Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅՐ, ՕՐՀՆԷ՛

Հայր իմ, օրհնէ՛. ժամը հասաւ. պիտ’ երթամ.
Նոր կեա՛նք մ’ինծի կը սպասէ:
Պատանութիւնն ես թողուցի. նոր արիւն
Երակիս մէջ կը վազէ:
Յառա՜ջ, յառա՜ջ. գըլուխս ետ չե՛մ դարձըներ.
Երկընքէս վա՛ր թող իյնան
Անվիշտ կեանքիս ամէն աստղեր. հոգըս չէ՛.
Անցեալս իջնայ թող դամբան:
Օհ, ինծի՛ ի՞նչ թէ կը փետեմ վարդին թերթ,
Եւ փուշին կեանք կու տամ միշտ,
Թէ գըրկաբաց յորձանքին մէ՛ջ կը նետուիմ.
Խինդս է` ձանձրոյթ, սէրս է` վիշտ:
Ամէն խայտանք ջախջախեցի սըրտիս մէջ.
Չեմ վախնար սեւ ծըծելէ.
Վանք մըտնող կոյս մ’եմ` որ խըզուած իր վարսեր`
Անխիղճ, անհոգ, կը դիտէ՜…
Հա՛յր, ես կ’երթամ այն ճամբայէն` որ ճերմակ
Մազերուդ զիս կը տանի,
Վաստակաբեկ ոսկըրներուդ, ծեր սըրտիդ
Եւ սէրերուդ կենդանի…
Բաւական է. - աշխատեցար, կըրեցիր,
Ամէն նետի, հարուածի
Վահան եղար ինծի համար. հոգիդ է`
Որ հոգւոյս մէջ կը յածի:
Իմ արիւնս է գոյացած քու քըրտինքէդ.
Յոգնութեանդ ծիլն եմ տըխուր:
Հոգիդ, կաղնի՜, երբ կուրծք կու տար մըրըրկին`
Ես շուքին տակ, հանգիստ, լուռ
Կը մեծնայի: - Հարկ է հիմա ա՛լ հանգչիս
Եւ ես քեզի յաջորդեմ…
Խոնջե՜նք, խոնջե՜նք. կ’ուզեմ կըռուիլ, աշխատիլ,
Ելլել կեանքին, կեանքին դէմ…
Հայր իմ, օրհնէ՛. դողդոջ ձեռքերդ գըլխուս դիր.
Թող մատերէդ կաթի վար
Աղօթքդ` եկած հոգւոյդ պայծառ խորանէն:
Վերջին ժամն է. օրհնէ՛, հայր: