Արմաշի ուխտագնացութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. - ԴԷՊԻ ԱՐՄԱՇ

      
Հինգշաբթի, առաւօտ
       Առտուն կանուխ ճամբայ ելլելու է Իզմիտէն՝ Արմաշ հասնելու համար։
       Գիշերուան կառախմբով եւ շոգենաւով եկող ուխտաւորները աւելցուցած են Իզմիտի տակնուվրայութիւնը։ Ամբողջ քաղաքը պատրաստուած է ընդունելու այս անսովոր յոգնախուռն բազմութիւնը, որ իր ամէնօրուան խաղաղիկ ու հանդարտ կեանքը վերիվայր շրջած ու խառնակած է։ Պանդոկները լեփ լեցուն են եւ եկողները կը ճամբեն։ Ամէն տուն՝ հիւրանոց մըն է արդէն։ Մեծագոյն ապաստարանն է եկեղեցին, իր բակով ու սենեակներով, որք ուխտագնացութեան առաջին հանգրուանը կը կազմեն։
       Քուն չի կայ։ Ամէն տեղ հապճեպ մը, արտորանք մը, անդուլ երթեւեկ մը։ Ընտանիքներ որոնք իրենց էրիկ մարդը կորսնցուցած են, մայրեր որոնք իրենց զաւակը կ’որոնեն, խումբեր որոնք իրենց մէկ ընկերը կը փնտռեն, պանդոկէ պանդոկ, տունէ տուն հարցնելով . ”Իրիկուան թրէնովը սանկ մարդ մը էկա՞ւ”։
       Կարաւանը կը կազմուի առտուն կանուխ ժամը իննին։ Յաղթ ու դանդաղ գոմէշները, գիշերն ի բուն պառկած եկեղեցիին զառիվերին երկայնքը, հոսուն տղմին մէջ որ իրենց կաշիին վրայ փայլուն ու իւղոտ խաւ մը կապած է, կը լծուին սայլերուն եւ իրարու ետեւէ ճամբայ կ’ելլեն։ Իւրաքանչիւր խումբ առաջուընէ բռնած է իր սայլը. կասկածոտները, ապահովութեան համար, իրենց հետ տարած են, առջի իրիկուընէ, սայլապանին մէկ ո եւ է առարկան, ընդհանրապէս սայլին լուծքը։
       Ես շատ ուշ ճամբայ կ’ելլեմ, ժամը 2 1/2ին, ձիով։ Ինծի կ’ընկերանայ իր ձիուն վրայ Սահակ աղբարը, ծանօթ ձիապան, բարձրահասակ կտրիճ մը, առոյգ ու նիհար, մատաղ կաղնիի մը պէս ճապուկ ու զօրաւոր, Զէյպէկի տարազով, ֆէսին բոլորտիքը փաթթած գունաւոր թաշկինակ մը որ իր դէմքին խիզախ արտայայտութիւնը կ’աւելցնէ, իր կամարին ծայրէն ցուցնելով՝ յաղթական՝ ատրճանակն ու դաշոյնը։ Մեզի հետ կուգայ նաեւ Իզմիտցի խեղճ հայ կին մը, նոյնպէս ձիու վրայ։ Իր ձիուն երկու քովէն մէկ մէկ կողով կախուած են, որոց մէկուն մէջ կապոցներ կան, իսկ միւսին մէջ հէգ վեցամեայ մանուկ մը, իր տղան, խուլ ու մունջ, զոր ահա երեք տարի է շարունակաբար Արմաշ կը տանի՝ Աստուածածնի գութը հայցելու այդ տարաբաղդ պզտիկին վրայ։ Ուխտդ ընդունակա՛ն, մարի՛կ։
       Շուտով կ’անցնինք Համիտիէ փողոցէն, Իզմիտի պուլվարը, որ իրօք եւրոպական փողոցի մը չափ լայն է, երկու կողմէն ծառերով զարդարուած ու բաւական լայն յատակուած, եւ դուրս կ’ելլենք քաղաքէն։ Հոն, չնչին գնով մը, նոր բան մը կը սորվիմ, թոփրաք պաստըի համար տասնական փարա կ’առնեն մեզմէ իբր տուրք, զոր այստեղ պաճ կ’անուանեն ( բաղդատել հոմանիշ հայերէն բաժ եւ ֆրանսերէն բէաժ բառերուն հետ)։ Շատ հին սովորութիւն մըն է այս որ Միջին Դարու Եւրոպայի ամէն քաղաքներուն պարսպադռներուն առջեւ ի գործ կը դրուէր։ Ռուսիոյ մէջ ալ, մեծ պողոտայներուն գլուխը մէկ մէկ փակոցներ հաստատուած էին, երկու ցիցեր որոց միջեւ հորիզոնաձեւ հաստատուած շարժուն ձողը ուղղահայեաց կը բարձրանար՝ թող տալու համար անցնիլ մարդերուն եւ կառքերուն։ Եթէ չեմ սխալիր, այդ սովորութեան ամենավերջին հետքերը դեռ չեն ջնջուած այժմ Ռուսիոյ մէջ։
       Մեր առջեւ կ’երկարի խճուղի մը, երկար, անհատնում, անսահման։ Արեւը իր ճառագայթները անարգել կը թափէ ճամբուն վրայ, արծաթազօծելով փոշին որ ջուրի հարթ մակերեւոյթի մը պէս կը փռուի։ Այս փոշեղէն ծովն իր կոհակներն ունի։ Դիտա՞ծ էք, իրիկուան դէմ, քամիին վազքը ծովուն վրայ. հովը իր առջեւէն վտարական կը հալածէ պզտիկ մանտրտիկ կոհակներ որք մութ կապոյտով մը կը գունաւորեն ջուրին սպիտակութիւնը։ Այստեղ ալ, փոշիի բարակ խաւ մըն է որ դանդաղօրէն կ’անջատուի նախ, յառաջ խաղալով, վազելով գրեթէ, հետզհետէ բարձրանալով ու տարածուելով։
       Գիւղացիներու կառքեր, ձիաւորներ, հետեւակներ, ամէն վայրկեան մեր դէմը կ’ելլեն։ Սայլերն ընդհանրապէս բեռցած են փայտ, եգիպտացորեն, ծխախոտ, արմտիք, իսկ ձիերը՝ ածուխ։ Անատօլուի ճշմարիտ գիւղացիներ, առոյգ, բարձրահասակ, արեւէն այրած, այլատեսակ տարազներով, որոց մէջ ֆէսին փաթթուած թաշկինակը, առաւել կամ նուազ ծաւալուն շալվարը եւ չուաններով կապուած տրեխը՝ յարեւնման են գրեթէ միշտ։
       Զարմանքս մեծ կ’ըլլայ սակայն երբ կը տեսնեմ թէ գրեթէ ամէնքն ալ Հայ են. չէ՛, եթէ իրենց գիւղական պարզութեամբ ամէնքն ալ պարտք չհամարէին ըսել մեզ “Բարի՜ երթաք”, յաւիտեան չպիտի մտածէի թէ Հայեր են ատոնք։ Այս զարմացումս վերջէն աւելի սաստկացաւ Արմաշի մէջ. է՛հ ի՞նչ, ա՞ս ալ Հայ է, ա՞ն ալ Հայ է։ Այո՛, Հայ են։ Կը կարծեմ թէ մարդաբան մը եթէ ուզէր հայկական բուն տիպարը գտնել մեր մէջ, անճրկած պիտի մնար այս զանազան տիպարներու անհուն պէսպիսութեան առջեւ։
       Խճուղիին երկու կողմէն կ’երկարաձգուին ընդարձակ արտեր, որոց հունձքն աւարտած է արդէն։ Եգիպտացորենի լայնատարած դաշտ մը ուշադրութիւնս կը գրաւէ. պտուղները հնձուած են եւ արմատները միայն կը մնան ուղղաձիգ, արեւէն չորցած, աղտոտած, սեւցած, - կարծես ձայնարկութեան անվախճան նշաններ՝ հողին մէջ ցցուած, բնութեան ահաւոր խորհրդին անհունութիւնը որակելու համար։ Ծխախոտի արտերը միայն կը պահեն դեռ իրենց կանաչութիւնը, բարակ ցօղունի մը ծայրը դալար փունջով մը, որուն մէջ ճերմակ ծաղիկներ՝ խօսուն խուզարկու աչքերը կը թուին լայն տերեւներուն։ Անկէ դուրս, բնութեան թմբիրն է որ կը տիրապետէ, հնձուած արտերուն տրտմութիւնն, այրած կռնծած գետնաքարշ խոտերով ծածկուած։ Խճուղիին երկու կողմը, տեղ տեղ, ծառերու պուրակներ, որոց գունատ տերեւներուն մելամաղձութիւնը ա՛լ աւելի կը թաղծանայ փոշիի բարակ խաւին տակ։ Մացառները միայն կը պահեն, ճամբուն երկու կողմը, իրենց մշտագարուն թարմութիւնը. բնութեան ժպիտն է այդ, անշարժ, անփոփոխ, ծերանալ չգիտցող կնկան մը անմեռուկ հրապոյրը։ Մորմենիները իրենց փշոտ ճիւղերուն շաղապատումով կամարներ կը ձեւացնեն, որոց վերեւ կարմիր ու սեւ պտուղները իրենց անմատչելի առարկայի չարախնդաց հեգնութիւնը կը նետեն մեզ կարծես։
      
* * *

       Հինգշաբթի, կէս օր.
       Երկաթուղին կ’ընկերանայ մեզ հիմա, իր գծերուն փայլփլիւնը երկարելով մինչեւ հորիզոնը, մետաքսէ մոխրագոյն ժապաւէնի հանգունատիպ։ Վերջ ի վերջոյ կը կտրէ մեր ճամբան եւ մենք կը թողունք զինքը անյայտանալ դէպի աջ, շարունակելով մեր գնացքը ձախակողմէն։ Լեռներու շղթան, որ աջակողմէն մեզ չի թողուր Իզմիտէն սկսեալ, կ’ուղեկցի մեզ, միշտ հաւատարիմ։ Լեռնաշղթային անընդհատ վայրէջքը ու վերելքը՝ հորիզոնին վրայ կը ձեւացնէ խօլական անհաւասար գիծ մը, ստուերոտ տարտամութեան մը մէջ բթացնելով իր ցցունքներուն եւ ծործորներուն եզերումները։ Հեռուէն հեռու կապոյտ թանձր մուխ մը կը բարձրանայ, կ’ոլորտանայ, դանդաղօրէն ծփանուտ ամպ մը յօրինելով։ Ածխագործներուն խարոյկներն են որ կը վառին լերանցամէջերուն խորը։
       Լռիկ կ’երթանք, մեր ձիերուն կանոնաւոր գնացքով։ Դաշտանկարին անդորրութենէն ու անշարժութենէն բան մը անցած է մեզի։ Անցորդները հետզհետէ կը ցանցառին։ Հեռուէն հեռու, փոշիի ամպ մը կը յայտնէ մեզ սայլի մը գալուստը։
