Տարբերակներ եւ այլ գրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱԺԱՆՄԱՆ ԽՕՍՔԵՐ

Սիրելի Տնօրէնիս Ռ. Յ. Պէրպէրեանին

Վարժարանէս պէտք է որ ա՜լ գնանք հեռու…
Մեր մանկութեան օրերն գացին հեշտագին,
Տարիներն ալ յաջորդեցին իրարու՝
Արագ եւ քաղցր՝ զեփիւռին պէս գարնային…
Վարժարանէս պէտք է որ ա՜լ գնանք հեռու։

Երէկ դեռ փոքր՝ նորեկ տըղեկ էինք հոս.
Ճամբա՜ն երկա՜ր, ու յոգնութեամբ լեցուն էր։
Ժամանակը առուակին պէս մեղմահոս՝
Գրկեց ըզմեզ, առաջնորդեց մեր քայլեր։
Երէկ դեռ փոքր՝ նորեկ տըղեկ էինք հոս։

Հիմա հասած ենք դպրոցի վախճանին.
Ա՛լ չիք մեր քայլն յառաջ մղող շարունակ.
Մեզի համար դաս ու համար վախճանին։
Ու հրաժեշտի կը հնչէ ժամն տխրունակ…
Հիմա հասած ենք դպրոցի վախճանին։

Ճամբորդին պէս որ գագաթէն կը դիտէ
Կողը բլրոյն ուր մագլցէր քիչ առաջ,
Փըշոտ ուղին ու դաշտերն ալ մարմանդէ,
Ու բերկրագին՝ կուրծքէ թըռի լա՜յն հառաչ
Ճամբորդին պէս որ գագաթէն կը դիտէ։

Յուզմունքով լի նայուածք նետենք մեր ետին
Դիտենք ճամբան որ թա՜ց է դեռ քրտինքով…
Յիշատակներ կը խօսին շե՛շտ մեր սրտին,
Ու մեր աչերը կը լենան արցունքով…
Յուզմունքով լի նայուածք նետենք մեր ետին։

Ի՜նչ քաղցր էր կեանքն որ սուրբ յարկիս տակ անցաւ…
Աշխատութիւն, խոկմունք, ջանքեր կրթանուէր,
Ասո՛նք ահա եղան մեր կեանքն որ անցա՜ւ
Այս՝ յարկին տակ՝ խաղաղիկ ու աշխատասէր։
Ի՜նչ քաղցր էր կեանքն որ սուրբ յարկիս մէջ անցաւ։

Մեր դպրոցի կեանքին հասաւ ժամն յետին,
Ու այդ ժամուն րոպէները յամրօրէն
Տեսնենք ահա, կը կորսուին կ՚անհետին…
Ո՜հ, վշտաբեկ սրտով հրաժեշտ տանք իրեն.
Մեր դպրոցի կեանքին հասաւ ժամն յետին։

Հրաժե՜շտ, հրաժե՜շտ… Հրաժե՛շտ յարկիս յաւիտեան…
Սիրոյ ջերմ բոյն՝ ուր մենք թռչնիկ երգեցիկ՝
Մեր մայր թռչնէն առինք ջամբերն գիտութեան,
Եւ սորվեցանք աշխատանքի երգն գեղեցիկ։
Հրաժե՜շտ, հրաժե՜շտ… Հրաժե՛շտ յարկիս յաւիտեան…։

Հրաժեշտ անո՜նց ուր կեանքն անցաւ հեզասահ.
Սենեակներուն, սեղաններուն, սրահներուն.
Անոնց վրա՛յ են մեր կեանքին շիթերն ա՜հ…
Հրաժե՛շտ կու տանք անոնց ձայնով կերկերուն,
Հրաժե՛շտ անոնց ուր կեանքն անցաւ հեզասահ…։

Հրաժե՜շտ մեր միւս ընկերներուն - դեռ փոքրի՜կ -
Որոնց հետ նոյն կեանքն ապրեցանք եղբօր պէս,
Վայելեցինք գգուանքն ու սէրը գողտրիկ
Միեւնոյն հայր-պաշտպանի մը սիրակէզ
Հրաժե՜շտ մեր միւս ընկերներուն - դեռ փոքրի՜կ։

Հրաժե՜շտ ձե՛զ ալ, բարեկամներ մեր մտքին,
Դո՛ւք ուսուցիչք, դո՛ւք պաշտօնեայք անձնըւէր
Յառաջացման, զարգացման սուրբ խորանին…
Ուսանողի մեր ջանքերուն տուիք թեւեր.
Հրաժեշտ ձեզ ալ, բարեկամներ մեր մտքին։

Հրաժեշտ եւ քե՛զ, քեզ սիրելի ուսուցչապետ [1]
Որ մատներուդ մէջ ձեւեցիր մեր հոգին,
Յոռի կիրքերն դուն դարձուցիր հոն անհետ,
Փոխան դըրիր ինչ որ կար ներսըդ անգին…
Հրաժեշտ եւ քե՛զ, քեզ սիրելի ուսուցչապետ։

Հրաժե՜շտ քեզի, կրթական ժիր գործաւոր
Որ գրիչիդ, լեզուիդ ճարտար մուրճին տակ՝
Ու դպրոցիդ սալին վրայ փառաւոր
Կռեցիր մեզ ու դարբնեցիր շարունակ…
Հրաժե՜շտ քեզի, կրթական ժիր գործաւոր։

Հրաժե՜շտ քեզ, մտքի մըշակդ յարգելի
Որ հերկեցիր խոպան արտը մեր մտքին,
Խլեցիր անկէ փունջ ու տատասկ դառնալի
Ու դրիր սերմերն Ուղղին, Բարւոյն, Գեղեցկին…
Հրաժե՜շտ քեզ, մտքի մըշակդ յարգելի։

Այլ է՞ր այսքան խո՛ր մեր սիրտը կը յուզի…
Լոկ մեր մարմին պիտի երթայ քեզմէ բաց,
Հոգին մընայ պիտի փարած միշտ քեզի,
Քո յիշատակ պիտի ըլլայ անմոռաց…
Այլ է՞ր այսքան խո՛ր մեր սիրտը կը յուզի…։

-Ո՜հ, դպրոցին կարօտն է որ մեզ խռովէ,
Նախազգացուած խոր կարօտը սիրագին,
Կարօտն սրտիդ՝ որ համակ սէր գորով է,
Կարօտն լոյսով, լոյսո՜վ լեցուն քո մըտքին…
-Ո՜հ, դպրոցին կարօ՛տն է որ մեզ խռովէ։

Զաւակներու պէս որք տունէն հեռանան,
Մընանք տըխո՜ւր ու գլխահա՜կ, մըտածկոտ…
Մեր սիրտն լենայ տրտմութիւնով անսահման.
Անառաջնորդ դողդոջեն քայլք մեր կըթոտ,
Զաւակներու պէս որք տունէն հեռանան։

Տէ՛ր, դո՛ւ մեր մէջ դըրիր պապակն ուսմունքին,
Գիտութեան կիրքն անզուսպ մեր մէջ դո՛ւ ծնար.
Տալու համար մեզ զարգացման սէրն անգին՝
Գործածեցիր ամէ՛ն միջոց, ամէն հնար։
Տէր, դո՛ւ մեր մէջ դըրիր պապակն ուսմունքին։

Այդ պապակին յագուրդ տալու անկարող
Քանինե՜ր կան որք կը մընան անպաշտպան,
Ա՜հ, քանիներ չունենալով միջոց, փող,
Իրենց միտքը մնայ անուս ու խոպան,
Այդ պապակին յագուրդ տալու անկարող…։

Ձե՛զ մանաւանդ, հոգւոց մեր Հայր աննըման [2]
Վարժարանաց մեր հոգածու եւ ուղղիչ,
Ձեզ կը յանձնենք այս մանկըտին պատուական,
Զի խնամէք զայն ձեր թեւոց տակ շինիչ,
Ձե՛զ մանաւանդ, հոգւոց մեր Հայր աննըման։

Վարժարանէս պէտք է որ ա՜լ գնանք հեռու…
Մեր մանկութեան օրերն գացին հեշտագին,
Տարիներն ալ յաջորդեցին իրարու՝
Արա՜գ եւ քաղցր՝ զեփիւռին պէս գարնային…
- Վարժարանէս պէտք է որ ալ գնանք հեռու…։

Պարտիզակ, 1905



[1] Ռ. Յ. Պէրպէրեանին

[2] Ա. Պատրիարք Հօր