Տարբերակներ եւ այլ գրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒԽՏԻՆ ԹԱՓՕՐԸ

Անուրջիս մէջէն հի՜ն քաղաքներուն
Հի՜ն բերդերն ահա կը տեսնեմ հեռուն.
Կը տեսնեմ կապար օդին մէջ տըխուր
Զանգակատուններ յաւերժօրէն լուռ։

Կը տեսնեմ հարի՜ւր սարեր մոխրապատ,
Անձայն ու անտէր իբրեւ անապատ.
Ու աշտարակներ անդունդներու քով՝
Ժամանակին դէմ գոցուած փականքով։

Կը տեսնեմ մեր հին տապանաքարեր
Հազար ցեղերէ կոխուած անվեհեր.
Ու քառուղինե՜ր կը տեսնեմ, Աստուա՜ծ,
Աստ հանգչիներով սալայատակուած…։

Բայց ահա հարիւր զանգերն համօրէն
Երկիւղածօրէն ու գիտակցօրէն,
Մութ գիշերին դէմ ամէնքը մէկանց
Փոշոտ լեզունին շարժեցին յանկարծ։

Քառուղիներու տապաններն անձայն
Խորհուրդներու պէս լըռին բացուեցան
Քուրմեր, ասպետներ ելան անբարբառ.
Ահա ցայգին մէջ կ՚երթան վեհափառ։

Կը տեսնեմ, կու լամ…։ Թափօրն է Ուխտին,
Ուխտին որ կ՚ապրի դեռ մահէն անդին,
Ուխտին որ ահա հեռուէ հեռու
Փականքը բացաւ սարի բերդերու։

Ահա իշխաններ կ՚ելլան անխըռով,
Քայլերնին ծանր է եօթը դարերով
Վահաննին ժանգոտ, բայց աչերնին վէս,
Ոտքերնուն շղթան կ՚երգէ ջուրի պէս։

Այն որ թափօրին կ՚երթայ առջեւէն,
Խոնջ է՝ լայն բեհեզ մը քաշկռտելէն…
Կարմիր ծիրանի՞ն է արքայական,
Թէ ցեղին արիւնն… չեմ տեսներ այնքան։

Ու թափօրին հետ, ու թափօրէն վեր,
Թռչուն մ՚օդին մէջ կը խարխափի ծե՜ր…
Այդ միթէ՞ արծիւն է արքայական
Թէ սեւ բախտին բուն… չեմ տեսներ այնքան։

Լա՜յն կարկառեցի ձեռքերս արիւնոտ.
«Առէ՜ք, գոչեցի, տարէ՜ք զիս ձեզ մօտ,
«Կ՚ուզէի այսպէ՜ս դիմել յաւիտեան
«Ցեղի մը Ուխտին անդրշիրիմեան…»։

Բայց ահա ծաթեց լոյսն արշալոյսին.
Քուրմերն, իշխաններն իջան միասին
Բաց տապաններուն քար սանդուխներէն,
Ու ամէ՜ն, ամէ՜ն բան կորաւ նորէն…։

Բերա, 1914