       Հիմա կը բաժնուինք խճուղիէն, թողլով անոր թաւալել իր փոշոտ երիզը մինչեւ Պաղտատ, եւ կը մտնենք քովնտի նեղ ճամբու մը մէջ որ Արմաշ պիտի տանի։ Այդ ճամբան մասնաւորապէս շինուած ուղի մը չէ, այլ սայլերուն անիւներուն փորած մէկ արահետն է լոկ։ Ծառերը կը շատնան կամաց կամաց եւ քիչ ետքը անտառին մէջ ենք արդէն։ Փոշին այստեղ աւելի թանձր է, կակուղ գորգի մը պէս փռուած մեր ձիերուն ոտքերուն տակ, - մաշած ու փտուկ գորգ մը սակայն, որուն թելերը քակուէին ու փեթըռտուէին մէն մի քայլափոխի։ Կառքերէն թափած յարդի շիւղեր՝ փոշիին մէջ կը փայլին ոսկիի տարօրինակ ցոլացումով, ամէն անգամուն ծռելու եւ զայնս վերցնելու փորձութիւնը տալով քեզ։ Մանրիկ մողէսներ, գորշ, արեւէն հրապուրուած, փոշիին մէջ կը պտըտին, չկրնալով փախչիլ, իրենց թաթերովը ի զուր ջանալով կռուան մը գտնել այդ փխրուն ու անհաստատ կոյտին վրայ։
       Արեւը կ’այրէ զմեզ, ձիերը կը յոգնեցնեն եւ անօթութիւնը կը նեղէ։ Պէտք է տեղ մը իջնել, պատառ մը բան ուտել ու հանգստանալ։ Ժամանակ չեմ ունեցած Իզմիտէն քիչ մը ուտելիք առնելու. բայց Սահակ աղբար ապահովցուցած է զիս. “Դուն հոգդ մի՛ ըներ, հաճի՛ աղա, ես ուտելիք առեր եմ հետս”։ Եւ կ’իմացնէ թէ քիչ մը ետքը կը հասնինք Չէրքէսին խահուէն, ի Քիրէմիտ Գույուսու, ճամբուն կէսին վրայ, ու հոն կ’իջնենք։
       * * *

       “Չէրքէսին խահուէն” բացավայրի մը վրայ հաստատուած է։ Քսանի չափ երկար ցիցեր որոց վերեւ չորցած ճիւղեր շարուած են, եւ խորը փայտաշէն խրճիթ մը. ահա սրճարանը։
       Եօթը ութ թուրք գիւղացիներ, որք քիչ մը վարը թողած են իրենց սայլերը, եկած են հոն սուրճ մը խմելու։ Ամէնքն ալ իրենց ծանր ու յարգական բարեւներով կ’ընդունին զմեզ։ Խսիրի մը վրայ կ’երկննանք եւ կը հրաւիրեմ Սահակ աղան իր ուտելիքները բերելու։
       Իր ձիուն մախաղէն կը բերէ ինծի օխա մը հաց, հաստ թուղթէ ծրարի մը մէջ ձիթապտուղ եւ երկու հատ ճերմակ բողկ։ Իր երեսը կը նայիմ. ա՞ս է իր ծանուցած ճաշը։ Բայց ընտրութիւն ընելու, փափկաճաշակի խծբծանքներ փնտռելու տեղը չէ։ Սրճարանին մարդիկը բարեբաղդաբար ունին խաշած հաւկիթ ու խաղող։ Ախորժելի ճաշ մը կ’ընենք, պաղուկ ջուրով մը ոռոգելով զայն, սթափիչ խահուէով մը կազդուրուելով, եւ նորէն ճամբայ կ’իյնանք։
       Բուն անտառին մէջ ենք։ Ծառերը շարունակական յաջորդութիւն մը չունին, այլ տեղ տեղ իրարմէ կը կտրուին բացաստաններով։ Անոյշ ու առողջ բուրում մը կը լեցնէ օդը, երանաւէտ հեշտութեամբ ուռեցնելով թոքերը։ Բարձրաբերձ ծառերու քով իրենց գլուխը կը տնկեն վախկոտ մատաղ տունկեր, աւելի կանաչ, աւելի առոյգ։ Երբեմն սակայն, տեսարանը կը փոխուի։ Գիւղացիներ, արօտավայր կամ արտ ունենալու համար, այրած են անտառը. ու բոլորշի բացավայրի մը մէջ, ծառերու այրած կոճղեր՝ դեռ իրենց վրայ կրելով ճերմակ մոխիրը՝ մեռած բաներու չարաշուք տեսիլն ունին։ Հողը, այրած, կը փռուի լերկ ու անկենդան, - ծանր վէրքի մը պէս՝ շրջակայ դալարուն դաշտանկարին վրայ։
       Ճամբան կը խորտուբորտի հետզհետէ, բոլորովին անխնամ, անընդհատ բազմապատկելով իր ոլորապտոյտ դարձուածքները։ Յանկարծ, անտառէն ելլելով, հեռուէն կը նշմարենք սայլերու երկարաձիգ շարք մը որ գրեթէ անշարժ կեցած է զառիվերի մը կողին վրայ։
       - Ըխտաւորներն ին, կ’ըսէ Սահակ աղան։
       Ու կը մտրակենք ձիերը։
       Քիչ մը ետքը արդէն մեր դիմացն են Արմաշի եկեղեցիին գեղեցիկ գմբէթն ու շրջակայ շէնքերուն կանոնաւոր շարքը։ Մեր ընկերուհին երեսը կը խաչակնքէ։
       Երբոր ուխտաւորներուն սայլերուն կը հասնինք, կանգ կ’առնենք շնչասպառ։ Չէ՛, կարելի չէ՛ երեւակայել թէ փոշին ի՛նչ հզօր տարր մըն է այստեղ։ Եթէ բնութեան տարրերուն նոր դասակարգութիւն մը ընել հարկ ըլլար, պէտք է անպատճառ անոր մէջ մտցնել նաեւ Արմաշի ճամբուն փոշին։ Կրակին պէս այրող է, ջուրին պէս լոյծ, օդին պէս կը մտնէ թոքերուդ մէջ։ Երեք հարիւրի մօտ սայլերը, իրենց ծանր անիւներով, հողը կ’աղան, զոր ապա օդին մէջ կը նետեն հովն ու գոմէշներուն յաղթ ոտքերը։ Սայլերուն հաստ կտաւէ վարագոյրներուն տակ ի զուր կ’ապաստանին հէգ ուղեւորները. փոշին ամենազօր է, ամենայաղթ, ամենուրեք, ու կը պատէ կ պաշարէ զքեզ ամէն կողմէ, կոկորդդ տոչորելով ու թոքերդ այրելով։
       Սահակ աղային կը նայիմ։ Նայուածքիս մէջ չեմ գիտեր ի՛նչ կայ. բայց պահ մը կը կենայ, կը դիտէ առլեփ զառիվերն որուն ստորոտէն կը դառնայ ճամբան, ու կը պոռայ յանկարծ.
       - Առա՛ջ քշէ։
       Ձին կը յամառի ցից ու քարոտ ճամբուն վրայ, բայց պէտք է որ փրկէ զմեզ, ու կը փրկէ։ Տաժանելի վերելք մըն է այս, գուցէ վտանգաւոր, բայց գոնէ մաքուր օդին մէջ մեռնելու մխիթարութիւնը կ’ունենանք. մինչ անդին, փոշիին մէջ խեղդուի՜լ, ի՜նչ անփառունակ վախճան։
       Երբ վանքին դրան առջեւ կը հասնինք, ժամը եօթնուկէսն է. մեր ձիերը ուրեմն հինգ ժամէն բերած են զմեզ Արմաշ, մինչ սայլերը տասնեւմէկ ժամ է որ կը քալեն ու դեռ չեն հասած։
       Երբ ձիէն վար կ’իջնեմ, խենդի պէս կը վազեմ վանքէն ներս, սանդուղներէն վեր կ’ելլեմ չորս չորս, դէմս ելլող առաջին մարդուն թեւէն կը բռնեմ ու երեսն ի վեր կը պոռամ.
       - Ջո՜ւր, ջո՜ւր, ո՞ւր է հոս լուացուելու տեղը։
       Չեմ գիտեր թէ մարդը ի՛նչ մտածեց վրաս, բայց անմիջապէս խնդիրքս կատարելու խելացութիւնն ունեցաւ։