ՄՈՒՍԱՅԻՆ
-«Թեւերս,
ուղիղ
դէպի
բարձունքըդ
վըսեմ`
Քնարըդ
կ’ուզեն,
կ’ուզեն
քընարդ.
երկընցո՛ւր:
Կը
տրոփէ
մէջս
երգերու
սաղմն.
կը
սպասեմ,
Ե՞րբ
պիտ’
տըրուի
անոր
ծնուցիչ
քու
համբոյր:
Երգե՜լ
կ’ուզեմ.
թող
սարսըռայ
բընութիւնն
Մատերուս
տակ,
ինչպէս
մօր
ծիծն
հոլանի`
Մանկան
առջի
բընազդական
դըպչելուն.
Եւ
կեանքը
թող
շըրթունքիս
վրայ
լուծանի
Երգե՜լ
կ’ուզեմ,
որոտներն
ի՞նչ
կ’ըսեն
մեզ,
Կ’առնէ
խօսք
մ’հովն
ամպէն,
հովէն
ալ`
ջաղաց
Բա՛ռ
ունի
աստղն.
երգել,
երգե՛լ
կ’ուզեմ
ես
Զի
կը
խօսին
երգով
Բնութիւնն
ու
Աստուած
Կ’ուզեմ
ծովուն
հետ
սիրտ
սըրտի
ես
յարիլ
Իմ
անհունիս
մէջ
այդ
անհունը
թաղել
Բուռն
իղձն
ունիմ
մըրըրկին
հետ
մաքառիլ
Եւ
գլուխս`
Էին
գաղտնիքներուն
դէմ
բախել
Գըրուած
է
Սէրն`
վարդին,
Հաւատքն`
աստղին
վրայ
Զանոնք
հեգել
կ’ուզեմ
քնարի
շըրթունքով
Կ’ուզեմ
բնութիւնն
յօրինել
քօղ
մը
ծաղկեայ
Մտածման
ամէն
ձեւ
իր
ներքեւ
քօղելով
Տո՛ւր,
ո՛վ
Մուսա,
տո՛ւր
այդ
քընարըդ
բըռնած
Պիտ’
իմին
սիրտս,
իմին
աշխարհս
ըլլայ
ան`
Ուր
գաղափարն`
պիտի
բնակի
զերդ
Աստուած,
Վեհ
գաղափարն
աչքերով
բո՜ց,
թռիչքով
լա՜յն:
Անոր
վըրայ
պիտի
հալի
խանդն
հոգւոյս,
Անոր
վըրայ
պիտի
սիրտս
յար
քըրտընի,
Ինչպէս
կարմիր
եւ
սարսըռուն
արշալո՛յս
Մը`
սէզերուն,
հասկերուն
վրայ
գարունի:
Պիտի
այդ
քնարը
կապէ
իմ
շըրթներուն
Ժողովուրդին
շըրթունքը
հուր,
սիրագին,
Եւ
պիտի
այդ
համբոյրն
ըլլայ
բուռն,
անհուն,
Համբոյրին
պէս`
տըրուած
ծովէն
եզերքին:
Երգերն
անոր
պիտի
պատմեն
Սարսուռներ`
Մարմնաւորած
իմ
արիւնէս,
շարժումէս,
Ներշընչելով
տողեր,
փուշի
ակօսներ,
Ուր,
հողմակոծ,
պիտ’
ծըլի
վիշտն
աղեկէզ:
Պիտի
մռընչեն
զարհուրանքները
կեանքին`
Մէ՛ջը
սուզած`
արդարութեան,
բարութեան.
Սըրբազա՜ն
քնար,
պիտ’
լարերն
իր
մըկըրտուին`
Մարտիրոսուած
եղբայրութեան
աւազանն:
Ո՛վ
սուրբ
Մուսա,
Մուսա
մատաղ,
լանջաբաց,
Կարծես
դեռ
նո՛ր
ձըգած
աստղէ
օրոցքդ
հուր.
Ո՜վ
վարդ
կոյս,
դո՛ւ,
ժողովուրդին
խոստացուած,
Լայն
սէրերո՜ւ
դու
խոստացուած,
քնարըդ
տո՜ւր:
Երիտասարդ`
բայց
շուտ
ճանչցած
շատ
բաներ`
Գիրկը՛դ
կու
գամ
երազելու
առանձին.
Մէկդի
թողած
եմ
ժըպիտ,
խաղ
ու
պարեր,
Նորընծայ
եմ
գաղափարի
աշխարհին:
Թեւերս,
ուղիղ
դէպի
բարձունքըդ
վըսեմ`
Քնարըդ
կ’ուզեն,
կ’ուզեն
քընարդ.
երկընցո՛ւր:
Կը
տրոփէ
մէջս
երգերու
սաղմն.
կը
սպասեմ.
Ե՞րբ
պիտ’
տըրուի
անոր
ծնուցիչ
քու
համբոյր»:
Այսպէս
ըսի:
Եւ
պատասխանն
աղեկէզ`
Մուսան`
վերէն
հովին
յանձնեց
դէպ
ինծի.
-«Տենչիդ
ըզգո՜յշ,
այս
քընարս
է
շինուած,
տե՛ս,
Սեւ
նոճիէ,
փթթում
մահուան
աւիշի:
Թըշուա՜ռ
հոգի,
անոր
լարերն
են
բերուած
Փետըռտըւած
գանգուրներէն
որբերուն.
Կ’երթան
երգերն,
հեւհեւալով,
սըրընթաց,
Ուր
որ
կ’երթայ
ոտքը
բոպիկ`
խեղճութիւնն:
Հեռո՜ւ
ասկէ,
գիտցած
ըլլաս`
որ
այս
քնար`
Քամահրանքով
պիտ’
անտեսեն
ձերիններ.
Զի
օտարին
ոսկւո՜յն
քով
իսկ`
ձեր
գոհար`
Աչքերնուդ
շո՛ղ
մըն
ալ,
ըստէպ,
չի
ցայտեր:
Պիտի
գոցէ
իրենց
ալիքը
բուստերդ,
Եւ
փուշերու,
եղիճներու
մոխիրով
Պիտի
թաղեն
կայծերն
հոգւոյդ
բոցակերտ`
Նըւագներուդ
ողբը
քեզի՜
դարձնելով:
Հեռատեսէ՛.
ապագադ
խիստ
մըթին
է.
Հեռատեսէ՛.
գերեզման
մ’է
ապագադ.
Խանձարուրէդ
պիտի
օրոցք
մը
չելլէ.
Պիտ’
չը
գըտնես
միջոց
թռիչքիդ
համեմատ:
Ժողովուրդի՞ն
ըլլալ
կ’ուզես
մօ՜րդ
չեղած.
Ծնողքիդ
արցունքը
քու
դարձիդ
կը
սպասէ.
Արեւմուտքի
մէջ
ծաղիկներդ
ընձիւղած
Պիտի
խորշակն
Արեւելքի
ազազէ:
Մըտածումի,
ըզգացումի
այս
ճամբուն`
Խընդի
արեւը
չէ
սըփռած
իր
շէկ
բաշ.
Հոն
կը
շըրջի
Աբովեանի
մ’հէգ
ուրուն,
Հոն
Դուրեանն
է
լացած,
տըխրած
Պէշիկթաշ:
Ի՛նչ,
կ’ուզես
քնա՜րն,
որուն
շանթերը
մէջի`
Պիտի
հաճոյ
չը
մըռընչեն
շատերուն.
Որուն
վրայի
քօղն
է
սեւ
քօղ
մը
խեղճի,
Թէպէտ
ըլլայ
մէջն
արշալոյս
մը
շողուն:
Ի՛նչ,
այս
քընա՞րը
կ’ուզես,
քնար
սեւ
փայտէ՜.
Այս`
վէրքերու
գործի
մըն
է,
այս
է
հուր.
Ապագադ
է,
այս
դագաղդ
է,
անո՜ւնդ
է»:
Ես,
անյողդողդ,
ըսի
անոր.
-Ըլլա՛յ,
տո՜ւր: