Տարբերակներ եւ այլ գրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓՈՔՐԻԿ ՀԵՐՈՍԸ

Գիշերն էր շատ ուշ ։ Իր անկողնին շուրջ
Հաւաքուած բոլոր կը դիտէինք մունջ
Մեր արիւնլուայ եղբայրը փոքրիկ ։
Մայրըս յուսահատ կ՚արտասուէր լռիկ.
Ու սնարին քով՝ ընկճուա՜ծ, տըկա՛ր,
Ձեռքը ծընօտին՝ հայրըս կը խոկար ։

Խե՜ղճ փոքրիկ հերոս ։ Ի՜նչ փոխուեր էր ան ։
Մէկ ձեռքը կուրծքի լա՜յն վէրքին վրան,
Վիզը ցաւագին կերպով գալարած,
Անկենդա՜ն կարծես, լուռ, բազկատարած,
Ու կոպերն ինկած սեւ աչերն ի վար,
Հազի՜ւ լսելի՝ եղբայրս կը հեւար ։

Սենեակն էր կէս-մութ ։ Բարձին քով լռին
Կը մըսէր նիհար բոցը լամբարին ։
Դուրսն ա՜լ դադրեր էր պայքարն արիւնի ։
Փոքրիկ եղբայրներս վախով, դողունի,
Կը նայէինք մեր եղբօր հոգեվար
Ինչպէս կը նայի մարդն անդունդն ի վար ։

Յանկա՛րծ, սարսափա՛ծ, տենդո՛տ, խելայե՛ղ,
- Աչքիս առջե՛ւն է դեռ վայրկեանն ահեղ -
Վերցուց կոպերը ու իր շուրջ բոլոր
Դարձուց աչերուն սեւ գունտը մոլոր.
Սեղմ ակռաները մո՜ւթ բառեր լացին՝
«Կու գա՜ն, հա՜, կու գա՜ն, դաշո՜յն, բիր, կացին » ։

Ու յետոյ յոգնած, արդէ՜ն ուժասպառ,
Տենդով սարսռացին շրթներն ու ի սպա՜ռ
Յարեցան իր սուրբ հրացանի փողին ։
Հայրըս որ հո՛ն էր՝ Մահուան պէս դեղին,
Գլխով մեզ նշան ըրաւ երթալու
Ու մենք խցիկէն հեռացա՜նք հըլու ։

***

Կոխոտուած, մամռոտ հողակոյտիդ տակ,
Լռի՜ն հանգչէ դուն, փոքրի՜կ նահատակ,
Արիւնո՛տ, ահե՛ղ, հանգչէ՛ մինչեւ որ,
Իրենց սուգին մէջ հայրենախտաւոր՝
Քու ոսկորտի՛քըդ դողան համօրէն
Օ՜ր մ՚Ազատութեան կարմիր շեփորէն ։

Բերա, 25 Օգոստոս 1908