ՏՂԱ՛Ք,
ՆԵՐԵՑԷՔ
Մի՛,
մի՛
ծեծէք:
Ի՛նչ,
խառնակե՞ց
ձերին
խաղ.
Կամ
թէ
անգէտ
եւ
դիպուածով,
մըտազբաղ,
Ձեր
գընդակի՞ն
զարկաւ
ոտքով
մէկէն
մէկ.
Թափե՞ց
մելանը
թուղթերնուդ.
-
Ներեցէք:
Ո՛հ,
ներեցէք,
զի
հայ
մըն
է,
մեր
եղբայր.
Ո՛հ,
ներեցէք,
զի
տըկար
է,
ցաւագար.
Բնութիւնը
այդ
խեղճ
էակն
է
անտեսեր.
Չէ
թափած
իր
կազդուրող
հիւթն
եւ
ուժեր`
Անոր
մարմնոյն,
եւ
իր
բոցերն`
հոգիին.
Կոյր
մ’է
եղած
անոր,
մինչդեռ
դայեակ
մ’հին
Ձեզ
շատերուդ:
Սուգի
շիթ
մ’է
այդ
տըղան`
Որ
եկաւ
հոս`
մեր
լուտանքին,
նենգութեան
Մէջ
ընելու
իր
սեւ
շըրջանն
արցունքով.
Թողէք
այդ
աստղը,
հանդարտիկ,
անվըրդով,
Իր
հորիզոնն
իջնէ,
առանց
զանիկա
Ասուպ
‘նելու,
թէպէտ
արեւ
ալ
չըլլայ:
Թըշուա՜ռ
ծաղիկ
գերեզմանի,
տըխրութեան,
Ո՛հ,
փոթորկէ
փոթորիկ
մի՛
յուզէք
զայն,
Այսինքըն`
խօլ
բարկութենէ
բարկութիւն.
Ինչպէս
դուք,
ա՛ն
ալ
սիրտ
մ’ունի
ըզգայուն:
Հակած
ճակատն
ու
նայուածքները
աղօտ,
Ամէն
քայլին`
վարանումները
վախկոտ,
Եւ
արցունքներն,
որոնք
կախած
շըրթներուն
Կը
թափթըփին,
կ’ըսեն
ձեզի.
-
Գըթութի՜ւն:
Երբ
ծիծաղէ
դուք
նոր
ծիծաղ
կը
թըռչիք`
-Ինչպէս
գարնան
աչքը
ծաղկէ
ի
ծաղիկ
-
Խորշ
մը
քաշուած`
անիկա
սեւ
կը
ծըծէ,
Այդ
զըրկըւածը
խայտանքէ,
քըրքիջէ,
Այդ
վըտիտ
սիրտն,
այդ
թոյլ
ճաճանչը
դեղնած`
Որ
ամպէ
ամպ
կը
փաթթըւի
տըխրամած.
Կարծես
հոգւոյն`
Աստուած
դամբան
մ’
է
դըրեր:
Կարծես
բըբին
մէջ
քամած
է
սեւ
գիշեր:
Օ՛ն,
այդ
տըխուրն
հիւսեցէք
ձեր
զըւարթին
Ձեր
շողերուն,
պայծառութեան,
ժըպիտին:
Գարունը
իր
ըստուերներուն
հետ,
տըղա՛ք.
Է
աւելի՛
քաղցրազըւարթ,
ներդաշնակ:
Թերեւս
օր
մ’այդ
սըրտէն
տըխուր,
վըհասոյզ,
Մարգրիտ
բըղխի,
տըխմար
աչքէն`
արշալոյս.
Երբ
ժամն
հասնի
սին
փոսուռան
լոյս
չի՞
տար.
Ո՞վ
գիտէ
վաղն,
Այսօրը
ո՞վ
պիտ’
գիտնար:
Դեռ
տարաժամ`
թող
չը
չափէ
այդ
տըղան,
Ձեր
աչքին
մէջ
մըռայլ
հոգին
Մարդկութեան,
Այգուն
առջի
թոյլ
շողին
պէս`
որ
կանուխ`
Կը
խեղդըւի
մութ
վըհի
մ’մէջ
խորամուխ,
Եւ
դեռ
մատաղ`
թող
չը
կարդայ
ձեր
դէմքին`
Մարդկութիւնն
իր
ճիրաններո՜վ
միասին:
Սիրտ
սըրտի
տուէք
եւ
ձեռք
ձեռքի,
սիրելիք,
Քանզի
աշխարհ
կոր
է,
չըլլա՜յ
թէ
սահիք:
Գիտցէ՜ք
սիրել.
մի՛
անարգէք,
մի՛
ծեծէք.
Աստուա՜ծ
մը
կայ,
ո՛վ
եղբայրներ.
-
Ներեցէ՛ք:
Ներեցէք
դուք
եւ
պիտ’
ներուիք
յաւիտեան:
Մեր
եղբայրն
է`
դատաստանի
մեր
մատեանն.
Ըզգոյշ
եղէք.
օրէնքը
ո՞ր
կոխկըռտող
Նոյն
օրէնքովը
չի
դատուիր:
Թողէ՛ք
ոխ:
Ներել
գիտցէք
եւ
պիտի
դուք
ապրիք
յար:
Հաւատարիմ
մեր
հայլին
է`
մեր
եղբայր.
Օր
մը
Աստուած
մեզ
անոր
մէջ
պիտ’
դիտէ.
-
Միթէ
ո՞ր
աչքն,
որ
թունալից,
պըղտոր
է,
Կ’անդրադառնայ
իբրեւ
պայծառ
արեւակ,
Ո՞ր
արիւն-ձեռքն`
իբրեւ
շուշան
ըսպիտակ: