Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁԻՒՆԷ ԴԱԳԱՂԸ

Հոս կը պառկի: Ոսկի ձեղուն չը կայ վրան.
Եւ պատեր պերճ, դիպակազարդ, անսասան`
Ցուրտը դըրսի` ներսի տաքէն չեն բաժներ
Նըկարներէ նըկար մրափուն իր աչքեր
Հեշտ երազի մ’ետեւէն չեն թափառիր.
Եռոտանւոյն վըրայ հալուէն չի վառիր:
Հոս կը պառկի: Քուն մըն է այդ` որ երբեք
Պիտ’ չը բանայ իր այդ գոցած աչքերն հէգ.
Գիշեր մըն է` որուն արգանդը մութի
Պիտ’ չյըղանայ արշալոյս մ’իսկ` որ փըթթի:
Ան իր գըլուխն հըռըլտիւնո՛վ վար դըրաւ,
Եւ աղօթքով ալ պիտի վեր չառնէ բնաւ:
Երէկի ձիւնն անոր դագաղ մ’է ճերմակ,
Այսօրուան ձիւնն ալ` կափարիչ մ’ըսպիտակ.
Բնութիւնն ուզեց այդ մարմընոյն մերժըւած
Պատըսպարան մը նըւիրել, ո՛հ, առա՜նց
Մըտածելու թէ գերեզման մը կու տայ:
Հէ՜գ մոլորած, սա գինետան մօտակայ
Դըռնէն ելաւ, եւ անգիտակ, խօլ, ինքնին,
Ինկաւ դըրան առջեւը սա պալատին:
Արբեցած էր: Ձիւնի մէջ ըլլա՛լը չըզգաց.
Արդէն հիւղին ան ո՞ր խորշն էր ջերմ գըտած:
Հոս չը կար վիշտ, չը կար լալօնը մանկան,
Եւ ողբը մօր ա՛լ անկարող դիեցման.
Չը կար խեղդուկ ձեղուն, խաւար եւ բորբոս,
Չը կայ մըրուրն առկայծ ճրագին. լաւ էր հոս:
Լա՜ւ էր այստեղ:
Սառ բուրգին տակ եղաւ սառ,
Եւ սա քարէ սեմին վըրայ դարձաւ քար,
Հոն դընելով ահռելութիւնը կեանքին.
Եւ իր ուրուն պտըտցնելով` ներսն հեշտին
Նընջողներուն երազին մէջ, իբր օձ մի`
Որ զինք ճընշող գաւազանին կ’ոլորտի:
Ա՛լ բնութիւնն այս իր խորթ որդին ընկէցիկ
Մոռացօնքի մէջ թող պատէ. թող մարդիկ
Վաղն` այս իրենց խեղճ աքացածը տանին
Լըռութեան ծոցն - երկրորդ աշխա՜րհը մերին -
Երազանքի համար է մեր օրօրանն,
Ու անկողինն` յոյզի, շիրիմն` լռութեան…
Դէմքն հեգնութեամբ մը դարձած է երկընքին`
Ուրկէ շող մ’իսկ չինկաւ անդունդն իր կեանքին.
Ուրկէ խուսած մէկ կաթիլ մ’իսկ կապտագոյն`
Չը միացաւ իր ովկիան սեւերուն.
Մինչ շատերուն անծիր գըմբէ՜թ խընդութեան,
Իրեն համար նեղ առաստաղ մ’եղաւ ան.
Եւ չը սըփռեց լոյս մ’իր քայլին այցելու`
Որ, մոլորած, կ’երթար եղտիւրն ախտերու,
Այդ երկինքն, ո՛հ, տըւաւ անոր օրերուն
Սեւ հիւղ մը լոկ, եւ դիակին` ճերմակ ձիւնն:
Պիտի փայլի վաղն արեգակն անոր վրայ,
Այդ մեծ ճըրագն` որ կոյր երկրիս լոյս կու տայ.
Եւ պիտի ձի՛ւնը շողշողայ ցուրտ մարմնոյն`
Պըտոյտքելով անոր դեռ սե՜ւ մազերուն,
Ինչպէս ճերմակ եղեամն հովէն կը թըրթռայ`
Սեւ վեհութեամբ կանգուն նոճի մը վըրայ:
Վաղը, ժողվուած վառարանի մը չորս դին
Մինչդեռ ժըպտով մը որդիներն հարուստին
Գիրկերէ գիրկ պիտի կայտռեն, - ըստորեւ,
Հոն հիւղին մէջ, ցուրտ անկողնի մը առջեւ`
Որ դատարկ է, խեղճին տըղաքն անխընայ
Պիտի ճըւան. «Հայրի՜կն, հայրիկը չը կայ»:
Ո՜վ լըքուածներ փոքրիկ, նօթի, ցրտահար,
Պիտի այլե՛ւըս չը դառնայ ձերին հայր.
Թերեւս առանց ողբացուելու ձեզմէ` զայն
Փութկոտօրէն մոռացումի հողին տան.
Զի մարդըս այնքա՜ն կը շտապէ` մէջտեղէն
Վերցընելու իրեն նըմանը արդէն:
Ան հոն է, հոն, հեռո՛ւն մեծ տան մը սեմին`
Ա՛լ անկենդան տարածուած է իր մարմինն:
Հոն սըգաւոր աչք մ’իսկ չը կայ` որ զինք լայ.
Դագաղի ծածքը սեւ չիյնար իր վըրայ:
Յաւէրժօրէն գիշերն իջաւ ծոցին մէջ.
Թոյլ երակները չունին ա՛լ ելեւէջ.
Ցուրտն իր ներսի` դուրսի ցուրտին միացած`
Խեղճն ըրին մարդ մը սառոյցէ յօրինուած.
Սեւ քուրջերուն, կընճիռներուն մէջ ճակտին
Կը քընանայ կարծես սոսկումն ահագին.
Կէ՛ս բաց շըրթներն (ձիւնէ ակօս դէմքին վրայ)
Կ’ըսեն կարծես. - «Ինձ գերեզմա՞ն մ’ալ չը կայ»:
Պիտի բացուին դըռներն հիմա պալատին.
Պիտ’ միանան ծիծաղ մ’հիմակ այս սուգին:
Ոտքի ծայրով` դիակը ցուրտ, վըշտակիր`
Պիտի շարժեն եւ պիտ’ ըսեն. - «Արթընցի՛ր»:
Եւ իր գըլուխն աստիճանէն մարմարեայ
Սալյատակին քարին, անշունչ, պիտ’ իյնայ…
(Ո՛հ, ո՜վ Տէր իմ, Տէր անայլայլ, անվըրդով,
Է՞ր կը փըշրես ալիքն` եկող ալիքով.
Է՞ր կը յանձնես տերեւը` գուժ մըրըրկին,
Լերան աւազն` հեղեղներուն մոլեգին.
Է՞ր կը մատնես մարդը` մարդուն կ’եղեքման
Եւ հէգ ճակատը` ոտքերու յաղթական):
Օ՛ն, արթընցի՜ր: Եւ պիտի ան նընջէ դեռ:
Պիտի ըսեն. - «Հողին տըւէք. չը խըմէ՜ր»:
Ի՞նչ, չը խըմէ՜ր: Ոճիր մ’է այդպէ՛ս խորհիլ
Դատաստան մ’է քարէ սըրտի, մըտքի շիլ:
Մենք, անձնապուրծ, նաւուն վըրայ ջըրհերձիկ`
Անոր համար ուսման լաստ մ’իսկ փըշրեցինք,
Եւ արդ կ’ապշինք չը գըտնելնուս համար զայն`
Հոս, ծովեզերքն ազատութեան, փըրկութեան:
Անգէտ մանուկ մըն էր առաջ` որ ամէն
Մեր անարդար թողլըքումի շարժումէն`
Սահմըռտկելով իջաւ դէպի ցուրտ պատրանք.
