենօրեայ ոգորման մէջ կը փնտռեն իրենց հացը, անոր յաղթահարելով կը վաստկին իրենց ապրուստը, - այդ ոգորման եւ յաղթանակին մէջ իրենց ֆիզիքական ու բարոյական ոյժը զօրանալով, - անդին՝ վանքի գիւղացիները՝ ամէն բան վանքէն եւ ուխտաւորներէն սպասելով, բնութենէն ձեռք քաշած, մեղկացած ու այլասերած մարդիկ են։
       Ժողովրդական հայ խօսք մը կայ որ կ’ըսէ. “Հինգ բան կայ որ Աստուծոյ անէծքը կը կրեն. Երուսաղէմի թէրջիման, Էջմիածնի դռնապան, վանքի գեղական, էշերու քէվրան, կիներու տիվան”։
       Ուրիշ գիւղացի մըն էր որ ասիկա ըսաւ ինծի կառախումբին մէջ։