Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՇԻՇ

Սիրտը լեցուն է բանտին խաւարով.
Ա՛լ դաշտ ու երկինք չը կան իր համար.
Պիտ գընէր աչքի հազար գոհարով`
Աստըղ մ’ան նոյնիսկ` ասուպ ալ ըլլար:
«Օ՜ն, հաշիշ բերէք, - կը մըրմընջէ ան, -
Երբ աշխարհս ինծմէ այսպէս կ’ապշոպեն,
Ես կ’ուզեմ հոգւոյս մէջ ըստեղծել զայն.
Օրօրուիլ, բուժի՜լ հըզօր ցընորքէն:
Օ՛ն, հաշիշ բերէք»: Եւ ան կը ծըխէ,
Իբր ուրախութեան ըստի՜նքը ծըծէր.
Կը հոսի երազ ջըլերուն մէջէ.
Աշխարհը լուծուած կ’ելլայ սիրտն ի վեր:

Աչքերը բանտին դիմաց կը գոցուին`
Ապարանք մ’իր մէջ գտնելու համար.
Բիբերն հըրաժեշտ կու տան խաւարին`
Աստղեր բերելու խոստումով ճարտար:

Եւ կը քընանա՜յ արուեստի քունով`
Ինչպէս խըղճի խայթն` աղօթքէ մը վերջ.
Ո՛վ թըշուառ հոգի, հիմա ապահով,
Ազատ է եւ տէր` ցընորքներուն մէջ:
Եւ կ’երազէ շա՛տ, շատ բաներ աղուոր
Կամ յոռիներն ալ աղուոր կ’երազէ.
Բըռնած շըղթայի մ’օղակն ահաւոր`
Կընոջ մը մանեակը զայն կը կարծէ:
Վարդէ, ոսկիէ գերի մ’ափն ի վար
Իր մանկան խաղին կը ժըպտի հիմա.
Կամ ինքն իսկ մանուկ` լըճակին մէջ յար
Երկինքն` երկընքին մէջ զինք կը տեսնայ:
Շըրթունքները լուռ, մեղմիկ կը դողան`
Անշուշտ ուրիշներ գըտնալնուն համար.
Թերեւս (ո՞վ գիտէ) կը լըրացնէ ան
Համբոյր մ’ատենով թողուած կիսկատար:
Կամ կը շըրջի արտն` ազատ քայլերով.
Կը վայլէ երկինքն, աստղերու արգանդ:
Մի՛ արթընցընէք, քանզի ապահով
Զինք կը փոխադրէք լոյս աշխարհէն` բանտ:
Թողէք քընանայ… թող հաշիշին մէջ
Սեւ շըղթան բեկտի` վիշտը լուծելով,
Ո՛վ անմահ մեկոն, երազի առէջ,
Դու ցընորքն հիւսէ ոսկեղէն թելով.
Հիւսէ խընդութիւն մը անըրջական
Իր խոցուած հոգւոյն, ուղեղին վըրայ.
Ժըպիտն աղուո՜ր է, եթէ նոյնիսկ ան
Խաբուած ջըղերու վիժա՜ծն ալ ըլլայ: