ՄՈԽԻՐՆԵՐՈՒՆ
ԱՌՋԵՒ
Հիւղն
այրեցաւ:
Թըխաթոյր
ծո՛ւխը
նիւթին
Կապոյտ
զենիթը
սեւցուց.
Ան,
դէպ
երկինք,
խեղճ
մարդերու
յոյսերուն
Ոչընչացումն
էր
գըծուծ:
Հովն`
որ
առաջ
կը
հեծկըլտար
ցըրտագին
Գոյքերուն
մէջ
դիմակաց,
Հիմակ
անոնց
թոյլ
մոխրին
հետ
կը
խաղայ`
Հեգնող
շըշուկ
մը
ձըգած…
Կը
մորմոքի
ընտանիքն
իր
ջանքերուն
Սին
փոշիին
յանդիման.
Կու
լա՜յ.
անգո՛ւթ
այդ
հըրդեհումն
արցունքո՛վ
Պիտ’
ջանար
մարել
ան…
Մայրն
ըստինքին
վըրայ
սեղմած
մերկ
որդին`
Աւերին
մէջ
կը
շըրջի.
Մանկան
համար
ողջ
շապիկ
մ’ան
կ’որոնէ`
Եւ
կամ
կըտոր
մը
քուրջի:
Տարաբա՜խտ
մայր,
կաթին
գունատ
փըթթումին
Պատըսպարան
չը
մընաց.
Յանկարծ
ոտքին
կը
զարնըւի
սարսուռով`
Օրոցքէն
փայտ
մը,
խանձա՜ծ:
Ո՛հ,
դաժա՜ն
բոց,
ատիկա
բոյն
մ’էր
սիրոյ`
Որ
քանդեցիր
զայրոյթով.
Հոն,
տըժգունած
զոյգ
մը
շըրթունք
վրայէ
վրայ
Կը
ծըծէին
սէր,
գորով:
Արդ,
մոխրին
տակ
խեղճերուն
կեա՜նքն
է
թաղուած
Ա՛լ
դամբան
մ’է
հիւղն
իրենց.
Բախտն,
որուն
աչքն
արդէն
կապած
է
Աստուած.
Փոշի,
կըմախք
հոն
ձըգեց:
Ըսէ,
ո՛վ
Տէր,
հիմա
դէպ
ո՞ւր
պիտ’
երթան
Այդ
թըշուառնե՛րը
լալկան.
Դու
որ
անոնց
տընակն
առիր.
յոյսն
առիր.
Օ՛ն,
ըսէ,
ո՛ւր
պիտ’
երթան…
Գէթ
անձնըւէր
գութ
չը
տըւիր
մարդերուն`
Որ
անոնք
հոն
կըծկըւին,
Որ
մարդկային
սըրտերու
մէջ`
գէթ
անոնք
Խորշ
մը
գըտնան
ջերմագին:
Ո՞ւր
պիտ’
երթան:
Էրիկն
արդէն
հիւանդոտ,
Սիրտ
մ’ուրկէ
ողբ
լոկ
կ’ելլէ.
Կինը,
վատուժ,
պինդ
շըղթայուած
իր
վըզէն
Նիհար,
փոքրիկ
թեւերէ:
Ո՞ւր
պիտ’
երթան.
Գահավէժի
մը
վերեւ
Իր
կեա՞նքը
մին
կախելու,
Թէ,
յուսահատ,
միւսն
անպատիւ
տան
մը
մէջ
Մաքուր
սէրն
իր
ծախելու:
Ո՞ւր
պիտ’
երթան
սեւ
նոճի
այդ
ծաղիկներ
Ճակատագրէն
հողմավար,
Ծուխէն,
բոցէն
այդ
քըշուածները
շըլմոր,
Վէրքի
շիթերն
այդ
թըշուառ:
…
Ե՞րբ
պիտի
գայ,
ո՛վ
Տէր,
այն
օրը
վըսեմ.
Եղբայրութիւնն
Մարդկութեան
Ե՞րբ
իր
շըղթան
պիտի
ձըգէ
սըրտէ
սիրտ`
Մեծ
համբոյրովն`
յաղթակա՜ն:
Ե՞րբ
հըրկիզեա՛լը
չըքաւոր,
յուսաթափ.
Մոխրին
վըրայ
ինչքերուն.
Ցուրտ,
վիթխարի
Լըքումին
տեղ
պիտ’
գըտնայ
Տիեզերական
Օգնութի՜ւն: