Արմաշի ուխտագնացութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը. - ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ


       Արմաշի վանքին դրան առջեւ տարածուող ընդարձակ հրապարակը, ուր տեղի կ’ունենայ բանայիրը, ամէնէն խառնակ ու աղմկալից տեսարանը կը ներկայացնէ զոր տրուած ըլլայ մարդուս դիտել երբեք։ Բազմութիւնը, եկեղեցիին մէջ իր աղօթքը կատարելէ ու մոմը վառելէ յետոյ, դուրս կ’ելլէ անմիջապէս՝ մէկ մասը բացօթեայ սրճարաններուն մէջ օղի խմելու եւ միւս մեծագոյն մասը՝ անոր օղի խմելը դիտելու համար։
       Եկեղեցիին դրան քովէն անմիջապէս կը սկսին առժամապէս հաստատուած փայտաշէն խարխուլ խանութներ, աղտոտ ուտելիքներու, անուշեղէններու, շաքարեղէններու՝ որոց դիմաց պզտիկ տղաքներ շարուած մատուընին կը լզեն։ Փերեզակներ, իրենց ապրանքները գետինը փռած, կիներու մեծ բազմութիւն մը հաւաքած են իրենց գլուխը. գեղացի աղջիկներ, գունաւոր տպածոյներու, ուլունքներու, ապարանջաններու, աժան մատնիներու եւ օղերու տեսքէն հրապուրուած, երկար սակարկութիւններով կը տապլտկին իրենց պչրասիրութեան դրդումին եւ գեղացիի հաշուագիտութեան միջեւ։
       Այդ խանութներու շարքը կ’երկարաձգուի մինչեւ Արմաշի գիւղը, որուն տուները, վերջին հրդեհէն այրած, հիմա ամբողջովին շինուած են։ Այս “շինուած” բառը սխալ ըսի. “հիւսուած պէտք է ըսել. տուներուն մեծ մասին արտաքին երեսը ճիշդ կողովի մը պէս հիւսուած է։
       Բանայիրը դուլ ու դադրում չունի։ Երբ գիշեր կ’ըլլայ մանաւանդ, ամբողջ հրապարակը կը լեցուի բազմութեամբ, լոյսերով, թմբուկի ու փողի, լանթէրնայի ու թէֆի ձայներով, երգերով, աղմուկով։ Բայց բուն Բանայիրի՝ “արհեստագիտական” տեսակէտով՝ այս հանրային զուարճութիւնը իր տեսակին մէջ շատ վար կը մնայ մեր Պոլսի ծանօթ տօնախմբութիւններէն, բացի թերեւս իրենց ֆիշէնքէն որ շատ լաւ է, աչք կտրածին չափ բարձրանալով երկնքին մէջ. ու Պոլսի հովարտաները՝ եթէ կ’ուզեն օդին մէջ սուրացող լուսեղէն ցայտքին ազդած հաճոյքը կրկնապատկել, թող իրենց մթերքը այս կողմերէն բերել տան։
       Ինչ որ ներողամիտ իմաստասէրին համար այս տեսակ հանդէսներու արդարացումը կը կազմէ, ժողովրդին նախնական տիպարներուն առոյգ ու անխառն զուարճութիւնը, դրամին դէմ ազնուական արհամարհանք մը որ մէկ օրուան մէջ տարտղնել կուտայ այնքան օրերու տաժանքին վաստակը, ու այն խրոխտ գիտակցութիւնը որ զուարճացողներուն կուրծքը կ’ուռեցնէ եւ աչքերը կը վառէ՝ իրենց մարմնական բոլոր բովանդակ գերազանցութեան տեսարանովը, իրենց սկզբնական կրքերուն ազատ ու կտրիճ արտայայտութեամբը, - այդ ամէնը կը պակսի այստեղ։
       Այդ բոլոր գեղացիները զուարճանալ չեն գիտեր. ներկայ գտնուեցայ պզտիկ կռիւի մը խումբ մը Ատաբազարցի երիտասարդներու եւ լանթէրնաճիներու միջեւ. տղաքները քառսուն փարա տուեր էին նուագածուներուն եւ կը պահանջէին որ ժամ մը շարունակ նուագեն։ Ասկից զատ, պարել չեն գիտեր, որովհետեւ ինծի համար պար մը չէ երկու հոգիի դիմացէ դիմաց կանգ առնելն ու իրենց մարմինը անճոռնի կերպով կոտրտելը։ Ա՛հ, Պոլսէն եկած երիտասարդներու խումբ մը կար, ջրհանկիրներ կամ ձկնորսներ, հինգ վեց հոգի, որք թեւ թեւի տուած պար բռնած էին. իրենց գլուխը երիտասարդ մը կը գտնուէր, ծանօթ տիպարին ամէնէն գեղեցիկ օրինակներէն մին, բարձրահասակ ու կարշնեղ. տեսնելու էր թէ ի՜նչ շնորհով ու վայելչութեամբ իր պարին արագ վազքին մէջ իր հետը կը քաշէր կը տանէր իր պարակիցները, նայուածքը անճառ խնդութեամբ մոլորուն, գլուխը բարձր, արհամարհոտ ու վէս, ժպիտը շրթունքէն անպակաս, ու ի՜նչ անտարբեր ու անփոյթ առատաձեռնութեամբ քառորդ ոսկի մը կը փակցնէր նուագածուին ճակտին։
       Ու յետոյ, պէտք է ըսել, շալվարը զոր հագած են այդ բոլոր գիւղացիները, չես գիտեր ի՛նչ լուրջ ու ծանրադանդաղ բան մը ունի որ բնաւ չի յարմարիր այդ թեթեւաթռիչ ու արագոտն պարերուն, ու անոր լայն ու փոթփոթ խիստ ծալքերը՝ օտար տեղէ բռնի բերուած ու չընտելացած բանի մը տպաւորութիւնը կը թողուն՝ օղիի սեղանին զուարճութեանց եւ երգիոնակին թեթեւ ու ցատքտուն նուագածութեան մէջտեղ։
       Եւ սակայն հոս է բազմութեան մը առաւելութիւնը որ միշտ, դիտողին համար, ընկերային ուսումնասիրութեան լաւագոյն միջոցն է եւ ան է որ ճշդագոյն ծանօթութիւններ պիտի տայ ժողովրդի մը բարքերուն, բնաւորութեան, սովորութեանց, տարազին, լեզուին վրայ։ Ժողովուրդը այդտեղ է որ պիտի երեւի իր ինքնութեանը համարձակ ու անծածկոյթ տեսարանին մէջ։ Փափկանկատի դիւրազգածութեամբ պէտք չէ հեռու քաշուիլ ամբոխէն, նոյն իսկ իր աղտոտութեան ու գռեհկութեան միջավայրին մէջ։ Մեծագոյն դասը, անոր մէջ պիտի գտնենք։
       Բազմութեան մէջ ամէնէն աւելի ուշադրութիւն կը գրաւեն կիները, իրենց աւշային նիհար դէմքով ու շատ նուրբ, գրեթէ աթենական դիմագծութեամբ, որ այդ ցեղին հին ազնիւ սերունդի մը շառաւիղն ըլլալու ապացոյցը կրնայ նկատուիլ։ Էրիկմարդիկ ալ բարձրահասակ են, բարեկազմ ու վայելուչ։ Տղաքները… օ՜հ Ատաբազարցի եւ Իզմիտցի փողոցի պզտիկ տղաքները. կարելի չէ երեւակայել աւելի անառակ, աւելի չարաճճի, աւելի արթուն ու խելացի սերունդ մը։ Պզտիկները՝ հին նաւաստիներու պէս կը ծխեն ու կը հայհոյեն, սրամիտ խօսքերով, աշխոյժ կատակներով։ Այս լաճերը քար կը հանեն, բարեկա՛մ, Մալթա կղզիին պզտիկներուն որք ատեն մը իրենց տեսակին մէջ աննման ըլլալու ապահովութիւնը տուած էին մեզ։
       *
       Տասը հազար հոգի կը հաշուեն այս տարի Արմաշ եկող ուխտաւորներու բազմութիւնը։
       Տասը հազար հոգի, համեմատապէս շատ սահմանափակ տեղի մը մէջ, հինգ վեց օր շարունակ պիտի ուտեն, պիտի խմեն, պիտի քնանան, իրենց բնական պէտքերը պիտի հոգան, պիտի լուացուին, պիտի քալեն, պիտի նստին։ Ու այն ատեն գաղափար մը կ’ունենաք այն աղտոտութեան վրայ որ կը տիրէ չորս կողմ, ու այն խժլդուքին վրայ որ անընդհատ կը տեւէ, գիշերէն մինչեւ արշալոյս եւ արշալոյսէն մինչեւ գիշեր։
       Ուխտաւորներուն մեծամասնութիւնը Իզմիտի գիւղերէն եկած է, գլխաւորապէս Ատաբազարէն, որուն բնակիչներն անմիջապէս կարելի է ճանչնալ իրենց նեղ ու երկար ֆէսերէն, ու յետոյ Պարտիզակէն, Մեծ-Նոր- Գիւղէն, Չէնկիլէրէն, Պրուսայի գիւղերէն, եւ Պոլսէն, Թէքիրտաղէն, Մալկարայէն, Չորլուէն, եւ այլն։ Թուրքիոյ ամէն քաղաք իր մէկ ներկայացուցիչն ունի գոնէ։
       Վանական վարչութիւնը, այս ամբողջ ժողովուրդը տեղաւորելու համար, բնականաբար անկատար միջոցներ ունի միայն իր ձեռքը։ Նորաշէն թաղը, որ եռայարկ մեծ շէնք մըն է, Վանքին ձախակողմի ընդարձակ թեւը, նորաշէն դպրանոցը զոր հարկ եղած էր ուխտաւորներուն յատկացնել, եւ շերամատունը, չեն բաւեր։ Արմաշի գիւղին գրեթէ բոլոր տուները լեցուած են, եւ ասոր հետ մէկտեղ ընտանիքներ կան որք ստիպուած են գիշերը բաց օդին անցընել վրաններու տակ։
       Վանքին ձախակողմի թեւին երկար ու ընդարձակ ճեմելիքը, որուն վրայ բացուող սենեակները յատկացուած են դիւրակեցիկ ընտանիքներու, վաչկատուն ցեղերու կայքի մը կը նմանի։ Գիշերը այդ ճեմելիքը, անզօր լոյսերու կէսստուերին մէջ թաղուած, անհաւատալի կենդանութեամբ կ’ոգեւորուի։ Խումբ խումբ նստած, փսիաթներու վրայ, իրենց կերակուրը կը պատրաստեն կիները, ժրաջան աշխատելով, այրերը օղի խմելով ու պոռալով կանչելով։ Պառաւ մը՝ վերմակի մը տակ կծկտած, կը դողդղայ, մինչդեռ նորածին մը, որ մէկ պատէն միւսը ձգուած օրրոցի մը մէջ կը տատանի, իր ցաւագին պզտիկ ճիչերը կը խառնէ ընդհանուր աղմուկին։ Ու երբ գիշերը յառաջանայ, այդ միեւնոյն խսիրին վրայ, աղտոտ վերմակներու տակ, քովէ քով պիտի պառկին մանուկն ու պառաւը, երիտասարդներն ու մանկամարդ կիները։
       Երբ իրիկուն կ’ըլլայ, վանքին ներսի հրապարակը խարոյկներով կը ցանցնուի։ Կիներ իրենց իրիկուան ճաշը կը պատրաստեն պտուկներու մէջ։ Անոնցմէ մէկուն կը մօտենամ ու կը հարցնեմ.
       - Ի՞նչ կ’եփես, խաթո՛ւն։
       - Ոսպ կ’եփեմ, հաճի աղա, կը պատասխանէ։
       - Պա՞հք ես։
       - Մեղա՜յ Տէր, պահքն աւրել կ’ըլլա՞յ։
       Ուրիշ կին մը խարոյկին վրայ դրած է սան մը ուսկից անուշ հոտ մը կու գայ։
       - Ի՞նչ է եփածդ։
       - Խազ մը։
       - Վա՜յ, պահք չէ՞ք։
       - Այս իրիկուան համար չէ, աղա (օրն Ուրբաթ էր), Կիրակի օրը պիտի ուտենք։ Մենք հայ քրիստոնեայ ենք, մեր պահքը կը պահենք։
       Ա՛լ ուրիշներուն չեմ հարցներ։
       Եկեղեցին, գիշերը, օթեւան մը դարձած է։ Խսիրներուն վրայ պառկած կը քնանան հարիւրաւոր այրեր ու կիներ, ու տաքը, հոտերը, փոշին՝ անտանելի մթնոլորտ մը կը կազմեն այնտեղ։
       Բազմութեան զբօսանքին այս զանազան եղանակներուն մէջ, ուր, ինչպէս ըսի, օղին ու թմբուկը իրենց անկապտելի գերազանցութիւնը կը պահեն, ինծի համար ամէնէն նոր եւ ուշագրաւ բանն է այն նուագահանդէսը զոր Ատաբազարցի կիներ կուտան, գիշերը, վանքին ներսի հրապարակին մէջ։ Խումբ մը կիներ, որոց մէջ մանկամարդները կը խառնուին պառաւներուն, աղու ներդաշնակ ձայնով մը կ’երգեն… եկեղեցական շարականներ, այնպիսի կարգաւորութեամբ որ ամէնէն ծանօթ “Դպրաց Դասերուն” նախանձը պիտի շարժէր։ Ու մինչ թմբուկը դուրսը կ’որոտայ, մինչ լանթէրնան մինչեւ հոս կը ղրկէ իր զառածած ու եղծուած երաժշտութիւնը, մինչ գինովներուն ձայնարկութիւնները՝ ջախջախ համերգութեան մը պէս՝ օդը կը պատռտեն, հոս, այդ կիներուն բարակ եւ անուշ ձայնը եկեղեցական երգեցողութեան թրթռուն ելեւէջները կ’ոլրտկէ։ Ինծի կը յայտնեն թէ Ատաբազարի բոլոր կիները, փոխանակ իրենց տուներուն մէջ ուրիշ երգեր երգելու, ժամերգութիւնը կ’եղանակեն։ Հետաքրքիրներու շրջանակ մը կազմուած է իրենց չորս դին, ու կիները կ’երգեն միշտ, աստեղազարդ երկնքին տակ, ծառերուն սօսաւիւնն իրենց ձայնին ընկերանալով։ Քրիստոնէութեան առաջին դարերու վերկենցաղումն է կարծես այդ փառաբանութիւնը այդ արձակ օդին, ու այդ աղօթքներուն մէջ սեղմուած աղերսներն ու պաղատագին կոչերն՝ ինծի այնպէս կուգայ որ աւելի շուտ, աւելի շիտակ պիտի հասնին այն տեղն ու կ’ուղղուին։