Ու երէկուան հէգ մերժուածն (այս գիտնա՜ք)
Այսօրուան կոյր կորսըւածն է` զոր կ’ատեն:
Այն նօթի տղան` որ կը վըռնտուէր մեր դըռնէն`
Այս մոլորած մարդն է, որ մեր սեմին վրայ`
Կը դառնայ Վրէժը սըրբազան եւ հըսկայ:
Ան` մեր հրածն է, որ խոցոտ քա՛ն թէ գինով,
Հոս տեղ ինկա՛ւ, պատէ ի պատ երթալով:
Ի՜նչ, մաքրափայլ շիթը պըղտոր ուղխին վրայ
Կը կաթեցնէք, եւ կ’ուզէք ալ պայծա՞ռ մնայ:
Թարմ տունկին չէ՛ք տար ոռոգումն կենսական,
Սիւքի համբոյրն, լոյսի հեղե՛ղը գարնան,
Եւ կ’ուզէք ալ` որ հողմավար, ազազուն,
Անցքին վըրայ չը կառչի՞ ձեր ոտքերուն:
Աղքատութիւնն ըզմարդ կ’ընէ ախտաւոր.
Բիւր գինովին ինն հազարն են չըքաւոր:
Զիրենք մոռացող աշխարհն մոռնալ կը ճըգնին`
Ալքոլի մէջ խեղդելով կեանքը վըշտին:
Կ’ուզեն իրենց հառաչին մէջ ու լըքման,
Եւ լացին խորն իրենց կընոջ եւ մանկան`
Գտնել ցնորքի մը երազներն սատապէ
Եւ խինդ մ’որ թոյլ ուղեղը լոկ կը խաբէ՜:
Կ’ուզեն քօղեր ձըգել իրենց աչքերուն`
Որ չը կարդան ճակատագրին տողն - արիւն,
Որ չը տեսնեն մռընչող ալիքն ոտքի տակ,
Եւ գըլխու վրայ` գիշերուան սեւն այլանդակ.
Որ չը տեսնեն նոյնիսկ զիրե՛նք, սե՜ւ, թաղուած
Կիսով չափ խո՛րը դամբանի մ’մըթամած,
Նըման լացող ուռենիի մ’որ, տըկար,
Կ’իջեցընէ գըլուխը մութ վըհէն վար:
Եւ այսպէս, ո՛հ, նըման շուքին, սարսուռին`
Հորիզոնէն դողդըղալով կը սահին:
Զիրենք յիշող լոկ կը ձըգեն, մերկ, անտէր,
Խոնաւ հիւղին մէջ վիժած, փո՛քր անդամներ.
Տալով (տխո՜ւր ժառանգ` որ միշտ կը մընայ)
Իրենց անցեալն` անոնց իբրեւ ապագայ:
Կ’երթա՜ն, կ’երթան փուշի մէջէ եւ ձիւնի.
Փուշին վըրայ կը սըրսկեն շիթն արիւնի
Բաց վէրքերէ, եւ ձիւնին վրայ կը թողուն
Կաղապարներն իրենց նիհար, ցուրտ մարմնոյն:
Կ’անցնի՜ն, կ‘անցնի՜ն մութի մէջէ, եղեամի,
Յուսալով միշտ հանգըստութեանը շիրմի…
Մինչ դո՛ւ, ո՛վ մարդ, պատուհանիդ առջեւ, գոհ,
Կը ժըպտիս ցուրտ պըտոյտքներուն ձիւնին… ո՜հ,
Անոնք, անգէտ, կը ծածկեն, հո՛ն, քիչ մ’հեռուն,
Մարմի՜նն եղբօրդ` որ կը հըծծէ. -Գըթութի՜ւն: