Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՒԱՆԴ Է

Ըստուերին մէջ, խանի մ’անկիւնը լըքուած
Թըշուա՜ռ պանդուխտ, հիւանդ է.
Խոնաւութիւնն անոր մարմինը շիթ շիթ
Գերեզմանին կը նետէ:

Բըժիշկ չունի. եղած դըրամն ալ հատաւ.
Ցաւը ծանր է. գըթութի՜ւն:
Հոն չը կայ սիրտ մ’որ բարութիւնը քամէ
Անոր ծարաւ շըրթներուն:

Եւ ինքն իրեն մըտերիմներ կը ստեղծէ
Ցընորքներուն մէջ ջերմին.
Իր վիճակին կարեկցող մէկը չունի
Բացի մամուկը որմին:

Մըթընշաղին մէջ կը մարմրի, կը հիւծի
Մըթընշաղի մը նըման.
Լըռութիւնն հոն կարծես դագաղ մը կ’երկնէ.
Օրոցք` տունէն գերեզման:

Երիտասարդ է տակաւին, եւ փեսայ.
Պոլսէն մինչեւ Վան հեռու,
Հոն` հաց կ’ուզեն հարսն ու ծընողք. զինք կ’ուզեն.
Դեռ շատ շուտ է մեռնելու:

Ան իր արիւնն իր քըրտինքով կը շահէր…
Տէ՛ր, ի՞նչ սըրտով կը կոտրես
Թեւն` որուն վրայ կը կըռթընին մանուկներ
Եւ ծընողքներ ձիւնագէս:

Դուրսն արեւին, զեփիւռին տակ կ’ուռճանան
Բախտաւորներն աննիազ.
Արտին մէջ աստղն աւշի ելքին կը ժըպտի.
Տէ՛ր, զինքն ինչո՞ւ կը մոռնաս:
Այդ բազուկներն աշխատանքի համար են`
Ո՛չ մահուան դէմ կըռուելու:
Բախտը խուցին մէկ անկիւնէն կը խընդայ
Օձի ժըպտով մ’աւարկու:

Պիտի մեռնի. խիստ մահացու հիւանդցաւ.
Եւ պատանքին մէջ երբեք
Պիտ’ չը տանի սիրելիի մ’արցունքներն
Ու սեւ ուխտերն յուսաբեկ:
Պիտի մեռնի. եւ իր բընիկ լուսնին տակ,
Հարսը սիրոյ ծարաւով`
Պիտի զուր տեղ անոր գալուն ըսպասէ…
Խեղճ վանուհի, ապահով
Յոյսի ամէն խոստումներու վայելքին`
Կը ծիծաղիս աստղին հետ.
Մինչդեռ կեանքի երկընքին վրայ կը գըծուի
Շանթը շողին զուգահետ:
Որո՞ւ համար շուշանն ու վարդ փոխ կու տան
Իրենց միացումն` այտերուդ.
Ինչո՞ւ Վանայ լիճն աստղերով կը վառի
Նախանձելով աչքերուդ:
Որո՞ւն համար հաջաղիդ տակ կը պահես
Ըմբոստանքներն համբոյրին…
Վաղն, հէ՜գ ծաղիկ, պիտի ճամբորդ մը գուժէ.
«Մէկ աչքը բաց թաղեցին»: