Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈՒՐԱՑԻԿԸ

Միաչեայ է. անդամալոյծ` մէջքէն վար.
Դեղնութիւն մ՚իր նիհար մարմինն է ծածկած.
Իր խորթ կեանքին աշնանը մէջ կ՚ապրի յար,
Մինչդեռ անցքին գարուն մըն ալ չէ ձըգած:

Մէգերո՜ւ շող, հիւանդ ծաղի՜կ եղտիւրի,
Մարդկութեան մէջ` ըստուե՜ր ձըգուած մեր ճակտին:
Միայնակ է. վըրայէն այս աշխարհի
Բան մը չառաւ, պիտի չը տայ բան մ’ալ սին:

Երգէոնիկ մ՚է միայն` իր մեծ հարստութիւնն`
Զոր, պատի մ՚տակ, մօրն օրհասին նեղ ատեն`
Անոր ձեռքէն քաշեց հանեց շըլմորուն,
Ահաբեկած` անտէր կեանքին ապրուստէն:

Ո՞վ պիտի այդ գործիքն անոր զըլանար.
Պակսած աչքին տեղ այդ երկրորդ աչքն հընչող`
Զոր տըւաւ Տէրն, որպէսզի ան թափէ վար`
Գոց բըբին տակ ժողվուած արցունքը ճընշող:

Այդ երգէոնիկը շատ հին է. գիտէ ան
Հիւանդ, տըխեղծ սերունդներու պատմութիւնն.
Հին արցունքները չորցած են վրան, որք եղան
Պահարաններն իր նըւագած վըշտերուն:

Բաբախուն կուրծք մ՚հոն կ՚ընէ միշտ ելեւէջ
Ուրախ շեշտ մ՚իսկ եկած չէ իր հեւքին քով.
Բուռ մը արցունք նետած է Տէրն անոր մէջ`
Մակընթացման, տեղատւութեան ծըփանքով:

Փողոցին մէջ երգը կ՚երթայ դարձդարձիկ,
Ճամբուն ծայրէն մինչեւ տունի մը ետեւ,
Չը մընալով շատ հեղ անկէ կըտոր մ՚իսկ`
Գիրգ լանջերու մէկ ժանեակի մ՚ալ ներքեւ:

Այդ երգէոնիկն իր մ՚է որ մեզ կը խօսի`
Բիւր ցաւի բիւր լեզու ժողված իր բերան.
Կը բանայ ա՛յն կեանքերուն քօղը մեզի`
Որոնք մեր կոյր ոտքերուն տակ կը վըխտան:

Ահա՛.
Վիհ մութ, զազրատեսիլ, ահռելի.
Ժըխոր զեռուն. իրարու վրայ, կարեվէր,
Զերդ խըռնըւած պոլիպոտներ քըստմնելի,
Տըժգոյն դէմքեր, տըժգոյն աչքեր, անդամներ:

Հառաչանքներ` հանդիպած պինդ սըրտերու`
Ինչպէս ծովուն թոյլ ծըփանքները ժայռին.
Ելլող սրունքներ` սառին վրայ մօ՛տ հալելու,
Ինկող գանկեր` խորն ըստուերին ու գայռին:

Տապըլտըկող ուսեր` որոնք կը հըրեն
Մերին գոց դուռն` որուն բըռնած ենք նիգեր.
Սե՜ւ փըրփուրներ` նետուած թիւրակն ալիքէն`
Որք կը ցընդին մեր ոտքին տակ. չե՜նք տեսներ.
Դողդո՜ջ քայլեր` մերին քայլին ետեւէն`
Որուն ճամբան իրենց ճամբայ է միայն.
Տըմոյն այտեր` չը բոսորած արեւէն.
Իրաններ ցուրտ` սարսուռներու գերեզման:

Աչքե՜ր որ լոկ, (Գըթածը մերթ մոռնալով),
Իրկունն, ձեռքին մեր կը սպասեն դողդղագին`
Թէ պիտ’ արդեօք արձանագրե՞նք գըթալով`
«Վաղը» իրենց տետրակին մէջ ապրուստին:

Օրոցքներ սո՜սկ շիրմի համար խաւարչտին.
Առանց բոցի եւ համբոյրի մը` սէրեր,
Որոնք իրենց դեռ սաղմին մէջ կը մեռնին`
Ինչպէս չելած դեռ կոկոնէն` ծաղիկներ:

Անդամներ գօս, պակաս դըրուած, եւ կամ ծուռ.
Ցամքած սըրտեր` որոնք վախէն ժանտ Մահուան`
Նոյնիսկ տըղմի մէջ կը պահեն թաքթաքուր`
Մէկտեղ իրենց ներկային` կոյր ապագան:

Կուրծքեր` վէրքով եւ արիւնով պատարուն,
Հազիւ ծընած` փոշի դարձած երազներ,
Եւ արցունքներ հեւքով մ՚ինկած քուրջերու.
Նըւաղումներ, կոծեր, դողեր, օրհասնե՜ր.

Ահ, այս ամէնն ոտքերէն մեր վեր կ՚ելլայ,
Եւ, վարանոտ ու դողդոջուն, ճիշտ նըման
Քայլը դնողի մը անհաստատ ճիւղի վրայ,
Կը ծեծէ սնարը մեր նընջող Գըթութեան: