Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՌԱԾԻՆ ՀԱՄԲՈՅՐ ՄԸ

Համբուրեցի: Մըտերմութեամբ սիրայեղց,
Սիրտս անտեսեց նախ սարսուռն այդ դիակին:
Կը զատուէր ան. հոգիս մեծ փերթ մը ուզեց
Իրմէ յանձնել մահուան այդ սեւ թըռչանքին:
Այդ համբոյրն արդ կը ճամբորդէ ու կ’անցնի
Գերեզմանին մէջէն, մէջէն սեւութեան.
Մեռած ճակտի մը վրայ սիրտ մ’է կենդանի.
Ծաղիկ` նետուած ցուրտ մարմարին շիրմական:
Եւ կը դողա՜յ փաթթուած այդ ճակտին վրայ:
Զինք մահուան այդ ճամբորդին` Սէրն է յանձներ.
Եւ Սէրն է խի՜ստ, խիստ զօրաւոր, ան կըրնայ
Կայծը` մոխրին, ողջը` դիակին միացնել:
Ո՜վ համբոյր, դու արցունք մ’էիր շրթունքի.
Քեզ յըղացայ խոցուած սըրտի արիւնով,
Եւ դամբանի ջահին մրուրովը սուգի.
Քեզ սընոյց կոծն ուռիներուն հողմախռով:
Երբ սիրելի Մեռնողն հեւքոտ իր հոգւոյն
Թռիչները, լուռ, կը տարածէր դէպ երկին,
Մինչ իմիններս անոր դէմքին դեղնագոյն
Կ’ամփոփուէին` ծընար դու այն վայրկենին…
Ո՜վ սէրերուս ցայտումն անկեղծ եւ անանց,
Գիտես այլեւս ապրիլ նոյնիսկ կեանքէ՜ վերջ…
Մըտերմական անունի մ’հետ սիրտ կապուած`
Կը հոսեցնես քաղցր յիշատակ մ’հոգւոյս մէջ:
Ուրիշ հազար համբոյրներու մէջէ հին`
Քու վըրադ սոսկ կը մըտածեմ ընդերկար.
Միւսներն հիմա սըրտերու մէջ կը հանգչին,
Մինչ, անձնանուէր, դու լոկ դագաղ դըրուեցար: