ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ
Դաստիարակն
է:
Կը
խօսի
ծանր,
յըստակ,
Ձայնն
աստղերէն,
լոյսէն
կու
գայ:
Բառը
կ’ելլէ,
թըռիչներուն
վրայ
հուր
կայ.
Զայն
կ’արձակեն
իրենց
բոյնէն
գիրքն
ու
կեանք:
Թոք
կը
սպառէ,
միտք
կը
լըլկէ,
շունչ
կու
տայ,
Եւ
չի
խորհիր
իր
վէրքերուն.
Մանկութեան
դէմ
դըրած
ամբողջ
ծերութիւնն`
Կը
բաժնէ
իր
ծովը
բազում
լըճի
վրայ…
Վըսե՜մ
կոչում:
Հոգեակներու
մէջ
հըլու,
Ըզգուշաւոր
հըպումներով`
Կը
գըրէ
գութն
էջերու
վրայ
ապահով,
Կը
ցանէ
սէրն`
անձնուիրութիւն
քաղելու:
Անոնց
կոկոն
ուղեղին
մէջ
կիսաբաց
Կը
զետեղէ
ճառագայթներ,
Եւ
կը
լեցնէ
խաւերն
անոր`
բարեբեր
Իր
գիտութիւնն
Աստուծոյ
մէ՜ջ
ամփոփած:
Եւ
հաւաքած
ամանին
շուրջն
իր
սըրտին,
Մանկան
շըրթներ`
որք
կը
ծըծեն,
Կը
բաշխէ,
հեզ,
անոնց
արիւն
արիւնէն,
Այդ
իր
կեանքն
է`
որ
կ’անցընէ
ուրիշին:
Եւ
այսպէս
օր
մ’երբոր
ըլլայ
զոհ
մը,
ծեր,
Մեռնելու
մօտ
եւ
հոգեվարք,
Պիտ’
մընայ
լոկ
անոր
այս
մեծ
մխիթարանք`
Թէ`
իր
կեանքն
իր
սաներուն
մէջ
կ’ապրի՜
դեռ: