Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՒԷՐԺՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ

Գերեզման մ’էր, լերան ոտքին, գետին մօտ.
Թափառական քայլերըս զայն գըտան հոտ,
Երբ կ’երթայի երազուն,
Իրկունն, հագած արեւին հուսկ շողը լալ
Սիրտըս յանձնած ծաղիկներուն եւ միտքս ալ,
Փըթթելու մօտ աստղերուն:
Գերեզման մ’էր: Խաչ մը անտաշ, քար մ’անխօս.
Քարն անանուն, եւ խաչըն ալ` անքրիստոս,
Հոն կը հըսկեն մենակեաց.
Մին զետեղուած է ձեռքերով մըտերիմ,
Եւ միւսն, երկու մասրի ճիւղեր, սեւ մազի մ’
Գիսակներովն հոն կապուած:
Այս է բոլորն. ու ասոր հետ բընութիւնն
Որ կ’օրօրէ այդ քունն իբրեւ մայր մ’անքուն:
Տերեւներու սօսափներ,
Գետին ողբանքն ու խոշոր բիբը լուսնին
Մոռացութիւնն հոն կը սպաննեն, հոն երկինն
Իր նայուածքներն է թափեր:
Ի՜նչ լաւ է հոտ. կարծես թէ դա՛շտն է` հըսկայ
Ուխտաւոր մ’այդ գերեզմանին, զի տեսայ
Անմոռուկներ ինքնաբոյս`
Զոր կապած է բնական ոլոռ մը` խաչին,
Եւ համբուրող շըրթունքը բոց կակաչին
Քարին ծըռած սիրայոյզ:
Խոնարհեցայ եւ հոգիս լի աղմուկով
Դատարկեցի մեռածին լուռ սնարին քով.
Գիւղի գիշեր մը երբե՛ք:
Այնքա՜ն լաւ չի ծըծեր ղօղանջը զանգին`
Որքան ծըծեց մահուան այդ փոսը լըռին
Հոգւոյս ճիչերն յուսաբեկ:
Խոնարհեցայ եւ կարծես ինձ հետ բոլոր
Բնութիւնը հոն խոնարհեցաւ, ահաւոր
Ըստուերին մէջ ծընրադիր.
Եւ միացաւ իրերուն սիրտը սըրտիս`
Խիզախօրէն ընկըղմելու համար զիս
Խորհուրդին մէջ սեւածիր:
Վար, վար: Լըռէ՛, ճըպուռ սիւքե՜ր, լըռեցէ՛ք.
Դագաղին խորը չի հասնիր ձայնն երբեք.
Գերեզմանին քարին տակ
Մայր-լըռութիւնն է բանտարկուած: Վար, վար, վար.
Կը կարկի գետն, աստղը կ’մարի, հով չի գար.
Վի՜հ, մութին պէս անյատակ:
Կը խարխափեն մըտքիս թեւերն, ո՞ւր է, ո՞ւր
Վախճանողին գացած ճամբան. ո՛հ, ի զուր
Կը փընտըռեմ հոն, իմ շուրջ,
Անոր անունն ի՞նչ է, կամ ի՞նչ է անունն
Անդըրշիրմի եղածին, ո՞ւր է Անհունն,
Ո՞ւր է Խորհուրդն. Աղջամո՜ւղջ:
Ո՜հ, դու ո՞վ ես, ո՛վ անծանօթ վախճանած:
Ի՞նչ սըգաւոր քեզ կը բերէ ուխտ կամ լաց
Ո՞վ, ո՞վ ես դու` որ ըրիր
Շիրիմըդ դուռ, քեզ դըռնապան գաղտնիքին.
Ո՞ւր կեանք առիր, եւ կամ ո՞ր շողն, ո՞ր երկինն
Այտդ ու շըրթունքդ երփնեց հիր:
Ռազմի՞կ մ’եղար` որ սիրուհւոյն ծունկին վրայ,
Ուր ժանտ Մահն իսկ խենթ սիրահար կը դառնայ`
Կը սպաննըւի անդարման.
Թէ դու հիւծախտ տըղայ մ’էիր, հէգ գեղջուկ,
Որ հըրդեհուած իրենց գիւղէն` խուսափուկ`
Կը մեռնի հոս, կէս ճամբան:
Վըհուկ ծե՞ր մ’ես` թաղուած երգով մը թովչոտ
Եւ ողբացուած` ժամերու մէջ անծանօթ`
Իրեն վըհուկ կընոջմէն:
Կեանքի բաժակդ` որ ա՛լ դատարկ կը հըսկէ
Գըլխուդ վերեւ, քանի՞ շիթով լեցուեր է
Տարիքն համրող արցունքէն:
Խօսէ, ո՞վ ես. սակայն ո՛վ որ ալ ըլլաս,
Թող ես շիրիմըդ համբուրեմ, քանզի այս
Մեր կեանք զոհին բագինն է.
Քանզի քեզ ա՛լ չեն աղարտեր մեր օրեր`
Ուր ապրողն, ո՛հ, մեռնողին չափ չի գիտեր,
Ուր մարդուս չափ վիշտն հին է,
Ուր մեր գըրքին երկրորդ էջերն են ճերմա՜կ:
Եւ գիտութեան ծառին արմատն հողին տակ
Դեռ միշտ թաղուա՜ծ է անյայտ:
Դու բարի ես` ինչպէս սուրբ զոհն Աբէլին,
Զի մահուան սեւ համբոյրին տակ կը փոխուին
Ամէն շանթեր` ճառագա՜յթ:
Եւ դու սուրբ ես` ժըպիտին պէս բընութեան.
Արշալոյսն իր ցօղը ճերմակ քարիդ վրան
Ամէն առտու կը թափէ,
Զերդ արցունքներն` որոնք լըռիկ կը կաթին
Գըրած սիրոյ նամակին վրայ նոր-հարսին`
Որուն փեսան զինուոր է:
Դու գիտո՜ւն ես. մըտածումն ա՛լ գանկիդ տակ
Ճողոպրած է ուղեղէն փուտ ու ցամաք.
Երակներուդ մէջ հիմա
Արիւնի տեղ ճառագայթներ կը սահին,
Եւ վերնագիրն հին գիտութեանըդ գըրքին
Արդ փոխեց ձեռք մը հըսկայ:
Քու ճակատդ Էն կը շոյէ, մերը խաւար.
Մեր գիշերն է հոտ միջօրէ քեզ համար,
Անշըրջելի՜ հակոտնեայ:
Մենք օրոցքին մէջ ըստինքէն մայրենի
Սիրտ կը լեցնենք, իսկ դու հոգի՜դ հոլանի
Գերեզմանին մէջ անգայ:
Եւ կ’ըլլայ հոտ մեր մայրն Աստուած, կաթը` լոյս,
Թողլըքելով Տարակոյսն ա՛լ շիրմէդ դուրս
Աշխարհիս հետ միասին:
Ո՛վ սուրբ մեռնող, ո՛հ, մինչեւ ե՞րբ շըլմորած
Պիտ’ ճանկըռթենք ահաւոր ամպը` առանց
Զայն շերտելու բընաւին:
Խորհուրդին դէմ մենք մինչեւ ե՛րբ, ծընրադիր,
Առկայծ յոյսով պիտի գոչենք. «Լո՜յս, իջի՛ր…
Պատռէ, պատռէ, ո՜վ մըթութիւն, լըռութի՜ւն.
Կարծիք, պատռէ, պատռէ ո՜վ մէգ, անվերջ քուն,
Անդունդներէն մեզի նայող, ո՛վ մեծ աչք`
Որ չունիս քու բիբըդ, ո՛վ բիբ, քու նայուածք:
Մենք հերարձակ քեզի կ’նայինք. ծառերուն,
Աստըղներուն, ալիքներուն, ժայռերուն
Մէջէ քեզի, քեզի կ’նայինք. մերկացիր:
Դո՛ւ որուն քօղն է ապագան մերկացի՛ր:
Ո՜վ ներքին կողմը դամբանի քարերուն,
Ո՜վ միգամած, ահեղ գիսաստըղ` որուն
Գլուխն է պահուա՜ծ ամպի մը տակ յաւիտեան.
Ուրեմըն մենք մեր ուղեղներն ընդունա՞յն
Պիտի ճըզմենք ոտքերուդ վրայ պըղընձեայ,
Եւ ընդունա՞յն պիտի նետենք անխընայ
Մռայլ գիշերուան մէջ մեր սըրտերն` որ կ’երթան
Քեզի համար մրըրիկներուն բըռնութեան
Դէմ գալարիլ, որ` մոլորած աւարին
Մէջ` ժայռերուն դէմ ճըչելով կը բախին.
Եւ բուերէն քըշուած, քըշուած լըքումէն,
Խորը, ձորին մէջ կ’ընկըղմին, կ’որոնե՜ն,
Անկէ մեզի դուրս բերելով, ա՛լ յոգնած,
Հէգ կայծոռիկ մ’աւա՜ղ, արեւ համարուած:
Ո՜հ, մինչեւ ե՞րբ ըսփինքսային ճակատով,
Դու, ո՛վ Խորհուրդ, պիտի ծաղրես անվըրդով
Առջեւդ մեռած մեր խոհն, արծի՛ւ ողջակէզ.
Ըսէ, խօսէ, պիտի մինչեւ ե՞րբ լըռես»:
Մինչեւ ե՞րբ ան պիտի լըռէ: Ո՛վ շիրիմ,
Ճակատս ահա քարիդ դըրած կ’ընկըղմիմ
Աղօթքիս մէջ: Կը յուսամ:
Գանկիս ներքեւ կրակի տըւի ամէն բան.
Հոն հըրդեհ կայ. մըտածումներս կու գան
Քեզի կու գան հրավարսամ:
Օ՜ն, սըրբագրէ, կամ աւելցուր, կամ ջընջէ:
Ճերմակ քարէդ ճակտիս անցածը ի՞նչ է.
–Խոր լըռութի՜ւն, այլ ոչ բառ:
Լաւ. կը հանե՜մ շուրջիդ բոյսերն արմատէն.
Սըրտիդ, գանկիդ մէջ անոնք ի՞նչ կը ծըծեն.
–Մարմին, այլ ոչ գաղափար:
Լաւ. վըրայէ՛դ կը թաւալեմ քարն անդին,
Ըսպիտակ էջ, որուն միւս կողմն է գըրուած
Անպատճառ բան մը Մահէն
Անոր ներքեւ գաղտնիք մ’անշուշտ կը շնչէ.
Սի՞րտ թէ հոգի՞. օ՛ն, ըսէ ինձ, թէ ի՞նչ է.
–Երկու կարիճ, այլ ոչ Էն:
Արդ, այս յուժկո՛ւ թեւերովս ես կը բըրեմ
Հողն, եւ աչքերս այդ գերեզմանըդ նըսեմ
Ուղղահայեաց կը չափեն:
Ո՜վ խորութիւն. մութին ծոցէն ի՞նչ լուսին
Պիտի պոռթկայ, ի՞նչ հուր–բառեր պիտ’ ժայթքին
Յաւէրժութեան շըրթունքէն:
–Լըռութի՜ւն. տե՛ս.
Հողերուն հետ դուրս կու գան
Փուտ ոսկրոտիքը, մընացորդ մարդկութեան,
Որով վանդակ մ’յօրինեց ձեռքը կեանքին
Հոգի կոչուած մեզ անծանօթ փիւնիկին:
Ահա կողերը մերկացած զերդ ճանկեր,
Ահա կըրծոսկրը` որուն դէմ կը բախէր
Իղձն իր ճակատն երակային զարկերով`
Իբրեւ հեզիկ ալեակին մէջ ուռչող հով.
Ահա թեւերն եւ ուլն անջատ ու լըքուած`
Որոնք երբեմըն, ո՞վ գիտէ, սիգապանծ
Կ’յոխորտային. «Կը ծռենք, բընաւ՛ չենք ծըռիր»…
Լիսեռին հետ ահա սրունքներն անյարիր`
Որք կարծեցին, թէ ժայռն իրենց ներքեւ յար
Պիտի թընդայ` քանի որ դեռ, բոցավառ,
Արեւն արիւնը կը շարժէր. եւ ահա
Չորցած կըզակն, ահա ծընօտն` որոնց վրայ
Կը ծաղրէին այտերը վարդն` երբոր ան
Կը դառնար հէգ իբր հիւծախտ սիրտ մը, աշնան.
Եւ ահա գանկն, ոսկրեղէն թաս` ուրկէ յար
Մարդ կը խըմէր մտածման գինին կենսարար.
Արդ ուղեղի տեղ հողով է լեցուած ան`
Որուն վըրայ չար խորհուրդի մը նըման`
Ոլոր պառկած օձ մը գլուխն իւր կը տընկէ,
Եւ սարսափն հոն սարսափողէ միշտ զուրկ է:
Ա՛լ ոչ կեանք կայ, ոչ յոյս, ոչ սէր եւ ոչ քէն,
Իր որդնակներ, գօս ջըղերուն վըրայէն
Ըզգացումն ա՛լ փախաւ, նըման զեփիւռին
Որ կը սահի տերեւներէն, ողբագին:
Փոշի՜, աճի՜ւն, խառնորդ մըռայլ, վիթխարի,
Փըսորներու, մոխիրներու, որդերու
Ո՛վ կոյր անդունդ, ալիքին տակ վարդերու:
…Կ’իջնան, կ’իջնան: Ժամանակին ափը, հոս,
Գերեզմանին ափին ծըռած է. քաո՜ս.
Ահա Ադամն, Ներոնն ահա, եւ Վարդան,
Սոկրատն է այս, Բարաբբան է, ես, դու, ան.
Այս ծակծըկուած կողերն իմին կողերս են.
Իմ աչքերս` իմ ոսկրոտիքս հոս կը դիտեն:
Մարդը կ’իյնայ. ո՞ւր. ահեղ գոգն ովկիանին`
Եւ ալիքներն անոր վըրայ կ’համբուրուին,
Հոն փըռելով ճերմակ փըրփուր մը անվերջ.
Եւ կ’իյնայ. ո՞ւր, երկրիս խորունկ կլափին մէջ`
Ու վրան զիրար կու գան գըրկել սեւ հողեր`
Հոն թողելով ըսպիտակ քար մը, հրաւէր
Ծընրադրութեան:
Ժամանակն է խարբալ մ’հին,
Ժողովուրդներն աւազ` որ միշտ կը մաղուին:
Որոտընդոստ ձայն մ’որուն ամպն է շրթունք`
Կը մըռընչէ. «Անդունդի՜ն. զո՛ւր է արցունք»:
Եւ թըխաշուրթ խորխորատին մէջ մըթին`
Կու գան դիակներ իրարու վրայ կը դիզուին.
Պապն հօր ներքեւ, ու զաւակին ներքեւ հայր.
Եւ հոն համբոյրն ա՛լ համբոյրէն չի տաքնար.
Եւ մօր ըստինքն որդւոյն սառած բերնին վրայ
Կը քայքայուի. կեանքն իր ակէ՛ն կը չորնայ:
Այրուձին մեծ յաղթանակէն իր գինով`
Երբ կը կըտրէր մեծ ձոր մը մէկ ոստումով`
Մահուան փոսն այս` լայն կը գըտնէ իր չափէն:
Ո՜վ արհաւիրք. երբ պատերազմն իր թափէն
Ա՛լ կը դադրի, իր զայրոյթէն փառքն անշէջ,
Եւ թագաւորն իր կընճիթն ա՛լ վէրքի մէջ
Մըխըրճելէն, կը բերէ դաշտը վարդգոյն`
Որուն սերմն է` դիակ, տարափը` արիւն,
Կը բերէ հո՛ս, հոս պարպել իր մարմիններ,
Հոս լըճացնել իր խօլահոս արիւններ.
Մահաբեմերն (ուր միշտ պատրաստ Սատանին
Մորթին վըրայ դանակներն յար կը սըրուին)
Կը պարպին հո՛ս, հոս քաղաքին ճամբաներ.
Հո՛ս հիւանդի անկողիններն մահաստուեր`
Որոնց մէջ հէգ հոգին, ջերմի ցընորքէն`
Կը համարի թէ վարն դագաղ կը շինեն.
Հոս կը նետէ իր գահն արքայն մոլեգին,
Հո՛ս կը նետէ լեռնամէջն իր բորենին,
Հո՛ս Բիւզանդիոնն ու Հռովմն ամէն սօս կեսար.
Հո՛ս յաղթ արծիւն իր փետուրներ շանթահար:
Այս է աշխարհս, ո՛վ Զօրեղներ:
Դար դարէ
Կը թաւալի մըղուած ուրիշ դարերէ.
Եւ հազիւ դող մ’Յաւէրժութիւն կը զգայ`
Իբրեւ նետուէր քար մ’ովկիանի մը վըրայ.
Կը պարպըւին վարն անթիւ սեւ դագաղներ,
Մըժեղներու հըսկայ երամ, տարուբեր,
Անվերադարձ կը կորսըւին ձորին մէջ.
Ահա սիրտ մ’ա՛լ չի բաբախեր, անկէ վերջ
Ուրիշ մըն ալ, ուրիշ մըն ալ, զոհ, զոհ, զո՜հ,
Ժամը ժամին, րոպէ րոպէ: Եթէ, ո՛հ,
Մէկտեղ բերուին սգաւորներուն արցունքներ,
Ո՛վ Երկինք, քու ցասման շանթերդ մահաբեր
Դեռ չե՞ն մարեր: Եւ կը վիժին մարդիկներ
Գիշերուան մէջ` երբ հազիւ հազ է սառեր
Իրենց քաղցրիկ օրոցքներուն տաքութիւնն,
Երբոր, աւա՜ղ, դեռ չէ սեւցած` մատերնուն
Ամուսնական սուրբ մատանին. եւ կ’իյնան
Մեռա՜ծ, երբ դեռ մեղրալուսինն ըղձական
Իրեն մահի՜կ վիճակին մէջ կը շողայ,
Կամ երբ, տարէց, դեռ գիտութեան պըղընձեայ
Բերանն հազիւ հազ բանալու տագնապին
Մէջ` կը դողան իրենց մատեր… կը սառի՜ն:
Ցաւի, ողբի, ճիչերու մէջ, դէպի վար
Կը սայթաքին. հէ՜գ թռչուններ նետահար.
Որ չէք գիտեր հարուածն ուրկէ՛ եկաւ ձեզ,
Կը սարսըռաք, կը թաւալիք աղեկէզ,
Եւ թըռիչնիդ ամփոփելով, շըւարած.
Գլուխնիդ կըծկած թեւերնուդ տակ, լուռ, սառած,
Ձեր երգերուն արձագանգին մէջ, աւա՜ղ,
Կ’անշընչանաք: Մութը կ’իջնէ միապաղաղ,
Արտասուաթոր պատանքին մէջ, հողին տակ.
Արշալոյսի մ’ըսպասելով` կը քնանա՜ք…
Կու գայ Քրիստոս, կը մօտենայ ձեր շիրմին,
Եւ վէրքին մէջ մըխելով մատն երկնային,
Ձերին ճերմակ քարին վըրայ, անայլայլ,
Արիւն գըրով մ’ան կը գըրէ.
-ՀԱՆԴԵՐՁԵԱԼ:
*

Ամպի մը տակ լուսինն յանկարծ կը մարի,
Կը լըռէ հովն, ամէն աստղեր մի առ մի
Ասուպ կ’ըլլան, կ’ըլլան վարդերն ալ` վէրքեր:
Ո՜վ անանուն շիրիմ, դու որ անտարբեր,
Ու երազկոտ կը նայիս դէ՛պի երկին`
Մարդիկ այսօր, օ՜հ, գիր առ գիր լիզեցին
Այդ բառը քու քարիդ վրայէ սըրբազան,
Ահա ինչո՞ւ թէ ճերմակ է մնացած ան: