Արմաշի ուխտագնացութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ. - ՄԱՆԿԱՆՈՒԷՐ

      
Ժամերգութենէն յետոյ է որ, Արմաշի եկեղեցիին մէջ, տեղի կ’ունենայ Մանկանուէրի պատկառազդու արարողութիւնը։
       Տասը քսան տղաքներ, շապիկ հագած ու մոմ բռնած ձեռուընին, սեղանին առջեւ կարգով կը շարուին։ Անառակ տղաքներ են որոց վրայ “շնորհք եւ իմաստութիւն” կը խնդրուի, հիւանդոտ տղաքներ որոց համար առողջութիւն կը հայցուի, ու իր մեռած եղբայրներէն յետոյ մէկ հատիկ մնացած տղայ մը՝ որուն վրայ Տիրամօր կենսապարգեւ գթութիւնը կ’աղաչուի։ Այս արարողութեան համար մասնաւոր աղօթք մը չկայ Մաշտոցին մէջ, այլ Ս. Գրքին բոլոր այն հատուածներն առնելով որոց մէջ մանուկներու վրայ խօսուած է՝ Արմաշի մէջ ժամանակին շինուած է այդ աղօթքը, Վանահայր Գէորգ եպիսկոպոս Ալիքսանեանի օրով կամ ձեռքով։
       Յետոյ մանուկները սեղանին վրայ կ’առնուին, եւ մինչ “Մանկունք Եկեղեցւոյ, փառաբանիչք Ս. Երրորդութեան” շարականը կը կարդացուի իրենց վրայ, երեք անգամ կ’երկրպագեն սեղանին։ Պահպանիչ մը կը փակէ արարողութիւնը։
       Շատ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մըն է դիտել մանուկներուն դիմագծութիւնն ու վարմունքը այդ արարողութեան միջոցին։ Ցորչափ որ վարը, սեղանին առջեւ են, իրենց ետին տեսնելով իրենց մայրերը կամ քոյրերը, դեռ իրենք զիրենք կը զգան ընտանեկան մթնոլորտին մէջ եւ իրենց զգեստաւորումն ու իրենց ձեռքերուն մէջ վառող մոմերը զուարթ ու հաճոյական փոփոխութեան մը տպաւորութիւնը կը թողուն իրենց վրայ։ Բայց երբ իրենց մայրերէն բաժնուելով սեղանին վրայ կ’ելլեն, այն ատեն անօրինակ գերբնական աշխարհի մը մէջ մտած ըլլալու արհաւիրքը կը կարդացուի իրենց աչքերուն մէջ, կարծես հողային երկրաւոր բաներէն անդառնալի կերպով կտրուած, անջատուած, քովընտի սարսափահար նայուածքներ նետելով դէպի իրենց մայրերը։ Երկրպագութեան միջոցին, ա՛լ աւրուած է այն գեղեցիկ կարգը որ վարը տեսնողներուն գոհունակութիւն կ’ազդէր։ Ոմանք, շուարած, արդէն այդ “ծախուելու” գաղափարին սարսափին տակ, կը խռովին, կը գժդմին, վայրի ձիերու պէս կը խրտչին. ուրիշներ, կարծես ըմբռնած այդ խորհրդաւոր վայրկենին բոլոր վեհութիւնը, հասուն լրջութեամբ մը կը յառաջանան, կանոնաւորապէս ծալլելով իրենց ծունգերն եւ խաչակնքելով։ Երբոր սեղանէն վար իջած են, ամէնուն ալ սրտին մէջ բոյն դրած է նոր գիտակցութիւն մը, ահաւոր խորհրդի մը մասնակցած ըլլալու խորին հաւատքը։ Աստուածածնի հովանին միշտ իրենց վրայ՝ փրկելով զիրենք ամէն վտանգներէ ու ձախողուածներէ, եւ այս տարտամ մտածութիւնները, անկերպարան այլ զգացուած, իրենց դէմքին կուտան ծանրակաց խստութիւն մը որ պիտի տեւէ։