Տարբերակներ եւ այլ գրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԾՆՈՒՆԴ

Թի՛նկ, թա՛նկ … ։ Օդին մէջ քու կո՞չդ է, Աստուա՜ծ … ։
Ահաւասիկ ե՛ս, ծե՜ր, տարագրուա՜ծ,
Լոյսէդ հալածուած ստուերի պէս խեղճ,
Օտար աստղի տակ, օտար երկրի մէջ,
Կ՚երթամ, կը փախչիմ, չունիմ դադար, կանգ,
Մինչ թա՜ց գիշերին մէջ կ՚երգեն բիւր զանգ
Թինկ, թանկ … ։

Թի՛նկ, թա՛նկ, զանգակներ մէ՛կ վանկ կը հեգեն,
Ձիւնը պարելով կ՚իյնայ երդիքէն …
Թի՛նկ, թա՛նկ, ցայգին մէջ մանուկներ կ՚երգեն,
Խեղճին, հարուստին Ծնունդն է ապաքէն ։
Խաղաղութի՜ւն ձեզ, արքա՛յ, տէր, տնանկ
Ձեր բոյնին մէջ խունկ, խնծիղ, կախարդանք,
Թինկ, թանկ …

Թի՛նկ, թա՛նկ, խայտանքի տօ՛նն է համօրէն ։
Անտունը երկո՛ւ քարի մէջ իրեն
Մոմ մըն է վառեր, կը ժպտի անհո՜ւն …
Մենք իրմէ՛ ալ խեղճ … ։ Անտէ՜ր, անանո՜ւն
Կորեր ենք, չունինք ոչի՛նչ սրտի թանկ,
Երկրիս չորս ծագէն մոլորած կ՚երթանք
Թինկ, թանկ … ։

Ահա հինգ դա՛ր է, բոյներնիս բոցի
Կու տան, զաւակնիս որբե՜ր փողոցի.
Մեր ոտքէն խլեցին խլեակը հողի,
Շրջուն մեռել ենք առանց կոթողի … ։
Ցռուկնիս տուած լա՜յն հովին կ՚երթանք,
Ներքեւնիս մութ ծով, առջեւնիս վըտանգ
Թինկ, թանկ … ։

Թի՛նկ, թա՛նկ, կը փախչիմ, կ՚երթամ սգակիր.
Բայց ահա երկնէս աստղ մ՚ինկաւ երկիր ։
Գո՞ւցէ … ։ Այս գիշեր քսան դարեր վերջ
Դուն ծնի՞լ կու գաս մըսուրի մը մէջ,
Հեռո՜ւն, չորսբոլորդ հովիւներ տնանկ,
Ու ամբողջ երկրի վրայ մի արձագանգ,
Թինկ, թանկ … ։

Ո՛չ. մսուր չիկայ քեզ, Յիսուս հըլու.
Ո՛չ. սուրբ ջուր չիկայ ոտքըդ լըւալու.
Դրախտիդ ակերէն արիւն քամեցին,
Խաչիդ քով հազար խաչեր գամեցին …
Մոռցեր ենք Սիրոյդ պատուէրները թանկ,
Մենք հայհոյելով մութին մէջ կ՚երթանք,
Թինկ, թանկ … ։

Ո՛չ. դուն կեցիր հոն, կապոյտիդ մէջ վէ՛ս,
Կապոյտ, խաբուսիկ երազի մը պէս,
Իբրեւ խաչեցեալ խորհուրդ սըգակիր,
Հիւսիսն ու հարաւ, երկինքն ու երկիր,
Ամէն մարդկութիւն, ամէն ժամանակ
Իրար ձուլող մե՜ծ Անուրջը սընանկ …
Թինկ, թանկ … ։

Սակայն երգեցէ՜ք դուք զանգեր հիւանդ,
Ու դո՛ւք մանաւանդ, հայու հնաւա՛նդ
Զանգեր երգեցէք … ։ Մենք բաժան-բաժան,
Մենք Ծընունդ չունինք, մենք Մահն ենք դաժան,
Ալեկոծ նաւուն զանգերը վըտանգ
Կ՚երգեն … ։ Երգեցէ՛ք, մենք մահուան կ՚երթանք,
Թինկ, թանկ …

Երգէ՛ հայու զանգ, Կովկասէն Իրան,
Մասիսէն Վոսփոր, երգէ՛ բիւր-բերան,
Երգէ՛, քու ձայնով մեր պապեր մեռան.
Երգէ՛, ձայնիդ մէջ քսան դարեր կու լան …
Երգէ՛, ինչպէս դուն լացիր ահազանգ
Երբ դեռ - ողջ ցեղին դրին կարմիր պատանք
Թինկ, թանկ … ։

Կանգո՛ւն աշտարակ ցեղի մը փլուզուն,
Տեսար ոտքիդ տակ արիւնը վազուն,
Տեսար աստուծոյդ դիակն ազազուն,
Դո՛ւն գիտես ցեղի մ՚անէծքի լեզուն … ։
Քու ձայնիդ ներքեւ՝ համակ կախարդանք՝
Մեր ծնունդներուն անէ՛ծք կը կարդանք,
Թինկ, թանկ … ։

Երգէ՛, դուն հողին ձայնն ես հարազատ,
Ցորչափ դեռ կրնաս դուն երգել ազա՜տ.
Զի գուցէ խեղդեն օր մը ձայնդ անշէջ …
Ա՛յն ատեն է որ բոլոր երկրի մէջ
Ոսկորները հա՛յ՝ իրենց հողին տակ
Պիտ' մեռնին զրկուած հուսկ օրօրէդ թանկ,
Թինկ, թանկ … ։

Լօզան, [1911]